Վերջին թարմացում 4 Հուլիսի 2025, 19:48

Ուղևորություն դեպի Հանֆորդ

Ուղևորություն դեպի Հանֆորդ

հեղինակ՝ Վիլյամ Սարոյան
թարգմանիչ՝ Շ. Մաթևոսյան, Հր. Մաթևոսյան
աղբյուր՝ «Իմ անունը Արամ է»

Վերջապէս հասաւ այն օրը՝ երբ տարաբախտ հօրեղբայրս ճորգի կարգի դնելու էր իր հեծանիւը եւ երթալու՝ Հէնֆըրտ, մեզմէ քսանեւեօթը մղոն հեռու, ուր կը թուէր թէ պիտի կարենար գործ մը ճարել: Ես եւս ընկերացայ իրեն, թէպէտ նախ խօսք եղաւ իմ տեղս հօրեղբօրորդւոյս Վազգի երթալուն մասին:

Մեր ընտանիքը իր յարկին տակ Ճորգիի նման խեւ մը պատսպարած ըլլալուն համար մասնաւոր դժգոհանք մը արտայայտել չէր ուզեր թէպէտ, բայց կ՚ուզէր գէթ ամրան ընթացքին պահ մը անոր գոյութիւնը մոռնալու առիթն ունենալ: Ճորգիի Հէնֆըրտ երթալն ու գործ մը ճարելն ամէն տեսակէտէ լաւ պիտի ըլլար: Նախ՝ ինքը Ճորգի քիչ մը դրամ պիտի վաստակէր եւ յետոյ՝ պահ մը աչքէ հեռու կ՚ըլլար ան: Կարեւորը զինք աչքէ հեռու պահելն էր:

– ետինն անցնի ինքն ալ իր քանոնն ալ, – կը սրտնեղէր մեծ հայրս: Եթէ երբեք գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք մարդու մը մասին, որ ծառի մը տակ նստած օրն ի բուն քանոն կը նուագէ, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը անգործնական մարդուն մէկն է: Թո՛ղ երթայ իր քանոնին հետ քիչ մը քրտնի արեւին տակ:

– Հիմա է որ այդպէս կ՚ըսես, – միջամտեց մեծ մայրս: Ես հետդ կը խօսիմ շաբաթ մը յետոյ: Սպասէ՛ մինչեւ որ երաժշտութեան կարօտն զգանք նորէն:

– Պարապ խօ՛սք, – պատասխանեց մեծ հայրս: Եթէ երբեք գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ երջանիկ մարդն այն է, որ երգել կը սիրէ, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը պարզապէս երազատես մըն է, որ հազար տարիէն գործնական մէկը չի կրնար ըլլալ: Թողէ՛ք որ երթայ: Հէնֆըրտ մեզմէ միայն քսանեւեօթը մղոնի հեռաւորութիւն ունի: Բանաւոր հեռաւորութիւն մը արդարեւ:

– Հիմա է որ այդպէս կ՚ըսես, – կրկնեց մեծ մարս: Երեք օր չանցած մելամաղձոտութիւնը քեզ պիտի պատէ: Այն ատեն վստահ եմ թէ վագրի նման բոլորտիքդ պիտի դառնաս եւ ես պիտի ըլլամ քու վրադ խնդացողը:

– Վերջապէս կնիկմարդ ես, – շարունակեց մեծ հայրս: Եթէ երբեք հարիւրաւոր էջերէ բաղկացած մանր գիրերով գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ կնիկմարդ ըսուածը իսկապէս հրաշակերտ մըն է, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը իր կնոջմէ երես դարձուցած երազներու աշխարհին մէջ կը թափառի: Թողէ՛ք որ երթայ:

– Խօսքին պարզն այն է՝ որ դուն այլեւս երիտասարդ մը չես եւ այդ է որ քեզ այսպէս մռնչել կուտայ , – քննադատեց զինքը մեծ մայրս:

– Բերանդ գոցէ՛, – սաստեց մեծ հայրս, բերանդ գոցէ՛, թէ չէ ապտակը կը հասնի:

Մեծ հայրս պահ մը աչքերը իր զաւակներուն եւ թոռներուն վրայ պտտցնելէ յետոյ շարունակեց.

– Ես այն կարծիքէն եմ որ ան Հէնֆըրտ երթալու է իր հեծանիւով: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

Բերան բացող չեղաւ:

– Ապա ուրեմն այդ հարցը վճռուած է, – եզրակացուց ան: Այժմ տեսնենք թէ ո՜վ երթալու է անոր հետ: Մեր անկարգ տղոցմէ ո՞ր մէկը պիտի կրէ Ճորգիին ընկերակցելու պատիժը: Եթէ երբեք գիրքի մը մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ ուրիշ քաղաքներ ճամբորդելը երիտասարդներու համար հաճելի փորձառութիւն մըն է, գիտցէ՛ք որ գիրքին հեղինակը ութսուն կամ իննիսունամեայ ծերուկ մըն է, որ իր տղայութեան օրերուն տունէն կառքով հեռացած է հազիւ երկու մղոն: Այժմ ո՞ր մէկը պատժելու է: Վա՞գգը: Պատժուողը Վա՞զգը պիտի ըլլայ: Առա՜ջ եկուր, տղա՜յ:

Վազգ ոտքի ելլելով կանգնեցաւ ծերունիին առջեւ: Մեծ հայրս խոժոռ ակնարկ մը նետեց անոր վրայ, պեխերը ոլորելով եւ կոկորդը մաքրելով: Ապա իր ձեռքը դրաւ անոր երեսին վրայ՝ զայն ամբողջապէս ծածկելով: Վազգ անշարժ կեցած էր:

– Կ՚ուզե՞ս Ճորգի հօրեղբօրդ հետ Հէնֆըրտ երթալ, – հարցուց մեծ հայրս:

– Եթէ այդ հաճոյք կը պատճառէ մեծ հօրս՝ կ՚երթամ, – պատասխանեց Վազգ:

Յայտնապէս ծերունին հարցը կը վերանկատէր՝ իր դէմքին տալով մասնաւոր ծամածռութիւն մը:

– Պահ մը մտածե՜նք, – յարեց ան: Ճորգի մեր տոհմի յիմար արարածներէն է, նմանապէս դուն: Չգիտեմ թէ ո՜րքան խոհեմութիւն պիտի ըլլար երկու յիմար կողք կողքի դնել:

Ապա ան դարձաւ միւսներուն:

– Կ՚ուզեմ լսել այս հարցին մասին ձեր ալ կարծիքները: Կը կարծէ՞ք թէ խոհեմութիւն կ՚ըլլայ միեւնոյն տոհմին պատկանող անչափահաս յիմար մը դնել չափահաս յիմարի մը կողքին. կրնա՞յ արդեօք այդ օգտակար ըլլալ մէկն ու մէկին: Յայտնեցէք ձեր կարծիքներն որ նկատի ունենամ զանոնք:

– Կը կարծեմ թէ այդ պիտի ըլլայ մեր ընելիք բնական բանը. խօսք առաւ Զօհրապ հօրեղբայրս: Այո՜. երկու յիմարներ կողք կողքի. չափահասը դուրսը կը գործէ, իսկ տղան տնական գործերու կը նայի եւ կերակուր կ՚եփէ:

– Թերեւս. ըսաւ մեծ հայրս: Մտածե՜նք: Երկու յիմարներ կողք կղոքի. մէկը դուրսը գործելու համար, իսկ միւսը տնական գործերու նայելու եւ կերակուր եփելու: Կերակուր կրնա՞ս եփել, տղա՜յ:

– Անտարակոյս կրնայ եփել, պատասխանեց մեծ մայրս: Ամէն պարագայի տակ գոնէ բրինձ կրնայ խաշել:

– Ճի՞շդ է թէ բրինձ կրնաս խաշել՞ տղա՜յ, հարց տուաւ մեծ հայրս: Չորս գաւաթ ջուր, մէկ գաւաթ բրինձ եւ մէկ թէյի դգալ աղ: Ասոնցմէ լակի տեղ կերակուր պատրաստելու գաղտնիքին ծանօ՞թ ես, թէ չէ մենք լոկ կ՚երազենք:

– Անտարակոյս կրնայ բրինձ խաշել, պնդեց մեծ մայրս:

– Հիմա բերնիդ ապտակ մը կ՚իջեցնեմ, սպառնաց մեծ հայրս: Տղան անլեզու չէ. թոյլ տո՜ւր որ ինք խօսի: Կրնա՞ս այդքանն ընել, տղա՜յ: Եթէ երբեք գրքի մէջ կարդալու ըլլաք թէ՝ տղեկ մը ծերուկի մը իմաստուն պատասխաններ տուած է, գիտցէք որ գրքին հեղինակը չափազանցելու սովոր հրեայ մըն է: Կրնա՞ս լակի տեղ կերակուր նմանցնել եփածդ, տղա՜յ:

– Ես բրինձ խաշած եմ որ կերակուրի նմանած է, – պատասխանեց Վազգ:

– Մէջը պէտք եղածին չափ աղ դրա՞ծ էիր, – հարցուց մեծ հայրս: Եթէ փորձուիս ստել, յիշէ ապտակս:

Վազգ րոպէ մը տատամսեցաւ:

– Կը տեսնեմ թէ բրինձի խօսքն ընելով քեզ քիչ մը նեղը ձգեցինք, նկատել տուաւ մեծ հայրս: Ոեւէ սխալ գործա՞ծ ես բրինձ եփած պահուդ: Ես միայն ճշմարտախօսութենէ հաճոյք կ՚առնեմ: Խօսէ՜ անվախօրէն: Եթէ անվախօրէն ճշմարտութիւնը խօսելու ըլլաս, մարդ աւելին չի կրնար պահանջել քեզմէ: Բրինձի կապակցութեամբ ի՞նչն է որ քեզ նեղը ձգեց:

– Շատ աղի էր, խոստովանեցաւ Վազգ: Այնքա՜ն աղի՝ որ ամբողջ օրը՝ գիշեր ցորեկ ջուր խմել ստիպուեցանք:

– Աւելորդ զարդարանքի հարկ չկայ. միայն ճշմարտութիւնն ըսէ՛ – բրինձը շատ աղի էր: Բնականաբար ամբողջ օրը՝ գիշեր ցորեկ ջուր պիտի խմէիք: Մեզմէ ամէն մէկն այդ տեսակ բրինձ ճաշակած : Մի՛ խորհիր թէ դուն միակ Հայն ես որ ամբողջ օրը՝ գիշեր ցորեկ ջուր խմած է: Միայն ըսէ՛ թէ բրինձը շատ աղի էր: Ես հոս եկած չեմ ձեզմէ բան սորվելու. ես ամէն ինչ գիտեմ: Միայն ըսէ՛ թէ բրինձը շատ աղի էր եւ թոյլ տուր որ ես ինքս որոշեմ թէ գացողը դուն պիտի ըլլաս թէ ոչ: