Մուշեղ Իշխան
Թարգմանություններ
- Եթէ — Ռադյըրդ Քիպլինգ֊ի հանրահայտ բանաստեղծության թարգմանություն։
Բանաստեղծություններ
Նամակ Կաղանդ Պապային
Թուղթուգիր
Կաղանդ պապա,
Իմ այս նամակս առաջին
Քեզ կը գրեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին։
Ուր ալ ըլլաս,
Պիտի անշուշտ զայն կարդաս
Եւ անհամբեր պիտի բռնես դուն կրկին
Մեր տան ծանօթ հին ուղին։
Քեզ չեմ մոռցած,
Ինչպէ~ս կրնամ մոռնալ քեզ․
Ամէն գիշեր,երբ քնանամ, դուն յանկարծ
Մօտս կուգաս եւ կը սարքես մեծ հանդէս,
Իսկ ցերեկներն ալ թէեւ
Կը հեռանաս մեր քովէն,
Կ'ըլլաս երազ, կ'ըլլաս երկինք ու արեւ,
Բայց սրտաթունդ միշտ կը լսեմ ես նորէն
Քու ոտնաձայնդ հեռուէն...
Պէտք է դուն ալ մեծ կարօտով զիս յիշես․
Քանի՞ մանչուկ ինծի պէս
Կրնաս գտնել դուն այսօր
Քու փայփայած մանուկներուդ մէջ բոլոր…
Մի հաւատար իմ մասին
Թռչուններու բերած այդ սուտ լուրերուն,
Ես տիպարն եմ ամէնուն,
Հեզն ու բարին
Եւ ամենէն արժանին՝
Հրաշազան նուէրներուդ գոյնզգոյն…
Յանուն փառքիդ անսահման
Եւ փառաշուք մօրուքիդ՝
Որքան ուզեն՝ լաւ խոստումներ կուտամ միշտ
Ծնողներուս սիրական․
Լացող տղան
Ես չեմ , պապիկ ,այլ անպիտան սատանան,
Որ կը վանեմ մէջէս դուրս
Եւ կը դառնամ համակ ժպիտ, համակ լոյս:։
Մայրս կ'ըսէ որ այս տարի
Քիչ մը հոգի եւ քիչ մը խելք ու շնորհ
Բերես ինծի,
Բայց չլսես դուն անոր․
Խելք ու շնորհ՝
Այնքա~ն ունիմ որ կը բաշխեմ ես ձրի…
Կողովիդ մէջ խորհրդաւոր
Լեցուր շուտով ինձ համար
Շաքար ու միրգ ու խաղալիք անհամար։
Կաղանդ պապա,
Որքան կրնաս շուտ եկուր,
Ալ չեմ վախնար, ես կը սիրեմ քեզ հիմա․
Դուն մի նայիր իմ բառերուս կցկտուր,
Դէմքիս գոյնին ու քայլերուս դողահար։
Ձեռքդ վստահ մօտեցուր
Իմ բոցավառ շրթներուն,
Որքան ատեն զայն երկարես լեփ լեցուն՝
Կը համբուրեմ անպատճառ,
Նոյնիսկ կ'երգեմ քեզ համար
Ու չեմ դպիր քու մօրուքիդ թելերուն…
Երբ մեզի գաս եւ Կաղանդի բերես տօն,
Չըլլայ մոռնաս դուն նաեւ
Մեր դրացի Տիգօն, Մարօն եւ Կարօն,
Որոնք ունին շատ բարեւ
Եւ որոնց հետ ծեծ ու կռուի բարեկամ՝
Ես միասին կը խաղամ։
Հայրս կ'ըսէ՝ Մասիսն է լոկ մեծ ընծան,
Որ դուն օր մը կրնաս բերել հայ տղոց,
Որուն մէջ կայ ամէն բան —
Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ,
Կրակ ու բոց,
Հսկայ շուներ պահապան,
Շղթայակապ հին քաջեր
Եւ հրեղէն նժոյգներ…
Կաղանդ պապիկ, ես այդ Մասիսը կ'ուզեմ,
Դիր անիւներ ոտքին տակ
Ու համարձակ քշէ մեր տունը շիտակ,
Բեր ինձ նուէրն այդ վսեմ։
Օ մի վախնար, չեմ կոտրեր,
Զայն կը պահեմ սրտիս դէմ՝
Իբրեւ բարի հրեշտակ
Եւ գահակալ իբրեւ հզօր բռնատէր։
Կ'ըսեն որ դուն ամէն տարի Մասիսէն
Կուգաս արդէն․
Մազերդ ամբողջ բամպակ ու ձիւն են դարձեր՝
Իր ձիւներուն մէջ անհուն։
Ափսոս որ շատ ես դուն ծեր,
Բեռներու տակ, կորաքամակ, դողդոջուն.
Ափսոս որ չես կրնար դուն
Քալել արագ գայլիկներու նման վէս
Եւ կ'ուշանաս միշտ այդպէս։
Ինչո՞ւ սակայն ոտքով կ'երթաս տունէ տուն
Ու չես առներ ի վերջոյ
Կամ օդանաւ, կամ օթօ։
Աստուած պապա, Կաղանդ պապա, Տէր պապա,
Մերթ բացակայ, մերթ ներկայ
Մեր քովն էք դուք եւ ամպերուն մէջ անհետ․
Ես դեռ յաճախ կը շփոթեմ իրար հետ
Ձեր կերպարանքը հսկայ․
Բայց մէջերնին դուն լաւագոյնն ես կարծեմ,
Առատաձեռն ու բարին,
Ահա ինչու իմ այս նամակս առաջին
Սիրով քեզի կը ղրկեմ…