Վնասին Որ Կողմէն Որ Դառնաս

Գրապահարան-ից
Վնասին որ կողմէն որ դառնաս

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Ելի՛ր, ըսաւ հայրս առաւօտ մը կանուխ վերմակը վրայէս քաշելով։ Ելի՛ր այլեւս։ Պէտք է գիտնաս թէ՝ անիշխանականութիւնը վերջ գտած է այսօրուընէ սկսեալ։ Ելիր երեսդ լուա ու մարդու կարգ անցիր։ Այդպէս, մինչեւ ցերեկ խոզերու պէս պառկողին հաց չկայ այլեւս։ Երեսդ լուա, հագուէ ու ելիր տանտիրոջ խանութը գնա եւ ըսէ թէ եկած ես։ Ես քու մասիդ խօսած եմ իրեն, այս ամառ հոն պիտի աշխատիս, հասկցա՞ր։

Բոլոր ծրագիրներս տակնուվրայ եղան։ Զարմիկիս հետ մողէսի որսորդութիւն, Ֆաուըլին պարտէզին սալորի գողութիւնը դարձեալ զարմիկիս ընկերակցութեամբ, մօրեղբօրս պարտէզին պատին տակ կատարուելիք պեղումները, բոլորն ալ, բոլորն ալ օդը ցնդեր էին հօրս մէկ խօսքին վրայ։ Հիմա այլեւս Տէլի Փաքիզէին տունը քարկոծող ալ պիտի չըլլար։ Փոփովին ընկոյզները պիտի հասնէին, վրայի կանաչ կեղեւները պիտի ճաթէին, պիտի ճեղքուէին ու ոչ ոք պիտի նայէր անոնց։ Յետոյ պիտի թափէին քարերուն վրայ եւ ժողվող մը պիտի չըլլար։ Խենթ Վարպետը ձեռքերը ետին կապած, ազատ համարձակ պիտի պտըտէր ճամբուն երկայնքին։ Ու ես, նպարավաճառին խանութին մէջ, պիտի երազէի այս բոլորը։ Ձեռքերս իւղ պիտի հոտէին, վրայէս՝ քարիւղի հոտ պիտի գար, ապուխտ պիտի մանրէի թերեւս, յետոյ լուբիա պիտի կշռէի, անկէ վերջը չորս կտոր օճառ պիտի ծրարէի ու շալկածիս պէս՝ մագլցէի ճամբան ի վեր։ Թերեւս շատախօս պառաւ մը պիտի ըլլար յաճախորդը, պիտի գանգատէր օճառին համար, ըսելով թէ թաց է ան, թէ՝ կշռուած լուբիան քիչ կʼերեւայ աչքին, քարիւղը լաւ չի վառիր, վասնզի վստահ է թէ ջուրով մկրտուած է․ հացը եփուն չէ, սոխը փտած է, ձէթը խաթարուած, եւայլն եւայլն։

Կասկած չկայ թէ բոլորովին իրականութիւններ են ասոնք, վասնզի այդ նպարավաճառին յաճախորդներէն մին ալ մենք էինք եւ գիտէինք ինչ ապրանք ըլլալը, սակայն ի՞նչ ընէինք, նախ՝ մօտերը ուրիշ նպարավաճառ չկար, երկրորդ՝ մեր տան տէրն էր, յաճախ կը պատահէր որ քանի մը ամսուան տունի վարձքը հաւաքուէր, մարդը ձայն չէր հաներ։ Անկէ զատ, աւելի կարեւորը՝ ապառիկ ալ կու տար։ Է՜հ, ցոյց տրուած այդքան դիւրութեան փոխարէն առարկութիւն ընել ապերախտութիւն չէ՞ր ըլլար։ Անշուշտ թէ ապերախտութիւն կʼըլլար։

— Շարժէ՛, ըսաւ հայրս դարձեալ։ Հիմա մարդը կը սպասէ։ Ուր որ է կէսօր պիտի ըլլայ։

Վստահ էի թէ ուզելով չէր որ կը ղրկէր զիս։ Այո, ասոր բացարձակապէս վստահ էի։ Բայց ի՞նչ ընել, հօրս գործերը լաւ չէին, տան վարձքերը դիզուեր, մեր ընտանիքը հինգ հոգի էր ու աշխատող ձեռք՝ բացակայ։ Ես հոն պիտի ճաշէի եւ այսպէսով իմ ուտելիքս խնդիրը լուծուած պիտի ըլլար։ Ասկէ զատ, ամսական պզտիկ գումար մըն ալ իբր վարձք պիտի ստանայի, զոր հայրս վար դնել պիտի տար, իբր տան վարձքին մէկ մասը։

Երբ խանութ հասայ, վարպետս լաւ դիմաւորեց զիս եւ շաքար մըն ալ տուաւ ինծի՝ ըսելով որ անուշ ուտենք որ անուշ խօսինք։

— Ես արդէն հօրդ հետ խօսեցայ, ըսաւ խօսքի սկսելով։ Այս ամառ միասին պիտի աշխատինք։ Ամէն պարագայի լաւ բարեկամութիւն պիտի ընենք քեզի հետ։ Դուն խելացի տղու մը կը նմանիս, հոս Հիւսէյին աղբարիկդ ալ կայ, միասին կʼաշխատինք։ Առաւօտեան առաջին ընելիք գործդ թակարդներուն մէջի մուկերը ծով նետել պիտի ըլլայ, ասիկա լաւ միտքդ պահէ։ Օճառներուն խերը կʼանիծեն անպիտանները։ Անկէ վերջ, մուկները ծով նետելէ յետոյ, թակարդներն ալ լաւ մը կը լուաս որ հոտ չմնայ վրան։ Ձեռքերդ ալ ծովու ջուրով կը լուաս ու անկէ վերջ՝ շիտակ փուռ։ Հացերը կʼառնես, կու գաս։ Նայէ՛, ներսը կողով մը կայ, քանի հատ որ կրնաս այնքան բեր։ Տասնըհինգ հաց, քսան հաց, քանի հատ որ կրնաս։ Սա տետրակն ալ կʼառնես, քանի հաց որ առնես գրել կու տաս փռապանին։ Հացերը առիր, եկա՞ր, սա տետրակը կը տեսնե՞ս․ ապսպրանքի տետրակդ է ասիկա։ Սա ետեւի փողոցէն կը սկսիս։ Անմիջապէս փողոցին անկիւնը գտնուող փայտաշէն տունը Սարայլը Հանըմին տունն է։ Անոր հաց մը կը ձգես եւ ապսպրանքները կʼառնես։ Յետոյ, քիչ անդին, դիմացի կարգը պարտէզին մէջ տուն մը կայ, գիտե՞ս՝ Պայթար Մահմուտ Պէյին տունն է, անոր ալ երկու հաց կու տաս եւ նպարեղէնի ապսպրանքները կʼառնես։ Հա՛ չմոռնամ ըսելու, Մահմուտ Պէյին հոգեզաւակ աղջկան կը հարցնես թէ՛ արդեօք հանըմը քովի մսավաճառ Քիր Վասիլէն բան մը կʼուզէ՞։ Եթէ կʼուզէ, անիկա ալ կʼարձանագրես ու կʼըսես Քիր Վասիլին։ Չմոռնամ ըսելու որ իրիկուան ճաշերդ Քիր Վասիլին խանութը պիտի ուտես։ Մենք այդպէս խօսած էինք անոր հետ․ որովհետեւ այդ խեղճ մարդն ալ աշկերտ չունի։

Մահմուտ Պէյին ապսպրանքները առի՞ր։ Հիմա, շիփշիտակ վեր, Վէզնէտար Թէվճիք Պէյին տունը… հոն հաց չես տար․ անոնք հացը Քէմալէն կʼառնեն։ Անկէ կը քալես կʼանցնիս։ Այդ կողմերը ուրիշ մէկուն չես հանդիպիր, սակայն երբեմն կը պոռաս տուներուն առջեւ որ նպարավաճառը եկած է։ Յետոյ կʼելլես վեր, Ամերիկացիներուն։ Տուներուն ետեւի դռները կը զարնես, սպասուհիները կու տան ապսպրանքները․ բոլորն ալ մէկ մէկ կը գրես, մաքուր եւ կանոնաւոր կերպով որ չշփոթիս։ Քաղաքավար կʼըլլաս եւ երբ տիկինները եւ պարոնները տեսնես՝ կը խոնարհիս ու կը բարեւես։

Ամերիկացիներուն տուներէն վերջ, կʼերթաս դերձակ պարոն Փիլիպպոսին, հաց մը կը ձգես եւ ապսպրանքները կը գրես։ Անկէ վերջ, ետեւի փողոցէն վար կʼիջնես, զառիվերին գլուխը ճերմակ տուն մը կայ սանդուխներով։ Անոր վարի դուռը կը զարնես, Ֆէրհունտէ Հանըմը կայ հոն, անուշիկ կին մըն է։ Կը ճանչնաս, չէ՞, նկարիչ աղջիկ մը չկա՞յ, անոր մայրը, հաց մըն ալ անոր կը ձգես։ Անկէ կու գաս Ֆաիք Պէյին տունը։ Ֆաիք Պէյին դուռը չես զարներ՝ պարտէզին դուռնէն ներս կը մտնես, աջիդ ցած դուռ մը կայ։ Հոն ծերուկ Սարայլը մը կայ, Ֆաթմա Շէֆիքա Հանըմը, քիչ մը փորի ցաւ է․ շատ կը խօսի․ դուն ականջ չես կախեր անոր ամէն ըսածին, երբեմն կʼըսէ թէ կանուխ եկար, երբեմն կʼըսէ թէ ուշացար։ Ինչպէս ըսի, հա կʼըսես, վաթսունըվեցի կը կապես[1]։ Կէս հաց ալ անոր կու տաս, երկու օրը անգամ մը կէս հաց։ Անոր ալ ապսպրանքները կʼառնես ու կը դառնաս խանութ։ Բոլոր այս ըսածներս լաւ միտքդ պահէ ու ապսպրանքները մէկիկ մէկիկ գրէ տետրակիդ մէջ։

Հոս շատ գործ չկայ։ Հիւսէյին աղբարիկդ մինչեւ քու գալդ գործդ բաւական թեթեւցուցած կʼըլլայ։ Յետոյ մինչեւ որ պատրաստէ քու առած ապսպրանքներդ, դուն, ներսը երկու հատ դոյլ կայ, կʼառնես այդ դոյլերը եւ կʼերթաս շո՛ւտ մը կը լեցնես ծովէն, կը ջրես խանութին ներսը ու դուրսը ու լաւ մը կʼաւլես։ Ինչպէս գիտես առիւծը իր որջէն յայտնի կʼըլլայ կʼըսեն։

Մինչեւ քու աւլելդ, Հիւսէյին աղբարիկդ պատրաստած կʼըլլայ ապսպրանքները։ Դուն կʼերթաս Քիր Վասիլին, կʼըսես թէ բան մը ունի՞․ վեր ղրկելիք միս կʼըլլայ, ոսկոր կʼըլլայ, դմակ իւղ կʼըլլայ, կʼառնես ու կողովին մէջ յարմար տեղ մը կը տեղաւորես։ Անոնք ալ առի՞ր, դարձեալ առտուան պէս, տուր ձեռքդ ճամբայ։ Սարայլը Հանըմէն կը սկսիս․ կարգով՝ Մահմուտ Պէյ, Թէվճիք Պէյ,, Ամերիկացիներուն տուները, դերձակ պարոն Ֆիլիպպոսը, Ֆէրհունտէ Հանըմը, միւս փորի ցաւ պառաւը եւայլն։

Դարձեալ կʼըսեմ, այդ պառաւին ուշադրութիւն, քիչ մը տօնեաղը է, արդէն երեսը որ նայիս, իննսունըինը կտոր կʼըլլաս։ Սակայն պարապ տուր, ինչ կʼուզէ թող ըսէ։

Կու գաս խանութ, մեր տան համար պատրաստուածները կʼառնես այնտեղէն այս անգամ եւ կարճ ճամբէն՝ սանդուխներէն շիտակ մեր տունը։ Մեր տիկինին կու տաս տարածներդ եւ կերակուրը, կէսօրուան կերակուրը կʼառնես կու գաս։ Չեկած, աղջկան ալ կը հարցնես թէ բան մը կʼուզէ՞։

Ասոնք ըրի՞ր, անկէ վերջ, այլեւս երթալիք տեղ չունիս երկար ժամանակ։ Արդէն կէսօրը մօտեցած կʼըլլայ։ Ճամբան աշխատող գործաւորները գալ կը սկսին։ Կու գան, պանիր, ձիթապտուղ, հէլվա եւ ապուխտ կʼառնեն։ Այդ պահերուն Հիւսէյին աղբարիկդ շատ ծանրաբեռնուած կʼըլլայ։ Անոր կʼօգնես, հաց կը կտրես, թուղթերով քիւլահ կը շինես ու կը պատրաստես ձիթապտուղի համար․ դրան առջեւէն անցնող գործաւորներուն «հրամմեցէք» կը պոռաս եւ այս թուղթէ հովահարով ճանճերը կը վռնտես ուտելիքներուն վրայէն։

Երբ ճամբու աշխատաւորներն ալ իրենց գնելիքները գնեն ու գործերը քիչ մը թեթեւնան, Հիւսէյին աղբարիկդ իր ճաշը կʼուտէ շուտ մը ու անկէ վերջ ալ դուն։ Հիւսէյին աղբարիկդ քեզի ապուխտ, պանիր կամ երշիկ կու տայ, ինչ որ ուզես այլեւս։ Կʼուտես կʼելլես ու անկէ վերջ կʼերթաս նաւամատոյց․ ես ամէն առաւօտ Իսթանպուլ կʼիջնեմ ապրանք գնելու համար։ Նախ քարափ կʼերթաս ու կը նայիս թէ շարժանաւը բերե՞ր է մեր ապրանքները։ Եթէ բերեր է՝ կրցածներդ կʼառնես կը բերես հոս, չկրցածներդ բեռնակիրը կը բերէ։ Անկէ վերջ, ինչպէս ըսի, կʼերթաս նաւամատոյց, չորսին շոգենաւին։ Շոգենաւէն եղբայրս պիտի ելլէ։ Ծրարներն ու պայուսակը կʼառնես ձեռքէն ու կը տանիս տուն։ Տուն չգացած խանութ կը հանդիպիս անգամ մը եւ բանջարավաճառէն մեզի համար զատուած բանջարեղէններն ու Քիր Վասիլէն առնուելիք միսն ալ մեր տունը կը ձգես։ Ասոնցմէ վերջ, գրեթէ ընելիք բան մըն ալ չի մնար այլեւս։ Միայն, քանի մը յաճախորդներ կան, որոնք իրենց ապսպրանքը իրիկունը կու տան։ Անոնց ալ կը հանդիպիս սանկ մէյ մը եւ կու գաս խանութ։ Արդէն մթնած կʼըլլայ, խանութը գոցելու ժամանակի մօտ։ Թակարդները կը լարես մուկերուն համար, նոր ապուխտ կը դնես, իրիկուան ապսպրանքները կը տանիս, կու գաս ու խանութը կը գոցենք։

Մենք խանութը գոցելէ վերջ, կʼանցնիս Քիր Վասիլին խանութը։ Կինը կերակուրը պատրաստած կʼըլլայ։ Մեր խանութէն հաց ալ առած կʼըլլաս հետդ, կʼուտես ու տեղ մը չհանդիպած, շիտակ տուն։

Ընելիքներս ասոնցմէ կը բաղկանային, շատ պարզ, ամէնքն ալ բնական բաներ էին։ Խալֆան՝ Հիւսէյինը որ տասնըութը քսան տարեկան մը կար, վարպետիս տունը կը պառկէր․ դուրսէն եկած էր, տեղւոյն միջնակարգ վարժարանը աւարտելէ վերջ, Իսթանպուլ եկած էր լիսէ արձանագրուելու եւ իր ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն լիսէներու ցանկը լեցուած եւ արձանագրութիւնները փակուած ըլլալուն համար կարելի չէր եղած որեւէ լիսէ մը մտնել։ Ստիպուած՝ գործ մը փնտռեր ու գտեր էր հոս, ուր պիտի մնար մինչեւ նոր տարեշրջան։ Հիմա, վարպետիս տունը կʼուտէր կը խմէր ու հոն կը պառկէր։ Պարկեշտ տղայ մըն էր եւ երկուքն ալ գոհ էին իրարմէ։

Բոլոր ասոնք բնական բաներ էին եւ բնականաբար իրենց բնական ձեւով կը շարունակուէին այսպէս։ Խանութին գործերը լաւ կʼերթային։ Ես տունէն խանութ, խանութէն տուն, փուռէն խանութ, խանութէն թաղ, թաղէն խանութ, խանութէն Քիր Վասիլին, Քիր Վասիլէն խանութ, խանութէն քարափ, քարափէն խանութ, խանութէն նաւամատոյց, նաւամատոյցէն խանութ, խանութէն վարպետիս եղբօրը տունը կʼերթայի։ Վարպետիս եղբօրը տունէն դարձեալ վարպետիս տունը կʼերթայի, վարպետին տունէն խանութ, խանութէն թաղ, թաղէն խանութ, խանութէն Քիր Վասիլին…։

Ասկէ զատ, ամէն օր թակարդներուն մէջի մուկները կը պարպէի, կը լուայի թակարդները, յետոյ ջուր կը բերէի, խանութին ներսը, դուրսը դրան առջեւը կը լուայի ու երբ ժամանակ ունենայի՝ կը ճաշէի։

Ինչպէս ըսի, բնական ամէն բան բնական կը դառնայ ժամանակի ընթացքին, որովհետեւ արդէն բնական է։ Օրինակի համար, բոլոր այս բաները եթէ նպարավաճառի մը աշկերտը չընէ, դրամատան մը քարտուղա՞րը պիտի ընէ։ Ո՛չ բնականաբար։

Սակայն օր մը պատահեցաւ բոլոր այս բնական բաներէն դուրս՝ անբնականը եւ Հիւսէյին աղբարիկս վարպետին աղջիկը փախցուց։

Լուրը —այն ատեն աթոմական ռումբ չըլլալուն— 42նոց ռումբի ազդեցութիւն գործեց ամէն կողմ։ Թաղերուն մէջ պատուհանէ պատուհան, շուկային մէջ՝ խանութէ խանութ ծեծուեցաւ, մեկնաբանուեցաւ, վերլուծուեցաւ կեցաւ խնդիրը։ Ոմանք ըսին թէ տղան է յանցաւորը, ոմանք ըսին թէ աղջիկն է։ Ոմանք ըսին թէ ոչ ան էր, ոչ միւսը, այլ՝ վարպետս։ Ոմանք կը գնահատէին տղան, ոմանք կը մեղադրէին, ոմանք կը հայհոյէին ու ոմանք կը խնդային։

Վարպետս բնաւ կարծիք չէր յայտներ այս մասին։ Խանութ եկողները շատնալ սկսան։ Ամիսը անգամ մը հանդիպողը սկսաւ երկու օրը անգամ մը գալ երկար բարակ բերանը փնտռել մարդուն։ Բնաւ խանութ չհանդիպողներն իսկ զանազան պատրուակներով սկսան խանութ յաճախել։ Վարպետս, որ այն օրերուն հազիւ երկու երեք օրը անգամ մը կʼիջնէր Իսթանպուլ ապրանք գնելու համար, ստիպուեցաւ ամէն օր առաջին շոգենաւով գնումի երթալ։ Խանութիւն բեռը վրաս մնացած էր ամբողջութեամբ։ Բարեբախտաբար քանի մը օր վերջ, վարպետիս ծանօթներէն մէկը՝ ձկնորս երիտասարդ մը եկաւ ու Հիւսէյինին տեղը բռնեց եւ գործս քիչ մը թեթեւցաւ։

Բայց այս անգամ ալ ուրիշ վտանգ մը սկսաւ սպառնալ ինծի։ Այլեւս ամէն տունէ կը կանչէին զիս։ Կիներ, երիտասարդ աղջիկներ կը մրցէին իրարու հետ զիս հրաւիրելու համար։ Կը կանչէին, լուցկիի մը համար, ծրար մը լեղակի կամ կէս քիլօ սոխի համար դարձեալ եւ դարձեալ կը կանչէին զիս, ոմանք ներս, սենեակ կʼառնէին, շաքար կու տային, պտուղ կու տային ու զանազան դարձուածքներով կը հարցնէին ինծի թէ՝ նախապէս բաներ մը կը տեսնէի՞ անոնց միջեւ։ Աղջիկ մը ներս քաշեց օր մը զիս․ սենեակի մէջ առանձին էինք, նոյնիսկ թերեւս տունին մէջ անգամ։

— Ըսէ՛, ըսաւ, ի՞նչպէս եղաւ, ի՞նչպէս փախան, վարպետդ ի՞նչ կʼըսէ, համբուրուած կամ սիրաբանած ատեննին բնաւ տեսա՞ր․ իրարու հետ շատ կը տեսնուէի՞ն, վարպետիդ կինը ի՞նչ կʼըսէ, անիկա տեղեկութիւն ունե՞ր նախապէս այս բաներէն։ Գաղտնօրէ՞ն կը տեսնէին զիրար․ վարպետդ խանութը եղած ատեն տղան փախուստ կու տա՞ր բնաւ։

Չկրցաւ բերնէս խօսք մը առնել, արդէն ես ալ բան մը չէի գիտեր։ Ի՞նչպէս գիտնայի, երբ ճաշելու անգամ ժամանակ չէի գտներ։

— Չեմ գիտեր ըսի, բան մըն ալ չեմ գիտեր։

— Գիտե՛ս, անպայմա՛ն, ըսաւ աղջիկը թեւերս կսմթելով։ Շա՛ն պէս գիտես։ Նայէ՛, ես հիմա ի՞նչպէս ըսել կու տամ քեզի։

— Չեմ գիտեր, ըսի դարձեալ, բան մըն ալ չէի տեսած։

— Հիմա կը տեսնես, ըսաւ աղջիկը։ Զիս բռնեց անկողնին վրայ պառկեցուց։ Ըսէ՛, ըսաւ, շիտակը ըսէ, մէկուն չեմ ըսեր․ բնա՞ւ չտեսար զանոնք համբուրուած կամ իրարու հետ սիրաբանած ատեն։

— Ո՛չ, ըսի աղաղակելով, բան մըն ալ չտեսայ, բան մըն ալ չտեսայ։

Սկսաւ ամէն կողմս կսմթիլ։ Այնքան զօրաւոր կսմթեց որ կապոյտցան թեւերս ու այտերս։ Յետոյ սկսաւ աղաչել։

— Քեզի շաքար պիտի տամ, պտուղ պիտի տամ, ըսէ՛, ի՞նչ կʼըլլաս, դուն չե՞ս սիրեր զիս։

— Չտեսայ, ըսի կրկին անգամ ըլլալով։ Չտեսայ որ, ի՞նչ ըսեմ։

Ուժով մը կսմթեց այս անգամ այտս եւ այնքան հոգիս ցաւցուց, որ ես ալ իմ կարգիս՝ զօրաւոր կից մը տուի անոր փորին ու դուրս փախայ։

Վարպետիս յաճախորդները կրկնապատկուեցան, քառապատկուեցան։ Աղջիկը գնաց ու երթալէն ի վեր ալ ո՛չ իրմէ լուր մը ելաւ, ոչ ալ տղունմէ։ Արդէն վարպետս ալ շատ զբաղած էր այլեւս եւ ամէն օր ապրանք առնելու կʼիջնէր։ Խանութին խալֆաները երկու հատ եղան ու դարձեալ չկրցան յաճախորդներուն հասնիլ, թաղերու ապսպրանքներն ալ շատ կʼըլլային այլեւս եւ ես չէի կրնար կրել զանոնք։ Օր մը ասիկա ըսի հօրս․ մայրս ալ յայտնեց թէ օր մը չէ օր մը պորտս պիտի իյնար այս գնացքով։

Հայրս զիս առաւ նպարավաճառին քովէն, ան ալ առարկութիւն չըրաւ։ Արդէն այդպիսի մեծ գործերը պզտիկ տղոցմով չէին դառնար։ Մեծ մարդիկը անգամ դժուար կը կրէին ապսպրանքները։

Վարպետս գործը ընդլայնեց եւ սկսաւ մեծ գործեր տեսնել։

Հետեւեալ օր, մինչեւ որ արեւը պատուհանէն բարձիս վրայ չինկաւ, չելայ անկողէս։ Յետոյ, երբ ճառագայթները սկսան զիս նեղել, ելայ, լուացուեցայ եւ ուղղուեցայ դէպի Փոփովին ընկոյզները։ Կանաչ կեղեւները ճաթիլ սկսեր էին ու այնպէս մը որ կը ժպտէին կարծես։

Զարմիկիս դուռը զարկի։ Պատմեցի խնդիրը եւ ըսի թէ իրեն կը սպասեմ ծովեզերք տանող ճամբուն վրայ։

Քիչ վերջ եկաւ ու երկուքս միասին ուղղուեցանք դէպի ներկարար Քրոթովին տունը՝ Խենթ Պորիսին ձայնելու համար թէ՝ մենք եկած ենք։

Ճառագայթ
19.05.1951
  1. վաթսունըվեցի կապել |վաթսունըվեց անուն քարտախաղէն հետեւցնելով| խնդիրը աւարտին հասցնել՝ դիմացինը համոզելով