«Մէրսէտէս Տէքափոթապլ»–ի խմբագրումների տարբերություն

Գրապահարան-ից
(Նոր էջ «{{Վերնագիր |վերնագիր = Մէրսէտէս Տէքափոթապլ |հեղինակ = Երուանդ Կոպէլեան |թարգմանիչ = |աղբյուր = «Կ...»:)
(Տարբերություն չկա)

01:00, 26 Մարտի 2014-ի տարբերակ

Մէրսէտէս Տէքափոթապլ

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Մէրսէտէս Տէքսափոթապլ 71[1]

Տարաբախտ զաւկիս՝ Կարոյի անթառամ չիշատակին

Առաջին անգամ որ տեսանք զայն, սքանչացման «հի՜» մը դուրս թռավ տղոցս երեքին ալ բերէն, գրեթէ նոյն պահուն, այնքան որ հիանալի եւ գրաւիչ տեսք մը ունէր իսկապէս։

Կեցած էր պատին տակ, օտար ստուգանիշով մը, ճեփճերմակ, սպիտակ աղաւնիի մը նման կամ հարսի մը, սեւով կարմիր կաշիւէ ներքին ճաշակաւոր յարդարանքով։

Անյարմար տեղ մըն էր այս, անպատեհ ու վտանգաւոր, նման արժէքաւոր ու հազուագիւտ ինքնաշարժի մը համար։ Ասիկա, բոլորին ալ ուշադրութիւնը կը գրաւէր եւ հետաքրքրութեամբ կը նայէին ու կʼանցնէին քովէն, գրեթէ առանց բացառութեան։ Սակայն, նկատի ունենալով անոր օտար ստուգանիշը, ոմանք կʼենթադրէին որ տէրերն ալ օտարականներ էին եւ առժամաբար ձգած էին կառքը հոն, երթալ մանր մունր կարգ մը գործեր տեսնելու, գնումներ կատարելու համար Պէյօղլուի վաճառատուններուն մէջ, կամ ալ այցելութիւն մը տալու՝ այդ շրջանին մէջ գտնուող հաստատութիւններէն մէկուն։

Տղաքը սքանչացումով նայեցան Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ին ինքնագործ ղեկավարման դութեան, գերարդիական սարքաւորումին, ճոխ ու շքեղ ներքին յարդարանքին, շօշափեցին անոր հանգստաւէտ նստարանները եւ իւրաքանչիւրը իր կարծիքը յայտնեց՝ անոր նման կառքի մը տէրը կարենալ ըլլալու պարագային, ապագային։ Յետոյ ճամբու ընթացքին զանազան ենթադրութիւններ կատարուեցան անոր տիրոջ մասին, ապրած կեանքին, կերածին ու խմածին․ մէկը ըսաւ որ Եւրոպա աշխատող գործաւորի մըն ալ կրնար պատանիլ, միւսին համաձայն ալ՝ Եւրոպացի ընտանիքի մը, որ այցելութեան կամ զբօսաշրջական պտոյտի մը եկած էր Իսթանպուլ։ Յաջորդ օր, կառքը հոն չէր արդէն։ Կրնար ըլլալ որ այդ հաւանականութիւններէն մէկը ճիշդ ըլլար։ Տղաքն ալ բաւական երկար խօսեցան այդ մասին, ամէն օր նոր բան մը աւելցնելով այս կարծիքներուն վրայ, միշտ նոյն խոր հիացումով եւ սքանչացումով յիշելու համար այդ ինքնաշարժը, որուն նմանը ոչ տեսած էին մինչ այդ եւ ոչ ալ այդքան մօտեցած անոր ու շօշափած։

Շաբաթ մը վերջ, առաւօտ մը, անակնկալօրէն դարձեալ տեսայ զայն։ Գրեթէ նոյն տեղն էր, համեմատաբար ամայի անկիւն մը պատին տակ ձգուած, ցեխով ու փոշիով բաւական աղտոտած, ինչ որ առաւել եւս կը շեշտուէր մաքուր, սպիտակ խորքին վրայ։ Վրան գոցուած էր սեւ ծածքով մը եւ ապակիներն ալ այնքան աղտոտած էին, որ գրեթէ անկարելի էր ներսը տեսնել։ Արդէն առանձին էի այդ օր, տղոց չափ ալ հետաքրքիր չէի, տեսայ եւ առանց կանգ առնելու անցայ քալեցի այդ պատճառաւ։ Իրիկունը տղոց պատմեցի տեսածս, զանազան ենթադրութիւններ ըրինք բոլորս միասին․ մէկը ըսաւ որ անպայման օտար զբօսաշրջիկներ էին տէրերը, որոնք Անատոլուն շրջած էին եւ ճամբաներու ցեխէն ու փոշիէն ալ կառքը անճանաչելիօրէն աղտոտած։

Յաջորդ օր, Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ը դարձեալ չկար իր տեղը։ Բնականաբար տէրերը տակաւին կարգ մը գործեր ունէին ու չէին կրնար իրենց կառքը օրերով հոն ձգել։ Թերեւս ալ Եւրոպա վերադարձի ճամբուն վրայ էր որ անցած էին այս անգամ եւ հիմա շատո՜նց բռնած՝ Է֊5 Միջազգային Մայրուղին, իրենց երկիրը վերադառնալու համար։ Տղաքը գրեթէ մոռցած էին կառքը, երբ առաւօտ մը դարձեալ տեսան զայն, այս անգամ վրան բաց, ծածքը չետսակողմին ծալուած ու հաւաքուած, սակայն առջեւի ձախ լուսարձակին ապակին փշրուած, նաեւ ետեւի ցեխարգելը ծանրօրէն վնասուած, ճզմուած, դռներուն վրայ խորունկ խորունկ գծգծուած։ Թէեւ վերժուած ենք այդպիսի բաներ ամէն օր տեսնելու քաղաքին մէջ շրջագայող ինքնաշարժներուն վրայ ու նոյնիսկ այդ բոլոր տեսակները՝ միեւնոյն կառքին, սակայն այսքան գեղեցիկ ինքնաշարժի մը վրայ անոնցմէ մէկուն թեթեւագոյնն իսկ տեսնել՝ ընդվզեցուցիչ էր ուղղակի, այնքան որ անընդունելի կը թուէր, ցաւալի եւ տխուր։

Ափսոսանքով դիտեցի իւրաքանչիւրը այդ վէրքերուն, գիշերն ալ մէկ մէկ պատմեցի տղոց։ Բոլորն ալ մեծ յուզումով ու տխրութեամբ մտիկ ըրին պատմածներս ու դարձեալ զանազան ենթադրութիւններ կատարուեցան․ մէկը ըսաւ որ երկար ճամբորդութիւններու ընթացքին նման արկածներ անխուսափելի էին, միւսը զայն հաստատելով ամբողջացուց՝ յիշեցնելով որ անշուշտ ճամբաներուն ալ անծանօթ էին։ Երրորդին ալ կարծիքը այն էր, որ այդքան գեղեցիկ ինքնաշարժի մը ղեկին գլուխը գտնուող մէկը իրաւունք չունէր այդ աստիճան անուշադիր եւ անթոյթ ըլլալու, քանի որ ոճիր մըն էր զայն այդ վիճակին բերել։ Փափաքեցան իրենք ալ տեսնել եւ յաջորդ օր երեք եղբայր գացին սրտի ճմլումով դիտելու համար այն գեղեցիկ կառքը, զոր տակաւին քանի մը օր առաջ հիացումով դիտած ու շոյած էին եւ որ հիմա սակայն վիրաւոր աղաւնիի մը պէս կը կենար պատին տակ խորհրդաւոր կերպով լուռ, բայց ընդվզեցուցիչ կերպով ալ անճանաչելի դարձած։

Քանի մը օր մնաց հոն, այդ վիճակին մէջ։ Ամէն իրիկուն տղաքս տեղեկութիւն ուզեցի ինձմէ անոր մասին, ես ալ ըսի թէ կը մնար այնպէս, ինչպէս տեսած էին վերջին անգամուն։ Ենթադրութիւնները այս անգամ ալ զարգացան զանազան ուղղութիւններով։ Մէկը ըսաւ որ գուցէ արկածէն վնասուողը միայն կառքը չէր եղած եւ տիրոջը կամ տէրերուն ալ բան մը պատահած էր եւ հիմա ի վիճակի չէին այդ պատճառաւ ալ կառքով զբաղելու։ Ասիկա շատ ալ անկարելի հաւանականութիւն մը չէր եւ հարցը անպայման պիտի լուսաբանուէր քանի մը օրէն։

Իրօք՝ օր մըն ալ նայեցայ, որ Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ը չկար իր տեղը։ Որոշ էր․ տէրերը եկած եւ զայն առած, նորոգութեան տարած էին, կամ ալ նորոգիչին կառաքարշը եկած էր եւ առած տարած։ Տղաքը որոշ հանգստութիւն մը զգացին՝ երբ այդ լուրը տուի իրենց։ Հիմա, դարձեալ կʼերեւակայէին զայն՝ իր նախկին վիճակով, նորոգուած, մաքրուած, սրբուած, միշտ նույնքան երազայինօրէն հրապուրիչ, անբիծ սպիտակ աղաւնիի մը նման, կամ՝ շքեղօրէն զարդարուած հարսի մը, ներքին մասրն ալ սեւով կարմիր յարդարանքով, մետաղեայ մասերն ալ փա՛սփայլուն՝ ըստ առաջնոյն։

Ամէն իրիկուն անոր մասին խօսեցանք գրեթէ միայն, ենթադրութիւններ ըրինք տղաքս եւ ես՝ տէրերուն կամ անոր կատարած ճամբորդութիւններուն, տեսած տեղերուն մասին, միշտ լաւատես սակայն, այն հաստատ համոզումով, թէ ոչ ոքի սիրտն ու խիղճը պիտի թոյլատրէին, որ այդպիսի սքանչելի կառք մը աւելի երկար ժամանակ մնար վիրաւոր եւ աղտոտ։ Նոյնիսկ ըսին անոնք, որ եթէ իրենց թոյլ տրուի, պատրաստ էին ձրիօրէն սրբելու եւ մաքրելու զայն, բան մը, որ մեծ հաճոյք եւ երջանկութիւն պիտի պատճառէր իրենց։

Քանի մը օր վերջ, տղոցմէս մէկը ըսաւ, որ ճամբան տեսած էր Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ը, որուն մէջ քանի մը հոգի կային, այրեր, կիներ, մեծ ու պզտիկ քանի մը տղաք, որոնք ուրախ զուարթ իրենց շուրջը կը դիտէին բաց կառքին մէջէն ու կʼերգէին։ Զաւակս այնքան ուրախացեր էր անակնկալօրէն զայն տեսնելով, որ նոյնիսկ առիթը չէր ունեցեր նայելու, որ կառքին վնասուած տեղերը նորոգուա՞ծ էին թէ ոչ։

Ես ալ ուրախացայ, եղբայրներն ալ։ Դարձեալ նոր ենթադրութիւններ սկսան կատարուիլ նոր տուեալներու վրայ, նոր հաւանականութիւններ՝ ճերմակ Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ի եւ անոր տէրերուն մասին։ Մեր տան խօսակցութեան անխուսափելի նիւթերէն մէկը դարձած էր այլեւս ան, որուն մասին ամենէն աննշան լուրն անգամ իսկոյն կʼարժեւորուէր, «օրակարգ»ին վրայ իր արժանի տեղը կը գրաւէր։

Առաւօտ մը, հեռուէն տեսայ զայն դարձեալ, նոյն տեղը, աւելի դէպի պատին տակը քաշուած, ճամբայէն բաւական ներսօք։ Երբ մօտեցայ, զարմանքով տեսայ թէ ան պարապ չէր այս անգամ։ Մէջը երկու մարդիկ կային պառկած, որոնք իրարու վրայ փլած գրեթէ, կը քնանային՝ իրենց ոտքերը դռներուն վրայէն դուրս երկարած։ Կառքին վրան բաց էր դարձեալ, մարդոց ալ մազն ու մօրուքը իրար խառնուած էին։ Զգայազիրկ վիճակի մը մէջ գրեթէ, խորունկ քունով մը կը քնանային եւ այնքան բարձրաձայն կը խռկային, որ մարդ առաջին առթիւ կը կարծէր, թէ ինքնաշարժեին շարժակը կʼաշխատէր րըլանթիի վրայ, եւ ամայի այս ճամբուն եզրին, առաւօտեան կանուխ ժամերու լռութեան մէջ, արձագանք ւու տար անոնց այս խռմբոցը բարձր պատերէն ու մօտակայ շէնքերէն։ Ինքնաշարժին դռներուն վրայէն դէպի դուրս կախուած այդ ոտքերը կօշիկ չէին կրեր եւ աղտոտ գուլպաներ ունէին։ Ամենէն լաւատես մերձեցումով ու բարեմիտ տրամադրութեամբ խորհեցայ, թէ իրենց ճամբան կորսնցուցած երկու անվնաս գինովներ ամայի անկիւն մը պատի մը տակ վրան բաց ինքնաշարժ մը գտած ըլլալով, մէջը մտեր էին՝ սանկ քանի մը ժամուան հանգիստ քուն մը քաշելու համար։

Աւելի վերջ, սակայն, տարբեր կասկածներ եւ մտահոգութիւններ եկան հետզհետէ տեղ գրաւել մտքիս մէջ ու վանել բոլոր լաւատես ենթադրութիւններս։ Նկատեր էի որ մարդոց մօրուքները մէկ երկու օրուան բան չէին, հետեւաբար պատահական անմեղ գինովներ չէին կրնար ըլլալ անոնք։ Կառքին վնասուած տեղերն ալ չէին նորոգուած եւ ընդհակառակն նոր ու խորունկ գծգծուքներ կային վրան։ Կամաց կամաց մտքիս մէջ կը սկսէր կազմուիլ խորհրդաւոր պատմութիւնը այս գեղեցիկ, սպիտակ Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ին, որ անտարակոյս զաւակներուս երազներուն մէջ ալ տեղ կը գրաւէր, ամենօրեայ խօսակցութիւններէ զատ, անխուսափելիօրէն։

Կը թուէր թէ գողցուած ինքնաշարժ մըն էր ան, գուցէ արտասահմանէն գողցուած ու հոս բերուած, այդ ամայի անկիւնը միջոց մը պահուած։ Գուցէ պարբերաբար ալ կը գործածւէր տակաւին կարգ մը մութ գործերու մէջ, անխնայ կերպով, ամէն օր մէկ տեղը գծգծուելով, մէկ կողմը ճզմուելով կամ վնասուելով։ Ասիկա, ամենէն իրապաշտ հաւանականութիւնը կրնար ըլլալ։ Այդքան սքանչելի ինքնաշարժի մը իսկական տէրը երբեք այսքան անգութ եւ անխնայ չէր կրնար ըլլալ։ Այդ մէկը բացորոշ էր․ սակայն ի՞նչպէս պիտի կարենայի իմ այդ մտածումներս ըսել զաւակներուս, որոնք ամէն օր միշտ աւելի լաւ բաներ կը սպասէին լսել Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ի մասին։ Անգամ մը մէկը հարցուց ինծի, թէ ի՞նչ նորութիւն ունէի ինքնաշարժին մասին։ Դժուար էր իրենց պարտադրել այդպիսի ճշմարտութիւն մը, երբ անոնք նստարանները շօշափելու ատեն իսկ անպատում երջանկութիւն մը կը զգային։ Ըսի թէ բաւական ժամանակէ ի վեր տեսած չէի եւ ատկէ ալ կʼենթադրէի, թէ հիմնական նորոգութեան մը տարած են, հաւանաբար առաջուան վիճակէն աւելի գեղեցիկ ու հրապուրիչ դարձնելու համար։ Բոլորն ալ տրամաբանական գտան այս ենթադրութիւնս ու բաժնեցին տեսակէտս։ Քանի մը օր՝ ա՛լ չհարցուցին անկէ վերջ, օր մը վերստին նորոգուած ըլլալու լուրը լսելու փափաքը իրենց մանկական մաքուր սրտերուն մէջ։

Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ը սակայն օրէ օր աւելի աղտոտեցաւ իր պարբերական բացակայումներուն ընթացքին, աւելի խոցուեցաւ, աւելի տգեղցաւ, աւելի անհրապոյր դարձաւ, իր տեսած սեւ գործերուն նման։ Սակայն ես շարունակեցի տակաւին իմ զաւակներուս բարի եւ կամեցող աչքերով նայիլ անոր, սրտի ճմլում միայն զգալով ստացած ամէն մէկ վէրքին, սպիտակ ներկին վրայ ինկած ամէն մէկ կաթիլ ցեխին համար անգամ։ Ան, ինծի միշտ կը թուէր մնալ բացառիկ կերպով գեղեցիկ ինքնաշարժ մը, միւս բոլոր ինքնաշարժներուն մէջէն, եթէ նոյնիսկ անոնք ըլլային նորագոյն տիպ եւ ամենէն ակնախտիղ գոյներով։ Դժուար կու գար ընդունիլ այն, ինչ որ իրականութիւն էր սակայն։ Կարծես սիրուած բարեկամ մը, հին ծանօթ մըն էր ան, որու համար միշտ կʼուզէինք լաւը մտածել, գէշն ու չարը մերժել, ինչպէս մարդիկ սովոր են ընել առհասարակ իրենց ամենէն թանկագին գոյութիւններուն եւ հարազատներուն համար։

Քանի մը անգամ հարցուցին տղաքը ու ես ստիպուեցայ ամէն անգամուն ալ պատէ պատ[2] պատասխաններով ազատւիլ, բայց չեմ գիտեր, թէ որքանով յաջողեցայ։

Ի վերջոյ օր մը դարձեալ տեսայ Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ը, նոյն պատին տակ, այս անգամ ճակատամասն ալ ողբերգականօրէն ջախջախուած։ Յայտնի էր թէ կամ ծառի մը զարնուած էր, կամ ալ ուրիշ փոխադրամիջոցի մը հետ ծանր արկած մը ունեցած։ Անճանաչելի դարձած էր գրեթէ։ Երեք չորս հոգի կը քնանային մէջը դարձեալ, իրարու վրայ փլած, իրենց ոտքերը կառքին աջէն ու ձախէն դուրս ձգած։

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն էր։ Երբ գեղեցիկ օր մը կը սկսէր, յայտնի էր թէ երբեմնի այդ գեղեցիկ սպիտակ ինքնաշարժը սեւ գիշերին մէջ մութ գործեր տեսած էր ու հիմա գնդակահար մահապարտի մը պէս աչքերը փակ եւ խորտակուած, իր տխուր ճակատագրին՝ վախճանին կը սպասէր պատին տակ, անխուսափելի։

Չգիտցայ, թէ այդ օր ի՞նչպէս իրիկուն եղաւ։ Տուն վերադարձիս՝ տարօրինակ թելադրութեամբ մը, տղոց երեքն ալ գրեթէ նոյն պահուն հարցուցին Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ի մասին։

Ըսի, թէ ես ալ լաւ լուր մը ունէի տալիք արդէն իրենց եւ պատեհ առիթին կը սպասէի։ Ու պատմեցի, թէ ճիշդ այն պահուն երբ կʼանցնէի անկէ, կառքին տէրերն ալ իրենց տեղերը գրաւած էին մէջը ու մեկնելու կը պատրաստուէին։ Օտարներ էին, տեղացի իրենց բարեկամներն ալ ողջերթի եկած էին։ Բոլորն ալ ուրախ զուարթ կը զրուծէին իրարու հետ․ վարորդը ճամբայ ելլելէ առաջ վերջին անգամ մըն ալ դեղին փոշիի լաթով մաքրեց կառքին ամէն կողմը, նոր ներկին վրայէն զարնուած ջնարակը, տղաքը չարաճճիօրէն ճչակը հնչեցուցին երկար երկար ու ողջերթի եկողներէն մէկն ալ փունջ մը կարմիր վարդ զետեղեց Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ի յառաջամասին՝ ստուգանիշ եռաճաճանչ աստղ կափարիչին վրայ։

Տղաքը հիացմունքով ըսին իրարու, թէ այդ վիճակով ան անպայման դարձած էր աւելի գեղեցիկ եւ կրկնապատիկ աւելի շքեղ ու փառաւոր։ Հաստատեցի եւ աւելցուցի թէ ոչ մէկ կասկած այդ մասին եւ իրօք կʼարժէր տեսնել զայն այդ վիճակով։ Աւելի վերջ խօսակցութիւն ըբաւական շարունակուեցաւ ինքնաշարժներու մասին ու երանութեամբ վերյիշուեցաւ առաջին այն օրը, ուր հանդիպեցանք սպիտակ կառքին ու տղաքը վերապրեցան հետաքրքիր սքանչացումը այդ օրուան։

Ես, լուռ մտիկ ըրի զիրենք՝ միայն։ Յաջորդ օր ալ ճամբաս փոխեցի, որպէսզի տղոցս հետ բաժնեմ պատկերը առաջին օրւան Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ին, եւ որպէսզի ոչ մէկ հետք, ոչ մէկ խոց եւ արատ գայ աղարտել զայն, կուսական անբծութիւնն անոր, որ թերեւս կʼապրի մինչեւ այսօր տղոցս յիշողութեան մէջ, տարիներ վերջ անգամ, հոգ չէ թէ մեզի պատկանած չըլլայ ան երբեք, հոգ չէ թէ տղոցս անմեէ ձեռքերը մէկ անգամ միայն փայփայած ըլլան զայն քաղցր եւ անիրականանալի երազի մը նման, հոգ չէ թէ իրենց այդ փոքրիկ ու բարի ձեռքերով շօշափած նստարաններուն վրայ գինովներ ու գողեր, գուցէ եւ ոճրագործներ պառկին հիմա, մինչեւ որ անպէտ եւ անհրապոյր երկաթակոյտ մը դառնար, սպիտակ Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71ը, անբռնաբարելի եւ անկողոպտելի գեղեցիկ զարդը զաւակներուս մանկական անմեղ երեւակայութեան։

Անտիպ
(1972-1973)
  1. Մէրսէտէս Տէքափոթապլ 71 Մէրսէտէս վաճառանիշով 1971 տիպ ինքնշարժ՝ ձեղունը դէպի ետ փաթթուելով բացուելու յարմարութեամբ (ֆրանս․ décapotable)
  2. պատէ պատ (ընկնել, իյնալ) ծուռ ու մուռ (միջոցներու դիմելով իրականութիւնը թաքցնել, խուսափիլ ճշմարտութիւնը խոստովանելէ)