Սիրելու, Սիրուելու Եւ Աննպատակ Թափառելու Մասին

Գրապահարան-ից
13:04, 10 Ապրիլի 2016 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Սիրելու, սիրուելու եւ աննպատակ թափառելու մասին

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

— Ի՞նչ տարօրինակ տղայ ես, կʼըսեն բարեկամներ։ Ամենէն հաճելի նիւթերն անգամ քթէն բերնէն կը բերես ընթերցողին։ Սիրային պատմուածքներ կը գրես, մէջը համբոյր մը իսկ չկայ։ Այլեւս չենք կարդար քու գրածներդ։ Ինչո՞ւ այդպէս ես։ Կեանքը բնաւ անուշ ու հաճելի կողմեր չունի՞ քեզի համար։ Ինչո՞ւ այդքան մութ ակնոցով կը նայիս կեանքին։

Այսպէս կʼըսեն բոլորը։ Ակումբ կʼերթամ, նոյն բանը․ ծանօթներ ու բարեկամներ նոյնպէս։ Գրութիւններս պարունակող թերթերը տուն տանելու կը քաշուիմ։ Քոյրերս կը կարդան, նոյն բանը կʼըսեն։ Հայրս կը կարդայ, երեսը կը կախէ։ Մայրս կը կարդայ, «այս տղան բաներ մը ունի» կʼըսէ։ Աւելի անկեղծ ընկերներ կը կարդան, բոլորովին տարբեր մեկնաբանութիւններ կʼընեն։ Ես մտիկ կʼընեմ անոնց բոլորն ալ։ Անշուշտ կարելի չէ բոլորին պատմել լոմ քի րիին[1] պատմութիւնը։

Լոմ քի րիին պատմութիւնը դպրոցէն սորված էի։ Ուսուցչուհին պատմած էր օր մը լոմ քի րիին պատմութիւնը։

Սպա՞նիոյ մէջ էր թէ Ֆրանսայի —լաւ չեմ յիշեր— գնչուները երախայ մը կʼառեւանգեն օր մը։ Այս գնչուները քաղաքէ քաղաք կը շրջին, լարախաղացութիւն ու աճպարարութիւն կʼընեն եղեր։ Երախային բերնին երկու կողմերը կը պատռեն այնպիսի ձեւով, որ մինչեւ ականջները հասնող իր մեծ բերնով, երախան, միշտ խնդացող մարդու մը պատրանքը կու տայ։ Այսպէս, գնչուները քաղաքէ քաղաք կը շրջին լարախաղացութիւն ու աճպարարութիւն ընելով, միեւնոյն ատեն ալ զայն ցուցադրելով ժողովուրդին՝ իբր մարդ մը, որ հակառակ ամէն տանջանքի ու տառապանքի, միշտ կը խնդայ։ Ու բեմին վրայ անլուր եւ աներեւակայելի տանջանքներու կʼենթարկեն տղան, որ միշտ կը խնդայ։ Ժողովուրդը, մեծապէս կը զուարճանայ, կը զարմանայ ու կը հիանայ։ Գնչուները շատ կը շահին ու տղան ալ մեծ համբաւ կը շահի եւ նշանաւոր կʼըլլայ իբր լոմ քի րի։

Ինչպէ՞ս կարելի է բոլորին ալ պատմել լոմ քի րիին պատմութիւնը։ Ես զայն դպրոցէն սորված էի։ Լոմ քի րիին պատմութիւնը փուշ փուշ ըրեր էր մեր մարմինը եւ ես քանի մը գիշեր երազիս մէջ տեսեր էի գնչուներու կողմէ գողցուած մանուկներ, որոնց բերաններուն երկու կողմերը կը պատռէին ու յետոյ ժողովուրդին կը ցուցադրէին իբր լոմ քի րի

Այնատենները, մեր ապրած կեանքն ալ ուրիշ էր, մեր երազներն ալ ուրիշ էին։ Տասնըհինգ տարիէ ի վեր գէթ անգամ մը իսկ լոմ քի րի մը չէ այցելած իմ երազներս։ Բայց անկէ շատ աւելի տխուր երազներ ունեցած են իմ աչքերս։ Անքուն գիշերներ ալ ունեցած եմ՝ լոմ քի րիին պատմութենէն շատ աւելի տխուր պատմութիւններ ապրելով։

Բայց ասոնց բոլորը կարելի՞ է պատմել դէմդ ելլողին։ Անշուշտ թէ ոչ։ Անոնք մէկ բան միայն գիտեն եւ ամէն անգամ որ զիս տեսնեն, մի՛շտ նոյն բանն է իրենց ըսելիքը․

— Ի՛նչ տարօրինակ տղայ ես դուն… ամենէն հաճելի նիւթերն անգամ քթեն բերնէն… «այս տղան բաներ մը ունի»… եւայլն, եւայլն։

Տարիները, մեր կեանքը կարճցնելէ ուրիշ ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին մեզի պէս մարդոց։ Ժամանակը, կեանքը, միջոցը, պայմանները, բոլորը ձեռք ձեռքի տուած արդէն սահմանած են իմ եւ իմ նմաններուս կեանքը, միօրինակ ու դասականացած պայմաններու տակ։ Ոչ մէկ նորութիւն, ո՛չ մէկ հետաքրքրական փոփոխութիւն։ Ամէն օր, նոյն ժամերուն ելիր, հագուէ, լուացուէ, սանտրուէ, եղանակին համեմատ՝ վերարկուդ քաշէ կամ առանց վերարկուի դուռը գոցէ ու գնա։ Նոյն ժամերուն գնա, նոյն ժամերուն վերադարձիր… խենթեցնող միօրինակութիւն մը։

Իրիկունը վերադարձիր։ Սենեակիդ պատուհանները սեփսեւ են ու անհրապոյր։ Չունիս մէկը քեզ սպասող։ Այո, հայրս կայ տունը․ մայրս ու քոյրերս կան։ Բայց միօրինակ բան մըն է ասիկա։ Տարիներէ ի վեր աս այսպէս է։ Ոչ մէկ փոփոխութիւն, ոչ մէկ նորութիւն։ «Բայց ի՞նչ պէտք է ըլլար» պիտի ըսէք։ Չեմ գիտեր։

Տունը կը նեղէ զիս։ Կʼելլեմ սրճարան կʼերթամ։ Ոչ մէկ բանի համար սակայն․ անորոշ ու աննպատակ։ Ոչ նարտի հակառակորդ մը ունիմ հոն, ոչ ալ թուղթ խաղալու համար ըսպասող մը։ Աթոռս կը քաշեմ ու կը նստիմ պատուհանին առջեւ կամ դուրսը բացօթեայ։ Միօրինակ ու նեղացուցիչ բան։ Երբեմն ընկերոջ մը կը հանդիպիմ հոն․ միջից մը կը խօսինք։ Միօրինակ նիւթ, միօրինակ վէպի մը էջերուն պէս, ուր կարծես նոյն նախադասութիւնը հազա՜ր ու հազարներով անգամ գրուած է։ Այս վէպերէն իւրաքանչիւր հատորը կեանքն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, զուրկ ամէն տեսակ հրապոյրէ։
  1. լոմ քի րի խնդացող մարդ (ֆրանս․ l'homme qui rit)