Changes
|հեղինակ = [[Արթուր Կոնան Դոյլ|Ա․ Գանօն Տօյլ]]
|թարգմանիչ = Ժ․ Շ․
|աղբյուր = [[«Շերլօք Հօլմսի Նոր Արկածները թիւ 4»Արկածները»]]
}}
[[Կատեգորիա:Արձակ]]
[[Կատեգորիա:Դետեկտիվ]]
Վերստին կարդացի այն ծանօթութիւնները, զորս առած եմ 82 եւ 90 տարիներուն միջեւ Շերլօք Հօլմսի յանձնուած հռչակաւոր դատերուն վրայ։ Անոնց գրէթէ բոլորն ալ ա՛յնչափ սրտաթունդ շահեկանութիւն մը ունին որ չեմ գիտեր թէ ընտրութիւնս որո՞ւն վրայ կեդրոնացնեմ։ Ուստի մէկդի պիտի ձգեմ լրագիրներուն հրատարակածները եւ անոնք որ ըստ բաւականին երեւան չեն բերեր բարեկամիս նշանաւոր տաղանդը, — ա՛յն տաղանդը, զոր կը ջանամ ի լոյս ընծայել։
Այդ դատերուն մէջ կան նաեւ որ իր նուրբ վերլուծումէն խուսափած են։ Զանոնք այս տեղ պատմելը անօգուտ պիտի ըլլար, վասն զի քննութիւնը արդիւնքի մը չէ յանգած։ Ուրիշներ մասնակի կերպով միայն լուսաբանուած են եւ անոնց բացատրութիւնը կասկածներու եւ ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած է աւելի քան թէ սեղմ տրամաբանութիւն մը ունեցող այն ապացոյցներուն վրայ, որոնք Շերլօք Հօլմսի յաղթանակն են։ Այս վերջին դասակարգին մէջէն ընտրեցի նշանաւոր է որչափ յուզիչ՝ իր արդիւնքներուն մէջ եւ որ պիտի շահագրգռէ ընթերցողներս, թէեւ քանի մը կէտերը մութ մնացած ըլլան։
87 տարին մեզի հայթայթեց դատերու երկար շարք մը, որոնց վրայ ծանօթութիւններ առի։ Պիտի յիշեմ Բարատօլի Սենեակին գործը, «ամաթէօռ» մուրացկաններու ընկերութիւնը, որ իր փայլուն ժողովները կը գումարէր կահավայրին կամարներուն ներքեւ, անգլիական «Սօֆի֊Էնտէրսըն» նաւուն կորստեան վերաբերեալ դէպքերը, Կրայս Բաթէրսընի տարօրինակ արկածները Եուգայի կղզիին մէջ եւ վերջապէս Քէմպըրուէլի թոյնին գործը։ Այս վերջինին մէջ Շերլօք Հօլմս, հանգուցեալին ժամացոյցը նորէն լարելով, կրցաւ հաստատել թէ անիկա երկու ժամ առաջ լարուած էր եւ թէ տէրը այդ վայրկեանին պառկած ըլլալու էր։ Այս հետեւութիւնը շատ կարեւոր եղաւ։ Այս բոլոր արկածները պիտի պատմեմ օրին մէկը, բայց չեմ գիտեր աւելի տարօրինակ գործ մը քան անիկա, զոր մտադիր եմ ընթերցողներուս ներկայացնել այսօր։
Սեպտեմբերի վերջին օրերն էին, այն թուականին, ուր գիշերահաւասարի մրրիկները կը մոլեգնին։ Հովը փչած էր օրն ի բուն եւ անձրեւը մտրակած էր պատուհանները, այնպէս որ նո՛յն իսկ լայնատարած Լոնտոնի՝ քաղաքակրթութեան այդ սրտին մէջ ստիպուած էինք բնութեան ոյժերուն առջեւ գլուխ ծռել ու ենթարկուիլ անոնց։ Իրիկուան դէմ փոթորիկը սաստկացաւ։ Հովը տղեկի մը աղաղակներուն եւ հեծեծանքներուն նմանող աղմուկ մը առաջ կը բերէր վառարանին մէջ։ Շերլօք Հօլմս տխրօրէն նստած էր կրակարանին առջեւ ու իր թղթածրարները կը պրպտէր, մինչ ես իր դէմը նստած, Քլէրք Րըսէլի ծովային մէկ սրտայոյզ պատմութիւնը կը կարդայի։ Կինս քանի մը օր անցընելու համար հօրաքրոջը գացած էր ու ես Պէյքըր Սթրիթի առջի թաղս եկած էի, հոն բնակելու համար առժամապէս։
— Տեսէ՛ք, ըսի ընկերոջս նայելով, դուռը կը զարնեն։ Ո՞վ կրնայ ուրեմն գալ այս իրիկուն։ Անշուշտ ձեր բարեկամներէն մէկն է։
— Ձեզմէ զատ բարեկամ չունիմ, պատասխանեց Հօլմս։ Եւ յետոյ, գէշ ընդունելութիւն կʼընեմ այցելուներուն։
— Թերեւս յաճախորդ մըն է։
— Այն ատեն շատ ծանր պարագայ մը եղած է որ մարդ մը այս սոսկալի օդին եւ այս ժամուն ելլէ մինչեւ հոս գայ։ Ես կը կարծեմ թէ տանտիրոջ մէկ բարեմամն է։
Շերլօք Հօլմս կը սխալէր, վասն զի նոյն պահուն լսեցինք քայլերու աղմուկ մը նրբանցքին մէջ եւ հարուած մը՝ դուռին։
— Մտէ՛ք, ըսաւ Հօլմս ու թեւը երկնցուց կանթեղը նորեկին յատկացեալ թիկնաթոռին մօտեցնելու համար։
Այցելուն 22 տարեկանի չափ երիտասարդ մըն էր, վայելուչ հագուստով եւ նուրբ ու ազնիւ կերպարանքով։ Իր ջրահոս հովանոցը եւ վերարկուն տարակոյս չէին ձգեր դուրսը տիրող փոթորիկին վրայ։ Չորս կողմը նայեցաւ անձկութեամբ։ Աչքերը եւ տժգունութիւնը բուռն յուզում մը կը յայտնէին։
— Նախ եւ առաջ ներում կը խնդրեմ ձեզմէ, ըսաւ ակնոցը քիթին վրայ հաստատելով։ Կը յուսամ թէ անհանգիստ չեմ ըներ ձեզ եւ կը ցաւիմ որ ջուրի եւ ցեխի հետքեր բերի ձեր մաքուր տունին մէջ։
— Այո՛, պատասխանեցի խնդալով։ Զարմանալի «տօքիւման» մըն էր։ Փիլիսոփայութեան, աստեղագիտութեան եւ քաղաքականութեան քով զէռօ դրուած էր, կը յիշեմ։ Բուսաբանութեան մէջ ձեր գիտութեան հաւասարող չկար։ Երկրաբանութեանմ էջ խորին հմտութիւն, ի մասին ցեխի բիծերու, երբ այդ ցեխը առնուած էր քաղաքին 50 քիլօմէդրնոց մէկ շրջանակին մէջ։ Քիմիաբանութեան մէջ արտակեդրոն որակած էի ձեզ։ Անդամազննութթեան մէջ մէթոտի պակասութիւն կը գտնէի, բայց անբաղդատելի էիք զգայացունց գրականութեան եւ ոճիրի ուսումնասիրութեանց մէջ։ Ջութակահար, կռփամարտիկ, օրէնքի եւ սուրի մարդ, քօքաինի եւ ծխախոտի մոլի։ Ասոնք են, կարծեմ, իմ վերլուծումիս գլխաւոր գիծերը։