հեղինակ՝ Ա․ Գանօն Տօյլ |
Առտու մը, կինս ու ես կը նախաճաշէինք երբ Շէրլօք Հօլմսէն հեռագիր մը յանձնեցին մեզ հետեւեալ իմաստով․
«Երկու օր ազատ կրնա՞ք ըլլալ։ Հեռագրով արեւմուտք կանչուած եմ Պօսքօմպի հովիտին գործին համար։ Ուրախ պիտի ըլլամ միայսին տանելով ձեզ։ Հեշտալի կլիմայ։ Հաճելի երկիր։ Մեկնում ժամը 11, 15, Բէտինկթընի կայարան»։
— Ի՞նչ կը խորհիք, բարեկամս, կʼընդունի՞ք, հարցուց կինս։
— Չեմ գիտեր։ Այս միջոցին շատ հիւանդ ունիմ։
— Օ՛հ, Անսթրըթըր ի հարկին ձեր գործը կը տեսնէ։ Դէմքերնիդ աղէկ չէ եւ կարծեմ թէ օդի փոփոխութիւն մը օգտակար պիտի ըլլար, առանց խօսելու այն շահեկանութեան վրայ, զոր ամէն ատեն ձեզի համար ունին Շէրլօք Հօլմսի դատական քննութիւնները։
— Ապերախտ եղած պիտի ըլլայի եթէ այդ քննութիւններուն հանդէպ սէր չունենայի, քանի որ անոնցմէ մէկուն կը պարտիմ ձեր ամուսինը ըլլալս։ Բայց եթէ պիտի մեկնիմ, կորսնցնելիք ժամանակ չկայ։ Ճիշդ կէս ժամ ունիմ պայուսակս կապելու եւ կայարան երթալու համար։
Աֆղանիստանի արշաւանքս արագ մեկնումներու վարժեցուցած էր զիս։ Երբեք աւելորդ բեռներով չէի խճողուեր։ Ուստի ամէնէն անհրաժեշտները առնելով, քանի մը վայրկետն ետք կառքով կʼերթայի Բէտինկթընի կայարանը։ Շէրլօք Հօլմս արդէն կը պտտէր քարափին վրայ։ Կերպասէ գլխարկ մը կը կրէր, զոր մինչեւ ականջները իջեցուցած էր եւ իր վտիտ ուրուանկարը աւելի երկար ու աւելի նուրբ կʼերեւէր իր երկար մոխրագոյն վերարկուին տակ։
— Շատ ազնիւ էք որ եկաք, Ուօ՛թսըն, ըսաւ։ Մեծապէս պիտի օգնէք ինծի, վասնզի կրնամ կատարելապէս վստահիլ ձեզի։ Ընդհանուր կանոն է որ տեղւոյն վրայ կանխակալ կարծիքներ ունեցող կամ անօգուտ մարդեր միայն կը գտնուին։ Ուրեմն վակոն նստեցէք եւ երկու անկիւնները բռնեցէք։ Ես տոմսակ առնելու երթամ։
Վակոնին մէջ առանձին էինք, բայց ամբողջովին կը լցնէինք զայն թուղթերով, որոնք խճողած էին Հօլմսը։ Պրպտեց այս ստուար թղթածրարը, երբեմն ընդմիջելով, կա՛մ ծանօթագրելու եւ կամ մտածելու համար։ Ասիկա տեւեց մինչեւ Րիտինկէն անդին։ Այն ատեն իր բոլոր թուղթերը խոշոր գունդի մը պէս պլորեց եւ ցանցին մէջ նետեց։ Յետոյ ինծի դառնալով հարցուց․
— Այս գործին վրայ բան մը լսեցի՞ք։
— Ո՛չ, բան մը չեմ գիտեր։ Քանի մը օրէ ի վեր լրագիր չեմ կարդացած։
— Լոնտոնի մամուլը անկատար տեղեկութիւններ միայն ստացած է։ Նոր հրատարակուած թերթերը աչքէ անուցի, որպէսզի գաղափար կազմելու գործս աւարտեմ։ Սակայն ինծի կուգայ թէ այս գործը մէկն է անոնցմէ, որոնք ըստ երեւոյթին շատ պարզ են, բայց նոյնքան դժուար է բացատրութիւնը։
— Ատիկա քիչ մը զարմանալի կʼերեւայ ինծի, սիրելի բարեկամ։
— Սակայն շատ ճիշդ է։ Իսկատպութիւնը գրեթէ միշտ որոշ նշան մը կը հայթայթէ ինծի։ Ոճիր մը ո՛րքան հասարակ ըլլայ, այնքան դժուար է ապացուցանել զայն։ Մեզ զբաղեցնող գործին մէջ շատ զօրաւոր ենթադրութիւններ կան սակայն զոհին որդւոյն դէմ։
— Ուրեմն խնդիրը սպանութեա՞ն մը վրայ է։
— Այնպէս կʼենթադրուի։ Բայց չեմ ուզեր կարծիք յայտնել քննութիւնս կատարելէ առաջ։ Ահաւասիկ, քանի մը բառով, իրողութիւնները, ինչպէս որ կը հասկնամ զանոնք․— Պօսքոմպ քաղաքը Միրֆօրտշայրի մէջ, Րօսի մօտ գաւառակ մըն է։ Այս գաւառակին ամէնէն կարեւոր սեփականատէրը Մր․ Թըրնըր անունով մէկն է, որ իր հարստութիւնը Աւստրալիոյ մէջ շինած եւ քանի մը տարիէ ի վեր միայն դարձած է իր ծննդավայրը։ Իր ագարակներէն մէկը,— Հէթրլէի ագարակը— վարձու տուած է Մր․ Չարլզ Մաք Քարթիի, որ նոյնպէս Աւստրալիացի մըն է։ Այս երկու մարդիկը, գաղթավայրերուն մէջ զիրար ճանչցած ըլլալով, շատ բնական էր որ աշխատէին իրարու մօտենալ։ Թըրնըր ամէնէն հարուստն էր։ Մաք Քարթի անոր ագարակապանը եղաւ, ինչ որ իրենց արգելք մը չէր իրարու հետ կատարելապէս հաւատար վիճակի մէջ ապրելու եւ յաճախ միասին պտտելու։ Երկուքն ալ այրի էին։ Մաք Քարթի 18 տարեկան մանչ մը միայն ունէր, իսկ Թըրնըր՝ նոյն տարիքը ունեցող միամօր աղջիկ մը։ Երկուքն ալ դրացիներու ընկերութիւնը փնտռած չէին։ Քաշուած կʼապրէին, ձիարշաւերու հաւաքոյթներուն միայն յաճախելով, քանի որ ձիարշաւի ջերմ «ամաթէօռ»ներ էին։ Մաք Քարթի երկու ծառայ ունէր, Էրիկ մարդ մը եւ կին մը, մինչ Թըրնըրի ծառաները վեցէն պակաս չէին։ Ընտանիքին մասին ամբողջ գիտցածս աս է։ Անցնինք իրողութիւններուն։
Յունիս 3ին, այսինքն անցեալ երկուշաբթի, Մաք Քարթի, կէս օրէ ետք ժամը 3ին միջոցները մեկնեցաւ Հէթըրլէի իր տունէն եւ քալելով իջաւ Պօսքօմպի ջրակոյտը․— պզտիկ լիճ մը, որ համանուն հովիտը ոռոգող գետին յորդումէն կազմուած է։ Առտուն Րօս գացած էր իր ծառային հետ, որուն ըսեր է թէ կʼաճապարէր որովհետեւ ժամը 3ի համար կարեւոր ժամադրութիւն մը ունէր։ Հոն գացած է, բայց ողջ դարձած չէ։
Հէթըրլէյէն մինչեւ Պօսքօմպի լճակը հինգ հարիւր մէթր հեռաւորութիւն կայ եւ ճամբան երկու հոգի հանդիպած են Մաք Քարթիի։ Այս վկաներէն մէկը ծերունի կին մըն է, որուն անունը չեն տար։ Միւս է Ուիլեըմ Քրօտըր, Մր․ Թըրնըրի պահակներէն մէկը։ Երկուքն ալ կը հաւելցնէ թէ Մր․ Մաք Քարթի առանձին էր։ Պահակը կʼաւելցնէ թէ Մր․ Մաք Քարթիի անցնիլը տեսնելէն քանի մը վայրկեան ետք հանդիպած է անոր որդւոյն՝ Մր․ Ճէյմս Մաք Քարթիի որ միեւնոյն ճամբուն կը հետեւէր, հրացան մը ունենալով թեւին տակ։ Իրեն անանկ կուգայ որ այդ վայրկեանին հայրը տակաւին կը տեսնուէր եւ թէ որդին մօտէն կը հետեւէր անոր։ Եւ յետոյ կարեւորութիւն չընծայեց այն իրողութեան եւ միայն յիշեց իրիկունը, երբ պատահած տռամը իմացաւ։
Երկու Մաք Քարթիները վայրկեան մը ետք ալ տեսնուած են։ Պօսքօմպի ջրակոյտը եղերուած է խոտերով եւ եղէգներով, որոնք մինչեւ ջուրին մէջ կը բուսնին եւ շրջապատուած է խիտ թաւուտներով։ 14 տարու աղջիկ մը, Բէշընս Մօրէն, Պօսքօմպի հովիտին կալուածին դռնապանին աղջիկը, կը հաւաստէ թէ անտառին մէջ ծաղիկներ հաւաքած պահուն, ջրակոյտին եղերքը տեսաւ Մր․ Մաք Քարթին եւ զաւակը, որոնք կարծես թէ բուռն կերպով կը վիճաբանէին իրարու հետ։ Լսեց որ Մաք Քարթի հայր կը նախատէր իր որդին եւ տեսաւ որ այս վերջինը ձեռք վերցուց, հօրը զարնելու դիտաւորութեամբ։ Այնչափ վախցաւ որ փախաւ եւ տուն դառնալով մօրը ըսաւ թէ երկու Մաք Քարթիները իրարու հետ կը վիճէին Պօսքօմպի ջրակոյտին մօտ եւ թէ կը վախնար որ զիրար ծեծէին։ Հազիւ թէ պատմութիւնը աւարտած էր, Մր․ Մաք Քարթի որդի վազելով եկաւ դռնապանին մօտ եւ ըսաւ թէ անտառին մէջ իր հայրը գտած էր մեռած եւ թէ հարկ էր օգնել։ Շատ յուզուած երեւոյթ մը ունէր։ Ո՛չ գլխարկ կար գլուխը եւ ոչ հրացան՝ ձեռքը։ Աջ ձեռքը եւ թեւը արեան թարմ բիծեր կը կըէին։ Իր ցուցմունքին վրայ, հօրը դիակը գտան ջրակոյտին վրայ փռուած։ Գլուխը ծանր եւ զարնող դէմքով մը առաջ եկած հարուածներու հետքը կը կրէր։ Վէրքերը կրնային գոյացած ըլլալ հրացանի կոթովը, որ գտնուեցաւ խոտին վրայ, զոհէն քիչ հեռու։ Այսպիսի ենթադրութիւններով, երիտասարդը անմիջապէս ձերբակալուեցաւ եւ քննութիւնը կամաւոր մարդասպանութեան մը յանգած ըլլալով, չորեքշաբթի օր հանուեցաւ Րօսի դատարանին առջեւ, որ առաջիկայ նիստին յետաձգեց։ Ահաւասիկ գլխաւոր իրողութիւնները, ինչպէս որ կը հետեւին դատական պաշտօնեային քննութենէն եւ ոստիկանութեան տեղեկագիրէն։
— Դժուար է աւելի ջախջախիչ ապացոյցներ գտնել, ըսի։ Եթէ երբեք պարագաներու վկայութիւնը վճրագործ մը մատնանշած է, ճիշտ այս գործին մէջ է։
— Այո՛, բայց այս վկայութիւնը կրնայ նաեւ շատ գէշ խաղեր խաղալ, պատասխանեց Հօլմս մտածկոտ դէմքով մը։ Երբեմն կը թուի թէ մէկ կէտի կը դիմէ։ Եթէ սակայն ձեր անձնական դատումը մէկդի ընէք եւ պարագաները բոլորովին տարբեր տեսակէտէ մը դիտէք, կրնայ պատաիլ որ ձեր եզրակացութիւնը բոլորովին տարբեր ըլլայ։ Կը խոստովանիմ սակայն թէ երիտասարդին դէմ փաստերը շատ լուրջ են։ Կարելի է ուրեմն որ յանցաւոր ըլլայ, թէեւ Օր․ Թըրնըր՝ դրացի սեփականատէրին աղջիկը՝ եւ շրջականերէն քանի մը հոգի անոր անմեղութեանը կը հաւատան եւ պաշտպանութիւնը յանձնած են այն միեւնոյն Լէսդրատին, որ, ինչպէս կը յիշէք, խառնուեցաւ «Կարմիրի ուսումնասիրութիւն» կոչուած գործին։ Լէսդրատ, խիստ վարանոտ ըլլալով, ինծի դիմեց եւ ահա ասոր համար է որ ձեզի եւ ինծի պէս միջին տարիքով երկու հոգի դէպ Արեւմուտք կʼուղղուին ժամը յիսուն մղոն արագութեամբ, փոխանակ իրենց տանը մէջ հանդարտօրէն ճաշելու։
— Կը վախնամ թէ, ըսի, այսքան բացայայտ ապացոյցներով մեծ օգուտ մը չքաղէք այս գործէն։
— Նորէն կʼըսեմ թէ առաջին տեսութեամբ շատ պարզ իրողութենէ մը աւելի խաբեպատիր բան չկայ, պատասխանեց խնդալով։ Պիտի աւելցնեմ թէ մենք թերեւս աւելի բարեբախտ պիտի ըլլանք գտնելով ուրիշ մանրամասնութիւններ, որոնք կրնան վրիպած ըլլալ Մր․ Լէսդրատի ուշադրութենէն։ Զիս կը ճանչնաք եւ գիտէք թէ չեմ պարծենար ըսելով որ իր կարծիքը զօրացնելու կամ անոր դէմ պայքարելու համար պիտի գործածեմ ա՛յնպիսի միջոցներ, զորս անիկա անկարող է գործածելու կամ նոյն իսկ հասկնալու։ Ըստ դիպուածի պարզ օրինակ մը․ — Կատարելապէս կը նշմարեմ թէ ձեր սենեակին մէկ պատուհանը աջ կողմն է եւ կը կասկածիմ թէ Մր․ Լէդրատ ասոր չափ ակներեւ բան մը գիտած ըլլայ։
— Վա՛յ, անպիտան, ի՞նչպէս։
— Սիրելի բարեկամս, գիտեմ այն խիստ բարեկիրթ եւ համակ զինուորական սովորութիւնները որ կը յատկանշեն ձեզ։ Ամէն առտու կʼածիլուիք։ Բայց որովհետեւ ձախ կողմերնիդ աղէկ ածիլած չէք եւ ձեր ծնօտին տակ աւելի գէշ ածիլած էք, բացարձակապէս ստոյգ է որ այդ կողմը միւսէն քիչ լուսաւորուած է։ Չեմ երեւակայեր թէ ձեզի պէս մարդ մը այս արդիւնքով գոհանայ եթէ սենեակը պէտք եղածին չափ լուսաւորուած ըլլայ տեսնելու համար։ Ասիկա կը յիշեմ իբրեւ դիտելու եւ հետեւութիւն հանելու սովորական օրինակ մը։ Արհեստ է ասիկա եւ կարելի է որ ինծի ծառայէ մեր հետազօտութիւններուն մէջ։ Քննութիւնը երեւան հանած է երկու երկրորդական կէտեր, որոնք տակաւին իրենց կարեւորութիւնը ունին։
— Որո՞նք են։
— Կʼերեւայ թէ զոհին որդին անմիջապէս ձերբակալուած չէ, այլ Հէթըրլէի ագարակը վերադառնալէն ետք միայն։ Երբ ոստիկանապետը իրեն կարդաց ձերբակալման հրամանագիրը, պարզապէս պատասխանեց թէ չէր զարմանար եւ թէ արժանի էր անոր։ Այս խօսքը բնականաբար փարատեց կասկածները, զորս երդուեալ դատաւորները կրնային ունենալ տակաւին։
— Խոստովանութիւն մըն էր ասիկա, պոռացի։
— Ո՛չ, վասնզի յետոյ իր անմեղութեանը վրայ պնդեց։
— Այս խօսքը, միւս ծանր ապացոյցներուն վրայ աւելնալով, առնուազն կասկածելի է։
— Ընդհակառակը, ըսաւ Հօլմս, լոյս մըն է, ե թերեւս միակը՝ ամպամած երկինքի մը վրայ։ Ո՛րքան ալ անմեղ ըլլայ, այնչափ ապուշ չէ որ չնշմարէ թէ ամէն բան իրեն դէմ է։ Եթէ իր ձերբակալութեան վրայ զարմացած երեւար կամ եթէ զայրոյթ կեղծէր, ասիկա կասկած պիտի ներշնչէր ինծի, վասնզի զարմանքը կամ բարկութիւնը, որ բնական պիտի չըլլային այս պարագաներուն մէջ, թերեւս լաւ քաղաքականութիւն մը պիտի երեւային յանցաւորին։ Համարձակ ու անկեղծ եղանակը, որով մեր մարդը ընդունեց կացութիւնը, ինծի համար նշան մըն է կա՛մ անոր բացարձակ անմեղութեանը եւ կամ նկարագրի մեծ ոյժի մը։ Շատ պարզ է նաեւ ըսել թէ եղածին արժանի էր, քանի որ հօրը դիակին քով գտնուած է։ Բացայայտ է թէ նոյն օրն իսկ իր որդիական պարտաւորութիւնները մոռցած էր իր հայրը նախատելու եւ մինչեւ իսկ զարնելու համար ձեռք վերցնելու աստիճան, եթէ հաւտանք աղջնակին խիստ կարեւոր վկայութեանը։ Մեղադրանքը, զոր իր անձին ընել կʼերեւայ եւ ցաւը անմեղ քան թէ մեղապարտ գիտակցութեան մը ապացոյց են ինծի համար։
Գլուխս երերցուցի։
— Շատ մարդիկ նուազ լուրջ ապացոյցներու վրայ կախաղան հանուած են, պատասխանեցի։
— Անշո՛ւշտ, Եւ շատեր ալ անիրաւ տեղը կախուած են։
— Երիտասարդը ի՞նչ կերպով կը պատմէ դէպքը։
— Կը վախնամ թէ այդ պատմութիւնը իր պաշտպաններուն համար քաջալերական չըլլայ բնաւ, թէեւ ես անոր գտնեմ։ Զանոնք պիտի կարդաք այս տեղ եթէ հաճիք նեղութիւն ստանձնել։
Իր թուղթերու դէզին մէջէն հանեց տեղական թերթին մէկ օրինակը եւ մատը դրաւ խեղճ ամբաստանեալին յայտարարութիւնը պարունակող հատուածին վրայ։ Հանգստաւէտ կերպով զետեղուեցայ վակոնին մէկ անկիւնը եւ հետեւեալ պատմութիւնը կարդացի․
«Այն ատեն Մր․ Ճէյմս Մաք Քարթի՝ զոհին միակ որդին՝ հարցաքննուելով հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ․ «Պրիսթօլ գացած եւ երեք օր բացակայ գտնուած էի։ Ամսոյս 3ի երկուշաբթի առտուն միայն դարձայ։ Հայրս տունը չէր գտնուեր երբ հոն հասայ եւ սպասուհին ըսաւ ինծի թէ կառքով Րօս գացած էր սպասաւորին հետ։ Քիչ ետքը լսեցի անոր կառքին ձայնը եւ պատուհանին մօտենալով, տեսայ կառքէն վար իջնելը եւ արագօրէն հեռանալը։ Չկրցայ հասկնալ թէ բակէն դուրս ելլելէ վիրջ ի՛նչ ուղղութեամբ գացած էր։ Հրացանովս զինուեցայ եւ Պօսքօմպի ջրակոյտին կողմը պտտելու գացի, տեսնելու համար ճագարանոցը, որ միւս կողմը կը գտտնուի։ Ճամբան հանդիպեցայ Ուիլեըմ Քրօտըրի, որ արդէն իր վկայութեան մէջ յայտարարեց։ Բայց կը հաւաստեմ թէ կը սխալի ենթադրելով որ հօրս ստեւէն գացի։ Մատքէս չէի անցըներ թէ անիկա ինձմէ առաջ, քիչ մը աւելի հեռուն կը գտնուէր։ Ջրակոյտէն հարիւր մէդրի չափ հեռու, լսեցի «քուհի» աղաղակը, որ սովորական նշան մըն էր հօրս եւ իմ միջեւ։ Քայլերս փութացուցի եւ ջրակոյտին եզերքը գտայ զայն։ Շատ զարմացած երեւցաւ զիս տեսնելով եւ բաւական խիստ կերպով հարցուց ինծի թէ ի՛նչ կʼընէի հոն։ Ասկէ առաջ եկաւ վէճ մը, որ նախատական խօսքերով եւ գրեթէ հարուածներով վերջացաւ, վասնզի հայրս խիստ բուռն նկարագիր մը ունէր։ Տեսնելով որ սաստիկ բարկցած է, բաժնուեցայ իրմէ եւ դէպ ի Հաթէրլէյի ագարակը ուղղուեցայ։ Հարիւր յիսուն մէդրէ աւելի հեռացած չէի երբ ետեւէս սոսկալի աղաղակ մը լսեցի եւ վազելով ետ դարձայ։ Տեսայ որ հայրս գետինը փռուած էր մահամերձ եւ գլխին վրայ սոսկալի վէրք մը ունէր։ Հրացանս ձգեցի եւ հայրս թեւերուս մէջ առի։ Բայց գրեթէ նոյն պահուն հոգին աւանդեց։ Քանի մը վայրկեան ծնրադրեցի անոր քով եւ յետոյ օգնութիւն փնտռելու համար վազեցի Մր․ Թըրնըրի դռնապանին մօտ, որ այդ տեղւոյն ամէնէն մօտ տանը մէջ կը բնակէր։ Հօրս քով մարդ տեսած չէի եւ չեմ գիտեր ի՛նչ բանի վերագրել իր վէրքերն ու մահը։ Քաղաքին մէջ ժողովրդական չէր իր արտաքին պաղ եւ քիչ համակրելի երեւոյթին պատճառաւ, բայց չէի ճանչնար մէկը, որ թշնամի ըլլար անոր։ Ուրիշ բան չեմ գիտեր։
«Դատական պաշտօնեան․— Ձեր հայրը մեռնելէն առաջ յայտարարութիւն մը չըրա՞ւ։
«Վկան․— Քանի մը խօսքեր մրմռաց, որոնց մէջ տարտամօրէն լսեցի մուկի ակնարկութիւն մը։
«Դ․— Ի՞նչ եզրակացուցիք ադկէ։
«Վ․— Ինծի համար ո՛ եւ է իմաստ չունէր եւ կարծեցի թէ զառանցանքի արդիւնք մըն է։
«Դ․— Ի՞նչ էր նիւթը այն բուռն վիճաբանութեան, զոր ունեցաք ձեր հօրը հետ։
«Վ․— Նախամեծար կը համարեն լռութիւն պահել այդ կէտին վրայ։
«Դ․— Ստիպուած եմ պնդել, գիտնալու համար։
«Վ․— Ինծի համար ստուգիւ անկարելի է այդ բանը ըսել ձեզի։ Սա՛ միայն կրնամ հաւաստել թէ առնչութիւն մը չունի այն սոսկալի տռամին հետ, որ այդ վիճաբանութենէն ետքը տեղի ունեցաւ։
«Դ․— Դատարանը որոշում պիտի տայ այս կէտին վրայ։ Աւելորդ է ըսել, այնպէս չէ՞, թէ այս հարցումին չպատասխանելու ձեր պնդումը մեծապէս պիտի ծանրացնէ ձեզի դէմ եղած ապացոյցները։
«Վ․— Կը պնդեմ մերժումիս վրայ։
«Դ․— Ըսիք թէ «քուհի» աղաղակը սովորական նշան մըն էր ձեր հօրը եւ ձեր միջեւ։
«Վ․— Այո՛։
«Դ․— Այն ատեն ի՞նչպէս կʼըլլայ որ անիկա այս աղաղակը արձակած ըլլայ ձեզ տեսնելէ եւ նոյն իսկ գիտնալէ առաջ թէ Պրիսթէլէն դարձած էիք։
«Վ․ (Շատ յուզուած)․— Չեմ գիտեր։
«Երդուեալ մը․— Աղաղակը լսելէ եւ մահացու կերպով վիրաւորուած ձեր հայրը գտնելու համար ետ դառնալէ վերջ չտեսա՞ք բան մը որ կարենար ձեր կասկածները արթնցնել։
«Վ․— Որոշ բան մը չտեսայ։
«Դ․— Ի՞նչ կը հասկնաք ատով։
«Վ․— Դէպի ջրակոյտը վազած ատենս ա՛յնչափ այլայլած եւ յուզուած էի որ հօրմէս զատ ուրիշ բանի վրայ չէի խորհեր։ Սակայն սա տարտամ տպաւորութիւնը ունիմ թէ մօտեցած ատենս ձախ կողմը, գետնին վրայ գորշագոյն առարկայ մը կար, որ կրնար վերարկու մը, թերեւս ուղեւորութեան վերմակ մը ըլլալ։ Երբ հօրս քովեն ելայ, այդ առարկան փնտռեցի, բայց անհետացած էր։
«Դ․— Ըսել կʼուզէք թէ օգնութիւն փնտռելու համար ձեր երթալէն առա՞ջ անհետացած էր։
«Վ․— Այո՛։
«Դ․— Չէ՞ք կրնար հաստատել թէ ի՞նչ էր այդ առարկան։
«Վ․— Ո՛չ։ Այն զգացումը ունեմ թէ հոն առարկայ մը կար։ Այսչափ։
«Դ․— Դիակէն ո՞րչափ հեռու էր։
«Վ․— 12 մէդրի չափ։
«Դ․— Անդտառին եզերքէն ո՞րչափ հեռու էր։
«Վ․— Գրեթէ նոյնչափ հեռու։
«Դ․— Ուրեմն, եթէ այդ առարկան վերցուած է, ձեր հոն գտնուած եւ 12 մէդր միայն հեռու եղած միջոցին վերցուած է։
«Վ․— Այո՛, բայց ես կռնակս այդ առարկային դարձուցած էի։
Այսպէս վերջացաւ վկային հարցաքննութիւնը»։
— Կը կարծեմ թէ, ըսի յօդուածը նորէն կարդալով, դատական պաշտօնեան խիստ վարուած է երիտասարդ Մաք Քարթիի հետ։ Կը պնդէ, եւ իրաւա՛մբ, սա հակասական եղելութեան վրայ թէ հայրը կանչեր է եղեր, զինք տեսնելէ առաջ։ Կը շեշտէ նաեւ տղուն մերժումը՝ հօրը հետ իր խօսակցութեան վրայ մանրամասնութիւն չտալու մասին եւ վերջապէս անոր տարօրինակ վկայութիւնը մահամերձին արտասանած վերջին խօսքերուն վրայ։ Գիտել կուտայ թէ ասոնք ամբաստանեալի դէմ ապացոյցներ են։
Հօլմս չարամտօրէն խնդաց եւ վակոնին մետաքսեայ բարձին վրայ ընկողմանեցաւ։
— Երկուքդ ալ՝ դատական պաշտօնեան եւ դուք՝ ճշմարիտ ջանք մը կʼընէք, ըսաւ, երեւան բերելու համար այն գլխաւոր ամբաստանութիւնները, որոնք երիտասարդին համար ամէնէն նպաստաւորներն են։ Չէ՞ք տեսներ թէ փոփոխակի անոր կը վերագրէք շատ երեւակայութիւն կամ ո)չ բաւական։ — Ո՛չ բաւական, քանի որ կարող չէ վէճի մասին բան մը հնարել, որ երդուեալ դատաւորներուն համակրութիւնը պիտի շահեցնէր իրեն, — շա՛տ, քանի որ խղճմտօրէն կը յիշատակէ մահամերձին մուկի մը ըրած անկարկութեան չափ արտասովոր բան մը կամ անհետացող վերարկուի մը դէպքը։ Ուրեմն կը սխալիք։ Ես ընդհակառակը կʼենթադրեմ թէ երիտասարդը ճիշդ կʼըսէ եւ պիտի տեսնենք թէ ո՛ւր պիտի տանի մեզ այս ենթադրութիւնը։ Հիմակ ահաւասիկ գրպանի Բէդրարքս, որուն ընթերցման մէջ պիտի մխրճուիմ։ Այս գործին վրայ այլ եւս խօսք մը մի՛ ընէք, կʼաղաչեմ, մինչեւ որ գործողութեան վայրը հասնինք։ 20 վայրկեանէն պիտի ճաշէնք Սուտընի մէջ։
Ժամը գրեթէ չորսն էր երբ Սթրաուտի գեղեցիկ հովիտը եւ Սէվըրնի հայելիանման ջուրերը անցնելէ ետք, վերջապէս հասանք Րօսի պզտիկ սիրուն քաղաքը։
Կայարանին քարափին վրայ, մեզի կը սպասէր նուրբ մարմինով եւ կուզի (սամսարի) երեւոյթով մարդ մը, որ Լէսթրատն էր, ոստիկանութեան պաշտօնատունէն։ Կառքով տարինք զայն Հիրֆօրտ օթէլ, ուր սենեակ մը վարձած էին մեզի համար։
— Կառք մը ապսպրեցի ձեզ, ըսաւ Լէսթրատ, մինչ գաւաթ մը թէյ կը խմէինք։ Գիտնալով ձեր գործունէութիւնը, խորհեցայ թէ հանգիստ պիտի չըլլայիք մինչեւ որ չտեսնէիք ոճիրին վայրը։
— Ձեր ըրածը շատ հաճելի եւ փաղաքշական է, պատասխանեց Հօլմս։ Ջերմաչափական ճնշումի խնդիր մըն է կատարելապէս։
Լէսթրատ զարմացաւ։
— Աղէկ չահասկցայ, ըսաւ։
— Ի՞նչ կʼըսէ ջերմաչափը․ — 29, կը տեսնեմ։ Հով չկայ, երկինքին վրայ ամպ չկայ։ Հոս տուփ մը պատրաստ սիկառներ ունիմ, որոնք ծխուելու կʼսպասեն եւ այս բազմոցը շատ աւելի կակուղ է քան դեղձի կուտերով խծկուած կահերը, որոնց սովորաբար կը հանդիպինք պզտիկ քաղաքներու այս պանդոկներուն մէջ։ Մտադիր չեմ կառք գործածել այս իրիկուն։
Լէսթրատ ժպտեցաւ ներողամտութեամբ։
— Լրագիրներուն համեմատ կարծիք մը կազմած էք, ըսաւ։ Գործը վիմարուխ ջուրի չափ պայծառ է եւ քանի՛ ուսումնասիրուի, այնքան պարզ կʼըլլայ։ Սակայն կարելի չէ մերժել կնոջ մը, մանաւանդ այնքան հաստատամիտ կնոջ մը ինչ որ կը խնդրէ ձեզմէ։ Ձեր խօսքը իմացած էր եւ ամէն պարագայի մէջ կʼուզէր ձեր կարծիքը իմանալ, թէեւ քանիցս կրկնեցի իրեն թէ ինձմէ աւելի բան մը պիտի չնէիք։ Իրաւ որ կարծեմ թէ իր կառքն է վարը, դրան առջեւ։
Հազիւ թէ խօսքը վերջացուցած էր, դուռը բացուեցաւ եւ ներս մտաւ հիանալի աղջիկ մը, որուն նմանը տեսած չէի բնաւ։ Կուսածաղիկի պէս կապոյտ աչքերը բոլորովին մասնաւոր փայլ մը ունէին։ Թեթեւապէս կիսաբաց շրթները շատ մաքուր գծագրութիւն մը ունէին։ Այտերուն վրայ թեթեւ ոգեւորութիւն մը կար։ Վերջապէս ունէր այն կատարեալ բնականութիւնը, զոր իրեն կուտար իր անձին ամբողջական մոռացումը իրեն վրայ իշխող միակ մտածումին եւ մեծ մտահոգութեան առջեւ։
— Օ՛հ, Մր․ Շէ՛րլօք Հօլմս, ըսաւ փոփոխակի մեզ դիտելով։ Յետոյ, կնոջ յատուկ արագ յայտնատեսութիւնով իր ակնարկը կեցուց ընկերոջս վրայ։ Շնորհակալ եմ որ եկաք։ Կուզեմ շուտով յայտնել բովանդակ երախտագիտութիւնս։ Գիտեմ թէ Ճէյմս յանցաւոր չէ։ Գիտեմ եւ կը փափաքիմ որ Ձեր քննութիւնը սկսէիք այս համոզումով։ Այս մասին բնաւ տարակոյս չկայ։ Ճէյմս ու ես մեր մանկութենէն կը ճանչնանք զիրար։ Գիտեմ թէ ի՛նչ թերութիւններ ունի, բայց սիրտը բարի է եւ կարող չէ ճանճի մը չարիք հասցնելու։ Զինքը ճանչցողին համար այս ամբաստանութիւնը անհեթեթ է։
— Կը յուսամ թէ պիտի կրնանք անպարտ հանել զինքը, Օր․ Թըրնըր, ըսաւ Շէրլօք Հօլմս։ Բացարձակապէս կրնաք վստահիլ իմ վրաս։
— Բայց իր վկայութիւնը կարդացի՞ք։ Ի՞նչ եզրակացութիւն հանեցիք անկէ։ Յստա՞կ է, կամ թէ ձեւական թերութիւն ունի՞։ Ամբաստանեալը անմեղ չէ՞ք կարծեր։
— Հաւանական է որ անմեղ է։
— Կʼիմանա՞ք, ինծի յոյս կուտայ, ըսաւ յաղթական երեւոյթով մը գլուխը երերցնելով եւ ասպարէզ կարդացող ակնարկ մը ձգելով Լէսթրատի վրայ։
Այս վերջինը ուսերը թոթուեց։
— Կը վախնամ թէ, ըսաւ, պաշտօնակիցս քիչ մը շատ շուտով հանած է իր եզրակացութիւնները։
— Բայց իրաւունք ունի, վստա՛հ եմ, պոռաց աղջիկը Ճէյմս երբեք գործած չէ ոճիրը։ Գալով հօրը հետ իր վէճին ես համոզուած եմ թէ այդ մասին դատական պաշտօնեային չխօսելուն պատճառը սա է որ խօսակցութեան առարկան ես էի։
— Ի՞նչպէս, հարցուց Հօլմս։
— Հիմակ այլեւս պէտք չէ բան մը ծածկել։ Ճէյմս եւ հայրը անհամաձայնութիւն ունեցած են իմ պատճառաւս։ Մաք Քարթի շատ կը փափաքէր որ միութիւն մը ըլլայ մեր միջեւ։ Ճէյմս եւ ես եղբօր եւ քրոջ պէս մեծցած էինք, բայց անիկա շատ երիտասարդ է, աշխարհը չի ճանչնար եւ… եւ չէր ուզեր բան մը որոշել տակաւին։ Այնպէս որ վիճաբանութիւններ կʼունենար հօրը հետ։ Վերջին վիճաբանութիւնը ապահովապէս այս խնդրոյն վրայ էր։
— Իսկ ձեր հա՞յրը, հարցուց Հօլմս։ Նպաստաւո՞ր էր այս միութեան։
— Ո՛չ, հակառակ էր։ Մաք Քարթիէն զատ ո՛չ ոք կը փափաքէր այս բանին։
Թէթեւ կարմարութիւն մը տարածուեցաւ իր թարմ այտին վրայ երբ Հօլմս խորաթափանց եւ խուազրկու աչքով կը դիտէր զինք։
— Շնորհակալ եմ այս մանրամասնութեան համար, ըսաւ։ Ձեր պարոն հայրը պիտի ընդունի՞ զիս եթէ վաղը իրեն երթամ։
— Կը վանամ որ բժիշկը շարտօնէ զինք ձեզ տեսնելու։
— Բժի՜շկը։
— Այո՛։ Ա՛հ, ճիշդ է, չէք գիտեր։ Քանի մը տարիէ ի վեր խեղճ հայրս շատ առողջ չէ, բայց այս վերջին դէպքը բոլորովին զգետնեց զինքը։ Ստիպուեցաւ անկողին իյնալ եւ տքդ․ Ուիլօվս կʼըսէ թէ վիճակը աղէկ չէ եւ թէ ամբողջ ջրային դրութիւնը խանգարուած է։ Մր․ Մաք Քարթի տակաւին ողջ եղող միակ անձն էր զոր հայրս ատենօք ճանչցած էր Վիքթօրիայի մէջ։
— Ա՛հ, Վիքթօրիայի՞ մէջ։ Ասիկա կարեւոր է։
— Այո՛, հանքերուն մէջ։
— Ճիշդ։ Ոսկիի այն հանքերուն մէջ, ուր կարծեմ թէ Մր․ Թըրնէր հարստութիւն շինեց։
— Ճիշդ այդպէս է։
— Շնորհակալ եմ, Օր․ Թը՛րնըր, մեծապէս օգնեցիք ինծի։
— Եթէ վաղը լուրեր ունենաք, խնդրեմ, իմացուցէք ինծի։ Անշուշտ բանտ պիտի երթաք Ճէյմսը տեսնելու։ Օ՛հ, եթէ երթաք, Մր․ Հօ՛լմս, ըսէք իրեն, կʼաղաչեմ, թէ ես վստահ եմ իր անմեղութեանը վրայ։
— Կʼըսեմ, Օր․ Թը՛րնըր։
— Պէտք է որ տուն դառնամ հիմա, վասն զի հայրս ստուգիւ շատ հիւանդ է եւ չի կրնար առանց ինծի ըլլալ։ Ի տեսութիւն։ Աստուած օգնէ ձեզ այն գործին մէջ, որուն կը ձեռնարկէք։
Ներս մտնելու ատեն ըրածին պէս արագ կերպով դուրս ելաւ եւ քիչ ետքը լսեցինք իր կառքին թաւալիլը քարայատակին վրայ։
— Կը կարմրիմ ձեզի համար, Հօ՛լմս, ըսաւ Լէսթրատ արժանապատուութեամբ, քանի մը վայրկեանի լռութենէ ետք։ Ինչո՞ւ այս դժբախտ աղջկան տալ յոյս մը, որ գիտէք թէ անիրագործելի է։ Ես պէտք եղածէն աւելի զգայուն մէկը չեմ, բայց ասիկա անագորոյն խաղ մը կʼանուանեմ։
— Կարծեմ թէ Ճէյմս Մաք Քարթին անմեղ հանելու միջոցը գտած եմ, ըսաւ Հօլմս։ Զինքը բանտին մէջ տեսնելու արտօնութիւն ունի՞ք։
— Այո՛, բայց ձեզի եւ ինծի համար միայն։
— Այն ատեն թերեւս պիտի փոխեմ դուրս չելլելու որոշումս։ Ինծի կուգայ որ տակաւին ժամանակ ունինք կառախումբ մը նստելով գիշրէն առաջ Հիրֆօրտ երթալու եւ բանտարկեալը տեսնելու։
— Լիուլի ժամանակ ունինք։
— Ուրեմն մեկնինք։ Կը վանամ, Ուօ՛թսըն, որ կը ձանձրանաք բացակայութեանս միջոցին։ Բայց երկու ժամ չքշած պիտի դառնամ։
Մինչեւ կայարան ընկերացայ իրենց, գաւառային այդ պզտիկ աղաքին փողոցներուն մէջ թափառեցայ եւ ի վերջոյ օթէլ դարձայ, ուր բազմոցին վրայ փռուեցայ, ջանալով կարդալ դեղին կողքով վէպ մը։ Նիւթը այնչափ աննշան էր մեր աչքին առջեւ պատահածին հետ բաղդատմամբ որ չյաջողեցայ ուշադրութիւնս սեւեռել եւ միտքս շարունակ վէպէն դէպ իրականութիւն կʼերթար։ Վերջապէս, համբերութիւնս հատնելով, դիրքը սենեակին միւս ծայրը նետեցի, որպէս զի օրուան դէպքերուն վրայ միայն մտածեմ այլ եւս։ Ենթադրելով որ այդ խեղճ երիտասարդին պատմութիւնը բացարձակապէս ճիշդ ըլլար, ի՞նչ աղետալի արկած մը կրցած էր պատահիլ։ Ի՞նչ անսովոր եւ անակնկալ փորձանք մը եկած էր տարաբախտ զոհին գլխուն, ընդմէջ այն վայրկեանին, ուր Ճէյմս Մաք Քարթի իր հօրմէն բաժնուեցաւ, եւ անոր ուր բացաստան վազեց, անոր աղաղակները լսելով։ Հարուածը մահացու եղած էր։ Ո՞ւրկէ կուգար ան։ Վերքերուն բնոյթը չէ՞ր կրնար յայտնութիւն մը ըլլալ ինծի համար որ բժիշկ մըն եմ։ Այս խորհրդածութեան վրայ զանգակը զարկի եւ տեղական շաբաթաթերթ մը ուզեցի, որ նոյնութեամբ պարունակէր քննութեան տեղեկագիրը։ Վիրաբոյժին վկայութեան համեմատ, գանկին կողմնական ձախ ոսկորին ետեւի մասը եւ ենթագանկեան ոսկորին ձախ կէսը ջախջախուած էին զարնող զէնքի մը խիստ ուժգին հարուածով։ Հարուածը ուսումնասիրեցի իմ գլխիս վրայ։ Յայտնի էր թէ զոհը ետեւի կողմէն զարնուած էր եւ ասիկա նպաստաւոր էր ամբաստանեալին համար որ հօրը հետ երես առ երես կը գտնուէր երբ տեսած էին անոր հետ վիճաբանիլը։ Սակայն ասիկա չէր կրնար զօրաւոր փաստ մը ըլլալ իբրեւ պաշտպանութիւն, վասն զի հայրը կրնար շարժում մը ըրած եւ կռնակը դարձուցած ըլլալ հարուածին զարնուելէն առաջ։ Այսու հանդերձ մտադրեցի Հօլմսի ուշադրութիւնը հրաւիրել այս մանրամասնութեան վրայ։ Կար նաեւ մահամերձին կողմէ մուկի մը եղած ակնարկութիւնը, որ շատ կը շփոթեցնէր զիս։ Ի՞նչ կրնար նշանակել ատիկա։ Զառանցանքի արդի՞ւնք մը։ Մահացու կերպով զարնուած մարդ մը ընդհանրապէս մէկէն ի մէկ զառանցանքի չենթարկուիր։ Ո՛չ, հաւանական է որ ջանացած է իր մահը բացատրել ատով։ Բայց ի՞նչ ըսել կʼուզէր։ Ի զուր ուղեղս չարչարեցի բացատրութիւն մը գտնելու համար։ Եւ երիտասարդ Մաք Քարթիի տեսած այն գորշագոյն ծածկո՞յթը։ Եթէ ըսածը ճիշդ էր, մարդասպանը իր փախուստին մէջ ձգած ըլլալու էր իր հագուստին մէկ մասը, հաւանաբար վերարկուն եւ յանդգնութիւնը ունեցած ըլլալու էր ետ դառնալու եւ զայն առնել տանելու երբ որդին իրմէ 12 քայլ անդին ծունգի եկած էր, կռնակը իրեն դարձուցած։ Գաղտնիքներու եւ անհաւանականութիւններու ի՜նչ հիւսուածք։ Լէսթրատի եզրակացութիւններուն վրայ զարմացած չէի եւ սակայն Շէրլօք Հօլմսի կորովամտութեան վրայ ա՛յնպիսի հաւատք մը ունէի որ չէի յուսահատեր, մանաւանդ որ ամէն նոր իրողութիւն կարծես կը հաստատէր անոր համոզումը երիտասարդ Մաք Քարթիի անմեղութեան մասին։
Ուշ էր երբ Շէրլօք Հօլմս դարձաւ։ Առանձին էր։ Լէսթրատ ուղղակի քաղաք դարձած էր, ուր սենեակ մը բռնած էր։
— Ջերմաչափը տակաւին շատ բարձր է, ըսաւ նստելով։ Կարեւոր է որ չանձրեւէ ոճիրին վայրը երթալնէս առաջ։ Միւս կողմէ մարդ մը իր բոլոր կարողութիւններուն պէտք ունի լաւ վախճանի մը յանգեցնելու համար ասոր պէս փափուկ պաշտօն մը եւ չուզեցի ձեռնարկել այդ պաշտօնին երբ տակաւին ճամբորդութենէն յոգնած կʼզգայի ինքզինքս։ Երիտասարդ Մաք Քարթին տեսայ։
— Ի՞նչ իմացաք իրմէ։
— Ոչինչ։
— Չկրցա՞ւ քիչ մը լոյս սփռել այս գործին վրայ։
— Ամենեւին։ Պահ մը կարծած էի թէ ոճիրին հեղինակը գիտէր եւ կը պահէր, բայց հիմա համոզուած եմ թէ ինք ալ կը հետաքրքրուի հասարակութեան չափ։ Մեծ իմացականութիւն մը չունի, բայց արտաքին հաճելի երեւոյթ մը ունի եւ բարի տղայ է, կարծեմ։
— Չեմ կրնար իր ճաշակին հաւանիլ, ըսի, եթէ իրաւ է թէ կը մերժէ ամուսնանալ Օր․ Թըրնըրի պէս սիրուն աղջկան մը հետ։
— Ա՛հ, ատոր տակ ցաւալի պատմութիւն մը ծածկուած է։ Այս տղան խենթի պէս սիրահարուած է անոր, բայց երկու տարիի չափ առաջ, երբ տակաւին տղայ մըն էր եւ Օր․ Թըրնըր գրեթէ անծանօթ մը եղած էր իրեն համար, քանի որ հինգ տարի անցուցած էր գիշերօթիկ վարժարանի մէջ, երեւակայեցէք որ այս ապուշը Պրիսթօլի մէկ կապելային մէջ աշխատող աղջկան մը կողմէ գլխէ հանուելու տխմարութիւնը ունեցած եւ անոր հետ ամուսնացած է զետեղման գրասենեակի մը մէջ։ Մէկը տեղեկութիւն չունի ասկէ։ Մտքէ կʼանցընէք սակայն թէ ո՜րչափ կը կատղէր երբ կը մեղադրէին զինք մերժելուն համար ամուսնութիւն մը, որուն ջարմապէս կը փափակէր, բայց գիտէր թէ այդ ամուսնութիւնը բացարձակապէս անկարելի էր։ Հետեւաբար սրտնեղութենէն էր որ թեւերը դէպ ի երկինք կը վերցնէր երբ հայրը, իրենց վերջին տեսակցութեան միջոցին, կը մղէր զինք Օր․ Թըրնըրի ձեռքը խնդրելու։ Միւս կողմէ ապրուստի անձնական միջոց մը չունէր եւ հայրը, որ անշուշտ շատ գէշ մարդ մըն չէր, բոլորովին պիտի լքանէր զայն եթէ ճշմարտութիւնը գիտնար։ Իր կնոջը, կապելային մէջ աշխատող աղջկան հետ էր որ Պրիսթօլի մէջ անցուցած էր վերջին երեք օրերը եւ հայրը ամենափոքր կասկած մը չունէր։ Աղէկ միտք պահեցէք այս մանրամասնութիւնը, կարեւոր է։ Սակայն այս ամէնը փոխուեցաւ, վասն զի խնդրոյ առարկայ կինը, լրագիրներուն մէջ կարդացած ըլլալով որ Մր․ Մաք Քարթի եղեռնական գործի մը խառնուած էր եւ թէ հաւանաբար պիտի կախուէր, ուզեց օձիքը ազատել անկէ եւ նամակով իմացուց թէ իրեն հետ ամուսնանալէ առաջ ամուսին մը ունէր արդէն Պէրմուտի նաւարանին մէջ։ Ասկէ կը հետեւի թէ այդ երկրորդ ամուսնութիւնը գոյութիւն չունի։ Կարծեմ թէ այս լուրը երիտասարդ Մաք Քարթիի բոլոր վիշտերը փոխարինեց։
— Բայց եթէ ինք անմեղ է, ո՞վ է յանցաւորը։
— Ա՛հ, ո՞վ է։ Ահա՛ խնդիրը։ Ձեր ուշարդութիւնը խիստ մասնաւորաբար պիտի հրաւիրեմ երկու կէտերու վրայ։ Առաջինը սա՛ է որ զոհը մէկու մը հետ ժամադիր եղած էր ջրակոյտին մօտ եւ թէ այդ մէկը չէր կրնար իր զաւակը ըլլալ, քանի որ այս վերջինը բացակայ էր եւ հայրը չէր գիտեր թէ ե՛րբ պիտի դառնար անիկա։ Երկրորդ կէտը սա է թէ զոհը «քուհի» պոոռացած է իր զաւկին վերադարձը գիտնալէն առաջ։ Ահաւասիկ հիմնական կէտերը, որոնց վրայ կը հանգչի գործը։ Եւ հիմա, խօսինք Ճօրճ Միրտիթի վրայ, եթէ կը հաճիք, եւ մինչեւ վաղը մէկդի ձգենք բոլոր երկրորդական գործերը։
Ինչպէս նախատեսած էր Հօլմս, անձրեւ չեկաւ եւ արեւ ծագելով, լուսաւորեց անամպ երկինք մը։ Ժամը 9ին Լէսթրատ կառքով եկաւ մեզ առնելու եւ մեկնեցանք դէ ի Հէթէրլէի ագարակը եւ Պօսքօմպի լիճը։
— Նոր բան կայ այս առտու, ըսաւ Լէսթրատ։ Կը պատմուի թէ Մր․ Թըրնըր ա՛յնչափ հիւանդ է որ զինքը փրկել յոյս չկայ այլ եւս։
— Տարիքոտ մարդ է, կարծեմ, ըսաւ Հօլմս։
— 60 տարեկան կայ, բայց իր կազմուածքը խանգարուած է գաղթավայրերը բնակած ըլլալուն համար եւ ժամանակէ մը իր վեր իր առողջական վիճակը հետզհետէ կը գէշնայ։ Այս գործը բուռն տպաւորութիւն մը գործեց անոր վրայ։ Մր․ Մաք Քարթիի մէկ վաղեմի բարեկամն էր եւ նոյն իսկ կրնամ աւելցնել թէ բարերարն էր, վասն զի նոր իմացայ թէ Հէթէրլէի ագարակին համար վարձք չէր պահանջէր։
— Իրա՞ւ, ատիկա շահեկան է, ըսաւ Հօլմս։
— Օ՛հ, այո՛, եւ ուրիշ հարիւր եղանակներով օգնած է անոր։ Հոս ամէն մարդ գիտէ թէ ի՛նչ բարութիւն ըրած է անոր։
— Իրա՞ւ։ Քիչ մը տարօրինակ չե՞րեւար ձեզի թէ այդ Մր․ Մաք Քարթին, որ հարստութիւն չունի եւ Մր․ Թըրնըրի երախտաւորեալը կʼերեւայ, տակաւին խօսք կʼընէ իր զաւկին հետ ամուսնացնել Թըրնըրի աղջիկը, ժառանգորդուհին, եւ ասիկա ա՛յնպիսի վճռական եղանակով մը որ կարծես թէ եղած լմեցած գործ մըն է։ Ասիկա աւելի տարօրինակ կʼերեւայ հիմակ որ գիտենք թէ Թըրնըր հակառակ էր այս ծրագրին։ Իր աղջիկը ըսաւ։ Ասիկա նոր հետեւոթիւն մը չի՞ թելադրեր ձեզի։
— Հետեւութիւնները եւ եզրակացութիւնները ունինք, ըսաւ Լէսթրատ, նայուածք մը ուղղելով ինծի։ Արդէն բաւական դժուար է եղելութիւնները իրարու կապել, Հօ՛լմս, առանց մտացածին տեսութիւններու մէջ նետուելու։
— Իրաւունք ունիք, ըսաւ Հօլմս համեստօրէն։ Արդարեւ շատ դժուար է գործողութիւնը վերակազմել։
— Ամէն պարագայի մէջ ստոյգ մը նկատեմ իրողութիւն մը, զոր դուք չէք ուզեր ընդունիլ, պատասխանեց Լէսթրատ ոգեւորութեամբ։
— Ո՞րն է։
— Թէ երեց Մաք Քարթի սպաննուած է կրտսեր Մաք Քարթիի կողմէ եւ թէ հակառակը հաստատել ձգտող բոլոր տեսութիւնները պատրանքներ, կրկներեւոյթներ են միայն։
— Աւելի աղէկ է կրկներեւոյթը քան թէ մշուշը, ըսաւ Հօլմս խնդալով։ Բայց կա՛մ շատ կը սխալիմ եւ կամ ահաւասիկ ձախակողմը Հէթէրլէյի ագարակը։
— Արդարեւ եկանք ահա։
Երկու յարկով եւ հանգստաւէտ երեւոյթով երկար շէնքի մը առջեւ կը գտնուէինք։ Տանիքը ծածկուած էր հերձաքարով եւ գորշագոյն պատերուն վրայ կը տեսնուէին քարաքոսի (տեսակ մը բոյս) խոշոր դէզեր։ Գոց փեղկերը եւ ծխնելոյզները, որոնցմէ ծուխ չէր ելլեր, անիծեալ երեւոյթ մը կուտային սակայն այս բնակարանին, որպէս թէ ոճիրի մը ծանրութիւնը կը ճնշէր անոր վրայ։ Դրան առջեւ կեցանք եւ սպասուհին, Հօլմսի խնդրանքով, անոր ցոյց տուաւ կօշիկները, զորս իր տէրը հագած էր մեռած պահուն, ինչպէս նաեւ զաւկին կօշիկները, ո՛չ անոնք սակայն, զորս անիկա հագած էր հօրը մեռած միջոցին։
Այս կօշիկները մանրազնին կերպով չափել չափչփելէ ետք Հօլմս փափաք յայտնեց բակը երթալ, ուրկէ մեկնեցանք մտնելու համար այն օձապտոյտ ճամբուն մէջ, որ Պօսքօմպի լիճը կը տանէր։
Շէրլօք Հօլմս այլափոխուած էր այս ճամբուն վրայ գտնուելով։ Պէյքըր Սթրիթի խորունկ մտածողին եւ տրամաբանողին հետ միայն գործ ունեցող անձերը երբեք պիտի չճանչնային զինքը։ Արիւնը գլուխը ելած էր եւ դէմքը մռայլ երեւոյթ մը կʼառնէր։ Յօնքերը այլ եւս երկու անճկուն գիծեր էին միայն եւ փայլուն աչքերը պողպատի մը կարծրութիւնը ունէին։ Գլուխը դէպ առաջ ծռած էր, ուսերը կորացած եւ շրթները սեղմուած էին։ Ուռած երակները իր երկար ջղուտ վիզին վրայ կարկառուն երեւոյթ մը առած էին։ Ռունգերը կը բացուէին կʼընդլայնուէին որսի ելած կենդանիի մը ռունգերուն պէս եւ իր բոլոր կարողութիւնները ա՛յնչափ կատարելապէս կեդրոնացած էին իր աշխատութեան վրայ որ այլ եւս ո՛չ հարցում, ոչ դիտողութիւն կը լսէր, կամ, գէթ եթէ կը լսէր, անհամբերութեան մրմունջով մը միայն կը պատասխանէր։ Շուտով եւ լուռ ու մունջ կը քալէր ճամբէն որ մինչեւ Պօսքօմպի լիճը խոտերու եւ անտառին մէջէ կʼանցնէր։ Գետինը խոնաւ եւ ճախճախուտ էր, ինչպէս այդ բոլոր շրջանակին մէջ եւ քայլերու բազմաթիւ հետքեր կային ճամբուն վրայ, ինչպէս կարճ խոտին վրայ, որ երկու կողմ կʼեզերէր զայն։ Հօլմս մերթ առաջ կʼերթար, մերթ կը կենար անշարժ։ Անգամ մը նոյն իսկ պզտիկ շրջան մը ըրաւ խոտերուն մէջ։ Լէսթրատ ու ես իրեն կը հետեւէինք, գաղտնի ոստիկանը անտարբեր եւ անհամարհոտ դէմքով մը, իսկ ես շահագրգռութեամբ եւ վստահութեամբ, գիտնալով թէ իր գործողութիւններէն իւրաքանչիւրը կատարելապէս որոշ նպատակի մը կը ձգտէր։
Պօսքօմպի ջրակոյտը յիսուն մեդրի չափ երկարութիւն ունի ու եղէգներով շրջապատուած է։ Հէթէրլէյի ագարակին եւ հարուստ Մր․ Թըրնըրի դարաստանին միջեւ սահման կը կազմէր։ Անտառներուն վերեւ, որոնք զայն կʼեզերէին մեր գտնուած ծայրին դէմի կողմին վրայ, կը տեսնէինք Մր․ Թըրնըրի բնակարանին կարմիր կատարը։ Ջրակոյտին այն կոմղին վրայ, որ Հէթէրլէյի ագարակին կից է, անտառները շատ խիտ էին եւ բացաստանին ու դարաստանը շրջապատող եղէգներուն միջեւ ճախճախուտ խոտերու 20 քայլի չափ լայն երիզ մը կար։
Լէսթրատ մեզի ցոյց տուաւ ճիշդ ա՛յն տեղը, ուր դիակը գտնուած էր եւ արդարեւ հողը ա՛յնչափ խոնաւ էր որ տակաւին որոշապէս կը տեսնուէր զոհին մարմնոյն դրոշմը։ Բայց Հօլմս, ինչպէս կը կարդայի անոր դէմքին վրայ եւ աչքերուն արտայայտութեանը մէջ, ուրիշ շատ բաներ երեւան կը հանէր այդ կոխոտուած գետնին վրայ։ Չորս կողմը կը վազէր ճամբան փնտռող շունի մը պէս։ Յանկարծ ընկերոջս դառնալով հարցուց․
— Ինչո՞ւ լճակը գացած էք։
— Տրմուխով մը հետազօտութիւններ ըրի անոր մէջ։ Կը կարծէի թէ զէնք մը կամ ո՛ եւ է նշան մը պիտի գտնէի թերեւս։ Բայց ի՞նչպէս…
— Աղէ՛կ, աղէ՛կ, ժամանակ չունիմ չնչին բաներով զբաղելու։ Ձեր ձախ ոտքին դրոշմը ամէն տեղ կʼերեւի։ Խլուրդ մը անգամ պիտի կրնար երեւան հանել եւ կը տեսնեմ որ այդ դրոշմը եղէգներուն միջեւ կʼանհետանայ։ Օ՛հ, իմ գործս ո՜րչափ պիտի դիւրանար եթէ հոս եկած ըլլայի, տակաւին այդ բոլոր մարդիկը գոմէշներու խումբի մը պէս հետքին վրայ չթաւալած։ Ահաւասիկ հոս կեցած է դռնապանին խումբը եւ ամենքն ալ դիակին շուրջ 6 կամ 8 ոտնաչափ շրջանակի մը վրայ կոխկրտած են։ Բայց ահաւասիկ երեք տարբեր հետքեր, սոյն անձերուն կողմէ գծուած։
Գրպանէն խոշորացոյց մը հանեց եւ աւելի աղէկ տեսնելու համար գետնին վրայ պառկեցաւ, վերարկուն փռելէ ետք որպէս զի չթրջի։ Յետոյ սկսաւ խօսին աւելի ինք իրեն քան թէ մեզի հետ․
— Ասոնք կրտսեր Մաք Քարթիի ոտքին դրոշմներն են։ Երկու անգամ կը քալէր եւ անգամ մը կը վազէր։ Շատ որոշ է, վասն զի ներբանի խորունկ նշաններ թողած է, մինչ կրունկը հազիւ կը տեսնուի։ Ասիկա կը հաստատէ իր վկայութիւնը։ Վազեց երբ տեսաւ թէ հայրը գետին փռուած էր։ Հոս կը տեսնեմ ծերունի Մաք Քարթիի ոտքին նշանները երբ կը պտտէր մէկ կողմէն միւսը։ Բայց ի՞նչ է աս։ Ա՛հ, հասկցայ․ — հրացանին կոթը, երբ որդին հոս էր եւ մտիկ կʼընէր։ Հապա սա՞։ Ա՛հ, ա՛հ, նշաններն են մէկու մը, որ ոտքերուն ծայրին վրայ կոխելով փախած է եւ որ բոլորովին մասնաւոր կօշիկներ ունէր։ Մարդը եկած է, մեկնած է, յետոյ նորէն եկած է, բնականաբար վերարկուն փնտռելու համար։ Հիմա ո՞ւրկէ կուգար։
Հօլմս կը պըպտէր հողը, հետքը կորսնցնելով, յետոյ նորէն գտնելով զայն։ Այսպէս հետեւեցաւ անոր մինչեւ անտառին ծայրը, հաճարիի մը (քայըն աղաճը) ստուերին տակ, որ մօտերը գտնուած ամէնէն բարձր ծառն էր։ Հետքը այդ ծառին շուրջը կը դառնար։ Հօլմս անգամ մը եւս փորին վրայ պառկեցաւ ակներեւ գոհունակութիւնով մը։ Երկար ատեն մնաց հոն, տերեւները եւ չորցած փայտի կտորները շարժելով, պահարանի մը մէջ դնելով ինչ որ փոշի երեւցաւ ինծի եւ խոշորացոյցովը քննելով ո՛չ միայն գետինը, այլ նաեւ ծառին կեղեւը, մինչեւ իր ամենայետին խորութեանը մէջ։ Յետոյ քննեց կոտրած քար մը, որ մամուռէն դուրս կʼելլէր ու առաւ զայն։ Վերջապէս անտառին մէջէն ճամբուն հետեւցաւ մինչեւ անոր միացման տեղը մեծ ճամբուն հետ, որուն վրայ կը կորսուէին հետքերը։
— Շատ հետաքրքրական է, ըսաւ Հօլմս ինքզինքին գալով։ Կարծեմ թէ հոն, աջ կողմը գտնուած գորշագոյն տունը բնակարանն է։ Հոն պիտի երթամ Մօրէնին խօսք մը ընելու եւ թերեւս տոմսակ մը գրելու համար։ Յետոյ կրնանք դառնալ եւ ճաշել։ Դուք կառքը գացէք, ես անմիջապէս կը միանամ ձեզի։
Տասը վայրկեան ետք կառք նստէինք Րօս դառնալու համար։ Հօլմս անտառին մէջէն առած քարը գրպանը դրած էր։
— Ասիկա թերեւս պիտի հետաքրքրէ ձեզ, Լէ՛սթրատ, ըսաւ, քարը ցոյց տալով անոր։ Ոճիրը ասո՛վ գորուած է։
— Ո՛ եւ է հետք չեմ տեսներ։
— Հետք չկայ։
— Ուրեմն ինչէ՞ն գիտէք։
— Խոտը կը բուսնէր այս քարին գտնուած տեղը։ Ուրեմն քանի մը օրէ ի վեր միայն հոն կը գտնուէր։ Յայտնի չէ թէ ո՛ւրկէ կարելի եղած է առնել զայն։ Ճշդիւ կը համապատասխանէ վէրքերուն եւ ուրիշ զէնքի նշան մը չկայ։
— Մարդասպանը ո՞վ է։
— Բարձրահասակ, ձախլիկ, աջ սրունքը կաղ, հաստ ներբաններով որսի կոշիկներ եւ գորշագոյն վերարկու մը հագած մարդ մըն է։ Հնկական սիկառներ կը ծխէ եւ բութ զմելի մը ունի գրպանը։ Ուրիշ քանի մը նշաններ ալ կան, բայց ասոնք բաւական կʼերեւին մեր հետազօտութիւններուն առաջնորդելու համար։
Լէսթրատ ժպտեցաւ։
— Կը ցաւիմ որ քիչ մը սկեպտիկ եմ, ըսաւ։ Տեսութիւններուն ըսելիք չկայ, բայց չմոռնաք թէ գործերնիս անգլիացի խիստ յամառ երդուեալներու հետ է։
— Պիտի տեսնենք, ըսաւ Հօլմս պաղութեամբ։ Դուք ձեր մէթոտին հետեւեցէք, ես ալ իմինիս կը հետեւիմ։ Կէս օրէն ետքի բոլոր ժամերը զբաղած պիտի ըլլամ եւ կը կարծեմ թէ իրիկուան կառախումբով Լոնտոն պիտի դառնամ։
— Եւ սկսուած քննութիւնը պիտի թողո՞ւք։
— Ո՛չ, պիտի վերջացնեմ։
— Բայց գաղտնի՞քը։
— Լուծուած է։
— Ուրեմն մարդասպանը ո՞վ է։
— Այն անձը, զոր նկարագրեցի ձեզի։
— Ո՞ւր է։
— Ապահովապէս դժուար չէ գտնել զայն։ Կարծեմ թէ այս քաղաքը շատ բազմամարդ չէ։
Լէսթրատ ուսերը թոթուեց։
— Ես գործնական մարդ մըն եմ, ըսաւ, եւ չեմ կրնար գաւառին ամէն կողմը պտտիլ փնտռելու համար պարոն մը, որ ծուռ սրունք ունի։ Ոստիկանական պաշտօնատան մէջ ծաղրուծանակ պիտի ըլլայի։
— Շա՛տ աղէկ, ըսաւ Հօլմս հանդարտօրէն։ Ես ձեզ ճամբուն վրայ դրի։ Ահաւասիկ ձեր տունը եկանք։ Մնաք բարով։ Մեկնելէ առաջ ձեզի երկտող մը պիտի գրեմ։
Լէսթրատը իր տունը ձգելէ ետք, մեր օթէլը դարձանք, ուր ճաշը պատրաստուած գտանք։ Հօլմս չէր խօսէր եւ իր մտածումներուն մէջ թաղուած էր տխուր արտայայտութիւնով մը, որ մեծ վարանումի նշան էր։
— Ինծի մտիկ ըրէք, Ուօ՛թսըն, ըսաւ երբ սպասը վերցուցին, դիմացս նստեցէք սա աթոռին վրայ եւ թողէք որ քիչ մը խօսիմ։ Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պէտք է ընել եւ ձեր կարծիքը թանկագին պիտի ըլլայ ինծի համար։ Սիկառ մը վառեցէք եւ մտիք ըրէք։
— Խօսեցէ՛ք, կʼաղաչեմ։
— Է՛ ուրեմն, հիմա, երկու կէտեր կան երիտասարդ Մաք Քարթիի վկայութեան մէջ, որոնք մեր ուշադրութիւնը գրաւեցին եւ մեր վրայ տպաւորութիւն գործեցին, ինծի՝ ի նպաստ եւ ձեզի՝ ընդդէմ անոր։ Այս կէտերէն առաջինը սա է որ հայրը կրցած է «քուհի» պոռալ, իր որդին տեսնելէ առաջ։ Երկրորդը՝ մահամերձին կողմէ մուկի մը եղած անսովոր ակնարկութիւնն է։ Իրաւ է թէ քանի մը խօսքեր մրմնջեց, բայց որդին ասիկա միայն լսեց։ Առնենք այս երկու մեկնակէտները եւ ենթադրենք թէ երիտասարդին պատմութիւնը ամենաճիշդ եղած ըլլայ։ Այս պարագային մէջ ի՞նչ կը նշանակէ այդ «քուհի»ն։ Այս կոչը անշուշտ ուղղուած չէր իր որդւոյն, զոր տակաւին Պրիսթօլի մէջ կը կարծէր։ Երիտասարդը դիպուածով կը գտնուէր անոր ձայնին հասողութեան տակ։ Ուրեմն «քուհի»ն նշան մըն էր այն անձին, որուն հետ ժամադրութիւն մը ունէր։ Բայց «քուհի»ն իսկապէս աւստրալեան աղաղակ մըն է եւ կը գործածուի այդ գաղթավայրին բնակիչներուն կողմէ։ Ուրեմն զօրաւոր ենթադրութիւններ կան թէ այն անձը, որ Մաք Քարթիի կը սպասէր հանդիպիլ Պօսքօմպի լճակին առջեւ, Աւստրալիացի մըն է։
— Այն ատեն ի՞նչ կը նշանակէ rat (մուկ)։
Շէրլօք Հօլմս ծալուած թուղթ մը հանեց գրպանէն եւ սեղանին վրայ տարածեց։
— Ասիկա Վիքթօրիայի գաղթավայրին մէկ քարտէսն է, ըսաւ։ Երէկ իրիկուն Պրիսթօլ հեռագրեցի, այդ քարտէսը խնդրելու համար։
Քարտէսին մէկ մասը ծածկեց ձեռքովը։
— Ի՞նչ կը կարդաք հոս, հարցուց ինծի։
— Կը կարդամ rat։
— Եւ հիմա՞, ըսաւ ձեռքը վերցնելով։
— Ballarat (Պալլառա)։
— Ճի՛շդ։ Մահամերձը այս բառը արտասանած է, որուն վերջին վանկը միայն լսած է իր որդին։ Իր սպանչին անունն է,— Պալլառացի այսինչ։
— Հիանալի՜ է, պոռացի։
— Ասիկա բացայայտ է։ Եւ հիմա կը տեսնէք թէ հետազօտութիւնները սահմանափակեցի։ Վերջապէս երրորդ կէտ մը կայ, որ ստուգութիւն մը կʼըլլայ եթէ որդիին պատմութիւնը ճիշդ է։ Այսինքն թէ մարդասպանը գորշագոյն վերարկու մը ունի։ Այլ եւս անորոշութեան մէջ չենք եւ կը խօսինք ապահով հիման մը վրայ։— Մարդասպանը Պալլառայի մէջ ծնած Աւստրալիացի մըն է, որ գորշագոյն վերարկու մը ունի։
— Տարակոյս չկայ։
— Եւ մարդ մը, որ գաւառին մէջ կը բնակէր, վասն զի լճակը մատչելի է ագարակին կամ այն գետնին կողմէ, որուն վրայ օտարականները քիչ անգամ կը վտանգեն ինքզինքնին։
— Ճի՛շդ։
— Վերջապէս ոճիրին տեղւոյն վրայ մեր այսօրուան արշաւանքէն եւ գետնին քննութենէն կը հետեւին այն մանրամասնութիւնները, զորս այդ տխմար Լէսթրատին տուի ոճրագործին անձնաւորութեան վրայ։
— Բայց այդ մանրամասնութիւնները ի՞նչպէս կրցաք ձեռք բերել։
— Մէթոտս գիտէք։ Անիկա հիմնուած է խիստ մանրակրկին զննութեան վրայ։ Գիտեմ թէ կարելի է մէկու մը հասակը գիտնալ իր քայլերուն բացուածքէն ու նաեւ կօշիկները՝ իրենց դրոշմէն։
— Այո՛, մասնաւոր կօշիկներ են։ Բայց կʼըսէք թէ կա՞ղ է։
— Աջ ոտքին դրոշմը միշտ նուազ որոշ է քան ձախ ոտքինը։ Ուրեմն անոր վրայ քիչ կը կոխէ։ Ինչո՞ւ․— վասն զի անիկա տկար է, վասն զի կը կաղայ։
— Կʼաւելցնէք թէ ձախլիկ է։
— Ապահով ապէս ձեր ուշադրութիւնը գրաւեց վէրքին բնոյթը, զոր վիրաբոյժը նկարագրեց իր վկայութեան միջոցին։ Հարուածը ուղղակի կերպով ետեւէն եւ սակայն ձախէն տրուած է։ Ասիկա ձախլիկի գործ է։ Անշուշտ ծառին ետեւը մնացած է հօր եւ զաւկին տեսակցութեան միջոցին։ Նոյն իսկ ծխած է այդ տեղը։ Հոն գտայ մոխիրը սիկառի մը որուն հնդկական սիկառ ըլլալը հասկցայ, ծխախոտի մոխիրներու վրայ իմ ունեցած մասնաւոր ծանօթութիւններուս շնորհիւ։ Գիտէք թէ այս մասին ուսումնասիրութիւն ըրած եւ պզտիկ գիրք մը գրած եմ բիբոյի, սիկառի եւ սիկառէթի 140 զանազան տեսակներու մոխիրներուն վրայ։ Մոխիրը գտնելէ ետք, չորս կողմը, մամուռին մէջ փնտռեցի սիկառին ծայրը, որ հոն ձգուած ըլլալու էր եւ զոր գտայ։ Արդարեւ հնդկական սիկառ մըն էր, Ռօթէրտամի մէջ պատրաստուած տեսակէն։ Հաստատեցի թէ սիկառին ծայրը բերան դրուած չէր։ Ուրեմն մարդը ծայր մը գործածած էր սիկառը ծխելու համար։ Ծայրը կտրուած էր եւ ո՛չ թէ խածուած, բայցկտրուածքը լաւ չէր, ուրկէ եզրակացուցի թէ բութ զմելի մը ունէր։
— Հօ՛լմս, ըսի, դուք այդ մարդը բռնեցիք ցանցի մը օղակներուն մէջ, ուրկէ պիտի չկրնայ փախչիլ եւ անմեղի մը կեանքը փրկեցիք նո՛յնչափ ստոյգ կերպով որչափ եթէ ձեր ձեռքովը կտրէիք զայն խեղդող չուանը։ Նպատակը կը տեսնեմ որոշապէս։ Յանցաւո՛րն է…
— Մր․ Ճօն Թըրնը՜ր, ծանոյց օթէլին պաշտօնեան մեր սրահին դուռը բանալով եւ այցելու մը ներս մտցնելով։
Ներս մտնող մարդը տարօրինակ կազմութիւն մը ունէր, որ տպաւորութիւն կը գործէր։ Կաղ էր եւ կորացած ուսերը իսկականէն աւելի տարիքոտ կը ցուցնէին զինքը։ Իր խիստ ու շեշտուած դիմագիծերը եւ իր հուժկու անդամները ֆիզիքականի ու բարոյական անսովոր ոյժ մը ցոյց կու տային։ Իր խառնափնդոր մօրուքը, իր ալեւոր մազերը եւ աչքերուն վրայ ինկող իր խիտ յօնքերը արժանաւորութեան եւ ուժգնութեան երեւոյթ մը կուտային իր անձին։ Բայց մոմի պէս տժգոյն էր։ Շրթունքը եւ ռունգերուն անկիւնները թեթեւապէս կապուտցած էին,— ինծի համար բացարձակապէս ստոյգ նշան մը թէ կազմական մահացու հիւանդութիւն մը ենթարկուած էր։
— Բազմոցին վրայ նստեցէք, կʼաղաչեմ, ըսաւ Հօլմս ազնուաբար։ Նամակս առի՞ք։
— Այո՛, դռնապանը յանձնեց ինծի։ Գրած էք թէ զիս տեսնել կը փափաքէիք գայթակղութեան մը առաջքը առնելու համար։
— Այո՛, պիտի կրնային բամբասել եթէ դղեակ գայի։
— Եւ ինչո՞ւ կը փափաքէիք տեսնել զիս։
Ընկերոջս նայեցաւ եւ իր յոգնած աչքերը, որոնց մէջ ամենախորին յուսահատութիւն կը կարդացուէր, կանխաւ կը պատասխանէին հարցումին։
— Այո՛, ըսաւ Հօլմս, անոր մտածումը հասկնալով։ Գիտեմ թէ ի՛նչպէս մեռած է Մր․ Մաք Քարթի։
Ծերունին երեսը ձեռքերուն մէջ ծածկեց։
— Աստուած ողորմի՜ ինծի, ըսաւ։ Երբեք պիտի չթողէի որ երիտասարդը դատապարտուի։ Պատւոյս վրայ կʼըսեմ ձեզի թէ պիտի խօսէի եթէ եղեռնադատ ատեանին առջեւ հանուէր։
— Ուրախ եմ ձեր ըսածին համար, պատասխանեց Հօլմ ծանրօրէն։
— Հիմակուընէ իսկ պիտի խօսէի եթէ աղջիկ մը չունենայի։ Անոր սիրտը պիտի խորտակոկի եթէ ձերբակալուած տեսնի զիս…
— Կրնայ ըլլալ որ գործը այդ տեղուանքը չգայ, ըսաւ Շէրլօք Հօլմս։
— Ի՞նչպէս։
— Ես ոստիկանութեան չեմ պատկանիր։ Ձեր աղջիկը հոս կանչեց զիս եւ անոր օգտին համար կը գործեմ։ Պէտք է սակայն որ երիտասարդ Մաք Քարթի ամէկ կասկածէ զերծ ըլլայ։
— Ես մահամերձ մըն եմ, ըսաւ ծերունի Թըրնըր։ Քանի մը տարիէ ի վեր շաքարախտի ենթարկուած եմ։ Բժիշկս կը հարցնէ իւրովի թէ ամիսէ մը աւելի պիտի ապրի՞մ։ Անկեղծօրէն կը խոստովանիմ ձեզի թէ նախապատիւ կը համարէի իմ երդիքիս տակ մեռնիլ քան թէ բանտի մը մէջ։
Հօլմս ոտքի ելաւ եւ սեղանին առջեւ նստաւ, գրիչը ձեռքը եւ թուղթերու ծրար մը առջեւը։
— Ճշմարտութիւնը ըսէք մեզի։ Ձեր պատմութիւնը պիտի գրեմ, պիտի ստորագրէք զայն եւ Ուօթսըն, որ հոս ներկայ է, կրնայ իբր վկայ ծառայել։ Ծայրայեղ պարագային ձեր խոստովանութիւնը մէջտեղ պիտի հանեմ եթէ ասիկա բացարձակապէս անհրաժեշտ ըլլայ երիտասարդ Մաք Քարթին ազատելու համար։ Կը խոստանամ ձեզի ուրիշ միջոց չգտնելու պարագային միայն գործածել զայն։
— Ասիկա աւելի աղէկ պիտի ըլլայ, ըսաւ ծերունին։ Խնդիր է գիտնալ թէ մինչեւ եղեռնադատ ատեանին առաջիկայ նիստը պիտի ապրի՞մ։ Ուստի կարեւորութիւն չունի, բայց ամէն պարագայի մէջ կʼուզեմ խնայել Ալիսին։ Եթէ ուզէք, ամէն բան կը բացատրեմ ձեզի։ Գործը գլուխ հանելու համար աւելի ժամանակ պէտք եղաւ քան որչափ պէտք չէ պատմելու համար։
Դուք չէք ճանչնար զոհը՝ Մաք Քարթին։ Հաւատացէք որ սատանային մարմնացումն էր։ Աստուած անոր պէս մարդու մը ճիրաններուն մէջ չձգէ ձեզ բնաւ։ Տասը տարիէ իր վեր կը ճնշէ ճակատագրիս վրայ եւ տեանքս փճացուց։
1860ին յաջորդող տարիներուն մէջ Աւստրալիոյ ոսկեհանքերը կʼաշխատէի։ Շատ երիտասարդ, վառվռուն եւ յանդուգն ըլլալով, պատրաստ էի ամէն բան ընելու։ Տեքգլուխներու խումբի մը մասնակցեցայ։ Սկսայ խմել։ Մէկ խօսքով եղայ ինչ որ հոս կʼանուանէք գող֊աւազակ։ Վեց հոգինոց խումբ մըն էինք եւ վայրենիներու կեանք մը կը վարէինք, ատեն ատեն կայարան մը քանդելով կամ դէպ ի հանքերը գացող վակոնները կեցնելով։ Պալլառացի Պլէք—Ճէք անունով ճանչուած էի եւ մեր խումբը տակաւին կը կոչուի Պալլառայի խումբ։
Օր մը ոսկի փոխադրող կարաւան մը հասաւ Պալլառայէն ուղղուելով Մէլպուրն։ Լրտեսեցինք զայն, յարձակում գործելու համար անոր վրայ։ Վեց ձիաւորներ կը պաշտպանէին զայն եւ մենք ալ վեց էինք։ Առաջին ընդհարումին մեր հակառակորդներէն չորսը ինկան։ Մեր տղաքներէն երեքն ալ սպաննուեցան, սակայն յաղթութիւն ձեռք բերելնէն առաջ։ Ատրճանակս ուղղեցի կառապանին, որ ճիշդ այս Մաք Քարթին էր։ Երանի՜ թէ այն ատեն սպաննած ըլլայի զայն։ Բայց խնայեցի, թէեւ տեսայ թէ իր չարագուշակ աչքերը իմ վրաս սեւեռած էր դիմագիծերս աղէկ դրոշմելու համար իր յիշողութեան մէջ։ Մեր գրաւած այդ ոսկին մեկնակէտը եղաւ մեր հարստութեան եւ Անգլիա եկանք առանց կասկածի ենթարկուելու։ Այն տեղ բաժնուեցայ վաղեմի ընկերներէս եւ որոշեցի խաղաղ ու յարգելի կեանք մը ապրիլ։ Գնեցի այս կալուածը, որ բարեբախտաբար ծախու էր եւ ջանացի հարստութիւնս բարի գործերու նուիրել փոխարինելու համար այն եղանակը, որով ձեռք բերած էի զայն։ Նաեւ ամուսնացայ ու թէեւ կինս քիչ ժամանակ ետքը մեռաւ, բայց աղջիկ մը թողուց ինծի, սիրեցեալ փոքրիկ Ալիսս։ Նոյն իսկ տղայ հասակին մէջ, իր ձեռքը կարծես թէ զիս լաւ ճամբու մէջ կʼառաջնորդէր, ուր ուրիշ ո՛չ մէկը պիտի կրնար տանիլ զիս։ Մէկ խօսքով, նոր կեանք մը սկսայ եւ ձեռքէս եկածը ըրի անցեալը դարմանելու համար։ Ամէն բան լաւ գնաց մինչեւ այն վայրկեանը, ուր Մաք Քարթի երեւցաւ։
Քաղաք գացած էի գործի մը համար, երբ Րէճընթ Սթրիթի մէջ հանդիպեցայ անոր։
«— Ա՛հ, հո՞ս ես, Ճէ՛ք, ըսաւ ընտանեբար թեւիս դպչելով, զաւակս ու ես իբր ընտանիք պիտի ծառայենք քեզի։ Յուսամ թէ մեր ծախքերը պիտի հոգաս։ Ապա թէ ոչ Անգլիա օրէնքները յարգող երկիր է եւ միշտ ոստիկան մը կայ, զոր կրնամ կանչել»։
Չկրցայ Արեւմուտք գալէ արգիլել զիրենք եւ զետեղուեցան կալուածիս մէջ ու այդ վայրկեանէն ի վեր ապրեցան առանց վարձք վճարելու։ Անկէ ի վեր այլ եւս վայրկեան մը հանգստութիւն, խաղաղութիւն կամ մոռացում չունեցայ։ Ամէն տեղ կը հանդիպէի այդ մարդուն սմսեղուկ եւ ծամածուռ դէմքին։ Աւելի գէշ եղաւ երբ Ալիս մեծցաւ, վասն զի Մաք Քարթի շուտով նշմարեց թէ ոստիկանութենէն աւելի վախցած մէկ բանս սա էր որ Ալիս չգիտնար անցեալս։ Ստիպուած էի առանց վարանելու տալ Մաք Քարթիի ինչ որ կը պահանջէր ինձմէ, հող, դրամ, տուներ։ Բայց ի վերջոյ ինձմէ խնդրեց բան մը, զոր չէի կրնար տալ։ Նոյն ինքն Ալիսը ուզեց։
Իր որդին մեծցած էր։ Աղջիկս ալ այնպէս։ Եւ որովհետեւ գիտէին թէ հիւանդ եմ, Մաք Քարթի կը խորհէր թէ այդ միութեան շնորհիւ երիտասարդը պիտի չուշանար կալուածին տէրը ըլլալ։ Այս անգամ դիմադրեցի։ Չէի ուզեր որ անոր անիծեալ ցեղը իմինիս հետ խնամիանար ո՛չ թէ որովհետեւ ամենափոքր հակակրութիւն մը ունէի այդ տղուն հանդէպ, այլ ինծի համար բաւական էր իր հօրը զաւակը ըլլալը որպէս զի հակառակէի այս ամուսնութեան։ Ուստի դիմադրեցի։ Մաք Քարթի սպառնաց։ Ասպարէզ կարդացի իրեն որ ձեռքէն եկածը ընէ։ Գործի վրայ խօսեու համար ժամադիր եղանք լճակին առջեւ, որ մեր երկու բնակարաններուն միջեւ կէս ճամբուն վրայ կը գտնուի։
Երբ հոն հասայ, տեսայ որ իր զաւկին հետ կը խօսէր։ Այն ատեն սիկառ մը ծխեցի ու ծառի մը ետեւ սպասեցի որ առանձին մնար։ Բայց, իրենց խօսակցութիւնը լսելով, իմ մէջ գտնուած ամէն գէշութիւններ յաղթող հանդիսացան։ Լսեցի որ կʼստիպէր իր որդին աղջկանս հետ ամուսնանալ այս վերջինին զգացումներուն մասին այնչափ քիչ յարգանքով որ կարծես թէ անիկա կորուսեալ աղջիկ մըն էր։ Զգացի թէ խենթութիւն կուգար վրաս մտածելով թէ ես ու աշխարհի վրայ ամէնէն աւելի սիրած աղջիկս այդ մարդուն իշխանութեան ներքեւ էինք։ Չէի՞ կրնար վերջապէս այդ շղթայէն ազատել ինքզինքս։ Մահամերձ մը, դատապարտեալ մարդ մը չէի՞։ Թէեւ մտքով առողջ եւ ֆիզիկապէս բաւական զօրաւոր, գիտէի թէ օրերս համրուած էին։ Բայց հարկ էր յիշատակս ու աղջիկս միանգամայն փրկել։ Գիտէի թէ կրնայի այս կրկին նպատակին հասնիլ եթէ լռութեան դատապարտէի այդ իժի լեզուն։ Ահա ատիկա ըրի, Մր․ Հօ՛լմս, եւ պատրաստ պիտի ըլլայի նորէն ընելու։ Ո՛րչափ ալ ծանր եղած ըլլան յանցանքներս, նահատակի կեանքով մը քաւած եմ զանոնք։ Չէի կրնար սակայն հանդուրժել որ աղջիկս ալ ինծի պէս միեւնոյն ցանցին մէջ բռնուէր։ Այդ մարդը սպաննեցի առանց խճղահարութիւն զգալու, ինչպէս պիտի չզգայի չարագործ ու վտանգաւոր կենդանի մը սպաննելով։ Իր աղաղակին վրայ տղան ետ դարձաւ երբ ես արդէն հասած էի անտառին ծայրը, թէեւ ստիպուեցայ ետ դառնալ վերարկուս առնելու համար, զոր ձգած էի փախած միջոցիս։
Ահաւասիկ, Տե՛արք, անցած դարձածին ճշգրիտ պատմութիւնը։
— Է՛ ուրեմն, ես չեմ որ պիտի դատեմ ձեզ, ըսաւ Հօլմս այն պահուն ուր ծերունին իրմէ խլուած յայտարարութիւնը կʼստորագրէր, Աստծուած այդպիսի կացութեան մէ մէջ չձգէ մեզ բնաւ։
— Ամէն։ Հիմակ ի՞նչ պիտի ընէք, պա՛րոն։
— Ձեր վիճակին պատճառաւ բան մը պիտի չընենք։ Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի մօտոյ ձեր արարքին համար պիտի պատասխանէք եղեռնադատ ատեանէն աւելի բարձր դատարանի մը առջեւ։ Ձեր խոստովանութիւնը պիտի պահեմ։ Եթէ Մաք Քարթի դատապարտուի, պիտի հարկադրուիմ մէջտեղ հանել զայն, ապա թէ ոչ ո՛ եւ է մահկանացու երբեք պիտի չտեսնէ զայն եւ ձեր գաղտնիքը պիտի պահուի, դուք ողջ եղած ըլլաք կամ մեռած։
— Ուրեմն մնաք բարով, ըսաւ ծերունին հանդիսաւոր կերպով։ Դուք աւելի հանդարտ պիտի մեռնիք մտածելով այն հանգստութեան վրայ, զոր ինծի տուիք այս գերագոյն վայրկեանին մէջ։
Ոտքէն մինչեւ գլուխը դողալով, դուրս ելաւ սենեակէն։
— Աստուած օգնէ մեզի, ըսաւ Հօլմս երկար լռութենէ մը ետք։
Ճէյմս Մաք Քարթի եղեռնադատ ատեանին կողմէ անպարտ արձակուեցաւ Հօլմսի ներկայացուցած եւ պաշտպան փաստաբանին հաղորդուած տեղեկութիւններուն պատճառաւ։ Ծերունի Թըրնըր մեր տեսակցութենէն ետք եօթը ամիս ապրեցաւ, բայց հիմա մեռած է եւ ամէն հաւանականութիւն կայ որ այս երկու մարդոց մանչն ու աղջիկը միասին երջանիկ ապրին, առանց երբեք գիտնալու այն սեւ ամպը, որ իրենց անցեալը մթագնեց։