Մարմինով Տկար, Հաւատքով Զօրաւոր
հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան |
Սրճարանէն ներս մտաւ։ Սակայն սովորական մուտք մը չէր ասիկա։ Հով մը կար վրան, հով մը, որ առաջին իսկ ակնարկէն ուշագրաւ կը դարձնէր զինք․ նարտ խաղացողները պահ մը կը կենային, իրենց աթոռները մէկդի քաշելով ճամբայ կու տային, թուղթ խաղացողները միջոցի մը համար կը դադրէին քսան, քառասուն, փիշփիրիկ հաշուելէ, կլկլակ քաշողները կʼամփոփէին իրենց կլկլակը եւ աւելի կը մօտեցնէին ու սրճեփը, օճախին գլուխէն կը ձայնէր․
— Տե՛ղ բացէք…։
Հրամանը, հրահանգը՝ բոլորին էր, կամ՝ անոնց, որոնք չէին տեսած իր գալը, որովհետեւ միւսները արդէն կարելին ըրած կʼըլլային անոր անցքը բանալու համար։
Եւ ո՞վ տեղ պիտի չբանար անոր, երբ ան փոթորիկի պէս կը մտնէր ներս, բաճկոնը ուսերուն, աւելի ճիշդ՝ մէկ ուսին, սիկառ մը կամ ծաղիկ մը ականջին, կուրծքը բաց, թեւերը սոթտած։
Աշկերտին կը մնար իրար անցնիլ․ մէկո՛ւն կʼըսէր՝ «սա գլխարկդ առ», ուրիշի մը՝ «բաճկոնդ վերցուր», երրորդի մը հարկ չկար, որովհետեւ արդէն երկու աթոռ պարպուած կʼըլլար։
Հարցումներ՝ իրարու ետեւէ, «ինչպէ՞ս ես», «սո՞ւրճ կը խմես թէ թէյ», «այսօր ինձմէ խմէ, իրաւ որ կը վշտանամ…», «չʼըլլար, այսօր զիս պիտի չմերժես»։
Ամէն օր այսպէս էր։ Շնորհ կʼըներ մէկուն ապսպրած սուրճը խմելով, ուրիշի մը կը խոստանար յաջորդ օր ալ իրմէ խմել, շնորհի արժանացողները կը հանգստանային, խոստում առնողները դիրք կը փոխէին իրենց աթոռներուն վրայ, մերժուողները կը տխրէին։
Այսօր ալ այդպէս պիտի ըլլար անկասկած, ինչպէս միշտ, գրեթէ տարիներէ ի վեր, եթէ ներս մտնելու ատեն չզարնուէր դրան անմիջապէս քովիկը նստող մարդուն աթոռին, եթէ այս բախումէն թեթեւ մը չընկրկէր եւ եթէ իր մտնելովը ալքոլի բարկ հոտ մը չտարածուէր սրճարանին մէջ։
Աւանդական պատկառանքը, յարգանքը, ակնածանքը, կարճ պահի մը մէջ, քանի մը երկվայրկեանի, շատ շատ՝ վայրկեանի մը մէջ փոխուեցան։ Հիմա բոլորը կը մտածէին․ «Արդեօ՞ք…»։
Իրարու նայեցան եւ իրարու աչքի մէջ կարդացին նոյն հարցումը․ «Արդեօ՞ք…»։
Դարձեալ աչքերը իրարու պատասխանեցին․ «Այո՛…»։
«Բայց ինչպէ՞ս կʼըլլայ։ Ան, որ… այո, ան, որ ամրաբազուկ էր ու երկաթամարմին, ան, որ զօրեղ էր ու խրոխտ, ան, որ մէկ բռունցքով գոմէշ մը կը սպաննէր եւ մէկ ձեռքով ձի մը կը զսպէր, հիմա ընկրկէր, բախումէ մը ցնցուէր եւ, նոյնիսկ, տքար։ Այո, թեթեւ ճիչ մը արձակեր էր եւ այս՝ ամէն մարդ լսեր էր։
«Արդեօ՞ք»ը, կարճ, շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ իր հաստատական պատասխանը ստացեր էր։ Այո, թաղին սարսափը, պոռոտախօսներու եւ սնափառներու հոգէառը գինով էր, շատ գինով։
Բոլոր խաղերը դադրեցան։ Բոլոր ակնարկները ուղղուեցան այն կողմ։ Ան, երկու քայլ եւս յառաջացաւ ու պարապ աթոռի մը վրայ փլաւ։ Ներկաները դարձեալ իրարու նայեցան։ Բան մը չըսին, բայց շատ բան հասկցուցին իրարու։
Գինով էր։ Գինով էր այնքան, որ ոչինչ կը պահէր նախկին հսկայէն, քայլերը կը կթոտէին, թեւերը կը գալարուէին, գլուխը կʼիյնար։
Ներկաները դարձեալ իրարու նայեցան։
Լռութիւն։
Ոչ նարտի ձայն, ոչ կլկլակի, ոչ ալ որեւէ շշուկ։
Ճանճ մը թռչէր՝ պիտի իմացուէր։
Յուզումի, նենգութեան եւ վրէժխնդրութեան ալիք մը տարածուեցաւ սրճարանէն ներս։
Սրճեփը, ունելին ձեռքը, անշարժացաւ։ Աշկերտը եղած տեղը մնաց։
Քուէները նարտ խաղացողներու ձեռքերուն մէջ կղպուեցան, թուղթերը, քսաններով ու քառասուններով կորսնցուցին իրենց խանդավառող ու յուզումնառիթ հանգամանքը, կլկլակները միայն ծուխ ու պղպջակ դարձան։
Հսկան տարածուեցաւ աթոռին վրայ, թեւերը մէկդի ինկան, ծնօտը դպաւ կուրծքին, աչքերը փակուեցան, բերանը մնաց բաց, քիչ մը ծռած։
Աչքերու արտայայտութիւնները փոխուեցան, ինչպէս եւ դիրքերը՝ աթոռներու վրայ։
Բան մը պիտի ըլլար։ Բաներ մը պիտի պատահէին անտարակոյս։ Ասիկա անխուսափելի էր։ Ա՛նպայման պիտի ըլլար։ Բայց ի՞նչ պիտի ըլլար, ինչպէ՞ս պիտի ըլլար։ Թէեւ ոչ ոք գիտէր, սակայն ամէն մարդ կը սպասէր։
Հսկան յանկարծ դիրք փոխեց, դառնալու ատեն ալ թեւը մօտը նստողի մը զարնուեցաւ։
Մարդը աթոռը քիչ մը հեռացուց եւ քթին տակէն բաներ մը մռլտաց։
Ներկաները զգացին, որ մօտ է այն, ինչ որ կը սպասէին արդէն, յուզուեցան, իրենց շունչը բռնեցին, սպասեցին։
Հսկան չլսեց ըսուածը, շարունակեց մրափել։
Խաղերը վերսկսան, բայց երեւութապէս, որովհետեւ բոլորին միտքը հոն էր։
Թեւեր դանդաղօրէն կը շարժէին, քուէները անաղմուկ կը գլորէին նարտերու մէջ, գլուխներ միշտ կը դառնային այն կողմ։
Հսկան դարձեալ դիրք փոխեց եւ այս անգամ ոտքը զարնուեցաւ աթոռի մը, որուն տէրը այդ միջոցին ձեռքը գտնուած թուղթերը կը հաշուէր։
— Օհա՛, ըսաւ մարդը յանկարծ․ այլեւս ամէն բան ալ չափ մը, սահման մը ունի…։
Հսկան աչքերը բացաւ կէս մը, նայեցաւ։
— Ի՞նչ կայ, հարցուց հանդարտ․ ի՞նչ եղաւ։
— Ի՞նչ եղաւ։ Դուն գիտես ի՞նչ եղաւ։ Սա անպիտանը ամէն մարդ կը խմէ, բայց քեզի պէս ասօր անոր հանգիստը չի խանգարեր։
Հսկան չտկուեցաւ։
— Ի՞նչ եղեր է որ, մեռա՞ր, սատկեցա՞ր, ըսէ՛, ի՞նչ եղար։
— Ինչ եղայ՝ եղայ, ըսաւ միւսը կտրուկ բայց անարգական շեշտով մը։ Ըրածդ ալ չես գիտեր․ տակաւին ի՞նչ կը խօսիս։
— Ի՞նչ եղաւ, հարցուց հսկան դարձեալ․ ըսէ՛ տեսնենք, ի՞նչ եղաւ։
Եւ, իբր պատասխան ստացաւ խօսք մը, զոր ամբողջ կեանքին ընթացքին ոչ ոք համարձակած էր ըսել իրեն, թէեւ ինք շատ ըսած էր ուրիշին։
Ընդոստ ոտքի ելաւ եւ աթոռը վերցուց գետնէն։ Մէկը ետեւէն բռնեց աթոռը, իսկ ան, որ թուղթ կը խաղար եւ «խանգարուեցաւ ու անհանգիստ եղաւ» աթոռին զարնուելէն, նետուեցաւ հսկային վրայ ու բռունցք մը զարկաւ։
Հսկան ցնցուեցաւ, բայց չինկաւ։ Վերցուց բռունցքը, դէմինը խուսափեցաւ, ուրիշներ հասան, հսկային վրայ թափեցան։
Երիտասարդը դուրս նետուեցաւ։ Բոլորը ետեւէն խուժեցին դուրս ու վրան յարձակեցան։ Սրճեփին աշկերտն ալ մէջն էր անոնց, սրճեփը՝ ինքն ալ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք «առիւծ»ին բան մը կարենալ ապսպրելու համար ամէն օր մրցութեան կʼելլէին իրարու հետ։
Մէկի դէմ տասն էին, քսան էին։ Կը յարձակէին աջէն, ձախէն, կռնակէն․ ճակատէն յարձակող գրեթէ չկար։ Ոտքերուն կը փաթթուէին, կʼուզէին գետին գլորել։
Հսկան անընդհատ հարուածներ կը տեղացնէր պարապութեան մէջ, դէմը ոչ մէկ թշնամի։
Հինգ վեց հոգի ոտքերուն պլլուեցան ու յաջողեցան զայն տապալել։ Անկէ վերջ ալ բոլորը վրան թափեցան ու սկսան հարուածել բռունցքներով ու կիցերով։
Հիմա, գետինը, ցեխերու մէջ կը տապլտկէր հսկան, արեան թեթեւ երիզ մը կʼիջնէր բերնին քովէն, կը խառնուէր ցեխերուն, հոն կը դառնար սեւ, աղտոտ կարմիր մը։
Եկաւ պահ մը, ուր այլեւս շնչելն իսկ անկարելի եղաւ ու հսկան աղաչելու պէս ըսաւ զինք հարուածողներուն․
— Կը բաւէ՜, կը բաւէ․ Աստուծոյ սիրոյն, կը բաւէ, անսիրտներ, անաստուածներ, անկրօններ, ես ձեր խիղճը, ես ձեր հաւատքն ու դաւանանքը…
Մուրացիկ մը կար դէմը, քիչ անդին, պատին տակ, որ անուաւոր աթոռակով մը կը քաշքշէր իր մարմինը եւ ամէն օր, մինչեւ իրիկուն կը նստէր հոն, կը մուրար։
Երբ լսեց հսկային այս վերջին խօսքերը, չկրցաւ դիմանալ, գաւազանով թափ տուաւ, շարժման անցուց անուաւոր աթոռակը, որ մարմնին կապուած էր կաշիի կտորներով, եկաւ հսկային քով, մօտեցաւ, կեցաւ գլխուն վերեւ ու ըսաւ․
— Անգամ մըն ալ ըսէ տեսնենք, հա՛, անգամ մըն ալ ըսէ։ Դո՛ւն իմ հաւատքիս, իմ դաւանանքիս, իմ Աստուծոյս, հա՞։ Ձեռէ ոտքէ ինկանք, Աստուծո՞յ ալ հայհոյել տանք, մեր հաւատքին, մեր կրօնքի՞ն հայհոյել տանք, հա՞, ա՛ռ նայինք, ա՛ռ նայինք…
Եւ սկսաւ գաւազանով հարուածել հսկան, որ կը գալարուէր գետինը երկարած։ Բաւական զարկաւ, հինգ, տասը քսան հարուած։ Հսկան երեսի վրայ ցեխերուն մէջ պառկեցաւ, մնաց։
Այն ատեն, հաշմանդամը, դարձեալ շարժման անցուց իր անուաւոր աթոռակը, գնաց նախկին տեղը, տեղաւորուեցաւ, աչքերը դէպի վեր բարձրացուց եւ ըսաւ․
— Փա՜ռք քեզ Աստուած, հազա՜ր փառք… Դուն արարածներդ մի՛ զրկեր քու սուրբ հաւատքէդ, ամէն։
- Հանդէս Մշակոյթի
- 15.02.1956
- Հանդէս Մշակոյթի