Քիր Անտրէա Եւ Միւսները

Գրապահարան-ից
01:10, 9 Նոյեմբերի 2015 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Քիր[1] Անտրէա եւ միւսները։

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Արմէն, կանգ առաւ իրենց տան պարտէզին դրան առջեւ, քրտինքը սրբեց․ յետոյ, այն թելի կտորը, զոր կը գործածէր շրջանակը դարձնելու համար, կառչեցուց շրջանակին ու կեցուց զայն․ բացաւ պարտէզին դուռը ու ներս մտաւ։ Շրջանակը նետեց սալորենիին տակ, թելն ալ՝ անոր ետեւէն։ Յետոյ, ինքը մտաւ տունէն ներս, գնաց, գաւաթը լեցուց ջուրով, խմեց, գաւաթ մըն ալ լեցուց, յետոյ գաւաթ մըն ալ․ անկէ վերջ երբ կը պատրաստուէր չորրորդ գաւաթը լեցնելու, մայրը ձայնեց անդիէն․

— Կը բաւէ, մանչս, կը բաւէ։ Երեք գաւաթ եղաւ․ արդէն քրտնած էիր։ Մէկ գաւաթն իսկ ճիշդ չէր խմելդ։ Կը բաւէ։

— Շա՛տ ծարաւցայ, ըսաւ Արմէն առանց անոր ըսածին ականջ դնելու եւ չորրորդ գաւաթն ալ լեցնելէ վերջ՝ գլխուն տնկեց։

— Հիւանդ պիտի ըլլաս, ըսաւ մայրը։ Հիւանդ պիտի ըլլաս իրաւ որ։ Դուն մեծի խօսք մտիկ ըրած չունիս երբեք, բայց հիւանդ պիտի ըլլաս ու այն ատեն պիտի տեսնես մեծի խօսք մտիկ չընելը։ Ջուր մը պիտի չտամ իրաւ որ, աղիւս մը պիտի չտաքցնեմ[2], պիտի չարչարուիս կենաս, որպէսզի յարգը գիտնաս առողջութեանդ։

— Անօթեցայ, ըսաւ այս անգամ Արմէն, հացին ամանին մօտենալով։ Անօթի եմ։ Փորիս մէջէն ձայներ գալ սկսան։ Հաց տուր ինծի։

— Հիմա հացի ատեն չէ, առարկեց մայրը։ Ոչ կէսօր է, ոչ ալ իրիկուն։ Ելի՛ր, սա ամանները ա՛ռ, աղբիւր գնա, քիթդ բերանդ լուա աղուոր մը։ Փոշիներու մէջ ես մնացեր։ Ո՞ւր գացիր նորէն։ Քեզի քանի՞ անգամ ըսի որ այդքան չվազես․ բժիշկի տալիք դրամ չունինք։ Հիւանդ պիտի ըլլաս, հիւա՜նդ։ Կը մեռնիս կʼերթաս իրաւ որ, բա՛ն մը չենք կրնար ընել։


— Հա՛ց տուր, ըսաւ Արմէն։ Հաց տուր, ուտելով ջուրի երթամ։ Վրան ալ կամ իւղ քսէ, կամ՝ թրջէ, շաքար ցանէ։

— Հիմա գնա ջուրը բեր, ըսաւ մայրը։ Նախ ջուրը բեր։

— Հացը չառած՝ տե՛ղ մըն ալ չեմ երթար, ըսաւ Արմէն ու նստաւ սանդուխին գլուխը։ Հացը կու տաս, ես ալ ջուրը կը բերեմ։

— Հացը հայրիկը պիտի բերէ շուկայէն, հիմա հաց չկայ։ Հայրիկը շուկայէն գալուն պիտի բերէ։ Խօ՛սք հասկցիր, առ սա ամանները, գնա ջուր բեր։ Հիմա կերակուրը տակը կʼառնէ, կաթիլ մը ջուր չկայ տունը։ Ելի՛ր, մի՛ տնտնար։

Արմէն, նախ աջին ծռեցաւ նստած տեղը, յետոյ՝ ձախին ծռեցաւ, անկէ վերջ՝ ոտքերը երկարեց․ միջոց մը փորը շփեց ու դարձեալ կրկնեց․

— Անօթի եմ։ Եկո՛ւր, ականջդ փորիս դիր ու նայէ։ Նայէ՛, նայէ՛, տաբատիս մէջքէն ներս բռունցքդ խոթես կը մտնէ։

— Տղա՛յ, ելիր ջուր մը բեր։ Կերակուրը տակը առաւ, մրկեցաւ։ Անօթի պիտի մնանք այս իրիկուն։ Խանձեցաւ, մխալ սկսաւ կերակուրը։ Ելի՛ր, սա ամանները առ ու ջուր մը բեր։ Տունը կաթիլ մը ջուր չկայ։

— Կերակուրը ի՞նչ է, հարցուց Արմէն այս անգամ ալ մէկ ոտքին կրունկովը սանդուխին աստիճաններուն հարուածներ տալով։ Չըլլա՞յ նորէն ոսպ ըլլայ։

— Ոսպ է, պատասխանեց մայրը։ Ի՞նչ կայ, չհաւնեցա՞ր ոսպին։

— Այս քանի օր է ոսպ կʼուտենք։ Երեք օր, չորս օր, հինգ օր…

Յետոյ, վճռական շարժումով մը, գնաց, նստաւ իր նախկին տեղը աստիճաններուն վրայ ու յայտարարեց․

— Ես ոսպ չեմ ուտեր։ Ոչ ոսպ կʼուտեմ, ոչ ալ ջուրի կʼերթամ։ Ով որ պիտի ուտէ ոսպը, թող անիկա երթայ։ Դո՛ւն գնա, հայրիկը թող երթայ… ի՞նչ գիտնամ, ո՛վ որ պիտի ուտէ, թող անիկա՛ երթայ։ Ես ոչ ոսպ կʼուտեմ, ոչ ալ ջուրե կʼերթամ։ Հիմա, ես անօթի եմ, հա՛ց տուր ինծի։ Վրան ալ, կամ իւղ քսէ, կամ թրջէ ու շաքար ցանէ։

— Տղա՛յ, ա՛ռ սա ամանները, ելիր ջուրի գնա, կերակուրը այրիլ սկսաւ, մուխը բռնեց ամէն կողմ։ Ուտելիք ուրիշ բան չկայ։ Եթէ այրի կերակուրը, բոլորս ալ անօթի ենք այս գիշեր։

— Ի՞նչ ընեմ, պատասխանեց Արմէն ուսերը թօթուելով։ Ի՞նչ ընեմ։ Ես ջուրի չեմ երթար։ Երեսս ալ չեմ լուար, ոտքերս ալ, ասանկ կը պառկիմ։ Եթէ ուզես՝ անկողին ալ չեմ մտներ, դուրսը, պարտէզը ծառերուն տակ կը պառկիմ, փողոցը կը պառկիմ։ Ես յոգնած եմ։ Աղբիւր մաղբիւր չեմ երթար։

— Հիմա հայրիկը պիտի գայ, այն ատեն դո՛ւն խորհէ ըսելիքդ։ «Կերակուրը տակը առաւ» պիտի ըսեմ․ «ինչո՞ւ» պիտի ըսէ, «քովը չէի՞ր» պիտի հարցնէ․ «քովն էի, բայց ջուր չկար» պիտի ըսեմ․ «Տղան ո՞ւր էր» պիտի ըսէ․ «Հոս էր բայց չուզեց ջուր բերել» պիտի ըսեմ… Այն ատեն դո՛ւն խորհէ հօրդ տալիք պատասխանդ։

Արմէն սրունքներս պրկեց ու ոտքերը երկարեց սանդուխին աստիճաններուն վրայ, տաբատին մէջքը քաշեց, յետոյ, բռունցքը խոթեց անկէ ներս ու մօրը ձայնեց․

— Նայէ՛, նայէ՛, բռունցքս ներս կը մտնէ առանց տեղ մը դպչելու։ Քու բռունցքդ ալ կը մտնէ թերեւս։ Այնքան անօթի եմ որ… Շա՛տ անօթի եմ։ Այսօր գլուխս անգամ կը մտնէ տաբատիս մէջքէն ներս։

— Կʼիմանա՞ս, հայրիկդ կու գայ։ Ելի՛ր, սա ամանները ա՛ռ, եկած ատեն քեզ հոս չտեսնէ գոնէ։ «Ջուրը ղրկեցի տղան, բայց կերակուրն ալ մինչեւ անոր գալը, շուտ մը տակը առաւ» ըսեմ։ Ելի՛ր, սիրտս մի՛ հատցներ։ Նայէ՛, հօրդ ոտնաձայնն է։ Հիմա, ուր որ է՝ ներս պիտի մտնէ։

— Անիկա հայրիկը չէ, Միհրան աղբարն է։ Քիչ առաջ տեսայ, շուկայ կʼիջնէր։ Հիմա իմ փորս անօթի է։ Ես ոչ ոսպ կʼուտեմ, ոչ ալ ջուրի կʼերթամ։ Երեսս ու ոտքերս ալ չեմ լուար։ Արդէն ես այս գիշեր պարտէզը պառկիլ կʼուզեմ։

— Հայրիկէն ուտելիք ծեծդ ալ խորհէ անգամ մը։ Կը կոտրէ մէկ կողմդ իրաւ որ։ Մէկ կողմդ կը կոտրէ ու բնաւ չեմ միջամտեր։ Թող ծեծէն մեռցնէ քեզ։

— Ի՞նչ ընեմ, ըսաւ Արմէն դարձեալ ուսերը թօթուելով։ Ես ոսպ չեմ ուտեր։ Ով որ պիտի ուտէ ոսպը, թող անիկա բերէ ջուրն ալ։

— Եկա՛ւ, ըսաւ մայրը յանկարծ դէպի դուռը նայելով։ Ահա եկաւ հայրդ։ Կʼիմանա՞ս ոտնաձայնը պարտէզին մէջ։ Թող գայ ու դո՛ւն խօսք հասկցուր անոր այլեւս։ Մեղքը ինձմէ ելաւ։

Արմէն տեղէն վեր ցատկեց լարուած զսպանակէ մը արձակուածի պէս։ Առաւ ջուրին ամանները, ոտքովը զօրաւոր կից մը տուաւ գետինը բազմոցին վրայ պառկող կատուին։ Կատուն, կիցը դեռ չկերած փախաւ, պարապ բազմոցը գնաց, թխմուեցաւ ցած նստարանին տակ։

— Ամէն օր ոսպ, ամէն օր ոսպ, կը մռլտար քթին տակէն։ Ներսով դուրսով ոսպ եղանք։ Այնչափ բան կայ ուտելիք՝ Քիր Անտրէային խանութը, ոսպով ոսպ եղանք մնացինք։

Տան դուռը բարկութեամբ գոցեց, գոցուած ըլլալը ստուգելու համար ալ դուրսէն զօրաւոր կիցի հարուած մը տուաւ դրան։ Ու երբ տեսաւ որ գոցուեր է, բռնեց աղբիւրին ճամբան։

Երբ Արմէն աղբիւրէն վերադարձաւ, կերակուրը արդէն իսկ տակը առած, կիսով չափ այրած էր։ Խանձած կերակուրին հոտը պատեր էր ամէն կողմ ու թանձր մուխ մը կը կուրցնէր աչքերը։ Արմէն, ջուրին ամանները գետին դրաւ, անցաւ իր առաջուան տեղը, նստաւ, սրունքները պրկեց, ոտքերը երկարեց, յետոյ տաբատին մէջքը քաշեց, փորը շփեց ու ըսաւ մօրը․

— Փորս ցաւ մը մտաւ անօթութենէն։ Տասը շերտ իւղով հաց պիտի ուտեմ եթէ հայրիկը գայ։ Տասը խոշոր շերտ։

— Իւղ չմնաց, պատասխանեց մայրը մէկ կողմէ ալ կերակուրը խառնելով․ իւղ չկայ։ Երկու գդալ բան մը կար, անիկա ալ կերակուրին մէջ դրի։

— Քանի որ իւղ չկայ, ես ալ շաքարով կʼուտեմ հացս։ Կը թրջեմ ու վրան շաքար կը ցանեմ։

— Շաքարն ալ հատաւ, ըսաւ մայրը։ Ոչ իւղ կայ, ոչ ալ՝ շաքար։ Վաղուանկերակուրն ալ, առանց իւղի պիտի ուտենք։

— Անօթութենէ փորս կը ցաւի։ Ցամաք հաց տուր ինծի, ցամաք հաց։ Փորս շատ անօթի է։

— Հացը հայրիկը պիտի բերէ ըսինք, դուն հոս չէի՞ր։ Որո՞ւ ըսինք։ Հացը հայրիկդ պիտի բերէ, հասկցա՞ր։

Դուռը բացուեցաւ ու ներս մտաւ հայրը՝ հաց մը թեւին տակ եւ ծրար մը՝ միւս ձեռքին բռնած։

— Բարի իրիկուն, ըսաւ ու նստաւ աթոռին վրայ։

— Աստուծոյ բարին, պատասխանեց Արմէնի մայրը, ու աւելցուց․ ի՞նչ կայ չկայ, ի՞նչ լուր։

— Ի՞նչ ըլլայ։ Բա՛ն մըն ալ չկայ։ Ամէն օրուան պէս։ Այսինքն՝ պարապ։

— Ինծի հաց տուր, ըսաւ Արմէն մօրը՝ անոնց խոսքը ընդմիջելով։ Անօթի եմ։ Շատ անօթի եմ։ Ինծի ցամա՛ք հաց տուր։

— Հիմա պիտի ճաշենք, ըսաւ հայրը։ Քիչ մը սպասէ․ հիմա պիտի ճաշենք արդէն, ճաշի ժամանակ է։

— Ես ոսպ պիտի չուտեմ, ըսաւ Արմէն։ Ես ցամաք հաց պիտի ուտեմ ու պառկիմ։ Ես այսօր ոսպ պիտի չուտեմ։ Երեք չորս օր է ոսպ, ոսպ, ոսպ։ Ես ոսպ չեմ ուտեր։

— Սեղանը դրուածը կʼուտեն, ըսաւ հայրը խիստ շեշտով մը։ Օրէնք է որ սեղան բերուածը կʼուտեն։ Գնա՛, մինչեւ որ մայրդ սեղանը դնէ, դուն ալ աղբիւրը լուա՛, քիթդ բերանդ, ոտքերդ, այդ ի՞նչ է, հողերուն մէջ տապլտկեցա՞ր ամբողջ օրը, ի՞նչ ըրիր, փոշիներուն մէջ ես։

— Ես այսօր ոչ ոսպ պիտի ուտեմ, ոչ ալ անկողին պիտի մտնեմ։ Ցամաք հաց պիտի ուտեմ ու պարտէզը պիտի պառկիմ։

— Տղա՛յ, քեզի եմ, մինչեւ որ մայրդ սեղանը դնէ գնա լուացուէ, եկո՛ւր, զիս մի՛ բարկացներ։

Արմէն, մատներովը շապիկին կոճակները մէյ մը կը քակէր, մէյ մը կը կոճկէր։ Ոտքերը փռեր էր սանդուխին վրայ ու կրունկներովը թեթեւ, համաչափ հարուածներ կու տար աստիճաններուն։

— Քեզի՛ եմ, ըսաւ հայրը, աթոռը անոր կողմը դարձնելով։ Չե՞ս իմանար։ Գնա լուացուէ՛ ու եկուր սեղան նստէ։

— Ես ոսպ չեմ ուտեր, ըսաւ Արմէն մէկ կողմէ ալ ծուլօրէն ոտքի ելլելու պատրաստուելով։ Ամէն օր ոսպ, ամէն օր ոսպ։

— Տասը օր ալ ըլլայ պիտի ուտես, ըսաւ հայրը սրտնեղած։ Հասկցա՞ր։ Եթէ տա՛սը օր ալ ոսպ դնելու ըլլան առջեւդ, պիտի ուտես։

Արմէն չուզելով չուզելով ոտքի ելաւ։ Ծոծրակը բերեց, ելած ատեն ալ ոտքը սանդուխին աստիճանին զարնուեցաւ, ու ահագին աղմուկ մը եղաւ։

— Սաւոր կերած ապուրը նայէ, ըսաւ հայրը բարկութեամբ տեղէն վեր ցատկելով։ Ինքզինք քարերը պատերը կը զարնէ, քնացող պզտիկն ալ պիտի արթնցնէ։ Ի՞նչ է, քիթը բերանը լուալու պիտի երթայ եղեր։ Երեսդ, ոտքերդ լուա՛, ըսեր ենք եղեր։

— Ես ոսպ չեմ ուտեր, մռլտաց Արմէն քթին տակէն, երբ դռնէն դուրս կʼելլէր։ Ես հաց ալ չեմ ուզեր, չեմ ալ լուացուիր, պարտէզը ծառերուն տակ կը պառկիմ։

— Մինչեւ որ մայրդ սեղանը դնէ՝ եկած ըլլաս, ձայնեց հայրը ետեւէն։ Ճամբաները մի՛ սլքտկար, լախ լախի մի բռնուիր ասոր անոր տղուն հետ, հասկցա՞ր։ Սա ամանն ալ առ, պարապ մի՛ երթար։ Եկած ատենդ ալ ամանով ջուր բեր ճաշին համար։

— Ես ոչ ոսպ կʼուտեմ, ոչ ալ հաց, կը մռլտար Արմէն քթին տակէն։ Ես այս գիշեր պարտէզը պիտի պառկիմ։

Քթին տակէն մռլտալով աղբիւր կʼերթար Արմէն։ Չորս օրէ ի վեր ոսպ կʼուտէին։ Այդ ալ ի՞նչ ոսպ։ Որդնոտած, մէջերը պարպուած։ Բայց եթէ նպարավաճառ Քիր Անտրէայի պարտէզին պատը չփլչէր, այդ որդնոտած ոսպն ալ պիտի չկարենային գտնել։ Հայրը անգործ էր երկար ատենէ ի վեր։ Մայրը կʼաշխատէր շաբաթը քանի մը օր․ «քանի մը օր»ը ի՞նչ է․ երկու օր, երեք օր շաբաթը։ Ասկէ զատ, լուացքի, մաքրութեան գացող կնոջ մը օրականը ի՞նչ է որ։ Օրը օր մը հազիւ կʼապրեցնէ, ուր մնաց շաբաթը երկու երեք օրը։ Բարեբախտաբար նպարավաճառ Քիր Անտրէայի պարտէզին պատը փլաւ։ Եթէ այդ ալ չպատահէր, այս որդոտած ոսպն ալ օրերէ ի վեր պիտի չեփէր կրակին վրայ։ Իրաւ, Քիր Անտրէան ալ աղէկս չէր։ Դգալով կերցուցածը կոթովը կը հանէր։ Նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլար, չկերցուցածն անգամ կը հանէր։ Այո՛, ասիկա ալ լաւ գիտէր Քիր Անտրէան։ Սակայն, ինչպէս ըսի, ծովը ինկողը օձին կը փաթթուի եւ եթէ այդ որդնոտած ոսպն ալ չըլլար…

Մինչդեռ Արմէնի հայրը երեք օրէն հիւսեր էր Քիր Անտրէայի պարտէզին պատը, ի խնդիր մէկ երկու քիլօ որդնոտած ոսպին։

Հանդէս Մշակոյթի
Յուլիս, Դեկտ․ 1951
  1. քիր պարոն, էֆէնտի (յուն․)
  2. աղիւս տաքցնել փորի ցաւի իբրեւ դարմանում կղմինտր, աղիւս կամ տափակ քար տաքցնելով վրան դնել