Աստուած Միշտ Բարի Չէ Որ

Գրապահարան-ից
13:16, 28 Նոյեմբերի 2015 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Աստուած միշտ բարի չէ որ

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Հեռո՜ւն, շա՜տ հեռուն, լեռներու սպիտակ կատարները մխուեր էին երկինքին կապոյտ կուրծքին մէջ։ Ձիւնածածկ լեռները, հիւսիսի մէջ, իրենց մեծ ու փոքր կատարներով․ քանի մը կէտերէ կը ծակէին երկնքին կապոյտ պաստառը։ Աւելի հարաւ, ուր անծայրածիր տափաստաններ կʼերկարին մինչեւ երկնքին ու երկրին գիրկընդխառնուած տեղը․ երկինք մը, կուրծքը հազարաւոր դեւերու հրեղէն շունչով լեցուցած, կրակ կը ժայթքէր ամէն կողմ, կարծես հիւսիսի մէջ ստացած վէրքերուն վրէժը կը լուծէր բարկութեամբ։

Ես հետիոտն էի ու յոգնած։ Կը քալէի բամպակի արտերուն մէջէն բացուած ճամբայէ մը։ Իւրաքանչիւր քայլափոխի՝ փոշիի ամպ մը կը բարձրանար ոտքերուս շուրջ։ Թաշկինակս ձեռքս, գրեթէ ամէն քայլափոխի քրտինքս կը սրբէի։

Ժամը ճիշդ կէսօրուան տասներկուքին, շոգեկառքի կայարանը հասայ։ Խումբ մը գործաւորներ, որոնք երկաթուղիի վնասուած գիծերը նորոգելու պաշտօնը ունէին, շէնքին պատին տակ նստած՝ կը քնանային։ Ասոնք, տաք օդերուն այդպէս կʼընէին։ Առաւօտուն կանուխ կը սկսէին գործի։ Ժամը տասնին կը ձգէին, մինչեւ երեք կամ չորս կը ճաշէին ու կը հանգստանային․ անկէ վերջ ալ մինչեւ որ մթնէ կʼաշխատէին։ Հիմա, իրենց տէրէզինը երկաթուղիի գիծին մէկ կողմը պառկեցուցած, իրենք ալ պատին տակ շարուած, այդպէս կը քնանային։ Տէրէզինը, երկաթուղիի գծին վրայ բանող կառք մըն է, զոր կը գործածեն գործաւորները եւ զայն կը վարեն լծակի մը միջոցաւ։ Այս լծակը ճիշդ կը նմանի երբեմնի հրշէջներուն ջրհաններուն։ Երկու հոգի մէկ կողմ, երկու հոգի ալ անոնց դէմ կը քաշեն ու կը հրեն թեւը՝ ճիշտ ջրհանի պէս, ու այսպէս կը յառաջանայ կառքը։ Գործաւորները հեռու տեղեր ասոնցմով կʼերթան եւ միեւնոյն ատեն ալ իրենց գործիքներն ու քար, երկաթ եւայլն կը կրեն։ Կէսօր էր ու շէնքին ստուերը բարակ, գորշ երիզի մը պէս կʼերկարէր պատին տակ, ուր գործաւորները արեւախանձ ու յոգնաբեկ, բարձրաձայն խռկալով կը քնանային։

Գործաւորներուն առջեւէն անցայ։ Պարտէզին երկաթէ բազրիքներուն քիչ անդին, ծորակ մը տարօրինակ ձայներ հանելով կը հոսէր։ Կոկորդս կը մխար ծարաւէն։ Բազրիքներուն վրայէն ցատկեցի եւ ափս ծորակին դնելով անյագօրէն խմեցի, խմեցի։ Ջուրը տաք էր, երկաթէ խողովակները արեւուն ներքեւ կրակ դարձուցած էին իրենց մէջ գտնուող ջուրը։ Ճերմակեղէն լուալու չափ տաք էր։ Հեւալով, հեւալով խմեցի ու յետոյ գացի նստայ շէնքին պատին տակ, երկաթուղիի գործաւորներէն քիչ անդին։ Սպասման սրահը թէեւ պարապ էր, սակայն հոն ալ այնքան տաք կʼըլլար որ։

Ծորակին ջուրը, երկաթէ բազրիքներուն տակէն անցնելով, կը կորսուէր քանի մը քայլ անդին, ուր արեւախանձ հողը անվերջ պապակով մը կը ծծէր զայն։

Գործաւորները իրենց կռնակը պատին դարձած՝ կը քնանային ու միեւնոյն ատեն բարձրաձայն կը խռկային։

Մերթ ընդ մերթ ճանճ մը կու գար, կը թառէր մէկուն կամ միւսին դէմքին վրայ։ Այն ատեն, քնացողը, յանկարծ կը կրկնապատկէր իր հանած աղմուկը։ Ասիկա, արթննալու ազդարար նշանն էր։ Ճանճը կը հասկնար այս նշանը ու կը թռչէր իսկոյն։ Քիչ մը վերջ, կʼերթար, կը թառէր ուրիշ մէկուն քթին կամ դէմքին որեւէ մէկ մասին վրայ։ Մեծ աղմուկ մը կը բարձրանար քնացող գործաւորին քթէն բերնէն ու ճանճը կրկին կը թռչէր։

Օրը կիրակի էր եւ այդ կիրակին ալ տօնական օր մըն էր միանգամայն։ Անցնող շոգեկառքերուն մէջէն խումբ խումբ զինուորներ թաշկինակ կը շարժէին, կը պոռային, կʼերգէին։ Կառախումբին ետեւի վակոններուն մէջ, գիւղացիներ, նստած՝ լուռ ու անշարժ, երկարող ճամբաները կը դիտէին։ Անոնք, ո՛չ թաշկինակ կը շարժէին, ո՛չ կը պոռային, ոչ ալ կʼերգէին։ Կարծէք արձաններ բեռցուցած էին կառախումբին ետեւի վակոններուն։ Այր, կին, պատանի, երախայ, պառաւ, ծերունի, ամէն տարիքէ մարդիկ կային այդ լուռ ու անխօս ճամբորդներուն մէջ։ Մենք այլեւս վարժուած էին այս տեսարաններուն։ Գիւղացիներ էին անոնք, որոնք քաղաքէ քաղաք կը շրջէին, կը գաղթէին, գործ ու հաց կը փնտռէին։ Երբեմն միայն ընտանիքներու այրերը կʼերթային պանդխտութեան, բայց այս տարի այդպէս չէր։ Տունով, տեղով, ընտանիքով, բոլորն ալ կը գաղթէին, գործ փնտռելու, հաց փնտռելու կʼերթային։ Երաշտ եղանակ մը, անժամանակ անձրեւ մը կամ ձիւն մը, ողողում մը, մարախի պատուհաս մը, այսպէս, ճամբաները կը լեցնէին անոնցմէ հազարաւորներ, որոնք իրենց բոլոր գոյութեամբը հողին կապուած են։ Անշուշտ որ չգաղթողներ ալ կʼըլլան, բայց անոնց աղը չոր է, տոպրակը՝ նոր, մառանը՝ լեցուն։

Բայց ո՞ւր կʼերթան այս մարդիկը։ Նոյնիսկ՝ կը վերադառնա՞ն։ Չի գիտցուիր։ Կը ճամբորդեն կենդանիներու յատուկ վակոններով։ Չգիտցողին համար հեռուէն հաճելի տեսարան մըն է զանոնք այսպէս տեսնելը։ Գոյնզգոյն հագուստներով, կարմիր, կանաչ, դեղին, կապոյտ շրջազգեստներով ու շապիկներով։ Ու այսպէս կʼերթան անոնք, փնտռելու եւ գտնելու համար տեղ մը, արտ մը կամ այգի մը, ուր երաշտը փճացուցած չըլլայ բերքը, ուր հեղեղներ չեն ողողած գիւղերը, ուր անժամանակ ձիւնը սպիտակ մահը չէ եղած հողի մարդուն յոյսերուն, ուր մարախի ամպեր նախապատմական մարդոց ճակատագիրը չեն տուած քսաներորդ դարու մարդուն։

Կʼերթան, կʼերթան օրերով, հարիւրաւոր, հազարաւոր հոգիներ կʼերթան այդպէս։ Մտածկոտ մտածկոտ կը նային բամպակի արտերուն։ Ինչե՜ր կը խորհին ով գիտէ, ինչե՜ր կը մտածեն։ Քաղաքներու առջեւէն կʼանցնին։ Բարձր շէնքեր, լայն ճամբաներ ունին մեծ քաղաքները, պճնուած, զարդարուած, շպարուած կիներ ունին մեծ քաղաքները։ Անոնք որոնք առաջին անգամն է որ կʼանցնին այդ տեղերէն, զարմանքով ու բերանաբաց կը դիտեն քաղաքներու այս բարձրաբերձ շէնքերը։ Հիացումով կը դիտեն կիները, որոնք կարծես երազային աշխարհներէ եկած ըլլային։ Յետոյ, շոգեկառքը կը սուլէ, կʼառնէ, կը տանի անոնց բոլորն ալ, կը քշէ, կը քաշքշէ ետեւէն՝ խլեակներու նման։ Անոնք դեռ կը նային քաղաքին ու գեղակառոյց շէնքերուն, մինչեւ որ զանոնք աչքէ կորսնցնեն։

Արտերու մէջ մտած են արդէն։ Կառախումբը կը սուլէ, կը հեւայ, կը ճշշայ, կը սուրայ։ Առաջին կարգի ուղեւորները պատկերազարդ թերթեր ու հանդէսներ կը թղթատեն, կը շաղակրատեն, կը խօսին քաղաքականութեան մասին, գործի մասին, նորաձեւութեան մասին, շարժանկարի ու կատարուած կամ կատարուելիք ուղեւորութիւններու մասին։ Կը խօսին, կը պատմեն, բարձրաձայն կը խնդան։

Կառախումբը կը յառաջանայ բամպակի արտերուն մէջէն։ Զինուորները թաշկինակ կը շարժեն ծառերու տակ հանգչող հողագործներուն, կը պոռան, կʼերգեն։ Կառախումբը կը քալէ, կը քալէ…։

Ետեւի վակոններուն ճամբորդները լուռ են ու անշարժ։ Կառախումբը զանոնք կը քաշէ ցնցելով, մերթ աջ, մերթ ձախ նետելով, ու անոնք կʼերթան, կʼերթան։

Ծառերուն տակ հանգչող գիւղացիները իրենց թաշկինակները կը շարժեն կառախումբի ճամբորդներուն։ Անոնք ալ կը պոռան, կը սուլեն, կը նային առաջին կարգի ուղեւորներուն, որոնք արեւի ակնոցներով, լայնեզր գլխարկներով հիացում կʼառթեն հողի մարդուն, որ յաճախ կարկտանի վրայ կարկտան կը դնէ։ Երաշտ եղանակ մը, անժամանակ ձիւն մը կամ սառնամանիք մը, անձրեւ մը կամ հեղեղ մը զինքը դժբախտ ընելու կը բաւեն ու կʼաւելնան անգամ։ Հողի մարդը դժբախտ ընող բաները այնքա՜ն շատ են որ…։

Ամէն անգամ որ շոգեկառք մը անցնի, այդպէս ճամբորդներուն կը նային անոնք, խորհրդածութիւններ կʼընեն, մեծ քաղաքի մարդոց կենցաղին մասին կարծիքներ կը յայտնեն իրարու։

Ետեւի վակոններուն ճամբորդները լուռ են։ Արձաններու պէս անշարժ, կը նային արտերուն։ Ոչ կʼերգեն, ոչ կը պոռան, ոչ ալ թաշկինակ կը շարժեն։ Շոգեկառքը կը տանի զանոնք, կը տանի, կը տանի…։

Իրենք ալ չեն գիտեր թէ ուր կʼերթան։

Երբեմն կը տեսնեն ծառերու տակ հանգչող գիւղացիները։ Մէյ մը արտերուն կը նային, մէյ մը գիւղացիներուն, մէյ մըն ալ երկարող անվերջ ճամբաներուն։ Կը նային, կը նային…, բայց ոչ մէկ բառ կʼելլէ իրենց բերնէն, ոչ մէկ խօսք։ Յաճախ միմիայն երկար «աաա՜խ» մը, կամ հառաչանք մը կը թռչի շրթներէն։

Հարիւրներով վէպ են այս հառաչանքները, հազարներո՜վ անգիր վէպեր են, ամբողջ կեանքերու ողբերգութիւնը իր մէջ պարունակող վէպեր։ Ապրող հարի՜ւր հազարաւոր մարդոց վէպը եւ ի՜նչ վէպ…։

Տարի մը առաջ թերեւս իրենք ալ անոնց պէս էին, կամ անոնք ալ իրենց պէս։ Գուցէ տարի մը վերջ ալ հակառակը պատահի։ Բայց անոնք հիմա ճամբաները ինկած են։

Ու կառախումբը կը սուրայ բամպակի արտերուն մէջէն, կը տանի զանոնք, կը տանի, կը տանի…։

Շոգեկառքը երբ քաղաքին մօտենայ, կը սուլէ։ Երկաթուղիի գործաւորներուն խռկոցը յանկարծ կը դադրի։ Բոլորը կʼարթըննան ու կը հայհոյեն մեքենավարին։ Առաջին կարգի ճամբորդներուն քրքիջները մինչեւ կայարանին «կիշէ»ն կը հասնին, ու պաշտօնեային ականջին մէջ կը պայթին։ Զինուորները թաշկինակ կը շարժեն, կը պոռան ու կարօտի երգեր կʼերգեն։ Երկաթուղիի գործաւորները դարձեալ կը քնանան, կը խռկան, իսկ կառախումբին վերջին վակոններուն ճամբորդները՝ բան մըն ալ չեն ըներ։

Ծորակը, տարօրինակ ձայներ հանելով կը հոսի։ Ան միշտ այդպէս է։ Սուլելու նման ձայն մը կը հանէ։ Ջուրերը, երկաթէ բազրիքներուն տակէն անցնելով կʼերթան, կը կորսուին քիչ անդին, արեւախանձ հողին ճաթռտկած կուրծքին մէջ։

Կառախումբը կը սուլէ, կʼերթայ։ Ես, պատին տակ նստած՝ կը մնամ այդպէս։ Կայարանին ծերուկ պաշտօնեան, գործը լրացուցած ըլլալով, իր հիւղակը կʼուղղուի՝ ճաշելու համար։ Քիչ մը անդին, փայտաշէն տան տէրը, որ հանգստեան կոչուած պաշտօնեայ մըն է, ձեռքը պզտիկ թիթեղով մը կիր եւ փայտի կտոր մը առած, դուրս կʼելլէ տունէն, ու տան աջ կողմի պատին վրայ, անճարակ դպրոցականի մը պէս, անճոռնի իշու գլուխ մը գծելու կը լծուի։ Տասը վայրկեան վերջ, արդէն գծուած է երկարականջ չորքոտանիին գլուխը, որուն ներքեւ կʼաւելցնէ հետեւեալ արձանագրութիւնը․

«Հոս միզողը էհ է»։

Դէպի Լոյս

Շահան֊Մելիք Շահինեան ծածկանունով, 04.11.1950