Վերջին թարմացում 24 Մարտի 2016, 01:36

Առօրեայ Մտահոգութիւն

01:36, 24 Մարտի 2016 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Առօրեայ Մտահոգութիւն

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Առօրեայ մտահոգութիւն

«Ժուժկալ Նպարավաճառ» Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս, ռունգերուն մէջ մխրճեց բթամատներուն մինչեւ այն մասերը, որոնք մարդակազմութեան մէջ Ֆալանժին[1] կը կոչուին։ Երկա՜ր երկար քիթը խառնեց Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս, ու յետոյ, դիմացի պատէն կախուած նկարին նայեցաւ։ Այս տեսակ նկարներու յաճախ կարելի էր հանդիպիլ հին նպարավաճառներու խանութներուն մէջ։ Նկարը երկու մասէ կը բաղկանար։ Առաջին մասը ցոյց կու տար գէր մարդ մը, որ ոտքը ոտքին վրայ դրած նստեր էր աթոռին վրայ, դրամարկղի մը քով։ Դրամարկղը բերնէ բերան լեցուն էր դրամով եւ նկարին վերի կողմը սապէս արձանագրութիւն մը կար․ «Կանխիկ ծախողը այսպէս կʼըլլայ»։ Ասոր քով ուրիշ նկար մը, նիհար, փճացած մարդ մը՝ գլուխը ձեռքերուն մէջ առած, պարապ դրամարկղ մը եւ պարապ խանութի մէջ վազվզող մկներ։ Այս նկարին վերի կողմն ալ կար սապէս արձանագրութիւն մը․ «Ահաւասիկ ապառիկ տուողին վիճակը»։

Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս, երկար երկար նայեցաւ կանխիկ առեւտուր ընող նպարավաճառին նկարին։ Յետոյ ոտքը ոտքին վրայ նետեց ու փորը քիչ մը եւս դուրս հանեց։ Յար եւ նմանն էր նկարին մէջի առեւտրականին։ Բայց Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս ապառիկ ալ կու տար եւ ապառիկ առեւտուրը աւելի շահաւէտ էր գործը գիտցողին համար։

Ոտքի ելաւ ու կամաց կամաց յառաջացաւ դէպի լուբիային պարկերը։ Ձեռքերը մխրճեց պարկերուն մէջ ու միջոց մը լուբիաները խառնելէ վերջ, դարձեալ ձեռքովը հարթեց զանոնք։ Յետոյ երկար երկար նայեցաւ փայտիկի մը վրայ անցուած խաւաքարտի կտորին, ուր գրուած էր․

«Լուբիա 68 ղրուշ»։

Խաւաքարտը հանեց փայտիկին վրայէն․ դարձուց, շրջեց, «լուբիա»ն հակառակ դարձաւ, բայց 68ն ալ 89 եղաւ։ Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս լուբիայի պարկերուն դէմը անցաւ ու սկսաւ մտածել․

— Քիլոյէն 21 ղրուշ։ 21 ղրուշ ալ գնումի գինին վրայէն, 42 ղրուշ։ Քիլօ մը լուբիայէն 42 ղրուշ։ Լուբիան աղքատին միսն է եղեր։ Ժողովուրդն ալ վրան կը թափի լուբիային։ Կե՛ր հա կեր։ Կʼուտուի ալ անպիտանը։

Խանութին դուռը բացուեցաւ, Համբար Աղան ներս մտաւ։ «Ժուժկալ Նպարավաճառ» Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս իր հաշիւը կէս ձգեց ու գլուխը դրան կողմը դարձուց։

— Խերն անիծեմ, ըսաւ Համբար Աղա յիշոց մը արձակելով․ այս աշխարհի վրայ նպարավաճառ ըլլալու է եղեր։ Շաքարը կը սղէ նպարավաճառներուն աչքը լոյս։ Լուցկի չի գտնուիր, Քիր Պօտոս գործի կը լծուի։

— Չէ՛, չէ, գիտցածիդ պէս, կարծածիդ պէս չէ, առարկեց Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս։ Մեծ լեռը մեծ երկրաշարժ կʼունենայ։ Այս գործերը խօսքով չեն դառնար։ Ամառ եկաւ, սառնադարան մը գնել կʼուզէի՝ դրամը ո՞ւր է։ Խանութն ու տունը մեծ նորոգութեան մը կը կարօտին․ ձեռքս տասնոց չկայ։ Միւս տունին վարձակալները կը գանգատին ըսելով թէ տանիքը կը վազէ։ Ի՞նչ ընեմ, ինչպէ՞ս ընեմ։ Քեզի համար ասոնցմէ եւ ոչ մէկը գոյութիւն ունի։ Իրիկունը գլուխդ բարձին դրածիդ պէս քունդ կը տանի․ մինչ ե՞ս․ եկուր անգամ մըն ալ ինծի հարցուր։ Ժամերով կը չափեմ, կը չափչփեմ, աջ կը դառնամ, ձախ կը դառնամ, մէջէն չեմ կրնար ելլել։ Ապրանք գնելու պիտի երթամ, ապառիկները չկրցայ գանձել։ Վաճառականը դրամ կʼուզէ։ Հէ՛յ կիտի Համբար Աղա հէյ, թմբուկին ձայնը հեռուէն անուշ կու գայ։

Համբար Աղա լուռ, մտիկ կʼընէր։ Իսկապէս Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօսի ունեցած մտահոգութիւններէն ոչ մէկը ունէր ինք։ Աշխարհի վրայ իր ունեցած մտահոգութիւններէն ոչ մէկը ունէր ինք։ Աշխարհի վրայ իր ունեցած բաները սահմանափակ էին եւ ինք ալ երբեք դժգոհ չէր աւելի բան մը չունենալուն համար։ Կարի մեքենայ մը եւ երկու ոտքին ճկոյթներուն վրայ ալ մէյմէկ խոշոր կոշկոռ․ ահա Համբար Աղային աշխարհի վրայ ունեցած բոլոր ինչքն ու ստացուածքը։ Կարի մեքենան, կէս կուշտ, կէս անօթի կʼապրեցնէր զինքը․ իսկ կոշկոռները, երկու երեք շաբաթը անգամ մը տաշելու պարագային, երբեք դժբախտ չէին ըներ Համբար Աղան։

Համբար Աղա նստաւ «Ժուժկալ Նպարավաճառ» Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօսին դէմ եւ սկսաւ շուրջը դիտել։ Աչքերը, լուբիային գիները ցոյց տուող խաւաքարտին հանդիպեցան։

— Այս ի՞նչ է, հարցուց։ 68նոց լուսիան ութսունը ի՞նը եղաւ։

— Է՜հ, ի՞նչ ընենք, պատասխանեց Քիր Պօտոս փորը շփելով։ Հիմա այլեւս վաթսունըութը ղրուշի մե՛նք կʼառնենք։ Կառքի դրամ, բեռնակիրի դրամ, կշիռքէն կը կորսնցնենք եւայլն։ Հազիւ արժեգինը կը փրկէ։

Համբար Աղա մտիկ չըրաւ պատմութեան շարունակութիւնը։ Աչքը այս անգամ ալ գնաց հանդիպեցաւ դարանին վրայ շարուած օղիի շիշերուն եւ նայուածքները գամուած մնացին այդպէս։

— Քիր Պօտո՛ս, ըսաւ յանկարծ աչքերը շիշերէն հեռացնելով եւ «Ժուժկալ Նպարավաճառ» Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօսին դառնալով։ Սա օղիները քանի՞ օրէն կը խմես։

— Ինչո՞ւ կը հարցնես, ըսաւ նպարավաճառը խնդալով։

— Չէ՛, ըսէ, քանի՞ օրէն կը խմես։

— Ամիսէ մը, պատասխանեց Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս։

— Մե՜ղք որ կարասի չափ ալ փոր մը ունիս, ըսաւ Համբար Աղա։ Զիս շաբաթ մը հոս ձգէ, եօթերորդ օրը եկուր պարապ շիշերը ժողվէ։

Յետոյ անմիջապէս աւելցուց․

— Չէ, չէ, կատակ ըսի Քիր Պօտոս։ Մենք ո՜ւր, օղի խմող մարդը ուր։ Հաշիւիս տետրակը լեցաւ, պարտքը կոկորդս անցաւ…

«Ժուժկալ Նպարավաճառ» Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս մըտիկ չէր ըներ Համբար Աղայի ըսածները։ Այս անգամ ալ ոսպին պարկին վրայի խաւաքարտին սեւեռած էր աչքերը։ Երկար երկար ու երազկոտ աչքերով կը նայէր խաւաքարտին, ուր գրուած էր․ «Ոսպ 66 ղրուշ»։

— Եթէ հակառակ դարձնես, 99 ղրուշ կʼըլլայ, մտածեց Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս։ Մէկ քիլոյէն 33 ղրուշ շահ։ 15—20 ղրուշ ալ գնումի գինին վրայէն, քիլօ գլուխ մօտաւորապէս կէս ոսկի շահ։ Եթէ օրական տասնըհինգ քիլօ ծախեմ…

— Է՜յ, ի՞նչ կը մտածես, հարցուց Համբար Աղա յանկարծ անոր ծունկին զարնելով։

— Ի՞նչպէս չմտածեմ, ըսաւ Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս տխուր աչքերով անոր երեսը նայելով։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը․ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վերջը։ Քու հոգդ չէ։ Ա՜խ, եթէ ես ալ քեզի պէս ըլլայի…

— Ինծի՞ պէս։

— Հապա ի՞նչ։ Թմբուկին ձայնը քեզի հեռուէն անուշ կու գայ, Համբար Աղա։ Չըլլաս ու չգիտնաս։ Մեծ լերան երկրաշարժն ալ մեծ կʼըլլայ։ Մկները օճառի պարկերը կը կրծեն․ գետնախնձորները կը խոնաւնան ու կը ծլին․ շաքարին տակը ջուր կը քալէ։ Ասիկա խանութին հոգը։ Միւս կողմէ, վարձակալները գլխուս միսը կʼուտեն ամէն օր, ըսելով թէ տանիքը կը վազէ։ Կինս՝ «ամարանոց երթանք» մը բռներ է կʼերթայ։ Քիթէս բերնէս կը բերեն կեանքս։ Ա՜խ, Համբար Աղա, չըլլաս ու չգիտնաս։ Քու կեանքդ պէյի կեանք է, պէյի։ Յարգը գիտցիր քու այդ կեանքիդ։

Համբար Աղա երկար երկար նայեցաւ լուբիային գինը ցոյց տուող խաւաքարտին։ Անկէ վերջ, ոտքի ելաւ ու Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօսի դառնալով ըսաւ․

— Է՜հ, ի՞նչ ընենք, եթէ 89 է, թող այդպէս ըլլայ։ Կռչէ տեսնենք կէս քիլօ լուբիա։

Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս շաշուլան մխրճեց լուբիայի պարկին մէջ ու կէս քիլօ լուբիա տուաւ Համբար Աղային։ Համբար Աղա լուբիան առաւ ու գնաց։ Իսկ Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս ապառիկի տետրակը բացաւ ու Համբար Աղայի անունին դէմ արձանագրեց․

«Կէս քիլօ լուբիա 44.5 ղրուշ»։

Յետոյ գնաց մատիտով աւրեց այն գիրերն ու թուանշանները —«Լուբիա 68 ղրուշ»— եւ խաւաքարտին ետեւի կողմը դարձնելով խոշոր գիրերով գրեց․— «Լուբիա 89 ղրուշ»։

Անկէ վերջ անցաւ ոսպին պարկին դիմացը, պատէն կախուած պատկերին ճիշդ տակը ու ռունգերուն մէջ մխրճեց բթամատերուն մինչեւ այն մասերը որոնք մարդակազմութեան մէջ Ֆալանժին կը կոչուին։ Յետոյ, երկար երկար քիթը խառնեց ու թաղուեցաւ իր անվերջ, անհատնում հաշիւներուն մէջ։

Դէպի Լոյս
Ե․ Նորենց ծածկանունով, 22.07.1950
  1. Ֆալանժ(ին) կոճ, մատնոսկը (ֆրանս․ phalangine, phalange)