Խմբագիր ու խմբագրական

Գրապահարան-ից
Խմբագիր ու խմբագրական

հեղինակ՝ Լեռ֊Կամսար
աղբյուր՝ «Արդի հայ գրականութիւն Գ․ հատոր»

Կեանքիս մէջ բնաւ խմբագիր եղած չեմ եւ սակայն ատիկա չի կրնար արգելք մը ըլլալ իւրաքանչիւր խմբագիրի օգնութեան կարօտ վիճակն ըմբռնելու համար։ Ծանօթանալով հետզհետէ հայ թերթերուն, զարմացմամբ կը նկատեմ, որ իւրաքանչիւր թերթօն ունի մէկ սկզբունք միայն եւ խմբագիրը իր առաջնորդողներով պիտի առաջնորդէ ընթերցողը։ Ահա դժուարին կէտ մը։ Ուրեմն կը նշանակէ, որ խմբագիր մը պարտաւոր է միշտ յիշել իր երէկի սկզբունքը եւ ըստ այնմ շարժել գրիչը։ Ի՜նչ զարհուրելի ծանրաբեռնութիւն մարդկային յիշողութեանը վրայ… Ես եթէ վարժապետ մը ըլլայի, շիտակը, չպիտի կրնայի գիտնալ, թէ ի՞նչ եմ կերեր երէկ։ Եթէ դժուար է յիշել երէկի կերածը, ապա որքե՞ն աւելի դժուար է յիշել այն գաղաբարները, որոնք արդէն մարդուած են խմբագիրներու կողմէ տարիներ առաջ…

Աւելի ու աւելի ծանօթանալով, ես դարձեալ զարմացմամբ նկատեցի, որ հայ թերթերուն սկզբանց բաժանարար պատերը այնքան ալ բարձր չեն եւ յաճախ խմբագիրները ոտին ծայրերուն վրայ ելնելով կը նայեն հարեւանին պարտէզը։ Այստեղէն ալ դժուարութիւն մը․ — հետզհետէ ցածացող եւ շատ տեղեր նոյն իսկ անյայտացող բաժանարարները պատճառ կʼըլլան, որ խմբագիրները ծայրայեղ զգուշութեանց դիմեն գրիչը շարժած պահուն սխալմամբ դրացի թերթին սկզմունքը չքարոզելու համար։

Դառնանք խմբագրական գրելու հարցին, որ ամէնէն ցաւալի եւ շարաւոտ վէրքն է խմբագիրներուն համար։ — «Ի՛նչ գրեմ այսօր»։ Ահա հարց մը, որ իւրաքանչիւր առաւօտ իրեն զարթեցնող ծառայի ետեւէն կը ցցուի խմբագիրին առջեւը։ Այս դժուար լուծելի հարցը կʼառաջանայ այն տակտիկական սխալէն, որ խմբագիր մը իւրաքանչիւր համարին մէկ առջնորդող կուտայ։ Ուրիշ բան էր հարկաւ, որ 8—10 համարներ հաւաքուէին ու մէկ առաջնորդողի ետեւ ինկած՝ ճամբայ իյնային։ Խմբագիրին հանգստութիւնն ատ կը պահանջէ։ Օրէն ալ այդ է․ վասնզի ո՞ւր տեսնուած է, որ մէկ զինուորին մէկ սպայ յատկացուի։ Նամանաւանդ առաջնորդողներու բազմութեան պարագային, այս հասարակական փոթորկոտ շրջանին, իրար կորսնցնելով, մէկը կը ձայնէ հարաւէն, մէկը հիւսիսէն ու շատ յաճախ իրար բնաւ ալ չեն գտներ սա մոլորեալ առաջնորդողները։

Քանի որ խնդիրն առաջնորդող գրելու վրայ է, կարեւոր կը սեպեմ մէջ բերել նամակ մը․ պատկանած է եղեր խմբագրի մը, որը սակայն մեռած է այժմ։ Նամակ մը, որ օգտակարութենէ զուրկ չպիտի սեպել ներկայ խմբագիրներուն համար իսկ։

«Քսան եւ հինգ տարուայ խմբագիր մըն եմ, — կը գրէ հանգուցեալը, — եւ սակայն օր մը իսկ չեմ թողուցած թերթս առանց առաջնորդողի։ Ասօր գաղտնիքը հետեւեալն է։ — Երկար տարիներ ապրեցի վաճառականի մը հարեւանութեամբ, որ ունէր շռայլ կին մը։ Մեր սենեակները բաժանուած էին իրարմէ ընդմիշտ փակուած դռնակով մը, որուն տախտակները սակայն թանձր ըլլալով, չէր յաջողուեր լսել ինծի սիրային խօսքերը, որը կʼըսուի մեղմաձայն սովորաբար։ Կը լսէի միայն վաճառականին այն խօսքերը, որ կʼուղղէր կնոջն իր բարկացած պահուն։ Եւ որովհետեւ դրացի զոյգը իր յարաբերութնիւններէն միայն բարկութենէն էր որ մաս կը հանէր ինծի, այդ իսկ պատճառով երեւակայութեանս մէջ կը պատկերանար երկու ամուսինները կատաղած, գազազած, պատրաստ իրար վրայ խոյանալու։ Ամէն առտու, երբ աչքս կը բանայի, բարկացած դրացուս եւ իր կնոջ միջեւ փոխասացութիւնն աւարտելու վրայ կʼըլլար սովորաբար։

Անանկ որ, հազիւ կը յաճողէի քանի մը նախադասութիւններ ու շեշտեր որսալ տախտակէ թանձր դռնակէն։

Երկուշաբթի օր մը արթնցայ ճիշդ այն պահուն, երբ հարեւանս աւարտելով իր բարկութիւնը, իբր վերջաբան կʼըսէր կնոջը․ «Ալ չեմ քաշեր, հերիք է վերջապէս»։

Այդ օրուայ իմ առաջնորդողի վերնագիրը եղաւ «Հերի՛ք է վերջապէս», իսկ այդ վերնագրին տակը սկսեցի ձաղկել… ինչ որ ազգային անտարբերութիւն… կարծեմ։

Երեքշաբթի աչքս բացի այն պահուն, երբ, հարեւանիս կինը բան մըն էր գներ շուկայէն, բայց սխալ արժէք ցուցուցած ր ամուսնուն։ Այդ առթիւ ամուսինը կը պոռար կնոջը վրայ, «Անզգա՛մ, քիչ առաջ 13 ոսկի ըսիր, հիմա եղաւ քսան չո՞րս, չե՞ս ամչնար խօսքերդ կը խեղաթաիւրես»։

Երեքշաբթուան իմ առաջնորդողս լոյս տեսաւ սա վերնագրով․ «Ամօթ է խեղաթիւրել», եւ ինչ որ հայատեաց թերթի մը խմբագիրին էր կարծեմ ուղղեի խօսքերս։

Հարեւանիս չորեքշաբթի օրուայ բարկութիւնը խիստ բանաստեղծական էր ու բովանդակալից․ անանկ որ ես շաբաթուայ մը առաջնորդողներուս նիւթ քաղեցի ատկէ։ Այսպէս։ Ինչ֊ինչ բաներ մըն էր պատահեր հարեւաններուս մէջ $ ցած խօսելուն համար չկրցի հասկնալ, միայն մարդը սապէս աւարտեց․ «Ամէն բան իր չափն ունի։ Զգո՜յշ դէպի ընտանեկան սրբութիւնները, պէտք է խելքի գալ․ լաւ է ուշ քան երբեք․ մինչեւ ե՞րբ սպասել․ գիտեմ գնահատել թէ՛ լաւը, թէ՛ գէշը, կը սետնան իմ աչքերը, այստեղ ալ, այնտեղ ալ»… Ինչպէս կը տեսնէք, բոլորն ալ հատընտիր առաջնորդողներ, միայն բարկութեան ետեւը գրուած…

Բնական էր, որ այս մթնոլորտին մէջ ապրելով, իմ բոլոր առաջնորդողներս ռազմաշունչ ըլլային եւ յաճախ նոյն իսկ ձեռքս դէպի ահազանգին չուանը տանէի զայն նչեցնելու համար։

Իբրեւ պակատսութիւն մը պիտի խոստովանիմ, որ չնայած իմ բոլոր նիւթերը կը քաղէի դրացիէս, բայց եւ ոչ մէկ անգամ առաջնորդողիս տակը գրի հարեւանիս անունը, իբրեւ հեղինակ այդ յօդուածիս եւ ոչ իսկ աշխատութիւններուս սկիզբին յիշած եմ այր ու կնոջը, այսինքն այն աղբիւրներուն, որոնցմէ կը քաղէի նիւթերս։ Բանագողութիւն էր ըրածս, կը խոստովանիմ ու կը զղջամ։ Իսկ զղջացողի մը համար մեղք գոյութիւն չունի։

Ամառները, սակայն, իմ գրած առաջնորդողներս ինքնաբուխ էին, եթէ չհաշուենք այն հատ ու կտոր օգնութիւնը, որ կը հասցնէր ինծի ծերունի խոհարարս։

— Ամառուան երեք ամիսներուն բարկացոտ հարեւանս իր կնոջ հետ ամարանոց կʼերթար, սենեակին դռները կողպելով։ Եւ ես քանի՜֊քանի՜ անգամներ յուսահատ ականջ եմ գրեր ամայի սենեակին դրանը եւ միշտ ալ ձայն մը չլսելով, դարձած ու գրած եմ լրագիրիս ճակատին․ «Դատապարտելի լռութիւն»։

Այդ էր, ահա, պատճառը, որ անազնիւ հակառակորդներս մատի փաթթոց էին շիներ, որպէս թէ իմ ամառուան առաջնորդողները ձանձրալի, երկար կʼըլլան, ձմեռուանը կարճ եւ ազդու։ Տգղտնե՜ր, տգէտնե՜ր… եւ դուք չգիտէք, որ բոլոր մարմինները տաքութենէն կʼընդարձակին եւ ցրտութենէն կը կծկին։ Բացէք ձեզի հանդիպող ֆիզիկայի դասագիրքը եւ ան պիտի խօսի ձեր աչքերուն։

Իմ ամառնային աղբիւրը կը կազմէր ծերունի խոհարարս։ Անգամ մը ան ներս մտնելով յայտնեց․ «Ճաշը պատրաստ է»։ Ես ժամացոյցին նայեցի եւ տեսայ, որ դեռ կէս ժամ կար ճաշի համար։ Ու գրեցի․ «Ժամանակէն առաջ»։

Միւս օրը դարձեալ խոհարարս ներս մտաւ, թէ «թէյը խիստ գունաւոր է այսօր»․ ես գրեցի՝ «Պէտք չէ գունաւորել»։

Երբ օր մը նկատեցի ծերունուն թէ ամանները մաքուր չես լուանար, ան պատասխանեց․ «Ի՛նչ ընեմ, պարոն, աչքս չի օգներ»։ Ես ասօր վրայ յօրինեցի «Օգնութեան կարիքը» իմ ամենայայտնի առաջնորդողս, որը ահագին աղմուկ բարձրացուց։

Ես խմբագրութենէս հեռացայ — կը վերջացնէ իր խօսքերը հանգուցեալ խմբագիրը — ոչ անոր համար, որ նիւթեր չունէի առաջնորդողներու համար։ Ո՛չ։ Եթէ նիւթին առատութեան նայէի, դեռ 88 տարի ալ կրնայի խմբագրել թերթս։ Խմբագրական կարասիներուն հետ մէկտեղ 344 լու խորագիր յանձնեցի ես իմ յաջորդին, թողնելուս օրը»։

Վերջացնելով նամակին ընթերցումը, զարմացած կը բացագանչեմ․ «Ի՞նչ առատութեան տարիներ են ապրած մեր հին խմբագիրները, թերթի տէրերը։ Ի՜նչ շռայլութիւն խմբագրական նիւթերու։ Իրաւունք չունի՞ն արդեօք ապրող խմբագիրներն իրենց խօսքը նախնիներուն ուղղելով ըսել․ «Դուք գնացիք եւ բոլոր նիւթերը ձեզ հետ տարաք, մենք աւերակներո՞ւ վրայ թագաւորենք»։

«Ազգային Այբբենարան», 1917