Ձրիակերները Այս Կողմէն

Գրապահարան-ից
00:45, 17 Նոյեմբերի 2015 տարբերակ, Լանսելոտ (Քննարկում | ներդրում)

(տարբ) ←Նախորդ տարբերակ | Ընթացիկ տարբերակ (տարբ) | Հաջորդ տարբերակ→ (տարբ)
Ձրիակերները այս կողմէն

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Նոյեմիին պատմութիւնը պատմա՞ծ եմ ձեզի։ Նոյեմիին՝ առաջին դասընկերուհիիս պատմութիւնը։ Եթէ պատմած եմ, լա՛ւ․ այդ պարագային՝ ըսել է թէ խնդիր չէ մնացած։ Իսկ եթէ չեմ պատմած, ուրիշ ատեն կը պատմեմ։ Հիմա, միայն սա ըսեմ թէ՝ Նոյեմին իմ առաջին դասընկերուհիս եղած է։ Առաջին դասընկերուհիս եւ առաջին օտար աղջիկը, որ մտած է իմ եօթնամեայ տղու երազներուս մէջ։

Նոյեմիին պատմութիւնը եթէ պատմած չեմ ձեզի, հիմա, ես քիչը ըսեմ ու դուք շատը հասկցէք։ Ըսի թէ Նոյեմին առաջին օտար աղջիկն էր որ մտաւ իմ երազներուս մէջ երբ ես հազիւ եօթը տարու էի։

Արդէն այս պատմութիւնը հին պատմութիւն է։ Հիմա, Նոյեմին մեծցած, մեծ աղջիկ եղած է։ Թէեւ տարիներէ ի վեր զինքը ալ տեսած չունիմ, սակայն, վերջերս թերթին մէջ կարդացի, մայրը կորսնցուցեր է Նոյեմին։ Ծանուցումէն, մահազդէն ալ հասկցայ թէ տակաւին չէ ամուսնացած։ Գալով ինծի, ես ալ մեծցայ բնականաբար, գործի գացի, երկար տաբատ հագնիլ սկսայ, պեխերս բուսան, պատերազմ ծագեցաւ, զինուոր գացի, հաշտութիւն եղաւ, վերադարձայ․ անցեալ օր ալ, թերթի մէջ կարդացի, մայրը կորսնցուցեր է Նոյեմին։

Երկու տողով պատմեցի այս բոլորը։ Մէկ տողով ալ կարելի էր պատմել։ Սակայն այն օրերէն մինչեւ այսօր, երբեմնի եօթնամեայ Նոյեմին մեծցեր, մեծ աղջիկ է եղեր, իսկ մայրը ծերացեր, մեռեր է։

Տարիներէ ի վեր տեսած չեմ Նոյեմին։ Միայն, երբեմն դէպքեր, կարգ մը դէպքեր —առհասարակ դպրոցական— Նոյեմին կը յիշեցնեն ինծի։

Նախակրթարանի առաջին տարիներուն, հօրս գործերը շատ աղէկ էին։ Ասկէ զատ, ամէն տարի դասարանիս առաջինը կʼելլէի։ Ասիկա անխուսափելի էր այլեւս։ Երկրորդ, երրորդ դասարաններուն մէջ մրցակցութեան անգամ չէին մտներ ընկերներս ինծի հետ։ Ու ես, ամէ՛ն, ամէ՛ն բանէ հպարտութեան բաժին մը հանել կʼուզէի Նոյեմիին աչքին մեծնալու համար։ Գերիվեր, Նոյեմիին համար ամէ՛ն բանէ գերիվեր, վասնզի, ան, բա՛ն մը իսկ չընելով հանդերձ, ինծի համար այդպէս էր արդէն։

Նախակրթարանի առաջին երեք տարիները այդպէս անցան։ Արդէն մեր գիւղին, Րումէլիհիսարի Թադէոսեան Վարժարանին մէջ երեք տարի միայն կը դասաւանդուէր։ Անկէ վերջ, նախակրթարանէ շրջանաւարտ ըլլալ ուզողներ, պէտք էր որ կա՛մ Առնավուտգիւղի Թարգմանչացը, կամ Օրթագիւղի Թարգմանչացը երթային, եւ կամ՝ աւելի հեռուները՝ մինչեւ Պէշիկթաշ կամ Թաքսիմ։

Ես Էսաեան Վարժարանը արձանագրուեցայ։ Իմացայ թէ Նոյեմին ալ Պէշիկթաշ կʼերթայ եղեր։ Տարի մը անցաւ այդպէս․ Էսաեանի այդ տարեշրջանն ալ առաջնութեամբ լրացուցի։ Միւս տարին սակայն, հօրս գործերը աւելի աւրուեցան ու որոշուեցաւ որ ես դպրոցէն հեռանամ այլեւս։

Լացի․ շատ լացի․ բայց լացը ո՛չ թէ իմ դպրոցս չապահովեց, այլ՝ շերտ մը հա՛ց իսկ չբերաւ։ Ճարահատ, մեծ մօրս հետ օր մը գացինք վարժարան, արձանագրութիւնս ջնջելու համար աշակերտութեան ցանկէն։ Հոն, նախորդ տարուան Հայերէնի ուսուցչուհիիս հանդիպեցանք։ Հարցուց թէ ե՞րբ պիտի սկսիմ դպրոց յաճախել։

— Այլեւս պիտի չկարենայ գալ, ըսաւ մեծ մայրս։ Այլեւս դպրոց պիտի չգայ Երուանդը։

— Ինչո՞ւ, հարցուց ուսուցչուհին։ Ինչո՞ւ պիտի չգայ։ Ամենէն յառաջադէմ աշակերտն էր։

— Կարելի չէ որ շարունակէ, ըսաւ մեծ մայրս։ Հայրը չʼուզեր այլեւս որ դպրոց երթայ։

Ուսուցչուհին մեծ մօրս հետ անկիւն մը խօսակցելէ վերջ, տնօրէնին սենեակը մտաւ․ մենք դուրսը սպասեցինք․ քանի մը վայրկեան վերջ ուսուցչուհին ելաւ ու դարձեալ խօսեցաւ մեծ մօրս հետ ցած ձայնով ու կրկին մտաւ պարոն տնօրէնին սենեակը։ Հազիւ թէ կէս վայրկեան եղած էր ներս մտնելը, երբ դուռը բացաւ ու հարցուց։

— Թիւը քանի՞ էր։

— 842, պատասխանեցի։ Թիւ 842, Երուանդ Մկրտիչ Կոպէլեան։

Դարձեալ ներս մտաւ։ Երկու վայրկեան վերջ դուրս ելաւ։

— Եղա՛ւ, ըսաւ։ Լա՛ւ որ եղաւ։ Մեղք էր շիտակը տղուն։ Առաջին տարին իսկ անունը պատուոյ ցանկին մէջ անցեր էր։

Յետոյ, մեծ մօրս հետ քիչ մը եւս խօսելէ վերջ, պատուիրեց որ հետեւալ օրն իսկ դպրոց երթամ, ու ինք քովի դասարաններէն մէկը մտաւ։

Երբ սանդուխներէն վար կʼիջնէինք, մեծ մայրս կʼըսէր ինծի․

— Այսպէս պիտի ըլլայ եղեր։ Թերեւս այսպէս աւելի բարի է։ Տեսնենք։

— Ինչպէ՞ս, հարցուցի երեսը նայելով։

— Վաղը դպրոցդ պիտի շարունակես, ըսաւ։ Օրիորդը խօսեցաւ պարոն տնօրէնին հետ։

— Հապա՞ հայրիկիս գործերը գէշ էին, ըսի։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենամ շարունակել։

— Օրիորդը պարոն տնօրէնին հետ խօսեցաւ ըսի, պատասխանեց մեծ մայրս կարճ եւ խօսքը երկարելէս ալ քիչ մը ջղայնացած ձեւով։

✻✻✻

Դպրոցը կը ճաշէի կէսօրներուն։ Երբեմն աղի, երբեմն անլի, միշտ անժուր։ Բայց կարելի չէր գանգատիլ, բողոքել կամ որեւէ առարկութիւն ընել։ Արդէն վարժուեցանք ալ շատ չանցած։ Կամ գէթ ես վարժուեցայ։ Եւ, նոյնիսկ, —ի՞նչ պահեմ— կը փնտռէի ալ ու յաճախ, այն քարոտ եղինձը, զոր չէին ուտեր միւս ձրիակերները, ես իմ բաժինս ուտելէ վերջ, կը լեցնէի սակառիս մէջ ու կը տանէի տուն, ուր քոյրերս մեծ ախորժակով կʼուտէին։

Վերջապէս, Կաղանդի արձակուրդը եկաւ, վրայ հասաւ։ Օր մը, Կաղանդէն քանի մը օր առաջ էր, դասի ժամուն հաստափոր մարդ մը մտաւ դասարան՝ առանց իսկ դուռը զարնելու։ Հետը ուրիշ մարդ մըն ալ կար, որ ձեռքը ոլորուած տետրակ մը ունէր եւ ականջին վրայ ալ մատիտ մը անցուցած էր։ Ուսուցչուհին նստած տեղէն ոտքի ելաւ, եկողները բարեւեց ու աթոռը հաստափոր մարդուն հրամցնելէ վերջ, աշակերտներուն դառնալով ըսաւ․

— Գրիգո՛ր, Մկրտի՛չ, Սարգի՛ս, Յարութի՛ւն, Երուա՛նդ, դուք հինգդ այս կողմ եկէք եւ հանեցէք ձեր աջ ոտքի կօշիկները, որպէսզի վարպետը չափ առնէ։ Օ՛ն, շո՛ւտ ըրէք, տակաւին պարոնը երթալիք ուրիշ տեղեր ունի։

Յառաջացանք, հանեցինք մեր աջ կօշիկները ու մեր ոտքերը դրինք թերթերուն վրայ այն տետրակին, զոր բերած էր հաստափոր մարդուն հետ եկողը։ Մարդը չափերը առաւ, գծեց, ու յետոյ գէր մարդուն դառնալով ըսաւ․

— Ա՛յսքան, լրացաւ։ Կրնանք երթալ։

Ու ելան գացին։

Հետեւեալ օր, կէսօրէ վերջ ալ կարգ մը օրիորդներ եւ տիկիններ եկան եւ ուսուցչուհիին բաներ մը ըսին ցած ձայնով։ Ան ալ ցած ձայնով պատասխանեց թէեւ անոնց, բայց կարծէք թէ սապէս ըսաւ մեզի ալ․

— Գրիգո՛ր, Մկրտի՛չ, Սարգի՛ս, Յարութի՛ւն, Երուա՛նդ, ձեր մասին է որ կը խօսինք, ձրիակերներուն մասին։

Այն օրը, երբ այլեւս կը սկսէին Կաղանդի եւ Ծնունդի զոյգ արձակուրդները, իրիկուան, ուսուցչուհին խիստ շեշտով կանչեց մեզ հինգս․

— Գրիգո՛ր, Մկրտի՛չ, Սարգի՛ս, Յարութի՛ւն, Երուա՛նդ, արձակուրդէն վերջ պարոն տնօրէնին սենեակին առջեւ սպասեցէք։

Գացինք, սպասեցինք։ Քիչ վերջ տնտես մը եկաւ, մեզ առաւ, ուրիշ տեղ մը տարաւ։ Հոն մեզի մէյմէկ զոյգ սեւ կօշիկ եւ մէյմէկ գոգնոց տուին։ Յետոյ, քանիցս պատուիրելով որ փողոցները գնդակ չխաղանք այդ կօշիկներով, քարերուն չզարնենք զանոնք, միշտ ներկենք, կոճակները չփրցնենք, դպրոցի օրերէն դուրս՝ փողոցները չհագնինք, կոկիկ ըլլանք, կոճկուած պահենք կոճակները միշտ, եւայլն, եւայլն։

Նուէրները առինք, շնորհակալութիւն յայտնեցինք ու իւրաքանչիւրս թռչելով բռնեցինք մեր տան ճամբան։

Ծնունդի արձակուրդէն քանի մը օր վերջն էր։ Հազիւ երեք չորս օր կար որ վերջ գտեր էր մեր տասնօրեայ արփակուրդը, երբ Տիրուհին, իրիկուն մը, դպրոցէն ելլելու ատեն, ըսաւ ինծի թէ՝ Նոյեմին ալ Էսաեան արձանագրուած է։ Տիրուհին իմ փողոցի, մանկութեան ընկերներէս էր եւ գիտէր թէ որքան կը սիրէի Նոյեմին։

— Ըսի իրեն որ դուն ալ հոս ես, ըսաւ։ Վաղը կէսօրին մանչերուն կողմը[1] պիտի գայ։ Կարելի է ան քեզ չի կրնար տեսնել․ անոր համար լուր կու տամ քեզի, գիտցած ըլլաս։

Օ՜հ, Նոյեմին այցելութեան պիտի գար ինծի։ Իմ առաջին ընկերուհիս, առաջին դասընկերուհիս՝ Նոյեմին։ Քաշուելիք կողմ չունէի։ Դարձեալ դասարանին առաջինն էի, կօշիկներս նոր էին, գոգնոցս՝ նոր։ Թէեւ այս վերջինները ուրիշները նուիրած էին ինծի, բայց ի՞նչ կʼըլլար։ Նոյեմին ուրկէ՞ պիտի հասկնար ասիկա։ Ես ճիշդ երկու երեք տարի առաջուան պէս պիտի ներկայանայի անոր։

Չորրորդ դասաժամը տարիի մը չափ երկարեցաւ։ Այն դասաժամը, որու պիտի յաջորդէր կէսօրուան դադարը։ Երկարեցաւ, երկարեցաւ…։

Վերջապէս հնչեց զանգակը։ Դուրս խոյացայ։ Ուսուցչուհին կʼաշխատէր կարգ ընել աշակերտները վար իջեցնելու համար։ Ես չսպասեցի։ Սանդուխները երեք երեք, չորս չորս ցատկելով վար իջայ։ Նոյեմին հոն էր․ սանդուխներէն իջնող կարգերուն մէջ կը փնտռէր զիս անպայման։ Մազերս շտկեցի ձեռքովս, վրաս գլուխս կոկեցի ու դէմը ելայ։

— Բարե՛ւ, ըսի։ Դո՞ւն ալ Էսաեան կու գաս եղեր։ Ինծի ալ Տիրուհին ըսաւ։

— Այո՛, պատասխանեց։ Ինծի ալ ան ըսաւ որ դուն հոս ես։ Թէեւ անգամ մը կամուրջը հանդիպած էի քեզի ու ըսած էիր։

Մեր դասարանը վերէն վար կʼիջնէր այդ միջոցին։ Զոյգ զոյգ եղած կʼիջնէին տղաքը ու սանդուխը իջնելէ վերջ կը ցրուէին։ Մէկը փողոց կը նետէր ինքզինքը, ուրիշ մը ճաշարան կը փութար։ Մինչ ուսուցչուհիին ձայնը կը լսուէր ճաշարանին սանդուխին գլուխէն․

— Ձրիակերները այս կողմէն։ Ձրիակերները այս կողմէն։

Չլսելու կու գայի բնականաբար։ Արդէն անօթութիւն ալ չէի զգար այդ պահուն։ Վերջապէս, մեր դասարանը ամբողջութեամբ ցրուեցաւ։ Մնացի միայն ես միւս դասարաններու աշակերտներուն մէջ, Նոյեմիին հետ քով քովի։

Յանկարծ ձայն մը հնչեց ականջիս տակ, սուր սուլոցի նման ձայն մը․

— Կոպէ՛լեան, ժամէ մը ի վեր կը պոռամ՝ ձրիակերները այս կողմէն, ըսելով, դուն հոս կեցեր կը շաղակրատես։

Դպրոցը գլխուս փլաւ կարծէք։ Դասարանին առաջինն էի։ Կօշիկներս նոր էին, գոգնոցս՝ նոր։ Բայց բան մը փլաւ գլխուս վրայ։ Ա՜խ, երանի՜ թէ դասարանին առաջինը չըլլայի։ Նոյեմին չէր կրնար հասկանալ ասիկա։ Բայց գոգնոցս ու կօշիկներս հայրս գնած ըլլար։ Երանի՜ թէ պանիր հաց ուտէի կէսօրներուն։ Կամ գոնէ դպրոց եկած չըլլայի, երբ Նոյեմին ճամբան տեսնէի, կʼըսէի։

— Արհեստի երթալը նախընտրեցի։

Հեռուէն, ուսուցչուհիին ձայնը կը լսուէր տակաւին․

— Ձրիակերները ո՞ւր են։ Նարինջ պիտի բաժնուի։ Ձրիակերները ա՛յս կողմէն, նարինջ պիտի բաժնուի։

Ակնթարթի մը մէջ փոխուեցաւ Նոյեմին կարծես աչքերուս առջեւ։ Չկրցայ երեսը նաիլ։ Հեռացաւ ինձմէ կարծէք։ Անմերձենալիօրէն հեռացաւ, հեռացաւ…։

Նոյեմին դէմս էր իրականին մէջ։ Եթէ երկարէի ձեռքս, կրնայի բռնել անոր ձեռքը, սեւ գոգնոցը, մազերը, ճերմակ օձիքը, կամ երեսները։

Բայց Նոյեմին, ա՜հ, Նոյեմին, այլեւս շատ հեռու էր ալ ինձմէ։

Առանց բան մը ըսելու, յանկարծ ինքզինքս նետեցի ճաշարանին դռնէն ներս, անցայ ճաշարանը, վեր ելայ սանդուխներէն, դասարան մտայ։ Պարապ էր։ Անցայ տեղս։ Գլուխս դրի գրասեղանին վրայ, լացի, լացի ու արցունքներովս թափթաց ըրի թեւերը այն սեւ գոգնոցին, զոր հայրս չէր առած։

Վարը, բակին դրան առջեւ, ուսուցչուհին կը պոռար տակաւին․

— Ձրիակերները ա՛յս կողմէն։


Դէպի Լոյս
14.06.1951
  1. մանչերուն կողմը 1931֊32ին Էսաեան Վարժարանի նախակրթարանը աղջիկներու եւ մանչերու համար զատ բաժիններ ունէր։