Վեր դարձած շրթունքով մարդը

Գրապահարան-ից
18:31, 16 Նոյեմբերի 2016 տարբերակ, Noch (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Վեր դարձած շրթունքով մարդը

հեղինակ՝ Ա․ Գանօն Տօյլ
թարգմանիչ՝ Ժ․ Շ․
աղբյուր՝ «Շերլօք Հօլմսի Նոր Արկածները»

Իսա Ուիթնէյ, եղբայր հանգուցեալ Էլիէս Ուիթնէյի, տոքթոր աստուածաբանութեան, գլխաւոր ուսուցիչ Սէյնթ Ճօրճի աստուածաբանական վարժարանին, ինքզինքը հաշիշի տուած էր։ Կʼերեւայ թէ այս մոլութիւնը ստացաւ քօլէճին մէջ, ծիծաղելի չարաճճիութեան մը հետեւանքով։ Քուինսէյի երազներուն եւ զգայնութիւններուն նկարագրութիւնը կարդացած էր եւ միեւնոյն արդիւնքները յօգուտ իրեն առաջ բերելու համար, լօտանոսով (աֆիօն րուհու) ողողած էր իր ծխախոտը։ Ուրիշ շատերու պէս տեսաւ որ աւելի դիւրին է սովորութիւն մը ստանալ քան թէ ազատիլ անկէ եւ ինք որ յարգելի մարդ մը եղած էր, այդ կիրքին ազդեցութեան տակ քանի մը տարուան մէջ սոսկումի եւ կարեկցութեան առարկայ եղաւ իր ազգականներուն եւ բարեկամներուն համար։ Տակաւին կը տեսնեմ զայն, նստած, ինք իր վրայ ամփոփուելով։ Կը տեսնեմ իր դեղին եւ թանձրացած գոյնը, իր ծանր արտեւանունքները, իր բիբերը, որոնք գնդասեղի ծայրերու ծաւալը առած էին, —մէկ խօսքով աւերումի պատկերը։

Գիշեր մը, —1889 Յուլիսին էր—, դուռը զարկին գրեթէ ա՛յն ժամուն, ուր կարգապահ մարդ մը կը սկսի յօրանջել եւ ժամացոյցը կը նայի։ Աթոռին վրայ շտկուեցայ եւ կինս իր ձեռագործը ծունգերուն վրայ ձգեց, սրտնեղութենէն քիչ մը խոժոռած դէմքով։

— Յաճախորդ մը, ըսաւ։ Պիտի ստիպուիք դուրս ելլել։

Խորին հառաչանք մը արձակեցի, որովհետեւ այն օրը յոգնած էի եւ հանգիստի կը կարօտէի։

Դուռը բացուեցաւ։ Աճապարանքով արտասանուած քանի մը խօսք եւ նրբանցքին մէջ արագ ոտնաձայներ լսեցինք։ Սրահ մտցուցին մութգոյն շրջազգեստ մը հագած կին մը․ որուն դէմքը սեւ քօղի մը տակ ծածկուած էր։

— Ներեցէք այսչափ ուշ ատեն գալուս, ըսաւ։

Յետոյ, ինքզինքը չկրնալով զսպել, կնոջս գիրկը նետուեցաւ եւ անոր ուսին վրայ հեծկլտաց։

— Օ՛հ, ո՜րչափ դժբախտ եմ, ըսաւ։ Քիչ մը օգնութեան պէտք ունիմ։

— Ի՜նչպէս, ըսաւ կինս անոր քօղը վեր առնելով, բայց Քէյթ Ուիթնէ՜յն է ասիկա։ Ո՜րչափ վախցուցիք զիս, Քէ՛յթ։ Ներս մտած ատեննիդ բնաւ չճանչնցայ ձեզ։

— Սոսկալի կացութեան մը մէջ եմ։ Այլ եւս ի՛նչ ընելս չեմ գիտեր։ Ուստի ձեզ գտնելու եկայ։

Այս խօսքը նոր չէր ինծի համար։ Կինս վշտահաբներուն ապաւէնը եւ խորհրդատուն եղած էր երկար ատենէ ի վեր։

— Աղէկ ըրիք որ եկաք, ըսաւ անոր։ Քիչ մը ջուր եւ գինի խմեցէք կազդուրուելու համար։ Հանգստաւէտ աթոռի մը վրայ նստեցէք եւ ձեր վիշտը պատմեցէք ինծի։ Կʼուզէ՞ք որ Ժաք հեռանայ։

— Ո՛չ, ո՛չ, տոքդորին կարծիքին ու նաեւ օգնութեանը պէտք ունիմ։ Իսայի համար է։ Երկու օրէ ի վեր տուն դարձած չէ։ Կը վախնամ որ ցաւալի բան մը պատահած է անոր։

Առաջին անգամը չէր որ կը խօսէր մեզի իր ամուսինին հիւանդութեանը վրայ, ինծի՝ իբրեւ տոքդոր եւ կնոջս՝ իբրեւ դպրոցական վաղեմի բարեկամուհի։ Ամէն ջանք ըրինք զինքը հանդարտեցնելու եւ կազդուրելու համար, միեւնոյն ատեն հարումներ ընելով ամուսինին գտնուելիք տեղւոյն եւ զանիկա իր տունը վերադարձնելու կարելիութեան վրայ։

Ըսաւ թէ ստոյգ աղբիւրէ գիտէ որ իր վերջին տագնապին միջոցին Լոնտոնի արեւելեան թաղը գտնուած հաշիշի ծխարանի մը սովորական յաճախորդը եղած էր։ Մինչեւ այն ատեն իր շուայտութիւնները մէկ օրուան բացակայութեան մէջ կը սահմանափակուէին։ Իրիկունը կը դառնար գինով վիճակի մէջ։ Բայց այս անգամ 48 ժամէ ի վեր կը գտնուէր իր ցաւալի մոլութեան ազդեցութեան ներքեւ։ Եւ այդ ծխարանին մէջ պիտի գտնուէր, թոյն ներշնչելով կամ քնանալով, մինչեւ որ աֆիօնին ազդեցութիւնը անցնի եւ ասիկա՝ անարգ ու վատթար մարդոց միջեւ։ Դէպի «Ոսկի կապելան» էր, Ըբբըր Սուէնտէմ Լէնի մէջ, ուր պէտք էր ուղղել հետազօթիւնները։ Բայց ի՞նչ ընելու էր։ Երկչոտ կին մը ի՞նչպէս կրնար այդպիսի տեղ մը մտնել եւ ամուսինը հարկադրել որ սրիկաներու այդ որջէն մեկնի։

Այս էր իր այցելութեան նպատակը, յուսալով թէ պիտի կրնայի իրեն ընկերանալ այդ անիծեալ վայրին մէջ։ Յետոյ, կարծիքը փոխելով, նկատեց թէ վերջապէս իր ներկայութիւնը օգուտ մը չունէր եւ թէ ես՝ Իսա Ուիթնէյի բժշկական խորհրդատուն՝ աւելի ազդեցութիւն պիտի ունենայի անոր վրայ։ Լաւագոյն էր ուրեմն որ ես առանձին երթայի։ Խօսք տուի ամուսինը կառքով մը ղրկել իրեն, եթէ գտնէի զայն իր նշանակած տեղը։ Տասը վայրկեան ետք թիկնաթոռէս ելած եւ հանգստաւէտ սրահէս հեռացած էի կառքով դէպ ի քաղաքին արեւելակողմը երթալու համար տարօրինակ պաշտօնով մը, ըստ երեւոյթին նուազ տարօրինակ քան որչափ չեղաւ իրականութեան մէջ։

Ձեռնարկիս առաջին մասը շատ պարզ եղաւ։ Ըբբըր Սուէնտէմ֊Լէն գարշելի փողոց մըն է, ծածկուած այն բարձրաբերձ մթերանոցներուն ետեւ, որոնք Լընտըն֊Պրիճի արեւելակողմը, գետին հիւսիսային եզերքին վրայ կը գտնուին։ Ըմպելիներու վաճառատան մը եւ ճինօղիի խանութի մը միջեւ, ուր կարելի էր երթալ քարէ ցից սանդուղով մը որ նկուղի մը մուտքին պէս սեւ ծակի մը կը յանգէր, փնտռած որջս գտայ։ Կառապանիս հրամայելով ինծի սպասել, իջայ սանդուղէն, որ գինովներուն յարատեւ անցքին հետեւանքով մաշած էր, եւ դրան վերեւ կախուած իւղի դողդոջուն կանթեզի մը լոյսով, մղլակը վերցուցի եւ խարխափելով մտայ երկար ցած սենեակ մը, որուն մթնոլորտը թանձրացած էր աֆիօնի թխորակ ծուխով։ Փայտէ անկողիններ, որոնք պատշգամբաձեւ որմածք մը կը կազմէին, չորս կողմը իրարու վրայ շարուած էին, ինչպէս կʼըլլայ, գաղթականներու նաւի մը յառաջակողմի բարձրաւանդակին վրայ։

Այս շոգիին մէջէն տարտամ կերպով կը նշմարուէին ուրուանկարներ, որոնք ամէնէն երեւակայական ձեւերը կը ներկայացնէին, — կորաքամակ ուսեր, ծալլուած ծունգեր, դէպի ետեւ ձգուած գլուխներ ամբանացած կերպարանքով մը եւ հոս ու հոն մռայլ եւ աղօտ աչք մը դէպի դուռը ուղղուած։ Ստուերի շրջանակէն կը ցայտէին պզտիկ կէտեր, աւելի կամ նուազ լուսաւոր, մետաղէ ծխամորջերու մէջ վառած կամ մարած թոյնին համեմատ։ Ծխողներն շատերը պառկած էին եւ չէին խօսեր։ Բայց ոմանք իրենց երազները կը մրմռային եւ ուրիշներ ալ իրենց մտածումները կը փոխանակէին տարօրինակ, խուլ եւ կցկտուր ձայնով մը։ Ասոնք յանկարծ կանգ կʼառնէին եւ իրենց խոկումներուն մէջ կը խորասուզուէին առանց դրացիին պատմածովը զբաղելու։ Սենեակին դիմացի կողմի ծայրը նշմարեցի վառած ածուխի պզտիկ հնոց մը եւ անոր շատ մօտը, փայտէ եռոտանիի մը վրայ, նիհար մարդ մը, որուն ծնօտը ձեռքերուն վրայ կը հանգչէր։ Արմունկները ծունգերուն կրթնցուցած էր եւ աչքերը կարծես թէ կրակէն առինքնուած էին։

Ներս մտած ատենս, Մալայացի տժգոյն սպասաւոր մը փութացած էր ծխամորջ մը եւ աֆիօնի պաշար մը ներկայացնել ինծի, հրաւիրելով զիս տարածուիլ պարապ անկողնի մը վրայ։

— Շնորհակալ եմ, ըսի, ես հոս եկած եմ ո՛չ թէ մնալու, այլ տեսնելու համար բարեկամներէս մէկը՝ Մր․ Իսա Ութինէյը, որուն հետ խօսելիք ունիմ։

Աջակողմէս մէկը յանկարծական շարժում մը ըրաւ եւ ձայն մը հանեց։ Այն ատեն մութին մէջ տեսայ որ իմ առջեւս, սեւեռուն ակնարկով մը ինծի կը նայէր նոյն ինքն Ուիթնէյ, բայց տժգոյն, մոլորուն, անբանացած Ուիթնէյ մը։

— Մե՜ծդ Աստուած, Ուօթսընն է, ըսաւ։

Խեղճ մարդը սրտաճմլիկ վիճակի մը մէջ էր եւ ջիղերը վերջին ծայր գրգռուած էին։

— Ըսէ՛ք, Ուօ՛թսըն, ժամը քանի՞ն է, հարցուց։

— 11ին մօտ է։

— Ո՞ր օրուան։

— Յունիս 19ի ուրբաթ օրուան։

— Ահռելի՜ բան է։ Ես կը կարծէի թէ այսօր չորեքշաբթի է։ Ո՛չ, կը սխալիք, չորեքշաբթի է, այնպէս չէ՞։ Ինչո՞ւ կʼուզէք անարգ խաղ մը ընել ընկերոջ մը։

Գլուխը ուսին վրայ ծռեց եւ սկսաւ լալ։

— Ձեզի կʼըսեմ թէ այսօր ուրբաթ է, սիրե՛լիս։ Ձեր կինը երկու օրէ ի վեր ձեզի կը սպասէ։ Պէտք է ամչնայիք ձեր ընտանիքին համար։

— Արդարեւ կʼամչնամ։ Միայն թէ կը սխալիք, Ուօ՛թսըն, վասն զի քանի մը ժամ միայն անցուցի հոս։ Երեք, թերեւս չորս ծխամորջ խմեցի, չեմ յիշեր թէ ո՛րչափ է։ Բայց ձեզի հետ պիտի դառնամ։ Չեմ ուզեր սարսափեցնել Քէյթը, խե՜ղճ պզտիկ Քէյթը։ Ձեռքերնիդ տուէք։ Կառք ունի՞ք։

— Այո՛, դրան առջեւն է։

— Այն ատեն պիտի օգտուիմ։ Պէտք է սակայն որ հաշիւս մաքրեմ այս տեղ, Ուօ՛թսըն։ Կʼաղաչեմ, նայեցէք թէ պարտքս ի՛նչ է։ Ես այլեւս ոյժ չունիմ բան մը ընելու։

Մինչեւ խանութին տիրոջը քով երթալու համար, քնացողներու երկու շարքերուն միջեւ ազատ թողուած նեղ անցքը մտայ, շունչս բռնելով, որպէս զի աֆիօնի թունաւոր եւ թմրեցուցիչ շոգիները չներշնչեմ։

Նիհար մարդուն առջեւէն անցնելով, որ հնոցին քով նստած էր, զգացի ձեռք մը, որ բաճկոնէս կը քաշէր եւ լսեցի խուլ ձայն մը, որ կը մրմռար․ «Երբ իմ առջեւէս անցնիք երթաք, ետեւնիդ դարձէք ու ինծի նայեցէք»։

Ակնարկ մը ձգեցի չորս կողմս։ Այս խօսքերը խիստ որոշ կերպով արտասանուած էին։ Ծերունին միայն, որուն քով կը գտնուէի, կրնար արտասանած ըլլալ զանոնք։ Սակայն կը վարանէի այդպէս կարծելու, որովհետեւ այդ մարդը մտածումներու մէջ խորասուզուած կʼերեւար։ Ծայրայեղ նիհարութիւն մը ունէր, խորշոմած եւ տարիքէն կորաքամակ եղած։ Ծունգներուն միջեւ բռնած էր աֆիոնի իր երկար ծխամորջը, զոր կարծես թէ ձեռքէն ձգած էր յոգնութեան հետեւանքով։ Երկու քայլ յառաճացայ, յետոյ ետիս դարձայ։ Բայց մտքի բովանդակ ներկայութեանս պէտք ունեցայ աղաղակ մը զսպելու համար։ Ծերունին ա՛յնպիսի դիրք մը առած էր որ ես միայն կրնայի տեսնել զինքը։ Մարմինը նուազ նիհար էր, խորշումները անհետացած էին, աղօտ աչքերը նորէն փայլուն էին եւ այն անձը, որ առջեւս կը գտնուէր, հնոցին քով նստած, Շէրլօք Հօլմսն էր, այո՛, նո՛յն ինքն Շէրլօք Հօլմսը, որ իմ զարմանքիս վրայ կʼզբօսնուր։ Աննշմարելի նշանէ մը հասկցայ թէ պէտք է իրեն մօտենայի, բայց անիկա արդէն, իր կախ շրթունքովը, վերստացած էր մանկացեալ ծերունիի իր կերպարանքը։

— Հօ՛լմս, ի՞նչ կʼընէք հոս,, այս որջին մէջ, մրմռացի։

— Կարելի եղածին չափ ցած ձայնով խօսեցէք, ըսաւ։ Ականջներս սուր են։ Եթէ հոն գտնուած ձեր անբանացեալ բարեկամէն ձեր օձիքը ազատելու ծայրայեղ բարութիւնը ունենաք, շատ ուրախ պիտի ըլլայի վայրկեան մը ձեզի հետ խօսելով։

— Դրան առջեւ կառք մը ունիմ։

— Այն ատեն, կʼաղաչեմ, կառքը դրէք զայն եւ տունը ղրկեցէք։ Իրեն մասին կրնաք հանգիստ ըլլալ։ Շատ ընկճուան երեւոյթ մը ունի եւ յիմարութիւններ չի գործեր։ Խորհուրդ կուտամ նաեւ ձեզի որ կառապանին միջոցաւ ըսէք ձեր կնոջ թէ ես վար դրած եմ ձեզ։ Դուրսը սպասեցէք ինծի։ Հինգ վայրկեանէն կուգամ կը գտնեմ ձեզ։

Բան մը չէի մերժեր Շէրլօք Հօլմսին, որուն բոլոր խնդրանքները որոշ եւ ճշգրիտ էին եւ հանդարտ ու հեղինակաւոր շեշտով մը կʼըլլային։ Գիտէի նաեւ թէ երբ Ուիթնէյը կառք դնէի, պաշտօնս լրացած պիտի ըլլար, եւ միւս կողմէ կʼուրախանայի որ բարեկամիս հետ պիտի նետուիմ այն տարօրինակ արկածներէն մէկուն մէջ, որոնք իր գոյութեան միակ պատճառն էին։ Քանի մը րոպէի մէջ կարճ տոմսակ մը գրեցի կնոջս եւ Ուիթնէյի հաշիւը մաքրեցի։ Յետոյ Ուիթնէյը զետեղեցի կառքիս մէջ ու երբ տեսայ հեռանալը, համբերութեամբ սպասեցի Շէրլօք Հօլմսի։ Քանի մը վայրկեան ետք տեսայ որ աֆիօնամոլներու որջէն դուրս ելաւ զառամ ծերունիի երեւոյթով մարդ մը, որ մօտս եկաւ ու քով քովի իջանք փողոցն ի վար։ Պահ մը անստոյգ քայլով մը յառաջացաւ կռնակը ծռած։ Յետոյ յանկարծ ասդին դառնալով շտկուեցաւ եւ բարձր ձայնով խնդաց զուարթօրէն։

— Մտքէ պիտի անցընէիք, Ուօ՛թսըն, այնպէս չէ՞, ըսաւ, թէ աֆիօնի մոլութիւնն ալ աւելցուցած եմ քօքաինի ներմորթային ներարկումներուն եւ միւս բոլոր տկարութիւններուն վրայ, որոնց մասին հաճեցաք բժշկական հորիզոններ բանալ իմ առջեւս։

— Ապահովապէս շատ զարմացայ ձեզ այս տեղ գտնելով։

— Ես ձեզմէ աւելի զարմացայ զձեզ հոս տեսնելով։

— Ես բարեկամ մը փնտռելու եկայ։

— Ես ալ թշնամի մը։

— Թշնամի՞ մը։

— Այո՛, իմ բնական թշնամիներէս մէկը, կամ, եթէ կը նախապատուէք, որս մը։ Մէկ խօսքով, Ուօ՛թսըն, խիստ շահեկան քննութիւն մը կատարելու վրայ եմ եւ կը յուսամ թէ, ինչպէս արդէն ուրիշ անգամներ, կարեւոր հետք մը գտած եմ այս տխմարներուն անկապակից զառանցանքներուն մէջտեղ։ Եթէ այս որջին մէջ ճանչցուէի, կեանքս պիտի վտանգուէր։ Արշաւ մը կը կատարեմ ու այդ սրիկայ Լասքարը, որ կը հետապնդէ զիս, երդում ըրած է որ վրէժը պիտի լուծէ ինձմէ։ Եթէ կափարիչը, որ կը գտնուի այս շէնքին ետեւ, Սէյնթ Բօլի նաւամատոյցին մօտ, կարենար պատմել թէ մութ, անլուսին գիշերները ինչե՜ր անցած են…

— Ի՜նչ, դիակներո՞ւ համար ըսել կʼուզէք։

— Այո՛, դիակներու համար, Ուօ՛թսըն։ Հարուստ պիտի ըլլայինք եթէ հազար ոսկի տային մեզ իւրաքանչիւր դժբախդի համար, որ սպաննուած է այս որջին մէջ։ Գետին այս եզերքին վրայ գտնուած ամէնէն սոսկալի թակարդն է ոճիրի համար եւ կը վախնամ թէ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր հոն մտած է այլ եւս բնաւ դուրս չելլելու պայմանաւ։ Բայց կառքը հոս պէտք է ըլլար։

Երկու մատները ակռաներուն մէջտեղ դրաւ եւ ուժգին կերպով սուլեց,— նշան մը, որուն պատասխանեց հեռուէն ուրիշ սուլում մը, որուն կʼընկերանար ձիու սմբակի եւ կառքի թաւալումի աղմուկ մը։

— Հիմա, Ուօ՛թսըն, ըսաւ Հօլմս, երբ մութին մէջէն դուրս կʼելլէր կառք մը, իր լապտերներովը լուսաւորուած, ինծի պիտի ընկերանաք անշուշտ։

— Եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ…

— Օ՛հ, վստահելի բարեկամ մը միշտ օգտակար է եւ քրոնիկագիր մը՝ ա՛լ աւելի։ Սէտրի մէջ երկու անկողիննոց սենեակ մը ունիմ։

— Սէտրի՞ մէջ։

— Այո՛։ Մր․ Սէյնթ Քլէրի տունն է անիկա։ Քննութիւնը վարելիս ի վեր հոն կը բնակիմ։

— Ո՞ւր է։

— Լիի մօտ, Քէնթի գաւառ։ Եօթը փարսախ ճամբայ ունինք առջեւնիս։

— Բայց գործին ի՛նչ ըլլալը չեմ գիտեր։

— Բնականաբար։ Վայրկեանէ մը պիտի պատմեմ ձեզի։ Կառք նստեցէք։ Լա՛ւ։ Ժա՛ն։ Պէտք չունինք ձեզի։ Ահաւասիկ կէս քուրօն մը։ Վաղը, ժամը 11 ին միջոցները սպասեցէք ինծի։ Ձին քալեցուցէք։ Աղէկ։

Մտրակի թեթեւ հարուած մը տուաւ եւ մտանք մութ եւ ամայի փողոցներու լաբիւրինդոսի մը մէջ ու գացինք լայն կամուրջը, որ ձգուած է տղմուտ գետակին վրայ։ Աւելի հեռուն, ուրիշ լայն անջրպետ մը, աղիւսով եւ շաղախով ծածկուած,— լուռ անջրպետ, որուն մէջ կը հնչէին միայն ոստիկանի մը ծանր եւ կանոնաւոր ոտնաձայնը կամ յապաղած զուարթ կենցազասէրներու երգերն ու աղաղակները։ Խոշոր մութ ամպեր կը կուտակուէին երկինքին վրայ, հազիւ թոյլ տալով ընդնշմարել քանի մը աստղեր։ Հօլմս չէր խօսեր։ Գլուխը կուրծքին վրայ ծռած, կարծես թէ իր մտածումներուն մէջ խորասուզուած էր, մինչ ես, իր քովը նստած, անհամբեր էի իմանալու թէ ի՛նչ էր այն նոր խնդիրը, որուն վրայ կը կեդրոնանային իր բոլոր կարողութիւնները։ Սակայն չէի համարձակեր հարցումներ ընել իրեն։ Արդէն քանի մը մղոն տեղ յառաջացած եւ բազմաթիւ ամառանոցներ ունեցող արուարձանները հասած էինք երբ ընկերս, յանկարծ ցնցուելով, ուսերը թոթուեց եւ սիկառը վառեց գոհունակ դէմքով մը։

— Լռել գիտէք, Ուօ՛թսըն, ըսաւ ինծի։ Ասիկա անգնահատելի յատկութիւն մըն է ճամբու ընկերոջ մը համար։ Բայց իրա՛ւ որ, մէկու մը հետ խօսելու պէտք ունիմ, վասն զի այս վայրկեանին զուարթ եմ։ Քիչ մը առաջ կը հարցնէի ես ինծի թէ խեղճ պզտիկ կնոջ ի՛նչ պիտի ըսէի այս իրիկուն, երբ դուռը գայ զիս ընդունելու։

— Կը մոռնաք թէ տեղեակ չեմ գործին։

— Լի հասնելնէս առաջ իրողութիւնը ձեզի պատմելու ժամանակ ունիմ։ Ասիկա շատ պարզ կʼերեւայ եւ սակայն լաւ հետք մը չեմ գտներ։ Ապահովապէս շատ նշաններ կան, բայց այդ նշանները ամբողջութիւն մը չեն կազմեր։ Հիմա, Ուօ՛թսըն, գործը ձեզի պատմեմ կարելի եղածին չափ յստակ կերպով եւ կրնայ ըլլալ որ ձեր ուղեղին մէջ կայծ մը վառի ու հետքին վրայ դնէ զիս։

— Մտիկ կʼընեմ։

— Քանի մը տարի առաջ, աւելի ճիշդը, 1884 Մայիսին, Լի եկաւ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր անուն մէկը, որ շատ հարուստ կը կարծուէր։ Մեծ ամառանոց մը առաւ եւ շրջակաները ճաշակով յարդարեց ու բաւական ճոխ կերպով ապրեցաւ։ Քիչ քիչ բարեկամներ ունեցաւ շրջականերէն եւ 1887 ին ամուսնացաւ գարեջրագործի մը աղջկան հետ, որմէ երկու զաւակ ունեցաւ։ Զբաղում չունէր, բայց քանի մը ընկերութիւններու կʼանդամակցէր եւ ընդհանրապէս առտուները քաղաք կʼերթար ու իրիկունները կը դառնար այն կառախումբով, որ ժամը 5,14 ին կը մեկնի Քէնըն Սթրիթէն։ Մր․ Սէյնթ Քլէր այժմ 37 տարեկան է։ Չափաւոր սովորութիւններու տէր մարդ մը, բարի ամուսին մը, խիստ գորովալից հայր մը եւ ժողովրդական անձ մըն է բոլոր անոնց մէջ որ զինքը կը ճանչնան։ Պիտի աւելցնեմ թէ, մեր տեղեկութիւններուն համեմատ, այժմ իր պարտքը կը հասնի 88 ոսկիի եւ 10 շիլինի, մինչ մայրաքաղաքին եւ գաւառին պանքաներուն մէջ 220 ոսկիի վարկ մը ունի։ Ուրեմն պատճառ չկայ ենթադրելու թէ իր թշնամիները, եթէ ունի, անհաշտ պահանջատէրներ ըլլան։

Անցեալ երկուշաբթի, Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր սովորականէն աւելի կանուխ քաղաք գնաց, մէկնելէ առաջ ըսելով թէ երկու կարեւոր յանձնարարութիւններ ունէր կատարելիք եւ թէ իր պզտիկ տղուն համար շինութեան վերաբերեալ խաղալիք մը պիտի բերէր։ Դիպուածով, իր կինը, նոյն երկուշաբթի օրը, ամուսինին մեկնելէն շատ քիչ ատեն ետքը, հեռագիր մը ստացաւ, որ կը ծանուցանէր իրեն թէ մեծ արժէք ունեցող պզտիկ ծրար մը, որուն կʼսպասէր արդէն, իր տրամադրութեան ներքեւ կը գտնուէր Ապէրտինի շոգենաւային ընկերութեան գրասինեակին մէջ։ Եթէ լաւ կը ճանչնաք ձեր Լոնտոնը, դիտէք թէ ընկերութեան գրասենեակը կը գտնուի Ֆրէզնօ փողոցին մէջ, որ կը յանգի Ըբրըր Սուէնտէմ֊Լէն, ուր այս իրիկուն գտաք զիս։ Ուստի Տիկին Սէյնթ Քլէր ճաշեց, յետոյ Լոնտոն գնաց, քանի մը տեղ այցելեց, որմէ ետք ընկերութեան գրասենեակը գնաց, ծրարը առաւ եւ ճիշդ ժամը 4,35 ին գտնուեցաւ Սուէնտէմ֊Լէն, դէպ ի կայարան երթալու համար։ Մինչեւ հոս աղէկ հետեւեցա՞ք ըսածներուս։

— Այո՛։

— Եթէ կը յիշէք, անցեալ երկուշաբթի օր օդը շատ տաք էր։ Տիկին Սէյնթ Քլէր կամաց կը քալէր եւ աջ ու ձախ կը նայէր, յուսալով թէ կառք մը կը տեսնէ, վասն զի չէր սիրեր այս վատահամբաւ թաղին մէջ առանձին գտնուիլ հետիոտն։ Այսպէս Սուէնտէմ֊Լէնէն իջած ատեն յանկարծ բացագանչութիւն մը կամ աղաղակ մը լսեց եւ ապշեցաւ մնաց տեսնելով որ ամուսինը իրեն կը նայէր ու նոյնիսկ նշան կʼընէր (գոնէ իրեն այնպէս եկաւ) երկրորդ յարկի մը պատուհանէն։ Պատուհանը բաց էր եւ Տիկին Սէյնթ Քլէր կը հաւաստէ թէ իր ամուսինը յուզուած կʼերեւէր։ Ձեռքովը յուսահատական շարժում մը ըրաւ, յետոյ յանկարծ անհետացաւ պատուհանէն, որպէս թէ անդիմադրելի ոյժ մը քշած տարած ըլլար զինքը։ Տարօրինակ մանրամասնութիւն մը իր ուշադրութիւնը գրաւեց։ Թէեւ հագած էր այն մութ գոյն զգեստը, զոր կը կրէր տունէն մեկնած պահուն, բայց ո՛չ օձիք ունէր ոչ փողկապ։

Համոզուած ըլլալով թէ դժբախտուիթւն մը եկած էր իր ամուսնոյն գլխին, արագօրէն իջաւ սանդուղին աստիճաններէն (տունը աֆիօնամոլներու այն որջն էր, ուր այս իրիկուն գտաք զիս), վազելով անցաւ դուռնէն եւ փորձեց առաջին յարկը տանող սանդուղէն ելլել։ Բայց այդ սանդուղին ստորոտը հանդիպեցաւ ձեզ ըսած մարդուս՝ սրիկայ Լասքարին, որ արգիլեց անցնիլը եւ հոն իբր գործակատար ծառայող Դանիացիին օգնութեամբ փողոց հրեց զայն։ Ահռելի նախազգացումներու մատնած, փողոցէն իջաւ եւ բարեբախտաբար Ֆրէզնօ փողոցին մէջ հանդիպեցաւ կարգ մը ոստիկաններու եւ ոստիկանապետի մը, որոնք իրենց տեղը կը դառնային։

Ոստիկանապետը եւ երկու ոստիկաններ իրեն հետեւեցան եւ տանտիրոջ դիմադրութեանը հակառակ, մտան այն սենեակը ուրկէ նշմարուած էր Մր․ Սէյնթ Քլէր։ Բայց հոն չգտան զանիկա։ Արդարեւ այդ յարկը մարդ չկար, բաց ի հոգ բնակող դժբախտ եւ զազրատեսիլ հիւանդէ մը։ Ինք եւ Լասքար հանդիսաւորապէս երդում ըրին թէ այդ օրը, կէս օրէն ետք, իրեցմէ զատ ո՛չ ոք մտած էր այդ սենեակը։ Իրենց ժխտումը այնչափ ուժով էր որ ոստիկանապետը համոզուեցաւ եւ կարծեց թէ Տիկին Սէյնթ Քլէր սխալած էր։ Բայց անիկա, աղաղակ մը արձակելով, ցատկեց ճերմակ փայտէ պզտիկ տուփի մը վրայ, որ սեղանին վրայ կը գտնուէր եւ կափարիչը խլեց։ Շինութեան վերաբերեալ խաղալիք մը ինկաւ, ճիշդ ա՛յն, զոր Մր․ Սէյնթ Քլէր պիտի բերէր իր զաւկին։

Այս գիւտը եւ կաղ մարդուն ակներեւ այլայլութիւնը ցոյց տուին ոստիկանապետին թէ գործը ծանր էր։ Յարկաբաժինը խնամքով խուզարկուեցաւ եւ սա եզրակացութեան յանգուեցաւ թէ գարշելի ոճիր մը գործուած էր։ Առաջակողմի սենեակը կահաւորուած էր իբրեւ համեստ սալոն մը եւ կը բացուէր պզտիկ ճաշասրահի մը վրայ, որ մթերանոցներէն մէկուն վրայ կը նայէր։ Մթերանոցին եւ ննջասենեակի պատուհանին միջեւ կը գտնուի նեղ անցք մը, որ տեղատուութեան ատեն չոր է, բայց մակընթացութեան միջոցին առ նուազն չորսուկէս ոտնաչափ ջուրով կը ծածկուի։ Սենեակին պատուհանը լայն է եւ կը բացուի ամբողջ բարձրութեանը վրայ։ Քննութեան միջոցին արիւնի հետքեր գտնուեցան պատուհանին եզերքին վրայ եւ քանի մը կաթիլներ ալ՝ սենեակին տախտակամածին վրայ։ Առաջին սենեակին մէջ, վարագոյրի մը ետեւ գտնուեցան Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի բոլոր հագուստները, իր վերարկուէն զատ։ Կօշիկ, գուլպայ, գլխարկ, ժամացոյց, ամենքն ալ հոն էին։ Այս առարկաները բռնութեան ո՛ եւ է հետք չէին ցուցներ, բայց Մր․ Սէյնթ Քլէր անհետացած էր։ Պատուհանէն դուրս ելած ըլլալու էր, քանի որ ուրիշ ելք չկար եւ եզերքին վրայ արիւնի չարաշուք հետքերը յոյս չէին թողուր թէ կրցած էր լողալով ազատիլ, որովհետեւ եղերերգութեան միջոցին ջուրերը շատ բարձրացած ըլլալու էին։

Եւ հիմա քանի մը խօսք՝ այն չարագործներուն վրայ, որոնք կʼերեւի թէ ուղղակի կերպով մատ ունեցած են այս գործին մէջ։

Լասքար վատահամբաւ մէկն է, բայց որովհետեւ Տիկին Սէյնթ Քլէր կը պատմէ թէ սանդուղին ստորոտը տեսած է զայն պատուհանին առջեւ իր ամուսնոյն երեւալէն քանի մը վայրկեան ետք, ուստի անիկա ոճիրին մէջ մեղսակից մը միայն եղած կրնայ ըլլալ։ Իր պաշտպանութեան եղանակն է բացարձակ անգիտութիւն։ Կʼըսէ թէ բնաւ տեղեկութիւն չունի իր վարձակալին՝ Հունկ Պունի արարքներէն եւ շարժումներէն եւ թէ ո՛ եւ է պատրուակով չի կրնար պատասխանատու ըլլալ զոհին հագուստներուն գտնուելուն համար։

Գալով չարադէմ կաղին, որ աֆիօնամոլներու որջին երկրորդ յարկը կը բնակի եւ որ անշուշտ վերջին անգամ տեսնողը եղած է Մր․ Հէվիլ Սէյնթ Քլէրը, կը կոչուի Հիւկ Պուն եւ իր գարշելի դէմքը ծանօթ է ամէն անոնց որ այդ կողմերը կը յաճախեն։ Արհեստով մուրացիկ մըն է, թէեւ, ոստիկանական կանոններէն խուսափելու համար, մեղրամոմէ լուցկիի տուփեր ծախել կը ձեւացնէ։ Քիչ հեռու, Թրիտ֊Նիալ փողոցէն իջած ատեն, ձախ կողմին վրայ դիտած ըլլալու էք ամէն օր, սրունքները խաչաձեւած, իր պզտիկ ափսէն ծունգերուն վրայ։ Կարեկցութեան ա՛յնչափ արժանի տեսարան մը կը ներկայացնէ որ մանր գրամներու տարափ մը կʼիյնայ իրեն առջեւ, գետինը դրած իւղոտ գլխանոցին մէջ։ Մէկէ աւելի անգամներ դիտած եմ այդ մարդը այսօրուընէ առաջ, ուր արհեստիս բերմունքով կրցայ ծանօթանալ անոր հետ եւ միշդ զարմացած եմ այն հունձքին վրայ, զոր կը քաղէ կը ժողվէ քանի մը վայրկեանի մէջ։ Պատճառը սա՛ է որ իր տեսքը շատ տարօրինակ է եւ ո՛չ ոքի կրնար քովէն անցնիլ առանց դիտելու․— շիկագոյն մազերու խուրձ մը, տժգոյն դէմք մը սոսկալի վէրքով մը, որ կծկած եւ վեր դարձուցած է վերի շրթունքին եզերքը, չունի ծնօտ մը եւ խիստ վառվռուն զոյգ մը սեւ աչքեր, որոնք տարօրինապէս կը հակադրեն իր մազերուն գոյնի հետ։— Այս ամենքը մուրացիկներու բազմութենէն կʼորոշեն կը զանազանեն զինք։ Ուշագրաւ է նաեւ իր պատրաստաբան միտքը, վասն զի միշտ պատասխան մը ունի կատակախօսութիւններուն, զորս անցորդները կʼընեն իրեն։ Այս մարդը, աֆիօնամոլներու որջին այն վարձակալն է որ վերջին տեսնողը եղած է մեր փնտռած մարդը։

— Բայց կաղ մը մինակ ի՞նչ կրնայ ընել ուժեղ մարդու մը դէմ։

— Կաղ է սա իմաստով որ գայթ ի գայթ կը քալէ, բայց կʼերեւի թէ, հակառակ ասոր, զօրաւոր եւ բաւական առողջ է։ Ձեր արհեստին փորձառութիւնը սովրեցուցած ըլլալու է ձեզի, Ուօ՛թսըն, թէ անդամի մը տկարութիւնը յաճախ կը փոխարինուի միւս անդամներուն աւելի ուժեղացումովը։

— Կʼաղաչեմ, շարունակեցէք ձեր պատմութիւնը։

— Տիկին Սէյնթ Քլէր պատուհանին վրայ արիւն տեսնելով նուազած էր եւ ոստիկանութիւնը կառքով մը տուն տարաւ զայն, անոր ներկայութիւնը չկրնալով օգտակարութիւն մը ունենալ քննութեան մէջ։ Ոստիկանապետ Պարթըն, որուն յանձնուեցաւ գործը, խիստ լրջօրէն քննեց յարկաբաժինը, բայց առանց գտնելու բան մը, որ կարենար հետք մը ցոյց տալ իրեն։ Սխալ մը գործուեցաւ անմիջապէս չձերբակալելով Պունը, որուն քանի մը վայրկեան միջոց տրուեցաւ, ու ան ալ այդ պահուն կրցաւ խորհրդակցիլ Լաքսար բարեկամին հետ։ Երբ վերջապէս զինքը ձերբակալեցին եւ խուզարկեցին, չգտան բան մը, որ կարենար յանցապարտ ընել զայն։ Իրաւ է թէ արիւնի բիծեր տեսնուեցան շապիկին աջ թեւին վրայ, բայց անիկա կտրուածք մը ցոյց տուաւ աջ մատնեմատին վրայ, եղունգին մօտ, եւ յայտարարեց թէ արիւնը այդ կտրուածքէն առաջ եկած էր, աւելցնելով թէ քիչ առաջ պատուհանին մօտեցած էր եւ թէ հոն դիտուած բիծերը անշուշտ միեւնոյն աղբիւրէն էին։ Ազդու կերպով ուրացաւ Մր․ Նէվիլը տեսած ըլլալը եւ երդում ըրաւ թէ իր սենեակին մէջ անոր հագուստներուն ներկայութիւնը իրեն համար ալ նո՛յնչափ խորհրդաւոր էր որչափ ոստիկանութեան համար։ Գալով Տիկին Սէյնթ Քլէրի ըսածին թէ իր ամուսինը պատուհանին առջեւ տեսած էր, Պուն յայտարարեց թէ այդ կինը յիմար էր կամ թէ երազ տեսած էր։ Պահականոց տարուեցաւ իր բողոքներուն հակառակ։ Ոստիկանապետը յարկաբաժնին մէջ մնաց յուսալով թէ տեղատուութիւնը նոր հետք մը պիտի բերէր իրեն։ Չէր սխալեր, վասն զի տիղմին մէջ գտնուեցաւ ո՛չ թէ իրենց փնտռածը, այլ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի բաճկոնը, ի բացակայութեան նոյն ինքն Սէյնթ Քլէրի։ Եւ գուշակեցէք թէ այդ բաճկոնը ի՛նչ կը պարունակէր իր գրպաններուն մէջ։

— Չեմ գիտեր։

— Ատիկա չի զարմացներ զիս, որովհետեւ անկարելի է գուշակել։ Է՛ ուրեմն, բոլոր գրպանները լեցուն էին խոշոր եւ մանր դրամներով։ 421 հատ երկու եւ 270 մէկ սունոց դրամներ կային։ Զարմանալի չէ որ տեղատուութիւնը իրեն հետ չտարաւ այդ խլեակը։ Բայց դիակ մը աւելի դիւրութեամբ կը տարուի։ Նաւամատոյցին եւ տունին միջեւ բուռն հակահոսանք մը կայ։ Ուրեմն շատ բնական է որ բաճկոնը, շատ ծանր ըլլալով, հոն մնայ, մինչ մարմինը, ամէն հագուստէ մերկացած, գետին փոսին մէջ քշուած է։

— Ձեր ըսածներէն հասւծայ մպ միւս բոլոր զգեստները սենեակին մէջ գտնուած էին։ Դիակը միայն այդ բաճկո՞նը կը կրէր։

— Ո՛չ, պա՛րոն, եւ սակայն այս տեսութիւնը կրնայ պաշտպանուիլ։ Ենթադրեցէք թէ Պուն Նէվիլ Սէյնթ Քլէրը պատուհանէն նետած ըլլայ։ Ո՛չ ոք կրցած է տեսնել զայն։ Ի՞նչ կʼընէ այն ատեն․— Կը ջանայ ինքզինքը ազատել այդ հագուստներէն, որոնք կրնան ոճիրը երեւան հանել։ Բաճկոնը կʼառնէ նետելու համար, բայց յանկարծ կը մտածէ թէ անիկա ջուրին վրայ պիտի ծփայ փոխանակ ընկղմելու։ Կորսնցնելիք ատեն չունի, վասն զի լսած է որ սանդուղին ստորոտը կռիւ կը մղուի եւ կինը կը փորձէ ելլել ու թերեւս իր մեղսակից Լասքարէն իմացած է արդէն թէ ոստիկանները շուտով կուգան։ Այլ եւս կարելի չէ վարանիլ։ Կը վազէ այն թաքստոցին վրայ, ուր հաւաքած է իր մուրացկանութեան պտուղը եւ ափով առած բոլոր սուերը կը թխէ բաճկոնին գրպաններուն մէջ, որպէսզի ջուրին վրայ չծփայ անիկա։ Յետոյ կը նետէ պատուհանէն։ Միւս հագուստներն ալ նոյն բախտին պիտի ենթարկուէին եթէ աղմուկ չլսէր եւ հազիւ ժամանակ ունեցաւ պատուհանը գոցելու, ոստիկաններուն սենեակ խուժելէն առաջ։

— Արդարեւ ատիկա ընդունելի կʼերեւայ։

— Ամէն պարագայի մէջ այս ենթադրութենէն պիտի մեկնինք, աւելի աղէկը չգտնուելուն համար։ Ինչպէս ըսի, Պուն ձերբակալուեցաւ եւ պահականոց տարուեցաւ, բայց կարելի չեղաւ ապացոյց մը գտնել իրեն դէմ։ Տարիներէ ի վեր ճանչցուած է իբրեւ արհեստով մուրացիկ մը եւ իր կեանքին մէջ պարսաւելի բան մը չգտնուեցաւ։ Ահա ո՜ր կէտին հասած է քննութիւնը։ Կը մնայ լուծել սա խնդիրը թէ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր ի՛նչ կʼընէր աֆիօնամոլներու որջին մէջ, թէ հոն գտնուած միջոցին ի՛նչ պատահեցաւ իրեն, ո՛ւր կը գտնուի հիմա եւ թէ Հիւկ Պուն ի՛նչ դեր կատարեց անոր անհետացումին մէջ։ Այս բոլոր խնդիրներուն լուծումը քայլ մը իսկ առաջ գացած չէ։ Չեմ յիշեր թէ ուսումնասիրած ըլլամ ըստ երեւոյթին այսքան պարզ գործ մը, որ քննութեան միջոցին այսչափ կը կնճռոտի։

Մինչ Շէրլօք Հօլմս այս տարօրինակ պատմութիւնը կʼընէր, մեծ քաղաքին արուարձանները եւ մեկուսացեալ վերջին տուները անցած էինք եւ հիմա կը յառաջանայինք ճամբու մը վրայէն, որուն երկու կողմերը ցանկապատով եզերուած էին։ Երբ Շէրլօք Հօլմս իր պատմութիւնը կը վերջացնէր, կʼանցնէինք երկու հեռաւոր գիւղերէ, որոնց մէջ լոյսերը տակաւին կը փայլէին պատուհաններէն։

— Ահաւասիկ Լիի շրջականերն ենք, ըսաւ ընկերս։ Այս կարճ ուղեւորութեան մէջ երեք գաւառներէ անցանք։ Մեր մեկնակէտը եղաւ Միտլսէքս։ Սըրէյի մէկ անկիւնէն անցանք եւ Քէնթ կը հասնինք։ Կը տեսնէ՞ք սա լոյսը ծառերուն մէջէն։ Հոն կը գտնուի Սէտրը։ Այդ լոյսին քովը, որ կանթեղ մըն է, կին մը կայ, որուն անձկալից ականջները արդէն լսած ըլլալու են ձիուն սմբակներուն ձայնը։

— Բայց ինչո՞ւ այս գործին չէք աշխատիր Պէյքըր Սթրիթի ձեր տան մէջ, հարցուցի։

— Վասն զի տեղւոյն վրայ առնելիք շատ տեղեկութիւններ կան։ Տիկին Սէյնթ Քլէր ազնուաբար երկու սենեակ դրաւ տրամադրութեանս տակ եւ անշուշտ դուք ալ՝ իմ պաշտօնակիցս՝ սիրով պիտի ընդունուիք հոս։ Շատ յուզուած եմ, սիրելիս Ուօ՛թսըն, որ զինքը պիտի տեսնեմ առանց լուր մը հաղորդելու իրեն։ Բայց ահաւասիկ եկանք։

Կեցած էինք ընդարձակ ամառանոցի մը առջեւ, որ դարաստանով մը շրջապատուած էր։ Ձիապան մը վազած էր ձին բռնելու համար։ Վար ցատկեցի եւ Հօլմսին ետեւէն գացի աւազուտ ծառուղիէն, որ տուն կը տանէր։ Փոքրիկ խարտեաշ կին մը յառաջացաւ դրան առջեւ, մեզ դիմաւորելու համար։ Հագած էր մետաքսեայ մուսլինէ շրջազգեստ մը, օձիքին եւ թեւերուն վրայ վարդագոյն զարդով։ Իր ուրուանկարը կը ծրագրուէր դրան շրջանակին մէջ։ Ձեռքերէն մէկը դրած էր մղլակին վրայ, իսկ միւսը մեզի երկարած էր իբրեւ անձկութեան նշան։ Մարմինը եւ գլուխը թեթեւապէս դէպ առաջ ծռած էին։ Աչքերուն մէջ կը կարդացուէր ամենաբուռն յուզում եւ կիսաբաց շրթները հազիւ կը զսպէին հարցումը, որ խուսափելու պատրաստ էր։

— Է՛․ ի՞նչ եղաւ, պոռաց։

Յետոյ, զիս նշմարելով, յոյսի աղաղակ մը արձակեց որ հեծեծանքի փոխուեցաւ, երբ դիտեց թէ ընկերս գլուխը կը ցնցէր եւ ուսերը կը թոթուէր։

— Բայց լուր մը չկա՞յ։

— Ո՛չ։

— Գէշ լո՞ւր ալ չկայ։

— Ո՛չ։

— Փա՜ռք Աստուծոյ։ Բայց ներս մտէք։ Շատ աշխատեցաք այսօր եւ յոգնած ըլլալու էք։

— Ձեզ կը ներկայացնեմ բարեկամս՝ տքդ․ Ուօթսընը։ Մեծապէս օգնած է ինծի քանի մը գործերու մէջ զորս լուծած եմ եւ բարեբաստիկ պարագայ մը թոյլատրեց զիս հոս բերել զինքը, որպէսզի մասնակցի այս քննութեան։

— Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելուս համար, ըսաւ կինը ձեռքս սեղմելով։ Եթէ բանի մը պակասութիւն ունենաք, մի՛ մեղադրէք զիս։ Գիտէք թէ ի՛նչ սոսկալի հարուած մը իջած է գլխուս։

— Սիրե՛լի Տիկին, ըսի, ես վաղեմի զինուոր մըն եմ եւ յետոյ, եթէ չըլլայի իսկ, ներում խնդրելու պէտք պիտի չունենայիք։ Եթէ կարենամ ծառայութիւն մատուցանել ձեզի կամ բարեկամիս, շատ երջանիկ պիտի ըլլամ։

— Հիմա, Մր․ Շէրլօ՛ք Հօլմս, ըսաւ Տիկին Սէյնթ Քլէր խիստ լուսաւոր ճաշասրահ մը մտցնելով մեզ, ուր պաղ կերակուրներ պատրաստուած էին, շատ կʼուզէի մէկ կամ երկու հարցում ընել ձեզի, որոնց կը յուսամ թէ անկեղծօրէն պիտի պատասխանէք։

— Անշուշտ, Տի՛կին։

— Զգացումը մէկդի ձգեցէք։ Ես զգայուն ջիղեր չունիմ եւ ամէն բանէ առաջ կʼուզեմ ձեր կարծիքը գիտնալ։

— Ո՞ր կէտին վրայ։

— Անկեղծօրէն կը կարծէ՞ք թէ Նէվիլ ողջ եղած ըլլայ։

Շէրլօք Հօլմս կարծես շփոթեցաւ այս հարցումէն։

— Անկեղծօրէն խօսեցէք, կրկնեց կինը Հօլմսի նստած աթոռին առջեւ ոտքի վրայ կենալով եւ աչքերը անոր վրայ սեւեռելով։

— Ճիշդը ըսելով, Տի՛կին, չեմ կարծեր։

— Կը կարծէք թէ մեռա՞ծ է։

— Այո՛, այնպէս կը կարծեմ։

— Սպաննուա՞ծ։

— Չեմ կրնար ըսել։ Թերեւս։

— Ո՞ր օր մեռած է։

— Երկուշաբթի օր։

— Այն ատեն, Մր․ Հօ՛լմս, շատ ազնիւ պիտի ըլլայիք եթէ բացատրէիք թէ ի՛նչպէս կʼըլլայ որ այսօր սա նամակը կʼստանամ իրմէ։

Շէրլօք Հօլմս աթոռին վրայէն ցատկեց զսպանակէ մղուածի պէս։

— Ի՜նչ, պոռաց։

— Այո՛, այսօր։

Եւ կինը կը ժպտէր թերթ մը թուղթ ցոյց տալով։

— Կրնա՞մ կարդալ։

— Անշուշտ։

Տենդագին կերպով խլեց նամակը անոր ձեռքէն եւ դրաւ սեղանին վրայ, լոյսին մէջ, ուշադրութեամբ քննելու համար զայն։ Ե՛ս ալ աթոռէս ելած էի եւ Շէրլօք Հօլմսի ուսին վրայէն կը նայէի նամակին։ Պահարանը, որ շատ կոշտ էր, դրոշմուած էր Կրէյվսէնտի թղթատունէն եւ կը կրէր նոյն օրուան թուականը, կամ մանաւանդ առջի օրուան, վասն զի կէս գիշերը անցած էր։

— Սովորական գիր մըն է ասիկա, մրմռած Հօլմս։ Ապահովապէս ձեր ամուսինին գիրը չէ աս, Տի՛կին։

— Ո՛չ, բայց նամակը իրմէ է։

— Կը տեսնեմ նաեւ թէ պահարանին վրայ գրող անձը հասցէն հարցուցած է։

— Ինչէ՞ն գիտէք։

— Դուք ալ նայեցէք։ Անունը գրուած է բոլորովին սեւ մելանով մը, որ առանձին չորցած է։ Մնացեալը ունի այն գորշ գոյնը, զոր կʼառնէ ծծունով չորցուած մելանը։ Եթէ ասիկա առանց ընդմիջումի գրուած եւ յետոյ չորցուած ըլլար, ի՞նչպէս բացատրելու է որ հասցէին մէկ մասը աղուոր սեւ գոյն մը ունեցած ըլլայ։ Այդ մարդը նախ անունը գրած եւ յետոյ կեցած է, հասցէն գրելէ առաջ, ինչ որ կʼապացուցանէ թէ այդ հասցէն չէր գիտեր։ Այս նշանը նախ եւ առաջ մեծ բան մը չերեւար, բայց կրնայ իր կարեւորութիւնը ունենալ։ Հիմա նամակին նայինք։ Տեսէք, առարկայ մը կը պարունակէ։

— Այո՛, մատանի մը, ամուսինիս գիրն է։

— Վստա՞հ էք որ ձեր ամուսինին գիրն է։

— Իր գիրերէն մէկն է։

— Իր գիրերէն մէ՞կը։

— Ստիպողական գործ ունեցած ատեն այսպէս կը գրէ։ Այս գիրը բնաւ չի նմանիր իր սովորական գիրին եւ սակայն կատարելապէս կը ճանչնամ զայն։

Ահաւասիկ նամակին պարունակութիւնը․

«Սիրեցեալ բարեկամուհի՛ս․— Մի՛ սարսափիք։ Ամէն բան պիտի կարգաւորուի։ Ծանր թիւրիմացութիւն մը կայ։ Թերեւս հարկ պիտի ըլլայ որ ժամանակ մը անցնի այդ թիւրիմացութիւնը լուսաբանելու համար։ Համբերեցէք։— Նէվիլ»։

— Ասիկա մատիտով գրուած է ութածալ գիրքի մը ճերմակ թուղթին վրայ։ Ներքնադրոշմ չկայ։ Հը՛մ, այսօր Կրէյվսէնտի թղթատունը ձգուած է աղտոտ բթամատ ունեցող մարդու մը կողմէ։ Եւ պահարանին այս մասը, որ կը ծալլուի, փակցուած է, եթէ չեմ սխալիր, մարդու մը կողմէ, որ ծխախոտ ծամած էր։ Վստա՞հ էք, Տի՛կին, թէ ձեր ամուսնին գիրն է։

— Կատարելապէս վստահ եմ։ Նէվիլ ինք գրած է այս տողերը։

— Այս նամակը այսօր նամակատուն ձգուած է Կրէյվսէնտի մէջ։ Է՛ ուրեմն, Տի՛կին Սէյնթ Քլէր, երկինքը քիչ մը նուազ մութ կʼերեւայ ինծի։ Այսու հանդերձ չեմ համարձակիր յուսալ թէ ամէն վտանգ հեռացած է։

— Բայց ողջ է, Մր․ Հօ՛լմս։

— Եթէ սակայն այս նամակը թակարդ մը չըլլայ սխալ հետքի մը վրայ դնելու համար մեզ։ Վերջապէս մատանին ապացոյց մը չէ։ Կրնայ իրմէ գողցուած ըլլալ։

— Ո՛չ, ո՛չ, վստահ եմ թէ իր գիրն է։

— Շատ լաւ։ Այս նամակը կրնայ սակայն երկուշաբթի գրուած եւ այսօր միայն թղթատուն ձգուած ըլլալ։

— Կարելի է…

— Եթէ այնպէս է, այդ միջոցին մէջ կրնան շատ բաներ պատահած ըլլալ։

— Օ՛հ, պէտք չէ վհատութիւն պատճառել ինծի, Մր․ Հօ՛լմս։ Գիտեմ թէ չարիք մը պատահած չէ անոր։ Մեր միջեւ ա՛յնպիսի գորովալից համակրութիւն մը կայ որ պիտի զգայի եթէ արկած մը պատահած ըլլար անոր։ Վերջին օրը, ուր զիրար տեսանք, իր սենեակին մէջ մատը կտրած էր։ Ես այդ միջոցին ճաշասրահն էի եւ ա՛յնչափ լաւ ունեցայ իրեն արկած մը պատհած ըլլալուն յայտնատեսութիւնը որ իրեն մօտ վազեցի։ Կը կարծէ՞ք թէ պարզ բանի մը համար սիրտս կարենար թրթռալ եւ իր մեռնելուն առթիւ բան մը չզգամ։

— Կեանքի մասին շատ փոռձառութիւն ունիմ եւ գիտեմ թէ կնոջ մը տպաւորութիւնը շատ անգամ աւելի ճիշդ է քան թէ փիլիսոփայի մը եզրակացութիւնները։ Եւ այս նամակը անշուշտ ապացոյց մըն է թէ ձեր ըսածը ճիշդ է։ Բայց եթէ ձեր ամուսինը ողջ է եւ նամակներ գրելու վիճակի մէջ է, ինչո՞ւ ձեզմէ հեռու կը մնայ։

— Չեմ գիտեր։ Արտասովոր բան է։

— Երկուշաբթի օր, ձեզմէ բաժնուած ատեն, ակնարկութիւն մը չըրա՞ւ որ կարենայ առաջնորդել ձեզ։

— Ո՛չ։

— Եւ Սուէնտէմ֊Լէնի տան մէջ զինքը տեսնելով զարմացա՞ք։

— Ապշեցայ։

— Պատուհանը բա՞ց էր։

— Այո՛։

— Ուրեմն պիտի կրնա՞ր ձեզ կանչել։

— Անշուշտ։

— Սակայն կարծեմ թէ անկապակից աղաղակ մը միայն արձակեց։

— Այո՛։

— Ի՞նչպէս երեւցաւ ձեզի, օգնութեա՞ն աղաղակ մըն էր։

— Այո՛։ Ձեռքովը նշան մը ըրաւ։

— Թերեւս զարմանքի աղաղակ մըն էր։ Ձեզ հոն տեսնելուն զարմացաւ, մինչ չէր սպասեր։

— Կարելի է։

— Եւ ձեզ այնպէս եկաւ թէ մէկը ետեւէն կը քաշէ՞ր։

— Յանկարծ անհետացաւ։

— Ինքնաբերաբար ոստում մը պիտի չկրնա՞ր ընել։ Սենեակին մէջ իրեն հետ մէկը չտեսա՞ք։

— Ո՛չ։ Բայց այդ ահռելի մարդը խոստովանեցաւ թէ հոն էր եւ Լասքար սանդուղին ստորոտն էր։

— Լա՛ւ։ Եւ կը կարծէք թէ ձեր ամուսինը իր սովորական զգեստնե՞րը հագած էր։

— Այո՛, բայց առանց օձիքի եւ փողկապի։ Որոշապէս տեսայ իր մերկ վիզը։

— Սուէնտէմ֊Լէնի խօսքը ըրա՞ծ էր։

— Երբե՛ք։

— Նշմարա՞ծ էիք թէ աֆիօն կը ծխէր։

— Ո՛չ։

— Շնորհակալ եմ, Տի՛կին Սէյնթ Քլէր։ Այս կարեւոր կէտերուն վրայ կատարելապէս լուսաբանուիլ կʼուզէի Հիմա պիտի ճաշենք, եթէ թոյլ կուտաք, յետոյ պիտի հանգստանանք ի նախատեսութիւն այն դժնդակ օրուան, զոր թերեւս վաղը պիտի ունենանք մեր առջեւ։

Երկու անկողիննոց խիստ ընդարձակ եւ հանգստաւէտ սենեակ մը գրուած էր մեր տրամաբանութեան ներքեւ։ Փութացի պառկիլ, որովհետեւ չարաչար յոգնած էի յուզեալ գիշեր մը անցուցած ըլլալուս համար։ Բայց Շէրլօք Հօլմս, երբ լուծելիք խնդիր մը ունենար, օրերով եւ նոյն իսկ ամբողջ շաբաթ մը զանց կʼընէր հանգիստը։ Խնդիրը իր բոլոր երեւոյթներով կը քննէր մինչեւ որ լուծէր զայն կամ համոզուէր թէ իր տուեալները անբաւական էին։ Հասկցայ թէ կը պատրաստուէր լուսցնել, երբ տեսայ որ վերարկուն եւ բաճկոնակը հանեց, կապոյտ լայն սենեկազգեստ մը հագաւ եւ յետոյ սկսաւ սենեակին մէջ վեր վար պտտիլ։ Անկողնին, բազմոցին եւ թիկնաթոռներուն բարձերը առաւ, տեսակ մը արեւելեան բազմոց շինեց անոնցմով եւ վրան նստեցաւ, սրունքները խաչաձեւած, ձեռքին մօտ դնելէ ետք մէկ ունկի ծխախոտ եւ լուցկիի տուփ մը։ Կանթեղին տժգոյն լոյսով, որ անոր շեշտուած դիմագիծերը եւ արծուային քիթը կը լուսաւորէր, կը տեսնէի զինքը նստած, ցախի փայտէ հին ծխամորջ մը ակռաներուն միջեւ, աչքերը տարտամօրէն սեւեռած դէպի ձեղունին մէկ անկիւնը։ Հոն մնացած էր այսպէս անշարժ, մինչ ծխամորջին ծուխը իր շուրջը կը բարձրանար կապոյտ գուլաներով։ Զինքը դիտելով քունս տարաւ։ Դիրքը փոխած չէր երբ, բացագանչութենէ մը ընդոստ արթննալով, տեսայ որ ամրան արեւը արդէն կը փայլէր սենեակին մէջ։ Շէրլօք Հօլմս տակաւին բերնէն ձգած չէր ծխամորջը։ Ծուխի գուլաները կը շարունակէին դէպ ի ձեզուն բարձրանալ եւ սենեակին մթնոլորտը ծանրացած էր գիշերուան միջոցին սպառած ծխախոտին շոգիներովը, վասն զի քնացած պահուս Շէրլօք Հօլմսի մօտ տեսած ծխախոտի ծրարէս բան մը մնացած չէր։

— Արթնցա՞ք, Ուօ՛թսըն, հարցուց ինծի։

— Այո՛։

— Պատրա՞ստ էք առտուատ պտոյտ մը ընելու կառքով։

— Անշո՛ւշտ։

— Ուրեմն հագուեցէք։ Տակաւին ո՛չ ոք արթնցած է։ Բայց գիտեմ թէ ձիապանը ո՛ւր կը բնակի եւ շուտով լծել պիտի տանք կառքը։

Դէմքին վրայ ամէն բան ժպտուն էր։ Աչքերը փայլուն էին։ Գիշերուան տխուր մտածողը բոլորովին այլափոխուած էր։

Հագուելով մէկտեղ ժամացոյցս նայեցայ։ Մեզ շրջապատող լռութիւնը զարմանալի չէր։ Ժամը հազիւ չորսը քսան հինգ կʼանցնէր։ Հագուիլս կʼաւարտէի, երբ Հօլմս եկաւ իմացուց ինծի թէ ձիապանը կառքը կը լծէր։

— Իմ մասնաւոր դրութիւններէս մէկը փորձել կʼուզեմ, ըսաւ ոտնամանները հագնելով։ Ուօ՛թսըն, ձեր առջեւ կը տեսնէք Եւրոպայի ամէնէն մեծ տխմարը։ Ոտքի սոսկալի հարուած մը ստանալու արժանի եմ։ Բայց կարծեմ թէ գործին բանալին ձեռքս է։

— Եւ ո՞ւր կը գտնուի, հարցուցի ժպտելով։

— Բաղնիքին սրահին մէջ, պատասխանեց։ Օ՛հ, այո, կատակ չեմ ըներ, շարունակեց թերահաւատ երեւոյթս տեսնելով։ Անկէ դուրս կʼելլեմ։ Առի եւ սա պզտիկ պարկին մէջ դրի։ Եկէք, տղա՛ս, տեսնենք թէ փականքին պիտի յարմարի՞։

Աջձայն վար իջանք ու դուրս ելանք։ Արեւը արդէն կը շողար իր բոլոր փայլովը։ Տունէն քանի մը քայլ անդին ճամբուն վրայ գտանք մեր կառքը կէս հագուած ձիապանին պահպանութեան տակ։ Թեթեւակի մտանք կառքին մէջ եւ արագ արագ ուղղուեցանք դէպ ի Լոնտոն։

Հանդիպեցանք բանջարավաճառներու քանի մը սայլերու, որոնք բանջարեղէն կը տանէին մայրաքաղաք, բայց ճամբան եզերող տուները ամենախոր լռութեան մէջ թաղուած էին։

— Հետաքրքրական պատմութիւն, ըսաւ Հօլմս յանկարծ վազցնելով ձին։ Խլուրդի մը պէս կոյր եղայ, պէտք է խոստովանիլ, բայց լաւ է անագան քան երբեք։

Քաղաքին մէջ, Սըրրէյի կողմը, վաղայարոյց մարդիկ կը սկսէին իրենց պատուհանները ելլել, աչքերնին տակաւին քունէն ուռեցած։ Թէմիզը անցանք Վաթէրլոյի կամուրջէն, յետոյ Ուէլինկթըն փողոցէն յառաջանալով եւ դէպ ի աջ դառնալով, ինքզինքնիս գտանք Պօու Սթրիթի մէջ, Շէրլօք Հօլմս ծանօթ էր ոստիկանութեան եւ դրան առջեւ կեցող երկու ոստիկանները իսկոյն ողջունեցին զինքը։ Անոնցմէ մէկը ձին բռնեց, մինչ միւսը ներս կը մտցնէր մեզ։

— Սպասելու կարգը որի՞նն է, հարցուց Հօլմս։

— Ոստիկանապետ Պրիսթրիթի, պա՛րոն։

— Ա՛հ, Պրիտսթրի՞թ, ի՞նչպէս էք աղէ՞կ էք։

— Պաշտօնեան, որուն կʼուղղէր այս խօսքը, հաստակազմ մարդ մըն էր, որ մեզ դիմաւորելու կուգար սալայատակուած նրբանցքէ մը։ Դիմապանակ ունեցող գլխարկ մը դրած եւ բաճկոն մը հագած էր։

— Ձեզի հետ խօսիլ կʼուզեմ, Պրիէ՛տսթրիթ։

— Ձեր տրամադրութեան տակ եմ, Մր․ Հօ՛լմս, հաճեցէք հոս, գրասենեակս մտնել։

Պզտիկ սենեակ մըն էր, սեղանով մը, որուն վրայ խոշոր տետրակ մը կը գտնուէր։ Պատին վրայ դուրս ցցուած հեռաձայնի գործիք մը կար։ Ոստիկանապետը նստաւ իր գրասեղանին առջեւ։

— Ի՞նչ ծառայութիւն կրնամ մատուցանել ձեզ, Մր․ Հօ՛լմս։

— Եկած եմ խօսելու համար մուրացիկ Պունի վրայ, որ Լիցի Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի անհետացման գործին մեղսակից է։

— Այո՛, դատարանի առջեւ ելաւ, յետոյ քննութիւնը աւելի ետքի թողուեցաւ։

— Ինծի ալ այդպէս ըսին։ Հո՞ս է։

— Այո՛, բանտն է։

— Հանդա՞րտ է։

— Օ՛հ, նեղութիւն չի պատճառեր, բայց գարշանք ազդող անմաքրութիւն մը ունի։

— Անմաքո՞ւր է։

— Այո՛, մինչեւ հիմա սա՛ միայն կրցանք ընել որ ձեռքերը կը լուայ։ Իսկ երեսը ածխավաճառի մը երեսին պէս սեւ է։ Ամէն պարագայի մէջ երբ իր դատը տեսնուի, պարտաւորիչ կերպով պիտի լուացուի եւ ասիկա պերճանք պիտի չըլլայ, հաւատացէք։

— Կʼուզէի տեսնել զինքը։

— Իրա՞ւ։ Դիւրին է։ Հետս եկէք։ Ձեր պարկը կրնաք հոս ձգել։

— Ո՛չ, աւելի աղէկ կը սեպեմ միասին բերել։

— Դուք գիտէք։ Հոսկէ եկէք, կʼաղաչեմ։

Նրբանցքէ մը անցուց մեզ, երկաթեայ ձողի մը միջոցաւ գոցուած դուռ մը բացաւ, դարձդարձիկ սանդուղէ մը իջաւ ու մեզ տարաւ կիրով ճերմկցած նրբանցք մը, որուն վրայ, երկու կողմէ, կը բացուէին շարք մը դուռներ։

— Աջ կողմի երրորդ խցիկն է, ըսաւ ոստիկանապետը։ Ահա՛ւասիկ։

Դրան վերի մասին մէջ գտնուած դռնակ մը բացաւ եւ այդ ծակէն ներս նայեցաւ։

— Կը քնանայ, ըսաւ։ Կրնաք սքանչելի կերպով տեսնել զինքը։

Երկուքս ալ մօտեցանք վանդակորմին եւ տեսանք բանտարկեալը, որ պառկած էր գլուխը դէպի մեր կողմը դարձուցած։ Ծանր քունի մը մէջ թաղուած էր։ Շնչառութիւնը դանդաղ եւ խորունկ էր։ Այս մարդը միջահասակ էր, եւ կոշտօրէն հագուած, ինչպէս կը պատշաճէր իր վիճակին։ Գունաւոր շապիկ մը հագած էր, որ իր պատառատուն բաճկոնին պտտուածքէն դուրս կʼելլէր։ Ինչպէս ոստիկանապետը ըսած էր մեզի, մարդը վերջին ծայր աղտոտ էր, բայց երեսը ծածկող տեւութիւնը թերի կերպով միայն կը պահէր իր գարշելի տգեղութիւնը։ Լայն վէրք մը աչքէն մինչեւ ծնօտը կʼերթար եւ սպիանալով, վերի շրթունքին մէկ կողմը վեր դարձուցած ու այսպէս երեւան հանած էր երեք ակուտները։ Շիկագոյն առատ մազեր մինչեւ աչքերուն եւ ճակտին վրայ կʼիջնէին։

— Սիրուն է, այնպէս չէ՞, ըսաւ ոստիկանապետը։

— Իրաւ է որ լուացուելու պէտք ունի, պատասխանեց Հօլմս։ Մտքէ կʼանցընէի եւ նախզգուշութիւնը ունեցայ հետս բերելու ինչ որ հարկ է ասոր համար։

Պզտիկ պարկը բացաւ եւ բաղնիքի խոշոր սպունգ մը հանեց, մեծ ապշութիւն պատճառելով ինծի։

— Է՛, շատ զարմանալի գաղափարներ ունիք, ըսաւ ոստիկանապետը հեգնաբար։

— Հիմա հաճեցէք դուռը մեղմիւ բանալ եւ պիտի տեսնէք թէ քիչ ատենէն շատ աւելի յարգելի դէմք մը պիտի ունենայ։

— Վերջապէս գէշ պիտի չըլլայ ատիկա, վասն զի պատիւ չի բերեր Պօու Սթրիթի բանտին։

Դուռը բացաւ ու երեքս միասին խցիկը մտանք, մեր ոտնաձայնը խեղդելով։

Բանտարկեալը կիսովին դարձաւ, յետոյ նորէն խորունկ քունի մէջ թաղուեցաւ։ Հօլմս ջուրին ամանին մօտեցաւ, իր սպունգը թրջեց եւ անով երկու անգամ ուժգնօրէն շփեց ամբաստանեալի երեսը։

— Թոյլ տուէք որ, ըսաւ, ձեզ ներկայացնեմ Քէնթի գաւառին Լի քաղաքին բնակիչներին Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի։

Կեանքիս մէջ երբեք այդպիսի տեսարանի մը ներկայ եղած չեմ․ Այդ մարդուն երեսը սպունգին տակ այլափոխուած էր։ Կարծես թէ կեղեւ մը կը հանուէր։ Մարմինին թուխ գոյնը անհետացած էր, ինչպէս նաեւ դէմքը մէջտեղէն սպիոտող սոսկալի վէրքը։ Շրթունքը նորէն շտկուած եւ հեգնական ժպիտը մարած էր։ Շէրլօք Հօլմս ցնցած ըլլալով զայն, շիկագոյն մազերուն խուրձը ինկած էր։ Գարշատեսիլ մուրացիկէն բան մը չէր մնացած այլ եւս իր նուրբ մորթով ու սեւ մազերով ազնիւ երեւոյթ ունեցող այդ տժգոյն ու տխուր մարդուն մէջ, որ, անկողղնին վրայ նստած, աչքերը կը շփէր եւ չորս կողմը կը նայէր ապշութիւնովը մարդու մը, զոր կʼարթնցնեն։

Հասկցաւ կացութիւնը եւ ճիչ մը արձակելով, երեսը բարձին մէջ ծածկեց։

— Մե՜ծդ Աստուած, պոռաց ոստիկանապետը, արդարեւ ահաւասիկ մեր փնտռած մա՜րդը։ Իր լուսանկարէն կը ճանչնամ զինքը։

Բանտարկեալը մեզի նայեցաւ ինքզինքը իր բախտին յանձնող մարդու մը անփութութիւնովը։

— Աւելի՛ գէշ, ըսաւ։ Կրնա՞մ գիտնալ թէ ի՞նչ բանի համար ամբաստանուած եմ։

— Ամբաստանուած էք անհետացուցած ըլլալնուդ համար Մր․ Նէվիլ Սէյնթ…

— Բայց այդ ամբաստանութիւնը հիմ չունի, եթէ սակայն գործը անձնասպանութեան պարագայի մը չվերածուի, ըսաւ ոստիկանապետը ժպիտով մը։ Իրաւ, 27 տարիէ ի վեր ոստիկանութիւն կʼընեմ, բայց ասանկ բանի հանդիպած չէի։

— Եթէ Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրն եմ, ուրեմն ակներեւ է թէ ոճիր գործուած չէ եւ թէ ապօրէն կերպով բանտարկուած եմ։

— Ոճիր չկայ, բայց ծանր սխալ մը կայ։ Աւելի աղէկ պիտի ընէիք ձեր գաղտնիքը յայտնելով ձեր կնոջը։

— Ո՛չ թէ կինս, այլ տղաքներս կը մտածէի։ Աստուած օգնէ ինծի։ Չէի ուզեր որ տղաքս իրենց հօրը համար կարմրին։ Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ գայթակղութիւն։ Ի՞նչ ընելու է։

Շէրլօք Հօլմս անոր քովը, անկողնին վրայ նստաւ եւ ձեռքը մեզմիւ դրաւ անոր ուսին վրայ։

— Ստոյգ է թէ, ըսաւ, եթէ այս գործը դատելու համար ատեանի մը առջեւ հանուիք, դժուարաւ պիտի ազատիք հրապարակումէ։ Միւս կողմէ, եթէ յաջողիք ոստիկանութեան պաշտօնատարները համոզել թէ կարելի չէ ամբաստանութիւն մը ուղղել ձեզի դէմ, լրագիրները լուռ պիտի մնան։ Վստահ եմ թէ ոստիկանապետ Պրէտսթրիթ պիտի նօթագրէ ձեր ըսելիքները եւ խնդիրը պիտի ներկայացնէ որո՛ւ որ պետք է, առանց դատարանի խնդիր ըլլալու։

— Աստուած օրհնէ՜ ձեզ, պոռաց բանտարկեալը եռանդով։ Բանտի եւ նոյն իսկ դահիճի կը հանդուրժեմ, բայց չեմ ուզեր որ տարածուի այս գարշելի գաղտնիքը, որ արատ մը պիտի ըլլայ զաւակներուս համար։ Ձեզմէ զատ ո՛չ ոք պիտի գիտնայ իմ պատմութիւնս։ Հայրս ուսուցիչ էր Չէսթըրֆիլտի մէջ, ուր լաւագոյն կրթութիւն մը ստացայ։ Երիտասարդութեանս ատեն ճամբորդեցի։ Յետոյ դերասան եղայ եւ ի վերջոյ Լոնտոնի մէջ իրիկուան թերթի մը լրաբերի պաշտօնը ստանձնեցի։ Օր մը հրատարակիչս փափաք յայտնեց մայրաքաղաքին մէջ ի գործ դրուող մուրացկանութեան վրայ յօդուածներու շարք մը ունենալ։ Առաջարկեցի այդ յօդուածները հայթայթել իրեն։ Ասիկա եղաւ իմ բոլոր արկածներուս սկզբնաւորութիւնը։ «Ամաթէօռ» մուրացկան եղայ յօդուածներուս իբր հիմ ծառայելիք եղելութիւնները հաւաքելու համար։ Թատրոնի մէջ բնականաբար սովրած էի դէմքս փոխել եւ ճշմարիտ արուեստ մը ըրած էի ասիկա։ Այս տաղանդը օգտագործեցի։ Դէմքս ներկեցի եւ հասարակութեան կարեկցութիւնը հրաւիրելու համար խոշոր վէրք մը շինեցի։ Սովորութիւն ըրի շրթունքս միսի գոյն սնդուսի պզտիկ կտորի մը միջոցաւ վեր առնելու։ Յետոյ շիկագոյն կեղծամ մը դնելով եւ վիճակի համապատասխան զգեստ մը հագնելով, քաղաքին ամէնէն ոգեւորեալ մասին մէջ հաստատուեցայ իբրեւ լուցկի ծախող, բայց իսկապէս պարզ մուրացկան մը ըլլալով։ Եօթը ժամ այս արհեստը ի գործ դրի ու երբ իրիկունը դարձայ, խորին զարմանքով տեսայ որ 26 շիլին եւ 4 բէնա շահած էի։

«Յօդուածներս գրեցի ու այլ եւս այս գործին վրայ չէի խորհեր մինչեւ որ օր մը, բարեկամի մը ծառայելու համար, տեսօրին վճարելի թուղթ մը ստորագրած եւ 25 ոսկիի համար դատարան հրաւիրուած էի։ Չէի գիտեր թէ ո՛ւրկէ ճարէի այս դրամը երբ յանկարծ գաղափար մը եկաւ միտքս։ Պահանջատէրէս 15 օրուան պայմանաժամ մը եւ պետերէս արձակուրդ մը խնդրեցի եւ իբր մուրացիկ ծպտելով օրերս անցուցի ողորմութիւն խնդրելով քաղաքին մէջ։ Տասը օրէն պարտքս հատուցանելու չափ դրամ հաւաքած էի։ Կը խորհիք թէ դժուար էր լուրջ աշխատութեան ձեռնարկել ամիսը երկու ոսկի թոշակով, երբ գիտէի թէ կրնայի մէկ օրուան մէջ նոյնչափ գումար մը շահիլ առանց շարժելու, դէմքս քիչ մը ներկելով եւ գլխարկս գետինը, քովս դնելով։ Սնափառութեանս եւ դրամի սիրոյն միջեւ երկար պայքար մը մղուեցաւ, բայց տոլարները յաղթող հանդիսացան։ Լրաբերութենէ հրաժարեցայ եւ ամէն օր եկայ նստայ այն անկիւնը, զոր նախապէս ընտրած էի եւ ուր կարեկցութիւն կը ներշնչէի տժգոյն դէմքիս շնորհիւ։ Այս միջոցին գրպանս սուերով կը լեցուէր։ Մէկ հոգի միայն գաղտնիքս գիտէր։ Ասիկա տէրն էր Սուէնտէմ֊Լէնի մէկ որջին, ուր կը բնակէի։ Ամէն առտու աղտոտ մուրացիկի պէս ծպտուած դուրս կʼելլէի եւ իրիկունները վայելուչ մարդու կերպարանք կʼառնէի։ Վարձքս լայնօրէն կը հատուցանէի Լասքար կոչուած այդ մարդուն, այնպէս որ գիտէի թէ գաղտնիքս աղէկ կը պահուէր։ Շուտով նշմարեցի թէ շատ կը շահէի։ Ըսել չէ թէ Լոնտոնի մէջ մուրացիկ մը միշտ կրնայ տարին եօթը հարիւր ոսկի շահիլ, ինչ որ շահածիս միջինէն ալ պակաս է։ Բայց ես նմանցնելու բացառիկ կարողութիւն մը ու նաեւ շուտով պատասխան տալու դիւրութիւն մը ունէի, որ վարժութեան հետեւանքով աւելցաւ ու քաղաքին մէջ նշանաւոր անձ մը ըրաւ զիս։ Ամբողջ օրը ճերմակ դրամներով խառնուած սուերու տարափ մը կʼիյնար վրաս եւ շատ հազուադէպ էր որ առ նուազն երկու ոսկի չհաւաքէի։

«Քանի՛ կը հարստանայի, նոյնչափ փառասիրութիւնս կʼաւելնար։ Գիւղին մէջ տուն մը վարձեցի եւ նոյն իսկ ամուսնացայ ու ո՛չ մէկը կասկածեցաւ արհեստիս մասին։ Սիրեցեալ կինս գիտէր թէ պաշտօն մը ունէի քաղաքին մէջ։ Ամէնքը ա՛յսչափ։

«Անցեալ երկուշաբթի գործս լմնցուցած էի եւ աֆիօնի մոլներուն որջին վերեւ գտնուած սենեակիս մէջ կը հագուէի, երբ, պատուհանէն նայած ատենս, ապշութեամբ նշմարեցի կինս որ փողոցն էր եւ աչքերը վրաս սեւեռած էր։ Զարմանքէս պոռացի, երեսս ձեռքերուս մէջ ծածկեցի եւ գաղտնիքիս տեղեակ եղող մարդուն մօտ վազելով ստիպեցի զինք չթողուլ որ ո՛ եւ է մէկը իմ սենեակս ելլէր։ Վարէն լսեցի կնոջս ձայնը, բայց գիտէի թէ պիտի չկրնար վեր ելլել։ Իսկոյն աշխարհիկ մարդու լաթերս հանեցի, մուրացիկի լաթերս հագայ, երեսս ներկեցի եւ կեղծամս դրի։ Կինս անգամ չկրցաւ ճանչնալ զիս այսչափ կատարեալ ծպտումի մը տակ։ Այն ատեն միտքս եկաւ թէ կրնային խուզարկութիւն մը կատարել այս սենեակին մէջ եւ թէ զգեստները պիտի մատնէին զիս։ Պատուհանին մօտ վազեցի բանալու համար եւ այս յանկարծական շարժումին մէջ արիւնեցի մատիս կտրուածքը, որ նոյն առտուն պատահած էր։ Յետոյ բռնեցի զգեստս, որուն ծանրութիւնը աւելցած էր մէջը դրած սուերովս, պատուհանէն նետեցի եւ Թէմիզի մէջ անհետացուցի։ Միւս զգեստներս ալ նոյն վիճակին պիտի ենթարկուէին եթէ այդ պահուն խումբ մը ոստիկաններ սանդուղէն չելլէին։ Քանի մը վայրկեան ետք, ո՛չ թէ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրը ըլլալս երեւան ելած էր, այլ իբրեւ անոր սպանիչը ձերբակալուած էի եւ կը խոստովանիմ թէ ասիկա սփոփանք մը եղաւ ինծի համար։ Ձեզի բացատրելիք ուրիշ բան մը չեմ տեսներ։ Որոշած էի կարելի եղածին չափ երկար ատեն պահել ծպտումս, որուն համար դէմքս աղտոտ էր։ Գիտնալով թէ կինս սոսկալի անձկութեան մը պիտի մատնուէր, մատանիս Լասքարին տուի ա՛յնպիսի պահու մը, ուր ոստիկաններէն ո՛չ մէկը կը նայէր ինծի եւ պզտիկ տոմս մըն ալ միացուցի կնոջս համար, ըսելով թէ վախնալիք բան մը չունէր։

— Այդ տոմսը երէկ միայն հասաւ իր ձեռքըս ըսաւ Հօլմս։

— Մե՞ծդ Աստուած, ի՜նս սոսկալի շաբաթ մը անցուցած պիտի ըլլայ։

— Ոստիկանութիւնը կը հսկէ Լասքարի վրայ, ըսաւ ոստիկանապետ Պրէտսթրիթ եւ կատարելապէս կը հասկնամ թէ իրեն համար դժուար եղած է նամակ մը ձգել թղթատուն, առանց նշմարուելու։ Հաւանաբար յանձնած է իր յաճախորդներէն նաւազի մը, որ քանի մը օր գրպանը մոռցած է զայն։

— Անշուշտ այդպէս ըլլալու է, ըսաւ Հօլմս, գլխի նշանով մը հաւանութիւն յայտնելով։ Մուրացկանութեան համար բնաւ տուգանքի չենթարկուեցա՞ք։

— Մէկէ աւելի անգամներ, բայց տուգանք մը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր ինծի համար։

— Հիմա պէտք է վերջացնել այս գործը, ըսաւ Պրէտսթրիթ։ Եթէ ոստիկանութիւնը պէտք է լռութիւն պահէ այս մասին, Հիւկ Պուն անհետանալու է։

— Այդ մասին յանձնառու կʼըլլամ ամէնէն հանդիսաւոր երդումովը, զոր մարդ մը կրնայ ընել։

— Այդ պարագային մէջ մեր դերը վերջացած է։ Եթէ սակայն դարձեալ բռնեն ձեզ, ամէն բան պիտի ըսենք։ Մր․ Հօ՛լմս, շատ երախտապարտ ենք ձեզի որ խնդիրը լուսաբանեցիք։ Կը փափաքէի գիտնալ ձեր մէթոտը։

— Այդ մէթոտը այս անգամ ալ կը կայանար հինգ բարձերու վրայ նստելուն եւ մէկ ունկիի ծխախոտ սպառելուն մէջ։ Կարծեմ թէ, Ուօ՛թսըն, կառք մը նստելով, ճիշդ նախաճաշի ատեն պիտի հասնինք Պէյքըր Սթրիթ։

ՎԵՐՋ