Այսպէս Ալ Կʼըլլայ, Այնպէս Ալ

Գրապահարան-ից
Այսպէս Ալ Կʼըլլայ, Այնպէս Ալ

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Սուլելով՝ զիս կը հալածէր։

Ես իրմէ չէի վախնար։ «Մի՛ ըներ, մի՛ ըլլար», ալ չըսի։ Յետոյ, ինչո՞ւ վախնայի։ Ապտակ մը որ զարնէի, կէսը պարապը կʼերթար։ Բայց այդ ալ չէի կրնար։ Կը նայիք՝ կʼելլէր, կը տնկուէր գլխիվայր, գլխուս փորձանք կʼըլլար։ Մայրը կու գար իր զաւակը կʼուզէր, մայրս բռնէր անոր տեղ զիս տար՝ չէր ըլլար, կնիկը զիս առնէր՝ ի՞նչ ընէր։ Ելլես երկու խօսք ըսես տղուն չʼըլլար, «սուլելը արգիլող օրէնք մը ցոյց տուր» պիտի ըսէր․ առնես քալես՝ տեսակ մը, հինգ քայլ ետեւէդ է միշտ, կը սուլէ շարունակ, անճոռնի կերպով, խենթ մենթ, խելքին փչածին պէս, սկսածը կէս կը ձգէ՝ ուրիշ մը կը սկսի, թանկօն վալսի կը դարձնէ, դասական եղանակ մը կը սկսի՝ շան կաղկանձումի, շնագայլի ոռնոցի կը վերածէ, ելլես գլխուն բան մը զարնես, ըսի՝ վրան հոգի չկայ, քեզ կʼամօթեն, խենթ է կʼըսեն թերեւս, սուլելէն ի՞նչ կելլէ որ, բռնեց տղուն զարկաւ…։

Դիմացի մայթը անցայ։ Ետեւս է սրիկան։ Ձեռքերը գրպաններուն մէջ, վրան գլուխը անխնամ, ետեւս է, կը սուլէ, ամենաբարձր ձայնով, ամենաանճոռնի կերպով, ֆիլմի եղանակ մը, որ վերջերս մարիկ մարիկ բերած է ամբողջ ժողովուրդը՝ զբօսարաններու, ճաշարաններու, սրճարաններու, խանութներու ձայնասփիւռէն եւ շրջուն նուագածուներու ջութակներէն ու զուռնաներէն։

— Ծօ՛, ըսի մտքէս, սրիկա՛յ, այս բանը կʼընես դուն ինծի, չէ՞։ Քու խերդ անիծել՝ իմ ճիտիս պարտքն ըլլայ։ Պիտի չմոռնամ ասիկա, խերդ պիտի անիծեմ եթէ մութ փողոց մը մտնենք։

Գիշեր էր։ Ժամը երեքը կʼանցնէր։ Մութ փողոցի մը վարի ծայրէն յայտնուեցաւ այդ անպիտանը։ Տասներեք տասնըչորս տարում մը կար։ Չէի ճանչնար զինքը, ուրիշ ատեն տեսած ալ չէի, բայց կʼենթադրէի որ կա՛մ խաւաքարտէ տուփեր շինող է, կամ տունէն փախած մը։ Ինչո՞ւ անպայման խաւաքարտէ տուփեր շինող․ չեմ գիտեր, սակայն ինծի այդպէս կու գար։

Թեթեւ անձրեւ մը սկսաւ։ Քայլերս արագացուցի։ Ան ալ սկսեր էր թրջիլ։ Արագացուց քայլերը։

Մեր երկուքին միջեւ միջոցը կը մնար նոյնը։ Կը շարունակէր սուլել։ Վերջացուցածը անգամ մըն ալ կը սկսէր, յետոյ՝ անգամ մըն ալ, անգամ մըն ալ։

Իմ սիրտս նեղ էր։ Բարկութենէն ինքզինքս կʼուտէի։ Հակառակ այն անպատեհութիւններուն, որոնց գիտակցութիւնն ունէի, դարձեալ դժուարաւ կը զսպէի ինքզինքս, յանկարծ չդառնալու եւ երկու խօսք չընելու համար։ Թերեւս ինքն ալ կը փնտռէր այդ։ Երբեմն շունը կու գայ փայտին կը քսուի, ծեծ կը փնտռէ կʼըսեն։ Սակայն, եթէ այդպէս ըլլար, կու գար, ուղղակի կը հայհոյէր ինծի, բան մը կʼընէր, ոտքիս վրայ կը կոխէր, կը զարնուէր, ի՞նչ գիտնամ, վերջապէս բաներ մը կʼընէր իր փնտռածը գտնելու համար։

Երբեմն կը խորհէի, որ սուլելը երբեք մեծ փնտռել չէ։ Սակայն ի՞նչ կʼուզէր ան ինձմէ, որ այդքան անճոռնի կերպով սուլելով, գիշերուան այդ ժամուն, ետեւէս էր ինկեր։

— Կʼերեւի, ըսի, սիրտս նեղ է եւ ինծի այդպէս կու գայ․ ի՞նչ կʼելլէ սուլելէն։ Թող երթայ սուլէ։

Անձրեւը կը սպառնար սաստկանալ։ Քայլերս ա՛լ աւելի արագացուցի։ Ան միջոցը կը պահէր խենթեցնող յամառութեամբ մը։ Սկսայ վազել, ոտնաձայնը ետեւս էր։ Կեցայ շէնքի մը դրան մէջ․ եկաւ կեցաւ քովս՝ սոյլը բերանը։ Փախայ։ Ինքն ալ բաժնուեցաւ այդ տեղէն սկսաւ ետեւէս վազել։

Դիմաց անցայ։ Աչքիս ծայրով ալ ետ՝ իրեն կը նայէի։ Կը պատրաստուէր դիմաց անցնիլ, երբ յանկարծ ինքնաշարժ մը եկաւ։

Կրնար տակը մնալ։ Չմնաց։ Կեցաւ։ Երկուքն ալ նոյնն էին ինծի համար։ Կարեւորը իմ փրկութիւնս էր եւ այդ կʼիրականանար։

Շունչ մը առի՝ երկար, ծանր բեռէ մը ազատող մարդոց պէս։ Հիմա կրնայի մտածել, հաշուել, ծրագրել, երեւակայել, ի՞նչ գիտնամ, ճամբայ ելլելու ատեն այնքա՜ն բաներ կային մտքիս մէջ՝ խառն ի խուռն, իրար անցած։ Կը մտածէի ճամբու ընթացքին դասաւորել զանոնք, բոլոր աննպաստ բաները լաւատեսօրէն վերլուծել, քիչ մը թեթեւնալ, հանգստանալ, ձեւի մը բերել ամէն բան, կարգի մը դնել մտքիս մէջ, ետ առաջ, ամէն բան իր տեղը դնել, առնել քալելիքը[1]՝ պահել, նետելիքը նետել, մաքրագործում մը ընել։

Յանկացծ սուլեց ականջիս տակ եւ տեղէս վեր ցատկեցի։ Ինքնաշարժը անցնելէ վերջ հասեր էր ետեւէս։

Ամէն բան իրար անցաւ կրկին, առնելիք տալիք, պահելիք նետելիք իրար խառնուեցան։

Շուրջս նայեցայ, փողոցին մէջէն գիշերապահ մը կʼելլէր դէպի մայր պողոտայ։ Սկսայ վազել։ Մարդը զարմանքով եւ կասկածով ինծի նայեցաւ։ Հարկ տեսայ իրեն ըսելու, որ անձրեւը պիտի սաստկանայ եւ պէտք է աճապարել։

Իրաւունք տուաւ ինծի ու դիմաց անցաւ։

Անձրեւը կը սկսէր իսկապէս սաստկանալ։ Վազքս արագացուցի։ Երկար ժամանակ վազեցի ու վերջապէս հասայ մեր փողոցին անկիւնը։

Կեցայ։ Տղան ալ եկաւ, քովս կեցաւ։ Տակաւին կը սուլէր։ Ինքզինքս փողոցէն ներս նետեցի՝ որպէս վերջին ապաստան։ Սուլելով ետեւէս խոյացաւ։

Տուն հասայ, դուռը բացի, ներս մտայ։ Ան կը սուլէր տակաւին։ Նկատեցի, որ ձայնը կը մնար՝ առանց հեռանալու։ Դրան վրայի պատուհանը բացի եւ կամացուկ մը նայեցայ։

Անձրեւը սաստկացեր էր եւ ան մեր դուռն էր ապաստաներ։

Չեմ գիտեր թէ ի՞նչպէս քնացայ եւ ի՜նչ երազ տեսայ այդ գիշեր։ Սակայն, երբ ես ինծի մնացի, մտածումներս դասաւորեցի, տրամադրութիւնս լաւացաւ եւ զարմացայ, թէ ինչո՞ւ այդքան նեղուեր էի բանի մը, այնքան հասարակ բանի մը, որ կը կայանար պարզապէս գործէն վերադարձող տղու մը սուլելով երթալուն մէջ։

Ես կրնայի այլ կերպ ալ շարժիլ։ Դո՛ւք ալ կրնայիք ընել այն, ինչ որ ես ըրի կամ պիտի ընէի։ Ոչ ըսողը կը ստէ։ Եւ ես, կʼըսեմ, որ ուրիշ օրեր անցած եմ անկէ, իմ կարգիս՝ սուլելով, մինչեւ տուն եւ երբեք չեմ մտածած մէկը նեղած ըլլալու մասին։ Արդէն, սուլելէն ի՞նչ կʼելլէ որ…

«Չէ՛», մի՛ ըսկէք։ Ձեզմէ որեւէ մէկը կրնար ընել այն ինչ որ ես ըրի, կրնար ընել նաեւ այն ինչ որ կը մտածէի ընել եւ չըրի, ըրած էր այն, ինչ որ ես ալ ըրի ուրիշ ատեն…։

Եւ սակայն, ես պատմեցի, դուք թերեւս մէկուն բան մը չըսիք։

Մարմարա
30.03.1955
  1. առնել քալելիք — գործածելիք։