Changes

Դատարկապորտը

Ավելացվել է 8271 բայտ, 21:31, 23 Ապրիլի 2016
[[Կատեգորիա:Արձակ]]
 
— Է՜յ, ելիր նայինք երիտասարդ, բացօթեայ պանդոկը կը փակենք։
 
Հանրային պարտէզին պահապանն էր, որ կʼարթնցնէր երիտասարդը։ Ան կը ճանչնար իր բոլոր յաճախորդները եւ գիտէր անոնց գրաւած նստարանները։ Եւ ամէն գիշեր պարտէզին դռները փակելէ առաջ մէկ մէկ կʼարթնցնէր զանոնք։
 
Երիտասարդը արթնցաւ։ Ելաւ նստարանէն ու դրան ճամբան բռնեց, առանց գիտնալու թէ ո՞ւր պիտի երթար։ Ցուրտ էր։ Ակռաները իրարու կը զարնուէին։
 
Կը քալէր… ոտքերը կը տանէին զինքը։ Ու՞ր․ չէր գիտեր․ այս միջոցին արդէն բոլոր կեանքը անորոշութեան մէջ կʼանցնէր։ Ստամոքսէն տարօրինակ ձայներ կը բարձրանային․ զգաց —աւելի ճիշդ՝ յիշեց— որ անօթի էր… ընբոստութեան ձայներ կը բարձրանային ստամոքսէն…
 
— Քաջութի՛ւն սիրելի ստամոքս, ըսաւ ինքնիրեն, քաջութի՛ւն, քաջաբար կռուղ անօթութեան դէմ, եթէ կʼուզես ինծի արժանի ստամոքս մը ըլլալ… այո՛, այո՛ սիրելի ստամոքս, խեղճ ու դատարկ ստամոքս… այսպիսի տագնապալի ատեն մը, ըմբոստանալու բնաւ տեղ չկայ։
 
Բայց ստամոքսը կոկորդն ի վեր իր սպառնալիքները կը տեղացնէր։
 
— Ասիկա միայն այսօր չէ, կʼըսէր, ամէն օր աս այսպէս է։ Առտուն շերտ մը չոր հաց, զոր կէս ժամէն կը մաքրեմ… ու յետոյ ամբողջ քասնըերկուքուկէս ժամ պարապ… Օր մը աշխատելէ պիտի հրաժարիմ ու աղիքներդ անգործութեան պիտի դատապարտեմ… Այո՛, օր մը չէ օր մը, ընելիքս ա՛ս է…
 
— Ի՛նչ կʼուզես՝ ըրէ՛, պատասխանեց երիտասարդը բարկացած։ Արդէն այս օրերս ես ալ քեզի պէտք չունիմ… երիկամներուս ճամբան լիովին կը բաւէ ինծի, քանի որ ջուրէն զատ բան մը չեմ կարող ճարել։ Բայց եթէ պէտք ըլլայ, այն ատեն կը համաձայնինք անշուշտ։
 
Յետոյ աւելցուց․
 
— Ի՞նչ կʼուզես որ ընեմ, գողնա՞մ, սպաննե՞մ… ա՜խ, ոչ, սիրելի ստամոքսս, գիտեմ որ դուն ալ ինծի պէս ես, չես ընդունիր այդ արիւնով ու անէծքով շաղախուած հացը… Կը նախընտրես գալարուիլ անօթութենէ…
 
Ստամոքսը լռեց համակերպութեամբ։ Մինչ երիտասարդը կը խորհէր․
 
Դպրոցին մէջ իրեն սորվեցուցեր էին, թէ մարդուս ստամոքսը կրնար մէկ, մէկուկէս քիլօ ուտելիք պարունակել… մինչ իր խեղճ ստամոքսը մէկ շաբթուան մէջ հազիւ կը գտնէր այդքանը։
 
Յանկարծ զգաց որ խլրտումներ տեղի կʼունենային դարձեալ իր ստամոքսին մէջ։
 
— Է՜հ, ալ համը փախցուցիր, ըսաւ երիտասարդը զայրացած․ ապերա՛խտ, գիտես որ ունեցած ատենս բան մը չխնայեցի քեզմէ։ Յետոյ, ինչո՞ւ այդքան խստապահանջ կը դառնաս, քանի որ գիտութիւնը կʼընդունի թէ մարդ կրնայ միայն ջուրով քառասուն օր ապրիլ։
 
Պողոտան հասեր էր։ Հակառակ որ կէս գիշեր էր, փողոցները տակաւին լեցուն էին մարդմոցմով։ Սա ինքնաշարժին մէջ բազմած, մուշտակներու եւ հաստ վերարկուներու մէջ թաղուած էակներն ալ մարդեր էին իրեն պէս։ Սա ուրախ զուարթ, կատակելով անցնող երիտասարդներու խումբն ալ մարդմոցմէ կը բաղկանար։ Սա անկիւնը կծկտած ծաղկավաճառ պզտիկ աղջիկն ալ մարդ մըն էր… Ի՛նքն ալ, ի վերջոյ, «մարդ» մըն էր իր կարգին…
 
Լճացած ջուրի մը մէջ չկոխելու համար, իր նիհար սրունքներուն ներած ուժովթ ցատկեց։ Դատարկ ստամոքսը սարսափելի խիթեր պատճառելով անգամ մը եւս ցնցուեցաւ փորին մէջ։ Բայց, չխօսեցաւ․ ալ չէր ուզեր խօսիլ, ալ չէր կրնար խօսիլ։
 
Սկսաւ դիտել ցուցափեղկերը, որոնք լեցուն էին ամէն տեսակ հագուստներով, խաղալիքներով եւ ուտելիքներով։
 
Սա խոշոր կաղապարները շոքոլա էին։ Բաւական գիտութիւն ունէր անոնց մասին․
 
Շոքոլան կաթով, շաքարով ու քաքաոյով կը շինեն, կը մտածէր։ Առանց շաքարի շոքոլա ալ կայ… Անոր սիրահարներն ալ զատ են։ Աշխարհահռչակ շոքոլայի գործարաններու անուններն ալ յիշեց։ Սակայն, եթէ ճիշդը ըսել պէտք էր, սա վայրկեանին շերտ մը հացն ալ շոքոլայի չափ յարգի պիտի անցնէր իր ստամոքսին համար։
 
Քովնտի փողոցներէ մարդիկ կʼելլէին ճօճելով։ Երգերու կտորներ կը թափթփէին անոնց շրթներէն աններդաշնակ եղանակներով ու ալքոլի բարկ հոտ մը կը տարածուէր ամէն կողմ։ Երկու անցորդներ քիչ առաջ խմուած գինիին գովքը կը հիւսէին իրարու։ Ուրիշ երկու անցորդներ ալ կը տրտնջային․
 
— Նորէն ամէն բան պիտի սղէ եղեր…
 
— Որո՛ւ հոգ… մենք չոր հացէ զատ բան մը տեսած չունինք արդէն…։
 
Դատարկապորտը կը քալէր լեցուն եւ լուսաշող ցուցափեղկերու առջեւէն… եւ ստամոքսը կը գալարուէր աւելի ու աւելի սաստկութեամբ…։ Երիտասարդը, յանկարծ, յիշեց իր մեծ մօրը մէկ պատմութիւնը․
 
«Հի՜ն, շատ հին ժամանակները, իշխան մը կայ եղեր։ Այս իշխանը, իր մէկ մանկլաւիկին առաջարկով, օր մը իր հօրը հպատակները տեսնելու կʼելլէ։
 
Փողոցէ մը անցած միջոցին կը տեսնէ որ փոքրիկ տղեկ մը կու լայ։ Իշխանը մանկլաւիկին կը հարցն թէ ինչո՞ւ կու լայ պզտիկը․
 
— Հաց չունի, հաց կʼուզէ, կը պատասխանէ մանկլաւիկը, ուզելով դաս մը տալ իր հպատակներուն տառապանքներուն անգիտակից իշխանին։
 
— Հա՞ց, ատոր համար կու լա՞ն, կʼըսէ իշխանը զարմացած։ Բայց, Տէր Աստուած, եթէ հաց չունի՝ ինչո՞ւ կարկանդակ չʼուտէր…»։
 
Կարկանդակ… կարկանդակ, ինչ տխմար մարդ է եղեր սա իշխանը… կը խորհի երիտասարդը ու կը շարունակէ յառաջանալ։
 
Քանի մը քայլ անդին ոստիկան մը կը կեցնէ զայն․
 
— Քովնտի փողոց մը մտիր, երիտասարդ, չե՞ս գիտեր որ դատարկապորտներուն արգիլուած է այստեղերը դեգերիլ։
 
Երիտասարդը կը ժպտի ու կը մտնէ մութ փողոցէ մը ներս…
 
:::::<i>Այսօր</i>
:::07.02.1948