Վեր դարձած շրթունքով մարդը

Գրապահարան-ից
02:37, 8 Նոյեմբերի 2016 տարբերակ, Noch (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Վեր դարձած շրթունքով մարդը

հեղինակ՝ Ա․ Գանօն Տօյլ
թարգմանիչ՝ Ժ․ Շ․
աղբյուր՝ «Շերլօք Հօլմսի Նոր Արկածները»

Իսա Ուիթնէյ, եղբայր հանգուցեալ Էլիէս Ուիթնէյի, տոքթոր աստուածաբանութեան, գլխաւոր ուսուցիչ Սէյնթ Ճօրճի աստուածաբանական վարժարանին, ինքզինքը հաշիշի տուած էր։ Կʼերեւայ թէ այս մոլութիւնը ստացաւ քօլէճին մէջ, ծիծաղելի չարաճճիութեան մը հետեւանքով։ Քուինսէյի երազներուն եւ զգայնութիւններուն նկարագրութիւնը կարդացած էր եւ միեւնոյն արդիւնքները յօգուտ իրեն առաջ բերելու համար, լօտանոսով (աֆիօն րուհու) ողողած էր իր ծխախոտը։ Ուրիշ շատերու պէս տեսաւ որ աւելի դիւրին է սովորութիւն մը ստանալ քան թէ ազատիլ անկէ եւ ինք որ յարգելի մարդ մը եղած էր, այդ կիրքին ազդեցութեան տակ քանի մը տարուան մէջ սոսկումի եւ կարեկցութեան առարկայ եղաւ իր ազգականներուն եւ բարեկամներուն համար։ Տակաւին կը տեսնեմ զայն, նստած, ինք իր վրայ ամփոփուելով։ Կը տեսնեմ իր դեղին եւ թանձրացած գոյնը, իր ծանր արտեւանունքները, իր բիբերը, որոնք գնդասեղի ծայրերու ծաւալը առած էին, —մէկ խօսքով աւերումի պատկերը։

Գիշեր մը, —1889 Յուլիսին էր—, դուռը զարկին գրեթէ ա՛յն ժամուն, ուր կարգապահ մարդ մը կը սկսի յօրանջել եւ ժամացոյցը կը նայի։ Աթոռին վրայ շտկուեցայ եւ կինս իր ձեռագործը ծունգերուն վրայ ձգեց, սրտնեղութենէն քիչ մը խոժոռած դէմքով։

— Յաճախորդ մը, ըսաւ։ Պիտի ստիպուիք դուրս ելլել։

Խորին հառաչանք մը արձակեցի, որովհետեւ այն օրը յոգնած էի եւ հանգիստի կը կարօտէի։

Դուռը բացուեցաւ։ Աճապարանքով արտասանուած քանի մը խօսք եւ նրբանցքին մէջ արագ ոտնաձայներ լսեցինք։ Սրահ մտցուցին մութգոյն շրջազգեստ մը հագած կին մը․ որուն դէմքը սեւ քօղի մը տակ ծածկուած էր։

— Ներեցէք այսչափ ուշ ատեն գալուս, ըսաւ։

Յետոյ, ինքզինքը չկրնալով զսպել, կնոջս գիրկը նետուեցաւ եւ անոր ուսին վրայ հեծկլտաց։

— Օ՛հ, ո՜րչափ դժբախտ եմ, ըսաւ։ Քիչ մը օգնութեան պէտք ունիմ։

— Ի՜նչպէս, ըսաւ կինս անոր քօղը վեր առնելով, բայց Քէյթ Ուիթնէ՜յն է ասիկա։ Ո՜րչափ վախցուցիք զիս, Քէ՛յթ։ Ներս մտած ատեննիդ բնաւ չճանչնցայ ձեզ։

— Սոսկալի կացութեան մը մէջ եմ։ Այլ եւս ի՛նչ ընելս չեմ գիտեր։ Ուստի ձեզ գտնելու եկայ։

Այս խօսքը նոր չէր ինծի համար։ Կինս վշտահաբներուն ապաւէնը եւ խորհրդատուն եղած էր երկար ատենէ ի վեր։

— Աղէկ ըրիք որ եկաք, ըսաւ անոր։ Քիչ մը ջուր եւ գինի խմեցէք կազդուրուելու համար։ Հանգստաւէտ աթոռի մը վրայ նստեցէք եւ ձեր վիշտը պատմեցէք ինծի։ Կʼուզէ՞ք որ Ժաք հեռանայ։

— Ո՛չ, ո՛չ, տոքդորին կարծիքին ու նաեւ օգնութեանը պէտք ունիմ։ Իսայի համար է։ Երկու օրէ ի վեր տուն դարձած չէ։ Կը վախնամ որ ցաւալի բան մը պատահած է անոր։

Առաջին անգամը չէր որ կը խօսէր մեզի իր ամուսինին հիւանդութեանը վրայ, ինծի՝ իբրեւ տոքդոր եւ կնոջս՝ իբրեւ դպրոցական վաղեմի բարեկամուհի։ Ամէն ջանք ըրինք զինքը հանդարտեցնելու եւ կազդուրելու համար, միեւնոյն ատեն հարումներ ընելով ամուսինին գտնուելիք տեղւոյն եւ զանիկա իր տունը վերադարձնելու կարելիութեան վրայ։

Ըսաւ թէ ստոյգ աղբիւրէ գիտէ որ իր վերջին տագնապին միջոցին Լոնտոնի արեւելեան թաղը գտնուած հաշիշի ծխարանի մը սովորական յաճախորդը եղած էր։ Մինչեւ այն ատեն իր շուայտութիւնները մէկ օրուան բացակայութեան մէջ կը սահմանափակուէին։ Իրիկունը կը դառնար գինով վիճակի մէջ։ Բայց այս անգամ 48 ժամէ ի վեր կը գտնուէր իր ցաւալի մոլութեան ազդեցութեան ներքեւ։ Եւ այդ ծխարանին մէջ պիտի գտնուէր, թոյն ներշնչելով կամ քնանալով, մինչեւ որ աֆիօնին ազդեցութիւնը անցնի եւ ասիկա՝ անարգ ու վատթար մարդոց միջեւ։ Դէպի «Ոսկի կապելան» էր, Ըբբըր Սուէնտէմ Լէնի մէջ, ուր պէտք էր ուղղել հետազօթիւնները։ Բայց ի՞նչ ընելու էր։ Երկչոտ կին մը ի՞նչպէս կրնար այդպիսի տեղ մը մտնել եւ ամուսինը հարկադրել որ սրիկաներու այդ որջէն մեկնի։

Այս էր իր այցելութեան նպատակը, յուսալով թէ պիտի կրնայի իրեն ընկերանալ այդ անիծեալ վայրին մէջ։ Յետոյ, կարծիքը փոխելով, նկատեց թէ վերջապէս իր ներկայութիւնը օգուտ մը չունէր եւ թէ ես՝ Իսա Ուիթնէյի բժշկական խորհրդատուն՝ աւելի ազդեցութիւն պիտի ունենայի անոր վրայ։ Լաւագոյն էր ուրեմն որ ես առանձին երթայի։ Խօսք տուի ամուսինը կառքով մը ղրկել իրեն, եթէ գտնէի զայն իր նշանակած տեղը։ Տասը վայրկեան ետք թիկնաթոռէս ելած եւ հանգստաւէտ սրահէս հեռացած էի կառքով դէպ ի քաղաքին արեւելակողմը երթալու համար տարօրինակ պաշտօնով մը, ըստ երեւոյթին նուազ տարօրինակ քան որչափ չեղաւ իրականութեան մէջ։