Պիստակավաճառը

Գրապահարան-ից
01:07, 24 Ապրիլի 2016 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Պիստակավաճառը

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Լռեց․ կէս ժամ անընդհատ խօսեր էր ու հիմա, գրպանէն ճմռթկած սիկառ մը հանելով վառեց իր առջեւ գտնուող կրակարանէն։ Յետոյ սիկառէն երկար շունչ մը քաշելով շարունակեց․

— Ահա այսպէս բարեկամ։ Այս վիճակիս հասնելէ վերջ ալ բոլոր բարեկամներս ու ծանօթներս լքեցին զիս։ Ու հիմա, պարտատէրէս զատ, մեր դուռը զարնող մը չկայ։ Երկու ամիս առաջ ամսականս ալ կտրեցին գործարանէն, ըսելով որ, ըստ տրուած ռաբօրին, արկածը լոկ «անուշադրութեան» արդիւնք է եղեր։

Այսպէս, երկու ամիս առաջ ալ, կատարուած քննութեան արդիւնքը տեղեկացնող նամակով մը, չորս մատերուս իբր «փոխարժէքը» հինգ հարիւր ոսկին ստանալու համար կանչեցին զիս։

Յետոյ, առողջ մնացած ձախ ձեռքովը կրակարանին վրայի շագանակները շտկելով, աւելցուց․

— Երկուշաբթի օր պատահեցաւ արկածը։ Շաբաթ իրիկուն առած դրամս չէր բաւած տան ծախքերուն ու չէի կրցած մսավաճառին հաշիւը մաքրել։ Մենք մսավաճառին հետ գործ չէինք ունեցած երկար ատեն, բայց վերջերս բժիշկները հիւանդ զաւկիս համար միս յանձնարարած էին…

Չերկարենք, առ ի չգոյէ դրամի, ստիպուեցայ այդ իրիկուն ետեւի փողոցէն տուն երթալ։ Մսավաճառին վճարուելիք գումարով հազիւ յաջողեցայ գնել տղուս դեղերը…։

Կիրակին չարչարանքի օր մը եղաւ մեզ բոլորիս համար։ Երկուշաբթի առաւօտ երբ գործի կʼերթայի, դէմ առ դէմ գտայ ինքզինքս մսավաճառին հետ, որ իմաստալից կերպով բարեւեց զիս։ Հասկցայ թէ ինչ ըսել կʼուզէր… բայց ի՞նչ կրնայի ընել։

Մինչեւ կէսօր աշխատեցայ։ Քնատ էի։ Կիրակի գիշեր պզտիկը մինչեւ լոյս չէր քնացուցած կինս ու զիս։ Աչքերս կը փակուէին ու հազար տեսակ մտածումներ խժալուր պայքար կը մղէին զանկիս մէջ։

Կէսօրէն վերջ, դեռ նոր սկսեր էինք գործի, երբ մեքենան, չեմ գիտեր ինչպէս, կտրեց տարաւ աջ ձեռքիս չորս մատները։

Մնացեալը պատմած եմ քեզի։

Թշուառականները այդ կէս օրականս անգամ կերան։ Այո՛, բարեկամս, կերան․ ըսելով թէ դեղի եւ ինքնաշարժի տուեր էին այդ դրամը։ Այդ մարդոց սիրտերը դրամի համար է որ կը բաբախեն միայն․ պիտի քաշուէի՞ն ստելէ։ Անշուշտ ո՛չ։

Երբ գրասենեակ մտայ ու տնօրէնը հաշիւս վճարեց, սրտցաւ արտայայտութիւն մը պարտադրելով իր դէմքին, հարցուց թէ ի՞նչ ընել մտադիր էի այդ դրամով…

Դրամին մեծագոյն մէկ մասը հիւանդ զաւկիս համար ծախսեցի, բայց չկրցայ փրկել զայն։ Ու երբ դրամիս վերջին տասնոցն ալ գնաց, տեսայ որ դէմս դժբախտ կինս մնացեր էր միայն կաթնկեր փոքրիկի մը հետ։ Եւ սակայն, ամենէն սարսափելին, մեր առջեւ գտնուող մութ ապագան էր։

Վիշտն ու յուսահատութիւնը մեզի հաց չբերին ու կինս պատրաստուեցաւ աշխատիլ թրիքօթաժի գործարանի մը մէջ։ Կարճ ժամանակ մը վերջ, սակայն, բաթրօնը ուզեց օգտուիլ կնոջս ընկճուած վիճակէն ու աւելի տարբեր բաներ պահանջեց անկէ։ Ի վերջոյ, երբ տեսաւ թէ անկարելի էր իր բաղձանքներուն իրականացումը, ճամբեց զայն, առարկելով թէ երիտասարդ աղջիկներուն չափ «շուտ չէ ձեռքը»։

Այդ օրերուն պահ մը մտադրեցի սպաննել այդ թռուառականը, որ ոչ մէկ բանէ զրկուած ըլլալով հանդերձ, յանդգնած էր իմ միակ սեփականութեանս ձեռք երկարել։ Յետոյ, սակայն, մտաբերեցի որ այդ պարագային, անգիտակցաբար, ես իմ ձեռքովս կինս պիտի դնէի գէշ ճամբու վրայ։ Բնական էր ատիկա․ կին մը, որուն ամուսինը բանտը կը գտնուի եւ չունի որեւէ նեցուկ, կը սայթաքի անշուշտ…

Ի վերջոյ որոշեցի պիստակավաճառ ըլլալ։ Հիմա, փառք Աստուծոյ, գէշ աղէկ կʼապրուինք։ Ձմեռը սակայն, ինչպէս կը տեսնես, շատ դժուար է կենալ այս անպատսպար տեղը… տեսնենք թէ որքան պիտի տոկանք։ Էհ, ի՞նչ ընենք, դիւրին չէ մէկ ձեռքով ապրուստը շահիլ նման ժամանակի մը մէջ… Տես, ահա՛, ժամը քանի՞ն է․ տասնըմէկուկէ՛ս․ քիչ մը վերջ կէս գիշեր, եւ ես տակաւին երեքուկէս ոսկիի բան ծախած եմ։ Ինչի՞ս կը բաւէ․ իմ ծախքի․ս, վառուած ածուխի՞ն, շագանակներուն ու պիստակներուն դրամի՞ն թէ տնեցիներուն ապրուստին… Չէ, բարեկամ, չէ, ասանկ ատեններ ապրիլը մեռնելէն աւելի դժուար է…։

Դիմացի պառէն շքեղօրէն հագուած զոյգեր կʼելլէին ու ինքնաշարժով կʼանհետանային։

— Կը տեսնե՞ս, պառէն դուրս ելլողներուն ծաղիկ երկարող սա կինը, հարցուց պիստակավաճառը։ Ամուսինը որմնադիր էր, անցեալ տարի աբարթըմանի մը նորոգութեան միջոցին ինկաւ ու մեռաւ։ Հիմա, խեղճ կինը, այսպէս ծաղիկ ծախելով կʼապրի ու կʼապրեցնէ իր մէկ հատիկ զաւակը…

Հիմա, սակայն, քեզի ցոյց պիտի տամ մետայլին միւս կողմը, տես ահա պառէն դուրս ելլող սա նոր զոյգը։ Կինը, անցեալ տարի ամուսնացաւ յիսունը անցուկ մեծահարուստի մը հետ, մինչ ինքը հազիւ երեսուն տարեկան է… կարեւորը դրամն է, չէ՞։ Հիմա, ամուսինը չէ մեռած, ամուսնալուծուած ալ չեն եւ անոր թեւ տուած մարդը իր էրկանը ամենամտերիմ բարեկամներէն մէկն է։

Պիստակավաճառը չխօսեցաւ այլեւս։

Դանդաղ շարժումով ոտքի ելաւ, ունեցածը չունեցածը կողովի մը մէջ լեցուց, ձախ ձեռքով կռնակը զարկաւ ու կրակարանն ալ աջ թեւը անցընելով, գնաց։

Բաւական ժամանակ այդ կողմերը գործ չունեցայ։ Օր մը, երբ դարձեալ անցայ անկէ, պիստակավաճառը չտեսայ իր տեղը։ Անգամ մըն ալ, փետրուարին էր կարծեմ, անցայ․ կին մը կար միեւնոյն տեղը, որ խորոված շագանակներ կը ծախէր։ Հարցուցի իրեն թէ ի՞նչ եղեր էր այն մարդը։

— Մինչեւ Նոյեմբեր հազիւ դիմացաւ, ըսաւ կինը յուզուած։ Յետոյ ձեռքը ցուրտէն քանկրէն եղաւ, հիւանդանոց տարինք, նախ արմուկէն կտրեցին թեւը, յետոյ ուսէն։ Արդէն անկէ վերջ ալ աւելի չապրեցաւ։ Զաւակս մեռաւ այն օրերուն։

Ծաղկավաճառ կինը հարցուցի։

— Անոր ալ զաւակը մեռաւ այս ձմեռ, ըսաւ։ Ինքն ալ օր մը գնաց եւ ա՛լ չեկաւ։

Այսօր
20.11.1947