Կծանը

Գրապահարան-ից
Կծանը

հեղինակ՝ Լ․ Անտրիեւ
թարգմանիչ՝ Քալմ
աղբյուր՝ Փունջ 1927

Ոչ ոքի կը պատկանէր անիկա․ ան սեփական անուն չունէր եւ ոչ ոք կրնար ըսել թէ ո՞ւր կը գտնուէր ան երկար ցուրտ ձմեռ ատենը եւ ինչո՞վ կը կերակրուէր։ Տաք խրճիթներէն զայն կը հալածէին բնակիչները իրեն պէս քաղցած բայց հպարտ եւ ուժեղ տունի մը պատկանելուն պատճառով․ երբ սովը կամ հաղորդակցութեան բնազդական պահանջը կը ստիպէին զինքը երեւալ փողոցներու մէջ, պզտիկ տղաքը քար եւ փայտ կը նետէին իր վրայ, իսկ մեծերը սոսկալի կերպով կը սուլէին։

Սարսափահար ան կը վազէր մէկ կողմէն միւս, զարնուելով ցանկապատերուն եւ մարդոց, եւ կը պահուըտէր մեծ պարտէզին մէջ, միայն իրեն յայտնի տեղը։ Հոն ան կը լզէր վէրքերն ու ջարդուած անդամները եւ մինակութեան մէջ կը հաւաքէր սարսափ եւ չարութիւն։

Անգամ մը միայն մեղքցան անոր ու փաղաքշեցին։ Գինով մարդ մը, որ պանդոկէն կը դառնար, խղճաց աղտոտ, տգեղ շանը վրայ, իր գինով, աննպատակ հայացքը պատահմամբ ինկաւ շատ վրայ։ Ան ամէնքը կը սիրէր, ամէնուն կը մեղքնար եւ բաներ մը կը մրթմրթար իր քթին տակէն բարի մարդոց եւ իր յոյսերու մասին։

— Պօպի՛կ, Պօպի՛կ, կանչեց ան բոլոր շուներու ընդհանուր անունովը, Պօպի՛կ, հո՛ս եկուր, մի՛ վախնար։

Պօպիկը կʼուզէր մօտենալ․ ան կը շարժէր իր պոչը, բայց չէր համարձակեր առաջ երթալ։ Գիւղացին քանի մը անգամ զարկաւ իր ծունկներուն եւ համոզիչ ձայնով կրկնեց․

— Մօտեցի՛ր, յիմա՛ր․ Աստուած վկայ չեմ նեղեր քեզ։

Բայց շունը կը տատանէր, աւելի ու աւելի կը շարժէր իր պոչը ու պզտիկ քայլերով կը յարաջանար։ Մինչ այդ, գինովին տրամադրութիւնը փոխուեցաւ։ Ան յիշեց այն բոլոր անարդարութիւնները, զոր ըրած էին իրեն մարդիկ, ձանձրոյթ ու չարութիւն զգաց եւ երբ Պօպիկը պառկեցաւ անոր առջեւը իր մէջքին վրայ, ամբողջ ուժովը զարկաւ անոր կողին իր ծանր կօշիկովը․

— Ո՜ւհ, անասո՛ւն։

Շունը կաղկանձեց, աւելի անակնկալի գալէն եւ վիրաւորանքէն քան թէ ցաւէն, իսկ գինովը ճօճուելով գնաց տուն։

Այդ օրուընէ ի վեր շունը այլեւս վստահութիւն չունէր զինքը փսգաքչող մարդոց հանդէպ եւ պոչը պահած կը փախչէր, իսկ երբեմն չարութեամբ կը յարձակէր անոնց վրայ ու խածնելու փորձեր կʼըներ, մինչեւ որ քարերով եւ փայտերով զինքը քշէին։ Ձմեռ մը, ան տեղաւորուեցաւ պարապ ամարանոցի մը պատշգամբին տակ․ այդ ամարանոցը պահապան չունէր եւ ինքը անշահախնդրութեամբ կը պահպանէր զայն, գիշերները դուրս կուգար ճամբու վրայ, ու անվերջ կը հաջէր։ Իր տեղը տեղաւորուելէն ետքն ալ ան ատեն մը կը շարունակէր չարութեամբ մրմռալ, բայց չարութեան մէջէն կʼարտացոլար տեսակ մը ինքնագոհութիւն, նոյն իսկ հպարտութիւն։

Ձմեռնային գիշերը կը տեւեր երկար, շա՜տ երկար եւ պարապ ամարանոցի մութ պատուհանները տխրութեամբ կը դիտէին սառած, անշարժ պարտէզը։ Երբեմն կըթուէր թէ կապուտակ բոց մը կը բռնկի անոնց մէջ՝ վար ինկող աստղն էր որ կʼարտացոլար ապակիի մէջէն, կամ լուսինը՝ որ կը ղրկէր իր երկչոտ ճառագայթները։

———
Գարունը եկաւ եւ խաղաղ ամարանոցի մէջ լսուեցաւ բարձրաձայն խօսակցութիւն, անիւներու ճռինչ, բեռներ կրող մարդոց աղմուկ։ Քաղաքէն եկան ամարանոցի բնակիչները՝ ամբողջ ուրախ խումբ մը չափահասներու, պատանիներու եւ երախաներու՝ որոնք գինովցած էին թարմ օդէն, ջերմութենէն ու լոյսէն․ մէկը կը պոռար, ուրիշ մը կʼերգեր, կանացի ձայն մը զիլ ձայնով կը ծիծաղէր։

Առաջին մարդը՝ որուն թանօթացաւ շունը, դպրոցական համազգեստով սիրունիկ աղջիկ մըն էր, որ վազէր էր պարտէզ։ Ագահութեամբ եւ անհամբերութեամբ ան կʼուզէր բռնել եւ գրկել բոլոր ինչ որ կը տեսնէր․ ան դիտեց պարզ երկինքը, բալի կարմրորակ ճիւղերը եւ անմիջապէս պառկեցաւ խոտին վրայ երեսը ջերմ արեգակին դարձնելով։ Յետոյ յանկարծակի ոտքի ելաւ ու թարմ շրթներով համբուրեց գարնանային օդը եւ հնչեղ ու լուրջ ձայնով ըսաւ․

— Ո՜հ, ի՛նչքան ուրախ եմ։

Ըսաւ եւ սկսաւ արագ արագ ինքն իր վրայ դառնել։ Նույն վայրկենին, շունը անաղմուկ եւ գաղտագողի մօտեցաւ, ու կատղած՝ բռնեց աղջնակի հովէն բացուած զգեստի փէշերը ուժով քաշեց եւ դարձեալ առանց աղմուկի անհետացաւ հաղարջի խիտ թուփերուն մէջ։

— Ա՜, չա՛ր շուն, պոռաց աղջնակը փախչելով եւ դեռ երկար ատեն կը լսուէր անոր յուզուած ձայնը․ — Մայրի՛կ, տղա՛ք, պարտէզ չերթաք, հոն շուն կայ, ահռե՜լի… չա՜ր…

Գիշերը, շունը գաղտագողի մօտեցաւ քուն մտած ամարանոցին ու առանց աղմուկի պառկեցաւ իր տեղը, պատշգամբին տակը։ Մարդու հեո կուգար եւ բաց պատուհաններէն կը լսուէր մեղմ շնչառութեան շշնչիւնը։ Մարդիկ քնացած էին, անոնք անօգնական էին ու սարսափ չէին ազդեր եւ շունը եռանդով կը պահպանէր զանոնք՝ կը քնանար մէկ աչքով եւ ամէն մէկ աննշան շշուկ կը ստիպէր զինքը բարձրացնել իր երկու անշարժ փայլուն աչքերով գլուխը։ Իսկ անհանգստացնող ձայն շատ կար։ Անուշ գարնան գիշերը՝ խոտին վրայ կը շարժէր անտեսանելի բան մը եւ կը մօտենար ուղղակի շան փայլուն քթին․ քնացած թռչունի տակ անցեալ տարուայ չորցած ճիւղը կը խշխշար եւ մօտակայ կառուղիին վրայ կը ճռնչէր սայլը։

Ամարանոցի նոր բնակիչները բարի մարդիկ էին, իսկ այն հանգամանքը որ անոնք քաղաքէն հեռու կը գտնուէին եւ մաքուր օդ կը շնչէին, իրենց շուրջ կը տեսնէին ամէն ինչ կանաչ, կապոյտ ու բարի, զիրենք աւելի բարի կը դարձնէր։ Առաջ անոնք ուզեցին դուրս քշել զիրենք վախցնող շունը եւ չի յաջողելու պարագային գնդակահարել․ բայց յետոյ վարժուեցան անոր գիշերային հաչոցին եւ երբեմն առտուները կը յիշէին․

— Իսկ ո՞ւր է մեր Կծանը, եւ այս նոր անունը՝ Կծանը, այդպէս ալ մնաց։

Երբեմն թուփերու մէջ կը նկատէին մուգ մարմին մը, որ կʼանյայտանար իսկոյն․ երբ կտոր մը հաց նետէին իր կողմը, կարծես նետածը քար ըլլար եւ ոչ թէ հաց։ Ամէնքը վարժուեցան Կծանին, ու «իրենց» շունը կը համարէին եւ կը խնդային անոր վայրենութեան ու վախի վրայ։ Օրըստօրէ Կծանը կը պզտիկցնէր իր եւ մարդկանց միջեւ եղած անջրպետը․ կը դիտէր անոնց դէմքերը ու կʼիւրացնէր անոնց սովորութիւնները։ Ճաշէն կէս ժամ առաջ ան կանգնած էր արդէն թուփերու ետեւը ու գորովալի հայեացքով կը նայէր։ Ու նոյն դպրոցական սիրունիկ աղջնակը՝ Լեալեան, որ արդէն մոռցեր էր իր վախը, վերջնականապէս բարեկամացուց Կծանը ամարանոցի բնակիչներուն հետ։

— Կծանի՛կը, հո՛ս եկուր, կը կանչէր ան․ իմ աղւորի՛կ Կծանս, սիրելի՛ս, մօտեցի՛ր։ Շաքար կʼուզե՞ս․ շաքար պիտի տամ քեզ, մօտեցի՛ր, մի՛ վախնար…

Բայց Կծանը չէր մօտենար՝ կը վախնար։ Իսկ Լեալեան զգուշութեամբ կը մօտենար ու քնքոյշ ձայնով մը կը կանչէր․

— Ես քեզ կը սիրեմ, Կծանի՛կս, ես քեզ շատ կը սիրեմ․ ի՜նչ աղուորիկ դունչ ունիս, ի՛նչ արտայայտիչ աչքեր։ Չե՞ս հաւատար, ո՞չս Կծա՛նս։

Լեալեան զգուշութեամբ կը մօտենար ու միաժամանակ կը վախնար՝ չըլլայ թէ յանկարծ խածնէ։

Ու Կծանը իր կեանքի մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, պառկեցաւ մէջքին վրայ ու գոցեց աչքերը․ ան չէր գիտէր թէ պիտի ծեծէի՞ն զինքը թէ պիտի փաղաքշէին։ Բայց փաղաքշեցին զինքը։ Պզտիկ, տաքուկ ձեռք մը անվստահութեամբ շոշափեց իւր պռճնկած գլուխը ու վստահութեամբ անցաւ ամբողջ բրդոտ մարմնի վրայէն։

— Մայրի՛կ, տղա՜ք, անգամ մը ինձ նայէք, ես Կծանը կը փաղաքշեմ, պոռաց Լեալեան։

Ու տղաք, աղմկոտ, ուրախ ու սնդիկի գնդիկներու նման արագաշարդ տղաք, վազելով մօտեցան Կծանին։ Շունը՝ վախէն կիսամեռ, անօգնական կʼսպասէր․ ան գիտէր որ եթէ հիմա մէկն ու մէկը իրեն զարնէր, այլեւս անկարող պիտի ըլլար կծելու մեղաւորը․ ան չունէր այլեւս նախկին անհաշտ չարութիւնը։ Ու կը զզուէին, կը փաղաքշէին զինքը․ ու դեռ երկար ժամանակ կը ցնցուէր ան զինքը փաղաքշող ձեռքերու իւրաքանչիւր հպումէն ու ցաւ կʼզգար՝ անսովոր գուրգուրանքներէն․ կարծես զինքը կը ծեծէին։

———

Ու իր շնային ամբողջ հոգիովը ծաղկեցաւ Կծանը։ Ան հիմա անուն ունէր, երբ այդ անունը կը կանչէին ան խելակորոյս կը վազէր պարտէզի կանաչ խորքէն․ ան հիմա մարդկանց կը պատկանէր, ու կրնար անոնց ծառայել։ Միթէ բաւակա՞ն չէ այսքանը՝ շան մը երջանկութեան համար։ Տարիներ տեւած իր թափառական անօթի կեանքը զինքը վարժեցուցած էր սակաւակերության․ ու հիմաʼկ ալ ան քիչ կʼուտէր․ բայց այդ քիչն իսկ անճանաչելի ըլլալու չափ կերպարանափոխեց զինքը․ իր կեղտոտ կարմրաւուն երկար բուրդը սեւցաւ ու մետաքսի պէս սկսաւ փայլիլ։ Ու երբ, զբաղմունք չեղած ատեն, ան կը կանգնէր փողոցի դուռը ոչ ոք կը մտածէր ծաղրել դինքը կամ քար մը նետել իրեն։

Բայց այդպէս հպարտ ու անկախ էր ան միայն մինակ եղած ժամանակ։ Գուրգուրանքներու ջերմութիւնը չէր հալեցուցած տակաւին իր նախկին վախը, ու երբ մարդու մը հանդիպէր ինքզինքը կը կորսընցնէր ու ծեծի կʼսպասէր։ Երկար ատեն ամէն փաղաքշանք կը թուէր անակնկալ մը, հրաշք մը, զոր չէր կրնար հասկնալ եւ որուն անկարող էր պատասխանել։ Ան վարժուած չէր փաղաքշելու։ Ուրիշ շուներ գիտեն ետեւի թաթերու վրայ նստիլ, մարդու ոտքերուն քսուիլ ու նոյնիսկ ժպտիլ, անոնք այդպիսով կʼարհայայտեն իրենց զգացումները․ Կծանը ոչինչ գիտէր։

 Բան մը միայն գիտէր Կծանը՝ պարկիլ մէջքի վրայ, աչքերը գոցել ու կաղկանձել․ բայց այդ շատ քիչ էր իր հիացումը, երախտագիտութիւնը ու սէրը արտայայտելու համար․ ու յանկարծ ան սիրեց ընել այն, ինչ որ, թերեւս, օր մը տեսած էր, որ ուրիշ շուները կʼընէին․ բայց այդ ալ լաւ չէր յիշեր։ Ան, անիմաստ կը ցատկէր ու ինքն իր վրայ կը դառնար ու իր մարմինը՝ երբեմն ճարպիկ ու ճկուն, կը դառնար անշարժ, ծիծաղելի ու ցաւալի։

— Մայրի՛կ, տղա՛ք, հոս նայեցէ՛ք, Կծանը կը խաղայ, կը պոռար Լեալեան ու խնդուքէն թուլցած կը խնդրէր․ — անգամ մըն ալ, Կծանի՛կս անգամն մըն ալ այդպէ՛ս այո՛ այդպէ՛ս։

Ու ամէնքը հաւաքուած կը խնդային, իսկ Կծանը ինք իր վրայ կը դառնար, ու կը ցատկէր ու կʼիյնար, եւ ոչ ոք կը տեսնէր անոռ աչքերու տարօրինակ նայուածքը։ Ինչպես առաջ կը պոռային իր վրայ ու կը սուլէին, իր անսահման վախը տեսնելու համար, հիմակ ալ դիտմամբ կը փաղաքշէին զինքը՝ տեսնելու համար անոր սիրոյ անսահման ծիծաղելի ու անճոռնի արտայայտությունները։

Ժամ մը չէր անցներ, որ տղաներէն մէկը չպոռար․

— Կծանի՛կս, սիրելի Կծանս, խաղա՛։

Ու Կծանը կը խաղար ու կը խնդացնէր ամէնքը։ Զայն կը գովէին թէ՛ իր ներկայութեան, թէ բացակայութեան, կʼափսոսային միայն, որ ան չէր ուզեր իր խաղերը ցուցնել հիւրերու ներկայութեան ու ընդհակառակն կը փախչէր պարտէզ եւ կը պահուըտէր։

Կամաց կամաց Կծանը վարջուեցաւ այն մտքին հետ թէ այլեւս պէտք չէ կերակուրի մասին մտածել, որովհետեւ որոշ ժամուն աղախինը պիտի տար իր կերը եւ ոսկորները, ու ան հանգիստ կʼերթար կը պառկէր իր տեղը ու կʼսպասէր։ Ան հիմա կը փտնռէր ու կը խնդրէր որ զինքը փաղաքշէին։ Ու ծանրացաւ ան․ ամարանոցէն դուրս չէր վազեր եւ երբ պզտիկները զինքը կը կանչէին անտառ երթալու, պոչը շարժելով կը խուսափէր ու աննկատելի կերպով կʼանյայտանար։

Բայց գիշեր ատեն առաջուայ պէս բարձր էր ու հսկող իր պահապանի հաջոցը։

Դեղնորակ գոյներով վառուեցաւ աշունը, յաճախակի անձրեւներով լացաւ երկինքը ու ամարանոցները արագութեամբ դատարկուեցան ու լռեցին․ անընդհատ անձրեւը ու հովը մէկիկ֊մէկիկ կարծես կը մարեցնէին զանոնք։

— Իսկ Կծանը ի՞նչ պիտի ընենք, մտածկոտ կը հարցնէր Լեալեան։ Աղջնակը ծունկները գրկած նստած էր ու տխրութեամբ կը նայէր լուսամուտէն․ դուրսը արդէն սկսեր էր անձրեւը, որու կաթիլները կը հոսէին ապակիներու վրայէն։

— Այդ ի՞նչ դիրք է, Լեալեա՛, ըսէ՛, ո՞վ այդպէս կը նստի, ըսաւ մայրը ու աւելցուց

— Իսկ Կծանը հոս պիտի մնայ, ի՞նչ ընենք։

— Կը մեղքնա՜մ, լալկան ձայնով ըսաւ Լեալեան։

— Ի՞նչ կրնանք ընել, քաղաքի մէջ մենք պարտէզ չունինք, իսկ սենեակներու մէջ զայն պահելը, ինքդ ալ կը հասկընաս, անկարելի է։

— Կը մեղքնա՜մ, կրկնեց Լեալեան։ Անոր սեւ յօնքերը ծիծեռնակի թեւերու նման բարձրացան, գեղեցիկ քիթը կըկւեցաւ եւ Լեալեան պատրաստուեցաւ լալու, երբ մայրը ըսաւ․

— Տօկայեւները շատոնց է ինչ լակոտ մը կʼառաջարկեն․ ինծի կʼըսեն լաւ ցեղէ է եւ արդէն իսկ ծառայութիւն կʼնէ։ Մտիկ կʼընես․ իսկ աս ի՞նչ է, փողոցի շուն։

— Կը մեղքնա՛մ, կրկնեց Լեալեան, բայց չի լացաւ։

Դարձեալ եկան անծանօթ մարդիկ, դարձեալ ճռճռացին սայլերը ու ծանր քայլերու տակ տքացին գետինները, բայց խօսակցութիւն քիչ կար, իսկ ծիծաղ՝ բնաւ։ Օտարներէ վախցած Կծանը կարծես կʼզգար դժբախտութիւն մը․ ան փախաւ պարտէզին ծայրը ու ցանցառացած թուփերու արանքներէն կը դիտէր ամարանոցի շուրջ կատարուող անց ու դարձը։

— Դուն հո՞ս ես, իմ խե՛ղճ Կծանիկս, ըսաւ Լեալեան, մօտենալով շանը։ Աղջնակը արդէն հագած էր ճամբու սրղագոյն զգեստը եւ սեւ գոգոնոցը։ — Եկո՛ւր, միասին երթանք։

Ու անոնք գացին միասին։ Անձրեւը մերթ կʼսկսէր, մերթ կը դադրէր․ սեւցած երկրի ու երկնքի մէջ եղած ամողջ տարածութիւնը լեցուած էր արագաշարժ ամպերով։ Վարէն կʼերեւար, թէ որքան ծանր են անոնք, ու լոյսի համար անթափանցելի, եւ ինչպէս կը ձանձրանար արեւը այս թանձր պատի ետեւը։

Յանկարծ երեւցաւ խուրձ մը ճառագայթ՝ դեղին ու սակաւարիւն, կարծես արեւը ծանր հիվանդ ըլլար․ ու աւելի լայն ու տխուր երեւցաւ մառախլոտ աշնանային տեսարանը։

— Սիրտս նեղ է, Կծանի՛կ, ըսաւ կամացում Լեալեան ու վերադարձաւ։ Եւ միայն կայարանի մէջ ան յիշեց, որ Կծանին մնաս բարով չըսաւ։

———


Երկար ժամանակ Կծանը կը վազէր գացողներու հետքերով, հասաւ մինչեւ կայարան, ու թրջուած ու կեղտոտ վերադարձաւ տուն։ Հոն, ան առաջին անգամ ըլլալով, բարձրացաւ պատշգամբը ու ետեւի թաթերու վրայ կենալով ներս նայեցաւ լուսամուտէն, ու նոյնիսկ ճանկոտեց․ բայց սենեակները դատարկ էին եւ ոչ ոք պատասխանեց Կծանին։

Սկսաւ անձրեւը ու ամէն կողմ տարածուեցաւ աշնանային երկար գիշերուայ խաւարը։ Արագութեամբ լեցուց ան դատարկ ամարանոցը եւ պարտէզը։

Վերջապէս գիշերը հասաւ։

Եւ երբ այլեւս կասկած չմնաց, որ գիշեր է, շունը բարձր ու աէեկտուր ոռնաց։ Հնչյուն, յուսահատութեան պէ, սուր ձայնով թափանցեց այս ոռնոցը անձրեւի միապաղաղ աղմուկի մէջ, ճեղքեց խաւարը ու մարելով գնաց անյայոացաւ խաւար ու մերկ դաշտերու մէջ։

Շունը կʼոռնար առանց ելեւէջի, յամառութեամբ ու հանդարտութեամբ։ Եւ զայն լսողին, կը թուէր թէ այդ ոռնոցը ինքը անթափանց, խաւար գիշերն է, որ կուլայ ու կը ձգտի դէպի լոյսը, ու կʼուզէր երթալ տաքուկ տեղ մը, պայծառ կրակի մը քով, կանացի սիրող սպտի մը քով։

Շունը կʼոռնար։