«Հիւանդութեան Մետաքսեայ Շրջազգեստի Եւ Պատուոյ Մասին»–ի խմբագրումների տարբերություն
(Նոր էջ «{{Վերնագիր |վերնագիր = Հիւանդութեան մետաքսեայ շրջազգեստի եւ պատուոյ մասին |հեղինակ = Երուանդ Կոպէ...»:) |
(Տարբերություն չկա)
|
Ընթացիկ տարբերակը 01:17, 17 Նոյեմբերի 2015-ի դրությամբ
հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան |
Մսավաճառները, կիրակի օրերը կէսօրին կը գոցեն իրենց խանութները։ Անոնք, որոնք շաբաթ իրիկուն չեն կրցած գնել իրենց պէտք եղած միսը, կիրակի առաւօտ մինչեւ կէսօր կը գնեն։ Ամառը մանաւանդ, երբ օդերը տաք կʼըլլան, դժուար կʼըլլայ միսը մէկ երկու օր պահել տուներու մէջ։ Այնպէս որ, երբ կիրակի առաւօտ կամ կէսօրուան մօտ գնեն, ցերեկուան եւ իրիկուան համար թարմ միս կʼունենան։ Այն պատմութիւնը, զոր պիտի պատմեմ հիմա ձեզի, դարձեալ այդպիսի օրով մը պատահեցաւ, գրեթէ ասկէ շաբաթ մը առաջ։
Երբ մսավաճառին խանութը մտայ, ժամը տասնըմէկուկէսը անցած էր եւ ինձմէ առաջ ալ երկու կին յաճախորդներ կարգի կը սպասէին։ Անոնցմէ առաջ, ուրիշ կին մը կար, որուն ապսպրանքները արդէն պատրաստուելու վրայ էին։ Առաջին կինը, որու համար ըսի թէ ապսպրանքները կը պատրաստուէին, երբ գործը լրացաւ՝ ծրարները առաւ, հաշիւը վճարեց ու գնաց։
Հիմա, կարգը միւս երկու կիներուն եկած էր։
Չէի գիտեր թէ անոնցմէ որո՞ւնն էր կարգը։ Մէկը, որ գունաւոր մանթօ մը հագած էր, անոր տակէն հագած աւելի հալումաշ շրջազգեստը ծածկելու համար, կը պատրաստուէր իր ապսպրանքը տալու։ Ասկէ կը հետեւցնէի, թէ կարգը անորն էր։ Իսկ միւսը, որ քառասուն քառասունըհինգ տարու կʼերեւէր եւ մեծ խնամքով շպարուած էր, մետաքսեայ շքեղ շրջազգեստ մը կը կրէր եւ թեւերն ու մատները բեռնաւորուած էին արժէքաւոր ապարանջաններով ու մատանիներով։ Ասիկա ալ անհամբերութեան նշաններ ցոյց կու տար ու ջղային շարժումներով կʼերթար կու գար շարունակ խանութին երկայնքին։ Ան ալ իր կարգին կը պատրաստուէր իր ապսպրանքները տալու։
— Ինծի երկուհարիւրյիսուն կրամ կովու միս, քսանըհինգ ղրուշի ալ ոսկորի կտորուանք, ըսաւ վերջապէս գունաւոր մանթոյով կինը՝ դէպի մսավաճառին աշկերտը մօտենալով։ Բաւական սպասեցի, պզտիկս տունը մինակ է։
— Նիքօ՛, նայէ Ֆաթմա Հանըմը ի՞նչ կʼուզէ, ըսաւ այդ միջոցին մսավաճառը՝ աշկերտին ձայնելով։ Յետոյ, մետաքսեայ շրջազգեստաւոր եւ խնամքով շպարուած կնոջ դառնալով հարցուց․ հրամմեցէ՛ք, Ֆաթմա Հանըմ, ի՞նչ կʼուզէիք։
— Ասանկ՝ տասը տասներկու կտորի չափ կողիկ, պատասխանեց Ֆաթմա Հանըմ ապարանջանները շխրտացնելով։ Քանի մը հատ երիկամ, կէս քիլօ, եօթըհարիւրյիսուն կրամի չափ ալ իւղոտ կողմէն՝ քաշուած միս։
— Իմ գործս տեսնէիք, միջամտեց առաջին կինը ցած ու տկար ձայնով մը։ Նախ իմ գործս տեսնէիք մասթօրի, եթէ կարելի էր։ Պզտիկս տունը առանձին է․ կրակ ալ դրած եմ որ մինչեւ միսը տանիլս՝ բռնէ։ Ամուսինս պառկած է․ տակաւին այս ժամէն վերջ ոսկոր պիտի խաշեմ ու հիւանդի ապուր պատրաստեմ։ Արդէն բաւական սպասեցի։
— Նիքօ՛, ըսաւ այս անգամ վարպետը աշկերտին դառնալով։ Դուն Ֆաթմա Հանըմին նայէ, ըսի։ Եւ կամ, դուն անոր միսը եւ ոսկորները տուր, ես կը նայիմ։ Հրամեցէ՛ք Ֆաթմա Հանըմ։
— Տասը տասներկու կտոր կողիկ, ըսաւ Ֆաթմա Հանըմը քիչ մը ջղայնացած այս երկրորդ անգամ ապսպրելու ձանձրոյթէն։ Քանի՞ անգամ պիտի ըսենք։ Տասը տասներկու կտոր կողիկ, քանի մը հատ երիկամ, կէս քիլօ, եօթըհարիւրյիսուն կրամի չափ ալ իւղոտ կողմէն՝ քաշուած միս։
— Կողիկը եւ երիկամները կարելի է տալ, սակայն քաշուած միսը՝ դժբախտաբար, Ֆաթմա Հանըմ։ Նիքօ՛, տակաւին չլմնցա՞ւ գործդ, այդքան բանով կʼարժէ՞ ասանկ գործի ժամանակ այդքան զբաղիլ։ Տո՛ւր թող երթայ։ Միշտ ալ այսպէս գործի ատեն կու գայ։ Քիչ մը կանուխ եթէ գան՝ չէր ըլլար կարծես։ Նայէ՛, Ֆաթմա Հանըմը ի՛նչ կʼուզէ։ Տասը տասներկու կտոր կողիկ պատրաստէ։ Ես ալ, լաւ երիկամներէն զատեմ քանի մը հատ։ Շատ սպասեց Ֆաթմա Հանըմը։ Ժամն ալ տասներկուքը եկաւ։ Տակաւին պարոնն ալ կայ։
— Ոսկորը չտուիր, ըսաւ առաջին կինը քիչ մըն ալ վախնալով կարծես չախ լսելէ։ Քսանըհինգ ղրուշի ալ ոսկորի կտորուանք ուզեր էի։
— Միշտ ալ գործի ժամանակ կու գաք, ըսաւ վարպետը դարձեալ բարկանալով։ Միշտ ալ գործի ժամանակ կու գաք։ Քիչ մը կանուխ եթէ գալու ըլլաք, չէր ըլլար կարծես։
Յետոյ, ծռեցաւ, սեղանին տակէն քանի մը կտոր ոսկոր հանեց, պատէն կեռէ մը կախուած թուղթերէն թերթ մը փրցուց, բթամատը թքոտելով՝ ոսկորները վրան դրաւ, քշեց Նիքոյին առջեւը ու ըսաւ․
— Սաւոնք ալ փաթթէ ու ելլէ, երթայ։
Ասկէ վերջ, Ֆաթմա Հանըմին դառնալով, ըսաւ․
— Կողիկն ու երիկամները տանք Ֆաթմա Հանըմ։ Սակայն քաշուած միսը անկարելի է։ Որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնէք, մեքենան քակած ենք։
— Ա՜խ, ըսաւ Ֆաթմա Հանըմ չփացած տղոց պէս տարօրինակ ձայնով մը եւ վիզը ծռելով։ Մինչդեռ, դուն գիտես թէ ես ամէն օր միս քաշել կու տամ։
— Սակայն, հիմա մեքենան քակեցինք այլեւս, ըսաւ վարպետը դարձեալ։ Կը տեսնէք թէ քակուած է մեքենան։ Գիտէք, օդերը տաք են, միսը քաշուած ատեն ալ կը տաքնայ քիչ մը, եթէ ամէն օր չքակենք ու չմաքրենք մեքենան, դանակներուն բերանը մնացած միսը կը հոտի։ Նոյնիսկ ամառը, երբ օդերը աւելի տաքնան, օրը երկու անգամ կը քակենք մեքենան։ Անպայման կը հոտի մինչեւ առաւօտ։ Իսկ հիմա, քանի որ այսօր կիրակի է, կէսօրին պէտք է գոցել խանութը։ Եթէ չմաքրենք, մինչեւ վաղը առտու չի՞ հոտիր դանակներուն վրայ ու մեքենային մէջ փակչած միսը։
— Ի՞նչ ընեմ, ըսաւ Ֆաթմա Հանըմ դարձեալ շփացած տղոց պէս։ Ես քաշուած միս կʼուզեմ։
— Դո՛ւք ըսէք, ըսաւ վարպետը այս անգամ աղաչական շեշտով մը։ Դո՛ւք ըսէք, Ֆաթմա Հանըմ։ Ի՞նչ կրնամ ընել։ Դո՛ւք ըսէք եւ ես ընեմ։
— Չեմ գիտեր, ես քաշուած մի կʼուզեմ, թզկաց դարձեալ Ֆաթմա Հանըմ։
— Պզտիկ պզտիկ կը մանրենք, ըսաւ վարպետը։ Շատ պզտիկ պզտիկ կը մանրենք․ Ճիշդ մեքենայէ քաշուածի պէս կʼըլլայ։ Ի՞նչ կʼըսէք։ Ես հիմա Նիքոյին մանրել կու տամ։
— Ես մեքենայէն քաշուած կʼուզե՜մ։ Դանակով մանրուածը ես ի՞նչ ընեմ։ Մինչդեռ դուն գիտես թէ՝ ես ամէն օր մեքենայէն քաշուած միս կը գնեմ։
— Այո՛, սակայն մեքենան քակեցինք այլեւս Ֆաթմա Հանըմ, ըսաւ դարձեալ վարպետը մեծ համբերութեամբ։ Մեքենան քակեցինք անգամ մը․ ձեռքէս ի՞նչ կու գայ։
— Ես մեքենայէ քաշուած միս կʼուզեմ, կրկնեց Ֆաթմա Հանըմ անգամ մըն ալ ու աւելցուց․ քանի որ քաշուած միս չկայ, ես ալ կʼերթամ, ուրիշ տեղէ կʼառնեմ։ Թող կողիկն ալ մնայ, երիկամներն ալ։ Կʼերթամ, բոլորն ալ ուրիշ տեղէ կʼառնեմ։
— Հիմա ամէն տեղ մեքենաները քակած կʼըննալ, ձայնեց վարպետը Ֆաթմա Հանըմին ետեւէն, որ ջղայնացած, կօշիկներուն կրունկները ուժգին գետին զարնելով, դուրս կʼելլէր խանութէն։
— Թող ըլլայ, ըսաւ Ֆաթմա Հանըմ դրան առջեւէն առանց ետին իսկ դառնալու։ Թող ըլլայ։ Կողիկն ու երիկամներն ալ չեմ ուզեր եւ անգամ մըն ալ ձեր խանութը ոտք չեմ կոխեր։
Երբ Ֆաթմա Հանըմ կօշիկներուն կրունկները ուժգին գետին զարնելով եւ ջղայնացած հեռացաւ մսավաճառին խանութէն ու դիմացի մայթը անցաւ, վարպետը ըսաւ անոր ետեւէն․
— Մինչեւ դժոխք ճամբայ ունիս։
Ասիկա Ֆաթմա Հանըմը չիմացաւ բնականաբար։ Արդէն անոր իմացնելու համար ալ չէր ըսուած։ Հիմա կարգը իմս էր։ Նիքոյին դառնալով ըսաւ․
— Նիքօ, պարոնը մի՛ սպասեցներ։ Նայէ ի՞նչ կʼուզէ։ Հրամմեցէք պարոն։
Յետոյ, երբ ես ապսպրանքս կու տայի Նիքոյին, վարպետը կը խօսէր տակաւին։
— Մինչեւ դժոխք ճամբայ ունիս, անպատիւ կին։ Ժամերով սլքտկալուդ՝ թող ժամ առաջ գայիր, գնելիքներդ գնէիր։
Անկէ վերջ, ինծի դառնալով շարունակեց․
— Անպատիւ է։ Կաւատ է։ Ամէն մարդ գիտէ ասիկա։ Կաւատներուն ալ մեծն է։ Քանի անգամ փակուեցաւ տունը։ Քանի՜ քանի տեղեր ժամադրատուն կը բանեցնէ։ Ամէն մարդ գիտէ ասիկա։ Հիմա, դո՛ւք ըսէք, խնդրե՛մ, իրաւունք չունի՞մ։ Առտուընէ ի վեր քսան անգամ անցաւ խանութին առջեւէն։ Փողոցները ասոր անոր հետ շաղակրատելուն, չէ՞ր ըլլար որ գար եւ գնելիքը գնէր։ Գործը ի՞նչ է ամբողջ օրը։ Կաւատին գործը ի՞նչ կʼըլլայ։ Հիմա այս մեքենան կազմել կայ, լեցնել կայ, դարձեալ քակել կայ, մաքրել կայ։ Ասկէ զատ, ձգենք կազմելն ու քակելը, առնուազն՝ երեք չորս հարիւր կրամ միս կʼուտէ այս մեքենան։ Դանակներուն վրայ պիտի փակչի, մեքենային բոլորտիքը պիտի փակչի։ Միսը չքաշած պիտի ուտէ երեք հարիւր, երեքհարիւրյիսուն կրամ մը, քաշելէն վերջն ալ այդքան առ քեզի մէկուկէս երկու ոսկիի վնաս։ Ո՞վ պիտի տայ մեր այս վնասը մեզի։ Եթէ չմաքրենք, կը հոտի այդ փակչած միսը։ Հիմա դուն, անպատի՛ւ կին, փոխանակ փողոցները սլքտկալու, եթէ ժամ առաջ գայիր եւ առնելիքդ առնէիր ու անկէ վերջ ասոր անոր հետ ճամբաները շաղակրատէիր, չէ՞ր ըլլար։ Ըսէք, դո՛ւք ըսէք, չէ՞ր ըլլար։
Անշո՛ւշտ թէ կʼըլլար, բայց ինքը —վարպետը— ինչո՞ւ այդքան համբերատար եղեր էր գործի ժամանակ, երբ ուրիշ յաճախորդ մը կարգի կը սպասէր։
- Դէպի Լոյս
- 02.06.1951
- Դէպի Լոյս