Վերջին թարմացում 17 Ապրիլի 2016, 14:57

Վէպը

Վէպը

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Երբ արթնցաւ, ձեղնայարկի իր փոքր սենեակին միակ պատուհանէն տեսաւ որ արեւը բաւական բարձրացեր էր։ Ժամացոյցին նայեցաւ․ եօթուկէսն էր։

— Է՜հ, ալ ելլելու է, ըսաւ ինքնիրեն։ Այսօր ուրիշ օրուան չի նմանիր։ Ժամը ութին խմբագրատուն գտնուելու եմ։

Գրագէտ մըն էր ան։ Կամ աւելի ճիշդը՝ վիպագիր մը։ Գրիգոր Պօղոսեանը։ Ու հիմա նախընթաց օր լրացուցած մէկ վէպը օրաթերթի մը խմբագրատունը տանելու համար հապճեպով կը հագուէր։

Երկու վայրկեանի մէջ հագաւ իր տաբատը, զոր արդուկելու համար անկողնին տակը դրած էր։ Յետոյ, մեքենաբար, շապիկը ու աւելի վերջ ալ չքակուած փողկապը վիզը անցընելով օղակը սեղմեց։

Քամինաթոյին[1] վրայ —ինչպէս սովորութիւն ըրած էր ամէն առաւօտ— սուրճը դրաւ ու մինչեւ անոր եփիլը, նախորդ իրիկուն լրացուցած վէպը ձեռքը առաւ ու անգամ մը եւս աչքէ անցուց։

— Շատ յաջողած է, ըսաւ ինքնիրեն, շա՛տ յաջող։ Թերեւս գլուխ գործոց մը իսկ նկատուի։ Է՜հ, որքան բծախնդիր գտնուեցայ այս վէպին համար, տակաւին չըլլա՞յ։

Չորս ամիս ամբողջ գիշեր ցերեկ տքնաջան աշխատեր էր այդ գործին վրայ։ Ու հիմա, իր բոլոր յոյսերուն իրականացումը անկէ կախում ունէր։

— Գլուխ գործոց մըն է, կʼըսէր այն մտովի, իսկական գլուխ գործոց մը։ Վստահ եմ որ այս վէպը համբաւի իսկ պիտի տիրացնէ զիս։

Սանդուխները հապճեպով իջաւ։ Փողոցին դուռը գոցելու ատեն փորին մէջ ցաւ մը զգաց։ Ստամոքսը կը ճմլուէր կարծես։ Յետոյ սարսռալով յիշեց որ երէկ կէսօրուընէ ի վեր բան մը կերած չէր։

Փողոցին անկիւնը դարձած միջոցին գրպանէն սիկառ մը հանելով վառեց։ Յետոյ, տուփին մէջ մնացածները համրեց։ Եօթը հատ կար տակաւին։ Է՜հ, բաւական բան մըն էր։ Պահ մը մոռցաւ ստամոքսին դատարկութիւնը ու բերնին սիկառէն երկար երկար քաշելով քալեց։

Այս մտածումներով պողոտան ելաւ։ Հինգ վայրկեանի չափ քալեց։ Յետոյ դարձեալ նեղ փողոց մը մտաւ, յիսուն վաթսուն քայլ գնաց ու դարձեալ աջ դարձաւ։ Քարաշէն շէնքի մը առջեւ կանգ առաւ։ Սիկառէն վերջին շունչ մըն ալ քաշեց։ Յետոյ սիկառը գետին նետեց ու վրան կոխելով մարեց։ Տաբատին վրայի փոշիները թօթուեց, վիզին փողկապն ու պեխերը շտկեց․ քանի մը անգամ թեթեւօրէն հազաց․ յետոյ, դարձեալ երգելու պատրաստուող երգիչի մը պէս միջնամատովն ու բթամատովն օձիքը բռնեց, վիզը քանի մը անգամ աջ ձախ դարձուց ու սկսաւ սանդուխները ելլել։

Երկրորդ յարկը կանգ առաւ․ յետոյ ձախ կողմի բաց դռնէն ներս մտաւ։ Աշխատող գրաշարներուն քովէն անցնելով, ճամբուն վրայ շաղակրատող գրաշարուհիէ մը ճամբայ խնդրեց եւ աջ ձեռքին մէջ նամակը ծալլելով խմբագրապետին սենեակին դուռը զարկաւ։

Բոլոր ասոնք մեքենաբար եղած էին։ Որովհետեւ անոր միտքը տունէն ի վեր միեւնոյն հաշիւներով, գումարներով ու հանումներով զբաղած էր։

«Մտէ՛ք»ի պատասխանին վրայ դուռը կամաց մը բացաւ ու ներս մտաւ։ Իննսուն աստիճաննոց խոնարհութեամբ մը բարեւեց թերթին տնօրէնը ու գրպանէն հանած թուղթի ծրարը անոր տալով երեք չորս քայլ ետ քաշուեցաւ, դրան քով սպասեց։

Մարդը երկար երկար կարդաց այս գրութիւնը, մերթ՝ յօնքերը պռստած, մերթ անտարբեր։ Ու Գրիգոր Պօղոսեան, անոր այս բոլոր շարժումներուն հետեւեցաւ միշտ նոյն զգացումներէն տարուած։ Սիրտը ուժգնօրէն կը տրոփէր ու կարծես կը սպառնար պատռել իր հինուկ շապիկը, որուն վրայ արդէն կարկտան բռնելիք վիճակ իսկ չէր մնացած։

— Այս ի՞նչ տեսակ գրութիւն է, եղբայր, ըսաւ մարդը յանկարծ թուղթերը սեղանին վրայէն դէպի անոր հրելով։ Եւ ամէն մեղքիս վրայ՝ մէկ ալ «քաղուած իրական կեանքէ» գրեր ես։ Ո՞ւր կʼապրինք բարեկամ։ Ո՞ր դարուն մէջ ենք, ու դուն քսաներորդ դարուն գրեցիր ասիկա։

Յետոյ թուղթերուն մէջէն թերթ մը քաշելով՝ հո՛ս նայէ, ըսաւ ու սկսաւ կարդալ․

Հազիւ երիտասարդին ու աղջկան շրթները հպեր էին իրարու, երբ դուռը բացուեցաւ յանկարծ ու տղուն հօրեղբայրը երեւաց սեմին վրայ։ Երկուքն ալ գողութեան վրայ բռնուած կատուի մը պէս շուարեցան։

— Անպիտաննե՜ր, ըսաւ հօրեղբայրը կեղծ յանդիմանութեամբ մը։ Վերջապէս բռնեցի ձեզ։

Եւ անկէ վերջ ուրիշ թերթ մը առնելով շարունակեց․

— Երիտասարդը ամէն բան պատմեց իր հօրեղբօրը, սկիզբէն մինչեւ վերջը ու ըսաւ թէ աղջկան եւ իր ծնողքին նիւթական վիճակին միջեւ գտնուած տարբերութիւնն էր որ զիրենք ստիպեր էր այս գաղտնի սիրաբանութեան։ Եւ հօրեղբայրը յուզուած այս խօսքերէն՝ պատասխանեց․

— Իմ քանի՞ օրուան կեանքս մնաց սա աշխարհիս վրայ, զաւա՛կս, դրամը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի սիրողին համար։ Ալ ասկէ վերջ ձե՛րն են իմ բոլոր ունեցածներս…

— Ա՞յս է իրական կեանքը։ Ո՞ւր է ոճիրը, գողութիւնը, իւրացումը, վրէժը կամ նախանձը։ Ուր որ է՝ երկինքէն երեք հատ ալ խնձոր պիտի իյնայ․ մէկը գրողին, միւսը բերողին ու միւսն ալ… փուտ պիտի ելլէ։

Գրիգոր Պօղոսեանի աչքին առջեւէն երկվայրկեանի մը համար սպառնալից շարժումներով անցան տանտէրն ու նպարավաճառը։ Յետոյ տեսաւ բարեկամներէն մէկուն քով տասը ոսկիի փոխարէն աւանդ ձգած վերարկուն, որ կարծես «մնաք բարով» կʼըսեր իրեն։ Այն վերարկուն, որ գնուած օրէն ի վեր հաւատարմօրէն ծածկեր էր իր հինուկ տաբատին մաշած յետսամասը։ Այն վերարկուն, որ ձմեռը պատռտած վերմակին դերը կʼամբողջացնէր։ Եւ ամենէն կարեւորը, յաճախ զայն կը ձգէր այս կամ այն բարեկամին, ամէն անգամ որ դրամի պէտք ունենար։ Զայն կորսնցնելու պարագային, ասոնցմէ եւ ո՛չ մէկը կարելի պիտի ըլլար ապահովել։

Ճարահատ ու վարանոտ՝ հարցուց․

— Գոնէ առ հաշիւ կարելի չէ՞ր արդեօք քիչ մը դրամ տալ։

— Առ հաշի՞ւ, հարցուց մարդը․ առ ինչի՞։

Յետոյ աւելցուց․

— Լա՛ւ։ Առէք սա տասը ոսկին, այս գրութիւնն ալ առէք․ թերեւս յաջողիք վերջերը շտկել։ Սակայն մի՛ մոռնաք որ ուր որ է քսաներորդ դարուն երկրորդ կէսը կը մտնենք եւ քաղաքակրթութիւնը այսօր հասած է իր զէնիթին։ Այնպէս որ, գրութիւն մը «իրական կեանքէ քաղուած» ըլլալու համար, պէտք է որ այս ըսածներէս մաս մը անպայման գտնուի անոր մէջ։

Գրիգոր Պօղոսեան չպատասխանեց։ Մօտեցաւ․ նախ թուղթերը առաւ, ծալլեց ու գրպանը դրաւ։ Յետոյ տասը ոսկին առաւ․ դարձեալ իննսուն աստիճաննոց խոնարհութիւն մը ընելէ վերջ, հինգ վայրկեան առաջ կատարուած գործողութիւններուն ճիշդ հակառակը ընելով, փողոց ելաւ։

Դրան առջեւ, հոն ուր նետած էր սիկառը, տուփէն սիկառ մը եւս հանելով վառեց․ յետոյ ձախ դարձաւ ու քիչ մը յառաջանալէ յատոյ պողոտան ելաւ։

— Ոճի՜ր, իւրացո՜ւմ, ո՜խ, վրէ՛ժ, կը մտածէր ինքնիրեն։ Հը՜մ, ասոնք պիտի կշտացնեն զիս… ի՜նչ տարօրինակ աշխարհ։

— Քսաներորդ դարու երկրորդ կէսը կը մտնենք, աւելցուց։ Եւ այսօր քաղաքակրթութիւնը հասած է իր զէնիթին։

Վճռական որոշումով մը ուղղութիւնը փոխեց ու մտաւ այն նեղ փողոցներէն մին, ուր կը գտնուին կապելաներն ու ձկնորսներու սրճարանները։ Օրերով ձովերուն վրայ մնացած ձկնորսներուն առաջին հանգրուանը կʼըլլան յաճախ այս Բագոսի Սրճարանները[2]․ հոս օրուան գրեթէ քսանչորս ժամը միշտ կարելի է տեսնել ու լսել մարդոց ու հայհոյանքներուն ամենէն տարօրինակն ու ամենէն գռեհիկը։ Երգը, հայհոյանքն ու միւս աղմուկները, բոլորն ալ իրար կը խառնուին հոս ու մէկ ձայն միայն կու գայ մարդուս ականջին․ խուլ ժխոր մը։

Մէկ երկու գաւաթ խմելու բուռն տենչանքով մը այս կապելաներէն մէկը մտնելով սեղանի մը առջեւ նստեցաւ ու գաւաթ մը գինի ապսպրեց։ Առաջին գաւաթին յաջորդեց երկրորդ մը եւ այսպէս ուրիշները…

Գլուխը բաւական տաքցած էր արդէն, երբ յիշեց որ դեռ ճամբայ ունէր երթալիք։

Գինեպանէն հաշիւը հարցուց ու մինչ մարդը հաշիւը կʼընէր, Գրիգոր Պօղոսեան հարցուց․

— Ինչպէ՞ս են գործերը։

— Է՜հ, գէշ չեն։ Փա՜ռք Աստուծոյ։ Սակայն դժուար է բարեկա՛մ, դժուա՛ր այս բոլորին խօսք հասկցնել… Ձկնորսէն բռնէ մինչեւ նաւավարը, ամէնքն ալ մէյմէկ տեսակ։

— Գոնէ ձերինին մէջ ոճիր եւ գողութիւն չկայ, ըսաւ Գրիգոր Պօղոսեան իր ասպարէզը յիշելով։ Այո՛, դուք գոնէ սպաննելու ստիպուած չէք։ Մինչ ես… ստիպուած եմ սպաննելու, բարեկա՛մ։ Բոլո՛րն ալ․ անխնայօրէն… աղջիկն ալ, տղան ալ, տղուն հօրեղբայրն ու աղջկան մայրն ալ։ Եւ ասոնց բոլորն ալ մէկ գիշերուան մէջ ստիպուած եմ ընելու։ Դիւրին գործ չէ, բարեկա՛մ։ Այս գիշեր… այո։ Բայց ի՞նչ ընեմ։ Ապրելու համար ուտել պէտք է։

— Ուրեմն ձեր որոշումը այդքան վճռակա՞ն է, հարցուց գինեպանը վրդոված ու քիչ մըն ալ յաճախորդին յարմարելու սովորութենէն մղուած։ Եւ գործադրութիւնն ալ այդքան մօ՞տ է։

— Այո՛, այո՛, այս գիշեր իսկ… տուն երթալուս պէս պիտի ընեմ այս բանը։

Յետոյ մարդուն աւելի մօտենալով, ցած ձայնով հարցուց․

— Սիրող աղջիկ մը ի՞նչպէս մեռցնելու է, որ ամենէն եղերականը ըլլայ մահերուն։

— Ես չեմ հասկնար այդպէս բաներէ, պատասխանեց գինեպանը զարհուրած ու դողդողալով։

— Հապա հարուստ հօրեղբա՞յր մը, հարցուց վիպագիրը։

— Կʼերեւի, դուք դրամի համար պիտի սպաննէք, մռլտաց խեղճ մարդուկը սարսափահար…։ Օ՜հ, Աստուած իմ…։

Անկէ վերջն ալ շարժեցան շրթունքները, սակայն անիմաստ խօսքեր ու ակռաներուն իրար զարնուելէն գոյացած ձայներ միայն դուրս եկան անկէ։

— Կʼերեւի, դուն ալ ինձմէ շատ խմած ես, ըսաւ Գրիգոր Պօղոսեան սրտնեղած ու դուրս նետուեցաւ։

Ինչպէս տուն գալը չենք գիտեր։ Միայն յաջորդ առաւօտ տանտիրուհին երբ տեսաւ որ մինչեւ կէսօր ձայն չելաւ անոր սենեակէն, վեր ելլելով դուռը զարկաւ։ Պատասխան չառաւ․ դարձեալ զարկաւ ու արդիւնքը նոյնը եղաւ։ Յետոյ դուռը բացաւ ու ներս մտաւ։

Ան կը քնանար տաւակին․ քովը գնաց, ըսելու համար թէ կէսօր կʼըլլայ։ Բայց երբ ձեռքը դպաւ վերմակին, զգաց որ կարծրացեր էր անոր մարմինը ու խուլ ճիչ մը արձակեց։

Մեռած էր։

Սեղանին վրայ պատռուած թուղթերկային։ Իսկ միւս անկիւնը՝ նոր գրուած ուրիշ քանի մը թերթ։

Վէպին սրբագրուած մասն էր ասիկա, զոր գրեր էր վիպագիրը, պատշաճ քսաներորդ դարու երկրորդ կիսուն նախօրեակին գտնուող մարդոց եւ իր զէնիթին հասած քաղաքակրթութեան մը։

Սրբագրուած մասին մէջ մեռած էին վէպին բոլոր հերոսները։ Դրամօժիտի խնդիրն երեսէն տղուն եւ աղջկան միջեւ ծագած բուռն վիճաբանութեան մը ընթացքին աղջիկը տղուն գլխուն բան մը զարնելով տեղն ու տեղը սպաններ էր զայն։ Ճիշդ այդ միջոցին տղուն հօրեղբայրը եկեր ու այս տեսարանը տեսնելով իսկոյն հոգին աւանդած էր։

Աղջիկն ալ, շուարած, երբ կʼուզէր խոյս տալ անկէ, ոտքը դրան սեմին կառչելով գետին ինկեր ու գլուխը ջախջախուեր էր։

Գրիգոր Պօղոսեանի վէպը յաջողած էր։

Վստահ եւ յուսալից, լոյսը մարեց ու պառկեցաւ։ Սակայն երկար ժամանակ չկրցաւ քնանալ։ Տարօրինակ ցաւ մը զգաց կուրծքին տակ։ Յետոյ սիրտը սեղմուեցաւ։ Աչքերը մթագնեցին ու անշարժացաւ…։

Մեռեր էր։

Այսօր
10.04.1948
  1. 'քամինաթօ' մէջի ալքոլը վառելով աշխատող փոքր օճախ (իտալ․ caminetto)
  2. Բագոսի Սրճարաններ Թէ՛ սրճարան, թէ կապելայ (Բագոս կամ Դիոնիսոս՝ գինիի աստուածը)