Վերջին թարմացում 16 Նոյեմբերի 2015, 02:08

Իշուն Պոչը Ինչո՞ւ Չʼերկարիր

02:08, 16 Նոյեմբերի 2015 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Իշուն պոչը ինչո՞ւ չʼերկարիր

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Չաքմաքճըլարի զառիվերէն երբ ելլէք դէպի վեր, համալսարանին երկաթեայ դուռը, որ Պէյազիտի Աշխարակին առջեւ կը հանէ ձեզ, դեռ դուռը չեկած ձախին, կաթնավաճառի խանութ մը կայ։ Պզտիկ խանութ մը, որուն վրայ կը տեսնէք սա ցուցատախտակը․

«Եուվան Եորկի Քիրօ… կաթնավաճառ»։

Ես, մօտաւորապէս տասը տասներկու տարիէ ի վեր, Մարտիկեաններուն քով գալէս ի վեր այսինքն, գրեթէ ամէն օր այդ խանութին առջեւէն կʼանցնիմ ու յաճախ ալ, թէեւ ոչ այս օրերուս, կէսօրները հոն կը ճաշեմ։

Կաթնավաճառ Քիրչոյին խանութը —այսպէս կը յորջորջեն «Քիրօ»ն շուկային մէջ— ճաշարան ալ է միեւնոյն ժամանակ։

Բացի խաշած հաւկիթէն, կաթէն, կաթնապուրէն ու մածունէն, ամէն օր կը գտնուին նաեւ բրինձի ապուր, բիյազ եւ փոխն ի փոխ ալ, օր մը լուբիայի փլաքի, օր մըն ալ՝ իւղով պատրաստուած գետնախնձորի կերակուր։

Քիրչօն աղէկ մարդ է։ Ասիկա բոլորն ալ կʼընդունին։ Քիրչոյի կինն ալ աղէկ կին մըն է։ Ան ալ կʼօգնէ ամուսնին։ Առաւօտին մինչեւ կէսօր կերակուրները կʼեփէ, կը պատրաստէ։ Կէսօրին երբ յաճախորդները սկսին գալ ժամը տասներկուքին, կերակուրները կը լեցնէ ու կու տայ յաճախորդներուն։ Հարկ չկայ ո՛չ ճաշացուցակի, ոչ ալ ապսպրանքի։ Դռնէն մտնողը եթէ խոհանոցի սեղաններուն առջեւ նստի, նախ ապուր կʼուտէ, յետոյ ալ՝ կամ բիյազ, կամ փլաքի եւ կամ՝ օֆիսի իւղով[1] պատրաստուած գետնախնձորի կերակուր։ Սակայն, փլաքին եւ գետնախնձորը փոխն ի փոխ եփուելուն համար, երբեք բարդութիւններ չեն ստեղծեր կերակուր ապսպրելու եւ հրամցնելու գործին մէջ։ Յետոյ, օրինակի համար, եթէ մէկ յաճախորդը չուտէ փլաքին ու գետնախնձոր ուզէ, տիկինը փլաքին անոր քովինին առջեւ կը քշէ։ Ան, անպայման կʼուտէ։ Եթէ ան ալ չուտէ, անոր քովինը կʼուտէ…։

Ամենէն առաջ ապուր մը կʼուտեն Քիրչոյին յաճախորդները։ Կէս քիլօ ալ հաց կʼառնեն, կը փշրեն հա կը փշրեն․ այնպէս որ, հացերը չորը կը մնա ամանին մէջ։ Անկէ վերջ կու գայ բիազը կամ փլակին եւ կամ օֆիսի իւղով պատրաստուած կերակուրը։ Հացին մնացեալ մասը կը մաքրուի այդ մէկ պնակ կերակուրով։ Շատ հազուադէպօրէն կը պատահի որ ապուրէն վերջ, առաջին կերակուրին, այսինքն, բիյազին կամ փլակիին յաջորդէ երկրորդ պնակ մը կամ կրկնուի առաջինը։ Արդէն կէսօրուան ճաշի համար այդքան յատկացում ունեցողները Քիրչոյին խանութը չեն գար։ Վարը, Անդրանիկին ճաշարանը կայ։ Վերջերս նոր մըն ալ բացուեցաւ, Ոսկիանինը։ Ոսկիանը առաջ Անդրանիկին քով կʼաշխատէր․ հիմա ինքն ալ խանութ բացած է եւ թէ ճի՛շդ Անդրանիկին վրայի կողմը։ Երկու խանութները մրցակցութեան մէջ են հիմա։

Քիրչօն մրցակից չունի։ Քիրչոյին յաճախորդները աշխատանոցներու պզտիկ աղջիկներն են, բեռնակիրներն են, գաւառէն եկած պանդուխտներն են եւ դերձան ներկելու աշխատանոցին գործաւորներն են։ Արդէն Քիրչօն մրցակիցէ ալ վախ չունի։ Ինքը կʼաշխատի, կինը կʼաշխատի, հասած երկու տղայ ունի, անոնք ալ կʼաշխատին ու այսպէս կʼապրին կʼերթան։ Քիրչօն, ո՛չ խոհարար Անդրանիկին կը նմանի, ոչ Ոսկիեանին․ բոլորովին տարբեր մարդոց խոհարարն է։ Իր յաճախորդներն ալ միայն եւ միայն Քիրչոյի մը յաճախորդները կրնան ըլլալ։

Քիրչոյի յաճախորդները, բոլորն ալ գոհ են իրմէ։ Միայն մէկ գանգատ կայ, զոր յաճախ կը յայտնեն կնոջը։ Այն ալ սա է թէ՝ կարմիր պղպեղը շատ կը լցնէ կերակուրներում մէջ։ Ասկէ դուրս ոչ մէկ գանգատ կայ Քիրչոյի եւ իր կնոջը մասին։

Կաթնավաճառ եւ կէս մըն ալ խոհարար Քիրչօն, կտրօն ալ չի կտրեր իր յաճախորդներուն, անոնց կերած կերակուրներուն համար։ Ամէն մարդ իր ուտելիքը ուտելէ վերջ, ելած ատեն կու տայ իր հաշիւը, ըսելով․

— Քիրչօ՛, կէս քիլօ հաց, ապուր մը եւ բիյազ մը։

Քիրչօն անմիջապէս կը հաշուէ։

— Տասնըհինգ, երեսուն, յիսունըհինգ։ Ապուր, հաց եւ բիյազ։ Յիսունըհինգ ղրուշ։

Գէշ չʼերթար առեւտուրը Քիրչոյի։ Խանութին երեք սեղանները միշտ լեցուն են։ Եկողն ալ շատ չի նստիր։ Շուտ մը, հինգ տասը վայրկեանի մէջ, ուտելիքը կʼուտէ՝ կʼերթայ, տեղը նորը կու գայ։

Սակայն, եկուր տես որ, Քիրչօն գործին երկու ծայրը դժուարաւ իրար կը բերէ, ան ալ՝ չորս հոգի աշխատելով հանդերձ։ Միշտ կը հաչուէ, եղած ծախսը, կերակուրներուն գիները։ Կը տեսնէ թէ վնասով ալ չի տար կերակուրները։ Բայց ամէն օր պակաս կʼելլէ հաշիւը։

Օր մը, ուշադրութիւնս գրաւեց, երկու հոգի նստան դէմս, սեղանին առջեւ։ Նախ, ապուր, անկէ վերջ բիյազ կերան, յետոյ փլաքի ու անկէ վերջ ալ՝ մածուն, վրայէն ալ կաթնապուր։ Ուշադրութիւնս գրաւեցին՝ ոչ թէ իրենց կերած կերակուրներուն համար, այլ՝ անոր համար, որ այդքան դրամ եթէ ունէին կէսօրուան ճաշի մը յատկացուելիք, ինչո՞ւ Քիրչոյին ցած նեղ խանութին մէջ կʼուտէին այս անժուր, մռմռուկ կերակուրներն ու չէին երթար Անդրանիկին կամ Ոսկիանին՝ բերնի համով կերակուր մը ուտելու համար։

Միասին ելանք։ Անոնք ինձմէ առաջ հաշիւ տուին։ Սակայն, տեսայ որ միայն իրենց վերջին կերած կերակուրին դրամը կու տային։ Առաջինին եւ վերջինին՝ հացին, ապուրին եւ կաթնապուրին դրամը։

Այդ օրը բան մը չըսի Քիրչոյին։ Միւս օր, ուշադրութիւն ըրի, դարձեալ այնպէս ըրին։ Աւելի վերջ, երեք հոգի եղան, ուրիշ օր՝ չորս հոգի, վերջապէս եկաւ օր մը որ ամբողջ աշխատանոցը, աշկերտներով ու վարպետներով Քիրչոյին խանութը ճաշել սկսան՝ առաջին օրուան դրութեամբ։

Անգամ մը Քիրչոյին զգացուցի խնդիրը։ Իբրեւ թէ աչքը բացաւ։ Բայց դարձեալ մէկ երկու պնակի դրամը կլլեցին։ Անկէ վերջ, երբ իրենց վճարելիք դրամները գոնէ աւելցնելու ստիպուեցան, սկսան նոր միջոցներ գտնել։ Մէկ երկու հոգի դրամ չտուած կը փախչէին, աղաման կը գողնային, գաւաթ կը գողնային, դգալ եւ պատառաքաղ կը վերցնէին…։

Քիրչօն, այր ու կին եւ երկու զաւակները կʼաշխատէին ամբողջ օրը։ Աժան կու տային կերակուրը։ Գործին երկու ծայրը չէին կրնար բերել, բայց երբեք չէին խորհեր գիները աւելցնելու մասին։ Իսկ բոլոր յաճախորդները, անխտիր մէկ գանգատ միայն ունէին, այն ալ սա էր թէ՝ Քիրչոյին կինը կարմիր պղպեղը շատ կը դնէր կերակուրին մէջ եւ մռմռուկ կʼըլլային կերակուրները։

Գալով Քիրչոյին եւ ընտանիքին միւս անդամներուն, ամբողջ օրը կʼաշխատէին եւ կէսօրէ վերջ, երբ յաճախորդները կʼուտէին կʼերթային ու կը պարպուէին ամանները, իրենք կը նստէին սեղանին գլուխը ճաշելու համար, փառք կու տային Աստուծոյ։ Անկէ վերջ, կʼելլէին սեղանէն, կը լծուէին գործի, յաջորդ օրուան լուբիան մաքրելու կամ գետնախնձոր ստկելու համար, կը խօսէին, կը խնդային ու փառք կու տային Աստուծոյ։

Ճառագայթ
16.06.1951
  1. օֆիսի իւղ Թրքական պետական հաստատութեան (Թոփրաք Մահսուլլէրի Օֆիսի՝ Հողային Բերքերու Սենեակ) վաճառած իւղը