Վերջին թարմացում 28 Մարտի 2014, 03:10

Ես Հոս Դրան Մղլա՞կ Եմ

03:10, 28 Մարտի 2014 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Ես հոս դրան մղլա՞կ եմ…

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Շոգեկառքը վերջին կայանը հասաւ եւ հոն՝ սեւ վիշապի մը պէս փսխեց իր կուլ տուածները՝ դէպի ծովափ։ Ժողովուրդը, ամրան կիզիչ արեւուն տակ, բազմագոյն հեղեղի մը պէս հոսեցաւ սանդուխներէն վար․ դէպի նաւամատոյց եւ թուռնիքէներու նախ կշռութաւոր, ապա անկանոն ձայներուն մէջ հալեցաւ ու կորսուեցաւ։

Միջոց մը, նոյն իրարանցումը շարունակուեցաւ նաեւ նաւամատոյցի սպասման սրահին մէջ, բայց քանի՛ ժողովուրդը աւելցաւ, շարժումը այնքան դանդաղեցաւ եւ եկաւ պահ մը, ուր ի վերջոյ բոլորն ալ գրեթէ անշարժացան՝ ամենափոքր շարժումն անգամ անկարելի դարձած ըլլալով այլեւս բոլորին։

Մարդ մը, կին մը, 15֊16 տարու աղջիկ մը եւ 8֊10 տարու աղջնակ մը, ըստ երեւոյթին՝ ընտանիք մը, սրահին մէջ սկիզբները միւսներուն նման քանի մը անգամ տեղ փոխելէ վերջ, խճողումի հետեւանքով վերջապէս իրենք ալ անշարժացան եւ կինն ու աղջնակը նստարանի մը վրայ նստած, մարդն ու աղջիկը ոտքի, սկսան սպասել շոգենաւին, որ սակայն անբնականօրէն կʼուշանար։

Մարդիկ, տակաւին զիրար մը հրմշտկէին, վերջին եկողները իրենց տեղ կարենալ բանալու համար կը սողոսկէին բազմութեան մէջ, ասոր անոր կը զարնուէին ու կը ջանային այդքան խճողումին մէջէն իսկ անցնելով մօտենալ նաւամատոյցի դրան, գէթ շոգենաւին մէջ նոյն բախտը ունենալէ խուսափելու համար։ Ու մինչ շոգենաւը կʼուշանար, թուռնիքէները կը գործէին տակաւին, յապաղած վերջին ճամբորդներն ալ ընդունելու համար՝ արդէն իսկ շարժտկելու անկարող ներսի բազմութեան մէջ։

Մարդը անհամբերութեան նշաններ ցոյց կու տար, մերթ ժամացոյցին կը նայէր, մերթ պատուհանէն շոգենաւին գալիք ուղղութեան ու քթին տակէն բաներ մը կը մռլտար շարունակ անհասկնալի կերպով, ջղային շարժումներով։

— Ձեր ժամը քանի՞ն է, հարցուց ի վերջոյ կնոջը եւ մեծ աղջկան խիստ շեշտով մը, շոգենաւը ուշացաւ։

Կինը, չլսել ձեւացուց ու շարունակեց նայիլ աջ ու ձախ, կիներուն եւ երիտասարդ աղջիկներուն հագուստները դիտելով, արդուզարդը քննելով։ Իսկ աղջիկը քթին տակէն բաներ մը ըսաւ, զոր թերեւս ինքն անգամ չհասկցաւ։

Մարդը կրկնեց հարցումը․ աղջիկը այս անգամ բնաւ չպատասխանեց, մօրը պէս ըրաւ, գլուխը անդին դարձուց եւ սկսաւ դիտել նորեկները՝ մուտքին ուղղութեամբ։ Մարդը, քթին տակէն դժգոհութեան նշաններ ցոյց տալով իր կարգին բաներ մը մռմռաց, յետոյ խօսքը պզտիկ աղջկան ուղղելով, անոր հարցուց, թէ իր ժամը քանի՞ն էր։

Աղջնակը ժամը ըսաւ։ Մարդը ասոր վրայ կրկին նայեցաւ իր ժամացոյցին, ի նշան զարմացումի՝ շրթունքները փոթփոթեց եւ անգամ մը եւս նայեցաւ պատուհանէն դուրս՝ գէթ հեռուէն շոգենաւին գալը կարենալ տեսնելու յոյսով։

Տաք էր․ խճողում ալ կար, օդ չէր բաներ, ամէն մարդ՝ յայտնի էր, որ անհանգիստ էր։ Ոմանք, իրենց օրաթերթերով կը հովահարուէին ու կը զովանային, ուրիշներ այդքան շարժումին իսկ ազատութիւնը չունէին ու նեղութեամբ եւ ատելութեամբ կը նայէին իրենց քովիններուն, որոնք ակամայ կʼարգիլէին այդ շարժումը, իրենց կարգին՝ իրենք եւս նոյնը ընելով յաճախ։

— Ո՛ւշ մնացինք, ըսաւ մարդը՝ խօսքը նետելով օդին մէջ գրեթէ ոչ ոքի ուղղեալ։ Տեսա՞ք եղած գործը հիմա։

Իրօք ալ, ոչ ոք պատասխանեց իր այս խօսքին, միայն քանի մը ճամբորդներ անգամ մը եւս իրենց ժամացոյցներուն նայեցան կամ իրենց գլուխը պատուհանին կողմը դարձուցին՝ շոգենաւը տեսնելու համար։

Չկար։

Կինը, նորեկներէն մէկը ցոյց տալով մեծ աղջկան բաներ մը ըսաւ։ Աղջիկը չհասկցաւ, ծռեցաւ, մայրը խօսքը անգամ մը եւս կրկնեց անոր ականջին մեղմաձայն։ Զարմանքի քմծիծաղ մը ուրուագծուեցաւ աղջկան դէմքին վրայ, մօրը երեսը նայեցաւ։ Մայրը ակնարկներովը հաստատական նշան մը ըրաւ եւ աղջիկը խնդաց։ Մարդը ատելութեամբ նայեցաւ իր կնոջ եւ աղջկան ու դարձեալ քթին տակէն բաներ մը մռլտաց։


— Ուշացաւ, ըսաւ կինը՝ խօսքը ուղղելով աղջկան։

Աղճիկը ժամացոյցին նայեցաւ, չպատասխանեց։

Մարդը գրպանէն ժամանակացոյց մը հանեց եւ երկարեց՝ ըսելով․

— Անգամ մը նայէ, տեսնենք քանիի՞ն է։

Կինը, արհամարհանքով վերէն վար լուռ չափչփեց ամուսինը եւ առանց բան մը ըսելու՝ ժամանակացոյցը ետ տուաւ։

Մարդը բարկութեամբ առաւ զայն կնոջ ձեռքէն եւ այս անգամ երկարեց մեծ աղջկան։

— Ես ժամանակացոյցի նայիլ չեմ գիտեր, ըսաւ աղջիկը կարճ ու կտրուկ եւ ձեռքն իսկ չառաւ։

Մարդը քթին տակէն բաներ մըն ալ մռմռաց, յետոյ խօսքը կնոջը ուղղելով ըսաւ․

— Ափով դրամ կու տանք ու դպրոց կը ղրկենք ահա եւ օրիորդը ժամանակացոյցի նայիլ մը անգամ չի գիտեր եղեր, կը տեսնե՞ս։

Կինը չպատասխանեց։

Աղջիկը՝ անտարբեր ակնարկ մը նետեց հօրը վրայ, գլուխը անդին դարձուց՝ անորոշ տեղ մը նայելով։ Պզտիկը՝ քիչ մը եւս սեղմուեցաւ մօրը եւ սկսաւ անոր պայուսակին կափարիչովը խաղալ՝ բանալ գոցելով։ Մայրը, նախ աղջկան ձեռքը անդին հրեց արգիլելու համար, բայց երբ տեսաւ որ տակաւին կը շարունակէ ան խաղալ, բարկութեամբ քաշեց պայուսակը եւ միւս կողմը առաւ։ Պզտիկ աղջիկը պահ մը վշտացած նայեցաւ մօրը, յետոյ ակնարկները գետին խոնարհելով սկսաւ կօշիկներուն ծայրերը դիտել։

Բազմութեան մէջէն ձայն մը՝

— Եկա՛ւ, եկա՛ւ, ըսաւ։

Շարժում մը ծայր տուաւ, ժողովուրդը ալեկոծեցաւ։ Երիտասարդի մը բարձրաձայն եւ անպատկառ ծիծաղը լսուեցաւ սակայն շուտով եւ ընկերներունը միացաւ անոր։

Յուսախաբ, ճամբորդները իրենց տեղերը մնացին այս անհամ կատակէն դժգոհ։

— Իշու կատակ, ըսին աջէն ու ձախէն։

— Ահագին տղայ՝ չʼամչնար, ըսին աւելի վերապահները։

Մարդը, բարձրաձայն մօրը ու կնկանը քֆրեց այդ կատակը ընողին։

Կինը՝ շապիկէն քաշեց մարդուն, մեծ աղջիկը՝ «հայրի՛կ, ամօթ է» ըսաւ, պզտիկը՝ մտահոգ ակնարկները վերցուց եւ հօրը աչքերուն մէջ նայեցաւ։

Մարդը քթին տակէն շարունակեց հայհոյել՝ այս անգամ դէպի ծով՝ շոգենաւին գալիք ուղղութեամբ։

Կինը յանդիմանեց․

— Է՛յ, ըսաւ, հերիք տրտռաս, տունէն ելլելէդ ի վեր դէմդ եկողին կը հայհոյես։ Ամօթ ըսուած բան մը կայ․ չես նայիր՝ քովդ կին ունիս, աղջիկներ ունիս։

Մարդը լռեց։ Բարկութեամբ սկսաւ աջն ու ձախը դիտել։ Ակնարկները պահ մը կառչեցան պզտիկ աղջկան կոշիկներուն․ նայեցաւ, նայեցաւ, պոռթկաց․

— Երկաթէ ըլլայ՝ նորէն կօշիկ չի դիմանար այս աղջկան։ Կʼուտէ՞, ի՞նչ կʼընէ․ չեմ հասկնար։ Ե՞րբ էր առինք տակաւին․ հալեր, լմնցեր է։

Կինը խիստ ակնարկով մը նայեցաւ աչքին մէջը, յետոյ սաստեց․

— Հիմա ատոր ոչ տեղն է, ոչ ալ ատենը։ Դուն առանց խօսելու չե՞ս կրնար կենալ մարդ, կը ճաթի՞ս, ի՞նչ։

Մարդը կրկին լռեց․ դարձեալ սկսաւ նայիլ պատուհանէն դուրս, շոգենաւին գալիք ուղղութեամբ։

— Ելէ՛ք, ըսաւ, ահա շոգենաւը կու գայ վերջապէս։ Ելէ՛ք, մի՛ տնտնաք։

Ուրիշներ ալ հաստատեցին ատիկա։ Նստողներուն ըսին, որ կու գայ։ Ժողովուրդը կրկին խռնուեցաւ, բոլորն ալ դէպի դուռ խուժեցին։

Շոգենաւը մօտեցաւ։ Արդէն կիսով լեցուն էր, դռները բացուեցան, ճամբորդները զիրար հրելով հրմշտկելով ներս մտան։ Մարդը քանի մը անգամ պոռաց կնոջը եւ աղջիկներուն, որ քիչ մըն ալ աճապարեն, կինը կրկին սաստեց․

— Մի՛ պոռար, ի՞նչ կայ, չե՞ս տեսներ, կը քալենք ահա, ըսաւ։

Մարդը անոնցմէ առաջ անցաւ, գնաց տեղ բռնեց անոնց համար, սպասեց որ գան։ Նստած տեղէն ալ պոռաց․

— Շո՛ւտ ըրէք, շարժեցէ՛ք, հիմա տեղերը ձեռքէ պիտի երթան, ըսաւ։

Աղջիկը պատասխանեց, թէ կու գան ահա, պոռալիք ի՞նչ կայ հիմա։

Եկան, նստան՝ հանգստացան։ Մարդը յոգնած՝ ոտքերը երկարեց դէպի դէմի նստարանը։ Քանի մը անցորդներուն ոտքը ոտքերուն կառչեցաւ, ոմանք ներողութիւն խնդրեցին, ոմանք՝ բան մըն ալ չըսին․ ան խիստ խիստ նայեցաւ բոլորին երեսն ի վեր կամ ետեւէն ու ամէնուն ալ բաներ մը մռլտաց։ Սպասեակը եկաւ նախկին ճամբորդներէն մէկուն բերած թէյին գաւաթը առնելու, ան ալ մարդուն ոտքին կառչեցաւ, քիչ մնաց որ քթի բերնի վրայ իյնար, գաւաթ մաւաթ, ափսէ մափսէ մէկդի երթային, լեցուն գաւաթներուն մէջի թէյերը թափէին նստողներուն վրայ։ Սպասեակը ներողութիւն խնդրեց, ցաւ յայտնեց պատահածին համար։ Մարդը, վերէն վար, ոտքէն մինչեւ գլուխը չափչփեց սպասեակը, քթին տակէն բաներ մը ըսաւ։ Սպասեակը չլսել ու չտեսնել ձեւացուց եւ անցաւ գնաց։

Կինը ոտքովը զարկաւ մարդուն ոտքին․

— Քաշէ՛ սա ոտքերդ, կիրակի օրով փորձանք պիտի բանաս մեր գլխուն, քթէ բերնէ պիտի բերես պտոյտն ալ, բանն ալ, ըսաւ։

Մարդը ոտքերը քաշեց, սկսաւ շուրջը դիտել։ Անդին, մանուկ մը, առանձին նստեր՝ իրենց կողմը կը նայէր։ Քովը ծրարներ կային մեծ ու փոքր եւ գիւղական պայուսակ մը։ Յայտնի էր որ կա՛մ նոր կու գար գաւառէն եւ կամ այցելութենէ կը վերադառնար անկէ։ Յոգնած կʼերեւէր, հաւանաբար շոգեկառքի երկար ճամբորդութեան մը հետեւանքով, քիչ մըն ալ բաժանումին տուած յուզումէն։ Անորոշ ակնարկներով շուրջը կը դիտէր, նայուածքները մերթ ընդ մերթ կանգ կʼառնէին տեղ մը, յետոյ ուրիշ տեղ մը կը փոխադրուէին աննպատակ։

Ընտանիքին հայրը, պահ մը ուշադրութեամբ քննեց մարդը՝ ակնարկները անոր վրայ սեւեռած։ Յետոյ, յանկարծ, վեր խոյացաւ տեղէն, գնաց կառչեցաւ շուարած մարդուն օձիքին ու սկսաւ կաշկանդել զայն՝ հայհոյելով ու պոռալով․

— Ծօ՛ արջ, Աստուծոյ արջը,դուն ինքզինքդ ո՞ւր կարծեցիր, լերան գլո՞ւխը, հա՞, ըսէ՛, լերան գլո՞ւխն ես ծօ, լերան գլուխը անգամ ատանկ չեն նայիր կնոջ ու աղջկան՝ էրիկմարդուն քովը։ Մենք ի՞նչ ենք հոս, դրան մղլա՞կ ենք, ըսէ անամօ՛թ, ըսէ՛ անպատկառ…

Մարդուկը, զարմացած ու շուարուն, բերանաբաց, բան մը չէր ըսեր, անորոշ վանկեր կը կակազեր միայն ու ցնցուելով դիմացինինն երես կը նայէր՝ լալու պէս։ Միւսը փրփրած, լեզուին կու տար շարունակ, կը հայհոյէր, կʼանարգէր, օձիքէն կառչած՝ կը ցրցտնէր անխնայ, մոլորվուրդն ալ զարմանահար կը դիտէր։

Վրայ հասաւ կինը, բռնեց ամուսնին շապիկէն ,քաշեց, քաշկռտեց, բերաւ զայն տեղը նստեցուց․

Ի՞նչ կʼուզես խեղճ մարդուկէն, սաստեց, դուն խենթացե՞լ ես այսօր, ի՞նչ ես եղել։

Գաւառացին, տակաւին շփոթանքը վրան, սկսաւ իր տարտղնուած իրեղէնները հաւաքել ու վրան գլուխը շտկել, մինչ անգին, դողահար, աղջիկները իրենց հայրը կը ջանային հանդարտեցնել։ Մարդը լեզուին տուած՝ կը պոռար․

— Դուն մեզ ի՞նչ կարծեցիր, ծօ ա՛րջ՛ ատիկա՝ քու մայրդ է։ քու քոյրդ, հասկացա՞ր։ Աստուծոյ արջը։

Միւս ճամբորդները, երբ տեսան որ ամէն վայրկեան կրնար նոր բան մը պատահիլ, գաւառացիին ըսին, որ գոյքերը հաւաքէ եւ ուրիշ տեղ մը երթայ նստի։ Մարդուկն ալ շուարած ու յուզուած, մտիկ ըրաւ, հաւաքեց ծրարներն ու տոպրակները, ելաւ գնաց ո՛վ գիտէ ուր նստելու, ա՛լ զինքը չտեսանք։

Աղջիկներուն հայրը կը շարունակէր տակաւին տրտնջալ, մինչեւ որ կինը միջամտեց․

— Հերի՛ք է, խայտառակ ըրիր մեզ այսքան հոգիին առջեւ, ըսաւ։

— Թող գիտնա՛յ, ըսաւ մարդը վերջին պատասխան մը ըլլալով․ թող գիտնայ, որ մենք ալ էրիկմարդ ենք, դրան մղլակ չենք։ Ամէն թռչունի միս չʼուտուիր․ ահա այդպէս կʼընեմ ես մարդը․ թող երթայ ու սորվի։

Կինը խիստ շեշտով մը կրկին սաստեց․

— Հիմա ե՛ս պիտի պոռամ եւ ամէն մարդ այն ատեն պիտի գիտնայ, թէ դուն ի՞նչ ես, ըսաւ։ Հերի՛ք է, հերի՛ք․ ի՞նչ կʼուզէիր խեղճէն, ի՞նչ ըրաւ մարդուկը քեզի, բա՛ն մըն ալ չըրաւ։

Մարդը փորձեց պատասխանել, կինը սաստեց, ոտքը զարկաւ ոտքին, «լռէ՛» ըսաւ ակռաներուն արանքէն։ Ա՛լ չխօսեցաւ, պատուհանէն սկսաւ ծովը դիտել։

Մեր Տունը
07.08.1967