Վերջին թարմացում 8 Հունիսի 2014, 17:02

Եթէ (Մուշեղ Իշխան)

17:02, 8 Հունիսի 2014 տարբերակ, Մազութի Համո (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Եթէ

հեղինակ՝ Ռադյըրդ Քիպլինգ
թարգմանիչ՝ Մուշեղ Իշխան

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Եթէ ուրիշներ կը կասկածին վրադ,
Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձի ,
Կամ չստել՝ շրջապատուած սուտերով,
Ատողներու մէջ ըլլալ սիրալիր,
Եթէ կրնաս ըլլալ բարի , բայց ուժով․
Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն
Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող ,
Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան
Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող․
Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ
Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի
Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,
Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի․
Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու,
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ ,առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ ,երբ մեռած է ամէն բան
Բացի կամքէն , որ կը մնայ մէջդ վառ.
Եթէ կրնաս արքաներու հետ ՝ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ թաղես կրքի րոպէն վաղանցուկ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէն ուն կուտաս արժէքն իր արդար ,
Եթէ սիրես , բայց սիրոյդ խենթ չդառնաս․
Քու՛կդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար
Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես ,տղաս։