Վերջին թարմացում 15 Հունվարի 2015, 15:34

Զավալլըն

Զավալլըն

հեղինակ՝ Երուանդ Օտեան
աղբյուր՝ «Զավալլըն»


ԴԻՒԹԱԿԱՆ ԿԱՏԱԿԱԽԱՂ

ՄԷԿ ԱՐԱՐ

Գրեց Նմանողաբար

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

(Այս խաղը առաջին անգամ ներկայացուած է Աղեքսանդրիոյ Բիրամիթ թատրոնին մէջ)

Բ․ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆ

Պ․ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ ԳՐԱՏԱՆ

Կ․ ՊՈԼԻՍ

ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՏՊԱՐԱՆՆԵՐ

Մ․ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

ԱՆՁԵՐ

ԶԱՎԱԼԼԸՆ

ՅԱԿՈԲ (սպասաւոր)

ՄԻՒՍԻՒ ԿՈՄԻՏԱՍ (վարժապետ)

ԲԱՐԻ ՈԳԻ ՄԸ (այս դերը պէտք է կատարէ երիտասարդուհի մը)


ԶԱՎԱԼԼԸՆ

Տեսարանը կը ներկայացնէ փոքրիկ գինետուն մը որուն դրան առջեւ են քանի մը յարդէ աթոռներ ու փայտէ սեղաններ։

ՏԵՍԻԼ Ա․

ՅԱԿՈԲ եւ ԿՈՄԻՏԱՍ

(Կոմիտաս սեղանի մը առջեւ նստած կը մրափէ, սեղանին վրայ դրուած են շիշ մը օղի, փոքրիկ գաւաթ մը եւ պնակ մը մէզէ։ Յակոբ սեղանները կը սրբէ հայերէն կամ թրքերէն ժողովրդական երգեր երգելով)։

Յակոբ․ — Թօհա՜ֆ բան, այսօրուան պէս բնաւ ձայնս աղէկ ելած չէր (կʼերգէ) ի՜նչ աղւոր ձայն․ հէ՞ (Կոմիտասին դառնալով) այս ապուշն ալ կը խմէ, կը խմէ կը քնանայ, (դառնութեամբ) ասանկ ձայն մը ունենամ եւ հոս կարգ մը պարապ մարդերու գաւաթը տասը փարայի տիւզ հրամցնեմ… վա՜յ կիտի բախտ վա՛յ… (կʼերգէ) այս ձայնովս եթէ խահուէի մը մէջ խաղ կանչէի կամ բեմը ելլայի, ոսկի կը վաստկէի, ոսկի… բայց, ի՜նչ օգուտ, եղածը եղած է․ ախ վախը փարա չըներ, ծառայ եկեր՝ ծառայ պիտի երթանք… մեր ազգը ապերախտ է, իր տաղանդները վարձատրել չիյտէ (երգելով գինետուն կը մտնէ)։

ՏԵՍԻԼ Բ․

ԿՈՄԻՏԱՍ ԶԱՎԱԼԼԸՆ

(Զավալլըն յոգնած դադրած կուգայ, մաքուր բայց շատ հին հագուստ մը հագած, սեւ հագուստ մը՝ որ ա՛լ կանանչնալ սկսած է, գլուխը կլոր թուխ գլխարկ մը, որուն ներկը գացած եւ կարմրիլ սկսած է։ Սեղանի մը առջեւ, աթոռին վրայ կʼիյնայ)։

Զավալլըն․ — Օ՜ֆ, յոգնեցայ, չարաչար յոգնեցայ, ա՛լ քալելու կարողութիւն չունիմ… յոգնեցայ առանց տասը փարա վաստկելու, մինչդեռ մարդիկ կան, որոնք դրամ կը շահին առանց յոգնելու, գրասեղանին առջեւ նստած… ու, յետոյ, սոսկալի կերպով ալ ծարաւ եմ, իրա՛ւ կʼըսեմ, ծարաւէս կը մարիմ կոր։ Իմ բազմաչարչար երկա՜ր կեանքիս մէջ, որ այնքա՜ն լեցուն է ծարաւի վայրկեաններու յիշատակով, երբեք այս րոպէիս նման ծարաւցած չեմ… գոնէ չեմ յիշեր (գրպանէն տասը փարանոց մը կը հանէ եւ սեղանին զարնելով) Ծօ՛, Յակո՛բ… (ինքնիրեն) այսօրուան ելած սանդուխներս Աստուած գիտէ, եւ աշխարհիս վրայ չի կայ բան մը որ մարդս աչնչա՜փ ծարաւցնէ եւ օղին փնտռել տայ որչափ ոդը տաք օր սանդուխ ելլելը… նոյնչափ ալ սանդուխէն վր իջնալը կը ծարաւցնէ եւ որովհետեւ սանդուխներէն վեր ելլելէս ետքը՝ վար ալ ինջայ, ա՛լ ծարաւիս չափը կրնաք ըմբռնել։ (Սեղանին կը զարնէ կրկին) Յակոբ…։ Եթէ քանի մը շաբաթէ ի վեր ելած իջած սանդուխներս քով քովի բերեմ, Խայիշ Տադիի գագաթը կը հասնիմ (աւելի ուժով կը զարնէ սեղանին) ցօ՛ Յակոբ… աս Յակոբը քիչ մըն ալ չի գայ նէ՝ տեղս ծարաւէն մեռած ու լեզուն դուրս ինկած չոր դիակ մը պիտի գտնայ։

ՏԵՍԻԼ Գ․

ՆՈՅՆՔ, ՅԱԿՈԲ

Յակոբ, — Ամէսոս, կէլիյօր, եկա՜յ…

Զավալլըն (ձեռքերը վեր բարձրացնելով), — Փա՜ռք Աստուծոյ, փա՜ռք յարութեանդ քո Տէ՜ր։

Յակոբ․ — Վա՜յ, դո՞ւն ես, միւսիւ Գրիգոր, ի՞նչ կայ չի կայ։

Զավալլըն․ — Է՜հ, սանկ նանկ, կʼերթանք կոր, կամ աւելի ճիշդը՝ եղած տեղերնիս կեցեր ենք։

Յակոբ․ — Գործ մը գտա՞ր։

Զավալլըն․ — Չէ՛, աղբար, չէ՛, ուր գացինք նէ՝ հիմակուհիմա գործ չի կայ, բան մը ըլլայ նէ՝ մենք լուր կուտանք ըսին։

Յակոբ․ — Հա՛, հա՛, հա՛։

Զավալլըն․ — Թօհաֆիդ կուգայ կոր, հա՞։

Յակոբ․ — Չէ՜, բայց ի՞նչ ընեմ, նստիմ լա՞մ, ես ալ իմ տէրտս ունիմ, ինչ որ է, թողունք ատիկա, է՜յ, ի՞նչ պիտի խմես, ան նայինք… մաստիքա՞…

Զավալլըն․ — Չէ՛, մաստիքա չեմ ուզեր… շատ ծարաւցած եմ։ Մաստիքա խմել երբ ծարաւցած ես, Աստուծոյ դէմ մեղանչել, Աւետարանէն թուղթ պատռել է… տիւզ մը բեր ինծի։

Յակոբ․ — Շիշէ՞ մը։

Զավալլըն (հառաչելով)․ — Չէ՛, գաւաթ մը։

Յակոբ․ — Գլխուս սրայ (երգելով ներս կը մտնէ

ՏԵՍԻԼ Դ․

ԿՈՄԻՏԱ, ԶԱՎԱԼԼԸՆ

Զավալլըն․ — Տեսէ՛ք, խաղ կը կանչէ կոր, աւանոակը, տէրտ չունի, առտուընէ մինչեւ իրիկուն խաղ կը կանչէ… երանի՜ իրեն…։

ՏԵՍԻԼ Ե․

ՆՈՅՆՔ, ՅԱԿՈԲ

Յակոբ, — Ահա տիւզըդ։

Զավալլըն (օղիին մէջ քիչ մը ջուր կը լեցնէ ու ի մի ումպ կը խմէ)․ — Խմուելիք բան չէ աս օղին… կաղ է, կաղ։

Յակոբ (պարապ գաւաթին նայելով), — Խմուելիք ըլլար նէ՝ արդեօք ի՞նչ պիտի ընէիր։

Զավալլըն․ — Եթէ խմուելիք ըլլար՝ հատ մըն ալ պիտի ապսպրէի։

Յակոբ․ — Շիտակը ըսեմ, իրա՛ւ, մեր տիւզը շատ աղէկ չէ, բայց հոս եկողներն ալ շատ բարակը չեն նայիր (խօսակցութիւնը փոխելով) ըսել է, միւսիւ Գրիգոր, միշտ պարապ կը պտտիս։

Զավալլըն․ — Ափսո՜, միշտ… պարապութիւնը կարծես տեւական գործ մը եղաւ ինծի համար… քիչ մը խնայողութիւն ըրած էի, ան ալ հատնելու վրայ է (դրամները կը համրէ) վեց գրուշ տասը փարտ մնացեր է։

Յակոբ․ — Մէկ մասը պանքան դի՛ր, տոկոսը կʼառնես։

Զավալլըն․ — Կատակի ատեն չէ, պէ՛ մարդ, վեց գրուշ տասը փարայով մինչեւ տարեգլուխ պիտի ապրինք եւ դեռ Յունիս ամսուն մէջն ենք։

Կոմիտաս (որ ատենէ մի ի վեր արթնցած է ու խօսակցութեան կը հետեւի), — Շիտակը դժուար բան։

Զավալլըն․ — Վե՜ց գրուշ տասը փարա, մարդու մը համար, որ առտուընէ մինչեւ իրիկուն ծարաւ է եւ ստիպուած է օղի խմելու… օ՜ֆ֊ օ՜ֆ… ինչ է նէ՝ սպասենք եւ յուսանք… ու մանաւանդ մոռնանք։ Հիմակ, Յակո՛բ, ինծի տիւզ մըն ալ տո՛ւր, տղա՜ս, օղին մոռացումն է։ Օղին կեանք կոչուած այս երկրային թիարանէն դէպի երկինք փախուստն է։

Յակոբ (լաւ չհասկնալով)․ — Կարելի է…

Կոմիտաս (համոզուած շեշտով մը)․ — Շա՜տ՝ շիտակ, շա՛տ աղւոր կը խօսի կոր միւսիւ Գրիգորը,․․ Սողոմոն իմաստունն ալ կʼըսէ․ «Տո՛ւք զարբեցութիւն տրտմելոց, զի արբցեն եւ մոռասցեն զաղքատութիւնս իւրեանց եւ զցաւս իւրեանց ո՛չ յիշեսցեն…» (գաւաթ մը օղի կը պարպէ ի մի ումպ

Յակոբ (ծաղրական)․ — Ամէ՜ն։

Զավալլըն․ — Մի՛ խնդար տղա՛ս, երբեմն, գիշերը, փողոցը գացած ատենդ, ցեխին մէջ գլտորած մարդ մը կը տեսնաս եւ «գինով մըն է» կʼըսես ու կʼանցնիս կʼերթաս, բայց չէ՛ բարեկամ, փախստական մը… կեանքի թիարանէն փախստական մըն է։

Յակոբ․ — Եւ ասոր համար է որ ոստիկաններն ալ կը բռնեն խարախօլ կը տանին այդ փախստականը… տիւզին հետ ի՞նչ մէզէ կʼուզես։

Զավալլըն․ — քիչ մը չըրօղ։

(Յակոբ ներս կը մտնէ երգելով)

ՏԵՍԻԼ Զ․

Զավալլըն․ — Ի՞նչ ուրախ է այս աւանակը, ինչպէ՜ս յայտնի է որ գործ մը ունի եւ ի՜նչ աղւոր գործ… մոռացումի մատրուակ։

Կոմիտակ․ — Պատրանքի միջնորդ (գաւաթը կը լեցնէ ու կը խմէ

ՏԵՍԻԼ Է․

ՆՈՅՆՔ, ՅԱԿՈԲ

Յակոբ (երգելով ներս կը մտնէ եւ օղին կը բերէ Զավալլին

Զավալլըն․ — Ուրախ ես։ հէ՞…

Յակոբ․ — Ե՞ս, ընդհակառակը, բնաւ ուրախ չեմ։

Զավալլըն․ — Հապա մինչեւ ետքը կʼերգես կոր նէ…

Յակոբ․ — Երգելուս համար անպատճառ ուրախ ըլլա՞լս պէտք է… կʼերգեմ որովհետեւ երգիչ եմ։

Զավալլըն․ — Երգի՞չ…

Յակոբ․ — Հապա՜… նայէ սովորական ծառայի կերպարանք ունի՞մ (շտկուելով եւ դերասանի ձեւ առնելով) առթիսթ եմ, միւսիւ Գրիգոր, առթիսթ։

Զավալլըն․ — Թօհա՜ֆ բան…

Յակոբ․ — Ա՜խ, միւսիւ Գրիգոր, չլսուած, չտեսնուած բան մը, տխո՜ւր պատմութիւն մըն է իմ պատմութիւնս, կեցի՛ր պատմեմ, եթէ վայրկեան մը ունիս։

Զավալլըն․ — Եթէ վայրկեան մը ունի՞մ մի, հարիւր հատ վայրկեան, հազար հատ վայրկեան ունիմ, արդէն, փա՜ռք Աստուծոյ, ուրիշ ի՞նչ ունիմ որ… վայրկեանէն զատ։ Պատմէ՛ նայինք, տղաս, պատմէ։

Յակոբ․ — Կեցիր պատմեմ եւ պիտի տեսնաս որ մինակ դուն չես դժբախտ աշխարհի վրայ…

Կոմիտաս․ — Այո՛, ես ալ հոս եմ…

Զավալլըն․ — Աշխարհս սկիզբէն գէշ յօրինուած է, արդէն, աճապարանքով, վեց օրուան մէջ շինուած աշխարհ մը ասկէ աղէկ չէր կրնար ըլլալ… պատմէ՛ նայինք…

Յակոբ․ — Քանի մը տարի առաջ քազինոյի մը մէջ կառսօն էի, դէմերնիս թատրոն մը կար, տաճկերէն օրէրէթներ կը խաղային, լսելով, լսելով ես ալ սկսայ երգել, ձայնս լսողները ըսին որ հիանալի ձայն ունիմ, փարածախսեցի, երգի դաս առնել սկսայ եւ օր մըն ալ խումբին մէջ մտայ։

Զավալլըն․ — Կը շնորհաւորեմ։ Կը շնորհաւորեմ, չէի գիտեր որ այսպիսի տաղանդաւոր արուեստագէտ մըն է ինծի ծառայողը,

Յակոբ․ — Մտիկ ըրէ՛, աղբար, բեմին վրայ ելածիս պէս ձայնս բռնուեցաւ, ձայն չի կայ պէ՜, նա (կոկորդը ցոյց կոկտայ եւ ձայն հանել ուզող եւ չկրցող մարդու մը ձեւը կʼընէ) աղւոր մը խաղք եղանք… այն ատեն ստիպուեցայ նորէն կառսօնի գոգնոցս կապել եւ նորէն ամէսոս, կէլիյօր, եկաւի սկսիլ։

Զավալլըն․ — Է՜հ, ի՛նչ ընես, աս ալ գործ մըն է։

Կոմիտաս․ — Ամէն պարագային վարժապետութենէն աղէկ է (կը խմէ

Յակոբ․ — Այո՛, բայց ինծի համար չէ… սա մտիկ ըրէ՛ք, հազիւ ութը օր էր որ կառսօնութիւն կʼընէի, ձայնս նորէն բացուեցաւ… կը զարմանաս կոր հէ՞․

Զավալլըն (պաղ կերպով)․ — Ես ա՛լ բանի մը չեմ զարմանար աշխարհքիս վրայ։

Յակոբ․ — Երբ տեսայ որ ձայնս աղէկ է, գոգնոցս մէկ կողմ կը նետեմ ու նորէն թատրոն կը մտնամ։

Զավալլըն․ — Ը՜յ…

Յակոբ (տխրութեամբ)․ — Ո՜հ, մնացածը կրնաս գուշակել։

Զավալլըն․ — Թատրոն մտնելուդ պէս նորէն ձայնդ մարեցաւ։

Յակոբ․ — Ճիշտ գուշակեցիր, եւ անկէ ետքը միշտ ասանկ կʼըլլայ կոր, կառսօն եղա՞յ մի, հիանալի ձայն մը, աղբար, բեմին վրայ ելա՞յ մի՝ պապանձումն Զաքարիայի։

Զավալլըն․ — Թօհա՜ֆ բան․ գիտես ի՞նչ ընելու ես։

Յակոբ․ — Ըսէ՛ տեսնենք։

Զավալլըն․ — Նայէ՜ որ գաֆէ շանթանի մը մէջ գործ գտնաս, մէկ կողմէն խաղ կը կանչես, միւս կողմէ կառսօնութիւն կʼընես։

Յակոբ․ — Շիտակը գէշ խելք չէ։

Զավալլըն․ — Ափսո՜ս, ես այդ միջոցները չունիմ, ո՜չ երգիչ եմ, ո՛չ կառսօն։ Հաշուակալ եմ, պարապ հաշուակալ մը որ գործ կը փնտռէ ու չգտնար։

Յակոբ․ — Մի՛ յուսահատիր, միւսիւ Գրիգոր, ես վստահ եմ որ բնաւ չսպասած ատենդ աղէկ գործ մը պիտի գտնաս, համբերութիւնը կեանք է։

Զավալլըն․ — Այո՛, բայց փարասըզութիւնն ալ մահ է։

Կոմիտաս․ — Գերադրական մահ մանաւանդ (կը խմէ

Յակոբ․ — Դուն իմին խօսքիս նայէ։

Զավալլըն․ — Աստուած լսէ ձայնդ․ քանզի ա՛լ համբերութիւնս հատաւ, բոլոր այս դիմումները, բոլոր այս ստորնացումները, աղաչանքներն ու մերջումները…

Յակոբ (տխրութեամբ)․ — Իմ ալ գլխէս անցեր են։

Կոմիտաս․ — Հապա ի՞մ (կը խմէ

Զավալլըն (փիլիսոփայաբար)․ — Ո՜հ, ստորնացումները, շիտակը, շատ հոգս չեն, քանզի երկար ատենէ ի վեր ինծի անանկ դէմք մը շինաթ եմ որ ա՛լ կարմրիլ չգիտեր։

Յակոբ (ծաղրական)․ — Քու տեղդ գլխարկդ կը կարմրի կոր։

Զավալլըն (գլխարկը հանելով ու վրան նայելով)․ — Իրա՛ւ կարմրեր է։

Յակոբ․ — Ասոր հակառակ, րըտէնկօթդ ալ շատ աղւոր կանանչ գոյն մը առեր է։

Զավալլըն․ — Բնութեան գաղտնիքները, տղա՛ս, բնութեան գաղտնիքներն են ասոնք։ Ո՞վ կրնայ բացատրել թէ՝ ինչո՛ւ ժամանակ կոչուած այդ զարմանալի ներկարարը կարմիրի կը ներկէ հին գլխարկները․ մինչդեռ սեւ որաէնկօթներուն կանանչ գոյն կուտայ (գլխարկը կը մօտեցնէ իր րըտէնկօթի թեւին) րըտէնկօթիս կանանչը տե՛ս ինչպէս դուրս կը ցատկեցնէ կոր գլխարկիս կարմիրը… թէեւ ես կը նախընտրէի նուազ բազմագոյն հագուստ մը։ Ե՞րբ արդեօք Մայէրէն կամ Շթայնէն ձեռք մը նոր լաթ պիտի կրնամ առնել։

Յակոբ․ — Մեծ փառասիրութի՜ւն մը չէ ունեցածդ։

Զավալլըն․ — Փառասիրութի՜ւն… կեանքիս մէջ երբեք փառասէր չեմ եղած արդէն։ Քեզի անկեղծօրէն բան մը ըսե՞մ, օրը եթէ մէկ մէճիտ ունենամ, հաւատա՛, աշխարհի ամենէն երջանիկ մարդը կʼըլլամ։

Յակոբ․ — Օրը մէկ մէճիտ… ինծի կուգայ որ քիչ մը քիչ է։

Զավալլըն․ — Ես էւելօք զոհ կʼըլլամ օրը մէկ մէջիտով… (երկու ձեռքը վեր բարձրացնելով ու հառաչ մը արձակելով) բայց ո՛ւր է այն բարի ոգին որ ինծի օրական մէկ մէճիտ ապահովէ… ո՞ւր է այդ բարի ոգին։

(Հեռուէն, ջութակի խորհրդաւոր եղանակ մը կը լսուի, խօսողները մէկէն ի մէկ կը լռեն եւ իրարու երես կը նային, Կոմիտաս անապարանքով գաւաթը կը լեցնէ ու իմ ումպ կը պարպէ։)

ՏԵՍԻԼ Ը․

ՆՈՅՆՔ, ԲԱՐԻ ՈԳԻՆ

Բարի ոգին․ — Բարի ոգի՞ մը, ո՞վ ուզեց բարի ոգին% ահաւասիկ եկայ։

(Զավալլըն, Յակոբ եւ Կոմիտաս շուարած, շփոթած ծունկի վրայ կուգան աղօթելու ձեւով։)

Զավալլըն․ — Ի՜նչ… դո՞ւք էք Բարի ոգին…

Բարի ոգին․ — Այո՛, Բարի ոգի մըն եմ ես, ի՞նչ կայ զարմանալիք։

Զավալլըն․ — Բան չի կայ… կամ մանաւանդ շատ զարմանալի դիպուած։

Բարի ոգին․ — Դո՞ւն ինծի կանչեցիր, զավալլը մարդ։

Զավալլըն․ — Այո՛, ես էի… կը ներէք։

Բարի ոգին․ — Աղէկ ես ըրեր, քանզի իս կանչողը պարապ չելլար։ Ըսէ, նայինք, ի՞նչ պիտի խնդրես ինէ։

Զավալլըն․ — Քիչ մը առաջ միւսիւին կʼըսէի որ (Յակոբը ցոյց կուտայ) օրական մէկ մէճիտով աշխարհիս ամէնէն երջանիկ մարդը կʼըլլամ։

Բարի ոգին․ — Օրական մէկ մէճի՜տ… զավալլը մարդ, շիտակը չեմ կրնար ըսել որ փառքի ու ճոխութեան մոլի ես։

Զավալլըն․ — Քիչ մը առաջ միւսիւին կʼըսէի որ երբեք փառասէր չեմ եղած։

Բարի ոգին․ — Ուրեմն օրական մէկ մէճիտ բաւակա՞ն է քեզի, զավալլը մարդ։

Զավալլըն․ — Էւելօք։

Բարի ոգին․ — Լաւ ուրեմն, երջանիկ եղի՛ր, զավալլը մարդ, խնդիրքդ պիտի կատարուի։

Զավալլըն (յափշտակուած)․ — Իրա՞ւ, աս բարիքը պիտի կրնա․ք ընել ինծի համար։

Բարի ոգին․ — Բայց անշուշտ, ապուշ արարած, ատկէ դիւրին ի՞նչ կայ Բարի ոգիի մը համար… միայն թէ որովհետեւ ես ուրիշ շատ գործեր ունիմ եւ ամէն առտու չեմ կրնար մէկ մէճիտ տալու համար գալ քեզ փնտռել, պէտք է որ հաշիւդ ընեմ եւ բոլոր դրամը մէկէն քեզի յանձնեմ, որպէս զի ամէն օր մէյմէկ մէճիտ ծախսես։

Զավալլըն․ — Բոլորը մէկէ՞ն… բոլոր հաշիւը մէկէ՜ն% բոլո՜րը… Է՜յ, հիմայ կը խենթենամ։

Բարի ոգին․ — Հանդարտէ զավալլը մարդ, հանդարտէ՛։

Յակոբ (ինքն ալ հիացած)․ — Բոլո՜րը մէկէն… տեսար հիմա, քեզի չըսի՞ որ չսպասած տեղէդ բախտդ պիտի բացուի։

Յավալլըն․ — Իրաւունք ունիս, տղաս, իրաւունք ունիես… (Բարի ոգիին) Է՜յ, ե՞րբ պիտի բարեհաճիք մաքրել մեր պզտիկ հաշիւը։

Բարի ոգին․ — Ինչո՞ւ կʼաճապարես, զավալլը մարդ, պէտք է որ առաջ կենաց գիրքին մէջ հաշիւդ նայիմ եւ անոր համեմատ փարաներդ բերեմ։ Սպասէ քիչ մը, ես հիմա կու գամ (դուրս կʼելլէ

ՏԵՍԻԼ Թ․

ԶԱՎԱԼԼԸՆ, ՅԱԿՈԲ, ԿՈՄԻՏԱՍ

Յակոբ․ — Շիտակը բախտիդ ըեսլիք չի կայ․ գործ մը կը փնտռէիր կոր եւ անոր տեղ ամբողջ հարստութիւն մը գտար։

Զավալլըն (տժգոհ կերպարանքով)․ — Ամմա հա հարստութիւն… օրը մէճիտ մը, աչքդ վրա՞ն մնաց։

Յակոբ․ — Շիտակը դուն ալ ապուշութիւն ըրիր, աւելի ուզելու էիր։

Կոմիտաս․ — Հապա իմ ապուշութիւնս որ բան մը չուզեցի (կը խմէ

Զավալլըն․ — Ասանկ ըլլալիքը որո՞ւ միտքէն կʼանցնէր…

Յակոբ․ — Հիմա նայինք ի՞նչ պիտի ընես այդ փարաները։

Զավալլըն․ — Էն առաջ մէ՛յ մի նոր գլխարկ մը պիտի առնեմ, ետքն ալ ձեռք մը սեւ հագուստ։ Ասով քիչ մը մարդու կարգ կʼանցնիմ։

Յակոբ․ — Հարկաւ սանկ աղւոր քէյֆ մըն ալ պիտի ընես, հէ՞… Քէհատխանէն կամ Պէօյիւք Տէրէի ջուրերը։

Զավալլըն․ — Քէյֆ մի՞, ատ էր պակաս… օրական մէկ մէճիտով… խենթ ես ի՛նչ ես, աղբար, նախ շէնք շնորհք փորերնիս կշտացնենք։

Յակոբ․ — Մե՜ղք, նորէն կʼըսեմ, քիչ մը էւել ուզելու էիր։

Զավալլըն (մտածկոտ)․ — Շիտակ է, ապուշութիւն ըրի, պէտք էր օրական ոսկի մը ուզէի, ի՜նչ կարեւորութիւն ունի Բաիր ոգիի մը համար։

Յակոբ (ձեռքը գլխին զարնելով)․ — Միտքս բան մը ինկաւ, քանի որ բոլոր դրամդ ամբողջութեամբ մէկ անգամէն պիտի առնես, սարաֆութիւն ըրէ, փոխանակ ապուշի պէս օրը մէկ մէճիտով ապրելու։

Զավալլըն․ — Աղէկ, բայց կʼըլլա՞յ մի եա, ես մէկ մէճիտի իրաւունք ունիմ, անկէց աւելի չեմ կրնար ծախսել։

Յակոբ․ — Ատ իրաւ է, բայց ես եթէ քու տեղդ ըլլամ՝ ատանկ բարակը չեմ նայիր։ Այդ բերելիք դրամը քուկդ է։ Կրնաս ուզածիդ պէս գործածել։

Զավալլըն (վարանոտ)․ — Ինչ է նէ՝ ետքը կը մտածենք։

Յակոբ․ — Կամ եկուր քաֆէ շանթան մը բաց, ես ալ կʼերգեմ… նայիս ի՜նչ փարա կը վաստկինք։

Կոմիտաս․ — Աւելի պատուաւոր գործ մը ըսե՞մ, դպրոց մը բաց, ես ալ դաս կուտամ (կը խմէ

Զավալլըն․ — Պօրսան քօնսօլիտ խաղամ նէ՝ չըլլա՞ր արդեօք… (նոյն միջոցին ջութակին ձայնը նորէն կը լսուի ներսէն) Սո՛ւս եղէք, ահա բարերարս կուգայ կոր… (Բարի ոգին հեռուէն կը մօտենայ կամաց կամաց) ան չէ ամա փարաները ո՞ւր դրեր է… տոպրակ մոպրակ չունի ձեռքը։

Յակոբ․ — Կարելի է պանքնօթ փարա պիտի տայ։

Զավալլըն․ — Կամ Պանք Օթօմանի վրայ չէք մը բերած է։

ՏԵՍԻԼ Ժ․

ՆՈՅՆՔ, ԲԱՐԻ ՈԳԻՆ

Բարի ոգին․ — Բարեւ, բացակայութեանս ատեն սիրտդ չնեղացաւ ա՛…

Զավալլըն․ — Չէ՜, միւսիւներուն հետ կը խօսակցէի, ապագային համար ծրագիրներ կը պատրաստէի։

Բարի ոգին․ — Վա՛՜յ…

Զավալլըն․ — Դեռ աղէկ մը չորոշեցի ինչ ընեիքս։

Բարի ոգին․ — Զտւակս հիմա կʼորոշես (իրեն 30 գրուշ կուտայ) ա՛ռ նայինք հաշիւդ, զավալլը մարդ։

Զավալլըն (ապուշ ապուշ դրամներուն նայելով)․ — Ին՞չ… ի՞նչ է սա…

Բարի ոգին․ — 30 գրուշ է ամբողջ հաշիւդ…։

Զավալլըն․ — Ամբողջ հաշիւս… երեսո՛ւն գրուշ… միա՜յին երեսուն գրուշ։

Բարի ոգին․ — Այո՛, զավալլը մարդ, կենաց գիրքին մէջ հաշիւդ նայեցայ, մէկուկէս օր ունիս ապրելիք, օրը մէկ մէճիտէն երեսուն գրուշ չընե՞ր…

Զավալլըն — Երեսուն գրուշ… մէկուկէս օ՜ր…

Բարի ոգին․ — Այո՛, օրը մէկ մէճիտէն մէկուկէս օր… այսքան դժուա՞ր է հաշիւը… մե՜ղք որ այսքան տարուան հաշուակալ մըն ես։

Զավալլըն (պահ մը ապուշ ապուշ Բարի ոգիին ու Յակոբին կը նայի, յետոյ վճռաբար)․ — Այո՛, հասկցայ մէկ ու կէս օր ունիմ ապրելիք… ծօ Յակոբ, ա՛ռ սա մէճիտը հին շիշէ տիւզ ու շնորհքով մէզէ շիտկէ բեր… միւսիւ Կոմիտաս դուն ալ աթոռդ առ սեղանիս մօտեցիր… Յակո՛բ դուն ալ եկուր միասին խմենք (Բարի ոգին կը պատրաստուի մեկնելու, Զավալլըն օձիքէն կը բռնէ) չէ՛, անանկ բան չըլլար, դուն ալ պիտի նստիս, մեզի հետ պիտի ճնկես, քէյֆ մը պիտի ընենք վերջին եւ առաջին անգամ…։

(ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ ԿʼԻՋՆԷ)

ՎԵՐՋ