Վերջին թարմացում 12 Դեկտեմբերի 2015, 01:44

Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

հեղինակ՝ Ղևոնդ Ալիշան
աղբյուր՝ Էջմիածնի էլ․ գրադարան

Նախաբան առ Հայկակ

Ա

Հայրենի՜ք… Այն քիչ անուններէն մէկն է այս` զոր գրեթէ ամօթ է բացատրել բարեկիրթ եւ զգօն անմի մը, թէ եւ չըլլայ շատգէտ կամ բանիբուն․ գրեթէ մտքէն առաջ սիրտն կու հասնի, կ՚ըմբռնէ, կ՚իմանայ զայս․ կ՚իմանայ զայն նաեւ երբ չիկրնար քիչ բառով կամ խօսքով բացատրել․ մանաւանդ ուր քաղաքական ու բարոյական տեսութիւնք` ասոր իմաստն այլ այլայլած կամ զանազանած ըլլան։

Արարածոց մէջ` որոնց հետ կ՚ապրի` մարդուս ամենէն յատուկ միանգամայն եւ ազնիւ ծիրքն է միտք կամ բանականութիւն․ որ կ՚ուզէ ըմբռնել, ճանչնալ, դատել․ իր ծանօթութեանց գլխաւոր առարկայն այլ է նախ ինքն եւ իր նմանիքը․ – մարդկութիւնը։ Եւ ինչպէս շուտով մը կ՚իմանայ որ ինքն իբրեւ մարդ ամեն մարդու հաւասարակից է, բայց ամենքն այլ իրմէ զատ զատ մարդիկ են, այսպէս այլ շուտ մը կու ճանչնայ կ՚ընտրէ կ՚որոշէ անոնցմէ բազմութիւն մը մարդկան` որք նման են իրեն այն ամեն բաներով` որով որ ուրիշներու չեն նմանիր։ Եւ ահա կու ճանչնայ զազգս․ եւ անոնց մէջ իր Համազգին, եւ երկրիս բնակութեան վրայ ասոր բռնած տեղն այլ` Հայրենիք։ Բնական է մարդուս փնտռել եւ սիրել զՀայրենիս։

Ո՞ւր է Հայրենիքն։ Կայ ազգ որ ի սկզբանէ պատմական ժամանակաց` երկրիս նոյն կողմը մնացեր կեցեր է․ այսինքն իր հարքն եւ նախահաւքն որդիէ որդի միշտ նոյն երկրին վրայ ծներ սներ մեռեր են․ անոնց ծեռագործ յիշատակաց մէջ եւ մարմնոց նշխարացը քով` կու բնակին մինչեւ ցայսօր իրենց վերջին ծնունդքն այլ, — կան ալ` որ ուրիշ տեղ ծներ են, եւ հիմայ ուրիշ տեղ կ՚ապրին եւ գուցէ ուրիշ տեղ մ՚այլ պիտի մեռնին․ իրենց որրանքն եւ գերեզմանքն հեռաւոր լերանց եւ դաշտաց վրայ ծգուած են, որոց միջոց` ուրիշ ազգաց աւելի իրարու մօտիկ որորոցք եւ գերեզմանք կան․ նման մեր Եփրատ գետոյն` որ Սեւ ծովէն հազիւ աստիճան մը հեռու Բարծր Հայոց գագաթներէն կու բղխէ, դէպ յարեւմուտք եւ հարաւ վազելով` գրեթէ նոյնչափ կու մօտենայ Միջերկրական ծովուն Հայոց ծոցը, եւ դարծեալ անկից այլ ճամբան փոխելով` դէպ յարեւելս հարաւախառն` կ՚երթայ կու թափի ի հառաւոր ծոցն Պարսից ի ծով Հնդկաց։ Գուցէ այսպիսի ազգաց դժար ըլլայ հայրենիքը ճշդելը։

Սակայն ո՞վ կայ` որ որչափ այլ պանդուխտ տարագիր եւ թափառական ըլլայ` չունենայ իր սկզբանը հաստատուն կէտ մը։ Երկրիս ծայրէն ի ծայրը տեղափոխիկ օդաչու եւ ծովագնաց թռչունք անգամ, արագիլն եւ կռունկ եւ ծիծռունք եւ սագք, ունեցեր են տեղիկ մը, բունիկ մը, թէ՛ աշտարակի մը ծայր, թէ՛ երդիքի մէկ խորշը, թէ՛ պատի մը ճեղքին մէջ, թէ՛ բարծրածայր ծառոյ մը գագաթ, եւ թէ՛ վազուկ կամ անշարժ ջրի մը եզերք․ այն է իրենց հայրենիքն, ուր` յետ աշխարհաշրջիկ եւ օդափոխիկ տարագնացութեանց` կու դառնան նորածին ընտանեօք, եւ իրենց ախորժելի եղանակին մէջ երկրորդ անգամ ուրախ կեանք մը կ՚անցընեն։ Մարդս ալ որ չի գիտեր իր կենաց վերջին կէտը, ուր դադրիլն եւ ուր ընկնալն, գիտէ գոնէ իր սկզբնաւորութիւնը։ Կան որք դժբաղդաբար ծնողք ճանչցած չըլլան, բայց կու ճանչնան ծնելական տեղը, քաղաքը, գեղը․ այն է իրենց հայրենիքը․ եւ անոր հետ` նոյն օրէնքով վարուած տեղուանքն, եթէ ընդարծակ եւ եթէ ոչ։ Կան, ոհ խեղճութիւն մարդկութեան, կան որ չեն իմացեր չեն զգացեր ի՞նչ է ծնողի մը ծոց, համբոյր եւ գգուանք, չեն սնած անոր կաթով` որոյ արեամբն ծնած են, չեն ճաշակած մօր մը քաղցրութիւն․ եղբայր մը իրենց ծեռքէն չէ բռնած, եւ քոյր մը զիրենք չէ գրկած․ սակայն եւ այնպիսիք ճանչցած զգացած են զսէր եւ զքաղցրութիւն հայրենեաց` որ համատարած եւ անյիշաչար ծնողքի պէս կ՚ընդունի կու գգուէ ամեն համազգի եւ համալեզու։ Տեսեր եմ իրեն ծագման անծանօթ երիտասարդն այլ` որ իրեն փառք եւ հաճոյք կու սեպէր պաշտպանել եւ մեռնիլ իսկ պաշտպանելով այն երկիրը` ուր ծներ ուր սներ էր, եւ ուր իրեն լեզուակից եւ կրօնակից նմանեացն հետ կ՚ապրէր։ Ոհ, ինչպէս քաղցր եղած է անոր դարծը` յետ բազմամեայ զինուորութեան, հեռի եւ տարբեր քաղաքաց եւ բերդից մէջ, եւ երբեմն յետ օտար աշխարհներ այլ մտնելու բանակաց եւ պատերազմաց մէջ, յետ զանազան դիպուածներէ եւ վտանգներէ անցնելու․ — կամ անոր` որ աւելի խաղաղական բաղդի հանդիպելով` կամ ուսմանց կամ վաճառաշահութեան կամ ծառայութեան պատճառաւ, կ՚երթայ հեռաւոր աշխարհներ եւ քաղաքներ, զանազան սովորութիւններ, բարքեր, լեզուներ կու տեսնէ եւ կու ստանայ, եւ թէ՛ այսպիսի թէ նիւթական շահերու ծրարները կու բերէ այն քաղաքին կամ գեղին մէջ` ուր իր կենաց ամենէն առջի տարիները եւ դիպուածները անցած են։ Ի՜նչ սքանչելի կ՚երեւին այն քաղքին այն գեղին հին եւ մեծ շէնքերը․ իր զուարճութեան դաշտերը եւ բլրիկները․ իր խաղուց եւ իր փոքրիկ հասակակցաց ընկերութեան տեղուանքը․ այն սրբազան եւ հասարակաց ժողովարանները` ուր իր ծանօթից եւ ընկերաց հետ կ՚երթար`եկեղեցւոյ կամ քաղաքային տօն մը, հանդէս մը, պարտք մը կատարելու, եւ զուարճութեամբ ու մխիթարութեամբ դառնալու։ Ինչ ծանրագին շէնք է այն շէնքը, այն տունը` ուր սներ ու մեծցեր էր, եւ մանաւանդ այն` ուր որ ծներ էր։ … Ո՜հ, աշխարհիս մէջ անկէ ցանկալի անկիւն կրնա՞յ ըլլալ․ — եւս առաւել` եթէ ճանչցած այլ ըլլայ հոն իրեն ծնողք եւ հարազատներ․ — եւ եւս առաւել` եթէ դեռ յոյս ունենայ զանոնք նորէն տեսնելու․ — հապա թէ եւ դեռ տունը չգտած` գտնէ այն հարազատները, այն ծնողքը` որ ելեր զինքը դիմաւորելու եկեր են, եւ իբրեւ զիրար գրկերնուն վրայ առած` կու բերեն իրենց ընտանեկան վառարանին կամ սեղանին եզերքը։ … Հոս միայն ընտանեկան եւ խնամեական քաղցրութիւն մը չէ․ հայրենեաց զգացումն եւ սէր այլ կայ հոս, որ գրեթէ ոչ պակաս զգալի եւ ախորժ կ՚ըլլար` նաեւ եթէ կենդանի յիշատակաց տեղ` միայն անկենդան յիշատակարաններ գտնէր․ մանաւանդ եթէ անոնց մէջ ըլլայ եւ այն յիշատակարանը` որ միջոց մ՚է կենաց եւ մահու եւ անմահութեան․ — Գերեզման մը։ — Անշուշտ, եթէ կորսուած կամ պահուած ըլլար, բայց եւ կարելի ըլլար ստըկով գտնելու եւ գնելու, բարեկիրթ սիրտն ի պանդխտութենէ դարձած` ստածուածքին կէսն այլ կու տար ստանալու համար սիրելւոյն եւ ընտանւոյն գերեզմանը։ … Կրնա՞ր արդեօք այնպէս անկիրք անկրօնք կարծրակուռ սիրտ մը զտուիլ` որ ըսէ․ Ի՞նչ կ՚ընես, ո՛վ երիտասարդ, մինչդեռ բաղդ աշխարհիս իր զարմանալեաց եւ ակնկալեաց դուռը կու բանայ քեզի, դու այդ բաղդին օժանդակ ստակդ ա՞յդպէս զուր կու վատնես, երկու կանգուն կոշտ հող մը, եւ քանի մը չոր ու պժգալի ոսկորներ գնելու, որոց վրայ չիկրնար մէկն նայիլ առանց զզուանաց։ … Աղօթենք, Հայկակ, որ այդպիսի ձայն մը քու եւ նմանեացդ ակընջին երբեք չհասնի։ — Եղած անցած մարդկութեան ամենէն խղճալի թողած յիշատակն եւ նշխարն` արդարեւ իր ցանկալի եւ սրբազան բան չկայ երկրիս վրայ` այն` մարմնոյն հաղորդակից կամ արենակից ներկայ մարդու մը համար․ եւ որչափ սիրելի են այն նշխարքն` այնքան եւ զանոնք պահող տեղն, հողավայրն, գերեզմանն․ ըլլայ հոյակապ մահարձանօք շիրիմ մը, ըլլայ պարզ քար մը, կամ թէ բնաւ անքար տափակ հողն, քանի մը ծաղկով, կամ լոկ կանաչ խոտով պատած, եւ երկճիւղիկ փայտով` սեւ խաչով մը նշանուած։ — Ծըննդեան տեղն կամ տնիկն, եւ նախնեաց գերեզմանն` մարդուս երկու հատիկ կէտերն են, որոց մէկուն վրայ պէտք է կեցընէ կարկինը` այն սիրտն` որ կ՚ուզէ ծրագրել սահման մը իրեն հայրենեացը, եթէ չիգիտեր ուրիշ սահման։

Կեանքերնիս արդարեւ կարճ ընթացք մ՚է երկու իջեւանատանց միջոց․ առաջինն` օրոց, երկրորդն հողոց․ կամ թէ կրնայ ըսուիլ` Ծնարան եւ Քնարան։ Սակայն մարդ միթէ միայն ծնանելո՞ւ եւ մեռնելու համար եկած է յաշխարհ։ — Ոչ․ մարդս խոհուն եւ գործուն էակ է․ թէ եւ քիչ բան կրնայ ընել եւ քիչ միջոցի մէջ, մէկ իջեւան մը ընթանալու չափ․ — բայց այդ միջոցն, այդ ընթացքն, եւ մանաւանդ այդ գործքն է զհայրենիս բովանդակող։ Եթէ գործն չըլլար` ոչ ծննդեան եւ ոչ մահու յիշատակք այնպէս սիրելի եւ սրտալի կ՚ըլլային մարդկան․ կամ ըրած գործքերուն կամ յուսացուած ընելի գործոցն համար է` որ այնպէս սիրելի եւ ցանկալի են մեզ յիշատակք եւ գերեզմանք հանգուցելոց։ Ուրեմն թէ եւ հայրենեաց կէտք եւ կենդրոնք կ՚երեւին այդ ծնարանքն եւ քնարանքն, սակայն անոնմով կ՚ենթադրուի գործոց յիշատակն, որ է բարոյական կեանք եւ մարդու եւ ազգի, որով եւ հայրենեաց իսկ։ Ուրեմն աւելի կերպով մը հոն են հայրենիք` ուր որ մեր արենակիցք եւ լեզուակիցք գործեր են․ եթէ ծննդեան եւ մահուան` դիպուածական եւ կերպով մ՚ակամայ յիշատակարանքն իսկ այնքան սիրելի կ՚ըլլան, ո՞րքան աւելի քննելի եւ փնտռելի են կենաց յիշատակարանքն` ուր ալ որ գործուած ըլլան, եթէ ի սեփական եւ եթէ յօտար երկրի։ Վասն զի կրնայ ըլլայ որ մէկն քաղքի մը մէջ ծնած եւ մէկէն փոխադրուած ըլլայ ուրիշ տեղ մը, հոն ապրած եւ գործած․ յետոյ ուրիշ քաղաք մ՚երթալով` հոն այլ մեռած․ այսպէս այլ կրնան գտուիլ ժողովուրդք` որ երկրէ մը ծագեր են, հիմայ ուրիշ երկրի մէջ կու բնակին․ բայց իրենց եւ իրենց նահապետաց միջին սերունդքն այլ շատ երկայն ատեն` ուրիշ երկիր մը բնակած ըլլան․ այս միջին երկիրս կրնայ աւելի իրաւամբք մ՚իրենց հայրենիք ըսուիլ, կամ ինչպէս սովորութիւն է ասանկ առթից մէջ անուանել` երկրորդ հայրենիք։ Ստոյգ է որ ուր երկրորդ եւ երրորդ հայրենիք ըլլան` կրնայ սիրտն տարակուսիլ եւ տարուբերիլ․ սակայն եւ այն ատեն հոն կու հանգչի` ուր որ աւելի գործոց յիշատակ գտնէ։

Ո՜րչափ փափագելի, որչափ բարեբաստիկ է անոնց վիճակն` որ մէկ աչքով կու տեսնեն իրենց իջեւանին երկու հանգոյցներն ալ, ծնարանը եւ քնարանը, հանդերձ միջոցովն` որ կրնար ըսուիլ Գործարան։ Ո՛րչափ բարեբաղդ է, կ՚ըսեմ, այն ազգն` որ ի սկզբանէ ի վեր իր համալեզու նախնեաց երկրին մէջն է կեցեր․ անկէց դուրս տեղ չիգտներ իր նահապետաց ծնարանը, եւ հոն կու տեսնէ անոնց քնարանը․ ինչպէս առանձին մարդ մը` որ բնակի այն տունը` ուր իր հարքն եւ պապքն այլ բնակեր են, եւ պատրաստէ իր մարմնոյն վերջին հանգստարանը հոն` ուր որ այն հայրերն ու պապերն այլ կու հանգչին դարերով․ ուր իրենց վրայ հովանացեալ ծառոյն փոքրիկ տերեւոց նման` որդիք զորդիս փոխանակելով` քանի մը կամ շատ ցեղեր իրարու ետեւէ ընկեր մնացեր են։ Կրնանք նախանձելի սեպել երկրիս վրայ այդպիսի ազգի մը բաղդը, որ կու յայտնէ թէ կամ օտար բռնութիւններէ ազատ է մնացեր, կամ մանաւանդ` կրցեր է զինքը պաշտպանել անոնցմէ․ իրեն նախնեաց աւանդը պահեր է անոնց նշխարացը քով․ հայրենեաց զգացումն պէտք է որ շատ զօրաւոր ըլլայ այն ազգին վրայ, ինչու որ աչքովն այլ կու տեսնէ անոնց յիշատակարանները, կու պտըտի անոնց չափած ասպարիզին մէջ, կու գործէ հոն` ուր անոնք գործեցին․ — իր կենդրոնն եւ սահմանքն յայտնի են․ հայրենեաց ամեն տեսակ իմաստքն այլ ամփոփուած են մէկ գծով բոլորած սահմանի մէջ․ գիծ մը` որ եռանկեան մը պէս կու միացընէ իր եւ իր նախնեաց ծնարանին, քնարանին, գործարանին կէտերը։ Կրնայ այնպիսին չգիտնալ իր ազգաբանութիւնը, իր հարց կարգաւ յաջորդութիւնը․ բայց գիտէ որ հազար տարիով այլ առաջ իր նախահայրն` այն երկրին մէջ բնակեր է․ հոն է եղեր իր բոլոր ազգատոհմին նահապետն կամ ազգապետն այլ․ եւ ինչպէս հիմայ իր համազգի ընկերներն են` որ այն գետինը կու մշակեն, այսպէս երկայն դարերով այլ առաջ` նոյն արիւն եւ նոյն լեզուն ունող ընկերակիցքն` նոյն հողէն նոյնպէս իրենց սնունդ կու հանեն եւ ի նոյն հող կու դառնան եղեր․ — գիտէ որ այն մեծամեծ ծառերն` որոց տակ քանի մը հասակ զիրար յաջորդելով նստեր են, իրեն նախահարց տնկածներն են, որոնք նոյնպէս իրենց նախնեաց հինաւուրց ձեռնատնկոց տակ խաղցեր եւ հանգչեր են․ — այն ապառաժ լեռներն` իրենց կողերէն ընծայեր են իր քաղքին եւ աշխարհին ամենէն հին շէնքերուն նիւթն այլ, որոց ճարտարապետական ձեւն եւ արձանագրութիւնք` դեռ իր հիմակուան ոճն եւ լեզուն կու յիշեցընեն․ — այն հին կամուրջը` վայրենի ձորակի մը վրայ ձգուած` իր գեղին քանի մը երջանիկ նահապետաց ձգածն է․ — այն մեծամեծ եւ հասարակաց կրօնից շէնքերն` իր նախնեաց բարեպաշտութեան եւ մեծագործութեան յիշատակարաններն են․ — այն բարձր եւ քանդակազարդ կամարքն եւ կոթողքն` իրեն նախնեաց քաջութեան ցուցակքն են եւ յորդորքն անոնց նմանելու․ — այն դաշտերն` ուր երբեմն պատերազմաց դրօշք բարձրացան եւ երբեմն ընկան իրենց դրօշակրաց եւ անոնց ետեւէն գացողաց հետ, ուր երբեմն յաղթութեան թմբուկքն բոմբեցին, երբեմն յաղթուելու եւ ետք քաշուելու սրտակտոր փողն հնչեց, այն ամենն այլ իր նախնեաց թէ՛ արեամբք թէ՛ քրտամբք ոռոգուեր են։ Եթէ խնտայ հոն եւ եթէ լայ` անցեալ յիշատակաց համեմատ,, խնտումն այլ` լացն այլ` ոչ միայն սիրով են, այլ եւ փառօք․ վասն զի քաջութեամբ կռուիլն եւ պաշտպանելն աւելի արժանաւոր է` քան յաղթող գտնուիլն․ միշտ փառք ու պարծանք է իր երկիրն եւ իր ազգը սեփական լեզուաւ եւ օրինօք պահելն․ — ունենայ յատուկ եւ բնիկ լեզու մը, սահման մը, քաղաքավարութիւն մը, ծէս մը, եւ յիշատակարաններ, որոնց համար բարեկամ բարեկամի հետ խօսելով կարենան ըսել․ մէրը․ այս կատարեալ հայրենիք է, երկրիս որ կողմն այլ որ ըլլայ, ինչ դիրք այլ որ ունենայ։

Բ

Այս վերջի անդրադարձ մտածութիւնս այլ ըրի, Հայկակ, յիշեցընելու համար մեծ խնդիր մը կամ իմաստ մը, որ կու զանազանէ զհայրենիս, որով եւ զհայրենասէրս, ըստ բնական դրից երկրին։ Իրաւ է որ ով որ վերը յիշած յատկութեանց համար կրնայ իմ ըսել երկրին, անոր համար միշտ գեղեցիկ է հայրենիքն․ սակայն երբ մէկն, մանաւանդ երրորդ անձ մը, երկու երկիր իրարու հետ բաղդատէ իբրեւ բնազնին եւ բանաքնին, ի հարկէ կերպ կերպ զանազանութիւններ կու գտնէ անոնց մէջ, եւ ըստ այնմ անոնց բնակչաց բնաւորութիւնն այլ յարմարած․ իրենց բնական կազմուածքէն սկսեալ մինչեւ ի բարոյական բերմունս․ եւ ըստ կերպարանաց ու հանգամանաց երկրին` անոր վրայ ունեցած սէրն կամ համարումն այլ կը կերպաւորուին։ Յայտնի է ամենուն թէ ի՛նչ ազդեցութիւն ունին Կլիմայք` տեղացեաց վրայ․ ինչպէս` սաստիկ տաք կամ ցուրտ երկրի բնակիչք` տկար եւ ջըլատեալ կ՚ըլլան․ ինչպէս` բարեխառն կլիմայից բնակիչք` աւելի բարեկեցիկք, բարեբնոյթք եւ կիրթք․ չափաւոր ցրտութեան տակ եղողք աւելի ժիր կ՚ըլլան․ չափաւոր տաքութեան տակ եղողքն այլ` աւելի զուարթ եւ զբօսասէր, ինչպէս Գաղղիացին․ միգամած երկրի բնակիչք` իրենց վարուց վրայ այլ միգային քող մը կ՚երեւցընեն, մելամաղձ եւ ծանրաբարոյ կ՚ըլլան, ինչպէս Անգղիացին եւ Հոլանտացին։ Այսպէս եւ գուցէ այլ աւելի, երկրին կազմուածքն եւ գիրքն ունին տպաւորութիւն ի վերայ բնակչացն։ Թաթարիստանի ծովանման չոր անապատաց բնակիչքն, եւ Եւրոպիոյ կամ Ամերիկոյ հարաւային կողմանց բարեբոյս դաշտաց բնակիչքն` հարկ է որ տարբեր բնաւորութիւն ունենան․ մէկն միշտ գետինը փորելով հոն կենայ, մէկայլն անդադար լերկ ու մերկ երկրին վրայ սահելով անցնի կամ ման գայ իր հոտերով եւ երամակներով` անոնց ճարակ գտնելու համար․ մէկն անասուն եւ շինասէր, մէկալն անտուն եւ շինաւեր։ — Զուիցերաց լեռնաշատ եւ լճաշատ եւ նկարակերպ բարձանց եւ հովտաց բնակիչն` ի հարկէ պէտք է զմայլի իր հայրենեաց բնական գեղեցկութեան վրայ, որ ամենէն տխուր եղանակի մէջ այլ իր շնորհքն ունի, ո՞րչափ եւս աւելի լաւ եղանակին մէջ․ զարմանք չէ ուրեմն որ երբ օտարութեան մէջ իր ազգային երգը լսէ եւ հայրենեաց պատկերը իր վառվռուն գոյներովը նկարուի մտացն առջեւ, բոլոր սրտով թունդ ելնէ եւ գրեթէ հիւանդանայ եւ հալի հայրենեացը կարօտով։ Յունաց եւ Իտալացւոց այնչափ գերազանցութեան ի գեղարուեստս` առաջին վարպետ եղած է իրենց հայրենի երկրին բնութիւնն, բարեխառն կլիմայն, դալար բուսաբերութիւն, զանազանութիւն կամ ելեւէջք դրից, եւ ծովն․ – ծո՜վն, այն ծեր եւ ալէզարդ մեծ վարժապետն` որ իր ահեղ ձայներէն աւելի` իր կերպ ու կերպ ծփանոքն ցամաքին կերպ ու կերպ ափանց եւ ծոցից վրայ, շատ զարմանալի բաներ ազդած է եւ կ՚ազդէ Յունի մը, Վենետկեցւոյ մը, Անգղիացւոյ մը, Բրետոնի մը, եւ որ եւ է ազգի` որոյ երկիրն բաղդաւոր եղեր է գոնէ իր եզերաց չափաւոր մաս մը մահկաձեւ կամ աղեղնաձեւ տարածելու ի խաղ ւ՚ի կռիւ կապուտակ կոհակներուն։ Ժողովուրդ մը որ ունի հրուանդաններ` դիտելու այն անսպառ ալեաց զբօսանքը, եւ անոնց երեսէն հովով կամ հրով հրուած եկող եւ գացող քալուկ տուները (նաւերը)` աշխարհքէ աշխարհք հեռաւոր կողմերու լուրեր եւ բերքեր տարուբերելով, այնպիսի ժողովուրդ` չիկրնար ապուշ մէկ մ՚ըլլալ։ Բայց եթէ ծովն բոլորովին ծրագրելով զԱնգղիա` կու տայ անոր բնակչաց ծովապետութեան պատիւն եւ գոռոզութիւն, կամ Յունաստանի կղզեաց մէջ կոտըրտուելով կու տայ անոր բնակչաց աշխոյժ եւ ժրութիւն, միանգամայն եւ պարծիլ մը իրենց ափանց վրայ․ գեղեցիկ եւ հովանաւոր դաշտերն այլ, բարձր բարձր եւ զով լեռներն այլ` կու տան իրենց բնակչաց ոչ պակաս զուարճութիւն եւ պարծանք։ Ինչուան ժայռոտ տեղերու բնակիչքն` այն բնութեան ամենէն անարուեստ կերպարանաց վրայ այլ կու գտնեն զարմանալի ձեւեր եւ տեսքեր, որով կու զմայլին եւ կու պարծին իրենց հայրենեաց վրայ։ … Բայց գուցէ չեն այլ կրնար ծածկել` այն չոր ու խոժոռ արարածոց առթած կերպ մը չոր տպաւորութիւնն այլ` որ իրենց բարուց եւ շարժմանց վրայ կ՚ազդուի։

Եթէ այսպիսի գիրք երկրի` զոր բնութիւնն միայն իր անզգայ ձեռքերով ձեւացուցեր է, այսքան ազդեցութիւն ունին ազգաց բարուց եւ զգացման վրայ, ո՞րքան եւս առաւել զօրաւոր եւ զանազան կ՚ըլլան հայրենեաց ազդեցութիւնք ի ժողովուրդս` որոց երկրին վրայ բնականին հետ ձեռագործ եւ պատմական յիշատակարանք այլ երեւին ցեղուցեղ։ Երբոր մէկն օրերով քալելով համազգեաց երկրի մը սահմանաց մէջ` տեսնէ լերանց եւ բլրոց վրայ հնացեալ եւ երբեմն կիսաւեր բերդեր եւ դղեակներ, հաստամուր պարսպով քաղաքներ, հին եւ մեծ պալատներ, բանուկ ճամբաներ եւ կամուրջներ, մեծամեծ հասարակաց շէնքեր, փայլուն կամ մամռապատ կամարներ, իրենց տակ թաղուածներուն պէս հնացեալ գերեզմաններ, հանդերձ նոր եւ պայծառ շէնքերով, եւ ժամանակին զարգացման համեմատ օգտակար եւ շահաւէտ գործարաններ, կրթարաններ, ժողովարաններ, հանդիսի եւ զբօսանաց տեղեր, քաղաքական եւ զինուորական հրապարակներ, եւ այլն, եւ այլն․ եւ այս ամենուն համար կարենայ ըսել թէ իմ համալեզու նախնեացս ձեռագործք են, որոց ոմանց վրայէն երկայն դարեր այլ անցեր են, եւ գուցէ հազարաւոր տարիներու յիշատակարանք այլ կան անոնց մէջ․ ի՞նչպէս սիրտն կ՚ուռի կ՚ընդլայնի, կու բարձրանայ, կու խաղայ եւ կու հանգչի ծովին մէջ․ ի՞նչ օրինաւոր պարծանօք եւ գրեթէ հպարտութեամբ մը կրնայ ըսել` թէ ասոնք իմ հայրենեացս են, ասիկայ իմ հայրենիքս է․ եւ թէ յիշատակ ժամանակաց հետէ միշտ մեր ազգն այս երկրիս եւ այս շէնքերուս տակ բնակեր է․ ասիկայ մեր հայրենական կալուածն է զոր սեփական օրինօք եւ քաղաքավարութեամբ պահեր են նախնիքս իր հին սահմանաց մէջ, ի միջի ուրիշ սահմանաց եւ ազգաց։ — Ո՜հ, արդարեւ ատիկայ կատարեալ եւ նախանձելի հայրենիք է․ ատիկայ ընդարձակ հասարակաց բնիկ տուն մ՚է, որ ամեն համազգի մարդու մասնաւոր տուներ իր մէջ կու բովանդակէ․ ատիկայ ամեն կերպ զօրաւոր սէր եւ զմայլումն կ՚ազդէ բնակչին վրայ․ այդ է որ զգացուցեր եւ ազդեր է այն ամենայն հրաշալի հայրենասիրութեան կրքերը, այն աշխատութիւնները, համբերութիւնները, քաջութիւնները, եւ ինչուան կենսանուէր զոհերը, երբեմն միայնակ, երբեմն ընկերակցօք եւ երբեմն բովանդակ բանակներով․ զոր հռչակեր են պատմիչք, քերդողք եւ ճարտար արուեստաւորք․ եւ որոց վրայ կու զարմանան ընթերցողք եւ լսողք` նաեւ յետ երկար դարուց անցնելու, եւ կու պարծին անոնց յետին համազգի թոռանց թոռունքն այլ։ … Աշխարհք չիկրնար այսուհետեւ մոռնալ 8000 տարուան Տրոյիոյ առման դէպքը, եւ ոչ 2400 տարուան Սալամինայ եւ Թերմոպիլէի յիշատակները, որոց վրայ միշտ պիտի պարծի ո՛րչափ ատեն որ գտնուի Յոյն մը։ Այսպիսի յիշատակք երկրաւոր յաւիտենականութիւն մ՚են, ազդու եւ սիրուն։ Ասոնց նման քիչ շատ ուրիշ ազգեր այլ ունին իրենց սեփական եւ սիրուն յիշատակներ, որ իրենց տեւողութեան հետ պիտի հնանան, եւ աւելի քան զգինի եւ զբարեկամութիւն հնացեալ` հին ախորժ յիշատակքն զօրաւոր եւ քաղցր են մարդկան, եւ հասարակաց հաւասար վայելելի ամեն ժամանակ։ … Ո՜հ, երբ այսպիսի յիշատակաց վրայ շարժի գրիչն, չիկրնար գոնէ կայծեր չցատքեցընել․ պատմիչն յանկարծ վիպասան կ՚ըլլայ, բանադատն` բանաստեղծ։ Հայրենեաց հրեղէն հոսանքէն չհալող սիրտն` շատ ապառում շատ այլանդակ եւ այլանիւթ պիտի ըլլայ։ … Վա՜յ այդպիսի հրէշին․ երկիր կու հալածէ զանիկայ, երկինք չիկրնար ընդունիլ սիրտ մը` որ այնքան կարծր գտուած ըլլայ երկրի վրայ․ անհնար է որ հայրենատեաց մը եւ լոկ անհայրենասէր մը` առաքինի ըլլայ, թող թէ սուրբ։ Երկնից պատգամ է թէ ընկերը չսիրողն` չիկրնար զԱստուած սիրել․ հապա բոլոր ընկերները բովանդակող հայրենիքը չսիրողն` ի՞նչպէս սիրէ ամեն սիրոյ կենդրոն եւ շտեմարան հանդերձեալ բնակարանն մաքուր հոգւոց։ …

Գ

Բայց բաւական պտըտեցանք կարծեմ, Հայկակ, հայրենիք քննելու եւ տեսնելու․ դառնանք փնտռենք մեր սեփական հայրենիքն ալ։ — Միթէ չկա՞յ մէկ Հայ հայրենիք մ՚այլ․ միթէ չունի՞ Հայն իր Հայաստանը։ … Ո՞ւր է այս հայրենիքս, ո՞ւր է այն աշխարհն։ … Ի՛նչ դիւրին եւ ինչ դժար պատասխանի․ ո՜րչափ քաղցր եւ որչափ դառն յիշատակք։ Եթէ առաջին տեսութեամբ ամեն մարդու ծնած, սնած, ապրած տեղն իրեն հայրենիք սեպեմք, ո՞րչափ օտար եւ իրարմէ հեռու տեղուանք պիտի ըլլան Հայոց հայրենիքն։ Եւրոպայի արեւելեան եզերքներէն մինչեւ յովկիական Ճեաւա կղզին, Նեղոսի ափունքներէն մինչեւ ի Վոլկայի բերանը, անձմեռն Միջագետաց խորերէն մինչեւ յանամառն Ֆինլանտիոյ դաշտերը` կու գտուին, կու բնակին Հայ ընտանիք եւ ընկերութիւնք։ — Ո՞ւր է անոնց հայրենիքն․ միթէ ամեն մէկուն իր ծննդեան տե՞ղն է` որ այնքան կու տարբերի մէկալներուն ծննդեան տեղէն` որչափ ամենէն աննման աշխարհք իրարմէ․ ի՞նչպէս կրնան Հայք մէկ հայրենիք մ՚ունենալ։ … Պէտք է որ այդքան ցրուած եւ ցանուած համազգիքը միայն գաղթական սեպենք, օտարատունկ բոյսեր եւ ոչ բնիկ։ Ազգին հայրենիքը փնտռելու է այն տեղուանքը` ուր աւելի բազմութիւն եւ իրարու մօտ կու բնակին․ թէպէտ այս այլ մեր ազգին համար շատ դիւրին ճամբայ չէ․ որովհետեւ բաւական մօտիկ բնակութեամբ այլ` դեռ շատ ընդարձակ եւ անհուն երկրի երես սփռած կու տեսնեմք մեր ազգը, որ չէր կրնար այնքան տեղ բռնել իր համալեզու եւ համարիւն անհավատներով, բայց եթէ ըլլար Չինաց պէս բազմածին աճեցեալ ազգ մը․ վասն զի գրեթէ Պարսից ծոցէն սկսեալ ի հարաւոյ արեւմտից` 10—20 աստիճան աշխարհագրական լայնութեամբ ինչուան յԱդրիական ծով ձգուած երկիրներու մէջ դէպ ի հիւսիս արեւմտից` ցանցառ կամ խիտ բնակութեամբ կ՚երեւին մեր համազգիք, երբեմն նեղ եւ երբեմն լայն` բայց գրեթէ անընդհատ գօտւոյ մը պէս։ Սակայ այս դեռ շատ ընդարձակ միջոցին երկու ծայրերն այլ թողլով, (ուր աւելի ցանցառ եւ ցրուած է հայութիւնն), պէտք է մէջտեղուանքն` (ուր աւելի խիտ եւ մօտիկ է բնակութիւննին) փնտռենք մեր հայրենիքը, եւ յիրաւի կու տեսնեմք որ ազգերնուս բազմութիւնն կու բնակի վերին Եփրատ գետոյն երկու կողմերը, աջ` կամ արեւմտեան կողմէն` մինչեւ Ալիւս (Գըզըլըրմաք) գետոյն եզերքը, ձախ կողմէն` կամ արեւելքէն` մինչեւ ի Կուր գետ, կամ այլ անդին մինչեւ ի Կասպից ծով․ հիւսիսէն այլ մինչեւ ի Կովկաս, հարաւէն մինչեւ յանապատն Միջագետաց։ Այս վերջի միջոցս այլ դեռ բաւական ընդարձակ է մեր ազգին համար, ոչ միայն ըստ հիմակուան վիճակին, այլ եւ ըստ հին ատենի․ ուրեմն եթէ ասոր այլ չորս սահմաններն ամփոփեմք` կրնամք տեսնել չափավոր երկիր մը` յիշեալ գետոյն (Եփրատայ) երկու կողմը, որոց մէկն (աջակողմեանն) ըլլայ Փոքր Հայք, միւսն Մեծ Հայք, ասոնք, եւ մանաւանդ ետքինս այս է բուն Հայաստան, հոն է մեր հայրենիքն․ թէ եւ այսօրուան օրս, աւա՜ղ, ամեն աշխարհացոյցք այս մեզի ցանկայլի անուամբ չեն նշանակեր այն երկիրը, այլ անոր քանի մը նահանգաց եւ գաւառաց անուամբք, կամ նոր եւ օտար անուններով։

Թողլով պատճառները եւ դէպքերը քննելու կամ յիշելու, վկայենք որ ազգերնուս մէկ մեծ մաս մը հիմայ իր բնիկ եւ սեփական հայրենեաց սահմաններէն դուրս տեղ կու բնակի կամ հաստատուած է․ բայց դեռ մեծագոյն մաս մ՚իր նախնեաց բնիկ երկրին մէջ է, որ է Մեծ Հայք, կամ անոր շատ մօտ տեղ, ինչպէս են Փոքր Հայք, Կովկաս եւ Կիւլիկիա․ այս ետքինս թէ եւ հեռագոյն քան զբուն Փոքր Հայս, բայց աւելի Հայկական հայրենի երկիր դարձեր է․ վասն զի հոս աւելի կեդրոնացեր է Հայութիւնն իր սեփական էրինօքն, տիրութեամբն, լեզուաւ եւ սեփական յատկութեամբք, որոց նշանք կու մնան իր ձեռագործ եւ ձեռագիր ազգային յիշատակարանքն։

Դ

Ազգային յիշատակարանք․ ասոնք են բնիկ նշանք հայրենեաց․ ասոնք են իւրաքանչիւր ազգի հայրենեաց ամենէն ազդու եւ զօրաւոր արձանագրութիւնք, միանգամայն եւ ամենէն սիրելի եւ սրտառուչ բաներ երկրիս վրայ։ Կրնամք ուրեմն մենք Հայքս այլ, յետ արտասուելու մեր անցեալ կամ կորուսեալ երկայն ինքնակացութեանը եւ բազմակերպ յիշատակաց վրայ, (որք 3000 տարի մը հանդիպեցան այն մի եւ նոյն երկրին վրայ` զոր բնիկք եւ օտարք միշտ կ՚անուանէին Հայաստան եւ Արմենիա), կրնամք, կ՚ըսեմ, դեռ հիմայ այլ մխիթարուիլ` որ այս ցան եւ ցիր ազգերնուս գոնէ կէսն դեռ իր հին եւ ամենահին հարանց հողուն վրայ կու բնակի, կու բանի եւ կու հանգչի, անոնց նշխարեալ ոսկերաց քով իրեններն այլ աւանդելով․ — եւ կրնայ դեռ յետ այնքան ասպատակութեանց եւ աւերանաց` որ թերեւս ամեն աշխարհէ աւելի իր երկրին վրայ եղան, կրնայ դեռ իր նախնի տիրագլուխ նախնեաց հնացեալ եւ կիսաքանդ յիշատակարանները տեսնել․ – կրնայ ճանչնալ այն տեղուանքը` ուր իր համարիւն եւ համալեզու առաքինեաց եւ քաջաց գործք եւ արդիւնքն կատարեցան, որք ի գիր անցան եւ դարուց ի դար կու պատմին եւ պիտի պատմին։ Կրնամք եւ մենք հեռաւորքս եւ մերձաւորք` մխիթարուիլ եւ օգտուիլ այն յիշատակարաններով եւ յիշատակներով, զոր եթէ ժամանակն մէկ կողմէն կու ջանայ աւելի հնացընել եւ մոռացընել, մէկ այլ կողմէն դիւրութիւնք նոյն ժամանակի, արուեստք, գիտութիւնք, ջանք եւ կրթութիւն` աւելի կու յայտնեն, կու նորոգեն, կենդանացընեն։ Զանոնք փնտռելով եւ քննելով` կու ստիպուինք անգամ մ՚այլ վկայել մեր անաչառ պատմահօր հետ (Խորեն․ Ա․ Գ․), որ թէպէտ եւ հիմայ փոքր ազգ մ՚ենք, տկար եւ օտարի իշխանութեան տակ ընկած, ,սակայն բազում գործք, արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիսե։ Գործք արութեան են` քաջութիւն հոգւոյ եւ սրտի եւ ձեռաց․ արդիւնք առաքինութեան եւ կտրճութեան։ Այո՛, այո՛․ հայրենեաց ամենէն հզօր հրապոյրքն են այսպիսի գործոց յիշատակք, եթէ անոնց նիւթական յուշարարքն կամ արձանքն մնացած ըլլան եւ եթէ չըլլան․ ասոնք են տեսարանին գլխաւոր պատկերքն։ Եւ եթէ այն պատկերաց հետ ենթակայքն եւ շրջանակքն այլ համեմատ եւ գեղեցիկ ըլլան` ի հարկէ բոլոր տեսարանն այլ աւելի գեղեցիկ կ՚երեւի․ այսինքն, եթէ այն գործոց հետ` տեղն ու դիրքն այլ ի բնէ վայելուչ ըլլան` հայրենիք կրկին քաղցր եւ ցանկալի կ՚ըլլայ։ — Արդ այս տեսութեամբ այլ` մեր հայրենիքն Հայաստան` կրնայ շատ չնախանձիլ ուրիշ աշխարհաց, այլ եւ շատերու նախանձելի ըլլալ․ վասն զի բնութիւնն կամ տէրն բնութեան` շատ գեղեցկութեամբ եւ հարստութեամբ զարդարեր է զայն․ զոր օր մը յատուկ համառօտ բնագրութեամբ մը կ՚ուզեմ քեզի նկարագրել։ Հայկակ։ Իսկ եթէ այս բնական եւ ազգային տեսարանաց հետ նկատենք մեր հայրենեաց վրայ համաշխարհական երեւոյթներ այլ, այսինքն անանկ դէպքեր, որ կամ բոլոր աշխարհիս կամ շատ ազգաց պատմութեանն այլ կու վերաբերին, կարծեմ թէ քիչ երկիր կրնայ մեր հայրենեաց հետ բաղդատուիլ, եւ կամ ոչ մէկն այլ հաւասարիլ այն երկրին, ուր հասարակաց կամ հաւանագոյն ծանօթութիւնն` կ՚ընդունի զդրախտն, այսինքն մարդկութեան ծագումը․ – տապանին հանգըստեան տեղը, այսինքն երկրորդ անգամ մարդկութեան ծագիլ եւ ծաւալիլը․— աճեցեալ մարդկութեան ծագիլ եւ ծաւալիլը․—— աճեցեալ մարդկութեան առաջին անգամ ցրուիլն անկէց, եւ դարձեալ ի Բաբելոնէ ցրուելոց շատերուն նորէն կամ բնակարան կամ անցարան եւ իբրեւ կարաւանատուն մ՚ըլլալն․ կրնամք ըսել թէ հիմնակուան զարմանալի Եւրոպիոյ մեծ մասն այլ Հայաստանէն անցեր է․ անոր ազգաց շատ նահապետքն կամ գաղթականաց գլխաւորք` մեր աշխարհքէն ելեր կամ անցեր են յարեւմուտս եւ ոմանք դէպ ի հիւսիս։ Այո՛, Հայկակ, դարձեալ կու կրկնեմ, որ թէ բնական, թէ ազգային եւ թէ համաշխարհական տեսութեամբք` շատ նշանաւոր երկիր մ՚է Հայաստան․ եւ ըստ այսմ տեսութեան` կերպով մ՚եռապատիկ կ՚ընդարձակի մեր հայրենիքն, որ արդէն իսկ բաւական ընդարձակ էր թէ՛ իր սահմաններովն եւ թէ մեր պատմական տեւողութեամբն, որ կու սկըսի ամենէն հին ազգաց պատմութեան հետ․ եւ իր ինքնագլխութիւնը կամ երկրատիրութիւնը կորուսանելու երկար միջոցն այլ` դեռ փոքրագոյն մաս մ՚է հայութեան կենաց ի վերայ երկրի։ Եւ արդ այս ամենս` անգամ մ՚այլ կու հաստատեն` թէ շատ գործք եղած են ի Հայաստան, շատ յիշատակներ պիտի ունենայ մեր հայրենիքն։ …

Ե

Արդ ի՞նչ պիտի ըլլայ ուրեմն, ով Հայկակ, այնքան գործոց եւ յիշատակաց դիմաց այս իմ քեզի ընծայածս – ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ։ Եթէ դիպուածոց բազմութեան հետ համեմատենք, արդարեւ հազարէն մէկ բիւրէն երկուք են․ եթէ գործոց գերազանցութեան հետ, կու փութամ վկայելու` որ եւ յայսմ մասին ամենէն ընտիր կամ ցանկալի բաներն չեն այս քանի մը տասնեակ պատմածքս, զոր ըստ դիպաց իմն կամ ըստ աւուր պատշաճի` յիշեր եմ․ եւ եթէ զրուցուածիս ոճոյն եւ ձեւոյն նայիս, այն այլ շատ հեղ ըստ զանազան աւուրց կրից կամ ախորժից ըսած եմ, առանց աւելի արժանաւոր ոճի եւ ձեւի մը մտցընելու ըսածս․ մանաւանդ որ ի սկզբան չէի մտածեր առանձին գրքով մ՚ամփոփելու եւ հրատարակելու․ եւս առաւել որ մեր ռամկական լեզուով խօսած եմ, որ թէ եւ քեզի աւելի դիւրահասկանալի եւ ախորժելի է, Հայկակ, բայց ինծի` որ աւելի խոր զգացեր եմ հայրենեացս կիրքը` քան թէ բացատրեր, — ինծի` որ զպատմութիւն հնութեան մէջ յուզելով մեր նախնիքը մեզմէ շատ աւելի մեծահասակ տեսեր եմ, — ինծի, իմ զգացմանս` արդարեւ այս աշխարհիկ լեզուս` շատ պզտիկ շատ ցած շատ անբաւական եկած է․ ըսեմ նաեւ` թէ եւ շատ օտարացեալ եւ այլազգացեալ ի բնիկ հայկական ոճոյ, որ ամենէն աւելի հաճոյն էր ինծի․ այնպէս կ՚երեւի ինծի` թէ մեծ կրակ մը փտտած քուրջերով ծրարել կ՚ուզեմ, երբ այն իմ հին եւ սրբազան հայրենեացս հրեղէն յիշատակները` այսպիսի խղճուկ լեզուով կ՚աւանդեմ, թողլով իր վսեմական գրոց լեզուն։ Սակայն այս խօսքերս իսկ կու յայտնեն` որ իմ սրտիս զուարճութենէն աւելի քու եւ քու նմանեացդ օգուտը դիտեր եմ, Հայկակ․ եթէ կարենայի եւ ուզենայի Նարեկացւոյ թռուցիկ եւ հրաթափ լեզուով մը վիպասանել, գուցէ քիչ մ՚աւելի սիրտս կու զովանար կու հանգչէր․ բայց անշուշտ առ այժմ քիչերու հասկանալի պիտի ըլլայի, եւ շատերու անօգուտ․ եթէ կրնամ դեռ յուսալ` որ գոնէ քիչերու այլ օգտակար ըլլամ, ինչպէս որ փափագեցայ այս քանի մը պարապոյ ժամերուս զրոյցքը հրատարակելով, որով երբեմն ուզեր էի այն հայրենեաց սրբազան զգացման մեծ վառարանէն մէկ երկու կայծեր թափել ի սիրտ քո, Հայկակ, եւ քեզի նման հայազգի համբակաց։ Եւ ասոր համար` որպէս զի չկարծուիմ թէ մեր հին եւ մեծ հայրենեաց զանազան անցքերը ուզած ըլլամ բովանդակել գրքուկով մը, չհամարձակեցայ զանոնք յիշատակք անգամ անուանել, այլ միայն Յուշիկք։ Յուշիկք միայն են ասոնք` համեմատութեամբ յիշատակաց շատութեան եւ մեծութեան․ Յուշիկք են նաեւ նկատմամբ այն յուսոյ եւ փափագանաց` որ կու պահանջէին երկար եւ ճոխաբար խօսիլ եւ լսել անոնց վրայօք, որոնցմէ` ժամանակն անստոյգ` եւ ինծի համար արդէն յառաջացեալ` թերեւս պիտի չթողու որ քեզի կարենամ աւանդել աւելի կատարեալ բան մը քան սոյն այս անկատար ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ։


Բ․ Բնախօսութիւն Հայաստան աշխարհի

ԱՐԴ որովհետեւ կ՚ուզես, Հայկակ, որ երբեմն ձմերուան իրիկունները ախորժաբեր կարմիր կրակարանին քով, եւ երբեմն լաւ եղանակին` ցորեկը ժուռ գալով բաց օդոյ եւ բնութեան մէջ, մեր Հայ հայրենեաց դիպուածոց եւ հանգամանաց մէկ քանին յիշենք․ երբեմն ըստ աւուր պատշաճի, այսինքն օրուան տարէդարձ յիշատակը պատմելով, եւ երբեմն ըստ կամաց եւ հաճոյից ընտրելով նիւթ մը․ հարկաւոր կու սեպեմ այս առաջին անգամ մեր հայրենեաց բնախօսութիւն մ՚ընել․ ի հարկէ մեր երեկոյեան ժամերուն համեմատ` համառօտելով եւ ամփոփելով անանկ նկարագիր մը` որ կրնար շատ յերկարիլ, եթէ մենք այլ աւելի երկար ժամանակ ունենայինք` մեր աշխարհին անցեալ պատմութիւնը եւ ներկայ բնութիւնը քննելու։

Ա

Մեր Հայաստան աշխարհին ընդհանուր կերպարանքը շատ նշանաւոր երեւոյթներ կ՚ընծայեն մեզի, Հայկակ․ եւ մէկ խօսքով ըսելով, Հայաստան ընդդիմակներու երկիր մ՚է գերազանց աստիճանի, որք քիչ ազդեցութիւն չեն ըներ իր բնակչաց բարուցը վրայ։ Աշխարհագրական դրիցը պատճառաւ` Հայաստանի կլիման է ամենաբարեխառն, ամենաքաղցր, հաւասար Իտալիոյ, Յունաստանի, Սպանիոյ, Ասորեան կղզեաց․ բայց ունի խստաշունչ ցուրտ` բեւեռային շրջանակաց նման, եւ հեղձուցիչ տաք` արեւադարձից։ Եւ այս հակառակաց պատճառն է իր դրից բարձրութիւնը ծովու երեսէն։ Վասն զի մինչ մէկ կողմանէ Եւրոպիոյ շատ լերանց բարձրաբերձ գագաթունքն չեն հասնիր այն բազմամարդ ու մշակեալ տափից բարձրութեանը, ուսկից Եփրատ, Տիգրիս, Կուր եւ Արածանի սկիզբն կ՚առնուն իրենց արծաթափայլ ջրոցը, եւ մինչ Սեմբլոնի, Կենիսոսի, Ս․ Կոթարտոսի համբաւաւոր լեռնանցքն ստորեւ են Սեւանայ լճին ջրոց կապուտակ երեսէն, որուն շրջակայքն հարիւրաւոր գիւղօրէք միշտ բազմամարդ բնակչօք լի են․ միւս կողմանէ քանի մը մասունք մեր հայրենեաց` ոչ միայն կ՚իջնեն հարթ հաւասար մինչեւ ծովուն մակերեւոյթը, այլ նաեւ ստորեւ են քան զայն, ինչպէս Կասպից ծովուն ափունքն, ուր կը խառնուի Հայաստանի բնական մակարդակն` 25 մեդր ցած են քան զմակերեւոյթ Սեաւ ծւվու եւ Ովկիանու։ Ասկէ առաջ կու գան այն Հակադիմութիւնքն եւ այն փոխադարձ խաղերն երկու հակառակ եղանակաց, որոնց մէկն` երբեմն կը հալեցունէ, կ՚ըսեն, իր հրացայտ ճառագայթներովը Տիգրանակերտի գմբեթաց կապարը, մինչդեռ մէկալն վեց ամիս կը սփռէ իր սպիտակ պատանքը երկրին մեծագոյն մասին երեսը, եւ կ՚իջեցունէ զուգախառնութիւնը 26 Ռ․ զրոյէն վար։ Այսպիսի ատեն կարաւաններն հետերնին կ՚առնուն թանձր մուշտակներ, կտրելու անցնելու համար ձեան ու սառուցի խաւերուն տակ պնդացած լճերը ու գետերը, որով չեն զանազանուիր ձորն ի դաշտէն։ Երջանիկ են այն յանդուգն ճանապարհորդներն` եթէ կարենան ազատիլ հիւսերէն եւ ձեան փոթորիկներէն, որ շատ անգամ կը թաղեն ամբողջ կարաւաններ։ Այսպիսի դիպաց մէջ փրկութեան վերջին յոյսն, ըստ վկայութեան Ստրաբոնի, էր երկայն ձող մը, զոր ձեան տակ թաղուող թշուառն կը ջանար ցցելու իր սառնեղէն բանտին կամարէն դուրս` իբրեւ նշան բաբախուն կենացը, որ ազատարարի մը կը սպասէր։ Այս կերպով ազատեցաւ արքայն Սանատրուկ երեխայութեան ատեն, յետ մնալու երեք օր ստնտուին գիրկը կապուած ձիւնեղէն բանտին մէջ․ իր թոռն, Տիրան, թշուառագոյն քան զինքն, հոն կորսընցուց կեանքը յետ թագաւորելու 20 տարի։ Օգտակար ճիգն էր եւ պատուաւոր պաշտօն մը` մեր արշակունի թագաւորաց ատեն` արքունի ոստիկանութիւնն ձեանց, յորմէ կ՚առնուր իր անունը մեր ազնուական ընտանեացը եւ կամ նախարարութեանց մէկն, եւ կ՚ըսուէր Ձիւնական։ Ճանապարհորդաց ապահովութեանն համար պանդոկներ կամ կայանք կը հաստատուէին յաճախեալ եւ վտանգաւոր ճանապարհաց եւ անցից վրայ․ ինչպէս են, բաց յայլոց, Ռահվայի ձորոյն Խաները, ընդ մէջ Բաղիշու եւ Խլաթայ։ Այս հայկական ձմեռն, ինչպէս կ՚անուանէ մեծն Ոսկեբերան, որ անձամբ փորձեց անոր խստութիւնը, շատ անգամ ահ տուաւ աշխարհակալաց․ եւ առակ եղած է հին պատմչաց եւ քերդողաց մէջ, Քսենոփոնէն սկսեալ մինչեւ ի բիւզանդացի ժամանակագիրներն։ Մեր օրերն բնապատում ճանապարհորդք ստուգեցին որ Էրզիռումի ձմեռն աւելի նուազ խիստ չէ` քան մեծին Ս․ Բեռնարդոսի լերան ձմեռը, թէպէտ եւ առաջնոյն աշխարհագրական լայնութիւնն 5 աստիճան նուազ է, եւ բացարձակ բարձրութիւնն ալ 500 մեդր նուազ է քան զհռչակաւոր վանքն Ալպեայց։ Դարձեալ Ակոռւոյ ձմեռն 99 աստիճան լայնութեան տակ, եւ 1760 մեդր բարձրութեամբ, հաւասար է Հիւսիսային — Գլխոյն ձմերան` սառուցեալ գօտւոյն տակ` Եւրոպայի ծայրը։ Երեւան, մայրաքաղաքն Ռուս Հայաստանի` ամառն ստուերի մէջ ջերմութիւնն ելեր է 30º․ ձմեռն իջեր է անգամ մ՚ինչուան 40º․ զրոյէն վար․ այսպիսի տարբերութիւն մը որ հազիւ թէ սառուցեալ գօտւոյն մէջ Կրէնլանտի կղզին կը տեսնուի․ ընդդիմակ մը որ գրեթէ ուրիշ տեղ չտեսնուիր։

Այս ընդդիմակութիւնս աւելի զգալի կ՚ըլլայ երբ նկատենք մեր հայրենեաց երկրին ամայի երեսը` այն ժամանակը, երբ այն լեռներէն անդին` որ զինքը կը բաժնեն Պոնտոսէն, նարընջենիներն անուշահոտութեամբ կը բուրեն բաց օդուն մէջ ի Տրապիզոն, զոր արդէն ողջուներ է ծիծառնուկն, Հայաստանի վրայէն անցնելով` առանց հոն ոտք կոխելու․ մինչդեռ ուրիշ կողմ մը` ցածագոյն լերանց ոտքը, Մուսուլ, սառոյց կը ծախեն, տաղտկացուցիչ ջերմութիւնը բարեխառնելու համար։ Եւ սակայն Պոնտոսի մայրաքաղաքէն մինչեւ Ասորեստանի մայրաքաղաքը, Հայաստանի տարածութիւնն` ուղիղ գծով չառաւելուր քան զ6—700 Հազարամեդր․ այնպէս որ շոգեկառք մը կրնայ կտրել այս միջոցս արեւուն ծագումէն մինչեւ մուտքը, եւ կ՚ունենայ ճամբորդն առաւօտ մը գարնան, միջօրէ մը ձմերան եւ երեկոյ մ՚ ամարան։ Հաւանօրէն դուն այս զբօսական ճանապարհորդութեանս ձեռք չես զարներ, Հայկակ․ չես ուզեր մի եւ նոյն օրուան մէջ երեք այլ եւ այլ եղանակ ունենալ, մանաւանդ երկրորդը։ Այդ ի՞նչ խստաշունչ երկիր է, պիտի ըսես, այդ ի՞նչ թշուառ հայրենիք է եղեր մեր Հայաստանն։ Ա՜հ, երբ սիրելի ըլլան հայրենիք, ամեն եղանակներն ալ գեղեցիկ կ՚ըլլան, եւ վայրենագոյն բնութիւնն անգամ կը քաղցրանայ բարեկիրթ սրտի մը։ Ի վերայ այսր ամենայնի ես շատ եւրոպացի կը ճանչնամ` Բարիզու եւ Լոնտրայի բնակիչներէն, վաճառականներ եւ հիւպատներ, որ դժուարաւ կը թողուն Էրզիռումի բնակութիւննին յԵւրոպա վերադառնալու համար․ թէպէտ եւ կը տեսնեն որ ջուրը կը սառի հոն նոյն իսկ խեցգետնի արեւադարձին գիշերը․ բայց այն չորս կամ հինգ ամիսները, որ երկու ձմերանց մէջ կ՚ընկնին, վերադաս կը համարին քան զբոլոր տարին ուրիշ կլիմայի տակ։

Օդոյն առաձգութիւնն ու զտութիւնն եւ անոր հոսանաց զովութիւնն, ջրոց յստակութիւնն, բուսաբերութեան առոգութիւնն ու պայծառութիւնն, եւ այս կերպով մը օդապարիկ երկրիս արգասեաց համեղութիւնն, կազմեցին զՀայաստան տեղի զբօսանաց եւ ամարաստուն աշխարհակալացն Ասիոյ եւ իրեն մերձաւոր թագաւորաց, սկսեալ Շամիրամայ մինչեւ ցկուսակալս անդրկովկասային գաւառաց Ռուսաց։ Վանայ բերդն, որ սեպացեալ ժայռի մը գլուխը կանգնուած է, հարիւրաւոր ոտք բարձր է ստորակայ լեռնադաշտակէն, ան ալ աւելի քան զ5100 ոտք բարձր է ծովու երեսէն, այն բնութեան եւ արուեստից հրաշալիքն, — առաջին հանգրուան հաճոյից եւ ամարաստուն եղաւ այն աշխարհակալ թագուհւոյն, որուն անունը ինչուան այս օրս կը կրէ, այն անունը որ շատոնց մոռացութեան մէջ թաղուած է Բաբելոնի եւ Եկբատանայ աւերկացը տակ։ Իսկ մեր թագաւորներն պէտք չունէին իրենց ձմերոցն օտարներու քով փնտռելու։ Մուղանայ ընդարձակ դաշտն կամ անապատը, զոր կը կտրեն ու կ՚անցնին Երասխ եւ Կուր, իրարու հետ խառնուելէն թէ՛ առաջ եւ թէ ետեւ, ամեն ժամանակ ձմեռը մեր հայրենեաց կենդանիներուն ապաստանարան եղեր է։ Ամառն խոպան անապատ մ՚է, եւ արեւէն այրած խոտերուն տակ կը պահէ խորամանկ օձեր, որոնցմէ Պոմպէի բանակն աւելի նեղութիւն կրեց` քան թէ Ասիոյ բոլոր թշնամիներէն, ամառուընէ դէպ ի ձմեռն` արօտատեղի եւ ճշմարիտ ապաստան կը փոխուի։ Այն վերջին եղանակին մէջ` հազիւ թէ թափանցիկ բարակ ձիւն մը կը նստի։ Մուղան կը չէննայ օդոց այն գեղեցիկ եպիկուրեաններէն, (թըռչուններէ), որոնց տարեւոր տեղափոխութիւնք կը հիացունեն զերկրագործ եւ զիմաստասէր։ Այս խաղաղասէր թռչնոց ցեղէն բոլորովին տարբեր եւ օտար ցեղ մը` միջին դարուն` այս ընդարձակ միայնութեանցս տիրելով, ծածկեց զանոնք պատերազմասէր հրոսներով, որ եկեր էին Ջիհունէ եւ Եաքսարտէ անդին եղած անապատներէն․ Մողոլաց անհամար բանակներն, առաջնորդ ունենալով զՉուրմաղուն եւ Հուլաղուն, հոն ձմեռն իրենց ձիերը ու բանակները կը վարժեցընէին արիւնհեղութեան եւ աւարառութեան, զոր ի գործ կը դնէին գարնան, բոլոր շրջակայ երկիրներուն մէջ։ Անոնց արիւնարբու գլխաւորներն, երբ տաքերը կը հասնէին, Ալատաղի զովացիկ բարձրերը կ՚ապաւինէին, որ Այրարարատայ պարուն լեռ մ՚է, եւ վրան Ապաղա—ղան մեծածախ դղեակ մը շինեց, քաղաքի մը չափ ընդարձակ, որուն աւերակներն ինչուան հիմայ անայցելու մնացեր են ճանապարհորդներէն, ինչպէս դիրքն ալ անծանօթ է հիմակուան անուանի արեւելագէտներէն` որք Մողոլաց պատմութիւնը գրեցին։

Բ

Արարատայ այն լերանց պարն` զոր հիմայ յիշեցի, բոլոր Հայաստանը երկու կը բաժնէ, թափելով իր ջրերը մէկ կողմէն Եւքսինեան եւ Կասպիական ծովերուն, միւս կողմէն` Միջերկրական ծովը ու պարսկային ծոցը։ Այս շղթայն – կցուելով լերանց այն ընդարձակ գօտւոյն հետ` որ ծայրէ ծայր կը շրջապատէ հորիզոնաբար զբովանդակն Ասիա, սկսեալ Չինաց եւ Հնդկաց եզերքէն մինչեւ փոքր Ասիոյ եզերքը, ու կը ձգուի մինչեւ արեւելեան Եւրոպա, — այս հայկական պարը կամ շղթայն, հանդերձ իր լեռնամոյթներովը, նոր ժամանակաց առաջին բնապատումն Հումպոլթ կու սեպէ իբր կեդրոն ծանրութեան բոլոր հին աշխարհի։ Սակայն այս շղթայն, ինչպէս ուրիշ Հայաստանի շղթաներն ալ, որոշ չիծրագրուիր նման անթափանցելի պատուարացն Կովկասու, շարունակ կատարացն Անտեայց, Հիմալայայ, եւ Ապենինեանց․ եւ ոչ իսկ Տաւրոսի վեհ տեսքն ունի։ Հայաստան ունի շատ մը երկրորդական շղթաներ ճիւղիցն Կովկասու, Տաւրոսի եւ Այրարատայ, որ կ՚ընդհատին շատ հեղ լեռնակոյտներէ, ցցուեալ առանձնակ սարերէ, որք շատ տարբեր կերպով վեհ են իրենց ձեւովը, բացարձակ բարձրութեամբն եւ իրենց տարածոցովը․ եւ իրաւամբ է որ նոր աշխարհագրաց հայրն, Ռիդդէր, կը կոչէ մեր հայրենիքը Լեռնակղզին։ Արդարեւ ուրիշ կերպ չերեւար Հայաստան եթէ դիտուի ընդ մէջ դաշտացն Միջագետաց, Աղուանից եւ Վրաց, ընդ մէջ Սեաւ ծովուն եւ Կասպիական ծովուն․ ուր լեռնադաշտն կ՚ամբառնայ աւելի քան զ՚ 2000 մեդր հանդերձ լեռներով, որոնց բացարձակ բարձրութիւնն է մինչեւ 5000 մեդր։ Այս լեռնադաշտիս բարձրագոյն կէտն Մասիս, կամ Մեծն Արարատ, կ՚առաւելու բարձրութեամբ իբր 500 մեդր քան զՍպիտակ լեառն, եւ երեք կողմանէ առանձնացեալ` կը բարձրանայ իբրեւ հսկայ լերանց 4000 մեդր Երասխայ դաշտէն վեր, ցուցընելով փառաւորապէս ինչուան 50 փարսախ հեռուն իր ալեւոր գլուխը․ սպիտակ քօղն` որ մշտնջենապէս կը ծածկէ զայն, ընդդիմակ երեւոյթ մը կը ներկայացնէ իր սեւ կողերուն հետ` երբոր անոնք իրենց ձմեռնային ծածկոյթը ձգեն։

Դիտելու արժանի զարմանալիքներէն մէկն է դարձեալ մեր երկրին մէջ մշտնջենաւոր ձեանց բարձրութիւնն, որ բաց ի Մասիսէն եւ ուրիշ քանի մը բարձունքներէ, ամբողջ տարին չեն դիմանար։ Այդ սառնեղէն գիծն հայկական լերանց առանձնակ սարերուն վրայ չինջնար ի վայր քան զ4000 մեդր, եւ գօտիներուն վրայ քան զ3500։ Իրաւունք ունէր ուրեմն լատին բանաստեղծն (Որատիոս) զարմանալու որ

Եւ ոչ ի սարս լերանց Հայոց

… Պաղ թանձրամած կայ միշտ անլոյծ

Զհամաբոլոր ընթացս ամսոց։ —

Ինչպիսի՜ զարմանալի ընդդիմակ երեւոյթ կ՚ընծայեն ուրեմն մեր հայրենիքն ընդ մէջ տարւոյն երկու ծայրերուն ու միջին ամիսներուն․ ի՜նչ զանազանութիւն ընդ մէջ համատարած սպիտակութեան եւ պէսպիսագոյն կանաչութեան` որ շուտով մը առջինին տեղ կը փռուի։

Բայց ի՞նչպէս կ՚անհետանան արդեօք այդ ձեան եւ սառույցի սարսափելի կոյտերն․ ո՞ւր արդեօք կ՚ամբարին այնքան անբաւ ջուրեր։ Անտարակոյս պէտք էին բոլոր մեր երկրին երեսը ողողել, աւերել ու փչացնել, եթէ նախախնամութիւնն առաջուց անոր կորնթարդ դիրք մը տուած չըլլար, կմբրաձեւ վահանի մը պէս զետեղելով չորս միջերկրական ծովուց միջոց․ ուր կը թափին այդ ջրոց մեծամեծ քամուքս` եւ կը ձեւացընեն առաջակողմեան Ասիոյ մեծագոյն գետերը։ Բաց ի երկրին զգալի կորութենէն` գետոց յատակքն ալ շատ խոր են, եւ ոմանք ինչուան հարիւրաւոր ոտք բարձր ափունք ունին իրենց թուխ ալիքներուն վերեւ․ այս պատճառաւս է որ շատ մեծ ու փոքր գետեր Սեւ կը կոչուին։ Բայց այդ տարեւոր ջրհեղեղը չէր բաւեր երկրին արբուցմանը, եթէ մշակողաց երկայննմիտ վաստակն բազմաթիւ ջրանցքներ եւ ջրոց ընդունարաններ չբանար, եւ շարժուն ցանց մը չձեւացուներ իր մարդացն ու անդաստանացը եզերք։ Պէտք է ճանչնանք ուրեմն որ մեր նախնիքն, առանց ներկայ դարուս դիւրութիւններն ունենալու` շատ ճարտար էին ջրաբաշխական արուեստի մէջ։ Ձորոց խոռոչներուն մէջ թմրած ջուրն` ոչ միայն նեղ ժայռերու մէջէն ճամբայ բանալով կ՚ընթանար անխոնջ երկրագործին քրտանց ձեռնտու ըլլալու, այլ եւ երբեմն աւելի դժուարին եւ օձապտոյտ ճամբաներով` սուր եւ սեպաձեւ բլորներու եւ ժայռերու գագաթը կը բարձրանար, ձեւացընելու աւազան մը ժայռերու մէջ փորուած` բռնաւորի եւ կամ բռնաւորէ մը ընկճուած հպատակի մը ամրոցին մէջ։ Ուրիշ տեղ ալ տարբեր վախճանի համար խոր գետերու տակէն գետնափոր ուղիներ կը բանային, օրինակի համար Անի, բուն Հայաստանի ետքի մայրաքաղաքն, Լոնտրայէն 800 տարի առաջ ալ ունէր ստորգետեայ ջրանցք։ Այդ ջրաբաշխական մեծագործութիւնքն հաւաստիք մ՚են թէ կարող էին ուրեմն զանոնք շինողներն նաեւ մեծամեծ ջրոց հոսանքները քարաշէն կամարներով ալ սանձել, կ՚ուզեմ ըսել կամուրջներով․ այնչափ բազմաթիւ էին կամուրջներն` որ միջին դարու մեր ազգային երգիչներէն մէկն կ՚երդնուր, ,Ա՜յ քարարաշէն կամուրջնիե։ Բայց սակայն շատ դիւրին գործ մը չէր ճարտարապետին մէկմէկու միացնել անանկ երկու ափունք, որոնց մէջէն կ՚արշաւէին սրընթաց եւ զայրագին գետեր, վկայ է Վիրգիլեայ գեղեցիկ տողն։

Ի կամըրջոց ըմբոստն Երասխ

Փուճ տեղը ջանացին Աղեքսանդր եւ Օգոստոս ինքանակալներն սանձահարեալ այդ ամեհի գետը․ ուրիշ ինքնակալ մը աւելի երջանիկ սեպեց զինքը` անոր վրայ գէթ առժամանակեայ կամուրջ մը ձգելով, եւ ահա մէկէն ուրնշ շողոքորդ բանաստեղծ մ՚ալ (Ստադիոս) երգեց։

Լատինական կամըրջոց արդ հըլու Երասխ։

Բայց այդ զայրագին գետն, արհամարհելով կայսերական ձեռագործներն` իր ալեացը ներքեւ ընկճեց զանոնք, մինչդեռ հեզիկ եւ ուժաթափ եօթնակամար մեծ կամրջի մը կամարաց տակէն կ՚անցնի, որոյ հիմունքը համեստ հովիւ մը ձգեց։ Հովուի կամուրջն (Չօպան—քէօփրիասիա) Հայաստանի եւ անոր շրջակայիցը մէջ առակ եղած է։ Թողլով, ուրիշները, յիշեմ մէկ կամուրջ մ՚ալ միայն։ Ձորոփոր գաւառին մէջ, միակամար քարաշէն, զոր այրի թագուհի մը իր ծաղիկ հասակին մէջ կանգնել տուաւ ի յիշատակ իւր թագաշուք վախճանեալ ամուսնոյն Աբասայ, խոր հեղեղատի մը վրայ ձգելով, իբրեւ խորհրդաւոր նշան միութեան երկուց սրտից, երկուց աշխարհաց եւ երկուց հանդիպակաց կենաց, կամրջոյն ստորոտը խաչարձանի մը վրայ դրոշմել տալով իր սիրոյն եւ կենդանի հաւատոց նշանակը։ Չի կրնար հայրենասէր մը յանցանելն այս (կը համարձակիմ ըսելու) հրաշակերտ կամրջէն, չտալ տխուր աչք մը թէ այն սրարշաւ ալեացը վրայ` որ միշտ կը թողուն եւ միշտ կը ծածկեն իրենց հունը, թէ՛ այդ արձանագրութեան վրայ` որ քրիստոնէական յուսոյ նշանինտակ անեղծ պահուած է, եւ թէ այն մերձաւոր կրկին վանքերուն վրայ, Հաղբատայ եւ Սանահնի, Հայաստանին միջին դարուց Ս․ Դիոնեսիոսն ու Ս․ Պօղոսը, ուր կը հանգչին աւելի քան զ40 պսակազարդ գլուխք ընդ պարկեշտասուն թագուհւոյ Նանայի, որ է հիմնադիրն կամրջոյս․ բարեբաղդաբար ժամանակն, որ մարդէս աւելի խնայել գիտէ, անարատ պահած է մեզի 700 տարուընէ ի վեր` այդ միանգամայն հայրենական եւ կրօնական յիշատակարանը։ … Բայց այս ի՞նչ է, մի՞թէ այդ փրփադէզ ալեաց ներքեւ ծածկուած յուշկապարիկ մը կայ` որ կը հրապուրէ զիս նիւթէս դուրս արշաւելու։ Ա՜հ, Հայկակ, ի՞նչ աւելի զօրաւոր, աւելի յափշտակիչ եւ աւելի սրբանուէր բան կայ, քան բնութեան եւ կրօնից զուգայարմար ներդաշնակութիւնն, հանդերձ հայրենեաց յիշատակներուն եւ ցաւերուն։…

Հայաստանեայց ջրաբաշխութեան վրայ խօսքս չկնքած` անշուշտ անդրադարձութիւն մ՚ըրիր, որ երկրին զառիվայր դիրքն, լերանց բարձրութիւնն, ուղխից եւ հեղեղաց առատութիւնն, եւ համեմատաբար անոնց ընթացից կարճութիւնն` պէտք էին որ ջրվէժներ եւ հոսանքներ գործէին․ եւ յիրաւի մեր գետոց անուններն իսկ, ինչպէս Երասխ, Տիգրիս, Ճորոխ` իրենց երագ ընթացքէն առնուած են․ առաջինն` անուանի է իր վսեմակերպ քարավազ թափուածքովն` ընթացիցը վերջերը, որ հիմայ Ռուսիոյ ինքնակալութեան հարաւագոյն մասին վրայ է, եւ անոր ամենամեծ գետերն իսկ այդպիսի սքանչելի եւ միանգամայն զարհուրելի երեւոյթ մը չունին, վասն զի այդ վիհերուն եւ մեծամեծ ժայռերուն մէջէն իրեն անցք մը բանալու համար, պէտք եղած է որ երկրաշարժն ամբողջ Մեծ լեռը հիմն ի վեր տապալէ, եւ թողու մեր ազգային գետոյն թաւալիլ գահավիժաբար, իբրեւ փրփրերախ եւ սանձարձակ երիվար մը։ Այդ ժայռերուն յամառ դիմակալութիւնը ընդդէմ Երասխայ զայրագին յորձանաց` տեսնելով մեծն Շահ—Աբաս, կ՚ըսէր քովիններուն․ Ահա ձեզի օրինակ թշնամեաց դիմակալելու․ որուն` Այո՛, պատասխանեցին, տէր արքայ, երբոր այդպիսի զօրաւոր նեցուկներ ըլլան․ ցուցընելով իրեն ապառաժ գետափունքը` զոր ջուրն կը ծեծէր։ — Եփրատէս, սուրբ գրոց գետերուն պարագլուխը, որուն ակունքը 9000 ոտք բարձր են, Կարնոյ Ծաղկի լեռնէն սկսելով, 300էն աւելի քարավազ ունի, 12 փարսախ միջոց Մեծ եւ Փոքր Հայոց մէջտեղ։ Ասոր արեւելեան օժանդակն` Արածանի, Մշոյ անուանի Ս․ Կարապետ ուխտատեղւոյն մօտ` բոլորովին միաձոյլ կը թափի բարձրէն, եւ անկմանը ձայնէն տեղն ալ Կուրկուռ կը կոչուի։ — Վերջապէս Ճորոխ Հայապոնտական գետն, քան զառաջիններն աւելի կարճ եւ երագ ընթացքով, լիճ մը կտրելով անցնելով` կատարեալ ջրվէժ մը կը ձեւանայ, եւ ինչպէս կը վկայէ գերմանացի բնազնին մը, որ աշխարհիս երեք գլխաւոր մասերուն յայց ելած եւ զարմանալիքը դիտած է, բաց ի Նիակարայի ջրվէժէն` գեղեցկութեան կողմանէ ուրիշ մը մերինին չի հասնիր։ — Կ՚ուզե՞ս հիմա այդպիսի գետոյ մը վրայ նաւարկութիւն փորձել․ մտիր նաւակ մը Արդուինէն, որ Լազիստանի սահմանակից քաղաք է, ինչուան գետոյն բերանները` ի Պաթում, 6 կամ 7 ժամուան մէջ կրնաս իջնել․ կ՚ուզե՞ս դարձեալ Պաթումէն յԱրդուին դառնալ․ նոյն եղանակով 6 կամ 7 օրուան մէջ կը հասնիս․ — կը տեսնաս որ գետոյն յատակն շատ զառիվայր է, իսկ հոսանքն աւելի շատ երագ։ Ուստի մեծ բան մը պէտք չէ յուսալ Հայաստանի գետոց նաւարկութենէն․ թէպէտ եւ բաւական մեծութեամբ նաւակներ` Կուրը եւ Երասխը կտրելով անոնց խառնուրդէն վեր ալ կ՚անցնին։

Սակայն Յունաց պատմահայրն մեզի կը ծանուցանէ, թէ իր ժամանակն Հայք` Եփրատայ վրայ կէս բարբարոս` բայց հանճարեղ նաւարկութիւն մը կ՚ընէին․ իրենց երկրին եւ օտարին բերքերը կը տանէին, մանաւանդ տեսակ մը արմաւի գինի, բոլորաձեւ նաւակներով, որոնց կմախքը կամ ներսի կողմը ուռենւոյ ճիւղերով եւ դուրսը մորթով պատած էր, եւ ինչուան 5000 տաղանդ կրնային վերցընել։ Գետոյն հոսանացը թողլով` շիտակ Բաբելոն կը հասնէին, իսկ դարձը ցամաքով կ՚ընէին, այս կերպով․ նաւակացհաստատուն մասերը կը ծախէին, իսկ մորթը`հետերնին նաւակով բերած իշոց վրայ դնելով, կը դառնային իրենց նաւահանգիստը, որ անշուշտ չէր նմանէր Մարսիլիոյ։ Թերեւս քեզի ծիծաղելի երեւի այս բանս, բայց աղուաբանն Երոդոտ` այդ նաւարկութիւնը` Ասորեստանի մայրաքաղաքէն ետեւ` բոլոր այն աշխարհին զարմանալիքներէն վեր կը համարէր։

Գ

Հիմայ ջրերը մէկդի թողլով` մօտենանք հողուն, փութանք հասնիլ անգործարան արարածոց, եւ երկրաբանական կազմութեանց բազմամանուած պատկերը ձգելով` ջանանք աւելի նշանաւոր ու յղկաքարը (օգտակարագոյն նիւթերը ու տարերքը քննել, եւ նախ սկսինք ի վաղուց ծանուցեալ ներկական ու հողային հանքերէն։ Ո՞ր դեղագործ չյարգեր Հայկաւը, որ կարմրագոյն հող մ՚է, Լեմնոսի կաւուտ հոգուն նման․եւ երկուքն ալ հիմա իր անուամբն կը կոչուին․որոյնման կաւ մը կայ եւ ի Գաղղիա Լուառ գետոյն երկու ափանցը վրայ, ի Պլուտ եւ ի Սոմիւր։ Ո՞ր պատկերահանին ծանոթ չէ Հայոց հողը, այն կարմիր ներկը` որ որմնանկարուց խառնըրդոց մէջ կը մտնէ։ Թէ՛ նկարիչք եւ թէ դեղագործք կը յարգեն Հայոց քարը` Թէոփրաստեայ օրերէն ի վեր, իր գեղեցիկ կապոյտ գոյնովը ճանչցուած, եւ երբեմն գոճազմի հետ շփոթուած, որ եւ երբեմն իւղոտ եւ շիկակարմիր կ՚ըլլայ։ Դարձեալ հռովմայեցի նկարչաց ծանօթ էր Արմինիում ըսուած հայկեան կապոյտ եւ ճերմակ ներկն, որով իրենց պալատներուն պատերը կը զարդարէին, եւ որոյ լիտրն վեց ֆրանգ կ՚արժէր։ Իրենց անուանի քանդակագործքն` Սուսերամարտիկը ու Պելվետէրէի Ապոլոնը յղկելու համար, Նաքսոսինէն աւելի Հայաստանի յղկաքարը (cotes) կը գործածէին, որ նաեւ մարգարիտներն ու ազնիւ քարերը յղկելու կը ծառայէր։ Իսկ միւս քոդէսն, այսինքն յեսանաքարն Հայոց` Նաքսոսինէն ստորին կը սեպուէր։ — Հիներուն ծանօթ էր Հայաստանի ուրիշ կարծր քար մ՚ալ, որ երկաթէն աւելի զօրաւոր նիւթերով` կնքոց դրոշմը կ՚ընդունէր։ — Նախնիք կը գործածէին նաեւ հայկական Ոսկեմածոյցը Crusocollo armeniaca, որ Մակեդոնիոյ ու Կիպրոսի մէջ ելածէն աւելի ընտիր էր․ բայց ափսոս որ հիմայ անհետացած է, եւ չգիտցուիր ուր գտնուիլը, բայց կարծեմ թէ տեսակ մը արջասպ էր, եւ նոյնն` ինչ որ Արաբացիք մեր աշխարհին անուամբ Պուրէի—էրմինիէ կ՚ըսէին։ Դարձեալ ուրիշ տեսակ մ՚ալ կը հանէին։ Պուրաք—էլ—էրմանի անուամբ, զոր մեր բժիշկներն հիմակուան Օլթիի վիճակին մէջ կը դասեն։ (Ուխտիցի արջասպ)։ Մեր երկրին այս տեսակ բերոց զանազանութեամբ այնչափ հարուստ է, որ շատ երկայն կ՚ըլլայ մանրամասն խօսիլ անոնց վրայ, այս միայն բաւական կը սեպեմ ըսել որ Հայաստան ճոխ է նաեւ ամեն ազգ կաւերով, մետաղներով ու պաղլեղով, որ Դիոսկորիտեայ ծանօթ էր, մանաւանդ ամեն տեսակ ու ամեն ձեւով աղ խիստ առատ կը գտնուի։ Կողբայ եւ Նախիջեւանու աղահանքն` Նոյի որդւոց ժամանակէն ի վեր կը բանին։ Հայոց երկու գաւառներն` աղի անունը կը կրեն։ Դարան—աղի ու Մանան—աղի, որոնց աղահանքն ամենուն ծանօթ են։ Ուրիշ մերձակայ նահանգաց գաւառներ ալ նոյնպէս աղի անունովը կ՚ըսուին Մարդ—աղի, Աղօրի, Աղտից ձոր եւ Աղիովնտ, ուր աղբերք, վտակներ եւ աղի լճեր բազմաթիւ են։ Բայց թէ արդեօք ասոնք ողողի՞չ կամ սկզբնաւոր ծովու մը քաշուելէն, եթէ երկրիս հին կազմութենէկամ հրաբուղխներէ ձեւացած են․ ասոր լուծումը կը թողում երկրաբանից։

Դիւրավառ հանքաց մէջ ծանօթագոյնն է Ծըծումբը որ դեռ Արագածու ծայրերը ոսկեգոյն կու փայլեցընէ․ սեւ եւ ճերմակ Նաւթը, Կպրաձիւթն կամ քարաձիւթը․ որոնց հետ պէտք է յիշատակել նաեւ Վանայ մօտ եկեղեցեաց մէկուն մէջ քարէ մը ելած եղը, որ հաւաստի ստուգուած բան է։ — Հանքայինածխոյ նշաններ տեսնուած են ընդ մէջ լերանց Բարձր Հայոց եւ Այրարատոյ եւ յայտնի գտնուած Տայոց Ուխտիք (Օլթի) գաւառին մէջ։ Մեր նախնի աշխարհագիրք կը յիշատակին այս լերանց մէկուն մէջ։ Էրզիռումայ հարաւային արեւելեան կողմը, նաւթի հետ մէկտեղ ուրիշ երկու նիւթեր ալ, որք մեզի անծանօթ են, բայց կարծեմ թէ հրային հանքեր են․ կը յանձնեմ մեր հայրենակցաց քննել այն տեղերն եւ մեզի ծանօթացնել թէ ի՞նչ են Ձիղկն ու Սալակը․ որոց մէկն գուցէ ըլլայ նոյն ինքն հանքային ածուխ։ Անոնց խնամոց կ՚աւանդեմ նաեւ որոշել Վանակնը, զոր շատք ժայռի բիւրեղի տեղ կ՚առնուն։

Իսկ ազնիւ քարանց նկատմամբ, մեր նախնիք Արարատինները յարգի կը համարին, առանց որոշ տեղերը նշանակելու, այլք կը յիշատակեն յասպիսը, Թորգոմ գետոյն եզերքն, որ Կասպից թովը կը թափէր։ Մովսէս սուտակն եւ ակն դահանակը կը յիշէ Եւիլատայ եդեմական երկիրը, Փիսոնի եզերքը, որ ըստ մեզ է Ճորոխ, եւ Եւիլատն` Խաղտիք մեր, ըստ Յունաց ընտիր մատենագրաց` Խալիբք։ Չմոռնանք նաեւ Արածանւոյ աղբերականց մօտիկ Տիատինի վտակաց ձեւացուցած գեղեցիկ եւ բոլորաձեւ ուլունքն այլ։

Իսկ հասարակ քարանց կողմանէ Հայոց լերինքն անսպառելի հանքք են․ նոյն ինքն մեծն Մասիս միակտուր սեւ պորփիւր քար մ՚է կատարը ճերմակ փաթեթ պատած, որ անշուշտ իր հինգ հազար մեդր ուղղահայեաց բարձրութեամբն շատ աւելի վսեմութիւն մ՚ունի, քան Շամիրամայ մեր լեռներէն կտրած կոթողը, զոր Ասիոյ մայրաքաղաքին կեդրոնը կանգնեց, իբրեւ հին եօթն հրաշալեաց մէկը։ Այս քարանց քանի մը կտոր կրնան տեսնուիլ եւ ի Բարիզ Լուվրի գետնայարկ սրահներուն մէջ, զարմանալի քանդակներով եւ աւելի զարմանալի արձանագրութեամբք ծածկուած։ Բաբելոն եւ Նինուէ մեծաւ մասամբ մեր երկրին բնիկ հարստութիւններովն կանգնուեցան ու զարդարուեցան․ յայտ է թէ ինքն ալ զուրկ չէր այդպիսի շինուածներէ։ Թէ՛ եւ ուրիշներէն աւելի աւրըշտկուած ալ է, սակայն դեռ ինչուան երեք հազար մեդր բարձր լերանց գագաթան վրայ ալ բեւեռագիր արձաններ ունի։ Խօսքս` մեր երկրին քարահատից երկարապատում ցուցակովը չծանրաբեռնելու համար, այսչափ միայն ըսեմ որ հայ հողուն տիրող քարերն են պարփիւր եւ պազալդ։ Այս յետինս Սեւանայ լճին մօտերը Գառնոյ խորաձորին մէջ հարիւր մեդր բարձրութեամբ կոթողներ ձեւացուցած է որ իրաւցընէ մոգական եւ վսեմ տեսարան մը կ՚ընծայեն, արժանաւոր մեծոգի ախորժակաց հսկահասակ թագաւորին Տրդատայ, որ վախից եւ անդնդոց վրայ երկընցած սարատափի մը ծայրը շքեղ հովանոց մը կանգնեց, ի վայելս Հայոց Օրիորդին, իր սիրական քրոջը, ,Ի համար քեռ իւրոյ Խոսրովդխտոյե․ վրան տասուիրեք դար անցնելէն ետեւ գետնաշարժով մը կործանեցաւ․ բայց իր մնացորդներն, գրեթէ ամբողջ կեցած` կը հաւաստեն մեզի` որ այդ դաստակերտն Յունաստանի եւ Հռովմայ ընտիր կերտուածոց վերջինն էր։ — Այս բնութեան եւ միանգամայն արուեստի կառուցած հոյակապ արձաններու անմիջապէս մօտ` ուրիշ մ՚ալ կայ, որ առաջիններուն այդ երկու գերազանց առաւելութիւններէն զատ, կրօնից յիշատակարանն ալ ունի վրան․ եւ է մէկ, կամ թէ լաւ եւս ըսել եօթն եկեղեցի եւ ներքսափոր քարակտուր մատուռներ․ որոց խոր միայնութեան մէջ ծածկուած մնաց երկար դարեր այն յանդուգն գեղարդն, որ մեր Փրկչին կողը պատռեց։

Կը գտնուին ի Հայաստան նաեւ, թէ եւ քիչ տեղ, մարմարիոն, ալապասդր եւ բիւրեղ։ Բայց իր քարահատից բազմակերպ տեսակներն իր հրաբըղխից բերքերն են, որոնք Այրարատայ հազարաւոր եկեղեցեաց շինութեանը գործածուած են, եւ որոնցմէ դեռ կանգուն են մնացած քանի մը հարիւր, ոմանք ամբողջ ոմանք կիսակործան, տասն, տասնեւերեք դարերէ ի վեր․ ժամանակ` փոխանակ մաշելու այս դեղին, սեւ, գորշ եւ գոյնզգոյն քարերը, կարծես թէ ալ աւելի կարծրացուցաներ է։ Բոլոր Անիի եւ իրեն շրջակայիցը մեծամեծ շէնքերը այս քարերէն շինուած են․ կան այնպիսի եկեղեցիք, որոնց շինութեան մէջ ափ մը կիր գործածուած չէ․ թէպէտ եւ դիւրին էր այնքան կրային լեռներէն շաղախ շինել, բայց այսպիսի շինուածոց քարերը իրարու կապելու համար` երկաթի կամ կապարեայ ճանկեր եւ թիթեղներ կը գործածէին, եւ երբեմն զասոնք ալ զանց կ՚ընէին։

Այս տեսակ քարերն բնականաբար իրենց ծնունդը մտքներնիս կը բերեն․ այն սարսափելի տիտանները, որոնք երկրիս կողերը պատռելով մէկմէկ ծխաշունչ լեռ ձեւանալով կանգնեցան կեցան։ Այն մարած հրաբուղխներուն համար կ՚ըսեմ, որոնց մնացորդներն, ինչպէս նաեւ հանքային ջրոց առատութիւնն, մեր երկրին բնական կազմութեան մէկ նշանաւոր կերպարանքը կ՚ընծայեն․ եւ չեմ գիտեր թէ կա՞յ արդեօք ուրիշ արշարհք մը` որ մերոյն պէս տակն ու վրայ հերկուած ըլլայ այն պղուտոնական ուժէն` որ այդ վիթխարի եւ ահաւոր ելեւէջները դրոշմած է իր վրայ։ Գաղղիոյ Օվէռնեի մէջ Տոմի մարած հրաբուղխները, գաճաճներ են այն երեք չորս հազար մեդր բարձրութեամբ հսկաներուն քով, որոնք թէ՛ եւ շինած են` բայց զօրութիւննին աւելի թմրած է քան թէ կորած բոլորովին․ եւ իրենց ըրած աւերմանց հետքը, որ շատ երկար ատենուան բան չեն, անարատ պահած են։ Մեր աշխարհքին մէկ զարմանալի ընդդիմերեւոյթն ալ այս է, որ եթէ պատմագրաբար նայելու ըլլանք` երկրիս ամենէն հին մասն է, եւ մարդուն բնիկ գաւառն, իսկ թէ որ երկրաբանօրէն քննենք` նորագոյն կազմուածներէն մէկն է․ եւ վերջի ժամանակներուն մէջ շատ մեծ խլրտմունք եւ փոփոխութիւն կրած է։ Հրաբուղխներէն բազմաց բռնկիլը պատմական դարէ վերջը հանդիպած է, ինչուան կան ոմանք որ հազար հինգհարիւրէն, երկու հազար տարիէ վեր չեն ելլեր․ եւ մինչեւ ցարդ յայտնի կը տեսնուին լաւայի գունագոյն հեղեղներն, որոնք անճոռնի օձերու պէս ոլորուած են այն հրաբղխից բերանացեալ վհին բոլորտիքը ու ստորոտնին։ Նոյն իսկ իրենց վրայի թեփը, (եթէ նեարեն ինծ), երկրաբանք այսպէս ըսելու), ամենեւին կորուած չէ իրեն հին փայլմունքը, եւ մամուռն դեռ վրան քոս չէ կապած։ Մեր նախնիք աւանդութեամբ գիտէին Մեծ լերան փլչիլը, եւ Աւագ Մասեաց կողը մղոնաչափ մը երկայն բացուած խոր պատառուածքը։ Այն դժոխաձեւ վիհն չէ թէ միայն մեր ազգային քերթողները ապշեցուցեր էր իր ահարկութեամբը,հապա Պայռընի եւ Սումէի նմաններն ալ․ վասն զի այս Ապոլոնի որդւոց աչքերն, որ քան զերկրաբանիցն աւելի թափանցանց ու հեռատես են, գուշակեցին թէ Մասեաց ծոցը դեռ մեծ եռացմունք կան, որ եւ յիրաւի իսկ 1840 ին յանկարծ դուրս պոռթկաց արձըկելով ծուխի սեւ ալիքներ, շաղախ, քարեր ու ջուր, եւ բոլոր Այրարատայ դաշտը դողացընելով։ Անշուշտ այդ միջոցին այն սրբազան գագաթանց վրայէն հեռացեր էր հրեշտակն Քնոյ, ուր որ մեր դարուս արձակաբանից հոմերոսն, Մարտիրոսաց երգիչն (Շադոպրիան) աղուաբար հաներ կեցուցեր էր զնա։ Վանայ լճին արեւմտեան գին եղող լերանց մէկուն վերջին հրդեհումը 1441—ին կը յիշատակուի, իսկ Սիփան, որ նոյն լճին հիւսիսակողմը վսեմ կոնաձեւով գրեթէ չորս հազար մեդրէ աւելի բարձր ցցուած է, դեռ ծծմբախառն թեթեւ շոգի մը կ՚արձակէ․ — արեւելեան կողմը` Վարագ, օտար չէ պղուտոնական կազմուածքէ․ իսկ լճին հարաւկողմը դեռ այս տեսակ նշաններ ստուգուած չեն ի ճանապարհորդաց․բայց Ժ դարուն վերջերը այդ կողմերը բնակող ճըգնաւոր մը, Գրիգոր Նարեկացին, Հայաստանի Ս․ Բեռնարդոսը, իր տաղերէն մէկուն մէջ հրաբղխային բորբոքման աղօտ նկարագրութիւն մը կ՚երեւցընէ․ ,Լերինաթինդ խոր վիհ ի վեր, ծափին ի նոյն շտապ ,յորձանից․ Հրակոծ լերանց անձկին ի տապ բոցն ,ի ծաւալ ծով խոր հերձաւ․ Ճապաղ ճեպով դարձ ,նոյն ի դարձ խաղայր փութայր ի տեսանելե։ Արդէն մեր նախնիք Քրիստոսի թուականին առաջին տարիները այս լերանց մէկուն վրայ կը ճանչնային ,տուն կրակի, անյագ հրոյ, անդադար այրման աստուածոցն, եւ քարինս հոսեալ յակն յորդաբուղխ ,աղբերն… քանզի վառէին զկրակն` քոյրն, եւ զաղբիւրն` եղբայրնե․ թերեւս վասն պայծառութեանն կրակը այլաբանելով ի քոյր։ Ուրիշ կողմանէ գիտենքոր աս ծովակիս ջրերը աւելի լեղի են քան թէ աղի մանամանդ եզերքները անանկ խառնուած են բորակային բաղադրութեամբ` որ կտաւները լուալու կը գործածեն։ Իսկ Սեւանայ լճին` բնաւ տարակոյս չկայ հրաբղխային կազմութեանը վրայ․ կրնանք ըսել թէ հրաբղխի խառնարանաց մեծագոյնն է, սեպացեալ եւ կոնաձեւ քարալեռներով շրջապատած, որոնցմէ տասուերկուքէն աւելին իրենց առանձին բաժակներն ունին ջրով լեցուած կամ պարապ։ Ասոնց ետին կը բարձրանայ դէպ ի արեւմուտք վիթխարին Արագած (ռամկօրէն Ալակէզ), բոլորովին զատ առանձնակ, եւ Հայաստանի լեռներուն ամենէն լայնանիստը եւ ստոյգ չափուածներուն մէջ բարձրագոյնն` Մասիսէն վերջը, որուն հետ, ըստ Ռիդդերայ աշխարհագրային գեղեցիկ մտածութեանը, կը ձեւացընէ մեծ դրան մը երկու կամարակալները, ուսկից կ՚անցնին Գանգիսի եզերքներէն դէպ ի Պոնտոս ու Կովկաս ճանապարհորդող ամենայն կարաւանք։ Արագածու կատարը չորս գագաթ ճղքուած ու ցցուած է, որոնք իր խառնարանին եզերքը գիտակ կեցած են, եւ պայծառ ծծումբ ունին կողերնուն վրայ։ Կ՚երեւի թէ Քրիստոսի թուականին առջի դարերուն մէջ դեռ ասոր պատառուածքներէն ծուխ կը ցնդէր․ վասն զի ԺԴ դարու դիւրահաւատ մատենագիրներէն ոմանք կը պատմեն թէ լերան խորը քարանձաւ մը կայ, ուր մեր Լուսաւորիչն մատուռ մը շիներ ու կանթեղ մը կախած է, որ ինչուան ի կատարած աշխարհիս վառ պիտի մնայ։ — Մօտերս բրուսիացի ճանապարհորդ մը Հայաստան հիւսիսէն հարաւ քալելու ատենը, երեք գիշեր ետեւէ ետեւ տեսեր է Այրարատայ լերանց վրայ ցոլացեալ լոյս մը․ տեղացիք ասիկայ սեպեր են հաւաստի նշան մը գետնաշարժի Պարսկահայոց մէջ, եւ յիրաւի նոյն օրերը Դավրէժ շարժ կ՚ըլլայ։ Այն նահանգը որուն շահաստանն է այս քաղաքս, միշտ Ատրպատական անունը կրած է, որ կը նշանակէ տեղի կամ աման հրոյ, եւ ունի, ուրիշ լեռներէն զատ, Սաւալանի հրաբղխային սեպուհը, որ գրեթէ Սպիտակ—լերան չափ բարձր է։— Բայց Հայաստանի եւ բոլոր յառաջակողմն Ասիոյ մէջ ամենէն կենդանի հրաբղխի զօրութիւն եւ նշան ունեցող լեռն է Թանտըրէկ (գուցէԹոնրակ կամ Թոնդրակ ըստ նախնեաց) իբր 10,000 ոտք բարձր, Պայէզիտ քաղքէն երեք կամ չորս փարսախ հեռի դէպ ի Վանայ ծովը, որուն գագաթը ամենեւին նման է Վեսուվի, բաժակը շատ ընդարձակ եւ խոր, յատակը մեծամեծ քարինք եւ բիւրղացեալ ծծումբ, եւ շատ տեղէն անդադար ջրային եւ ծծմբային գոլորշիք կ՚ելլան։ Լերան մէկ կողմը կայ ուրիշ բաժակ մ՚այլ ջրալից․ եւ անոր մոտ տեղէ մը մեծ չըչմամբ աղբիւրաբար շոգի կ՚ելնէ ուր կ՚երթան բժշկութեան համար։ Աւելի զարմանալի յատկութիւն մ՚ալ է (Նարեկացւոյն բառով ըսելով) լերինաթինդ որոտունքը, որ լերան փորէն կու լսուի երբեմն երբեմն, եւ Ամերիկայի Անտեայց հրաբղխից (պրամիտոս, պոռոչիւն) ըսուած ձայներուն կու նմանի։ Ռուսք եւ Օսմանեանք իրենց վերջին պատերազմին ատեն` Պայէզիտու երկու կողմը բանակած, գիշեր մը յանկարծ որոտմունք լսելով` կարծեցին թնդանոթից ձայն, եւ մէկէն զինուած իրարու դէմ ելան․ ինչուան որ իմացան բնութեան գաղտնիքը։ Քանի՜ վսեմ եւ ահաւոր պէտք էր ըլլար Հայաստանի երեւոյթը քանի մը հազար տարի առաջ, երբ ներքին ծովերով ակօսեալ, յառաջակողմեան Ասիոյ բարձրագոյն տափարակին վրայանկուած հարիւրաւոր հսկայ հրաբուղխներէն, իբրեւ բնութեան լապտերներէ, բարկաճայթ բոցեր կը ծաւալէր այն նորածին ժողովուրդներու վրայ, որ դեռ անստոյգ քայլերնին շարժել կու սկսէին դէպ ի անծանօթ երկիրներ։

Դ

Անցնինք հիմա այս կնճռոտ կերպարանքներէն` անոնց բուն ծոցը, բայց ես չեմ ուզեր։ Հայկակ, Պիսիդոնի երեքժանւոյն հարուածներովը քեզի Պլուտոնի մթին գաղտնիքները ցուցընել․ չեմ ուզեր եւ ոչ իսկ կրնամ դիմացդ դնել ինչ որ բնութիւնն ծածկած է իրեն ալուցը մէջ, ուսկից աշխատասէր իմաստունն` հաւասար համբերութեամբ եւ ճարտարութեամբ ճոխացած` խողովակի մը ձեռքով խաւարային անդունդներէն դուրս կը հանէ կը մղէ պիտանի ջուրը։ Միայն Հայաստանի մետաղական հարստութեանը վրայ քիչ մը կ՚ուզեմ խօսիլ, եւ հոտ ալ նշանաւոր երեւոյթ մը պիտի տեսնես։ Սկսինք ամենէն յարգի հրահալելի նիւթէն։

Զարմանալի բան մ՚է որ ամեն մետաղէ առաջ յիշատակուած է ոսկին աշխարհիս առաջին մատենին մէջ։ Աստուածաշունչ գիրք Եւիլատայ ազնիւ ոսկին Փիսոնի ափանցը վրայ կը ցուցընեն, որ է Եդեմայ առաջին գետը, զոր կ՚անուանենք Ճորոխ․ այս գետոյս պատած երկիրն է, ինչպէս առաջ յիշեցինք, մեր Խաղտիքն եւ Յունաց Խալիբս ըսածը․ եւ թէ որ հիմա չի գտուիր հոն ոսկի, մի՛ զարմանար․ վասն զի Մովսեսի եւ մեր օրերուն մէջ 3400 տարիէն աւելի անցեր է․ բայց անտարակոյս կը յիշես Արգոնաւորդները` որ Մովսեսէն երեք կամ չորս դար ետքը այս կողմերս եկան ոսկի գեղմը յափշտակելու, զոր ես ալ կը հասկնամ ոսկեհանք․ կը յիշես նաեւ որ քանի մը դար վերջը բանաստեղծներուն հայրն` արծաթաճոխ Ալիւրեայ Ալիզոները մէջ կը բերէ, զոր հիմակուան հեղինակք կ՚իմանան Արմէնոխալիբք (Ճանիկ) եւ բուն Խալիբը (Խաղտիք)․ այս բառս յունարէն կը նշանակէ հանք (երկաթի) եւ հանքերուն վրայ աշխատողները։ Մինչեւ հիմա դեռ արծաթ կը հանեն հոն Կիւմմիւշխանէի (Արծաթահանք) եւ Իսփիրայ մէջ, որ է մեր Սպերը եւ Ստրաբոնի Սիսբիրադիոն։ Այս երկիրս իր ոսկեհանքովը ծանօթ էր նաեւ մեծին Աղեքսանդրի ժամանակ, որ մարդ ղրկեց հոն ոսկւոյն համար, բայց տեղւոյն բնակիչներն վրանին վազելով սպաննեցին։ Նմանապէս Զ դարուն մէջ այն կողմերը Փառանգի ոսկեհանքը հակառակութեան առիթ էր Սասանեանց եւ Բիւզանդեանց մէջ։ ԺԷ դարուն ճանապարհորդներէն մէկն կ՚աւանդէ մեզի, որ նոյն իսկ օսմանեան կառավարութեան ատեն ալ, Սպերի ոսկեհանքն կը բանէին, եւ ետքը ջրով լցուելուն համար` հարկեցան թողլու։ Նոր ատեններս քանի մը երկրաբաններ ստուգեցին որ Կարնոյ լեռներուն կազմուածքն նման են Ալդայի լերանց, եւ չտարակուսեցան որ հանքեր ալ պիտի ունենան, բայց աւելի չփնտռեցին։ Յիշելու է որ Կարնոյ գլխաւոր գեղերէն մէկն Արծաթի կ՚ըսուի։ — Մեր հինգերորդ դարու ազգային պատմիչք կը խօսին Արարատայ ոսկեհանքերուն վրայ, առանց տեղը ցուցընելու։ — Հայաստանի Կուր գետով ոռոգուած հիւսիսային արեւելեան կողմը, գտեր են Ռուս վերակացուք թէ հանքաց եւ թէ գետոց մէջ ոսկւոյ քանակներ։ Այս տեղերուն աշխարհագրական անուանց մէջ ալ շատ կան ոսկի նշանակողք։ Նոյնը հաստատեցին նաեւ արեւմտեան Հայաստանի հանքերն․ զոր օրինակ, անցեալ դարուն սկիզբը, Ռիդդէրի ճանապարհորդութեան ժամանակ, Արզանայի մէջ ոսկի ալ կը հանէին։ — Արդէն յիշած արծաթահանքներնուս վրայ աւելցընենք Ատրպատականի եւ Քիւրտիստանի մէջ յայտնուած հանքերը, որոնք բանուած չեն։ Մահադի խալիֆային ատեն (775—785), ժամանակակից պատմագիր մը կը վկայէ որ Հայաստանի մէջ զուտ արծաթի լեռներ գտնուած են, բայց որոշ տեղը չի նշանակեր։ — Առատ են ի Հայս պղնձի հանքերն, մանաւանդ Գուգարաց աշխարհին մէջ, որ Գոգայ եւ Մագոգայ նախնական երկիրն է, վերին Կուրի հոսանաց վրայ․ բովանդակ լերանց շարք մը Պղնձահանք անունը կը կրեն, եւ գործաւորներ միշտ կը բանին․ նոյնպէս կը գտնուի պղինձ ի Ղարապաղ, Արզնի, Սպեր, եւ Մոկաց գաւառը ի հարաւակողմն Վանայ լճին։ Երկաթն աւելի առատ է եւ զանազան տեսակ, մանաւանդ հարաւային Հայաստանի մէջ․ յիշեալ լճին արեւմտեան հարաւակողմը կայ Երկաթահատք եւ Կապարահատք ըսուած լեռն։ — Կապարէն զատ Հայաստան կ՚ընծայէ կամ կ՚ընծայէր զինկ, մկնդեղ, զառիկ, անագ, եւ այլն։

Ե

Դառնանք հիմայ քննելու մեր երկրին երեսը եւ գործարանաւոր արարածները։ Երկրին ձեւակերպութիւնն եւ կլիմայն, ինչպէս որ տեսանք, մեզի բարգաւաճ բուսաբերութեան մը յոյս չեն տար, մանաւանդ մեծամեծ եւ թաւ ծառերու։ Պոնտոսէն ի Պարսկաստան գնացողն ճամբուն վրայ գրեթէ բնաւ չի տեսներ անտառ մը կամ բարձր ծառեր, այլ թուփեր, մացառներ եւ հազիւ ուրեք քանի մը ծառ մէկտեղ։ Բասեն` Արարատայ մեծագոյն դաշտն` ուր Երասխ կը սկսի իր ընթացքը, ի հնուց Անփայտ կ՚անուանէր․ բնակիչք երկրին` փայտի տեղ իրենց տան վառելիքը անասնոց աւելորդօքը կը հոգան․ բայց տուներնին ալ սովորաբար կէս ստորերկրեայ ըլլալով` բլրի մի կամ բարձրադիր գետնի մը կող թաղուած, ցրտէն կ՚ապահովին։ Քսենոփոնի տուած նկարագրութիւնն այս տներուն վրայ` յետ 23 դարուց հիմա ալ կը ստուգուի։ Շիտակը խոստովանելով, փայտի պակասութիւնն ոչ այնքան բնութեան` որքան բնակչաց անհոգութենէն է․ վասն զի նոյն հեղինակն եւ Կ․ Կուրտիոս եւ այլք կը յիշեն ծառոտ լեռներ եւ տափեր` նոյն Երասխայ գեղեցիկ հովտին մէջ, զոր Հռոմայեցիք հաւանելով կը կոչէին Երասխեան դաշտեր (Campi Araxeni) եւ անկէ բարեբոյս չէին գտներ Ասիոյ մէջ․ այնչափ մշակութիւնն մեր նախնեաց ատեն կրնար կոկել շտկել զանհարթութիւնս բնութեան, եթէ այս գեղեցիկ դուստրս Արարչին` կրնայ անհարթութիւն մ՚ունենալ։ Հիմա ալ կը գտնուի անտառք ի Հայաստան․ եւ այդ Անփայտ Բասենոյ մօտ` Սօղանլու լեռներն 20—25 փարսախ երկայն տեղ ծածկուած են պէս պէս տեսակ եղեւնեօք, սոճեօք եւ թեղօշիւք, յորոց ոչ միայն բնակիչք կողմանցն, այլ եւ պետութիւնք Օսմանեանց եւ Ռուսաց փայտ կը կտրեն ի պէտս շինութեան ամրոցաց, որ Հայաստանի մէջ իրարու դէմ կանգնած են․ (վասն զի Դ դարէն ի վեր աշխարհիս ողբալի բաղդ մը ունեցեր է` ըլլալու միջասահման, կռուատեղի եւ որս երկու նախանձորդ եւ դիմամարտ տիրապետաց)։ Այս լեռներէն կտրեց Հուլաղու ղանի որդին իր Ապաղա բերդին հիմնարկութեան նիւթերը։ — Սօղանլու արեւմտեան կողմն են մայրեւոր լերինքն Տայոց, (Դասքի Հելլենաց) որք կռուեցան ընդ գնդին տասն հազար Յունաց, որոց առաջնորդ էր Սոկրատայ բարեկամն Քսենոփոն։ — Արեւելեան կողմն, մեր Սիսական եւ Արցախ աշխարհներն մայրոտ եւ մացառոտ են, որոյ համար ալ հիմա Գարապաղ կ՚ըսուին․ (թերեւս Ար—ցախ ալ նոյնպէս իմաստ մ՚ընծայէ)։ Արեւմտեան կողմն` Բարձր Հայոց եւ Ծոփաց միջոց շատ անտառներ կան, նաեւ կաղնեաց եւ ընկուզենեաց։ Իսկ հարաւակողմն մեր երկրին, Տիգրիսի հովտին եւ Վանայ պարատափին միջոց, մանաւանդ այս ետքինիս հարաւային եւ արեւմտեան կողմերն, այնքան անտառոտ է, մինչեւ մեր նախնիք Փայտի—աշխարհ կ՚անուանէին Տիգրիսի եւ Վանայ անջրպետող լեռնավայր սահմանը։ Նոր ճանապարհորդք այդ անտառաց մէջ գտան տեսակ տեսակ կաղնի ծառեր, որ ինչուան հիմայ անծանօթ էին Եւրոպէացւոց, եւ բերին իրենց երկիրը տնկելու։ Այս անտառներէն կու գայ ազնուագոյն Գղթորն եւ Գազպէն, զոր օդոց մեղր կ՚անուանեն կամ մանանայ․ եւ անկէ` Տարօնոյ երկիրն, որ է այժմեան Մշոյ գաւառն, Մեղրաբուղխ կ՚ըսուէր։ — Այրարատեան լերանց վրայ թխտենեաց պուրակներ կան ինչուան 7800 ոտք բարձր տեղեր, եւ գիհի ծառեր ինչուան 8200 ոտք բարձրութեան վրայ․ իսկ թփատեսակ ծառեր` ալ աւելի բարձր կը գտնուին․ մինչդեռ յԵւրոպէ ո՛ր եւ է աստիճանի տակ` այդչափ բարձր տեղ ամենեւին ծառ չգտնուիր։ — Գուգարաց երկիրն մեր նահանգաց ամենէն հիւսիսագոյնն, ամենէն ալ ծառոտ եւ շատաբոյսն է, իր խորանիստ դրիցն համար, Կուրայ գեղեցիկ պարահովտին մէջ․ կարմիր եւ ճերմակ կնձնիք կ՚աճեն հոն ընդ կաղնի, հացի, պտղի, եւ պէսպէս եղեւին ծառոց։ Մեր Ե դարու օրինակագիր հեղինակն աշխարհագրութեան` կը յիշէ հոն տօսախի ծառն եւ հաճարածառ ալ։ Նոյն հեղինակն (Մովսէս Խորենացի) կը յիշէ Արարատայ մայրաքաղաքին, Արմաւրայ, վսեմական սօսիները, որոց տերեւոց սօսաւիւնն` հմայից ազդումն էր մեր նախահարց․ մեր ատեններս կարծուեցաւ թէ այդ ծառերուն մեծամեծ կոճղերը յայտնուեցան հողուն տակ` այն տեղուանք, ուր երբեմն կը մօտենար Երասխ, որ աւելի յեղյեղուկ քան զժամանակն` յետ քառասուն դարուց փոխեր է իր ալեաց ընթացքը եւ հեռացեր ի բնակարանէ որդւոցն Հայկայ։ Այս տեսակ սօսիներէն դեռ հատ մը կենդանւի է եւ ամբողջ հրապարակի մը կէս կը ծածկէ յՈրդուատ, հին քաղաք` մոտ քարավազիցն Երասխայ, բունն գետնէն երկու մեդր վեր տասն մեդր շրջապատ ունի։ Կրնայկարծուիլ թէ արեւելեան սոսին սեփհական ըլլայ Հայաստանի․ յայտնի է որ Հռովմայեցիք մտուցին այս ծառը յարեւմուտս։

Այս աշխարհակալ ազգին վրայ ընկնալով խօսքերնիս, յարմար կը սեպեմ յիշել հոս, որ իրենց աշխարհակալութեան լաւագոյն ստացուածներէն մէկն էր օտար երկրի բերքերն ընտանեցնել։ Հայաստան ընծայեց անոնց ուրիշ բոյսերէ զատ զԾիրանն որ դեռ Իտալիոյ մէջ իր անուամբն արմենիա՚գա կ՚ըսուի․ եւ լատիներէն malns armeniaca (մալուս արմենիագա), այսինքն հայկական խնձոր, որ կ՚երեւայ թէ նոյնն է զոր Պլինոս սալորոց մէջ կը դասէ, եւ անուշահոտութեանը համար նախադաս ի սալորս։ Ի՞նչ ըսենք Հայոց Խնձորոյն համար, որ այնպէս անուանի էր Արաբացւոց մէջ, մինչեւ իրենց բանաստեղծներէն մէկն` արշալուսոյ մէկհատիկ նմանութիւն կը գտնէր օրիորդ մը` հայկական խնձոր խածած։ — Ընդհանրապէս սովորական համեղ պտուղք առատ են մեր երկիրը, եւ ամեն տեսակն ալ կը գտնուի, բաց ի թզոյ եւ ի ձիթապտղոյ, սակայն ասոնք այլ հարաւային եւ ցած կողմեր անծանօթ չեն։

Իսկ մահացուաց ամբրոսեան օշարակ տուող ծա՞ռն․— որթն` առաւել քան զհասարակաց կարծիս կը յաջողի ի Հայաստան, որովհետեւ բուսաբերութեան սահմանագիծն շատ բարձր է ի Հայս, երկիրն կը բերէ աղէկ խաղող, որոյ եւ առաջին հայրենիքն ալ եղաւ յետ ջրհեղեղին։ Երասխայ պարահովտին մէջ ընտիր այգիներ կան․ եւ Երեւանայ գինին նարընջագոյն, քաղցր եւ մշկահոտ` Սպանիոյ, Ունկարիոյ եւ Պուրկոնեայ լաւագոյն գինեաց հաւասար կը սեպուի։ Անվարժից խրատ կու տամ Գանձակայ գինին շատ չփորձել, որ թէ եւ անուշահամ` սաստիկ զօրաւոր եւ գլխահար է․ իսկ Գարապաղի գինիներն անյոշ եւ գրեթէ եղոտ են։ Տապանակիր լերան վրայ, յԱկոռի 4000 ոտք բարձր տեղ մը, յանյիշատակ ժամանակաց` այգի կը մշակէին ի յիշատակ այգեգործութեան Նոյի, այն լերան բլրոց մէկն հին ատեն Գինոյ բլուր կ՚անուանէր, վտակ մ՚ալ Գինեգոյն գետ։ Վանայ պարատափն ալ ինչուան 1700 մեդր բարձրութեան վրայդեռ այգիներ ունի որ երկայնողկոյզ խաղող կու տան, բայց չեն համով ինչպէս Արարատայն։ Կարնոյ բարձրաւանդակն ոչ այգի ունի եւ ոչ պտուղ․ որոնց պակասութիւնը կը լեցընէ իրեն Ճորոխայ հովտին Թորթում վիճակն․ բայց անոնց փոխարէն կը բերէ ազնիւ արմտիք․ իսկ Սեւանայ պարատափն աւելի բարձրագոյն ըլլալով` ասոնցմէ ալ զուրկ է։ — Ցորենն ընդհանրապէս ընտիր է, եւ կայ մեծահատ տեսակ մը, որ եւ շատ կպչուն կամ առաձիգ խմոր կու տայ։ Ո՞ր ազգային պատմագէտ չի յիշեր «արգաւանդ եւ բերրի… Շիրակայ ամբարքնե։ Ուրիշ տեսակ արմտիք ալ լաւ եւ առատ են։ Իսկ բանջարեղէնք եւ խաւարտք, թերեւս ամեն տեղէ աւելի պատուական եւ բազմատեսակ․ 300 տեսակէն աւելի կը համրուին բնիկ տեղական անուամբք։

Հայկական Փլորայն շատ հոգ չունենալով պարտիզաց եւ ջերմանոցաց, աւելի վայրենի ու խոպան տեղուանք կը սիրէ․ իր լեռնային բուսաբերութիւնն պէտք է բուսասիրաց համար շատ հետաքննելի ըլլայ։

Վերջին սահման բուսաբերութեան ի Հայս 4000 մեդրէն աւելի վեր է, անկէց ալ բարձր` միայն մեծին Մասեաց վրայ կը գտնուին գեղաստղիկ (aster pulchellus), մկնամիրգ քնքոյշ (astragalus mollis) կանթեղնիկ քարաբոյս (capanula saxatilis) եւ այլն։ Հռչակաւոր բուսաբանն Բիդոն Դուռնըֆոր` որ անցեալ դարուն սկիզբները կը ճանապարհորդէր ի Հայաստան, չէր դժուարէր դրախտին նշանները տեսնել ի Կարին եւ յԷջմիածին, այնքան զմայլած էր այն կողմերուն հարուստ եւ գեղեցիկ բուսաբերութեան վրայ։ Հիմակուան բուսաբանք եւ շրջագայիկք թէպէտ եւ այդչափ չեն զմայլիր, բայց տժգոհ ալ չեն։ Ասոնց նշանած ծաղկանց մէջ, չեմ գիտեր ո՞ր ցեղին մէջ դասելու է Աղբերաց—արիւն ըսուած գեղեցիկ ծաղիկն փոքր եւ վարդաձեւ, եւ այնպիսի վառվռուն թանձր կարմիր գունով` որուն նման մը չեն գտած ականատես վկայք․ թերեւս աւելի դիւրին հնարք մը գտած է մեր միջին դարու գուսանաց մէկն, իր սիրելւոյն նմանցընելով այդ ծաղիկը։

«Ա՜յ աղբերաց արուն`

Որ բուսար մէջ քարերուն,

Աչուիդ ի նարկիզ նըման,

Մէկն ի քուն ու մէկն արթուն»։

Ինչպէս անունն եւ երգիչն կը յայտնեն` այս ծաղիկս սովորաբար կը գտնուի աղբերաց եզերք քարերու սորեր․ եւ անշուշտ եթէ ծանօթ ըլլար հիներուն` Ովիդիոսի այլակերպութեանց գեղեցկագոյն նիւթ մը կ՚աւելցընէր։

Պէտք չէ մոռնալ խոտերը եւ բժշկական բոյսերը, զոր Հայաստան կ՚ընծայէ, եւ հին ատեն աւելի ալ առատապէս կ՚ընծայէր դեղագործաց․ գրեթէ բոլոր Գալիենոսի եւ Էպուսինայի գործոց մէջ յիշուած եւ հայերէն թարգմանուած բոյսերն` իրենց բնիկ ազգային անուններն ունին մեր լեզուին մէջ․ ըսել է որ մեր երկրին մէջ ալ ծանօթ էին։ Ի զբօսանս բանասիրաց յիշենք զՄանրագորն եւ զՓէնունա, որոնց` հայկական Եսկուլապեայ հետեւողքն` զարմանալի յատկութիւններ եւ կերպարանք կ՚ընծայեն։ Չմոռնանք հռչակաւոր Համասպրամն կամ Համասփիւռն ալ, որոյ ցողունն 12 ճիւղ կը բաժնուի կ՚ըսէին եւ ծաղիկներն զանազան գոյն ունին մէկմէկէ պայծառ․այս բոյսս քարոտ լերանց սորերը ծածկուիլ կը սիրէր, եւ որոշեալ որ մը յայտնուէր գիշերանց լուսնի լուսով․ շատ տեսակ զօրութիւն ունէր, ինչուան սրամտութիւն ալ կը պարգեւէր, եւ հեղինակ մը վկայեր է պարզամտութեամբ թէ այս բոյսս ,գտայ, եւ չարն փորձեցի, երանի՜ է նմա որ զբարին գործէ»։ — Հռովմայեցիք Հայաստանէն եւ Պարսկաստանէն մեծ փափագով եւ ոսկւոյ կշիռքով կը գնէին լաղէրբիցում կոչած բոյսը, որ հաւանօրէն է սպան ըստ մեզ, եւ անոր խէժն` անգուժատ, թէ եւ չարահոտ, գուցէ եւ հայկական ազնիւ խաշնդէղն ըլլայ։

Մեր երկրին անուանի եւ անծանօթ բուսոց մէջ յիշենք ազգայնոց` փնտռելու հայկական ընկոյզ ըսուածը, որուն կութք Ղփտիներուն օրացուցին մէջ նշանակուած էր յունիս ամսուն, եւ կ՚ըսուէր թէ ձիթապտղոյ նման է․ (մի՞թէ փշատին է, որ շատ հասարակ եւ սեփհական է Հայաստանի, կամ ծուաղենին)։ — Յետին կարգ բուսեղինաց Խոտք եւ Սէղք անուանի են ի Հայս վասն ընդարձակ մարդաց եւ արօտից, որ տարուէ տարի կը սնուցանեն միլիոնաւոր ոչխարներ, եւ կը ղրկեն աւելի դէպ ի հարաւեւ յարեւմուտս ի Ստամպօլ։ Այս մարմանդքս եւ արօտքս հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը քաղեն կը բերենի Հայաստան բազմութիւն հովուաց շըրջակայ կողմերու եւ վրանաչու տոհմեր շատ հեռու աշխարհքներէ։ — Խոտերու մէջ դասենք տեսակ մը սէզ հայկական (բիմբինելլա pimprenelle), կամ մանաւանդ ճահճաց—մատնիկ (daetylus litoralis) որ կը սնուցանէ ամենէն ընտիր եւ ամենէն հին ճանչցուած որդն կարմրոյ, հռչակեալ իր շառափյալ գունովն, որով թագաւորաց ծիրանիք եւ հրովարտակք կը ներկուէին, զոր կը յիշէ եւ Դիոսկորիտէս։ Արաբացիքիրենց տիրապետութեան ատեն այս որդը կամ կարմիրը մտուցին յԵւրոպա, հիմա Ռուսք անկէ շահ կը քաղեն․ եւ դեռ Էջմիածնի կաթուղիկոսաց կոնդակներն կը գրուին այս Արարտայ նշանաւոր բերքով, որուն նմանը յԵւրոպա կը գտնուի միայն ի Լեհս, եւ յԱմերիկա` ի Մեխիգոյ․ ուրիշ ամեն ցեղ որդերն կարմրոյ (որոց յիսունի չափ տեսակ կայ) շատ արժէք չունին։

Զ

Այս պզտիկ որդը մեզի առաջնորդ առնըլով` բուսական ցեղապետութենէն անցնելու ի կենդանականն, բնականապէս նախ իր կարգին կու գամք․ եւ անտարակոյս կրնամք գտնել Հայաստանի մէջ քանի մը նորատեսակ միջատներ եւ մանաւանդ պատենաթեւ ցեղէն։ Գերմանացի բնագէտ ճանապարհորդ մը հազարաւորներ ժողոված է ասոնցմէ եւ իր աշխարհին զանազան բնապատմութեան հաւաքարաններու բաժներ է։ Իր հայրենակցաց մէկն այլ Հայոց արեւելեան նահանգաց մէջ կը նշանակէ տեսակ մը մեծ ճպռան, որ իր ճռուողմամբ կրնար մրցիլ Թէոկրիտեայ սրնգափողից հետ։ — Այս կարգի կենդանեկաց թագուհին Մեղուն, կ՚ընծայէ մասնաւորապէս յԱյրարատայ եւ ի հարաւակողման գաւառս` իր պատուական վաստակը, որ մեր երկրին գլխաւոր վաճառոց թուակից է։ — Շերամ որդոյ դարմանն շատ հին չէ մեր երկրին մէջ, հիմա կը յաջողի Կազբիականին մօտ գաւառաց մէջ։ գաւառս` իր պատուական վաստակը, որ մեր երկրին գլխաւոր վաճառոց թուակից է։ — Շերամ որդոյ դարմանն շատ հին չէ մեր երկրին մէջ, հիմա կը յաջողի Կազբիականին մօտ գաւառաց մէջ։ Ուրիշ եւ բարձրագոյն կարգ մը կենդանեաց, Ձկանց, արժանի է մտադրութեան, թէ եւ մեր աշխարհն շատ քիչ կամ թէ բնաւ չունի ծովեզերք։ Լուդին (Saumon) մարդաչափ մեծութեամբ` Կազբից ծովէն գալով վեր կ՚ելլէ Երասխայ եւ Կուրի մէջ, եւ այնքան առատ` որ միայն ձուերը կը հանեն ազնիւ աղկիթ (քավեար) շինելու համար, եւ միսը կը թափեն։ Հայաստանի ամենէն հասարակ եւ ծանօթ ձուկն է Կարմրախայտ, որ ամեն գետոց աղբերականց մէջ կը վխտայ, եւ ինչուան Եփրատայ 9000 մտք բարձր ականց մէջ, ի Կարին։ Երասխ կը բերէ երկայնաձեւ Ճանառը, եւ թանձրամարմին Լոքը, որ Եփրատայ եւ մանաւանդ Արածանւոյ մէջ շատ վիթխարի մեծութեամբ կը գտուի եւ նհանգ կ՚անուանի, իբրեւ կէտ ձուկն։ Նոյն տեսակէն կարծուի թէ գտուին Հառչակայ փոքր լճին մէջ, որ շատ ձկնոտ է․ մինչդեռ անոր մօտ` Վանայ աղի ծովն` որ մեծագոյն է քան զամենայն ծովակս յառաջակողմեան Ասիոյ, եւ անոր համար կոչուի ծով Աղթամարայ (յանուն գլխաւոր կղզւոյն), միայն մէկ տեսակ բնակիչ ունի, պզտի ձուկ մը, տառեխ․ որ պատուական սնունդ կ՚ըլլայ եւ շահաբեր վաճառ մը, վասն զի աղած եւ չորացուցած կը ղրկեն չորս կողմի գաւառները, ի Քրդաստան եւ ի Պարսկաստան։ Սեւանայ անոյշ ծովակն որ փոքր է քան զԱղթամարայն եւ բարձր քան զայն (6500 ոտք յերեսաց ծովու), ըստ աւանդութեան բնակչաց եզերացն` 12 տեսակ ձուկն ունի։ — Ուրիշ լճակ մը այրարատեան լերանց պարուն ստորոտը, Կոգայովիտի շամբն, որ հիմա Պալըգ—կէօլ կը կոչուի ձկանց առատութեամբ, տարեկան միլիոն մը ֆրանգի շահ կրնայ տալ․ անոր համար Ռուսաց եւ Օսմանեանց յետին սահմանաչափութեան ատեն` վիճի առիթ մը եղաւ։ Հիմա թողլով ձկնասիրաց քննել Հայաստանի գետերուն մէջ այն մահահամ սեւ ձուկը` զոր կը յիշէ հին պատմիչն Կտեսիաս, կ՚ուզէի որ մեր տեղազնինք աչք մը տային ի վերայ բովանդակ ջրոց` որ Հայաստանի մեծ եւ փոքր լճերը կը ձեւացնեն, եւ իրեն նշանաւոր կերպարանք մ՚այլ կու տան։ Աղթամարայ ծովէն չհեռացած` պէտք է դիտել Որմեայ լիճը կամ Կապուտան ծովը, որ առաջինէն աւելի երկայն է, թերեւս աւելի այլ ընդարձակ։ Այս երեք յիշեալ մեծամեծ լճաց հետ չորրորդ մ՚այլ` Ծովակն Հիւսիսոյ` որ հիմա Չըլտըր—կէօլ կ՚ըսուի, յարեւմտեան հիւսիսակողմն Հայոց, մեր երկրին երեսաց վրայ` տրամանկիւն մը կը ձեւացնէ, եւ կենդրոննին կան երկոտասնեակ մը մանր լճակաց։ Յարեւմտակողմն հարաւոյ` բաց ի Ծովք (Կէօլճիւկ) լճէն, կայ բազմութիւն լճակաց այն լեռներուն վրայ` որ ասոնց պատճառաւ Պին—կէօլ կը կոչուին։ — Հայոց մեծ ու փոքր քառասնիւ չափ լճերուն միահամուռ տարածութիւնն կրնայ 10,000 հեկտար հաշուիլ։ Ընդհանրապէս այս լճերուն ափունքն նուազեալ բուսաբերութեամբ, դրից զանազանութեամբն եւ վսեմական տեսարաններով գերազանցեն քան զլիճս Զուիցերեաց․ բայց ամենէն գեղեցիկ եւ վառվռուն տեսարանն իրենց թեւաւոր բնակիչներն են։ Թերեւս չկայ երկիր մը որ այնքան բազմաթիւ եւ բազմազան ջրային թռչուններ ունենայ, ինչպէս Հայոց լճերն եւ մօրերն։ Այս ետքի տեսակ ջրշեղջից մէջ անուանի է Կարնոյ շամբն կամ մօր եւ ծով (սաղլըգ), որոյ թռչնոց հաւկիթներն բաւական էին շրջակայ գեղերու բնակիչները կերակրելու, ըստ վկայութեան մեծի պատմչին մերոյ, որ կարծեմ քեզի չափազանցութիւն մը կ՚երեւնայ․ բայց ի՞նչ պիտի ըսես տեղւոյն անգղիական հիւպատոսարանին եւ վաճառական գործատանց զբօսասէր պարօններուն վկայութեանը, որք կը հաւաստեն թէ տարւոյն կենդանաբեր եղանակին մէջ` չամբին բոլորտիքն մինչեւ բաւական հեռու միջոց` գրեթէ անընդհատ կը ծածկուին հաւեղինաց երամներով, մինչեւ համարձակ ձիագնացութեան արգել ըլլայ։ Այս դաշտիս մէջ (Կարնոյ) համրած են աւելի քան 200 տեսակ թռչնոց շատն ջրային։ Գրեթէ բովանդակ թռչնական ցեղից չորսին երեքն ճանչցուած են ի Հայս, մանաւանդ բարձրասրունք, մաշկոտունք, ճնճղկաց ցեղքն, եւ գիշահաւք, այս ետքի ցեղիս մէջ արժանի են յիշման լաշհաւն, որ է գառնակեր մեծ անգղն (գոնտու), եւ Սպերոյ ու Արարատայ բազայք, որ շատ ճարտար են յորսալ իրենց դասակիցները, աղէկ վարժածներն ինչուան 200 ֆրանգ կ՚արժեն։Որսոյ կամ վայրի հաւուց մէջ նշանելի են մեծ կաքաւն` նման հնդկայնոյն, եւ ուրիշ տեսակը կաքաւուց, սարսարեկք (decasse, մէզմէնտիկ), աքար (be՛cassine), աքլոր (ra՛le), թանձր (outarde), սալամբ (francolin), հասարակ փասիան եւ լոր։ Ջրահաւուց մէջ զանազան տեսակք վայրենի սագի, բադի եւ կարապի, հաւալուսն կամ ջրխոթան, արօր (morillon), հողամաղ (harle), որոր (mouette), եւ շնորոր, լուղիկ (plongeon), տեսակ տեսակ տառեղանց (he՛ron) եւ ծիծռանց ջրայնոց․ ցեծ կամ քաջահաւ կանաչ եւ սեաւ (ibis)․ եւ երկու աշխարհածանօթ պանդուխտքն, կռունկ եւ արագիլ, որք ինչպէս առ օտարս` այսպէս եւ ի Հայս մասնաւոր պատիւ ունին։ Մեր հին թագաւորք բաց յընդհանուր որսապետէն (Որսապետն արքունի) ունէին եւ հաւորսութեան վերակացուս եւ թռչնապահս, եւ թերեւս ասոնք էին Հաւնունիք․ ոչ սակաւ տոհմք եւ ցե»ապետք թռչուններէ առած էին իրենց անունն, ինչպէս Արծրունիք, Բազէակալք, Կարապունիք, Աղաւնունիք, Կռունիք, եւ այլն․ եւ այս թռչունները կամ ողջ եւ կամ պատկերնին դրօշներու վրայ կրէին ազգային տօնից մէջ, որոց սկիզբն շատ հին է, թերեւս ոմանց ելնէ մինչեւ ի ջրհեղեղ։ Այս մեծ պատահարս երկրիս ուրիշ կողմը այնքան զգալի այլայլութիւն եւ պատմութեան մէջ յիշատակ չէ թողած` ինչպէս մեր աշխարհը․ եւ արդեօք այս թռչնոց հեղուկ բնակարաններէն ոմանք` զոր յիշեցինք, մնացորդ չե՞ն այն մեծ հեղեղմանն, որ քիչ շատ հողագնտին օրէնքները այլափոխեց։ Ստորին Կուրայ ողողակքն, Երասխայ հովտին մրրանիստ հողակարգքն` բաւականապէս չե՞ն ցուցըներ թէ ատեն մը (որ երկրաբանօրէն շատ հին չէ) ներէիդաց իշխանութեան տակ էին․ եւ իրենց բրածոյ ժժմակաց մնացորդքն, որոց կենդանի նմանիքն դեռ գտուին կասպիական ծովու մէջ, չե՞ն կարծեցըներ արդեօք թէ երբեմն ծով մը կ՚երկընցընէր իր ծաւալծփիկ բազուկները առ ուրիշ ծով մը` այն երկրին վրայէն, որ յետոյ եղաւ խանձարուրք մարդկութեան եւ հայրենիք Հայութեան։ Հայկակ, ես ոչ երկրագէտ եմ եւ ոչ հաւագէտ, բայց կը հաւանիմ թէ այդքան բազմութիւն եռակենցաղ կենդանեացդ (թռչնոց) որք մեր երկրին բարձրաւանդակ աւազանաց վրայ սփռեալ են, ոչ միայն բնապատմութեան ուսումնական ապացոյց մ՚են, այլ եւ յիշեցուցիչք ջրհեղեղի եւ ստեղծագործութեան։

Է

Դառնանք առ ուրիշ դաս մը կենդանեաց։ Սեռք հայկական քառոտանեաց նախայիշեալ դասին պէս բազմատեսակ չեն, երկրին կլիմայն այլ այս բանս կ՚իմացընէ։ Բայց այսպէս ըլլալով` դեռ ոչ շատ հին ժամանակ գտուէին ի Հայս ամենէն կատաղի գազանք ալ․ ո՞վ ոչ յիշէ Վիրգիլիոսի գեղեցիկ տողը․ «Եւ վագերըս հայկականս` ուսոյց Դափնիս լըծելկառաց»։ Կամ Սիդոնիոսի ըսածը․ «Ընդ վագրաբեր Նըպատայ կապարճաւոր արտորայս»։ Դուռնըֆոր այլ Մասիս լերանց պատառուածներուն մէջ տեսեր է վագրը։ Իսկ կենդանեաց թագաւորը, առիւծը կու յիշէ ի Հայս Այետիոս, եւ մեր պատմիչքն Դ եւ Ե դարուց, եւ ուրիշ մ՚այլ որ Ժ դարունսկիզբները կ՚ապրէր։ Ընձառիւծն եւ յովազն ինչուան հիմա կը գտնուին։ Թողունք յիշել ուրիշ գազանները, եւ գազանամարտ գազանը, այսինքն շունը, որուն ցեղէն կան մեծամեծ եւ ուժով տեսակք․ չմոռնանք միայն երկայնամազ կատուն Վանայ, որ Անկիւրիոյ կատուէն վար չի մնար, եւ ճերմակ ու սեւատուտն աքիսը, զոր Լատինք առմէնիոս կոչէին (փռանկք էրմին be՛rmine․ Իտալիք` արմէլլինա), եւ այդու կոչմամբ կ՚իմացընէին թէ ո՛ր երկրէ առին ու մտուցին յԵւրոպա։ Ընտանի անասունք բարեբաղդաբար շատ բազմաթիւ են ի Հայս․ վերը յիշեցինք ոչխարաց առատութիւնը․ նախրէից ցեղին մէջ գոմէշն բնիկ կ՚երեւի Հայաստանի, որովհետեւ իր էգը յատկապէս մատակ կ՚ըսուի, որ ամենայն չորքոտանեաց էգը կու նշանակէ հասարակօրէն։ — Երեվայրին կամորսի կենդանիք աւելի առատ են․ հնագոյն դարերէ ի վեր` շրջաբնակ իշխանք եւ ազնուականք կու գային ամեն տարի ի Հայաստան` ի կրթութիւն եւ ի զբօսանս որսոյ, ուր գտուին տեսակ տեսակ վիթք, այծեմունք եւ եղջերուք, որոց կարօտով կու բաղձայր նաեւ մահուան անկողնին մէջ Արտաշէս, մեր հեթանոս թագաւորաց մէկն, եւ հառաչէր․ «Ո՞ տայր ինձ «զծուխ ծխանի եւ զառաւօտն նաւասարդի, զվազելն «եզանց եւ զվազելն եղջերուաց․ մեք փող հարուաք եւ «թմբկի հարկանէաք»։ Յիշենք զվարազն այլ, որ ինչուան հիմա Այրարատայ մէջ եւ նոյն իսկ Մասեաց ստորոտը կը գտնուի, Թաթարաց մշակած բրնձի անդերը աւրըշտկելով․ եւ երագավազ ցիռը (իշավայրի) որ հալածեալ յԱրտաւազդայ` յորդւոյն Արտաշիսի, զինքը ետեւէն ձգեց ինչուան նոյն աշխարհածանօթ լերան վիհը․ ուր, ըստ առասպելեաց, թշուառ թագաւորն` Քաջաց ձեռքով կապկպած, կու ջանայ կոտրելու իր երկաթի շղթաները, զոր անդադար լիզելով մաշեցընեն իր հաւատարիմ շուներն․ մազ կու մնայ որ բարկաճայթ թագաւորն ազատած ցատքէ այդ մթագին քարայրէն դուրս` բոլոր աշխարհքս աւերելու․ բայց դարբնաց կռաններուն եւ ուրիշ գործաւորաց գործեաց ձայնն` նորէն կու հաստըցընեն իր մաշած շղթաները։ Գրաստեղէն կենդանիք հռչակուած են նաեւ մարգարէի մը բերանով, իր Տիւրոսի դէմ ըրած սպառնալից ձայնարկութեանը մէջ․ «Ի տանէ Թորգոմայ «ձիովք եւ հեծելովք եւ ջորւովք լցին զվաճառս քո»։ Եզեկիէլ (ԻԷ․ 14) չի յիշեր ուրիցշ ցեղակից գրաստ մ՚ալ, աւելի պզտիկ եւ աւելի անպարծ, բայց ոչ պակաս պիտանի, մանաւանդ ի լեռնոտ երկիրներ, ինչպէս է մեր Մոկաց աշխարհն, որոյ իրեք գաւառք Իշոց անուամբ կը կոչուին։ Իսկ մէկալ կէս արուեստահնար կենդանին, ջորին` բնականապէս աւելի յարգի էր․ մանաւանդ ճերմակ ջորին, զոր արեւու զոհ ընելու եւ թագաւորաց ծառայութեան համար կ՚ընտրէին․ ինչուան նաեւ թագաւորաց յուղարկաւորութեան համար այլ զայն գործածէին․ մեծին Տրդատայ ոսկեզօծ դագաղը կրող կառքն` ճերմակ ջորիներէ լծուած էր։ (Ճերմակն, գերագոյն գունոց սեպուած, մեր թագաւորաց մահուան հանդիսին մէջ այլ մտնէր․ այս հանդէսներուն վերջինը տեսաւ Բարիզ` յամին 1393ին յետոյ Հայոց թագաւորին, Զ Լէոնին մահուամբ եւ թաղմամբը․ իր դագաղաց մահիճն այլ ճերմակ բեհեզ էր, իր ծառաներն ալ ճերմակ հագուած, տարին իջուցին զնա Կելեստինեաց եկեղեցւոյն ներքնայատակ տապանատունը)։ Բայց ահաւադիկ գրաստական ցեղին թագաւորն, զոր ամենէն պերճախօս բնապատումն անուանեց «գեղեցկագոյն ի ստացուածս մարդկան», եւ զոր մեր ագարակային արուեստին կամ Վաստակոց գրոց հեղինակն կոչէ, «Աթոռ թագաւորաց եւ պարիսպ «ամրութեան հեծելւորաց, յաղթահարող թշնամեաց «եւ նաւահանգիստ ճանապարհորդաց, հալածիչ «գաւառաց, դղրդեցուցիչ քաղաքաց եւ լայնացուցիչ «սինոռաց»։ Բայց ո՞վ է առաջին կտրիճն` որ այդ գեղեցիկ ստացուածն ըրաւ։ Չեմ հարցըներ Յովբայ, եթէ «Դո՞ւ ագուցեր ձիոյ զօրութիւն, եւ զգեցուցեր «զահ ընդ պարանոցաւ նորա«․ այլ կու հարցընեմ, ոչ առանց քիչ մի պարծենալու․ ո՞վ է որ ամենէն առաջ կրցաւ սանձ անցընել այն կենդանւոյն, որ երբեմն փորատող հրաբուխ կու դառնայ, երբեմն քծնող ընկերակից։ — Մեր պատմութիւնն, (եթէ կ՚ուզես աւանդութիւն սեպել, եթէ կ՚ուզես խորհրդաբանութիւն, ինչ այլ կ՚ուզես սեպէ), մեր պատմութիւնն կ՚ըսէ, թէ աշխարհքիս առաջին պատերազմին մէջ, յետ խառնակութեան լեզուաց, մեր ազգին նահապետն եւ զօրավարն, Հայկն, ձիաւոր պատերազմող այլ ունէր ընդդէմ Բելայ․ ասիկայ այլ յաղթուած եւ մեռած` յաղթողին ձեռքը թողուց ձիոց, ջորեաց եւ ուղտուց երամակներ։ Ձին եղած է եւ է իսկ հիմա ալ Հայաստանի ամենէն նշանաւոր բերոց մէկն, եւ իր փառաց գործիք մը․ մեր ազգային զինուորութեան ոյժն գլխաւորապէս հեծելոցը վրայ էր․ Արամ Հայկայ սերնդոց մէջ ամենէն հզօրն, ժամանակակից Նինոսի, 40,000 հետեւակաց հետ 2000 ձիաւոր ունէր․ ժամանակն փոխեց այս համեմատութիւնը․ 12 կամ 14 դար վերջը` Հայաստան կրնար, ըստ վկայութեան Եզեկիելի, իր պէտքը լեցընելէն զատ` ինչուան Տիւրոսի վաճառքներուն ալ ղրկել ձի եւ ձիաւոր, երկուքն այլ անուանիք ի հին ժամանակս։ Նոյն մարգարէն ուրիշ խօսքով մը գրեթէ զմեզ կ՚ապահովէ թէ Ասորեստանեայց բանակը յաղթութեան տանողը Հայոց հածելագունդն էր։ Հայ ձիաւորք ճակատեցան Տրովայ դաշտերուն մէջ ծերունւոյն Պրիամու վերջին որդւոց հետ` ընդդէմ հոմերական քաջաց Յունաստանի։ Աքեմենեան (Պարսից) տիեզերակալութեան ատեն` Հայաստան կու ղրկէր թագաւորաց թագաւորին ամեն տարի միհրական տօնին 20,000 ձի, որ ընտրելագոյն սեպուէին քան զՊարսիցն եւ զՄարաց․ եւ 50,000էն աւելի նժոյգք տարւոյն յարմար եղանակին կը ժողովէին Մուղանու դաշտերուն մէջ։ Մեր թագաւորաց մէջ ամենէն աշխարհակալն եւ ամենէն գոռոզն եւ հպարտ, Տիգրան, ըստ բանից օտար պատմչաց ինչուան 150,000 ձիաւոր ունէր, զատ 17,000 բոլոր սպառազէններէ, այսինքն ձի եւ ձիաւոր բոլորովին զրահով ծածկեալ, զոր պատմիչ մը կը նմանեցընէ զրահամորթ կոկորդիլոսի։ Արձակ դաշտի մէջ` այս սպառազէնքս ճարտար առաջնորդի մը ձեռք` գրեթէ անյաղելիք էին, բայց նեղ տեղուանք` թէ իրենք իրենց արգելք եւ թէ իրենց ետեւը շարուած գնդերուն, այսպէս Տիգրանայ բիւրաւորներն ընկրկեցան զարնուեցան Լուկուլլոսի լեգէոններէն, որ հնարագիտությամբ զանոնք թերմոպիլեան նեղուցի մը մէջ փակեց։ Հիմա Քիւրտերն որ Հայոց ժառանգութիւնը կը վայլեն եւ կը վատնեն, տարուէ տարի 50,000էն աւելի ձի կը վաճառեն Պարսից եւ Օսմանեանց։ — Հայկական, երիվարն, հին ատեն ամենէն աւելի ծանօթ եղած կ՚երեւի, յետ տաճիկ (արաբացի) ձիոյ, մէկ հին եւ անանուն յոյն հեղինակ մը` նկարագրութիւն մը ընելով ձիոց` ըստ աշխարհաց, նախ եւ առաջ կը յիշէ հայկական երիվարը, եւ կը ճանչնայ զայն բաւական յաղթանդամ եւ շատ ուժով, ողնալայն եւ պնդակող, եւ Յովբայ ձիոյն պէս սաստիկ խրխնջացող։ Հայկական երիվարին հետ կը յիշէ զփռիւգացին․ եւ այս երկու ձիոց ազգէն սերած կը համարի գալմատացի երիվարը։ Ինչուան հիմա այլ հայկական ձին թերեւս նախապատիւն է յետ արաբացի եւ անգղիացի ձիոց, յիրաւի չունի որ ասոնց հասակը եւ ոչ վայելուչ ձեւը, աւելի պզտիկ եւ աւելի թանձրամիս է, բայց երագութեամբ անոնցմէ վար չի մնար, եւ անոնցմէ աւելի պատուական է վարժութեամբն ելլելու եւ իջնելու լեռնոտ եւ անհարթ երկիրներ․ պատերազմական դաշտին վրայ որ եւ է ցեղ ձիու դէմ կրնայ ելնել․ եւ իր աչքերէն ցատքած կըպրանման սեւ կրակը տեսնողն` կարծէ թէ կռուող կենդանեաց մէջ գազանագոյնն է։ Բնիկ հայկականցեղից մէջ Խնուսի ձին ամենէն գեղեցիկն է, կը կարծուի այլ որ նիզէա անունն, որով կ՚անուանէին։ Յոյնք լաւ ձիաբեր երկիր մը, այս տեղւոյս անունէն ծագած է, կամ Նժոյգ անունէն։ — Հիւսիսային Հայոց երիվարքն ալ լաւ, ուժով եւ աղուոր են․ այնպէս որ անոնց ամենէն հասարակներն այլ, կ՚ըսէ գերմանացի բնագէտ ճանապարհորդ մը, կրնան Շդուդկարտի արքունի ախոռոց լաւագոյն ձիերուն կարգը գրուիլ, եւ խրատ այլ կու տայ յԵւրոպա մտցընելու Էրզիրումի, Տրապիզոնի եւ Դրեստի ճամբով։ Բնութիւնն որ այսպիսի գեղեցիկ կենդանի մը ընծայեր էր երկրին, անոր ստացողին այլ հանճար տուաւ զանիկայ աղէկ վարժեցընելու եւ աւելի աղէկ այլ ի գործ ածելու․ ձիադարմանութեան արուեստն շատ կատարելագործած էր մեր նախնեաց օրերը․ որուն կրնան վկայ ըլլալ քանի մը լատին հեղինակաց բանք, եւ մնացորդք ազգային ձիադարմանութեան գրուածոց, որոց մէջ մանրամասն անդամաբանութիւն կայ ձիոյ։ Իսկ ձիոյ գործածութիւնն, Հայոց ազնուականաց եւ պատանեաց զբօսանք, ցուցանք եւ պարծանք մ՚էր․ մեր իշխանաց կտրիճ զօրավարաց մէկն, քաջակորովն Մուշեղ, հացկերոյթի մը ատեն դաւաճանութեամբ սպաննուելով, վերջի շունչը տալու ատեն կը ցաւէր կ՚ողբար որ չկրցաւ մեռնելու իր ճերմակ երիվարին վրայ, որ այնքան անգամ տարեր էր զինքը յաղթութեան․ գոռոզ թագաւորն Շապուհ որ այս կտրիճ զօրավարին ձեռքէն այլ սրտէն այլ յաղթուեր էր, հրամմեր էր որ քարի վրայ քանդակեն անոր պատկերը ճերմակին վրայ հեծած, եւ իր խնջոյից տաճարին մէջ կանգնեն, զոր տեսնալով` արեւուն գինի խմէր, Ապրի՜ ճերմակաձին, ըսելով։ Շատ ատեն չէ որ գտնուեցաւ ուրիշ քանդակ մ՚այլ մեր երկրին վերջին սահմաններուն վրայ, նոյն քաջակորովը կերպարանելով իր ճերմակին վրայ, թէ եւ գտնող ճանապարհորդն չիճանչցաւ իր գիւտը։… Բայց մեր ճերմակն, մեր պիգասոսքն զմեզ շատ հեռու կը թըռցընեն․ բաւական ըլլայ այսչափ տեղեկութիւն թէ՛ իրենց համար եւ թէ բոլոր մեր երկրին գործարանաւոր եւ անգործարան արարածոց։

Ը

Շնորհակալ ըլլանք ուրեմն բնութեան, որ այսքան պարգեւներով հարստացուցեր է մեր երկիրը․ եւս առաւել փառք տանք տիրոջն բնութեան, որ այդ պարգեւները վայելել եւ յարգել տուաւ երկրին հանճարամիտ բնակչին, որ ի սկզբանց ժամանակի գիտցաւ ճարտարութեամբ օգուտ հանել անոնցմէ, եւ օտարաց այլ սփռել, հեռաւոր աշխարհքներու բերքերը իրարու պատկերով։ Հայն ամեն ատեն եղած է վաստակասէր մշակ իր երկրին մէջ, ժիր վաճառական դուրսի երկիրներ, զգօն գործակալ ազգաց` որ զիրար չէին ճանչնար․ եւ փոխանակեր է զբնական եւ զարուեստական բերս աշխարհաց` որ իրարմէ հեռու էին շատ միջօրէական ժամերով։ Հայն բոլոր երկրիս երեսը կը պտըտէր, կը սովրէր զլեզուս ժողովրդոց` որոց թարգման կ՚ըլլար, եւ ամեն տեղ միտ դնելով կը սովրէր շահ եւ ճարտարութիւն։ Իրեն համար օտար երկիր չկար եւ չկայ, եւ ամենայն ազգք իրմէ յիշատակ մ՚ունին։ Թէ որ լաւ մտադրութեամբ քննուի ազգաց չուոց կամ բաժանման պատմութիւնն, ինչպէս որ Ս․ Գիրք մեզի կը ներկայացնեն, յայտնապէս կ՚երեւի որ Ասիոյ հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմերն եւ բոլոր Եւրոպա իրենց բնակիչքն առած են այն գաղթականներէն որ ելան կամ անցան ի Հայաստանէ, յառաջ եւ յետ իր Հայաստան կոչուելուն։ Թէպէտ եւ հիմակուան քննադատութիւնն տարբեր կարծիք ունի լեզուած ծագման եւ ածանցման վրայօք, սակայն արժան է յիշելու, որ թէ՛ ժողովրդեանը համար, թէ անոր լեզուին համար չկայ երկիր մը` որ մեր երկրին հաւասար այնքան բաղդատութեանց եւ նմանութեանց առիթ եղած ըլլայ։ Սկսեալ յԵրոդոտէ, ի Ստրաբոնէ եւ յԵւստաթեայ` հարցուր ամեն լեզուագիտաց եւ բանասիրաց, որպիսիք են Աքոլութոս, Շուարց, Պոշար, Կալմէդ, Հերվաս, Լագրոզ, Վիսդն, Լայպնից, Լըպրիկանս, Շրէտէր, Հէէրըն, Ճ․ Ուիլիէմ, Անգըդիլ, Բալլաս, Գլաբրոթ, Ատելունկ, Պոր, Բոդ, Բեդէրման, Վինտիշման, Կադդերէր, Նիպուր, եւ այլն, թէ ո՞ր լեզուին նմանակից է հայերէնն։ Ամենքն մէկմէկ կերպ պատասխան կու տան, հայերէնին մերձաւոր եւ ազգակից սեպելով զփռիւգացին, ասորին, բաբելոնացին, քաղդէացին, հրեայն, թաթարը, կովկասեան – թուրքը, խազախը, պարթեւը, փէհլէւին, զանդիկը, հնդկա — գերմանացին, մարապարսացին, հին յոյնը կամ պելասգեանը, եգիպտացին եւ ղպտին, կելտը եւ ուէլչը, ինչուան պիսքայացին, ֆինը եւ սիպերիացին։ Արդ ի վերայ այս ամենայն խառնափնդորութեան վհին` ուսկից կ՚ուզեն հանել զհայերէնը, մանաւանդ թէ հայերենէն հանել այս վիհը, ի վերայ այս ամենայն աւելի կամ պակաս ծուռ կարծեաց, պէտք է որ այդ վհին խորը ճշմարիտ եւ սկզբնական բան մ՚ըլլայ, ապա թէ ոչ անկարելի կ՚ըլլայ հասկընալ` թէ ինչու՞ եւ ի՞նչպէս այդքան ծանր եւ գիտուն անձանց գլուխք պտըտեր են այդ վհին վրայ։ Այս այլ պէտք է լաւ գիտենալ, որ եթէ Ս․ Գիրք, պատիժք եւ աւանդութիւնք կու ցուցընեն մեզի զՀայաստան իբրեւ սերմնարան մը ազգաց եւ ցեղից, նոյն Հայաստան զարմանալի ընդդիմակութեամբ մը հիւրընկալ եւ օթեւան եղած է զանազ ազգաց գաղթականներու, ինչպէս են ասորեստանեայն, քաղդէացին, հնդիկն, հրեայն, քանանացի, սկիւթացի, կովկասեան, թեսաղացի, յոյն, մար, պարսիկ, եւ ինչուան չին այլ։ Այս ամեն տոհմք նախ քիչ կամ շատ ատեն մը իրենց օրէնքը եւ լեզուն զուտ պահելով, յետ քսան եւ հինգ դարուց խառնուեցան եւ ընկղմեցան տիրող ազգին եւ լեզուին մէջ, այսինքն հայերէնին, որ ի հարկէ ինքն ալ անոնցմէ փոփոխութիւն կրեց եւ անոնց բերքերովն հարստացաւ։ Քրիստոնէական կրօնքն սրբազան եւ անդրժելի ըրաւ երկայն դարուց աշխատանքը․ եւ այդքան տարբեր տարերքներէ ձեւացուց մէկ ազգ մը, որ ի սկիզբն Դ դարու կը պարունակէր անընդմէջ երկիր մը հիմակուան Փռանկստանի սահմաններէն ընդարձակ, եւ բաժանեալ ի 20 նախարարութիւնս կամ պայազատական աշխարհս, որք բաժանէին ի 620 գաւառս, եւ ասոնք այլ ի հարկէ 40,000 գեղ մ՚ունէին, որոց պահպանութեան համար սովորաբար 120,000 զօրականք կային, եւ հոգեւոր հսկողութեան համար աւելի քան 200 եպիսկոպոս։ Այս դարէս ետեւ` 1500 տարուան միջոց մը բոլորովին այլափոխեց մեր երկրին օրէնքը եւ երեւոյթը, որ կրեց բաղդին ամեն հարուածքը եւ խաղերը։ Նոր ժողովուրդք եկան գրաւեցին զՀայաստան, ուր հիմա այլ կ՚երեւան որոշակի․ վասն զի կրօնքն եւ լեզուն անթափանցելի պարիսպ մը ձգելով մէջերնին` օտարականին թողուցին Հայաստանին գետինը, պահելով միշտ տեղացւոյն` իր սիրելի հայրենիքը։ Ասանկով, թէ եւ հեռացեալ, թէ եւ հալածեալ իր բնիկ երկրէն։ Հայն իրեն հետ կրէ իր թերափքը, եւ կը մշակէ զհայրենիս իր հարուստ լեզուին մէջ, կը յարգէ զայն իր կրօնից մէջ, կ՚ուսանի` անոր յիշատակաց մէջ, եւ կը պաշտէ զայն իր սրտին մէջ։ Այս հայրենասիրութիւնս, ի բաց թողլով ոմանց մոլորիլը եւ ոմանց անհոգութիւնը, առաջնորդեց անցուց Հայոց ազգը 44 դարու միջոց` ամեն տեսակ դիպուածէ, բնութեան եւ քաղաքականութեան յեղափոխութիւններէ, ընդ մէջ ազգաց` որ իրմէ վերջը ծնան եւ իրմէ առաջ մեռան։

Դարձուր դարձեալ անգամ մ՚այլ աչքդ այդ լեռնակղզի երկրին վրայ, որ կը բարձրանայ ի միջոյ Եւքսինեան եւ Կասպիական ծովուց։ Պարսկային ծոցոյն եւ Միջերկրականին, որոց մէջ թափէ գալիս Փիսոնի, Ալիւսեայ եւ Իռիսայ։ Կուրի եւ Երասխայ, Տիգրիսի եւ Եփրատայ, Պիւռամիսի եւ Կիւդնոսի․ փնտռէ ատոնց ամայի աւերակ ափանց վրայ ազգաց եւ ազանց գոռոզ մայրաքաղաքները․ եւ ըսէ ինձ․ ու՞ր են Նինուէ եւ Բաբելոն, Սելեւկիա եւ Տիզբոն եւ Սամառա․ մանաւանդ թէ ըսէ՛, ու՞ր են ատոնց կանգնողքն, այն հզօր եւ անուանի ժողովուրդքն հին դարերու, Քաղդէացիք, Ասորեստանեայք, Մարք Պարթեւք, Կապադովկեցիք, Կիլիկիացիք, Լիւդացիք, Կարքեդոնացիք եւ ուրիշ շատեր։ Հարցու մէկ հինաւուրց մարդու մը, որ անոնց ամենէն ուժով, ծաղկեալ եւ յաջող ժամանակը ապրելով, կը նշմարէր անոնց կործանումն այլ, հարցու Եզեկիելի, ու՞ր են այդ ազգերն ,որք արկանէին գահ իւրեանց ի վերայ երկրին կենդանութեան»։ Աւա՜ղ․ ահա կը ցուցընէ մեզի երկրիս խորը, անդունդը, ահաւոր լիճ մը, ոչնչութեան տեղ մը եւ կ՚ըսէ․ «Անդ Ասուր եւ ամենայն ժողովք նորա, ամենեքին վիրաւորք… շուրջ զշիրմօք նորա… Անդ Ելամ եւ ամենայն զօրութիւն նորա շուրջ զգերեզմանաւ նորա… անդ տուան Մոսոք եւ Թորէլ եւ ամենայն զօրութիւնք նոցա շուրջ զգերեզմանաւ նորա… անդ Եդովմ եւ ամենայն թագաւորք իւր եւ ամենայն իշխանք նորա… եւ նոքա ընդ վիրաւորս ննջեցին ընդ իջեալսն ի խորխորատ»։… Դադրէ՛ ի սպառնալեացդ, գուժաւոր մարգարէ․ միթէ պիտի յանդըգնի՞ս ըսելու այլ, թէ «Անդ ամենայն իշխանք հիւսիսոյ, եւ ամենեքեան նոքա զօրավարք Ասորեստանւոյն, իջեալք վիրաւորք հանդերձ ահռին զօրութեամբ իւրեանց… եւ տարան զտանջանս իւրեանց ընդ իջեալսն ի խորխորատ»։ Չե՞ս տեսներ, որ ինչպէս այն ալիքներն` որ տեսան այդ ազգերը իրենց ափանց վրայ, կը կորուսին խառնուին անկուշտ ծովուն մէջ, մինչդեռ իրենց աղբիւրներն անդադար կը բղխեն նոյն բարձրաւանդակներէն, այսպէս եւ ազգն Հայոց, որ ունէր իր երկիրը այդ աղբերականց մէջ, հոն կու կենայ դեռ, մինչդեռ մէկայլ, ազգերն ոչնչացեր են ի վիրապն ժամանակի։ Հիմա սովրէ մեզմէ, ո՞վ մարգարէ, վասն զի մենք առանց քողոյ կը տեսնամք ինչ որ դու 24 դարու թանձրութենէն կը տեսնէիր․ մեզմէ սովրէ․ այդ իշխանքդ հիւսիսոյ եւ արեւելից, այդ զօրավարքդ Ասորեստանւոյն ոչ մեռան ինչպէս Ասուրն եւ Ելամ․ այլ ողջացան, ապրեցան որոյ հարուածներէն․ գերեզմանն չկրցաւ կլանել իր ամեն փափագածը․ եւ Հայն մինակ մնացած քու համրած ժամանակակից ազգերէդ, ինքնին կը հսկէ իր նախնեաց գերեզմանին եւ իր յետնոց որորոցին քով։ Հայն` ժողովուրդ ազնուասիրտ, ժողովուրդ հիւրընկալ, ժողովուրդ հաւատացեալ, շատ ժողովրդոց օգտակար եղաւ․ եւ եթէ երբեմն իբրեւ պատերազմող` նիզակակցելով Փուղայ եւ Սաղմանասարայ ի գերութիւն քշեց զԻսրայէլ, գոնէ պաշտպանեց այլ զանոնք իր գետափանց վրայեւ ի բարձունս Առմոնայ (կամ Ռեմանայ)․ եւ թէ դաշնակից ըլլալով Նաբուքոդոնոսորի, գերի վարեց զիշխանս Յուդայ, սակայն պատուեց այլ զանոնք իր իշխաններէն աւելի․ վասն զի ճանչցաւ թէ անոնք Դաւթի եւ Սողոմոնի որդիք են, եւ անոնց ձեռքով կ՚ընդունէր գլխին ճառագայթաձեւ թագը, զոր յետոյ նոյն իսկ իր գերւոյն գլուխը գրաւ․ եւ եթէ ստիպեց երբեմն (ինքն այլ ստիպեալ ըլլալով) զորդիս եւ զդստերս Սաղեմայ` բաբելական ուռենեաց ներքեւ արտասուաթաց քնարներու վրայ երգել Սիոնի սաղմոսները, սակայն խուլ չեղաւ Աստուծոյ ձայնին` որ ուրիշ մարգարէի մը բերնով կ՚ըսէր իրեն․ «Պատուէր տուք յինէն այրարատեան թագաւորութեանցն եւ ասքանազեան գնդին․ կանգնեցէք զնովաւ (զԲաբելոնի) նետակալս, ելէք ի վերայ… երիվարք, իբրեւ զբազմութիւն մարախոյ»․ եւ փութաց վազեց Աստուծոյ օծելոյն, եւ իր նիզակակցին հետ (Կիւրոսի), եւ յետ եօթանասուն տարւոյ` իր գերեաց շղթաները քակելով, ինքնին առաջնորդեց տարաւ զՍաղաթիէլ եւ անոր ժողովուրդը եւ անցուց Հայաստանի եւ Միջագետաց սահմաններէն, եւ ողջ անվնաս պահելով թշնամի ժողովրդոց միջէն հասուց ի Պաղեստին։ Հայաստան ինքնին նախախնամեալ երկիր մ՚էր, եւ սիրելի Բարձրելոյն, ուր շատ կանուխ յայտնեցաւ․ եւ պէտք է որ ամենայն ազգ որ իր ծագումը փնտռէ` դառնայ այդ երկրին նայի։ Եդեմայ հետքը գտնելու ապահովագոյն ճամբայն է Հայաստան։ Ինքն ընծայեց Աստուծոյ իր օրհնեալ կաւը, եւ ընդունեցաւ անոր ձեռքէն զհայրն եւ զմայր մարդկութեան․ ինքն ընծայեց ասոնց այլ ինչ որ պէտք էր իրենց պահպանութեան, իրենց սիրոյն եւ զղջմանը համար․ ինքն եղաւ խանձարարուրք առաջին ծնածին եւ գերեզման առաջին մեռնողին․ ինքն բարձրացուց Արարատայ գագաթը միւսանգամ ընդունելու ջրհեղեղէն ազատուած մարդկութեան մէկ հատիկ տունը․ եւ այդ իրեն հիւր եղած մէկիկ ընտանիքով երկրորդ անգամ երկիրս մարդաբնակ ըրաւ։ Ինքն կերակրեց առաջին նահապետները, եւ անոնց հաւատքը անխառն պահեց երկար ատեն․ Աբրահամ ինքնին նոր հայրն հաւատոց` իրմէ ծագած է, վասն զի իր հայրենիքն` Ուր Քաղդէացւոց` հիմա կը ճանչցուի Հայոց յետին պատուարներուն մէջ, լերանցն Կորդուաց, որ Մեծ Հայոց տասնեւհինգ աշխարհաց մէկն է։ Վերջապէս, ինքն, ըստ բարեպաշտիկ աւանդութեան, կ՚աղաչէր զՅիսուս` առաքելոց գլխաւորին հետ` որ զգուշանայ ի նենգութենէ Հրէից, եւ գայ իր թագաւորին, Աբգարու հետ` ապաստանի յԵդեսիա։ Ինքն ընդունեցաւ ուրիշներէ աւելի առաքեալներ եւ աշակերտներ եւ ընծայեց անոնց զառաջին կոյս վկայուհին, նոյն իսկ իր թագաւորին դուստրը, զոր կ՚ախորժեմ անուանել քոյր Աբելի․ վասն զի սոքա են նախավկայք, մէկն նախնական աշխարհի, մէկայլն նորաստեղծեալ աշխարհի․ մէկն զոհեալ իր եղբօրմէն` մէկայլն իւր հօրմէն․ ո՜վ աստուածային ողբերգութիւն։ Նոյն ինքն Հայաստան յետ իրեք դար տնտնալու, դարձեալ յառաջ քան զուրիշ ազգեր` բոլոր ժողովուրդը ընդունեցաւ զքրիստոնէական կրօնս եւ պահեց միշտ․ եւ որ զարմանալին է եւ ծանր ընդդիմերեւոյթ մը, քրիստոնէութեան առաջին պատուարն ըլլալով` ամենէն ետքի պատուարն այլ է երկրիս արեւելակողմը․ վասն զի այս կողմէն` Հայաստանի միջօրէէն անդին քրիստոնեայ երկիր չկայ, բաց ի գաղթականներէ կամ քարոզչաց ձեռքով նորադարձներէ, որք կրնան նորատունկք ըսուիլ ի մէջ հեթանոսաց։ Ատեն մը իբրեւ կղզի մ՚էր, հիմայ իբրեւ թերակղզի մը քրիստոնէութեան այլահաւատ կրօնից մէջ։ Այս ճշմարիտ կրօնից զգացմամբ, այս գերագոյն զգացմամբն է` որ Հայաստան ոչ միայն կրցաւ մնալ եւ դիմանալ իր ինքնագլխութիւնը կորսնցընելէն վերջն այլ, հապա նաեւ կրցաւ ամենէն դժուար գործ մ՚այլ գործել․ այսինքն համաձայնել իրարու զշահախնդրութիւն երկուց աշխարհաց` որոց մէջ դրեր է զինքը նախախնամութիւնն․ եւ եթէ երբեմն այս բարակ եւ դժուարին պարտուց մէջ պակսած է, աւելի ինքզինքը խաբած է քան զուրիշները։ Ապա եւ ոչ առանց արդեանց վաստըկեր է զյարգ եւ համարմունք եւ վստահութիւն տիրող եւ սահմանակից ազգերուն․ ինքն տուեր է զօրք եւ կտրիճ զօրավարներ Սասանեաց եւ Բիւզանդացւոց․ եւ իր ճարտարագոյն որդիքները բազմեցուցեր է իբրեւ ինքնակալ Կոստանդիանոսի գահուն վրայ, եւ փոխարքայ Եգիպտոսի եւ Հնդկաստանի տիրապետաց քով․ զանազան հնարքներով Արաբացւոյն սուրը բթացուցեր է, եւ իրեն սովրեցուցեր քանի մը օգտակար արուեստներ․ որոնց հետ ճարտարապետութեան ոճ մ՚այլ, որ քիչ մը ձեւափոխեալ ուրիշ հեռաւոր աշխարհաց մէջ այլ մտաւ․ Եւրոպա անգամ առանց իմանալու առեր է զայն։ Հայաստան Կոփրետոսի Խաչակրաց նիզակակից եղած զԵրուսաղէմ առաւ․ Հուլաղունի Նետողաց դաշնակից` զՊաղտատ առաւ։ Ոչ սակաւ պաշտօնեաներ եւ քաջանշան զօրավարներ ընծայեց օսմանեան, ռուս եւ պարսիկ տէրութեանց, որոց իշխանութեան տակ հիմայ բաժնուած է երկիրն։ Իր ճարտարարուեստ գաղթականաց ձեռօք շատ օգտակար ծառայութիւն ըրած է Ռուսաց, Լեհաց, Աւստրիոյ եւ Դանուբեան իշխանութեանց, եւ իր վաճառականներովն` միջին դարու Իտալիոյ ամեն տէրութեանց, Սպանիոյ, Հոլանտիոյ եւ քանի մը տէրութեանց այլ` որ հիմա Փռանկաց մեծ տէրութեանց մասն են։ Այս ետքինիս մայրաքաղաքն իսկ, արեւմըտից Բաբիլոնն, մէկ Հայու մը երախտապարտ է իր ամենէն շատ յաճախած ընկերութեան տեղւոյն սկզբնաւորութեանը համար․ Բարիզու մէջ առաջին քաֆէարանը բացուեցաւ յամին 1672 Սէն—ժէրմէնի տօնավաճառին մէջ եւ Դպրոցի ըսուած գետատափին վրայ (Quai de Ecole)․ ի ձեռն Յարութիւն կամ Բասգալ անուան, երկրորդն ալ Ստեփան անուն մէկէ մը, որք երկուքն այլ Հայ էին․ անշուշտ իրենք չէին նախատեսած թէ իրենց ձեռնարկութիւնն զարգանալով` ո՛րչափ բարիք կամ չարիք կարենայ պիտի բերել․ բայց մենք կրնանք յուսալու` որ այդ նորութեան համար իրենց շնորհակալութեան յիշատակարան մը ընծայեն զբօսասէրք։ Իսկ ինձի աւելի նախամեծար եւ ախորժելի է նկատել այն լուսաւոր նշանները` զորս Հայաստան իր հորիզոնէն դուրս այլ սփռած եւ դրած էր երկնից այն կողմերը` որոնց տակ իր որդիքն ապաստանարան մը կու բնտըռէին․ եւ կու սիրեմ պատուել Օռլէանի սահմանին մէջ զՍ․ Գրիգոր արքեպիսկոպոս Հայոց Նիկոպօլսոյ ի Ժ դարու, հիմայ պաշտպան Բիթիվիէի․ — ի Գոմին` (Commines) զՍ․ Խրիսոլ (Ոսկի՞, Chryseuil), տեղւոյն պաշտպանը, զոր աւանդութիւնն սեպէ աշակերտ Բարիզու Ս․ Դիոնիսիոսին եւ կու ճանչնայ Հայ․ — ի Ֆոնդէն` ի հայրենիս Ս․ Բեռնարդոսի` պաշտպան տեղւոյն զՍ․ Ամբրոսիանոս․ — ի Կանտ` (Պելճիոյ) զՍ․ Մակար, պաշտպան տեղւոյն եւ Հայ եպիսկոպոս Ժ դարու․ — ի Մանդուա` զՍ․ Սիմէոն, վերնոյն ժամանակակից․ — ի Լուգգա` զՍ․ Զաւէն կամ Դաւիթ (S․ Davino)․ — յԱնգոնա` զՍ․ Կիրակոս․ — ի Պատուա` զՍ․ Փիտենտիոս եպիսկոպոս յ՚Բ դարու, եւ այլն․ որոց ամենքն այլ հայազգի կու ճանաչուին։ … Բայց, ափսո՜ս, որ հոս չէ յարմար տեղ` հայկական Ոլիմպոսի սրբազան բարձունքը թռչըտելու։ Փութամ ուրեմն, Հայկակ, բովանդակելու այս հայկական բնագրութեան համառօտ պատկերը․ յուսամ որ այս չափովս այլ իմացուի, որ մեր ազգն եթէ եւ քաղաքական պատմութեան մէջ առաջին գործերը չէ գործած, բայց եւ շատ մեծ գործոց մասնակից եած է․ ազգ մը` որ սկսեալ ի Նոյէ գրեթէ անընդհատ ինչուան հիմայ կը համրէ 250 ազգապետ, իբրեւ նախարար, թագաւոր կամ կաթողիկոս, որոց հետ կապուած են իւր, աւանդութիւններն, եւ անով նաեւ բոլոր ժամանակագրութեան յիշատակը․ այսպիսի ազգ` արժանի է մտադրութեան եւ քննութեան, թէ իր բնիկ որդւոցն եւ թէ ամեն մարդու` որ բարեկամ է ճշմարիտ փիլիսոփայութեան։ Ես չեմ վախնար ըսելու, թէ Հայաստան մէկ որոշեալ վիճակ կամ նպատակ մը ունեցեր է յառաջ քան զայլ ազգեր, եւ որ աւելի հարկաւոր է գիտնալու, դեռ այդ վիճակն լմնցած չէ։ Գաղտնիք մը չէ ըսածս, եւ ոչ խորհրդաւոր բան մը, այլ հնացեալ հաւանութիւն մը Հայ մտաց, թէ դեռ գործ մ՚ունի կատարելու երկրիս վրայ․ բարեբաստիկ գործ մը։ Ամեն բան լմնցած չէ իրեն համար, դուռ մը պիտի բացուի իրեն համար ատեն մը… որ շատ այլ հեռու չէ, ինչպէս որ կարծեմ․ այդ դուռն երկար ժամանակ կրկին կրկին կղպած փակած չմնայ պիտի․ արդէն զօրաւոր բանալիքներ կը տեսնեմ, եւ համարձակութեամբ կ՚ուզեմ ցուցընել․ չըլլայ թէ վախնաս, … մեր երջանկութեան ապագայ բանալիքն, այդ այնքան երկար ժամանակէ վեր բաղձացեալ բանալիքն, այդ բանալիքն` է դաստիարակութիւնն։ Դաստիարակութիւն հայրենասիրական, հայրենասիրութիւն յեցեալ ի վերայ իմաստասիրութեան, եւ սա հիմնեալ ի վերայ սուրբ կրօնից։ Առանց այս կապակցութեան չկայ կատարեալ կրթութիւն, չկայ քաղաքականութիւն, չկայ մարդ կատարեալ։ Ընկերական պարտքերը լաւ կատարելու համար` մարդս կարօտ է հայրենական ներշնչման մը․ եւ որպէս զի հայրենասիրութիւնն չմոլորի եւ յետ չմնայ, պէտք է որ առաջնորդ ունենայ զիմաստութիւն, նեցուկ` զհաւատս, եւ պսակ` զյաւիտենականն ճշմարտութիւն։

— Ո՜վ Հայկակ, ո՜վ Հայ պատանիք, աղէկ քաղաքացի ըլլալու համար` պէտք է քննել եւ սովրիլ զհայրենիս։ Այս է առաջին ուսումն յետ ուսման հանդերձեալ կենաց։ Քննեցէք եւ սովրեցէք ուրեմն այդ ազնիւ եւ բարեբեր Հայաստանը, իբրեւ հայրենիք ձեր եւ դայեակ ամենայն աշխարհի․ — քննեցէք այդոր բնակազմութիւնը, քննեցէք այդոր բարոյականը․ քննեցէք այդոր բարգաւաճումը ի հարուստ լեզուին, որ ապահով գրաւական մ՚է բազմատեսակ արկածներով հնձուած գրականութեանը․ — քննեցէք զայն վերջապէս` իր կրօնից զտութեանը, եւ իր ծիսից վայելչութեանը մէջ։ Այդ քննութիւնքդ, այդ ուսմունքդ յորդոր ըլլան ձեզի աւելի քան զաւելի յարգելու զհայրենիս եւ մշակելու զայն` ըստ ամենայն նշանակութեան բանիս։ Վասն զի այս իսկ է առաջին պատուէր Արարչին` տրուած առ հայրն մարդկութեան, եւ տրուած բուն իսկ մեր երկրին մէջ․ ԳՈՐԾԵԼ ԶՆԱ ԵՒ ՊԱՀԵԼ։

Գ․ Հայկայ շրջան

ՏՈՄԱՐ ԵՒ ԹՈՒԱԿԱՆ ՀԻՆ ՀԱՅՈՑ

ՀԱՅԱԴԻՐ

Ա

ՄԵՐ հայրենեաց համառօտ բնախօսութիւնն ըրած ատենս` յիշեցի, Հայկակ, որ ամեն քննողի բնական եւ ախորժելի է գիտնալ պատմութեանց հանդիսարանը, այսինքն հանդիպած կամ պատմուած բաներուն ուր տեղ եղած ըլլալն, որ է ըսել` աշխարհագրական տեղեկութիւն մը, թէ բնական եւ թէ քաղաքական։ Բանասիրին առաջին բնառածն է ի՞նչը, ի՞նչ եղած ըլլալը, որ է լոկ Պատմութիւն․ երկրորդ բնտռածն է ու՞րը, ո՞ր տեղ, աշխարհիս ո՞ր կողմն եղած ըլլալն, եւ այս է Աշխարհագրութիւն․ երրորդ բնտռելիքն այլ է ե՞րբը, այսինքն պատմելոց ո՞ր ատեն, ո՞ր տարի հանդիպած ըլլալն․ եւ այս է Ժամանակագրութիւն, զոր եւ ազք պատմութեան կ՚անուանեն գիտունք, առանց որոյ մութ կու մնայ պատմութիւնն։ Եթէ երկրաբանութիւն եւ աշխարհագրութիւն կարեւոր են պատմութեան նկարուց` իբրեւ ենթակայ եւ յատակ մը, ժամանակագրութիւնն այլ իբրեւ լոյս եւ պայծառութիւն տեսարանին` հարկաւոր է։ — Մեր ամենէն ցանկալի եւ պիտանի պատմիչն` Մովսէս Խորենացի` իրաւամբք կ՚ըսէ․ ,Ոչ է պատմութիւն ճշմարիտ` առանց ժամանակագրութեան»․ բայց դժբաղդաբար ոչ ինքն եւ ոչ շատք ի պատմըչաց մերոց, մանաւանդ հիներն, հաստատ եւ յայտնի ժամանակագրութիւն մը բռնած եւ յիշած չեն իրենց պատմութեան մէջ․ միայն երբեմն այս կամ այն թագաւորի եւ կայսեր տէրութեան տարիներուն կու յարմարցընեն իրենց պատմած դիպուածները, եւ որովհետեւ այն թագաւորութեանց սկիզբն այլ ծանօթ թուականի մը վրայ չեն գրած` դարձեալ տարակուսելի կու մնայ ըսածնին, մանաւանդ որ թագաւորաց տէրութեան սկիզբն` շատ կու զանազանի ըստ այլեւայլ հաշուոյ պատմըչաց․ միով բանիւ բարեկարգ եւ հաստատուն ժամանակագրութիւն մը չկայ մեր հին պատմըչաց մէջ, որով պատմութեան դիպուածներն այլ անհաստատ կու մնան։

Ժամանակագրութեան պակասութիւնն կու յայտնէ տումարի այլ պակասութիւն կամ խառնակութիւն․ եւ յիրաւի, ազգերնիս եթէ հնուց ի վեր ունեցած է իրեն յատուկ տումար` որով եւ ժամանակաչափութիւն մը, (ինչպէս վերջը պիտի տեսնես), սակայն դրացի եւ տիրող եւ զանազան ազգաց օրինաց եւ վարչութեան տակ ընկնալով, կամ գոնէ անոնց հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալով` ստիպուեր է իր տումարը եւ տարիները անոնց յարմարցընել․ երբեմն Բաբելացւոց կամ Նաբունասարայ թուականը վարելով, երբեմն Յունաց կամ Աղեքսանդրի կամԱսորւոց ըսուածը, երբեմն Պարսիցը, երբեմն Հռովմայեցւոց, յետոյ Կ․ Պօլսի կամ եկեղեցական թուականը, եւ այլն, մինչեւ որ այս ամեն ազգաց մերձաւոր եւ հարկաւոր ազդեցութենէն քիչ շատ ազատելով, եւ բարեբաղդութեամբ յառաջ քան զծագումն Հագարացւոց թուականին (հիճրէթ), ի կէս Զ դարու` եկեղեցական տօնից կարգը հաստատելու ստիպուած` կարգաւորեց իր բնիկ տումարը, եւ անոր հետ մէկտեղ ժամանակաչափութիւնն ալ, տօմարին նորոգած տարիէն, կամ Քրիստոսի 552 տարիէն` սկսելով թուական մը, որ կ՚ըսուի Հայոց թուական կամ Մեծ թուական, եւս եւ Խոսրովային թուական կամ Պարթեւ, այս թուականս է որ անկէ ետեւ ի պատմըչաց եւ ի բոլոր ազգէն գործածուելով` կու շարունակուի մինչեւ հիմայ։ Բայց այս այլ յայտնի է որ ետքի երկու դարերուս մէջ` ազգերնիս թէ՛ բնակութեամբ եւ թէ ծանօթութեամբ աւելի մօտենալով արեւմտեան ազգաց, ըստ հասարակաց սովորութեան` Քրիստոսի թուականը եւ յուլեան տումարը կու բանեցընէ, առանց թողլու իր եկեղեցական տումարը, եւ թուականին շարունակութիւնը յօրացոյցս, ի ճակատս գրոց եւ ի կոնդակս, եւ ասոնց նման առիթներու մէջ։ Այս թուականիս սկիզբը գիտնալէն ետեւ` դիւրին է անոր տարիներով պատմուած դէպքերը համեմատել Քրիստոսի կամ ուրիշ թուականի հետ։ Միայն թէ Քրիստոսի թուականն յուլեան տումարաւ է յարելեւս, յարեւմուտս` անոր նորոգութեամբն` որ կ՚ըսուի Գրիգորեան կամ Նոր տոմար․ հիմայ ասոնց զանազանութիւնն այս է` որ նորն (որ եւ Լատինաց կ՚ըսուի) 12 օր կու կանխէ քան զյուլեանն (որ եւ հին կ՚ըսուի)․ ասոր յանուարի մէկն` Լատինաց կամ նորոյն 13 է։

Արդէն գիտես, Հայկակ, որ մեր Հայոց թուականն ոչ նոր եւ ոչ հին տումարին տարին ունի (ոչ գրիգորեան եւ ոչ յուլեան), որք ստոյգ արեգակնային տարիով են․ այսինքն 365 օր 5 ժամ, 49․ ըսել է որ 365 օրէ զատ` տարւոյն վրայ վեց ժամի չափ յաւելուածն այլ ի հաշիւ կ՚առնուն, որ եւ վրայէ վրայ` չորս տարւոյ միջոց 24 ժամի կու մօտենայ, որով օր մ՚այլ կու ձեւանայ․ եւ ահա յուլեան եւ նոր տումարն` իրենց թուականին ամեն չորրորդ տարին 366 օր կու համրեն, եւ նահանջ տարին կ՚անուանեն, մէկայլ երեք տարիներն ալ 365 օր եւ հասարակ տարի։ Իսկ Հայոց թուականն նահանջ չունի, այլ ամեն տարիներն այլ հասարակ տարի են, բնական օրուան չափով, այսինքն տարին միշտ 365 օր կը համրէ․ որով յայտնապէս ուրիշ հին ազգաց նման` սխալ եւ շարժական է իր տարին եւ թուականն ալ։ Սխալ է, վասն զի արեւուն կամ երկրիս շրջաններուն չի յարմարիլ, պակաս կու գայ․ ամեն տարիէն 5 ժամ 49 պակաս հաշուելով` դարերու մէջ արեգակնային շրջան մեծապէս կարճեցուցած կ՚ըլլայ․ անանկ որ երբոր երկիրս 1460 անգամ արեւուն վրայ կու պատի ստուգիւ` ըստ յուլեան եւ նոր տումարի, հինն կամ հայն` 1461 պիտի համրէ․ կամ թէ ուրիշ կերպով ըսեմ, երբ հայն եւ լատինն այս տարիս մէկտեղ սկսելու ըլլան` իրենց տարեգլուխը նոյն ամսոյն նոյն օրը սեպելով, յետ 1460 անգամ երկրիս շրջապատութեան զարեգակամբ` լատինն կամ նոր տումարն նոյնքան տարի կ՚ունենայ, իսկ հայն մէկ տարի մ՚աւելի․ որովհետեւ իրեն տարին քանի մը ժամ կարճ է․ իւրաքանչիւր տարիէ թողուած ժամերն` ամեն չորս տարուան մէջ օր մը կու կազմեն, 1460 տարուան մէջ ամբողջ 365 օր կու գումարեն․ հայն այս 365 օրն ալ` (որ իր տարւոյն սովորական չափն է) կ՚աւելցընէ թուականին վրայ նոր թուով մը․ իսկ լատինացին այս 365 օրը ցրուած ըլլալով ամեն չորս տարուան վրայ (փետրուարի ետեւը օր մ՚աւելցընելով` ի հարկէ 1461 համրելու տեղ` 1460 պիտի համրէ։ — Արդ յայտնի է որ այս հին տարւոյն կարճութիւնն` թուականին շարքը կ՚աւելցնէ․ որուն աւելի պայծառ օրինակ է մահմետականաց տարին` որ ա՛լ աւելի կարճ է, լուսնական ըլլալով, այսինքն լուսնի 12 անգամ փոփոխութիւնն համրելով, որ կու գումարեն 355 օր, եւ արեգակնային շրջանէն 10 կամ 11 օր պակաս տարի մը կ՚ունենան, որով իրենց թուականն (հիճրէթն) շուտով կ՚աճի․ մեր 97 տարուան ծերն` ըստ Տաճկաց լման 100 տարուան կ՚ըլլայ, եւ իրենց երկարակեացներն` մեր չափով քիչ մը կու կարճընան։ — Արդ ինչպէս որ այս լուսնական տարին պակաս եւ յայտնի սխալ է` եթէ համեմատենք երկրիս բոլորմանը արեւուն վրայօք, այսպէս այլ Հայոց տումարին տարին (թէ եւ պակաս սխալ), վասն զի կ՚ընդունի արեգակնային տարի` բայց ճիշդ չափովը չընդունիր, պակաս կու հաշուէ։

Ոչ միայն սխալ ըսի այլ եւ շարժական կ՚ըլլայ տարին։ Ամեն քիչ շատ երկինքը եւ երկիրը դիտող ազգք եւ մարդիկ, երկրագործ անգամ, եւ մանաւանդ ասոնք, հնուց ի վեր ճանչցեր են արեւուն տարեկան շրջանը, եւ անոր երկու անգամ գիշերահաւասարը եւ երկու անգամ կացքը կամ դարձքը, ցորեկուան եւ գիշերուան ժամուց երկարութեամբը եւ կարճութեամբը․ երբոր այս բաներս` որոնց կէտ կ՚ըսեմք ուսումնական լեզուաւ` ուզենամք հաստատել ամսոց օրերուն վրայ (ինչպէս որ ի սկզբանէ հաստատուած են ի դիտողաց կամ յաստղաբաշխից), յուլեան կամ նոր տումար բանեցընողին` միշտ նոյն ամսոյն նոյն օրը կու հանդիպին այս կէտերն, իսկ Հայոց տումարին` չորս տարին հեղ մը օր մ՚առաջ կու հանդիպին․ ինչպէս, եթէ յամին Քրիստոսի (1870) գարնանամուտն կամ գարնանային գիշերահաւասարն իր մեհեկան ամսոյն 26ին կու հանդիպէր, ինչպէս որ նաեւ 1868ի, 1869ի, 1871ին, յամին 1872 մեհեկանի 25ին կը հանդիպի, 1876ին մեհեկանի 24ին, եւ այսպէս կարգաւ․ վասն զի չորս տարին հեղ մը նահանջ չընելով, օր մը չաւելցընելով, իր ամիսներուն օրերն առաջ կ՚անցնին, եւ չեն միաբանիր արեգակնային կէտերուն․ այնպէս որ 1460 տարուան մէջ այս կէտերը Հայոց տարւոյն ամսոց ամեն մէկ օրերուն ալ հանդիպած կ՚ըլլան կարգաւ․ կէտերն տեղերնին կու մնան, բայց ամսուն օրերն անոնց վրայ կու փոփոխուին։ Ահա այս է շարժական ըսուիլն մեր տումարին․ եւ որովհետեւ մեր ամիսներն եւ տարին միշտ (չորս տարին հեղ մը) առաջ կ՚անցնին քան զյուլեան կամ նոր տումարը, անոր համար այլ մեր տումարն կամ տարին կ՚ըսուին յառաջախաղաց։

Բայց եթէ միայն այս փոփոխութիւնս ըլլար մեր եւ նոր տումարին տարբերութիւնն` վնաս կամ պակասութիւն մը չէր ըսելն, թէ գարնանամուտն մեհեկանի 25ին է կամ 30ին, կամ նաւասարդի 5ին, եւ այլն․ անունն կը փոխուէր, իրն նոյն կու մնար։ Սակայն մեծ վնաս եւ շփոթութիւն կ՚ըլլայ այդով․ վասն զի ամեն տումար հաստատուած է երկու մեծ եւ գլխաւոր բանի համար․ մէկն երկրիս կու վերաբերի, մէկայլն երկնից․ ասիկայ մարդուս կրօնից կամ ապագայ կենաց, անիկայ` երկրաւոր կենաց եւ ապրուստին համար․ մէկով երկրագործութիւն կու կանոնաւորի, մէկայլով կրօնական պարտք եւ կարգք։ Երկրագործին համար հարկ չէ որ ամիսն այսպէս կամ այնպէս անուանի, կամ այսչափ եւ այնչափ թուով օրեր ունենայ, այլ հարկաւոր է որ այն օրերն, կամ թէ տարւոյն իւրաքանչիւր օր այլ` արեգակնային շրջանին մէկ որոշ կէտի մը վրայ հաստատուած ըլլայ․ վարուցանի, նաւարկութեան, եւ ուրիշ շատ բանի համար` հարկաւոր է արեւուն շրջանը գիտնալ, թէ որ ամսոյն որ օրը կ՚ըլլայ գարնանամուտ, ե՛րբ հովոց եւ ձեան եղանակներն, ե՛րբ զով օրեր, եւ այլն․ որ ըստ այնմ իւրաքանչիւր բնական արուեստաւոր իրենց գործը շտկեն, եւ կատարուի կենցաղական տնտեսութիւնն` իր յարմար եւ հարկաւոր ժամանակին․ եւ ինչպէս մէկ օրուան գործոց տնտեսութիւնն կու չափուի ժամացուցի մը վրայ, այսպէս այլ ամբողջ տարեկան ժամացոյց կամ օրացոյց պէտք է։ Արդ այս ժամուց եւ ժամանակաց կէտերը` միայն երկինք նայելով չի կրնար գտնել ամեն արուեստաւոր․ շատ քիչերն կան որ կարենան արեգակնային շրջանին փոփոխութիւնները չափել եւ ճշդել․ հարկ էր որ հասարակաց համար այն փոփոխութիւններն, այն կէտերն` տումարին վրայ առնուին, այսինքն քաղաքական տարւոյ ամսոց օրերուն վրայ համրուին․ եւ ըսուի թէ այս ամսոյս այս օրս` արեգակն` երկնից (կամ կենդանակամարին) շրջանակին այս որոշեալ կէտն է, այն որ` այն կէտը․ եւ թէ` երբ արեւն այն կէտին վրայն է` այն որ ցորեկն այսչափ ժամ, գիշերն այսչափ ժամ կ՚ըլլայ, եւ տաքութիւնն ու ցրտութիւնն (ընդհանրապէս) այսչափ աւելի կամ պակաս։ Արդ այսպէս ճանչնալու եւ ըսելու համար` հարկ եւ անշուշտ որ այս օրս կամ այն օրն այլ` իրենց յատուկ անուններն ունենան․ եւ ասոնք են ամիսն եւ իրենց (աւուրց) քանիերորդքն․ — ուրեմն հարկ ալ է որ ինչպէս իր արեգակնային շրջանին կէտերն հաստատուն են (ի կենդանակամարին)` նոյնպէս տումարին վրայ այլ հաստատուն ըլլան, այսինքն տումարին կամ ամսոց ամեն մէկ օրն` արեւու շրջանին մէկ մէկ կէտին հետ հաստատ կապուած ըլլայ․ եւ այն ատեն հաստատուն եւ անշարժ կ՚ըլլայ եւ կ՚ըսուի տումարն եւ օրերուն երկայնութիւնն․ ապա թէ ոչ` ոչ միայն շարժուն այլ եւ շփոթ․ եղանակը տարւոյ եւ օրերուն չափն (կարճութիւն կամ երկայնութիւն) որոշ անուն եւ նշանակ մը չեն ունենար— կամ աւելի պարզ ըսելով, ամիսներն եւ իրենց օրերն ամենեւին բան մը չեն նշանակեր, բաց ի թուէն․ վասն զի գարնանամուտն` որ հիմայ մեհեկանի կամ արեգի մէջ կու գայ, ատեն մ՚ալ ահկի ամիսը կու գայ, ատեն մը քաղոցի, եւ այլն, ամեն կէտ ամեն ամսոյ ամեն օրուան կու հանդիպին զանազան տարիներ։ Ասով երկրագործաց եւ նմանեաց արուեստից շփոթութիւն կ՚ըլլայ, որ օր ընելիքնին չեն գիտնար, եւ ինքն իրեն հարկ կ՚ըլլայ որ հաստատուն տումար կամ օրացոյց մը բնտռեն։

Նոյնպէս եկեղեցական տարին այլ հաստատուն տումար մը կ՚ուզէ անհրաժեշտ․ վասն զի ինքն այլ երկրագործի եւ աստեղաբաշխի պէս, եւ այլ աւելի, տարւոյն ամեն մէկ օրը իմանալի երկնից մէկ մէկ կէտին` այսինքն յիշատակի հետ` կապած է— եւ դարձեալ կ՚ուզէ որ այն կէտերն այլ արեգակնային կէտերուն յարմարցընէ, որպէս զի անմոռաց եւ անշփոթ կարգաւ կատարէ իր գործը։ Ասոր գլխաւոր պատճառն այլ բնական եւ յայտնի է․ որովհետեւ իր յիշատակներն ըստ մեծի մասին երկրիս վրայ եւ որոշեալ օր մը հանդիպած են, կ՚ուզէ որ ամեն տարի նոյն արեգակնային հաստատուն օրուան մէջ հանդիպածը` դարձեալ նոյն օրը` նոյն կէտին անփոփոխ կատարէ, Օրինակի համար, տեառն մերոյ Քրիստոսի մարդեղութեան օրը, կամ Ծնունդը, կամ Քառասնօրեայ ի տաճար գալը, կամ Տիրամօր ծնունդը, Ընծայումը, Վերափոխումը, կամ Առաքելոց եւ Լուսաւորչաց նահատակութեան եւ մահուան օրերը` ճիչդ նոյն եղանակին նոյն օրերուն կատարէ։ Արդ եթէ այս յիշատակներս մեր Հայոց անհաստատ տօմարին օրերուն վրայ հաստատէր եւ ըստ այնմ առնէր, ի՞նչ կ՚ըլլար․— օր մը Ծնունդը ձմեռուան խորը կու տօնէինք, որ մ՚այլ ամառուան տաքերուն։ Վերափոխումը` մէկ մը չնկան օրերը, մէկ մը ձիւներու մէջ— ըստ այսմ ամեն տօներ եւ յիշատակներ այլ անդադար եւ անպատճառ կու փոփոխէին։

Ոչ ոք յանձն կ՚առնու այս բանս․ տեղ մը եւ եկեղեցի մ՚ալ չկայ` որ յանձն առած ըլլան։ Ըսել է որ շարժուն եւ անհաստատ տումար ունեցողք այլ` այս բանիս համար հաստատուն կերպ մը տումար մը բնտռած եւ ընդունած են․ նոյնպէս այլ երկրագործութեան եւ ուրիշ կարեւոր արուեստից եւ քաղաքական կարդաց եւ հանդիսից համար` պէտք է որ հաստատուն տումար մ՚այլ ունեցած ըլլան այն ամեն ազգք եւ ժողովուրդք` որք չափաւոր քաղաքականութիւն եւ կրթութիւն մ՚ունեցեր են, ինչպէս մեր Հայոց ազգն այլ` շատ դարերէ առաջ։ Ուրեմն մեր ազգն այլ իր շարժուն քաղաքական տումարէն զատ` անշարժ, հաստատուն եւ հին տումար մ՚ունեցեր է․ տումար մը կրօնական, երկրագործական եւ քաղաքավարական, որով եւ հաստատ ժամանակագրութիւն մը։

Ահա այս տումարս եւ ասոր սկիզբը, եւ մեր ժամանակաչափութեան կամ թուականին հաստատուն եւ հին կէտը` կ՚ուզեմ գտնել եւ ցուցընել քեզի այսօր, Հայկակ։

Բ

Եկեղեցական կարգաց նկատմամբ` հաստատուն տօմարի պէտքն միանգամայն հաստատութիւնն` արդէն ծանօթ էր քեզի, եւ գիտէիր որ մենք մեր շարժական տարիէն զատ` եկեղեցւոյ համար ունիմք անշարժ յուլեան տօմար մ՚այլ` որ Յայսմաւուրաց կ՚ըսուի, այս տօնական կամ սրբագիր գրոց մէջ գործածուած ըլլալուն համար, հոն տարւոյն ամեն մէկ օրուան վրայ հաստատուած են տօնք սրբոց եւ տէրունականք, ըստ օրինակի Յունաց եւ Լատինաց, եւ միշտ անշարժ կու մնան տօնք, նահանջ այլ ընելով, աւելեաց 5 օրերուն վրայ վեցերորդ մ՚այլ դնելով ամեն չորս տարի, (փոխանակ փետրուարի վերջը)։

Ահա ուրեմն ունինք եղեր հաստատուն տարի մ՚այլ, սակայն այս Յայսմաւուրաց կարգաւորութիւնն շատ հին չերեւիր․ ԺԳ դարուն մէջ շինուած են մեր հիմայ ունեցած Յայսմաւուրքն։ Բայց տօները այսպէս հաստատուն աւուրց վրայ բաժնող եւ կարգաւորողն` դար եւ կէս այլ առաջ եղած է, մեծ գիտնական եւ սոփեստէսն Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետն․ որ յամին 1116 նորոգեց տումարը, եւ այս հաստատ կերպը դրաւ․ նոր թուական մ՚այլ սկսելով Քրիստոսի 1084 տարիէն, որ ըսուեցաւ Փոքր կամ Մտրուկ, հինգհարիւրեակ ըսուած 532 տարուան շրջանն, սկսուած մեր մեծ թուականին հետ (յամին Քրիստոսի 552)․ եւ երբ նորէն տօնից շփոթութիւն կ՚ըլլար, Սարկաւագ` մանր եւ յստակ քննութեամբ տումար մը գրեց, ցուցուց սխալմանց պատճառը եւ հարկաւորութիւնը նոր եւ անփոփոխ դասաւորութեան տօնից, զոր եւ ըրաւ․ եւ այնուհետեւ գործածելի եղաւ, եւ իր անուամբ կոչեցաւ Սարկաւագադիր կարգ։ Իր, կամ Յայսմաւուրաց հաստատուն տարին կու սկսի ի 11 օգոստոսի (ըստ հին տումարի, ըստ նոր տումարի հիմայ 23ի)․ այս տարեգլխին օրուան պատճառը քիչ մը վերջը կու տեսնենք։

Յառաջ քան զՍարկաւագ ի՞նչպէս կու վարէին եկեղեցականք․ — յայտնի է որ հինգհարիւրեակ կամ 532 տարուան շրջանով, որով ամեն եկեղեցիք այլ կու վարէին․ սակայն դիւրութեան համար միշտ կու վայելէր պարզ հաստատուն տումար մ՚ունենալն, զոր մեր առաջին տումարագիրքն` Ներսէս կաթուղիկոսի ատեն, յամին 553, չէին դրած․ բայց անկարելի էր որ իրենք այլ չունենային` թէ եւ անկատար` մէկ որոշ կանոն մը, կամ քանի մը հաստատուն տօներ․ անկարելի էր որ իրենցմէ դար մ՚առաջ եղած թարգմանիչք մեր եւ անոնց աստուածաշնորհ առաջնորդքն Սահակ եւ Մեսրովպ, ամեն ազգաց գիտութեամբ հմտացեալքն` կարգաւոր տումար մը չունենային, գոնէ եկեղեցւոյ մէջ։ Եւ յիրաւի կու գտնեմք որ, Ա․ կան հին տօնացոյցներ կամ հին կարգաւորութիւն տօնից` զոր Ս․ Սահակ դասաւորած է, ըստ վկայութեան նախնեաց, որոց մէջ երկու կերպ դասաւորութիւն կայ․ մէկ մը ըստ ամսոց Յունաց կամ Լատինացւոց, այսինքն մասն մի տօնից` յուլեան տումարին ամսոց վրայ հաստատուած, մաս մ՚այլ հին Հայոց ամսոց վրայ․ եւ ինչպէս առաջինք` այսպէս ասոնք այլ անշարժ են, եւ ասոնց տարեգլուխն (կամ առաջին ամիսն նաւասարդ) այլ` Սարկաւագայ պէս օգոստոսէն կու սկսի․ ըսել է որ Սարկաւագ այլ Ս․ Սահակայ հետեւեր է։ — Բ․ Ս․ Սահակայ աշակարտաց թարգմանած գրոց մէջ քանի մը տեղ յոյն կամ եբրայեցի հաստատուն օրերուն դիմաց` Հայոց ամսոց օրեր գրուած են, ըսելով, «որ է հայերեն» այս ինչ ամիս եւ այս քանիներոդ օր ամսոյն։ Արդ եթէ հաստատուն հայ տարի մը չենթադրէին` չէին կրնար այնպէս ըսել․ եւ հաստատուն տարի մ՚ենթադրելնին յայտնի է անով` որ այն յուլեան տումարի պատշաճեցուցած օրերնին` կամ ճիշդ Սարկաւագադիր կարգին, կամ Յայսմաւուրաց տարւոյն օրերուն կու համաձայնին, կամ անոնց մօտ։ Անոնց մօտ ըսածս այս է․ մեր նախնիք երբեմն Յունաց կամ Ասորւոց գրքեր թարգմանելու ատեն` ամսոց օրերուն համեմատութիւնը դիւրացընելու համար ուրիշ ճար չեն գտած, բայց եթէ միացընել մեր եւ անոնց ամսոց սկիզբները, այսինքն առջի օրերը․ այսպէս, արեգի, մարտի եւ նիսանի մէկերը մէկտեղ սկսելով, նաւասարդի, օգոստոսի եւ իլուլի մէկերը մէկտեղ․ եւ այլն։ — Գ․ Երբեմն ալ մեր նախնիք փոխանակ արեգի` նաւասարդը զուգած են ընդ մարտի եւ նիսանի։ Ըսել է ուրեմն` որ Սարկաւագէն 700 տարի առաջ այլ` մեր գրոց թարգմանութեան ատեն` նոյն օրինակով հաստատուն հայ տարի մը կու ճանչցուէր` շարժականէն կամ քաղաքականէն զատ։

Կու մնայ գիտնալ թէ հապա յառաջ քան զՍ․ Սահակ` իր նախորդ եւ համարիւն հայրապետքն, մինչեւ ի Ս․ Լուսաւորիչն, ի՞նչ տումար կու բանեցընէին եկեղեցւոյ տօնից․ կամ անկէ առաջ` Տրդատ հայրենասէր մեծ թագաւորն, իր Արշակունի նախնիքն, եւ անոնցմէ առաջ մեր բնիկ Հայկազունքն` ի՞նչպէս կու տօնէին իրենց ազգային տօները, զոր ի հարկէ ունէին․ եւ արդէն գիտեմք անոնց մէկ քանին, ինչպէս Նաւասարդաց կամ Ամանորեայ (նոր տարւոյ) տօները, Աստըղկան տօնը, Վարդավառի տօնը, եւ այլն․ որոնք իրենց առաջին ամսոյն (նաւասարդի) մէջ կու կատարուէին, ծառոց ծաղկանց եւ ջուր ցանելու կամ ջրոց մէջ լողալու խաղերով․ — գիտենք այլ որ Հայաստանի մէջ այսպիսի խաղեր` տարւոյն միայն քանի մ՚ամսոց մէջ կրնան կատարուիլ, երկրին երկարատեւ ցրտութեանը համար․ — անկարելի էր որ այն տօներն շարժական տարւոյ օրերու վրայ կապուէին, եւ յայտնի այլ է հաստատուն օրերու վրայ դրուած ըլլալնին․ իրենց տարեգլուխն եւ նաւասարդն այլ` յուլեան տարւոյ օգոստոսի 11ին էր։ Եւ որովհետեւ անտարակոյս գիտենք որ քաղաքական շարժուն տարին այլ մի եւ նոյն հայկական 12 ամիսներով եւ աւելեաց հինգ օրերով կու բանէր, հարկ է ըսել թէ ուրիշ հին գիտուն ազգաց պէս երկու տարի ունէին, մէկն քաղաքական, միւսն սրբազան` օր էր հաստատուն, եւ անտարակոյս ասոր սկիզբն էր հինգ ամսով մ՚առաջ, արեգ ամսէն սկսելով, որուն անունն կու նշանակէ զարեւ․ եւ կու սկսի բուն արեգակնային ըսուելու վայելուչ օրէն, այսինքն գարնանամուտէն (յ՚9—21 մարտի)․ եւ ասով այլ նաւասարդի գլուխն կամ քաղաքական տարեմուտն` նոյնպէս ճիշդ օգոստոսի 11ին (23ի) կու հանդիպի։

Գ

Տարին գարնանամըտին օրը սկսելն (ինչպէս որ Հրեայք եւ Պարսիկք այլ կ՚ընէին իրենց կրօնական կարգաց համար`) շատ վայելուչ եւ բնական է, եւ մեծ պատիւ կ՚ընէ անոր` որ զայս նախ գտաւ եւ դրաւ․ եթէ ըլլայ Մովսէս մարգարէն` ըստ Հրէից, եւ եթէ ըլլայ իրմէ ալ հին մէկը` զոր Հայք իրենց ազգին այլ, տումարին այլ, ամենայն պարծանաց այլ հեղինակ եւ նահապետ կու ճանչնան։ Բայց ինչո՞ւ քաղաքական օրինօք նաւասարդն` օգոստոսի 11ին ըլլայ գլուխ տարւոյ եւ աշխահաժողով տօնից․ անանկ օր մը` յորում արեգակնային շրջանին մէջ նշանաւոր կէտ եւ հանդիպում մը չկայ։ Ո՞վ էր դրած այս կարգը, զոր մեր Ս․ Թարգմանիչք այլ բռներ են, Սարկաւագն այլ, Յայսմաւուրք այլ պահեր են․ եւ որ մեծն է` Հայոց մեծ թուականը հաստատողքն այլ նոյնպէս անփոփոխ թողեր են․ վասն զի իրենց տումարը նորոգելուն եւ թուականը կարգելու տարին` ամենեւին չդիպան տարեգլխոյն, որ այն տարի յուլիսի 11ին կու հանդիպէր, այսինքն Հայոց քաղաքական շարժուն տարւոյ գլուխն կամ նաւասարդն` Քրիստոսի 552 թուականին` կու սկսէր ի 11 յուլիսի։ — Արդ թէ որ իրենցմէ, եւ նաեւ մեր Թարգմանիչներէն առաջ Հայ տօրմարադիր մը բնտռէնք, ասոնցմէ 300 տարի վեր ելնելու է, մեր բազմահանդէս Բ Արտաշիսի օրերը․ վասն զի թէպէտ մեր Արշակունեաց նախահայրն Վաղարշակ` շատ գեղեցիկ կարգեր եւ սովորութիւններ հաստատեր էր ի Հայս, կ՚ըսէ Խորենացին (Բ․ ԾԹ․) բայց չէր դրած «զշաբաթուց եւ զամսոց եւ զտարեաց բոլորմանց» գիտնական եւ օրինաւոր կարգ մը․ այլ «այս ամենայն յօրինի յաւուրս Ար«տաշիսի»։ Ասոր թոռն այլ Վաղարշ կարգեաց նաւասարդի նոր տարւոյ տօները աշխարհախումբ հանդիսիւ կատարել ի Բագրեւանդ, իր հօրեղբօր Մաժան քրմապետին գերեզմանին եւ բագնին քովերը․ բայց ոչ սա եւ ոչ իր պապն Արտաշէս` չեն Հայոց բնիկ տումարը եւ ազգային տօնը կարգադրողքն․ մանաւանդ թէ Արտաշէս կերպով մը խափանած կ՚երեւի Հայկազանց կարգադրութիւնը, թէ եւ աւելի կանոնաւոր տումար մը մտցընելով, որ էր անշուշտ յուլեան տումարը, առնըլով ի Հռովմայեցւոց․ վասն զի գիտեմք ի պատմութենէ` որ առաջին ինքն եղաւ Հռովմայեցւոց հարկատու․ իր ատեն կայսրն Տրայիանոս զՀայաստան Հռովմայեցւոց ինքնակալութեան գաւառ սեպեց․ (թէ եւ քանի մը տարի ետքը Ադրիանոս կայսր` նորէն կէս ազատ թողուց)․ այն ատենները նաեւ Կապպադովկացիք` (որոց հին տօմարն եւ ամսոց անուանքն մօտաւոր են Պարսից եւ Հայոց) ընդուներ էին Հռովմայեցւոց տումարը․ ըսել է որ Արտաշիսի ըրած տումարի կարգադրութիւնն ալ, ի 122 թուին Քրիստոսի, էր Հռովմայեցւոց տումարին համաձայնութիւն մը, թողլով ըստ մասին հին Հայկազանց կարգը եւ ժամանակաչափութիւնը։ Այս բանիս վկայ կ՚ըլլայ հնախոյզ եւ բազմահմուտ Սարկաւագն մեր, որ կ՚ըսէ, թէ «հաւաստապէս ի ՃԻԲ ամ Քրիստոսի աւարտ առ «Թուականն Հայկայ»․ թուականին աւարտիլն` ոչ լմըննալ` այլ ի հարկէ դադրիլ իմանալու է․ իսկ Հայկայ թուական ըսածն այն է` զոր աւելի յարմարապէս յետոյ կ՚անուանէ ՀԱՅԿԱՅ ՇՐՋԱՆ․ որ եւ մեր անշարժ եւ շարժուն տարիներուն եւ հին եւ հնագոյն տումարին ծանօթութեան պատճառ եւ առիթ պիտի ըլլայ հոս։

Վերը յիշեցինք որ մեր թէ շարժուն եւ թէ անշարժ տարւոյն սկիզբն կամ նաւասարդի գլուխն կ՚ընկնայ յուլեան տումարին օգոստոսի 11ին (նոր տումարի 23)․ այս բանս մէկէն կ՚իմացընէ որ ատեն մ՚եղած է որ երկու տեսակ տարիներն այլ նոյն մէկ օրն սկսած են, երկուքին նաւասարդքն այլ ի 11 օգոստոսի են եղեր, եւ երեք տարի միաբան երթալով` չորրորդ տարին շարժուն կամ քաղաքական տարին` սկսեր է ի 10 օգոստ․ յետ չորս տարւոյ այլ` յ՚9 օգոստ․ եւ այսպէս ամեն չորս տարի օր մ՚առաջ սկսելով` հեռացեր եւ կանխեր է քան զանշարժ տարին։ Արդ ըսինք որ Հայոց տումարին սկզբնաւորութեան տարին (552 Քրիստոսի) նաւասարդի մէկն ի յուլիսի 11—ին էր, ճիշդ ամիս մը կամ 31 օր առաջ քան զանշարժ տարին․ ըսել է որ 31 անգամ նահանջ չընելով` չորս տարին հեղ մը` այսպէս յառաջացեր էր քաղաքական տարին, արդ 4 անգամ 31 տարին կու գումարեն 124 տարի․ ըսել է թէ տումարին նորոգութենէն 124 տարի առաջ թէ՛ կրօնական եւ թէ քաղաքական տարին նոյն օգոստոսի 11ին սկսած են, որ էր Քրիստոսի 428 տարին․ (վասն զի 124—552— 428)։

Ա՚լ աւելի վերը յիշեցի որ մի եւ նոյն ամսոյն օրն` արեգակնային կամ երկնից նոյն եւ մի որոշ կէտին հանդիպելու համար` պէտք է 1461 անհաստատ եւ 1460 հաստատ տարի, ուրեմն որպէս զի Հայոց երկու նաւասարդքն` կամ երկու տարեգլուխքն այլ իրարու հանդիպին, մի եւ նոյն օրը սկսին, պէտք է որ 1460 նահանջաւոր կամ 1461 աննահանջ տարի անցնի․ կամ աւելի ուսումնապէս ըսելով` 1460 տարեկան շրջան մը։ Արդ ինչպէս քիչ մ՚առաջ տեսանք` մեր այս երկու տեսակ տարիներուն զուգաւորութիւնն եղած էր ի թուին Քրիստոսի 428(11 օգոստ)․ անկէ ետեւ դեռ չէ հանդիպած, բայց մօտ է հանդիպելու` յամին 1888․ որով կու լրանայ շրջան մ՚այլ 1460 ամաց մեր թարգմանչաց օրէն մինչեւ ի մեզ․իսկ անկէ (428 էն) առջի 1460 ամաց շրջանն սկսած էր յամին 1032 նախ քան զթուականն Քրիստոսի․ անկէ առջի շրջանն այլ բնականապէս (1460 տարի ալ առաջ) յամին 2492 նախ քան զթիւ Քրիստոսի։ Ահա այս շրջանս է ՇՐՋԱՆ ՀԱՅԿԱՅ, եւ այն Քրիստոսի թուականէն առաջ 2492 տարին` է ԹՈՒԱԿԱՆՆ ՀԱՅԿԱՅ, որ եւ կրնայ ըսուիլ արժանապէս` ստուգագոյն եւ փառաւորագոյն ՀԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆ ՀԱՅՈՑ, եւ սկիզբն ժամանակագրութեան․ որոյ սկիզբէն մինչեւ հիմայ (Քրիստոսի 1870 թուականին) կ՚ըլլայ 4362 տարի։ Այս է հարիք Հայոց ազգիս մինչեւ հիմայ, որուն նման հաստատ թուականով` բաց ի Հրէից, Չինաց եւ ի Հնդկաց` հիմայ չկայ ուրիշ հին ազգ մը։

Դ

Բայց այս պարծանքս կամ գիտութիւնս ապահովելու համար նաեւ օտարաց առջեւ, պէտք է հաւաստենք քանի մը փաստերով եւ աւանդութեամբք այլ, ի վերայ երկու փաստիցն զոր հիմայ յիշեցի․ այսինքն, մէկ մ՚որ մեր երկու տեսակ տարիներուն զուգաւորութեան սկիզբն` կու հանդիպէր ի 1032 ամն նախ քան զՔրիստոս․ եւ զի ազգերնուս հնութիւնն` յայտնի է թէ Քրիստոսէ 1032 տարիէն աւելի առաջ է, ապա անկէ առջի հանդիպութեանը տանելու է, որ է 2492ն։ Եւ երկրորդ` որ յայտնապէս Սարկաւագ վարդապետ հին տումարներէ եւ պատմութիւններէ քննելով ճանչցեր, վկայեր եւ յայտներ էր այս Հայկայ Շրջանս։

Ուրեմն մեր թուականին եւ շրջանին սկիզբը գտնելու համար, քննենք թէ ինչու՞ արդեօք Հայոց նոր տարին 11—23 օգոստոսի հաստատուած է․ եւ ինչու՞ Հայկայ շրջանն սկսաւ 2492 տարի Քրիստոսէ առաջ․ վասն զի ոչ աստեղաբաշխական պարագայ մը եւ ոչ նոր եղանակ մը կու հանդիպին տարւոյն այն օրուանը վրայ․ պէտք է ուրեմն ասոր պատճառը բնտռել պատմական դիպաց մէջ։ Եւ նախ օտարազգեաց մէջ ընտըռելով ի հին պատմութեան, կու գտնենք իրաւցընէ Եգիպտացւոց մէջ (որ եւ մինակ կրնան հնութեամբ Հայոց հետ մրցիլ, եւ որոնց հետ դեռ ուրիշ շատ նմանութիւններ ունին` որ դեռ լաւ ապացուցուած չեն), կու գտնենք որ այն Նեղոսի ափանց բնակիչքն` իրենց այն բարեբուղխ գետոյն հարսանեաց տարեկան հանդէսը` արդարեւ աշնանային գիշերահաւասարէն ամիս մը առաջ կու կատարէին, որ է ճիշդ 11—23 օգոստոսի, Հայոց տարեգլխին օրը։ Մեր ազգն ալ այս տարեգլխին հանդէսներուն մէջ, կու տօնախմբէր հեթանոսութեան դարերուն մէջ ջրհեղեղին յիշատակը, ինչպէս ինչուան մեր օրերն ալ կու կատարուին` ջրի խաղերով եւ աղաւնի թռցընելով ի տօնի Վարդավառին կամ այլակերպութեան Քրիստոսի․ վասն զի մեր սուրբ հարք օգոստոս ամսոյն 6—ին հաստատած էին այս տօնը, նոր տարիէն հինգ օր ետեւ, եւ նոյն օրը մեր հեթանոս նախնիք նուիրած էին իրենց Աստղիկ դիցուհւոյն․ իսկ տարւոյն սկիզբն` ունէր իր առանձին աստուածը։ Բայց թէպէտ եւ այս երկու տօներն` եգիպտական եւ հայկական` թէ օրերուն յարմարութեամբը եւ թէ յիշատակաց` յարաբերութիւն մ՚ունէին իրարու հետ, ի վերայ այսր ամենայնի այս երկու հին ազգաց շրջաններն մէկմէկու չէին համեմատիր, այսինքն նոյն օրը չէին սկսիր ու լմըննար։ Ասկէ զատ` այն հանդիսից տօնախմբութիւններն չեն ապացուցաներ օրուան ընտրութեան պատճառը, վասն զի այն օրն չի միաբանից որ ջրհեղեղին սկզբանը եւ ոչ վերջանալուն հետ, եւ ոչ Նեղոսին ջրոցն աճմանը կամ նուազմանը, եւ ոչ Շնիկ աստեղ արեգակնային ամբարձմանը հետ․ ապա ուրեմն ուրիշ պատճառ պէտք է բնտռել, թէ մեր Հայկայ շրջանին եւ թէ իր առջի օրուան համար։

Բայց նախ կարճ մը պարզեմ, Հայկակ, այս աստեղաբաշխական յիշատակութիւնս, վասն զի ամեն ստոյգ տումար եւ ժամանակի չափ` աստեղաց շարժմամբք եւ շրջանօք կ՚ըլլայ։ Հայկայ շրջանն այլ ծանօթ նաեւ ուրիշ ազգաց` ուսումնապէս կ՚ըսուի Շնկան շրջան, կամ ըստ Եգիպտացւոց Սոթիական շրջան, իրենք Սոթիս կ՚անուանէին Շնիկ աստղը, որ Շուն համաստեղութեանց մէջ է եւ Փոքր Շուն այլ կ՚ըսուի, եւ քան զամենայն աստեղս պայծառագոյն է։ Իրենց երկրագործութեան համար ամենահարկաւոր էր գիտնալ Նեղոս գետոյն աճելու եւ նուազեու օրերը, սկիզբը եւ վերջը, եւ դիտելով գտան` որ աճման սկիզբն կ՚ըլլար ամառնային արեւադարձին ատեն, եւ գտած ատեննին Շնիկ աստեղ երեւնալն այլ արեւուն ելնելէն առաջ, (որ ուսումնապէս արեգակնային ամբարձումն կ՚ըսուի) նոյն օրերուն հանդիպեցաւ․ ուրեմն այն օրն իրենց տարեգլուխ դրին․ բայց որովհետեւ իրենք ալ մեզի պէս քաղաքականօրէն շարժուն տարի կու գործածէին, որով ամենայն տօնք եւ երկրագործութեան կարգեր կու փոփոխուին, հաստատ կրօնական եւ գիտնական տարի մ՚այլ դրին աստեղաբաշխական քննութեամբք, եւ ճանչցան 1460 տարուան շրջանը․ իրենց երկու տեսակ տարիներու սկիզբն այլ կու զուգաւորէր Շնկան երեւնալուն, արեւադարձին եւ Նեղոսի ամբարձման հանդիպած մի եւ նոյն օրը։ Այս է Սոթիական կամ Շնկան շըրջանն։ — Դառնանք հիմայ մեր յիշատակաց։

Մեր հին տօմարագիրք եւ Յայսմաւուրք կ՚ըսեն, թէ յետ խառնակութեան լեզուաց ամեն նահապետ կամ ազգապետ Բաբելոնէն դառնալով այն երկիրը ուսկից ելեր էր, կամ ուր որ կ՚երթար գրաւելու, պատուիրեց իր հետեւողացը որ տոնախմբեն հայրենիքը մտնելնուն տարեդարձը։ Մեր Հայկ նահապետն ալ, կ՚ըսեն, մտաւ Այրարատ աշխարհքը կամ իր Թորգոմայ հօրը բնակած երկիրը` օգոստոսի 11—23—ին, եւ հրամայեց որ նոյն օրը տարւոյն սկիզբն սեպուի։ Կու հաստատեն դարձեալ, թէ այս դիւցազնս առաջին եղաւ տարեցոյց տալու իր նորածին ազգին, զոր եւ կու պահէ մեր ազգն մասամբ անփոփոխ, ինչպէս որ իրենաւանդուեցաւ այն նախնական դարերուն մէջ։

Այս է ահա մեր մէջը օգոստոսի 11—ին տօնին պատճառն։ Երկրորդ եւ աւելի ստոյգ պատճառն է` Հայկայ դարձէն քիչ տարի վերջը` Բելայ յաղթուիլն եւ սպանումն (որ եղաւ յամի 2492 Քրիստոսէ առաջ), ինչպէս որ ցուցուց հասարակ հայկական թուականին անընդհատ յաջողութիւնն։ Մեր պատմութեան ժամանակագրութիւնն ալ (որ դժբաղդաբար բաւական ճոխ չէ այս հին ժամանակաց վրայօք), կ՚ընծայէ մեզի թուական մը` հայկայ թուականին ցուցածին մօտ։ Յովհաննէս կաթուղիկոս ի Հայկայ ցՎաղարշակ 2295 տարի կու դնէ․ անկէ այլ մինչեւ ի Քրիստոս 149 տարի, գումարն է 2444, որով միայն 48 տարի պակաս կ՚ըլլայ քան զմեր թուականս (2492), բայց եթէ Հայկայ մահը սեպեմք կաթուղիկոսին յիշածը` կրնայ մերինին հետ ճիշդ համաձայնիլ։ Մեր խնդրոյն համար աւելի պիտանին այս է, որ հին օտար ժամանակագրութիւն ալ ամենայն ճշդութեամբ կու համաձայնի Հայկայ թուականին հետ․ վասն զի Ափրիկանոս եւ Եւսեբիոս իրենց մանրամասն թիւերովը Բելայ թագաւորութեան վերջը կու նշանակեն վերոյիշեալ 2492 տարին Քրիստոսէ առաջ։ Այս համաձայնութիւնքս Հայկական թուականին` օտար ժամանակագրաց տուած թուականին հետ, եւ վկայութիւնք մեր տօմարագրաց եւ Յայսմաւուրաց, կարծեմ բաւականապէս իրաւունք կու տան մեզի առանց տարակուսի ընդունելու Հայկայ շրջանին եւ մեր ազգութեան սկիզբը` Քրիստոսէ առաջ 2492 տարին․ եւ մեր ազգային գերագոյն տօնին համար` օգոստոսի 11—23 ը․ որ այդ Հայկայ թուականին առաջին տարին` կու հանդիպի չորեքշաթբի օր մը․ որ եւ հաւանօրէն տարուէ տարի տօնելի օր մ՚եղաւ Հայկազանց․ եւ կըրնամք ընդունիլ մեր պատմըչաց երկիւղած աւանդութիւնը, որք Հայկայ գործոց մէջ դիւցազնական քաջութենէ վեր բան մ՚ալ կու դիտեն, — կրօնական դիմադրութիւն մը, ազատութիւն մը ի բռնութենէ առաջին կռապաշտին, կամ անոր` որ Աստուծոյ վայլած պատիւը եւ պաշտօնն` իր անձին կու սեփականէր։ Ասոր համար այս տօնական օրս եւ հանդէսս պէտք է մեզի կրկնապատիկ սրբազան եւ սիրելի ըլլայ։

Առաջին շրջանն Հայկայ լրացաւ Դաւիթ մարգարէի թագաւորութեան եւ մեր Պերճ (Բ) հայկազին ազգապետութեանը ժամանակ, յամին (1032 նախքան զՔրիստոս)։ Իսկ երկրորդ շրջանն լրացաւ` զարմանալի հանդիպութեամբ` այն մեզի համար շատ ցաւալի տարին, յորում կերպով մը նաեւ ազգերնուս միանձնաբար ինքնակացութիւնն այլ լրացաւ լմնցաւ, — յամին Քրիստոսի 428, — ուրբաթ օր մը։ Այն սեւ տարին (428) էր որ մեր վերջի թագաւորն Արտաշէս Արշակունի` թագէն զրկուեցաւ, եւ Հայք իրենց ազգային միապետէն․ այն տարիէն ի վեր Հայաստան երկու մեծ տէրութեանց մէջ բաժնուեցաւ (Յունաց եւ Պարսից), եւ ազգն երկու տերանց ծառայ կամ հպատակ եղաւ․ եւ որ աւելի շատ զարմանալի է, անկէ վերջը ամբողջ Գ շրջան մ՚այլ լրանալու մօտ է (վասն զի 1442 տարին անցեր է), եւ ազգերնիս միշտ նոյնպէս մնացեր է` երկու կամ իրեք մեծ տէրութեանց մէջ բաժնուած, թէպէտ եւ հազար ու մէկ քաղաքական փոփոխութիւնք եւ տիրապետութիւնք եղած են այս երկայն 14 ու կէս դարուց մէջ թէ ի Հայաստան, եւ թէ իր մօտ աշխարհաց մէջ։ Այս Գ շրջանս` յորում եմք, սկսած է շաբաթ օր մը․ եւ պիտի լրանայ քիչ տարիներէ ետեւ` յամին 1888 յորում օգոստոսի 11—23 ն հինգշաբթի օր մը պիտի սկսի Դ շրջանն, զոր ամենայն սրտով կու մաղթեմ քեզի, Հայկակ, եւ ամենայն քու ժամանակակից ազգայնոց` որ երջանիկ սկզբնաւորութեամբ ըլլայ, եւ օգտակար միաւորութեամբ մը բոլոր Հայազգեացս։

Յետ այսչափ վկայութեանց աւանդութեան եւ պատմութեան եւ ազգային եւ օտար ժամանակագրութեան, զոր 40 դարէ ի վեր ամբողջ ազգ մը ընդուներ է, եւ հաստատեր են մեր հռչակաւոր մատենագիրներն եւ եկեղեցական Հարք, պէտք չէ՞ վայելուչ սեպել, ընդունիլ եւ տօնախմբել այսպիսի յիշատակ մը, տօն մը, որ է Հայկայ․ կամ յանդգնութիւն եւ անտեղութիւն չէ։ առասպել սեպել այն ամեն բանը` որ պատմական ժամանակաց սովորական շրջանէն վեր կ՚ելլէ․ մանաւանդ երբ այնպիսի հին ժողովրդեան, մը վրայ է խնդիրն` որուն պէտք է դիմէ ամեն ժողովուրդ որ իր ծագումը բնտռէ, այսինքն մարդկութեան հայրենիքը, Եդեմայ երկիրը։ Ժխտելէն, չհաւանելէն դիւրին բան չկայ․ բայց չկայ նաեւ աւելի դժուարին բան մը` քան զիրաւամբք ժխտելն։ Իսկ ես կու հաւանիմ տեսնել, (նաեւ յանձն առնլով ամենէն անաչառ քննութիւնն ալ) մեր հայրենեաց մէջ յետ Ադամայ եւ յետ Նոյի` Հայկ մը, եւ կ՚ուրախանամ ի հանդիսին վրայ, որուն չեմ ալ վախնար հրաւիրելու բոլոր յաբեթական ցեղին սերունդները, որոնք այն հին ժամանակը չունէին այնպիսի երեւելի գլուխ մը կամ ներկայացուցիչ մը` ինչպէս էր մեր Հայկն։

Սակայն մի կարծեր, Հայկակ, թէ ինչ որ պատմութիւն կամ աւանդութիւն կու զրուցեն մեր Հայկայ վրայ, ամենն ալ կ՚ուզեմ հաւատալի սեպել։ Անտարակոյս է որ Հայոց ազգն ունէր գլուխ մը կամ նահապետ մը` ժամանակակից Բելայ, Բաբելոնի աշտարակին շինութեան ատեն, եւ այս շէնքի կործանմանէն վերջը` եկաւ ապաւինեցաւ Այրարատայ երկիրը, որ անկէ ետեւ իր անուամբը կոչուեցաւ։ Իր անունը, ըստ վրաց ՀԱՈՍ, մեր մէջ կ՚ըսուի ՀԱՅԿ, որ ըստ քերականական կանոնի լեզուիս` ՀԱ միավանկ բառին նուազականն կրնայ սեպուիլ, այս անուամբ կը ճանչնամք մենք մեր ազգը, եւ ոչ Արմէն կամ Արամեան, ինչպէս որ օտարազգիք, կ՚ըսեն։ Երբեմն մեր նահապետին անունն վերջագիր յօդով մը կը դրուի Հայկն, մանաւանդ երբոր զՈրիոն նշանակէ, վասն զի այսպէս կոչուած է այս համաստեղութիւնս` մեր սուրբ Գրոց եւ եկեղեցւոյ սուրբ եւ իմաստուն հարց գրուածոց մէջ․ որք հարկաւ ասով ազգային հին աւանդութեան մը կու հետեւէին, ուսկից հաւանական է որ Յոյնք հնարած ըլլան իրենց Որիոնի առասպելները, եթէ հարկ սեպելու ըլլանք որ այս երկու ազգերէն (Հայք եւ Յոյնք) մէկը մէկալէն առած ըլլայ այդ աւանդութիւնը։ Եթէ կարծիք ժողովրդեան եւ եթէ Հայաստանի վիպասանից շողոքորդութիւն, այս համաստեղութեան լոյսն նոր պայծառութիւն մը կու տայ Հայկայ իրական էութեանը վրայ, այս էութիւնս հաստատապէս կու ստուգուի շատ մը աշխարհագրական անուններով այլ, որոնց սկիզբն ի պատմութենէ եւ յաւանդութենէ կ՚ընծայուին մեր դիւցազին։ Մասնաւորապէս Վանայ հռչակաւոր բարձրաւանդակին վրայ կը գտնուին այս հին տեղուանքս, պայծառացած Հայոց նահապետէն, որուն զաւականերն պահեցին երկայն ժամանակ, գրեթէ 120 ծնունդ որդւոց որդի յաջորդելով` այն անունները, եւ նաեւ երկրին առաջին շէնքերուն մնացորդները, որոնց մէջ հաստատած են ինչուան հիմայ իրենց ընտանի բնակութիւնները։ Այս բարձրաւանդակս արուեստով եւ բնութեամբ զարմանալի, աւելի գեղեցկացած է յաւերժ յիշատակաց արժանի Հայկայ գործքերով, որ դեռ կը հնչեն պատմութեամբ եւ աւանդութեամբ անուանի եղած շէնքերու մնացորդաց մէջ․ ինչպէս են նախ եւ առաջ ամբողջ գաւառներ` որք լճին հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմը կը պատեն, որոց մէկն կ՚անուանի Հայկայ մէկ որդւոյն անուամբը (Խոռ) Խոռխոռունիք, եւ միւսն իր թոռանը անուամբ (Բազ) Բզնունիք, ուսկից եւ լիճն կոչուեցաւ ծով Բզնունեաց։ Ետքը` Նեբրովթայ լեռն․ տեղացիք կ՚աւանդեն թէ Ներբովթ ուզեր է լերան գագաթը պալատ մը շինել, որ կործաներ է վրէժխնդիր կայծակներով, եւ ընկղմեր ղ լերան վրայ բացուած վիհերու մէջ։ Աս լերան ոտքէն դէպ ի հարաւային կողմը կը տեսնուի երկայն շարք մը մեծամեծ ժայռերու զոր ռամիկն կ՚անուանէ Ուղտու Քարէր, վասն զի կ՚ըսեն թէ Ներբովթայ ուղտերն են ասոնք, որ լճին եզերքէն աւազ կը կրէին պալատին կամ բերդին շինութեանը համար, եւ Աստուծոյ բարկութիւնն զանոնք ի քար դարձուց․ եւ հաւանօրէն լերան հրաբուղխի սաստկութենէն փըրթած կամ ժայթքած քարեր են։ Լճին հարաւային կողմը Կապուտկող բարձր լեռը կայ ջրերուն մէջ երկընցած, հին ատենէ ի վեր ճանչցուած իր երկաթի եւ կապարի հանքերովն, ասոր հարաւային կողմը մինչեւ հիմայ Բելու, այսինքն Բելայ (որ է Ներբովթ) անուամբ գեղ մը կայ․ աւանդութիւնն կ՚ըսէ թէ այս հսկային դիակը հոն իջուցին։ Լճին նոյն կողմը, բայց աւելի դէպ յարեւելք Տշող գեղը կայ, ուր ըստ տեղական աւանդութեան, հսկային մարմնոյն մէջէն Հայկայ արձակած նետը քաշեցին, եւ բացուած ծակէն արեւուն ճառագայթներն կողմէ կողմ շողալով կը թափանցէին։ Քառասունէն աւելի ջուրեր, առաւել կամ պակաս երկայն ընթացքով` կը թափին լճին մէջ․ ասոնց ամենէն մեծն է Հորգոմայ գետը, որ հիմայ Խօշապ կամ Անգղայ գետ (Էնճիլ—չայ) կ՚ըսուի, որուն աղբիւրներն թէպէտ եւ գտնուած չեն, այլ յայտնի է որ արեւելեան կողմէն կու գայ եւ լճին հարաւային արեւելեան անկիւնը կը թափի, գեղի մը քովէն` ուսկից իր անունը կ՚առնու` Հորգոմ։ Այս գետոյս լայն եւ ընդարձակ ձորը (որուն մէջ դեռ 40էն աւելի հայաբնակ գեղեր կան` հին Հայկական անունին պահած են․ եւ քանի մը հատին վրայ կ՚երեւան խոր հնութեան նշանք Հայկայ ժամանակէն ի վեր), այս ձորս կը կրէ ամենէն սիրելի եւ ամենէն սրբազան անունը բոլոր աշխարհի մը` որ գրեթէ Գաղղիոյ չափ ընդարձակ է, եւ կը կոչուի ՀԱՅՈՑ ՁՈՐ․ անուն պարզ, միանգամայն եւ այնչափ վսեմ ուսկից աւելին չէր կրնար տալ նորածին ազգի մը առաջնորդն եւ հայրն, որ տեսաւ այն հեռաւոր սահմաններուն մէջ իր կտրիճ զաւակները եւ թոռները պատերազմիլ իր քովը, աշխարհիս ամենէն ահարկու թշնամւոյն դէմ, սպաննել զնա եւ վաստըկիլ առաջին յաղթութիւնը, որ եւ միանգամայն ամենէն օրինաւոր, ամենէն փառաւոր եւ ամենէն պիտանին եղաւ։ Այս զուտ հայկական ձորն ի վեր երթալով` պատերազմական դաշտին կեդրոնը կը հասնինք, եւ ամենէն պատուելի յիշատակարաններու` որ են իրեք տեղիք կամ իրեք շէնք ժամանակակիցք եւ համանունք` հանդիպած դէպքերուն․ նախ Հայք (Խէք) գեղն` ուսկից որ ձորն ալ իր անունը կ՚առնու, մեր յաղթող դիւցազն շինեց, նոյն իսկ պատերազմի ճակատին վրայ։ Անկից քիչ մը հեռու, դէպ ի հարաւ` Աստուածաշէն գեղը, որուն համար աւանդութիւնն կ՚ըսէ, թէ հոս տեղս Աստուած երեւեցաւ Հայկայ, օրհնեց անոր աղեղը` որ եղաւ իրեն գործիք փառաց, իսկ իր հակառակորդին համար` զէնք մահու։ Պատմութիւնն կը ճանչնայ զՀայկ առաջին եւ ամենէն քաջ աղեղնաւոր։ Այս երկու գեղերուն մէջ կը գտնուի գերագոյնն յիշատակարանաց, այսինքն ՀԱՅԿԱՅ ԲԵՐԴՆ․ ամեն կողմէ զատուած բլուրի մի գագաթան վրայ, եւ իբր հրաշքով մը դաշտին մէջէն բարձրացած․ այս բլրոյն բոլոր կատարին երկայնութեան վրայ կը տեսնուի կործանած բերդի մը պարիսպ, որուն դեռ իրեք կամ չորս կարգ մեծամեծ քարերն կը մնան, կիկլոպեան շինութեամբ մը, թէպէտ եւ կը գտնուին տաշածոյ քարեր այլ։ Շրջապատին մէջտեղ քարաժայռին մէջ խոռոչ մը կու տեսնուի, որ հաւանաբար ջրհորի տեղ փորուած է։ Եւրոպացի ճանապարհորդներէն դեռ ոչ ոք մօտեցեր է այս հեռաւոր առանձին տեղւոյս` որ մարդկային յիշատակարանաց առաջին երեսին վրայ նշանուած է․ օտարական մը չէ լսած այն խորհրդաւոր արձագանգքն` որ կը հնչէ Հայկայ դիւցազնական ձայնը մինչեւ յետին որդւոցը ականջը։ Մարդ կը կարծէ թէ աստուածային արհաւիրք մը կը տարածուին հոն նախասահմանեալ ազգի մը սրբազան ծագմանը վրայ, եւ հանդարտ հոգի մը կու պտըտի` այն ազգին նախահարցը ուրուականներովն հովանացեալ հովտին մէջ։ Բայց ի՞նչ են այդ որորոցին եւ այդ ազնիւ եւ կտրիճ ժողովրդեան աղբերականց քով․ — ԳԵՐԵԶՄԱՆՔ․ եւ կրնամ ըսել մուտք եւ կորուստք խռովարար եւ անգութ ժողովրդեան մ՚ալ։ Այն բլուրին ոտքը, ուր ինկաւ Բել իր ահեղ պատերազմողներովն, իր 60 հսկաներովն, հոն Հայկն իրենց վերջի բնակութիւնը փորեց, եւ անուանեց Գերեզմանք։

Իսկ ինքն կը կարծուի որ քիչ մը ժամանակ ալ բնակած ըլլայ Վան քաղքին քով․ վասն զի այս քաղաքիս ընդարձակ պարտէզներուն եւ այգեստաններուն մէջ, որ դէպ ի արեւելեան կողմը կը տարածուին, Հայկավանք անուամբ տեղ մը կայ, մօտ այն քարաժայռի բլրին` ուր շատոնց գտուած էին ձեռագործ այրեր եւ բեւեռաքանդակ արձանագրութիւններ․ իսկ նորերս այս բլուրին ոտքը փորելով գտան մեծայարգ հնութիւններ, մետաղէ ամեններ` նոյնպէս բեւեռագիր ձեւերով, ոսկէզօծ կուռքեր, եւ նաեւ ձոյլ ոսկիէ գործուածներ, խեցեղէն անօթներ` անսովոր բաղադրութեամբ, որոնց մէջ գտնուեցան սերմանիք սովորականէն աւելի մեծ հատերով, որոնց դպչելով փոշի դարձան։ Վանայ բարձրավանդակին ծայրը, եւ իր արեւելեան կողմը ձեւացընող լերանց պատուարին մէջ` որ հին ատեն Զարասպ կամ Զակրոս լերինք կ՚ըսուէին, կայ եւ Քէլիշին լեռը, որ պարսկերէն ըսել է կապոյտ սիւն կամ արձան, եւ 9,000 ոտք բարձր է, որուն քովէն հին ժամանակէ ի վեր ճամբայ մը բացուած է Հայաստանէն Պարսկաստան անցնելու․ լերան գագաթը յիշատակարան մ՚ալ կայ բեւեռաքանդակ գրերով, եւ իր ոտքը կամ քովը գեղ մը` Հայկ անուամբ, զոր ասորի մատենագիրք այլ յիշած են։

Բայց այս ամենայն տեղերս` որ մեր Դիւցազնին անունը կը կրեն, չէին իր հաստատուն բնակութիւնն, կամ սիրայօժար տեղերը եւ իր տիրական աթոռը․ այս ետքինս ուրիշ բարձրաւանդակ երկրի մը վրայ հաստատեց Հայաստանի կեդրոնին մօտ, եւ ոչ հեռու Արածանիէն (այսինքն հիմակուան Մուրատ չայ գետոյն աղբիւրներէն, որ է արեւելեան Եփրատ)․ Հայկ այս դաշտին այնպիսի անուն մը տուաւ, որ մէկալոնց պէս լաւ յարմարած է, այսինքն անուանեց ՀԱՐՔ․ որպէս զի ցուցնէ թէ հոն հաստատեցան անոնք, որք Հայոց ազգին հայր եղան, հոն տեղս աւան մ՚ալ շինեց, որուն հարկաւ իր անունը տուաւ, այսինքն է ՀԱՅԿԱՇԷՆ։ Քոխ գերմանացի ճանապարհորդը կը յիշէ այս դաշտիս մէջ (որ հիմայ Խնուս կը կոչուի) գեղ մը Հայկ կամ Փայք անուամբ։

Ե

Կարծեմ, թէ այսչափ նիւթական յիշատակարաններ բաւական են հաստատելու Հայկայ էութիւնը, եւ հաւաստելու իր շրջանը եւ թուականը հանդերձ առաջ ըսած պատճառներովս, որովք մեր մէկ հին հեղինակ մը կու համարձակի զՀայկն հնագոյն քան զՄովսէս մարգարէ` տումարագիր անուանել․ աւանդութիւնն այլ կ՚աւելցընէ թէ Հայոց ամսոց անուանքն իր որդւոց եւ դստերաց անուանքն ըլլան․ — գուցէ ըլլան ոմանք, բայց յայտնապէս բոլորն այլ չեն։ Սակայն պարծանք է իրեն, կամ իրեն յաջորդաց` եւ այդ Հայկայ Շրջանը եւ Թուականը ճանչնալ, դնել եւ պահելը․ — պարծանք եւ պատիւ է մեր իմաստասէր Սարկաւագայ այլ` այս հին յիշատակս յարուցանելը Հայկէն 3600 տարի ետեւ, եւ ցուցընել որ մեզի ծանօթագոյն Հայոց տումար եւ թուական ըսուածէն առաջ` կար հնագոյն տումար մը եւ հաստատ տարի մը Հայոց, որ կ՚ըսուի հին տումար Հայոց․ եւ այս բանիս համար Յովհաննէս Գառնեցի` մերձաւոր ժամանակաւ Սարկաւագայ` կ՚ըսէ ասոր վրայօք․ «Այն` որ զտումարն երեւեցոյց զհին Հային»։ Ահա այս հին Հային տումարին հաստատ ամսոցը վրայ էր որ շարեց մեր առաջին տօնակարգն` անմահահունն Ս․ Սահակ` Հայոց եկեղեցւոյն սեփական տօները, զատ ի Յունաց ասածներէն` զոր ըստ լատին ամսոց օրերուն դրաւ, անոր համար մեր ազգային ամսօք շարած տօներն ըսուեցան ՀԱՅԱԴԻՐ։ Այս անունս է որ երբեմն ես այլ կու բանեցընեմ քեզի պատմելու ատենս մեր հին յիշատակները, զանոնք դնելով իրենց հանդիպած օրը ըստ հաստատուն տումարի։ Այս հին հայ տումարս կամ Հայադիրն անշուշտ պահուած էր ազգերնուս կրօնական եւ գիտնական գործոց մէջ․ բայց ժողովուրդն քաղաքականօրէն շարժուն հասարակ տարիով կ՚երթար․ զոր մեր թարգմանիչք այլ ի հարկէ չէին կրնար փոխել․ բայց նորոգողքն տումարի յամին 552 կրնային գոնէ եկեղեցւոյ տօները անշարժ տումարի վրայ հաստատել, եւ չըրին, անոր համար յոմանց շատ կու մեղադրուին։ Վերջապէս Սարկաւագ վարդապետ, ինչպէս ի սկզբան ըսի, այս հաստատուն կանոնը դրաւ սրբոց տօնից համար, գոնէ յիշելու զանոնք այն օրերը` յորում հաստատուն տումար ունող ազգք կու յիշեն․ այս իր Սարկաւագադիր կարգը հրատարակեց յամին 1116, թէ եւ անկէ առաջ այլ տումարի վրայ բաներ գրեր էր։

Արդ այս է, Հայկակ, մեր նահապետին անուամբ յիշեալ եւ յիշելի Հայկայ Շրջանն, եւ Թուականն Հայկայ, զոր թերեւս արժանի էր մեզի գործածել` աւելի քան զսովորական պակասաւոր թուականն մեր․ որով եւ ամեն ազգաց ժամանակագրութիւնն այլ դիւրաւ կրնայինք չափել եւ համեմատել մեր ազգին ժամանակաց հետ։


Դ․ Յանուարի 6 ի Հայս

ՏԱՐՒՈՅՆ առաջին ամիսն` մեր կիսագնտին վրայ, գրեթէ ամեն տեղ ըստ կերպարանաց բնութեան տխուր է, քիչ շատ ձմեռն ըլլալով․ զոր միայն քաղաքական եւ եկեղեցական տօնք կու մխիթարեն եւ յիշատակք անցելոց կու զբօսեցընեն։ Այս ամիս մեր Հայաստան աշխարհին երեսն այլ ամենէն սգակերպ եւ ծանր երեւոյթներէն մէկը կ՚ընծայէ, գրեթէ բոլորովին ձիւնով եւ սառնամանեօք ծածկուած․ ձմեռն հոն իր աթոռոյն վրայ անշարժ կ՚երեւի, կամ բուքերով երկինք երկիր մրրկելով, կամ թէ եւ պարզ ընէ` անանկ չոր եւ բարակ ցուրտ մը կու տարածէ օդուն մէջ, որ կարծես թէ արեւ` իր պայծառութիւնը միայն պահեր եւ կրակը մարեր է։ Հա՞պա գիշերը․ երբ չորացած սառնապատ ծառոց միջէն սարսռալի օձասուլիկ պախրցին կամ արեւելեան հովն, գոգաւոր ձորակներու մէջ որոտալով այն երկայն վայերը վույերը լսեցընէ՞։ … Գոցեցէ՛ք գոցեցէ՛ք դուռն ու երդիք, ամեն ճեղք ու ծակտիք։ Ո՛հ, ի՜նչ քաղցր է, Հայկակ, շարուիլ նստիլ ամրածածուկ ձեղուան մը տակ, թէ եւ հողէ ըլլայ, կարմրաբոց փռան կամ թոնրի մը եզերք, եւ 14—15 ժամ երկայն գիշերուան քառորդ մաս մը անցեալ դիպուածոց, եւ մանաւանդ հայրենեաց, ամսոյն նոյնաթիւ օրերուն մէջ հանդիպած բաները զրուցելով վիպասանելով անցընել։ Ո՜րչափ ցանկալի էր մեզի այլ եկեղեցականին հետ քաղաքական եւ ազգային Յայսմաւուրք կամ Հայադիր մ՚ունենալ․ առաւօտը զայն կարդալ, իրիկունը ասով զբօսնուլ կրակին բոլորտիքը։

Յանուար ամսոյս մէջ գիշեր մը եւ օր մը կայ, զոր Հայն գրեթէ ամեն ազգէ աւելի մեծահանդէս կ՚անցընէ, եւ չի կրնար տան մէջ արգիլեալ մնալ, այն որ ձմեռ չկայ, փոթորիկը կութողու, ձիւն բուք կ՚արհամարհէ, դուրս կ՚ելլէ, կու փութայ յեկեղեցի, Աստուածայայտնութեան տօնը կատարելու, եւ եռանդեամբ ցատքըտելով թզաչափ թանձր սառեր անգամ կու կոտորէ, թմրած պաղած ջուրը կ՚արթընցընէ, մէջը կու մտնէ` քրիստոսանիշ խաչին կնքահայր ըլլալու ։

Այդ մեծ տօնին օրը սովորական հանդէսներէն զատ` շատ նշանաւոր դէպք այլ հանդիպած են մեր նախնեաց ատեն․ որոց մէկ քանին յիշենք այս իրիկուն մեր ընտանի կրակարանին եզերքը բոլորած, թողլով վիպասանից զանոնք բանազարդելու, եւ գուսանաց` երգելու։ Յիշելու դէպքերէս շատն հանդիպած է մեզմէ 800 եւ աւելի տարի առաջ, ԺԱ դարուն երկրորդ քառորդին, մեր Պետրոս կաթողիկոսին օրերը․ որ այն դէպքերուն գլխաւորին պատճառաւ` Գետադարձ ըսուեցաւ․ եւ թէպէտ քիչ մը չափէն աւելի ազգասէրք եւ չափէն պակաս յունասէրք այլայլեր են եղածին պատմութիւնը, բայց անհիմն չերեւիր իր պարզ եւ հին վկայութեանը մէջ։ Եթէ Պետրոս կաթողիկոսի աջն հրաշագործ չէր, իր ձեռքը եղած խաչն իրմէ առաջ այլ շատ հրաշքներ ցուցեր էր․ մենք կու սիրեմք Պետրոսի պերճախօսիկ շարականները, բայց չեմք կրնար գովել իր պերճասէր հնարքները, որովք եկեղեցիէն աւելի քաղաքական տեսութեանց մէջ անուն թողած է։ Իր քառասնամեայ հոգեւոր տիրութեան առաջին տարիները` Անի թագաւորաբնակ քաղաքին մէջ կու նստէր, եւ երկրորդ թագաւորի մը պէս փառօք կու փայլէր, 500 մեծ գեղերու տէր ըլլալով, եւ հայրապետանոցին մէջ կամ իր հետ քանի մը վարդապետ, 12 եպիսկոպոս, 60 կրօնաւոր քահանայ եւ 500 աշխարհիկ երէց պահելով․ իսկ իշխանութեանը տակ կային 500 եպիսկոպոս կամ թեմ, որ թէ եւ չափազանց երեւի, գոնէ եղածին կրկնէին աւելի չէ։ Ընդդիմակ բանն այս է, որ որչափ այն Հայոց կաթուղիկոսն իշխանասէր կ՚երեւար, ժամանակակից թագաւորն այլ` Յովհաննէս – Սմբատ` իմաստասէր էր․ երկուքն այլ խորագէտ, որով երբեմն համաձայն` երբեմն հակառակք իրարու։ … Բայց ի՞նչ պէտք է մեզի հիմա ծաղկած եւ վաճառաշահ մայրաքաղաքի մը մեծերուն քաղաքական գաղտնիքը քննել․ մինչդեռ չորս դին համբաւ կու հնչէ` թէ մեծազօր կայսրն Վասիլ Կ․ Պօլսէն ելեր եւ շատ զօրօք կու գայ ի Պոնտոս․ կ՚անցնի ի Տայս, Վրաց թագաւորէն պահանջելու այն երկիրները` զոր Դաւիթ կիւրապաղատն Տայոց թողեր էր կայսեր, եւ Վրացին կորզեր էր։ Շրջակայ թագաւորք եւ ազատագլուխ իշխանք վախով կամ պատուով կու փութան կայսեր առջեւ․ մեր բագրատունի թագաւորն Յովհաննէս—Սմբատ, ոչ այնքան թանձրամսութեանն համար կու դանդաղի եւ չի շարժիր, որչափ մեծամտութեամբն չուզեր Հայոց իշխանութեանց մէջ իր նախապատիւ աթոռը նուաստացընել, եւ իր դրացի մանրիկ թագաւորաց նմանիլ․ բայց` անոնցմէ, եւ ինչուան իր եղբօրէն, եւ այլ աւելի կայսեր սպառնալից յօնից համբաւէն կասկածելով, իր տեղ անոր երեսը պատուելու կ՚ուղարկէ զՊետրոս կաթողիկոս։ Սա իր եկեղեցական հետեւողաց եւ սպասաւորաց հետ` արքունի դրան մարդիկ եւ զինուորական գունդ առած, իբրեւ երկթագեան իշխանապետ մը` կ՚ելլէ կայսեր դիմաց, անոր ձմերոցը` ի Պոնտոս․ եւ ըստ արժանւոյն պատուելով եւ պատուըւելով, կու հրաւիրուի մերձակայ Աստուածայայտնութեան տօնին օր ջրօրհնեաց հանդէսը կատարել․ ըստ ոմանց Ճորոխ գետոյն վրայ, այլ հաւանօրէն ըստ այլոց` Տրապիզոնի գետակին վրայ։ Յետ աղօթից եւ օրհնութեանց` երբ միւռոնը կու թափէ ի ջուրն` եւ մէջը կու ձգէ այն խաչը` որ մասն ունէր ի բուն փրկչական խաչէն, եւ ի Ս․ Սեղբեստրոսէ ընծայուած էր առ Լուսաւորիչն մեր, յանկարծ ջրէն լուսոյ ցնցուղք կու ծագեն, ի զարմանս ամենեցուն եւ ի մասնաւոր պարծանս Հայոց։ Այս է պարզ եւ ստուգագոյն պատմութիւնն` զոր ժամանակակիցն Արիստակէս Լաստիվարտցին պատմէ, եւ իրմէ առած Վարդան այլք․ որք ոչ քաղաքը յիշեն եւ ոչ գետոյն անունը, եւ ոչ ասոր ջրոց յետս ի վեր դառնալը, ինչպէս կ՚ըսեն Կիրակոս եւ այլք։ Վանայ Վարագայ վանքը պարտողն տեսած է հոն Պետրոս կաթողիկոսի գերեզմանը այսու արձանագրութեամբ․ «Թւին ԳՃՀԱ։ ԱՅՍ Է ՀԱՆԳԻՍՏ «ՏԵԱՌՆ ՊԵՏՐՈՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ․ ՈՐ Ի ՏՐԱՊԻԶՈՆ «ԶԳԵՏՆ ՃՐՈԽ ԱՐԳԵԼԱՑ ԱՌԱՋԻ ՎԱՍԻԼ ԱՐՔԱՅԻՆ»։ Այս արձանագիրս կաթողիկոսին մահուան ժամանակակից չէ․ վասն զի ինքն այդ թուականէն շատ տարի վերջը վախճանեցաւ ի Սեբաստիա, եւ հոն այլ ի Ս․ Նշան վանս կայ անոր գերեզմանն․ ըսել է որ նշխարաց մէկ մասն փոխադրուեր է ի Վարագ, ուր երբեմն նստէր, եւ գերեզմանին վրայ գրուեր է ջրօրհնեաց հրաշից թուականն, որ եւ է ստուգիւ 471 (ԳՃՀԱ) Հայոց թուականն (1022—23 ամ Քրիստոսի)․ թուականը այսպէս կու համեմատեմք, բայց Ճրոխ (կարդա՛ Ճորոխ) գետը չեմք կրնար Տրապիզոնի մոտեցնել, վասն զի լեռներով զատուած եւ շատ հեռու են իրարմէ․ ուրեմն յայտնի սխալ կայ ատոր մէջ, եւ վերջին ժամանակի արձանագրութիւն մ՚է։ Զայն այլ թողլով հանդերձ յօդուածոց պատմութեամբք, կարդամք գլխաւոր դիպուածին մէկ ճոխաբան գրուած նկարագրութիւնը, որոյ հեղինակն մեր ծանօթ պատմիչներէն չէ, եւ քիչ մը ճամարտակող եւ ճակատամարտող է։

Եւ գնացեալ կաթուղիկոսն առ կայսրն ի Տրապիզոն, ունելով ընդ իւր եպիսկոպոսունս երկոտասան եւ եօթանասուն քահանայս յաբեղայից․ եւ երկու բանիբուն վարդապետս, զբազմիմաստն զՅովսէփ Հընծուցն, եւ զքաջն եւ զանյաղթն զԿոզեռն Յովհաննէս․ այլ եւ ի զինուորական դասէն եւ յաւագաց արս․ երեք հարիւր։ Եւ առեալ ի թագաւորական տանէն գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ, ձիս եւ ջորիս։ Զոր տեսեալ ինքնակալն Վասիլ զՏէր Պետրոս հայրապետն` յոյժ ուրախացաւ․ քանզի համբաւ առաքինութեան նորա եւ վարուց սրբութեան` հասեալ էր յառաջագոյն առ թագաւորն։ Վասն զի էր սքանչելի այր, լի ամենայն բարի մասամբ, եւ ունէր շնորհ իմն աստուածական բժշկելոյ զախտաժէտս եւ հալածելոյ զդեւս։ Վասն որոյ եւ Վասիլ գերագոյն մեծարեաց զնա քան զամենայն պատրիարքունս Յունաց․ եւ լրջամտութեամբ ընկալաւ զբերեալ ընծայս նորա․ եւ մեծաշուք փառօք պատիւ արարեալ եպիսկոպոսացն եւ ազատացն` որ ընդ նմա էին։ … եւ ի նոյն աւուրսն եհաս տօնն ծննդեանն եւ յայտնութեանն Քրիստոսի․ եւ ել ամենայն զօրօքն իւրվք եւ քահանայիւք յօրհնել զջուրն։ Կոչեաց եւ զկաթողիկոսն Հայոց իւրայնօք ի յեզր գետոյն․ եւ հրամայեաց զի նախ Տէր Պետրոս օրհնեսցէ զջուրն, եւ ապա Յոյնք։ Եւ յորժամ օրհնեաց եւ էարկ Տէր Պետրոսն զմեռոնն ի ջուրն, եւ զկնի սուրբ իւղոյն հարկանէ երեք անգամ զսուրբ խաչն ի գետն․ եւ ահա հուր սաստկապէս բոցագոյն ծիրանածաւալ փայլատակեաց ի խաչէն, եւ իբրեւ զաղեղն որ յամպս դնի ցոլացեալ` խորան առնոյր ի վերայ գետոյն․ եւ որպէս զսրահատաճար Աստուծոյ ի մէջ առեալ ունէր զամենեսեան զարս եւ զկանայս․ եւ շող լուսոյն բակ առեալ պարփակէր զբազմութիւն ամբոխին ընդ ինքեամբ։ Եւ լուսաւորեցան դէմք մարդկան առ հասարակ որպէս զվարդ կարմիր․ եւ լոյս ելանէր ի խաչէն իբրեւ զյորդահոս ջուրս որ բղխեն յաղբերաց։ Իսկ սուրբ խաչն երեւէր ի ձեռն կաթողիկոսին որպէս բոց վառեալ լուսով․ եւ ի լուսոյ անտի երփն երփն հատանէր խաչաձեւ ըստ չափոյ խաչին, եւ խաղայր ի վերայ ջուրցն իբրեւ զթռչուն սլացեալ որիշ որիշ ի միմեանց․ եւ հոտ անուշութեան լնոյր զամենեսեան։ Իսկ բազմութեան ժողովոյն զահի հարեալ կային եւ աղաղակէին եւ ասէին, Տէր ողորմեա։ Եւ մինչդեռ նոքա աղօթէին, ժողովեցաւ լոյսն միագունդ, եւ երիցս անգամ եհար զջուր գետոյն եւ ամփոփեցաւ լոյսն ի ծոց խաչին․ եւ ջուր գետոյն զետեղեալ ի կրունկն դառնայր եւ զառ ի կոյս արգելաւ վայր մի։ Յայնժամ զարհուրեալ ամբոխին եւ բազմութիւնն անդեալ յերկիր դողային։ Եւ սուրբ խաչիւ տեառնագրեաց կաթողիկոսն երիցս անգամ զգետն եւ ասաց․ Տեսին զքեզ ջուրք Աստուած, տեսին զքեզ ջուրք եւ երկեան, խորք խռովեցան․ եւ տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն քո, եւ ժողովուրդք զսքանչելիս սուրբ նշանի քո։ Եւ արդ որպէս ի ձեռն սուրբ խաչիս քո եկաց ջուր գետոյս կանգուն, գնասցէ դարձեալ յընթացս իւր որպէս յառաջն։ Եւ ապա դարձաւ գետն ի տեղի իւր, եւ խաղացեալ գնայր որպէս յերէկն եւ յեռանդն։ Յայնժամ թագաւորն Վասիլ եւ ամենայն զօրք նորա անկան առ ոտս երանելի սուրբ կաթողիկոսին Պետրոսի․ եւ մեծագոչ հառաչանօք համբուրէին զսուրբ նշանն եւ արկանէին զօրհնեալ ջուրն ի վերայ գագաթանց իւրեանց։ Իսկ թագաւորն Վասիլ դնէր զթագն ի գետինն․ եւ հրամայէր Տէր Պետրոսին արկանել ափովն իւրով զջուրն օրհնեալ ի վերայ գլխոյն իւրոյ։ Եւ առեալ կայսրն զգետարգել սուրբ նշանն ի ձեռս իւր եւ անյագաբար համբուրէր զնա, եւ նովաւ կնքէր զամենայն զգայարանս իւր․ նոյնպէս եւ մետրապօլիտն եւ ամենայն ժողովուրդքն` եռափափաք համբուրիւ ողջագուրէին զամենայաղթ սուրբ նշանն եւ զաջ կաթողիկոսին, եւ ի համբուրելն զսուրբ նշանն` բազմաց լինէր առողջութիւնն։ Եւ մինչեւ օրն տարաժամեցաւ` ոչ աւարտեցաւ համբոյրն ժողովրդեանն ի բազմութենէ ամբոխին»։

Պետրոս կաթուղիկոս այս հանդէսը եւ դեսպանութիւնը կատարելէն ետեւ` դարձաւ յԱնի․ բայց երկար ատեն հոն չմնաց, թագաւորին եւ իր մէջ տարաձայնութիւն ընկաւ․ Յովհաննէս մերժեց զնա ի կաթողիկոսական աթոռոյն, եւ տեղը գրաւ զԴէոսկորոս Սանահնի վանաց եւ թեմին արքեպիսկոպոս առաջնորդը․ որ հարկաւ քիչերուն ընդունելի եղաւ, անոր համար ստիպեցաւ թագաւորն նորէն զՊետրոս դարձնել տալ յաթոռը, միջնորդութեամբ Յովսեփայ Աղուանից կաթողիկոսի․ որուն հետ 4000 եկեղեցականք այլ ժողովքի եկան յԱնի․ եւ թագաւորն ու կաթողիկոս հաշտեան։ Այս հանդէսն այլ մասամբ Աստուծայայտնութեան տօնին եղաւ․ եւ երբ հակաթոռ կամ բռնադատեալ կաթողիկոսն Դէոսկորոս` աւուր պատշաճ տօնը կու կատրէր, քանի մը յանդուգն անձինք գլխէն քողը պատռեցին, որ կաթողիկոսութեան նշան էր, եւ դարձուցին զինքը իր վանքը, ուր եւ յօժարութեամբ գնաց, բայց այդ անարգանաց հարուածը շատ ծանր էր իրեն, քիչ ատենէն սրտառած մեռաւ․ յոմանց իբրեւ բռնաբարող` դատափետեալ, եւ յոմանց իբրեւ ակամայ յանձնառու` արդարացեալ, եւ իր ճգնասէր բարուցը եւ գիտութեանը համար պատուեալ։

Դարձեալ յետ ինն տարւոյ (1045) նոյն ինքն Պետրոս կաթուղիկոս` Ջրօրհնեաց հանդէսը կատարեց ուրիշ խառն տեսարաններով ի Կարին գաւառի․ որ հիմակուան Էրզիրում քաղաքէն զատ` անուանի եւ հարուստ քաղաքաւան մ՚այլ ունէր, Արծն ըսուած, Կարնոյ դաշտին մէջէն անցնող եփրատական Սեւ ջրոյն աջ կողմը, չամբին (Սաղլըգ) մօտ, որ հարիւրաւոր եկեղեցիներ ունէր եւ վաճառականութեան բարեօք լցեալ էր, եւ մեր պատմելու դիպուածէն իրեք չորս տարի ետեւ այրելով եւ աւրելով ի Թուրքաց` հիմա թողած է իր անուան եւ նշխարաց յիշատակ` Գարաարզ եւ Վաղաւեր գեղերը․ ուր թերեւս հնախոյզք դեռ կարենան գտնել հետաքննութեան արժանի բաներ։ Պետրոսի երկրորդ անգամ կաթողիկոս նստելէն մինչեւ այս նոր հանդիսին սակաւաթիւ տարիներուն միջոց` Հայաստան շատ յեղափոխութիւններ տեսեր էր․ Յովհաննէս թագաւորն մեռած․ որդին Գագիկ թագաւորութենէ զրկած։ Անի մայարաքաղաքն ի ձեռս Յունաց անցեր, թագաւորազունք ելեր է Փոքր Հայս գացեր էին․ իսկ ինքն Պետրոս որ Անոյ վաճառման կամակից էր` նստեր էր հոն առաջին փառօքն, եւ քաղքին նոր յոյն քաղաքապետէն այլ պատիւ կ՚ընդունէր։ Ասով բուն քաղաքացեաց այնչափ հաճոյ չէր ըլլար․ քիչ ատենէն Յունաց այլ կասկածելի եղաւ․ եւ երբ նոր քաղաքապետ եկաւ` կայսեր հրամանաւ զինքը քշեց անկէ եւ հրամեց երթալու նստելու յԱրեն Կարնոյ․ ուր եւ վերը յիշեալ տարին մեծաւ հանդիսիւ կատարեց Ջրօրհնեաց հանդէսը Եփրատայ նորընծայ վտակաց մէջ։ Երբ խաչալուայ ընելու պահն հասաւ եւ կտրիճք պատրաստուէին նետուելու ի ջուր, տաճիկ մ՚այլ ուզեց անոնց հետեւիլ․ կաթուղիկոսն հասկցընել տուաւ անոր` թէ այդ բանը քրիստոնէից միայն կու պատշաճի իբրեւ կրօնական հանդէս մը․ տաճիկն այլ իմացուց որ ինքն այլ քրիստոնեայ ըլլալու եւ մկրտուելու համար կ՚ուզէր մտնել ի ջուրն, եւ հաւանութեամբ կաթուղիկոսին մտաւ։ Այն ատեն միւռոնակիր փոքրաւորն` ապակեայ շիշը ձեռացը վրայ զարնելով կոտրեց եւ թափեց թէ ջրին եւ թէ նորահաւատին վրայ, երկուքը մէկէն կնքելով․ բայց շիշը կոտրելու ատեն ապակւոյ կտոր մը ձեռքը վիրաւորելով` իւղը, ջուրը եւ արիւնը մէկտեղ խառնեց։ Այս բանս, կ՚ըսէ ժամանակագիրն, անյաջող դիպուածի մը գուշակութիւն սեպեց հանդիսատես ժողովուրդն․ մանաւանդ երբ իրօք այլ հանդիպեցաւ։ Վասն զի երբ յետ հանդիսին կաթուղիկոսն նստեր էր ի սեղան, յանկարծ կայսերական հրամանաւ մարդիկ եկան զինքը վերուցին, տարին Խաղտոյ—Առինճ ըսուած գիւղին բերդը, որ հիմա Գաղտառիճ կ՚ըսուի, եւ երկու գեղ է, մեծ եւ փոքր, Կարնոյ եւ Խաղտեաց միջասահման։ Նոյնպէս քիչ ատենէն Պետրոսի քեռորդին եւ յաջորդը Խաչիկն այլ` բռնեցին եւ ուրիշ բերդ մ՚արգիլեցին․ յետոյ զերկուքն ալ ի Կոստանդնուպօլիս խաւրեցին։

Այս դիտուածէս եօթն կամ ութ տարի ետեւ (1052)` նոյն կաթուղիկոսին որը, բայց ոչ իր ներկայութեանը, նոյն մեծ տօնին խթման գիշերը ցաւալի դիպուած մը հանդիպեցաւ ի Կարս քաղաքի, որ Արծին նման վաճառականութեամբ հարստացեր էր, եւ Անիի պէս առանձին թագաւորաց մայրաքաղաք էր քիչ մ՚առաջ․ մինչդեռ պաշտօնասէրք գիշերային ժամերգութիւնը կատարէին, եւ ամենեւին թշնամւոյ կասկած մը չկար, եւ անոր համար քաղաքապահ զօրքն այլ անզգոյշ էին, տօնին զբաղած, Թուրքաց Տօղրուլ—բէկ սուլտանին հօրեղբօրորդւոյն ապստամբ Գուդուլմուշին թափառական ասպատակներն` ձմերային սովալլուկ գայլոց պէս մտան ի քաղաք, եւ սրբազան ու ազգային հանդէսները յարցունք եւ յարիւն դարձուցին․ տուն եւ եկեղեցի ողբոց եւ մահու տեղ եղան․ ով որ կրցաւ քաղքին ամուր բերդը փախչիլ` ազատեցաւ․ մնացելոց շատն ջարդուեցաւ, ամենքն կողոպտեցան իրենց ստացուածքներէն․ հարստութեամբ լցուած քաղաքն աւեր դարձաւ․ վասն զի անզգամ կողոպտիչքն ինչպէս աւազակօրէն մտան` այնպէս ելլելն այլ բաւական չսեպելով` կրակ այլ տուին, եւ ետեւնէն սեւ ծուխը վկայ թողուցին իրենց գազանութեանը։ Բայց Կարս իր ամուր բերդին պատճառաւ բաղդաւոր գտնուեցաւ քան զԱրծն, նորէն նորոգուելով․ սակայն նոյն պատճառաւն այլ աւելի շատ անգամ պատերազմի հարուածներ եւ մեծ նեղութիւններ կրեց, ինչուան մեր օրերը, (1855)։

Թշնամիք դիտելով եւ գիտնալով որ Հայք յանուարի վեցին մեծ տօնախմբութեան պատճառաւ տուներնէն տեղերնէն կը հեռանան, շատ անգամ նոյն օրը վազած են անոնց վրայ, եւ ազգերնուս մեծագոյն տօնն ի սուգ դարձուցեր են, օրհնեալ ջուրն այլ յարիւն մինչեւ ազգային առակ եղեր է ըսել․

«Աստուած պահէ

Յայտնութիւնի հեծելէն,

Վարդավառի հեղեղէն»։

Բայց մենք թողլով հիմա այս տխուր տեսարանները, քիչ մ՚այլ ուրախ դիպուածներ տեսնենք․ փոխադրինք ուրիշ հայ աշխարհք մը, անցնինք դարուկէս ժամանակ, երթանք ի Կիլիկիա, մեր վերջի թագակապ ցեղին հանդէսներուն ներկայ ըլլալու, նոյն այս սրբազան օրը զոր թերեւս աւելի քան զԲագրատունիս պայծառապէս տօնէին Ռուբինեանք․ վասն զի առաջիններուն կորուսած թագը` իրենց գլուխը դրուեցաւ յետ իբր 100 ամաց` յայտնութեան տօնին օր, յամին 1198, ի ներկայութեան նուիրակաց զանազան ազգաց։ Այս ազգաշուք փառաց նորոգութիւնն` արդիւնք է քաջութեան, ճարտարութեան, նաեւ արդար փառասիրութեան Լեւոնի, որ ըստ կարգի պայազատաց` Բ է այդ անուամբ, եւ ըստ կարգի թագաւորաց Ա կ՚ըսուի։ Իր նախորդքը սովորաբար Պարոն եւ երբեմն սեբաստոս կամ մարգիզ կ՚ըսուէին, կամ մեծ իշխանք, եւ Լերանց իշխեցող․ որովհետեւ առաջ Փռիւդիոյ եւ Իսաւրիոյ լերանց, յետոյ Կիւլիկիոյ լերանց եւ դաշտաց սկսան տիրել։ Լեւոնի պապուն եղբոր եւ նախորդին` քաջին Բ Թորոսի անուամբ այլ` Թորոսի երկիր կոչուեցաւ իր վիճակն․ իսկ այս Լեւոնս իր պապուն` Ա Լեւոնի կործանած անունը կանգնելով` իր տիրած երկիրն ալ Լեւոնի երկիր անուանել տուաւ։ Քաջութեամբ եւ խորամանկութեամբ շրջակայ իշխանաց ահաւոր եւ պատկառելի ըլլալով եւ եւրոպացի մերձաւոր իշխանաց սիրելի եւ օգնական, համարձակեցաւ Ալեմանաց Փրետերիկոս կայսերէն թագաւորութեան թագ ուզել, երբ կայսրն իր երկիրը եկաւ ի Սելեւկիա քաղաք, ուր փութացաւ Լեւոն խաւրել ընդ առաջ նորա զկաթողիկոսն եւ զՍ․ Ներսէս Լամբրոնացին․ դժբաղդաբար ծերունի կայսրն հոն անզգուշաբար գետոյն մէջ լուացուելով խեղդեցաւ, եւ թագադրութեան խոստումը անկատար մնաց։ Բայց Լեւոն դարձեալ խնդրեց զնոյն անոր յաջորդող որդիէն, յԵնրիկոս կայսերէ, եւ նաեւ ի սրբազան պապէն Կելեստինոսէ, որք քան մը պայման պահանջելով ի Լեւոնէ (ի նշան հաւատակցութեան եւ միաբանութեան) խաւրեցին իրեն փափագած պերճափայլ թագը, եւ առիւծանիշ դրոշ մը, յամին 1197, ի ձեռն Կոնրադոսի ծիրանազգեաց արքեպիսկոպոսին Մայենցայ, որոյ ընդ առաջ խաւրեց Լեւոն` իր խնամին եւ քարտուղարը` Յովհաննէս Սսոյ արքեպիսկոպոսը։ Յաջորդ նոր տարին ի տօնի Աստուածայայտնութեան` ժողովեցան ի Ս․ Սոփիա եկեղեցի Տարսոնի, եւ մեծաւ հանդիսիւ թագաւորեցուցին զԼեւոն ի վերայ Հայոց․ օծողն էր Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոսն, թագաւորն` վերոյիշեալ լատին եպիսկոպոսն` իսկ հանդիսատեսքն` դեսպանք կամ պայլք արեւմտեան տէրութեանց եւ վաճառակից հասարակապետութեանց, կրօնակարգ ասպետք, պատրիարքն Ասորւոց Անտիոքայ, մետրապօլիտն Յունաց, Երուսաղեմի Հայոց եպիսկոպոսապետն, վեց մեծաթոռ արքեպիսկոպոսք, տասն եպիսկոպոսք Կիւլիկիոյ, բազմաթիւ վանահարք, վարդապետք եւ քահանայք․ իսկ յաշխարհականաց յիսունի չափ բերդատէր հայ իշխանք (որոնց անունը եւ բերդերը կու համրէ Սմբատ գունդստապլ պատմիչ` Լեւոնի քեռառն որդին), եւ ուրիշ լատինացի իշխանք Անտիոքայ եւ Կիպրոսի տէրութեանց։ Հանդիսին փառքն Լեւոնի համբաւն ընդարձակեց․ Պաղատայ խալիֆայն եւ Կոստանդնուպօլսոյ կայսրն իրենց կողմանէ այլ թագ խաւրեցին, իսկ Լեւոնի երկրին չորս կողմը եղող իշխանք, ըստ բանի Սմբատայ գունդստապլի` «ամսումն ճանապարհաւ հեռու յիշէին զանուն թագաւորին Լեւոնի, եւ անտես` դողային»։

Մեծին Լեւոնի թոռն Բ Լեւոն թագաւորն այլ, յետ 74 ամաց, նոյն քաղքին եւ նոյն քաղքին եւ նոյն եկեղեցւոյն մէջ նոյն տօնին օրը յանձն առաւ թագաւոր օծուելու, եւ հանդիսին հռչակող ատենարան եղաւ իր քարտուղարն Վահրամ Րաբուն վարդապետ։ Թագաւորք մեր եւ ժողովուրդք` իրենց մեծագոյն հանդիսի օր սեպէին այն օրը` յորում Քրիստոսի երեք անօրինական մեծ եւ փառաւոր յիշատակները տօնէին, թէ սրբազան թէ արտաքին հանդիսիւ։

Անշուշտ ախորժելի պիտի ըլլայ այս հանդիսից մէկ նկարագիրը լսել ականատես օտարազգիէ մը, որ Ա Լեւոնի թագաւորութեան երեքտասաներորդ տարին հանդիպեցաւ իրեն եւ տօնին, այս անձս է Վիլլէպրանտ օլտէնպուրկեան, Հաննովրէի Հիլտէս հայմ քաղաքին կանոնիկոս վարդապետն, որ 1211 թուականին ճանապարհորդելով յարեւելս` եկաւ ի Կիւլիկիա, եւ երկու ամսոյ չափ հիւրընկալութիւն գտաւ մեր թագաւորէն, որ նախ տեսաւ ի Տարսոն, եւ յետոյ ի Սիս, որոյ համար կ՚ըսէ․ «Այս քաղաքս տէր թագաւորին մայրաքաղաքն է․ բնակիչքն անթիւ եւ հարուստ, բայց պարիսպ չունի, անոր համար կրնայի աւելի քաղաքաւան կոչել քան թէ բուն քաղաք, թէ որ Հայոց արքեպիսկոպոսարանը չունենար․ նաեւ Յոյնք հոն պատրիարք ունին։ Սակայն ունի ամուր բերդ մը լերան գագաթը, որոյ ոտքէն կու սկսի քաղաքը աստիճանաբար դար ի վայր տարածուիլ…։ Ջրօրհնեաց հանդէսը Հայք այս կերպով կատարեն, տօնէն 12 օր առաջ, զոր մենք (լատինք) խնտումով եւ կերուխումով կ՚անցունենք, անոնք ի պատիւ տօնին` ապաշխարութեամբ եւ պահօք անցուցին, հրաժարելով ի ձկանէ, ի գինւոյ եւ ի ձիթոյ, իսկ բուն խթման օրը բոլորովին ծոմապահութեամբ կեցան, որպէս զի յետ վերջալուսոյն պատարագը մատուցանեն, եւ բոլոր այն գիշերը աստուածային պաշտամամբք անցուցին։ Իսկ երկրորդ օրը Քրիստոսի Ծննդեան տօնը կու կատարեն, ըսելով թէ Քրիստոս նոյն օրը ծնաւ, եւ յետ 30 տարւոյ դարձեալ նոյն օրըմկրտեցաւ։ Առաւօտուն ամենքն փութային քաղքին մօտ գետոյն եզերքը երթալու, ուր որ թագաւոր տէրն այլ կ՚երթար, այսպիսի կարգաւ։ Ինքն թագաւորն բարձրահասակ ձիու մը վրայ հեծած էր, իր քովէն կ՚երթային Ալեման ասպետաց կարգապետն, Սելեւկիոյ Հիւրընկալ ասպետաց բերդապետն, իրենց կրօնակից հազար ընկերներով, յետոյ զայր տէրն Ռուբէն, փոքր թագաւորն, (Լեւոնի եղբօր դստեր որդին), զոր ինքնակալն Ոթոն` ի խնդրոյ մեծ թագաւորին` թագով պսակել տուեր էր․ ասոր ետեւէն կու գային իր երկրին ազնուականներն․ եւ բազմութիւն զօրականաց գեղեցկազարդ հագուած, որոց ճորտերն ամեն մէկուն դրօշները եւ վառերը ձեռընուին բարձրացուցած, եւ անոնց սարած ձիերուն սանձէն բռնած` մեծ թագաւորին առջեւէն կ՚երթային։ Իրեն եւ ասոնց խումբին միջէն կու վազվռտէին բազմութիւն զինակիր փայեկաց, իբրեւ անձնապահք թագաւորին․ իսկ բազմութիւն ժողովրդեանն չորս կողմէն կ՚ողջունէր զնա սաստկաձայն աղաղակաւ, ՍՈՒ՜ՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ։ Այսպիսի մեծ հանդիսիւ թագաւորն կու գար իջնելու իրեն համար գետոյն եզերքը կանգնած վրանին տակ։ Իրմէ ետեւ կու գային Յոյնք եւ իրենց պատրիարքն` հետեւակք, շատ սրբազան սպասներով, եւ այնչափ փողերու եւ ուրիշ երաժշտական նուագարանաց ձայն ձգեր էին, որ աւելի հանդէս մը` քան թափոր մը կու ձեւանար։ Ասոնք այլ իրենց որոշուած տեղը` գետեզերքը կու սպասէին ուրիշներուն։ Յետոյ գային Հայոց եկեղեցւոյն ուխտն, մկրտելու խաչը բերելով եւ վայելչապէս յառաջելով` իրենց արքեպիսկոպոսին հետ․ որոնց խոնարհական կերպը եւ վայելչակարգ թափօրը` շատ աւելի պիտի գովէին, եթէ մէկ երկայնամօրուք քահանայ մը (ասով` նման ուրիշներուն), դժբաղդաբար շփոթութեան պատճառ չըլլար․ վասն զի ասիկայ վերոյիշեալ գետոյն խառնուող պզտիկ վտակէ մը անցնելու ատեն` ոտքին մէկ կօշիկը կորսընցուց, եւ ջրին ընթացքէն ազատելու համար անզգուշութեամբ աշխատելովը` եպիսկոպոսին եւ ուրիշներու անցնելուն արգելք եղաւ․ թէ որ մէկն այսպիսի անհոգութիւն մ՚ընէր ի Հիլտէսհայմ թափորի ատեն, սաստիկ յանդիմանութիւն կ՚առնուր։ Ասոնք այլ վերոյիշեալ գետոյն եզերքը` իրենց տեղը բռնեցին կեցան։ Երբոր բոլոր թափօրն մէկտեղ եկաւ, սկսան ասդիէն երգել․ եւ ինչուան կուրծքերնին իջած օդուռոյց կծկի նման երկայն մօրուքներուն շարժելէն կ՚իմացուէր` որ աղէ ոյժ կու տային յունարէն եւ հայերէն աւետարաններ եւ ընթերցուածներ կարդալու ատեն, եւ այն կերպարանեալ Յորդանանը օրհնելով` բերած խաչերնին մէջը մկրտեցին, եւ աջ կողմէն աղաւնի մը թռուցին։ Այն ատեն մէկն` իշու վրայ հեծած` գետոյն մէջ մտնալով եւ կանգուն կենալով` շաքարաձայն` կոկորդով կանչեց, Կեցցէ թագաւոր մեր յաւիտեան․ եւ դարձեալ, Օրհնեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի ամենայն ուխտ քրիստոնէից, եւ երբ ամենքն միաբերան անոր պատասխանելով` Ամէն կու կանչէին, ինքն երգապետն ջրին մէջ կու թապըլտըկէր, որ եւ ծիծաղելու պատճառ եղաւ շատերու։ Յետոյ թագաւորն եւ ուրիշներն այլ այն ջրով իրենք զիրենք ցողեցին, իսկ Ասորիք մերկացած կու լուացուէին անոր մէջ։

,Այս արարողութիւնս լմըննալէն ետեւ` եկեղեցականք իրենց վանքը քաշուեցան, իսկ թագաւորն եւ զինուորականք փութացան դէպ ի դաշտերը․ եւ պալարակապ երիվարները վազցնելով եւ նիզակներ նետելով` զինուորական խաղեր ըրին․ եւ բոլոր օրը մեծ ուրախութեամբ անցուցին։ Երկրորդ օրը ամենքն իրենց տեղը դարձած։

«Այս այլ գիտցէք, որ տէր թագաւորին` այդ (Սիս) քաղքին քով իրեն զբօսանաց պարտէզ մը պատրաստեր է, որուն սքանչելի փափկութիւնները նկարագրելն` կու խոստովանիմ որ կարողութենէս վեր է։ Տօնը կատարելէն եւ տէր թագաւորէն հրաման առնելէն ետեւ, որ զմեզ շատ մեծապէս պատուեց, եկանք Նաւարզա (Անաւարզա) ամուր բերդը… որոյ անուամբ թագաւորն իր նշանը «Նաւարզա կու հռչակէ»…։

Այսպիսի հանդէսներ` եթէ չկարենան այլ ձմեռուան սառամանիքը բոլորովին հալեցընել, գոնէ գունագոյն ծիածաններ կու ձգեն վրանին։


Ե․ Զապել

+22 Յանուարի, 1252․



Եւ դու զաչըս տակաւին, մատաղ բամբիչն, առ քեզ գերես,

Նազելիդ Զապէլ, միայն թագաւորեալ Հայոց դշխւյդ,

Ոչ զերկրի սոսկ եւեթ, այլ եւ զերկնից աչս եւ ըզսիրտ,

Խըտտըղեալ ի գեղ ոգւոյգ եւ գիրդ մարմնոյդ․ եւ զքոյսըդ դու

Յերկրի` Հեթմոյ միայն, եւ ի յերկինս` Աստուծոյ տաս։

ՀԱՅԿ․ ԺԶ․ 1069—73

ԶԱՊԵԼ անուն` որ հիմայ շատ մերազգի ընտանեաց մէջ անուշութեամբ կու լսուի, աւելի անոյշ յիշատակներէ առաջ եկած է, եւ թերեւս աւելի քան ուրիշ ազգաց` մեզի նուիրական եղած․ կան անոնց մէջ այլ Իզապել թագուհիք, բայց գուցէ ոչ մի այնքան սիրելի եւ պաշտելի ` որքան մերս Զապել, ժամանակակից եւ նման մաքրութեամբ վարուց` իր անուանակցին Ս․ Իզապելի` քրոջ Ս․ Լուդվիկ թագաւորին Փռանկաց։ Զապել առաջին է այս անուամբ ի մէջ ազգակցացն, առաջին բարձր թագաւորական պատուովն, եւ առաջին գեղեցիկ վարուքն եւ սրբութեամբ, հռչակաւոր` նաեւ քաղաքական կենաց դիպուածովք։ Եւ ինչպէս մէկ հատիկ Տիգրանուհի ի մէջ հայկազուն թագուհեաց մերոց, մէկ հատիկ Սաթենիկ կամ Ս․ Աշխէն Արշակունեաց մէջ, կամ Կատրամիդէ եւ Խոսրովանոյշ ի Բագրատունիս, Ռուբինեան հարստութեան մէջ այլ մէկ հատիկ Զապէլ թագուհի․ մանաւանդ թէ բոլոր մեր ազգին պայազատաց մէջ` սա մէկիկ թագաժառանգ աշխարհատիկին եղաւ․ ոչ թագաւորի կին ըլլալովն` կոչեցաւ թագուհի, այլ իր ամուսինն իրմէ կոչեցաւ թագաւոր։ Իրմէ առաջ` օտար պատմիչք կու յիշեն, (եւ դրամն այլ կու վկայէ) որ Երատոյ անուամբ Հայոց իշխեցող թագուհի մը եղած է, Քրիստոսի յաշխարհ գալուն տարիները, իբրեւ կին եւ քոյր Տիգրանի, բայց անունն եւ համբաւն իսկ անծանօթ է մնացեր իր ազգին։

Ա

Զապել իր տկար սեռով, փափուկ հասակաւն, հեղուկ սրտովն, նոր թագաւորութեամբ ձեւացեալ ազգի մը` կէս ինքնագլուխ եւ պայազատօրէն վարող բերդատէր իշխանները միացընելու, եւ Հայոց մանաւանդ այնպիսի ժամանակի Հայոց ազգավար ըլլալու, երթէ անկարելի անձ մը եւ բան մը կ՚երեւէր․ եւ սակայն վերին ազգախնամ տեսչութիւնն, փորձ եւ կտրիճ իշխանի մը (Կոստանդնի) քաղաքագիտութիւն, եւ մեծ ու հասարակաց երախտաւոր ու պատկառելի թագաւորի մը (Լեւոնի) կամք, որ իր դեռաբոյս դստրիկը կտակաւ տիկին կարգեց իր 34 տարի արեան քրտամբք խնամեալ ազգին եւ քսանամեայ պայծառացեալ թագաւորութեանն, կարողացուցին այս բանս․ եւ եղաւ Զապել առիթ հանգստեան Հայոց նորաթագ հարըստութեանը, որպէս եւ իր անարատ վարքովն` ըստ անուանն ստուգաբանութեան` Աստուծոյ հանգիստ (Էլի—սաբէթ` հրէարէն)։ Մեր պատմութեան, եւ մասնաւորապէս Ռուբինեանց միջոց։

Զապել ազնիւ եւ գեղեցիկ գոհար մ՚երեւցաւ, բարձր գլխոյ եւ բարձր բաղդի մը սահմանուած, եւ իբրեւ այսպիսի գոհար, (եթէ կրնամ ըսել, լուսափայլ` դեռ չբանուած իսկ, դեռ նոր գտուած) անկարելի այլ էր որ բազմաց բաղձալի, ակնունելի եւ հակառակելի չըլլար, եւ կրնայ քաղաքական մտօք յարմարուիլ Զապելի վրայ` ինչ որ թէ՛ նոյն թէ սրբազան մըտօք ըսաւ մեր հոգերգակ հայրապետն` Հռիփսիմէի համար․

«Ի վերայ միոյ պատուական մարգարտի

Խաղացին ցընծալով ամենայն (հեթանոսք)։

Արեւմուտք` յարեւելս ընթացեալ հասին

Քարոզել յայտնապէս ըզչքնաղ տեսութիւնն։

Լըւան թագաւորք եւ լըցան խնդութեամբ․

Որսալ յանձն առին ըզգաղտնի մեծութիւնն․

Պարգեւել իրերաց խոստանային բանիւք,

Եւ ծածուկ հընարիւք` գողանալ ի միմեանց»։

Զապելի այսպիսի բաղդի ենթակայ ըլլալը իմանալու համար` բաւական չէ գիտնալն որ Հայոց առաջին եւ անուանի թագաւորի մը դուստր է, եւ ոչ թէ միամօր դուստր այլ, կամ հրատարակեալ ժառանգ Լեւոնի․ այլ հարկաւոր է եւ գիտնալն թէ ի՞նչպէս այսպիսի մեծ ժառանգութեան սահմանեցաւ, եւ ի՞նչպէս հասաւ ի նոյն։ Իր մեծասիրտ հեռատես եւ խորատէտ հօրն գլխաւոր հոգոց եւ գործոց մէկն էր այս․ Լեւոն` ոչ միայն Ռուբինեան թագաւորութեան հեղինակն եղաւ, այլ եւ պահող, զօրացընող ու հռչակող հայրենի տէրութեանը, յորում եւ յաջողեցաւ անհուն ջանքով, կտրճութեամբ, երկայնամտութեամբ եւ բարակ քաղաքագիտութեամբ մը, որով գերազանցեց քան զամենայն Հայպետս, եւ քան զչատս յազգապետաց օտարաց։ Գիտես, Հայկակ, որ իր նախորդքն ամբողջ դար մը ո՞րչափ աշխատեցան իրենց բոյնը հաստատելու Տորոսի ժայռերուն վրայ, պաշտպանելով ի Յունաց եւ ի Սէլչուկեանց․ ո՞րչափ կըռուեցան` յաղթուելով այլ` յաղթելով այլ․ գիտես, որ իր հայրն` Ստեփանէ` Յունաց կրակով եռացուցած կատսայի մը մէջ խաչեցաւ (յամի 1164—1165)․ գիտես, որ իր հորեղբօր (Թորոսի) որդին` Բ․ Ռուբէն մանուկը, տէրութեան օրինաւոր ժառանգը` չարաչար սպաննեցին` Հայոց տունը քանդել փափագողք․ գիտես, որ իր միւս հօրեղբայրն Մլեհ` Հայոց նախատինք եւ աննման անզգամ մ՚էր եւ բռնութեամբ յանիրաւի տիրեց կամ նուաճեց աշխարհքը, իբրեւ տասն տարի, մինչեւ յետ անոր մահուն կրցաւ Լեւոնի անդրանիկ եղբայրն` Ռուբէն Գ․ պայազատել Հայոց պարոնութիւնը (1175)․ բայց ապահով մնալու համար կարօտ էր եղբօրը (Լեւոնի) օգնականութեան։ Սա ազատեց զՌուբէն Անտիոքայ դքսին ձեռքէն, որ խաբէութեամբ բռներ եւ բանտեր էր զնա․ անոր համար Ռուբէն կրկին երախտապարտ առ Լեւոն, իր տարաժամ հիւանդութեամբ ծանրացած ատեն` կրօնաւորելով, անոր թողուց տիրական աթոռը (1186), եւ անոր հետ` արժանաւոր խրատներ տուաւ` չվըստահանալու մեծամտութեամբ իր քաջութեանը եւ հանճարոյն վրայ, այլ եւ մեծ խոհեմութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ քաղաքավարելու։ Ջանաց Լեւոն այս ամեն ձիրքերը յարմարցընելու իրարու, եւ դժուար պարագայից մէջ շատ անգամ յաջողեցաւ քան թէ սխալեցաւ։

Բ

Առաջին դժուարութիւնն ի սկզբան տէրութեանն եւ գրեթէ մինչեւ ի վերջն այլ, իր դրակից եւ համազոր Անտիոքայ դքսին կողմէն էր, որ ինչպէս իր եղբայրկ դաւաճանեց` այսպէս իրեն այլ կու դարանէր․ երկայն խաղեր խաղաց Լեւոն անոր հետ, եւ եթէ Եւրոպացւոց դաշնակցութեան ու երախտեաց պարտքը չունենար,եւ մանաւանդ պատկառանքն ի սրբազան գահէն Հռովմայ, որոյ միջնորդութեամբ այլ իր թագը եւ իր դրօշն ընդուներ էր, թերեւս բոլորովին զինուորական ուժովը վարուէր Անտիոքացւոց հետ․ բայց հարկ էր երբեմն ուժէն աւելի խորագիտութեամբ վարուիլ։ Այսու մտօք Լեւոնի առաջին խաղն կամ հնարքն եղաւ խնամենալն իր նախանձորդին կամ թշնամւոյն հետ, որ էր դուքսն Պեմունդ Գ․ որոյ աներձագին դուստրը` Իզապելը` առաւ ի կնութիւն (1189)․ իսկ անոր (Պեմունդի) անդրանիկ որդւոյն Ռայիմոնտի կամ Ռեմունդի` կին տուաւ (1195) իր եղբօր (Ռուբինի) դուստրը` Ալիծ, (որ այրի մնացեր էր ի Հեթմոյ Սասնեցւոյ), եւ ասոնցմէ (յԱլիծայ եւ ի Ռեմունդէ) ծնաւ (1196) Ռեմունտ—Ռուբէն Բրինձն, որ պիտի ըլլար օրինաւորապէս ժառանգ դքսութեան Անտիոքայ․ եւ մայրենի արեամբն` անկասկած եւ բարեկամ պիտի պահէր զՀայաստան։ Բայց երբ ասոր հայրն Ռայիմոնտ տարաժամ մեռաւ (1200) եւ իր հնգամեայ որդին անուանեցաւ կոմս, անոր հօրեղբայրն Պեմունդ Դ․ յափշտակեց` ոչ միայն անոր իշխանութիւնը, այլ եւ իր խռֆած եւ ապշած հօրը աթոռը․ (ապշութեանն համար le Bambe կ՚անուանէին զնա)։ Բայց իրաւունքն եւ Լեւոն` վռնտեցին զհայրանենգ գահասէրը, եւ դարձուցին ծերը յաթոռն, իսկ երբ սա քիչ ատենէն բնական մահուամբ մեռաւ (1201), որդին (Պեմունդ Դ) նորէն իշխանութիւնը ձեռք ձգեց ընդդէմ իրաւանց Ռուբենի—Ռեմունտայ։ Ահա այս բանիս համար գրեթէ քսան տարի հակառակութիւն եւ կռիւ էր Լեւոնի եւ Պեմունդի մէջ, եւ Անտիոքայ դքսութիւնն տակն ու վրայ եղաւ․ իրեք չորս անգամ առաւ Լեւոն զԱնտիոք եւ նստուց իր եղբօր թոռը․ Անտիոքացիք երկպառակած` ոմանք Լեւոնի` ոմանք Պեմունդի կուսակից կ՚ըլլային․ Լատինք բնականապէս աւելի այս ետքինիս կողմն էին, վախնալով որ չըլլայ թէ բոլոր երկիրն այլ Հայոց թագաւորին իշխանութեան տակ անցնի․ մանաւանդ որ Լեւոն արու զաւակ չունելով` զՌուբէն անուաներէր իրեն յաջորդ, եւ թագով այլ պսակեր էր զնա (1210)։ Լատինք մեծ օգնութիւն գտան իրենց Հռովմայ սրբազան քահանայապետը․ եւ թէ՛ անոր նամակօք ու նուիրակօք, թէ պատրիարգօք Անտիոքայ եւ Երուսաղեմի, թէ ժողովքով յԱնտիոք, եւ թէ բանադրանօքկու բռնադատէին զԼեւոն թողլու զԱնտիոք ի Պեմունդ․ Լեւոն այլ դեսպաններով եւ նամակներով եւ իշխանական ուժով երկար տարիներ դիմացաւ, իր իրաւունքը եւ դաշնագրութիւնը պաշտպանելով․ ինչուան որ ուրիշներն այլ ճանչցան զՌուբէն օրինաւոր ժառանգ դքսութեան, եւ բանադրանքը վերուցին ի Լեւոնէ։ Այս բաներս գոնէ համառօտիւ հարկ է գիտնալ, լաւ հասկընալու համար Զապելի ապագայ բաղդը, որ կերպով մը այս անտիոքեան խնդիրներէն ծագեցաւ։

Լեւոն թէ իր ըրած ամուսնութեամբն եւ թէ Ռուբէնը որդեգրելովը` որչափ որ Անտիոքայ մերձաւորեցաւ, այնչափ այլ ետքի տարիները իրեն զզուելի եղաւ այս մերձաւորութիւնը, եւ ամենէն աւելի իր կինն եղաւ իր սրտին վիշտ, զոր թերեւս աւելի քաղաքական տեսութեամբք քան սրտին փափագանօքն առեր էր․ եւ չէր այլ ունեցած իրմէ իրեն նման կտրիճ զաւակ մը, ժառանգ իր այնքան աշխատանօք գտած եւ պահած թագին, բայց դեռ նախախնամութեան կամօք վարելով, եւ Ռուբէնը իրեն յաջորդ ընտրելով` գոհութեամբ կ՚ապրէր։ Սակայն երբ յետ իբր քսան տարւոյ (1206) կենակցութեանն` ծանր ամբաստանութիւն լսեց թագուհւոյն վրայօք հաւատարիմ անձէ, թերեւս իր ազնուական չափէն այլ աւելի դուրս ելնելով եւ պատժելով զկինն` բանտարգել ըրաւ ի Վահկա բերդի․ եւ անկէ ունեցած մատղաշ աղջիկը` յանձնեց իր մօրը` Ռիթա տիկնոջ, որ դեռ ողջ էր, եւ որոյ անուամբ կոչէր էր դուստրն այլ։ Մեր պատմիչք զսա միայն յիշեն զաւակ Լեւոնի․ բայց օտարք անուանեն նաեւ զՍտեֆանիա` կամ Եսդեֆեմի (Estephemie) դուստրն այլ զոր տուաւ ի կնութիւն քաջին Յովհաննու Պրիենայ Երուսաղեմի թագապահին կամ թագաւորին։ Իզապելի վերջն ինչ եղաւ` անյայտ է․ հաւանօրէն քանի մը տարիէն մեռաւ յարգելանին․ եւ Լեւոն երկրորդ ամուսնութիւն ըրաւ, երթալով ի Կիպրոս առ (թագաւորն Հիւկ՛) որդին Ամաւրեայ, եւ առնլով (1210) ի կնութիւն, հաւանութեամբ Ս․ Պապին ասոր մատաղ օրիորդը` Սիպիլ, որ էր ըստ մեր ժամանակագրին (Սմբատայ) ,Կին իմաստուն եւ համեստ»։ Ասկէ` Լեւոնի ծերութեան ծիրանի ծաղիկ ընծայեցաւ մէկհատիկ աղջիկ մը, ԶԱՊԵԼ, յամի 1216։

Գ

Զապել իր ծերունի հօրը խոնարհած արեւուն յանկարծափայլ լոյս մը, նոր յոյս մը բերաւ։ Լեւոն նոյն տարին արդէն անգամ մ՚այլ Անտիոքայ տիրեր եւ հաստատեր էր հոն զՌուբէն․ բայց երբ նա նորէն հալածուած ի Պեմունդայ` դիմեց առ հայրագիր եւ պաշտպանն իւր, Լեւոն` արդէն ձանձրացեալ, ծերացեալ եւ հիւանդ, յայտնի տեսնելով որ եթէ Ռուբէն ինքն իրեն կարող չէ աթոռը պահելու, անով Հայոց գահուն այլ վնասաբեր պիտի ըլլայ, ոչ միայն վերջի անգամ (1219) չօգնեց անոր, այլ եւ մերժեց իր աթոռոյն յաջորդութենէն այլ, կտակը փոխեց, եւ իր ստացուածոց ու թագին ժառանգ անուանեց, (եւրոպական օրինաց հետեւելով) իր նորընծայ Զապել դստրիկը, իբրեւ նախախնամութենէ պարգեւեալ պայազատ մը։ Իր վերջի տարիները` երբ ձեռքի եւ ոտքի յօդացաւութեամբ տանջուելով` չէր կրնար կատարել իր քառասուն տարի ըրած առիւծական արշաւանքները, եւ ոչ արծուի պէս ճանկերը ձգել լեռնէ լեռ, բերդէ բերդ, իր ընդարձակած երկրին սահմանակից հակառակորդաց վրայ, դեռ երբեմն մռնչալովը կը վախցընէր զանոնք․ զօրքն ու զօրավարները կու ղրկէր կամ յօգնութիւն նեղելոց եւ կարօտելոց, կամ ի հալածել զթշնամին․ եւ եթէ սա զօրացեալ` զիրենները քշէր ու վտանգէր, Լեւոն երկաթի տեղ ոսկի սփռելով` կու հեռացընէր վտանգաւոր մերձաւորը եւ կ՚ազատէր իր գերելեալ զօրքն եւ իշխանները։ Այսպէս այլ ըրաւ յամի 1217, երբ Իկոնիոնի Ազզէտին Քէյքաուս սուլտանն պաշարեց զԿապան բերդն, եւ գերեց Լեւոնի գլխաւոր զօրավարները, որ էին մեծ իշխանն եւ պայլն Սիր Ատան, եւ Կոստանդին գունդստապլ (սպարապետ), իր (Լեւոնի) քեռւոյն որդին` Պապեռոն բերդին տէրն, ի ցեղէ Հեթմեանց։ Լեւոն գերեթափ ընելով զԱտան եւ զԿոստանդին` բոլորովին երախտապարտ եւ անձնանուէր ըրաւ զանոնք․ «զի լաւ է թագաւորի աղէկ ճորտ պահել` քան զայլ հարստութիւն»։

Այսպիսի աղէկ եւ հաւատարիմ ճորտերու վրայ վստահացեալ եւ զանոնք իր զաւկին խնամակալ կարգելով` իր դեռակայծ դստեր լոյսը պայծառացեալ կու տեսնէր․ եւ իր ծանրացած սեւցած թեւերուն վրայ թրթռացընելով այն ճերմակ փափուկ ձագը` կու յուսար թէ անով նորոգուի իր արծուային մանկութիւնն այլ․ անով կարենայ կամ նոր որսեր ընել կամ հիները պահել։ Միայն կու մնար անոր արժանաւոր վարուժնեակ մը գտնել, արժանաւոր լծակից մը, որ թէ՛ իր, թէ անոր, եւ թէ Հայոց բաղդը հաստատէ։ Բայց Զապել շատ դեռաբուսիկ էր․ Լեւոնի յօդացաւն այլ չէր յուսացըներ զանիկա չափահաս տեսնելու․ սակայն անոր համար այլ աւելի կու հոգար կու մտածէր․ եւ իր անգին գոհարը (դուստրը) զզուելով, միտքը պալատէ պալատ, արքունիէն արքունիք կ՚երթար, Զապելի փեսայ մը, Հայոց իշխան եւ իրեն գահակալ մը գտնելու, մինչդեռ այն հոգած մտած վրայ եւ յօգնաց ձեռաց մէջ` Զապել անհոգ եւ անգէտ կու ծաղկէր կու ծիծաղէր, կու բացուէր գոցուէր, ժայռերու եւ հեղեղոց եզերք բուսած նունուֆարի մը նման։

Սուլտանին ի Կիլիկիա ասպատակած տարին` (1217) յԵւրոպիոյ բազմութիւն Խաչակիր զօրաց եկան նորէն զԵրուսաղէմ ազատելու, յետ երեսնամեայ գերութեանն ի Սալահէտտինայ․ Լեւոն անձամբ չկարենալով երթալ` զօրք տուաւ իր աներձագին` Կիպրոսի Հիւկ թագաւորին, որ եւ գնաց ի Թափոր եւ ի Պտղամայիս, եւ ԽԱչակրաց կանուխ հասան գնդից հետ քաջութեամբ գործ տեսաւ։ Այս յառաջապահ գնդից գլխաւորն եւ ամենէն կտրիճ իշխանն` էր Մաճառաց թագաւորն Անդրէաս Բ․ որ մեծ համբաւ այլ հանեց․ բայց իր երկրին շփոթութեանը համար` ստիպուեցաւ շուտով հոն փութալու․ ի դարձին եկաւ յԱնտիոք, (որ այս ատենս այլ Ռուբենի ձեռքն եղած կ՚երեւի)։ Լեւոն` որ ամեն բան կու գիտէր կ՚իմանար, հաւատարիմ դեսպան մը խաւրեց առ Անդրէաս, եւ դաշամբք խօսեցան որ անոր համանուն որդին Անդրէասը` պսակեն Զապելի հետ․ թէպէտ եւ դեռ երկուքն այլ բաւական տարիք չունէին, վասն զի Անդրէաս այլ հազիւ 8 տարուան կրնար ըլլայ։ Ունկարաց հին արեւելեան արիւնը յարմարագոյն սեպեց Լեւոն իրենին հետ խառնել, անոնց թագաւորին այլ ասկէ հաճոյ անակնկալ օժիտ չէր կրնար ըլլալ` իր որդւոյն համար, զոր յանկարծ Հայոց թագաւոր պիտի տեսնէր։ Այս բանիս համար Անդրէաս գոհութեամբ թուղթ մը գրեց (ի մարտի 1219 տարւոյ) առ պապն Ոնորիոս, իմացընելով Լեւոնի հետ ըրած խնամեխօսութիւնը, եւ տնօրինումն խնդրելով որդւոյն համար, միանգամայն եւ աղաչելով որ ինքն քահանայապետն յանձնէ զնա Տաճարական եւ Հիւրընկալ ասպետաց` խնամակալ ըլլալու տղային` յետ մահուան Լեւոնի։

Բայց այս գործս չյաջողեցաւ, վասն զի Լեւոն շուտով մեռաւ նոյն տարին (1219) եւ Անդրէաս թագաւորն զբաղած էր ի Կալիցիա` հոն թագաւորեցընելու իր երկրորդ որդին․ եւ ինչուան որ հոս բաները ուղղեց։ Հայք ուրիշ ընկեր գտան Զապելի․ մանուկն Անդրէաս այլ Վենետիկցի օրիորդ մ՚առնըլու բաղդ ունեցաւ։ Այսպէս զուր եղաւ Զապելի առաջին փափագողին ակնկալութիւնը, թէպէտ եւ կ՚երեւի` թէ Լեւոն այլ նոյն յուսով մեռաւ, նորէն յանձնելով զԶապել` կաթուղիկոսին եւ իր հաւատարիմ իշխանաց, եւ գլխաւորապէս Ատանին, զոր եւ պայլ գրեր էր, այսինքն իբր խնամակալ տէրութեանն եւ հայրագլուխ (աթաբէկ) իր դեռահասակ ժառանգին։

Դ

Զապելի խնամակալութեան տակ եղած ժամանակն` որ եօթն ութ տարի քշեց, շատ դժուարակնճիռն եղաւ․ եւ իրեն փոքրիկ սրտին այլ ոչ փոքր վախեր եւ ցաւեր բերաւ․ որոց առաջինն եղաւ կորուսանելն իր հայրագիրը, որուն ձեռքէն հազիւ վարժեր էր ծնողական խնամք ընդունիլ։ Ատան պայլ օր մը Սսայ Ս․ Պարսամ եկեղեցին երթալու ատեն շատ չբանուկ ճամբէ մը, Իսմայելացւոց կամ Հաշիշի աւազակաց սրի տակ ընկաւ, որոց սատանայական պաշտօնն էր յանկարծ հասնիլ իշխողաց վրայ եւ սպաննել։ Ատան` Լեւոնի հազարապետն եւ երբեմն սպարապետն ըլլալով` անշուշտ այլազգեաց ատելի էր։ Իշխանք Հայոց անոր տեղ հաւանեցան պայլ ճանչնալու Լեւոնի համշիրակը, զԿոստանդին գունդստապլն, զոր արդէն երկրորդ խնամակալ գրեր էր Լեւոն, այս անձս որ 50 տարւոյ չափ Ռուբինեան տէրութեան նեցուկ եւ գրեթէ կառավար եղաւ, այս ժամանակիս ամենէն նշանաւոր անձն էր, ամենայն բարեմասնութեամբք եւ յետ Լեւոնի մեծի` առաջին մեծ մարդ կրնայ ըսուիլ բոլոր մնացեալ տէրութեան ժամանակին․ ցեղով, ինչպէս առաջ յիշեցի, ի Հեթմեանց էր, որ թշնամիք էին Ռուբինեան տանը․ բայց սա ցեղին կրսեր ճիւղէն էր, որոյ անդրանիկն` Տարսոնի եւ Լամբրոնի տէր ըլլալով` հակառակ էր Ռուբինեանց․ իսկ այս ճիւղս Պապեռոնի եւ ուրիշ բերդերու ժառանգ` Լեւոնի հօր հետ խնամութեամբ միաբան եւ հաւատարիմ եղաւ Ռուբինեանց․ Կոստանդնի անձնական արդիւնքն այլ հասուց զինքը այս բարձր աստիճանին, ուր կրցաւ այլ ամուր եւ փառաւոր կենալ հնարագէտ խելքովն, զորութեամբն եւ բարեկիրթ որդւոց օգնութեամբ։ Այսպիսի զօրաւոր եւ բանգէտ անձի մը դէմ կենալ կամ հնարել` շատ դժուար էր, եւ ով որ փորձեց` մեծապէս վնասեցաւ․ եւ նախ Բրինձն Ռուբէն—Ռեմունտ։

Սա հալածուած յԱնտիոքայ, մերժուած իր բազմերախտ մեծ քեռիէն, մինչդեռ տարակուսեալ կու մտածէր` վրայ հասաւ Լեւոնի եւ յետոյ Ատանայ մահն, Ռուբէն` մէկ իշխանութենէ զրկուած` աչքը երկուքի դարձուց, որոց ատենօք իրաւամբ այլ կրնար յուսալ․ իսկ հիմայ թէ ոչ զօրութեամբ հին կտակին Լեւոնի` գոնէ ազգականութեամբն եւ խնամութեամբ, (վասն զի Զապելի մօրքոյրն էր իր կինն այլ) եւ Հայոց ու Լատինաց լեզուին եւ սովորութեան վարժութեամբն` վստահացաւ խնդրելու Հայոց թագաւորութիւնը։ Բայց Լեւոնի կամքն եւ Կոստանդնի վախն հեռացուցին զնա․ սակայն տարաբաղդ երիտասարդն` չէր կրնար շուտով մօռնալ որ տասն տարի առաջ Լեւոնի հետ թագակից եւ ձիակից` Հայոց հանդիսական տօնից հաղորդ կ՚ըլլար․ եւ շատեր կային` որ ոչ միայն զինքը ճանչցեր էին յաջորդ Լեւոնի, այլ թերեւս եւ հիմայ այլ չհակառակէին, այն ատեն` դեռ պատանեակ, հիմայ իբր 25 տարուան կտրիճ ասպետ մը, Հայոց եւ Անտիոքայ եւ Խաչակրաց նշաններով զարդարուած, իր ամենէն վառվռուն եւ յուսագին կենաց ատեն, յէր կրնար այնպիսի մեծ փափագէ մը յետ դարձընել սիրտը․ խնդրանօք չկրցածը` ուզեց փորձել ուրիշ հնարքով, նաեւ զինուց զօրութեամբ։

Այն ատեն (1219—20) Խաչակիրք առաջնորդութեամբ Յովհաննու Պրիենայ` Երուսաղեմի թագաւորին` եկեր պաշարեր եւ առեր էին զՏամիադ․ հոն էր Պապին նուիրակն այլ` Պելագիոս ծիրանաւորն, որ իբրեւ փոխանորդ քահանայապետին` կ՚ուզէր Խաչակրաց գլուխ այլ սեպուիլ եւ հրամայել։ Ասոր դիմեց Ռուբէն, եւ գտաւ օգնութիւն ստակի եւ զօրաց․ Խաչակիրք Տամիադայ առմամբ հպարտացած եւ չփացած անհոգ կեցեր էին․ դիւրին էր ասոնցմէ ժողովել գունդ մը բաղդախնդրաց, եւ նոր տեղի մը ձեռք ձգել։ Այսպէս այլ եղաւ, Ռուբէն յանկարծուց գնդովն եկաւ ի Կիւլիկիա, մտաւ ի Տարսոն, եւ առանց ընդդիմութիւն գտնելու հոն, (ուր որ միշտ Լեւոնի ցեղին հետ սերտ բարեկամութիւն չէր եղած), իշխեց ինքզինքը Հայոց թագաժառանգ անուանել, եւ գտաւ կուսակից այլ զինքն այնպէս ճանչցնելու։ Ասկէ քաջալերուած` առաջ անցաւ` ձեռք ձգելու ուրիշ քաղաքաց եւ Լեւոնի թագին վրայ․ բայց զգաստն Կոստանդին հաւատարիմ գնդով մը յանկարծ վրան հասաւ` Մամեստիոյ կողմերը․ անոր կուսակիցները ջարդեց ցրուեց, զինքն այլ բռնեց բերաւ իրեն ապաստան կարծած Տարսոն քաղաքը, եւ շղթայակապ բանտարգել ըրաւ։ Թշուառ երիտասարդն անյոյս ի Հայոց եւ յԱնտիոքայ, դեռ կու յուսար Խաչակրաց եւ Քահանայապետին օգնութեանը, եւ սա յիրաւի հարաբար խնամելով եւ ճանչնալով զնա օրինաւոր տէր Անտիոքայ` գրով յանձնեց առ նախայիշեալ նուիրակն` որ հոգ տանի անոր ազատութեան, եւ անօգնական չթողու անոր կինը եւ երկու աղջիկները․ նուիրակն կրցած ջանքն ըրաւ, նզովեց զԱնտիոքայ բռնաւոր դուքսը, եւ Տաճարական ասպետաց յանձնեց առնուլ քաղաքը, որով թերեւս յոյս ըլլար Ռուբենի գոնէ նորէն հոն դառնալու, բայց նա ողբերգական վախճան մ՚ունեցաւ, բանտին, եւ աւելի սրտին նեղութենէն` երկու իրեք տարիէն` իր դալար արեւովն ու ամեն յոյսերովն մարեցաւ, մեռաւ։ — Հայոց թագն իրեն համար չէր, եւ ոչ այլ իրեն պէս ուրիշ մերձաժառանգ ակնկալուի մը, թէ եւ աւելի այլ արժանաւոր անձն։

Այս երկրորդ կամ երրորդ (յետ Անդրէի եւ Ռուբենի) ակնկալուն` եղաւ նախայիշեալ թագաւորնԵրուսաղեմի Յովհաննէս Պրիէն, պատճառաւ կնոջն խնամութեան, այս կտրիճ, զգոն եւ արդէն տարիքն առած մարդն, որ մեծ անուն ունէր Եւրոպացւոց առջեւ, եւ դեռ նոր Տամիրադն առնըլով` այլ աւելի հռչակուած էր, իր ժամանակին բաղդախնդիր, նաեւ բաղդակորոյս եւ բաղդագիւտ գլխաւոր անձն այլ կրնայ ըսուիլ․ եւ ըստ այսմ` քաջութիւնն եւ ուրիշ ձիրքերն կու մթանան։ Լսելով Լեւոնի մահը եւ Ռուբենի հանդիպածը, իրեն յարմար սեպեց ժառանգութիւնը․ այս մտքով ելաւ Տոմիադէն եկաւ ի Պտղոմայիս (Աքքեա), ու պահանջեց Հայոց թագը։ Այսպիսի մեծ եւ զօրաւոր անձի դէմ կենայն դիւրին չէր, բայց որովհետեւ կնոջն իրաւամբք եկեր էր, Կոստանդին այլ նովին իրաւամբ պահանջեց իրմէ` որ զկինը` (որ էր համահայր քոյր Զապելի) հետը բերէ։ Յովհաննէս դարձաւ իր կարծեցեալ թագաժառանգին, եւ հիւանդ գտաւ զնա, որ եւ քիչ ատենէ մեռաւ․ 15 օր վերջը իր մէկհատիկ չորս տարուան մանչ զաւակն այլ մեռաւ։ Սրբազան քահանայապետն Ոնորիոս այլ խրատ եւ բանադրանք գրեց Յովհաննու` եթէ Հայոց հետ պատերազմի անոնց թագաւոր ըլլալու համար։ Ամեն կողմէ Յովհաննիսի հայկական ակնկալութիւնն փճացաւ․ անոր վրայ շատ չանցաւ` Երուսաղեմի թագաւորութիւնն այլ կորուս, եւ անոնց տեղ գտաւ Կոստանդնուպօլսոյ կայսրութիւնը (1231), ու յունական թագով մխիթարուած մեռաւ (1237)։

Ե

Զապել` առանց իր գիտնալու այս յափշտակիչներէն ազատելով, պէտք էր որ շուտով ապահովուէր նոր ակնկալուներէ․ եւ թէպէտ Կոստանդին ամենայն արթնութեամբ կու հսկէր, բայց երկար տարիներ այլ անխռով մնալու չէր յուսար, ուստի Զապելի չափահաս տարիքին չկարենալով սպասել, գոնէ խելահասութիւնը տեսնելով, երբ եօթն տարեկան եղաւ` ի ժողով կանչեց ազգին գլխաւոր իշխանները, պաշտօնեայքը, զօրապետները եւ եկեղեցականքը, եւ ըսաւ (ըստ պատմելոյ իր որդւոյն` Սմբատայ սպարապետի եւ ժամանակագրի) «Պարոնայք, դուք գիտէք թէ յի՞նչ նեղութեան գտի զաշխարհս, ու զմեր Պարոնին (Լեւոնի) յետամնացքն․ ու Աստուծով ինչու ի յայս բերի․ ու մեր Պարոնի դուստրս` կարգման եղաւ․ ամենդ թատպիրուեցէք (պատրաստուեցէք) որ մեզ Պարոն բերեմք, զի ես ուզեմ որ իմ տան եւ իմ որդւոցն անդորրութիւն առնեմ»․ այսինքն, Զապելի փեսայ մը բերեմք` որ ես պայլութեան հոգէն ազատած` իմ տունս հոգամ։ «Նա ամենն թատպիրուեցան շատ օրեր, եւ հայնց պատեհեցին (պատշաճ տեսան`) որ քան յայլ տեղաց` բերեն պարոն Ալոզին զԱնտաքայ Բրնձին որդին` զՖիլիպն․ զի ի մօտս է, եւ լաւ կարէ օգնել մեզ ի մեր ամեն կարիք»։ —

Այս Անտիոքայ Բրինձն կամ իշխանն էր ծանօթ Պեմունդ (կամ ըստ ոմանց Բեմունդ) Դ․ Շիլ կամ միականի կոչուած` (Le Borgne), որ այնչափ վիճից պատճառ եղաւ ընդ Լեւոնի եւ իր եղբոր թոռին Ռուբենի․ ի վերայ այսր ամենայնի մեր պարոնայքն շատ օրեր մտածելով` քան զամենքն պատեհ գտան իրենց պարոն բերելու անոր երրորդ որդին` Փիլիպպոսը, որ իբրեւ 17 տարուն պատանի մ՚էր․ եւ արդէն մօր կողմանէ խնամի էր Հայոց եւ տեղեակ անոնց սովորութեանց, կու յուսային որ իր հօր եւ հանգուցեալ աներոջ մէջ անցածները գիտելով` իրենց վրայ երախտապարտ ըլլայ, եւ հլու հաւատարիմ մնայ իր նոր հայրենեաց օրինաց։ Այս բանս ապահովելու համար` հաւատարմութեան խօսք եւ երդումն այլ պահանջեցին իրմէ․ ,Բերին ի պոման (պայման) որ հայենակ կենայր, ,ու զեկեղեցին եւ զսեղանն հայենակ տանէր․ եւ զամեն մարդ յիւր իրաւունքն պահէր», Այսինքն, եկեղեցական եւ արքունական հանդէսները` հայկական ծիսով վարէ, եւ զամենքն իրենց իշխանութեան եւ իրաւանց մէջ պահէ։ Ապա (1222) մեծ հանդիսիւ պսակեցին անոր հետ զօրիորդն Զապել, որ իբրեւ քոյրահարսն փեսային եւ թագուհի Հայոց եւ միամիտ աղաւնի` չորս տարի այլ հօրը արքունի դարպասին եւ առագաստին մէջ կու ճեմէր, դեռ իր խնամակալ եւ հայրանախանձ Հայ իշխանաց հսկողութեան տակ․ եւ շատ բարեբաղդ եղաւ ընտիր դաստիարակներ ունենալու թէ յիւրոցն եւ թէ ի Փրանկաց, միտքը եւ հոգին կրթելու, եւ իր բարձր վիճակին յարմար ստացաւ ի կուսական հասակին` սիրտ մայրենի, աղքատաց եւ կարօտելոց համար, ճաշակ եւ սէր իմաստութեան եւ գիտութեանց, եւ ամենէն աւելի` բարեպաշտութիւն, համեստութիւն եւ աստուածսիրութիւն։

Աշխարհն` իրեն տիկնութեան, փեսայն` հարսնութեան, երկինք` ազգին մայրութեան կու պատրաստէին զնա․ ինքն դեռ արտաքին փառաց անհմուտ` միայն պարկեշտութիւնը գիտէր գեղեցկագոյն զարդ․ եւ կարծէր թէ այնպէս կուսախառն կենակցութեամբ ապահով պիտի մնայ իր պսակակցին հետ։

Բայց թէ իր եւ թէ հասարակաց կարծիքն խաբուեցաւ։ Փեսայն Փիլիպ յառաջ քան առ հարսնն` անարժան գտուեցաւ առ աշխարհն` որոյ թագովն պսակուեր էր։ Առջի իրեք տարին վախով եւ զգուշութեամբ քաղաքավարելով` երբ ուժովցաւ քսանամեան եռանդով եւ համարձակութեամբ, սկսաւ ինքն իր խելքով վարուիլ, մանաւանդ թէ հօրը խելքովն, որ ոչ այնքան որդեսիրութեամբ` որքան շահասիրութեամբ` պղտորեց անոր միտքը, եւ սկսաւ սա պաղիլ Հայոց սովորութենէն, եւ ,իւր հօրն թապտրով կ՚ուզէր որ ձգէր զՀայոց զամեն իշխանքն, եւ յիւրոցն դնէր»․ Հայ պաշտօնէից տեղ` Փրանկ մտցընել, եկեղեցւոյն եւ սեղանին ծէսը փոխել, Սիսէն աւելի Անտիոքայ մօտենալ։ Իշխանք խրատեցին զնա, բայց նա իր հօրմէն մոլորած` ոչ միայն ճամբէն չդարձաւ, այլ եւ գաղտուկ հօրը խաւրեց Հայոց արքունի զարդերը, եւ մանաւանդ Լեւոնի մեծածախ շինած պալատաձեւ վրանը, զոր մեծ հանդիսի օրեր կու կանգնէին։ Եւ ոչ այնքան երդմունքէն` որքան Հայոց վրէժխընդրութենէն վախելով` ուզեց ինք զինքն այլ փախցընել իր հայրենիքը։ Գաղտուկ զԶապել հետն առած ճամբայ ելեր եւ հասեր էր ի Թիլ Համտընոյ` Ջահան կամ Ճիհուն գետոյն քով։ Կոստանդին կտրիճ զինուորներով հասաւ ետեւէն, գիշերանց դարանելով պաշարեց զբերդը, եւ ներս մտաւ անկարծելի ատեն․ մինչդեռ յօգնութիւն, քուն եւ սէր մեծագոյն խաղաղութեան եւ երջանկութեան մէջ կու կարծեցնէին ծաղկահասակ ամուսինքը, յանկարծ զամենն այլ ընդհատեց, խռովեց, հալածեց․ — եւ ի~նչ անդարձական հալածանք․ — երկաթեղէն ձեռօք առագաստին միջէն յափշտակեց զՓիլիպ, երբ զարհուրեալ եւ կիսամեռիկ լծակիցն Զապել` դողդըղալով լալով, եւ երեսները ցըտելով` հազիւ կրցաւ կանչել «Վա՛յ տէր, վա՛յ տէր», ձեռուըները դէպ ի գրկէն փրթած փեսայն կարկառելով․ մինչդեռ անգութ յափշտակողքն` անոնց կաթոգին կապերը իսպառ կտրելով` յանցաւորաց կապանօք պրկեցին զՓիլիպ, եւ խուլ ականջով` ելան քշեցին զնա մինչեւ ի Սիս, ուր եւ բերդարգել ըրին, իբրեւ մատնիչ ազգային իրաւանց եւ երդմնազանց։ Լուր խաւրեցին Անտիոքայ Բրնձին այլ` որ յետ դարձնէ Հայոց գանձը, եւ զորդին ազատէ, իսկ չիլ եւ շուար հայրն` Հայոց ոսկւոյ եւ արծաթին հետ կու կշռէր որդւոյն սէրը։ Առջի բերան, քիչ մ՚այլ վախէն լռեց, որ չըլլայ թէ Հայք դեռ կրից տաքութեան մէջ ըլլալով անոր կենացն այլ վնաս հասցընեն․ ատեն անցնելէ ետեւ դեսպաններ աղաշաւորներ խաւրեց որ գոնէ միայն արձըկեն, իրեն խաւրեն որդին, խոստանալով բոլորովին հրաժարելու յիրաւանց թագաւորութեանն Հայոց։ Ի~նչ դժուարակնճիռն եւ ողբերգական խնդիր, թագէն հրաժարելն թերեւս ըլլար դիւրին, բայց ի՞նչպէս հրաժարէր Զապելի սրտէն, որ եւ անխարդախ սիրէր իր վարուժանը։ Երկու տարւոյ չափ տեւեց այս խղճալի վիճակն։ Պե մունդ տեսնելով որ դեսպանութեամբ բանն առաջ չ՚երթար, անձամբ եկաւ ի Համտուն, աղաչելու զիշխանս Հայոց, զիջանելով զանոնք գոհ ընելու եւ փրկանաւորելու թշուառ զաւակը։ Հայք չկրցան չէ ըսել` թող տուին որ մարդ զրկէ իմացնելու որդւոյն։ Ափսո~ս, շատ ուշ․ կամ նենգութիւն կամ սրտնեղութիւն արդէն ազատեր էին զՓիլիպ… ի կենաց։ Պատգամաւորքն լուր բերին թէ դեռ նոր` քանի մը (տասն) օր առաջ Փիլիպպոսի դալար արեւն բանտին մթութեան եւ տխրութեան մէջ մարեր էր (1225), ի պատիժ` իրմէ աւելի` իր անզգաստ հօրը, ի վրէժ ազգային հայենակ իրաւանց, բայց եւ ի փուշ փափուկ սրտին Զապելի։ Զապել հիմայ զարգացեալ` սկսեր ղր զգալ իր վիճակը եւ պարտքերը, աչքին դիմաց սարսափելով տեսեր էր իր կողակիցը` զինեալ եւ զայրացեալ մարդկան ձեռք ընկած․ եթէ ազգին իրաւանց դպչողին չէր կրնար պաշտպան կենալ, միթէ իր կենակցին եւ թագակցին բարեխօս ըլլալու իրաւունք չունէ՞ր։ Կ՚իմանար` որ իր տկար հասակն խաղալիկ կ՚ըլլայ բաղդին եւ շատերու բաղդի․ բայց դեռ ամեն փափագովն այլ չկարենալով իր աղաւնոյ սահմանէն վեր թռչիլ` լռիկ սիրտը դրած կու դադրէր։

Զ

Ազգանախանձ պարոնայքն Հայոց` երկրորդ անգամ պայլ դրին զԿոստանդին, որ ֆութացաւ Փիլիպպոսի կողմնակից իշխանները ցրուել․ եւ անոնցմէ 28, կամ ըստ ոմանց 70 հոգի բռնեց, կամ սպաննեց կամ վռընտեց կամ նուաճեց։ Տարի մ՚այլ արթնութեամբ կառավարելէն ետեւ, իր անուանակից Կոստանդին կաթուղիկոսը եւ մեծ իշխաններէն մէկ քանին հաւանեցուց` որ Զապելը հարսնացընէ իր որդւոց մէկուն, որպէս զի ինքն այլ հայրաբար պաշտպանելով` ամեն փորձանքէ ազատ պահէ զթագն եւ զթագուհին Հայոց։ Եթէ փառասիրութենէ ազատ այլ չէր այս խորհուրդս, սակայն իրմէ արժանաւոր մարդ այլ չկար Զապելի սկեսրայր ըլլալու, ոչ ոք իշխեց ձայն հանելու, եւ ոչ ոք յետոյ զղջացաւ։ Ինքն Լեւոնի համշիրակ, որդիքն այլ նոյնպէս էին Զապելի, եւ գրեթէ մէկտեղ մեծցած․ ասոնցմէ փեսայացունէր ՀԵԹՈՒՄ, երրորդ որդին Կոստանդնի, իբրեւ 15 տարեկան, ,Մանուկ տիօք, առոյգ մարմնով եւ գեղեցիկ տեսանելով»․ ըստ ասելոյ ժամանակակից պատմչին․ (Կիրակոսի), եւ ըստ ականատեսին (Վարդանայ) ,մեծահոգի եւ հանճարեղ պատանեակ, որ էր անձնեայ եւ թիկնեղ եւ գեղեցկագիտակ երիտասարդ»։

Այս վայելուչ եւ հաճոյական ձիրքերն` եթէ օտարաց անտարակոյս գրաւ մ՚էին աշխարհքին խաղաղութեանը եւ իրենց տիկնոջ երջանկութեանը, սակայն Զապելի մեծ եւ զգայուն սրտէն չի կրցան խլել Փիլիպի փուշը, որչափ այլ երախտաւոր ճանչնար իր կրկին անգամ հայրագլուխ եղած Կոստանդինը` Զապել կ՚իմանար որ ոչ միայն անոր թեւոց տակն է` այլ կերպով մը եւ ճանկերուն․ եւ այս ճանկերը շատ սուր եւ արիւնոտ կ՚երեւէին իրեն․ Հեթում այլ սիրուն ձագ մ՚էր, բայց բազէի կամ արծուոյ ձագ։ Զապել` որսերէ զզուած` անխռով խաղաղութեան բոյնի մը կու փափագէր, կ՚ուզէր մէկ ուժով մը զինքը բազէի եւ արծուոյ չհասած բարձրութեան ծոցը ձգել, ու մնաք բարով ըսել թէ հարսնութեան եւ թէ թագաւորութեան պսակին, որոյ համար պատճառած կու սեպէր երկու կտրիճներուն (Ռուբենի եւ Փիլիպի) իրեն մէկմէկէ մերձաւորներուն` կարճ օրով ու սեւ սգով ցաւալի մահերը։ Մտածածը մեծ եւ յօժար, բայց ի գործ դնելն էր դժար, պայլ պարոն իշխանք եւ եպիսկոպոսք կու յորդորէին զնա ի կենակցութիւն Հեթմոյ եւ ի տիկնութիւն․ ինքն իբրեւ անօգնական աղաւնեակ եւ որոջ` մնչէր մայէր, լայր ու լռէր։ — Կամայ ակամայ նշանելով նա ընդ պատանւոյն (1226) թողուցին որ ժամանակն այլ յորդորէ զսիրտ դշխոյին, եւ ապա մեծահանդէս կատարեն թագօրհնէքը։

Այն միջոցին սրբասէր աղաւնին սրտին միամտութեան հետ հոգւոյ խորագիտութիւն միացնելով` ուզեց որ երթայ մայրը տեսնէ` թողուցին իշխանքն․ յուսալով որ սիրտն այլ հանգչի եւ մխիթարուած դառնայ։ Մայրն` Իզապել` կամ իր կամօք, կամ Հայոց զգուշութեամբն քաշուեր էր իր Սելեւկիա Իսաւրիոյ, եւ իր փրանկ ազգականաց քով կու կենար։ Այս ամուր բերդաքաղաքս` որ Կիւլիկիոյ արեւմըտեան սահմանածայրն էր, Լեւոն տուեր էր Լատինացի Հիւրընկալ ասպետաց, որոնք մեծ պատուով եւ սպասաւորութեամբ ընդուներ եւ կու պահէին զայրի դշխոյն Լեւոնի․ հիմայ անոր ժառանգ դուստրն այլ աւելի պատուով ընդունեցան, մանաւանդ երբ իմացան որ աղջիկ թագուհին չուզէր անկէ եւ մորմէն բաժանուիլ, կամ անոր եւ ազգականացը խրատովն, կամ իր կամօքն, եւ փափագի վանք մը քաշուիլ` քան արքունեաց մէջ նազել։ Բերդին դռները ամրացուցին։ Կոստանդին զայս լսելուն` մէկէն զօրքերը ժողովեց, հասաւ պաշարեց քաղաքաը․ քաղաքապետն կամ գլխաւորն ասպետաց` Ֆրէր (Եղբայր) Պերգրան` իր ասպետաց կտրճութեան եւ բերդին ամրութեան վրայ վստահացած` դէմ կեցաւ Հայոց․ Կոստանդին չուզելով երկայն պաշարմամբ վտանգի ձգել բաղդը, սպառնացաւ Պերդրանայ` որ եթէ շուտով չտայ զԶապել, մէկէն պիտի երթայ Իկոնիոնի Ալայէտտին սուլտանին հետ դաշնակցելու, եւ անոր զօրքերն այլ առած` գալ բնաջինջ ընելու ասպետաց տունը տեղը։ Պեդրան մէկ կողմէ վախնալով սպառնալիքէն` մէկալ կողմէն այլ իր եւ իրեններուն պատուոյն եւ քաջութեան նախատինք սեպելով քաղաքը մատնել հակառակորդին, եւ անկէ աւելի` իր հիւրերը, հոն ապաւինեալ թագուհիները, ասպետական հնարագիտութեամբ մը պատասխանեց Կոստանդեայ, թէ մենք ոչ կ՚ուզեմք ձեր դէմ կենալ ու քաղաքս պաշտպանել, եւ ոչ այլ կրնամք մատնել․ վասն զի բարեյիշատակ Լեւոն թագաւորն մեզի տուած է, եւ հոս են իր կինն եւ դուստրն` ձեր թագաժառանգն, եւ հոս կ՚ուզեն մնալ․ ի՞նչպէս կրնամք մենք համարձակիլ մեր բարերարները եւ մեզի դիմողները ձեր ձեռքը տալ իրենց կամաց դէմ․ ուրեմն թողուցէք մեզի` որ մենք մեր կամօք դուրս ելլենք բերդէն, եւ դուք գիտցածնիդ ըրէք։ Այս պայմանաւ ասպետքն իրենց պատուովն ելան, թողուցին զՍելեւկիա, Կոստանդին նորէն ձեռք ձգեց մօրը բունէն բռնած ձագի պէս` Զապելը, եւ հրաւիրեց ի տիկնութիւն եւ ի մայրութիւն Հայոց։

Է

Այլ չկարացաւ Զապել ընդդիմանալ Հայոց, եւ Կոստանդնի ու Հեթմոյ խնդրածին․ իմացաւ Աստուծոյ կամքը, եւ յանձնելով զինքը անոր նախախնամութեան․ ի ազգին հաւատարմութեան, պայլին պաշտպանութեանը, եւ փեսային սիրոյն, պսակեցաւ ի հարսն Հեթմոյ եւ ի թագուհի Հայոց, եկեղեցական եւ քաղաքական մեծ հանդիսով եւ հասարակաց հաճութեամբ եւ ուրախութեամբ, որոց մասնակից ըրաւ Կոստանդին` (ի հաստատութիւն աշխարհին եւ իր զաւակին) այն ազգերը կամ այն թագաւորները` որոնց հետ յարաբերութիւն մ՚ունէին Հայք։ Գրեց առ սրբազան Քահանայապետն, առ կայսրն Ալամանաց, դաշնակցեցաւ ընդ սուլտանին Իկոնիոնի․ տէրութեան պաշտօնները յանձնեց արժանաւորաց։ Իր անդրանիկը (Սմբատ) սպարապետ դրաւ, մէկ որդին այլ (Լեւոն) մարաջախտ կամ իշխան թագաւորութեան, իսկ ինքն անուանեցաւ Արքահայր եւ Աւագ պարոն․ եւ թէ՛ իր թագազարդ տանը եւ հարսին, թէ բոլոր աշխարհին խորհրդատու, եւ ամենահաս օգնական ու կառավարիչ եղաւ քառասուն տարւոյ չափ` ցխոր ծերութիւնն (1263)․ Հեթմոյ եւ Զապելի թողլով աւելի փառք եւ վայելքը, իրեն վրայ առաւ հոգ եւ աշխատութիւնը․ եւ այսպէս ճշմարտեց իր որդւոյն ըսածը, թէ հարիւրապատիկ փոխարինեց Լեւոնի` զինքն ազատելուն ի կապանաց սուլտանին, անոր դստեր ասանկ հայրութիւն եւ հազարապետութիւն ընելով․ եւ ճանչնալով միշտ նա ժառանգ թագաւորութեան Հայոց եւ տիկին։ Այսպէս այլ ազգն` թէ եւ թագաւոր կոչէր զՀեթում, բայց նախապատիւ կու ճանաչէր զթագուհին Զապել,նոյնպէս եւ յետագայք, գոնէ մինչ անոր մահը եւ Հեթմոյ մինակ մնալը․ ինչպէս որ այն մօտ ատեններ գրուած յիշատակագիրք ոմանք առանց իսկ Հեթմոյ` կ՚ըսեն․ ,Ի թագաւորութեան Հայոց Լեւոնի, որդւոյ Զապել թագուհւոյն, դստեր Լեւոնի թագաւորի»․ կամ ինչպէս Յովհան Երզնկացի զատելով կ՚ըսէ վասն նոյն Լեւոնի (Գ), ,որդւոյ իմաստուն արքային Հեթմոյ` հօր, եւ մօր` Զապելի սրբոյ թագուհւոյ»․ եւ Վահրամ ի չարս թագաւորաց զԶապել միայն յիշէ։

Նոյն ինքն Հեթում` ինչպէս որ կ՚երեւի, իր անուամբ կտրած դրամներուն վրայ` Զապելը իր աջակողմը կեցած կու դրոշմէր, բարձրաձող խաչ մը հաւասար բռնելով, եւ արքունի գաւազան․ որ (եթէ չեմ սխալիր) երբեմն միայն Զապելի ձեռքը կ՚երեւի, (դրամին եզերքն այլ գրուած է Կարողութիւն Աստուծոյ է․ միւս կողմն` առիւծ մը խաչակիր, նշան Լեւոնի տան, զոր պահեց եւ Հեթում եւ իր պայազատքն, եզերքը իրենց անունը գրելով, ինչպէս ՀԵԹՈՒՄ ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ։

Մեր երկայնաչար թագաւորաց պատմութեան մէջ ամենէն ցանկալի եւ գեղեցիկ մասերէն մէկն է Հեթմոյ թագաւորութիւնն, (որ մեծ մասամբ այս օրուան յիշատակէս դուրս է) եւ շատ երջանիկներէն մէկն, գոնէ երկու թագակցաց կենակցութեանն ատեն։ Հեթում` որ երբեմն իբրեւ զքոյր զգուեր էր զԶապել իր հօր պայլութեան ատեն, եւ հիմայ իբրեւ հարսն լծակից ունէր, պատուէր զնա եւ իբրեւ տիկին եւ իր թագին պատճառ։ Զապել որ իր առաջին տարաբաղդ ամուսնոյն կուսախառն սէրը եւ ցաւը չէր կրցած ջնջել իր փափուկ սրտէն, շատ տարիներ (իբրեւ 8 կամ 9) չուզեց նոր առագաստը վայելել․ մինչեւ երկար փորձով տեսնելով Հեթմոյ գաստութիւնը եւ բարեպաշտութիւնը, յօժարութեամբ կ՚ուզէր անոր թագաւոր հռչակուիլն։ Կուսութիւն քան զամուսնութիւն նախապատիւ սիրելի էր իրեն, բայց վերջապէս հաւանեցաւ բոլոր տէրութեան մը փափագին եւ օգտին․ սիրեց նոր ամուսինը, նախախնամութիւնն այլ օրհնեց իրենց սէրը եւ պարգեւը ըրաւ։ Զապել 11 ամեայ էր պսակուած ատեն եւ իբր 36 ամեայ բոլորեց կենաց պսակը․ իրենց թագակցութիւնն եղաւ յամին 1226, իսկ անդրանիկ որդին յիշուի իբրեւ տասն տարի վերջը։ Ութ զաւակ ընծայեց, երեք մանչ եւ հինգ աղջիկ․ առաջին` Լեւոն (Գ) թագաւոր Բ, Թորոս Գ․ Ռուբէն որ շատ չապրեցաւ երկրիս վրայ․ (դստերքն) Դ Ֆիմի, որ Սիդոն քաղաքին գաղղիացի իշխանին` Յուլիանու Իպլինեան` կին եղաւ․ Ե Սիպիլ` կին Պեմունդայ Զ․ Անտիոքայ բրնձին․ Զ, Ռիթա կին Սարուանդիքար բերդին տիրոջ, (զոր արեւմըտեայք Sire de la Roche անուանեն)․ Է․ Մարիամ` կին Կիտայ Իպլինեան (Guy d՚lbelin) գաղղիացի սենեջալին Կիպրոսի (senechal)․ Ը Իզապէլ, իր մօր եւ մամուն անուանակից, որ շուտով թռաւ յերկինք։

Ը

Զաւակաց զարգացման եւ դաստիարակութեան խնամքը չսկսած, Զապել` իր տիկնութեան առաջին տարիներն, ինչպէս Ֆիլիպի ատեն այլ, իր անձնական կրթութեանը կու պարապէր, մասնաւոր սիրով եւ յօժարութեամբ բարեգործութեանց եւ ուսման, հետեւելով իր հօրը փափագանաց եւ օրինակին, եւ ջանակից գտնելով իր փեսային, երկուքն այլ իրենց աստիճանին կար՞որ փառք եւ պատշաճ կու սեպէին զգիտութիւնս, մանաւանդ սուրբ գրոց, գրասիրաց եւ գիտնոց ձեռնտու կ՚ըլլային, կու պատուէին, ընտանեբար կ՚ընդունէին, հարցընէին, եւ իրենց համար գրել տային։

Երբ մեծանուն վարդապետն (եւ պատմիչն) Վարդան Արեւելցի ի Կիւլիկիա` կաթուղիկոսին քով, Հեթում եւ Զապել մեծ պատիւ ցուցին իրեն, եւ իբրեւ աշակերտք` ի սուրբ գրոց եւ ի քերականութենէ խընդիրներ կու հարցընէին․ որոց պարզ եւ ժամանակին դիւրահասկանալի լեզուովն պատասխան եւ մեկնութիւն գրած է Վարդան․ մէկուն մէջ կ՚ըսէ առ Հեթում, յիշելով զթագուհին․ «Այժմ հայնց արա` իմ Պարոն, սակաւ մի աշխատեա (ի կարդալն)․ քո սակաւ աշխատիլն` առաւել է քան զայլոց չտան…

Եւ զոգի իմ տառապեալ եւ տկար յիշեսցես, որ զքեզ սիրէ առաւել քան զասել… Բայց աղաչեմ զպարզամիտ (տգէտ) մարդ եւ զառաքինի` մի հարցանել (այս դժուար խնդիրները), որ չամաչեն, զի (եւ) ես նախահոգութեամբ գրեցի․ եւ թէ առժամայն զիս հարցանեն` եւ ես գտանիմ տկարացեալ․վասն որոյ մի մեղադիր լինիր ժմուն (առժամայն մէկէն) չգտանողացն զտեսութիւն բանին։ Եւ ես գիտեմ որ այս չէ թագաւորական իրք, (գրած գիրքն) այլ ոսկէգիր պիտէր եւ ճարտար գրչի․ ես շատ պատճառ ունէին` որ խափանէր զիս յայս ձեռնարկութենէս»… բայց սիրովն հրաշագործիւ յաղթահարեալ եղեն պատճառն, եւ որպէս տեսանէք` եղեւ․ թէ կամիս` դիւրին է տալ փոխել յաղէկն (մաքուր օրինակել), որ հեշտ կարդայք, եւ թող Գրիգորէսն փոխէ, որ բան չկորնչի։ Բաց իմ կամ է որ իմ մատանց սատարն` մնայ առ ձեզ․ ո՛ գիտէ թէ աւելի շնոհւոր լինի ձեզ, վասն յուսոյն իմոյ որ առ Տէր, եւ սիրոյն` որ առ ձեզ, զի այնց (այնպիսի) ճառ եւ պատմութիւն չէ` որ շատ աշխատանք տանին, եւ ապա բան գտանեն, թէ թուղթ մի կարդաս ժմուն կամ երկուք` գտանես յոլով խորհուրդըս։ Եւ՞ Աստուծով` տղայահասակ եւ մտոք եւ աչօք զօրաւոր էք․ եւ ի միանգամ կարդալն սակաւ ինչ աշխատիք, եւ յայլն, անհոգ լինիք։ Եւ զի արքայ եւ արքայուհի ի միում մարմնի տեսանի, եւ հասարակ է հոգեւորն եւ մարմնաւորն, թէ Աստուծով իրք մի օգուտ լինի ի գրելոցդ կամ մխիթարութիւն` երկուցդ (այլ) լիցի։ Եւ զակնդ բազմագոյն եւ պայծառ` որ պսակէ զձեզ յաւիտեան (գիրքն), թող Թագուհի պահէ, եւ ի պիտոյ ժամս` առնոյք ի նմանէ․ եւ նմա հրամայէ Պօղոս հարցանել զձեզ եւ զպատեհն ծանուցանել, եւ պարտական են, ասէ, ապրեցուցանել զիրեարս` առն եւ կնոջ։ Եւ զերկոսինդ ապրեցուսցէ Տէր Յիսուս կենդանութիւնն ձեր` ի խնամս Հօր եւ ի գութ Հոգւոյն սրբոյ, յոռոգումն սննդեան դալարարձակ տնկաբողբոջ շառաւեղեալ ոստոցդ, ծիրանածին տղայոյդ, ի գիրկս Սիոնի սրբոյ․ ի կատարումն պսակման հայակոյտ ազնուական ազգաց եւ ազանց, տոհմից ազատաց, ազատեցուցիչք` արեանառու զարմից, լծագիրք եւ բեռնաբարձողք, կորացուցիչք օտար ազգաց․ ի փառս փառաւոր եւ պաշտեցեալ Աստուածութեանն»։

Զապելի ձեռնտուութեանն առ ուսումնասէրս` գեղեցիկ վկայ եւ պտուղ մ՚այլ է իր որդւոյն (Գ․ Լեւոնի) քարտուղարն` Վահրամ վարդապետ․ որ եւ ինքնին ըսաւ իր տիրոջ թագաւոր օծման օրը ատենաբանելով մայր եկեղեցւոյն մէջ․ «Երանելին Զապել թագուհին, որոյ ողորմութեանն եւ առատ պարգեւացն որ առ ուսումնականսն` պտուղ է մերս նուաստութիւն, եւ եւս վեհագունից քան զմեզ, ընդ որում զանճառ բարութիւնսն ընկալցի փոխարէն»։ Որով կ՚իմացընէ Վահրամ թէ Զապել կամ իր մասնաւոր ծախքովն դաստարակել տուեր էր զնա եւ անոր նմաններ, կամ պատճառ եղեր` արքունեաց դպրութեան մէջ մտցընելու զնա։

Զապելի աւելի եւս հռչակեալ, գովեալ եւ օրհնեալարդիւնքն` իր գթած եւ կարեկից սրտին արգասիք` ողորմութեան գործքերն էին, որք եւ առանձնական բարեպաշտութեան գործոց քով` իր պայծառ հոգւոյն արտաքին ճառագայթներն կրնային ըսուիլ։ Ժամանակից պատմիչ մը կ՚ըսէ․ «Յոյժ բարեպաշտ էր կինն այն եւ ողջախոհ․ սիրող ամենայն երկիւղածաց Աստուծոյ, եւ աղքատասէր, պահօք եւ աղօթիւք հանապազ ճգնէր»։ Իսկ ի թագուհւոյն բարերարեալ ատենադպիրն` իր ոտանաւոր գրած Ռուբինեանց պատմութեան մէջ այլ կու դրուատէ զնա այսպէս․

«Սա առաւել բարեպաշտեալ

Եւ հաւատովըն բարձրացեալ,

Սիրով յԱստուած էր միացեալ

Եւ յերկիւղ Տեառըն խրատեալ,

Բարի գործովք էր զարդարեալ,

Եւ աղօթիւքըն միշտ մաքրեալ,

Զխոնարհութեան զարդ ըզգեցեալ,

Զպարկեշտութիւն նախապատուեալ»։

Ոչ միայն անթիւ ողորմութեան գործքեր լռիկ եւ անցողաբար ըրաւ Զապել, այլ եւ երկարատեւ մնայուն յիշատակներ թողուց, որոց գլխաւոր կարծեմք զյիշեալն ի գրոց Հիւանդանոցն Սսոյ, զոր կանգնեց յամին 1241․ եւ իր ծիրանածին աւակներէն աւելի, եթէ կրնամ ըսել, գթով կու խնամէր զհիւանդս․ ոչ միայն առատ ռոճկաւ` զոր իր զարդերէն եւ անցաւոր զբօսանքներէն կտրելով` կապեր էր անոնց, այլ եւ անձամբ այցելութեամբ եւ ձեռօք դարմանելով, ըստ Խոսրովանուշայ բարեպաշտ դշխոյի Բագրատունեաց։ Այս բանին ամենէն մերձաւոր եւ սրտակից վկայ է ինքնին իր փեսայն Հեթում թագաւոր, որ իր մէկ պարգեւագրին մէջ` գրեթէ Զապելի մահուան տարին գրած, այսպէս կ՚ըսէ․ «Եւ կողակիցս Զապել թագուհի, որ տառապանօք հոգայ կրօնաւորս եւ հիւանդս»։ Անշուշտ բոլոր Ռուբինեանց տէրութեան ատեն անջինջ մնացեր էր այս Զապելի գթութեան յիշատակարանն, թէ եւ Սիս քաղաքն շատ հեղ թշնամեաց եւ կրակի մատնուեցաւ․ իսկ յետ բոլորովին տէրութեան վերցուելուն եւ քաղաքին աւերման, եւ ամենայն արքունի յիշատակաց մոռացութեան, Զապելի չքնաղ սրտին յիշատակին այս մէկ փոքրիկ յայտարար նշոյլն` յանկարծ յետ 600 բազմադէպ տարիներու` մեր օրերս յերեւան ելաւ, (1833)։ Սսոյ հիմնակուան կաթուղիկոսարանէն մղոն մը հեռու արեւելեան կողմէն, հողու տակ մնացած սրբատաշ վէմ մը, զոր թէպէտ փճացուց մոլեռանդն նախանձ այլակրօնից, բայց բարեբաղդաբար վրայի արձանագիրն մնաց օրինակուած, եւ էր այսպիսի։

ԿԱՏԱՐԵՑԱՒ

ՅԱՐՄԱՐՈՒՄՆ ՇԻՆՈՒԱԾՈՑ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍԱՍԷՐ ԹԱԳՈՒՀՒՈՅ ԶԱՊԵԼԻ

Ի ԹՎԻՆ ՀԱՅՈՑ ՈՂ․

Յուսալի է որ ազգերնուս երախտագէտ պատկառանքն եւ սէրն առ յետին գերահռչակ մայրն եւ տիկին իւրեանց` Զապել, չուշանայ անոր ուրիշ յիշատակ այլ յերեւան հանել, ի փառս անցելոցն եւ ի մխիթար մնացելոցս։

Թ

Բայց Զապելի ամենէն մեծ եւ գովելի շնորհքն` իր սրբասէր եւ երկիւղած կենցաղավարութիւնն էր, զոր այնպէս զմայլելով յիշեն ամենայն ականատեսքն եւ մերձաւորք ժամանակաւ, ինչպէս քիչ մ՚առաջ լսեցիր․ որոց մէկն այլ համառօտիւ կոչէ զնա ,Ամենագով թագուհին Զապել»․ միւս մը` ,զգուշակենցաղ թագուհի եւ ըստ Աստուծոյ քաղաքավարեալ»․ ուրիշ մ՚այլ` թէ «Աստուածահաճոյ կենօք կային ի Քրիստոս» (ընդ Հեթմոյ)։ Իր բոլոր հոգն իրեքի դարձընելով` առանց իրարմէ բաժնելու, ի խնամս մայրական եւ տիկնական, (որոց համար իմացաւ իր կոչումը, եւ թէ անկէ հրաժարելն` իր աշխարհքին մեծամեծ շփոթութեանց եւ կռուոց պատճառ պիտի ըլլար), ի խնամս աղքատաց եւ կարօտելոց, եւ ի խնամսներքին մարդոյն` իր հոգւոյն․ զոր եւ յարքունիս եւ ի լծակցութեան առն թագաւորի` իբրեւ ի կուսաստանի ամօթխածութեամբ եւ համեստութեամբ զարդարէր․ եւ բազմաբողբոջ զաւակացն միանգամայն գորովի մայր եւ արթուն դաստիարակ էր։ Եւ այնքան պարտուց եւ պատշաճից մէջ` երբ մինակ ըլլար յարքունիս (շատ հեզ Հեթմոյ պատերազմի կամ ուրիշ գործոց համար հեռանալովն), յառանձնութեան պալատանն ճգնէր պահօք եւ աղօթիւք։ Բայց իր աստուածասէր եւ մարդասէր սրտին միշտ բաւական չէր ըլլար առանձնակեաց սրբութիւնն․ շատ հեղ պալատէն դուրս կ՚ելնէր` թէ իբրեւ յայտնի թագուհի եւ թէ իբրեւ ծածկեալ անծանօթ անձ մը, երթալ վազել` ուր որ բարեպաշտութիւն եւ ողորմածութիւն կրնային տանիլ։ Կ՚երթար երբեմն իր սիրելի զբօսարանը, իր դաստակերտ թէատրոնը` լսելու սրտառուչ ձայներ, կ՚երթար իր Հիւանդանոցը եւ Աղքատանոցը․ կամ ուրիշ հիւանդանոցներ եւ առանձին տուներ, ուր այլ որ լսէր թէ հիւանդ մը կամ երեսէ ընկած մը կայ, կամ կարօտ մը թէ մարմնաւոր թէ հոգեւոր դարմաններու։ …

Կու յիշեմ զմեծ եւ դիւցափառ կայրսն Օգոստոս, որ իմաստութեան այլ պատուող` շատ հեզ կու հրաւիրէր իր առանձին սեղանին կցորդ` իր ժամանակին երկու մեծ բանաստեղծքը, Վիրգիլիոս եւ Ովրատիոս․ ասոնց մէկն, կ՚ըսեն, շնչառութեան նեղութիւն ունենալով` ստէպ հեկեկալու ձայն կու հանէր, մէկայլն` աչքը ճպռոտ` ստէպ արտասունք կաթէր։ Օգոստոս կու ծիծաղէր ու կ՚ըսէր․ «Նստեալ կամ ես ընդ մէջ արտասուաց եւ հառաչանաց»։ — Վերցու՛ր գլուխդ, ով տիեզերակալ սեբաստոս Օգոստոս, որոյ մեծութեանդ արձաններն եւ կամարներն ի Տիբերիսէ մինչեւ ի Սանգարիս դեռ կանգուն են, որ Անկիւրիոյ յիշատակարանիդ մէջ յիշես Հայոց թագաւոր մը դնելդ այլ․ տե՛ս (եթէ կրնան տեսնել այն աչքերն` որ 14 տարի մէկտեղ ապրելով` չտեսան զերկնից եւ զերկրի լոյսն` Քրիստոս) տե՛ս զՀայոց թագուհիս այս, որ Քրիստոսի խաչին նշանաւ թագը կապեր եւ բարձրացուցեր է․ տե՛ս ով մեծդ եւ ամենամեծդ յերկրի, տե՛ս այս փոքրիկ դշխոյս Կիւլիկիոյ, ինչպիսի~ արտասուաց եւ հառաչանաց մէջ նստեալ կայ, եւ կու սիրէ նստիլ ընդ երկար․ լսեցի՞ր դու այլ այսպիսի հեկեկանք մը․ սրբեցի՞ր այսպիսի արտասունք մը․ նստա՞ր երբէք ընդ մէջ հեծութեան հիւանդաց եւ արտասուաց աղքատաց։ Տե՛ս—մենք տեսնենք հոս զԶապել․ ի՞նչպէս ոմանց առատապէս ստակ, զգեստ եւ դեղ բաշխէ, ոմանց անձամբ այլ ծառայէ, սփոփէ, մխիթարէ․ — ի՞նչպէս, շատերը` աւելի առատ ու քաղցր սրտով եւ բերնով կու յորդորէ հոգինին հոգալու․ հին եկեղեցւոյ զգաստ այրեաց եւ սարկաւագուհեաց նման` կու սովրեցնէ տգիտաց զկանոնս եւ հրամանս հաւատոց․ կու սիրեցնէ անհոգներու` եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդները, կու յիշեցընէ իրենց անցեալ վարքը․ եւ զղջումն կու շարժէ խիստ կամ աղտոտ սրտերը․ խոստովանել կու տայ մեղքերնին եւ սուրբ հաղորդութեամբ զօրացընել հոգինին․ եւ այսպէս զոմանս մարմնով բժշկէ, զոմանս այլ հոգւով յաւիտեան հանգչեցընէ։ Իսկ այնպիսի տեղուանք` ուր որ պատշաճողութիւնն կամ ատենն չեն թողուր իրեն երթալ, իր հաւատարմաց մէկը կու ղրկէ` նոյն խնամք եւ հոգը մատուցանելու։ Զապել այս բաներուս մէջ կու ճանչնար զինքն` թագուհի եւ մայր ազգի։

Երբեմն այլ իր սրտին վերաթռիչ կրակէն վառուած ու վարուած` կ՚ելնէր գաղտուկ հաւատաւորի մը պէս, գլուխը քօղով ծածակած ու ի գետին խոնարհած, հոգւով քան թէ աչքով տեսնելով զճամբան․ կու փութար կ՚երթար ուխտատեղեաց եւ վանորէից դրանց քով աղօթքի կենալու․ մանաւանդ ուր որ լսէր թէ սուրբ անձ մը կայ, ոչ միայն հոն անոր մօտ փափագէր հասնիլ, այլ եւ կ՚ուզէր նոյն ճամբէն երթալ, նոյն հողն ու քարը կոխել` զոր սրբազանն կոխած էր։ Քանի~ լուռ եւ անշփոթ ժամեր, քանի~ մութ ու ցուրտ գիշերներ, լուսնկայ կամ անլուսին երկինք` տեսան մեր ջերմեռանդն ուխտաւորը` անծանօթ եւ անմարդաձայն ճամբուն վրայ․ ոչ ձմրան ձիւն ու բուք, ոչ տօրոսական ցուրտ պախրցին, ոչ հողմակոծ ծառերուն եւ ջրերուն մրմռալն, գազանաց մռնչել ու կանչելն, եւ ոչ յանկարծ դարանողի մը եւ իր առաջին պայլը սպաննող աւազակին պատահելու վախն, կրնան արգիլել զսրբասէր թագուհին։ Իբրեւ այն հրաշալի հարսն տիեզերական փեսային խանդակաթ` կու լսէր անոր ծածուկ ձայնը․ «Ե՛կ ի Լիբանանէ (ի քո պալատանէ) հարսն․ եկ այսր ի Լիբանանէ․ եկեսցես եւ անցցես ի գլխոյ հաւատոյ, ի կատարէ Սանիրայ եւ Հերմոնի, ի մայրեաց առիւծուց եւ ի լերանց ընծուց»․ եւ կ՚անցնէր կ՚երթար իբրեւ զաղաւնին միակ կատարեալ եւ գեղեցիկ` կենալու սրբութեան տաճարաց դրանգեաց ներքեւ, անձայն լռիկ աղօթքով` սրտանալու ի սէր հոգւոյն տիրոջը, եւ սրտացընելու զնա իր մաքուր սիրոյն։ Երբեմն այլ ճամբուն վրայ կանգ առնելով, հազիւ վանաց եւ եկեղեցեաց դրանց մօտեցած` կ՚ընկնէր ի ծունկս, կու պագնէր սրբազանից կոխած գետինը, կու թրջէր մարգարտակաթ արտասուօքը, կու քսէր գալար դէմքերը այն կրկին սրբեալ հողոյն ու կաւոյն վրայ․ անով կու շփէր շպարէր թագուհին Հայոց իր պայծառ հոգւոյն դրսի հայելին։ Այս էին սիրելագոյն զարդարանք եւ գեղերանք եւ զբօսանք Զապելի։

Այսպիսի դէմք, այսպիսի սիրտ, այսպիսի հոգի` ի՞նչ կերպով կրնար երեւիլ աշխարհային եւ թագաւորական հանդիսից մէջ։ — Ինչպէս որ կու վայլէր սուրբ եւ զգաստ դշխոյի մը․ որ իր ամեն պարտքը եւ պատշաճը գիտելով` չէր պակսէր եւ ի տօնից եւ յընկերութեանց, անոնց նոր վայելչութիւն մ՚աւելցընելով իր չափաւորութեամբ եւ պարկեշտութեամբը․ եւ ինչպէս արքունի ծիրանեաց վերարկուք չէին կրնար խափանել իրենց ներքեւէն հագած խոշոր խայթող զգեստը, եւ ոչ այլ շնորհագեղ թափանցիկ ժպիտն` հոգւոյն զուարթութեան ճառագայթը․ աս էր զինքը աւելի պատկառելի ընծայողը` քան իր ծաղկած հասակն եւ ծանրագին թագն։ Ոչ ոք երբէք լսեց այն շրթունքներէն աւելորդ խօսք կամ կատակ մը, եւ ոչ ձայնով ծիծաղ մը փրթաւ բերնէն, ծանրիկ լրջութիւնն` բնական ձեւ եւ գոյն կ՚երեւէին իր կերպարանացը։

Ժ

Բաներուս բարեբաղդաբար վկայ ունիմք, Հայկակ, ժամանակից յիշատակագիրներն, բայց դժբաղդաբար` այսչափիս միայն, ու՞ր էր թէ աւելի ըլլային կամ մեզի հասնէին այսպիսի յիշատակք, եւ այլ աւելի բաներ պատմած ըլլային Զապելի վրայ․ գուցէ մեր միջէն այլ ելնէր Մոնդալանպէր մը մանրամասնաբար գրելու Հայոց սրբակենցաղ դշխոյին վարքը, որպէս նա Ունկարացի դշխոյին եւ Զապելին (Եղիսաբեթ)։ … Այս յիշատակս` որ յանկարծ բերնէս ելաւ, կու ստիպէ զիս, Հայկակ, խորհրդածութիւն մ՚այլ ընելու եւ ցուցընելու զարմանալի եւ վերնախնամ հանդիպակցութիւններ այս երկու թագուհեաց մէջ, որ թերեւս դեռ դիտուած չեն եւ կ՚արժեն մտադրութեան։ — Երկուքն այլ համանուանք․ երկուքն այլ ժամանակակիցք, դշխոյն Կիւլիկիոյ եւ դշխոյն Թուրինկիոյ․ ասիկա` իբրեւ տասն տարի յառաջ ծնած քան զմերն, 20 տարի այլ անկէ առաջ բոլորեց կեանքը․ նա երկու երկվեցեակ տարի ապրելով, մերս` երեք։ Երկուքն այլ չորս տարեկան էին` երբ իրենց վիճակին տիրուհի սահմանուեցան․ երկուքն այլ նոյն մէկ տարուան մէջ (1221—2) պսակուեցան․ Զապել ընդ Ֆիլիպի, Եղիսաբէթ ընդ Լուդվիկ Հերմանայ գաւառատեառն (Լանտկրավի)։ Բայց մեծագոյն եւ հրաշախառն հանդիպուածն այս է, որ ատեն մը` քանի մը տարի սահմանուած էր` որ այս երկու լեռնաբնակ հաւբալներս իրարու քոյր ըլլային․ Թուրինկիա եւ Կիւլիկիա սխրալի կերպով զիրար ողջունեցին։ Եղիսաբեթ` դուստր է այն Անդրէասի եւ քոյր այն Անդրէասի` որոց մէկն Զապելի այր․ միւսն սկեսրայր պիտի ըլլային․ եւ եթէ անոնք չեղան, եթէ Զապել չեղաւ կողակից կրսեր Անդրէի, եւ եթէ երկու սրբաճեմ աղաւնիքն չեղան թեւակիցք մէկ թառի, մէկ սեղանի, մէկ խորանի քով, եթէ Ունկարաց սուրբ օրիորդն երիցութեամբ հասակին չգրկեց ու գգուեց զօրիորդ Հայոց, եւ ոչ սա բազկիկ բոլորելով անոր նազելի վզէն կախուեցաւ, սակայն երկնաւոր բաղդն զուգեց դրեց ըրաւ զանոնք քոյրակից,գործակից, հոգեկից։ Ինչ մասնաւոր առաքինութիւն եւ գործ տեսանք Զապելի վրայ, զնոյն պատմեն եւ Եղիսաբեթի վրայ․ երկուքն այլ նոյնպէս սրբասէր, աշխարհատեաց, պահեցող, աղօթող, աղքատասէր, հիւանդապահ։ Զապել վանաց եւ եկեղեցեաց դրանց քով կ՚աղօթէր։ Եղիսաբեթ երբ իր պալատին մատրան դուռը գոց գտնելու ըլլար` դուրսը ծունկ դրած կ՚աղօթէր․ — Զապել իր մայրաքաղաքին` Սսոյ մէջ` հիւանդանոցը շինեց, որ ուզած ատեն երթայ դարմանէ ցաւագարները․ Եղիսաբեթ իր Մարպուրկի ապարանից ստորոտը շինեց հիւանդանոց մը, նոյնպէս խնամք տանելու։ Երկուքին ամուսինքն այլ տեսնելով իրենց ընկերին բարեպաշտութիւնը` թողուցին համարձակ եւ գործակից այլ եղան անոնց առաքինի գործոց։ — Երկուքն այլ գրեթէ նոյն մէկ տարուան միջոց (1225—6) իրենց երկրաւոր մեծ կորուստն ըրին, Զապել զՖիլիպ, Եղիսաբէթ զՀերման․ սա 20 տարուան երեք զաւակօք այրի մնացած` իր աներձագին գրգռութեամբը` իբրեւ տէրութեան գանձը վատնող (առ աղքատս), հալածեցաւ յարքունեաց եւ իբրեւ անաշխարհիկ պանդուխտ վարած մնաց եւ մեծ չարակրութեամբ եւ աւելի մեծ ու սրտառուչ համբերութեամբ, մինչեւ հալածողն անգամ զգաստանալով` նորէն դարձուց զտիկինն յարքունիս․ բայց նա իր աւակաց վիճակն ապահովացընելէն ետեւ` քաշուեցաւ պալատէն դուրս առանձին անակի մը մէջ, եւ միանձնական զգեստ հագնելով (Ս․ Փրանկիսկոսի երրորդական կարգին), քիչ ատենէն մեծ ճգնութեամբ եւ սրբութեամբ կնքեց կեանքը (19 նոյեմբ․ 1231) եւ քանի մը տարիէն (1235) դասեցաւ եւ յեկեղեցւոյ ի կարգս սրբոց։ Այս վշտաց եւ հալածանաց` կերպով մը կրնայ համեմատուիլ նոյն ատեն Զապելի ցաւը` Ֆիլիպի սպանման վրայ, առանձնանալն ի Սելեւկիա, եւ բռնի բերուիլն ի Սիս յընկերութիւն Հեթմոյ։ Եւ եթէ սա այլ Հերմանայ պէս վաղամեռ ըլլար` անտարակոյս է որ Զապել այլ Եղիսաբեթի միանձնական կեանքն կ՚ընտրէր, որուն արդէն այնչափ փափագեր էր յառաջ քան զպսակիլն ընդ Հեթմոյ։ — Նախախնամութիւնն այսչափ սահմանեց երկրի վրայ նմանակցութիւն այս երկու թագուհեաց, որոց անշուշտ աւելի մեծ է նմանութիւնն յերկինս, ուր` թէպէտ քանի մը տարի ուշ եւ աւելի ապրելով, բայց դեռ շուտ եւ անկատար կենօք` թռաւ եւ Զապել առ զուգակից անուանն, բաղդին եւ հոգւոյն, թողլով անմխիթար յերկրի իր երկրաւոր զուգակից եւ թագակիցը, անկէց ունեցած զաւակները, (որոնց ոմանք դեռ հազիւ իրենց մօր կաթը եւ սիրոյն մեղրը ճաշակեր էին) եւ բոլոր զինքը պատուող եւ պաշտող աշխարհը։

ԺԱ

Արդեօք դիպուածական ցա՞ւ մը, թէ իր փափուկ սրտին հին հարուածէն բուսած վէ՞րքն, թէ մանաւանդ սաստիկ փափագն առ լաւագոյն երանաւէտ կեանս, իր արդէն գեղեցիկ կեանքը փութացուցին ի գեղեցկագոյն վախճան, առ ի փոխել յամենագեղեցիկ կենդանութիւն։ — Ո՜հ․ քանի՜ քաղցր եւ անոյշ էր այն հոգւոյ հրաւէրքն` որ եկաւ իրեն (ի 22 յանուարի 1252 ի)․ — ձա՜յն ցանկալի երկնաւոր եւ անմահ փեսային, որուն հարսնացեալ է ամենայն մաքուր եւ մաքրասէր հոգի․ — վասն զի ինչու՞ է հոգին` եթէ ոչ առ միանալ իր ստեղծողին հետ․ — ձա՜յն Քրիստոսի Աստուծոյ, զոր ոչ միայն հոգւոյն անշունչ անյօդ ականջովն իմացաւ Զապել, այլ եւ զգալի կերպով մը լսելով` անպատմելի ուրախութեամբ իմացուց իրեն քովն եղող եւ իբրեւ հիւանդի նայողներուն, թէ ահա լսեմ ձայն` որ կանչէ զիս։ Ե՛կ աղաւնի իմ, ե՛կ կատարեալ իմ, ե՛կ սիրելի իմ․ եւ այս խօսքս իբրեւ վերջին բարով մնաք ըսելով մերձակայիցն, հոգին` հոգւոյն փափագողաց հետ խառնուեցաւ, թողլով յերկրի քըմծիծաղ ու պայծառ` այլ անշարժ մարմին մը, ի սուգ եւ ի սէր հասարակաց։ …

«Իսկ թագուհին զկեանս աւանդեալ

Ու ի կէտ կոչմանըն ժամանեալ,

Ձայն ի յերկնից ըզնա կոչեալ,

Զոր իւր ունկամբն յայտնի լըւեալ,

Ե՛կ աղաւնի՜ իմ, ասացեալ,

Իսկ նա յորժամ զայս ձայն լըւեալ

Զըւարթագին սրտիւ բերկրեալ,

Տեսլեամբ կերպին զըւարճացեալ

Եւ ի հոգին իւր ցընծացեալ,

Մերձակայիցըն զայս ազգեալ,

Եւ ընդ պատմելն` իսկոյն փոխեալ,

Զհոգին ի ձեռս Տեառն աւանդեալ,

Զխեցին ունայն` յերկրի թողեալ,

Զոր քահանայքն ակումբ առեալ

Զնա օրհնութեան հողոյ տըւեալ,

Արդ թագուհին յերկրէ ելեալ

Եւ առ Քրիստոս վերափոխեալ»։

Այսպիսւոյ բարւոյ եւ բարերարի, սրբակեաց եւ սիրելւոյ թագուհւոյ, հարսին եւ մօր մահ` ո՞րչափ ցաւալի եւ սգալի եղած է կենակցին, զաւակացն, մերձաւորաց, պաշտօնէից եւ բոլոր աշխարհին, ազատաց եւ ռամկաց, աղքատաց եւ հիւանդաց, կրօնաւորաց եւ զինաւորաց, քեզի դիւրագոյն է հասկանալ, ինծի աւելորդ ըսելն, Հայկակ, աւելորդ սեպեմ եւ խառնել զքեզ անոր երկարաչար յուղարկաւորաց մէջ, յոր կրնամք եկած սեպել զբովանդակ Կիւլիկիա եւ զմասն Կիպրոսի եւ Անտիոքայ, եկեղեցական, քաղաքական եւ զինուորական խմբերով, որոց մէջ չեմ այլ կրնար գոնէ պաղած պատկառանօք մատնանիշ չընել` երկու զանազան ձեւով բարձրապատիւ ալեւոր գլուխներ, երկու նահապետքն Հայոց, երկու անուանակիցքն, Կոստանդին կաթուղիկոս եւ Կոստանդին արքահայր, խնամակալք եւ դաստիարակք թագուհւոյն եւ հայրաբար սիրողք, որք իբրեւ երկու մեծամեծ մայրիք մրրկաշարժ անտառի մը` իրենց դիմաց իրենցմէ շատ դալար եւ ծաղկաբողբոջ միջաբեկեալ ծառին վրայ ծռած` դողդոջուն ճիւղերով կ՚ոլորին կ՚երերան։ Բայց դարձընենք աշուընիս իրեն գիլ ու դալար բարակ բարունակներէն, որոց անդրանիկն (Լեւոն) դեռ հազիւ 16 տարեկան է․ դարձընենք մանաւանդ այն փափուկ տնկոյն նեցուկ ու նշդարիկ եղող արքակաղնոյ նման պանծալի` բայց հիմակ քակեալ մենացեալ եւ կորացեալ թագաւորէն… Հեթում` այն օրերն մեծ պատրաստութեան մէջ էր, հարկաւորաբար երթալու առ Մանգու խաքանն Թաթարաց` յաշխարհ հեռի։ Զապելի յանկարծ յանդարձ աշխարհ երթալն` այնքան խոր եւ արժանաւոր սգով պատեց զայրիացեալ թագաւորն, որ երկու տարի չկարցաւ հեռանալ սեւու սենեկէն, ապա թէ գնաց։

Հեթում` ոչ կենակից եւ թագակից միայն էր Զապելի, այլ եւ անարգել գործակից անոր սրտին բարի բերմանց․ եւ եթէ իր արքունի անհրաժեշտ պարտքն եւ ի մօրէ որբացեալ զաւակներուն հոգն` չպատուիրէր, թերեւս աւելի շուտով թողուր ինքն այլ թագը, եւ առանձնակեաց հոգեկեաց, մ՚ըլլար․ ինչպէս որ ըրաւ այլ վերջը, յետ տեղաւորելու իր դստերքը` եւ թագը թողլու (յամին 1269) առ անդրանիկն Լեւոն։ Եւ սա իր ցանկալի եւ ցաւալի մօրն անմոռաց յիշատակը կերպով մը կենդանացընելու համար` իր իրեք երեց դստերքն անուանեց Զապլուն, Զապել, Սիպիլ։

Զապել թագուհւոյ մահացու նշխարքը անմահութեան մաղթանօք եւ անսուտ յուսովն պատելովու կնքելով` հանգուցին ն տապանատուն Ռուբինեան պայազատաց, ի վանքն Դրազարկ, ուր նախ հանգչէր էր տեղւոյն շինողն Թորոս Ա, թոռն Ա եւ մեծ Ռուբինի․ եւ իրմէ ետքն իրեն ցեղէն շատ պարոնայք եւ պարունուհիք․ եւ ուր յետ 19 տարւոյ (1270) հանգուցին թագուհւոյն քով էր թագակից եւ կողակիցն այլ, թէ իբրեւ արքայ Հեթում եւ թէ իբրեւ Եղբայր—Մակար․ որ եւ Զապելի պէս բաղդ ունեցաւ օտար սուրբ թագաւորի մը հանդիպակից ըլլալու։

Իրենց երախտագէտ եւ սիրանուէր որդիքն եւ պայազատք` արքունի սրբապատում Յայսմաւուրաց մէջ նշանակեցին Հեթմոյ հանգստեան օրը (28 հոկտեմբերի), եւ այս օրս (22 յանուարի) Զապելի պաշտելի յիշատակը, զոր ի կեանս եւ ի մահուն` ճանաչողք եւ մերձագայք` սուրբ` անուանէին․ ինչպէս որ Հեթմեանց յիշատակն այլ` ոչ միայն մեր այլ եւ լատին միանձանց հին ժամագրոց ոմանց մէջ անցած է երանելեաց կոչմամբ։ Երանի՜ էր ազգիս այլ, եթէ` ինչպէս շատ արժանաւորաց յիշատակն անմահացուցեր է, զոմանցն այլ նորէն արթընցընէր։ Իսկ քեզ, Հայկակ, անշուշտ ախորժելի կ՚ըլլայ, քու ընտանեաց եւ մերձաւորաց միջի մատղաշ Զապելաց ծանօթանցնել` իբրեւ իրենց նախընթաց օրինակ համեստութեան եւ իմաստութեան ու պաշտպան մեր ազգին վերջի պայազատութեան մէջ ամենէն անուանի, պատուելի, սիրելի եւ սրբենի եղած թագուհին ԶԱՊԵԼ։


Զ․ Գերեդարձ Գ Լեւոնի

6 փետրուար – 1289

ՎԱՌԵՆՔ երեկոյեան խարոյկը, բոլորինք հայրենի կրակարանին եզերքը, ի Կիւլիկիա, յարքունիս թագաւորին Հեթմոյ։ Հեթում (այս անունը կրողաց մէջ ամենէն անուանի եւ սիրելի անձն) Հեթում Ա, յաջորդ մեծին Լեւոնի, ինքնին հրաւէր կու տայ, եւ քան զուրիշ տարիներ աւելի արտորանօք, իր հաւատարիմ հպատակացն եւ պարոնայցն, գալու ժողովելու բազմութեամբ, եւ Աստուածայայտնութեան մեծ տօնը կատարելու։ Կու փութան իշխանք եւ պարոնայք` ապահովցընել իրենց ամուր բերդերը եւ իջնել լեռներէն, ելլել պարսպապատ քաղաքներէն եւ ժողովիլ ի Մսիս։ … Եւ ինչու՞ ոչ ի Սիս, յաթոռն թագաւորաց։ — Մի՛ հարցընէք։ — Պարոնայքն գալու եւ անցնելու ատեն` կու նային մէկ մը այն մայրաքաղաքին կողմը, եւ դեռ եգիպտական սեւ ծխոյն նշանը տեսնելով, գլուխնին շարժելով` երեսնին խաչակնքելով կու փոխեն ճամբանին, թէ եւ շատ դժար կուգայ իրենց յառաջելն, վախնալով թագաւորին տխրամած դէմքը տեսնել․ սակայն մէկ մ՚այլ իրենց հրաւէրքն թուղթերուն վրայ նայելով, եւ տեսնելով անոնց արքունի կարմիրկապ կնիքը` սիրտ կ՚առնուն, եւ կու մտնեն ի Մսիս․ որոշեալ օրը` նախ քան զտօնն կու ներկայանան միաբան, արեւել եւ շնորհաւորել թագաւորին զնոր տարին եւ զաւագ տօները։

Սիրով եւ պատուով կ՚ընդունի զնոսա թագաւորն, եւ փոխարէն ողջոյններ տալով` կու հրամմէ որ նստին․ եւ նախ ինքն կու բազմի ծանրութեամբ իր գահը։ Ո՛հ, ո՜րչափ այլափոխուեր է թագաւորին դէմքն քան զանցեալ տարին։ Տարի մը միայն կրնա՞ր այդքան աւելցընել հազիւ վաթսնամեայ գլխոյն ալիքը, որ ոսկի պսակին տակէն կախուած` իր սպիտակ արքունի բեհեզեայ քղամդին կու խառնուին․ եւ երկընցած դէմքն այլ այն գլխուն դեղին թագին կու նմանցընեն։ Ո՜րչափ տարբեր էր այդ դէմքն այն Հեթում թագաւորի ոսկեհատիկ վառվռուն կերպարանքէն, երբ այդպիսի հանդիսական օր մը բարձր գահուն վրայ ելած ատեն։ Կիւլիկիոյ ամենէն ազնիւ ծնունդն` տիկնաց տիկինն Զապել, դուստրն մեծին Լեւոնի, անոր աջ կողմը կու բազմէր, այն իր կենակից եւ թագակից դշխոյն, գահուն բոլորը բռնէին իր հինգ վեհակերպ մեծապատիւ եղբարքն, Սմբատ գունդըստապլն` հին Հայկազանց եւ Վարդանանց նախանձորդ` սպարապետն Հայոց, Լեւոն` մեծ մարաջախտն, Լիկոս` գայլանուն կտրիճն։ Բարսեղ` վսեմափայլ արքեպիսկոպոսն եւ առաջնորդ Դրազարկու, եւ Յովհաննէս` երիտասարդ արքեպիսկոպոսն Մամեստիոյ եւ առաջնորդ Արքայկաղնոյ, գահուն ստորոտը Սողոմոնի սուտ առիւծներուն տեղ` երկու եռանդուն կրակոտ կորիւնք կենային` Լեւոն եւ Թորոս թագաւորորդիք․ եւ իբրեւ ամենուն հովանի` թագաւորին ձախ կողմը նստէր փառօք իր ջոջգլուխ արքայահայրն` Մոզոնն Կոստանդին, աբրահամեան ծերունին։

Այդ յիշեալ մեծափայլ եւ մեծազօր արքունական սիւներն` այսօր խորտակած կ՚երեւին ժամանակի օրէնքէն․ միայն ամենէն կրտսեր արքայ—եղբայրն Յովհաննէս արքեպիսկոպոս` մէկդին բազմէր, մէկալ դին այլ ամենէն մեծն` ծերունազարդ սպարապետն Սմբատ, ոսկէկոթ թրին վրայ կռթնած, երբեմն երբեմն թաւ թաւ յուներուն տակէն երկու խոր կայծակներ պտըտցնելով։ Թագաւորին գլխուն այլ ծանրացեալ կ՚երեւի գրեթէ կէս դար կրած թագէն․ 43 երկայնեւ բազմափորձ տարիներ պէսպէս գոհար քարերու պէս շարուած էին անոր վրան․ ո՜րչափ զանազան տեղուանք, ո՜րչափ զանազան անձանց մէջ կանգներ էր Հեթում այն գլուխը, ո՜րքան երկայն եւ տարեւոր ճամբաներ ընելով` Կիւլիկիոյ դռներէն մինչեւ Թաթարըստանի խորագոյն անապատները` ազգին եւ տանը համար քրտնելով, կ՚իմանայր հիմա պսակին ծանրութիւնը։ Եւ թերեւս անկէ ետեւ փափագելի էր իրեն հանգչեցընել այն յօգնած գլուխը, ըլլա՜ր նաեւ սեւ քարի մը վրայ։ … Բայց սրտին վրայ այլ կայ ծանրութիւն մը, եւ շատ մեծ ծանրութիւն․ ինչուան որ զայն չթեթեւցընէ, իրեն համար մահն անգամ անհանգիստ է։ …

Ասոնք մեր մտածութիւններն չեն, այլ այն բազմախումբ պարոններուն` որք բազմեր են թագաւորին դիմաց։ Իսկ Հեթում իբրեւ թեթեւ քնէ մը թօթուելով գլուխը, եւ ծածուկ կրակով մը վառելով աչուըները` կու դարձընէ հոն եղող իշխանաց վրայ, եւ յետոյ կու հրամէ սենեկապան սպասաւորաց` որ պակասներն այլ կանչեն եւ նստեցընեն․ իսկ սպասաւորք կարգէն պակաս չգտնելով` կ՚իմացընեն որ ամենքն այլ հոն են։ Թագաւորն նորէն աչք դարձընելով` կու տեսնէ, թէ ոչ շատ, այլ մե՜ծ պակաս․ կու հրամմէ կու ստիպէ որ զանոնք այլ կանչեն։ Սպասաւորք շփոթած կու նային կու համրեն, պակաս չեն գտներ, եւ վախով մօտենալով կ՚ըսեն, Սուրբ թագաւոր, ամենքն հոս են։ Թագաւորն նեղանայ, սպասաւորք իրար կ՚անցնին, իշխանաց կու դառնան․ ասոնք այլ կ՚ապահովցնեն զթագաւորը, թէ Սուրբ թագաւոր, ամենքն այլ որոց հրաւէրք եւ պատուէր խաւրեցիք, հոս են, անգամ մ՚այլ սրափայլ աչքերը չորս դին դարձընելով, եւ բարկացեալ` այլ մարմրած եւ հեծկլտած ձայնով կանչէ․ Եթէ ամենքն հոս են, ու՞ր են հապա պարոնաց պարոնքն․ Լեւո՜ն եւ Թորո՜ս։ …

Լեւո՜ն եւ Թորո՜ս, երկու կրակէ նետերու պէս թռան այս անուանքս թագաւոր հօր մը բերնէն, եւ չմնաց ողջ սիրտ մը․ իշխան, պարոն, եպիսկոպոս, ձիաւոր, սպասաւոր, ամենքն վիրաւոր հառաչանք մը փրցնելով կու սկսին լալ վայել, երկինքն երկիր նայիլ․ բոլոր արքունական ատեան նոր մեռած անդրանիկ զաւկի մը սգասենեակ դարձաւ․ թագաւորն ծածկեց հայրական դէմքն իր սպիտակ բեհեզին տակ․ եւ մէկն չէր համարձակեր մօտենալ, բան մը ըսել, մխիթարանք մը տալ, պարոնաց գլուխն ի գետին կորացեալ․ վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց շրթունքն գալով համրացեալ, կ՚ուզէին որ եղածն երազ ըլլար․ եւ թէ չէր կարելի անկէ հեռանալու` գոնէ անզգայ ըլլալու։ — Բայց ո՞վ կրնայ անզգայ ըլլալ, երբ ձիաւորաց պարծանքն` զուարթունն Թորոս` դեռ իր չորեքամսեայ գերեզմանին մէջ սեւ սեւ վէրքերու նշաններով ահեղ դիւցազին նման պառկած կ՚երեւէր դիմացնին… եւ երբ սադէմ թագաժառանգն Լեւոն` բարբարոս Պիյպարս սուլտանին սեւ բերդին մէջ շղթայակապ տանջուէր։ Անվախ Սմբատն անգամ, հօրեղբայր սիրուն եւ կտրիճ կորեանցն, ձեռքը թրին, թեւն ի գահ թագաւորին կռթընած` արտասուաթափ աչքերը վերուցած ատեն` կարծուէր թէ մէկէն պիտի ցատքէ եւ արքունի նիզակներէն մէկը կորզած` վազէ երթայ Մսրայ սուլդանին գահը կոխէ, եւ իր եղօրորդին` պարոն Լեւոնը, յափշտակէ բերէ հօրը գիրկը, իսկ երբ գլուխը թօթուելով նորէն դէպ ի կուրծքը կ՚իջեցընէր, կարծուէր թէ աշխարհք անցեր է Հայոց տանն համար․ եւ ամենքն ալ գլխակոր մնային… Թանձր սուգ մը պատեր էր Հեթմոյ արքունիք, արեւելքէ եւ արեւմուտքէ, Թաթար ղանէն եւ սրբազան Պապէն եկած մխիթարութեան գրերն անգամ չէին փարատած զայն։

Ի՞նչպէս եկաւ այն սեւ սուգն, ի՞նչպէս եղաւ այս չար դիպուածն։ — Գիտես Հայկակ, որ Կիւլիկիա թէ եւ ամուր երկիր, բայց այլազգի տէրութիւններու դրացի էր, որք կ՚ուզէին յափշտակել այն պատուական աշխարհը։ Թագաւորք Հայոց երբեմն բարեկամութեամբ, երբեմն զէնքով կու զգուշանային անոնցմէ․ որոց զօրաւորագոյնն` Իկոնիոյ սուլդանն, շատ հեզ Լեւոնի եւ Հեթմոյ հետ կռուեր էր, երբեմն մէկն երբեմն մէկայլն յաղթելով, բոլորովին ապահովվութեան համար` Հեթում նախ իր եղբայրը` Սմբատը` ղրկեց առ ղանն Թաթարաց, յետոյ ինքնին գնաց առ Ապաղա ղան, եւ երեք չորս տարի ուշացաւյօտարութեան, մեծազօր եւ ահարկու Հէլակիւ ղանէն ստիպուեցաւ նիզակակից ըլլալ անոր, Արաբացւոց եւ Թուրքաց դէմ շատ պատերազմներ ընել, եւ Բաղդատ առնուլ, ու բոլոր Պարսից, Միջագետաց, Ասորեստանի, Հայոց ՛ Ասորւոց իշխանները նուաճել․ որով իր սահմաններն այլ ազատ եւ հանգիստ մնացին շատ տարի․ ուրիշ զօրաւոր թշնամի չկար, բայց միայն Մսրայ սուլդանն, որ հեռուէն կու սպառնար, իսկ Հեթում մէկ կողմէն երկիրը պարիսպներով եւ բերդով ամրացուցեր, մէկայլ կողմէն թաթարաց օգնութեան վրայ վստահացեր էր, եւ այլ աւելի իր խորագէտ հօրը խրատուց եւ եղբօրը քաջակռիւ բազկին վրայ։ Բաղդատ առնելու ատեն Եգիպտոսի սուլդանին կողմանէ այլ մարդ կար հոն, օգնական խալիֆային․ ասոնցմէ երկուքն կրցան փախչիլ․ մէկն էր Ֆունտուքտար Պիյպարս, չափաւոր տարիքը առած, մէկ այլն երիտասարդ մը Սօնդօր էլ— Աչքար (շէկ կամ կարմիր բազայ) անուամբ, որ իրեի պէս կտրիճ վազուկ ձի մը ունէր․ եւ տեսնելով ընկերին թէ հասակը թէ գէշ ձին` վախցաւ թէ գերի ընկնի սպաննուի․ ստիպեց որ իր ձիուն վրայ հեծնի եւ փախչի։ Թէ որ ես գերի ընկնիմ, կ՚ըսէր, աղայութեանս խնայելով` զիս չեն սպաններ․ քու պարտքդ ըլլայ ազատել զիս։ Եւ նման այնպէս եղաւ․ կարմիր բազայն բռնուեցաւ։ Պիյպարս պրծաւ եւ հասաւ յԵգիպտոս յորդորեց անոր Քուդդուղ սուլդանը` Թաթարաց դէմ պատերազմ բանալու, եւ պատերազմին մէջ այլ շատ քաջութիւն ըրաւ, անոր համար վարձք ուզեց Հալէպի կուսակալութիւնը․ եւ երբ սուլդանն չտուաւ։ Պիյպարս համախոհութեամբ քանի մը իշխանաց սպաննեց զնա եւ տեղը անցաւ (1260ին)։ Անկէ ետեւ գլխաւոր մտածութիւնն էր վրէժ առնուլ ի Թաթարաց եւ անոնց օգնականներէն, յարմար առիթ այլ գտաւ Հէլակիւ եւ Պերքայի` մեծ ղաներուն ազգային կռիւները․ որոնցմէ յաղթուող եւ փախչողները կ՚ընդունէր իր քով։ Անոր համար Հէլակիւ պատուիրեց Հեթմոյ` իր նիզակակցին, որ Եգիպտոսի սուլդանին վրայ յարձըկի։

Հեթում խորագիտութեամբ նախ Իկոնիոյ սուլդանին հետ դաշնադրութիւն ըրաւ (1262), յետոյ վազեց Այնթապայ վրայ․ բայց Պիյպարս առաջուց իմանալով ըլլալիքը` շատ զօրք խաւրեց խափանեց Հեթմոյ խուրհուրդը․ այն ատեն Հեթում քանի մը հարիւր մարդ այլ ի Թաթարաց առնըլով եւ 150 ասպետ անտիոքացի, մտաւ Ասորւոց երկիրը, բայց ցուրտէն ստիպուեցաւ յետ քաշուիլ, մանաւանդ որ Պիյպարս կու գար իր երկրին սահմանները կոխելու։ Անկէ ետեւ սկսան մէկմէկու դէմ պատրաստուիլ սուլդանն Մսրայ եւ թագաւորն Հայոց, եւ զիրար հնազանդութեան կանչել, թէ եւ իրարմէ կու վախէին․ բայց երբ Հէլակիւ պաշտպանն Հեթմոյ եւ քրիստոնէից` մեռաւ (ի սկիզբն 1265 տարւոյ)։ Պիյպարս սկսաւ համարձակ յառաջ գալ։ Նախ խաչակրաց ձեռքէն առաւ ամուր քաղաքները, վերջը պահանջեց ի Հեթմոյ` որ Ասորւոց դռները ազատ թողու իր մարդկանց անցնելու, չարգիլէ իր երկրէն ցորեն բերելու, եւ նաեւ իրեն հարկ տայ։ Հեթում պատասխան չտուաւ անոր․ թէ եւ դէմ կենալու չէր համարձակեր, բայց եւ ոչ այլ դաշնագրութիւն ընել, Թաթարներէն ակնածելով, վասն զի թշնամիք էին Եգիպտացւոց։ Ահա այսպիսի դժար դէպքեր կան վարչութեան մէջ, որ փոքր տէրութեանց (ինչպէս էր Կիւլիկեցւոց) հնարքը անհնար կ՚ընեն։ Պիյպարսայ ուզածն այլ աս էր, հրաման տուաւ Համադի էլ – Մանսուր իշխանին եւ Գալավուն զօրավարին եւ ուրիշներու, (որոց մէկը Սմլմօթ կ՚անուանեն մեր պատմիչք), յարձակիլ ի Կիւլիկիա, ուր եւ մտան օգոստոս ամսոյն սկիզբները 1266—ին։ Հեթում առաջուց լեռները բերդերով եւ պահապաններով ամրացուցեր էր, եւ Եգիպտացւոց շարժմունքը լսելուն պէս` ունեցած զօրքը տուաւ իր երկու կտրիճ կորիւններուն, թագաժառանգ Լեւոնի` որ այն ատեն երեսնամեայ էր, եւ քաջ ձիաթափ Թորոսի` որ աւելի ծաղկահասակ էր, ՛եւ երկուքն միատեղ քանի մը տարի առաջ (1260) ասպետ կարգեր էր, պատուիրեց անոնց որ ծովեզերքի եւ լերանց միջոցը` Աղեքսանդրիոյ (Իսքէնտէրունի) քովի բռնակապանը պահեն։ Իսկ ինքն` իրմէ աղէկ դեսպան չգտնելով` սիրտ ի բերան առած փութացաւ պզտի գնդով մը գնաց Թաթարաց զօրապետին, որ Էլպօստանի եւ Կոկիսոնի մէջ տեղ բանակեր էր, եւ օգնութիւն խնդրեց շուտով, բայց որչափ աղաչեց, մօտակայ վտանգը առաջ դրաւ, որչափ որ իր անգին զաւակացը վրայ կասկածոտ հօր մը սիրտ կրնար խօսիլ եւ ջանալ, անօգուտ եղաւ, Թաթարն յամառեալ կ՚ըսէր թէ առանց հրամանի Էլ—ղանին` Ապաղայի` չեմ կրնար մարդ տալ։ Ուրիշ ճար չկար, պէտք էր սուրհանդակ խաւրել ղանին` եւ խաւրեց․ բայց սուրհանդակն այլ պէտք էր կամ հայր ըլլալ կամ թռչուն, որ քիչ օրուան մէջ կարենայ կտրել բոլոր Փոքր եւ Մեծ Հայոց լայնութիւնը, եւ սրանալ ինչուան Մազանդարանի մօտերը, ուր գտուէր ղանն, հրամանն առնուլ եւ բերել թաթար զօրապետին։ Արդեօք սպասէ` Հեթում սուրհանդակին դառնալուն, բայց միթէ անգութ եւ ճարտար թշնամին այլ անշարժ կու սպասէ՞ իր տեղը․ — արդեօք դառնա՞յ թռչի՞ յօգնութիւն զաւկներուն․ — բայց եթէ ինքն անկէ հեռանայ` Թաթարներն թերեւս տեղերնէն այլ չեն չարժիր օգնութեան գալու։ Այս դժուարութիւնս առաջինէն ծանր էր․ հարկ էր Հեթմոյ հոն սպասել 15 աւուր չափ, բայց իր քաշած երկայն համբերութիւնը` ո՞վ կրնայ չափել․ ո՞վ կրնայ կշռել սրտին ալէկոծութիւնը այնպիսի ատեն, որ յիրաւի բաւական էր Հեթմոյ, թէ եւ սեւ այլ ըլլային` մազերը ճերմըկցընել, եւ օրուան տեղ` տարի մը ծանրացընել հասակին վրայ։

Իսկ թագւորորդիքն ի՞նչ կ՚ընեն։ Ամառուան ամենէն տաք օրերուն, որ Կիւլիկիոյ քարուտ կողերէն կրակ կու բղխէն դաշտերուն վրայ, մինչդեռ մերձակայ վանքեր Ս․ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը հռչակէին լեռնէ լեռ ձորէ ձոր, իրենք հոն կեցեր այրելով մրկելով կու սպասէին հօրերնուն, եւ թշնամւոյն, եւ ետքինս աւելի շուտ հասաւ չկարծած կողմերէն։ Իրենց կռթընած լերանց վրայ Հեթում աշտարակներ կանգներ եւ պահապան գրեր էր զգուշութեան․ եւ ոչ ոք կարծէր թէ մէկն այնպիսի տեղէ անցնելու փորձ փորձէ, բայց Պիյպարս իր զօրաց 15—20օր միայն միջոց կտրէր էր Կիւլիկիա ասպատակելու եւ կրցածնուն չափ աւերելու, պէտք էր որ ամեն ջանք ընէն, եւ ահա յանկարծ Իսքէնտէրունի լեռներուն գլխէն, սեւ մրրկի պէս սկսան վար թափիլ Եգիպտոսի հնոցանման տաք օդուն վարժող Քէօլէմէններ, որ լցին վարի դաշտը։ Հայք (ինչպէս շատ հեղ այսպիսի ատեն կու հանդիպի) յանկարծութենէն շփոթուած իրար անցան․ տասն եւ երկու մեծ իշխան կար մէջերնին, ոմանք զարնուեցան, ոմանք փախան, ոմանք բռնուեցան, հոն էր եւ արքայ—եղբայր գունդըստապլն Սմբատ եւ իր կտրիճ զաւկըներն Լեւոնեւ Հեթում․ հոն իր մէկ եղբայրն այլ (Լիկոս), որ նոյնպէս իր թագաւոր եղբոր որդւոցը պաշտպանութեան համար պատերազմելով` փառօք ընկաւ զէնքն ի ձեռքը․ իսկ Սմբատայ այս փառքս չտրուեցաւ այս անգամ, այլ պահուած էր ուրիշ պատերազմի․ իսկ հիմա պէտք էր Հայոց բանակին մնացորդը` բոլորովին կոտորածէն ապրեցընել։ Ի՞նչ ջանք չըրաւ արդեօք այն առիւծ դարձած սոսկալի սպարապետն` իր եղբօր կորիւնները ազատելու, որոնք հոն իրմէ աւելի իրենց հօր պատուէրքին, եւ անկէ այլ աւելի` իրենց քաջասրտութեանը ուզեցին լսել։ Սմբատ չէր գիտեր` մնացեալ զօրա՞ց առաջնորդել, թէ անոնց քովը կենալ․ եթէ անոնց յամառ քաջութեանը նայելով քովերնին կենար, անշուշտ Հայոց բանակէն մարդ մը պիտի չազատէր․ ապա` մէկ մը մնացեալ իշխանորդիները եւ զօրքը ապահովապէս ետ կու քաշէր, մէկ մ՚այլ արքայորդւոց կու վազէր։ — Բայց որու՞ն հասնի․ Լեւոն` Սարուանդի—քար բերդին ոտքը կեցեր, Թորոս իրմէ շատ հեռու կու կռուէր․ Լեւոն կու ջանայ հօրեղբօրն հետ պաշտպանել իրեններուն, Թորոս անդադար առաջ առաջ կու նետուի իր բարձրապինչ բարձրափռինչ ձիովը, կու զարնէ կու կոտրէ զթշնամին։ Մենք Իլիոնի դաշտը չեմք տեսած, եւ ոչ զԵկտոր` Տրովայ պարիսպներէն դուրս Աքիլլիսի դէմ պատրաստուած, եւ ոչ անոր ծերունի հօրն եւ մօր եւ կնոջ աղաչանքը լսած, զինքը այն սոսկալի հսկային անյաղթելի զէնքերէն յետ կեցընելու․ բայց Թորոսի համար կրնա՞ր պակաս ըսել Հայ Հոմեր մը, եթէ Հոմերի կէս հոգին այլ ունենար։ Քանի մը հաւատարիմ զինակիրներով միայն մահու շրջանակի մը մէջ ցատքըտելով իր բարձրավիգ ձիովն եւ սեաւ փոթորիկի պէս չորս դի մրրկելով` բոլոր ծաղկեալ երիտասարդութեան ուժովը, կէս գունդ մը ձեւացընէր․ վահանը թողած` թուր ու նիզակ էր շարժածը, որոնց հարուածէն` անտառահար փայտից պէս անթիւնք փռուեցան բոլորտիքը, ինչուան տասն հազար եգիպտացի սպաննեցին, կ՚ըսեն, այն օր այդպիսի կտրիճ Հայք։ Թորոս դեռ աչուըներն արիւն դարձած ամեն դի արիւն կու տեսնէր, արիւն կու հանէր, տուած եւ առած վէրքը չիմանալով, շատերն իրեն յորդոր եւ ձայն տուին։ Հերիք է, թագւորորդի, յետ դարձիր․ բայց ոչ մէկուն այլ չլսեց․ չլսեց անշուշտ մերձաւոր ընտանեաց գթոյն, եւ ոչ իսկ հեռաւոր հօր մը ծածուկ ձայնին․ ,Շատ է ազնիւ որդեակ իմ Թորոս, Թորոս` դարձիր այս անգամ, մինչեւ գայ հայրդ այլ եւ մէկտեղ վրէժ առնունք»։ Չլսեց այն ձայներուն, այլ այն մարդակոտոր սեւ անտառին մէջ մինակ մնացած բարձրաձաղկ ծառոյ մը պէս` դեռ ճռնչալով չէր դադրեր իր հարուածներէն, մինչեւ բազմութիւն սուսերաւոր թշնամեաց երթալով մօտենային, եւ շատ անգամ հարցընէին․ Սոսկալի կտրիճ, ո՞վ ես դու, ի՞նչ կ՚ուզես․ քու բոլոր բանակիդ չըրածն` դու՞ն միայն կ՚ուզես ընել․ ձգէ՛ անկուշտ զէնքերդ եւ եկու ապրէ քաջի պէս մեր ձեռքը։ Թորոս` միայն զանոնք զարնելով պատասխան կու տար, մինչեւ քանի մը անգամ անձնատուր ըլլալու յորդորելէն եւ օգուտ չըլլալէն ետեւ` կատղած սուսերաւորքն մօտեցան պատեցին այն մէկ հատիկ վարսաւոր ծառը, ձիաւոր նահատակը, որ գրեթէ անոնց բազմութենէն խըղդուելով` եւ իրմէ առաջ վիրաւորած ձիուն կռնըկէն վայր ընկնալով` կոտրած նիզակին վրայ երես ի վայր փռուեցաւ երկա՜յն, յետին անգամ հայրենեաց հողը համբուրելու շնչակտուր շրթունքովը… Կողոպտողք արիւնլուայ գրահիցն` իմացան, բայց ափսո՜ս, քիչ մ՚ուշ, որ Հայոց թագաւորին որդին է եղեր կտրիճն այն․ ապա թէ ոչ` գուցէ աստուածորդի այլ կարծուէր դիւցատիպ Թորոսն այն։ Ոչ պակաս անկէ քաջութեամբ կռուէր եւ Լեւոն, նոյնպէս կռուեցան եւ իրենց հօր եղբօրորդիքն, Սմբատայ կորիւնքն, որոնց մէկն այլ մեռաւ, մէկայլքն` Լեւոնի եւ իր հաւատարիմ ճորտերուն հետ` գերի ընկան թշնամեաց ձեռքը։

Ո՞վ կրնայ պատմել անգութ Պիյպարսայ ուրախութիւնը` երբ դիմացը հանեցին զանոնք, յետ 20 որ Կիւլիկիոյ մէկ մասը աւրելէն եւ այրելէն եւ մայրաքաղաքն այլ կողոպտելէն, թագաւորաց գերեզմանները քակելէն եւ գանձերը պարպելէն, (որոց միայն մէկ ամանէն 60,000 կարմիր (ոսկի) հաներ էին), դառնալով անբաւ աւարով, մինչեւ մէկ եզ մը երկու դրամի կու ծախէին…

Իսկ Հեթում մինչեւ ցե՞րբ կ՚ուշանայ, մանաւանդ թէ մինչեւ ցե՞րբ կու դանդաղին Թաթարք… Ահա կու դառնայ սուրհանդակն յԱպաղա ղանէն` բերելով առ զօրավարն Թաթարաց հրաման օգնելու Հայոց։ Հեթում թաթար գունդը առած` գացածէն աւելի շուտով կու կտրէ օրերով երկայն ճամբան․ կու մտնէ իր երկիրը… Ընտանի լռութիւն եւ օտար աղաղակ, սեւ նշաններ, աւերակաց փոշի, այրածներու ծուխք, ամեն բան իրեն կ՚իմացընեն, դեռ կու տեսնէ Եգիպտացւոց վերջամնացները` որք իրմէ երկու օր առաջ ելեր էին երկրէն, եւ դեռ կու լսէ անոնց քամահանքը եւ աշխարհին հառաչանքը, կ՚իմանայ, կու զգայ Լեւոնի գերութիւնը, Թորոսի մահը։

Եթէ ամեն բանէ վեր կրօնքի ոյժը չզգար Հեթում, չեմ գիտեր արդեօք ի՞նչ կ՚ըլլար կամ ի՞նչ կ՚ընէր․ բայց այս ուժով միայն սիրտը բռնելով, եւ այլ ամեն բան թողլով, գլուխը կու դարձնէ դէպ իր քաջայիշատակ աներոջ շինած վանքը, եւ հոն այն մեծ թագաւորին (Լեւոնի) գերեզմանին վրայ ընկնալով եւ սուրբ վանականաց հոգէխօս մխիթարանքը լսելով` հազիւ կրնայ քիչ մը զսպել զինքը․ ,Բայց զսիրտն (կ՚ըսէ ականատես պատմիչն) ինքն եւ Աստուած միայն գիտէին թէ որպիսի՞ կրակով լցեալ էր․ զի ոչ տեսանէր զայնպիսի գեղեցկապատկեր եւ զծաղկալից որդիսն իւր առաջի իւր․ ոչ յերեկոյ եւ ոչ ի վաղիւն, եւ ոչ ի ժամ ճաշոյն` յուտել եւ ըմպել․ եւ ընդ միտ ածեալ զանմխիթար աղէտս գեղեցիկ որդւոցն, զԹորոսի գեղեցիկ պատկերն եւ զվայելուչ հասակն` որ ի սրոյ բաժանեցաւ յանողորմ եւ արեանարբու անօրինացն, նոյնպէս եւ զԼեւոնի ահիւ եւ անգոհիւ լինելն ի մէջ այլազգեացն ի ծառայութիւն․ զայս ամենայն զմտաւ ածեալ բարեպաշտ թագաւորն Հայոց, այրէր անհնարին կրակով, եւ գալարէր աղիքն յաղագս սիրոյ որդւոցն որ ոչ տեսանէր` եւ թաւալէր ընդ երկիր անմխիթար սգով, բայց գաղտ եւ ի ծածուկ»։ Ուրիշ ծեր պատմիչ մ՚այլ ծանօթ Հեթմոյ, իր համաշխարհական պատմութիւնը լմանցընելու ատեն` լսելով իր երբեմն հիւրընկալ իշխանազանց սեւ գոյժը, դողդոջուն գըրչովը վերջին թղթոյն վրայ կ՚աւելցընէ այս դէպքս այլ․ ,Գլուխ եւ խոց անողջանալի կոտորելոցն` Թորոս արքայորդին, գեղեցիկ ծաղիկ ի մատաղ հասակի մերձ ի փթիթս մօրուաց․ վկայեալ յամենայն բերանոյ՜ անպակաս ի բովանդակ բարոյ, եւ կուսութեամբ շտեմարանեալ ի ծրարս շնորհացն Աստուծոյ, որ յօժարութեամբ եւս դիմեալ ի պսակն արեան․ քանզի հարցեալ զո՞վն` ոչ ետ զանուն հօրն, զի կենօքն գերեալ` մի լիցի աւելի բեռն հօրն եւ աշխարհին, ընդ անդրանիկ եղբօրն` Լեւոնի, պսակելոյ եւ հրաւիրելոյ յաթոռ թագաւորութեանն` առ կենօք հօրն։ Քանզի նա եղեւ գլուխ գերելոյն մեր, եւ հուր աղէկէզ լերդաչարչար եւ սրտակտուր աշխարհիս մեր եւ ազգիս, որ կամք շնչարգել եւ յերերման։ Հասանէ՜ ձեռն վերին` որ եհարն ցասմամբ, նոյն բժշկէ ողորմութեամբ, ածելով զմեծարաց խոցն, առնելով գերեդարձ` (Լեւոնի) զոր տարան ընդ այլսն, հնգետասան օր յամելով յաշխարհն, եւ լնլով աղէտիւք․ զնոսա իրօք, եւ զմեզ խոցոտիչ համբաւովն»։ Եւ կու վերջացընէ պատմութիւնը յիշելով Կոստանդին ծեր կաթուղիկոսին սգաւոր մահը, որ գրեթէ 50 տարի նստաւ յաթոռն, եւ չդիմացաւ Հեթմոյ որդւոց ցաւալից դիպուածին, որոց կնքահայրն այլ էր․ «Որ եւ ճաշակեաց իսկ եւ ի թանձրացեալ եւ զմռսեալ վերջնոյ լեղոյս` մերձ ի կատար կենացն` տեառնաբար զդղրդումն թագաւորութեանն մերոյ, զսուր եւ զգերութիւն իւրական ծննդեան եւ սննդեան աշխարհին, մտեալ ի փորձ հնոցի գեհենահոտ հրոյն բորբոքման, ձեռնասուն արքայորդեացն կորստեան, որք մանաւանդ մերձ բերին զօրհաս նորա, եւ արարինտագնապել ստիպման շնչոյն, բորբոքելով զծարաւ լուծման յոքնաթախիծ կենցաղոյս։ Զոր տեսեալ Յիսուսին իւրոյ եւ Աստուծոյ, ընդՂազարու հանէ արտաքոյ այսքան դժնդակ կրիցս` յանպատումն»։

Բայց Հեթմոյ դառնակսկիծ ծարաւը չկրցանբոլորովին մարել Ականց անապատին բազմաբուղխ աղբիւրներն․ այլ հազիւ զովացած` յիշեց միանգամայն թագաւորութիւնը եւ հայրութիւնը, ձեռքը սրտին վրայ դրաւ, եւ հետը բերած թաթար անօգուտ եւ անկիրթ զօրքերը արձըկելով` դարձուց աչուըները ի կէս անապատացեալ երկրէն․ փութացաւ գնաց առ ղանն Ապաղա, պատմեց աշխարհքին եւ սրտին հարուածները․ խնդրեց աւելի մեծ գունդ մը զօրաց օգնութեան, հասարակաց թշնամւոյն (եգիպտացւոց) վրէժը պահանջելու․ բայց ղանն իր մերձաւոր թշնամեաց հետ զբաղած` այս խնդիրքը անկատար թողուց։

Անկէ անյոյս դարձած ատենն էր` որ Հեթում ուրիշ ճար մը մտածելով կանչեց իշխանները Ջրօրհնեաց տօնին առթիւ․ եւ որդւոցը յիշատակաւ` անոնց սիրտը եւ քիչ մ՚այլ խղճերնին ճմլեց․ վասն զի բաւական տիրասէր չգտնուեցան թէ պատերազմին ատեն եւ թէ անկէ ետեւ․ անոր համար այլ հիմա չէին համարձակեր բան մը խօսիլ, մինչեւ նախ թագաւորն երեսը եւ բերանը բացաւ, եւ իշխանաց եւ վարդապետաց լուռ արտասուացն այլ շնորհակալելով` մխիթարեց զանոնք որոցմէ պէտք էր ինքն մխիթարուիլ․ զԹորոս Վարդանանց պսակակից սեպելով, զԼեւոն` համբերող նախարարացն` ի դրան Յազկերտի, եւ աւելի կ՚ընտրեմ, կ՚ըսէր, ասոնց այսպէս ըլլալն, քան թէ անոնց ազատութեամբ ձեր եւ ձերիններուն կորըստեան պատճառ ըլլալն․ ,Ինձ լաւ է Լեւոնի ծառայութիւնն, եւ Թորոս իւր արեամբն ի վերայ քրիստոնէից սպանած, քան ես այս ամեն երկրիս եւ ձեր արեանդ եւ խղճիդ տիրացած»։ Այս մեծահոգի խօսքերն սիրտ տուին վարդապետաց եւ իշխանաց` փոխադարձ մխիթարութիւն տալու թագաւորին, թէ եւ անոր սուգն դրսէն ցուցածէն հազար անգամ աւելի էր։ Եւ այսպէս կէս մխիթարեալ կէս սգահար` կատարեցին Յայտնութեան եւ Ջրօրհնեաց հանդէսները, որչափ կարելի էր․ եւ դարձան նորէն թագաւորը բարեւելու, եւ մխիթարելու։ Ասկէ վստահութիւն առնըլով Հեթում, յայտնեց բերնով այլ ինչ որ սիրտը կ՚աղաղակէր, Լեւոնի ազատութեան հնարքը․ դեռ ողջ էր Լեւոն, եւ գերութեան միջէն այլ հաւատարիմ ձեռքով ու զարմանալի սրտապնդութեամբ իմաց կուտար իրեններուն, որ ամուր կենան Եգիպտացւոյն դէմ։ Իսկ խորագէտն Ֆունտուքտար ճարտար հաւորսի նման` այնպիսի շահաւոր որս մը ողջ կու պահէր, անով իր ուրիշ փափագածները որսալու համար, եւ յետ քիչ մը վախցընելու եւ յանդիմանելու, յիշեցընելով հօրը արհամարհական հրաւէրքը` որ զինքը ի ծառայութիւն կանչէր, հիմա տեսա՞ր, կ՚ըսէր, ո՞վ որու՞ եղաւ ծառայ․ հրամեց որ տանին Գահիրէ քաղաքին անուանի Լեռնաբերդին (Քալաա՚դւել—Ճեպել) մէջ բանտեն, բայց առանց շատ նեղելու, ինչուան հրաման այլ տուաւ անոր` Երուսաղէմ ուխտի երթալու․ եւ երբեմն ազատութիւն այլ կու տար դուրս հանելու զգուշութեամբ։ Ահա այս դէպքն է որ այն ժամանակներուն մօտ մեր բանաստեղծից մէկն երգեր է։

Աւա՜ղ ըզԼէոնն ասեմ,

Որ Տաճկաց դուռն ընկել գերի։

Իմ լուս, իմ լուս, ու սուրբ Կոյս,

Սուրբ խաչն օգնական Լէոնիս ու ամենուս,

Սուլդանն ի մոյտան ելել

Իր ոսկի գունտն կու խաղայ։— Իմ լուս, եւ այլն։

Խաաց ի Լէոնն երետ․

,Ա՛ռ խաղա եւ տուր տատայիդ»։

«Լէոն, դու տաճիկ լինիս,

«Ես ու իմ տատաս քէ գերի»։

Լէոնն ի բերդին նըստել

Դաստառակն աչիցն ու կու լար․

«Քէրվա՜նտ` որ ի Սիս կ՚երթաս`

«Դուն խապար տանիս պապայիս»։

Ոնց որ պապն ալ զան լըսեց

Շատ հեծել քաշեց երամով․

Եկաւ ի սուլդանն ելաւ,

Շատ գետեր եհան արընեց․

Իառ` զիր Լեւոն որդին

Ու հասաւ սըրտին մուրատին։

Իմ լուս, իմ լուս, ու սուրբ Կոյս․

Սուրբ խաչն օգնական Լէոնիս ու ամենուս։

Ազնի՜ւ եւ քաջ երգիչ, կու համարձակիս թագաւորիդ պատերազմաւ շատ արեան գետեր հանել տալ, եւ յափշտակելով որդին` հասնիլ սրտին մուրատին․ իրաւ այս էր Հեթմոյ մտածութիւնն, բայց բաւական ոյժ չունէր այնպիսի թշնամւոյ դէմ։ Իշխանքն այլ ասոր տեղ խորհրդակից կ՚ըլլային` որ փրկանք տալով ազատէ զորդին, եւ իրենցմէ բան տալով` կ՚ուզէին խղճերնին սրբել։ Բայց Հեթում երկու նախանձորդաց մէջ էր․ մէկ կողմէն Եգիպտացւոց, մէկայլ կողմէն Թաթարաց․ թշնամութենէն աւելի դժար էր բարեկամութիւնն կամ դաշնադրութիւնն, կամ փրկանք տալն․ եւ եթէ այնպէս ազատէր որդին` կրնար դարձեալ կորսնցընել բոլոր աշխարհովը` Թաթարաց ձեռքով։ Նախանձն ի՞նչ չարիք չըներ․ Հեթումի քսան տարուան համարձակութիւնն եւ խօսք անցընելն մեծ ղանից քով, շատ անհաւատ իշխանաց ծանր եկեր էր, եւ սկսեր էին համբաւել թէ Հեթմոյ բարեկամութիւնն կասկածելի է, անիկայ ծածուկ Մսրայ սուլդանին դաշնակից է։ Այս բանը իմանալով ղանին քով գտնուած Մեծ Հայոց ազնիւ ճշմարիտ ազգասէր իշխանք` ծածուկ գրերով իմացուցին Հեթմոյ․ եւ որչափ այլ եղած դիպուածոց համար ցաւակից կ՚ըլլային, դեռ կու համարձակէին ըսելու, թէ Սուրբ թագաւոր, աւելի լաւ է մէկ որդւոյդ մահն, եւ միւսոյն գերութիւնն, քան կու եւ բոլոր ազգիդ, եւ զօրօք եւ եկեղեցեօք կոտորած եւ աւերածն․ զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Եգիպացւոյն կէս աւերակ տուն մ՚այլ տաս․ ապա թէ ոչ` անհաւատից խօսքը ճշմարտած կ՚երեւիս, աշխարհքդ կու փճացնես, զմեզ այլ ամօթ եւ մահապարտ կ՚ընես։

Այսպէս դժուարութեամբք պաշարեալ Հեթում, թէ՛ թագաւորութիւնը կ՚ուզէր ապրեցնել եւ թէ որդին․ աւելի յայտնի թշնամւոյն վրայ վստահացաւ, քան կասկածոտ բարեկամին Թաթարին․ եւ ծածուկ դեսպաններ ղրկելով Պիյպարսայ` հարցուց թէ ի՞նչ կ՚ուզէ Լեւոնի ազատութեան փոխարէն։ Պիյպարս պահանջեց անոր սիրելւոյն տեղ` իր սիրելւոյն ազատութիւնը, այն Կարմիր բազայն` որ դեռ Թաթարաց քով էր․ երկրորդ, այն բերդերը` զոր Թաթարաց օգնութեամբ իրմէ առեր էր Հեթում` ետ դարձնել։ Հեթում դարձեալ ծերութիւնը եւ յօգնութիւնը մոռնալով` գնաց Ապաղա ղանին, եւ գանգատելով Պիյպարս վրայ` իմացուց անոր պահանջմունքն․ այլ Ապաղա մէկէն յանձն չառաւ թողուլ զՍօնգօրն․ բայց Հեթում յետ դարձին ի Կիւլիկիա` եղբօրորդւոցը մէկը խաւրեց առ ղանին, եւ վերջապէս բերել տուաւ զանիկայ․ որ ինքնին գրեց առ Պիյպարս եւ իմացուց Հեթմոյ ձեռօք ազատիլն ի Թաթարաց։

Այս ժամանակներս Պիյպարս ելեր եկեր էր Անտիոք պաշարելու եւ քրիստոնէից ձեռքէն առնըլու, եւ առաւ այլ։ Հոն իմացուց Հեթում որ պատրաստ էր խաւրելու իրեն իր բարեկամը․ բայց անոր հետ ուզած բերդերը տալու կու դժարէր։ Այն ատեն Պիյպարս իրեն գրեց․ «Լաւ մտածէ, թագաւոր, թէ որ դու քու որդիդ եւ թագաժառանգդ ազատելու համար այդչափ կու դժուարիս, միթէ ես այլ չե՞մ կրնար աւելի խստանալ իմ բարեկամիս վրայ, որուն հետ արենակցութիւն այլ չունիմ․ ինչ որ կ՚ուզես ըրէ Սօնգօրը․ բայց գիտցիր որ մեր հաշտութիւնը աւրող դու կ՚ըլլաս, եւ ես ասկէ դառնալուս ատեն` կու գամ վրադ»։ Այս սպառնալիքէն ետեւ այլ ուշանալու եւ որոշելու բան չէր մնար․ Հեթում յանձն առաւ պայմանները, եւ Անտիոքայ մէջ դաշնադրութիւն մ՚ըրին, եւ երկու կողմէն խաւրեցին խնդրուածները, հանդերձ ընծայիւք։

Յետ քսան եւ երկու ամսոց դարձաւ գերեալն Լեւոն ի Կիւլիկիա, եւ հետը իր հօրեղբօրորդին եւ իրենց ճորտերը։ Հեթում բոլոր իշխաններովն եւ աշխարհագումար հանդիսիւ` օրով ճամբայ ընդ առաջ գնաց որդւոյն, որ անկէ ետեւ իրեն քանի մը որդիէ աւելի կ՚արժէր։ Արդեօք ծեր նահապետին Յակովբայ` Յովսեփայ ողջ ըլլալն լսելով Եգիպտոս երթալ եւ ուրախանա՞լն, թէ Հեթմոյ իր Եգիպտոսէ եւ նոյն իսկ Յովսեփայ դրուած բանտէն` ելած եկած որդւոյն տեսութեամբ` փոխադարձ ուրախութիւնն աւելի՞ էր․ ես չեմ գիտեր, եւ ոչ ոք գիտէ․ եւ ոչգ իսկ այն իրարու պլլուած երկու սրտերն, որ կու զգան եւ չափը չեն գիտեր։ … Երբ մտան ի Տարսոն թագաւորական քաղաքն, ամեն կողմէն ժողոված վանականք եւ աշխարհականք եկան յուրախակցութիւն․ եւ երբ մտան յարքունիս, առաջին հանդիպողն եղաւ անշուշտ ծաղկահասակ պարկեշտ կին մը` ընծայելով իր հետ ի համբոյր Լեւոնի` իրենց բազմապտուղ սիրոյն երկու նախընծայ երախայրիքը` հեզանազիկ Զապլունը, եւ թագի պայազատ 3—4 ամեայ Հեթմիկը, զոր այն սեւ պատերազմէն քիչ առաջ ի լոյս ընծայեր էր մայրն, Կեռան, տիկնաց տիկին դուստր իշխանին Լամբրոնի։

Այսպէս Հեթում հասնելով ըստ երգչին` սրտին մուրատին, տարիներով փափագած ուրիշ մէկ կամքն այլ ուզեց կատարել, 45 տարի գլուխը ծանրացած թագը` դնել ի գլուխ Լեւոնի, եւ երթալ հանգչիլ յաւիտենականութեան նախափունքը, միայնաբան մը։ Լեւոն հրաժարեցաւ լալով, աղաչեց զհայրը, որ չստիպէ զինքն իր կենդանութեան ատեն անոր աթոռը նստիլ․ բայց հօրը յօգնութիւնն եւ ներքին փափագն աւելի ստիպողական էր․ անշուշտ հեռուէն ձայն մ՚այլ կու լսէր սա փութալու, զոր ուրիշներն չէին հասկընար։

Յաջորդ տարին դարձեալ եւ վերջին անգամ երկայն ճանապարհորդութիւն մ՚ըրաւ առ ղանն Ապաղա, նա շնորհակալելով Լեւոնի ազատութան պատճառ ըլլալուն․ եւ երկրորդ իր հրաժարելու եւ անոր թագաւորութեան հրաման եւ հրովարտակ ուզելով․ զոր եւ առաւ, փութացաւ եկաւ յարքունիս, ժողով ըրաւ եւ կամայ ակամայ բռնադատեց զԼեւոն յանձն առնուլ իշխանութիւնը, եթէ եւ իր թողած թագը դնել չէր ուզեր իր կենդանութեան ատեն։ Ծիրանեաց ու բեհեզին հետ թօթուելով ամեն աշխարհական հոգ եւ մտածմունք, անկէ ետեւ վանքեր եւ անապատներ կու պտըտէր, երկրորդ եւ անանց թագաւորութեան մը պատրաստելու․ որոյ համար ճգնողական զգեստով այլ զարդարուած եւ անունը Մակար դրած, կու սպասէր հանդերձեալ հրաւիրակին, որ եւ չուշացաւ․ վէրք մը փութացուց զմահը (28 հոկտ․ 1270) եւ հասուց զինքը իր փափագած եւ անխռով հանգըստեանը․ թողլով զմարմինն իր սիրելի Դրազարկ վանաց մէջ` սիրելագոյն անձին քով, իր սրբակենցաղ կենակցին Զապել թագուհւոյն, որ իբրեւ քսան տարի իրմէ առաջ հոն արդարոց քունը կու վայելէր։

Լեւոն Բ յետ երկայն եւ ծանր սգոյ, աղաչելով եւ ստիպուելով իր բոլոր աշխարհքէն եւ յօտար թագաւորաց եւ դրացեաց, հազիւ յանձն առաւ հօրը թագն ի գլուխ դնել, եւ անոր նման պէսպէս դիպուածներու եւ կրից մէջ թագաւորելով, նոյնպէս սիրելի եղաւ ազգին եւ պատուելի օտարաց․ մասնաւոր փոյթ եւ սէր ունելով եկեղեցեաց եւ վանաց եւ գրագիտաց, որոց առատապէս նուէրք կու տար, որ իր երկրին մէջ միայն, այլ եւ ի Մեծ Հայս եւ ի գաղթականս յԻտալիա․ ուր եւ Բերուճիա քաղաքին Հայոց եկեղեցւոյն նուիրած ճաշոց գիրքը, իր ընծայագրովը կայ մինչեւ ցայժմ։

Լեւոնի թագաւորութեանը հինգերորդ տարին` իր գերող Եգիպտացւոց հետ պատերազմելով եւ վռնտելով, վերջապէս յաղթական պատերազմէն դարձած` իրմէ երիտասարդ ձիէն վիրաւորուելով, մեծաւ փառօք մեռաւ ծերունի սպարապետն` հօրեղբայր թագաւորին` Սմբատ (1276), յետ մահուան ամենայն համամայր եղբարցն, որոց անդրանիկն էր։ Իսկ Լեւոն յետ քսանամեայ թագաւորութեան վախճանեցաւ (ի 6 փետր․ 1289), որոյ քաղաքավարութեան ամենայն դիպուածները պատմելու համար` ինչուան ի լոյս հսկելն այլ չիբաւեր։ … Բայց արդէն մեր հսկման կանթեղիկն կու կածկըտայ, եւ կրակարանս ի մոխիր կու դառնայ։ — Գիշե՜ր բարի։ …


Է․ Սկիզբն տարւոյ եւ մարդկութեան ի Հայս

Մարտի 9—21

Ա

ԱՀԱՒԱՍԻԿ Մարտ ամիս, որուն սպասեցինք չորս ցուրտ եւ երկայն ամիսներ․ բոլոր բնութիւն կու հառաչէր կու կանչէր զմարտ․ ոչ իբրեւ տարւոյ գեղեցկագոյն ամիսը, այլ պատճառ մերձաւոր գեղեցկութեանց․ ոչ իբրեւ զապրիլ դալար, կամ գունաւոր իբրեւ զմայիս, ծաղկազարդ եւ պտղացոյց, այլ այդ ամենայն շնորհաց նշան տուող․ եւ ծնող մանկագոյն եւ զուարթագոյն եղանակի տարւոյն, — գարնան։ Գարունն դեռ եկած տիրած չէ, այլ ահա կու գայ եւ յառաջէ, եւ ձմեռն երթայ եւ հեռանայ։ Մեր կրակարանին ժամերն կու կարճընան․ առաւօտն կու կանխէ, իրիկունն կ՚ուշանայ։ Ցորեկն աճելով` իր թագաւորին (արեգական) ճառագայթներովը կու զարդարի․ օդն կու զգայ եւ կու պահէ զտաքութիւնն․ կու զգան ջուր եւ հող․ ցամաքած, սեւացած, պնդացած երկիրն` ձմեռուան ձիւնը եւ եղեամը կու հալեցընէ եւ կակղանայ․ եւ ահա հինգ վեց ամիս իր ծոցը թողեալ թաղեալ սերմանք, թմրեալ թոռմեալ տունկք` ծայր արձըկեն, կանչն կ՚ընծայուի, կարմիր կու գայ, ծաղիկ կ՚երեւի։

Իրաւ դեռ մեր բարձրադիր աշխարհին ամեն տափերն այլ իրենց կերպարանքը չեն փոխեր, եւ այս շնորհքներն չերեւիր վրանին․ դեռ ձիւն եւ սառն յամառեալ կու բռնեն զսար ու ձոր, բայց ամենեւին անզգայ այլ չեն․ ալեւոր ժայռերն սկսին սեւ խայծ առնուլ․ հողն թէ եւ ոչ դալար` գոնէ կու յայտնէ զինքն եւ կու ջանայ թօթուել վրայի ճերմակ թանձրութիւնը։ Մեր հիւսիսային խորահովիտներն, եւս առաւել արեւելեան եւ հարաւոյ եզերքն` կ՚առնուն բարեխառն կլիմայից հաւասար գարնան գոյն եւ շնորհք․ որք արդէն մեր դրացեաց եւ մեր դէպ ի հարաւ գաղթական եղբարց երկիրներուն վրայ համարձակ կու փայլին, եւ զուարթացեալ բնակիչքը ի գործ եւ ի զբօսանս հանեն։ Ահա Թադոս տիրոջ երգաձայնն այլ Երուսաղեմէն կու գայ․

Հա՜ մըտաք յամիս մարտին․

Ծառերն ամենայն ծաղկին …

Հոտըն գայր գարնանային

Լոյսն ելնէ Հայոց զատկին։ …

Մենք` թէ ծաղիկը եւ թէ լոյսն ամենուն հաւասար մաղթելով` լսենք ուրիշ ճարտարագոյն երգչի եւ բազմարուեստ անձի մ՚այլ որ Տիգրանակերտի կողմերէն կ՚երգէ, նոյնպէս մարտի ծաղկանց հետ խառնելով Զատկին յիշատակը։

Մարտըն կու գայր ծաղկըներով,

Երկնից հաւերըն կարդալով,

Հրեշտակապետք փառըս տալով․

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Բարկ արեգակըն ծագեցաւ․

Սաստիկ ձըներըն հալեցաւ․

Գառն ու մաքին ընծայեցաւ․

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Ամպ ու երկինքըն խիստ գոռաց,

Ողորմութեան ցօղըն ցօղաց,

Ծով ու գետերըն խիստ ծըփաց․

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Աղբերակունքըն յորդորին

Ծառ ու ճըղերըն զարդարին․

Խոտ անասունքըն կերակրին․

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Մարդապէս է դատեր մեղուն,

Ժողվեր ծաղիկն ի լեռներուն․

Ոչ վախենայ ի մեռելուն,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Պիւլպիւլ ղումրին` առաւօտուն

Երկիր դարձեր վարդին հոտուն,

Գանկատ կ՚առնէր նա ի հողմոյն,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Կաքաւըն գայր սարէ ի սար

Կարկաչելով ի ձորն ի վայր,

ԶԱստուած օրհնէր ինքն անդադար,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Հաւ ու ձագերն հաւսարական

Սաղմոս ասեն նոքա լըման,

Աղաղակեն առ տէր միայն

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Դաշտ ու սարերըն նորոգին

Եւ զերդ նոր հարսըն զարդարին,

Ի յԱստուծոյ փառաւորին,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Քար արտասուս բղխէ ըզջուր,

Որպէս ըղծով եղեւ աղբիւր․

Վարդ ու ծաղիկն է համասփիւռ․

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Երուսաղէմ քաղաքն այսօր,

Աշխարհս ի հոն երթան յուսով․

Սուրբ Յարութիւն լըցվի լուսով,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Հայ ու Հոռոմըն խաչապաշտ

Ամեն բոպիկ ու գլխիբաց

Ուրախանան լուսոյն դիմաց․

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Տէրըն տացէ խաղաղութիւն

Եւ աշխարհի ուրախութիւն․

Հոտըն կու գայ անմահութիւն,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Իմաստասէրք ուրախանան

Եւ աստընվորըս լիանան,

Ամեն մեղաց ձեռք լըւանան,

Յորժամ Հայոց զատիկըն գայր։

Եւրոպիոյ մէջ այլ կան աշխարհք` ուր գարնան գալը հանդիսիւ կատարեն զատկի օրերը, բնութեան եւ շնորհաց հաճոյագոյն երկու յիշատակները յիրար զուգելով, զգարուն եւ զզատիկ․ ինչպէս մեր երգիչն այլ, որ է ըստ ոմանց արքեպիսկոպոսն Ամդայ, Մկրտիչ Նաղաշ, թերեւս մեր ամենէն նշանաւոր եւ ճարտար անձն ԺԵ դարուն մէջ։ Ինքն հայկական Միջագետաց ծնունդ եւ հոգեւոր տէր բազմաթիւ վիճակաց այն կողմերուն` Հայաստանի շատ գաւառներէն առաջ կու տեսնէր գարնան բերքը․ եւ մեզի հետ կ՚ողջունէր այս օրերս, եւ մեզմէ առաջ այլ` բաբելական կամ լալական ուռենեաց երկայն խարտեաշ խոպոպները, լելակին տերեւները, լորւոյն (tilleul) կարմիր բողբոջները․ հոն արդէն պարկեշտ մանուշակն կապոյտ աչուըները բացեր է իր անխնամ մենարանէն, անուշիկ հոտ մը խառնելով անուշիկ հովի մը․ եւ եթէ ասպատակող գնդի մը վերջամնաց զօրաց նման` յանկարծ բարբարոս հոմ մը չփչէ, օրէ օր բուսաբերութիւնն կու յառաջէ, եւ գրեթէ դիտող աչք մը չիկրնար հասնիլ անոր շուտ շուտ զարգանալուն։

Արդ անտարակոյս բնութիւնն կու նորոգուի, ծերացեալ տարին կու վերջանայ, կամ նորէն մանկանայ․ եղանակաց եւ ժամանակաց սկիզբն դարձեր է։ Արժան էր որ այս բնութեան նորոգութեան եղանակին` սկսէին ժողովուրդք իրենց քաղաքական տարին, եւ գարնան գիշերահաւասարին կարգել իրենց կաղանդը կամ խնդարար նուիրամսակը։ Յայսմ մասին շատ խելոք եւ իրաւամբք գործէին հին ժողովուրդք, որոց առջեւ մեք ծաղկեալ նոր ժողովուրդքս` անտեղութեամբ անյարմար միջոցէ մը կու սկսիմք մեր տարին, (ձմեռնային արեւադարձէն 10 կամ 20 օր վերջը, 1 յունուարի)։ Այն հին ազգերէն մինակ քիչ շատ անփոփոխ մնացած Հրեայն` մինչեւ ցայսօր իր սրբազան տարին կու սկսի գարնան հետ․ միայն թէ տարին արեւու հետ համեմատելու ատեն` ամիսներն այլ լուսնի հետ կ՚ուզէ յարմարցընել, որով ոչ ճիշդ եւ ոչ միշտ գարնան հետ կու սկսի տարին։ Բարեբաղդաբար, յայսմ իր հետ եւ իրմէ հին ազգ մ՚այլ կայ` որ նոյնպէս իր հին սրբազան տարեմուտը հաւատարմութեամբ կու նշանակէ իր տօմարին մէջ, եւ մինչեւ ցարդ միշտ արժանապէս կու սկսի այդ տարին` երբ արեւն անոր եւ իր սիրական Խոյ աստեղատունը մտնէ, որ է ըսել սոյն որս գարնանամտի, (9 մարտի կամ 21 ըստ նոր տոմ․)։ Այս ազգս` որ յայսմ մասին աւելի քան զՀոռոմս եւ զՀելլէնս` իմաստասէր մանաւանդ թէ ճշմարտասէր գտնուեր է, եւ այս գիւտը պահեր է` թերեւս յանգէտս օտարաց, Հայ ազգն է․ որոյ համար իրաւամբ պարծելով իր հին հեղինակաց մէկն, անոր աստուածատուր ձրից մէկը սեպելով իր տօմարն այլ, կ՚ըսէ համարձակապէս, թէ Աստուծմէ առին «զտումարն, անդ Մովսէս, աստ ՀԱՅԿՆ յառաջ քան զնա»։ Հայոց քաղաքական սովորական տարին ալ, ըստ ամենայն հին ազգաց (որոց ռամիկն ոչ երբէք աստղաբաշխ կ՚ըլլայ) շարժական եւ փոփոխական էր, նահանջ չընելով․ այլ սրբազան տարին` հաստատուն է․ որոյ սկիզբն ոչ ըստ քաղաքական տարւոյ, Նաւասարդ ամիսն է, լատինաց օգոստոսի 11—23ին հաստատեալ անշարժապէս, այլ բուն արեւու ամիսն, ԱՐԵԳ։ Բաց օրացոյցդ եւ նայէ, կու տեսնես որ Արեգ ամիսն Խոյի տանուտէրութեան հետ կու կսկի, որ է կէտն գարնանային գիշերահաւասարի․ եւ ուրախութեամբ պարծէ նախնեացդ վրայ, որ այս գեղեցիկ բնական ճշմարտութիւնը անփոփոխ պահելով յաւուրց ջրհեղեղին` հասուցեր են մինչեւ ի մեզ, եւ մեզմով օտարաց, առեալ իրենց գերադիւցազն նախահօրմէն, ի Հայկէն, որ ոչ միայն ճարտար շարժիչ էր աղեղան, այլ եւ թուոց եւ չափուց։ Միանգամայն եւ ցաւէ որ չեմք կրնար դեռ ի գործ դնել եւ զուգել այս հին տօմարը նորոյն հետ եւ վարել։ Քաղաքական տարւոյ սկզբան հանդիսից, այսինքն Նաւասարդին, փոքր ի շատէ տեղեկութիւն ունիմք․ այլ կրօնական տարւոյն եւ Արեգին սկզբան հանդէսներն` Հայկազանց խորհրդապահ քրմարանաց հետ ծածկուած են մեզմէ։ Շատ է գիտելն եւ տեսնելն` որ իմաստութեամբ գարնան սկզբան հետ Արեգին սկիզբն այլ զուգած է նշանակած է Հայադիրն։

Բ

Նոյն Հայադիրն յափշտակելով զմեզ ի հնութիւն ժամանակաց, ներելի կ՚ընէ թողուլ այսօր նորագոյն յիշատակները, եւ հնութենէ հնութիւն ելնել ի վեր քան զարեգն եւ զսկիզբն հայկական ամսոց, եւ կու նշանակէ այսօր յիշատակ մ՚այլ, որ ոչ մեր հիմկու աշխարհիս դարուց մէջն է, եւ ոչ այլ անկէ առջինին, ալ երկու աշխարհաց միջոցն կրնայ ըսուիլ, նախաջրհեղեան եւ յետջրհեղեան աշխարհքները միացընող կամրջոյն վրայ․ որ է ծեր նաւողին` Նոյի` տապանն։ Սուրբ գրոց հետ հաշուելով անոր ի տապանը մտնելուն օրը, ըստ սրբազան ամսոց Եբրայեցւոց (եւ ոչ ըստ քաղաքականին` որպէս ոմանք կ՚ընեն) ջրհեղեղին գալը եւ դադրիլը, տապանին նստիլը ի լերինս Արարատայ, պատուհանին բացուիլը, եւ այլն, այս օրուանս կու հանդիպի տապանին ձեղուան բացուիլն, այսինքն վրայի ծածքին։ Տապանին ի լերինս Հայոց նստելէն ինչուան լերանց գլուխներուն ջրէն դուրս երեւնալը` երկու ամիս անցաւ, յորմէ գուշակուի տապանին մեծութիւնն եւ բարձրութիւնն․ յետ 40 աւուրց բացուեցաւ անոր պատուհանն, վասն զի ջուրն անկէ այլ վայր իջեր էր․ եւ իբր յետ ամսոյ մը, այս եղանակաց նորոգութեան օրը` բացին արգելականքն տապանին վերնածածքը, եւ իբրեւ տան դարպասներու կամ դիտանոցի վրայ ելնելով` տեսան «զի նուազեալ էր ջուրն յերեսաց երկրի»․ նուազեալ էր այլ ոչ ցամաքեալ բոլորովին․ վասն զի ասոր համար դեռ երկու ամիս այլ պէտք եղաւ։ Ի՞նչ հիանալի եւ սրտառուչ տեսարան։ Այն լերանց կողն` որոց տափի մը վրայ նստեր էր տապանն, կ՚արգիլէր համարձակ տեսութիւնը` ի պատուհանէն․ անոր համար Նոյ կու ստիպուէր թռչուններ արձըկելով անոնց դառնալ գալէն կամ չդառնալէն իմանալ ջրոց ցածութիւնը եւ երկրին ցամքելուն չափը։ Իսկ հիմա իր 30 – կանգնեայ նաւատան դիտանոցին վրայ ելած` իր համբերող ընտանեօքը, կու տեսնէ այն ամրակերտ ընդարձակ նաւը ծովային բերդի մը պէս ամենաբարձր լեռնատափից միջոց նստած, որոց ետեւէն` դէպ յարեւելս, յարեւմուտս եւ ի հիւսիս դառնալով` Հայաստանի աւելի կամ պակաս բարձր լեռներն կ՚երեւին․ ոմանք ամենեւին լերկ ու մերկ նոր ջրէ դուրս ելածի նման․ ոմանք քանի մը ամսական արեւու տաքութեամբ սկսած իբր աղուամազով մը ծածկուիլ բարակ կանաչութեամբ, որոց վրայ ծիրանափայլ ծիծաղի արեգակն ի խոյի աստեղատունէն․ անոնց մէջ այլ կ՚երեւին խորաձորիք եւ հովիտք, եւ քանի մի դաշտք` իբր աշնան վերջին արօրած պատրաստած սերմնացան եւ անբոյս սեւ արտեր։ Իսկ հարաւային կողմէն կ՚երեւին ծովածաւալ դաշտք եւ անապատք Միջագետաց եւ Ասորեստանի, որ յիրաւի դեռ, թէ ոչ ծովու` գոնէ ճահճի պէս կու ծածանին, եւ տեղ տեղ ցամաքած, տեղ տեղ ջրածածուկ, արեւուն զարնուածքներէն իբրեւ փշած հայլիներ կու ցոլանան։ Երկու ամիս Նոյեանք տապանին երդիքէն կու դիտեն այս տեսարանը, մանաւանդ թէ միշտ փոփոխեալ տեսարան մը, ջրոյն օր ըստ օրէ քաշուելովն, եւ արեւուն օր ըստ օրէ տաքանալով` եւ այն դաշտաց վրայ տեղ տեղ երեւցած տխրալի դէմքերը, աւերեալ աշխարհի եւ խղդուած հասակաց եւ գեղեցկութեանց մնացորդները բոլորովին քայքայելով, ծածկելով, եւ թողլով միայն (տխրագո՜յն մնացորդ) չոր ու ճերմակ ոսկորներ, այն հեշտամոլ փափուկներուն, եւ այն յանդուգն հսկաներուն` որք կարծեցին թէ միայն երկրիս վրայ է մարդուս վիճակն․ եւ անիծեալք յերկնից` երկրէս այլ դուրս ի ծոց անդնդացեալ ծովուն ծածկեցան, կերակուր կիտից եւ վիշապաց․ հազիւ թողլով սակաւ ինչ նշխարքնին ծովէն փոխած` իրենց հին բնակարանաց քով․ որոց հիմունքն անգամ տակնուվրայ եղած հողուն հետ խառնուած կորած են։ Եւ երկիր երկրորդ անգամ կ՚երեւի «աներեւոյթ եւ անպատրաստ» անապատ մը ամայի, անմարդաձայն, անկենդանի․ յորոյ վրայ հազիւ իբրեւ պզտի շարժուն գծեր կամ բծեր` տապանին պատուհանէն արձըկուած թռչուններն թափառելով կ՚անցնին` դադար կամ բոյն մը փնտռելու։ …

Գ

Ո՜րչափ տարբեր էր այս երեւոյթս երկրի` այն առաջին սկզբնական անպատրաստ վիճակէն ելած եւ նորակերտ զարդարածէն․ երբ ձայնն եւ մատն արարչապետին` հինգ աստուածային օրուան մէջ` գործելով եւ ներգործելով, փոխեց զտարերս երկրի եւ բոյսս եւ ի կենդանիս, պատրաստելով ի վայելս գերագոյն արարածոյ մը` զոր անոնցմէ ետեւ պիտի ստեղծեր․ եւ որոց այսօր իսկ յիշատակ է ըստ Հայադիր կարգի` գարնանամտի եւ բացման տապանին հետ․ այսինքն Արարչագործութեան, որոյ սկիզբն յ՚17 ամսոյս նշանակի եւ վերջն ի 22, ստեղծմամբ մարդոյն։ …

Ստեղծումն մարդոյս․ — ի՜նչ մեծ եւ արժանաւոր յիշատակ․ ոչ այնքան հնութեամբ, որքան հիացմամբ մտաց եւ քննութեամբ։ Ո՞վ կրնայ անտարբեր կենալ երբ իրեն ծագմանը, եւ առաջին ծագման խնդիր մը ընկնայ ի միտքը։

Շատ հեղ լեռնադաշտակի մը վրայ վայրի կաղնին տեսնալով ինչուան հարիւր ոտք բարձրութեամբ, որուն տերեւազարդ թեւերուն բոլորտիքն 5—600 եւ աւելի ոտք կու շրջապատեն, եւ չքին տակ հովիւ մը բոլոր իր հոտիւն կ՚ապաստանի, եւ որոյ կռթընած բունն` պապուն պապուն այլ յենարան եւ հովանի եղած է․ հիանալով այդ հին ու նոր հսկայ հասակին վրայ, որ ինչուան եօթ ութ հարիւր նոր գարնան ծիծաղեր եւ նոր ձմերանց դիմացեր է, զարմացմամբ հարցեր եմք, Ուսկի՞ց եւ ի՞նչպէս առաջ եկած է․ — եւ աւելի զարմացմամբ լսեր եմք` թէ պզտի խոզակէ մը, բթաչափ կաղինէ մը առաջ եկած է այդ ահեղ հսկահասակ բուսական նահապետն։ Հապա այդ կաղի՞նն․ — այն այլ ասոր նման եւ ասկէ առաջ հսկայ ծառէ մը․ — այն հին կորած վերցուած ծառն այլ ուրիշ խոզակէ մը․ եւ այսպէս մէկմէկէ։ Վերջապէս, մանաւանդ թէ սկզբնապէս, ամենէն առաջ ո՞րն էր, կաղնի՞ն թէ կաղինն, ծա՞ռն թէ կուտն․ կամ որ նոյն է` ըստ բիւրբայ փիլիսոփայից, հա՞ւն թէ հաւկիթն։ Իրենց խնդիրքն եւ քննութիւնք դեռ այս մեծ հարցման պատասխանը չեն կրցած տալ․ եւ դեռ հաւերը թռցնելով` հաւկիթները գլորցընելով առաջ կ՚երթան։ — Մենք հաւանեալ եւ հաւատացեալ եմք մովսիսական աստուածաշունչ գրոց պատմութեան, որ ամենէն առաջ մեզի ցուցընէ զտիեզերս` իբրեւ ամենածրար ձու մը ստեղծուած յանժամանակէն Աստուծոյ․ որոյ Հոգին` իբրեւ հոլաթեւ համասփիւռ հաւ մը` գրգայր ի վերայ անդնդապտոյտ տարուբերած տարերացն, իր կամքով եւ հրամանաւ կոչելով եւ կոկելով ի զանազան ձեւ ու բնութիւն․ որով միանգամայն կերպացաւ կաղնին առանց կաղինի եւ հաւն առանց հաւկըթի։

Մեր սկիզբն այլ այս կանոնով եղաւ, բայց ազնուագոյն կերպով, մեր ազնիւ բնութեան համեմատ։ Ո՞վ ի հաւատացելոց` իր կրօնական եւ պատմական ուսմանց սկիզբը չէ լսած չէ սովրած․ բաց անգամ մ՚այլ հրաշալի նախամարգարէին գրոց գլուխը, եւ կարդա քու սկզբանդ սկզբնաւորութիւնը, մարդոյն ստեղծագործութիւնը․

Եթէ ուզես, մտացդ վրայ հեծած` թռի՛ր մինչեւ քու հայրենիքդ, եդամական սահմանները․ եւ դեռ դրախտին մէջ չիմտած` անկէ դուրս եւ քիչ մի հեռու (բայց մի՛ մինչեւ ի Դամասկոս), ընտրէ՛ դարատափ կամ ձորավայր մը․ դիցուք թէ ըլլայ մեր հին Սրմանց, (թերեւս եւ Սերմանց) լեռներուն մէջ, որ հիմա Պինկէօլ կ՚ըսուին․ եւ անկէ վերանալով պատմական ժամանակաց սկիզբը, տե՛ս նկատէ հոն իջած` յառաջ քան ի Սինա, եւ յառաջ քան ի Քորեբ` մէկ մեծ թեթեւ ու շարժուն բրգան պէս բան մը, իբրեւ ամպով, ծխով, լուսով, բիւրեղով շաղուած, որոյ միջէն կարծես տեսնել մարդկային կերպարանաց ուրուական մը, որ ծիրանի գօտւոյ նման ընդարձակ գիրկ ու թեւեր շարժելով, եւ իր ստորոտը եղած կաւային հողի կոշտ մը քրքրելով` յիրաւի քեզի մեզի նման նիւթական կերպարանք մը վեր կու կանգնէ։ Առջի ստեղծուածներէն տարբեր եւ ազնուագոյն կենդանւոյ մը կաղապար կ՚երեւի ատիկայ․ հազիւ երկու թաթով գետինը կոխած, ուղղաձիգ կու վերանայ երկնադիտակ բոլորակ գլխով․ երկու կողմէն թեւեր արձըկած, ոչ թռչելու յարմար, այլ իբրեւ փարելու իրեն նմանւոյ մը հետ, կամ թէ նոյն իսկ իրեն ստեղծողին` երբ ճանչնայ զայն։ Տեսածնիս դեռ անկատար կաղապար մ՚է․ անշարժ, անյարդ, անզարդ պատկեր մը, բայց Աստուծոյ պատկեր ըլլալ գուշակուի․ կաւակերտ կարմրակերտ արձան մը, որ կարծես թէ ներսէն կենդանանալու աշխատելով` մանր քրտան կայլակներ կու թորէ բոլոր զանգուածէն դուրս, զոր երեկոյեան զովագին հողմիկն կամաց կամաց ցամքեցընելով կու ճերմըկցընէ, կ՚ամփոփէ․ եւ իբրեւ հեռուէն մօտեցընելով աչքիդ` հետզհետէ յայտնագոյն կու ցուցընէ մարդկային կերպարանք․ նախ եգիպտական արձան մը կարծես զայն, վերջը կովկասեան կերտուած մը, յետոյ մոմէ մարդ մը․ հիմա բուն մարդ ըսել չըսել չես գիտեր, վասն զի բան մ՚է, բայց ոչ կենդանի եւ ոչ մեռեալ, ոչ ի քուն եւ ոչ արթուն․ այլ այսպիսի` որ ոչ անուն ունի եւ ոչ ճիշդ պատկեր մը` մեր հիմակուան գաղափարաց մէջ։ Իսկ հրաշագործ ճարտարապետն` իբր թէ պահ մը կիսկատար թողլով իր ամենէն զարմանալի շէնքը` կու դիտէ անոր չափակցութիւնը, եւ ծանրութեամբ ու մտածմամբ կ՚ուզէ այդ կաւեղէն պատկերին ազդել ողորկութիւն, գոյն, շարժումն, շունչ, կեանք, զգացումն, բան եւ հոգի․ եւ այս ամեն ըսածներս` իր դիտելուն եւ հաճելուն ատեն` կ՚ազդին, կ՚երեւին իր ձեռակերտին վրայ։ … Տես, ի՞նչ շուտ շուտ այդոր արտաքին երեւոյթն կակղած կոկած սկսաւ փայլիլ, հետզհետէ մոմագոյն, մոխրագոյն, շուշանագոյն, ծիրանագոյն, վերջապէս մարմնագոյն․ եւ այնքան բարակ ու փափուկ, որպէս թէ թափանցիկ մաշկ մը միայն ծածկէր ներքին զարմանալի մեքենայն, եւ իբրեւ ապակւոյ մը տակէ ցուցընէր կապուտաթել ջղեր եւ երակներ։ … Ահա յանկարծ բոլորակ գլխէն ինչուան ուսերը ընձուեցան արձըկեցան գունդ գունդ խոպ խոպ փունջեր, բայց իբրեւ պղնձի անդրիի մը վրայ` անշարժ են․ աղօտ աղօտ արշալուսէ մը ծագած առաւօտու պէս յանկարծ կ՚երեւին բարակ թարթափք եւ յունից կամարք, որոց ներքեւը երկու մարգարտափայլ գոգք կան, մէջտեղուանքն սեւ ադամանդ․ — անշուշտ ճանչցար աչքերը․ բայց անոնք զքեզ չեն ճանչեր, քեզի չեն նայիր, չեն շարժիր․ սառնամած լճակներ են, ծածկուած ակունք են, որ կ՚ուզեն լոյս առնուլ եւ լոյս տալ։ … Եղիցի՜ ուրեմն լոյսն, անհամբերութեամբ կանչես․ եղիցի՜ լոյս ի վերայ այդ սքանչելի դաստակերտիդ․ եղիցի՛ դա կենդանի պատկեր Աստուծոյ։ … Եւ ահա եղեւ լոյսն կենդանի։ — Կու տեսնե՞ս, անդրին մարդ կ՚ըլլայ․ կ՚ըլլայ ըսելու չմնար, կաւէ կաղապարն` Ադամ եղաւ։ Ի՞նչպէս եղաւ, ուսկի՞ց եկաւ այն ճառագայթն, այն գոյներն, այն շարժումն… Դեռ վայրկեան մը, րոպիկ մը, պիկ մ՚առաջ պատկեր էր, հիմա անձն է։ Վասն զի հրաշագործն` աստուածային երագութեամբը դպաւ այդոր ճակտին, եւ մէկէն արձանին մեքենաներն սկսան շարժիլ։ Դիտէ՛ դա գանգուր գիսակներն` ի՞նչպէս բարդ բարդ կու ծփան․ նայէ դա չիկորակ շրթանց շարժմունքը, դա զմրուխտէ աչաց հրեղէն թաւալմունքը, երկխորշեայ ռնգանց բարակ շնչառութիւնը, դա գեղեցիկ գլխոյն հեզիկ պտոյտքը, դա ջաջուռ թեւոց թափ տալը․ դա դռոյթ տուող ոտից դոփիւնը, որ ոչ միայն անդրին ի պատուանդանէն կտրեցին, այլ բոլոր անձին ներքին ազդուածքէն ուժ առած` այնպէս սաստկութեամբ մը գետնին թունդ կու տան, որ օդապարիկ գունտէն աւելի շոյտ եւ բարձր պիտի ցատքէր յերկնից միջոց, թէ որ դեռ ճակտին վրայ գրուած չըլլար մատն աստուածային, որ իբրեւ ամեհի երիվար մը` սանձով, կամ ծխով հողմով զինուած պատրաստ նաւ մը` խարսխով, դեռ բռներ է զայն․ բայց այնպէս մը կ՚երեւի` թէ հազիւ եւ ոչ ընդ երկար կրնայ համբերել բռնուածն։

Իսկ աստուածապետականն յետին հաճութեան ժպիտ մ՚այլ տալով, իր անքննելի ծոցէն կու փչէ նորաշէն պատկերին վրայ շունչ մ՚այլ․ շունչ բանական, աննիւթ եւ անապական, որով բոլորովին կ՚ըլլայ կու կատարուի մարդն․ եւ հաղորդ աստուածային զօրութեան, աստուածային երագութեամբ մը ճանչնալով ինք զինքը, ի՛նչպէս եւ ուստի՛ ըլլալն, միանգամայն աչքով եւ շրթամբք, թեւօք եւ ծնգօք, սրտիւ եւ բանիւ եւ հոգւով կու կանչէ` ԱՍՏՈՒԱ՜Ծ ԻՄ։

25 Ապրիլի 775․

«ՅԱԿՈՒՆՍ Եփրատայ, ի ծաղկազարդ վայելչութիւնսն», ըստ սրբազան երգչին, ի ծմակս Ծաղկոտան եւ ի բարձրավանդակն Բագրեւանդայ, հրաւիրեն զմեզ այսօր հայադիր յիշատակք։ Ի՞նչ գեղեցիկ հովիտ, մանաւանդ թէ ի՞նչ ընդարձակ դաշտ` լցեալ զարդուք բուսաբերութեան․ զոր կու սնուցանեն հարիւրաւոր ականակիտ վտակք, իջնելով ի կողից այրարատեան լեռնաշարից եւ Աղթամարայ պարատափին․ որք ամեն կողմանէ շրջապատեալ ձեւացընեն այս ձուաձեւ եւ տաշտանման հովիտս, իբրեւ 90 մղոն երկայն արեւելքէ յարեւմուտք, եւ 30 մղոն լայն ի հիւսիսոյ ընդ հարաւ․ եւ ժողովելով ի գոգավայրն եւ խառնելով ընդ գլխաւոր վտակին` կու գետանան կ՚ըլլան պայծառն Արածանի, որ է արեւելեան օժանդակ եւ զուգակից եդեմաբուղխն Եփրատայ, որ ի Բարձր Հայոց ի գագաթէն Կարնոյ կ՚իջնէ, եւ երկուքն այլ ի համանուն Ծաղկի լեռներէն։ Եթէ այս մեծ տաշտաձեւիս հարաւային շրթունքն, այսինքն Ապա­հու­նեաց (Մէլազկերտ) եւ Ծաղկոտան (Խամուր, Տիատին) լերինքն` ճեղ­քուե­լով անցք մը չտային Արածանւոյ, անշուշտ գեղեցիկ եւ քան զԱղթամար ընդարձակ ծո­վա­լիճ մը կ՚ըլլար Բագրեւանդ․ եւ թերեւս երբեմն այնպէս այլ եղած ըլլալը ստու­գեն մեզի երկրաբանք։ … Բայց դու, Հայկակ, դու հոս գուցէ աւելի ծաղկա­հան կ՚ուզես ըլլալ քան երկրաբան․ այս հովիտներուս մէջ մտած ատենդ` Շա­հա­պի­վանը կու փնտռես․ մեր հին նախնեաց հետ կու փափագիս նաւասարդի աշ­խար­հախումբ հանդէսները կատարել․ բայց դեռ իրեք չորս ամիս կայ այն տօ­նե­րուն․ ուրիշ անգամ այլ կու գամք ի Բագրեւանդ, որ ոչ սակաւ յիշատակներ ու­նի։… Բայց քանի մը ամսէ ետեւ ամառուան տաքուն` հիմկու ծաղկանց դալա­րու­­թիւնը չեմք գտներ․ թէ եւ այն ատենն այլ ունի իր լեռնաբուսիկ գոյնզգոյն ծաղկներն։

Հիմայ գարնան ծաղկունքն ծածանին փնջիկ փնջիկ, թռչունք ձայնեն մանրամնչիկք, ջրերն կրկըջան զովիկ զովիկ․ ո՜ւր էր թէ ազգային գուսնակ մ՚այլ երգէր մեզի զգարուն։ — Չեն պակսեր գարուն երգող Հայ գուսանք, ձեռնաւորք եւ մշակք, սրբամօրուս պաշտօնեայք, պատրիարքք եւ կաթողիկոսք անգամ․ այսքան զգալի եւ շօշափելի բնութեան եւ վայրաց գեղեցկութիւնն` գրեթէ հարկաւ երգիչ եւ բանաստեղծ ըրած է զանոնք, գոնէ գարուն գովելու համար․ բայց Կոստանդին Երզնկացին, իսկաշնորհ, իսկատիպ գուսան 550 տարուան, յանձն չառնուր ասանկ դրսէն դրդեալ քերդող ըլլալն, այլ տեսիլք տեսնելով, լոյս տեսնելով առեր է այդ շնորհքը․

«Այնպէ՜ս որ, կ՚ըսէ, ես ի յիմ խօսից շարելըն զարմացայ»։

Եւ այսպէս կ՚երգէ զգարուն․

Մեծ գոհութիւն, հարիւր հազար,

Մեզ աւետիք է նոր հասել․

Եւ մեզ շընորհք յերկնաւորէն

Յերկնից յերկիրս ի մեզ հոսել։

Երկիր է լի մութն եւ մըլար,

Սառն էր կապել եւ պաղ ու քար․

Հանց որ չըկար բոյս մի դալար․

Հիմի` ինք նոր է զարդարել։

Ձըմեռըն բանդ էր եւ խաւար․

Գարուն եհաս ու նոր բահար,

Ի էառ ի մէնջ գիշերն աւար․

Զի արեգակն է մեզ ծագել։

Երկիրս է մայր աննըմանի,

Զինչ գեղեցիկ իրք` ծընանի,

Շատ բարութիւնք յինք սընանի․

Հանց որ փռին գեղեցկացել։

Երբոր հնչեց հողմըն հարաւ`

Զինչ տրտմութիւն` յերկրէ տարաւ․

Հանց որ չըկայ տեղ մի ծարաւ․

Ամենն են բարութեամբ լըցել։

Հեզ որոտաց ամբ ցօղաբեր․

Կամար կապի յերկինս ի վեր,

Հոսէ յերկիր ահեղ գետեր․

Հաւսար զերկիր են արբուցել։

Է հարսանիք տիեզերաց,

Է ցընծութիւն պտղաբերաց․

Գոյնըզգոյնով ցեղք ի ցեղաց

Ծաղկունք զերկիր են զարդարել։

Ծովըն դըրուրդ առնու սիրով,

Խաղան զեռունք յերկիր ու ի ծով․

Ակունքդ յորդոր գան պաղ ու հով`

Եւ ի քարէն յառաջ բղխել։

Ահեղ գոչեն գետերս յոլով

Յորդ ի լերունքս ի վայր գալով,

Գան ման ի ման ծաւալելով․

Սիրով ի ծովն երես դըրել։

Խաղան եղունք եւ այծեմունք,

Իջնուն ի դաշտ ւ յաղբիւրակունք,

Երէվայրիք եւ անասունք

Ի կապանաց են արձակել։

Հաւերըդ գան քաղցըր ձայնով

Ծիծեռն ի հետ սաղմոսելով․

Գայ արտուտիկըն կարդալով,

Զառաւօտուն է բարբառել։

Աճումն առնուն եւ ծընանին

Հաւք ու գազանք ւ երէվայրին։

Ձագօք հաւերտ ելնեն պարին,

Ի են միաբան երամ կապել։

Ծաղկունքըն գան եւ ժողովին

Ի բուրաստան ւ ի բաղչանին․

Մէկ մի մըտել ի մէջ ծովին,

Տեսն է դեղին ւ յերեր կացել։

Բլբուլն եհաս շաքարբերան,

Աւետաբեր մեծ յարութեան․

Վարդին եհար կանանչ վըրան

Որ գայ բազմի զերդ հուր վառել։ …

Երբ բլբուլի եւ վարդի խօսք բացուի` երգն շատ կ՚երկըննայ․ ապրի՜ Կոստանդին` մեր երգիչն․ բայց հիմա հանգչի քնարն, հանգչին ծաղկունքն այլ․ վասն զի յանկարծահաս հովու մը պէս օրուանս յիշատակն կ՚անցնի հովտէս, եւ կ՚այլագունէ զգարուն։ Դաշտիս երկու ծայրերէն կու լսուի խոր դղրդիւն մը, ոտնաձայն մը, ահեղ շշնկոց մը․ լերանց գլխէն փոշէխառն ամպեր կ՚ելնեն, անոնց մէջէն ճերմակ փայլակներ․ արեւմուտքէն եկածն դիմացի արեւուն ճառագայթներովը վառվըռած արծաթէ հեղեղ մը կու նմանի, որ Բարձր Հայոց դարերէն փութափոյթ թնդալով կու թափի հոս․ արեւելեան կողմէն եկածն աղիւսագործաց հնոցէն ելած սեւ ծուխերու պէս կու ծառանայ ու կու ցածնայ … Ասոնք յիրար չմօտեցած` մենք մօտենանք պատմութեան ճամբով․ անցնինք հազարով տարիներ, այսօրուան ամսակէտին հետ զուգենք տարէկէտն այլ, Քրիստոսի 775 թուականն։

Այս նշանակեալ տարիս` վերջին տարի է կենաց եւ իշխանութեան երկու մեծ ինքնակալաց, որք մէջերնին բաժնած են արեւելքի բաղդը կամ դժբաղդութիւնը։ Մէկն է Կոստանդին կայսրն, անուանի իր պատկերամարտութեամբ եւ մոլութեամբ, որոց յարմար ստացած գարշելի անունը` պահէ մինչեւ ցայսօր, Կոբրո Նիմոս․ (……․․)։ Պուլկարաց եւ պատկերաց հետ կռուելէն` ատեն չունէր արեւելք հոգալու եւ պաշտպանելու հպատակները, որոց մէջ սեպուէին եւ մասն մի Հայոց։ Իսկ մէկայլն է Էպուսճաֆար Ապտ—Ալլահ Էլ—Մանսուր, զոր պատմիչք մեր Ջափր անուանեն, խալիֆայ Արաբացւոց, որ ամիրապետութեան հին աթոռը փոխադրեց ի նորոգեալն Բաղտատ (763), եւ Կորբոնիմոսի թուլութիւնը տեսնելով` իր բռնութիւնը տարածեց ինչուան ի Կիւլիկիա, որով Մեծ եւ Փոքր – Հայք այլ ընկան իր ընչաքաղցութեան եւ անգթութեանց տակ․ որոց համար շատ մեղադրուած է բնիկ եւ օտար պատմիչներէ․ վասն զի համառօտ ըսելով, իր 21 տարուան ու 4 ամսուան իշխանութեան ատեն վեց հարիւր հազար մարդ ջարդել սպաննել տուաւ, կ՚ըսեն․ որոց մէջ անշուշտ քանի մը բիւր այլ ազգակից պէտք է ողբալ։ Այդպիսի ամիրապետ մը ունող ամիրայք` անկէ գթասիրտ չէին կրնար ըլլալ։ Իր իշխանութեան ատեն Հայաստանի ոստիկանաց մէջ (վասն զի այսպէս կ՚անուանէին յԱրաբացւոց եկեալ կուսակալքն) ամենէն գլխաւորն է Աբդլլա, եղբայր համանուն նախորդ ամիրապետին, որ ընդհանուր Պարսից եւ Հայոց կողմանց մեծ կողմնակալ էր․ եւ ուրիշ կամահաճոյ հրամաններէն զատ` այս այլ դրաւ իր հպատակացը, որ մօրուքնին ածիլեն, եւ գլուխնին կանգուն ու կէս բարձր խոյր մը դնեն․ այս եւ ասոր նման պատուէրքներով կու գային ի Հայս ոստիկանք եւ հարկահանք․ (ինչպէս Սուլէման, Զալեհ, Ռուհ, Մուսէ, Մուհամմէտ, Եզիտ, Պէքիր` Բաքար ըստ մեր պատմչաց)․ որք այնչափ կեղեքեցին աշխարհնիս, մինչեւ շատերն փախչելով գետնի տակ եւ քարայրներու մէջ պահուըտէին։ Ժամանակին հոգեւոր տէրն` Տրդատ կաթողիկոս, եւ Հայոց ազգային հոգաբարձուն Սահակ բագրատունի` շատ անգամ բողոքեցին Աբդլլայի․ իսկ նաոստիկանները կու փոխէր, բռնութիւնը կու թողուր։ Այսպէս յետ վերոյիշեալ Եզիտաց եւ Պէքիրաց` խաւրեց (770) զՀասան—Իպն—Քահդապա (որդի Կահադրայ` ըստ մերոցս), որ հետը բերաւ խորասան – պարսիկ անկարգ գունդ մը, որոց ըրած չարութիւններէն քանի մը յիշելով ժամանակակից եւ ականատես պատմիչն (Ղեւոնդ), զզուելով կ՚ըսէ․ «պատմել ոչ կարեմք զաղէտից պատմութիւն»․ մեք այլ այնպէս ընեմք, որ արցունքով չիթօշնին ապրիլի ծաղկըներն։ … Բայց ի՞նչ ընէ խեղճ ժողովուրդն, որ ունեցածը բռնահան հարկահանաց տալէն ետեւ` չունեցածն այլ տալու համար կու ծեծուի, կու կախուի, սառուցեալ լճից մէջ կու ձգուի․ ի՞նչ ընէ հին հայութեան մնացած զինուորութիւնն, որ իր եղբարց դառն հեծութիւնը կու լսէ․ ի՞նչ ընեն Խրամի եւ Նախջուանի եկեղեցեաց մէջ այրած նախարարներէն մնացեալ ճիռ իշխաններն` որ իրենց սեփական պայազատութիւնը այսպէս տակն ու վրայ կու տեսնեն․ ի՞նչ ընեն մանաւանդ մեծասիրտ Մամիկոնեանքն` Արտաւազդ եւ Մուշեղ, որդիք Հմայեկայ եւ Հրահատայ․ միթէ վիրաւորեալ առիւծուց նման միայն մռնչե՞ն իրենց աչաց առջեւ անապատացեալ հայրենեաց վրայ։ — Չէ, այսպէս չըրին․ այլ յուսահատութեան մռունչ մը զայրագին սրտիւ, իրենց սրտակցաց ու պատուակցաց ձայն տուին․ որք, ըստ ասելոյ պատմըչին, «եդին զոգի ի ձեռն իւրեանց, եւ ձեռնամուխ եղեն յիրս` զոր ոչ կարէին վճարել, վասն զի նուազունք էին․ այլ սակայն լաւ համարեալ զմահ քաջութեամբ` քան զկեանս վտանգաւոր, ձեռնամուխ եղեն»։ Նախ եռանդունն Արտաւազդ, անվախ, բայց եւ ոչ առանց խորամանկութեան իրեն հին նախնոյն` Գայլ—Վահանայ, յանդգնօրէն գնաց ի մայրաքաղաքն Հայոց` ի Դուին, ուր արաբացի ոստիկանին փոխանորդ զօրավար մը նստէր, եւ գրեթէ անոր աչաց առջեւ իր սակաւաթիւ գունդը ժողովելով` սկսաւ զինքը զրահել պատերազմական պատրաստութեամբ, համբաւելով` թէ թշնամեաց դէմ պիտի երթայ։ Արաբացի զօրավարք` իրենցմէ հաւատարիմ կարծելով զնա, միանգամայն եւ չուզելով իրենք զիրենք վտանգել, թերեւս օգնեցին այլ զինքը զինելու․ եւ իբրեւ յառաջամարտիկ գունդ բանակի` թողուցին իրենցմէ զատուելու։ Արտաւազդ մէկ մ՚որ խաբուած բանակին բազմութենէն դուրս ելաւ, մէկէն վազեց դէպ ի հիւսիս` Շիրակ գաւառ, անկէ Վրաց ամուր եւ ազատ կողմերը երթալու․ այն ատեն այս գաւառս դեռ իր Անի բերդը իշխանանիստ չէր ըրած, այլ կ՚երեւի թէ հիմակուան Ռուսաց իշխանանիստ եւ ամուր բերդաքաղաքն Կիւմրի` էր գլխաւոր աւան մը, ուր անիրաւ հարկահան մը նստէր։ Արտաւազդ անոր շատ անիրաւութենէն թերեւս ոչ շատ պակաս անիրաւութեամբ մը վրէժ պահանջեց․ սպաննեց․ եւ ժողոված ստակները յափշտակելով գնաց Վրաց կողմը, միաբանեալ իշխանազանց հետ մէկտեղ։ Արաբացւոց աչքերն բացուեցան․ մէկէն նախնի ոստիկաններէն մէկը զօրապետ դնելով եւ իրենց ծառայութեան մէջ եղող Հայոց սպարապետ Սմբատն այլ մէկ տեղ ասած` Արտաւազդայ ետեւէն ընկան, ինչուան Ախըլցխայի կողմերը յարձըկելով․ բայց հազիւ քանի մը կտոր բան կրցան աւարել, եւ յետ դարձան․ վասն զի Արտաւազդեանք ինչուան Եգերացւոց երկիրը (Աճարա) գացին, եւ այն տեղւոյն ու մօտի Վրաց գաւառաց տիրեցին։ Իսկ Իպն – Քահդապա ոստիկանն` ուրիշ բան չկրցաւ ընել, բայց եթէ առջի անգութ հնարքը բանեցընել․ այսինքն` դարձեալ ամեն դի հարկահաններ ղրկել․ որք պժգալի պիծակներու պէս ելան ժողովրդեան մնացեալ վաստակը ուղեւծուծը քամելու․ բայց այս անգամ շատ չյաջողեցան։ Վասն զի եթէ Արտաւազդայ հեռու էր, մօտ էր Մուշեղ․ որ նախ իր երկիրներուն մէջ մտածները հալածեց, եւ բռնութիւն ընողներն այլ բռնաբար սրով դատեց․ եւ պահ մը իր ընտանիքը Երասխաձորոյ մօտ Արտագերից ամուր բերդը ապահովցընելով, ելաւ անկէ 60 կտրիճ առած հետը, մտաւ այս մեր եղած Բագրեւանդայ գաւառը, ուր Էպու—Մճուր` փոխանակ հեզաբար ծաղիկ քաղելու բռնաբար հարկ կու պահանջէր․ զնա այլ անոր մարդիկներն այլ կոտրելով` փոթորկի պէս յառաջ անցաւ․ իսկ ծխահալած պիծակներն` ահով դողով սկսան ծակերու մէջ քաշուիլ․ որով համարձակութիւն առին նեղեալ եւ լլկեալ փախստականք Հայոց` գալու եւ Մուշեղայ պզտիկ գնդին քառնուելու․ որուն համբաւն եւ սարսափը չորս դի տարածեցաւ․ բայց զօրաց քիչուորութիւնն այլ իմանալով` ոմանք ի թշնամեաց սիրտ ըրին մէկէն վրան հասնելու եւ թերեւս մէկ հարուածով վերցընելու իրենց արգելք եւ սատակիչ եղողը։ Բայց այնպէս գազանացեալ Մամիկոն մը բռնել` շատ դժար եւ վտանգաւոր փորձ էր։ Այսպէս փորձեցին նախ 200 արաբացի պատերազմողք, որք Կարնոյ քաղքէն (Էրզիրում) ելան, աղէկ զինուած եւ զրահուած, իջան ի Բասեն, գալու ի Բագրեւանդ․ գիշերը վրայ հասնելով` մտան Խարս գիւղը, (թերեւս Մժնկերտոյ մօտ), եւ անոր այգեստանեայց մէջ փռուեցան․ այգեաց պատերը իրենց պատնէշ կարծելով։ Իմացաւ Մուշեղ, եւ հետը քանի մը կտրիճ առած` գիշերանց հասաւ հոն․ եւ որովհետեւ այդ պատերը հիւսած չէին` այլ միայն քար քարի վրայ դիզած` ցանկի մը պէս, անոնց տակ նստող եւ պառկողներուն վրայ փլուց․ հոն կապուած ձիանն այլ խրտելով սկսան իրենց տէրէրը կոխկըռտել, գիշերուան, ձիերուն, պատին փլչելուն շփոթութեան հետ մէկտեղ` ներս թափեցան Մուշեղեանք։ Եղածն յայտնի է․ թերեւս ոմանք յայլազգեաց կրցան` մերկ կողոպուտ փախչիլ ազատիլ, բայց շատերն այն քարերուն տակ քնացան, մնացին։

Հազիւ քիչ մ՚ատեն կրցաւ Մուշեղ հանգիստ առնուլ իր ամրոցը, վասն զի այլազգեաց աղաղակն կու գոռար․ Դըւնայ կողմնակալ զօրավարն իր պահապան զօրաց մէջէն չորս հազար կտրիճ ձիաւոր ընտրեց եւ յանձնեց Էպու—Նէճիպ զօրապետին, որ երթայ ջարդէ ջնջէ ապստամբները։ Նէճիպ իր գունդը անոնց երագընթաց տաճիկ ձիերուն պէս թռցընելով հասարակաց դուրան ճամբէն, յԱյրարատայ ի Կոգովիտ, անկէ ի Բագրեւանդ հանեց, եւ եկաւ անոր գլխաւոր շինաւանին մօտ, որ է Բագաւան (Իւշ—գիլիսէ)։ Այս աւանին մօտ, այս Արածանւոյ նախընծայ վտակաց եզերք, այս մօտիկ Նպատ լերան շքին տակ էր, որ անկէ 400 տարի առաջ ուրիշ Մուշեղ մը, Քաջակորովն Մուշեղ, Շապհոյ արքայից արքային ահեղ բանակը ցրուեց․ բայց այն ատեն Հայ — Արշակունի թագաւորի մը ամբողջ զօրաց սպարապետ էր, եւ յունական գունդ մ՚այլ մարտակից ունէր, եւ Մեծ Ներսէս մը բազկատարած աղօթաւոր։ Անկէ 200 տարի վերջ` ուրիշ Մուշեղի մը վրայ գալով` անցաւ Բագրեւանդէն Խոսրով Անուշրէւան, եւ կոտրեցաւ ի Մուշեղայ Եփրատ գետոյն վրայ։ Իսկ այսօր ասոնց թոռանց թոռն հրահատեանն Մուշեղ` 4000 արաբացի սպառազէն ձիաւորաց դէմ ունէր 200 Հայ․ քսանի դէմ մէկ միայն․ սակայն ունեցածն բաւական եղաւ իրեն։ Ասոնք յարձըկեցան եկողներուն վրայ, շփոթեցին, ցրուեցին, շատերը գետին փռեցին, աւելի շատերը փախուցին․ փախստականաց ետեւէն ընկան, օրով ճամբայ հալածեցին դէպ ի հիւսիս, ինչուան Արագած լերան ոտքը․ շատերն այլ ճամբուն վրայ փռելով, եւ անոնց հետ զօրավարնին ալ․ եւ աւարներով ու ձիոց երամակով յաղթական դարձան։ Այլազգեաց մնացորդքն հասան ի Դուին․ բոլոր քաղաքը ի դող, ի սուգ, անէծք եւ նզովք շարժեցին․ եւ այնպէս ահ ընկաւ մէջերնին` որ կարծէին թէ ամեն դռնէ Մուշեղը ներս կու մտնէ․ եւ գրեթէ չվստահանալով քաղաքին ամրութեանը` ներքին ամրոցը քաշուած սմքեցան։

Այս անակնկալ եւ գրեթէ անհաւատալի յաղթութիւնն եւ յաջողութիւնն, եւ այն ահարկու Արաբացւոց ահաբեկ ըլլալն` կրնայ գուշակուիլ` թէ երկայն ատենէ ի վեր ընկճած ժողովրդեան մը ի՛նչ ազդեցին․ ի՛նչպէս համբաւն հռչակուեցաւ․ ի՛նչպէս գլուխներ տաքցան` խելապատակէն այլ ի վեր, մինչեւ խոհեմութեան եւ նախագոհութեան ձայները չլսեցին․ եւ զիրար գրգռելով պատշաճէն վեր բաներ մտածեցին․ մանաւանդ չափազանց բորբոքեալ ճգնաւոր մը, աւելի սրտին հարցնելով քան Աստուծոյ, զամենքը կու յորդորէր եւ քաջալերէր, եւ իբրեւ տեսիլք տեսած հաւանեցնէր, թէ արդարեւ ազգին բաղդն հասած է․ մի տարակուսիք կ՚ըսէր, ձեր մէջէն մէկն բաւական է հազարի դէմ կենալու, երկուքն` բիւրուց դէմ։

Յիրաւի շատ դժար էր ռամկաց` (յետ տեսնելու որ 200 կտրիճ 4000 սպառազէն հեծեալները վանեց) այս դիպուածին մէջ` սրբութիւնը եւ ստութիւնը իրարմէ որոշել։ Բայց ոչ միայն ռամիկ մարդիկ եւ առանձին իշխանք միաբանեցան, այլ ինչուան Սմբատ բագրատունի սպարապետն այլ` հաւանեցաւ թողլու զԱրաբացիս եւ միաբանելու ընդ համազգեացն։ Այս բանս յաղթութեան մը չափ արժեց միաբանելոց․ բայց մեծագոյն յաղթութեան մ՚այլ կու փափագէին․ այսինքն հաւանեցընելու զԱշոտ, նախայիշեալ Սահակայ իշխանապետին որդին․ որ չափաւոր տարւօք, եւ տարիքէն աւելի փորձ հռչակեալ խելացի մարդ էր․ որչափ այլ հայրենեաց փառքը փափաքէր, այլ աւելի անոր ապահովութիւնը կու պահանջէր․ կ՚իմանար կ՚իմացընէր այն ճգնաւորին չափազանց նախանձաւորութիւնը, եւ կ՚ըսէր իրեն եղող իշխանաց եւ յորդորչաց․ «Ո՜վ հայրենասէրք, զգոյշ կեցէք․ քաջ էք եւ եռանդուն, բայց աւելի լաւ է իմաստութեամբ գործել եւ ձեզմէ առջիններուն փորձը քննել․ կամք եւ կարողութիւն միշտ չեն կրնար իրարու հաւասարիլ․ մէկն ի ձեր ձեռքն է, մէկայլն ոչ․ շուտ եւ անակնկալ յաջողութիւնք` երբեմն մեծագոյն անյաջողութեանց պատճառ կ՚ըլլան։ Քանի մը հարկահան եւ զօրավար զարկիք, քիչով շատերու դէմ կեցաք, եւ երթալով կու յուսաք շատնալ․ սակայն ինչուան ո՞րչափ կրնանք բազմանալ, ինչուան ե՞րբ միագունդ մնալ։ Դեռ Արաբացւոց մեծ զօրավարն ի Դուին է․ դեռ ի Կարին ուրիշ մեծ զօրավար մ՚այլ կայ, դեռ շատ բերդեր անոնց ձեռքն են։ Եթէ բերդերն այլ առնուք, եթէ Հայաստանի մէջ եղած զօրքն այլ հալածէք, դեռ դժուարութիւն քիչ մը կ՚ուշացընէք, վտանգը կը մօտեցընէք։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր բովանդակ գունդն Էմիր — Էլ – Մումնեայ տէրութեան ծովածաւալ եւ ահաւոր զօրութեան դէմ։ Ո՞ր ազգ, ո՞ր տէրութիւն կրցաւ կամ կրնայ անոր դէմ կենալ․ Յունաց տիեզերական ինքնակալութիւնն այսչափ անգամ կռուելով` չկրցաւ իր կորուսած երկիրներն ի ձեռք ձգել, ահա կայսերն Կոստանդին` որ մինակ առիւծներու դէմ ելլելով` սպաննեց, տեսէք ի՞նչպէս սարսափած` թող կու տայ որ ամիրապետն կոխէ իր սահմանները։ Ինքն ծովն ու ցամաքը բաւական ամուր չիգտներ այնպիսի թշնամւոյ մը դէմ, դուք ի՞նչ բանի վրայ գրած էք ձեր ապահովութիւնը։ Արդ եթէ կ՚ուզէք ճշմարտապէս հայրենեաց օգուտը, ինչպէս եւ ես ամենայն սրտիւ, հանդարտօրէն մտածելով կեցէք տեղերնիդ․ եւ ջանացէք իմաստութեամբ դարման տանիլ եղած եւ կրած չարեաց։ Ապա թէ ոչ, ինծի կ՚երեւի, թէ կամ յետ վնասակար փորձոյ` պիտի յանձն առնուք կորակոր նուաճիլ մնալ տեղերնիդ․կամ յուսահատած` միայն զձեզ ապրեցընել ջանալով` ինքնակամ թողուլ հայրենիք, տուն, տեղ եւ վաստակ, ձեր հարց քրտինքով ժառանգած բարիքը, ձերնախնեաց հաւատքով կանգնած եկեղեցիները, եւ ձեր ծնողաց գերեզմաններն այլ` ատելեաց ոտից կոխան, եւ երթալ ի ծառայութիւն կայսեր Յունաց, եւ պանդըխտութեամբ կեանքերնիդ մաշեցընել։ Եւ կամ, որ շատ վախնալի է, շուտ կամ ուշ` ձեր թշնամեաց ձեռքը ընկնալով` չարաչար մահուամբ պիտի ջընջուիք»։

Այս եւ այսպիսի բանք բաւական չեղան այն տաքցած գլուխները զովացընելու, թողին զԱշոտ, եւ եկան իրարու հետ դաշինք դնել, խորհուրդ ընել, հնարք մտածել, այլ ինչպէս շատ անգամ պատահած է եւ կու պատահի այսպիսի դիպուածոց մէջ, չկրցան միաբանիլ մէկ գործոյ վրայ, ոմանք իրենց երկիրը քաշուեցան, ոմանք ամուր բերդերու ապաւինեցան։ Ամենէն տաք գլուխներն որ Մուշեղայ հետ միաբաններ էին` զինուոր եւ ռամիկ, 5000 հոգի գունդ մը եղան։ Դուինը թողուցին, գնացին Կարնոյ քաղաքին վրայ, զոր քանի մը տարի առաջ Եզիտ ոստիկանն առեր էր ի Յունաց եւ լաւ ամրացուցեր․ թերեւս հիմա մէջը բաւական զօրք չկար, չէ Հայոց թուոյն` այլ ոգւոյն դէմ կենալու, բայց պարիսպներն բաւական զօրաւար էին․ բոլոր այն տարի (774) ձմեռուան սաստիկ սառնամանիքներէն այլ չձանձրանալով` Հայք պաշարեցին կեցան քաղքին քով․ եւ մեծամեծ մեքենաներ կանգնելով` կու ծեծէին պատերը․ եւ քանի մը ծակ բանալով` կրցան քիչ մը քար թափել ի ներս եւ քանի մը մարդ սպաննել․ բայց աւելի սովով կու նեղէին քաղաքը, որ եւ անձնատու ըլլալու վրայ էր, երբ յանկարծ մեծ մրրիկ եւ զօրաւոր հարկ մը հասաւ Հայոց վրայ։ Ասոնց հեռանալը յԱյրարատայ, եւ ոմանց այլ իրենց բերդերը քաշուիլը տեսնելով Դըւնեցի արաբացիք, սիրտ առին, չորս կողմէն այլ ժողովեցան, եւ սկսան այրած սրտով ու ծարուած սրով մօտակայ գաւառաց մէջ պտըտիլ, եւ շատ արիւնահեղութիւն ընել․ բայց ապստամբները նուաճելու համար ստիպուեցան ամօթով` եղածը իմացընել ամիրապետին։ Սա վրէժխնդրութեան յարմար առիթ գտնելով, անթիւ զօրաց միջէն ընտրեց Խորասանիկ կտրիճները, 30,000 հոգի, ձիով եւ զրահով աղէկ մը պատրաստած, եւ յանձնեց Էմր Իպն—Իսմայիլ փորձ եւ հռչակաւոր զօրավարի մը ձեռք։ Որ եւ հարաւային հովերէն առաջ անցաւ Ասորեստան, եւ Աղձնեաց կողմերէն գալով մտաւ ի Խլաթ մեծ քաղաքն․ ժողովելով հաւատարիմ մարդիկ` աղէկ մը քննեց տեղեկացաւ Հայոց պատրաստութիւնը, որչափ հոգի միաբան եւ ուր ըլլալնին, եւ ինչ ոյժ ունենալնին․ զոր ի հարկէ շատ քիչ եւ իբրեւ ոչինչ գտաւ իր բանակին բազմութեան եւ կազմութեան համեմատելով։ Հոն ի Խլաթ էր այն ատեն խոհական իշխանն Աշոտ, եւ տեսնելով իր հայրենեաց վրայ եկած չարիքն, եւ իր խրատած իշխանաց անհաւանութիւնը, սիրտն կ՚այրէր կու հալէր, առանց կրակը դուրս տալու․ մանաւանդ որ պիտի ստիպուէր Արաբացւոց գործակից ըլլալու իրեն ազգայիններուն դէմ։ Անհնարին տագնապին մէջ առանց ատեն կորսընցնելու ամենայն ծածկութեամբ իմացուց իշխանակցացը` Էմրի պատրաստութիւնը, եւ ահա ժամանակն է, կ՚ըսէր, ցուցընելու ձեր խոստացած հաստատութիւնը, կամ իրարու պաշտպանութեամբ մեռնելու։ Առջի խրատուն մտիկ չըրին դաշնակիցք, ետինքէս կասկածեցան․ կարծեցին որ Աշոտ Արաբացւոց հաւատարիմ մնալովն` զիրենք խաբել կ՚ուզէ եւ հեռացընել ի Խլաթայ․ եւ մտքերնին դրին Կարնոյ պաշարողաց նման` այս մեծ քաղաքս այլ առնուլ յայլազգեաց։ Համազասպ Արծրունեաց իշխանն գլուխ կեցաւ, հետն առաւ Վասպուրականի զօրքերէն զատ` Ամատունեաց գունդն այլ, Սմբատ սպարապետին Աշոտ եղբօր գունդն այլ, եւ ելաւ երթալ Վանայ ծովուն հիւսիսային արեւելեան կողմը` Արճէշ բերդաւանին վրայ, ուզելով հիմնայատակ ընել․ անցած տեղերէն ռամիկ հետեւակ մարդիկ այլ կու ժողովէր կու խառնէր զօրքերուն։ Երբ հասան ի Բերկրի, Խլաթէն Հայ մը եկաւ նորէն իմացընելու թէ Էմր զօրավարն մօտ է երեք բիւր եւ աւելի զօրքով։ Համազասպ հպատացեալ` զայս այլ նենգութիւն կարծեց, եւ փոխանակ պարգեւելու` պատժեց լրաբերը, եւ առաջ անցաւ հասնելու յԱրճէշ։ Ասոր բնակիչքն այլ իմաց տուեր էին Էմրայ, որ բազմութեամբ զօրաց ծածուկ ճամբաներով եկեր ապահով տեղ մը դարաներ էր․ եւ հազիւ թէ Հայք սկսան Արճէշի բերդը ծեծել, Արաբացիք դարանէն ելլելով վրանին ընկան, եւ անզէն անհմուտ հետեւակ գնդին մեծ մասը ջարդեցին, որոց ոմանք այլ փախչելու ատեն ծովը թափեցան․ եւ այսպէս անխոհեմութեան զոհ եղան 1500 անպարտ մարդիկ․ անոնց հետ իրենց առաջնորդ չորս ազնուական իշխանք այլ․ մնացեալքն փախստեամբ ցրուեցան։ Այս պատահարս եղաւ ապրիլի 16ին (775)։ Արաբացիք զանոնք երկար միջոց հալածելէն ետեւ` դարձան անկէ մէկայլ ապստամբները փնտռելու․ եւ Խլաթու եւ Մանազկերտի գաւառներէն վեր փութալով թափեցան հոս, ի Բագրեւանդ։

Ահա այս էր այն հնողանման սեւ ծուխն զոր տեսանք յարեւելից․ որ եւ կոխելով այս ծաղկազարդ վայելչութիւնները, գետոյս աղբերականց քով` Արծնի ըսուած գիւղը իջան․ եւ դադրեցան զէնքերնին սրելու եւ մահու գործիքները պատրաստելու։ Իսկ արեւմուտքէն փրթած փոքր արծաթափայլ հեղեղն` էր Մուշեղեան գունդն Հայոց, որ պաշարէր զքաղաքն Կարնոյ․ եւ յանկարծ լսեց Արճիշու կոտորածը։ Յետ այնչափ երկայն համբերութեան, պզտի գնդով մը այնպիսի մեծ քաղաք մը պաշարելու եւ վտանգելու, որսը բռնելու ատեն` ստիպուիլ թողուլ, ո՞րքան ծանր, ո՞րքան սրտակտուր էր։ Այլ ուրիշ հնար չկար․ ակռանին կրճտելով դարձուցին երեսնին ի Կարնոյ․ բայց ո՞ւր երթան։ — Երկու ճամբայ կար դիմացնին․ մէկն եւ ապահովագոյնն էր` Արտաւազդայ բռնածն, անցնիլ երթալ յարեւմուտք եւ ի հիւսիս, Յունաց կողմը մտնել, եւ յետ այնքան նեղութեանց` գոնէ ապրիլ եւ հանգչիլ։ Իսկ մէկայլն` կորիւն կորուսած առիւծուն ճամբան էր․ զօրաւոր թշնամեացը վրայ դառնալ եւ յուսահատ կատաղութեամբ զարնուիլ, ըլլայ ինչ որ ըլլայ։ Եւ այս ետինքը ընտրեցին այն զայրասիրտ ընկերակորոյս առիւծքն, Կարնոյ լերանց դարերէն թափուիլ ի Բասեն, եւ անկէ այլ Սուկաւ լերանց (Քէօսէ տաղ) կռնակէն ընկնիլ ի Բագրեւանդ, քիչ օրուան քիչ ժամուան գործ մը եղաւ իրենց․ հոն այլ չդադարելով, ոչ թշնամւոյն բազմութիւնը ուզեցին քննել, ոչ անոր շարժելուն սպասել, ալ դարուդուր գետնի մը վրայ արձըկած հրագունտի պէս ցատքըտելով առաջ եկան, եւ փոխանակ թշնամեաց սպասելու` իրենք անցան գետը։ Թշնամեաց ահեղ բազմութիւնն եւ աւելի ահարկու պատրաստութիւնն, արաբիկ երիվարաց վազն ու փռինչն, լուսնանիշ վրանաց եւ դրօշուց շարժիւնն, խառնալուր աղաղակն գոչումն, եւ պատերազմական գործեաց եւ թմբկաց որոտումն, փոխանակ զիրենք վախցընելու, այնքան աւելի կատղեցուցին բորբոքեցին, որ Արաբացւոց բանակէն քանի մը հարիւր քայլ հեռի` թողուցին ոչ միայն իրենց բեռները, այլ եւ ձիանքը․ հետեւակուց աւելի ազատ, եւ համարձակ կրնային հայկական աղեղները քարշել հեռուէն, ու մօտանց թուր ու նիզակ շարժել։ Երկայն ճամբուն յօգնութիւնն այլ չէին ուեր մտիկ ընել, եթէ գիշերուան սեաւ վարագոյրն երկու բանակաց մէջ չկախուէր։ Անոր մէկ կողմը 30,000 սպառազէն Արաբացիք, մէկայլ կողմն 5000 հետեւակ թեթեւազէն Հայք անցուցին, ի՞նչ հոգւով ի՞նչ մտածութեամբ ապրիլի 24—ին 25 մտնող միջոցը, կրնար գուշակուիլ քան թէ գրուիլ։ Առաւօտն հազիւ թէ ծագեց` Հայք անհամբերությամբ նետուեցան բազմութեան մէջ, սաստիկ կոտորած մը ըրին, սրընթաց հեծեալներուն մէկ մասը հալածեցին հեռացուցին, բայց վերջապէս իրենք այլ յօգնեցան։ Արաբացիք սրտմտեալ եւ ղպնահար յետ դարձան, Հայոց նախարարներէն մէկ քանին` (որ ռամկին պէս հետեւակ չէին) քշեցին իրենց ճորտերովը։ Հայոց ռամիկն այլ, յետ քաշուեցան, այն ատեն Արաբացի հեծելոց եկաւ վրէժխնդրութեան կարգն․ սկսան կոխկըռտել դէմ դնող հետեւակ Հայերը։ Ասոնք իբրեւ երկայնաչար ալիք` աւելի մեծ եւ երկայն ալիքէ մը ծածկուելու թաղուելու ատեն, վերջին անհնարին ճիգ մ՚այլ ըրին, յետին յուսահատութեան կամ յուսոյ ձայն մը վերուցին, իրար զիրար կանչելով եւ սիրտ տալով․ «քանի որ թեւերնուս վրայ դեռ քիչ մը ուժ կայ, կ՚ըսէին, պէտք է թափենք մեր հայրենեաց եւ եկեղեցեաց վրայ․ ողջ ողջ երես դարձընել եւ յետ դառնալ` անկարելի ըլլայ մեզի․ մեռնինք զէնք ի ձեռին, քան փախստեամբ ապրինք»։ Եւ արիւնոտ աչուընին մէկ մը երկինք տանելով, մէկ մը Բագրեւանդայ պաշտպան Ս․ Յովհաննիսի, կանչելով ու գոռալով` նորէն յարձըկեցան, եւ անգամ մ՚այլ` իրենցմէ մեծ եւ ուժով ալեաց վրայ ելան, միայն հազար հոգի մնացեր էին միագունդ` երկու երեք բիւրուց դէմ, գոր վերջին անգամ մ՚այլ քշեցին։ Իսկ ասոնք այնպէս զարհուրեալ շփոթեալ էին, որ չէին գիտեր թէ մարդու՞ հետ, հրէշից հետ, թէ հրեշտակաց հետ կու պատերազմին․ եւ իրաւ թէ սուտ` իրենց շփոթութիւնը ծածկելու համար, յետոյ կու պատմէին, թէ մենք Հայոց գնդին հետ կու տեսնէինք երկնաւոր զօրքեր, պապասներ եւ երէցներ, որք աւետարանօք եւ բուրվառօք կ՚առաջնորդէին անոնց։ Անշուշտ այսպէս տեսան ինչուան որ Հայոց վրայ զէնք շարժելու ոյժ տեսան ինչուան որ Հայոց վրայ զէնք շարժելու ոյժ չմնաց։ Այն ատեն թիւն յաղթեց, եւ եղբոր դիմակաց չգտաւ` արաբացի գունդն յաղթական եղաւ։ Տարիէ ի վեր անդադար կռուող եւ վազող` 3000 Հայք իրենց նիզակաց վրայ երես ի գեհին Արածանւոյ ծաղկանց մէջ փռուելով` արիւնով ներկեցին ապրիլի երանգ երանգ փռոցը։ Հոն երկու բարձր ծառոց պէս ընկան պարագլուխք նահատակացն` ինչուան ետքը իրենց խոստմանն եւ քաջութեան հաւատարիմ մնալով, Մուշեղն մամիկոնեան եւ սպարապետն Սմբատ․ անոնց հետ նաեւ շատ մեծատոհմիկ նախարարներ, ինչպէս բագրատունին Սահակ, գնունին Վահան—Դաշնակ, եւ Սամուէլ մեծ նախարարն Մամիկոնէից, որ տարւօք դեռ երիտասարդ եւ գեղեցկութեամբ անուանի, ծաղկանց, մէջ ծաղիկ, եւ իր ընկերակցացն հետ յիրաւի գարնան ամեն զարդերէն աւելի սրտառուչ կու փայլէր, իր վէրքերէն բղխած վարդերուն մէջ։

Եթէ այն ճգնաւորին քիչ մը արտորնօք տեսած եւ շփոթած տեսլեանն համեմատ` փառաւոր վախճան մը չունեցաւ պատերազմն, սակայն եւ ոչ բոլորովին անօգուտ մնաց։ Թէ եւ գործն քիչ շատ ստգտանելի ըլլալ անաչառ դատաստանի առջեւ, չիկրնար անտես ըլլուիլ այնքան քաջութիւն, հայրենասիրութիւն, կրօնասիրութիւն այլ։ Բայց ազգանախանձ միաբանութիւննին աւելի գովելի կ՚ըլլար` եթէ ըստ խրատուն Աշոտոյ շարժէին պատերազմէն առաջ, կամ պատերազմի ատեն․ եւ կամ թէ յետ պատերազմին` Արծրունին Մեհրուժան չսպաննէր քաջին Մուշեղայ երկու որդիքը (որք իրեն ապաւիներ էին), իբր թէ հայրենին եղաւ պատճառ այնքան մարդկան եւ իր հարազատաց կոտորածին։ Իսկ Արաբացիք որ այն գունդը կոտրեցին, եւ Բագրեւանդայ դաշտաց վրայ անթաղ թողուցին, ու սկսան չորս դի աւրել եւ աւարել, իրենց կորուստներն այլ չէին կրնար ծածկել, եւ ոչ իշխել շատ հեղ այնպիսի փորձեր փորձելու։ Էմր` իբրեւ յաղթական` ամիրապետին երթալու ատեն` չարաչար ցաւելով բռնուած մեռաւ ի Պարսկաստան․ քանի մը ամսէն ինքն ամիրապետն այլ նոյնպէս վերցուեցաւ․ յաջորդ տարին` պատերազմին մէջ ընկնող Սմբատ սպարապետին որդին Աշոտ, սկսաւ նորէն Արաբացւոց ետեւէն ընկնիլ, եւ երկիրները ազատելով` Անի բերդը ամրցուց, որ յետոյ իր ցեղին թագաւորութեան աթոռ եղաւ․ եւ օր մը աղօթք ընելու ատեն` թշնամիներէն պաշարուած, աղօթքը չթողուց, այլ լմանցընելէն ետեւ` ելաւ զարկաւ զանոնք, եւ գլխաւորին` Լիպառոն Աբդլլայն` երկու կտոր ըրաւ։ Ասկէ ետեւ եկող ոստիկանք սկսան զգուշութեամբ վարուիլ Հայոց հետ, մանաւանդ Հարուն Էլ—Րէշիտ, որ ամիրապետ ըլլալէն վեց տարի առաջ (780) Հայոց եւ Պարսից մեծ ոստիկան դրուած էր։

Այս է Բագրեւանդայ ըսուած կռիւն․ զոր կարմիր արձանագրութեամբ նշանակէ Հայադիրն յ՚18 ահեկանի (25 ապրիլի) 775 թուին Քրիստոսի։

Թ․ Ս․ Թէոդորոս Սահլունի

ԱՀԱՒԱՍԻԿ հասաւ մեղրակաթն Մայիս, գեղեցկագոյնն յերկոտասան հարազատս տարւոյ, գոնէ մեր հայրենեաց եւ անոր նման աշխարհի մէջ․ ուր այս ամիսս` հայադիր հայկադիր` Մարերի անուամբ հեզիկ նազիկ կու պարէ ի բլուրս եւ ի բարձունս, բոլորովին կանաչ ու դալարազգեստ․ ձեռքն ու ծոցն, գլուխն ու գօտին` փունջ փունջ գոյն գոյն ծաղիկներով լցուած, որք իր թեթեւ գարշապարաց կոխած տեղէն կարծես դուրս բղխեն․ արծաթալիք աղբերակունք կանչեն կրկջան․ ծաղկափետուր թռչնիկք երգեն պարեն․ թեթեւթաթիկ ուլք եւ այծեմունք սահին սուրան․ հոտաւոր հովիկք եւ զով զեփիւռիկք ծոպ ծոպ ծամերնին ծածանեն, երբ հովտէ հովիտ ցածնալով բլրէ բլուր ցատքելով` անցնի վազէ բամբիշն բարձանց Հայոց` մրազարդն մարերի։ Անոր շողակաթ շոգոլի շնչէն` ծաղկըներն վառ վառ շողշողան, պտղունք խայծ խայծ խանձին կարմրին․ եւ եթէ ձայնն անուշիկ հասնէ՜ր ակընջիդ … Ո՜հ, երգն հայկածնին մարերեայ` Հայոց հովասուն բարձանց վրայ, հազար տարիներ առաջ, երբ իր ազգն տէր ու ժառանգ էր բոլոր իր աստուածապարգեւ երկրին, այն ատենուան մրազարդ մարերեայ երգն այլ` իրեն նման աննման էր․ մեր նոր ըսած երգերն` ինչպէս չոր տերեւ մը վարդի դիմաց` չէին կրնար կենալ․ ոչ մեր գուսանք եւ ոչ օտար երգիչք կրնան անոր արձագանգներն արթնցընել բարձր Հայոց պաղանձաւաց մէջ․ եւ թէ ճաշակիկ մը, ձայնիկ մ՚ուզեմք երազել, թերեւս միայն Բեթելայ բլուրներէն լսուած վայելէ մեղրաբերանն մարերեայ․ որ թուի` թէ դեռ Եփրատայ երիտասարդ վտակներով ծաղկած ծածուկ ծմակէ մը կ՚երգէ․ «Ահա ձմեռն անց․ անձրեւք անցին եւ գնացեալ մեկնեցան․ ծաղիկք երեւեցան յերկրի մերում․ ժամանակ եհաս հատանելոյ․ ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում․ թզենի արձակեաց զբողբոջ իւր․ որթք մեր ծաղկեալք ետուն զհոտս իւրեանց»։ … Անշուշտ եռանդուն սիրտ մը հոս չդադրելով` զմայլած, հոգեշունչ երգչին հետ ուզէ հրաւիրել անծանօթ մերձաւոր մը, սրբազան գեղեցիկ մը, աղաւնակերպ հեզադէմ մը … «Ընդ հովանեաւ վիմին»։ — Այո՛, Հայադիրն այսօր կու տեսնէ, կու յայտնէ այդպիսի մը, անծանօթացեալ անուամբ եւ տեղեաւ, որ ահա հանգչի ընդ հովանեաւ ծառոյն եւ ի վերայ վիմին․ յետին եւ քաղցրագոյն հանգիստ, նախ քան զհանգիստն յաւիտենից։ …

Ահաւասիկ նա․ նման սրբազան սքանչելի եղբօրորդւոյն, արդարեւ սպիտակ ու կարմիր է․ երիտասարդ մը կուռ եւ կատարեալ հասակաւ․ բնութիւնն առիւծու եւ կերպարանքն աղաւնոյ․ գիտէ մռնչել, բայց ընտրէ մնչել․ իբրեւ մեծ աշխատանքէ եւ յերկար վշտերէ եկած` անմարդաձայն ձորակի մը մէջ` փռուած է մենաւոր ծառի մը տակ, որ կարծես իր գետնամած ճիւղերովն իբրեւ մայրենի թեւօք կ՚ուզէ պաշտպանել զանիկայ, որ աջ թեւը ձորեզերէն ցցուած քարի մը վրայ դրած է ծառին ներքեւ, եւ յոգնած գլուխն այլ թեւին վրայ, ձախը կուրծքին վրայ պարկեշտ պատմուճանին խորշերուն մէջ։ Կարծես ճաղկապաճոյճն մարերի ի հովիտ եւ ի բլուր թափառելով` կու փնտռէր այս երիտասարդը, որ ըստ երախտապարտ պատմըչի մը թողած յիշատակին, «Էր աչօքն թուխ, եւ գանգրահէր, եւ երեսօքն խարտեաշ, եւ անձամբն երկայն»․ (աչքերն սեւ, մազերն գռուզ ու դալար, երեսն դեղին ու կարմիր, հասակն ու կազմուածքն երկայնաձեւ)․ զգեստն պարզ մաքուր երկայն պատմուճան մը, վզէն ինչուան ծնկուըները եւ այլ վար․ մէջքը գօտւով զսպած․ սրունքն պարթեւական սռնապաններով ծածկած․ դեղին դաստակներն կիսաբաց․ ուսին քով մէկդիր ձգած հայկական եղջերաձեւ խոյրն։ Դրսուանց ամենեւին անհոգութեան կերպ, ներսուանց անհնարին հոգ մը, որ երբեմն երբեմն բացխփիկ ըրած երկու սեւ ադամանդ պատուհաններէն կու յայտնուի․ պահ պահ յանկարծ սեւ ամպի շուքի պէս բան մը բոլոր երեսէն սահելով` անանկ խեղճ ու ցաւագին երեւոյթ մը կու տայ, որ կարծես թէ քովի ձորակին վազած վտակին պէս` իրեն համար բոլոր աշխարհ կ՚անցնի, եւ կրնայ ըսել ինքն այլ իբրեւ զԱյրն ցաւոց, թէ «Տրտում է անձն իմ մինչ ցմահ»․ այլ շուտով ամպի տակէ ելած բարկ արեւու ճառագայթի պէս լոյս մը կու ծագէ դէմքին վրայ, սքանչելի հանդարտութիւն մը բոլոր անձը կու պատէ․ կու խփէ երկայնաշար թարթափքը, եւ այնպէս անուշակ ու թեթեւ քունի մէջ կ՚երեւայ, որ դարձեալ կարծես լսել իր մեղմիկ շընչէն, թէ «Ես ննջեմ եւ սիրտ իմ արթուն կայ»։ Ո՜վ քուն ցանկալի քան զարթնութիւն․ ո՜վ հրաշալի հանդարտութիւն․ ո՜վ հանգիստ անբծութեան, ո՜վ տխրութիւն անտրտում․ զեփիւռ, ծործոր, բոլոր գարնան գեղեցկութիւնն կու թուի իրեն հետ լռել ու մրափել։ — Ո՜հ, Հայկակ, թէ գիտէիր այս միայնութեան պատճառը, այս քնոյն պէտքը, թէ գիտէիր անոր յաջորդելու յետին արթնութիւնն, անշուշտ փափագէիր որ գոնէ Եփեսոսեան մանկանց չափ երկըննար այդոր քունն, կամ թէ նոյն իսկ կենաց յետին քունն այլ հասնէր շուտով խառնուէր անոր․ անզգալի կերպով շունչը առնուր վեր քաշէր, եւ դիմացնիս թողուր անարիւն նահատակի շու­շա­նագոյն մարմին մը, թաւալած ի մէջ մանուշակաց եւ աղբրանց — արեանց։…

Բ

Բայց ո՞ւր եմք մեք․ ո՞ւր է այս անծանօթ ձորակն, անծանօթ երկիրն, եւ ո՞վ այս աննման երիտասարդս։ — Մի թէ կամա՞ւ մոռցան պատմիչք եւ զլացան աշխարհագիրք, (եւ մանաւանդ մեր բազմերախտ պատմահայրն եւ աշխարհագիրն Մովսէս Խորենացի, որ բոլոր Մեծ Հայոց 200ի չափ գաւառները մէկիկ մէկիկ համրեց) նշանակել մեզի Կոտերոյ երկիրը, Սալահունեաց գաւառը, Սուրէնաշէն աւանը, Պարթենից դղեակը, եւ այն սրտառուչ Սէղէմնուտ ձորակը` ուր այսօր կու հրաւիրէ զմեզ Հայադիրն, Եփրատայ բարձր հոսանաց եզերքը, որ Կարինէն իջնելով ի Դերջան գաւառ, անտի կ՚երթայ յԵկեղեաց (Երզընկա)․ եւ այս երկու յետին գաւառաց միջոց դար – վար երկիրն է մեր փնտռածն, որ կերպով մը որչափ անծանօթ է` այնչափ այլ ծանօթանալու անուններ ունի․ կ՚ըսուի նաեւ Կորդուաց երկիր, Հայոց ուրիշ հեռու աշխարհի եւ գաւառներու անուանակից․ թերեւս անոնց նման կորդ, խորտուբորտ երկիր մ՚ըլլալուն համար, կամ բնակիչքն նոյն տեղէն եկած ըլլալուն համար․ կ՚ըսուի եւ Կոտերոյ երկիր` յանուն Կոթեր աւանի․ կ՚ըսուի յատկապէս եւ առաւել հայապէս Սալհունեաց (կամ Սալահունեաց, Սահլունեաց) գաւառ, որոյ մէջ էին վերոյիշեալ շէնք եւ տեղիք, եւ քանի մ՚ուրիշ այլ, զոր յիշէ հայադիրն եւ լռէ հիմկու աշխարհագրութիւնն։ Այս տեղերուս հնագոյն եւ մէկ հատիկ եւ մեզի հարկաւոր յիշատակն` ասկէ 1500 եւ աւելի տարի առաջ կ՚ելլէ․ այն տարիները` որ քաղաքական մթութիւն մ՚այլ կու պատէր բոլոր մեր աշխարհը․ երբ սասանեան Արտաշիր պարսիկ` Արշակունեաց թագաւորները հալածեց ի Պարթեւաց եւ ի Հայոց եւ բռնաբար տիրեց մեր երկրին․ ուսկից հեռացեալ պատանին Տրդատ` Հռովմայեցւոց քով կու մեծնար, եւ կու պատրաստուէր քաջութեամբ տիրելու հայրենեացը․ իսկ նախարարք Հայոց` ոմանք հնազանդէին բռնաւորին, ոմանք այլ իրենց երկիրներուն ամրութեանց վստահացեալ` կու սպասէին իրենց օրինաւոր տիրոջ։ Ասոնցմէ մէկն էր Սալահունեաց գաւառին տէրն այլ` Սուրէն, որոյ ցեղաբանութիւնն մնացած չէ, այլ այսչափ յիշուած` որ թագաւորական ցեղէ էր կամ խնամի, ինչպէս անունէն ալ կրնայ գուշակուիլ․ իր անուամբ աւան մը շիներ էր, Սուրենաշէռ, յետոյ Զուրէն կոչուած, մօտ ի հին բերդաշէնն կամ դղեակն Պարթենից, որ յետոյ Բերդոտն ըսուեցաւ, եւ անուանէն կ՚երեւի որ շինած էր լերան մը կող, որոյ վրայ կայր բերդն, եւ շինողքն էին Պարթեանք կամ թերեւս Պարթեւք։ Այս երկիրս գրեթէ Մեծ Հայոց արեւմտեան սահմանածայրն է եւ մօտ Փոքուն Հայոց ու Յունաց բաժնին․ ըսել է` Հռովմայեցւոց իշխանութեան, որք այն ատեն ինչուան այս կողմերը նուաճած էին։ Յունաց սահմանակցութեամբ կ՚երեւի թէ Սուրէն յունական ախորժակներ այլ ունէր, իր անուան համեմատ սուր բարքը կակղցընելու համար․ եւ կ՚երեւի թէ տիկինն այլ յունազգի էր, Աղուիթա անուամբ որ է Սիրելի, (Աղաւիթի ըստ յունաց), եթէ հայկական աղու կամ աղաւնի անունէն առած չէ, կամ Զարմուհի անուան թարգմանութիւն մը չըլլայ (իբր յունարէն աղաւի, զարմանալի)․ եւ այս թերեւս իր բնաշնորհ գեղեցկութեանն համար կամ անոյշ բարուցը, որովք անուանի էր․ իրենց սիրոյն պտուղն այլ վկայէ որ ի շնորհս մօրն եւ յունական մերձաւորութեանն` կոչուեցաւ Աթենադորոս, որ նշանակէ Տուրք Աթենասայ, իմաստութեան դիցուհւոյն, գեղեցի՜կ անուն, որ ոչ այնքան ծնողաց ընտիր ճաշակը կու ցուցընէ, որչափ ծածուկ շնորհաց ընտրութիւն մը․ որ ի հեթանոսութենէ կանչելով զնա ի լոյս Քրիստոսի` ապա Աստուածատուր անուամբ կնքեց։

Գ

Պտղոց առատութեան ամսոց մէջ ընծայեցաւ Աթենոդոր յամին Քրիստոսի 269, կտրիճ հօր արիասիրտ որդի, եւ գեղեցիկ ու գարաղի մօր` գեղեցիկ եւ գողտրիկ զաւակ․ աճելով առաւ այն հասակը եւ կերպարանքը` զոր տեսանք Սեղեմնուտի ձորակին մէջ քարին վրայ հանգչած երիտասարդին վրայ։ Բայց տղայութեան հասակէն վեր անցնելու ատեն, երբ դալար մրտենւոյ մը պէս շիտակ կու բարձրանար կարմրուկ ու գանգրուկ, եւ ոպնիազեայ սեւ աչքերն անթարգմանելի փայլունութեամբ մը կու վառէին, այն վտանգաւոր հասակին շատ հեղ նախանձոտ հիւանդութիւններէն մէկն եկաւ վրան․ տասնուհինգ տարեկան էր, երբ աստեղանման գեղեցկութեանց մէջ` ցաւոց եւ վիրաց ամպեր ցրուեցան, եւ վե՜րք անբժշկելիք, որք որդւոյն մարմնէն աւելի ծնողաց սիրտը կեղեքէին, թէպէտեւ, երբ ցաւերուն ազդած հեղութիւնը բնատուր շնորհացը հետ խառնելով, Աթենոդոր` իր խարտեաշ գլուխը մօրը ծնգաց վրայ դրած, եւ ձեռուըներն հօրը ձեռաց մէջ` հանգչէր, կիսաբացիկ կիսամաղձիկ շողակաթ աչքերովն, տարակոյս կու բերէր` թէ այդ ցաւագին մրուրքն` իրեն աւելի՞ շնորհք բերած են թէ տարած, այնքան լուսաւոր կերպարանքն չէր խաւարած, այլ բարակ շուքերով խառնուած։ Թէ եւ նոյն իսկ ցաւերն զինքն աւելի սիրելի ըրին ծնողացն եւ ծնողքը իրեն, սակայն կրնա՞ր հայր մը` իր պայազատը, իր ծերութեան յոյսն եւ յաջորդը, եւ մայր մը` իր սիրելագոյն ծնունդը` այդ տարակուսի մէջ տեսնել, եւ սիրոյն սաստկութեանը կսկիծն այլ աւելի սաստիկ չըզգա՞լ։

Սուրենի զբօսանաց եւ Աղուիթայ զարդարանաց ծախքն` մեծաւ մասամբ բժշկաց եւ բժշկական դարմանոց տրուեցան․ ինչ որ հարուստ նախարար մը եւ որդեգորով ծնողք կրնային ընել` եղան․ բայց զաւակնին չիբժշկեցաւ․ չմնաց աստուած` որոյ ուխտ եւ նուէրք եւ զոհ չմատուցին, բայց Աթենոդոր չըռընդցաւ։ Եօթն տարի, կենաց առուգագոյն տարիներն, հասակին աճման եւ ձեւացման տարիներն, հիւանդութեամբ եւ ցաւերով անցան, եւ ցաւերուն անցնելու յոյսն ալ գրեթէ մէկտեղ անցաւ։ Եւ երբ առողջութենէ յուսահատած` երկար ողջութեան մտածմունքն առաջ կու գար, երբ կենաց փափուկ թելն` ոլորուած մոլորուած երեւար ծնողաց աչքին, եւ անգութ կտրողին մկրատն կու մօտենար մօր մը դիմաց, եւ երբ դալարագեղ հասակն միջակոտոր ծառի մը պէս` գետին տարածուած տեսնըւէր կասկածոտ մտաց․ — ո՜հ, այո` ամեն ցաւէ ցաւալի էր։ … Բայց լռենք, գուցէ զուր տեղ հին եւ նոր սրտեր ճմլին։ … Այսպիսի ցաւոց միայն մէկ զօրաւոր բժիշկ եւ դեղ մը կայ․ — կ՚ուզե՞ս, ո՛վ կարօտեալ․ — չորս մատ աչուըներդ վեր վերցու, կ՚իմանաս, կու տեսնես։ … Բայց ի՞նչ ընեն անոնք` որ զուրկ են մեր սուրբ կրօնից շնորհքէն։ — Դեռ կէս երանի անոնց այլ` որ գոնէ բնական լուսով կրօնասէր են եւ բարեսէր․ եւ ազնիւ սրտի եւ մտածող գլխի տէր ըլլալով` իրենց կեանքը մարդկօրէն կ՚անցընեն, եւ բարերարութեամբ կու ստանան կամ կու վայելեն այն բարիքը` զոր բնութիւնն իրենց չէ տուած կամ յետ է առեր։

Այնպիսի մէկ մ՚էր եւ Աղուիթա, թէ եւ դեռ քրիստոնէութեան շնորհքէն զուրկ, այլ ոչ հեռի։ Իր երկիրներուն մէջ լիճ մը կար Սիկիբիղոն ըսուած (որ յունարէն լսուելով` գուցէ Թզենուտ կամ Թզագարակ նշանակէր հայերէն), զոր հիմա չենք տեսներ աշխարհացուցի վրայ, բայց պէտք էր բաւական ընդարձակ ըլլալ` որ Աղուիթա անոր եզերքը աւան մը կամ գեղ մը շիներ, իրեն զբօսանաց տուն եւ ագարակներ ու պարտէզներ, եւ շատ հեղ հոն քաշուելով իր գառնուկ պատանեկին հետ բնութեան գեղեցիկ տեսարաններով` իր եւ անոր ցաւերը մեղմէր․ եւ ո՞ գիտէ քանի՞ երկայն ժամեր` վայրկեաններու պէս կ՚անցնէին այն ծիածածան ծովակին եզերքը, երբ Աթենոդոր դալար վարդաթըփի պէս գլուխը մօրը կռթընցուցած, եւ նա իր վարսաւոր ճակատը` բարակ ճիւղ ուռենւոյ պէս որդւոյն վրայ կախած, մէկ մը ջրերուն հանդարտութեանը վրայ, մէկ մը զաւակին անմեղ խաղաղութեանը կու նայէր, եւ սրտին բորբոքած կրակներն` այն երկու պայծառ զովութեանց մէջ կու մարէր։ Լճին մէկայլ կողմը` շինած գիւղին դիմաց` աղբիւր մը կար, պատշաճ եւ անոյշ անուամբ Արթէնուտ, որ աւելի անոյշ խոխոջալով կ՚իջնէր կու գար` թերեւս խառնուելու նոյն ծովակին ծոցը, ինչպէս Աթենոդոր իր մօրը գիրկը, անտարակոյս շատ հեղ Աղուիթա այդ աղբեր վաղուկ արծաթները իր ոսկեհատիկ որդւոյն ցաւած մասանց վրայ դարձուցեր, լուացեր ջնջեր էր․ Աթենոդոր անոր քով հաւաքեր դրեր էր մարերեայ գունագոյն բոյսերը, յառաջ քան փունջ փունջ ընծայելու իր մօրը, որ միշտ մայրաբար` թէ իրեն եւ թէ իր որդւոյն մաս եւ պսակ կու հանէր այն մարգարտակաթ ծաղկըներէն։ Որդւոյն ցաւոց վրայ գորովելով` կու յիշէր անոր պէս ցաւագարներ․ մանաւանդ երբ կու տեսնէր զոմանս անոնցմէ, որք ըստ բարբարոս օրինաց հեթանոսութեան, հալածուելով ի շինից եւ ի բնակութեանց, ամայի անբնակ տեղուանք կու թափառէին, իբրեւ նզովեալք եւ անիծեալք, այս սովորութիւնս կար նաեւ մեր ազգին մէջ այլ, զօր յետոյ շատ խնամքով ջանացին ջնջել Ս․ Լուսաւորիչն եւ իր համանման սուրբ թոռն Մեծն Ներսես, շէնքերէ հեռու տեղուանք հիւանդանոցներ եւ ուրկանոցներ (բորոտներու տեղ) շինելով, որք եւ այդպիսի բարերարութեան տեղեաց մէջ հնագոյններն կու սեպուին, բայց իրենցմէ առաջ այլ այս ազնուասիրտ տիկինս Աղուիթա Արբենուտ աղբեր քով շինեց տառապելոց պատսպարան մը, ուր ժողովեցան 35 ցաւագարք, եւ գթասիրտ Աղուիթայի տուրքերովը կ՚ապրէին, եւ կ՚օրհնէին իրենց բարերարը։

Ասոնց մէջ էր եւ Դասիոս կամ Դասիկ ծերունին, որ, ինչպէս Աղուիթա անոնց մայր սեպուեցաւ, ինքն այլ հայր եղաւ թէ անոնց եւ թէ նոյն ինքն Աղուիթայ եւ Աթենոդորայ։ Առաջ` անոնց մէջ իր պատկառելի կերպարանօքն եւ արծաթափայլ երկայն մօրուօքն` Տիր դից կամ Վահագնի քուրմ մը կարծուէր, որ քաղցր շրթամբքն աւելի քան ոսկեթել քնարով` ամենուն սիրտը կակղցնելով, եթէ ցաւերնին չկրցաւ բժշկել, գոնէ բնութեան բարիքներէն ու վայելչութենէն սկսելով` այն ռամիկ ցաւագնելոց միտքը բարձրացուց ինչուան առ բնութեան տէրն․ եւ երբ հասուց յարմար վիճակի, հանեց յայտնեց իր ծածակած հովուական սրինգը եւ նոր նուազ մը երգեց, զամենքը ափշեցուց, զամենքը զմայլեցուց, զամենքը հետեւցուց իրեն․ այս նոր նուագս` Նազովրեցի հովուապետէն սովրած էր, անոր վարդապետութիւնն էր, Քրիստոսի աւետարանն էր։ Ծերունին Դասիկ գաղտուկ քահանայ էր, իր ընկերաց հովիւ եղաւ, մարմնոց ցաւերը թեթեւցընելով` հոգիներուն մեռելութիւնն անգամ ողջնցուց, դարձուց զամենքն ի քրիստոնէութիւն․ եւ ցաւոց ու փչոց մէջ հոգեզուարճ վարդանոց մը, դրախտ մը բացաւ, ուր` այն աշխարհքէ մոռցուած եւ մերժուած տառապեալքն աւելի երջանիկ ու սրտաբաց էին, քան իրենց երկար գերութիւնը թօթուող ու Տրդատայ յաղթական դարձով փառաւորեալ դիւցապաշտ Հայկազունք։

Աղուիթա եւ Աթենոդոր այլ լսեցին Դասիոսի եւ Յիսուսի ձայները, եւ սրտերնին թնդաց, եւ թէ ոչ աւազանին ջրով` գոնէ սիրով ներսէն մկրտուեցան, եւ սիրով կ՚երթային ծածկաբար սուրբ ծերոյն աւետարանութիւնը լսելու, որ յունարէն կու կարդար սուրբ գրքերը եւ կու բացատրէր չհասկացողաց։ Մինչդեռ հոն, իբրեւ աբելական սեղանէ մը` սուրբ կրօնից նուէրքն, աղօթք եւ զոհն` հեզօրէն կու բարձրանար առ Աստուած, դիմացը աւանին քով հեթանոսաց մեհեանները կանգնուած` կու հրաւիրէին զառողջ եւ զհիւանդ ի զոհ եւ ի պաշտօն Հերակլի (Վահագնի) եւ Ասկլեպեայ` առողջութեան չաստուածոյն` որոց տօնքն մասնաւոր հանդիսիւ կատարէին հօն տարուէ տարի։ Բարեմիտ կամ թերամիտ քուրմք եւ ժողովուրդք մեծ ջանքով կու յորդորէին զԱթենոդոր այլ` որ գայ այն մարդասէր աստուածներէն բժշկութիւն խնդրէ․ բայց նա միշտ պատրուակներով կու զգուշանար․ ինչուան որ հայրն այլ տեսնելով որդւոյն չափահաս տարիքը, որ քսանը անցուցեր էր, կու խրատէր որ անհոգութիւն չընէ․ «այս վեց տարի է կ՚ըսէր, որ մեր աստուծոց զոհ չես ըրած, թերեւս անոր համար այլ ցաւերդ կ՚երկընան»․ իսկ Աթենոդոր` նոյն իսկ ցաւերը պատճառ կու բերէր զոհի չերթալուն․ եւ ոչ միայն վեց` այլ եւ կրկին վեց տարի խաբեց հայրը, եւ ճարտարութեամբ ազատեցաւ։ Հաւանական այլ է, որ Սուրէն իբրեւ գաւառապետ մը եւ թագաարմ, երբ լսեց Տրդատայ գալն ի Հռովմայեցւոց, փութացաւ դիմացը ելլելու, եւ արքունի բանակին մէջ էր, որ` (իր երկիրն` Սալահունեաց մօտ» Եկեղեաց գաւառին մէջ Գայլ գետոյն եզերքը դադրէր էր։

Դ

Քանի մը տարի այսպէս անցնելէն ետեւ` որ մը Սուրէնաշէն աւանն թնդաց գինուց շշուկով․ թագաւորական գունդ մը զորաց երեւեցաւ, որոց առաջնորդէր իշխանն Մազենտ․ ասոնք Եկեղեաց Երէզ աւանէն գալով եւ դէպ յԱրտաշատ երթալով ի հին մայրաքաղաքն Հայոց, կ՚անցնէին Սալհունեաց գաւառէն, որ ճամբուն վրայ էր, ոչ պատերազմի եւ ոչ պաշտպանութեան համար էր երթալնին, հապա յանցաւոր մը, կապուած մը, թագաւորին անհնազանդ մը կու տանէին, տէրութեան դէմ պարտական գտուած մահապարտաց ամենէն սաստիկ բանտը ձգելու, որ էր Արտաշատ քաղաքին գետնափոր վիրապը, իսկ յանցաւորն այն` էր Գրիգոր մը…։ Ի հարկէ ամեն դիէ հետաքրքիրք կու վազէին տեղեկանալու թէ ո՞վ է, ինչու՞ համար է, եւ երբ լսէին թէ Քաջի արանց Տրդատ թագաւորի հօրը` Խոսրովայ սպանողին որդին է, ի՜նչպէս ակռանին կրճըտելով կ՚ուզէին վիրապը չհասած` հոն սպաննել ոչնչացնել զայն` որ քանի մը տարիէ վերջը պիտի ըլլար իրենց խաւարեալ հոգւոց Լուսաւորիչ։ Հարկ էր զօրականաց եւ կալանաւորաց հեռացընել վրէժխնդիր ամբոխը, եւ ապահով տեղէ մը անցընել կապեալը, անշուշտ աւելի ապահով ճամբայ այլ չկայր` քան մեր ցաւագնելոց պատսպարանին սահմաններն, ուսկից` զզուելով կու հեռանային այն ատեն առողջութեամբ, քաջութեամբ եւ ազատութեամբ պարծեցող ժողովուրդն Հայոց, իսկ հիւանդքն, տկարքն եւ նեղեալքն` համարձակութիւն գտնելով` իբրեւ անկար եւ կարօտ մարդիկ` պահապանաց կասկած չէին բերեր։ Այսպէս կրցաւ Դասիկ իր ընկերներովն եւ Աթենոդորոսի հետ` մօտենալ առ սուրբն Լուսաւորիչ, զորոյ խոստովանողութիւնը արդէն լսած ըլլալով, եւ անշուշտ աստուածային ազդեցութեամբ իմանալով թէ ի՞նչ անձն է եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն կապուածն, բերաւ իբրեւ հովիւ հլու իր ցաւագար ոչխարները` ապագայ հովուապետին ոտքը ձգեց, եւ այն սրբազան նահատակին առաջին հրաշքը եւ շնորհքը վայելեցին այս նեղեալքս, որք եւ առանց նեղութեան եւ ցաւոց` Աստուծոյ փառք տալով դարձան։ Հոն` Դասիկ ծածկաբար իմացուց Գրիգորի թէ ո՞վ է հետն եղած իշխանորդին` եւ գաղտ հաւատացեալ ու դեռ անկնունք ըլլալը։ Սուրբն Գրիգոր քաջալերեց գծեր քահանայն, եւ պատուիրեց որ առանց վախի առնու տանի պատանին իրենց դիմացը` արեւելեան կողմը եղած աղբիւրը, (արդեօք Արբենուան, թէ ուրի՞շ մը) եւ հոն մկրտելով զԱթենոդոր` անուանէ Թէոդոր, Աթենասայ տուրքն ընէ Աստուածատուր։ Այնպէս այլ եղաւ, Լուսաւորչի ծածկեալ լոյսն, զոր հաւատացելոց աչքն միայն կու տեսնէին, եւ մկրտութեան ջուրքն` նորէն ծնան այն կայտառ պատանին, եւ մարմնոյ ու հոգւոյ աղտ ու բիծ` զամենն այլ ջնջեցին․ դէմքն աւելի քան զմանկութեանն պայծառացաւ․ հոգին եւս աւելի․ եւ ոչ միայն գեղեցիկ, վայելուչ, կտրիճ, այլ եւ շնորհազարդ եւ սուրբ, մաքուր, պաշտելի անձ մը եղաւ Թէոդոր։

Երանաշնորհ մայրն այլ այս աստուածային պարգեւաց հաղորդ ըլլալով, երկուքն այլ չէին բաժնուեր Դասկայ քսվէն․ Արբենուտի ձորակը քրիստոնէութեան ծառածածուկ տաճար մը դարձուցին։ Հայոց հեթանոսութեան վերջի տարիներուն եւ վերջի ջանքերուն ատեն, երբ Տրդատ դրդեալ ի Դիոկղետիանոսէ հրաման հանէր եւ հալածէր զքրիստոնեայս` իր նոր տիրած եւ ընդարձակուած սահմաններուն մէջ, իր հաւատարիմ եւ անահտապաշտ իշխանքն այլ նոյն հոգւով իրենց երկիրներուն մէջ հսկէին։ Բայց Սուրէն որչափ այլ դիւամոլ եւ վրէժխնդիր էր, չկրցաւ իմանալ որդւոյն քրիստոնէութիւնը, չլսեց անոր անոյշ սաղմոսերգութիւնը Արբենուտի խոխոջանաց եւ Թզենուտի ծփանաց հետ։ Ինչուան յետ վեց տարիներու` ուրիշներն կասկածելով եւ հասկընալով` մատնեցին որդի մը` իր հօրը, անմեղութիւն մը` անգթութեան։ — Իբր անախորժ քնէ մը արթըննալով Սուրէն, այն ատեն իմացաւ թէ ինչու՞ Աթենոդոր չէր երթար Վահագնի եւ Ասկլեպեայ սեղանները զոհիւք եւ պսակօք պատուելու․ թէ ինչու՞ այնպէս միայնութիւն եւ առանձնութիւն կու սիրէր որդին` նաեւ յետ բժշկութեանն, իբրեւ տղայութեան եւ հիւանդութեան յիշատակաց սովորութիւն մը։ Ինչ որ ծուռ հաւատքի մը եռանդն, հայրենի գութ եւ տիրական կամք մը կրնային ընել տալ` ըրաւ Սուրէն․ վեց ամիս աշխատեցաւ որդւոյն սիրտը դարձընելու, իր չափէն վեր այլ խոստմունքներ ընելով, եւ բոլոր Սալհունեաց գաւառին ընդաձակ տէրութիւնը եւ փառքը ցուցընելով եռանդուն երիտասարդին․ այլ ամենեւին չկրցաւ ազդել քրիստոնեայ սրտին։ Հայրութիւնն դարձաւ ի տէրութիւն, տէրութիւնն ի բռնութիւն, եղաւ հալածիչ եւ դահլիճ որդւոյն․ կարելի խոստմանցն հակառակ` ամեն կարելի սպառնալիք այլ ըրաւ, եւ հասուց պատիժ ու զրկմունք․ ակամայ քան կամաւոր անգթութեամբ տանջեց իր աղիքը, սակայն չկրցաւ զատել զորդին իր նոր եւ յաւիտենական հօրէն, ն Քրիստոսէ։ Յետ վեց ամսոց յօգնեցաւ, յուսահատեցաւ թշուառ եւ ողբալի հայրն, մէկ հատիկ եւ վերջին հնար` կամ ապրեցընելու կամ կորուսանելու` սեպեց իր սեւ սուրը․ սպառնացաւ ու վճռեց սոսկալի մահ։ Թէոդոր բնաւ չվախցաւ մահուանէ, որ իրեն փափագելի հանգիստ մ՚էր։ Բայց նոր Սանատրուկ մը տեսնել, նոր Կայէն մը, իր հօրը ձեռօքը սպաննուիլ, ո՜հ, այս դառն էր քան զմաճ եւ մահերու մահ։ … Աղա՜ղ Աղուիթայ, ոչ իր կողակից կենակից ամուսնական իրաւունքն, ոչ կնոջական մայրական խանդաղատանքն եւ գութն` չկրցան ազատել իր մէկ հատիկը։ Գազանացեր էր Սուրէն, աչուըներն արիւն, բերանն մահ կու փոխէր, ոչ ոք կրնար մօտենալ անոր․ սպառնալեաց ժամանակն այլ անցեր էր, ըլլալիքն հասեր էր։

Թէոդոր վերջին անգամ մը նայելով իր կրկին եւ մէկմէկէ շատ աննման ծնողաց վրայ, բոլոր որդիական եւ քրիստոնեական երկու կրակներով վառած արեւանման աչքերովն, աննկուն զօրավարի պէս, որ յետ ամենայն զօրականաց` քաջ քաջ կ՚ինկնայ զորաւորագոյն թշնամւոյն առջեւ, արցունքները զսպելով, եւ թողլով այն շէնքը` որ երբեմն իրեն ծննդեան` տեղ, եւ ասկէ ետեւ իրեն համար ամայութիւն եւ ունայնութիւն էր` բոլոր աշխարհիս հետ, թերեւս մօրը դիմաց սարսափելի եւ անտանելի տեսարան մը չբանալու համար, ելաւ գնաց անդարձ նետի մը պէս։ Ծովակ, ձորակ, աղբիւրք եւ հիւանդանոց չկրցան արգելուլ զինքը, ամենուն վերջի նայուածք վերջի բարեւ տալով, եւ ո՞վ գիտէ ինչպէս սրտին չափազանց ծանրութիւնը եւ լեցունութիւնը թափելով Դասկայ գրկաց մէջ, եւ ընդունելով անկէ անմահութեան ճաշակը եւ կենաց հացը, երիտասարդական ու­ժով մ՚այլ ցնցելով զինքն եւ թափելով սուրբ ծերոյն դողդոջուն թեւերէն եւ ար­տասուաթոր մօրուքէն, փախաւ գնաց Արբենուտի ձորէն դուրս, եւ անցաւ մօտիկ եւ աւելի անծանօթ անձայն ձորակի մը մէջ, որ կ՚ըսուէր Սեղեմնուտ․ եւ հոն եօթն օր վեր վար պտըտուելով, Յեփթայեայ օրիորդին նման, Արդլմսեհի նման, ինքզինքը հրաժարեցընելով իր ծաղկեալ կեանքէն, իր պայծառ արեւէն, անգին մօր մը սրտակտուր ծոցէն, կու նուիրէր միայն անոր` ուսկից կու գան եւ ուր կու դառնան ամենայն բարիք եւ ամենայն բարիք եւ ամենայն շունչք արդարոց․ մինչեւ յօգնած եւ հանդարտած` ընկաւ փռուեցաւ այն ծառին տակ է այն քարին վրայ, ուր տեսանք զինքը առաջին անգամ մեր պատմութեան սկիզբը։ …

Ե

Հիմա գիտես, Հայկակ, ուր ըլլալդ, կու ճանչես ով է այդ չքնաղ երիտասարդդ, կեցի՛ր հոս պահ մ՚այլ, վերջին պահ․ վասն զի այլ երկայն ժամանակ չկայ․ մօտեցիր այդ անտաշ ապառաժ սեղանին քով, այդ Սեղեմնուտի սաբեկայ ծառին տակ, ես լռեմ, դու գիտէ եւ զգա։ …

Բայց ահա հեռուան վիշապի խոշիւն մը կու լսուի, առիւծու մռնչիւն մը, ձորեզերէն վար վարազաթեւ սեւ արծուի պէս կու սլանայ կ՚իջնայ ծառին վրայ, ծառին ներքեւ քարին մոտ… երկայնժանիք հրէշ մ՚է, գաղտնագոյն քան զվիշապ, քան զառիւծ, քան զարծուի… Ինքն է, ինքն է, սուսերամերկն Սուրէն… որդւոյն փախստեան վրայ աւելի կատղած եւ արեան վրիժով լցուած, հին պատենէն քաշելով ժանգոտ սուրը, եւ «Ա՞յդպէս, իմ երիտասարդութեանս երկա՜թ, այնքան կոտրած թշնամեացդ արեամբ չկշտացած` ծերութեանս ատեն ինծմէ իմ որդւոյս արի՞ւնն այլ պիտի ուզէիր թափելու», ըսելով, կ՚առնու, եւ մոլեգին դիւահարի պէս կ՚ընկնի սարէ սար ձորէ ձոր որդին փնտռելու։ … Անշուշտ սատանայական ոգին զինքը քաշէր քշէր տանէր, ինչպէս երբեմն զԿայէն ի մահ Աբելի, կամ ինչպէս անկէ առաջ (ըստ դրախտերգակ քերդողին) ինքնին` դժոխոց անդունդներէն ելած` կու փնտռէր դրախտին դուռը, որ մեր երանեալ նախածնողքը ձգէ ի մեղս եւ ի մահ։ Այսպէս դիւական թափառանօք վերջապէս հասաւ Սեղեմնուտի ձորեզրը, եւ իբրեւ սեւ արծուի` տեսնելով բարձրէն ծառին տակ իր փնտռած որսը, հասաւ շուտ ու թեթեւ անոր վրայ։ … Բայց ի հարկէ երկու քայլ մնացած` բնաբերաբար կամ ակամայ կամօք` կանգ առաւ․ հայրենի բնութիւնն զօրանալով` դիւական մոլութեան մէջ անգամ հիացա՜ւ այն սքանչելի հանդարտութեան եւ անմեղութեան թափանցիկ քունին վրայ, որուն նման բան չէր տեսած երբէք…

Ո՜հ, եւ ինչու՞չիձգեց սուրը ձեռքէն, ինչու՞ չցատքեց ընկնալու, եւ հայրական շրթունքները վեր վար բերելու այն մարգարտաշար վարդերուն վրայ, այն բարակ քրտնահար երեսներուն վրայ, այլ առանց դպչելու կեցաւ կանչեց կերկերեալ կոկորդով մը` Աթենոդո՜ր, որդեակ»։ … Թէոդոր հեզամրափ աշուըները կէս մը բանալով եւ կէս մը գլուխը վերցընելով` պատասխանեց․ «Հա՜յր իմ»… վերջի՜ն անգամ հօր եւ որդւոյ անուանակոչութիւնք։ Սուրէն դարձեալ այլայլած` հարցուց անոր, թէ պիտի հաւանի՞ իր կամացը եւ թողլով զՔրիստոս դառնա՞յ ի պաշտօն կռոց։ — Թէոդոր` «ես Քրիստոսի հաւատացեալ եմ, ըսաւ, եւ այս հաւատոյս վրայ հոս կու մնամ»․ եւ նորէն դրաւ գլուխն ի քարին, խփեց շրթունքը եւ աչքերը … մնա՜ք բարով արեւ, կենաք եւ աշխարհ։ — Բայց մէկ անգամ մ՚այլ բացաւ Թէոդոր կիսակէս աչքը եւ շրթունքը, երբ Սուրէն վայրենի վագեր պէս մէկ ցատքելով ձգեց ձախ ձեռքը, եւ որդւոյն երկու թիզ խարտեաշ մազերէն բռնելով վեր քաշեց խնձորակերպ գլուխը, եւ պարկեշտ պատմուճանին օձիքէն կարապաձեւ պարանոցն երկընցաւ։…

Ո՜վ հրեշտակային կերպարանք, ի՜նչպէս կ՚այլափոխիս։ — Իսկ Սուրենայ աջ ձեռքէն յանկարծ փայլակ մ՚էր շողաց շեշտակի։ …

Հոս միատեղ մէկդի կ՚ընկնան` պատմչին գրիչն, Սուրենի սոսկալի սուրն, եւ Թէոդորի ճերմակ վզէն նռնանման ճեղքուած կարմրահատ գլուխն։

Զ

ՈՒ՞ր են հիմա մեր մայիսի ծնած ծաղկունքն, ու՞ր մնացին մրազարդ մա­րե­րեայ մրգունքն։ — Այսպէս, չկայ ծաղիկ հողածին` որ չցամքի, չկայ պտուղ երկ­րաբոյս` որ չթոթափի, ամենայն դալար ու պայծառ, յետ քիչ ժամանակի պիտի ըլլայ մռայլ ու խաւար։ Սակայն ծաղիկ այն ծաղիկն է, որ երբ ճղէն այլ զատուի` դարձեալ մնայ անթառամ, եւ մանաւանդ նոր գեղեցկութեամբ մը յաղթէ կանգուն ու ճոճուն ծաղկանց։ Այսպիսի ծաղիկ է հայրազեն դառնանման կո­տո­րեալ երիտասարդն Թէոդոր, թաւալեալ իր հովանաւոր ծառին եւ իր հանգստեան քարէ բարձին տակ` օշօշով եւ մանուշով հիւսուած խոտերու վրայ, Սեղեմնուտի օդաւոր ձորակին մէջ․ ուր հեզամնչիկ հովիկն խոնարհած կու խաղայ անոր արիւնլուայ վարդէ գիսակաց հետ․ ինչուան որ երեկոյեան զովութիւնն դադրեցընէ եւ պաղեցընէ կարմիր կաթիլները, եւ գիշերուան լուսագնտիկն վերէն ծաթէ արծաթափայլ դողդոջուն ճառագայթները, որք կու մարմըրին, շուք մը կու դառնան` Թէոդորի մարմնէն ծագած հրաշափայլ լուսոյն քով։ — Այս լոյսն անշուշտ առաջնորդեց այն մարմինը մեծցընող եւ գգուող եւ հիմա զինքը սրտաթունդ փնտռող անձի մը, մօր մը։ … Չտեսնենք, չքննենք մենք այն մայրը Սեղեմնուտի մէջ։ — Դու այլ դարձի՛ր մայրիկ, դարձի՛ր Աղուիթա` առ Դասիոս, եւ հրաման տուր․ «Ե՛լ, հայրիկ, ել գնա ի Սեղեմնուտ, հոն կու գտնես իմ հայրազեն գառնուկս, իմ մրրկաթափ վարդենիս, իմ նուաղած աղիքս, առ ու լուա այն արշալոյս ճակատը, բայց կիսալուայ ըրած` բե՛ր ինծի փունջ մը ոսկեթել մազերէն, որ գլուխս վերջին պսակ ընեմ․ լեցուր այն չուշանացեալ շրթունքները մայրենի եւ հայրենի համբոյրներով․ ապա մաքուր կտաւներով գոցէ՛, գոցէ այն արեւակերպ դէմքը, զոր քիչ ատենէն պիտի տեսնեմ յերկինս․ եւ գիր ծածկէ ի ծոց ամենուս ծնողին, հողուն»։ —

Գնաց գետնամած ծերունին, հետն առած Թէոդորի հին ընկերները եւ ուրիշ ծածուկ քրիստոնեաներ, հաւատացեալ եղբարք եւ քորք, պարկեշտ կուսանք, որ քողով եւ մազով արցունքնին ծածկած, եւ բոցաշարժ ճրագներ բռնած յուղարկաւոր կ՚երթային Թէոդորի։ Արդեօք կայի՞ն անոնց մէջ, կամ կա՞յր մէկ մը` որ յուսացեր էր երկրիս վրայ այլ սրտակից ըլլալու սուրբ նահատակին, եւ յետ անոր մօրը կանչելու զնա` իմս Թէոդոր․ — պատմութիւնն կու լռէ։ …

Քահանայական եւ մարտիրոսական պաշտօն, աղօթք եւ արտսուք կատարուեցան․ այն հովանաւոր ծառին ներքեւ եւ այն սեղանացեալ քարին քով` փորուեցաւ եռանդուն երիտասարդին քնարանն, եւ ծածկեցաւ մարտիրոսի մարմինն։ Անարուեստ պարզունակ քարկոփ խաչ մը վկայ կեցաւ նահատակութեան եւ հանգստեան սրբոյն Թէոդորի։ Թող գայ հիմա Աղուիթա աղօթելու երանեալ եւ աստուածազգեաց որդւոյ մը մնացորդաց վրայ։ — Ահաւասիկ երանելի տիկինն, ծառէն աւելի մազերը ցրուած` փռուած ճակատ ի գետին։ Իբրեւ կրկին մարք սաղմոսեան դատարանին, հողն ու Աղուիթա կու գրկեն ու իմս է կ՚ըսեն այս որդեակս։ … Քիչ մ՚այլ սպասէ Աղուիթա, եւ ահա թագաւորն խաղաղութեան` իր ցանկալի վճիռը կու տայ, եւ յաւիտեան քուկդ կ՚ըլլայ քու Թէոդորդ։

Է

Իսկ հա՞յրն …․ քա՜ւ լիցի, ամենեւին անարժան այնպիսի անուան․ գազանացեալն, դիւամոլն կամ դիւրախառն Սուրէն, իր սատանայական սուրը առած` եւ եկածէն աւելի շուտով փախչելով կու հեռանայ․ տեղերն կու փախչին եւ ինքն իրմէ չի կըրնար հեռանալ․ Գոչումն արեան որդւոյն բողոքէ յերկրէ եւ յերկնից։ Հեզիկ գառին արիւնն հիմա երկնաւոր նահատակի ահաւոր մասունք դարձած` սուրին վրայէն Սուրենի սիրտը կու պատառէ․ կու փութայ խելացնորն մօտի աղբիւրը, աղէկ մը կու լուայ կու ջնջէ որդւոյն յետին նշանները, եւ անով իր եւ անոր միջի կապն` յաւիտեա՜ն կու ջնջուի։ Չորս տարի այն դառնագոյն դահճին, խղճի խայթուածքներուն մատնուած, Սուրէն կեանք մը կամ կենաց պատկեր մը անցընելով, անզեղջ եւ անյոյս կռապաշտ մոլորութեամբ մեռաւ, եւ յիշատակն յանէծս եւ ի սոսկումն մնաց։ … Իւրածին որդւոյն արեան խուլ եղող սիրտն` չեղաւ արժանի Աստուծոյ Որդւոյն ձայնը լսելու` Լուսաւորչի բերնէն, եւ դառնալու ի հաւատս Թէոդորի` համօրէն Հայաստանեայց հետ, որք յետ երկու տարւոյ արժանացան այս ամենամեծ պարգեւիս։ — Վասն զի Ս․ Թէոդոր նահատակեցաւ յամին 296, այսօրուան ամսակէտիս (11 մայիսի) 28 տարեկան եւ 6 ամսեկան․ Սուրէն կորաւ 300ին․ Ս․ Գրիգոր լուսաւորիչ` ելաւ ի վիրապէն յաջորդ տարին (301)․ եւ երբ հետեւեալ տարին կ՚երթայ ի Կեսարիա` Հայոց եպիսկոպոսապետ ձեռնադրուելու, անցաւ սովորական ճամբէն, Սալհունեաց գաւառէն եւ աւանէն, ո՜րչափ տարբեր 15 տարի առաջ անցածէն․ փոխանակ շղթայից եւ կալանաւոր պահապանաց, հիմա Տրդատայ յաղթական կառաց վրայ դրուած եւ Հայոց ամենէն մեծ նախարարներն չորս դին առած։ Այլ հեզն եւ ազնուասիրտ հայրն մեր` փառաց վրայ աչք չունենալով, իր սուրբ սանուկը կու փնտռէր․ կանչեց գտաւ ծերունի քահանայն եւ հարցուց զԹէոդոր․ Դասիկ իր ընտրեալ հովուապետին ձեռքէն բռնելով տարաւ ցըցուց այն տեղը` ուր որ վեց տարիէ ի վեր կու քնանար անոր հրամանաւ կնքուածն։ Ի՜նչ կենդանակայլակ արտասուքներ էին որ Լուսաւորչի մը աչքերէ իջան հայրաբար սուրբ երիտասարդին նշխարաց վրայ, որ իր քրտանց առաջին պտուղն, եւ մեր լուսաշնորհութեան անդրանիկ խայրիքն էր․ անոր համար եւ առաջին վկայարան` յետ Հռիփսիմեանց նշխարաց ամփոփման, Թէոդորի հանգստարանն եղաւ․ ինքնին Գրիգոր դեռ չձեռնադրուած` կանգնեց հոն մատուռ մը, եւ երբեմն երախայ յանձնածը` հիմայ սուրբ վկայ մը յանձնելով Դասիոսի` գնաց։ Եւ երբ ցանկալի տաճարիկն իր ճակատը բարձրացուց դէպ յարեւելք, աջակողմեան անկիւնը հանգչեցուցին սրբոյն մաքուր նշխարքը․ մէկայլ անկիւնն այլ` տապանաքարին դիմաց` դրին այն սրբեալ քարը` որ մեր գառին զենման սեղան եղաւ։ Այն երկու սխրալի սրբատաշ քարանց մէջ էր անկէ ետեւ` Աղուիթայ սիրելագոյն հանգստարանն, որ իր որդւոյն մատրան սպասաւոր ըլլալով` իբրեւ հաւատաւոր այրի մը, երկնախառն կեանք մը անցուց հոն, այլ ոչ երկայն ժամանակ։ Որդւոյն նահատակութենէն եօթն տարի վերջը, երբ հասաւ տարեդարձ անոր վերջին անգամ իրեն համբոյր տալուն եւ տնէն փախչելուն, նոյն օրը (5 մայիսի) Աղուիթա, որպէս թէ դարձեալ զգալով այն ցաւալի կիրքը եւ որդին փնտռելու ելլելով` աւանդեց աղաւնաշունչ հոգին, եւ ճգնասուն մարմինն թաղեցաւ իր որդեկին դիմաց` տաճարին դռնէն դուրս։ Այդոր եւ առաջի յիշեալ երկու սրբանիշ քարանց նման չորրորդ մ՚այլ գրուեցաւ` Աղուիթայ տապանին դիմաց, տաճարին արեւմտեան կողմը, եւ ներքեւն հանգչեցաւ Դասիկ, որ այս սխրալի քան տխրալի հանդիսից մէջ առաջինն ըլլալով հասակաւ, վերջին եղաւ ժամանակաւ․ եւ ամեն բան կարգելէն կնքելէն ետեւ, ըսաւ իր ալէկից Սիմէոնին հետ․ «Արդ արձակեա, Տէր, զծառայս քո` ի խաղաղութիւն, զի տեսին աչք իմ զփրկութիւն»․ եւ հանգեաւ ընդ արդարս։ Թէոդորի թէ տապանէն եւ թէ այն աղբերէն ուր իր արեան կաթիլքն խառնեցան` սուրին լուալէն, շատ հրաշքներ եղան հիւանդաց եւ մոլեգնելոց վրայ․ եւ ոմանք եղան, ինչպէս կու ցուցընէ երախտապարտ պատմըչին բանակարգութիւնն, յառաջ իսկ քան զշինութիւն մատրանն եւ զդարձն Հայոց ի ձեռն Լուսաւորչին։ Հայագիրն չիստիպեր զմեզ հոս մէկիկ մէկիկ յիշել զանոնք, վկայասիրաց թողումք հին պատմչին նշանածներէն ետքն այլ եղածները քննելու եւ իմացընելու մեզի իսկ, որ զայս իրենց կ՚իմացընեմք։ Եւ եթէ հարցընէ սիրողն` Թէոդորի վկայարանը կամ ուխտատեղին, երթա՛ յԵրզնկա, եւ անցնի արեւելեան կողմը եւ հարցընէ Գորոփու Ս․ Թորոս վանքը, զոր սրբազան նահատակէն 1140 տարի վերջն այլ յիշատակած գտնեմք ի գիրս` «մեծափառ եւ բարձրապատիւ ուխտ» կոչմամբ։ — Հոն քննէ գտնէ եւ համբուրէ մեր ըղձաւոր շրթամբք այլ` այն չորս սրբանիշ քարերը, եւ մանաւանդ հիւսիսային անկեանը․ հոն կանգնի եւ համբուրէ (եթէ պահուի ցարդ) ձողաբարձ խաչի մը մէջ գրուած սրբոյն Թէոդորի քաղցրաբարբառ յիսուսախօս լեզուն, որոյ համար այլազգիք անգամ, կ՚ըսուի թէ այն տեղը կ՚անուանեն Սըրըգլը Ս․ Թորոս (եթէ Գորոփու կամ Սալահունի անունէն փախուած չէ այդ անունը)։ Յանձնեմք իր հետ` աշխոյժ եւ ճարտարարուեստ հասարակակցաց Ս․ Թէոդորոսի, դիտել նկարել եւ ցուցընել մեզի այս պատմութեանս մէջ յիշեալ տեղուանքը․ երկու ձորակները, երկու աղբիւրները, ծովակը, աւանները, դղեակները եւ այլն․ — յանձնեմք անոնց վառվռուն մտաց եւ կրթեալ սրտից եւ մատանց` նուագել եւ երգել այս պատմութեան եւ եկեղեցւոյ արժանի եւ ընտիր դրուագն․ — աղաչեմք մեր եկեղեցւոյ գլխաւորաց, իրենց զանազան հոգոց մէկը պակսեցընելով կամ մէկ մ՚այլ աւելցընելով` այսպիսի սխրալի սրբոյ մը յիշատակը չիձգել միայն Յայսմաւուրաց թափթըփած թերթից մէջ, այլ բարձրաձայն հռչակել տալու սուրբ խորանաց վրայ, եթէ արդարեւ սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի գործակից եւ հոգեկից ըլլալն կու ճանաչեն իրենց առաջին հոգ եւ պարտք, եւ պաշտամամբք սրբոց` բարձրացընել զփառս Աստուծոյ։


Ժ․ Կարմիրն Վարդան

2 Յունիսի, 451․

Ա

ԱՐԵԳԱԿՆ իր տարեկան ընթացից մէջ դեռ չէ հասած իր բարձրագոյն դիտանոցը, կրակաթափ աչքերով նայելու արարածոց վրայ․ դեռ հայկականն մրազարդ մարերի կու շարունակէ իր գունաւոր օրերը, մանաւանդ մեր հայրենեաց բարձրատափ գաւառաց մէջ․ եւ դեռ այս օրուան նշանակեալ ամսաթուիս (2 յունիս – 25 մարերի) ըստ վկայութեան անուշզրոյցն Եղիշէին, «Գարնանային է ժամանակն եւ դաշտքն ծաղկալից»։ Բայց արդէն Արարատայ ցածուն ծաւալ դաշտաց մէջ տաքն կոխած է․ եւ եթէ առաւօտն եւ երիկուն զով այլ ըլլան, բոլոր օր մը անցընելու համար, Հայկակ, պէտք է նման նազելւոյն Ասքայ փնտռել հով հով սարեր, զով զով ջրեր․ զբօսանս բարձանց եւ զբօսանս հովտաց»։

Ահա գեղեցիկ ընդարձակ բարձրահովիտ մ՚այլ, որ ասկէ 3000 տարի առաջ ընտրուած էր իբրեւ գերագոյն եւ հաճոյագոյն հովասուն տեղի Հայկազն նահապետաց, անոնց զօրաց եւ ազատաց, «ուր էին հովոց գետինք թագաւորացն Հայոց», ըստ բանից հին ազգային պատմըչի․ որոյ արեւմտեան հիւսիսային կողմէն` արարատեան Մասեաց բարձրաբերձ դարերն դուրանալով դաշտանան․ արեւելքէն գետն Երասխ դարավազ կու պատի, հարաւային կողմէն` ոչ շատ բարձր լերանց շարք կ՚անջրպետեն զայն ի Կոգայովտէ եւ ի պարատափէն Վանայ։ Այս սահմանադրեալ դաշտահովիտս իբր 3—4000 ոտք բարձր յերեսաց ծովու, ցածագոյն Երասխայ դաշտին մէջ բնակող Հայկազն նահապետաց ամարանոց եղաւ, Քրիստոսէ 13 դար առաջ, երբ զբօսասէրն եւ միշտ զուարթն Շաւարշ (որպէս ստուգաբանէ Գր․ Մագիստրոս) շինեց հոն քաղաքաւան մը, ի բնակութիւն ամառուան, եւ իր անուամբն կոչեց Շաւարշաւան․ յորմէ բոլոր շրջակայ կողմանքն եւ գաւառն կոչեցան Շաւարշական կամ Շաւարշան․ մինչեւ Քրիստոսի Բ դարուն սկիզբը Այրաքաջն Սմբատ սպարապետ Բ․ Արտաշիսի արշակունւոյ` Ալանաց Արդոզ կամ Արտազ գաւառէն պատերազմի գերիներ բերելով, հրամանաւ իր սանիկ թագաւորին հոն բնակեցուց, եւ անոնց հայրենի գաւառին անուամբ` Շաւարշանն այլ ըսուեցաւ Արտաղ կամ Արտաղական գաւառ․ իսկ հիմայ իր անուանի եւ զարմանալի քարաբերդ քաղաքին անուամբ կ՚ըսուի Մակու։ Այս բնութեան եւ արուեստի ընտրած եւ հրաշակերտ տեղս` սրբազան եւ հին զօրութիւն մ՚այլ պատուեր, սիրեր, սրբեր է․ — կրօնքն` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ խորագոյն խորհրդոց եւ հրաշափառագոյն հանդիսից տեղ ըրեր է Շաւարշական դաշտերը։ — Վերոյիշեալ Արտաշիսի հայրն` Սանատրուկ, կ՚երեւի թէ քան զհինն Արտաշատ եւ քան զիւր ձեռակերտ նորոգած Մծբինն կամ Մծուրս` սիրէր զայս տեղս, եւ իր անունը թողուց հոն լեռնաբլրի մը վրայ, Սանատրուկ լեառն, որ թերեւս հիմայ Տիքմէ կ՚ըսուի․ ասոր քով եկաւ առաքեալն Քրիստոսի Թադէոս, եւ աշակերտեց զդուստր թագաւորին` զօրիորդն Սանդուխտ, առաջին կոյս վկայուհի Քրիստոսի, եւ ընդ նմին նահատակեցաւ սքանչելի վկայութեամբ․ որոց յիշատակին` Հայադիրն սեփականած է քաղոց (դեկտեմբեր) ամսոյն մէջ օր մը։ Այս երկուքին վկայարանն այլ` (քրիստոնէութեան հնագոյն ուխտատեղեաց եւ տաճարաց մէկն) կու պատուի մինչեւ ցայսօր Թադէի վանք, անուամբ, որ եւ ի պատիւ առաքելոյն` Հայոց գլխաւոր եպիսկոպոսական թեմոց մէկն եղաւ, եւ ի միջին դարս` մի ի չորից արքեպիսկոպոսաց` որոց հարկ էր գտուիլ յօծման նորընտիր կաթուղիկոսի։ Առաջին երեք դարուց քրիստոնեայք, գաղտնապէս կու պատուէին այս սրբազան տեղս, առ ահի հեթանոս թագաւորացն Հայոց․ նախախնամութիւնն այլ մասնաւոր տեսչութեամբ կու հսկէր անոր վրայ․ եւ ուր Հայոց քրիստոնէութեան առաջին արեգակն ծագեցաւ, անտի երկրորդ անգամ ալ ծագել տուաւ զարեգակն Լուսաւորիչ․ որ յետ 200 տարւոյ վկայութեան սուրբ առաքելոյն եւ Սանդխտոյ եւ անոր հօրքրօջն Աւագուհեայ, անոնց նշխարաց հանգստարանին քով իր էութեան սկիզբն առաւ` ի ծոց ուրիշ Ոգոհեայ, կնոջ Անակայ, երբ կու գայր սա ի Պարթեւաց իբր փախստական խաբել եւ սպաննել զԽոսրով թագաւորն մեր։

Ի՜նչ զարմանալի եւ աստուածախառն տեսչութիւնք․ Հայոց առաքելոյն Թադէոսի թաղման միայնարանն` Հայոց նոր առաքելոյն` Գրիգորի` յղութեան առագաստ։ Ո՜րքան սքանչելի է Շաւարշան` մեզի այսպիսի հոգեւոր հանդիսից տաճար ըլլալովն, քան թէ մեր թագաւորաց հովանոց։

Այս երկու սրբախորհուրդ դիպաց` նորակերպ նման մ՚այլ հանդիպեցաւ նոյն տեղուանքը, Լուսաւորչի եղելութենէն 200 տարի ետեւ, որ թէ քաղաքական եւ թէ կրօնական կերպարանօք հռչակեցաւ․ եւ ահա այն դէպքն է զոր նշանակէ Հայադիրն այս ամսակէտիս․ որ ասկէ տասնեւչորս դար առաջ (451 թուին Քրիստոսի, յունիսի 2) էր շաբաթ օր Հոգեգալստեան տօնին․ յորում հանդիպեցաւ Շաւարշանի երրորդ մեծ ազգային քաղաքակրօն դիպուածն, այն է ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ։

Բ

Այս դիպուածս, այս պատմութիւնս, այս անունս անգամ այնքան հռչակեալ եւ համբաւեալ է յազգիս, որ ամենէն քիչ տեղեկութիւն ունողն այլ` երբ լսէ Քաջ կամ Կարմիր Վարդան` սրտատրոփ կու ցատքէ․ եւ թերեւս ոմանք ուզեն յանկարծ գտնուիլ ինչուան նոյն արտազական գաւառին մէջ, նոյն Շաւարշական դաշտը, նոյն Աւարայրի գեղին քով, նոյն Տղմուտ գետոյն եզերքը, ուր այն մեծ եւ բաղդասահման ճակատամարտն եւ անմահախառն գործն կատարուեցաւ։ Բանայ փափագողն` ժամանակակից հեղինակաց, Եղիշէի եւ Ղազարայ Փարպեցւոյ, գեղեցիկ գրուածքը եւ մանրամասն պատմութիւնները, եւ ժամ մը, երկու ժամ` անոնց հետ ժուռ գայ հոն․ հոն` ուր Հայութեան անջինջ, անմոռաց, յաւիտենական արձանաց մէկն կանգուն կայ եւ պիտի մնայ։ իսկ ես հետդ, Հայկակ, կաղ ի կաղ ընթացիւք կ՚ուզեմ ման գալ, եւ քանի մը բան հեռուէն դիտել այն մեծ տեսարանէն։

Կանխենք ուրեմն քան զմեծ գործողութիւնն` գտնէ օր մը, գոնէ գիշեր մը, այն գիշերն որ յունիսի առաջին օրը երկրորդին կու խառնէ․ փութանք փոքր Մասեաց սարերէն դարվար սահելով` ինչուան յետին բարձրատափն, որ կու նայի Շաւարշան դաշտին վրայ։ Արդէն այս երեկոյիս նման` 14 դար առաջ այլ` այս անհատնում գիշերային լապտերս, այս բազմատես լուռ վկայս, այս խորհրդապահս լուսինս` սոյնպէս բոլորացեալ լուսալիր կու բարձրանար մեր եկած արեւմտեան դարից ետեւէն Մասեաց–Ոտին կողերէն, Արարատայ դաշտին հորիզոնէն․ եւ ահա հանդարտ համասփիւռ եւ իբրեւ իւղակաթ կակուղ ճառագայթներով կու լուսաւորէ մեր փնտռածը, Շաւարշական Աւարայրի ընդարձակ դաշտը, որ մեր կեցած տեղէն դէպ ի յարեւելս հարաւոյ երկնցած, իրեն ձեւիչ կ՚առնու Տղմուտ գետոյն ընթացքը, այն որ արեւմտեան հիւսիսային կողմէն իջնելով ծանր եւ պղտոր ալիքները կու թափէ յԵրասխ, եւ այդ եռանկիւնաձեւ կամ երկայնաբոլոր դաշտին մէջ` իբրեւ մոխրագոյն երկայն շղթայ մը կու շարժի լուսնին նշուլից ներքեւ։ Նեղ ու նուազ ջուր մ՚է նա․ բայց ի՜նչ լայն վիհ, ի՜նչ խոր խտրոց` իր եզերքը տարածուած երկու աննման բանակաց մէջ․ որոնցմէ մեր կողմը մեզի մօտ եղածն` լուսնէն եւ կրակէ աւելի պայծառութեամբ լուսաւորուած ճերմակ ու գոյնագոյն կու տեսնեմք․ մէկայլն` կարծեմ թէ հեռաւորութենէն աւելի պատճառաւ մը` խառն ու խաւար կ՚երեւայ, թէ եւ ահեղ անտառի պէս սփռուած ու դաշտին մեծ մասը ծածկած։ Այս երկու բանակաց միջի շարժմունքն եւ գործքերն այլ ի՜նչ տարբեր․ հեռաւոր եւ սեւ բանակն միայն սովորական պատերազմի պատրաստութիւններ կու ցուցընէ․ իսկ մօտաւորս աւելի կրօնական եւ հայրենական հանդիսարան կ՚երեւի քան պատերազմի մարզարան։ Ասիկայ է Հայոց բանակն, վերջին բազմաթիւ բանակ` գումարեալ յանուն համօրէն Հայութեան, իր հնացեալ իշխանաց ձեռօքն․ 66,000 Հայ պատերազմողք, ձիաւոր եւ հետեւակ, խաչանիշ վրանաց եւ դրօշուց տակ ժողոված են` զազգ եւ զկրօնս պաշտպանելու։ Ի՜նչ պանծալի գունդ եւ ի՜նչ բազմութիւն կարճաց մեր աչքին առջեւ։ … Սակայն ի՞նչ են այդ վեց ու կէս բիւր զօրքն Հայոց` Հայաստանի միահեծան եւ միահաւան տէրութեան օրերուն` հարկաւոր եւ վտանգի ժամանակ գումարած բանակին քով։ Սովորական ատեն` Հայոց աշխարհապահ զօրութիւն էր 120,000 որոց 40,000ի չափ թագաւորական գունդն էր․ 84,000 այլ նախարարաց եւ տոհմից․ իսկ մեծ պատերազմաց ժամանակ` կրկին եւ երեքկին աւելի ըլլալն` այսօր դիմացի բանակնիս կու վկայէ․ յորում հազիւ քսան եւ հինգ տոհմի կամ ցեղի իշխանք եւ զօրք կան, որոց որոշեալ զօրաբաժինն 20,000ի չէր հասներ․ այս ցեղերուն շատին մէկ մասն, եւ բուն իսկ նախարարն այլ (մեծ դժբաղդութեամբ) գետոյն այնդիի կողմն են, պարսկական բանակին հետ․ եւ ցաւելով պէտք է տեսնել հոն այլ նոյն չափ թիւ մը Հայոց․ (վասն զի ըստ վկայութեան պատմըչին` ուրացեալն Վասակ թէ իր Սիւնեաց աշխարհէն եւ թէ ուրիշներէ «ժողովեաց զամենայն գայթակղութիւն, եւ արար գունդ զօրաց բազմաց», որք կամաւ կամ ակամայ խառնեցան ընդ թշնամիս հայրենեաց եւ եկեղեցւոյ․ ըստ տեսլեան սրբոյ Լուսաւորչին` գառինքն սպիտակք դառնալով ի սեաւ գայլս)։ Գառանց ու գայլոց գունդերն միատեղ առնելով` 120 հազար Հայ կ՚երեւան դիմադէմ Աւարայրի դաշտին մէջ․ զորս բաժնելով կամ ջոկելով ըստ աշխարհաց Հայաստանի` կու տեսնեմք որ հին Հայոց 15 կամ քսան աշխարհաց թուէն, միայն հինգ կամ վեց աշխարհքէ եկած են այս գունդերս․ որ են Այրարատ, Տուրուբերան, Վասպուրական, Սիւնիք, Մոկք․ իսկ ուրիշ աշխարհքներէ հազիւ ոմանց մէկ երկու գաւառ կամ տոհմ կու յիշուի․ Մեծ Հայոց չորս մասին գրեթէ երեքն դուրս է այս դաշտէս․ բոլոր արեւմտեան մասն` Յունաց կայսեր իշխանութեան տակ է․ եւ թէպէտ Հմայեակ` եղբայր մեծին Վարդանայ, կու ջանայ կ՚աշխատի անոնցմէ այլ զօրք ժողովել, բայց ոմանք չեն շարժիր կայսեր վախէն, ոմանք այլ ուշանալով չեն հասնիր ատենին․ իսկ հիւսիսային եւ արեւելեան գաւառք` Վրաց եւ Աղուանից խառնուած` անոնց հետ անշարժ կու կենան․ հարաւային ամուր աշխարհք այլ` Աղնձիք եւ Տմորիք` գրեթէ ինքնագլուխ չէզոք կու մնան․ թէ եւ ասոնց ամենուն այլ հրաւէր եւ աղաչանք զրկուած էր․ եւ ոչ միայն ասոնց, այլ եւ Վրաց, Աղուանից եւ Հոնաց, գալ միաբան Պարսից դէմ կենալու․ բայց երկու խորամանկ եւ ազգուրաց Վասակք, մէկն յարեւմուտք կեցած, մէկայլն յարեւելք, ամենայն հնարքով եւ ստութեամբք զանոնք հեռու բռնեցին Վարդանեան գնդէն։ Այս տեսութենէս կ՚իմացուի որ այսպիսի ծանր հարկի ատեն` եթէ բոլոր Հայք միաբան մէկ կողմն ժողովէին, Վարդան փոխանակ 66,000ի կրնար 300,000 զօրք այլ ունենալ։ Որչափ այլ մեծ երեւի այս թիւս, դեռ շատ պակաս է համեմատելով վերը ցուցած հաշուին եւ թուոյ աշխարհաց եւ գաւառաց եւ զօրաբաժնին Հայոց։ … Թողլով երբեմն կարելին եւ այժմ անկարելին, դառնանք եղածին, եւ դիմացնիս կեցած մեր հայակոյտ բանակին։

Չորս գունդ կամ թեւ բաժնուած է այս բանակս․ երեքն երկայնատարած շարուած են Աւարայրի դաշտին մէջ Տղմուտայ եզերքը․ վասն զի դիմացը թշնամին այլ նոյնպէս տարածուած է․ իսկ մէկայլն` երեքին ետեւէն մէջ տեղուանքը կեցած է, իբր վերջապահ եւ օգնական վտանգելոց․ մեր կեցած տեղւոյն մօտինն է` Առաջին եւ աջ թեւն հայ բանակին, որ Տղմուտայ գետոյն այլ առաջակողմն է, ուստի կու վարէ ալիքը դարվար յարեւելս յԵրասխ․ այս առաջին մասին թեւապետն է հաւատարիմ Հայոց ներքին Հազարապետն, աշխարհատեսուչն, որ Մալխազ կ՚ըսուի, եւ է իշխանն Խորխոռունեաց ԽՈՐԷՆ, կարգեալ փոխանակ ուրացող իշխանին Գադիշոյ․ Հայկայ որդւոյն անունը եւ քաջութիւնը 3000 տարիէ վերջ այլ փայլեցնող։ Իրեն օգնական գնդապետքն են, բաց յայլոց պայազատաց հին նախարարաց, ԱՐՍԷՆ ԸՆԾԱՅԻՆ եւ ՆԵՐՍԷՀ ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԻ․ ասիկայ Վանայ ծովուն հիւսիսային կողմէն եկած․ առաջինն` որ Արդար կոչմամբ կու գովուի ի պատմըչէն, թէ եւ ամէն ցեղէ աւելի քիչ նահատակակից ընկեր ունեցաւ այս պատերազմիս մէջ, բայց զօրահանդիսին ատեն` այս բանակիս մէջ գտնուող ամեն իշխանացմէ աւելի եւ անհամեմատ աւելի զօրք կու տար, 4000 հոգի, որ (եթէ սխալ չէ թիւն) կու նշանակէ կամ բազմաթիւ կամ պատերազմող ու սահմանապահ տոհմ մը, որուն պատմութիւնն եւ տեղն անգամ մեզ յայտնի չէ, բայց թերեւս Վասպուրականի Ընձահից կամ Անձահից գաւառն ըլլայ, որ յետոյ յանուն գլխաւոր բերդաւանին` Կոտոր ըսուեցաւ, (հիմա Քիւրդիւր, ի սահմանի պարսկական Հայոց)։ — Միջին թեւոյն ընդհանուր հրամանատարն է ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ, որ այս Հայոց բանակիս մէջ, յետ սպարապետին (Վարդանայ) առաջին նախապատիւ իշխանն է, եւ ըստ կարգի ազնուութեան բարձրագոյն է քան զնա այլ․ (վասն զի հին Ասորեստեանի տիեզերակալ թագաւորներու ցեղէն է)․ ըստ արդեանց այլ արժանապէս առաջին ճանչցիր զնա, թէ եւ նախ իշած պատմըչաց (Եղիշէի եւ Ղազարայ) մէջ չգտնես անոր գեղեցիկ յիշատակները, զոր անզգամ եւ խորթ ձեռք մը (Բարծումա ասորին) վերուց ջնջեց գեղեցկագիր պատմութենէն։ Վահանայ ընկեր գնդապետք են ՄԻՐՇԱՊՈՒՀ ՄԱՐԴՊԵՏՆ կամ իշխանն Մարդպետութեան, որոյ կալուածքն էին հին ատեն Նախիջեւան գաւառին սահմաններն, եւ պաշտօնն էր Հայոց թագուհւոյն եւ արքունի գանձուց հազարապետութիւնն, որ եւ գունդ մը արքունի զօրաց ունէր իր ձեռքին տակ, ասոր հետ է եւ ԱՐՏԱԿ նախարարն Մոկաց, որ թէ եւ կոշտ ու խոշոր երկրի եւ բնակչաց տէր էր, այլ ինքն շատ կիրթ եւ ազնիւ մարդ, եւ ըստ վկայութեան ժամանակակից պատմըչին` մտացի, համէստ, քաջ եւ երանելի, եւ Վարդանայ սպարապետին յատուկ սիրելի ու սրտակից մտերիմն, թէ ազնիւ եւ մտացի բարուցն համար, եւ թէ հին ծանօթութեանն եւ երախտեացն։ (Վասն զի յետ մահուան Ս․ Սահակայ` երբ պարսիկ մարզպանք եկան ի Հայս` մեր աշխարհին կարգերը վեր վար ընելու, Վարդան թողլով իր իշխանութիւնը եւ երկիրը` քաշուեցաւ յաշխարհն Մոկաց, յերկիր Արտակայ, ամուր բերդ մը, եւ մեծ պատիւ եւ սէր գտաւ այս իշխանէս, այնպէս որ երբ յետ ժամանակաց` Պարսից թագաւորին դուռը` Հայոց նախարարք տագնապած էին, իրենց բերան առին զԱրտակ, որ համոզէ զՎարդան իրենց հետ միաբանելու ի խուրհուրդ ուրացութեան)։ Հիմայ Վարդան զԱրտակ բանակին միջոցը դրաւ։ Այս երեք մեծ իշխանաց հետ կային ուրիշ մեծամեծ նախարարաց պայազատք եւ թագաւորական զորաց գլխաւորներ։ — Բանակին ձախ թեւոյն զօրավարքն էին, ՓԱՓԱԳ ԱՌԱՒԵՂԵԱՆ․ թէ ինքն եւ թէ իր ցեղն շատ ծանօթ չեն մեր պատմութեան մէջ, եւ բնակութիւննին ու՞ր տեղ ըլլալն այլ յայտնի չէ․ թէ եւ կ՚երեւի մեզ Այրարատայ կողմերն ըլլալ․ ԹԱԹՈՒԼ ՎԱՆԱՆԴԵՑԻ, Բասենոյ ընդարձակ դաշտերուն իշխեցողն, ասոնց ընկեր ՏԱՃԱՏ ԳՆԴՈՒՆԻ` զարմանալի մականուանեալ, գլխապետ շատ հեռու եւ օտարասկիզբն տոհմի մը, Քանանացւոց, Քամայ ցեղէն, որք ըստ պատմութեան` հալածեալք ի Յեսուայ եւ յԻսրայելացւոց` անցան յԱփրիկէ, եւ մէջերնէն մէկն Քանանիդատ անուամբ եկաւ ի Հայս, եւ ցեղն ըսուեցաւ Գնթունիք կամ Քնդունիք։ Այս (ձախ) թեւին դիմաց` Պարսից աջ թեւը մեծ պատրաստութեամբ եւ բազմութեամբ կեցած էր․ անոր համար սպարապետն Վարդան` ընդհանուր տեսչութենէն զատ մասնաւորապէս այս թեւին առաջնորդել կամ օգնել յանձն առաւ։ Բանակին երեք թեւերուն ետեւ չորրորդ օգնական կամ վերջապահ դրաւ քաջ եւ հաւատարիմ խումբ մը, գնդապետ կարգելով իւր հարազատ եղբայրը ՀԱՄԱԶԱՍՊԵԱՆ, եւ իւր միւս սրտակից եւ նիզակակից բարեկամն ու սիրելին` ԱՐՇԱՒԻՐ ԱՐՇԱՐՈՒՆԻ․ (ինչպէս որ յետոյ ասոր որդիքն` Ներսեհ եւ Հրահատ` իր եղբորորդւոյն եւ իր յաջորդին Վահանայ` սրտակիցք` եւ բազկակիցք եղան)։ Արշաւրայ կալուածն էր Այրարատայ հին Երասխաձոր գաւառը, որ յետոյ Կամսարական եւ Արշարունիք ըսուեցաւ։ Այս երկու հաւատարմաց եւ քաջաց հետ` չորրորդ գնդին կ՚առաջնորդէր նոյն իսկ բոլոր բանակին առաջնորդն եւ սպարապետն, ինքն Մամիկոնէից տէրն, Մեծ, Քաջ եւ Սուրբ ԿԱՐՄԻՐՆ ՎԱՐԴԱՆ։

Պատերազմին ատեն` աւելի ձախ թեւոյն քով գտուեցաւ, իսկ հիմա` գրեթէ ամեն տեղ ամեն գնդի քով կ՚երեւի, ամեն մէկուն պէտք եւ պատրաստութիւնը քննելու տեսնելու, եւ հարկաւոր տալու, ըսելու․ ամեն կողմ կարծես կու լսուի նոր խօսած ատենաբանութիւնն․ «Ի բազում պատերազմունս մտեալ է իմ, եւ ձեր ընդ իս»։ Ամեն բան կարգաւորելէն եւ վաղուան պատերազմի յարմարցընելէն ետեւ, կու դառնայ Վարդան չորս գնդերէն զատ ուրիշ եւ աննման գնդի մը մէջ, որ առաջիններէն ոչ շատ հեռու ժողովեր էր, վրանի տակ․ եւ էր Հայոց եկեղեցւոյն ուխտն, հոն էին կաթուղիկոսն Յովսէփ, որ աշխարհին քաղաքական շփոթից համար դեռ հանդիսաւորապէս չէր օծուած, եւ զատ ուրիշ եպիսկոպոսաց եւ երիցանց` հոգելից եւ հրաշալից երէցն ՂԵՒՈՆԴ, որ բոլոր ուխտապահ Հայոց հայր եւ բանակին երկրորդ սպարապետ մ՚էր, եկեղեցւոյ եւ հայրենեաց աննման նահատակ մը, որուն ամենայն կրօնասէրք եւ ազգասէրք, աշխարհիկք եւ եկեղեցականք` կրնան նախանձիլ։ Ս․ Սահակայ եւ Մեսրովպայ վախճանելէն ետեւ, ինքն` որ անոնց երիցագոյն աշակերտն էր, իբրեւ երեսփոխան մը եղաւ անոնց․ խորհրդովն եւ օրինակաւն կու շարժէր զեկեղեցին եւ զաշխարհն։ Եւ ահա այս գիշերս այլ` մեր հաւատարիմ բանակին դիմաց եւ Վասակայ ղրկած հրապուրիչ պատգամաւորաց` երկար քաջալերական ատենաբանութեամբ մը Վարդանայ ըսածները կու հաստատէ կրօնական փաստիւք։ Զօրականք` այդ երկու հոգեշունչ բերանոց փչմունքէն (Վարդանայ եւ Ղեւոնդայ) վառուաց` պատերազմէ վեր, յաղթութենէ վեր բանի կու պատրաստուին, — մարտիրոսութեան, պսակուելու յերկինս, եւ պահ մը զինուց պատրաստութիւնը դադրեցընելով, հոգւոյ պատրաստութիւնը կու սկսին, Մէջերնէն երիտասարդք ոմանք, այն ատենուան թոյլ տրուած սովորութեամբ դեռ երախայ ըլլալով, կու փութան ի սուրբ աւազան մկրտութեան, կանչելով, «Այս գիշեր ջրով, վաղը առտու արեամբ»։ Շաւարշանի դաշտաց մէջ լճակ մը կու նշանուի Ագ—կէօլ, սպիտակ—լիճ անուամբ, կու սիրեմ կարծել թէ այս լճակիս մէջ մկրտուած ըլլան այն եռանդուն երիտասարդքն, որք գիշերը նորակնքոց ճերմակ պատմուճանը հագան, առտուն քաջաց փայլուն զրահը, երիկունը` վկայից կարմիր ծիրանին։ …

Հիմայ հասարակ գիշերն անցեր, եւ դիւցազնական կամ քաջասրբեան օրը ծներ է․ դեռ չլուսցած` կու փութան քահանայքն գիշերային եկեղեցական պաշտօնը աւարտելու, եւ աստուածային գերագոյն նահատակութեան հանդէսը կատարելու,— սուրբ պատարագը։ Թերեւս Լուսաւորչի եւ Տրդատայ, կամ մեծին Ներսիսի եւ Մուշեղայ օրէն ի վեր` այսպիսի վեհ, վսեմ, սխրալի, սրբալի հանդէս մը կատարուած չէր․ պատերազմական փողերէն առաջ լսուեցաւ եկեղեցւոյ կոչնակն, սուրբ հօտապետաց քաղցրիկ խաղաղութեան ձայները, եւ երբ խաղաղարարն ամենայն աշխարհի անոնց ձեռքով սուրբ հացի կերպարանօք ծածկեալ` բարձրացաւ ի հաճութիւն Հոր եւ ի պաշտութիւն մարդկան, վաթսուն հազար կտրիճ հաւատացեալք` անձամբ եւ զինուք խոնարհեցան, երկրպագեցին, հաղորդուեցան սուրը խորհրդոցն, մարմնոյ եւ արեան Քրիստոսի Աստուծոյ, դրսի զրահներէն զօրաւոր զրահ մը հագան հոգւով, եւ կանգնելով կանչեցին․ «Հաւասարեսցէ մահս մեր ընդ մահու արդարոցն, եւ հեղումն արեան մերոյ ընդ արեան սուրբ մարտիրոսացն, եւ հաճեսցի Աստուած կամաւոր պատարագաւս, եւ մի՛ տացէ զեկեղեցի իւր ի ձեռս հեթանոսաց»։ Ապա փութացան իւրաքանչիւր իր գնդին, իր տեղւոյն, զէնքերնին զրահնին պատրաստելու, եւ ուժերնին կազդուրելու քիչ մը կերակրով, յառաջ քան զարեւուն երեւալն։ Ոմանք այս բաներուս զբաղած, ոմանք այլ վրանաց դրան քով կամ իրենց կահուց եւ զինուց վրայ կռթնած, աչուընին Հայկին եւ Վահագնին համեստեղութեանց վրայ, լռիկ մռիկ երկնից եւ երկրի հետ խօսելով մտքերնէն, յանկարծ ձիերուն դափրը ու խրխինջը լսելով` կու դառնան այն կողմը, ու սրտերնէն ինչե՜ր կ՚անցնի, կու թօթուեն վարսագեղ գլուխնին, հայկական մեծ ու պայծառ աչքերն կու թաւալին լայնալիճ յօնից ներքեւ․ աղեղնաձիգ մատերով խարտեաշ պերեւեշտնին շտկռտելով` կու նային կ՚երթան մութն ի լոյս հովտէ հովիտ, լեռնէ լեռ` ինչուան այն տեղն, այն շէնքը` ուր բնիկ հայրենի տնակն է, ուր թողուցին իրենց կակուղ սիրելիները… ո՜հ, ո՞րքան աւելի պիտի հեռանան քանի մը ժամէ վերջ․ արդեօք վաղը այս ժամուս դեռ երկրի՞ս վրայ` թէ յերկնի՞ց պիտի նային անոնց` զոր սուրբ սէրն չիբաժներ ոչ յերկրի ոչ յերկինս։… Երկընցի՜ր քիչ մ՚այլ` ով վերջին ժամ գիշերոյս, եւ թող մեր սիրասուն սրբասուն, քաջասուն Հայ երիտասարդաց ` այսպիսի մտածութեամբք կամ սրտածութեամբք սպասել ռազմայարդար փողոց ձայնին, եւ դու եդեմաշունչ հայրենի հովիկ, (եթէ ստոյգ է զգայուն մարդկան կամ երգչաց ըսածն), անցիր ասոնց շրթանց քովէն, խառնուէ այն լայնաշունչ հագագներուն, եւ գնա՛ հրախառն համբուրից պէս հաղորդելու իրենց յիշածներուն, իրենց սիրածներուն…․ Մենք հարկաւ եւ ոչ կամաւ` անցնինք գետոյն այն կողմը, թշնամեաց բանակն այլ քիչ մը ճանչնալու։

Գ

Այս Պարսից բանակս մեր աշխարհը եկածներուն մէջ մեծերէն մէկն է․ եթէ Հայք հարկի ատեն ինչուան 300,000 եւ աւելի զինուոր կրնային հանել, Պարսք եւս առաւել, իրենց ընդարձակ աշխարհաց համեմատութեամբ, եւ հիմայ որ ուրիշ կողմանէ խաղաղութիւն ունէին` կրցան մեծաւ բազմութեամբ գալ, իրենց ամենէն երեւելի զօրավարներով, եւ ամենայն պատերազմական պատրաս­տու­թեամբք։ Յազկերտ եւ իր խրատուն Միհրներսեհ` ինչուան Հնդկաստանի հրա­տանջ հովիտներէն Հայաստանի ձիւնեղէն բարձրադաշտաց վրայ խաւրեցին երամակս փղաց․ զորս բանակին մէջ իրենց սպարապետն ի գունդս գունդս բաժանեց, կ*ըսէ պատմիչն, քաջաձի Հայոց հեծելոց դէմ չէին կրնար կենալ համաթիւ Պարսիկ ձիաւորք, անոր համար այս անճոռնի քնթռնաւոր գազանաց վստահացեր էին, իրենց ընտիր ձիերն այլ Հայաստանէն կ՚առնուին, եւ հաշտութեան ատեն` իրենց լաւագոյն յաղթող հեծեալքն` Հայք էին։ Հիմայ այս գունդ գունդ փղաց երամակը միայն չորս հինգ խումբ այլ սեպենք կամ բոլոր մէկէն 50 փիղ (որ թէ եւ շատ, դեռ պատմչաց ցուցածէն շատ չ՚երեւիր), մէկէն անոնց քով 150,000 Պարսիկ կու տեսնես, վասն զի կրկին կրկին կ՚ըսէ պատմիչն թէ ամէն մէկ փղի քով 3000 սպառազէն զօրականք կային, եւ կ՚աւելցընէ, «Թող զայլ զօրսն ամենայն»․ որոնցմէ էր Մատեան քաջամարտիկ գունդն այլ, դարձեալ ուրիշ տեղ կ՚ըսէ, որ սպարապետն Պարսից տեղեկանալով թէ 60,000 էն աւելի են Վարդանանք, եւ թէ որք են անոնց պարագլուխքն, մէկուն դէմ երեք հոգի կու պատրաստէր։ Արդ այս ամենայն, եւ ասկէ դուրս Վասակայ ուրացակից գունդքն այլ, եւ Հոնք եւ ուրիշ բարբարոսք այլ մէկտեղ առնլով, եթէ Պարսից բանակը 250,000 զօրաց կու հասնի` ըսեմք, դեռ ճշմարտէն պակաս ըսած կ՚ըլլամք, եւ ոչ այլ աւելի` եթէ 300,000 այլ ըսեմք, մանաւանդ որ պատմըչաց մէկն կ՚ըսէ ասոնց համար, թէ «տարածանէր երկայնէր ճակատն յերկայնութիւն դաշտին մեծի»․ եւ յառաջ, «ի շրջապատ տեղի Տղմուտ դաշտին … ղակիշ ածեալ բանակէին»։ Ղակիշ ըսածն է բանակին դորս դին ամրութիւն` ապահովութեան համար, զոր աւելի պարզաբար կու յիշէ առաջին պատմիչն։ «Բանակն բոլորէր, փոս հատանէր, պատնէշ կանգնէր, շերտաւոր փակէր, ամրացուցանէր իբրեւ զքաղաք ամենայն պատրաստութեամբ»։ Վասն զի կու վախէին Պարսք թէ Վարդանանք յանկարծ վրանին հասնին, եւ կրնային այլ այնպէս ընել, ըստ Ղազարայ Փարպեցւոյ․ բայց ասիկայ յանդգնութեան գործ մը կ՚ըլլար․ եւ ամենայն պատրաստութիւն, մանաւանդ հոգեւորը` ընելու ատեն չէին ունենար․ — վասն զի երկու բանակներն այլ գրեթէ մէկ ատեն հասան պատերազմին տեղը․ Պարսք` Հերայ եւ Զարեւանդայ կողմերէն (Խոյի եւ Սալմաստայ), Հայք յԱրտաշատայ, պատերազմին առաջին օրը․ եւ տեսան որ Պարսք նոր հասեր են եւ բանակնին ամրացընելու վրայ են։ Պարսից սպարապետն էր Մուշկան Նիւսալաւուրտ (որ թերեւս նշանակէ թաւ—երես․ բուրդ—մօրուք), իրենց ամենէն երեւելի զօրավարն․ եւ կ՚երեւի թէ նոյն անձն է, որ Հայոց թագաւորութիւնը վերցուելէն ետեւ` երկու անգամ մարզպան դրուեցաւ ի Հայս, եւ հոն չգտած պատուին վրէժն առնուլ ուզեց այս առթիւ․ իրմէ յարմար անձ մը չէին կրնար գտնել Միհըրներսեհն եւ Յազկերտ։ Պատերազմին ատեն ինքն կեցաւ ընդհանուր զօրավար բանակին կեդրոնը կամ մէջ տեղը, Պարսից ամենէն կտրիճ քաջաց քաջ անյաղթ եւ անմահ սեպուած գնդով, որ է Մատեան կամ Մատենիկն, որք Մակեդոնացւոց փաղանգին պէս քովէ քով պարսպի նման անբաժ կու կենային եւ մէկտեղ շարժէին, եւ թէ մէկն ընկնար, տեղը ուրիշ մը կ՚ամբողջացընէր գունդը։ Ձախ թեւին զօրագլուխ` կ՚երեւի թէ էր Դովղը, որ եւ բոլոր բանակին մէջ նախապատիւ էր յետ Մուշկանայ, եւ Հայոց աջ թեւին դէմ կու կենար (ընդդէմ Խորենայ)․ բայց այս կողմէն պատերազմը չի զայրացաւ, կամ թէ երկու դիմամարտք այլ հաւասար քաջութեամբ կռուեցան իրարու հետ․ այլ սաստկութիւնը արեւելեան կողմն էր, ուր էր Պարսից աջ թեւն․ եւ հոն գումարած էին բոլոր նիզակակից ազգաց զօրքն, որոց մէջ գլխաւորք էին (դժբաղդաբար) Հայք եւ Կատիշք, որ են Հայոց արեւելեան սահմանակիցքն Կազբից ծովուն մօտերը․ ասոնց այլ դրակից Գեղք (Տիլէմ)․ ասոնցմէ զատ Ապարհայիկք կամ Ապարհացիք, եւ Հոնք` որք ի հարկէ մեծաթիւ պիտի ըլլային։ Հայոց սեւցած գնդին գլխաւորն պէտք էր ըլլալ ինքն վատն Վասակ, տէրն Սիւնեաց, (որ քան զամեն ցեղ Հայոց` թազմաթիւ զօրաբաժին ունէր յաշխարհագումար հանդիսին Հայոց, 11,400 կռուող․) Սիւնեաց իշխանին միաբանք էին իշխանք Բագրատունեաց, Խորխոռունեաց, Վահեւունեաց, Ապահունեաց, Ակէոյ, Ուրծայ եւ մասն մի Ամատունեաց եւ այլոց, որոց զօրաբաժինք գումարին 8000ի չափ, եւ Սիւնեաց գնդին հետ 20000ի կու մօտենան․ Վարդանանց զօրաբաժինէն գրեթէ աւելի են, ասոր համար ըսի` որ ասոնց չափ այլ կրնային հետեւող ունենալ եւ բոլորն 60—70000 ըլլայ։ Այս երեք թեւերէն զատ էր չորրորդն, եւ անոր առաջնորդ Արտաշիր, իբրեւ վերջապահ, միանգամայն եւ փղապետ, որ մեծ խումբ մը գազաններով` մէկայլ զօրաց ետեւը կեցած էր, եւ ուր պէտք ըլլար` հոն օգնութեան պիտի շարժէր։

Դ

Բայց հոս չուշանանք, վասն զի ահա լուսացեր է պատերազմական օրն, օրն մեծ, օրն անմոռանալի։ Երկու բանակներն իրենց հրամայուած տեղը եւ կարգը կու բռնեն․ Պարսից սպարապետն իւր երեսուն բիւր զօրաց եւ փղաց բազմութեան դիմաց` կու տեսնէ գրեթէ հաւասար երկայնութեամբ շարուած բանակ մը․ բայց գիտէ այլ որ իրենին պէս թանձր չէ նա․ հազիւ քանի մը կարգ զօրաց կան ետեւէ ետեւ․ զայն այլ գիտէ (մեր ցաւովը) որ անոնցմէ այլ ոմանք բոլոր սրտով միացած չեն բուն ուխտապահ Հայոց, այլ Վասակայ հրապուրանօք պղտորած․ եւ եթէ վարպետ խաղ մը խաղայ` կրնայ զանոնք իր զօրաց հետ խառնել, կամ պատերազմէ դուրս հանել․ գիտէ որ իր նիզակակից սեւցած Հայերն` այն որ Վասակայ հետ իրենց միամտութիւնը Պարսից ցուցընելու համար` աւելի քան զՊարսիկս քաջութեամբ պիտի կռուին, կամ աւելի ատելութեամբ․ ինչպէս որ կ՚ընեն թշնամացեալ բարեկամք։ Ասոնք իրեն մէկ մէկ յոյս մեծ մեծ մխիթարութիւնք են․ բայց քանի որ կու մտածէ թէ իր բուն թշնամեաց, թէ եւ քիչուոր այլ հաւատարիմ Հայոց` սպարապետն է Վարդան, այն ժամանակի (ըսեմք ամեն ժամանակի) զօրավարաց օրինակ, եւ Պարսից թագաւորին անգամ` քաջութեամբն դեռ սիրելի եւ հարկաւոր անձ մը, Մուշկանայ բոլոր պատրաստութիւնն եւ բազմութիւնն տարակուսելի կ՚երեւի, ու կու տագնապի։ Բայց ժամն կռուոյ կու մօտենայ․ կու ժողովէ գնդապետները ու զօրավարները, կու յիշեցընէ իրենց պարտքը, Վարդանանց կտրճութիւնը, քաջութեան եւ յաղթութեան վարձքերը, վստահութեան եւ փախստեան պատիժները եւ դատապարտութիւնը, եւ կու խաւրէ իւրաքանչիւր իր կարգին։

Այս բաները լսելու կարօտ չէին Հայք, բաւական լցուած Վարդանայ, Ղեւոնդի եւ Քրիստոսի հոգւով, որ դեռ սրտերնուն մէջ կու խօսէր․ կրնար ուրեմն իրենց սպարապետն այլ քիչ մը այն գիշերուան վերջին պահին` առանձնանալ իր վրանին տակ․ նախ խօսիլ ընդ Աստուծոյ եւ յանձնել իր կեանքը եւ մահը, որոց երկուքն այլ ստուգիւ կու փափագէր, եւ կու հաւատայր այն որ փոխել յանմահութիւն․ ապա երկրիս վրայ հարկաւոր եղած բաներուն համար յետին կամքը աւանդել ի կտակ կամ ի սիրտ մտերմաց․ մինչ սպասաւորքն եւ թիկնապահք զէնքերը եւ զարդերը կու պատրաստէին։

Ահա հագաւ, հեծաւ, զուարթացաւ Վարդան, արեւէն աւելի ցանկալի եւ սպասելի այն օր` իր սիրելեացն․ ամենուն աչքն` ոչ այնքան թշնամեաց բազմութեանը վրայ սոսկմամբ կու նայէին, որքան սիրով կու դառնային այն բարձրասուր կաթողիկէաձեւ շիկակարմիր վրանին, որոյ դրան վերեւ ոսկի արծուին թեւատարած, չորս բոլորն կարմիր–կանաչ–սպիտակ դրօշներ հովէին ծալլուելով ու բացուելով` իբր ծափ ծափի տուած կու հրաւիրէին զՎարդան․ զՎարդան հրաւիրելով` վրանին եզերքը պար առած պահապան ու պատուոյ գունդն` նշան տուին, եւ սկսան շարժիլ․ յանկարծ վրանին փեղկերը վերնալով բացուեցան, թիկնապահք եւ սպայք, հեծեալք եւ հետեւակք` փայլ փայլ զէնքերով իբրեւ ամպէ մը սկսան դուրս թափիլ․ եւ խումբ մը ծաղկազգեստ կայտառ երիտասարդաց` 25 տարուընէ վեր լռած ձայն մը ձգեցին, որոտալուր, ահաւոր, վսեմ եւ քաղցր ձայն մը, որ մեր յետին Արշակունի Արտաշէս թագաւորին սեւ օրէն վեր չէր լսուած…։ Արքունական երաժշտաց դասն էր, որ այն օր ի Վարդան կու ճանչէր Հայոց թագաւորը, առաջնորդը, յոյսը եւ փառքը․ եւ երբ մեծամեծ ոսկեփայլ դալարուն եւ անդալար պղինձներն լայնաբոլոր բերաննին յերկինք շտկած` իբրեւ յետ երկայն հառաչանաց` հայկական պատերազմի եղանակը հնչեցին, ո՜հ, բոլոր բանակն, գետին ու լերինք թնդալով դոփելով որոտացին, Փա՜ռք, Հայոց, Սուրբ սպարապետ, Վարդան քաջ։ Եւ ահա յերեւան եկաւ քաջն այն, Կարմիրն այն Վարդան, ճառագայթներուն ետեւէն դուրս վազող արեւուն պէս, իր նախապապուն Մուշեղի նման` ճերմակ, ճարտուկ, ճախրասլաց, բարձրապինչ բարձրափռինչ ձիուն վրայ յարմարած` քան թէ հեծած կամ նստած․ վասն զի ձին գրեթէ սանձի անկարօտ եւ տիրոջը տակ աւելի թեթեւցած քան թէ առաջ` չես գիտեր կու խաղա՞յ թէ կու թռչի․ իսկ տէրն իբրեւ եզեկիէլեան անուի մը վրայ հանգչած` թեթեւութեամբ ամեն դի կու դառնայ, կու թռչի, կու հասնի։ Ոսկէխառն արծաթակուռ սպառազինութեան վրայ` ձգած է մեծ ծիրանի ու ոսկէթել սամոյր—օձիք վերարկուն, զոր արեւակերպ ականակուռ ապիզակ կամ ճարմանդ մը կուրծքէն վեր կու միացընէ, օղակներէն յակունթներ կախուած, եւ ինչուան նռնագոյն կոշիկները կ՚իջնէ․ գլուխն արծաթախառն սաղաւարտ` ոսկէքանդակ գարգմանակաւ, որոյ կռնակէն դէպ ի գագաթն ոսկի արծուի մը կայ, եւ վարի եզերքը բոլորած պսակաձեւ թագ մը, անոր վրայ այլ պլլուած բոլոր գերագոյն իշխանութեան նշանը` աշխարհաւանդ ըսուած հանգոյցը, որոյ ծայրերն ցցունազարդք` ուսոց վրայ կ՚իջնեն։ Բայց արդարեւ տեսութեան արժանի մասն` այն հանգուցին ներքեւ էր․ բոլորակերպ, կարմրայտ գրեթէ ճառագայթարձակ, զուարթ դէմք մը, նման եգիականն Արամազդայ, բայց Ամպրոպայնոյն աչքերով։ Խաչգլուխ եւ խնձորգլուխ ձողերու եւ նիզական վրայ` բաց յեռագոյն դրօշից կու ծածանին զանազան գունով եւ նշանով վառեր, Մամիկոնէից տէրութեան, Հայոց սպարապետութեան, Յունաց ստրատելատութեան եւ Հայ թագաւորի տեղակալութեան․ զորս ուրախութեամբ ողջունելով 66,000 բերան` Պարսից անհուն բանակին եւ անճոռնի փղերուն ձայնն այլ կու խափանեն պահ մը։ Վարդան յառաջ անցնելով իր սպայից գնդէն` մէկ մը ճերմակովը կու թռչի բանակին մէկ ծայրէն ինչուան մէկայլը, ողջունելով, խրախուսելով, գրեթէ նոր ոյժ մը փչելով, եւ … նշան կու տայ սկսելու զպատերազմն։ Ահա մէկէն կու սկսին զէնք ձգել վեց բիւրքն Հայոց․ ոմանք սպառազէնք (այսինքն բոլոր զրահ հագած), ոմանք մերկք (այսինքն անզրահ), եւ ասոնք են աղեղնաւորքն, ոմանք վահանաւորք, հետեւակք` նիզակաւորք եւ սուսերաւորք․ աւելի շատն հեծեալք ծանր կամ թեթեւ զրահով։

Ե

Հիմայ թողունք որ քիչ մ՚այլ խօսի Եղիշէ․ «Իբրեւ այս այսպէս պատրաստեցան, երկոքեան կողմանքն լի սրտմտութեամբ եւ մեծաւ բարկութեամբ զայրանային, եւ գազանացեալ զօրութեամբ յիրեարս յարձակէին երկոքեան․ եւ ամբոխ աղաղակին յերկոցունց կողմանց` իբրեւ ի մէջ ամպոց շփոթելոց` ճայթմունս գործէր․ եւ հնչումն ձայնիցն` զքարանձաւս լերանցն շարժէր։ Ի բազմութենէ սաղաւարտիցն եւ ի փայլիւն պատենազէն վառելոցն` իբրեւ նշոյլք ճառագայթից արեգական հատանէին։ Նա եւ ի բազում սուսերացն շողալ, եւ ի ճօճել բազմախուռն նիզակացն` իբրեւ յերկնուստ ահագին հրաձգութիւնք եռային։ Քանզի ո՞վ իսկ է բաւական ասել զմեծամեծ տագնապ ահաւոր ձայնիցն․ ո՛րպէս կոփիւնք վահանաւորացն եւ ճայթմունք լարից աղեղանցն զլսելիս ամենեցուն առ հասարակ խլացուցանէին։ Անդ էր տեսանել շտապ մեծի տագնապին եւ զաղէտս անբաւ տարակուսանացն երկոցունց կողմանցն, առ ի յանդուգն յաձակմանէն զմիմեանս բախելով․ քանզի թանձրամիտքն յիմարէին, եւ վատասիրտքն լքանէին, քաջքն խիզախէին, եւ նահատակքն գոչէին»։…

Այս մեծ ու բաղդավճիռ ճակատամարտս, ուր 300,000 եւ աւելի անձինք կռուե­ցան գրեթէ յառաւօտէ մինչեւ յերիկուն, որչափ նշանաւոր է սաստկու­թեամբն` նոյնչափ այլ քիչութեամբ մեռելոցն․ երկու կողմէն մէկտեղ հազիւ 4 կամ 5000 մարդ ընկան․ որոյ պատճառ, մէկ մը երկուքին այլ հմտութեամբ եւ վարպետութեամբ շարժելն է․ մէկ մ՚այլ բանակաց մէջտեղ գետ մ՚ըլլալն, որով երկայն ատեն հեռուէն նետաձգութեամբ եւ ուրիշ հեռաձիգ զէնքերով կռուէին․ Հայք աղեղնաւորութեան մէջ շատ վարպետ էին, որով աւելի յաջողեցան Պարսից վրայ, բայց թուով նուազ ըլլալով` կրնային յօգնիլ առանց քշելու Պարսիկները, իսկ ասոնք թէ եւ բազմաթիւ` չէին համարձակեր Հայ աղեղանց դէմ գետը անցնիլ, մանաւանդ առանց փղերու` զորոնք դժուար էր շարժել։ Բայց կամաց կամաց երկու բանակն այլ սկան մօտենալ ի գետեզերքը, եւ հարկ էր որ մէկն կամ մէկայլն անցնի դիմացի կողմը իբր յաղթող․ եւ Հայք առին այս առաջին յաղթութիւնը։ Իրենց երկրին դար ու փոս դիրքն` զիրենք չարքաշ եւ փորձ ըրեր էին․ յաջողութեամբ անցան ջուրը, մինչ Պարսիկք տարակուսեալ կու վխտային եզերքը։ Հայք ջրէն ցատքելով առաջին թափով դիմացի եղողները քշեցին․ բայց իրենք այլ սկսան Պարսից բազմութեան ոյժը իմանալ։

Հոս գրեթէ նորէն սկսաւ պատերազմն, եւ բաղդն յերեւան գալ։ Բանակաց արեւմտեան թեւքն հաւասար իրարու կ՚ընդդիմանային, եւ գրեթէ ինչուան վերջը սակաւաթիւ Հայք` Դողվըճայ դէմ կեցան, ինչուան որ իրենց երեք գնդապետ զօրավարքն այլ` քաջապէս ընկան նահատակուեցան դաշտին վրայ, Խորէն, Արսէն եւ Ներսեհ։ Միջին թեւքն այլ նոյնպէս սաստիկ ճգամբ եւ գրեթէ հաւասար կու կռուէին․ իսկ արեւելեան թեւերուն, ուր Հայք Հայոց դէմ էին, Վասակայ հրապոյրն զօրացաւ, եւ Վարդանանց կողմի թեւն սկսաւ տկարանալ․ այն շփոթութեան ատեն գունդ մը անկէ զատուելով` փախաւ կամ պատերազմէն դուրս ելաւ․ այս բանս բոլոր պատերազմը կերպարանափոխ ըրաւ։ Աւելի մեծ շփոթութենէ ազատեց իր բանակը` արթուն եւ երագահաս սպարապետն, որ տեսնելով ձախ թեւին ետ քաշուիլը, վերջապահ ջոկոկ մը հասաւ օգնութեան, նորէն կարգի մտուց հաւատարիմները, եւ ինքն առաջ անցնելով ընկաւ Պարսից աջ թեւին վրայ․ յորում ուխտազանց Հայք, եւ հիւսիսային ու արեւելեան ազգաց գունդեր կային, եւ քշելով տարաւ ձգեց անոնց միջին թեւին եւ փղակուտին վրայ։ Նոյն ատեն Վահան Արծրունի այլ Հայոց միջին գնդաւն սաստիկ թափով յարձըկելով Պարսից միջին եւ բուն գնդին վրայ` խռովեց, շարժեց եւ դէպ յարեւելք քշեց․ որով Պարսից երկու շփոթուած շարժած գնդերն այլ ընկան իրարու վրայ, ու Վարդանայ եւ Վահանայ սուրերուն մէջ․ եւ եթէ ասոնք շատուոր ըլլային, կամ նոյն ատեն վերջապահ գունդն այլ իրենց օգնութեան հասնէր, թերեւս բոլոր Պարսից բանակը պղտորէին․ վասն զի Վահանայ եւ Վարդանայ բախմունքէն` անվանելի Մատեան գունդն անգամ պատռուեցաւ, 140 անմահ Պարսիկ` Հայոց սպարապետին եւ Արծրունի նիզակակցին սուրերով մահացան, մեէայլներն այլ փախչելու վրայ էին․ եւ ահա վարած կորած Վասակայ չար գլուխն տեսնուեցաւ իր յետ քշուած գնդին մէջ․ Վարդան արդար վրէժխնդրութեամբ դարձաւ այդ անիծապարտին վրայ, որ իր թելադիր սատանային սիրած օձուն պէս` սողոսկելով սպրդեցաւ, փղերուն մէջ փախաւ պահուըտեցաւ։ Թերեւս Վարդանայ պէտք չէր այնչափ յառաջ նետուիլ կամ հոս ուշանայ․ բայց ինքն արդէն ըլլալիքը գուշակելով, աւելի երկնից նահատակ քան յերկրի յաղթող ըլլալ փափագէր։ Պարսից սպարապետն Մուշկան` որ կենաց եւ մահու, յաղթութեան կամ յաղթուելու ժամը հասած կու տեսնէր, որչափ որ տագնապեցաւ ի Վարդանայ, անոր շատ յառաջելն այլ իրեն օգուտ առաւ․ տեսաւ որ անոր եւ մնացեալ Հայոց միջին ու ձաթ թեւոյն մէջ` մեծ միջոց կայ․ իր շփոթեալ զօրաց դասերը եւ Մատենիկ գունդը ժողվեց սրտապնդեց, ու մաս մը այն հեռու մնացեալ Հայոց վրայ դարձուց, մաս մ՚այլ Վարդանայ եւ Վահանայ դէմ կենալու․ եւ ասոնց ետեւէն գալու եւ մէջ փակելու` պատուէր տուաւ շուտով, փողեց կանչեց Արտաշրի` որ փղերը առաջ քշէ․ ինքն այլ իր յատուկ գնդով յառաջ անցաւ։ Եւ այսպէս երկու երեք կողմէ պատելով հոն, «Կորովին Վարդան իւրովք քաջ նիզակակցօքն` ոչ սակաւ նախճիրս ի տեղւոջն գործեաց․ յորում տեղւոջ եւ ինքն իսկ արժանի եղեւ առնուլ զկատարեալ նահատակութեանն պսակ»։ Վարդանայ հետ հոն պսակուեցաւ իր պատուակից եւ նիզակակիցն Վահան Արծրունի․ այս երկու պարագլխոց պէս` իրենց գնդից ինչուան վերջին շունչը առաջնորդելով եւ կռուելով` ընկան մեծափառ քաջութեամբ աջ թեւին երեք զօրագլուխքն, զոր վերը յիշեցինք, ձախ թեւին գնդապետն այլ Տաճատ Գնթունի․ այս թեւէն եւ միջին թեւէն երկերկու զօրաւոր զօրագլուխք ապրեցան․ անոնց տեղ ուրիշ զօրապետ իշխանք ընկան ԱՐՏԱԿՆ ՊԱԼՈՒՆԻ, ՀՄԱՅԵԱԿ ԴԻՄԱՔՍԵԱՆՑ, ՎԱՀԱՆ ԳՆՈՒՆԻ եւ ԳԱՐԵԳԻՆ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆ, որով յայտնի եղաւ` որ թէ Վարդան եւ թէ իր հաւատարիմ նիզակակիցքն` մտքերնին դրեր էին` կամ հալածել քշել զթշնամին, կամ ինչուան վերջը պատերազմելով մեռնիլ․ եւ արեամբ քաւել բոլորովին իրենց սուտ ուրացութեան յանցանքն այլ։ Ասոր համար երբ Պարսից զօրքն մտան ի Հայս, Վարդան հրաւէր խաւրեր էր իրեններուն` ոչ այնքան ի պատերազմն` որքան ի մարտիրոսութիւն, ըսելով․ «Գունդ բազում հասեալ գայ, բերելով աստուածասիրաց պսակս երկնաւորս․ արդ որ ոք ցանկայ առնուլ` աճապարեցէք, զի մի՛ վրիպեսցի ոք եւ զղջանայցէ … Եւ զայս լուեալ ճշմարտասիրացն եւ զանմահութիւն սիրողացն` դղրդեցան, ելեւելս առնելով զմիմեամբք, որպէս հոտք որ ի ձայն աղի փութայցեն զկնի հովուաց»։ Իսկ վերջապահ գնդին մեծ զօրագլուխքն Արշաւիր եւ Համազասպեան` պատերազմին սաստիկ խառնուրդէն հեռու ըլլալով` իրենց պաշտօնը կատարեցին․ յետ նահատակութեան արժանաւորաց` եւ երեկոյին վրայ հասնելուն, ետ քաշեցին ուխտապահ զօրքերը, որ իրենցմէ յանդուգն եւ յառաջադէմ վարիչնին կորուսեր էին․ ուստի ոմանք այս երկու վերջապահ զօրագլխաց գնդին խառնուեցան, ոմանք այլ ցրուեցան զանազան կողմ, կամ բերդերու մէջ քաշուեցան։ Տասն պարագլուխ նահատակեալ իշխանաց հետ, իւրաքանչիւրին ցեղէն (բաց յԱրծրունեաց) 276 կամ 286 կտրիճք ընկան բուն պատերազմին ատեն․ որոց գրեթէ կէսն, 137 հոգի Վարդանայ հայրենակից` տիրասէր Մամիկոնեանք էին, մնացելոց մէջ բազմութիւնք են` Արտակայ տոհմակից Պալունիք, 57 հոգի։ Ասոնցմէ դուրս են Արծրունիք, որոց թիւն թշնամութեամբ ջնջուած կ՚երեւի․ նոյնպէս նշանակուած չեն ուրիշ ցեղերէ եւ թագաւորական գնդէն մեռողաց զատ զատ թիւերն․ բայց առաջիններուն հետ մէկտեղ բոլոր պատերազմին մէջ ընկողքն էին 696 հոգի․ ասոնցմէ զատ քանի մը հարիւր այլ նոյն օրը ձեռք ընկան եւ փղաց ոտնակոխ եղան, կամ ամրացած տեղերէն բռնուած սպանուեցան․ եւ ասոնցմով ու առաջիններով միագումար նահատակելոց թիւն եղաւ 1036 2 , զատ ի տասն նախարարաց։ Իսկ թշնամեաց կողմէն պատերազմի մէջ ընկան ինն մեծ իշխան եւ 3544 մարդ․ որ է ըսել եռապատիկ կամ քառապատիկ աւելի քան զՀայս։

Զ

Ի՞նչ եղաւ այս մեծ եւ հռչաւոր պատերազմին հետեւանքն։ Հայք` բարոյապէս յաղթեցին, Պարսք աշխարհօրէն։ — Վասակ եւ Պարսիկք նախ սկսան առջի հնարքները բանեցընել․ ուխտապահ Հայք այլ իրենց հնարքը, ոմանք բերդերու մէջ ամրացան, ոմանք այլ կռուով Պարսից դէմ կեցան, ինչուան անոնց սահմաններն այլ յարձակելով․ եւ ստիպեցին զՅազկերտ` որ զիրենք ազատ թողու իրենց սուրբ կրօնից պաշտաման եւ իրենց հայրենի սովորութեանց մէջ։ Յանձն առաւ եւ թողուց Յազկերտ․ եւ որովհետեւ քահանայք եւ գլխաւոր նախարարք բողոքեր էին առ նա ընդդէմ Վասակայ, կանչեց զանոնք իր դուռը, զոմանս կամաւ եւ զոմանս բռնի․ եւ բոլոր Պարսից ատենին առջեւ քննելով` յանցաւոր գտաւ զչարեացապարտ իշխանն Սիւնեաց Վասակ․ եւ դատապարտեց մահուան բանտի, ուր եւ չարաչար ցաւերով մեռաւ։ Քահանայից գլխաւորները Ս․ Ղեւոնդեանք, նահատակել տուաւ (յամի 453)․ իսկ Հայոց նախարարները բանտեց ի Պարսկաստան, ուր եւ մնացին զանազան պատճառաւ 15 տարւոյ չափ․ յետոյ Պերոզի թագաւորութեան ատեն արձակուեցան դարձան իրենց հայրենիքը, ուր կային դեռ սեւցած ուրացող Հայերէն․ եւ նորէն ասոնց գրգռութեամբ սկսան Պարսք հակառակիլ ուխտապահաց, որոց գլուխ կեցաւ Վարդանայ արժանաւոր եղբօրորդին Վահան․ եւ քանի մը տարի պատերազմով յօգնեցնելով Պարսից զօրավարները, վերջապէս ստիպեց եւ հաւանեցուց զթագաւորը` որ թողու զՀայս ազատ իրենց կրօնից եւ հայրենի սովորութեանց եւ իշխանութեանց մէջ․ եւ նոյն ինքն Վահան եղաւ բոլոր Հայոց վերակացու իշխանապետ եւ իբր փոխարքայ, մարզպան կոչմամբ, յետ 35 տարւոյ պատերազմին Վարդանանց։

Ահա այս եղաւ հետեւանքն Շաւարշանի երրորդ հանդիսին։ Այսպէս կատարեց Վարդան իր օր մ՚ըսածը` Պարսից թագաւորին եւ բոլոր արքունեաց առջեւ, թէ այսպիսի գործ մը պիտի գործեմ` որ բոլոր աշխարհք պատմըւի մինչեւ յաւիտեան։ Յիրաւի, մեր նախահօր Հայկին օրէն եւ իրեն թոռնորդւոյն Գեղեցիկն Արայի օրէն ինչուան յարքայորդին Թորոս եւ ինչուան ի քաջն Լիպարիտ, զօրավար Զ Լեւոնի, վերջին թագաւորին Հայոց, Հայ իշխանաց եւ զօրավարաց մէջ` ամենէն սիրելին եւ տօնելին մեր Հայոց ազգի խորանաց, սրտից եւ բերանոց մէջ` է Կարմիրն Վարդան, որդի Համազասպայ Մամիկոնէից տեառն եւ Հայոց սպարապետի եւ երբեմն իշխանապետի, թոռն մեծին աստուածապատիւ հայրապետին Սահակայ Պարթեւի․ որոց քաջութեան եւ սրբութեան գրկաց մէջ ծնաւ, սնաւ, գործեց ու մեռաւ․ պատուեալ կենօքն` ոչ միայն իր ազգէն` ինչուան թագաւորի տեղակալութեամբ կամ արքունի տան պահպանութեամբ, այլ եւ ի Յունաց եւ ի Պարսից․ բոլոր Հայոց սպարապետ ըլլալով քսան տարի, ազգային եւ օտար նշանաւոր զօրավարաց շատէն վեր անցաւ․ 42 մեծ ճակատամարտի մէջ յաղթող ելլելով, զոր աւելի Պարսից ծառայութեան մէջ ըրած էր զանազան աշխարհքներ, ինչուան Խորասանի եւ Թուրքաստանի անապատին մէջ Մէրու կամ Մէրվիրուտ գետոյն վրայ, ուր նոյն ինքն Յազկերտ թագաւորն ականատես ըլլալով անոր քաջութեանը, եւ ուրիշ գործքերն այլ լսելով, հիմա իր զօրաց կոտորածէն եւ նախարարաց սպանուելէն աւելի` Վարդանայ մահուան վրայ ցաւեցաւ, եւ դատափետեց զՎասակ իբրեւ պատճառ անոր մահուանը․ եւ բոլոր արքունեաց առջեւ կ՚ըսէր, «թէ զայնպիսի քաջ եւ պիտանի եւ զվաստակաւորն մեր` զՎարդան … եւ կայսր (Յունաց) եւ կամ Հոնաց արքայ բնութեամբ յինէն հանել կամէին, (ես) ամենայն Արեաց (Պարսից) ուժովս կռուէի, եւ չտայի հանգչել, մինչեւ այսրէն յիս հանէի»։ Պանծալի վկայութիւն եւ արժանաւոր համարմունք․ բայց ափսո՜ս քեզ, ո՛վ կոյր թագաւոր, որ անխոհեմութեամբ կորուսիր այնպիսի պիտանի մարդը, զոր միայն իր ճշմարիտ սիրելի հայրենիքն եւ եկեղեցին անկորուստ պահեց մինչեւ ցայսօր։

Վարդան նահատակութեանն ատեն գոնէ յիսնամեայ պիտի ըլլար․ իրեն ժառանգ արու զաւակ չթողուց, անոր համար Մամիկոնէից տէրութիւնն անցաւ իր Հմայեակ եղբորը, որ նոյնպէս քիչ ատենէն նահատակուելով, յաջորդեց անոր որդին հռչակաւոր կտրիճն Վահան, յետ դարձին ի Պարսից։ Բայց դուստր մը ունէր Վարդան` իր հօրը եւ իր գեղեցկութեան պատճառաւ կրկին անուամբ կոչուած, Վարդենի եւ Շուշանիկ, որ Վրաց բդեշխին կամ Գուգարաց նահապետին Վազգենի տիկին եղաւ, եւ անոր անգութ ձեռքով նահատակուեցաւ, երկայն եւ սքանչելի համբերութեամբ եւ իմաստութեամբ, յայտնի ցուցընելով որ դուստր է Վարդանայ եւ թոռնեայ Ս․ Սահակայ, որոց փառք մ՚այլ աւելցուց, մեր եկեղեցւոյ տոնելի վկայուհեաց պարծանք ըլլալով, եւ ցուցած արութեամբն` ոչ պակաս քան զքաջամարտիկ սուրբ գունդն Վարդանանց։

Վարդանայ անգին մարմինը, անշուշտ հաւատարիմ Մամիկոնեանքն` չթողուցին աւար Պարսից, այլ իբրեւ պանծալի նշան եւ դրոշ հայրենեաց` քաջաբար վերուցին։ Նշխարքն զանազան տեղ ցրուեցան, եւ յետոյ մինչեւ ի Համշէն, ուր կու յիշուին եւ ի սկիզբն ԺԶ դարու։ Բայց Ոգին հայրենեաց, հաւատարիմն Հայաստանի, որ իր քաջանշան որդւոց վարձու եւ անմահութեան մէկ մէկ անակնկալ եւ վսեմական բան կամ անուն կու հնարէր, յափշտակեց Վարդանայ նշխարաց մէջէն այն թանկ գլուխը, որ զինքը դնելով բոլոր Հայ աշխարհին եւ եկեղեցւոյ վրայ` աւելի բարձրացուց զանոնք, եւ այն ջաջուռ աջը` որ երեսուն տարի արեւելից եւ արեւմտից մէջ քաջագոյն սրբագոյն վարիչ էր բանակաց, յաղթութեանց վճռահատ, եւ պսակաց հաւաքող, առաւ դրաւ` անոր մարմնով մայրենի նախահաւուն եւ հոգւով հօրն` հանգստարանին մէջ, Ս․ Լուսաւորչի նշխարաց քով։ … Սեպուհ լերան սրբազան սարերուն մէջ միաբանեցան երեք վեհագոյն նշխարք եւ մեծագոյն յիշատակք եւ աստուածափառ նահատակքն Հայոց․ ԳՐԻԳՈՐ, ՏՐԴԱՏ, եւ ՎԱՐԴԱՆ։

Է

Ս․ Վարդանանց վրայ երդուած գանձ մը լսենք, որ բազմաց անծանօթ է․

«Որ զամենայն յամենայնի լնուս առատապէս, արարեր զիմանալի զօրս վերինս քեզ ի հաճութիւն․ հաճեցար եւ ի մարդկանէ առնուլ սպասաւոր եւ փառաբանիչս անուանդ քում սրբոյ, ընդ որս եւ ի շառաւիղէ մերոյն համայնից հօրն լուսոյ` զՔաջն Վարդան, հանդերձ իւրայովքն․ զորս կարգեցեր ի զօրս վերինս գերապանձ լուսով զարդարեալ․ ընդ որս Ատոմեանց զօրացն յայտնապէս տեսեալ ի վերուստ իջեալ պսակ լուսոյ բոլորեալ։ Ընկալ Տէր, զաղաչանս միաբան ժողովելոցս քեզ ի հաճութիւն․ աղաչեմք։

Վսեմական վիպասանութեամբ պատմաբանի ձեր գործ հանդիսի, Քաջդ Վարդան, արի, երջանիկ, հանդերձ միախումբ ընդ քեզ վառելովք, թիւ հազարաց եւ երից տասանց հանդերձ վեցեկի թուով․ լիալիր սիրով վառեալ ի սէրն Աստուծոյ․ հանճարական ձեր իմաստութեամբ, մաքուր անձամբ, մաքրափայլ մտօք, մաքրազարդից գոլ հանդիսակից, արժանաւորք յաւէտ գովութեան, տիրապէս հաճոյք Աստուծոյ։ — Ընկալ, եւ այլն։

Ստացայք ձեր անուն քաջութեան յերկինս եւ յերկրի, քաջ զօրականք, ընտրեալք յԱստուծոյ, որք ըստ հրամանի փրկչին Յիսուսի սպառազինեալք` մեցաւ հաւատովք, բարձեալք ըզխաչն տէրունական, յուսով հետեւեալք զհետ խաչելոյն, սուսերբ Հոգւոյն, բանիւ բարձրելոյն ամրացուցեալք զմէջս իմանալիս, կրկին մարդով կրկնակի վառեալք որպէս զքաջք ի պատերազմի, վանեալք ցգունդս լեգէոնաց հակառակորդացն ճշմարտութեան։ Ընկալ, եւ այլն։

Էական լուսոյն հետեւեալք` յերկրէ յերկինս ըռահ կազմեալ, վասն ճանապարհին ճշմարտութեանն` ճամբարապատ ճանապարհ հորդեալք, զխարդախութիւն ունայնախոհացն` արդարութեանն ընտրանաւ յայտնեալ, սուր երկսայր ունելօք բարձեալք_ վրիժապարտ ազգին վատշուէր ի մաքառումն պատրաստական․ զծաղկածին դաշտն Վատնական` կարմրածաղիկ արեամբ ձեր ներկեալ, արգասաւոր ձերով հանդիսիւ զարդարելով զբամբիշ Քրիստոսի։ Ընկալ, եւն։

Սուրբք եւ սիրեցեալք եւ ճշմարիտ զօրականք ընտրեալք ըստ հաճոյից Տեառն պատրաստեալք, զբարիոք մարտն մատուցեալք ի յաղթական ձեր պատերազմի, զբրաբիոնն ձեր մրցանակի արժանապէս յանձին ընկալեալք․ որպէս զքաջ յաւէտ նահատակք արիական ձեր պատերազմաւ թեւակոխեալք ի վերնասիովն ի կենդանւոյն քաղաք Աստուծոյ, ի պօղոսեան մայրն առաքելոյ, քաղաքակիցք գտայք հանդիսի․ բարեխօս լերուք առ Տէր վասն տօնողացս զյիշատակս ձեր, զօրականք ընտրեալք։ Ընկալ, եւ այլն։

Այս գանձիս կամ քարոզիս հեղինակն է Մովսէս ոմն, ինչպէս որ անգլուխ տառքն ցուցընեն,, որոյ առաջին եւ վերջին տներն աւելորդ սեպեցինք հոս դնել, անոնց մէջ Վարդանանց յիշատակութիւն չըլլալով․ օրինակն 620 տարուան ձեռագրէ մը առնուած է, որ հեղինակին բաւական հնութիւնն այլ ցուցընէ։

ԺԱ․ Ստեփանոս Սիւնեցի եւ Սահակդուխտ

21 Յուլիսի 736․

Ա

ՀՐՈՏԻՑ ամիսն է, արեւն` առիւծ աստեղատան մէջ արդարեւ հրեղէն ճառագայթներովը` իբրեւ առիւծային թաթերով կու լլկէ կու տոչորէ զերկիր։ Հայկայ հրաճօճակ աստղն այլ (Շնիկն) սկսած է բարձրանալ, ամեն տեղ տաք, ամեն բան կրակ։ Ո՞ւր են այն Հայոց ձիւնեղէն սառնապատ լերինքն, անոր բեւեռային կերպարանքն` հիմա յայրեցեալ գօտի փոխուեր է։ Երկու հակադէմ կլիմայք կ՚երեւին մեր երկրին մէջ․ սաստիկ ցրտութիւն եւ սաստիկ տաքութիւն։ Ի՞նչպէս բնակելու է ասանկ երկրի վրայ։ … Մեր հարքն, եւ մեր եղբարքն անգամ, շատ տեղ գետնի վրայ չէին բնակեր ուրիշ աշխարհաց բնակչաց նման, գոնէ տարւոյն երկու ծայրայեղ յեղանակաց ատեն, այլ անկէ վար կամ անկէ վեր․ այսինքն ձմեռն` երկրին երեսաց տակ, կէս գետնափոր տանց մէջ, նման իմն հողաթմբիր կենդանեաց․ իսկ ամառն` այլ աւելի վայելչապէս, երկրիս սովորական երեսէն վեր, օդասահման կենդանեաց եւ թռչնոց հետ․ կամ լերանց եւ սարից վրայ, կամ ծառոց եւ ձեռակերտ բարձրաւանդակաց վրայ, ձողերու ցիցերու վրայ հաստատելով դարպասներ եւ ննջարաններ։ Ասոնք են հովք եւ հովանոցք եւ հովոց տեղիքն Հայոց․ որ Թորգոմայ օրերէն ի վեր մինչեւ ցայսօր սիրելի եւ բաղձալի են ի Հայաստան եւ Հայաստանի եզերքը բնակող ազգաց․ եւ ինչ որ այսօր Ռուսաց եւ Օսմանեանց իշխանաւորքն եւ զօրապետք կ՚ընեն երկրին բնիկ ժողովրդեան հետ` անոր բարձրաւանդակաց վրայ ամառնանալով, զնոյն 4000 տարի առաջ այլ Բաբելոնի եւ Նինուէի թագաւորք եւ իշխանք, մեր թագաւորաց, իշխանաց եւ ռամկաց հետ։ … Ո՞րչափ այլադէմ, այլախօս, այլակամ ժողովուրդք, զօրք եւ տեարք ամառնացան բնակեցան հոն ի հովս Հայոց, եւ անցան գնացին, շատերն անդարձ, իսկ երկիր դարձեալ նոյնպէս իր ամարանոցը կու պատրաստէ․ նոյնպէս կու բուսնին ծառք եւ ծաղկունք, նոյնպէս կու գան ծիծռունք եւ կռունկք․ նոյն հովք եւ նոյն հովանիք Հայոց․ եւ նոյն, … այո, ըսենք կիսամաղձիկ կրիւք, եւ նոյն սերունդք բնիկ նախնեաց, դեռ եւս վկայք երթեւեկի այլազգեաց, եւ վայելողք հովոյն եւ զովոյն։

Օրհնեա՜լ ըլլան հովքն Հայոց, հովք հայրենեաց, զոր ի մխիթար եւ ի մոռացումն երկայն ձմերան` պարգեւեց մեզ դրախտին տնկողն, Արարչապետն․ օրհնեա՜լ հովն եւ զովն` որ ի ցած ձորերէ եւ դաշտերէ վեր կանչելով ժողվելով զՀայաստանեայս` երկրին այն կոնաձեւ կամ տափաձեւ բարձանց վրայ, իբրեւ ի վերայ սեղանոյ բնութեան, բնաբար այլ կ՚ազդէին անոնց` արարչագործ մեծութիւնը, վսեմութիւնը, գեղեցկութիւնը, զանազանութիւնը։ Կ՚առողջանային կ՚ուժովնային կու զուարթանային միտք եւ մարմին․ թագաւորն կու հպարտանար, եւ ոչ անիրաւէր, որ Աստուած իր իշխանութեան տակ ձգեր է այն հովասուն սահմանները, եւ անոնց աշխոյժ ծնունդքը, զինուոր եւ ազատազունք հոն կու զօրացընէին, թեթեւցընէին, ճկուն եւ տոկուն կ՚ընէին իրենց կտրիճ անձինքը, սարէ սար` այծեմանց եւ ցռուց ետեւէ ընկնելով յորս․ հովիւք` հոն կու ծաւալէին երկրին եւ երկրագործութեան կենդանի հարստութիւնը եւ օգնութիւնը․ արուեստաւորք եւ ռամիկք` օրական եւ ամսական աշխատութիւնները հոն կու հանգչեցընէին, բանասէրք եւ հոգեսէրք անգամ, պաշտօնեայք Տրի, եւ Քրիստոսի, պարապողք ուսմանց եւ կրօնից, հոն այն հովերուն մէջ գոնէ ժամ ժամ զովանալով, աւելի յստակ մտօք եւ պայծառ տեսութեամբ կ՚ելլէին բարձրագոյն տեղուանք, ի կաճառս հռետորաց, ի պարս բանաստեղծից, յերամս հրեշտակաց․ եւ իրենց հոգեշունչ Օրհնութիւնները եւ Համբարձինները երգելով` կ՚իջնէին, եկեղեցւոյն Շարականը եւ Մանրուսմունքը` նոր նոր եղանակով հարստացընելու․ եւ ամառնային հովանոցներու ազդած երկնախառն հոգին եւ շունչն` զարմանալի այլակերպութեամբ ինչուան խորագոյն ձմերան խորանիստ տաճարաց մէջ հնչեցընելու, եւ ձայներնին հասցընելու յետ հազար տարիներու` մինչեւ մեզի այլ։ Օրհնեալ ուրեմն միանգամ այլ ըսենք, այն երկնաշունչ Հովքն Հայոց, որ այսպէս հոգեւորեցին մեր հարքը, եւ անոնց յարդարեալ շնչովն` զմեզ այլ կու հոգեւորեն այսօր։ …

Ե՛կ, Հայկակ, ելնենք այսօր մենք այլ այն բարձրանազ տեղերուն, հայրենեաց դարերուն, Հայոց հովերուն, Սիւնեաց զովերուն վրայ․ այն տեղուանքը` ուր Բաբիկ` ազատեալ ի պանդխտութենէ Պարսից` ուրախութեամբ որսի կ՚ելնէր․ «Խնդալով ի վերայ սովորական թատերացն եւ խնջոյից խրախարանացն, ի լերինս որսասուն եւ բազմաջոլիր վայրացն, ի լերինս Սիւնեաց»։

Բ

Այս խաղէն խնտումէն եւ որսէն աւելի պիտի ախորժիս անշուշտ, երբ քիչ մը յօգ­նութիւն առնելով, եւ աչքերդ բնութեան բարձրագլուխ եւ խորածոց գեղեց­կու­թեան վրայ պտըտցընելով` թողուս միտքդ վեր վար ժուռ գալու, եւ յանկարծ լսես վերը յիշեալ պաշտօնէից մէկուն ձայնը, որ իր աշտիճանին յարմար եւ իր բնա­տուր շնորհաց համեմատ` բարձրագոյն մտածութեանց մէջ թըռչտելով վերա­նալով, Սիւնեաց Սիոնի լեռնէն կու սլանայ Երուսաղէմի Սիոնը, անկէց այլ ան­դին, հեռու, խոր կ՚իջնէ մինչեւ յափունս Կարմիր Ծովուն․ հոն կու պտըտի մեծ նա­խամարգարէին հետ, կու դիտէ ծովակըտուր գաւազանին հրաշքը, կու լսէ ա­նոր հրաշալի Օրհնեսցուքը․ եւ իր բարձր հանճարոյն վրայ վստահացեալ` աւելի վե­հագոյն անձին (Քրիստոսի) շնորհօք, կու փորձէ աւելի հոգիացընել հայացընել այն հրաշալի օրհներգը․ եւ սլանալով իր հայկական հովոց վրայ` կու սկսի նուագել․

«Յաղթական քեզ օրհնութիւնք, Տէր․ որ ըզխորոց ծովուն հերձեր զջուրն․ զի ի նմա զբռնաւորին ջաղխեցեր զգլուխ․ եւ զարգելեալսն` ի ձեռն խաչի քո` վերածեր ի կեանս։

Կամաւոր մահուամբ ի քէն, Տէր, արձակեցեր զհոգի զօրութեան, ի մէջ մահու զմահ աւերեալ վանեցեր եւ զարգելեալսն` ի ձեռն խաչի քո վերածեր ի կեանս։

Նայեցարուք ի բարբառ մարգարէին եւ ի պատգամս կենդանիս․ որ քարոզեաց մեզ զցօղն կենաց ի յերւնից։

Զիջումն քո, Քրիստոս, գուշակեաց մեզ մարգարէն․ եւ զկամաւոր չարչարանս խաչին գոչէր ասելով․ Տարածեաց զթեւս իւր, ընկալաւ զնա, եւ բարձեալ բերէ ի փրկութիւն աշխարհի։

Ծափս հարէք ամենայն հեթանոսք եւ օրհնեցէք զԱստուած․ զի հուրն Աստուած բանն մարմնացաւ ի Կուսէ, աւերեաց զդժոխս եւ զզօրութիւն մահու ելոյծ։

Ընկալեալք զբաժակն ուրախութեան յայգւոյն անմահութեան` սրբոց առաքելոցն, որք ընդհանուր ընթերցան ընդ տիեզերս, լուսաւորեցին, հրաւիրելով զերկնից յարքայութիւն։

Յաւուր վրիժուց հատուցման ամպարշտաց` վերածիցես զմեզ ընդ հոգեցինացն դասս, ի տեղի անկելոց հրեշտակաց, բարեխօսութեամբ սրբուհւոյ աստուածածնին։

Լուայ զսքանչելի տնօրէնութեան քո զլուր, քանզի յերկնից խոնարհեալ մարմնացար ի սուրբ կուսէն եւ խաչեցար ընդ աւազակսն, եւ զարհուրեալ հիացայ ընդ քո ընդ անհաս մարդասիրութիւնդ։

Զիշխանաբար զյարութիւնդ գուշակեաց մեզ մարգարէն․ ասէ, Ելեր դու ի կառս քո, հեծելութիւնդ քո, Քրիստոս, փրկութիւն եղեւ յելանելդ քո։

Երեւեցար ի փրկել զարարածս ի մահուանէ, եւ դժոխք հիացեալ սասանեցաւ ի յահէ ամենազօր փառաց քոց»։

Գ

Ո՞ւր եմք, Հայկակ․ յՈլիմպո՜ս Հոմերոսի, թէ ի Պառնաս Պինդարու․ — բարձրագոյն քան զնոսա․ հաւասար Սինայի, ի Սիովն Սիւնեաց։ Այս աշխարհիս գաւառաց վեհագոյնն` Վայոց կամ Եղեգեաց ձոր` յափշտակեց զմեզ իր բարձրադիր հովոցաց վրայ, որոց միջէն կարկաջէ փրփրայ սփռուի, կ՚իջնէ բազմավտակ գետն Աբբայ, արեւելքէ յարեւմուտք, Հայաստանի մեծ դայեկին ծոցը, յԵրասխ․ գրեթէ գաւառին մէջտեղուանքն Աբբայի աջ (հիւսիսային) կողմը եւ քիչ հեռու ի գետափանցն` է Մոզն կամ Մոզան աւան կամ քաղաքագիւղ, որ եւ մինչեւ հիմա Մոզ անուամբ ծանօթ է․ անոր քովէն կ՚իջնէ Աւագական կամ Աւագակն աղբիւրն զովաջուր` յԱբբա․ այս երկու տեղեաց միջոցն եւ մօտերն են օդագնաց բարձրաւանդակք, հովոցք Մոզան․ եւ ահա այն հովոցներու վրայ հանգչողաց մէկն է հեղինակ այս սրբազան եւ վսեմական օրհներգութեանս․ եւ ինքն իսկ սրբազան եւ վսեմ անձն, բոլոր Սիւնեաց երկայնաշար քահանայապետաց մէջ (որք Լուսաւորչի օրէն մինչեւ ի մեր օրերը յաջորդած են 90 կամ 100 թուով) ամենէն հռչակաւորն իմաստութեամբ եւ թերեւս բոլոր մեր բանասիրաց եւ բանահիւսից մէջ ամենէն վսեմախօսն, վասն որոյ եւ կոչուած Քերթող եւ Իմաստասէր, ինքն նախագահ եպիսկոպոսն Սիւնեաց ՍՏԵՓԱՆՈՍ։ Որ եւ այսօր (21 յուլիսի, յամի Տեառն 736) ցորեկուան տաքութեան հետ` հոգւոյ եւ մտաց տաքութեամբք այլ նեղեալ` կու գայ իբրեւ մարդ սոսկական զովութիւն փընտռելու ի բնութենէ եւ ի միայնութենէ։ Եթէ յանդգնինք մենք այլ միայնաբար դիտելու զնա, ահա կու տեսնեմք` որ իբրեւ տեղեակ այս տեղերուս` անսովոր եւ անմարդաձայն ճամբով մը կու գայ, Աւագ աղբեր ընթացքը կու բռնէ, անոր հովանաւոր ափանցը ընթացիւք․ քալուածքն երագ, հաստատ եւ իբր սպառնալից․ նոյնը կարծել տան դէմքն այլ, որոյ սեւաթել շրջանակին վրայ հազիւ քիչ մը արծաթագոյն խառնուածք կ՚երեւնայ․ բարձրակամար յոնքն քիչ մը իրար մօտեցեր են լայնաբոլոր ճակտին կեդրոնին տակ․ երեսքն չոր կարմրութեամբ մը կու վառին․ բայց քանի կու յառաջէ` դէմքն կու թուլանան, հանդարտութիւնն կ՚աւելնայ․ կարծես թէ ոտքին տակ ցատքըտող մորեխաց, գլխուն վրայ կախուած ճպռանց աղաչական ճռճռմանց ողողմելով, եւ կանաչ հովանւոյն պատառուածոց միջէն երեւցած կտոր կտոր երկնից կապոյտներէն խրատուած` կընճռուած ճակատը պարզելով, խարշափուն տերեւոց մէջէն սուլուլիկ հովերու շնչմամբքն սրտաբացուելով, եւ ջրոյն մանրաքրքիջ կարկաջանօք հրաւիրուած, քալուածքը կու ծանրացընէ, կու դադրի․ կու նայի ծառոց եւ ալեաց վրայ․ կու ձայնէ իր փոքրաւորաց եւ սպասաւորաց յառաջ գալ, եւ հոն իր վրանը կանգնել եւ հեռանալ․ եւ երբ զինքը իր ցանկալի առանձնութեան մէջ կու գտնէ, վերարկուն վար դնելով, կ՚երթայ աղբիւրին յստակ հոսանաց տակ տաքութիւնը բժշկելու․ կու զովանայ, կու ջնջուի, եւ աղբերափանց մօտ յարմար լայնամիջոց ուռենի ծառ մը տեսնելով` կ՚առնու իր փայտաշէն հանգստանոցը, ամառուան հովոցի անկողինը, կու հաստատէ այն կանաչ—վարագոյր հովանեաց տակ, եւ զԱստուած օրհնելով` անոր բնաբուն բնազարդ տաճարին մէջ, հանգիստն ի քուն կու փոխուի, մտածութիւնքն յերազ եւ ի տեսիլս։ … Արդեօք կու տեսնէ՞ր քիչ մը վերջը ըլլալիլքն այլ․ երազական տեսիլքներէն բացայայտ ճշմարտութեան մը, մտնել ու մնալն առանց արթըննալու։ … Ո՜վ սխրալի եւ սոսկալի դիպուած, եւ գրեթէ աննման այսպիսի աննման մարդու մը համար։

Դ

Բայց յառաջ քան զդիպուածն` քիչ մ՚այլ ճանչցի՛ր, Հայկակ, այս վսեմամիտ մարդուս կեանքը եւ գործքը։ Վսեմ մտացն յարմար կամ թէ առիթ իսկ այնպիսի մտաց` վսեմական ծագումն ունէր․ Հայոց մայրաքաղաքին (ուր կու նստէր կաթողիկոսն եւ Արաբացի ոստիկանն աշխարհատեսուչ), աւագերեցն Սահակ` որ յետ կաթողիկոսին նախապատիւ կրնայ ըսուիլ Դունայ եկեղեցեաց պաշտօնէից մէջ, ընծայեց աշխարհիս զՍտեփաննոս, իբրեւ Զաքարիա մը Աստուծոյ սրբագոյն սեղանոյն խունկ ածելու ատեն` իրմէ արժանաւոր քահանայացաւ զաւակ մը մաղթելով եւ ընդունելով, անոր Յովհաննէսին նման` զսա, որ արդարեւ անոր պէս այլ վախճան մ՚ունեցաւ։ Աւագերեց հայրն` յայտնի է որ իր որդին առաջին տարիներէն սկսաւ վարժեցընել եւ կրթել ուսմանց եւ եկեղեցական պաշտամանց․ որոց աւելի յարմար եւ վեհագոյն վարժարան մ՚այլ չէր կրնար գտնել քան զնոյն իսկ Հայոց կաթողիկոսարանը, ուր եկեղեցւոյ ուխտին համար մասնաւոր ուսումնարան մ՚ունէին մեր հայրապետքն․ որոց աթոռը կու նստէր այն ատեն Տէր Սահակ, ազնուական, միանգամայն եւ բանավարժ բանաստեղծ անձն, որպէս վկայեն իր գրչէն մնացեալ քանի մը ճառք եւ շարականք․ անշուշտ ճանչցաւ հանճարաւոր կաթողիկոսն իր հանճարեղ համբակը, եւ յանձնեց մասնաւոր խնամոց վարժապետաց։

Ասոնցմէ աւելի ուսումնասէր գտուելով աշակերտն, երբ պատանեկութեան տարիքն հասաւ` չգոհանալով այն տեղ սովրածէն կամ սովրեցնողներէն, աւելի ճարտար անձ կու փնտռէր։ Այն ատեններն (ի վերջ Է դարու) մեծ համբաւ հաներ էր Սեւանայ ծովուն հարաւակողմը նոր հաստատուած վանք մը, որ իր վանականաց հագած ոչխարեղէն մորթոյն անուամբ` Մաքենեաց կամ Մաքենոց կոչեցաւ․ որոյ առաջնորդն Սողոմոն` Հարանց հայր անուանեալ, թէ ճգնողական վարուք եւ թէ իմաստութեամբն ամենուն ծանօթ եւ հռչակեալ էր, մանաւանդ երբ ի սկիզբն Ը դարու հրատարակեց Տօնական գիրքը, հաւաքումն վարուց սրբոց եւ ճառից վասն տօնից։ Այս սուրբ եւ գիտուն անձին քով այլ առաքինութեամբ եւ իմաստասիրութեամբ վարժելով` ինչ որ կրնար մէկն հոն սովրիլ, սկսաւ անկէ այլ բարձրագոյն տեղ խնդրել․ գնաց երկու դարէ ի վեր պանծալի եւ Հայաստանի մէջ ամենէն հռչակաւոր ուսումնարանը, Սիւնեաց վարդապետարանն․ որ ըստ պատմըչին «գլուխ էր ամենայն գիտնոց Հայոց, եւ պայծառացեալ դպրոցքն որ ի նմա․ քանզի որպէս Աթենացիքն ՚ի մէջ Հոռոմոց եւ Յունաց ճոխացեալ էին եւ մայր իմաստից կոչեցեալ… այսպէս եւ սոքա ի տանս Թորգոմայ, յաշխարհիս Հայոց»։ Եպիսկոպոսն Սիւնեաց Մովսէս ճանչցաւ մէկէն իր մեծարելի հիւրը, սիրով ընդունեցաւ, եւ հրամեց անոր սուր եւ անյագ միտքը վարժեցընել, ինչչափ որ իր ամենէն գիտուն վարդապետքն կրնային, որոց քիչ ատենէն հաւասարեցաւ եւ գերազանցեց, եւ սուրբ աստիճաններն այլ առնըլով` անցաւ ի կարգ վարդապետացն, թէ եւ դեռ նորահաս երիտասարդ էր տարւոք, եւ հրամանաւ եպիսկոպոսին սկսաւ վարդապետել, եւ դաս տալ այն անուանի վարժարանին մէջ, որոյ արժանաւոր վարդապետքն քէրդող եւ հռէտոր կ՚ըսուէին։ Կ՚երեւի թէ այս ժամանակ ոչ միայն «բերանով մեկնէր զաստուածային գիրս աշակերտելոցն ի վարժարանին» այլ եւ գրով աւանդեց սուրբ գրոց մեծ մասին մեկնութիւնը, համառօտ բայց իմաստալից եւ քաջադատ, որոցմէ մնացեալք եւ յիշեալք են Մեկնութիւն գրոց Ծննդոց, Առակաց, Յովբայ, Դանիելի, Եզեկիելի, զորից Աւետարանաց, Յակովբայ թղթոյն, եւ զատ ի Ս․ Գրոց`` նաեւ եկեղեցական գրեանց, ինչպէս Ժամագրոց, եկեղեցական խորհրդոց եւ տօնից, որոց համար շինեց եւ երգեց զանազան ոճով եւ ձեւով եղանակաւոր երգեր, որք կ՚ըսուին Կցուրդք, Ստողոգիք, Մեծ պահոց եւ Յինանց միջոց երգելու համար, եւ շարականներ, որոց մէջ ծանօթագոյնք եւ իր գրուածոց գլուխ գորոծց համարեալ են Աւագ օրհնութիւնք Յարութեան, որ եւ մեր հայերէն դպրութեան գեղեցկագոյն բերոց մէկն են, ասոնցմէ էր մեր վերը լսածնիս այլ «Յաղթական քեզ օրհնութիւնք»։ Այս մեկնութեանց մէկ մասն այլ գրեց ի Դուին ի կաթողիկոսարանին, երկրորդ անգամ հոն բնական ատեն, յետ մահուան Մովսիսի Սիւնեաց եպիսկոպոսի․ որ նախ քան զվախճանեալն` եպիսկոպոսարանին հոգաբարձութիւնը իրեն յանձնեց, ինչուան որ նոր եպիսկոպոս դրուի․ եւ երբ Սիւնեցիք ընտրեցին զԱնանիա, Ստեփանոս տարաւ զնա առ կաթուղիկոսն (Եղիա) եւ ձեռնադրել տալով յուղարկեց իր աթոռը ի Սիւնիս․ իսկ ինքն մնաց կաթուղիկոսին քով։

Այն ատենները ի Դուին էր Հայոց իշխանապետն եւ սպապետն Սմբատ ասպետ Բիւրատեան, որ երբեմն Յունաց դուռը կեցած եւ պատուած, կրօնական եւ արտաքին ուսմանց այլ հետամուտ եւ տեղեակ էր․ ասոր հետ Ստեփանոս վէճ ունեցաւ Յունաց եւ Հայոց դաւանութեանց տարբերութեան վրայ, եւ իշխանն յաղթող ելաւ․ հմտութեամբ` Յունաց Ս․ Հարց վարդապետութիւնը հարազատօրէն մէջ բերելով, միանգամայն փիլիսոփայական պատճառաբանութեամբ քննելով։ Իմացաւ Ստեփաննոս որ իմաստասիրական տրամաբանութեանց համար բաւական չէր ինչուան այն ատեն սովրածն ի Հայս, եւ պէտք էր աղբիւրներէն քննել սուրբ վարդապետաց գրուածքը։ Եւ որովհետեւ Սմբատայ հետ աւրուած էր` գաղտուկ եւ ծպտեալ ելաւ ի Դըւնայ եւ գնայ ի Կ․ Պօլիս․ եւ փնտռելով գտաւ հոն վարպետ Յոյն իմաստասէր մը որ եւ ճգնաւորի պէս կ՚ապրէր ի միայնութեան․ անոր աշակերտեցաւ թէ լեզուն սովրելու եւ թէ փիլիսոփայութիւն․ յունարենէն զատ լատիներէն այլ սովրեցաւ որ արեւմտեան եկեղեցւոյ Հայոց վարդապետութեանն այլ տեղեկանայ։ Իսկ Սմբատ դժուարելով անոր գաղտուկ երթալուն, իմացաւ ուր ըլլալն, եւ նախանձայուզութեամբ իմացուց կայսեր, Ստեփաննոսի ով եւ ինչ կարծեաց տէր ըլլալը։ Կայսրն այլ, կ՚ըսէ պատմիչն, հրաման տուաւ քննելու զՍտեփաննոս․ իսկ սա իր վարպետէն խրատուած` ըսաւ, թէ ես ուրիշի հետ բան չունիմ, այլ պանդուխտ եմ, եկած եմ ապրուստս հոգալու եւ իմ բարուցս աշխատելու։ Այս խօսքով ոչ միայն ազատութիւն գտաւ, այլ եւ համարձակութիւն առաւ քաղաքը գալու եւ Յունաց եկեղեցիները եւ ուսումնարանները մտնելու․ մանաւանդ Ս․ Սոփիայ գրատունը, ուսկի ուզած գրքերը կ՚առնուր, կարդար, կ՚օրինակէր, թարգմանէր։ Յետոյ Աթէնք այլ գնաց, հոն այլ հին իմաստասիրաց թողած համբաւոյն մնացորդը քաղելու, եւ նոր գրքեր քննելու։ Եւ երբ դարձաւ` աւելի ծանօթացաւ Յունաց մեծերուն, պատրիարքարանին եւ արքունեաց։ Հոս էր այն ատեն Դաւիթ հայազգի իշխանազն, որ հիւպատոսութեան եւ թագաւորական սեղանակցութեան պատիւն ունէր, եւ յունարէն լեզուն կատարեալ գիտէր։ Ասոր օգնութեամբը կամ աչքէ անցնելովն` թարգմանեց Ստեփաննոս զանազան Ս․ Հարց գրուածներ․ նախ Դիոնէսիոսի արիսպագացւոյն խրթնաբան խորիմաց գրքերը, որոյ մթին բանիցն այլ լուծմունք կամ մեկնութիւն գրեց համառօտ․ այս գործս ի գլուխ հանեց յամի Տեառն 712․ մէկ երկու տարի ետեւ թարգմանեց Ս․ Կիւրղի Պարապմանց ըսուած գիրքն եւ անոր զանազան թղթերն եւ ճառերն․ — միւս տարին, 716, Ղեւտական գրոց մեկնութիւն մը թարգմանեց․ յաջորդ տարին, 717, Ս․ Գրիգորի Նիւսացւոյ Յաղագս բնութեան եւ կազմութեան մարդոյն անուանեալ գրքերը․ եւ հաւանօրէն ուրիշ գրքեր այլ։ Դաւթի ձեռքով համարձակութիւն առած` կայսերական գրատունն այլ քննեց, եւ գտաւ ոսկետուփ մատեան մը նախնի Ս․ Հարց գործոց, զոր արդէն ընդունէին Հայք․ որով կայսրն այլ հաճելով այս բանիս` յանձնարարական գրով կամ օգնականութեամբ խաւրեց զՍտեփաննոս ի Հռոմ, ըստ խնդրոյ նորա, որ այն տեղի հռչակաւոր մատենադարանն այլ քննէ․ հոն գտաւ Ստեփաննոս լատիներենէ զատ` Յունաց Ս․ Հարց գործոց ընտիր եւ հին օրինակներ, ինչպէս Ս․ Աթանասի, Ս․ Եպիփանու, եւ Ս․ Կիւրզի Գանձուց գրքերն․ եւ հաւանօրէն ինչ որ մինչեւ այն ատեն հայերէն թարգմանուած չէր` ինքն թարգմանեց։ Ասոնցմէ դուրս թարգմանեց Ս․ Մէթոդի ըսուած տեսիլքն կամ գուշակութիւնքն, որ ուրիշի շինած անվաւեր գրուածք են․ Իլիոնի առման պատմութիւն մը համառոտ, յորում Իլիոնի առումն 1194 տարի Քրիստոսէ առաջ կ՚ըսուի։ Ուրիշ շատ գրքեր այլ, կամ բնագիր կամ թարգմանած` հետն առած, չուզեց ի Հռոմայ նորէն դառնալ ի Կ․ Պոլիս, ուր արդէն 15 տարի կեցեր էր․ այլ նաւեց յԱսիա եւ դարձաւ ի հայրենիսն ի Հայս։

Իր հեռաւորութեան 15 կամ 20 տարուան միջոց` մեր աշխարհքն շատ փոփոխութիւններ տեսեր մանաւանդ թէ կրեր էր Արաբացւոց ոստիկաններէն, Հայոց իշխանքն նուազեր էին, Եղիա կաթուղիկոսն շատոնց վախճաներ էր, եւ ըստ ոմանց նաեւ իր յաջորդն` մեծանունն Յովհաննէս Օձնեցի, եւ Դաւիթ Արամօնեցին էր կաթողիկոս, որ եւ մեծ պատուով ընդունեցաւ զՍտեփաննոս եւ իր բերած գրքերը, որոնցմէ զատ ունէր նաեւ նամակ մ՚այլ կնքեալ, Կոստանդնուպօլսոյ պատրիարքէն Ս․ Գերմանոսէն․ որոյ ծանօթ ըլլալով ի Կոստանդնուպօլիս եւ շատ հեղ հաւատոյ վրայ խօսելով, եւ յորդորուելով եւս պատրիարքէն` Յունաց հետ հաղորդուելու, Ստեփաննոս կու զգուշանար, իր կաթողիկոսին հաւանութիւնը չառած։ Անոր համար Ս․ Գերմանոս գրեց այն հոգելից թուղթը, «Քրիստոս է խաղաղութիւն մեր», զոր եւ ինքն Ստեփաննոս թարգմանեց եւ տուաւ կաթողիկոսին, եւ անոր հրամանաւն այլ, կ՚ըսեն, գրեց պատասխանը, «ԶՔրիստոսի խաղաղութիւնն առ բերելով»։ Սակայն այս պատասխանը, հիմա մեր ձեռք եղած օրինակներուն նայելով` հեռի է ի խաղաղութենէ Քրիստոսի եւ ի հոգւոյն Գերմանոսի եւ յիմաստութենէն Ստեփաննոսի, թէ եւ շատք ի նախնեաց մերոց յանուն Ստեփաննոսի յիշեն, այլ եղան եւ երկբայողք եւ օտար ձեռքի խառնուրդ ցուցընողք․ զոր զգոն քննող մը կրնայ ստուգել թէ այն երկու թղթերը կարդալով, թէ Ստեփաննոսի ուրիշ գրուածները, եւ թէ մանաւանդ անոր հանճարը եւ Յունաց հետ այնքան կենակցութիւնը։ Ոչ միայն կաթողիկոսն Հայոց` այլ եւ իշխանք ճանչցան եւ պատուեցին զՍտեփաննոս, մանաւանդ Սիւնեցիք, որոց քով վարդապետ եւ ուսուցիչ եղեր էր, եւ որովհետեւ իրենց եպիսկոպոսն Յովհան` յաջորդն Անանիայի, արդէն վախճանած, Բարդէն եւ Քուրդոյ իշխանք Սիւնեաց խնդրեցին ի կաթողիկոսէն որ ձեռնադրէ զՍտեփաննոս իրենց եպիսկոպոս։ Կաթողիկոսն ոչ միայն եպիսկոպոս ձեռնադրեց զնա, այլ եւ ի պատիւ արժանեաց նորա անուանեց մետրապօլիտ․ եւ Սիւնեաց եպիսկոպոսութեան աթոռը որ մինչեւ այն ատեն եօթներորդ կու սեպուէր ի կարգի եպիսկոպոսաց, բարձրացուց յերրորդ կարգ, եւ Սիւնեաց աշխարհին ուրիշ եպիսկոպոսներուն նախագահ գրաւ զնա։

Մէկ տարի մը միայն կատարեց Ստեփաննոս իր պաշտոնը արժանապէս, թէ հովուական այցելութեամբք եւ թէ քարոզելով, եւ գրելով` զատ յառաջին գրածներէն` զանազան խնդրոց վրայ ճառեր, որոնցմէ հասին մեզի քանի մը հատ, քանի մը մեկնութիւնք այլ եկեղեցւոյ խորհրդոց եւ ծիսից, եւ մեկնութիւն մը հին քերականին, զոր հաւանօրէն ի Կոստանդնուպօլիս գրած է։ Սրբազան երգոց մէկ մասն այլ թուի թէ երգեց այս միջոցիս, (որ ըստ ոմանց ոչ մէկ տարի` այլ ութ տարի քշեց, բայց կ՚երեւի թէ առաջին տարիներն Սիւնեաց աթոռոյն անտէրութեան ժամանակն են)։

Ո՞րքան ազնիւ եւ ցանկալի երգեր եւ այլ գրուածներ եւ թարգմանութիւններ փափաքելի եւ յուսալի էր այսպիսի բանիրուն վսեմական անձէ մը, որ յետ ոսկեգիր թարգմանչաց Ե դարուն` առաջին թարգմանիչ կրնայ ըսուիլ․ մինչեւ ոմանք նոյն իսկ թարգմանչաց մէջ կու խառնեն զինքը, կամ իր գործքերը կ՚ընծայեն թարգմանչաց ժամանակակից Ստեփաննոսի մը` որ չէ եղած։

Ե

Դառնանք հիմա ի Մոզն աւան, ուր շատ անգամ եկած էր Ստեփաննոս այցելութեան, այս տեղս նոյն ատեն շինութեամբ ու հարստութեամբ նշանաւոր եղած կ՚երեւի, քաղքի մը պէս․ եւ թերեւս հարուստ քաղքի շնորհօք եւ անշնորհութեամբք ոչ աննշան։ Եղծ ու մեղծ բարուց պժգալի օրինակ եւ ցուցանք մը կու յիշէ պատմութիւնն, եւ անով այլ մեր պատմութիւնը կու լռեցընէ․ ցուցանք մը` Մեդէայ, Յեզաբելի, Հերովդիադայ տեսակէն․ անպարկեշտ լկտի եւ յանդուգն կին մը, հերատուկ մը, որ թերեւս շատ ցածազգի տնէ այլ չըլլալով, աւելի համարձակութեամբ կու լրբէր իր գլխէ հանած երիտասարդին հետ, եւ գայթակղութիւնն կու հրատարակուէր։ Ասոր համար արթուն եպիսկոպոսն երեք անգամ եկեր խրատեր էր այդ անզգամ զգայունը, որ չէր խրատուած․ իսկ այսօր չորրորդ անգամ յանդիմանելով, եւ անոր լրբութիւնը տեսնելով` հոգեւոր իշխանութեամբն բանադրեց, Աստուծոյ արդար դատաստանին եւ մարդկան արհամարհանացը թողուց զանիկայ․ եւ այն բարկութեան տաքութիւնն էր` որ ցորեկուան տօթուն հետ խառնուած կու ստիպէր կու տանէր զինքը քիչ մը զովութիւն եւ հանգիստ փնտռելու, նախ Աւագական ալեաց եւ վերջը ճօճաճիւղ հովոցին վրայ։ Որչափ որ սրտադողն եւ նեղութիւնն սաստիկ էր եղած, այնքան այլ հանգիստն խոր եւ խաղաղ եղաւ․ եւ ո՞ գիտէ, կիսարթուն միտքն ի՞նչ մեղեդեաց եւ խորհրդածութեանց հետ էր, կամ հոգին` տեսլեամբ` ո՞րքան հեռացեր էր այս աշխարհքէս, երբ յանկարծ իրօք այլ բոլորովին հեռացաւ վերացաւ ասկէց․ եւ երանի՜ թէ երեսին խաղապատած զովագին հովուն բաբախմամբ եւ ոչ դահճէ աւելի դժնդակ հարուածով մը` կտրէր շունչն։ Սոսկումն եւ զզուանք կու բերէ լսելն, թող թէ պատմելն, այնպիսի անարգ եւ եղեռնաւոր վրէժխնդրութիւն մը, մանաւանդ այնպիսի արարածէ մը` որ կին կ՚ըսուի, որ բարութեամբն կակուղ հրեշտակ մը կու դառնայ, չարութեամբն խոտոր սատան։ Յանցաւոր եւ անիրաւ կինն այն` ոխով լցուած ընդդէմ եպիսկոպոսին, ուզեց նոյն օրը դիւական դրդմամբ սարսափելի յիշատակ մը թողուլ աշխարհիս մէջ, եւ իմանալով անոր ուր տեղ հանգչիլը, պարտաւորեց հոմանին` իր անարգ սիրոյն վրայ․ մահու զէնքը ձեռքը դրաւ, հանեց զնա ի ծառն․ յայտնի է ինչ բանի համար։ Մարդն թերեւս ոչ այնքան ճարպիկութեամբ որչափ վախելով դողով կամաց կամաց վեր ելլելով, երբ տեսաւ Ստեփաննոսի վսեմափայլ դէմքը` հրաշալի հանգստեան մը մէջ, որոյ ըստ պատմչին «իբր զբոց ցոլանայր շունչն ի վեր, եւ ճախր առեալ դառնայր անդրէն․ եւ հրեշտակ մի կացեալ ի սնարսն` հովանի ունէր նմա թեւօքն», սարսափած, թուլցած, հազիւ կրցաւ շիտակ վար իջնել, եւ տեսածը պատմել կնոջը։ Իսկ այն այլանդակ այլափոխ սիրտն` այլ աւելի կատղած` նորէն ստիպեց, կանացի եւ դիւացի շողոքով բողոքով, սիրով ու սաստով` որ ուրիշ բան չմտածէ, միայն սպաննէ՛։ Երկրորդ անգամ այլ ելաւ թշուառ ու վատ մարդն, բայց եւ առաջինէն աւելի սոսկացած սահմռկած` ահաւոր բաներ տեսնելով` ծառէն վար ընկաւ քան թէ իջաւ։ Այն ատենհերատուկ ջատուկն որ իր առջի բնութենէն բոլորովին դուրս ելած էր, վատ եւ անարի կանչելով մարդուն, թեւերը սոթտելով, առաւ սուրը, եւ այն խաբող սատանային հետ սողոսկելով ծառն ի վեր` հասաւ հրաշունչ հրէշի մը պէս անվնաս եւ անզբաղ որսոյն վրայ․ եւ այն վսեմ տաճարաձեւ գլուխը վերցնող սեան (վզին) իջուց անիծեալ հարուածը… այնքան շուտ եւ շիտակ, մինչեւ քնացողն` ցնցմամբ արթնցաւ յաւիտենականութեան մէջ․ եւ անկէց տեսնելով իր Մոզան հովտաց եւ հովոց մէջ թողած մարմնոյն արիւնթաթաւ կերպարանքը` կանչեց հոգւով․ «Տէր, քո է վրէժխնդրութիւն եւ արդար իրաւունք», ինչպէս որ տեսիլքով յայտնուեցաւ այս` Նու կամ Նոյ անուամբ սրբակեաց ճգնաւորի մը, որ այն տեղի մօտ Սիոն լերան վանաց մէջ կ՚աղօթէր…

Այն օրուան հովն` իբրեւ փախչելով եւ ամաչելով` իջաւ բարձրաւանդաւ հանգստարաններէն, երեկոյեան հովանիներուն հետ խառնուելով, որուն զովութիւնը զգալով եպիսկոպոսին սպասաւորքն` եկան վրանը վերցընելու… Փուչ զարմանք, սոսկումն առաւ զիրենք` երբ փայտեղէն մահճէն դեռ կաթկըթած արիւնը տեսան, եւ աստուածակերպ տէրերնին` աւազակի մը պէս սրախողխող… Չերկընցնենք, մեռածէն աւելի իրենք մահացեալ` վերուցին մեծահոգի անձին մարմինը, եւ հանեցին Սիոնի վանքը, ուր լալով եւ ողբով եկան Նու եւ իր միանձունքը, բայց մօտի Արկաղան գեղին բնակիչքն այլ լսելով` իրենց գեղջաւագին հետ եկան եւ աղաչելով պաշտօնէից` իրենց գեղը իջեցընել տուին մարմինը, եւ հանգուցին հոն Ս․ Քրիստափորի նուիրեալ մատրան մը մէջ առ ժամանակ մի։ Սակայն պժգալի գոյժն գեղէ գեղ, քաղաքէ քաղաք տարածեցաւ, անոր հետ Նոյ ճըգնաւորի տեսիլքն այլ` որ սոսկալի պատուհաս մը կու սպառնայր բոլոր այն սահմաններուն։ Չուշացաւ պատիժն, ըստ պատմչին` ահաւոր ժաժ եւ սասանութիւն եղաւ քառասուն որ բոլոր գաւառին մէջ․ շատ լեռներ փլան եւ գետիններ բարձրացան, շատ աղբիւրներ ցամքեցան եւ ցամաք տեղուանք աղբիւրացան․ծուխն ու փոշին ամպի պէս կու տարածուէր, եւ բոլոր բնութիւն ի սուգ երեւէր, տասն հազար հոգիէ աւելի համրուեցան շէնքէրու տաւ եւ գետնին պառտառուածոց մէջ մնացող մեռնողքն, անծանօթներէն զատ։ Այս կէս բնական եւ կէս բանական պատուհասին հետ` բնակչաց վախն եւ յետնոց աւանդութիւնն խառնուելով` ըսին, թէ ժաժին եւ մշուշին ատեն ողբոց ձայներ այլ լսուէին, իբր թէ Վա՜յ ձոր վա՜յ կանչելով, եւ անկէ` Եղեգեաց ձորն ըսուեցաւ Վայոց ձոր, սակայն այս անունս անկէ հարիւրաւոր տարի առաջ այլ կու լսուէր։

Քառասուն օրէն ետեւ դադրեցաւ ժաժն ու մըշուշն, եւ ամեն կողմէ եկան, երկրին աւերմունքը թողլով` նախ անոր հոգեւոր տիրոջ արժանաւոր հանգիստ մը տալու, եւ եպիսկոպոսաց, քահանայից, վանականաց եւ ժողովրդեան բազմութիւնը բաւական չսեպելով, զկաթողիկոսն այլ կանչեցին, եւ յետ բազմօրեայ գիշեր ցորեկ աղօթից եւ պաշտամանց` աշխարհահանդէս յուղարկաւորութեամբ վերուցին մարմինը յԱրկազան գիւղէն, եւ Արբայ գետոյն դիմացի կողմը անցընելով հանեցին բարձրաւանդակ տեղ մը` լերան ստորոտին վրայ, կանաչաբոլոր միայնութեան մը, այսինքն անտառի մը մէջ, ուր շատ հին ատենէ ի վեր, եւ յառաջ իսկ քան զԼուսաւորչի ժամանակն, առաքելոց քարոզութեանը հետեւող հին քրիստոնեայք Սիւնեցիք եկեղեցի մը շիներ էին Բ․ դարուն մէջ, ի պատիւ Ս․ Ստեփաննոսի․ որոյ քով բոլորեցին հոգեսէր անձինք իրենց միայնանոցը, եւ խստակրօն ճգնութեամբ կ՚ապրէին, գիշեր ցորեկ աղօթելով․ եւ կերակրի համար ոչ միայն մսեղենէ եւ կթեղինէ հրաժարելով` այլ եւ ամենայն տաք բանէ, եւ բանիկն անգամ թողլով, անոր համար կոչուեցան Թանահատք, եւ տեղն` Թանահտի վանք․ ահա հոս բերին հանգուցին Սիւնեաց իմաստասէր մետրապօլտին մարմինը․ վրան պզտիկ մատուռ մը կանգնեցին, զոր յետ շատ ժամանակի, յամին 1278—9 քակելով` մեծ ու քարակոփ գմբեթաւոր եկեղեցի մը շինեցին, եւ հիման տակ թաղեցին մարմինը իր տապանաւն։ Այս եկեղեցին ինչուան հիմա կանգուն կեցած է․ եւ հիւսիսային կողմը որմնակից ունի փոքրիկ քարաշէն մատուռ մը․ տեղւոյն բնակիչք կարծեն թէ հոն ըլլայ Ստեփաննոսի գերեզմանն․ բայց պատմութիւնն դեռ եկեղեցւոյն հիման տակ կու ճանչէ այն եկեղեցազարդ գլուխը։

Զ

Իսկ ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր կորաւ այնպիսի գլխոյ դահիճն, հայ Հերովդիադայն, արդեօք ժաժին ատեն պատառուած գետնին անդնդոց մէ՞ջ ընկղմեցաւ, թէ տարերքներէն աւելի տրտմած ու սրտմըտած մարդկանց արդար վրիժուք պատառ պատառ կտրատեցաւ … Ստեփաննոս Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեանը յանձներ էր իր սպանիչը, եւ իր նախանուն նախօրինակ նախավկային հետ` ըսեր էր, «Տէր, մի՛ համարիր զայդ զմա ի մեղս»։ — Ժողովուրդն վախցաւ Աստուծոյ դատաստանը յափշտակերէն, բնութիւնն պատկառեց իր արարչին կամքէն․ իսկ այն որ Աստուած է գթութեանց` կակղացուց խստացեալ այլանդակեալ սիրտը․ եւ այն սեղեխ հերատուկ Հերովդիդադայն` դարձուց յապաշխարող մը։ Ճանչցաւ կինն` իր կարծածէն վեր ըրած չարիքը․ եւ ինքզինքը դատապարտելով` զգեստները պատռտելով քարերով կու ծեծէր կուրծքը․ եւ այն անպարտ արեան տեղ` իր յիմարած արիւնը թափելով, ինքն իր սոսկալի չարիքը եւ խայտառակութիւնը կու պատմէր, կ՚ողբար, կու բողոքէր իրաւունք եւ պատիժ կ՚ուզէր․ եւ տեսնելով որ իրեն մեծագոյն պատիժ է մարդկանցմէ այլ պատիժ չգտնելն, գնաց Թանաահտայ վանքը արեւմտեան կողմէն պատող ձորակի մը դիմաց, եւ հոն գետինը փորելով` մտաւ ինչուան ի կուրծքը կենդանի գերեզմանի մը մէջ` եւ իբրեւ անյոյս մեռեալ մը` ամառ ձմեռ, գիշեր ցորեկ կ՚ողբար կու լար, թողութիւն կու խնդրէր մեղացը․ մինչեւ ամենուն գութն այլ շարժեցաւ, եւ աղօթք հրամայուեցաւ անոր համար․ թողութեան ձայնն ելաւ ի գերեզմանէ սպանելոյն, «Թողեալ լիցին քեզ մեղք, ո՛վ կին դու»․ զոր եւ սուրբ պատարագի ժամ ամենքն լսեցին, եւ թողութիւն աւետեցին կնոջն։ Բայց նա թէ եւ շնորհակալեցաւ Աստուծոյ, բայց դեռ զինքն անարժան սեպելով ուրիշ կերպ ապրելու, ուզեց եւ մնաց միշտ նոյն կենդանաթաղ գբին մէջ․ եւ հոն հանդարտ արտսունքով կնքեց ապաշխարող կեանքը․ հոն այլ թաղուեցաւ, իր զոհած բարեխօսին դիմաց․ որ կու թուի դեռ իր վսեմական ձայնը կամ հառաչանքը լսեցընել այն հին եւ սրբազան թաքնութեան եւ միայնութեան խորէն։

Է

Այլ ո՞ւր է իրեն արժանաւոր խօսնակ մ՚այլ, որ իր ցաւալի մահը ողբերգէր մեզի։ Ո՞ւր էր այն մովսիսանման Օրհնեսցուք երգողին հոգեկցորդ քոյրն, Մարիամ, որ նոյն եւ նման երգերը կրկնէր։ — Նախանձելի՜ բաղդ, կրնամ ըսել թէ եւ անակնունելի, եւ պանծալի փառք հայրենեաց մերոց․ մեր օրհներգու դիտապետն, Ստեփաննոս, ունէր իր մարեմանման թմբկուհին, մեր եկեղեցւոյ սրբազան սիբիլլայն, յիսուսասէր Սափփովն, հարազատ քոյրն, ՍԱՀԱԿԴՈՒԽՏ, որ արեան հետ անոր հոգւոյն նրբութեան եւ ախորժակաց այլ ժառանգակից էր։ Սահակադուխտ այլ հմուտ երաժիշտ եւ երգահան էր, եւ հրեշտականման եղանակաւոր․ փափուկ եւ սպիտակ հասակը կուսութեամբ եւ հաւատաւորի պարկեշտ ձեւովը պսակած, արդարեւ մենասէր յաւերժահարսին նման, թողուց հեռացաւ յաշխարհէ, միայն իր ընտանեաց սեփական տուրքը` հոգեխօս քնարն առաւ հետը․ եւ մէկ հատիկ արժանաւոր միայնութեան տեղ ընտրեց հոն, ուր իրմէ 400 տարի առաջ, Հայոց օրիորդաց պարագլուխն, նրբասիրտն նրբազգածն, նազելեաց նախատիպն, մելամաղձիկն եւ մենասէր, թագապսակ սրբապսակն ԽՈՍՐՈՎԻԴՈՒԽՏ, իր հսկայ թագաւոր եղբօր (Տրդատայ) ձեռքով կանգներ էր իր սքանչելի օդասրահ Հովանոցը, Գառնոյ ձորոյն սիւնասար պասալդեայ բնաշէն բլրոց վրայ, որք խորանդունդ վհերու եւ բազմածոց ձորակներու վրայ նային․ եւ մեր դարուս հմուտ բնաքնիններն այլ սքանչացուցին։ Այն Գառնոյ ձորակին ծածուկ ծոցերուն մէջ` գտաւ այրասիրտն, մանաւանդ թէ հրեշտակասիրտն Սահակդուխտ, անզբաղ քարայր մը, եւ հոն անցուց կեանքը, հիանալի բնութեան տեսարանաց մէջ` հիանալի երգովք օրհնելով բնութեան Տէրը։ Բայց այն աննման քնարին եւ մեղրաշունչ բերանոյն ձայներն` շատ զօրաւոր էին իր միայնութեան դէմ կռուելու․ — երգ եւ լռութիւն չեն կրնար միաբանիլ․ — այրէ այր, քարէ քար համբաւն հնչեց, կարծուեցաւ թէ Հայոց եկեղեցւոյն երգահան հոգին, մարեմգոյն մուսայն` մարմնացեալ իջեր է Տրդատայ եւ Խոսրովիդխտոյ սիրական սորերուն մէջ․ աշխարհիկ ու եկեղեցականք կու գային, ոչ լսելու եւ զմայլելու միայն, այլ եւ աշակերտելու եւ սովրելու նոր եղանակներ։ Հարկ եղաւ որ մեր մուսայն այլ իր աստուածաշնորհ պաշտօնը կատարէ․ եւ առանց իր կուսական ու նուիրական շնորհաց նուազութիւն մը բերելու, մենարանին դրան առջեւ վարագոյր մը ձգելով, ինքն ետեւը նստած` կ՚երգէր եւ կու սովրեցընէր։ Շատ բարակ եւ բազմաեղանակ երգեր շինեց, զոր մեր երաժիշտքն Մանրուսմունք կ՚անուանեն, եւ առանձնաբար Կցուրդք եւ Մեղեդիք, որոց գոնէ մէկ մասն անշուշտ գտուի այսօր այլ այգ Մանր_ուսմունք եւ Կցուրդք գրոց մէջ, թէ եւ մենք չգիտեմք թէ ո՞ր է յատուկ իրեն, ո՞րն իր երբօրն եւ ո՞րն օտարաց, միայն հաւանիմք թէ շատն առջի երկուքին են, քեռն եւ եղբօրն, Ստեփաննոսի եւ Սահակդխտոյ, այն երգոց մէկն այլ, ինչպէս կ՚իմացընէ մեզի պատմիչն, Սահակդխտոյ անունը կու յայտնէր, տնագլուխ գրերովն, եւ կու սկսէր Սրբուհի Մարիամ։ Ժամանակն, ո՜հ, այն ժանեւոր ժամանակն, մեզի չհասուց այն կցուրդն այլ․ բայց անշուշտ չկրցաւ այլ բոլորովին անհետ աննշան ընել, եւ թողուց առաջին տունը, զոր եւ շատ հեղ հիմայ ըստ յարմարութեան վայելուչ իմաստիցն` երգեմք առաջի Սրբութեան Սրբութեանց։

«Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի, եւ տապանակ կտակարանաց,

Որ զ՚ի վերուստ զհացն կենաց` պարգեւեցեր քաղցեալ բնութեանս

Առ նա միշտ բարեխօսեա վասն քաւութեան մեղաց մերոց»։

Իր քերդող եղբօրը եղերական վախճանին ատեն` արդեօք ո՞ղջ էր քեդողուհի քոյրն, եւ լսելով սրտահար սրտաբեկ գոյժը` քարայրին անկիւնէն սոսկալով առաջ եկաւ, եւ անդարման ցաւուն յետին մխիթարանք առնըլով իր հոգեխօս բամբիռը, վերջին անգամ անոր ամենէն քաղցր եւ ամենէն ողբական ձայները իր սրտին փափկագոյն զգացմանց հետ` հանե՞ց հնչե՞ց, եւ իբրեւ այլօրինակ Դեբովրա` փոխանաւ օրհնելու այն այլանման տիրասպան Յայէլին ձեռքերը, նզովե՞ց հերատուկ չարազէն կնոջ աջը, եւ իբրեւ մայրն Սիսարայ զրկուած իր սիրելւոյն այցելութենէն, փոխանակ բարձր ձողերու եւ գաւազաններու վրայ կանգուն գիտելու` գետնամած տեսնելով անոր եպիսկոպոսական եւ արքայական վառերը եւ դրոշները, որք եւ արիւնովը, թաթաւած` կու յիշեցընէին նոր եւ կսկծալի կերպով մը «զկապուտ երանգոցն գունագոյն նկարուց, նաօտ պէսպէս նկարուց, այն էր պարանոցին նորա կապուտ», եւ հառաչե՞ց իբրեւ հարազատ քոյր անեղբայր, բայց Սահակդխտոյ եւ Ստեփաննոսի արժանավայել հառաչանօք, եւ ապա իր երկայն սեաւ վարագուրովն` քնարն այլ դէմքն այլ պատելով, ծածկուեցա՞ւ բոլորովին մարդկանց տեսութենէն ի խորս քարայրին…։ Պատմութիւնն լռէ։


ԺԳ․ Ս․ Սահակ Պարթեւ

28 Նաւասարդի․ — 7 Սեպտեմբերի

Ա

ԿԷՍ դարէ աւելի էր որ Հայաստան յերկու վիճակ բաժնուած` երկու ինքնակալ տէրութեանց վերատեսչութեան տակ, Պարսից եւ Յունաց, անոնց երկար եւ աշխարհախռով կռիւները գրեթէ բոլորովին դադրեցուցեր էր։ Բայց Յազկերտ Բ` հազիւ թագաւորած Պարսից, յամի 439, անպատճառ պատերազմ հրատարակեց ընդդէմ կայսերաց․ հրաման տուաւ իր յառաջապահ սահմանակալ գունդերուն, որ մէկն Ասորեստանէն երթայ Մծբնայ վրայ, մէկ այլն յԱտրպատականէն մտնէ ի Հայաստան, Յունաց հայկական բաժինը խլելու։ Այս գունդս` Երասխայ հովիտը եւ Վանայ պարատափը անջրպետող միջոցէն փութալով` կ՚ելնէ․ Ծաղկոտան վայելչութիւնները կոխկռտելով կու փճացնէ, տօնահանդէս Բագրեւանդայ բարձրատափին վրայ կու բանակի․ եւ առանց ակնածութեան եւ գթոյ` կու գայ նոյն իսկ անոր շինագլուխ տօնագլուխ տեղւոյն` Բագաւանին քով` իր զօրապետաց վրանները կու զարնէ։ Ո՜րքան այլափոխուած էր Բագաւան այն առջի զուարթածաղիկ պայծառութենէն, զոր երբեմն տեսար, Հայկակ․ եւ սակայն շատ ատեն չէր անցած այս երկու կերպարանաց մէջ․ հազիւ տասն տարի էր` որ Այրարատայ թագաւորին բանակն չէր կանգներ ի Շահապիվան, եւ ոչ իրդրօշներն ու վաշտերն կռուէին ի Բագաւան։ Բագաւան թէ եւ դեռ իր հեթանոսական անունը պահէր, բայց գրեթէ դար ու կէս առաջ Լուսաւորչի աջով օծուած էր, Տրդատայ եւ իր աշխարհախումբ բանակին հոն մկրտուած ատեն․ եւ Տարօնոյ դիցաւանին հետ` նուիրեալ էր Ս․ Յովհաննու Մկրտչի․ որոյ անունը առնըլով իր սրբեալ ճակատուն վրայ թագաւորն Տրդատ, իր յիշատակն այլ խառնեց Մկրտիչին հետ․ անոր համար շատոնք կարծեն թէ յանուն Յովհաննու – Տրդատայ թագաւորի` Ս․ Յովհաննէս կոչուի մինչեւ ցայժմ Բագրեւանդայ Իւչ—գիլիսէ անուանեալ տաճարն եւ վանքն․ եւ ի միացեալ յիշատակ Տրդատայ, Լուսաւորչի եւ Յովհաննու Մկրտչի` Հայոց ամենէն սրբազան ուխտատեղեաց մէկն է եղած, եւ հիմա մեր աշխարհքին սրբազան տաճարաց ամենէն վսեմագոյնն է ահեղակերպ մեծութեամբն եւ հնութեամբն․ գեղեցիկ ծնունդ ճարտարապետութեան մեր Իսրայէլ վարդապետին եւ առատաձեռնութեան Հերակլի կայսեր․ որոյ շինութեանն աւարտը եւ նաւակատիքը Հայադիրն նշանակէ ի 28 նաւասարդի (որ է 7 սեպտեմբերի) 639 ամին։ Այսօրուան քեզի յիշելիքս այլ, Հայկակ, զարմանադէպ զուգութեամբ` նոյն օրաթուին նշանած է եւ նոյն դարաթուին, այսինքն յեօթն սեպտեմբերի յամին 439, ճիշդ 200 տարի առաջ։ Այս ատեն Բագաւանի Ս․ Յովհաննէս կայսերակուռ կերպարանքը չունէր, սակայն անշուք շինուած մ՚այլ չէր, Գրիգորի եւ Տրդատայ դաստակերտ ըլլալով․ վասն այսորիկ ոչ միայն պաշտօնասէր ժողովուրդք, այլ եւ ժողովրդապետք եւ հայրապետք գային պատուելու զտեղին յիշատակաց։

Եւ ահա հիմ` այլ Յազկերտի վարազացեալ զօրաց արշաւանաց ատեն, հոն Բագաւանայ խաղաղաւէտ խորաններու քով քաշուած կու նստէր, եւ երկայն գիշերուան լուսապահող լապտերի մը պէս` որ դանդաղ առաւօտուն մօտ պսպղալով կու մարմրի, այնպէս կու հսկէր մօտ ի գերեզման իննսնամեայ ծերունի մը․ բայց աստուածափայլ աստուածապատիւ ծերունի մը, որոյ նման` ամենայն բարեմասնութեամբքն եւ ծայրացեալ հասակաւն, ոչ յառաջ եւ ոչ յետոյ չերեւցաւ ի Հայաստան։ Սա է թոռն թոռնորդւոյ սրբոյ Լուսաւորչին մերոյ, մեծ կաթուղիկոսն Հայաստանեայց Ս․ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ։

Բ

Ամեն կենսագիրքն վկայեն թէ ծնած եւ մեռած է մի եւ նոյն ամսաթուի մէջ նաւասարդի 30ին․ վախճանած տարին յայտնի նշանակեալ ըլլալով, եւ շաբաթուան օրն ալ (հինգշաբթի), կ՚իմանամք որ այդ նաւասարդն շարժական ամսովն է, որոյ 30նէր անշարժ նաւասարդի 28, յամին 439, եւ 7 սեպտեմբերի․ իսկ իր ծնած տարին` ըստ շարժական տարւոյ նաւասարդի 30ն քսան կամ 21 օր այլ ետք էր, որով Ս․ Սահակայ ծնած օրն կ՚ըլլայ սեպտեմբերի 27, համարելով թէ ծնած տարին է Քրիստոսի 352—55 թուոց մէջ։ Յայսմաւուրաց մէկն կ՚ըսէ Սահակայ համար, Կեցեալ ամս ԾԶ (56), որ ուղղագրելով ՁԶ, մեզի կ՚ընծայէ կենաց տարիքը 86, եւ ծնած տարին 354․ իր աշակերտքն վկայեն թէ հասաւ «ի յերկար ծերութիւն»․ սակայն անտեղի է պատմչաց ոմանց ըսածն` թէ 110 կամ 120 տարի ապրած ըլլայ Ս․ Սահակ․ վասն զի այդ թուով` ծնունդն կ՚ելնէ յ319 կամ 329 թիւն Քրիստոսի, յաւուրս Ս․ Լուսաւորչի։ Բաւական է Ս․ Սահակայ 86—90 տարուան կենաց` դեռ սովորականէ երկայն` շրջան մ՚այլ․ որ եւ երկարութենէն աւելի նշանաւոր եղաւ իրեն պատահած դէպքերով եւ անձինքներով, որով ոչ միայն ազգային պատմութեան այլ եւ ընդհանուր նոյնաժամանակ պատմութեան մէջ լաւ նշանելի է․ ազգայնոց մէջ` թէ՛ քաղաքական թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ ուսումնական տեսութեամբք, իսկ օտարաց առջեւ` աւելի եկեղեցական մերձաւորութեամբն։ Սահակայ երկայն կեանքն եւ երկայն կաթուղիկոսութիւնն (51 տարի), սնունդն եւ զարգացումն ի Կեսարիա եւ ի Կոստանդնուպօլիս, զինքը մերձաւոր եւ ծանօթ եւ շաղկապ ըրին այն մեծամեծ Անձանց` որք Եկեղեցւոյ մէջ վհագոյն յեղանակ մը բոլորեն, անոր ամենէն գերապանծ հայրապետքն ըլլալով։ Այս յեղանակս` «այն ատենն է, կ՚ըսէ Վիլմէն, որ եկեղեցին ընկերական օրինօք այլ հիմնեալ հաստատեցաւ եւ հասարակային տէրութիւն մը դարձաւ․ այն ատենն է, որ ի պերճախօսութեան եւ ի դպրութեան` յառաջ բերաւ այն վսեմ եւ պայծառ հանճարները, որոց ոչ երբեք նման գտուեցան հաւասարորդք` բայց եթէ Գաղղիոյ ԺԷ․ դարու սրբազան քարոզիչքն։ Ո՜րչափ մեծամեծ մարդիկ, ո՜րքան գերագոյն ճարտասանք ելան Ս․ Աթանասէն մինչ ի Ս․ Օգոստինոսի միջոցն․ ի՜նչ հրաշազօր մտաւորական շարժմունք բոլոր հռոմէական աշխարհին մէջ․ ի՜նչ տաղանդներ` խորհրդական մրցմանց մէջ հանդիսացեալ․ ինչպիսի՜ ոյժ մարդկան` հաւատոց վրայ բանեցուցած․ ի՜նչ կերպարանափոխութիւն բովանդակ ընկերութեան, որ եղաւ ձայնիւ այն կրօնից` որ գետնադամբաններէն կու վերանայ ի գահոյս Կեսարուց, որ ուզածին պէս ի գործ ածէ` իր մարտիրոսաց արեամբ մաշեցուցած սուրը։ … Մտաց եւ արիութեան ամենէն ամօթալի ցածութեան իջած ատենն է, երբ ներքինք կառավարէին զինքնակալութիւն, եւ բարբարոսք վրդովէին, այն ատենն է որ Աթանաս մը, Բարսեղ մը, Գր․ Նազիանզացի մը, Ոսկեբերան մը, Ամբրոսիոս մը, Օգոստինոս մը` կու լսեցընեն ամենէն մաքուր բարոյականը եւ ամենէն գերագոյն պերճախօսութիւնը։ Միայն ասոնց հանճարն կանգուն մնաց ինքնակալութեան ընկնալու ատեն, կործանմանց եւ փլատակաց մէջ ասոնք` հիմնարկուք կ՚երեւին․ եւ յիրաւի, վասն զի ճարտարապետք էին այն մեր կրօնական շինուածոյն` որ պիտի փոխանորդէր հռոմէական ինքնակալութիւնը»։ Մեր Հայոց ազգին այլ հին թագաւորութիւնն եւ ինքնատիրութիւնն վերնալու ատեն Ս․ Սահակ չէ՞ր որ զազգն եւ զեկեղեցին կանգուն պահեց` մինչեւ ցայժմ․ (թերեւս աւելի քան) հաւասար այդ յոյն եւ լատին սուրբ Հարց․ որոց ոմանց կենաց վերջին կայծերը տեսաւ իր նորավառ աչօքն, սմանց պայծառագոյն օրերուն հասաւ, ոմանց կենակից եւ աթոռակից եղաւ, շատերուն` եւ նաեւ իրմէ վերջ սկսողներուն` շրջանին լմընցընելը տեսաւ, եւ հազիւ զոմանս թողուց դեռ իրենց պայծառ աթոռին վրայ։ Ասոնցմէ ոմանց, եւ անոնց 150 ընկեր հայրապետաց Ա․ Կոստանդնուպօլսոյ եւ Բ․ տիեզերական ժողովոյն, (յամին 381), հաւանօրէն ականատես եղաւ, իր կաթողիկոսութենէն ութ կամ ինն տարի առաջ, երբ թերեւս սուրբ կարգ այլ առած չէր, բայց իբրեւ որդի եւ թոռնորդի սուրբ քահանայապետաց եւ վկայից` ծանօթ էր ի դրան կայսերաց։ Քահանայապետութենէն առջի կեանքը, 35 տարի, աւելի Հայաստանէ դուրս քան ներսը անցուցած կ՚երեւի։ Բոլոր մեր նախնի լուսաւորչազարմ հայրապետք` Յունաց մէջ կրթութիւն առած են, մանաւանդ Ս․ Ներսէս, որ նախ ի Կեսարիա եւ յետոյ ի Կ․ Պօլիս վարժեցաւ յուսմունս․ եւ ըստ պատմչաց ոմանց, առաջին քաղաքին մէջ իր պատանեկութեան ատեն Վարդան Մամիկոնեան նախարարին Սանդուխտ դուստրը կին առաւ, ըստ այլոց (որ աւելի հաւանելի է) Կոստանդնուպօլսոյ մէջ Ասպիոն անուամբ ազնիւ (Յոյն) իշխանազին դուստրը, որ եւ յետ երեք տարւոյ վախճանելով` թողուց զՆերսէս այրի պատանի մը․ բայց անոր հասակին եւ մեծ սրտին մխիթարանք, եւ յաւիտենական մխիթարանք մըն այլ` միածին որդեակ մը, զմեծն ՍԱՀԱԿ։ Թերեւս աշխարհքիս մէջ չէ եղած քան զասոնք` վեհագոյն հայր մը վեհագունի որդւոյ։ Աստուած` միայն մեր եկեղեցւոյ շնորհեց 140 տարւոյ չափ` Ղեւտացւոց նման` քահանայապետական պայազատութիւն, որք վեց ազգ զիրար յաջորդեցին։

Սահակ ի Կոստանդնուպօլիս եւ ի Կեսարիա վարժեցաւ իր ցեղին եւ աշտիճանին յարմար ուսմանց․ յունարէն իբր մայրենական լեզու գիտէր, եւ ուսմամբ այլ այնքան հմուտ էր անոր քերականական արուեստին` որ նոյն իսկ բնիկ Յունաց վարդապետներէն շատը կու գերազանցէր․ ասորերէն այլ գիտէր անշուշտ չափաւորապէս․ պարսկերէնն այլ` իբրեւ տիրող լեզու ի Հայս․ իսկ իր եւ մեր բնիկ հայերէն լեզուին` թագաւորն կրնայ ըսուիլ, կամ առաջին հայկաբան․ վկայ` հայերէն աստուածաշունչ գիրքն, որ իր ոսկի գրչէն եւ մեղր լեզուէն առած է իր մեծագոյն ողորկութիւնը, քան զոր քաղցր եւ կակուղ հայախօսութիւն չկայ ազգերնում մէջ․ եւ թերեւս ըստ այսմ մասին` քան այլովքն` արժանապէս գերազանց դասուի քան զամենայն թարգմանութիւնս Ս․ Գրոց։ Իր աստուածաշնորհ հայրն` Մեծն Ներսէս, լաւ գիտենալով եւ թերեւս տեսնելով այլ իւր անարժան հօրը, Աթանագինէի, եւ հօրեղբօրը (Պապայ) անվայել վարքը, եւ խանգարեալ արքունեաց հրապոյրքը, չեմ տարակուսիր որ թողեր էր իր դեռաբոյս ծնունդը զգոյշ տեղ եւ զգոյշ վարժապետաց ձեռք․ որոց մէջ մնալն աւելի ընտրեց Իսահակ այլ_քան հօրը ահեղ եւ տխուր մահուընէն ետեւ` փութալ անոր գահը ելնել հազիւ 20 ամեայ հասակաւն, ինչպէս Ս․ Գրիգորիս իր պապուն հօրեղբայրն (15 ամեայ), կամ նոյն իսկ իր հայրն Ներսէս, որ չէր աւելի քան զ՚25ամեայ նորահաս երիտասարդ մը` գահը ելած ատեն, եւ ոչ աւելի քան զ՚35ամեայ ի գերեզման իջած ատեն։

Ս․ Սահակ այլ կանուխ կարգուեցաւ, Լուսաւորչի աթոռոյն ժառանգ մը աւելցընելու համար․ բայց Աստուած սահմաներ էր իրմով դադրեցընել այն յաջորդութիւնը․ եւ հրաշալի երկայն տեսիլքով մը յայտնեց անոր` մինչ դեռ սարկաւագ էր, եւ Վաղարշապատայ մայր եկեղեցւոյն (Էջմիածնի մէջ) հսկումն կ՚ընէր աւագ հինգշաբթի գիշեր մը, իր ազգին եկեղեցւոյն հանդիպելիքն ուխտապահ եւ ուխտազանց հաւատացելոց գործովք։ Միայն դստրիկ մ՚ունեցաւ Ս․ Սահակ, զոր անուանեց իր անուամբն Սահականոյշ, եւ տուաւ ի կնութիւն Համազասպայ Մամիկոնէից տեառն․ ի Համազասպայ ծնան երեք սահակավայել կորիւնք, Կարմիրն Վարդան, Համազասպեան եւ Հմայեակ, որոց առաջինը իրեն որդեգրեց իբրեւ հարազատ ժառանգ, բայց Վարդան այլ իր սուրբ պապուն պէս արու զաւակ չունեցաւ` իր Դստրիկ կնոջէն, այլ երկու աղջիկ, Վարդանոյշ եւ Շուշանիկ կոչուած, զորս զգուեց Մեծն Իսահակ իր պապական ծնգաց վրայ, եւ սեպեց իրեն պայազատ, թողլով անոնց այլ իր սեփական հայրենի ժառանգութենէն․ հաւանօրէն իր թոռանց թոռունքն այլ տեսաւ Ս․ Սահակ, գոնէ Ս․ Շուշանկան շառաւիղքը, (որ` ափսո՜ս, դժնկի մը հետ զուգեցաւ, Վազգենի Վրաց բդեշխին, սակայն այնով այլ աւելի ինքն զարմանալի եւ տօնելի եղաւ)։ Վարդանայ մէկայլ եղբարց ցեղն արու զաւակօք յաջորդեց ինչուան ԺԳ դար (թերեւս անկէ ետեւ այլ), եւ Ս․ Սահակայ արեամբը Պահլաւունի ըսուեցաւ․ արեան հետ արդիւնքն այլ ժառանգեց արժանապէս, եւ ԺԱ—ԺԲ դարերու մէջ շատ արժանաւոր անձինք ընծայեց աշխարհի եւ եկեղեցւոյ, եւ այսպէս կատարեցաւ իր տեսլեան մէջ հրեշտակին խոստումն, թէ վերջի ատենները իր ցեղէն նորէն քահանայապետներ պիտի ելնէին, եւ էին Գրիգորեանքն եւ Ներսիսեանք, յետ կիսոյ ԺԱ դարու մինչեւ ի սկիզբն ԺԳ․ դարուն։

Գ

Ս․ Սահակայ վարքն չորս նշանափայլ երեւոյթ կ՚ընծայեն նըատմամբ իր անձին եւ ազգային պատմութեան․ — Ա․ ուսումնական պայծառութիւն կամ հայերէն դպրութիւն, որ իր գործակցութեամբն զարգացաւ։ — Բ․ Եկեղեցական կարդաց վայելչութիւն, որոց նոյնպէս հիմնադիր կրնայ ըսուիլ, յետ Ս․ Լուսաւորչին․ — Գ․ քաղաքական տեսչութիւն, որոյ մասնակից եղաւ հաւասար իր հօրն, եւ աւելի քան զբազումս յօտար հայրապետաց․ — Դ․ անձնական առաքինութիւնք, կամ նուիրական կեանք։ Ասոնցմով կ՚երեւի սուրբն Սահակ աշխարհքիս մէջ փայլած հոգւոց մէկն․ խորին տեսութեամբ, հարուստ հանճարով, տաք սրտով, գործունեայ կամօք, վսեմ զգացմամբք։ Այս չորս գլխաւոր գիտելեաց վրայ կ՚ուզեմ դարձընել աչքդ։ Հայկակ, թէ եւ համառօտ տեսութեամբ, քան պատմական դադարմամբ։ Որչափ որ Ս․ Սահակայ ժամանակն փառաւոր եւ պայծառ էր ըստ եկեղեցական կարգի, այնչափ այլ անշուք եւ անշնորհք մեր բնիկ աշխարհին քաղաքական վիճակն․ իր երախայութեան տարիները, նոր յաթոռ նստեր էր Տիրան թագաւոր, սկիզբն ազգերնուս կործանման, իր անքրիստոնեայ վատ եւ թոյլ վարուք․ որոյ դէմն ջանալով Ս․ Յուսիկ` պապահայր Սահակայ` զոհ եղաւ․ Տիրանայ յաջորդն Արշակ` չարագոյն քան զհայրն, վեհագոյն քան զՅուսիկ քահանայապետ ունեցաւ` անոր թոռը, զՍ․ Ներսէս, որ ժրութեամբ ջանաց այնպիսի մոլի անձին իշխանութեան ատեն` թէ զաշխարհքն թէ զեկեղեցին չէն պահել․ նոյնպէս անկէ այլ մոլի որդւոյն ատեն, Պապայ, որոյ անօրէնութեանն ինքնայլ զոհ եղաւ։ Իրմէ վերջ 15 տարւոյ չափ Հայաստանի քաղաքական շփոթութեանց միջոց, Պապայ, Վարազդատայ, Արշակայ եւ Վաղարշակայ եւ Խոսրովու թագաւորութեանց ատեն` չորս կաթուղիկոսք նստան օտար ցեղէ, ասոնց վերջնոյն ատեն Խոսրով Գ․ յաջողեցաւ ազգին յերկու բաժնուած նախարարները միաբանելով` հանդարտեցընել զՀայաստան, եւ յամին 389 նստուց յաթոռ մեծին Ներսիսի` անոր արժանաժառանգ որդին, զմեծն Իսահակ, որ այն ատեն իր հօրը վախճանած տարիքն ըլլալով եւ անոր ձրիւքն եւ շնորհօք զարդարեալ եւ յաւելեալ, կերպով մ՚այլ անոր քահանայապետութիւնը նորոգեց եւ յառաջ վարեց ամբողջ կէս դար։ Խոսրով քան զայս մեծ շնորհք չէր կրնար ընել իր ազգին, եւ այնքան մեծ եղաւ եւ գովելի շնորհքն, որչափ որ անով իր անձնական շահուն վնաս բերաւ, վասն զի այնպիսի կաթուղիկոս մը իր աթոռոյն հեղինակութենէն զատ, թագաւորաց ազգական այլ ըլլալով` ազգին վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենար, այս բանս վախ բերաւ Պարսից թագաւորին, եւ որովհետեւ Խոսրով առանց իրեն իմացընելու` այնպիսի նշանաւոր անձն մը Հայոց սրբազան գահուն վրայ բարձրացուցեր էր, Պարսիկն զերկուքն այլ պարտաւոր սեպեց․ եւ զի Խոսրով ուրիշ ինքնագլուխ գործեր այլ կ՚ընէր, եւ ինչուան անկէ գլուխ քաշելու եւ Յունաց հնազանդելու կու սպառնար, խաւրեց իր Արտաշիր որդին` որ զԽոսրով վերցընէ ի թագաւորութենէ, զՍ․ Սահակ այլ ի հայրապետութենէ։ Խոսրով խաբուելով եւ ստիպուելով` Արաաշրի ձեռքն ընկաւ, եւ տեղը գրուեցաւ իր եղբայրն Վռամշապուհ (390), որ քան զեղբայրն զգուշաւոր եւ վախկոտ գտուելով` ինքնագլուխ բան չէր ըներ․ անոր համար չհաւանեցաւ Ս․ Սահակայ խնդրոյն այլ, որ դստերը (Սահականայ) աղաչանօք` խնդրեր էր իր փեսայն Համազասպ Մամիկոնեանք սպարապետ դնել Հայոց, փոխանակ նոր վախճանածին (Սահակայ ասպետի)։ Այս բանս երկրորդ պատճառ մ՚եղաւ Ս․ Սահակայ` անձամբ երթալուն առ թագաւորն Պարսից եւ միտքը շինելու։ Գնաց ի Տիզբոն, տեսաւ արքայից արքայն, հաճելի եւ պատկառելի եղաւ անոր․ խնդիրքները ընդունեցաւ զՀամազասպ ոչ միայն սպարապետ կարգեց, այլ եւ Հայոց նախարարաց մէջ բարձրացուց պատուով ինչուան ի հինգերորդ գահն․ ուրիշ յանցաւոր սեպուած նախարարաց այլ ներումն առաւ, եւ անոնց պատուոյ կարգերը նորոգելով` դարձաւ առ Վռամշապուհ, եւ անոր ձեռքով այլ հաստատել տալով Հայոց Գահնամակը, իր սուրբ հօրը նման նորէն նորոգիչ եղաւ քաղաքական դասակարգութեանց․ եւ եւս առաւել աշխարհքին խաղաղութեան եւ շինութեան։ Բայց քաղաքական խնամքը թողլով առ խոհեմ թագաւորն Վռամշապուհ, ինքն սկսաւ մեծ հոգով եւ ջանքով իրեն վայլածը հաստատել եւ աճեցընել, եկեղեցական բարեկարգութիւնքը, որ շատ տարիներէ վեր խանգարեր էին շատ տեղ, եւ անարժան սովորութիւնք տիրեր էին։ Ուղղութեան համար բաւական գիտութիւն եւ հմտութիւն, կամք եւ ոյժ ունէր․ բայց ուղղութիւնը հաստատուն եւ մնայուն ընելու համար` կարեւոր հնարք մ՚այլ կար` որ կու պակ­սէր իր հօրը, եւ Յուսկան եւ Լուսաւորչի անգամ․ այսինքն է ազգային լեզուի դպրութիւնն, որ ի վաղուց խափանեալ էր, բնիկ հայերէն գիրն խա­փա­նուե­լուն համար․ եւ անով` օտար լեզուներ (յոյն, ասորի եւ պարսիկ) սովրիլ ստիպէին թէ աշխարհականք եւ թէ եկեղեցականք, իրենց արտաքին եւ սուրբ պաշտամանց մէջ վարելու․ եւ ամէնքն այլ հաւասար լեզուաց յաջողութիւն չունենալով` ի հարկէ կրթութեան եւ կրօնից մեծ պակասութիւն կ՚ըլլար։ Պէտք էր հայերէն գիր հնարել։ Այս հնարքը Աստուած մեր քահանայապետին մովսիսանման գաւազանին չտուաւ, այլ իրեն ահարոնանման աջակցին, Ս․ Մեսրովպայ։

Դ

Այս անձը դու լաւ կու ճանաչես, Հայկակ, որ յամենայնի լծակից եւ գործակից եղաւ մեծին Սահակայ, գրեթէ եւ կենակից․ (անկէ հինգ ամիս ետեւ յաշխարհքէ ելաւ եւ անկէ այլ քիչ մը առաջ յաշխարհ եկած կ՚երեւի)․ նախ Ս․ Ներսիսի փոքրաւոր էր, եւ անոր վսեմական մահուն ատեն ըսածները մտիկ ընելով` աւանդեց յետնոց․ յետոյ Հայոց թագաւորին արքունիքը մտաւ քարտուղարութեամբ, լաւ թարգմանիչ եւ գրիչ ըլլալով․ քանի մը տարիէն` արքունիքը թողուց, առանձնացաւ յաստուած խոհութիւն եւ ի ճգնութիւն․ եւ հոգին ու միտքը աստուածային շնորհօք լուսաւորելով, ելաւ (յամին 396) քարոզելու եւ վարդապետելու զանազան կողմեր, առաւել ի Սիւնիս։ Այս վարդապետութեան ատեն աւելի քան զաւելի ճանչցաւ ազգային գրոց եւ դըպրութեան հարկաւորութիւնը, որոյ համար եկաւ խորհրդակցելու ընդ սրբոյն Սահակայ, եւ տեսաւ որ արդէն կաթուղիկոսն այլ նոյն մտածութեամբ եպիսկոպոսաց ժողովոյ մէջ է (403) բայց ուրիշ եկեղեցական հոգեր վրան առած ըլլալով` յանձնեց Մեսրովպայ մասնաւոր խնամքով այս բանիս ետեւէն ըլլալ․ եւ ինքն անձամբ առ թագաւորն երթալով զնա այլ յորդորեց յայս ջանս։ Բարեսէր թագաւորն այլ եթէ գանձով եւ եթէ քաղաքական ծանօթութեամբք օգնութիւն ըրաւ, մանաւանդ որ ինքն այլ պէտք ունէր լաւ քարտուղարաց, Ս․ Մեսրովպայ յարքունեաց երթալէն ետեւ` յարմար մը չէր գտած։

Չերկնցընենք այս պատմութիւնս․ Ասորի Դանիէլ եպիսկոպոսի մը քով հին հայերէն գրեր կային, անոր խաւրեց զՍ․ Մեսրովպ (404), որ առաւ բերաւ ի Հայս, եւ երկու տարի աշխատելով, դպրոցաց մէջ սորվեցնելու տղայոց, ճանչցաւ որ անբաւական են այն Դանիելեան նշանագիրքն․ եւ յետ ուրիշ շատ հնարից եւ ուղեւորութեանց, ինչուան ի Սամոս երթալով` հոն աւելի աղօթքով եւ Աստուծոյ յայտնութեամբ` քան մարդկային հնարիւք` գտաւ եւ յարմարցուց իր եւ մեր փափագելին (յամի 406), եւ ճարտար յոյն գրչի մը ձեռօք մտցընելով ի ձեւ, (որ մեսրովպեան տառք կամ երկաթագիր կ՚ըսուին հիմա), իբր փորձի համար ձեռք արկաւ թարգմանելու եւ գրելու հայերէն Սողոմոնի Առակաց գիրքը։ Այս եղաւ սկիզբն թարգմանութեան Ս․ Գրոց, հեռու եւ անծանօթ կղզւոյ մը մէջ, այն տարին` յորում Պաղեստինոյ առանձնութեան մէջ Ս․ Հերոնիմոս դադրեցուց իր գրիչը` սուրբ գրոց լատիներէն (վուլկադա թարգմանութենէն։… Հոս քեզի թողում ազգիդ եւ նախնեացդ արդար եւ համաշխարհական խնդութեան եւ հանդիսից մասնակից ըլլալ․ կ՚ուզես Ս․ Մեսրովպայ հետ փութա ի հայրենիքդ, իբրեւ ի Սինա լեռնէն իջնելով աստուածագին պատգամներով կ՚ուզես թագաւորին եւ կաթուղիկոսին եւ բոլոր մեծաց եւ փոքունց հետ անոր դիմացն ելիր, օրհնել, համբուրել եւ ընդունել այն անտես մտացդ հետ խօսող եւ լուսաւորող գծիկները․ եւ մի առ մի նկատէ՛, տե՛ս դպրոցաց կանգնումը, աշակերտաց ժողովումը, փոյթ եւ ջանքն, իբրեւ երկայն ծոմաջանութենէ ետեւ պահոց պնակները կոտրող եւ զատիկ ընողք` յոյն եւ ասորի պնակիտները թողլով` հայերէն այբուբենը գրող ու սովրող մեծ ու պզտիկները․ անոնց մէջէն` Սողոմոնի 60 զօրաւորաց պէս` բոլոր աշխարհքէն ջոկած 60 ամենընտիր աշակերտքը, որք իբրեւ ուշիմագոյնք, փափկաձայնք, երկարոգիք, կու ղրկուին յԱղեքսանդրի, յԱթէնս, ի Կոստանդնուպօլիս, յԵդեսիա, եւ յայլ ուսմամբ անուանի քաղաքս, լաւ սովրելու յոյն եւ ասորի լեզու, եւ թարգմանելու սուրբ եւ պիտանի գրքեր։

Այս գիւտս եւ յեղափոխութիւնս այսպէս երգէ հին գանձասաց մը, (Գէորգ)․

«Ո՜վ անվեհեր փութոյն պնդութեան` ի գիւտ հանճարոյ սրբոց թարգ­ման­չացն․ խոհին ստեղծանել տառս գծագրաց, նշանակ խօսից հայկական լեզուիս․ ո­րով վաղ անցեալքն յիշատակին, եւ մեկնեալքն` դէմ յանդիման խօսին։ Յայս հոգ զարթուցեալ սքանչելին Սահակ, զարմն վեցերորդ սրբոյն Գրիգորի․ զսոյն առ նովաւ եւ զոյգ ընդ նմին աստուածաբնակ հայրն սուրբ Մեսրովպ․ որ եւ զըղձալի պարգեւս տառիցն ընկալաւ յԱստուծոյ ի մեծ գթութեանցն։ — Լե՛ր Քրիս­տոս, պահ­պանիչ աշակերտացս երջանիկ սրբոց թարգմանչացն, աղաչեմք»։ է …

«Գրաւորական տառից առլըրմամբ մեծապէս խընդայր տէրն սուրբ Սահակ․ իսկոյն ձեռնարկէր ի թարգմանութիւն մարգարէականն աստուածախօսութեանց, ժողովեալ մանկունս ի վարժ դպրութեան, աճեցուցանէր զուսումն իմաստից, ջամբելով զկաթն նշանագրացն` առնէր վարդապետս եւ եւ պատմաբանողս, զի յաջորդք հարանցն վարդապետաց` լիցին աշակերտքն պայծառագոյնք։ Լեր Քրիստոս, եւն»։

«Եւ եւս ի զօրագոյն զօրութիւն գնալով գրաւորականին վարժից կրթութիւն, պարզ գրագիտութիւնն զարգանալով ի քերթողականն արուեստ յառաջիւր․ որոց առաջին մեզ հայր քերթողաց պայծառն Մովսէս այն Խորենացին, նախնին աշակերտ սրբոյն Մեսրովպայ ի քերս բայից հզօր քան զնա․ համազոր նմին` Յովսէփ Պաղնացի, նորուն վարժակից Եզնակ Կողբացի․ Անյաղթն Դաւիթ եւ սուրբն Կորիւն, եւ միահամուռ դաս քերականացն․ որք աստուածեղէն վարդապետութեամբ փարթամացուցին զՀայաստանեայս։ Լե՛ր Քրիստոս, պահապանիչ աշակերտացս երջանիկ սրբոց Թարգմանչացն»։

Ե

Պարագլուխ թարգմանչաց եւ մատենագրաց ինքնին Ս․ Սահակ` քահանա­յա­պե­տի արժանաւոր կարգերը հոգալով, յառաջ քան զայլս Ձեռնադրութեանց կարգը դրեց․ ինչուան իր ատեն գործածուած Ս․ Լուսաւորչի յունարէնէն առածը փոխելով եւ ընդարձակելով, եւ յամին 410 նաւասարդի տօներուն, տարւոյն սկիզբը հրատարակեց զայն հանդիսապէս․ գուցէ ձեռագրերով բազմութիւն եկեղեցւոյ սպասաւորաց, քահանայից, եւ թերեւս եպիսկոպոսաց այլ։ Նոյն կամ յաջորդ տարին` թագաւորէն եւ բոլոր եպիսկոպոսաց ուխտէն խնդրուելով` յանձն առաւ գլուխ կենալու Աստուածաշունչ գրոց թարգմանութեանը․ եւ ընդ Ս․ Մեսրովպայ` բոլոր եկեղեցական պաշտամանց եւ ծիսից, այսինքն Մաշտոց ըսուած գրոց, մասն մի թարգմանելով ի զանազան հարց, եւ մասն մի նոր շարադրելով, եւ մասամբ Ս․ Լուսաւորչի գրուածները փոխելով ի հայ։ Ընդհանուր թարգմանութեանց սկիզբն սեպուի 411—2 տարին, եւ վերջն 426․ այս 14 տարուան միջոց Մաշտոց, եւ Աստուածաշունչ գիրք հայերէն գրուեցան եւ կանոնեցան, հաւանօրէն` գրագրութեամբ քաջին Մովսիսի Խորենացւոյ որ Ս․ Մեսրովպայ քեռորդին էր, եւ Ս․ Սահակայ Գրիչն։ Թարգմանութեան երկրորդ տարին Ս․ Սահակ յԷջմիածին ըլլալով, (ուր եւ կ՚երեւի թէ այն ատեն նորոգեց Ս․ Հռիփսիմեայ լուսաւորչաշէն մատուռը, եւ այն հրաշագեղ կուսին տապանին վրայ դրաւ իր հայրապետական կնիքն այլ Լուսաւորչի կնքոյն քով), հոն հրատարակեց ննջեցելոց Աշխարհաթաղի կարգը․ իսկ Քահանայաթաղը եւ Հոգեհանգիստը` զոր Ղազարիկ թարգմանիչն բերած էր` (Ս․ Եփրեմայ շինածը ասորերէն ի հայ փոխելով եւ աւելցընելով), հրատարակեց տասն տարի ետեւ։ Ուրիշ կանոններէն միայն Սէրմնօրհեաց թուականն յայտնի է, յամին 423—4 հրատարակուած․ մնացեալքն այլ այս միջոցիս ոմանք ի Ս․ Սահակայ եւ շատն այլ ի Ս․ Մեսրովպայ կարգաւորեցան, անոր համար իր մականուամբն Մաշտոց ըսուեցաւ գիրքն, կամ թէ ինքն Մաշտոց ըսուեցաւ գրոց պատճառաւն, որ կ՚ըսուի եւս Օրհնութիւնաբեր։ Մեր Տօնացոյցն այլ ըստ հայ եւ հոռոմ ամսոց ինքն Ս․ Սահակ նախ կարգաւորեց, եւ ինչուան հիմա գտուի իր գրածն այլ, յետոյ փոփոխածներէն զատ։ Թարգմանութեանց գլուխ գործոց եղաւ նախայիշեալ Աստուածաշունչ գիրքն, որ եւ սուրբ Սահակայ անթիւ յիշատակաց եւ պարծանաց պարծանքն է հիմա մեր մէջ․ զոր նախ ի Հաաստան գտուած ասորերենէն թարգմանեց, վերջը յունարէն Եօթանասնից թարգմանութենէն սրբագրեց, կամ նորէն թարգմանեց․ եւ այլ վերջը` Եփեսոսի ժողովէն ետեւ` երբ թարգմանիչք բերին աւելի ընտիր եւ ստոյգ Եօթանասնից օրինակ մը, անոր համեմատեց` եւ փոփոխեց առաջին թարգմանածը․ եւ վերջապէս վերջին ձեռք դնելու եւ ըստ կարելւոյն կատարելագործելու համար, աշակերտներէն քաջագոյնները (յորս Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ, Եղիշէ, եւ այլք), խաւրեց յԱղեքսանդրիա, որպէս զի տիրաբար հմտանան յոյն լեզուին, եւ ամենեւին անտարակոյս եւ հաւատարիմ ըլլայ թարգմանութիւնն․ բայց աշակերտաց անյագ ուսումնասիրութիւնն եւ ընթերցմունքն զիրենք ուշացուցին Աղեքսանդրիոյ հարուստ գրատանց, եւ Ս․ Կիւրղի վարդապետարանին մէջ․ եւ երբ դարձան ի Հայս` զիրենք զրկող մեծ վարդապետքն վախճանած էին։

Ս․ Սահակայ հեղինակօրէն շարագրածոց մէջ`մաշտոցի քանի մը կանոններէն զատ, գլխաւորքն են Աւագ շաբաթու շարականք (բաց ի քանի մը օրհնութիւններէ), սկսեալ ի Ղազարու յարութեան ազնիւ վսեմ երգոյն, «Այսօր գոլով ի Բեթանիա` քո ամենազօր հրամանաւդ ձայնեցեր Ղազարու, եւ դողացաւ մահ․ դժոխք պարտեցաւ, ապականութիւն լուծաւ․ կենդանարար Քրիստոս, կեցո զմեզ»․ մինչեւ ի վսեմախաղաղ յետին նուագն Քրիստոսի թաղման․ «Որ արարիչդ ես արարածոց, հանգուցեալդ ի քերովբէս, վիմով կնքեցար յերկրի»։ Այս հազասլաց խորամուխ լեզուին եւ բանից` յարմարցուց երաժշտական եղանակներն այլ․ վասն զի այս զմայլելի արուեստին այլ քաջահմուտ էր։ Ժամագրոց աղօթից այլ մէկ մասին հեղինակն է Ս․ Սահակ, մընացելոց` իր աշակերտքն եւ յաջորդքն Գիւտ եւ Յոհան, եւ այլք յետոյ։ Պատարագամատոյց մ՚այլ ունի հիմակուան գործածուածէն աւելի ճոխաբան եւ ճշդարան։ Ասոնք թէ՛ իր մատենագրական հանճարոյն աներկբայ հաւաստիք են, եւ թէ՛ իր եկեղեցական կարգաց եւ հոգեսիրութեան խնամոցն, որոց համար` (բաց յայսպիսի պաշտամանց կամ սրբազան գրոց) շատ անգամ ժողովներ ըրաւ եպիսկոպոսաց, եւ արժանաւոր քահանայապետութեան կանոններ, խըրատներ, կոնդակներ հրատարակեց․ յորոց մնան հիմա վեց կամ եօթն խոհական եւ յստակախօս բանք․ Ա․ առ Եպիսկոպոսունս, Բ․ առ Քորեպիսկոպոսունս, Գ․ առ Քահանայս եւ Վանականս․ Դ․ վասն եկեղեցւոյ եւ վանաց, եւ տրից կամ նուիրեց ժողովրդեան ի վանս․ Ե․ վասն տնտեսութեան եպիսկոպոսաց եկեղեցական նուիրաց․ Զ․ դարձեալ վասն նուիրաց եկեղեցւոյ, թէ որպէս բաժնելու է եկեղեցւոյ սպասաւորաց։ Այս խրատներս Ս․ Գրիգորի դրած կանոններէն առնելով ընդարձակած է, ինչպէս ինքնին կու վկայէ, եւ իր կաթուղիկոսութեան առաջին տարիներն հրատարակեց յունարէն, եւ յետ գիւտի գրոյն` հայերէն, անոնց հետ ուրիշ կարճ կանոններ այլ, որ յանուն Ս․ Լուսաւորչին պահուին ցարդ ի կանոնագիրս մեր։ Ս․ Սահակայ ամենայն գրուածոց լեզուն սքանչելի յստակութիւն, մաքրութիւն եւ ողորմութիւն մ՚ունի հանդերձ վսեմութեամբ, զոր իր հոգեկիր եւ արիւնաժառանգ Ս․ Շնորհալիէն զատ` թերեւս ուրիշ մը չկրցաւ ստանալ նոյն աստիճանի։

Այս աստուածատուր եւ ամենահարկաւոր եկեղեցական եւ ուսումնական շնորհքները պատրաստելէն ետեւ, իր բոլոր ազգին եւ վիճակին մէջ ծառայելու այլ ջանաց մեծն Իսահակ․ Պարսից բաժնին մէջ անաշխատ ընդունելի ըրաւ, բայց Յունաց բաժնին մէջ դժուարութիւն կրեց։ Երկու տէրութեանց մէջ կռուոյ պատճառ չըլլալու համար, քիչ մ՚այլ իրարատեցութեամբ` յունաբաժինը խորշէին ի Պարսկահայոց․ մինչեւ ոչ հայերէն դպրութիւնը ընդունեցան, եւ ոչ Ս․ Սահակայ օրհնութիւնը․ այլ ի Կեսարիոյ արքեպիսկոպոսէն կ՚առնուին ձեռագրութիւնն այլ։ Ս․ Սահակ փորձ մը ետեւ` առ ժամանակ մը լռեց․ մանաւանդ որ այն տարիներն Կոստանդնուպօլսոյ աթոռոյն յաջորդութեան մէջ այլ շփոթութիւն կար․ մինչեւ որ շատ տարիէ ետեւ (420) ստիպուելով Յունաց բաժինը երթալ, եւ նորէն հոն իրեն արժանի պատիւ չգտնելով, թուղթ գրեց առ կայսրն Թէոդոս Փոքր եւ առ հայրապետն Ատտիկոս, նուիրակ խաւրելով իր փոխանորդը, զՍ․ Մեսրովպ, եւ իր թոռը` Վարդան․ կայսրն եւ հայրապետն նախ մեղադրեցին Ս․ Սահակայ` աւելի Պարսից եւ Ասորւոց կողմ կենալը, եւ հայերէն գրոց գիւտին համար Ս․ Ոսկեբերանին խորհուրդ չհարցնելն․ (չյիշեցի՞ն` որ այն ատեն իրենք զՈսկեբերան կու հալածէին ի սառնամանիս հիւսիսային Փոքր Ասիոյ)․ վերջապէս հաւանեցան որ Ս․ Սահակ հովուէ յունաբաժին Հայերն այլ, եւ հոն այլ դպրոցներ բացուին հայերէն դպրութեան․ Ս․ Մեսրովպայ այլ յունական վարդապետութեան աշտիճան եւ պատիւ տալով յետ դարձուցին։ Այսպէս զբոլոր Հայաստան աշակերտեցին Սահակ եւ Մեսրովպ․ եւ խնամքնին տարածեցին անկէ դուրս այլ իրենց դրակից եւ մասամբ թեմակից ազգաց վրայ, Վրաց եւ Աղուանից, որոց լեզուին գրերն այլ հնարեց Ս․ Մեսրովպ, եւ սուրբ գրքերը թարգմանել տալ սկսաւ։

Յոնաց բաժնին մէջ եղած ատեն` Ս․ Սահակ իմացաւ որ հոն իր վիճակելոց մէջ չար եւ այլանդակ աղանդ մը կայ, զոր Բորբորիտոն կ՚անուանեն պատմիչք մեր, եւ ոչ այնքան մտաց չարափառութիւն, որքան բարուց անբարութիւն կու ցուցանեն․ խստիւ ետեւէ ընկաւ այս աղտեղութիւնը վերցընելու․ եւ երբ հարկ եղաւ իրեն նորէն դառնալ ի Պարսից բաժինն (421), յանձնեց սուրբ Մեսրովպայ` որ անաչառ քննէ դատէ, եւ անհաւանները պատժէ, անուղղաները` ճակատնին խարանով այլ նշանելով` հալածէ։ Այս բանս թէ՛ այն աղանդին սաստիկ աղետութիւն կու ցուցընէ եւ թէ՛ Ս․ Սահակայ արիութիւնն․ որ յայլսն քաղցր եւ հեզ, զիջող եւ համբերող, ուր որ Աստուծոյ իրաւանց վրէժխնդրութիւնն յանձնած էր իրեն` հոն արդար եւ անաչառ էր․ զնոյն արթնութիւն ցըցուց յետոյ նեստորականաց եւ ուրիշ աղանդաւորաց դէմ․ զնոյն` իր կանոնական գրոց մէջ այլ կու սպառնար․ եւ զնոյն խրատ գրէր շատ տարի ետեւ առ Ս․ Պրողկ` աշակերտ եւ աթոռաժառանգ Ոսկեբերանի, տրտմախառն յիշատակաւ իր ազգին վիճակին, որ անտէր ըլլալով այն ատեն` կու դժուարացընէր կաթուղիկոսութեան տիրաբար իշխանութիւնն այլ․ իսկ դուք կ՚ըսէր «թագաւորս ունիք` որ զհոգ Աստուծոյ յանձին բարձեալ բերեն, եւ … կարող են ըզփուշն ի միջոյ սրբել․ (վասն այնորիկ պարտ եւ պատշաճ է ձեզ որ ի մեծամեծ իշխանութիւնդ վայելէք` նախանձել զնախանձն Աստուծոյ եւ ի գլուխ վարել զայնպիսի նախանձու վրիժուց հատուցմունս, եւ ոգւով եւ մարմնով ջանալ` զի բարձցին ի միջոյ եկեղեցւոյ Քրիստոսի` անուանարկ անօրէն ամբարշտութեան գայթակղութիւնք»։ Այս թուղթս սուրբ հայրապետն մեր մահուընէն քիչ տարի առաջ գրած է, երբ ինքն կաթուղիկոսի քաղաքական կամ իշխանական տիրութենէն հրաժարած` միայն աստուածային տիրական իշխանութիւնը անհրաժեշտ կու վարէր, անդադար վարդապետութեամբ եւ հովուութեամբ։ Այս ցաւալի եւ սխրալի դէպքը պէտք է յիշեմք։ Ս․ Սահակայ քաղաքագիտութիւնը եւ քաջ ազգասիրութիւնն այլ լաւ ճանաչելու համար։

Զ

Գրեթէ գրոց թարգմանութեան սկիզբն եւ քահանաօրհնէքի հրատարակման տարին (412) վախճանեցաւ բարեացապարտ թագաւորն մեր Վռամշապուհ, որ Տրդատայ մահուընէն ետեւ` կէս դարու մէջ եղած չըլլալու չարիքն եւ շփոյթքը` մոռացուցեր էր իր 21 տարի խաղաղ եւ խոհեմ կառավարութեամբն․ իր մահն նորոգեց հին վէրքերը, որք` աւա՜ղ, անբժշկելի մնացին։ Վռամշապուհ` իրեն ժառանգ տասը տարեկան աղեկ մը թողուց, Արտաշէս անուամբ․ աշխարհը մէկէն վերվար չըլլալու համար` փութացաւ զգաստ հովուապետն Ս․ Սահակ, (որ եւ յետ թագաւորին ազգապետ ճանաչուէր), գնաց առ Յազկերտ Ա․ եւ կերպով մը իր պատճառաւ զրկուած Հայոց առաջին թագաւորին փոխարէն ընելով, խնդրեց որ նորէն թագաւորեցընէ Վռամշապհոյ եղբայրը, Խոսրովը, որ Անյուշ բերդին մէջ արգելուած եւ ծերացած` մահուընէ զատ ազատութեան յոյս, եւ թերեւս փափագ այլ չունէր։ Ս․ Սահակայ շնորհքն միայն կրցաւ Պարսից անփոփոխելի օրէնքը փոխել, եւ ինչուան ի մահ եւ ի բանտ դատապարտեալը` հանել ի բանտէ, եւ հաւանեցընել զնա այլ` նորէն իր երիտասարդ գլխին կրած թագը` դնելու հիմա կորացել եւ ալեւորեալ գլխին վրայ․ որ եւ տարիէ մը աւելի չկրցաւ վերցընել զայն․ սակայն գոնէ փառօք մեռաւ, եւ Ս․ Սահակայ օրհնութեամբը իջաւ քնանալու իր ազգակից թագաւորաց հետ հասարակաց քունը։ Ս․ Սահակայ փափագն կատարեցաւ անոր թագաւորութեամբն, այլ կիսակատար մնաց` կարճ թագաւորութեամբն․ յետ որոյ քանի մը տարի պարապ մնաց աթոռն, Արտաշիսի տղայութեանն համար․ եւ թէպէտ հասաւ նա յարբունս, բայց Յազկերտ իր որդին Շապուհը թագաւորեցուց Հայոց, որ եւ յետ չորս տարի անարգանօք թագաւորութեան` հօրը հիւանդութինը լսելով փութացաւ ի Պարսկաստան անոր յաջորդելու, բայց մէկտեղ ի գերեզման մտաւ, իրեններէն սպաննուելով, եւ թագաւորեց Պարսից Վռամ Բ։ Սա մէկէն Յունաց դէմ պատերազմ բացաւ (420), մեր աշխարհքն այլ նոէն ոտնակոխ եղաւ․ եւ ահա այս շփոթութեանս համար էր որ Ս․ Սահակ անցաւ ի բաժին Յունաց, եւ որովհետեւ Շապհոյ թագաւորութեան ատեն մեռեր էր իր փեսայն Համազասպ Մամիկոնեան` սպարապետն Հայոց, անոր որդին եւ իր թոռը` Վարդանը` զրկեց ընդ Ս․ Մեսրովպայ առ կայսրն Թէոդոս, եւ ստրատելատ պատուանուամբ հօրը տեղ իշխանութեան հասուց։ Անոր հետ Թէոդոս կայսր պատուէր զրկեց առ Անատոլ` իր արեւելից կողմնակալ զօրավարն, որ յապահովութիւն յունաբաժին Հաոց ամուր քաղաք մը շինէ, եւ շինեցաւ Կարնոյ քաղաքն (422)։ Այսպէս Յունաց կայսրն եւ անոր իշխանութեան տակ եղած արեւմտեան Հայաստանը շահելով եւ յանձնելով ի վարդապետութիւն Ս․ Մեսրովպայ, Ս․ Սահակ ճարտար քաղաքագիտութեամբ` արեւելեան այլ չթողուց Պարսից թագաւորին վրէժխնդրութեանը, այլ զասպետն Սահակ եւ (յետոյ) զթոռն իւր Վարդան (երբ դարձաւ սա ի Յունաց) ղրկեց ի դուռն թագաւորին` հաշտութիւն խնդրելու․ որովհետեւ Շապհոյ երթալէն ետեւ` Հայք գլուխ քաշեր եւ վռնտեր էին զՊարսիկ պաշտօնեայս, ասոնց պատգամաւորութիւնը բաւական չըլլալով, (ըստ ոմանց) ինքնին Ս․ Սահակ` երբ արեւմտեան Հայոց եկեղեցական բաները կարգի դրաւ, երկու փոքր թոռներուն հետ (Համազասպայ եւ Հմայեկայ) գնաց ի դուռն Վռամայ (422), եւ իր բնաձիր եւ աստուածատուր շնորհօքն` ոչ միայն թափեց թագաւորին զէնքերը, այլ եւ Վռամշապհոյ որդին Արտաշէսը թագաւորեցընել տուաւ եւ բերաւ կանգնեց իր հօրը աթոռը։ Երկու տէրութեանց մէջ եւ այնպիսի վտանգաւոր եւ խառնակ ժամանակ մը` այսպիսի խորագէտ եւ անխարդախ խաղ մը խաղալ եւ յաջորդել` միայն սուրբն Սահակ կարող էր։ Ո՜րքան անոր երախտագէտ եւ անձնատուր պէտք էր ըլլալ Հայաստան` իր թագաւորաւն եւ իշխանօքն եւ ամենայն ուխտիւ եկեղեցւոյն եւ ռամկաց։ Լուսաւորչէ սկսեալ իր յաջորդ հայրապետքն` շատ հեղ այսպիսի բարիք եւ տիրութիւն ըրին իրենց որդիացեալ ազգին, բայց այն օրհնեալ եւ օրհնելի ազգին որդիքն` շատ պակաս եւ պարտական գտուեցան առ բարերարսն։ Այսպէս ալ հիմա, նախ թագաւորն` անարժան որդի զգօն Վռամշապհոյ, Պապայ եւ Արշակայ ճամբաները երթալով` զզուեցուց նախարարները, արհամարհեց անոնց երեսդարձութիւնը, անսաստեց Ս․ Սահակայ խրատուցը, միայն իր ծաղկեալ եւ հուժկու երիտասարդութեանը լսելով։

Նախարարք եւ իշխանք վեց տարիէ աւելի (423—428) չկրցան համբերել անկէց իրենց եւ իրենց կանանց հասած անարգութեանը, եւ միաբանեցան մերժելու զԱրտաշէս ի ձեռն Վռամայ Պարսից թագաւորի, եւ անոր դռնէն կողմնակալ կամ հարկաժողով մը դնել տալով` իւրաքանչիւր իրենց տէրութիւնը եւ ազատութիւնը խաղաղութեամբ վարելու, առ այս կու յորդորէին զՍ․ կաթուղիկոսն այլ։ Թերեւս մըտածութիւննին բոլորովին անիրաւ չէր․ իրենց առջի կրածները յիշելով յանկարգ թագաւորաց, այլ դեռ շատ հեռու էր յուղիղ եւ ի խոր տեսութենէ․ մանաւանդ որ եղածէն աւելի սեւ կ՚ուզէին ցուցընել զԱրտաշէս, եւ յիրաւի իրմէ սեւ ու աղտեղի թագաւորի մը մատնել իրենց զեղխ` բայց քրիստոնեայ թագաւորը․ ինչպէս որ շատ պայծառ եւ գեղեցիկ խօսքերով բացատրեց այս բանը Ս․ Սահակ, եւ երկար ջանաց հանդարտեցընելու զնախարարս։ Բայց անոնց համբերութիւնն հատեր էր․ եւ չուզելով ետ կենալ իրենց բռնած ճամբէն, չէին այլ կրնար ուրիշ անտեղի եւ վատ գործ մըն այլ չաւելցընել․ այսինքն, իրենց աշխարհական տիրոջ` թագաւորին հետ` դադարեցընել նաեւ հոգեւոր տիրոջ կաթուղիկոսին իշխանութիւնն այլ․ վասն զի եթէ նա չմիաբանէր հետերնին` խօսքերնին առաջ չէր երթար․ ապա պէտք էր զնա այլ յանցաւոր ցուցընել Պարսից թագաւորին դիմաց։ Ահա հոս էր մեծագոյն փոսն, որոյ վրայէն չկրցան ցատքել, ընկան մէջը, եւ ձգեցին իրենց տեարքը եւ բոլոր աշխարհքնին։ Ելան գնացին Պարսից դուռը․ Վռամ յօժարութեամբ լսեց անոնց ամբաստանութեանց եւ զրպարտութեանց․ եւ քիչ մը վերջը կանչեց ի դուռն զթագաւորն եւ զկաթուղիկոս․ թագաւորն արդարացուց զինքը․ կաթուղիկոսն այլ ցուցընելով թէ թագաւորին անքրիստոնեայ գործքերը` իր (Սահակայ) ատենին մէջ դատելի է եւ ոչ Պարսից ատենին մէջ դատապարտելի, անոր իրաւունքը պաշտպանեց․ եւ հոս այլ երեւցաւ Ս․ Սահակայ մինակ մեծութիւնն` բոլոր բազմութեան իշխանաց պզտիկութեանը քով։ Արտաշէս ներքին խղճովը, նախարարք իրենց արտաքին խղճովը, Վռամ իր անփոյթ խճղովը` մթնցած միգամած կորացած էին․ միայն Ս․ Սահակ սպիտակ եւ պայծառ սիւնացեալ ամպոյ պէս հոն կու բարձրանար։ Պարսից թագաւորն առանձինն այլ յորդորելով զՍ․ հայրապետն, եւ չկարենալով անոր բերնէն ամբաստանութիւն մը լսել, բաւական սեպեց նախարարաց ըսածը, եւ յանիրաւի դատապարտեց զԱրտաշէս, զրկելով յաթոռոյ եւ յազատութենէ․ նոյնպէս այլ ըրաւ կաթուղիկոսին․ դարձեալ նախարարաց լսելով, (որք ամօթով կ՚ըսեմ) ամբաստանեցին զնա իբր Յունաց կուսակից, եւ փաստ բերին անոր գրած նամակները առ կայսրն եւ առ Անատոլ, եւ զՎարդան ղրկելն առ նոսա։ Ս․ Սահակ այլ արգիլուեցաւ ի Պարսս, երեք չորս տարի։ Հայոց թագաւորին տեղ Պարսիկ մարզպան մը ղրկուեցաւ ի Հայս․ իսկ այն սուրբ եւ մեծ կաթուղիկոսին տեղ ո՞վ․ — չարալեզու երէց, չերէց մը, Արծկեցի Սուրմակն․ որ ի վարձ մատնութեան այնպիսի աստուածարեալ եւ պատկառելի անձի մը, անոր աթոռը ժառանգեց։ Հայոց քահանայապետ անուանուեցաւ, գոնէ կաթուղիկոսի արտաքին իշխանութիւնը բանեցընելու, որովհետեւ ինքն եւ ոչ եպիսկոպոս էր։ Եկաւ ի Հայս, իր սեւ երեսօք Ս․ Սահակայ պայծառութեանը մէջ բիծ երեւելու համար․ բայց եւ ոչ տարի մը դիմանալով` նոյն իսկ իր գործակից եւ բանակից նախարարներէն վռնտուեցաւ․ որք եւ ուրիշ կաթուղիկոս մ՚ուզեցին ի Վռամայ․ նա այլ Բրքիշու կամ Բարդիսո անուամբ Ասորի մը խաւրեց, որ եկաւ տանտիկիններով լեցուց Հայոց հայրապետանոցը, զոր Ս․ Սահակ իմաստուն վարդապետօք եւ թարգմանչօք եւ խարազնազգեաց ճգնաւորօք զարդարեր էր։ Այն ատեն շատ լաւ իմացուեցաւ անոր արժէքը, եւ ոչ միայն աշխարհին մէջ, այլ եւ կայսեր քով եւ Եփեսոսի 200 հայրապետաց մէջ` հարցուեցաւ բնտռուեցաւ Հայոց սուրբ հայրապետին վերադաս գահը․ հայրասէր թարգմանիչքն մեր որ հոն գտնուեցան` ցուցին հեռուէն Տիզբոնի բանտը։ Այս անկարծելի յանդիմանութիւնս ի սիւնհոդոսի աշխարհագումար հայրապետաց, արդարեւ ծանր` այլ արժանի էր մեր կարճամիտ կամ կարճատես իշխանաց․ որք աչքերնին աղէկ մը շփելով` յետ երեք տարւոյ մերժեցին զԲրքիշու այլ․ եւ ոմանք լռելեայն` ոմանք յայտնի` Ս․ Մեսրովպայ եւ բոլոր եկեղեցւոյ ուխտին հետ մէկտեղ` նորէն զՍ․ Սահակ խնդրեցին յետ դարձընել․ միայն ոմանք Պարսից թագաւորին կամացը թողուցին զո՛վ որ ուզէ խաւրելու․ յունաբաժին Հայք այլ ուրիշ մ՚առաջարկեցին․ Վռամ թէ իր ուզածը եւ թէ անոնց ուզածը միաբանելու հնարք մը սեպեց` Շմուէլ (Սամուէլ) անուամբ ասորի մը խաւրել փոխանակ Բրքիշոյ, կաթուղիկոսի արտաքին իշխանութիւնը վարելու, եւ մարզպանին օգնական ըլլալու․ Ս․ Սահակն այլ արձակեց, որ Շմուէլի ընտրածները ձեռնադրէ յեպիսկոպոսութիւն, եւ հոգեւորապէս հովուէ իր ժողովուրդը․ եւ այսպէս յերկու բաժներով կաթուղիկոսութեան իշխանութիւնը, եւ արտաքին հոգաբարձութիւնը վերցընելով ի Ս․ Սահակայ, անոր վիճակեալ ռոճիկն այլ պակսեցուց․ այսինքն կաթուղիկոսին տրուած կալուածքներուն մեծ մասն առաւ, եւ քիչ գեղ ու ագարակ թողուց անոր․ արձակելու ատենն այլ երդումն պահանջեց ի Ս․ Սահակայ` որ հաւատարիմ կենայ իրեն, եւ չմիտի Յունաց կողմը․ ապա թէ ոչ` բոլոր ազգին վրայ չարիք կու հասցընէ։ Այն ատեն Ս․ Սահակ` որ կ՚իմանար իր հարկաւորութիւնը ազգին համար, բայց չէր այլ կրնար յանձնառու երեւիլ Վռամայ ամեն հրամայածին, իր արժէքը անգամ մ՚այլ ցըցուց․ եւ յոտք կանգնելով բոլոր արքունի հանդիսին մէջ, երկար ատենաբանութեամբ մէկիկ յառաջ բերաւ իր 40 տարիէ աւելի հաւատարիմ ծառայութիւն եւ երախտիքն առ դուռն եւ ի Դրանէն անվարձ եւ աներախտ մնալն, Պարսից սուտ խոստմունքը եւ խարդախութիւնը, եւ անիրաւ դատաստանները, եւ իր քրիստոնեայ հաւատոց անհրաժարելի պարտքը` հաւատակցաց հետ (Յունաց եւ այլոց) հաղորդութիւն ընելու։ Եւ այնքան տիրաբար ճարտասանութեամբ, այլ հանդարտ եւ վսեմ կերպով խօսեցաւ այն վսեմափայլ ութսնամեայ ալեւորն, մինչեւ թագաւորն եւ իշխանքն եւ մոգերն պապանծած իրար կու նայէին, եւ չկրցաւ մէկն պատասխան տալ․ այլ յետոյ ինքնին թագաւորն հրամեց իր մեծերուն, որ շատ գանձ ստակ տան մեր կաթուղիկոսին, այնպէս գեղեցիկ եւ անվախ համարձակ խօսելուն համար․ որոյ համբաւն յետոյ մեր աշխարհն այլ հասանելով` այլ աւելի սիրելի ըրաւ իր ծերունի ամենաշնորհ հայրապետը։ Իսկ ինքն` ստակը մերժելով` տուողներուն աղաչեց որ անոր տեղ թագաւորէն խնդրեն` ինչ որ ինքն երբեմն յԱրտաշրէ խնդրեր էր․ այսինքն, նախարարաց իշխանութեան գահնամակը անփոփոխ հաստատել, եւ մասնաւորապէս Արշակունեաց խնամի եղող նախարարաց կալուածքները յետ դարձնել իրենց։ Վռամ հոս այլ յաղթուեցաւ յԻսահակայ, ամեն խնդրածները կատարեց, եւ անոր թոռը, Ս․ Վարդանը` հաստատեց ի պատիւ Մամիկոնէից տիրութեան եւ զօրավարութեան Հայոց։ Այսպէս յետ երեք կամ չորս տարի արգելանաց դարձաւ Ս․ Սահակ ի Հայս, եւ իր հին փառաւոր աթոռը Վաղարշապատը թողլով, նկատմամբ անարժան Շմուէլին, բայց յանձնելով զայն ի հոգաբարձութիւն իր հոգեկցին` Ս․ Մեսրովպայ, ինքն ընտրեց իրեն կայանք` Հայոց մկրտարանը, Բագրեւանդայ Ս․ Յովհաննու ուխտատեղին․ եւ երբեմն այլ անոր մօտ վիճակները պտըտելով, հարազատ հովուի պէս կու խնամէր իր հեռացող եւ երբեմն մոլորեալ հօտը․ եւ առաջուան պէս անխնայ քարոզէր եւ վարդապետէր։

Է

Այս ատեն մխիթարութեամբ ընդունեցաւ սուրբն Սահակ զԱղան` Արծրունեաց հոգեսէր իշխանն ի կրօնաւորական կեանս, ինչպէս 40 տարի առաջ այլ խնդրեր էր, բայց Ս․ հայրապետն` Պարսից թագաւորէն ակն ածելով չէր յանձն առած այն ատեն, Ս․ Սահակայ արգելանաց ատեն Եփեսոսի ժողովն կատարուեր էր (431)․ որոյ վեց կանոնները եւ ոմանց ի Հարց ժողովոյն առանձին թղթերը առ Ս․ Սահակ բերին ի Կոստանդնուպօլիս եղած թարգմանիչք մեր` Ղեւոնդ եւ Կորիւն, Եյնիկ եւ Յովսէփ, ուրիշ սուրբ հարց գործքերով, եւ գտան զՍ․ Սահակ եւ զՄեսրովպ յԱշտիշատ Տարօնոյ․ զորս ընդունելով Ս․ Սահակ`ժողովրդական ատենաբանութիւն մը ըրաւ իր հաւատարիմ եպիսկոպոսաց առջեւ, եւ հաւանութեամբ նոցա եւ Ս․ Մեսրովպայ` պատասխան գրեց հայրապետաց․ եւ սկսան նոր բերած գրքերը թարգմանել եւ սուրբ գրոց թարգմանութիւնը ուղղագրել։ Բայց Եփեսոսի ժողովին վճիռը չդադրեցուց ի Յոյնս` Նեստորի եւ իր հետեւողաց վէճերը, այլ աւելի զայրացաւ եւ ընդարձակուեցաւ։ Ուղղափառ եւ այլափառ իրարու դէմ գրէին, եւ օտարաց խաւրէին գրածնին, յորոց շատք չկարենալով ընտրել զուղիղն եւ զծուռն` շփոթէին․ աւելի շփոթցընողն էր Նեստորի վարժապետին Թէոդորի Մոպսուեստացւոյ գրուածքն, որ Արիոսի եւ Մակեդոնի եւ ուրիշ հերձուածոց դէմ գրուած ըլլալով ուղղափառ կ՚երեւէր, բայց երեւոյթին տակ ծածկած էր նեստորական թոյնն․ սակայն ի սկզբան շատոնք իբրեւ ուղիղ ընդունեցան․ ինչպէս եւ Կիւրայ եպիսկոպոսն Թէոդորետոս իմաստուն պատմիչն․ որք ի Հայս այլ խաւրեց այն գրոց օրինակները, եւ որպէս երեւի` ոմանք ի մերոցս այլ ընկալան, եւ բարեկամն Թէոդորետեայ` մեր Եւլալ եպիսկոպոսն Մարդաղւոյ (զոր յետոյ յիշէ Եղիշէ ի ժողովի Արտաշատու) թարգմանեց զայն գրեանքն ի հայ։ Այս բանիս կասկածելով նախ Ս․ Սահակայ մերձաւոր աթոռակիցքն Ակակ Մելտենոյ եպիսկոպոսն, եւ երանելին Րաբուլաս` Եդեսիոյ եպիսկոպոսն, գրով իմաց տուին առ ծերունի հայրապետն մեր (յամի 434—5), որ եւ մէկէն քննել տուաւ ու գտաւ․ եւ Թէոդորոսի գրուածոց հետ` Րաբուլայի եւ Ակակայ նամակն այլ խաւրեց առ ծանօթն իւր Ս․ Պրոկլ Կոստանդնուպօլսոյ հայրապետն, ձեռամբ Ղեւոնդի երիցու եւ Աբբայ կամ Աբելի, որպէս զի նա երկու կողմէն գրուածներն այլ քննէ եւ իր դատաստանը իմացընէ։ Պրոկղ ուրախութեամբ ընդունելով Ս․ Սահակայ ղրկած նուիրակութիւնը, եւ անոր ծայրազարդ հասակին, եւ թերեւս հին ծանօթութեան եւ դիպուածոց համեմատ, ինքն որ դեռ նոր նստեր էր յաթոռ (434) գորովելով եւ պատկառանօք, իբրեւ իր վարդապետին (Ոսկեբերանի) ընկերակիցը տեսնելով` կու գրէր այս նշանական խօսքերով սկսելով․ «Երանի՜ որ հանապազորդ լինիցին ի քաղցրահայեաց տեսիլ աստուածագեղ երեսացդ, եւ զի՞ ասեմ հանապազ, այլ գոնեայ յաւուրս կամ յամիսս կամ ի տարեկանս։ Ասասցէ եւ իմ անձն։ Ո՞ առնէր զիս արժանի հասանել անկանել յոտս աւետարանիչս…։ Եւ ուստի՞ ինձ այդ լինիցի, բայց եթէ յաղօթից սրբոյդ, զոր մեծ պատարագաւ միշտ ի վերայ արժանաց եւ անարժանաց` ամենասուրբն Աստուծոյ հատուցանես»։ Իսկ խնդրոյն վրայօք երկայն բացատրութիւն մը գրեց․ բայց նախ քան զրկելն ի Հայս, խաւրեց առ անուանին Յովհաննէս Անտիոքայ հայրապետն, որ ինքն այլ իր հաւանութիւնը եւ ստորագրութիւնը տայ, նա այլ իր եպիսկոպոսաց ժողովով ստորագրեց եւ գովութեամբ դարձուց․ նուիրակն տարաւ թուղթը նաեւ առ մեծն Կիւրեղ Աղեքսանդրի հայրապետն․ նա այլ հաւանեցաւ եւ առանձինն այլ գրեց թէ առ Ս․ Պրոկլ եւ թէ առ Ս․ Սահակ ընդդէմ Թէոդորի Մոպսուեստացւոյ․ այսպէս Պրոկլ երկու պատրիարքաց վկայութեամբ այլ հաստատելով գրածը` անկէ ետեւ զրկեց ի Հայս` (436), բայց իր նուիրակն Բասիլ` իր կողմանէ այլ բաներ աւելցուց ընդդէմ Թէոդորի, իր հայրապետին գրածը բաւական չհամարելով։ Այս թղթոյն այլ միաբան պատասխան գրեց Ս․ Սահակ ընդ Մաշտոցի, եւ ապահովցուց որ Թէոդորի սերմունքը չկան Հայոց մէջ․ «Եւ որ Դիոդորեայ (Դէոդորեայ (Թէոդորի) Մամուեստացւոց աշակերտեալք իցեն, առ ժամանակս` ի շնորհացն Աստուծոյ` այնպիսի ինչ չեւ է յայտնեալ, ապա թէ իցէ ծածկեալ ի ժանգոյ աղտեղութեան, ի հարկէ ջան լիցի մեզ խլել զխաչն եւ զգայթակղութիւնն զայն ի միջոյ ի բաց կորուսանել․ զի միաբանութիւն` որպէս ի ձերում միջի փառաբանի, եւ զմեզ ի նմին հաւասարութեան փառաւորութիւն առ Աստուած հասուցանել արժանի արասցէ»։ Այս թուղթսդրած է Ս․ Սահակ հազիւ երկու կամ երեք տարի յառաջ քան իր մահը․ այն միջոցին հանդիպեցաւ եւ մահ Շմուէլի, որ ագահութեամբն աւելի քան զԲըրքիչոյ զզուելի եղած էր ամենուն, բաց ի Սուրմակայ, Հաւատարիմ նախարարք եւ եպիսկոպոսունք ազատելով այն անուանեալ քաղաքացի ասորի կաթուղիկոսէն, Ս․ Սահակայ ոտքն ընկան, եւ լալով ներումն խնդրէին եւ օրերով կ՚աղաչէին որ իր հօրը Ս․ Ներսիսին պէս անյիշաչարութեամբ յանձն առնու նորէն իրեն կատարեալ կաթուղիկոսութիւնը․ բայց ամենայն ջանք եւ աղաչանք անօգուտ եղան․ Ս․ Սահակ ոչ յիշաչարութեամբ մերժեց, այլ արդէն լաւագոյն հանդերձեալ կենաց պատրաստութեան մէջ ըլլալով այն ծանրացեալ հասակի, միանգամայն եւ հին տեսիլքն միշտ աչացն առջեւ ըլլալով, յիսուն վաթսուն տարի զայն լռութեամբ պահելէն ետեւ, պատմեց իրեն աղաչողաց, թէ՛ իր ցեղէն քահանայապետութեանը դադրիլն եւ թէ իր եկեղեցւոյն հանդերձեալ հալածանքը եւ վտանգը։ Զոր լսելով ամենքն զարհուրեցան, ապշեցան, ափ ի բերան եղան, եւ ակամայ իրաւունք տուին այն մեծ սրտակտուր անձին` որ կ՚ըսէր․ «Երթայք յինէն ի բաց, եւ թոյլ տուք ինձ ողբալ զընդհանուր կորուստ աշխարհիս Հայոց․ զոր տեսանեմ աչօք մտացս` ի զօրութենէ վերին ցուցակութեան․ մի բռնադատէք մխիթարել զիս ի վերայ բեկման ժողովրդեան իմոյ»։ Ելան կորակոր, ի բաց գնացին լուռմուռ, եւ անկէ ետեւ ոչ ոք համարձակեցաւ այն խնդրոյն վրայ բան մը խօսիլ` այն վսեմ ցաւով կնքուած սրտին հետ․ որուն բռնի հնչած հառաչանքն այլ` հիմա շատ ազդու կու գար նախարարաց ակընջին, քան անկէ տասն տարի առաջ երկայն յորդորանքն` զիրենք կրկին տիրամատնութենէ յետ կեցընելու համար։ Իր լուսաւորչական գահը իշխանական փառօք դառնալէն աւելի` մխիթարութիւն եղաւ իրեն կենաց վերջընթեր տարին` (438), իր մեծ աթոռակցին։ Ս․ Ոսկեբերանի մարմնոյն դարձն ի Կոստանդնուպօլիս, որուն մահը, աքսորանքը, եւ եպիսկոպոս նստիլն տեսեր էր Ս․ Սահակ իր կաթուղիկոսական աթոռէն։ Իսկ հիմա այն աթոռոյն աստիճանաց վրայ նստած` եւ նկատելով ի գերեզմանն, «յայնմհետէ ամփոփեալ զինքն յամենայն աշխարհածուփ զբօսանաց, աղօթից միայն պարապէր եւ վարդապետութեան»։

Ը

Հոս պէտք է յիշել Ս․ Սահակայ վարուց սրբագոյն նրբագոյն կերպարանքն այլ, աստուածային համակամութիւնն, կամ ներքին կենակցութիւնն ընդ Աստուծոյ․ յորում այնքան գերազանց էր քան իր սուրբ նախնիքն անգամ, մինչեւ անաչառ պատմիչն համարձակ վկայէ թէ, «Սա ամենայն առաքինութեանց հարցն նմանեալ, աղօթիցն մասամբ առաւելեաց։ Քանզի ստացաւ աշակերտս 60, արք կրօնաւորք, խարազնազգեստք, երկաթապատք, բոկագնացք, որ յար ընդ նմա շրջէին․ որովք` մշտնջենաւոր պաշտամամբ կատարէր զկանոնն, որպէս զայն` որ յանապատսն են․ եւ հոգայր զաշխարհս, որպէս զայն` որ յաշխարհի են»։ Այս երկու աննման հարկաւոր հոգերը բոլոր կենացը մէջ այնպէս մէջ այնպէս միացուցեր էր Ս․ Սահակ, որ երկու անձ կարծուէր մի եւ նոյն կերպարանօք, մէկն յաշխարհի եւ յարքունիս` զընկերս եւ զազգ հոգալով, միւսն յանապատի եւ յառանձնութեան` իր հոգին եւ զԱստուած մտածելով։ Այսպէս կ՚ընէր կաթուղիկոսութենէն առաջ, այսպէս կաթողիկոսութեան ատեն, եւ այսպէս իր կենաց վերջերն այլ․ եւ թէ եւ հիմա բոլորովին առանձնանալ փափագէր, այլ «Բազումք յեպիսկոպոսաց եւ յայլոց պատուական քահանայից` ոչ երբէք ժուժէին տեւել եւ մեկուսանալ ի մշտաբուղխ աղբերէ վարդապետութեան սրբոյն, ուր ուրեք եւ դիպէր, ի յոստանի եւ կամ ի հովս»։

Յետին անգամ ի հով ելեր էր յամարան 439 տարւոյ, երբ յետ մահուն Վռամայ` անոր յաջորդ որդւոյն` Յազկերտի` զօրքն եկան ի Բագուան, ինչպէս տեսանք ի սկզբան պատմութեանս․ եւ ահա այս անժամ ու անպատշաճ շփոթութենէն պէտք էր հեռացնել այն ի մահ եւ յանմահութիւն հասունացեալ հայրապետը, որ արդէն յետին հիւանդութեամբ մօտ էր իջնելու յանկողնէն ի գերեզման։ Հայրասէր հաւատարիմ ձեռասունքն` աւելի գրկօք քան պատգարակօք` վերուցին ժամանակին հայրապետաց նահապետը, եւ Լուսաւորչի յետին պայազատը․ տարին քանի մը ժամ հեռու` Ալաշկերտի Բլուր կամ Բլրոցաց ըսուած գիւղը․ որ ապահով եւ ճամբէ հեռու տեղ մ՚էր, (զոր դժբաղդութեամբ ես շատ փնտռեր եւ չեմ տեսած)։ Հոն հիւանդութիւնն ծանրանալով, իմաց տրուեցաւ ծանօթիցը․ հաւանօրէն պատերազմի պատճառաւ սուրբ Վարդան հեռացեր էր, բայց իր կինն Դստրիկ` եւ մէկ այլ եղբարքն եւ մերձաւորք` եկան իրենց պապուն եւ ամենայն Հայոց հօրն քով․ իր համանուն համահոգի Իսահակ նահապետին նման` կռթնելով մահուան բարձին, աշխարհական եւ հոգեկան կտակներն ըրաւ․ բաժնեց անոնց իրմէ կողոպտուած ստացուածոց մնացորդը․ բայց առատապէս տուաւ իր անկողոպտելի ստացուածքը, այսինքն «ամբարձեալ զձեռս իւր օրհնեաց զնոսա օրհնութեամբ բազմաւ․ եւ պատուիրեաց նոցա պահել զվարդապետութիւն պատուիրանի սրբոյն Գրիգորի, զոց ուսոյց եւ աւանդեաց ճշմարտութեամբ ամենայն աշխարհիս Հայոց»։ Զնոյն պատուէր եւ օրհնութիւն տալով իր հաւատարիմ ձեռնասուն հոգեսուն աշակերտացն, ապա բոլորովինամփոփեց զինքն յինքեան․ եւ թերեւս իբրեւ յետին բարով մնաս ըսելով աշխարհիս` անցուց անգամ մ՚այլ մտքէն ընդարձակ նկարի մը պէս` իննսնամեայ կենաց բազմակերպ տեսարանները փոփոխութիւնները, քսանէն աւելի թագաւորաց յաջորդութիւնները` զոր տեսեր էր երեք տէրութեանց մէջ, Հայոց, Յունաց եւ Պարսից, որոց շատին հետ տեսութիւն եւ զրոյց այլ ունեցեր էր․ — իր աշխարհին կերպ կերպ եւ շատը ողբալի դիպուածները։ (Տիրանայ կուրութենէն ինչուան Արտաշիսի աքսորը)․ — եւս առաւել եկեղեցւոյն անցքը, իր մեծ պապուն` Յուսկան` բրածեծ մահուրընէն մինչեւ ի մահ իր անարժան աթոռակցին` Շըմուէլի․ ուսկից փոխելով յիշատակը` անցուց առջեւէն երկայն սուրը չար մը իր հովուակից հայրապետաց` զորս դար եւ կէս ժամանակ սնուցեր եւ իրեն ծանուցեր էր․ եւ որոց ետեւէն ահա կ՚երթար ինքն այլ, յետ շատերէն երկար` (կէս դար հովուութեան եւ բազմաթիւ վաստակաց եւ վշտաց) առ հովուապետն եւ վարձահատոյցն ամենեցուն, Քրիստոս․ որոյ յանձնելով զազգն եւ զեկեղեցին, զերախտաւորս եւ զապերախտս, եւ ապա իր ի մանկութենէ առ նա փափագած եւ կարօտած հոգին, փոխեցաւ «խաղաղական հանգըստիւ» ի կենաց աշխարհիս` ի կեանս արքայութեան երկնից, յեօթն սեպտեմբերի 439 տարւոյն, յօր հինգշաբթի, յերկրորդ կամ յերրորդ ժամուն «Ի պաշտաման անուշահոտ իւղոյն»․ մեծն ան անձն․ «Որ մահկանացու ծնեալ, անմահ զիւրն յիշատակ եթող․ պատուեաց զպատկերն, պատկառեաց ի կոչնականէն, փոխանորդեաց զկեանսն․ եւ այսքան կենցաղավարեաց` իբր զի ոչ պակասութեան իրիք մասն ի ծերութենէն եղանիլ, եւ ոչ յախտից առընդունել»։ …

Հանգի՜ստ, ո՛վ Մեծ, քու սրբասնեալ մարմնոյդ յերկրի, եւ փա՜ռք պայծառ հոգւոյդ` յերկինս։ Բայց ի՞նչ ըսեմք քու հաւատարմացդ, քու անմխիթար սրբոցդ, քու կարօտեալ աշակերտացդ, որք յետ երկար ժամանակաց եւ աշխարհէ աշխարհ պանդըխտութեանց` կու դիմէին յԱղեքսանդրիոյ եւ ի Բիւզանդիոյ, յԱթենայ եւ ի Հռովմայ` քու եւ քու հոգեկիցդ (Մեսրովպայ) ամենընկալ հայրագորով գրկացդ, յուսալով հարսանեաց պարովք եւ առագաստի երգովք դիմաց ելնել, եւ ութ կամ տասն տարուան մտաւոր աշխատանաց պտուղն ընծայել։ Իսկ հիմա՞, «Ու՞ր է քաղցր աչացն հանդարտութիւն առ ուղիղս, եւ ահաւորութիւն` առ թիւրս, ու՞ր զուարթ շրթանցն ժպտումն առ բարի աշակերտացըն հանդիպումն, ու՞ր խնդամիտ սիրտն` ընդունող արբանեկաց, ու՞ր երկայն ճանապարհաց յոյս հեշտացուցիչ, աշխատութեանցն հանգուցող։ — Կորեաւ ժողովօղն, թռեաւ նաւահանգիստն, ելիք օգնականն, լռեաց ձայնն յորդորեցուցիչ»։ Այս խօսքերս եթէ նախ Խորենացւո մը գրչէն լսած ես, Հայկակ, գիտցիր որ կրքերն` շատերուն են, իմս այլ են, որ այն ատեն եւ անկէ ետեւ եղածներն այլ նկատելով, աւելի անոր նման «Հառաչումն յիս ի ներքո ընթանայ եւ արտօսր, եւ կամեցուցանէ բարբառել բան տխրական եւ սգաւոր», քան թէ փափագ գայ Ս․ Սահակայ վրայ «հրաշափառագունիւ անցանել բանիւ ըստ արժանի սուրբ հօրն դրուատից»։

Սակայն դարձեալ նոյն անուասիրտ աշակերտին եւ պատմիչին հետ «այլում տեղւոյ եւ ժամանակի զայսոսիկ թողցուք» եւ երթանք մեք այլ հեռուէն` ընկերելու այն լուրջ յուղարկաւորաց հետ, որոց աշխարհական պարագլուխն է մեծին Վարդանայ կինն, սեւասքողեալ սիբիլլայի պէս, իսկ եկեղեցականաց` Երեմիա երէցն, սարկաւագապետ Սրբոյն, հանդերձ բազմութեամբ աշակերտացն եւ խարազնազգեաց միաբանից, քահանայից, ազատ եւ ռամիկ մարդկան աշխարհախումբ հանդիսի, որք լեռնէ լեռ ձորէ ձոր անցնելով, եւ Արածանւոյ հառաչաձայն կարկաջանաց քարավազ ճամբան բռնելով` կ՚իջնեն ի Տարօն գաւառ, եւ կու դադրին անոր հիւսիսակողմը պարսպող լերանց ստորոտը` սարատափի մը վրայ, ուր է հանգուցելոյն սեփական կալուածն, եւ բուն հին զոհից տեղն` Յաշտիշատ գեղն․ հոն այն աստուածանման հոգւոյն անարատ պահարանը` պարկեշտ մարմինը` կ՚ամփոփեն պատուական տապանի մէջ, որոյ վրայ յետոյ կու շինեն այնպիսւոյն արժանաւոր Եկեղեցի մեծապայծառ եւ վկայարան սրբոյն, պատուական եւ մեծագին սպասուք»․ անոր այլ բոլորտիքը «հիմնացուցեալ կանգնեցին ի տեղւոջն վանս բազմութեան պաշտօնէիցն, կարգեալ դարմանս անպակաս պտղոց ի հանգիստ առաւելեալ եղբայրութեանն»․ ուր ժողովեցան իր ճգնազգեցիկ աշակերտներէն ոմանք․ ոմանք այլ ուրիշ տեղեր ցրուած վանքեր հաստատեցին։ Իսկ հաւատարիմ երախտագէտ սիրելիք սրբոյն` Աշտիաշատայ եկեղեցին եւ վանքն այլ բաւական չսեպելով, «Ժողովս տարեւորականս աշխարհայորդոր բազմութեամբ հաստատեցին ի տեղւոջն, որ ըստ ժամանակի` բազմամբոխ ժողովրդոք` կամաւոր յօժարութեամբ ազատք եւ քահանայք գաւառին, այլ եւ կարի յոյժ հեռաւոր տեղեաց դիմեալք յօր կարգադրութեան նորա տօնեն, որ եւ բազում օգնութիւնս առողջութեան ըստ իւրաքանչիւր ախտից շահին ի նշխարաց սրբոյն, եւ ուրախալից սրտիւ դառնան»։

Երջանիկ հայրապետ եւ յայսմ մասին, որ Վարդանայ պէս թոռն ունեցաւ, եւ Մամիկոնէից նման բարեպաշտ եւ տաքսիրտ ազգականներ, որք կրցան ուրիշ նախարարաց ապերախտութեան փոխարէն` մեծագործ սուրբ յիշատակարան մը հոյակապ տաճար մը կանգնել, իրենց նահապետին նշխարաց վրայ․ այնքան արժանապէս մեծ ու փառահեղ էր այս տաճարս, որ երբ լման 200 տարի ետեւ (639) մոլէնախանձ Հագարացիք առաջին անգամ մատն ի Հայաստան, հասարակ եկեղեցեաց խնայելով` ամենէն աչքի զարնողները փլուցին, որոց մէջ չորս հատն յանուանէ յիշատակի, եւ առաջինն է սա։ Յայտնի է որ յետոյ դարձեալ շինեցաւ վայելչապես, բայց զայն այլ քակեց, կ՚ըսեն, գաղտնասիրտն Լէնկթիմուր, եւ անոր քարերով Արածանւոյ Սուլուխ գիւղին քով կամուրջ կապեց, բայց մինչեւ հիմա կու տեսնուին աւերակք հին եկեղեցւոյն, նշանք մամիկոնեան մեծագործութեան, որոց մէջ փոքրիկ, պարզ, ու կէս գետնաթաղ չէն մտաուռ մը` 14 դարէ վեր կու ծածկէ զգերեզման մեծին Սահակայ։ Անոր դիմաց գրուած է պատշաճապէս` իր յետին հոգէկիր եւ արենակիր շառաւիղն, շուշանագեղ եւ Շուշան—անուն թոռնեայն, Վարդենի` դուստրն Վարդանայ մեծի։ Անոնց տօնին` յիշատակին մինչեւ ցայսօր յուխտ երթան խոնարհ տեղացիք, կարծեմ թէ եւ Քուրդք անգամ, փոխանակ փոխանակ այնքան հեռաւոր եւ մերձաւոր ազգայնոց, որոց պարտ եւ պատշաճ էր ոչ միայն նորէն կանգնել վայելուչ եկեղեցին, այլ եթէ աւելի առատութիւն եւ ազատամտութիւն բանեցընէին, բլրաչափ բուրգ մ՚այլ բարձրացնել ի յիշատակ աննման հայրապետին մերոյ եւ ամենայն հայրապետաց արժանաւոր օրինակին, փափագելի էր այն բրգան չորս երեսաց վրայ կռել գրել իրանշան քանդակներով` իր վարուց չորս սքանչելի կերպարանքը, առաջնոյն վրայ գրել ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԵՑՈՅՑ, դրուագելով երկու անգամ իր ազգի թագաւոր կանգնելը, եւ երկու անգամ անոր ազնուականութեան գահնամակը նորոգելը, մէկ մը` Պարսից դուռը, մէկ մը նախարարաց ժողովին մէջ իրաւաբանելն, եւ այլն․ — երկրորդ երեսին վրայ գրել ՈՒՍՈՒՄՆԱՏՈՒՐ ԲԱՆԱՍԷՐ, եւ շարել իր շարականները, թարգմանութիւնները, նախադասելով աստուածաշունչը, Ս․ Մեսրովպայ ձեռք տալը, դպրոցաց բացումը ընդ բոլոր Հայաստան, Վրաստան, Աղուանստան, եւ թարգմանչաց առաքումը յԱսորիս, յԵգիպտոս, ի Յունաստան եւ յԻտալիա․ — երրորդին վրայ գրել ԵԿԵՂԵՑԱԶԱՐԴ ՀԱՅՐԱՊԵՏ, եւ դրուագել իր գումարած ժողովքները, դրած կանոնները, գրած եւ հաստատած եկեղեցական գրքերը, Հայրապետաց հետ թղթակցութիւնը, հերձուածները հալածելը․ — չորրորդին վրայ գրել ԵՐԿՆԱԿԵՆՑԱՂ ՍՐԲԱՍՈՒՆ, նշանակելով իր նուիրական, ճգնազդեցիկ կեանքը, եւ կենաց յետին ժամը։ Իսկ քառակուսի բրգան ծայրն ալ քիչ մը տաշելով` անկել ի գագաթը երկնասլաց սպիտակ սրտաձեւ սափոր մը ոսկի բոցով եւ ոսկի գծով նշանուած, զոր փափաքէի Հայկակ, որ` թէ ոչ այնքան մեծ, գոնէ այնքան մեծ, գոնէ այնքան փայլուն ըլլար` մինչեւ ուր որ ըլլայինք` կարենայինք տեսնել զայն եւ կարդալ հոն ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ։


ԼԳ․ Վերջաբան առ Հայկակ

ԱՀԱ վերջին խարոյկն է որ կու մխայ մեր հայրենական հսկմանց վառարանին անկիւնը, ով Հայկակ․ եւ այս ճաթռտող ու վառվառուն մախրիքս` վաղը առտու պիտի գտուին ցուրտ մոխիրք․ եւ այնպէս մնան, մինչեւ որ տարւոյն երեք եղանակներն ալ դառնան լրանան, եւ նորէն գայ չորրորդն։ Եւ երբ նորէն դառնայ գայ այս եղանակս, արդեօք մենք ալ նորէն պիտի գտնե՞նք զիրար` մեր վառարանին քով։…

Ահա գարնանաբեր լուսնին նորարծարծ ճառագայթներն` պատուհանաց ապակիներէն ներս ցայտելով, կու հրաւիրեն զմեզ բանալ փականքը, ելնել դուրս, տեսնել նորէն զբնութիւն։ Բնութի՜ւն նորոգեալ, իբրեւ իր ստեղծմանը առաւօտուն, իբրեւ առաջին իրիկունը, յորում նոր վառած լուսնին ճաճանչից տակ` կու հանգչէր խաղաղիկ, ինչպէս սպիտակազգեստ մօր մը շղարշից մէջ` անդրանիկն անուշաքուն։…

Այլ մինչդեռ հոս այսպէս պայծառ ծագէ եւ ծիծաղի լուսնակս, միթէ երկրիս ուրիշ կողմեր ալ չե՞ն թաղուած թաթղուած մթութեան մէջ։ Միթէ երկրիս քրոջ` ծիածաւալ ծովուն ծուփ ծուփ ծոցերուն մէջ` չկա՞ն ալէկոծ նաւեր` որ անդունդ սահելով` գոնէ ինկնելու վհին ատակը տեսնելու համար` աստղիկ մը լուսիկ մը կու մուրան վերէն, եւ չեն տեսներ։…

Այսպէս է կենաց ընթացքն, երբեմն լոյս եւ երբեմն մութ․ եւ միշտ հարկ է երթալ, ինչուան որ հասնինք արարչագիր կէտը։ — Սակայն ով որ զերկիրս յատակ մը կու ճանչնայ այն տաճարին` որոյ վերնայարկն է երկին, միշտ անխռով կ՚երթայ, խաղաղ կ՚ապրի։

Քանի որ սրտի սիւնակնշիտակ է, եւ հոգւոյն կարմիր կանթեղն վառ է, յաջող է մարդուս։

Մեր խարոյկն կու մարի․ լուսնակն ալ կու ծածկի կու մաշի։ Սիրալիր սիրտն անսպառ է։ Անմահութեան ակնկալու հոգին` երջանիկ է։

Հաւատարիմն Աստուծոյ եւ իր անձին` հաւատարիմ է եւ հայրենեաց։ Անհաւատարիմն հայրենեաց` չէ հաւատարիմ եւ իր հոգւոյն եւ ոչ երկնից։ — Ամենէն սուրբ եւ ազնիւ գործ եւ աշխատանք երկրիս վրայ` երկնից եւ հայրենեաց համար եղածներն են։ Թէպէտ եւ զանազան են հասակք եւ վիճակք, այլ ամենքն ալ ըստ չափու եւ ըստ վիճակի իւրեանց` պարտական են երկնից եւ հայրենեաց։…

Ահա կու հնչէ հասարակ գիշերուան պահն։…

Մեր միայնախօսութեանց ժամերն անցան, կու սկսին ժամք գործոց եւ աշխատութեանց։ Վաղն, նոր օր, նոր գարուն, ի նոր կեանս կու հրաւիրէ զքեզ, Հայկակ։

Նորաբողբոջ բնութեան մէջ բացուած` նոր կոկոն մարդկութեան, ծաղիկ Հայութեան, առոյգ հասակաւ ձեւացեալ, արդ կու վայլէ որ ձեւանաս քաղաքական կենօք․ վիճակ մը ընտրելով, եւ գործ մը կատարելով յերկրի, յօգուտ ընտանեաց եւ հայրենեաց, եւ հաճոյ երկնից։

Հարկ է որ մնաս բարով ըսենք իրարու, անմոռաց պահելով մեր հայրենեաց Յուշիկքը։ Առնում ես իմ հասակիս ցուպը, եւ իջնեմ բլրէս վար․ առնուս դու ալ հասակիդ յարմար աշխատութեան գործիդ, օրհնել տաս երկնից, եւ ելնես դէպ ի վեր, ի բլուրն կենաց։ — Արդ սուրբ հոգիք նախնեաց մերոց` քեզ բարեխօս եւ պաշտպան հայրենեաց շաւղէն` անշեղ ըլլայ քու վիճակիդ ճամբան․ բաղդդ` յերկրէս յերկինք հասնի անխափան։

Սակայն ինչ ալ որ ըլլայ քու վիճակդ կամ գործդ, յիշէ Հայկակ, որ գործն` իրմով չէ՛ ազնիւ կմ մեծ, այլ ընողն է որ կ՚ազնուացընէ կու սրբացընէ զգործը։ — Առանց գործողի` գործք մեռեալ սոսկ անուն մ՚են․ մարդս` զանունը բան կ՚ընէ, բանը գործ, գործը` կենդանութիւն եւ զկենդանութիւնն` անմահութիւն։

Յաջողութիւնն շատ հեղ երկնից շնորհք մ՚է․ բայց առանց երկրիս վրայ աշխատելու` վերէն յաջողութիւն չիջներ։ Մանաւանդ թէ յաջողութիւնն պատրաստ է իբրեւ զարեւ եւ զանձրեւ․ բայց եթէ ագարակն սերմանուած չէ` ի՞նչ բուսցընեն երկնից շողն ու ցօղն։

Մարդս փոքրիկ արարած մ՚է, բայց ոտքերն երկրիս ամեն կողմն ալ կրնան կոխել․ երկու ձեռքովը կրնայ ծայրէ ի ծայր աշխարհակալել․ սրտին` պզտիկ կու գայ տիեզերաց սահմանն, միտքն`անսահմանութեան մէջ ճամբայ կու բանայ․ հոգին` կու տիրէ երկնից․ սէրն` կու հասնի Արարչին առջեւ, եւ կ՚ըսէ․ Ահաւասիկ եմ։

Փոքրիկ արարածն այն մարդ մեծ աշխարհք մ՚ալ է ինքնին․ վասն զի Աստուծոյ դաստակերտ է, Աստուծոյ պատկեր է, թէ եւ աղաւաղեալ․ եւ ունի սկզբնատըպին զօրութիւնը։

Արարչագործ մատանց բարձրագոյն կերտուածքն` չեն Այրարատեան կատարքն կամ գագաթն Եմաւոնի, այլ ուսերուդ վերեւ կանգնած իմաստից տաճար` գլուխդ է․ բա՜րձր եւ բարակ բանուած։ Չկայ ծաղիկ արժանաւոր այդոր պսակ ըլլալու․ ոչ ոսկին եւ արծաթ` որ հողէ կ՚ելնեն, ոչ ծիրանի ծովերէ խպսած բուստ եւ մարգարիտք։ Ո՜հ․ գեղեցիկք են մայիսի առաւօտուն ցօղակաթ վարդակարմիր փնջիկքն այլ` դալար ճակտի մը բոլորած․ սակայն շատ աւելի պայծառ է ամօթխածութեամբ խայծեալ երեսն․ եւ աւելի ազնիւ` անոր վրայ շարուած աշխատութեան կայլակներն։

Կենաց կարեւոր եւ վայելուչ պիտոյքը լեցնելէն աւելորդ երկրաւոր շահք եւ վաստակք` անարգ եւ անիրաւ են այնպիսի գլխոյ մը, որ երկնից եւ հայրենեաց մաքուր իմաստներովը լցուած է։

Եթէ քաղաքական կեանք օրինաւոր են ի վերայ երկրի, անհրաժեշտ պարտք են եւ հայրենեաց ջանքն։…

Լալով կու ծնանիմք, խաղով կու մեծնամք․ աշխատութեամբ պէտք է մարդ ըլլանք․ մէկ ձեռքով մեզի, մէկ ձեռքով մեզի նմանեաց օգնեմք․ սիրով կենակցինք, պատուով ապրինք, յուսով ծերանամք, գոհութեամբ մեռնինք, սրբութեամբ աւանդենք փչողին` մեր շունչը․ թաղուինք օրհնութեամբ․ մնամք ի հայրենիս` հայրենեաց չափ, եւ յերկինս` Աստուծոյ չափ։ …

Ահա ազգք եւ ազինք, մեզի մօտ եւ հեռի, Հայկակ, ամենքն զբաղած են իրենց հայրենի ագարակը շէնցընելու․ եւ անդրանիկն ազգաց` մեր ազգն` կրնա՜յ ըլլալ յետամնաց։… Մարդ, սիրտ ունող մարդ` չի կրնար լսել զայս` առանց սոսկալու, թող թէ Հայ մարդ։

Առ եւ դու ուրեմն, ո՛վ Հայկակ, քու վիճակիդ յարմար աշխատութեան գործիդ, վերցուր յերկինք, օրհնել տուր․ եւ աշխատէ։ Աշխատէ յերկրի, միտքդ յերկինս, սիրտդ հայրենեացդ վրայ։

Առանց երկնից օրհնութեան` չի յաջողիր գործ հայրենեաց ի վերայ երկրի։ Զոր երկինք չօրհներ, ի զուր օրհնեն եւ հայրենիք․ եւ զոր չեն օրհներ հայրենիք` նա չօրհնուիր եւ յերկնից։

Կու բուսնի եւ սերմն ատելութեան, կու ծածկէ դաշտեր․ սպասէ, եւ կու տեսնես փուշ եւ տատասկ։

Սիրոյ սերմիկն` թէ եւ կորդացեալ երկրի մ՚աւանդուի, անխոնջ եւ ամուր արօրին տակ, քրտնաջան մշակին համբերութեամբ, վերջապէս կու ծլի, ծաղկի, պտղաբերէ եւ սնուցանէ։

Եւ մշակն մշակաց, որուն ագարակն է բոլոր աշխարհս, պատուիրեց մաճակալին, շիտակ գծել ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը։ Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու։

Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսագիւտ խղճով…։

ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը։ Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու։

Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսագիւտ խղճով…։

Ո՜վ անձնուրաց ոգի, բարեխնդիր հայրենասիրութիւն, դու պատրաստէ, վառէ սրբէ զսիրտ Հայկակայ։ Քեզմով վառուած սիրտն` անխայթ եւ անմուխ լոյս կ՚արձակուէ, եւ եթէ խարկի մրկի սիրտն, եւ անցնի երկնաւոր մասամբն, երկնունակ մասն` մնայ ի վերայ հայրենեաց, որպէս հոտ մըշկի եւ կնդրըկի։

Եւ շատ սեղաններ, շատ տապաններ, շատ քարեր ու հողեր կան ի Հայաստան, ուսկից դարէ դար եւ անդադար կու ծխէ հոտն անուշութեան, հոտն հայրենեաց, զոր չեն կրնար ջնջել ոչ զէնք եւ ոչ քէնք։

Վասն զի մեր առաքինի եւ ճշմարիտ, ընկերասէր, ազգասէր որդեսէր եւ հայրասէր նախնիքն, այն երկրին վրայ իրենց պարկեշտ նշխարքը թողլով, անմահութեան շնչով վերէն անոր վրայ միշտ կու շնչեն եւ կու շըշընջեն։

Շնչեցէ՛ք ո՜վ շունչք մտաբացք, սրտարծարծք, հոգեվառք․ շնչեցէ՜ք հոգի՛ք Գրիգորեանց, Ներսիսեանց, Սահակեանց, Մովսիսեանց, Ղեւոնդեանց, Վարդանանց, Վահանանց, Սմբատաց, Աշոտոց, Լեւոնեանց եւ Հեթմեանց․ սո՜ւրբ թագաւորք, հայրապետք, վարիչք եւ վարդապետք Հայոց, շնչեցէ՜ք յերկնից յերկիր։ Խառնուի՛ ձեր երկնաւոր շունչն` յերկրաւոր շունչ Հայկակայ․ որ երբ հասնի աւանդելու իր վերջին շունչն ալ` եթէ հանդարտ ու հեզիկ, եւ եթէ հրահատ ու հառաչաձայն, հաւասարապէս խառնուի՜ ձերիններուն հետ։

Եւ երբ իր օրական եւ տարեկան շրջաններուն պէս` երկիրս իր բազմադարեան շրջանն ալ աւարտելով` դադրի եւ կոտրի, եւ նոր երկրի մը հրաւիրակ փողն հնչէ, այս հին լուծեալ երկրիս վերջին արձագանգաց միջէն` վերջնագոյն արձանգ մ՚ալ ըլլա՜յ քուկդ, սուրբ սէ՜ր հայրենեաց։ …

Եւ, ո՜հ, թէ այն խորին եւ լռին արձագանգաց` նուազ վանգիւն մ՚ըլլար այս իմ քեզի նուիրածս, Հայկակ, ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ։