— Ես լաւագոյնը պիտի ըսեմ․— հաւանական է։ Եւ հիմա կը հասկնանք թէ այս նոր պարագան ո՛րչափ ստիպողական է եւ ինչո՛ւ երիտասարդ Օբէնշոյի յանձնարարեցի հսկել իր անձին վրայ։ Աղէտը միշտ զոհերուն գլխին եկած է նամակը ղրկողին ճամբորդութեան համար անհրաժեշտ եղած ժամանակին լրանալէն ետք։ Վերջին նամակը Լոնտոնէն կուգայ։ Ուստի պէտք չէ որ երկար ատեն սպասենք։
— Տէ՛ր Աստուած, պոռացի, Ի՞նչ կրնայ նշանակել ուրեմն այս կատաղի հալածանքը։
— Օբէնշոյի քովը գտնուած թուղթերը անշուշտ շատ կարեւոր են այն անձին կամ անձերուն համար, որոնք առագաստանաւին մէջ կը գտնուին։ Կրնամ հաւաստել թէ այդ անձերը քանի մը հոգի էին։ Միակ մարդ մը պիտի չկրնար երկու սպանութիւններու հեղինակը ըլլալ ու այդ կերպով խաբել երդուեալ դատաւորները։ Ուստի ոճրագործները մէկէ աւելի էին, ամենքն ալ միջոցներ ունեցող հաստատամիտ մարդեր։ Կʼուզեն այդ թուղթերը ունենալ, որո՛ւ քով ալ որ գտնուին անոնք։ Այս կերպով Ք․ Ք․ Ք․ չի ներկայացներ միակ անհատի մը սկբնատառերը, այլ ընկերակցութեան մը խորհրդանշանն է։
— Բայց ո՞ր ընկերակցութեան։
— «Քիւ Քլիւքս Քլան»ի խօսքը լսա՞ծ էք երբեք, ըսաւ Հօլմս ցած ձայնով։
— Ո՛չ, երբեք։
Հօլմս իր գիրքը թղթատեց։
— Տեսէք՝ ահաւասիկ․ «Քիւ Քլիւքս Քլան», կʼըսէ․— Այս անունը ծագում առած է ուշագրաւ նմանութենէն, զոր ունի <i>քարապինա</i>յի մը ձայնի հետ։ Այս սոսկալի գաղտնի ընկերութիւնը քաղաքային պատերազմէն ետք հարաւային Նահանգներուն մէջ կազմուեցաւ քանի մը նախկին պաշտօնակիցներու կողմէ եւ շատ չանցած, ճիւղեր ունեցաւ զանազան գաւառներու, մանաւանդ Թէնըսիի, Լուիզիանայի, Քառօւիններուն եւ Ֆլօրիտայի մէջ։ Քաղաքական ոյժ մը ունէր, սեւամորթ ընտրողները կʼահաբեկէր եւ կʼանհետացնէր կամ երկրէն կը վտարէր ամէն անոնք որ իր ծրագիրներուն արգելք կʼըլլային։ Այս ընկերութեան անդամները, զարնելէ առաջ, մքածին բայց դիւրաւ ճանչցուելիք ձեւի մը տակ նամակ մը կը ղրկէին որոշուած զոհին, մերթ կաղնիի տերեւի ընձիւղ մը, մերթ սեխի կամ նարինջի կուտեր։ Այս ազդարարութիւնը ստանալով, զոհը պարտաւոր էր կա՛մ իր ապրելու եղանակը փոխել, կամ երկրէն փախչիլ։ Եթէ սպառնալիքին կարեւորութիւն չտար, անվրէպ իրեն կը սպասէր մահը, —եւ միշտ տարօրինակ, անակնկալ մահ մը։ Այս ընկերութիւնը այնչափ լաւ կազմակերպուած էր եւ այնչափ մէթոտիկ կանոններ ունէր որ հազիւ մէկ պարագայի մէջ մարդ մը կրցած է անպատիժ կերպով դիմագրաւել անոր եւ կամ թէ կարելի եղած է ոճիրի մը հեղինակներուն հետքը գտնել։ Քանի մը տարի առաջ այս ընկերութիւնը իր յաջողութեան գագաթնակէտին հասած էր հարաւային Նահանգներու կառավարութեան եւ բարձր դասին ջանքերուն հակառակ։ 1869ին, ընկերակցութիւնը յանկարծ լուծուեցաւ։ Սակայն վերակազմութեան մասնակի փորձեր եղան այդ թուականէն ի վեր»։
— Պիտի դիտէք թէ, ըսաւ Հօլմս հատորը վար դնելով, այս ընկերութեան յանկարծական լուծումը կը զուգադիպի անհետացմանը հետ Օբէնշոյի, որ Ամերիկայէն հեռացաւ թուղթերը միասին առնելով։ Պատճառ եւ արդիւնք միեւնոյն ատեն կրնային գտնուիլ ասոր մէջ։ Զարմանալի չէ որ անողոք ոգիներ անդադար կը հալածեն Օբէնշօ ընտանիքին անդամները։ Կը հասկնաք թէ այդ տոմարը եւ յուշատետրը կրնան վտանգել Հարաւի երեւելիներէն մէկ քանին եւ թէ անոնցմէ շատեր պիտի չքնանան որչափ ատեն որ այս թուղթերը իրենց ձեռքը չըլլան։
— Ուրեմն մեր տեսած է՞ջը…
— Ճիշդ ան է, զոր կրնայինք ենթադրել։ Եթէ լաւ կը յիշեմ, անոր մէջ գտնուած էր «Կուտերը ղրկուած Ա․ին, Բ․ին եւ Գ․ին», ինչ որ ըսել կʼուզէ թէ ընկերութեան ազդարարութիւնները ղրկուած են Ա․ին, Բ․ին եւ Գ․ին։ Յետոյ կայ սա ծանօթութիւնը․ «Ա․ եւ Բ․ անհետացան կամ երկրէն մեկնեցան»։ Գալով Գ․ին կը վախնամ թէ տխուր վախճան մը ունենայ։ Է՛ ուրեմն, հիմա կը կարծեմ, տո՛քդոր, թէ կրնանք քիչ մը լոյս ձգել այս մթին պատմութեան վրայ եւ թէ երիտասարդ Օբէնշոյի համար փրկութեան միակ հնարաւորութիւնն է ընել ինչ որ ըսի իրեն։ Այս իրիկուան համար ուրիշ բան չկայ։ Ջութակս տուէք ինծի եւ փորձենք կէս ժամու չափ մոռնալ դուրսի սա խիստ տխուր օդը եւ մարդկային ցեղին ո՛չ նուազ ողբալի կիրքերը։
Առտուն օդը բացուած էր եւ արեւը երկչոտ պայծառութիւնով մը կը փայլէր մեծ քաղաքը ծածկող ամպամած քօղին մէջէն։ Շէրլօք Հօլմս արդէն սեղան նստած էր երբ վար իջայ։
— Ներեցէք որ ձեզի չսպասեցի, ըսաւ։ Կʼենթադրեմ թէ այսօր երիտասարդ Օբէնշոյի գործին ուսումնասիրութեամբ պիտի անցընեմ օրս։
— Ի՞նչ ընթացքի պիտի հետեւիք, հարցուցի։
— Ատիկա առաջին հետազօտութիւններուս արդիւնքէն կախում պիտի ունենայ։ Կրնայ ըլլալ որ Հօրշէյմ երթամ։
— Ամէնէն առաջ հոն պիտի չերթա՞ք։
— Ո՛չ, Լոնտոնէն պիտի սկսիմ… Սպասուհին կանչեցէք որ ձեր սուրճը բերէ։
Հիմակուհիմա բացի սեղանին վրայ դրուած թերթերէն մէկը եւ ակնարկ մը ձգեցի վրան։ Ուշադրութիւնս գրաւեց յօդուած մը, որ սարսուռ պատճառեց ինծի։
— Հօ՛լմս, շատ ուշ մնացիք, ըսի։
— Ա՛հ, պատասխանեց գաւաթը վար դնելով, ատկէ կը վախնայի։ Ի՞նչպէս եղեր է։
Հօլմս, ինքզինքը շատ հանդարտ ցոյց տալով մէկտեղ, խիստ յուզուած էր։
Ակնարկս հանդիպեցաւ Օբէնշօ անունին եւ սա խորագրին․ «Տռամ՝ Վաթէրլոյի կամուրջին վրայ»։ Ահաւասիկ յօդուածը․
«Երէկ գիշեր, ժամը 9ին եւ 10ին միջոցները, ոստիկան Քուք, որ Վաթերլոյի կամուրջին մօտ պահակ կը սպասէր, օգնութեան կոչ մը եւ ջուրին խորը երթալու ձայն մը լսեց։ Գիշերը մթին էր, կատաղի փոթորիկ մը կը տիրէր եւ քանի մը անցորդներու օգնութեան հակառակ, կարելի չեղաւ ազատարարութեան գործը յաջողցնել։ Սակայն իրարանցումին նշանը տրուեցաւ եւ քարափի ոստիկանութիւնը յաջողեցաւ ցամաք հանել մարմինը Օբէնշօ անուն երիտասարդի մը, որ Հօրշէյմ կը բնակի, ինչպէս կը հաստատէ իր գրպանին մէջ գտնուած պահարան մը։ Կʼենթադրուի թէ Վաթէրլոյի կայարանին մէջ վերջին կառախումբին հասնելու աճապարանքով եւ մթութեան շնորհիւ ճամբան շուարած է եւ նաւերը կապելու ծառայող կամրջակի մը ծայրէն անցած է։ Մարմինին վրայ բռնութեան ո՛ եւ է հետք չըլլալով, բացայայտ կʼերեւի թէ հանգուցեալը զոհ եղած է աղետալի արկածի մը։ Այս դժբախտութիւնը պէտք է որ իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրէ կամրջակներու ձախող դիրքին վրայ»։
Քանի մը վայրկեան անշարժ եւ լուռ մնացինք։ Հօլմս առաջուընէ աւելի յուզուած էր։
— Ի՜նչ ձախողութիւն իմ արժանապատուութեանս համար, Ուօ՛թսըն, ըսաւ վերջապէս։ Ասիկա շատ փափուկ զգացում մըն է, կը խոստովանիմ, բայց հպարտութիւնս կը վիրաւորուի։ Անձնական գործ մը կʼընեմ ասիկա եւ եթէ Աստուած կեանք տայ ինծի, այդ խումբը ձեռք պիտի անցընեմ։ Եւ ըսել թէ այդ երիտասարդը իմ օգնութիւնս խնդրելու եկած էր ու ես դէպ ի մա՜հ ղրկեցի զայն։
Յանկարծ ելաւ թիկնաթոռէն եւ սենեակին մէջ վեր վար պտտեցաւ փութկոտ քայլով մը։ Դեղնած այտերուն վրայ թեթեւ կարմրութիւն մը կար։ Իր երկար ու նիհար ձեռքերը կը կծկուէին ջղաձգօրէն։
— Այդ մարդիկը խորամանկ թշուառականներ եղած ըլլալու են որ այս թակարդին մէջ ձգէին զայն, ըսաւ։ Գետին եզերքը կայարանին հետ ուղիղ գիծի վրայ չի գտնուիր։ Նոյն իսկ գիշերուան այդ ժամուն շատ մարդ կʼանցնէր կամուրջէն, որով չէին կրնար գործադրել իրենց ծրագիրը։ Է՛ ուրեմն, Ուօ՛թսըն, պիտի տեսնենք թէ ո՛վ պիտի շահի այս պայքարը։ Անմիջապէս դուրս կʼելլեմ։
— Ոստիկանութեա՞ն դիմելու համար։
— Ո՛չ, ես ինծի կը բաւեմ։ Երբ ցանցս պատրաստեմ, որսը բռնելու մասին վստահ պիտի ըլլամ, բայց ոչ անկէ առաջ։
Ամբողջ օրը գործերովս զբաղեցայ եւ ուշ էր երբ Պէյքըր Սթրիթ դարձայ։ Հօլմս եկած չէր տակաւին։ Վերջապէս, ժամը 10ին միջոցները դարձաւ տժգոյն եւ ուժասպառ։ Ուղղակի <i>պիւֆէ</i>ն գնաց, կտոր մը հաց կտրեց եւ կերաւ անյագօրէն։ Յետոյ խոշոր գաւաթ մը ջուր խմեց։
— Անօթի՞ էք, ըսի։
— Չափազանց։ Նախաճաշէն ի վեր բերանս բան մը չեմ դրած։
— Բան մը չէ՞ք դրած։
— Ո՛չ։ Եւ յետոյ ժամանակ չունէի ատոր վրայ խորհելու։
— Է՛ ուրեմն, յաջողեցա՞ք։
— Այո՛, անշո՛ւշտ։
— Հետք գտա՞ք։
— Ափիս մէջն է։ Քիչ ատենէն պիտի լուծուի երիտասարդ Օբէնշոյի վրէժը։ Իրենց յատուկ դիւային նշանով պիտի դրոշմենք զիրենք։ Աղէկ հնարուած է, այնպէս չէ՞։
— Ի՞նչ ըսել կʼուզէք։
Նարինջ մը առաւ, բացաւ եւ կուտերը սեղանին վրայ դրաւ։ Անոնցմէ հինգ հատ ընտրելով, պահարանի մը մէջ դրաւ եւ ստորոտը գրեց․ «Շ․ Հ․, վասն Ճ․ Օ․ի»։ Յետոյ կնքեց եւ հետեւեալ հասցէն գրեց․
«Նաւապետ Ճէյմս Քօլում, <i>Լօն Սթար</i> նաւ, Սէվէննա»։
— Այո, նամակը իրեն պիտի յանձնուի նաւահանգիստ մտած ատեն, ըսաւ հեգնօրէն, եւ պիտի կրնայ անոր քունը փախցնել։ Իր ճակատագրին յառաճընթացը պիտի ըլլայ, ինչպէս եղաւ Օբէնշոյի համար։
— Ո՞վ է այդ նաւապետ Քօլումը։
— Խումբին պետը։ Միւսներն ալ ձեռք պիտի ձգեմ, բայց նախ՝ անիկա։
— Հետքը ի՞նչպէս գտաք։
Հօլմս գրպանէն լայն թուղթ մը հանեց, որ թուականներով եւ անուններով ծածկուած էր ամբողջովին։
— Ամբողջ օրը անցուցի, ըսաւ, Լօյտի տոմարները եւ հին թուղթերու դէզեր քննելով։ Հետեւեցայ բոլոր նաւերուն, որ Փետրուարին Բօնտիշէրի հանդիպման էին։ Քիչ տարողութեամբ 3Ե նաւեր արձանագրուած են վերջին ամիսներուն այդ քաղաքին տոմարներուն մէջ։ Նաւերէն մէկը՝ <i>Լօն Սթար</i>՝ անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց (թէեւ, ըստ տօմարներուն, Լոնտոնէն գուգայ), վասն զի անոր անունը ամերիկեան Նահանգներէն մէկուն անունն է։
— Կարծեմ Թէքսասն է։
Չեմ կրնար հաւաստել, բայց վստահ եմ թէ ամերիկեան ծագում ունի։
— Է՛, ե՞տքը։
— Տընտիի տոմարները պրպտեցի ու երբ տեսայ որ <i>Լօն Սթար 15</i> Յունուարին այդ նաւահանգիստը կը գտնուէր, ենթադրութիւնս ստուգութեան փոխուեցաւ։ Յետոյ աչքէ անցուցի ցանկը այն նաւերուն, որոնք այժմ Լոնտոնի նաւահանգիստը կը գտնուին։
— Ե՞տքը։
— <i>Լօն Սթար</i> անցեալ շաբթու հասած է։ «Ալպէր Տօք»ը գացի ու իմացայ թէ նաւը այս առտու իսկ գետէն իջած էր, ճամբայ ելլելով դէպ ի Սէվէննա։ Կրէյվսէնդ հեռագրեցի եւ իմացայ թէ արդէն բացերը կը գտնուէր ան։ Հովը արեւելքէն ըլլալով, <i>Լօն Սթար</i> հիմակ անցած է Կուտվէնսէն եւ Հուայթ կղզիին մօտեցած ըլլալու է։
— Ի՞նչ պիտի ընէք ուրեմն։
— Հոգ մի՛ ընէք․ ես անոնց օձիքը չեմ ձգեր։ Գիտեմ թէ նաւուն մէջ գտնուող միակ Ամերիկացիներն են նաւապետը եւ երկու օգնականները։ Միւսները Դանիացի եւ Գերմանացի են։ Գիտեմ նաեւ թէ երեքն ալ ցամաք ելած են երէկ գիշեր։ Ասիկա լսեցի այն մարդէն որ նաւուն մէջ բեռները զետեղելու օգնած է։ Իրենց նաւը Սէվէննա հասնելէ առաջ իմ նամակս թղթատարական կառքով իր հասցէին պիտի ժամանէ եւ Սէվէննայի ոստիկանութիւնը պիտի գիտնայ թէ այդ երեք պարոնները իբր ոճրագործ ամբաստանուած են։
Ինչպէս միշտ, մարդկային ծրագիրները տեղ մը պակասութիւն կʼունենան եւ Ճօն Օբէնշոյի սպանիչները երբեք չստանան նարինջի կուտերը, որոնք պիտի յայտնէին իրենց թէ իրենց չափ հաստատամիտ եւ յանդուգն մարդ մը յաջողած էր երեւան հանել ամէն բան։
<i>Լօն Սթար</i> փոթորիկի բռնուելով ընկղմած էր եւ մէջը գըտնուողներուն ամենքն ալ խեղդուած էին։
Վ Ե Ր Ջ