Րիրիքա

Գրապահարան-ից
Րիրիքա

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Ներկարար Քրոթովին կնոջ՝ Մատամ Շուրայի քրոջը տղան՝ Խենթ Պորիսը, իրենց պարտէզէն խոշոր քար մը նետեց քովի տան պարտէզը եւ այս քարը գնաց հանդիպեցաւ Մաթիլտին գլխուն ու խոշոր բացուածք մը յառաջ բերաւ հոն, ուրկէ սկսաւ առատօրէն արիւն հոսիլ։

Կարգ մը փոքր տարբերութիւններով միայն, ասիկա շատ բնական բան մըն էր։ Խենթ Պորիսը, մօրաքրոջը տունը գալէն ի վեր, ամէն օր մօտաւորապէս թօն մը քար կը նետէր իրենց պարտէզէն․ այնպէս որ, եթէ Մաթիլտ բախտաւոր աղջիկ մը ըլլար, կարելի էր որ գլուխը երկու օր եւս զերծ մնար այդ քարերէն, մինչւե որ ներկարար Քրոթովին պարտէզին քարերը հատնէին։

Ասիկա խորհիլը գուցէ աւելորդ բան մը ըլլար, նկատելով որ երեք չորս օրուան մէջ նետուած անհամար քարերը, անշուշտ թէ օր մը անպայման մարդու մը գլուխ կամ պատուհանի մը ապակին թիրախ ըլլալով պիտի գտնէին իրենց առջեւ։

Բայց ինչո՞ւ այս թիրախը Մաթիլտին գլուխը ըլլար։ Կարեւորը ասիկա էր։

Մաթիլտը, ինձմէ վերջ, ընտանիքին երկրորդ զաւակն էր եւ խաղալու գացած էր դէմի տան պարտէզը, իրեն հասակակից տնեցի պզտիկներուն հետ։ Երբ քարը գլխուն հանդիպեցաւ, ան, փայտի մը վրայ փաթթուած քուրջերով պուպրիկ մը շինելով զբաղած էր։ Հազիւ հինգ վեց տարու կար այն ատեն եւ շարունակ պուպրիկներ կը պատրաստէր իր ընկերուհիներուն։

Երբ քարը գլխուն հանդիպեցաւ, նախ ինք պոռաց։ Յետոյ ընկերները, անկէ վերջ՝ հաւնոցին հաւերը ահագին աղմուկ մը հանեցին ու փողոցը իրար անցուցին եւ Խենթ Պորիս ձիու մը պէս խրխնջելով փախաւ ու սենեակին ցած պատուհաններէն մէկուն մէջ նստելով ոտքերը երկաթներէն վար կախեց ու սկսաւ «Րիրիքա»ն երգել։

Մայրս այդ օր աշխատելու գացած էր եւ հայրս ալ տունը չկար։

Թաղին բոլոր տղոց կողմէ «մեծ մայրիկ» կանչուող Մարիամ Տուտուն դուրս ելաւ դռնէն ու կէս ժամ պոռալէ կանչելէ ու անէծքներ տեղացնելէ վերջ, դարձեալ ներս մտաւ ու անկէ վերջ ալ ամէն բան իր բնականոն վիճակը ստացաւ։

Այդ միջոցին, զարմիկս Եղիշէն եւ ես նստած էինք մեր տան պարտէզը։ Եղիշէն, սալորենիին տակ նստած՝ կռնակը ծառին բունին տուած էր եւ ձուկի կարթ մը կը պատրաստէր։ Հացագործին ձիուն պոչէն քաշուած մազերը երեք երեք կʼոլորէր ու կապ կապ ընելով մէկդի կը դնէր։ Ես, անոր դէմը նստած՝ չեմ գիտեր թէ ուրկէ ձեռքս անցած եւրոպական հանդէսի մը մէջի պատկերները կը դիտէի եւ ձիւթ կը ծամէի։

— Այս տղան փորձանք եկաւ մեր գլխուն, ըսաւ Եղիշէ յանկարծ, երբ ամէն բան իր բնականոն վիճակը ստացեր էր այլեւս։ Անոր այնպիսի խաղ մը ընելու է, որ կեանքին ամբողջ տեւողութեան չմոռնայ։

Յետոյ, աջ ձեռքին բթամատն ու ցուցամատը թքոտեց եւ դարձեալ սկսաւ մազերը ոլորել։

— Ֆիշըրին խաղողները հասեր են, ըսաւ դարձեալ խօսքի սկսելով։ Երէկ իրիկուն անկէ անցայ, սեփսեւ են եղեր անպիտանները։ Այդ մարդը իրենց որթատունկերուն վրայ պիտի փտեցնէ խաղողները։ Ուրեմն, միայն մենք կրնանք փրկել այս վտանգէն եւ որկորի ճամբով փառաւորապէս ստամոքս ուղարկել զանոնք։ Հակառակ պարագային, սպասաւորները պիտի քաղեն։ Այսինքն՝ կամ այն գէր աղջիկը եւ կամ կորաքամակ ցնդած ծերունին։ Մենք ալ, առտուընէ մինչեւ իրիկուն սան տանձենին պիտի քարկոծենք որդնոտած քանի մը տանձի համար։ Եւ գիտե՞ս թէ նաեւ ինչ ընելու մտադիր եմ։ Կը խորհիմ Պորիսն ալ տանիլ մեզի հետ ու հոն յարմար դաս մը տալ անոր։ Պատժել այնպիսի պատիժով մը, զոր երբեք չմոռնայ որքան ատեն որ այդ անպիտան գլուխը կը կրէ իր ուսերուն վրայ ու ձիու պէս խրխնջելով կը փախչի ամէն անգամ որ «մարդիկը գան»։ Հիմա կը հասկնա՞ս թէ ինչո՛ւ չմիջամտեցի երբ քարը նետելով Մաթիլտին գլուխը պատռեց։

Զարմիկս անպիտան տղայ էր։ Թաղին տղոց միջեւ ստեղծուած ամէն կազմակերպութեան բացարձակ նախագահը կʼըլլար եւ բոլորը պատիւ կը համարէին իրենց, ամէն անգամ որ անոր փոխանորդէին։ Ան, յաճախ այս պատիւը կու տար ինծի, բայց ամէն առթիւ կը կրկնէր թէ աշխարհի ամենէն դժբախտ մարդն է ինծի պէս զարմիկ մը ունեցած ըլլալուն համար։

Իրիկուան դէմ, Եղիշէն ներկարար Քրոթովին պատուհանին տակ եկաւ ու երկու անգամ երկար երկար սուլեց։ Խենթ Պորիս, որ փողոցէն անցնող էշուն զռոցէն անգամ պատուհան կʼելլէր, շատ չանցած՝ բուսաւ դարձեալ։ Եղիշէն ըսաւ թէ արդեօք կը փափաքէ՞ր այս իրիկուն կուշտ ու կուռ սեւ խաղող ճաշակել։

Ես, ըստ նախապէս պատրաստուած ծրագրին, պիտի չտեսնուէի, որպէսզի Խենթ Պորիսը չխրտչի։ Այնպէս որ այս խօսակցութիւնները Քրոթովին պարտէզին պատին տակէն մտիկ կʼընէի եւ սիրտս ուժգնութեամբ կը տրոփէր։

— Այսօր ծովեզերք պիտի երթամ եւ ձուկներուն քար պիտի նետեմ, ըսաւ Խենթ Պորիս, յայտնելով թէ կարեւոր գործեր արգելք կʼըլլային Եղիշէի ընկերանալուն։

Արդէն քեզմէ՝ աւելի խելացի բան մը չէր սպասուէր, ըսաւ Եղիշէ կէս բարկութեամբ, կէս մըն ալ վշտացած ձեւանալով։ Գիտէի թէ սխալ մը կը գործէի այսպէս բանի մը համար քեզ մտածելով։ Հոգս էր հատեր։ Թող Պորիսն ալ չկարենար ուտել այն սեւ խաղողներէն, որոնց առջեւէն օրը տասնըհինգ անգամ կʼանցնէի, տեսնելու համար թէ արդեօք սեւցա՞ծ են։ Ու հիմա պարոնը «ձուկներուն քար նետելու» պիտի երթայ եղեր։

Պորիս, առանց բան մը ըսելու, գլուխը ներս քաշեց ու վայրկեան մը վերջ ալ պարտէզին պատէն փողոց ցատկեց։

— Ուրեմն երթանք, ըսաւ մէկ կողմէ քալելով։

Յետոյ, երբ զիս տեսաւ պատին տակ, խրտչեցաւ։

— Ասիկա՞ ալ պիտի գայ, հարցուց։

— Ո՛չ, ըսաւ Եղիշէ։ Ան, բերդին տակէն շուկայ պիտի իջնէ։

Ու սկսանք միասին քալել։

— Ինչո՞ւ չես ուզեր մեզի հետ գալ, հարցուց Եղիշէ յանկարծ։

— Գործ ունիմ, ըսի։ Շուտ պիտի վերադառնամ ու պարտէզի դդումները ջրելու համար ջուր պիտի կրեմ։

— Եթէ այդ է պատճառը, վերջը մենք քեզի կʼօգնենք, ըսաւ Եղիշէ առաջուց պատրաստուած ծրագրի մը համաձայն։

Չուզեցի աւելի երկարել խնդիրը եւ ընդունեցի անոնց առաջարկը։

— Դուն դուրսը կը կենաս, ըսաւ Եղիշէ ինծի։ Դուրսը, փողոցին անկիւնը պահակ կը սպասես։ Ես ալ պատին վրայ կʼելլեմ որպէսզի տան պարտէզի դուռը աչքի հսկողութեան տակ առնեմ։

— Ես անվախօրէն մինչեւ այդ դուռը կրնամ երթալ, ըսաւ Պորիս հպարտութեամբ։ Նոյնիսկ, եթէ պէտք ըլլայ, կը կռուիմ գէր աղջկան կամ կորաքամակ ծերունի սպասաւորին հետ։

Ու պարտէզին պատէն ներս ցատկեց։

Ես, փողոցին անկիւնը սկսայ հերթ սպասել, անցորդի մը անհաճոյ գալուստը տեղեկացնելու համար անոնց։ Այդ պարագային, Պորիս միջոցի մը համար պիտի պահուէր պարտէզին թուփերուն մէջ․ իսկ Եղիշէ՝ պատէն վար ցատկելով, իբրեւ թէ կորսուած գնդակ մը պիտի փնտռէր պատին տակի խոտերուն մէջ։

Բաւական ժամանակ անցեր էր, երբ Եղիշէ ձայնեց ինծի։ Քովը գացի, ու տեսայ Պորիսը, որ կամաց կը յառաջանար դէպի սեւ ողկոյզները։

— Տեսա՞ր, ըսաւ Եղիշէ։

— Այո՛, ըսի։ Կը տեսնեմ։

— Հիմա գետնէն քանի մը հատ քար տուր ինծի, ըսաւ։ Սանկ հաւկիթի կամ ընկոյզի մեծութեամբ հինգ վեց հատ քար։ Ու եկուր տես թէ որքան պիտի զուարճանաս։

Առանց հասկնալու թէ ինչ պիտի ընէ այդ քարերը, հաւաքեցի ու բերի իրեն։

— Հիմա լաւ նայէ, ըսաւ ու քարերը սկսաւ նետել պարտէզին մէջ կապուած շունին, որ ծառի մը տակ կը քնանար։

— Եթէ շունը անգամ մը արթննայ, ըսաւ, Պորիսին տեղը ըրած օրն է։

Առաջին եւ երկրորդ քարերը չհանդիպեցին շունին եւ շատ ալ աղմուկ չհանեցին որ շունը արթննայ։

Եղիշէ հազիւ թէ երրորդ քարը նետելու կը պատրաստուէր, երբ տեսաւ որ Պորիս կʼերկարէր ամենէն մեծ ողկոյզներուն եւ անոնցմէ մէկ երկու հատը արդէն փրցուցած էր։

— Նայէ՛, ըսաւ Պորիսը ցոյց տալով ինծի։ Ի՛նչ քաջ տղայ է անպիտանը։ Կը տեսնե՞ս թէ ինչպէս կը փրցնէ․ կարծես թէ հօրը այգիէն քաղած ըլլար։ Կեցցէ՛ս Պորիս։ Ի՜նչ ողկոյզներ են, սեփսեւ։ Ա՜խ, օրը քանի՞ անգամ բերնիս ջուրերը կը վազէին երբ անոնց առջեւէն կʼանցնէի։ Մինչդեռ հիմա, հինգ վայրկեան վերջ մեր ստամոքսին մէջ պիտի ըլլան անոնք։

— Ըստ իս, Մաթիլտը հոն խաղալու չէր, ըսաւ յետոյ յանկարծ՝ խօսքը առտուան դէպքին բերելով։ Ինչո՞ւ ձեր պարտէզին մէջ չէր խաղար․ օ՜խ է։ Տղան ի՞նչ գիտնայ որ պատին տակը մարդ կայ։ Թերեւս ալ կատու մը կը քարկոծէր։ Ինչպէս գիտես, միջոցէ մը ի վեր կատուները վառեակները գողնալ սկսան հաւնոցներէն։

Եղիշէ իրաւունք ունէր։ Մեր պարտէզը ինչո՞վ պակաս էր այն պարտէզէն։ Թող անո՛նք մեր պարտէզը գային ու հոն խաղային։ Յետոյ, արդէն մայրս ալ քանիցս պատուիրած էր որ հոն չերթայ։ Անշուշտ որ Աստուած անպատիժ չի ձգեր մեծերու պատուէրներուն չանսացողները։ Եւ այդ պատիժը եկեր էր Պորիսի նետած քարով։ Խնդիրը շատ պարզ էր եւ վիճաբանութիւն իսկ չէր վերցներ։

Պորիս, ծոցը խաղողով լեցուն ըլլալով վերադարձաւ։ Եղիշէ եւ ես, ձեռքէն բռնելով վեր քաշեցինք զինքը ու յետոյ բոլորս մէկ ինկանք ճամբայ, խաղողները բաժնելու համար յարմար տեղ մը փնտռելով։

Ճամբան Պորիս սկսաւ «Րիրիքա»ն երգել եւ մենք ալ ձայնակցեցանք անոր։

Շատ չանցած՝ երեքս միաբերան կʼերգէինք «Րիրիքա»ն։

Դէպի Լոյս
Ե․ Նորենց ծածկագրով, 17․06․1950