«Կէս Գիշերէ Վերջ»–ի խմբագրումների տարբերություն

Գրապահարան-ից
(Նոր էջ «{{Վերնագիր |վերնագիր = Կէս Գիշերէ Վերջ |հեղինակ = Երուանդ Կոպէլեան |թարգմանիչ = |աղբյուր = «Կեանք...»:)
 
(Տարբերություն չկա)

Ընթացիկ տարբերակը 03:03, 22 Ապրիլի 2016-ի դրությամբ

Կէս Գիշերէ Վերջ

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»


Քաղաքին լոյսերը տակաւ կը մարէին, երբ ան փողոցին անկիւնը դարձաւ։ Անկիւնի լամբարը իր վտիտ լոյսովը լուսաւորեց անոր դէմքը։ Սեւ, գռուզ մազերը կը յորդէին նաւազի գդակի մը տակէն… կու գային միանալ առնուազն տասնըհինգ օրուընէ ի վեր չածիլուած մօրուքներու։ Թաւ յօնքերը իր խոժոռ դէմքին ամենէն յատկանշական մասը կը կազմէին, եւ աչքերը, արծիւի մը խիստ ու խուզարկու նայուածքները կʼուղղէին չորսդին։

Հակառակ Դեկտեմբեր ըլլալուն, կուրծքը բաց էր, ծածկուած խիտ մազերով։ Ծովային զինուորի հինցած հագուստը, բարեձեւ մարմնին գիծերը որոշապէս ցոյց կու տար։ Բարձրահասակ էր։ Լայն կուրծքով ու լայն ուսերով, թուխ դէմքով ու քիչ մը դուրս ցցուած այտոսկրով։

Լամբարին տակէն անցած ատեն, երկար շուք մը ձգեց մայթերուն վրայ, որ յետոյ կարճցաւ, կարճցաւ ու կորսուեցաւ խաւարին մէջ։

Բնակելի տուն չկար այդ փողոցը։ Քանի մը տարի առաջ պատահած հրդեհ մը, աւերակ դարձուցած էր զայն ամբողջութեամբ։ Եւ հիմա, այս աւերակներուն մէջ տասնեակ մը դատարկապորտներ կʼապրէին անվնաս՝ թաղեցիներուն եւ յաճախ բարեացակամ՝ թաղին պզտիկներուն հանդէպ։

Այս դատարկապորտներէն մին էր անիկա։ Սեւ Սիրտ Իպօն։ Բոլորն ալ կը սիրէին զայն եւ սիրով ու վախով խառն յարգանք մը կը տածէին անոր հանդէպ։ Թէեւ կատուի մը քար մը նետելն իսկ տեսնուած չէր, սակայն անունը անգամ մը Սեւ Սիրտ եղեր էր, ու ան այսպէս կը շարունակէր, այսպէս ալ կʼերթար։

Երբ փլատակներէն մէկուն մէջ մտաւ, ուր կը գիշերէր միշտ, տեսաւ որ իր տեղը գրաւեր էին։ Ո՞վ եւ ինչ յանդգնութեամբ կրցած էր ընել այս բանը, քանի որ բոլորն ալ կը վախնային իրմէ։

— Օտար մը ըլլալու է, մտածեց Իպօ, անպայման օտար մըն է, որ զիս չի ճանչնար տակաւին։

Յետոյ, լուցկի մը վառեց, ու ձեռքը դէմը բռնելով քնացողին դէմքը լուսաւորեց։

Իրապէս օտար մըն էր այս վերջինը։

Սեւ սիրտ Իպօ, քնացողին կուշտը ոտքովը թեթեւ մը մշտեց․

— Է՜յ տղամարդ, ըսաւ, ելի՛ր նայինք․

— Հը՜մ, դուն ալ ո՞ւրկէ բուսար, գնա՛ բանդ, ըսաւ քնացողը աչքերը կէս մը բանալով։

— Աչքերդ լաւ բաց ու անանկ խօսէ, եթէ կʼուզես որ զանոնք յաւիտենապէս չգոցեմ, ըսաւ Իպօ քիչ մը սրտնեղած այս յանդուգն պատասխանէն։

Ապա աւելցուց․

— Կʼերեւի մօրդ թեւին տակէն նոր ելար եւ օտարի բռունցքին համը բնաւ չես նայած։ Ինծի Սեւ Սիրտ Իպօ կʼըսեն։ Այս շրջանակները առանց իմ հաւանութեանս ճանճ անգամ չի թռիր։ Եթէ դուն ալ ճանճի մը պէս պատը փակիլ չես ուզեր, աչքերդ շփէ՛ ու ինքզինքիդ եկուր։

Օտարը ելաւ նստեցաւ ու պահ մը երկուքն ալ սպառնալից ու կասկածոտ նայուածքներ ուղղեցին իրարու։

— Հըմ, դուն տունէն փախստական մըն ես, ըսաւ Իպօ երիտասարդին, որ հազիւ քսան տարու կար։

Յետոյ մտերիմ շեշտով մը խնդաց․

— Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ քեզ տունէն հեռացնեն։

Իպոյի շեշտը անկեղծ էր ու երիտասարդը որ ամէն ատենէ աւելի զինքը մտիկ ընողի մը պէտք ունէր սա պահուս․

— Աղջկան մը երեսէն աղբարիկ, ըսաւ յօրանջելով։

— Աղջկա՞ն մը երեսէն, հարցուց Իպօ։ Հը՜մ, սրտի խաղեր հէ՞։ Կʼերդնում որ, երիտասարդ, դուն հացին քանի ղրուշ ըլլալն անգամ չես գիտեր։

Յետոյ շարունակեց․

— Մեր Աւետարանին մէջ տեղ չունի սէրը…։ Այո, այո, վստահ եմ որ այդպէս է… Մինչեւ սէրը ինչե՜ր կան մեզի համար, երիտասա՛րդ, ինչե՜ր։

Խաւարին մէջ, պահակի մը սուլիչին ձայնը ընդմիջեց անոնց խօսակցութեանը։ Յետոյ գոռ ձայն մը․

— Իպօ՜, ըսաւ, ո՞ւր ես, Իպօ՛։

— Հոս եմ, Տուրսուն Աղա, պատասխանեց Իպօ նստած տեղէն։ Եկուր նայինք։

Ու քովի երիտասարդին փսփսաց․

— Պահակը եկաւ, նորէն անպայման մը կայ։

— Չպառկեցա՞ր տակաւին, հարցուց պահապանը մօտենալով։

— Ոչ, պատասխանեց Իպօ, ընկերոջ հետ կը խօսինք։

Յետոյ աւելցուց․

— Խեր ըլլայ, Տուրսուն Աղա, ի՞նչ պատահեցաւ նորէն։

— Քուկիններդ բոլորն ալ հո՞ս են, հարցուց Տուրսուն Աղան անկեղծ շեշտով մը։

— Այո՛։ Ի՞նչ կայ որ, բա՞ն մը եղաւ։

— Այսօր անկիւնի Պարսիկ ծխավաճառին խանութը կողոպտեր են։ Գողը չգտնուեցաւ տակաւին։ Պարոն ոստիկանապետը զիս հոս ղրկեց։

— Գիտես որ մերինները այդպէս բաներ չեն ըներ, ըսաւ Սեւ Սիրտը հպարտ շեշտով մը։

— Գիտեմ, զաւակս, գիտեմ, ըսաւ Տուրսուն Աղա պեխերը ոլորելով։ Սակայն —խօսքը մեր մէջ— ձեր ձախլիկ Ալին կապելայէն ելած ատենը տեսեր են տէ… Պարոն ոստիկանապետը․ «Գնա՛ անգամ մը Իպոյէն հասկցիր» ըսաւ։

— Չէ՛, Տուրսուն Աղա, չէ՛, ըսաւ Իպօ։ Ալին չորս հինգ օրէ ի վեր նոր շինուող աբարթըմանի մը մէջ ամէլէութիւն կʼընէ կոր եւ երէկ ալ քանի մը ընկեր միասին սենեակ մը վարձեցին խանի մը մէջ, ու հիմա ալ մենէ հեռացաւ Ալին, մարդու կարգ անցաւ, ա՛լ երդիքի տակ պիտի պառկի…։

Ու հառաչեց․

— Նայինք մեզ պիտի մոռնա՞յ։

Տուրսուն Աղա, ինչու գալը մոռցեր էր։

— Օ՛խ, օ՛խ, ըսաւ, գոհ մնացի։ Աֆէրիմ Ալի… Է՜հ, դատարկապորտութիւնը վերջ չունի։

— Այո, մռլտաց Իպօ, գլխիկոր…։

Կեանքը, իր բոլոր դառն իրականութիւններով ընդունելու ստիպուած էր սա պահուս։

Ու հեռաւո՜ր արձագանքի մը նման կրկնեց պահակին խօսքերը․

— Դատարկապորտութիւնը վերջ չունի…։

— Դո՛ւն չկրցար ձգել սա կեանքը, ըսաւ Տուրսուն Աղա, մինչդեռ գործէ փախչող տղայ չես։

— Քի՞չ տեղ դիմեցի կը կարծես, Տուրսուն Աղա, անձնագիրս ուզեցին եւ անմիջապէս վերադարձուցին, ըսելով․ «Սիճիլդ աղտոտ է․ դժբախտաբար պիտի չկրնանք ընդունիլ»։

— Ա՜խ տղաս, յարեց բարի պահակը հառաչելով։ Սա աշխարհը… ի՞նչ տարօրինակ է։ Ու աւելցուց․ ելլեմ երթամ, պարոն ոստիկանապետը պատասխանի կը սպասէ։

— Երթաս բարո՛վ Տուրսուն Աղա, ըսաւ Իպօ։ Այսպէս, կʼըսես թէ, մեր մէջ ձեռքը երկայն միայն «Ջորի Եուսուֆ»ը կայ եղեր, ան ալ անցեալ շաբթուընէ ի վեր մէջտեղ չկայ եղեր։

Պահակը երթալէ յետոյ, Իպօ, քովի երիտասարդին դառնալով․

— Բոլորին ալ անձիս պէս կը վստահիմ, ըսաւ․ սա անկիւնինը, «Գայլ» անունով ծանօթ է, թէեւ քիչ մը անողոք ու քար սիրտ է, սակայն գողութիւն չʼըներ։ Նաւահանգիստ բեռնակրութեան կʼերթայ յաճախ, ու երբեմն ալ անկիւնի Թէրքոզէն[1] տուները թիթեղներով ջուր կը կրէ։

Անոր քովինը, մեր նշանաւոր «Լաճ»ն է։ Հազիւ տասը տարու կայ, սակայն կրակուբոց բան մըն է։ Լրագրավաճառութիւն կʼընէ եւ առտու իրիկուն, թերթերը ամենէն առաջ Բերա կը հասցնէ։

Յետոյ մռլտաց․

— Շունչանորդին, երէկ գրպանէն տուփ մը սիկառ գտայ եւ ականջը քաշեցի։

Անոր քովինը, անվնաս ալքոլամոլ մըն է։ Տակառ մը ալքոլը առանց նեղութեան կը խմէ։ Ճերմակ Ռուս է ու յաճախ կʼըսէ թէ իր երկիրը Քազաքի հարիւրապետ է եղեր յեղափոխութենէն առաջ։

Ու տեղեկութիւններ կու տայ անոր մասին․

— Մեր մէջ գրեթէ ամենէն երջանիկն է․ վասնզի օրուան քսանըչորս ժամն ալ գինով է։ Իր միակ ինչքը՝ կոտրած արմոնիքան օրուան ալքոլի դրամը կʼապահովէ իրեն… ու ան կը խմէ, մինչեւ որ ինքզինքէն ելլէ…։

Անդիի անկիւնինը կէս խենթ է․ կʼըսէ թէ քանի մը լեզու գիտէ, սակայն երկու տարիէ ի վեր հոս է ու դեռ իր խօսած լեզուէն հասկցողի մը չհանդիպեցանք։

Վերջապէս, բոլորն ալ մէյմէկ «ես» ունին իրենց մէջ, մէյմէկ «ես» ալ որ ամէն բանէ գերիվեր է իւրաքանչիւրին համար։ Ընկերային կեանքէ վտարուած ենք մենք եւ այն ատեն կը յիշուինք միայն, երբ խանութ մը կողոպտուի, հաւնոցէ մը հաւեր պակսին, տունէ մը առարկաներ կամ դրամ կորսուի…։ Այն ատեն մենք, որ մարդկութիւնը արատ մը կը նկատէ իր երեսին՝ կը յիշուինք, դէպքին հետ առնչութիւն ունենանք կամ ոչ։

Սակայն, եթէ հացդ պատիւովդ շահիլ փորձես, այն ատեն, մէյ մը անձնագիրիդ կը նային, մէյ մըն ալ իրարու երես, ու կը մռլտան։

«Սիճիլդ աղտոտ է․ գործ չկայ»։

— Այսպէս, տղամա՛րդ, բախտի մի՛ ձգեր ինքզինքդ, առջեւդ ահագին կեանք մը կայ տակաւին եւ ո՜վ գիտէ, թերեւս ալ փայլուն ապագայ մը կը սպասէ քեզի։ Կեանքը տարօրինակ է․ պզտիկ բանի մը ետեւէն կʼիյնաս ու կը տեսնես թէ ամէն բան կորսնցուցեր ես։

Ես, առաջին գողութիւնս հացի մը համար ըրի։ Շաբաթներով անգործ պտըտելէ յետոյ, կէսօր մը, գործ խնդրելու համար խանութ մը մտայ։ Հաստափոր մարդ մը գրասեղանին վրայ ափսէ մը դրած, չորս հինգ պնակ կերակուրը առջեւը շարած էր։

Մայրս տունը անօթի էր, իսկ պզտիկ քոյրս —մեծը արդէն նոր մեռած էր— դպրոց չէր երթար՝ կօշիկ չունենալուն համար։ Իսկ ստամոքսս անօթութենէն առաւօտուընէ ի վեր կը ճմլուէր։

Ըսի մարդուն թէ գործ կը փնտռէի։ Բեռնակրութեան պէս բան մըն ալ եթէ ըլլար, պատրաստ էի ընելու։ «Գալ շաբաթ անգամ մը հանդիպէ՛» ըսաւ, հաւու մը ճուռը կրծելով։ Ի զուր ջանացի հասկցնել թէ տունը հացի սպասողներ կային։ Ուստի, եթէ կարելի էր, աւելի շուտ պատասխանէր։ Բարկացաւ ու հայհոյելով զիս դուրս վռնտեց։ Արժանապատուութիւնս —որ ամէն բանէ բարձր էր ինծի համար— վիրաւորուած էր։ Մէկ բռունցքով պարկերուն վրայ գլորեցի զայն։ Յետոյ աչքերս բաց դրամարկղը նշմարեցին։ Կայծակի արագութեամբ որոշում տուի․ գզրոցին բոլոր դրամները գրպանս լեցուցի ու դուրս խոյացայ։

Նախ փուռ հանդիպեցայ, յետոյ նպարավաճառին ու անկէ ալ տուն գացի։ Մեքենաբար ըրի այս բոլորը։ Մայրս խաբեցի, ըսելով թէ գործ գտայ եւ կանխիկ դրամ առի։ Սակայն դեռ սեղանէն չէի ելած, երբ ոստիկանները դուռը զարկին։

Վար իջայ, սանդուխին գլուխը շուարած մնացած մօրս ու քրոջս «մնաք բարով» ըսի ու դուռը քաշեցի։

Ա՛լ անկէ ետք անգամ մըն ալ չտեսայ մայրս։ Բանտարկութեանս առաջին շաբաթը զիս տեսնելու եկեր է, սակայն «քարանթինան է» ըսելով չեն արտօներ։ Երկրորդ անգամ մը գալն ալ տեսնող չէ եղեր։

Երբ բանտէն ելայ, տունը դատարկ գտայ։ Մայրս կսկիծին չկարենալով տոկալ, իմ բանտարկութենէս շաբաթ մը յետոյ մեռեր էր։ Քոյրս ալ գլուխը առեր ու չէին գիտեր թէ ուր գացեր էր։

Տունին ամբողջ կարասին —արդէն ինչէ՞ կը բաղկանար ործախեցի ու մեկնեցայ այդ փողոցէն։

Անգամ մըն ալ հոն չհանդիպեցայ։ Գործ փնտռեցի քանի մը տեղ, սակայն ամէն մարդ անձնագիրս տեսնելէ ետք կասկածոտ աչքերով նայեցաւ ինծի։

Գրպանիս դրամը շուտ հատաւ։ Եղանակը ամառ էր․ նախ վերարկուս ծախեցի։ Յետոյ, պանդոկին հաշիւը մաքրելով, սկսայ սրճարաններու մէջ լուսցնել։

Ի վերջոյ ես ալ քեզի պէս հոս ինկայ։ Սակայն, այն ատեն Իպօ մը չկար որ զիս խրատէր։ Ալի աղբարիկը —որ այն ատեն պետն էր այստեղի դատարկապորտներուն եւ որ բոլորին կողմէ ալ «աղբարիկ» կը կոչուէր— շուտով սորվեցուց ինծի թէ ինչպէս կարելի էր քսակ մը գողնալ հաստափոր մարդու մը կամ խեղճ գիւղացիի մը գրպանէն, կամ ինչպէս կարելի էր դրամի փոխարէն մարդ ծեծել եւ նոյնիսկ վիրաւորել։

Ասիկա, նախ, դժուար եկաւ ինծի։ Սակայն, ապրելու համար ուտել պէտք էր եւ առաջին օրերուն Ալի աղբարիկն էր որ ինծի հացի դրամ կու տար, անշուշտ «գործ»ի մը փոխարէն։ Արդէն անկէ վերջ ալ շուտ վարժուեցայ…

Ա՛լ այս գործը ասպարէզ մը եղաւ ինծի համար ու բանտ մտնելն ու ելլելն ալ բարեկամ կամ ազգականները այցելելու պէս բան մը։ Ու շատ չանցած՝ արդէն մէկ ոտքս հոս էր, միւս ոտքս՝ բանտը։

Ահա՛ այսպէս, երիտասա՛րդ, երեք դատարկապորտներ ենք։ Աշխարհիս վրայ, այս աւերակներէն ու բանտէն զատ ոչ մէկ տեղ կʼընդունի մեզ։ Բնաւ կասկած մի՛ ունենար որ քո՛ւ ալ ըլլալիքդ աս է, եթէ հոս մնաս։ Սակայն փառք տուր Աստուծոյ որ Սեւ Սիրտ Իպօն հանեց դէմդ։ Կրցայ քիչ շատ հասկցնել քեզի, այնպէս չէ՞։ եւ կը կարծեմ թէ արդէն իսկ որոշումդ տուած ես…

Դատարկապորտները այն գիշեր հիւր մը ունեցեր էին։ Իպօ, ցուրտէն պատսպարելու համար, անկիւնի իր տեղը անոր տուեր էր։

Երբ առտու եղաւ, հիւրը արդէն գացեր էր։ Գոհ եւ ուրախ էր Սեւ Սիրտ Իպօն, որ կրցած էր օգուտ մը ունենալ մէկուն, մէկ մասնիկին այն մարդկութեան, որ «Իպօ»ներու գոյութիւնը արատ մը սեպած էր իր ճակտին։

Այսօր
28.02.1948
(«Այսօր»ի Պատմուածքներու մրցումին՝ երկրորդը)
  1. Թէրքոզ Լիճ, որ գլխաւոր ակն է Ստանպուլ քաղաքի ջուրի ցանցին։ Հոս կʼակնարկուի փողոցի անկիւնի աղբիւր մը՝ Թէրքոզի ցանցին կապուած։