հեղինակ՝ Ա․ Աբրահամեան, Եու․ Բարոեան, Գ․ Մարկարով, Կ․ Մարկարեան |
Հրատարակիչներու կողմէ
«Տեղեկագիտութեան» լեզուն՝ միայն քսաներորդ դարու զարգացումին խորհրդանշանը չէ․ անիկա կրնայ նկատուիլ նաեւ իբր խաղաղութեան լեզու։ Աշխարհի բոլոր երիտասարդները, որոնք մինչեւ երէկ կը զանազանուէին տարբեր լեզուներով, կրօնքներով, սովորութիւններով ու բարքերով, համակարգիչի լեզուին ճամբով եւ զիրենք իրարու զօդող սիրով՝ կրնան հաղորդակցութեան կերպ մը գտնել, որ կը գերազանցէ աշխարհագրական ամէն սահման։
«Տեղեկագիտութեան» լեզուին միջոցով՝ համախմբուած երիտասարդներուն կը վերաբերի գերազանցել հին արգելքներ եւ հակադրութիւններ, յաղթաըարելով հազարամեայ ատելութիւնը՝ որ կը կաշկանդէ զանազան ժողովուրդներ։
Մեր մաղթանքն է որ այս ուղեկիծ֊գիրքը կարենայ նպաստել ո՛չ միայն Հայաստանի յառաջադիմութեան ու վերելքին այլ նաեւ ժողովուրդներու խաղաղութեան։
ՊԵՏՐՈՍ ՔՈՒՉՈՒՔԵԱՆ
Իտալիոյ Հայ Գաղութ
Միլանոյ
Նկատի առնելով Հայ ժողովուրդի միասնութեան ներկայ օրերու հրամայականը՝ յարմար նկատեցինք այս հրատարակութիւնը հանրութեան յանձնել Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ, իբր խորհրդանիշ՝ Հայ ժողովուրդի միասնութեան իղձերուն իբր գործնական արտայայտութիւն։
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ
Վենետինկ — Ս․ Ղազար
Ներածութիւն
Ինֆորմատիկայի Ինտենսիւ զարգացումը եւ տարածումը բերեցին քոմփիւթերային թեմատիկայի նկատմամբ հետաքրքրութեան կտրուկ մեծացման։ Ընթերցողին առաջին հերթին կը հետաքրքրէր «Ի՞նչ են քոմփիւթերները եւ ի՞նչ կը տայ դրանց օգտագործումը մարդկային գործունէութեան այս կամ այն բնագաւառում» հարցերը։