Վերջին թարմացում 25 Հոկտեմբերի 2015, 19:27

Ազնիւ Մարդիկ Կենդանիները Կը Սիրեն

Քար Ըլլաս որ Դիմանաս… Եւ Քար Ես

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Ձեզի խօսած էի Կենդանապաշտպան Միութեան գործունէութեան մասին։ Արմէն շատ կը հետաքրքրուէր այս Միութեան գործունէութեամբ, մանաւանդ այն օրէն վերջ, երբ պաշտօնեան ծառերուն զարնելով սպաննեց իրենց դրացիին կատուն, զոր առած տարած էր պարկի մը մէջ դնելով ու ըասծ, թէ մէկ ասեղ մը, սանկ, թեթեւ, անցաւ մահ մը պիտի տար խեղճ կենդանիին, որ կը տառապէր ծերութենէ եւ անօթութենէ։

Քանի մը օր վերջ թաղին ամենացից զառիվերներուն վրայ կը զետեղէին երկու նշանատախտակներ, ուր գրուած էր, թէ ձիաքարշ կառքերը շատ բեռցնել արգիլուած է։

Կառապանները, հոն, զառիվերին վրայ, կը կեցնէին կառքը, իրենք կʼիջնէին, մաս մըն ալ բեռ կʼիջեցնէին, անկէ վերջ, հօ՜, հի՜ւ, ձիերէն աւելի ուժ կու տային կառքին, կը հանէին ճամբան ի վեր, արիւն քրտինք մտնելով։ Մինչ այդ, կարծէք ձիերը ուժ կու տային դէպի ետ, այնքան որ կը սահէին մարդոց ոտքերը եւ կը յոգնէին։

Զառիվերին գլուխը, ձիերը հանգչած էին, մարդոց հոգին բերանը եկած էր։

Կենդանապաշտպան Միութեան պաշտօնեան, օրը երկու անգամ կʼանցնէր թաղէն, երբեմն կը նստէր տան մը դրան մէջ, ծուղակ կը լարէր, դարանակալ կը սպասէր։ Ու երբ տեսնէր որ կառապան մը չʼիջներ կառքէն ու բեռը չի պակսեցներ, կʼելլէր յանկարծ, սուլիչը բերանը, նախ կարճ մը կը սուլէր, ապա երկա՜ր, գող բռնածի պէս, ոճրագործ հետապնդածի պէս։

Կառապանը լեղապատառ, առանց նայելու թէ ձայնը ո՞ւրկէ կու գայ, ինչպէս կու գայ, վասնզի գիտէր, կը նետուէր կառքէն վար, ամբողջ ուժովը կը կռթնէր կառքին, ուժ կու տար, փաղաքշական խօսքեր կʼընէր ձիերուն, «զաւակներս», կʼըսէր, «եղբայրներս», կʼըսէր, «ձագերս, հոգիս» կʼըսէր։

Բայց ինչ որ ըսէր, ինչ որ ընէր, ուշ էր, զուր էր։

Կենդանապաշտպան Միութեան պաշտօնեան կու գար, «Կեցի՛ր» կʼըսէր մարդուն, քիթը կը մտնէր, կը հարցնէր, «Քանի՞ կիլօ է բեռդ»։ Մարդը կը կակազէր, կը կմկմար, Կենդանապաշտպան Միութեան պաշտօնեան վրայ կը բերէր, «Կարդալ չե՞ս գիտեր»․ տախտակը ցոյց կը տար։ «Հոս ի՞նչ գրուած է, կարդա՛», կʼըսէր։ Մարդը կը նայէր տախտակին՝ ապուշ ապուշ, կարծէք թէ մէկը ճանչնալ կը ճգնէր։

Պաշտօնեան կը սկսէր կառքէն վար գլորել պարկերը, սնտուկները, «ա՛ս ալ առ», «ա՛ս ալ առ»։

Կառքին կէսը կը պարպէր, յետոյ կʼըսէր․

«Քշէ՛ տեսնենք, դուն ալ ուժ տուր, կռթնէ, հա՜, հո՜ւ, տէ՜ մանչս, տէ՜ զաւակս, պոռա՛ մարդ, ուժ տուր կենդանիներուն, տէ՜, հո՜ւ, հիւի՜ւ, տէ՜ մանչս»։

Պաշտօնեան մէկ ձեռքով ուժ կու տար կառքին, մարդուն կը պոռար․

«Հա՜, հա՜, ուժ տուր, կենդանին քրտներ է, չե՞ս տեսներ, հա՜, հա՜…»։

Զառիվերը կʼելլէին, պաշտօնեան կը սկսէր կենդանիները շոյել, կառապանին կը հրամայէր․

«Ես կենդանիներուն քով կենամ, դուն վարինները բեր»։

Մարդը կʼիջնէր վար, պարկերն ու սնտուկները կը շալկէր կը բերէր, հեւալով, տքալով։

«Դաս ըլլայ, կʼըսէր Միութեան պաշտօնեան, դաս ըլլայ, որ անգամ մըն ալ այսքան չբեռցնես։ Չե՞ս խորհիր, որ անոնք ալ մեզի պէս Աստուծոյ արարածներ են, հոգի ունին, կը յոգնին, ցաւ կը զգան, կը տանջուին…»։

— Հացի դրամ, կը փորձուէր ըսել կառպանը, ի՞նչ ընես, հացի դրամ, դիւրին չէ։

— Հասկցանք, կʼառարկէր պաշտօնեան, բոլորդ ալ նոյն խօսքերը կʼընէք, նոյն պատմութիւնը։ Հաց ըսելով կենդանիներուն հոգին հանեցէք։ Մեղք են, լեզու չունին, չեն կրնար գանգատիլ, չեն կրնար բան մը ըսել։

Եւ այսպէս Կենդանապաշտպան Միւթիւնը կը կատարէր իր պարտականութիւնը, կառապաններու հոգին կը հանէր։

Արմէնի հայրը իրիկուան վերադարձաւ։ Արեւը նոր մարը կը մտնէր եւ Միութեան պաշտօնեան պատի մը տակ նստած՝ սուլիչին շղթայովը կը խաղար։

Բարեւեցին զիրար, իրարու որպիսութիւն հարցուցին, պատին տակ մէկ մէկ սիկառ ծխեցին։ Խօսեցան ասկէ անկէ։

— Նայէ, ըսաւ Միութեան պաշտօնեան, մեր հիւանդանոցին մէջ գործ մը կայ, կու գաս կʼաշխատի՞ս։

— Ի՞նչ գործ, հարցուց Արմէնի հայրը, ի՞նչ տեսակ գործ։

— Գործ, ըսաւ պաշտօնեան պարզապէս, գործ, հացի դրամ կʼելլէ։ Դժուար չէ, ծանր չէ, լաւ գործ մըն է։

— Որո՞ւ պիտի դիմենք, որո՞ւ պիտի երթանք, հարցուց Արմէնի հայրը։

— Շիտակ հիւանդանոց գնա, իմ անունս տուր բժիշկին, կը բաւէ։ Ես ալ արդէն կʼըսեմ այս իրիկուն, զացածիս պէս, կը հասկնայ անիկա։

Արմենի հայրը յաջորդ օր գնաց, բժիշկը հոն չէր։ Վերադարձաւ։ Հետեւեալ օր դարձեալ գնաց։ Բժիշկը զբաղած էր․ վերադարձաւ։ Երկու օր վերջ դարձեալ գնաց․ բժիշկը հիւր ունէր՝ չընդունեց։ Չորրորդ անգամին բժիշկը ազատ էր։

Աւելի ճիշդ՝ քանի մը վայրկեանէն ազատ պիտի ըլլար, եթէ հիւրերը ճամբէր։

Արմէնի հայրը դրան առջեւ կը սպասէր, հիւրերը կը պատրաստուէին ինքնաշարժ նստիլ։

Տիկին մը դէպի ինքնաշարժին դուռը յառաջացաւ՝ շնիկ մը գրկած։ Արմէնի հայրը շտապեց դուռը բանալու։

Շունը խրտչեցաւ, սկսաւ ճուալ․ կինը իրար անցաւ, սկսաւ ա՜լ աւելի պոռալ։

Արմէնի հայրը ետ քաշուեցաւ, ըսելով որ պարապ տեղը վախցաւ կենդանին։

Տիկինը կը պոռար տակաւին․

— Տօքթոր, ըսաւ, ո՞վ է այս մարդը եւ ի՞նչ գործ ունի հոս։ Թոմս, խեղճ Թոմս վախցաւ երբ տակաւին չէնք շնորհք ապաքինած ալ չէր։ Բան մը կʼըլլա՞յ արդեօք կʼըսէք։

Բժիշկը պատասխանեց խորհրդաւոր․

— Վերջապէս յայտնի չʼըլլար։ Եթէ վախը վայրկեանական եղած է, հակազդեցութիւնը մէկ երկու օրէն ցոյց կու տայ եւ բարդութիւններ յառաջ կրնան գալ, որովհետեւ Թոմը զգայուն կենդանի մըն է եւ կազմն ալ փափուկ։

— Շատ կը խնդրեմ, ըսաւ կինը դարձեալ, աղերսական, ինչ որ պէտք է ըրէ՛ք Տօքթոր՝ նոր բարդութիւններ յառաջ չեկած։ Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք խեղճ կենդանիս սրտիկը ինչպէս կը զարնէ… Եւ կը դողայ Տօքթոր։ Գլուխը, մարմինը, ամէն կողմը կը դողդղայ խեղճ Թոմիս…։ Տօքտոր, ո՞վ է այս մարդը եւ ի՞նչ գործ ունի այս հաստատութեան մէջ։

Բժիշկը, միշտ նոյն լրջութեամբ ըսաւ․

— Հիմա ասեղ մը կʼընենք՝ սիրտը կը զօրացնենք։ Որովհետեւ, եթէ մարմինը հակազդեցութիւն ցոյց տայ այս վախէն, շատ գէշ կʼըլլայ։ Կազմը փափուկ է եւ ինքն ալ շատ զգայուն։

— Տօքթոր, շատ կʼաղաչեմ ազատեցէ՛ք Թոմը։ Եթէ ան մեռնի ես այլեւս չեմ կրնար ապրիլ․ քոյրս ալ կը մեռնի, ամուսինս ալ շատ չʼապրիր․ իսկ մայրս՝ մեր բոլորէն առաջ կը մեռնի։ Թոմը մեր ընտանիքին ամէն ինչն է, Տօքթոր․ կը հասկնա՞ք, մեր ամէն ինչը։

Բժիշկը, խոժոպադէմ ու նեղսրտած, մարդուն դարձաւ եւ հարցուց․

— Դուն ի՞նչ կʼուզես։

— Գիտէիք, Տօքթոր, պիտի յիշէք։ Գործի համար։

— Գիտեմ, գործի համար։ Հասկցայ, գործի համար։ Այո, գործի համար, բայց վարպետ, դուն այս գործը չես կրնար ընել։ Նախ՝ դուն կենդանիի հետ վարուիլ չես գիտեր։

Մարդը ուզեց բաներ մը ըսել, բժիշկը ընդմիջեց․

— Մի՛ պնդեր, ըսաւ․ քու ձեռքդ չէ։ Չես կրնար կենդանիներու հետ վարուիլ։ Մինչդեռ անոնք լեզու չունին եւ միշտ կարօտ են մեզի։

Արմէնի հայրը բան մը չըսաւ։ Բժիշկն ալ չհարցուց, թէ ասկէ առաջ ո՛ւր աշխատած է, ամուսնացա՞ծ է, զաւակ ունի՞։

Իրիկուան, տուն եկաւ յուսախաբ ու յոգնած։ Տունինները բոլորը իր շրթներուն կը նայէին։ Լուռ էր։

Կինը հարցուց․

— Ի՞նչ եղաւ։

— Յարմարութիւն չունիմ եղեր։

— Ի՞նչ յարմարութիւն։

— Կենդանիներու հետ վարուելու։

Տղաքը զարմացած, իրարու նայեցան։ Արմէն հարցուց․

— Չեմ հասկնար, հայրիկ…

Հայրը գլուխը շարժեց․

— Կը հասկնաս։

Միութեան պաշտօնեան սուլիչին շղթային հետ խաղալով կը շրջագայէր թաղին մէջ։ Երբեմն պատի մը շուքին տակ կը նստէր, երբեմն դուռներու մէջ ծուղակ կը լարէր, կառապանները կը խաշէր, մարիկ մարիկ կը բերէր։

Արմէն, ամէն անցնելուն՝ երկար երկար կը դիտէր Կենդանապաշտպան Միութեան պաշտօնեան։ Գիտէր, թէ ան ինչպէս սպաննած էր դրացիին կատուն, լեռը, Հայոց գերեզմաննոցէն քիչ անդին, պարկը ծառին զարնելով։ Մինչեւ իրեն հասած էին կատուին ճիչերը։ Թուփերուն ետին պահուած, տեսած էր թէ ինչպէս կատուն ձեւ կը փոխէր պարկին մէջ՝ իւրաքանչիւր հարուածի։

Կը մտածէր միութեան պաշտօնեային մասին, որ խերը կʼանիծէր կենդանիներուն, կը մտածէր իր հօր մասին, որ հաւ մը դժուարաւ կը մորթէր։

Հայրը չի գիտեր եղեր կենդանիներու հետ վարուիլ…։ Եւ այս պաշտօնեա՞ն գիտէր։

«Կենդանիները լեզու չունին» կʼըսէր․ «ի՜նչ լաւ կʼըլլար, որ անոնք լեզու ունենային եւ խօսէին»։

Այն ատեն, մտածեց Արմէն, այն ատեն, աւելի լաւ պիտի ըլլար անկասկած։ Կենդանիները պիտի խօսէին… Ի՜նդ լաւ պիտի ըլլար, ամէն բան պիտի պատմէին…։

Բայց շարունակեց, այն ատեն ալ, ի՞նչ գիտնամ, մարդիկ իրարու կռնակէ պիտի ապրուէին։

«Երանի՜ թէ մարդիկ ալ լեզու չունենային, երանի՜ թէ մարդիկ ալ քիչ մը կենդանի ըլլային…»։

Արմէն երկար երկար նայեցաւ Կենդանապաշտպան Միութեան պաշտօնեային ետեւէն եւ մտածեց իր բարի հօրը մասին, որ իբր թէ չէր գիտեր կենդանիներու հետ վարուիլ…։

Մարմարա

01.06.1955