Վերջին թարմացում 26 Նոյեմբերի 2015, 03:24

Տասնըհինգ

03:24, 26 Նոյեմբերի 2015 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Տասնըհինգ

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Սրճարանին սպասեակը սեղանիս մօտեցաւ, ուսէն կախուած աղտոտ քուրջի կտորով սրբեց սեղանը․ «ի՞նչ կը հրամմէք» հարցուց ու պատասխանը ստանալէ վերջ ալ, աղտոտ քուրջը դարձեալ ուսին զարկաւ ու եղանակաւոր ձայնով մը պոռաց․

— Պարոնին թէյ մը շինէ՜։

Իրիկուն էր։ Սրճարանին գրեթէ բոլոր սեղանները գրաւուած էին։ Նարտ խաղացողները, մեծ աղմուկով կը փոխէին փուլերուն տեղերը ու կը վիճաբանէին իրարու հետ։ Սեղանէս քիչ անդին, ուրիշ սեղանի մը շուրջ հաւաքուած էին խումբ մը հետաքրքիրներ եւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէին թուղթ խաղացող երկու հոգիի, որոնք մերթ ընդ մերթ կը վիճէին ու կը հայհոյէին իրարու։ Յաճախ, այս վիճաբանութիւնը երկուքի կը բաժնէր նաեւ դիտողները ու բոլոր ներկաներուն ուշադրութիւնը անոնց վրայ կը հրաւիրէր։ Շունն առնէ իրենց մեղքը, բայց շատեր կʼըսէին թէ այս խաղին մէջ խնդրոյ առարկայ եղածը, ոչ պարտուելուն եւ արժանապատուութեան վիրաւորուելուն պարագան է, ոչ ալ չորս սուրճի կամ չորս թէյի փոխարժէքը եղող յիսուն վաթսուն ղրուշը։ Բայց —դարձեալ կʼըսեմ, շունն առնէ իրենց մեղքը— ես բան մը չեմ տեսած ցարդ։

Օրուան այս ժամերը, վեցէն մինչեւ ութուկէս կամ ինը, ամենէն աղմկալից ժամերը կʼըլլան սրճարանին։ Ու վերջապէս․ կու գայ պահ մը, ուր այլեւս նարտի աղմուկներն ու թուղթ խաղացողներուն վիճաբանութիւնները անլսելի կը դառնան ժխորի մը մէջ։ Ժխոր մը, որ կարծէք ստորերկրեայ մռնչիւններու պէս կու գայ հեռուներէն, ահեղագոռ ջրվէժի մը կատաղի ջուրերուն աղմուկին պէս եւ սիկառի ծուխի ամպի մը ետեւէն այլեւս հազիւ կը նշմարուին նոյնիսկ առաստաղէն կախուած ելեկտրական լամբաներն անգամ։

Այս ժամերուն, Օդային Կազի Ընկերութեան գործաւորներէն Կեավուր Ալի, իր պաշտօնական գդակը պատին վրայի գամէն կախած, կաշիէ բաճկոնին կոճակները վերէն վար քակած, տաք վիճաբանութեան մը բռնուած է թաւ պեխերով ու խիտ, սեւ մազերով մարդու մը հետ, որ «Րէիս» կը յորջորջուի սրճարանին գրեթէ բոլոր յաճախորդներուն կողմէ։

Րէիսին ինչ գործ ընելը մարդ չի գիտեր։ Թէեւ իրականին մէջ մէկէ աւելի գործերը անծանօթ չեն բոլորին, սակայն դարձեալ, հակառակ ասոր, անոնք բոլորն ալ համոզուած են թէ Րէիսը ոչ լոթարիաճիութեամբ է որ կʼապրուի, ոչ ալ ամբողջ տարուան մէջ երեք չորս նարինջ ծախելով։ Րէիսին իրականին մէջ ինչպէս ապրուիլը գոց տուփ է բոլորին համար։ Սակայն, շունը առնէ մեղքը, ես Րէիսը կը ճանչնամ միայն իբր նարինջ ծախող մը կամ իբր Լէքէճի, ինչպէս կʼանուանեն զինքը շատեր՝ փոխանակ Լոթարիաճի ըսելու։ Վասնզի, «լէքէ սապունու իսթիյէն վա՞ր մը» |արատ հանելիք օճառ ուզող կա՞յ| ըսել՝ «Լոթարիաճի Րէիսը եկաւ» ըսել էր բոլորին համար։

Կեավուր Ալի եւ Րէիս երկար երկար կը վիճաբանին։ Անվերջ, անհատնում վիճաբանութիւններ են ասոնք։ Այս վիճաբանութիւնները գրեթէ ամէն գիշեր տեղի կʼունենան զանազան նիւթերու շուրջ։ Այս նիւթերը կրնան ըլլալ քաղաքական, ընկերային, կնոջ կամ օրուան տնտեսական կեանքին վերաբերեալ։ Մէկուն պատուաւոր ընտանիքի հայր մը ըլլալը եւ ամբողջ օրուան մը տաժանակիր աշխատութեան ստեղծած հոգեվիճակը, միւսին զանազան սատանայութիւններով եւ մէջ մէջի գործեր դարձնելով ապրուած օրերու յառաջ բերած կեանքի ըմբռնումը, երկու ներհակ աշխարհահայեացքներ ըլլալով ի յայտ կու գային անոնց մօտ ու կը բախէին իրարու։ Ամէն օր կը վիճաբանէին Կեավուր Ալին եւ Րէիսը, սակայն, հակառակ ասոր, դարձեալ ամէն իրիկուն զիրար կը գտնէին անոնք սրճարանին նոյն սեղանին առջեւ։ Հինգ վայրկեան վերջ ալ արդէն սկսած էր վիճաբանութիւնը։

Ուրիշ տեղ մը, ինքնաշարժի պահեստի կտորներու առեւտուրով զբաղող մարդ մը, որ ոչ նարտ կը խաղար, ոչ ալ թուղթ եւ ոչ ալ աղմուկ կը հանէր ուրիշ որեւէ ձեւով, ամէն օր նոր հիւրեր կʼընդունէր իր սեղանը։ Սուրճ կʼապսպրէր անոնց, թէյ կʼապսպրէր․ կը խօսէին ցած ձայնով, կը սակարկէին երկար երկար ու կʼելլէին կʼերթային միասին։

Յաճախ կը պատահէր որ կիներ գային սրճարան։ Սիկառի ծուխի թանձր ամպին ետեւէն, ներկաներու խուլ աղմուկին մէջէն երբեմն կʼիմացուէր կնոջական ձայն մը, քրքիջ մը։ Այն ձայները առհասարակ ամենէն առաջ սպասեակ Մօիզը կը կանչէին։ Մօիզ կը պատասխանէր անոնց իր գտնուած տեղէն։ Այս կիները, երբեմն կը նստէին անկիւն մը, սեղանի մը առջեւ, մէկ կամ երկու հոգի։ Երբեմն թուղթ կը խաղային ուրիշ սեղաններէ եկող այրերու հետ, սիկառ կը ծխէին, կը վիճաբանէին անոնց հետ բարձրաձայն ու այրերու պէս ալ կը հայհոյէին։ Արդէն, այրերն ալ երբ հարկ ըլլար հայհոյել, բնաւ նկատի չէին առներ անոնց ներկայութիւնը։

Կիները շատ չէին նստեր սրճարանը։ Բազմազբաղ մարդոց վիճակը ունէին յաճախ։ Քիչ մը կը նստէին ու յանկարծ հապճեպով կը հագուէին ու կը մեկնէին։

Բոլոր անոնցմէ զատ, ուրիշ կարգ մը որոշ այցելուներ ալ ունի սրճարանը այս ժամերուն։ Օդանաւային վիճակահանութեան տոմսակ ծախող Հրեայ մը, գուլպայ եւ փողկապ ծախող պայուսակաւոր մարդ մը, խմորեղէն ծախողներ, անձնագրի պահպանակ եւ նամակի թուղթ ու պահարան ծախողներ, եւ այլն, եւայլն։

Սակայն՝ բոլոր ասոնք եկող ու անցնող տեսակէն են։ Այդ միջոցին միւս կողմէ կը շարունակուին աղմուկներն ու վիճաբանութիւնները։ Կեավուր Ալին բարկացած է ու բարձրաձայն կը հայհոյէ։ Րէիսը անոր այս վիճակին վրայ կը խնդայ պեխերը ոլորելով։ Կեավուր Ալին կը կատղի, ոտքի ելած է նստած տեղէն ու ձեռքերը բարկութեամբ կը շարժէ դէպի Րէիսին կողմը։ Րէիսը ձեռքերը տաբատին գրպանները խոթած, նստած է ու աթոռին ետեւի երկու ոտքերուն վրայ կը շարժի։ Վիճաբանութեան նիւթը թերեւս հաւկիթի գիներն են, թերեւս ալ գործաւորներէն գանձուած շահատուրքը։ Յայտնի չʼըլլար։ Կեավուր Ալին միշտ կը հայհոյէ․ Րէիսը, աթոռին կռթնած, ետեւի երկու ոտքերուն վրայ կʼերերցնէ աթոռը շարունակ, պեխերը կʼոլորէ ու լուցկիի շիւղով մը ակռաները կը մաքրէ։

Նարտի աղմուկներն ու թուղթ խաղացողներու վիճաբանութիւնները իրար կը խառնուին ու բոլոր ասոնք միանալով խուլ ժխոր մը կը կազմեն։

Բոլոր ասոնք ինչո՞ւ ըսի սակայն։ Թերեւս աւելորդ էր։ Թերեւս կրնայի առանց ասոնք ըսելու ալ ուղղակի Տասնըհինգին պատմութեան սկսիլ։ Բայց վստահ չեմ ասոր, որովհետեւ, ինծի այնպէս կը թուի թէ՝ ինչպէս որ Տասնըհինգը կարծէք լրացուցիչը պիտի ըլլար այս տէքորին, նոյնպէս Տասնըհինգին պատմութիւնը պատմելու համար ալ պէտք էր ըսել ասոնք։ Տասնըհինգին համար պէտք էր այնպէս տեղ մը, ուր Կեավուր Ալիէն, Րէիսէն, ինքնաշարժի պահեստի կտորներու առեւտուրով զբաղող մարդէն զատ, կու գային նաեւ բազմաթիւ շարժավարներ, Անատոլուէն եկած արջառի վաճառականներ, ամուրի արհեստաւորներ։

Տասնըհինգը, բաց շագանակագոյն ու ներկուած մազերով, միջահասակ, կանաչ աչքերով քսան քսաներկու տարեկան երիտասարդ մըն է։ Շապիկին օձիքը բաց, բաճկոնին օձիքին վրայ դարձուցած կʼըլլայ յաճախ։ Երկար ֆավորիներ կʼիջնեն մինչեւ ականջներուն բլթակներուն ուղղութեամբ։ Պեխերը, յայտնի է թէ՝ շարժանկարի չեմ գիտեր որ աստղին նմանելու դիտաւորութեամբ մեծ բծախնդրութեամբ կը յարդարէ միշտ։ Մազերը սանտրուած, ինքը միշտ ածիլուած, սիկառ մը ձեռքին, կը պտըտի սեղանէ սեղան, այտերը կը շոյէ ասոր անոր, մէկէն սիկառ մը կʼուզէ, ուրիշի մը կʼըսէ որ սուրճ մը ապսպրէ իրեն։ Ոմանք կը վռնտեն զինքը ամենէն կոշտ ձեւերով։ Ոմանք կը կատակեն, ոմանք ալ չեն զբաղիր անգամ իրմով․ ականջ իսկ չեն տար անոր խօսքերուն։

Ան, կարեւորութիւն չի տար բոլոր այս արտայայտութիւններէն ոչ մէկուն․ կը շրջի սեղանէ սեղան։ Բոլորին համար Տասնըհինգ մըն է անիկա։ Ինք գիտէ այս բանը եւ ոչ մէկուն կը բարկանայ՝ եթէ այս ձեւով կանչեն զինքը։ Կը հեռանայ սեղանէ մը, ուրիշ սեղան մը կʼերթայ, հինգ վայրկեան վերջ, տասը վայրկեան վերջ դարձեալ կու գայ։ Եթէ սուրճ ուզելուն համար վռնտուած էր, սիկառ մը կʼուզէ այս անգամ։ Եթէ սիկառի մը համար վռնտուած էր, թէյ կʼուզէ։

Երբեմն կը ձգէր ու կը հեռանար սրճարանէն։ Տասը վայրկեան վերջ կը վերադառնար։ Ժամ մը վերջ դարձեալ կʼերթար, քառորդ մը վերջ կրկին վերադառնալու համար։

Կիներ կու գային ու կը նստէին անկիւնի սեղանին առջեւ եւ սպասեակ Մօիզէն Տասնըհինգը կը հարցնէին։ Մօիզ, կամ կʼըսէր թէ հինգ վայրկեան առաջ դուրս ելաւ, կամ անկիւնը նստած է թուղթ խաղացողներուն քով։ Եթէ սրճարանին մէջ էր անիկա, բարձրաձայն կը կանչէր զինքը․

— Տասնըհի՛նգ, ապլադ եկաւ։

— Բոլոր կիները ապլան էին անոր, ու Տասնըհինգը, հաճոյք կը զգար կարծէք ամէն անգամ որ Մօիզը անոնց համար այդ մակդիրը կը գործածէր։ Կու գար Տասնըհինգը, կը նստէր սեղանին գլուխը, ապլաներուն հետ դէմ դիմաց։ Գլուխ գլխի կու տային, ցած ձայնով կը խօսակցէին։ Երբեմն երկար կը տեւէր այս խօսակցութիւնը։ Երբեմն մէկ երկու նախադասութիւնով կը վերջանար։ Յետոյ, կʼելլէին, կʼերթային միասին։ Հինգ վայրկեան վերջ, Տասնըհինգը կը վերադառնար առանձին։ Սրճարանինները, անոնք որոնք կը տեսնէին անոր վերադարձը, խօսք կը նետէին․

— Այսօրուան քեռայրդ ո՞ւր տեղացի է։

Ապլադ այսօր </i>մաշալլահ</i> ունի։ Միայն իմ տեսածս երեք հոգի եղաւ։

— Տասնըհինգ, եկուր տեսնենք։ Այսօր իւղոտեցար։ Բաց նայինք սա սիկառի տուփը։

— Եղջիւրներդ ալ սրճարանին դռնէն չեն սեղմիր այս միջոցիս։

— Կիտուածաւոր ու ճիւղաւոր եղջիւրներ։

Ան, այս բոլորին ալ տալիք պատասխանները կը գտնէր։ Բոլորին կատակին ալ կատակով կը պատասխանէր։ Ինքն ալ իր կարգին Կեավուր Ալի մըն էր ինքզինքին համար։ Րէիս մըն էր։ Ինքնաշարժի պահեստի կտորներու առեւտուրով զբաղող մարդ մըն էր, ինքն ալ հացը ճարելու ճամբան այսպէս գտած էր եւ ասիկա շատ բնական բան մըն էր իրեն համար։

Օր մը, իրիկուան դէմ, սրճարանէն ելաւ Տասնըհինգը, իր ապլաներէն մէկուն հետ եւ չորս ժամ վերջ վերադարձաւ։ Գինով էր ու երերալով կը քալէր։ Սեղանի մը գլուխը նստաւ ու լեղի սուրճ մը ապսպրեց Մօիզին։ Մօիզ սուրճը բերաւ դրաւ սեղանին վրայ, սուրճը դրած ատեն ալ երկար բարակ հայհոյեց գինով Տասնըհինգին ու ելաւ գնաց։

Տասնըհինգը, սուրճը կը խմէր երկար ումպերով ու անլոյս նայուածքները աննպատակօրէն կը պտըտցնէր չորս դին։ Երբեմն աչքերը կը յառէր մէկ կէտի վրայ ու կը մնար այդպէս՝ երկար ժամանակ։ Պահ մը վերջ ալ, գլուխը դրաւ սեղանին ու քնացաւ։

Տասնըհինգը տակաւին կը քնանար, երբ սրճարանին դուռը ճռնչեց ու նուագածու մը մտաւ ներս՝ նուագարանը անութին տակ առած։ Մարդը վարանոտ ակնարկներով՝ պարապ տեղ մը փնտռեց ու յետոյ ուղղուեցաւ սրճարանին միւս անկիւնը, ուր երկու պարապ աթոռներ կը կենային՝ պատին կռթնած։ Նստաւ աթոռներէն մէկուն վրայ, սկսաւ նուագել ու երգել։ Տասնըհինգը գլուխը վերցուց ու ձայնին եկած կողմը նայեցաւ։

Երկար երկար նայեցաւ ու մնաց այդպէս, իր անիմաստ նայուածքները մարդուն վրայ սեւեռած։ Մարդը, միջոց մը այդպէս նուագելէ ու երգելէ վերջ, գլխարկը հանեց գլխէն ու սկսաւ դրամ հաւաքել ներկաներէն։ Դրամը հաւաքելէ վերջ ալ դարձեալ նստաւ, քանի մը երգ եւս նուագեց ու ոտքի ելաւ մեկնելու համար։ Նուագարանը անութին տակ, կʼուղղուէր դէպի դուռը, երբ Տասնըհինգը կանչեց զինքը։

— Եկո՛ւր, ըսաւ։ Եկուր քիչ մըն ալ հոս նուագէ։ Այսօր ի վիճակի եմ առատօրէն վճարելու։ «Կիթտին պու կիտիշ»ը նուագէ, «Մէֆթունուն օլտում»ը նուագէ, «Թահթագուրուսու»ն նուագէ, «Թիրիտինէ պանտըմ»ը նուագէ, որքան երգ որ գիտես նուագէ այսօր։ Մի վախնար, ինձմէ ես այսօր, հասկցա՞ր։ Այսօր ինձմէ ես։

Ու ձեռքը գրպանը խոթելով ափ մը մանրուք դրամ հանեց եւ նուագածուին առջեւ դրաւ։

Մարդը նստաւ սեղանին գլուխը, սկսաւ նուագել։ Կը նուագէր ու կʼերգեր միաժամանակ։ Տասնըհինգը կը ձայնակցէր անոր ու ծափ կը զարնէր։ Յետոյ ոտքի ելաւ, բաճկոնը հանեց, աթոռին վրայ անցուց եւ հրամայեց նուագածուին․

— Հիմա «Հարմանտալը Էֆէմ կէլիեօր»ը պիտի նուագես։ Դուն պիտի նուագես, ես ալ պիտի երգեմ ու խաղամ։

Նուագածուն սկսաւ «Հարմանտալը»ն նուագել։ Տասնըհինգը, իր սեղանը քիչ մը ետ քաշելով տեղ բացաւ եւ սկսաւ խաղալ։ Սակայն, հազիւ թէ սկսած էր, երբ աջէն ձախէն դժգոհութեան ձայներ սկսան գալ․

— Դուն ալ այլեւս …ը հանեցիր, Տասնըհինգ։

— Սա զռոցը կտրէ տեսնենք, սիրոյ միջնորդ․ չսկսիմ ալպաներուդ։

— Հիմա կզակիդ կապը վար պիտի անցընեմ․ գլո՛ւխ է ասիկա, հասկցա՞ր, մեղրադդում չէ։ Հոս ալ սրճարան է․ ապլաներուդ տունը չկարծես։ Կտրէ սա զռոցը ու շնթռկէ սեղանիդ գլուխը։

Նուագածուն, տակաւին առանց իրեն բան մը ըսուած ըլլալու, նուագը դադրեցուց, Տասնըհինգն ալ խաղը կտրեց։ Փորձեց մէկուն պատասխանել, բայց ամէն կողմէ եկած անարգական խօսքերն ու հայհոյանքները խեղդեցին իր ձայնը։

Սպասեակ Մօիզն ալ այդ միջոցին առիթէն օգտուելով նուագածուն կը ճամբէր։

Տասնըհինգը նստաւ իր տեղը։ Գրպանէն սիկառի տուփը հանեց, սիկառ մը վառեց ու երկար երկար շունչերով սկսաւ ծխել։ Քանի մը շունչով հատցուց սիկառը ու նոր մը վառեց։ Անկէ վերջ, երրորդ մըն ալ, չորրորդ մըն ալ, իրարու ետեւէ հինգ վեց հատ սիկառ ծխեց։

Վերջապէս, միջոց մը մնաց անշարժ։ Յետոյ ոտքի ելաւ, այն աթոռը, ուր նուագածուն նստած էր, առաւ, վերցուց ու սկսաւ բոլոր ուժովը գլխուն զարնել։ Զարկաւ, զարկաւ, մինչեւ որ աթոռին նստելիք մասը կոտրեցաւ։ Յետոյ նստաւ իր աթոռին վրայ ու սկսաւ լալ։

Անդին նարտ խաղացողներուն աղմուկը կը շարունակուէր։ Կեավուր Ալի եւ Րէիսը կը վիճաբանէին իրարու հետ՝ նարինջին սնտուկներուն հանրակառք չառնուելուն մասին։ Թուղթ խաղացողներուն շուրջ հաւաքուող խումբը երկու մասի բաժանուած էր, որոնք կը վիճէին գրատախտակին վրայ չարձանագրուած փիշփիրիկի մը համար։ Աւելի անդին, ինքնաշարժի պահեստ կտորներու առեւտուրով զբաղող մարդը, դէմը երեք հոգի առած, ցած ձայնով բաներ մը կը խօսէր անոնց հետ։

Տասնըհինգը արմուկները սեղանին վրայ դրած, գլուխը ձեռքերուն մէջ, անձայնօրէն կու լար տակաւին։

Յետոյ՝ ելաւ, բաճկոնը ուսերուն վրայ առաւ ու պատրաստուեցաւ մեկնիլ։ Ամէն մարդ իր զբաղումով տարուած էր։ Տասնըհինգը մօտեցաւ սպասեակ Մօիզին եւ ըսաւ․

— Աթոռներէն մէկը կոտրեցաւ։ Եթէ ոսկի մը տամ կը բաւէ՞ նորոգելու համար։ Միայն նստելիք մասն է։

Գրպանէն քանի մը հատ ճմռթկած թղթադրամներ հանեց ու մէջէն ոսկինոց մը զատելով սպասեակ Մօիզին տուաւ։

Սպասեակ Մօիզ դրամը առաւ ու գրպանը նետեց։ «Կոտրած աթոռէն ո՞վ որու այս բազմութեան մէջ», մտածեց թերեւս։ Սրճարանին տիրոջմէն հարո՞ւստ էր ինք։

Իսկ Տասնըհինգը, սրճարանին դուռը ձռնչեցնելով բացաւ ու բաճկոնը ուսերուն վրայ առած՝ դուրս ելաւ անկէ ու կորսուեցաւ բազմութեան մէջ։

Դէպի Լոյս

Մելիք Շահինեան ծածկանունով, 16.12.1950