[[Կատեգորիա:Արձակ]]
Առօրեայ մտահոգութիւն
«Ժուժկալ Նպարավաճառ» Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս, ռունգերուն մէջ մխրճեց բթամատներուն մինչեւ այն մասերը, որոնք մարդակազմութեան մէջ <i>Ֆալանժին<ref><b>Ֆալանժ(ին) կոճ, մատնոսկը (ֆրանս․ phalangine, phalange)</b></ref></i> կը կոչուին։ Երկա՜ր երկար քիթը խառնեց Քիր Պօտոս Եուվանօփուլօս, ու յետոյ, դիմացի պատէն կախուած նկարին նայեցաւ։ Այս տեսակ նկարներու յաճախ կարելի էր հանդիպիլ հին նպարավաճառներու խանութներուն մէջ։ Նկարը երկու մասէ կը բաղկանար։ Առաջին մասը ցոյց կու տար գէր մարդ մը, որ ոտքը ոտքին վրայ դրած նստեր էր աթոռին վրայ, դրամարկղի մը քով։ Դրամարկղը բերնէ բերան լեցուն էր դրամով եւ նկարին վերի կողմը սապէս արձանագրութիւն մը կար․ «Կանխիկ ծախողը այսպէս կʼըլլայ»։ Ասոր քով ուրիշ նկար մը, նիհար, փճացած մարդ մը՝ գլուխը ձեռքերուն մէջ առած, պարապ դրամարկղ մը եւ պարապ խանութի մէջ վազվզող մկներ։ Այս նկարին վերի կողմն ալ կար սապէս արձանագրութիւն մը․ «Ահաւասիկ ապառիկ տուողին վիճակը»։