Նարինջի հինգ կուտերու արկածը

Գրապահարան-ից
Նարինջի հինգ կուտերու արկածը

հեղինակ՝ Ա․ Գանօն Տօյլ
թարգմանիչ՝ Ժ․ Շ․
աղբյուր՝ «Շերլօք Հօլմսի Նոր Արկածները»

Վերստին կարդացի այն ծանօթութիւնները, զորս առած եմ 82 եւ 90 տարիներուն միջեւ Շերլօք Հօլմսի յանձնուած հռչակաւոր դատերուն վրայ։ Անոնց գրէթէ բոլորն ալ ա՛յնչափ սրտաթունդ շահեկանութիւն մը ունին որ չեմ գիտեր թէ ընտրութիւնս որո՞ւն վրայ կեդրոնացնեմ։ Ուստի մէկդի պիտի ձգեմ լրագիրներուն հրատարակածները եւ անոնք որ ըստ բաւականին երեւան չեն բերեր բարեկամիս նշանաւոր տաղանդը, — ա՛յն տաղանդը, զոր կը ջանամ ի լոյս ընծայել։

Այդ դատերուն մէջ կան նաեւ որ իր նուրբ վերլուծումէն խուսափած են։ Զանոնք այս տեղ պատմելը անօգուտ պիտի ըլլար, վասն զի քննութիւնը արդիւնքի մը չէ յանգած։ Ուրիշներ մասնակի կերպով միայն լուսաբանուած են եւ անոնց բացատրութիւնը կասկածներու եւ ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած է աւելի քան թէ սեղմ տրամաբանութիւն մը ունեցող այն ապացոյցներուն վրայ, որոնք Շերլօք Հօլմսի յաղթանակն են։ Այս վերջին դասակարգին մէջէն ընտրեցի նշանաւոր է որչափ յուզիչ՝ իր արդիւնքներուն մէջ եւ որ պիտի շահագրգռէ ընթերցողներս, թէեւ քանի մը կէտերը մութ մնացած ըլլան։

87 տարին մեզի հայթայթեց դատերու երկար շարք մը, որոնց վրայ ծանօթութիւններ առի։ Պիտի յիշեմ Բարատօլի Սենեակին գործը, «ամաթէօռ» մուրացկաններու ընկերութիւնը, որ իր փայլուն ժողովները կը գումարէր կահավայրին կամարներուն ներքեւ, անգլիական «Սօֆի֊Էնտէրսըն» նաւուն կորստեան վերաբերեալ դէպքերը, Կրայս Բաթէրսընի տարօրինակ արկածները Եուգայի կղզիին մէջ եւ վերջապէս Քէմպըրուէլի թոյնին գործը։ Այս վերջինին մէջ Շերլօք Հօլմս, հանգուցեալին ժամացոյցը նորէն լարելով, կրցաւ հաստատել թէ անիկա երկու ժամ առաջ լարուած էր եւ թէ տէրը այդ վայրկեանին պառկած ըլլալու էր։ Այս հետեւութիւնը շատ կարեւոր եղաւ։ Այս բոլոր արկածները պիտի պատմեմ օրին մէկը, բայց չեմ գիտեր աւելի տարօրինակ գործ մը քան անիկա, զոր մտադիր եմ ընթերցողներուս ներկայացնել այսօր։

Սեպտեմբերի վերջին օրերն էին, այն թուականին, ուր գիշերահաւասարի մրրիկները կը մոլեգնին։ Հովը փչած էր օրն ի բուն եւ անձրեւը մտրակած էր պատուհանները, այնպէս որ նո՛յն իսկ լայնատարած Լոնտոնի՝ քաղաքակրթութեան այդ սրտին մէջ ստիպուած էինք բնութեան ոյժերուն առջեւ գլուխ ծռել ու ենթարկուիլ անոնց։ Իրիկուան դէմ փոթորիկը սաստկացաւ։ Հովը տղեկի մը աղաղակներուն եւ հեծեծանքներուն նմանող աղմուկ մը առաջ կը բերէր վառարանին մէջ։ Շերլօք Հօլմս տխրօրէն նստած էր կրակարանին առջեւ ու իր թղթածրարները կը պրպտէր, մինչ ես իր դէմը նստած, Քլէրք Րըսէլի ծովային մէկ սրտայոյզ պատմութիւնը կը կարդայի։ Կինս քանի մը օր անցընելու համար հօրաքրոջը գացած էր ու ես Պէյքըր Սթրիթի առջի թաղս եկած էի, հոն բնակելու համար առժամապէս։

— Տեսէ՛ք, ըսի ընկերոջս նայելով, դուռը կը զարնեն։ Ո՞վ կրնայ ուրեմն գալ այս իրիկուն։ Անշուշտ ձեր բարեկամներէն մէկն է։

— Ձեզմէ զատ բարեկամ չունիմ, պատասխանեց Հօլմս։ Եւ յետոյ, գէշ ընդունելութիւն կʼընեմ այցելուներուն։

— Թերեւս յաճախորդ մըն է։

— Այն ատեն շատ ծանր պարագայ մը եղած է որ մարդ մը այս սոսկալի օդին եւ այս ժամուն ելլէ մինչեւ հոս գայ։ Ես կը կարծեմ թէ տանտիրոջ մէկ բարեմամն է։

Շերլօք Հօլմս կը սխալէր, վասն զի նոյն պահուն լսեցինք քայլերու աղմուկ մը նրբանցքին մէջ եւ հարուած մը՝ դուռին։

— Մտէ՛ք, ըսաւ Հօլմս ու թեւը երկնցուց կանթեղը նորեկին յատկացեալ թիկնաթոռին մօտեցնելու համար։

Այցելուն 22 տարեկանի չափ երիտասարդ մըն էր, վայելուչ հագուստով եւ նուրբ ու ազնիւ կերպարանքով։ Իր ջրահոս հովանոցը եւ վերարկուն տարակոյս չէին ձգեր դուրսը տիրող փոթորիկին վրայ։ Չորս կողմը նայեցաւ անձկութեամբ։ Աչքերը եւ տժգունութիւնը բուռն յուզում մը կը յայտնէին։

— Նախ եւ առաջ ներում կը խնդրեմ ձեզմէ, ըսաւ ակնոցը քիթին վրայ հաստատելով։ Կը յուսամ թէ անհանգիստ չեմ ըներ ձեզ եւ կը ցաւիմ որ ջուրի եւ ցեխի հետքեր բերի ձեր մաքուր տունին մէջ։

— Վերարկունիդ եւ հովանոցնիդ տուէք, ըսաւ Հօլմս։ Պատէն կախեմ եւ չորցնեմ զանոնք։ Կʼենթադրեմ թէ հարաւ արեւմուտքէն կուգաք։

— Այո՛, Հօրշէյմէն։

— Ձեր կօշիկները ծածկող կաւն ու կաւիճը շատ նշանակալից են ինծի համար։

— Ձեզի խորհուրդ հարցնելու եկած եմ։

— Սիրով պիտի յայտնեմ կարծիքս։

— Եւ ձեզմէ օգնութիւն խնդրելու։

— Ասիկա շատ դիւրին չէ։

— Ձեր համբաւը լսած եմ, Մր․ Հօ՛լմս։ Գիտեմ թէ ի՛նչպէս փրկեցիք հազարապետ Բրէնտէրկէսթը Թէրքըրվիլի Ակումբին գայթակղալից գործին մէջ։

— Ա՛հ, այո՛, անիրաւաբար կʼամբաստանէին զայն թէ խաղի մէջ խարդախութիւն գործած է։

— Հազարապետը հաւաստեց ինծի թէ ամէնէն դժուարին խնդիրները լուծելու կարող էք։

— Թերեւս շատ առաջ գացած է։

— Թէ երբեք ձախողած չէք։

— Ներողութիւն, չորս անգամ խաբուած եմ, երեք անգամ այրերէ եւ մէկ անգամ կնոջմէ մը։

— Ատիկա ի՛նչ նշանակութիւն ունի ձեր բոլոր յաջողութիւններուն հետ բաղդատելով։

— Իրողութիւնը սա է որ ընդհանրապէս բաւական յաջողութիւն ունեցած եմ։

— Կը յուսամ թէ իմ գործիս մէջ ալ նոյն նոյն յաջողութիւնը կʼունենաք։

— Նախ եւ առաջ հաճեցէք ձեր աթոռը կրակին մօտեցնել եւ ձեր խնդիրը պարզել ինծի։

— Անսովոր դէպք մըն է։

— Արդէն իմ քննութեանս ենթարկուած բոլոր դէպքերը այնպէս են։ Վերջին պահուն է որ կուգան ինծի։

— Է՛ ուրեմն, պա՛րոն, չեմ կարծեր թէ երբեք տեսած ըլլաք աւելի խորհրդաւոր եւ աւելի այլանդակ դէպքերու շարք մը քան անոնք, որ տեղի ունեցան ընտանիքիս մէջ։

— Հետաքրքրութիւնս կը գրգռէք, ըսաւ Հօլմս։ Կʼաղաչեմ, նախ գլխաւոր եղելութիւնները պատմեցէք եւ յետոյ կարեւոր դատած մանրամասնութիւններուս վրայ հարցումներ կʼընեմ ձեզի։

— Անունս Ճօն Օբէնշօ է։ Իմ պատմութիւնս շատ յարաբերութիւն չունի այս սոսկալի գործին հետ։ Ժառանգութեան խնդիր մըն է, զօր պիտի պարզեմ ձեզի եւ որպէս զի աղէկ հասկնաք, ստիպուած եմ քանի մը տարի ետ երթալ։

Պէտք է գիտնաք թէ մեծ հայրս երկու զաւակ ունեցած է, հօրեղբայրս Էլիէս եւ հայրս Ճօզէֆ։ Հայրս Քօվէնթրիի մէջ պզտիկ գործարան մը ունէր, զոր ընդարձակեց երկանիւի գիւտին ժամանակ։ Չպայթող Օբէնշօ օդահան գործիքի մը համար մենաշնորհ մը առած էր եւ այնչափ շահաւոր գործեր ըրաւ որ կրցաւ իր մենաշնորհը ծախել եւ ապրիլ բարեկեցիկ վիճակի մէջ։

Էլիէս հօրեղբայրս երիտասարդութեանը Ամերիկա գաղթեց եւ Ֆլօրիտի մէջ տունկեր մշակեց ու ինք ալ հարստացաւ։ Պատերազմի ատեն Ճէքսընի բանակին մէջ կռուեցաւ եւ ապա՝ Հուտի հրամանին ներքեւ, որ զինքը գնդապետ անուանեց։ Երբ Լի զինաթափ եղաւ, հօրեղբայրս իր տնկարանը գնաց եւ երեք կամ չորս տարի մնաց հոն։ 1860ի եւ 1870ի միջոցները Եւրոպա եկաւ եւ Հօրշէյմի մօտ, Սըսէքսի գաւառին մէջ կալուած մը գնեց։ Աղւոր հարստութիւն մը դիզած էր Ամերիկայի մէջ եւ զթէ այդ երկրէն մեկնեցաւ, պատճառը սեւամորթներուն իրեն ներշնչած գարշանքը եւ զանոնք ազատագրող Հանրապետութեան հանդէպ իր խորշումն էր։ Ինքնատիպ, ջղային, բարկացոտ եւ ոչ֊ընկերրական մարդ մըն էր։ Հօրշէյմ բնակած միջոցին կը կասկածիմ թէ հաւանած ըլլայ մէկ անգամ քաղաք երթալ։ Իր տանը շուրջ պարտէզ մը եւ երկու դաշտ ունէր։ Հոն էր որ կʼաշխատէր երբ ամբողջ շաբաթներ չէր մնար իր սենեակին մէջ։ Շատ օղի կը խմէր, մոլի ծխող մըն էր, առանձնութիւնը կը սիրէր եւ չէր աշխատեր բարեկամ ունենալ։ Նոյն իսկ եղբօրը հանդէպ անտարբեր էր։

Գալով ինծի, որ 12 տարեկանի չափ տղեկ մըն էի եւ իբր այն կը վարուէին հետս, շուտով սէր ներշնչեցի անոր։ 1878ին, Անգլիա հասնելէն ութ կամ տասը տարի ետք, հօրմէս խնդրեց իրեն յանձնել զիս եւ շատ բարի եղաւ ինծի հանդէպ։ Երբ գինով վիճակի մէջ չէր գտնուեր, կը սիրէր տապալի (թավլու) եւ աղիւսախաղ (տամա) խաղալ հետս։ Ինծի կը թողուր իր ծառաները վարելու եւ իր հայթայթիչներուն պատասխանելու հոգը, այնպէս որ 16 տարեկանիս կատարեալ տանտէր մը եղած էի։ Բոլոր բանալիները քովս էին եւ կրնայի ուզածիս պէս դուրս ելլել, պայմանաւ որ իր սովորութիւնները չխանգարէի։ Սակայն ձեղնայարկին մէջ սենեակ մը կար, որ անփոփոխ կերպով գոց էր եւ որուն մուտքը արգիլուած էր թէ՛ ինծի եւ թէ ուրիշներուն։ Մանկական հետաքրքրութիւնովս փորձած էի փականքին ծակէն նայիլ, բայց հին սնտուկներու կոյտէ մը եւ սովորաբար ձեղնայարկերու մէջ տեսնուած հնոտիներէ զատ ուրիշ բան մը չէի կրնար նշմարել։

Օր մը, 83 Մարտին, ճաշասենեակին սեղանին վրայ եւ գնդապետին պնակին առջեւ արտասահմանի դրոշմով նամակ մը տեսայ։ Իրեն համար անսովոր բան էր նամակներ ընդունիլ, վասն զի գնումներուն փոխարժէքը կանխիկ կը վճարէր եւ բարեկամ չունէր։

— Հնդկաստանէն է եւ Բօնտիշէրիէն, ըսաւ նամակը առնելով։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

Աճապարանքով բացաւ։ Նարինջի հինգ կուտեր գլտորեցան մէջէն եւ ինկան իր պնակին վրայ։ Սկսայ խնդալ, բայց իսկոյն կանգ առի, անոր դէմքին արտայայտութիւնը տեսնելով։ Շրթունքը սեղմուած էր, աչքերը մոլորուն եղած էին եւ մորթը մաղտաքէի գոյն առած էր։ Պահարանին կը նայէր եւ ձեռքը կը դողար։

— Ք․ Ք․ Ք․ պոռաց։ Աստո՜ւած իմ, յանցանքներս կը քաւեմ։

— Ի՞նչ կայ, հօրեղբա՛յրս։

— Մա՛հ կայ, պատասխանեց եւ սեղանէն ելլելով սենեակը գնաց։

Սարսափած էի։ Պահարանը առի ու դիտեցի որ կռնակը, ճիշտ խիժոտուած (սամղ քսուած) մասին վերեւ կարմիր մելանով Ք․ գիրը գրուած եւ երեք անգամ կրկնուած էր։ Պահարանը նարինջի հինգ հատ չոր կուտերէ զատ ուրիշ բան չէր պարունակեր։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ սարսափի այս նոպային պատճառը։, Սեղանէն հեռացայ, սանդուղէն ելայ եւ հանդիպեցայ հօրեղբօրս, որ կʼիջնէր։ Ձեռքը ժանգոտած հին բանալի մը ունէր, որ ձեղնայարկինը ըլլալու էր եւ բռնած էր պղինձէ պզտիկ տուփ մը, որ արկղիկի մը կը նմանէր։

— Ուզածնին կրնան ընել, բայց ես անոնց դաւը պիտի ձախողեցնեմ, ըսաւ հայհոյելով։ Ըսէ՛ Մառիին, որ աղւոր կրակ մը շինէ սենեակին մէջ եւ Հօրշէյմի փաստաբանը՝ Ֆօրթ֊հէմը կանչել տուր։

Իր հրամանները գործադրեցի ու երբ փաստաբանը եկաւ, հօրեղբօրս քով տարի, անոր յայտնած փափաքին համեմատ։ Կրակը կը ճարճատէր վառարանին մէջ, բայց դիտեցի որ ածխակալին վրայ կոյտ մը կար սեւ ու թեթեւ մոխիրներու, որոնք այրուած թուղթերէ գոյացած էին։ Քովը բաց ու պարապ կը գտնուէր պղինձէ տուփը։ Նայելով այդ տուփին, նշմարեցի որ կափաչիրին վրայ կը գտնուէին երեք Ք․երը, զորս առտուն տեսած էի պահարանին վրայ։

— Ճօ՛ն, կը փափաքիմ որ, ըսաւ հօրեղբայրս, իբր վկայ ծառայէք կտակիս։ Կալուածս իր ամբողջութեամբ կը կտակեմ եղբօրս՝ ձեր հօրը, որ անշուշտ ձեզի ժառանգութիւն պիտի ձգէ։ Եթէ կարենաք վայելել, ի՜նչ աղէկ։ Ապա թէ ո՛չ հաւատացէք, բարե՛կամս, ձեր ամենամեծ թշնամին կտակեցէք զայն։ Կը ցաւիմ որ այս անստուգութեան մէջ կը ձգեմ ձեզ, բայց այժմ չեմ կրնար նախատեսել թէ գործերը ի՜նչ դարձուածք պիտի առնեն։ Հաճեցէք ստորագրել սա թուղթը, Մր․ Ֆօրթհէմի ցոյց տուած տեղը։

Կտակագիրը ստորագրեցի եւ փաստաբանը տարաւ զայն։

Ինչպէս կը մտածէք, այս տարօրինակ դէպքը շատ յուզեց զիս։ Երկարօրէն խորհեցայ անոր վրայ։ Խնդիրը ամէն տեսակէտով քննեցի առանց կարենալ լուծելու զայն եւ մնացի սարսափի տպաւորութեան մը տակ, որ սակայն ժամանակին հետ մեղմացաւ։ Եւ յետոյ, մեր կեանքը խռովող բան մը չը պատահեցաւ։ Սակայն հօրեղբայրս միեւնոյն մարդը չէր այլ եւս։ Առաջուընէ աւելի կը խմէր եւ հետզհետէ աւելի քիչ ընկերական կʼըլլար։ Իր ժամանակին մեծագոյն մասը սենեակին մէջ փակուած կʼանցընէր։ Երբեմն յիմարի մը պէս դուրս կʼելլեր տունէն եւ պարտէզին մէջ վեր վար կը պտտէր ատրճանակը ձեռքը, պոռալով թէ մարդէ չէր վախնար եւ թէ ո՛չ Աստուած եւ ոչ սատանան պիտի չկրնային ոչխարի մը պէս արգելափակել զինքը իր շրջապատին մէջ։ Երբ այս նոպաները կʼանցնէին, դէպ ի դուռը կը վազէր, բանալիով կը կղպէր եւ ներսէն ապահովութեան ձող մը կը դնէր, գործելով այնպիսի մարդու մը պէս, որաւելի երկար ատեն չի կրնար ինքզինքը ազատել իր ներսը արմատացած սարսափէ մը։ Այդ օրերը, նոյն իսկ ցուրտ օդին, դիտած էի որ դէմքը քրտինքով ողողուած էր։

Վերջապէս, Մր․ Հօ՛լմս, վախճանին գալու եւ ձեր համբերութիւնը չարաչար չգործածելու համար պիտի ըսեմ ձեզի թէ գիշեր մը դուրս ելաւ եւ ասիկա աղետալի եղաւ իրեն համար, վասն զի պարտէզին ծայրը գտանք զինքը անկենդան, երեսը լճացած ջուրով լեցուն աւազանի մը մէջ մխրճուած։ Եւ որովհետեւ մարմինին վրայ բռնութեան հետք չկար եւ աւազանը հազիւ երկու ոտք խորութիւն ունէր, ու նաեւ զոհը իր արտակարգ սովորութիւններով ծանօթ ըլլալուն համար, երդուեալ դատաւորները չվարանեցան անձնասպանութիւն մը եզրակացնելու։ Ես որ մահուընէ սարսափիլը գիտէի, չէի կարծեր թէ անձնասպան եղած ըլլար։ Բայց քննութիւնը առաջ տանող չեղաւ եւ հայրս տիրացաւ ժառանգութեան, իբր 14,000 ոսկի, զորս պանքան դրաւ։

— Վա՛յրկեան մը, ընդմիջեց Հօլմս՞։ Ձեր վկայութիւնը մինչեւ հիմակ իմ լսածներուս ամէնէն հետաքրքրականներէն մէկն է։ Ըսէք ինծի թէ ձեր հօրեղբայրը ճիշտ ո՞ր թուականին ստացաւ նամակը եւ ե՞րբ տեղի ունեցաւ կարծեցեալ անձնասպանութիւնը։

— Նամակը հասաւ 1883 Մարտ 10 ին եւ մահը տեղի ունեցաւ եօթը շաբաթ ետքը, Մայիս 2 ի գիշերը։

— Շնորհակալ եմ։ Հիմա շարունակեցէք։

— Երբ հայրս կալուածը ժառանգեց, իմ խնդրանքովս մանրազնին կերպով աչքէ անցուեցաւ ձեղնայարկը, որ մինչեւ այն օրը դոց էր։ Հոն գտանք պղինձէ տուփը բայց բոլորովին պարապ էր։ Կափարիչին ներսի կողմը պիտակ մը կը գտնուէր Ք․ Ք․ Ք․ սկզբնատառերով եւ հետեւեալ արձանագրութեամբ․ «Նամակներ, յիշատակագիր, ստացագիրներ եւ ցուցակ», ցոյց տալով գնդապետ Օբէնշոյի փճացուցած թուղթերուն հանգամանքը։ Ասկէ դուրս, գտնուեցան հօրեղբայրս Ամերիկայի մէջ անցուցած կեանքին վերաբերեալ թուղթեր եւ ծանօթատետրներ։ Այս վերջիններէն մէկ քանին պատերազմին ատենէն մնացած էին եւ կը ցուցնէին թէ հօրեղբօրս, իր պարտականութիւնը կատարելով, քաջ զինուորի համբաւին արժանացած էր։ Ուրիշներ, որ Հարաւային Նահանգներու վերակազմութեան թուականը կը կրէին, մասնաւորապէս քաղաքականութեան վրայ կը խօսէին եւ ի վեր կը հանէին կորովի դիմադրութիւնը, զոր պարտաւորուած էմ ընել Հիւսիսէն եկող արկածախնդիրներուն։

Այսպէս, հայրս 84 ի սկիզբը հաստատուեցաւ Հօրշէյմի մէջ եւ ամէն բան կարելի եղածին չափ աղէկ գնաց մինչեւ 85 Յունուար։ Յունուար 4 ին միատեղ ճաշելու վրայ էինք, երբ յանկարծ հայրս զարմանքէն պոռաց բարձրաձայն։ Մէկ ձեռքովը բռնած էր պահարան մը, զոր պատռած էր եւ միւսով՝ նարինջի հինգ կուտեր։ Միշտ ծաղրած էր ինչ որ կʼանուանէր «ուրուականի պատմութիւնս»։ Բայց այդ պատմութիւնը իրեն համար իրականութիւն մը ըլլալով, ապշեցաւ ու նոյն իսկ սարսափահար եղաւ։

— Ի՞նչ ըսել կʼուզէ ասիկա, Ճօ՛ն, հարցուց ինծի։

Սոսկումէս սառեր մնացեր էի։ «Ք․ Ք․ Ք» է, ըսի։ Պահարանին մէջի կողմը նայեցաւ։

— Ճիշդ ադ է, ըսաւ։ Ահաւասիկ նո՛յն գիրերը։ Բայց վրան ի՞նչ գրուած է։

«Թուղթերը արեւի ժամացոյցին վրայ դրէք», ըսի, ուսին վրայէն նայելով։

— Ի՞նչ թուղթեր, ի՞նչ արեւի ժամացոյց։

— Պարտէզին ժամացոյցը։ Ուրիշ չկայ։ Բայց այդ թուղթերը անո՛նք ըլլալու են, որոնք փճացուեցան։

— Բէ՛հ, ըսաւ քաջութիւնը հաւաքելով, հոս քաղաքակիրթ երկրի մէջ ենք։ Անխելքութիւն չընենք։ Ո՞ւրկէ կուգայ ասիկա։

Տընտիէն, պատասխանեցի դրոշմին նայելով։

— Գէշ կատակ մըն է։ Արեւի ժամացոյցի եւ թուղթերու այս պատմութեան հետ գործ չունիմ։

— Եթէ ես ձեր տեղը ըլլայի, անշուշտ իմաց կուտայի ոստիկանութեան, ըսի։

— Ո՛չ, ո՛չ, չեմ ուզեր որ ծաղրեն զիս։

— Այն ատեն թողէք որ ես իմաց տամ։

— Կʼարգիլեմ։ Չեմ ուզեր որ այդպիսի անմտութիւններ տարաձայնուին։

Հայրս խիստ յամառ էր։ Ժամանակ կորսնցնել էր զինքը համոզելու փորձ անելը։ Տխուր նախզգացումներ ունէի։ Այդ նամակին ստացուելուն երրորդ օրը, հայրս գնաց այցելութիւն տալու իր վաղեմի բարեկամներէն մէկուն՝ հազարապետ Ֆրօպօդիի, որ Բօրթստաուն Հիլի մէկ ամրոցին կը հրամայէ։ Ներքնապէս գոհ էի դուրս ելլելուն համար, վասն զի կը կարծէի թէ տունէն դուրս աւելի ապահովութեան մէջ էր։ Բայց ո՜րչափ կը սխալէի։ Իր բացակայութեան երկրորդ օրը, հեռագիր մը ստացայ հազարապետէն, որ ինձմէ կը խնդրէր անմիջապէս գալ։ Հայրս ինկած էր փոսի մը մէջ, որոնցմէ շատ կայ շրջակաները եւ գտնուած էր զգայազիրկ, գանկը խորտակուած։ Տակաւին կը շնչէր երբ հասայ, բայց չկրցանք սթափեցնել զինքը։ Կʼերեւայ թէ վերջալոյսին մեկնած էր Ֆօրտհէմէն։ Այդ տեղուանքը անծանօթ էին իրեն եւ չէր գիտեր թէ ճամբուն երկայնքը կաւիճի հանքեր կային, առանց պատուարով մը պաշտպանուելու։ Անկում մը զարմանալի չէր այս պայմաններուն մէջ եւ երդուեալները եզրակացուցին թէ մահը արկածի մը արդիւնք էր։ Ե՛ս իսկ հօրս մահուան հետ առնչութիւն ունեցող պարագաները քննելէ ետք, սպանութեան մը հնարաւորութիւնը մէկդի ըրի։ Արդարեւ մարմինը բռնութեան նշան մը չէր կրեր։ Գողութիւնը պիտի չկրնար ոճիրին շարժառիթը ըլլալ եւ յետոյ շրջակաները օտարականներու պտտիլը տեսնուած չէր։ Հակառակ ասոր, միտքս կը չարչարուէր եւ չէի կրնար չկարծել թէ դաւադրութիւն մը լարուած էր անոր դէմ։

Հօրս միակ ժառանգորդն էի ճակատագրապէս։ Եւ եթէ հաւանեցայ անոր գոյքերը ժառանգել, պատճառը համոզուած ըլլալս էր թէ մեր դժբախտութիւնները հօրեղբօրս կեանքին մէկ միջադէպին հետ կապակցութիւն ունէին եւ թէ պիտի հետապնդուէի ո՛ւր տեղ որ ալ ապաստանէի։

85 Յունուարին էր որ մեռաւ խեղճ հայրս։ Անկէ ի վեր երկու տարի եւ ութ ամիս անցած են։ Այս միջոցին երջանիկ ապրեցայ Հօրշէյմի մէջ։ Նոյն իսկ կը սկսէի կարծել թէ տնէծքի ժամը անցած էր ընտանիքին համար եւ թէ մեր դժբախտութիւններուն շարքը մարած էր նախորդ սերունդին հետ։ Աւա՛ղ, շատ շուտով ուրախացած էի, վասն զի երէկ առտու ագետալի հարուածը իջաւ վրաս, ինչպէս ատենօք հօրս վրայ։

Երիտասարդը ճմրթկուած պահարան մը հանեց բաճկոնակին գրպանէն, դարձուց սեղանին վրայ եւ նարինջի հինգ կուտեր ձգեց։

— Ահաւասիկ պահարանը, շարունակեց։ Դրոշմը Լոնտոնէն է, Արեւելեան թաղէն։ Ներսի կողմը կը գտնուին այն միեւնոյն գիրերը, որոնք կʼերեւային հօրս ուղղեալ վերջին նամակին վրայ․ «Ք․ Ք․ Ք․» եւ յետոյ սա պարբերութիւնը․ «Թուղթերը արեւի ժամացոյցին վրայ դրէք»։

— Ի՞նչ ըրիք, հարցուց Հօլմս։

— Ոչինչ։

— Ոչի՞նչ։

— Ճիշդը ըսելով, պատասխանեց նուրբ եւ տժգոյն ձեռքերուն մէջ ծածկելով գլուխը, յուսահատած եմ այն խեղճ ճագարին պէս, որուն օձ մը կը ջանար փաթթուիլ։ Կʼզգամ թէ կը հետապնդուիմ անյաղթելի եւ անողոք ճակատագրի մը կողմէ, որ կարող է մեր բոլոր ջանքերը ի դերեւ հանել։

— Բէ՛հ, պոռաց Հօլմս, պէտք է դործել, սիրելիս, ապա թէ ոչ կորսուած էք։ Կորովը միայն կրնայ ազատել ձեզ։ Յուսահատելու վայրկեանը չէ։

— Ոստիկանութեան խորհուրդ հարցուցի։

— Է՛, ե՞տքը։

— Պատմութիւնս մտիկ ըրին ժպտելով։ Ոստիկանապետը կʼերեւակայէ անշուշտ թէ այդ նամակները կատակներ են, թէ հօրեղբօրս եւ հօրս յաջորդական մահերը արկածներու արդիւնք են, ինչպէս յայտարարեցին երդուեալները եւ թէ անոնք առնչութիւն մը չունին այս խորհրդաւոր պատմութիւններուն հետ։

Հօլմս իր գոց կռուփները օդին մէջ շարժեց պոռալով․

— Օ՜հ, անհաւատալի ապուշութի՜ւն։

— Սակայն ինծի ոստիկան մը յատկացուցին որպէս զի տունը պահպանէ ինծի հետ։

— Այս գիշեր ձեզի հետ եկա՞ւ։

— Ո՛չ, վասն զի հրաման ունէր տանը մէջ մնալու։ Հօլմս նորէն շարժում մը ըրաւ։

— Ինչո՞ւ զիս գտնելու եկաք, կամ մանաւանդ ինչո՞ւ աւելի կանուխ չեկաք։

— Չէի ճանչնար ձեզ։ Այսօր միայն սարսափս հաղորդեցի հազարապետ Բրէնտէրկէսթի եւ ա՛ն էր որ խորհուրդ տուաւ ինծի ձեզ տեսնել։

— Ահա երկու օր է որ նամակը առեր էք։ Պէտք էր առաջ գայիք։ Կʼենթադրեմ թէ ձեր ինծի ցոյց տուածէն զատ ուրիշ ապացոյց մը, ուրիշ մանրամասնութիւն մը չունիք, որով կարելի ըլլայ հետք մը գտնել։

— Այո՛, ուրիշ բան մըն ալ կայ, ըսաւ Ճօն Օբէնշօ։

Եւ այս ըսելով, վերարկուին գրպանը խառնեց եւ գունատ կապոյտ թուղթի կտոր մը հանելով սեղանին վրայ դրաւ։

— Տարտամօրէն կը յիշեմ թէ, աւելցուց, հօրեղբօրս իր թուղթերը այրած օրը նշմարեցի որ մոխիրներուն մէջ գտնուած եւ չփճացած թուղթերուն եզերքները ճիշդ այս գոյնը ունէին։ Այս միակ թուղթը իր սենեակին տախտակամածին վրայ գտայ եւ կարծեմ թէ միւսներուն մէջէն ինկած, հեռուն գացած եւ այս կերպով փճացումէ խուսափած է։ Այս թուղթը նարինջի կուտերը միայն կը յիշատակէ։ Ատկէ զատ ուրիշ կարեւոր նշան մը չեմ տեսներ։ Կը խորհիմ թէ յուշատետրի մը մէկ էջն է։ Ամէն պարագայի մէջ հօրեղբօրս գիրն է։

Հօլմս կաթեղը մօտեցուց եւ երկուքս ալ ծռեցանք թուղթին վրայ, որուն անկիւնատուած եզերքները կը ցուցնէին թէ տետրակի մը մէջէն խզուած էր։

Գլուխը կը կարդացուէր․ «Մարտ 1869» եւ վարը՝ սա առեղծուածային խօսքերը․

«4 ին, Հըտսըն եկաւ։ Փոփոխութիւն չկայ։

«7 ին, կուտերը ղրկուած Մաք Քօլէյի, ի Բարամօր, եւ Սէյնթ Օկիւսթինցի Ճօն Սուէնի։

«9 ին, Մաք Քօլէի կʼանհետանայ։

«11 ին, Ճօն Սուէն կʼանհետանայ։

12 ին, այցելութիւն ի Բարամօր։ Ամէն բան կարգին է»։

— Շնորհակալ եմ, ըսաւ Հօլմս թուղթը ծալլելով եւ այցելուին դարձնելով։ Հիմա կորսնցնելիք վայրկեան մը չունիք։ Տուն գացէք եւ շուտ գործեցէք։

— Բայց ի՞նչ ընելու է։

— Մէկ բան միայն եւ անմիջապէս․— Այս թուղթը կը դնէք պղինձէ տուփին մէջ, որուն խօսքը ըրիք ինծի եւ անոր կը միացնէք ծանօթագիր մը, ըսելով թէ ձեր հօրեղբայրը միւս բոլոր թուղթերը այրած է, բաց ի ասկէ։ Յետոյ տուփը կը դնէք արեւի ժամացոյցին վրայ։ Հասկցա՞ք։

— Այո՛։

— Հի ակուհիմա մի՛ մտածէք ո՛չ վրէժխնդրութեան եւ ոչ ուրիշ նմանօրինակ բանի մը վրայ։ Վրէժը պիտի լուծենք օրինական միջոցներով։ Մենք պիտի լարենք մեր ցանցը, մինչ իրենցը կազմ ու պատրաստ է։ Ընելիք առաջին գործը ձեզի սպառնացող վտանգը հեռացնելն է։ Յետոյ կը լուսաբանենք գաղտնիքը, յանցաւորները պատժելով։

— Շնորհակալ եմ, ըսաւ երիտասարդը ոտքի ելլելով եւ վերարկուն հագնելով, կեանք եւ յոյս ներշնչեցիք ինծի։ Ձեր խորհուրդներուն պիտի հետեւիմ։

— Վայրկեան մը իսկ մի՛ կորսնցնէք եւ մանաւանդ հսկեցէք ձեր ապահովութեան վրայ, վասն զի անշուշտ իրական եւ անմիջական վտանգ մը կʼսպառնայ ձեզի։ Ի՞նչպէս պիտի դառնաք։

— Վաթէրլոյէն մեկնող կառախումբով։

— Ժամը տակաւին ինը չկայ։ Փողոցները անցորդներ գտնուելու են եւ կը կարծեմ թէ վախու բան չկայ։ Յիշեցէք սակայն թէ ո՛րչափ հսկէք ձեր անձին վրայ՝ քիչ է։

— Զինուած եմ։

— Աղէ՛կ։ Վաղը պիտի սկսիմ ուսումնասիրել ձեր գործը։

— Ուրեմն Հօրշէյմի՞ մէջ պիտի տեսնեմ ձեզ։

— Ո՛չ, ձեր գաղտնիքին բանալին Լոնտոնի մէջ է։ Հոն փնտռել կʼուզեմ։

— Է՛ ուրեմն, մէկ կամ երկու օրէն ձեզ տեսնելու կուգամ, գիտնալու համար թէ ի՛նչ կը խորհիք տուփին ու թուղթերուն վրայ։ Միշտ ձեր խորհուրդներուն պիտի հետեւիմ։

Ձեռքերնիս սեղմեց եւ հեռացաւ։ Դուրսը, հովը կը մռնչէր տակաւին եւ անձրեւը կը մտրակէր պատուհանները։ Այս տարօրինակ արկածը կարծես թէ մոլեգնած տարրերուն կողմէ բերուած ու դէպի մեզ մղուած էր,— ինչպէս պիտի մղուէին ջրիմուռները (ջրային խոտ մը) փոթորկոտ օր մը—, ու նաեւ կարծես թէ սահմանուած էր ընկլուզելու ա՛յն միեւնոյն ալիքներուն տակ, որոնք բերած էին զայն։

Շէրլօք Հօլմս նստած էր, լուռ, գլուխը դէպի առաջ ծռած։ Աչքերը չէին բաժնուէր բոցէն, որ վառարանին մէջ կը փայլէր։ Սիկառը վառեց եւ կռնակը թիկնաթուռին յենարանին տալով, սկսաւ դիտել ծուխի գուլաները, որ զիրար կը հալածէին դէպի ձեղուն։

— Կարծեմ թէ, Ուօ՛թսըն, ըսաւ վերջապէս, մեր դատական բոլոր գործերուն ամէնէն երեւակայականն է ասիկա։

— Բաց ի, սակայն, Չորսերու Նշանէն։

— Այո՛, թերեւս։ Սակայն ինծի կուգայ թէ այս Ճօն Օբէնշօն աւելի ենթակայ է վտանդներու քան Շօլթօները։

— Բայց այդ բոլոր վտանգներուն ի՛նչ ըլլալը կը գուշակէ՞ք, հարցուցի։

— Անոնց բնոյթին մասին տարակոյս չի կրնար ըլլալ պատասխանեց Հօլմս։

— Է՛ ուրեմն, ի՞նչ տեսակ վտանգներ են։ Ո՞վ է այդ Ք․ Ք․ Ք․ ն եւ ինչո՞ւ կատաղօրէն կը հալածէ այս խեղճ ընտանիքը։

Շէրլօք Հօլմս աչքերը գոցեց, արմուկները թիկնաթոռին թեւերուն վրայ դրաւ եւ մատներուն ծայրը միացուց։

— Իտէալ տրամաբանը, ըսաւ, երբ եղելութեան մը կը տեղեկանայ իր բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ, պէտք է անկէ հետեւցնէ ո՛չ միայն նախընթաց դէպքերուն շարունակութինը, այլ նաեւ բոլոր հետեւանքները։

«Ինչպէս որ Քիւվիէ կրնար ամբողջ անասուն մը նկարագրել միմիայն ոսկոր մը ուսումնասիրելով, նոյնպէս դիտող մը, որ դէպք մը քննած է, պէտք է կարող ըլլայ որոշել միւսները, այսինքն անոնք որ նախապէս տեղի ունեցած են եւ անոնք որ յետոյ տեղի պիտի ունենան։ Մենք տակաւին չըմբռնեցինք հետեւանքները, որոնց միմիայն տրամաբանութիւնը կրնայ տանիք մեզ։ Կարելի է ուսումնասիրութեամբ լուծել կարգ մը խնդիրներ, որոնք տրամաբանութեան ճիգերը արհամարհած են։ Այսու հանդերձ, արուեստին կատարելութեան հասնելու համար, պէտք է որ տրամաբանը կարող ըլլայ օգտուիլ իրեն հաղորդուած բոլոր եղելութիւններէն։ Ասիկա, ինչպէս պիտի տեսնէք, կʼենթադրէ խորունկ գիտութիւն մը, ինչ որ հազուագիւտ բան է նո՛յն իսկ մեր ժամանակին մէջ, ուր ուսուցումը ձրի է եւ համայնագիտական։ Սակայն անկարելի չէ որ մարդ մը յաջողի գիտնալ ինչ որ անհրաժեշտ է իր պաշտօնին։ Կրնամ ըսել թէ ա՛յս եղած է իմ կեանքիս նպատակը։ Եթէ լաւ կը յիշեմ, օր մը, մեր բարեկամութեան սկիզբը, խիստ որոշ կերպով մը սահմանեցիք իմ գիտուիւնս։

— Այո՛, պատասխանեցի խնդալով։ Զարմանալի «տօքիւման» մըն էր։ Փիլիսոփայութեան, աստեղագիտութեան եւ քաղաքականութեան քով զէռօ դրուած էր, կը յիշեմ։ Բուսաբանութեան մէջ ձեր գիտութեան հաւասարող չկար։ Երկրաբանութեանմ էջ խորին հմտութիւն, ի մասին ցեխի բիծերու, երբ այդ ցեխը առնուած էր քաղաքին 50 քիլօմէդրնոց մէկ շրջանակին մէջ։ Քիմիաբանութեան մէջ արտակեդրոն որակած էի ձեզ։ Անդամազննութթեան մէջ մէթոտի պակասութիւն կը գտնէի, բայց անբաղդատելի էիք զգայացունց գրականութեան եւ ոճիրի ուսումնասիրութեանց մէջ։ Ջութակահար, կռփամարտիկ, օրէնքի եւ սուրի մարդ, քօքաինի եւ ծխախոտի մոլի։ Ասոնք են, կարծեմ, իմ վերլուծումիս գլխաւոր գիծերը։

Հօլմս դէմքը ծամածռեց այս վերջին խօսքերուն վրայ։

— Է՛ ուրեմն, շարունակեց, ըսի եւ կը կրկնեմ թէ մարդ մը պարտաւոր է իր պզտիկ ուղեղին մէջ պահել ինչ որ կրնայ օգտակար ըլլալ իրեն։ Գալով աւելցուքին, զանիկա պիտի դիզէ իր մատենադարանին մէջ, սպասելով որ պէտք ունենայ անոր։ Այսպէս, այս իրիկուն մեզի հաղորդուածին նման դէպքի մը համար պէտք ունինք մեր բոլոր աղբիւրներուն կոչում ընելու։ Կʼաղաչեմ, ինծի տուէք Անսիքլօբետի ամեռիքենի Ք․ գիրը պարունակող հատորը, որ ձեր քովն է, դարակին վրայ։ Շնորհակալ եմ։ Հիմա կացութիւնը քննենք եւ տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք հետեւցնել անկէ։ Ամէնէն առաջ կրնանք յանդգնօրէն ենթադրել թէ գնդապետ Օրէնշօ Ամերիկան լքանելու մասնաւոր պատճառ մը ունէր։ Իր տարիքը ունեցող մարդ մը կամովին չի փոխեր իր սովորութիւնները եւ չի բաժնուիր Ֆլօրիտայի սիրուն կլիմայէն Անգլիոյ գաւառային մէկ պզտիկ քաղաքին մէջ մեկուսանալու համար։ Առանձնութեան մասին իր ունեցած խորունկ սէրը կարծել կուտայ ինծի թէ մէկու մը կամ բանի մը վախէն կը հալածուէր եւ կրնանք ենթադրել թէ այս վախն է որ Ամերիկան լքանել տուաւ իրեն։ Գալով թէ ի՛նչ էր իր վախին բուն առարկան, կրնանք որոշել զայն իր եւ իր ժառանգորդներուն ստացած սոսկալի նամակներուն համեմատ։ Դիտեցի՞ք այդ նամակներուն դրոշմները։

— Առաջինը կուգար Բօնտիշէրիէն, երկրորդը Տընտիէն եւ երրորդը Լոնտոնէն։

— Արեւելեան Լոնտոնէն։ Ի՞նչ կրնաք հետեւցնել ասկէ։

— Այդ երեք քաղաքները նաւահանգիստներ են։ Ասկէ կը հետեւցնեմ թէ այդ նամակներուն հեղինակը շոգենաւի մը մէջ կը գտնուէր։

— Աղէ՛կ։ Թելի մը ծայրը բռնած ենք արդէն։ Նամակագիրը շոգենաւի մը մէջ էր։ Շարունակենք քննութիւնը Բօնտիշէրիի նամակին համար։ Սպառնալիքին եւ անոր գործադրութեան միջեւ եօթը շաբաթներ անցած են։ Տընտիի համար, միջոցը երեք կամ չորս օր միայն եղած է։ Ասոր մէջ նշան մը կը տեսնէ՞ք։

— Սա՛ նշանը կը տեսնեմ թէ նամակին հեղինակը մեծ հեռաւորութենէ մը անցած է։

— Այո՛, բայց նամակն ալ այդ, միեւնոյն հեռաւորութենէն անցած է։

— Այն ատեն չեմ հասկնար։

— Նաւը, որով կը ճամբորդէր այդ մարդը կամ մարդիկը, անշուշտ առագաստանաւ մըն է։ Կʼերեւայ թէ իրենց տարօրինակ նամակը միշտ ղրկած են իրենց ճամբայ ելլելէն առաջ։ Տընտիի նամակին առթիւ դիտեցիք թէ ո՛րչափ քիչ ժամանակ անցած է նամակին եւ անոր պարունակած սպառնալիքին գործադրութեան միջեւ։ Եթէ Բօնտիշէրիէն շոգենաւով մը եկած ըլլային, գրեթէ իրենց նամակին հետ միեւնոյն ատեն պիտի հասնէին։ Արդ, ամբողջ եօթը շաբաթներ անցած են։ Ըստ իս, եօթը շաբաթները կը ներկայացնեն արագութեան տարբերութիւնը նամակը բերող շոգենաւին եւ նամակին հեղինակը բերող առագաստանաւին միջեւ։

— Կարելի է։

— Ես լաւագոյնը պիտի ըսեմ․— հաւանական է։ Եւ հիմա կը հասկնանք թէ այս նոր պարագան ո՛րչափ ստիպողական է եւ ինչո՛ւ երիտասարդ Օբէնշոյի յանձնարարեցի հսկել իր անձին վրայ։ Աղէտը միշտ զոհերուն գլխին եկած է նամակը ղրկողին ճամբորդութեան համար անհրաժեշտ եղած ժամանակին լրանալէն ետք։ Վերջին նամակը Լոնտոնէն կուգայ։ Ուստի պէտք չէ որ երկար ատեն սպասենք։

— Տէ՛ր Աստուած, պոռացի, Ի՞նչ կրնայ նշանակել ուրեմն այս կատաղի հալածանքը։

— Օբէնշոյի քովը գտնուած թուղթերը անշուշտ շատ կարեւոր են այն անձին կամ անձերուն համար, որոնք առագաստանաւին մէջ կը գտնուին։ Կրնամ հաւաստել թէ այդ անձերը քանի մը հոգի էին։ Միակ մարդ մը պիտի չկրնար երկու սպանութիւններու հեղինակը ըլլալ ու այդ կերպով խաբել երդուեալ դատաւորները։ Ուստի ոճրագործները մէկէ աւելի էին, ամենքն ալ միջոցներ ունեցող հաստատամիտ մարդեր։ Կʼուզեն այդ թուղթերը ունենալ, որո՛ւ քով ալ որ գտնուին անոնք։ Այս կերպով Ք․ Ք․ Ք․ չի ներկայացներ միակ անհատի մը սկբնատառերը, այլ ընկերակցութեան մը խորհրդանշանն է։

— Բայց ո՞ր ընկերակցութեան։

— «Քիւ Քլիւքս Քլան»ի խօսքը լսա՞ծ էք երբեք, ըսաւ Հօլմս ցած ձայնով։

— Ո՛չ, երբեք։

Հօլմս իր գիրքը թղթատեց։

— Տեսէք՝ ահաւասիկ․ «Քիւ Քլիւքս Քլան», կʼըսէ․— Այս անունը ծագում առած է ուշագրաւ նմանութենէն, զոր ունի քարապինայի մը ձայնի հետ։ Այս սոսկալի գաղտնի ընկերութիւնը քաղաքային պատերազմէն ետք հարաւային Նահանգներուն մէջ կազմուեցաւ քանի մը նախկին պաշտօնակիցներու կողմէ եւ շատ չանցած, ճիւղեր ունեցաւ զանազան գաւառներու, մանաւանդ Թէնըսիի, Լուիզիանայի, Քառօւիններուն եւ Ֆլօրիտայի մէջ։ Քաղաքական ոյժ մը ունէր, սեւամորթ ընտրողները կʼահաբեկէր եւ կʼանհետացնէր կամ երկրէն կը վտարէր ամէն անոնք որ իր ծրագիրներուն արգելք կʼըլլային։ Այս ընկերութեան անդամները, զարնելէ առաջ, մքածին բայց դիւրաւ ճանչցուելիք ձեւի մը տակ նամակ մը կը ղրկէին որոշուած զոհին, մերթ կաղնիի տերեւի ընձիւղ մը, մերթ սեխի կամ նարինջի կուտեր։ Այս ազդարարութիւնը ստանալով, զոհը պարտաւոր էր կա՛մ իր ապրելու եղանակը փոխել, կամ երկրէն փախչիլ։ Եթէ սպառնալիքին կարեւորութիւն չտար, անվրէպ իրեն կը սպասէր մահը, —եւ միշտ տարօրինակ, անակնկալ մահ մը։ Այս ընկերութիւնը այնչափ լաւ կազմակերպուած էր եւ այնչափ մէթոտիկ կանոններ ունէր որ հազիւ մէկ պարագայի մէջ մարդ մը կրցած է անպատիժ կերպով դիմագրաւել անոր եւ կամ թէ կարելի եղած է ոճիրի մը հեղինակներուն հետքը գտնել։ Քանի մը տարի առաջ այս ընկերութիւնը իր յաջողութեան գագաթնակէտին հասած էր հարաւային Նահանգներու կառավարութեան եւ բարձր դասին ջանքերուն հակառակ։ 1869ին, ընկերակցութիւնը յանկարծ լուծուեցաւ։ Սակայն վերակազմութեան մասնակի փորձեր եղան այդ թուականէն ի վեր»։

— Պիտի դիտէք թէ, ըսաւ Հօլմս հատորը վար դնելով, այս ընկերութեան յանկարծական լուծումը կը զուգադիպի անհետացմանը հետ Օբէնշոյի, որ Ամերիկայէն հեռացաւ թուղթերը միասին առնելով։ Պատճառ եւ արդիւնք միեւնոյն ատեն կրնային գտնուիլ ասոր մէջ։ Զարմանալի չէ որ անողոք ոգիներ անդադար կը հալածեն Օբէնշօ ընտանիքին անդամները։ Կը հասկնաք թէ այդ տոմարը եւ յուշատետրը կրնան վտանգել Հարաւի երեւելիներէն մէկ քանին եւ թէ անոնցմէ շատեր պիտի չքնանան որչափ ատեն որ այս թուղթերը իրենց ձեռքը չըլլան։

— Ուրեմն մեր տեսած է՞ջը…

— Ճիշդ ան է, զոր կրնայինք ենթադրել։ Եթէ լաւ կը յիշեմ, անոր մէջ գտնուած էր «Կուտերը ղրկուած Ա․ին, Բ․ին եւ Գ․ին», ինչ որ ըսել կʼուզէ թէ ընկերութեան ազդարարութիւնները ղրկուած են Ա․ին, Բ․ին եւ Գ․ին։ Յետոյ կայ սա ծանօթութիւնը․ «Ա․ եւ Բ․ անհետացան կամ երկրէն մեկնեցան»։ Գալով Գ․ին կը վախնամ թէ տխուր վախճան մը ունենայ։ Է՛ ուրեմն, հիմա կը կարծեմ, տո՛քդոր, թէ կրնանք քիչ մը լոյս ձգել այս մթին պատմութեան վրայ եւ թէ երիտասարդ Օբէնշոյի համար փրկութեան միակ հնարաւորութիւնն է ընել ինչ որ ըսի իրեն։ Այս իրիկուան համար ուրիշ բան չկայ։ Ջութակս տուէք ինծի եւ փորձենք կէս ժամու չափ մոռնալ դուրսի սա խիստ տխուր օդը եւ մարդկային ցեղին ո՛չ նուազ ողբալի կիրքերը։

Առտուն օդը բացուած էր եւ արեւը երկչոտ պայծառութիւնով մը կը փայլէր մեծ քաղաքը ծածկող ամպամած քօղին մէջէն։ Շէրլօք Հօլմս արդէն սեղան նստած էր երբ վար իջայ։

— Ներեցէք որ ձեզի չսպասեցի, ըսաւ։ Կʼենթադրեմ թէ այսօր երիտասարդ Օբէնշոյի գործին ուսումնասիրութեամբ պիտի անցընեմ օրս։

— Ի՞նչ ընթացքի պիտի հետեւիք, հարցուցի։

— Ատիկա առաջին հետազօտութիւններուս արդիւնքէն կախում պիտի ունենայ։ Կրնայ ըլլալ որ Հօրշէյմ երթամ։

— Ամէնէն առաջ հոն պիտի չերթա՞ք։

— Ո՛չ, Լոնտոնէն պիտի սկսիմ… Սպասուհին կանչեցէք որ ձեր սուրճը բերէ։

Հիմակուհիմա բացի սեղանին վրայ դրուած թերթերէն մէկը եւ ակնարկ մը ձգեցի վրան։ Ուշադրութիւնս գրաւեց յօդուած մը, որ սարսուռ պատճառեց ինծի։

— Հօ՛լմս, շատ ուշ մնացիք, ըսի։

— Ա՛հ, պատասխանեց գաւաթը վար դնելով, ատկէ կը վախնայի։ Ի՞նչպէս եղեր է։

Հօլմս, ինքզինքը շատ հանդարտ ցոյց տալով մէկտեղ, խիստ յուզուած էր։

Ակնարկս հանդիպեցաւ Օբէնշօ անունին եւ սա խորագրին․ «Տռամ՝ Վաթէրլոյի կամուրջին վրայ»։ Ահաւասիկ յօդուածը․

«Երէկ գիշեր, ժամը 9ին եւ 10ին միջոցները, ոստիկան Քուք, որ Վաթերլոյի կամուրջին մօտ պահակ կը սպասէր, օգնութեան կոչ մը եւ ջուրին խորը երթալու ձայն մը լսեց։ Գիշերը մթին էր, կատաղի փոթորիկ մը կը տիրէր եւ քանի մը անցորդներու օգնութեան հակառակ, կարելի չեղաւ ազատարարութեան գործը յաջողցնել։ Սակայն իրարանցումին նշանը տրուեցաւ եւ քարափի ոստիկանութիւնը յաջողեցաւ ցամաք հանել մարմինը Օբէնշօ անուն երիտասարդի մը, որ Հօրշէյմ կը բնակի, ինչպէս կը հաստատէ իր գրպանին մէջ գտնուած պահարան մը։ Կʼենթադրուի թէ Վաթէրլոյի կայարանին մէջ վերջին կառախումբին հասնելու աճապարանքով եւ մթութեան շնորհիւ ճամբան շուարած է եւ նաւերը կապելու ծառայող կամրջակի մը ծայրէն անցած է։ Մարմինին վրայ բռնութեան ո՛ եւ է հետք չըլլալով, բացայայտ կʼերեւի թէ հանգուցեալը զոհ եղած է աղետալի արկածի մը։ Այս դժբախտութիւնը պէտք է որ իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրէ կամրջակներու ձախող դիրքին վրայ»։

Քանի մը վայրկեան անշարժ եւ լուռ մնացինք։ Հօլմս առաջուընէ աւելի յուզուած էր։

— Ի՜նչ ձախողութիւն իմ արժանապատուութեանս համար, Ուօ՛թսըն, ըսաւ վերջապէս։ Ասիկա շատ փափուկ զգացում մըն է, կը խոստովանիմ, բայց հպարտութիւնս կը վիրաւորուի։ Անձնական գործ մը կʼընեմ ասիկա եւ եթէ Աստուած կեանք տայ ինծի, այդ խումբը ձեռք պիտի անցընեմ։ Եւ ըսել թէ այդ երիտասարդը իմ օգնութիւնս խնդրելու եկած էր ու ես դէպ ի մա՜հ ղրկեցի զայն։

Յանկարծ ելաւ թիկնաթոռէն եւ սենեակին մէջ վեր վար պտտեցաւ փութկոտ քայլով մը։ Դեղնած այտերուն վրայ թեթեւ կարմրութիւն մը կար։ Իր երկար ու նիհար ձեռքերը կը կծկուէին ջղաձգօրէն։

— Այդ մարդիկը խորամանկ թշուառականներ եղած ըլլալու են որ այս թակարդին մէջ ձգէին զայն, ըսաւ։ Գետին եզերքը կայարանին հետ ուղիղ գիծի վրայ չի գտնուիր։ Նոյն իսկ գիշերուան այդ ժամուն շատ մարդ կʼանցնէր կամուրջէն, որով չէին կրնար գործադրել իրենց ծրագիրը։ Է՛ ուրեմն, Ուօ՛թսըն, պիտի տեսնենք թէ ո՛վ պիտի շահի այս պայքարը։ Անմիջապէս դուրս կʼելլեմ։

— Ոստիկանութեա՞ն դիմելու համար։

— Ո՛չ, ես ինծի կը բաւեմ։ Երբ ցանցս պատրաստեմ, որսը բռնելու մասին վստահ պիտի ըլլամ, բայց ոչ անկէ առաջ։

Ամբողջ օրը գործերովս զբաղեցայ եւ ուշ էր երբ Պէյքըր Սթրիթ դարձայ։ Հօլմս եկած չէր տակաւին։ Վերջապէս, ժամը 10ին միջոցները դարձաւ տժգոյն եւ ուժասպառ։ Ուղղակի պիւֆէն գնաց, կտոր մը հաց կտրեց եւ կերաւ անյագօրէն։ Յետոյ խոշոր գաւաթ մը ջուր խմեց։

— Անօթի՞ էք, ըսի։

— Չափազանց։ Նախաճաշէն ի վեր բերանս բան մը չեմ դրած։

— Բան մը չէ՞ք դրած։

— Ո՛չ։ Եւ յետոյ ժամանակ չունէի ատոր վրայ խորհելու։

— Է՛ ուրեմն, յաջողեցա՞ք։

— Այո՛, անշո՛ւշտ։

— Հետք գտա՞ք։

— Ափիս մէջն է։ Քիչ ատենէն պիտի լուծուի երիտասարդ Օբէնշոյի վրէժը։ Իրենց յատուկ դիւային նշանով պիտի դրոշմենք զիրենք։ Աղէկ հնարուած է, այնպէս չէ՞։

— Ի՞նչ ըսել կʼուզէք։

Նարինջ մը առաւ, բացաւ եւ կուտերը սեղանին վրայ դրաւ։ Անոնցմէ հինգ հատ ընտրելով, պահարանի մը մէջ դրաւ եւ ստորոտը գրեց․ «Շ․ Հ․, վասն Ճ․ Օ․ի»։ Յետոյ կնքեց եւ հետեւեալ հասցէն գրեց․

«Նաւապետ Ճէյմս Քօլում, Լօն Սթար նաւ, Սէվէննա»։

— Այո, նամակը իրեն պիտի յանձնուի նաւահանգիստ մտած ատեն, ըսաւ հեգնօրէն, եւ պիտի կրնայ անոր քունը փախցնել։ Իր ճակատագրին յառաճընթացը պիտի ըլլայ, ինչպէս եղաւ Օբէնշոյի համար։

— Ո՞վ է այդ նաւապետ Քօլումը։

— Խումբին պետը։ Միւսներն ալ ձեռք պիտի ձգեմ, բայց նախ՝ անիկա։

— Հետքը ի՞նչպէս գտաք։

Հօլմս գրպանէն լայն թուղթ մը հանեց, որ թուականներով եւ անուններով ծածկուած էր ամբողջովին։

— Ամբողջ օրը անցուցի, ըսաւ, Լօյտի տոմարները եւ հին թուղթերու դէզեր քննելով։ Հետեւեցայ բոլոր նաւերուն, որ Փետրուարին Բօնտիշէրի հանդիպման էին։ Քիչ տարողութեամբ 3Ե նաւեր արձանագրուած են վերջին ամիսներուն այդ քաղաքին տոմարներուն մէջ։ Նաւերէն մէկը՝ Լօն Սթար՝ անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց (թէեւ, ըստ տօմարներուն, Լոնտոնէն գուգայ), վասն զի անոր անունը ամերիկեան Նահանգներէն մէկուն անունն է։

— Կարծեմ Թէքսասն է։

Չեմ կրնար հաւաստել, բայց վստահ եմ թէ ամերիկեան ծագում ունի։

— Է՛, ե՞տքը։

— Տընտիի տոմարները պրպտեցի ու երբ տեսայ որ Լօն Սթար 15 Յունուարին այդ նաւահանգիստը կը գտնուէր, ենթադրութիւնս ստուգութեան փոխուեցաւ։ Յետոյ աչքէ անցուցի ցանկը այն նաւերուն, որոնք այժմ Լոնտոնի նաւահանգիստը կը գտնուին։

— Ե՞տքը։

Լօն Սթար անցեալ շաբթու հասած է։ «Ալպէր Տօք»ը գացի ու իմացայ թէ նաւը այս առտու իսկ գետէն իջած էր, ճամբայ ելլելով դէպ ի Սէվէննա։ Կրէյվսէնդ հեռագրեցի եւ իմացայ թէ արդէն բացերը կը գտնուէր ան։ Հովը արեւելքէն ըլլալով, Լօն Սթար հիմակ անցած է Կուտվէնսէն եւ Հուայթ կղզիին մօտեցած ըլլալու է։

— Ի՞նչ պիտի ընէք ուրեմն։

— Հոգ մի՛ ընէք․ ես անոնց օձիքը չեմ ձգեր։ Գիտեմ թէ նաւուն մէջ գտնուող միակ Ամերիկացիներն են նաւապետը եւ երկու օգնականները։ Միւսները Դանիացի եւ Գերմանացի են։ Գիտեմ նաեւ թէ երեքն ալ ցամաք ելած են երէկ գիշեր։ Ասիկա լսեցի այն մարդէն որ նաւուն մէջ բեռները զետեղելու օգնած է։ Իրենց նաւը Սէվէննա հասնելէ առաջ իմ նամակս թղթատարական կառքով իր հասցէին պիտի ժամանէ եւ Սէվէննայի ոստիկանութիւնը պիտի գիտնայ թէ այդ երեք պարոնները իբր ոճրագործ ամբաստանուած են։

Ինչպէս միշտ, մարդկային ծրագիրները տեղ մը պակասութիւն կʼունենան եւ Ճօն Օբէնշոյի սպանիչները երբեք չստանան նարինջի կուտերը, որոնք պիտի յայտնէին իրենց թէ իրենց չափ հաստատամիտ եւ յանդուգն մարդ մը յաջողած էր երեւան հանել ամէն բան։

Լօն Սթար փոթորիկի բռնուելով ընկղմած էր եւ մէջը գըտնուողներուն ամենքն ալ խեղդուած էին։

Վ Ե Ր Ջ