Վերջին թարմացում 29 Հոկտեմբերի 2015, 00:33

Սոնիա, Սոնիա, Սոնիա

00:33, 29 Հոկտեմբերի 2015 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Սոնիա, Սոնիա, Սոնիա

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Փողաւոր ձայնագրի մեքենայ մը եւ երկու սկաւառակ մէկ կողմը, անկէ անդին մնացեալը միւս կողմը։ Մեքենային եւ սկաւառակին կողմը մենք՝ ընկերներով, միւս կողմը՝ ամբողջ աշխարհը՝ իր բոլոր ցաւերով, մտահոգութիւններով ու դառնութիւններով։

Պատանի ենք, կեանքի վարդագոյն քօղը մեր աչքերուն, սրտերուն՝ անհամար յոյսերու եւ սէրերու կոկոններ, արեան մէջ հուր մը, որ կʼեռայ, կը բռնկի եւ մեր խումբը՝ փողաւոր ձայնագրի մեքենայով եւ երկու հին սկաւառակներով։

Մեքենան ըսես՝ զի քո է կարողութիւն, սկաւառակներն ըսես՝ պապուս ու մամուս օրերէն մնացած, մենք ըսես՝ կեանքով գինով ու վաղուան հեռանկարով կլանուած։ Եւ այնպէս, ամբողջ աշխարհ մը՝ ինքն իր մէջ, վարդագոյն, վարդագոյն, վարդագոյն…։

Երկու սկաւառակի վրայ՝ չորս երգ։ Առաջինին վրայ՝ ծանօթ երգչուհի մը —յիսուն տարի առաջուան համար ծանօթ անշուշտ — կʼերգէ երգ մը, որ կը խօսի «երկու սէրերու» մասին։ «Երկու սէր ունիմ» եւլն․ կʼըսէ։ Մենք մէկ հատին ետեւէն ենք։ Չենք սիրեր այս երգը։ Մեզմէ եւ ոչ մէկը կը սիրէ զայն, որովհետեւ երբ աղջիկը «սէր» կʼըսէ, ձայնը այնքան կը բարձրացնէ, այնքան կʼերկարէ, որ մեքենան կը սկսի տարօրինակ ձայներ հանել, զառիվեր մագլցող 1917 տիպ ինքնաշարժի մը պէս գրեթէ կʼոռնայ եւ եթէ միջամտելու չըլլանք, առանց խղճահարելու, վստահ եղէք որ կը կենայ եւ կէս կը ձգէ, մեր բերանը կը թխմէ ամենաքաղցր ու յուզիչ սիրային արտայայտութիւններն անգամ, զորս այնքան դժուարութեամբ ու գրեթէ պաղ քրտինք թափելով կը փսփսանք մեր ընկերակիցներուն ականջին։

Մեքենային այս ոտնձգութեանց դէմ հակամիջոցներ ձեռք առած ենք սակայն։ Ո՛վ որ մեքենային մօտը կը գտնուի այդ «կրիտիկական մոմենտ»ին, պէտք է իր ցուցամատովը օգնէ անոր, սկաւառակին վրայէն դարձնելով, մինչեւ որ երբեմնի ծանօթ երգչուհին որ այդ օրերուն եթէ չէ մեռած իսկ, կատարեալ պառաւ մը դարձած է անկասկած, վերջացնէ իր «երկու սէրեր»ու պատմութիւնը։

Սակայն, այս միջոցառումն ալ յետագային ունեցաւ իր անպատեհութիւնները եւ բոլոր անոնք, որոնք այլեւս գիտէին թէ ե՛րբ կու գայ այդ «կրիտիկական մոմենտ»ը, կարելի եղածին չափ կը հեռանային մեքենայէն եւ կը պատահէր անխուսափելին։ Փողաւոր մեքենան նախ կը սկսէր արտառոց ձայներ հանել, յետոյ երգչուհիին ձայնը արտառոց, անտանելի կը դառնար —նմանեցնելու պէս չըլլայ— գրեթէ շան մը կաղկանձումը կը յիշեցնէր, եւ ի վերջոյ, կʼընէր իր ամենավերջին ընելիքը, այսինքն՝ կը կենար։

Այս երգին ետեւի կողմը քայլերգ մըն էր, զոր կը նուագէինք երբեմն, երբ կը յոգնէինք ու չէինք ուզեր առանց աղմուկի նստիլ։ Այն ատեն, մէկը կը կենար մեքենային գլուխը, քայլերգին սկիզբէն մինչեւ վերջաւորութիւնը, ցուցամատով կը դարձնէր սկաւառակը, քանի որ այլեւս եկած էր ժամանակը, որ պիտակ մը փակցնէինք փողաւոր մեքենային վրայ՝ ըսելով․

«Միայն ցած ու հանդարտ եղանակներու համար, այլապէս՝ դատապարտուած էք լռութիւնը ունկնդրելու»։

Երկրորդ սկաւառակին մէկ կողմը կար տխուր երգ մը, որ մեքենան շատ դիւրութեամբ կը նուագէր։ Ոչ պոռալ կար, ոչ կանչել։ Ցած, հանդարտ, տխուր ձայնով մը, մէկը կʼերգէր կարօտի մասին։ Երիտասարդ մը՝ ցած ու կամաց ձայնով մը կʼըսէր․

«Գարնան՝ ծիծեռնակներու վերադարձին հետ կու լամ, արցունք
կը թափեմ դառն / ամրան պայծառ երկնքի տակ, սիրաբանող
զոյգերը տեսնելով, արցունք կը թափեմ՝ դառն / աշնան
դալկահար տերեւներուն, մելամաղձոտ երկնքին կը նայիմ
արցունք կը թափեմ՝ դառն /ձմրան քամիին սոյը կը լսեմ ու
ձիւնամրրիկը կը դիտեմ եւ արցունք կը թափեմ՝ դառն /
վերադարձի՛ր սիրելիս եւ ժպիտը վերադարձուր շրթներուս…»

Հոս ալ գործ չկար։ Շատ լալկան էր։ Կը մնար անոր ետեւի կողմը եւ ան լաւ էր, զուարթ էր մնացած մտքիս մէջ, սակայն ասոր պատճառը այն է, որ առաջուց ալ բան մը չէի հասկցած։ Միւսներն ալ չէին հասկնար, եւ սակայն, ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր, քանի որ ան ստէպ կը կրկնէր նոյն յանկերգը՝ «Սոնիա՛, Սոնիա՛, Սոնիա՛…», եւ այս՝ այնքան զուարթօրէն, որ կասկած չկայ, թէ միւսներն ալ զուարթ խօսքեր էին, հոգ չէ թէ մենք չհասկնայինք։

Կարելի չէ աւելի խօսիլ փողաւոր ձայնագրի մեքենայի մը եւ երկու սկաւառակներու մասին։ Բոլորէն աւելի կը նուագէինք վերջին եղանակը եւ ան կարծէք կարգախօս մը, ուխտ մը եղած էր մեր խումբին մաս կազմողներու համար։

Հիմա, աւելի քան տասնըհինգ տարիներ անցած են այդ օրերուն վրայէն։ Ցրուած է խումբը այսօր, ցանուցրիւ եղած։ Ամերիկա գացողներ եղան, մեռնողներ եղան, աղջիկներուն մէջ «սանկ նանկ» եղողներ ելան, տղոց մէջ հարստացողներ եղան, երկու կողմէն ալ ամուսնացողներ, հարուստ ամուսիններ գտնողներ եղան։

Ամերիկա գացողները մեր մոռցան, թերեւս իրենք զիրենք ալ մոռցան, մենք մեռնողները մոռցանք, «սանկ նանկ» եղողները երբ որ տեսնենք, երբ որ յիշենք, կը մեղադրենք։ Ամերիկա գացողներն ալ եթէ իմանան, անոնք ալ կը մեղադրեն, կʼամօթեն։ Հարստացողները, թէ՛ մեռածի պէս են եւ թէ՛ Ամերիկա գացածի պէս։ Անոնք մեզ մոռցած են, մենք զիրենք մոռցած ենք։ Ամուսնացողները, մնացեալները, երբեմն քով քովի կու գան, կը խօսին ասկէ անկէ, անցեալէն, ներկայէն, երբեմն ապագայէն։

Երբեմն, երկար ժամանակ, «մերիններ»էն ոչ մէկուն կը հանդիպիմ։ Ամերիկայինը Ամերիկա է, մեռածը՝ մեռած։ Միւսները, հարստացողը, փճացողը, «սանկ նանկ»ը, մեզի հետ քշուող գացողը, ոչ մէկը կը տեսնեմ։ Եւ սակայն, այդ բոլորին մասին երբ կը մտածեմ, չեմ խորհիր այնպէս՝ երբ կը հանդիպիմ անոնցմէ ոեւէ մէկուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը բարեւեմ տարբեր ձեւով, տարբեր տրամադրութեամբ…։

Ի՞նչ կար այս երգին մէջ, որուն վերյիշումը մարդը կը փոխէր։ Ի՞նչ ունէր ան բացառիկ։ Ոչինչ։ Եւ ի՞նչ կրնայ ունենալ որ…։ Անունի մը կրկնութենէն զատ՝ ի՞նչ ունէր որ հասկնալի մեզի համար…։ Ոչինչ։ Անունի մը կրկնութիւնը լոկ։ Այսքան։ Բայց, ան, ամէն անգամ մտքիս մէջ կʼարձագանգէ այնքան մաքուր, այնքան անկեղծ, այնքան քաղցր…։

«Սոնիա, Սոնիա, Սոնիա՜»։

Բաժակ մը վճիտ ջուր ես դուն՝ յստակ, անապակ։ Այսօր գինով ենք, կեանքի բոլոր կիրքերով ու մոլուցքներով։ Երանի՜ այդ օրերուն, ո՜վ երգ, ո՜վ հինուկ մեքենայ, ո՜վ ծերացած, ծերացա՜ծ սկաւառակներ։ Ո՞վ կրնայ տալ այն բաժակ մը անապակ, վճիտ ջուրն այսօր, որուն սիրոյն փշրէինք կեանքի ամենէն արբեցուցիչ հաճոյքներու սրուակներն անգամ։

Եւ…

Ըսե՞մ։

Կʼամչնամ Աստուծոյ բարեւէն, զոր ամէն հանդիպումի կու տամ անոնցմէ, այսինքն երբեմնի «մերիններ»էն մէկուն ինկածին, ելածին, «սանկ նանկ»ին, մտքիս մէջ միշտ կʼարձագանքէ այդ երգը՝ Կայէնը հալածող աչքին[1] նման, բան մը կը հարցնէ ինծի կարծես, կʼամբաստանէ զիս, կʼամբաստանէ բոլորս, կʼամբաստանէ եւ կեանքը…

«Սոնիա, Սոնիա, Սոնիա…»։

Դուն միշտ մաքուր պիտի մնաս։ Դուն եւ հինուկ, փողաւոր ձայնագրի մեքենան…։

Եւ նոյնիսկ լալկան կարօտի երգը եւ զառամած երգչուհիին «երկու սէրեր»ը…։

«Սոնիա, Սոնիա, Սոնիա…»։

Հեռացի՛ց մտքէս, ո՜վ երգ, հեռացի՜ր, գնա՜, որովհետեւ հոն քու տեղդ չէ այլեւս։ Դուն միշտ մաքուր մնալու ես։

Մենք կʼերթանք, կը հեռանանք, կը հեռանա՜նք, կը կորսուինք անվերադարձ ճամբաներուն մէջ կեանքին, փոշեթաթախ, քրտնաթոր, պարտասուն։ Արձագանգդ կը հեռանայ օրէ օր, կը մարի, կը մարի…։

Մե՜նք ենք որ կʼերթանք, ո՜վ երգ, կը հեռանանք օրէ օր, քեզմէ, այդ բաժակ մը անապակ, վճիտ ջուրէն, օր մʼալ մեր ականջները փակելու համար բոլոր երգերուն, եթէ նոյնիսկ դո՛ւն վերադառնաս…»։

«Սոնիա, Սոնիա, Սոնիա…»։

Ինչո՞ւ այդքան մաքուր ես դուն։

Մարմարա
12.03.1955
  1. Կայէնը հալածող աչք — ակնարկ՝ Ֆրանսացի նկարիչի մը պաստառին, որու մէջ դատաւորը՝ Արարիչը պատկերացնող խոշոր աչք մը կը հետապնդէ եղբայրասպան Կայէնը։