Ծիածան եւ նոր տաղեր

Գրապահարան-ից
Ծիածան եւ նոր տաղեր

հեղինակ՝ Միսաք Մեծարենց
աղբյուր՝ «Ծիածան եւ նոր տաղեր»

Բովանդակություն

Ձմրան պարզ գիշեր

Համբոյրիդ, գիշե՜ր, պատուհանս է բաց,
Թո՛ղ որ լիառատ ծծեմ՝ հեշտագին
Կաթը մեղմահոս լոյսիդ տարփանքին՝
Ու զով շաղերուդ կախարդանքը թաց։

Պարզ, լուսածածան, հրաշալի՛ գիշեր,
Հոսէ՛ սրտիս մէջ դիւթանքիդ ալիք․
Ճերմակ երազիդ ցայտքերէն մեղրիկ
Պուտ պուտ կաթեցո՛ւր հոգւոյս սիրաջեր։

Կʼուզեմ որ դադրին ձայներն այս պատիր,
Ու նեկտարիդ դողն ըմպեմ ես անյագ․
Կʼուզեմ որ մեռնի՜ն տիւ ու ժամանակ՝
Ու դաբիրներուդ իյնամ ծնրադիր։

Ու դաբիրներո՜ւդ իյնամ ծնրադիր,
Այս պաղատագին շարժուձեւիս մէջ,
Ու մինչ կʼողողեն զիս ցոլքերդ անշէջ,
Աչքերս ալ մոռնան տակաւ այս նատիր։

Ցնորաբե՜ր գիշեր, ա՜հ, ընդունէ՜ զիս։
Ընդունէ՜, միստիք ո՜վ անդորրութիւն,
Իմ աղերսակոծ շունչիս սօսաւիւն,
Եւ համբոյրն անանց՝ զոր կուտայ հոգիս․

Սենեակս է լեցուն յուշքերովն աղի
Երէկի հովին վայրագ տարփանքին․
Ու դեռ կը հծծեն խորշերն ողբագին
Վախը գրգանքին անոր կատաղի։

Նե՛րս խուժէ ուժգին, նե՜րս պատուհանէս
Ու լեցուր խցիկս, մինչեւ կաթոգին
Քու սրբութիւնով իր խորշերն յորդին,
Եւ ես արթննամ վաղնջուց քունէս։

Համբոյրի՜դ գիշե՜ր, պատուհանս է բաց,
Թո՛ղ որ լիառատ ծծեմ՝ հեշտագին
Կաթը մեղմահոս լոյսիդ տարփանքին՝
Ու զով շաղերուդ կախարդանքը թաց։

Սիրերգ

Գիշերն անոյշ է, գիշերն հեշտագի՜ն,
Հաշիշով օծուն ու բալասանով․
Լուսեղէն ճամբէն ես կʼանցնիմ գինով՝
Գիշերն անոյշ է, գիշերն հեշտագի՜ն…։

Համբոյրներ կուգան հովէն ու ծովէն,
Համբոյր՝ լոյսէն որ չորս դիս կը ծաղկի,
Այս գիշեր Տօն է հոգւոյս՝ Կիրակի՜,
Համբոյրներ կուգան հովէն ու ծովէն։

Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի՜
Շրթունքս են ծարաւ միակ համբոյրին…։
Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին՝
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի…։

Կայծեր

Հոգւոյս դափ ու թմբուկի
Կʼիջնէ ծիծաղն այս գիշեր․
Ծնծղաներու պէս ցնծուն՝
Ծափ կը զարնեն իմ յուշեր։

Բամբիռներու երգին հետ
Քու շահէնի աչքերուդ
Ծիրանեծին բոցն հըրուտ
Կʼայրի հոգւոյս մէջ նորէն։

Գինով՝ աննիւթ նեկտարէն
Համբոյրներուն ծաղկանոյշ՝
Հոն խօլաբար կը պարեն
Շարժուձեւեր բամբիշի։

Ցայգն յամրօրէն կը մաշի՜
Ա՜հ, քի՛չ մըն ալ, քի՜չ մըն ալ,
Կʼուզէ հոգիս գինովնալ
Նայուածքիդ մէջ հրահոսան։

Թրթռումներ

Լոյսի բիծեր ծիրանի
Կʼասղնտեն քօղքը մութին․
Լուսնի ցոլքեր կʼանհետին
Խորքը ծովուն հոլանի։

Հըմայքներով փողփողուն,
Հեշտութիւն մը կապոյտի,
Հանդարտօրէն կը ժպտի
Հոգւոյս մըռայլ տենչերուն։

Սիրոյ յուշեր լուսաւէտ,
Դողդոջուն ու ցնծագին,
Արագօրէն կը ծագին
Հըպարտ կʼանցնիմ երբ քովէդ։

Ըզգացում մը բիւրեղէ,
Ծիածանի երանգով,
Ցաւոտ հոգւոյս մութին քով
Լոյս ակօսներ կը պեղէ։

Յայգանուագ

Կուգայ սիրերգն հեղեղատին
Անտառներու մէջ մենիկ,
Երբ ժըխորներ պահ մʼընդհատին,
Հասնի գիշերն երջանիկ։

Արեւելքի գիշեր մը ջինջ,
Շափիւղազարդ երկինքով,
Ուր հեշտութիւն է ամէն ինչ,
Ամէն իր լի բուրմունքով։

Ծառաստուերին տակ սխրալի
Բուներուն մօտ ու հեռու,
Ջինջ հեղեղը կը թաւալի
Արծաթացօղ լոյսերու։

Ու կը շրջի անտես ոգին
Հոն անտառի ծառերուն՝
Խարշափն որոնց, թոյլ, հեշտագին,
Կը նըւագէ օրօրուն։

Պիշ կը դիտեմ սաղարթախիտ
Արահետները նրբին,
Ու երազներս ականակիտ
Հետզհետէ կը թափի՜ն…

…Դեռ մինչեւ ե՞րբ, ըսէ՜, հոգի՛ս,
Դեռ մինչեւ ե՞րբ տառապիմ
Պրպտելով անրջանքիս
Թօշ ծաղիկը մտերիմ։

Գուցէ վաղը մթնէ հոգիս,
Գուցէ դո՜ւն ալ թարշամիս
Մʼեղծեր հըմայքն անրջանքիս,
Ու ծաղիկը պաշտումիս…։

Երազի պահեր

Լոյսը մարած սենեակիս մէջ,
Ուր կը հոսին գալար գալար
Յորդ ալիքները մութին,
Ու կʼանհետին
Արծաթ շողերն երազի,
Ես կը փնտռեմ մըտամոլար,
Ըղձանոյշի ձեռքն այն փափուկ, երկնային՝
Որ պիտի տար ինծի ծաղիկն ըսփոփանքին։

Ես կը փնտռե՜մ,
Ըսպասումէն հոգիս համակ պարտասած,
Ու տենչանքով մշտայած․
Ես կը փնտռեմ,
Հորիզոնին վրայ նըսեմ,
Լոյսի շող մը՝ զոր կը մարեն անդուլ վարանքն ու կասկած։

Ու տակաւ,
Կʼիջնէ ձանձրոյթն երազանքիս,
Հանդիսաւոր ու տրտում,
Ու կը պատէ իր մըշուշէ պարուտակին մէջ հոգիս
Անձկութիւնով անպատում։

Մթտածումը, ինչպէս ճամբորդ ուղեկորոյս,
Կʼանցնի փութով, անձակագին,
Երկարաձիգ, մերթ լուսաւոր, ու մերթ անլոյս,
Ճամբաներէն իմ մտքին։

Ա՜հ, կը շտապեն, կը փախչի՜ն
Ճամբաներու լոյսերն ամէն,
Յանկարծական խուճապի մը մատնըւած,
Ճառագայթի հազիւ վերջին
Բիծ ու խաղեր կը յամեն
Քովը ճամբուն մթամած՝
Ուր համագրաւ կը տարածուի վեհունի ցայգն համօրէն։

Ե՜ս կը փնտռե՜մ,
Պատըշգամին վրայ կանգուն,
Զոյգ մը աչքեր՝ մեղեսիկէ որոնց ճըրագը վառի
Հոգւոյս մէգ ու խաւարի
Անդոհութեան մէջ դժխեմ։

Պատըշգամին վրայ կանգուն,
Ձեռքս յոգնաբեկ ճակատիս,
Մինչ կը հոսի գիշերն ինչպէս ծով անհուն
Դէպի ափունքն երազիս՝
Ես կը սպասեմ յորդ ու վըճիտ լոյսերուն՝
Որոնց բոցը պիտի ցոլայ անծիր ցայգուն մէջ հոգւոյս։

Շերամին նինջը

Շերամատան մէջ կը հնչեն բոժոժները զիլ՝ դափին,
Որուն յուշիկ կʼընկերանայ ձայնն երգեցիկ կիներու,
Եւ կը մարի մերթ ճարճատուն ծեծաղներուն մէջ ծափին,
Պատուհանէն լուսնի լոյսի շափրակներ ներս կը փաթին։

Ըսթափանքի ժամն է պչրոտ, փափակամարմին շերասին՝
Խածումն որուն՝ կը քթքթայ տերեւուտքին մէջ դալար․
Ու սատափներ, ու զիւմրիւթներ, ու շողակներ… միասին․
Մէկ փաղփի մէջ կը նոյնանան շերամ, տերեւ ու լուսին։

Երազանուրբ անասնիկին օրհասն ու մահն ըսպիտակ,
Վերջին քունն ալ դափ ու ծափով պիտի տօնեն վաղ գիշեր,
Օդանոյշի ձեռքով բանուած զանակածոպ լոյսին տակ
Հինգ աղջիկներ հուսկ օրօրը պիտի երգեն վաղ գիշեր…

Մտերմիկ տեսիլներ

Ու կը դառնան ջըրանիւներ ծերունի,
Կափկափելով համբաուի հէքեաթներ,
Թախծապատում բարբառի հո՜ծ կշռութիւն,
Որ կʼակօսէ լուռն աշնանի գիշերին։

Ու մարմանդին զիւմրիւթ՝ պայիկն օդանոյշ
Նոր կը հագնի լոյսի մետաքս թելերով
Շարամանուած պատմուճանն իր մըշուշէ՝
Ուր մերթ շողակն օդաքարին կը վառի,

Ու բոժոժին ձայնեղ՝ գանգիւնն արծաթէ…
Ու սայլորդին ըստուերն որ՝ գո՜րշ՝ կʼերկարի՜․
Ու սկառին ծուխն որ բիլ բիլ կʼամպանայ՝
Ու լազուարթէ գիծը ճամբուն հեռացող…։

Ճերմակ վարդեր

Ըսպիտա՜կ վարդեր, ըսպիտա՜կ վարդեր,
Զոր հովն անտեսեց այս ճամբուն վըրայ,
Շամբուշ հովն աշնան՝ որ կը դըղըդէր
Մոլեգին՝ հողին ընդերքն համօրէն․

Ճերմակ գաղափար, ճերմա՜կ գաղափար,
Աշնան մոլուցքէն դողահար հիմակ,
Համբո՜յր շուշանի, դիւթանք ձիւնեղէն,
Փերթ փերթ լուսինկայ, ապրշում համակ,

Բե՜ր ինծի իղձիդ կաթը խանդաղատ։
Մենաւո՜ր վարդեր, որ մելամաղձիկ
Մառախուղներուն մէջ դեռ կը ժպտիք,
Ապրեցէ՜ք հոգւոյս մէջ յաւերժօրէն։

Աքասիաներու շուքին մակ

Ծաղիկներէն յուշիկ թերթեր կը թափէ
Բուրումներով օծուն հովիկն իրիկուան
Հոգիներուն կʼիջնէ երազ մը բուրեան,
Ի՜նչ հեշտին է մըթնշաղն այս սատափէ։

Աքասիաներ, գինով լոյսէ ու տապէ,
Օրօրուելով մաքուր շունչ մը կը հեւան․
Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հոտեւան՝
Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ։

Ու լոյսն անոնց, անխօս հուրի՜ դիւթական,
Հըմայագեղ ու վարսքերով արծաթէ,
Շատրըւանին կʼիջնէ գուռին մէջ կաթէ։

Ջուրը ցայտքէն ծաղիկ ծաղիկ կը կաթէ․
Վըճիտ, ինչպէս լոյսէ արցունքը մանկան,
Նըւագն անոր կը հեծեծէ հեշտական։

Ծաղիկներէն հովը թերթեր կը թափէ…։

Այգերգ

Սարերուն մէջ կը կոծկոծի այգուն՝ կոշնակը վանքին,
Եղնիկները մըթընշաղին դէպ ի գետափ կը դիմեն․
Աղջիկ մըն է կարծես հովը՝ գինով մուրտի բուրումէն՝
Որ ջուրերուն վրայ կը դառնայ սարսուռի պարն հեշտագին։

Վանքին քովի արահետէն կարաւանները կʼանցնի՜ն,
Բոժոժներուն երգը լալով գիշերին մէջ տրտմօրէն․
Մինչ կը սպասեմ ջինջ լոյսերուն՝ որոնք ծագիլ կը յամեն
Ու կը լըսեմ շշուկներն որ կը հծծեն մէջը ցանկին։

Կիրճին խորը ժայռին ծոցն է գիւղանըկարը փռուած,
Տարտամօրէն, հսկայական, արծիւի մը ձեւերով,
Մագիլները խորասուզած խորշերու մէջ մըթամած․

Արբշիռ բոյրէն զոր կը բերէ ինծի առտուն անխըռով․
Ես կʼերազեմ ծառերուն տակ ու կը սպասեմ խօլաբար,
Լոյս պարիկին՝ որ իղձերըս պըսակելու պիտի գար։

Գեմափի երազանք

Գիւղն համօրէն կը մրափէ ծոցն արեւոտ ժայռերուն
Տիւրանդորրի պահն ըմպած է մեղկ հեշտութիւն մը սիւքի,
Որ ջուրերուն վրայ կը ցանէ գինովի դողն իր թրթռուն
Գետն համբոյրի մը երազով դէպի ափունք կը թեքի։

Գետեզերեայ ծառաստաններ, միջօրետքի այս պահուն,
Ինձ անծանօթ թաւուտքներէ կը խրկեն բայրն հեշտանքի,
Որ յամրօրէն կը ծաւալի ծաղիկներէն այն լըքուն,
Ասդին անդին տարտըղնըւած՝ որոնց հոգին կը ցամքի։

Եւ հընամի ծառեր զիւմրիւթ միայնութեանց ընդմէջէն,
Կʼարտածորեն մուշկի բոյրեր ու ժպիտներ ալ բոսոր․
Կիսամըրափ կʼերազեմ, զիս աղաղակներ կը կանչե՜ն…

Ձայներ՝ դիւթիչ աշխարհներէ, տարտա՜մ, անո՜յշ, հեռաւո՛ր՝
Որոնք անդէն զիս կը տանին երանաստան մը բաղձոտ
Ու կը նիրհեմ արբշիռ՝ հովին դիւթիչ նեկտարն ըմպած հոտ։

Խոնջ իրիկունն արագօրէն

Խոնջ իրիկունն արագօրէն կը խոնարհի դէպի խաւար
Բուրմունքներու հաշիշն հոգւոյս մէջ կը ցանէ հեշտանք մը թոյլ,
Երգի խազեր կը կրքոտին տակաւ տենդոտ յուզումնավար,

Անօրինակ մըրափի մը մէջ կիսազգած կը թափառիմ,
Ցնցուած ձայնէն ճոկաններուն՝ որոնք կուլան դուրսը անդուլ․
Պատուհանէն կը խրկէ ինձ հովիկն համբոյրն իր մտերիմ։

Մութ սենեակիս մէջ կը շրջիմ առջի համբոյրն անրջելէն,
Ու շրթունքներս են բոցավառ ջերմութենէն երազային․
Փակ են աչքերս, եւ կամ յանկարծ մերթ անձկութեամբ դուրս կը նային
Ա՜հ, լըռութիւնն որ կը տեւէ՜, եւ ըստուերներն որ կը քալեն…

Շուրջիս անփոյթ իրերն համակ հարցումներուս հանդէպ խուլ են,
Հանդիսատես կʼըլլամ մտքիս պատկերներուն քայքայումին…
Դուն չե՜ս գիտեր թէ ի՛նչ կը զգամ գուրգուրանքէս երբոր իմին՝
Քեզի համար տենդով հիւսած երազանքնե՜րս իսկ կը խըլեն…։

Ցնորոմ անդորրութիւններ

Հեշտ փալփըլուն գիշերներու անդորրութիւն մը ցնորական…
Դօդօշներու մերթ կեղերջներ լուռին սրբոյթը կը լլսկեն․
Ծովախորշին մէջ ընկղմած լոյսէ աչքեր՝ որ կը խոկան՝
Յոգնա՜ծ, մաշա՜ծ իրենց տարփոտ, իրենց բոցեղ տրտմութենէն։

Ցայգն է ժայթքած իր շողակի շատրըւաններն անրջական,
Հեռուներէն ուտի մը թաւ հեծքը կուգայ դողդըղալէն․
Այս գիշեր ջերմ ու երազուած կայծեր հոգւոյս խորերն ինկան,
Կը մարեմ լոյսը լամպարիս, ու կʼերազեմ մըրափելէն։

Շանթէ աչքեր, բոցէ թեւեր մըտածումիս կʼանցնին քովէն․
Եւ հուրիներ՝ նոր հոլանած ալապաստրը իրենց կուրծքին՝
Որոնց համար շրթունքներըս անթիւ իղձեր կը թոթովեն։

Որմին վըրայ տրտմութիւն մը կը ցանէ բիլ եղրեւանին,
Դաշտերուն մէջ հարսնուկներու բոսոր իղձերը կը ցամքին․
Մինչ ես կʼըմպեմ հաշիշն անյագ ցընորաբեր այս գիշերին։

Վերադարձի երգ

Կսկիծ կայ սրտիս մէջը վիրաւոր
Զոր արեւին լո՜յսն անգամ չի բուժեր․
Խորունկ ու ցաւոտ մորմոքում մը որ՝
Ա՜հ, պիտի լայննա՜յ երբ իջնէ գիշեր։

Կը հիւծին ցոլքերն լոյսին հեռաւոր,
Խարոյկի մը պէս՝ որ վաղ է մաշեր․
Բայց դեռ կը յուզէ զիս տեսիլք մʼաղուոր՝
Զոր ինձ կը բերեն անցեալին յուշեր։

Ու պիտի ապրի՜մ, վիշտը նոր ուժեր
Կը բերէ յանկարծ հոգւոյս սիրավէր․
Կեանքին կը դառնամ դեռ չըրած գիշեր։

Փուշեր նետուեցան օրէ օր վէրքիս,
Ու հոն հեծեծանք մը բերին հովեր․
Բայց սիորյ յոյս մը կʼարեւէ հոգիս։

Վիրավունք

«Եկեալքս ի մտանել արեգականն տեսաք զլոյս երեկոյիս…»

Յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյսն է զըւարթ…
Ոսկի թելեր՝ պլլըւած խունկի թաւիշ մըշուշին․
Կապոյտ ծոպեր, ծիածան, ծըխուն ձայներ, միստի՜ք վարդ
Լոյսէ արցունք մոմերու՝ որոնք հանդարտ կը մաշին։

Խունկի ծարաւ իմ հոգիս կը ծըծէ պահն այս հանդարտ,
Ոսկեկըրակ աչքերով բուրվառներն երբ կը ճօճին․
Պակուցում մը հոգեգրաւ հոն կը թողու զիս անթարթ,
Կը զգամ համբոյրն իմ հոգիս պարուրող բիլ մարմաշին։

Մեղեսիկի երանգներ կʼօծեն պարոյրը խունկին․
Խորհուրդին եմ ծնրադիր բազուկներըս խաչանիշ՝
Ու կը սպասեմ որ ծագի հոգւոյս պայծառ Կիրակին…

Ջահերն հիմակ կʼերազե՜ն համակ զիւմրիւթ ու թարշիշ…
Կամարներէն, խորանէն կը ծագին լոյս ու ծիծաղ․
Հոգիս քիչ քիչ կը թաղուի անուրջին մէջ այս չքնաղ։

Յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյսն է զըւարթ…

Նոպաները

Մըթութեան մէջ վըհուկի մը պէս թախծադէմ,
Ցաւոտ Սիրոյ հարուածն է որ կʼիջնէ կուրծքիս․
Ու տենչանքի ծիրանիէն հրաշէկ հոգիս
Դեռ կʼընդգրկէ յիշատակներ՝ զորըս կʼատեմ։

Բոլոր լոյսերն ալ մարեցան հետըզհետէ․
Ես կը սիրեմ այս խաւարը տառապագին,
Ուր վիշտ մը լայն՝ սիրտըս կուրծքէս դուրս կը նետէ,
Եւ ես կʼըմպեմ սեւ հեշտանքը ցաւոտ Կեանքին։

Խաւարին մէջ չունիմ խարխափն Երազանքին,
Ու կը դադրիմ սէրերու շուրջ թափառելէն․
Բոցեղ աչքերս ունին կայծակ մը թախծագին,
Սիրտէս ցաւերն հեծքեր վայրագ լոկ կը խըլեն։

Մապի նոպաներ

Ջըրաշոգին գետին վրայէն ամպանըման կը բարձրանայ․
Կը փողփողին լազուարթ գոյներ ճամբան ի վեր Կապոյտ֊Դարին․
Շինականներ արեւահար ծերունի մը գիւղակ տարին․
Արեգակի բորբ ընձիւղներ կʼայրեն ամէն իր անխընայ։

Դարուղիէն կʼանցնին դանդաղ ուղտերը գորշ կարաւանին,
Թաթաւելով իրենց հոգին հըրայրքին մէջ այս տօթական․
Երազանքնին կիսատ թողած, գինով գինով վարդերն ինկա՜ն,
Առանց սիւքի ու պլպուլի կը հեծէ ցաւն իր վարենին։

Տիւագոլի երակներով բացավայրերն են բոցափայլ,
Ծաղիկներու հոգեվա՜րն է, ժամն արեւոտ տաղտապանքին․
Բազմազեղուն բուրմունքներն են հեշտագրգիռ ու տապագին,
Մենաբաղձիկ անտառին մէջ ո՛չ հեծութիւն կայ, ոչ դայլայլ։

Ժայռերն անփոյթ դեռ կը տաքնան, հանդարտօրէն, լուսափողփող,
Գիրկն անդորրին այս կիզանուտ, եւ երազին տակ բոցավառ,
Հնձողներու ձեռքէն հոս հոն յանկարծ կʼիյնայ գերանդին վար,
Ամենուրեք կը խըլրտի նոպան տապին տախտապարող։

Ըսպասումն է հեղգ ու ջերմին կʼուշանայ դեռ հովն իրիկուան,
Որ զովացիկ, պիտի մեղմէ տենդն անպարփակ այս թալուկին․
Ջերմակարօտ, փաղփուն օձեր լեռներէն վար կը սողոսկին,
Եւ՝ հըրաշունչ գոլէն արբշիռ ու բոցերազ՝ մերթ կը հեւան։

Դաշտերու մէջ ընկուզիներ կը քնանան հոս հոն ցանցիր,
Ո՛չ ճամբորդ կայ, ոչ ալ թռչուն իրենց շուքին տակապաստան
Հսկայ խորխի պէս կʼերկարի, լայնատարած, մենիկ ճամբան՝
Ուր սըլացքի ու քայլերու յետին մրմո՜ւնջն իսկ չի յածիր։

Թուրինջ գոյներ ջըրանըկար… ծիրանի հե՜ւք արեւմարին…
Մըշակներ ու ձիաւորներ պարտէզներէն կը դառնան տուն,
Խարխուլ կամուրջն անոնց բեռին տակ կը հեծէ խոնջ ու նըկուն
Գետէն անդին երանգ ու ձայն հետըզհետէ կը մարմըրին։

Ահա՛ գիշերն ալ ծանր ու մեղկ կը գըլորի սարերէն վար,
Ու տապահար դաշտավայրեր կը յագենան աղջամուղջով․
Կենսանորոգ շունչ կը բերէ ըսթափանքի կազդոյրն այս զով,
Բայց ցորեկին դեռ կը տեւէ բազմալեզու տենդն հըրավառ։

Աշնանային հեծութիւններ

Իրիկուններն ես կը խոկամ,
Ամայութեան երգը կʼանցնի
Պատուհանիս երբ առջեւէն,
Անկապ ձայներ զիս կը թովեն,
Հոգւոյս մէջէն մերթ Աշունի
Կʼանցնի յանկարծ ուրուն տարտամ։

Գիշերն համբուն ես կʼերազեմ
Ցաւը կեանքի Աշուններուն,
Ու շամբուշ հովն՝ որ կը տանի
Դէպի տամուկ խորշեր նըսեմ՝
Գօս տերեւի տեսիլն աղփուն
Որ օդին մէջ կը տատանի։

Եւ ցուրտ այգուն միշտ կը դիտեմ
Պարուտակը մըշուշներուն,
Զոր գիշերուան անտես ձեռքեր
Թոյլ միջոցին մէջ են ձըգեր,
Վըհատութեան պէս մոլորուն՝
Զոր քաշած է սէրն հոգւոյն դէմ։

Բայց թափառի՜լ կʼուզեմ ընդմիշտ,
Մառախուղին ու հովուն դէմ,
Ու դաշտերուն մէջ ամայի,
Ուր աչքն ահով միշտ կը նայի,
Դիտել՝ տժգոյն ու դալկադէմ
Բարձունքներուն տամուկն ու վիշտ։

Հոգիս հիմակ յափրանքն ունի
Սիրոյ խանդ ու հըրայրքներուն,
Ու ծաղկալից եղկ ջերմութեան
Վայելքէն վերջ բազմաբուրեան,
Կʼուզէ մըշուշն այս օրօրուն,
Ու ցրտագին զովքն Աշունի։

Գարունը կʼապրեցնէ

Կը բարձրանան
Տերեւներուն
Շեղջեր լըքուն,
Մինչ կը դառնան
Դեռ ծառերուն
Մէջ համօրէն
Հովերն աշնան
Պարն ամեհի

Ու դէպի տուն
Միշտ կը դիմեն
Շեշտերն ամէն
Ծիծաղներուն․
Միշտ դէպի տուն
Ու դէպի ներս
Բոլոր իղձերս
Ա՜լ տարիր դուն,
Չքնա՜ղ աշուն։

Դէպի տամուկ
Պատուհանին
Ա՜լ կը յառին
Աչքերս հիմակ,
Ու, սէ՜ր համակ,

Երգըդ կʼիջնէ
Սրտիս՝ ուր նէ
Իղձ մը ճերմակ
Պիտի գտնէ։

Չէ՛, հովերուդ
Հետ ցաւը չէ՛
Որ կը տանջէ
Սիրտըս հըրուտ․
Այլ կը դառնան
Ինձ, յուզմունքէդ
Բողբոջ գարնան
Արեւաշող
Յոյսերն յաւէտ։

Հովին անցքը

Անդնդագալար ովկիանի պէս
Կʼուռի այս գիշեր հովն ալիք ալիք,
Կը ծըծեմ լեղի սարսափն իր ճամբուն…
Իր լալօնին մէջ սենեակս է ծըփո՜ւն,
Հոգիս՝ իր ահեղ կոչին խաղալիք՝
Մինչ լոյս շաւիղ մը կʼերկարի մտքէս…։

Լեռներէն կʼիջնէ հեւքն իր մոլեկան,
Իրար բերելով ձեռքերս՝ անձկագին
Մինչ ես ծնրադիր՝ կʼունկնդրեմ Երգի՜ն,
Երգին խօլարձակ, Երգին թախծագին…
Ե՞րբ պիտի հասնի իր հանգըրւանին
Արհաւրոտ Ուխտին այս գոռ կարաւան…։

Բուռն համեմունքով իր շունչն է լեցուն․
Ու կʼառնէ ծովուն բոյրերն աղտաղտուկ՛
Մինչ զայն կը տանին պայերն ամբարձիկ,
Համբոյրն իր կուգայ մինչեւ իմ խցիկ,
Եւ ես հըպումէն կը փախչիմ գաղտուկ,
Հըպումէն՝ վայրի վիշտով ակաղձուն։

Մարած է քրքում լոյսը լամպարիս․
Յորդող մութին մէջ հեւալէն տրտում․
Ես դեռ կʼսպասեմ ալեկոծ Անցքի՜ն,
Նայուածքըս լեցուն իղձով կաթոգին,
Ա՜հ, քո՜ւկդ եմ արդէն, ո՜վ միստիք ցնցում,
Ո՜վ ձայն, մինչ ուժգին հոգւոյս կը փարիս…։

Սօնադին

Միջոցին մէջ կը թօշնի
Լոյսի ծաղիկը թրթռուն․
Ըմպած մըռայլ ամպերուն,
Տըխուր է ծովն աշունի։

Ցորեկներուն կը հակին
Գորշութիւններն հոգւոյս մէջ՝
Ուր գիշերուան երգը գէջ
Լացաւ թօնով մը մեկին։

Ամայութեան մը տրտում
Կուգայ ինձ ցաւն երբեմնի․
Եւ երազանքս անպատում
Կը կոծկոծի՜, կʼարիւնի։

Հովը կʼոռնայ խուլօրէն,
Ու գիշերը կʼերկարի՜․
Ալիքներու ժըխորէն
Ու սարսափէն խաւարի,

Դալուկ սիրոյ մʼաշնային
Կը կաթէ դողն հոգւոյս մէջ,
Ուր հուրիներ կը նային
Անրջածտի, լուսամէջ։

Բայց կը վախնամ որ նորէն
Խուսափի՜ լոյսն երազին,
Ու մըշուշներ գաղտօրէն
Վայելքներուս շուրջ յածին։



Աղաղակ մը, մէջն հոգւոյս,
Արագօրէն կը ձայնէ
Մահուան պարը սրտայոյզ,
Մեռա՜ծ է կոյսը ձիւնէ։

Տարփատենչիկ, զաղփաղփուն,
Աղջիկն է ան անուրջիս,
Երազունակ ու փաղփուն
Հոգին կանգնած է առջիս։

Ու կը տեսնեմ դեռ շողուն
Փայլը սրտին իր նըսեմ․
Մոգութենէն աչքերուն
Յափշտակուած կʼերազեմ…։

Վայրկեաններ


Ո՜վ սիրական խաւարներ։ Կենդանի՜ երազ
դանդաղ գիշերներու, ուր կի՜րքը միայն նայուածքներ
ունի։ Ու մի՜շտ, մի՜շտ, անխոնջ կերպով,
անպատում մելամաղձութիւնը Համբոյրին։

Ռէյմօն Պույեէռ

Հըրայրքիս մէջ գիշերը զայն կʼերազեմ։
Շրթունքներըս պատրաստ իր մեղկ համբոյրին․
Բայց ժըխորին մէջ կը մոնամ վերստին
Այն պահերն ուր զայն սիրած եմ մոլեգին։

Ու կը մոռնամ ես նոպաներն ալ բոլոր․
Յորդ կիրքերու ժամերն ամէն ըղձածոր՝
Երբ կʼիյնամ ոտքն իր տեսիլքին՝ մինչեւ որ
Անշարժանամ պաղատանքիս մէջ մոլոր։

Ու չեմ յիշեր ցորեկն ասոնք, երբ խունկէ
Ա՛լ աւելի հեշտ բուրմունք մը մեղկօրօր
Իր ծըփանքին մէջ յոյզերըս կը լլկէ։

Այդ բուրումի եղկութիւնն որ միշտ անկէ
Կը ծորի, եւ կը պարուրէ զիս՝ բոլոր
Հոգիս անծիր մոգութեամբ մը կը խնկէ։

……………

Այգերգ

Այգն է ծաղիկ երազով լի, ու բալաձիգ՝ թեթեւօրէն․
Մըշուշն անծալ ջրվէժի պէս ամբարտակէն վար կը հոսի․
Իր չըփոյթին մէջ կը շիկնի ոսկի աղջին արշալոյսի՝
Այգն է ծաղիկ երազով լի, ու բալաձիգ՝ թեթեւօրէն։

Երկու բոցէ թեւերու մէջ ծովանըկարն է սխրալի՜․
— Կապոյտի՜ փառք ամրափակուած շրջագիծով ոսկեդրուագ,—
Ուր ցնծալից թեւճակներու հեշտերգն ունին կուր ու նաւակ․
Երկու բոցէ թեւերու մէջ ծովանըկարն է սխրալի՜։

Պիտի ըմպե՜մ բոցն արեւին, ճառագայթի՜ եմ ծարաւի․
Պիտի ծըծեմ բոյրն առտըւան՝ հոգւոայս համար՝ որ հիւա՜նդ է․
Հոգւոյս համար՝ որ կʼերազէր գգուոտ ու մեղմ շունչն հարաւի,
Պիտի ըմպե՜մ բոցն արեւին, ճառագայթի՜ եմ ծարաւի։

Քիչ մըն ալ դո՛ւն ժպտէիր, ա՜հ, հոգւոյս համար՝ որ հիւա՜նդ է,
Նայուածքի խաղ՝ որով դառնայ աշխարհն ինծի ծափ ու ծաղիկ․
Տարիներով իմ երազս էր սիրոյ գարուն մը խաղաղիկ,
Քիչ մըն ալ դո՛ւն ժպտէիր, ա՜հ, հոգւոյս համար՝ որ հիւա՜նդ է։

Սէր֊Արեւիդ բոցն երկարէ խորերն հոգւոյս հիմ պատանի․
Զերթ արեւին լեզուակն ոսկի՝ որ կը ծըծէ մըշուշն այգուն․
Ո՞ւր է ճաճանչն, հուրքը ջերմին՝ որ մառխուղն առնէ տանի
Սէր֊Արեւիդ բոցն երկարէ խորերն հոգւոյս իմ պատանի։

Մթնշաղներ

Վերջալոյսի աղջիկն է իր կուսութեան մէջ քրքրում․ Ինչո՜ւ մինակ մընացի երազիս հետ թախծագին․ Թմբիներու բոյրին տակ, նուռիներու ծաղիկին՝ Ա՜հ, ինչո՞ւ ես մընացի գիրկն երազին այս տրտում։

Ո՜վ դուն հիրիկ ծաղկանոյշ, երբ անցար հետ լոյսերուն, Բան մը փըլաւ հոգւոյս մէջ քայքայումով ողբագին․ Դարձիդ քի՜չ մըն ալ ժպտէ սա՛ լուսաբաղձ հիւանդին՝ Որ քիչ առ քիչ կը մեռնի՜ կառչած իր խօլ յոյսերուն…։

Մութը կʼիջնէ հոգւո՜յս՝ ուր վաղո՜ւց գիշեր է արդէն․ Ըսպասումի՜ ցայգ՝ ուր դեռ չըշողաց լո՜յսն երազին․ Հազիւ քիչ մը բոյր ծըծած մոռացումին ես վարդէն Նորէն քեզի՜ կը դառնամ, ա՜կն արեւիս ոսկեծին։

Լուսնի պայծառ տիւին տակ պիտի համրեմ անդադար, Բուստէ զարկերն ոգեւոր՝ առոյգ սիրոյ երազին․ Ա՜հ, քիչ մը լո՜յս, ժըպի՜տ մը՝ որ կեա՜նք ինծի պիտի տար, Եւ փարատէր լըքումն՝ որ կը ծանրանայ իր ուսին։

Եկո՜ւր, արդէն իր մըսի՜ն հէք երազներն իմ որբուկ, Ա՜լյոգնած եմ անցնելէն կածաններէ մենաւոր, Անձրեւ կʼիջնէ հոգւոյս մէջ, կը զգամ մահուան սրսըփուք, Ձեռքս է պարապ մընացիեր դատարկին մէջ սըգաւոր։ </poem>

Նաւակները

Նաւակներ մեկնեցան ամէնն ալ, բաղձանքով ակաղձուն․
Հեռացան ամէնն ալ՝ ծըփանուտ Երազիս ափունքէն․
Անձուկին բոցը զիս պաշարե՜ց, Ըսպասման հիւա՜նդն եմ․
Հոգեսարս դողերով եւ հուրքով միշտ ցայգերն են յըղի․
Գիշերներն ես համբուն կը սպասեմ ծիրանի այլ դարձին․
Ու ցայգուն ալ կʼանցնիմ աւազուտ ափունքէն՝ դողահար՝
Սրտաթափ ու խանդոտ երազի կայծերով առլըցուն։
Դարձուցէ՜ք նաւակներս հողմավար, ջըրանո՜յշ պայիկներ․
Դարձուցէ՜ք նաւակներս դիւթավար, իրիուա՜ն հովիկներ…։

Մեղուները

Տենչանքներըս, տարագնացի՜կ մեղուներ,
Ոսկի երիզ մը բանալով
Ու զանակներ անձրեւելէն
Թըռան գացին երամ երամ,
Անցան գացին դարուղիէն,
Կիսաթափանց մըշուշներու ապրշում քօղքը պատռելէն,
Եւ յածելէն մէջն արեւին ոսկեծաղիկ մառախուղին։

Արեւակի, սուտակներու ու զիւմրիւթի
Փաղփուն երանգը ծըծելով իրենց չորս դին,
Ծործորներէն, բոցավայրէն,
Ու ցորենի գադիշներէն անցան անդին․
Ես գետափին մօտ մընացի վարատակա՜ն,
Մելամաղձիկ երազս յըղած
Դէպ հեռաւոր ծաղկաստաններ՝
Ուր թառեցան մեղուներն իմ տենչանքներուս։

Մեղուներն իմ տենչանքներուս՝
Միջօրետքի պահերէն վերջ
Որոնց դարձին ես կը սպասեմ՝
Ուղեկորոյս զակատելով։
Ահա՜ օրն ալ մըթնագնեցաւ,
Եւ ես ի զո՜ւր տարաժամ
Դեռ կըսպասեմ անոնց հեւքոտ ու մեղրազօծ վերադարձին։
Ա՜հ այս ցայգուն
Պիտի անցնիմ դարձեալ Վախիս ճամբաներէն
Ալ յափրացա՜ծ, ուշակորոյս,
Գիշերներու ըմպած գինին խաւարածոր,
Պիտի անցնի՜մ ես այս գիշեր՝
Երկիւղիս սեպ ճամբաներէն,
Իմ զանկիս տակ
Յոյսի ոսկի բոցին անուրջն առկայծելէն։

Ալ յոգնա՜ծ եմ
Ըսպասելէն տենչանքներուս մեղրին անոյշ,
Ու տարաժամ այս յածումին մէջ երջանի՜կ պիտի ըլլամ
Եթէ թունեղ խա՜յթ իսկ բերեն
Ուղեմոլար մեղուներն իմ տենչանքներուս։

Բիւրեղի դիւթանք

Մանուկ մըն է որ կայներ դէմն հըրածամ արեւին
Կʼօծէ հոգին իր շուշան լուսացնցուղ երազով,
Ու կը ծըծէ հոտեւան խտղանքն ու դողն այգուն զով,
Մինչ մեղեսիկ աչուկներն Եսին ցոլքով կը վառուին։

Նըշուլագեղ ու պայծառ ցոլքով վըճիտ իր Եսին՝
Երկինքն որուն հրճուանքի ակեր ունի կապուտակ․
Ու կեանքի սէրն յորդած է հոն լեռնածին զերթ վըտակ՝
Ուր կաթիլներ ու ցայտքեր հետզհետէ կը հոսին։

Բիւրեղ մը կայ ձեռքին մէջ՝ զոր կը ճօճէ դարձդարձիկ
Եօթը գոյնին տե՜նչն ունի, լոյսի անհուն խաղերուն․
Երանգներու, շողերու կʼըղձայ անուրջն օրօրուն,
Եւ արեւին կը նայի միշտ կաթոգին ու բաղձիկ։

Ա՜հ, ի՜նչ դիւթանք, ծիածան ծոպե՜ր ունի ամէն բան…
Շափիւղանե՜ր… կարկեհա՜ն… զիւմրի՜ւթ, շողակ ու թարշիշ…
Ծովն է լեցուն գոյներով ու ծիրերով ոսկենիշ,
Ինչպէս դաշտերն ու լեռներ, ինչպէս մարմանդն ու ճամբան։

Ծափ կը զարնէ, ծիծաղէն ծլե՜ր է ծիրն իր այտին,
Անո՜յշ արեւ մանկական, ամպ ու մէգի անգիտակ,
Իմ երկինքս ալ կը հրճուի ոսկեծիծաղ լոյսիդ տակ,
Ու մոռցըւած բուրմունքներ զիս կը զգլխեն վերստին։

Պրըսմակ մըն ալ ե՜ս ունիմ, ու կը դիտեմ ցնծագին
Սիրոյդ արեւը պայծառ, սիրոյդ արե՜ւը ջերմին,
Ու խանդաբորբ իմ հոգիս հանդէպ անոր պաշտումին,
Մանո՜ւկ մըն է որ կայներ դէմն հըրածամ արեւին…

Իղձեր

Կէս գիշերուան բուրումնայեղց վարդերով,
Որոնք գինով ցօղ ու շաղի կը սպասեն,
Պիտի հիւսեմ մանեակ մը նուրբ
Շուրջն ըսպիտակ պարանոցիդ․
Եւ այգուն
Պիտի գտնես ցօղուած՝ վարդերն այդ անոյշ՝
Իմ արցունքիս ցօղերով։
Ու օր մըն ալ,
Երբ թարշամի
Քայռն այդ ծաղիկ անուրջին,
Պիտի հիւսեմ նոր նարօտներ ոսկելար
Անոր յուշքին տեղ բոսոր,
Իմ համբոյրիս բոց ու բուրեան վարդերով։
Երազանուրբ ձիւնաթորմի ձեռքերուդ
Պիտի բերեմ Մեղեսիկէ մատնիներ՝
Ու քօղէքներ արեւակէ․
Եւ երբ անոնց ցոլքը մարի աննըշոյլ,
Տենչանքներուս բազմերանգ
Բոցով զանոնք պիտի վառեմ անդադար։
Ու լարերուն տե վինին հինաւուրց
Պիտի դընենք արծաթ թելերն ըղձանքներուդ՝
Որոնք յաւէտ պիտի թրթռան
Տրոփումներովն իմ սրտիս։
Գինով՝ դիւթիչ բուրմունքներէն ծաղիկներուն ըզգլխիչ
Ո՜վ դիւթանոյշն իմ սրտիս
Պիտի յածինք միասին,
Ընթադրելով բոյս ու ծաղիկ ու դալար,
Ու լալով
Բուրումնացան մահն անոնց,
Պիտի յածի՜նք,
Լոյսի արծաթ անձրեւին տակ,
Ու ծոցին մէջ
աւուտքներու կիսաթափանց գիշերներուն,
Ո՜վ երազին իմ աղջիկ։

Ցայգանկար

Համատարած անդորրութեան մը մէջէն,
Կիսաթափանց մըշուշներուն մէջ հալած
Ուրուագիծը տուներու՝
Որոնց լայնաքթիթ պատուհաններէն
Կը ժայթքեն
Լոյսի ցայտքեր՝ տարփագին ծաղիկներուն պըլլըւած։
Ու հետոտ ու մարմըրուն
Աղաղակն ալ նըւագներուն լարաւոր
Կը ծաղկեցընեն դիւթանքն անդորրիկ,
Գիշերուան մը երջանիկ։
Ու կʼերկարի՜, կʼերկարի՜
Խմբանկարը տուներուն
Տարտամօրէն փաթթըւած
Մէջն ապրշում մըշուշին,
Ու լայննալո՜վ, լայննալո՜վ
Դէպի ծովափն՝ որ երկչոտ
Կը սպասէ
Ալիքներու համբոյրին։
Ու եզերքէն հանդիպակաց
Ծայրը դալար հրուանդանին,
Ուր վաղուց
Մեռան ճիչերը ցորեկին,
Ծովուն փոթ փոթ երանգածուփ թաւիշին վրայ
Միապաղաղ կʼանդրադառնայ,
Ուրուանըկարը խուսափուկ
Լոյսի ծըփուն ծաղիկին՝
Որ կը ծըլի փողփողուն ծովեզերքի փարոսէն։
Ու դեռ հեռուն,
Քաղաքէն ու բացավայրէն ալ անդին,
Կʼըդնշմարեմ արտեւանները ցըցուն
Մնիշակէ լեռներուն
Մարմաշի մէջ պլլըւած
Հսկայ հարսեր հեշտամոլ՝
Որոնց տարփանքը կը զգաս
Հեռուներէն, հեռուներէ՜ն…։
Ուկը լսեմ ծաղիկներուն ալ երգը
Աղաղակ մը սիրածուփ՝
Սահած ծոցէն դաշտերուն՝
Ուր ցաները կը վէտվէտին սիրատարփ։
Ուր երկինքն ալ կը քնանայ,
Կապոյտներու խորհուրդին մէջ երազելով
Վաղորդայններն երջանիկ։

Արեւին

Հարաւի մեղմ ու լիաշունչ հովին հետ,
Որ վաղուց երազուած համբոյրի մը պէս,
Իմ սիրակարօտ հոգիս հեշտանքով կը լիացնէ,
Շողա՛, ո՜վ արեւ, շառափներովդ ոսկեծայր,
Մառախլապատ Երկունքիս մէջ՝
Ուր Մտածումը կը դեգերի ուղեմոլար,
Շողա՜, շողա՜, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…։
Պատուանիս հեղուկ ծոցին մէջ ինկած խելայեղ,
Միջօրէի հեշտադալար ու բոցակապ երազին գիրկը,
Թեւատարած կը սպասե՜մ․
Պլլէ՜ զիս բոցեղէն ցանցերուդ մէջ,
Ու օրօրէ՜ ջերմագին,
Ու կիզանուտ համբոյրիդ տակ
Թող հոգւոյս մէջէն անցնին կարգաւ
Մանուկներն ընդամացած։
Մինչեւ որ
Կանգնիմ նորէն ու անցնի՜մ դարձեալ
Տարփանքիս խանդաղատ ճամբաներէն։
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՜…։

Հոգիս թըչնիկ մըն է,
Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ,
Բայց երգը, որ իր ալուցքէն կը թռչի,
Անտես ու ստուերոտ սանդուխներու վրայ
Կʼիյնայ շնչահեղձ։
Շողա՛, շողա՛, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…
Ճառագայթող գոլիդ մէջ հեշտագրգիռ,
Մինչ կը խժայ տարօրինակ, խօլ պարը զամբուռներուն՝
Հուրքէ՛դ գինովցած՝
Ու, մինչ թուփ ու ծաղիկ ծարաւէն կը մարմըրին,
Ես կʼըմբոշխնեմ խտղտանքն անանուն՝ երջանիկ տիւանդորրիս,
Յամրօրէն ու գիտակից
Գինովութեամբ հեշտագին։
Քի՜չ մըն ալ դեռ,
Ա՜հ, շողա՛, շողա՛, բարի՛ արեւ, հիւա՜նդ եմ…
Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
Դեռ իրիկուն չեղած
Ու, դեռ տամուկ գիշերին վըհուկը զիս չընդգրկած,
Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
Ճարէ՛ հոգւոյս խանդաբորբ ու կաթոգի՜ն
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՛, շողա՛…

Ցայգային

Լուսնի մահիկն երբ
Սանդուխներու վրայ
Մեղմով կը տեղայ
Լոյծ, անձրեւակերպ
Սահանքն իր լոյսին,

Եւ երբ մանիշակ
Գոլորշիներուն
Մըշուշն անապակ
Կը ծաղկի թրթռուն
Ծովերուն վըրայ․

Խորն իմ սենեակիս
Կը հանգչի հոգիս․
Փակաչք ու անթարթ
Կը ծըփամ հանդարտ
Ըստուերի գորշ գորշ
Լըճակներուն մէջ։

Հայելիներուն
Հոգին պըրիսմակ
Կը դողայ համակ
Երբոր սարսըռուն
Աշտանակներուն
Ծիրանի ցոլքեր
Կը սահին անոր
Վըճիտ ծալքերէն։

Հոգւոյս յլ մէջէն
Տակաւ կʼերկարի
Փափուկ արծաթի
Շաւիղ մը ձայնի։
ւ ճառագայթներ՝
Որ զիս կը կանչեն
Հոգւոյդ ալուցքէն
Կը հասնին ինծի։

Հապօ՛ն, կը մեկնին
Իմ անըջանքին
Թիթեռներն ամէն,
Ու միջոցին մէջ
Յուշիկ կը գըծեն
Շառայլ թըռիչքին
Ակօսն հեշտագին։

Ակօսն հեշտգին՝
Որ ձայնիդ կառչած
Կʼերկարի մինչեւ
Քու սրտիդ արեւ…։

Սիրերգ

Ճառագայթի պէս ոսկեվարս ու նրբին,
Երբոր ճամբէն կʼանցնի հըպարտ, լուսարագ,
Բան մը սրտէս կʼըլլայ բոցին պատարագ
Իր աչքերուն՝ ուր կը մոռնամ ես արփին։

Երազային, ծաղիկի պէս նրբաւոր,
Երբ կը ժպտի պատուհանին ետեւէն,
Թռիչներ հոգւոյս մէջ լոսաբաղձ՝ կը թեւեն
Խօլ անուրջով կապոյտներու հեռաւոր։

Ու երբ կʼերգէ ջութակին հետ սարսըռուն,
Մեղմածաւալ հեշտերգն իրեն ցայգային,
Կարծես աչքերն իր լուսափաղփ կը նային
Տենդոտ պահին՝ մէջն իմ հոգւոյս ալքերուն։

Ուռիներու շուքին տակ

Ա

Ուռենինե՜ր, լացէ՜ք, լացէ՜ք անդադրում
Արտասունքիդ շիթ շիթ հոգիս կʼարծաթէ․
Ես կը փարիմ մենիկ պահին այս տրտում՝
Ուր ձեր հեղուկ նըւագն յուշիկ կը կաթէ։

Ծաղիկներուն գօտին դեղին, լայնարձակ
Արօտներու զիւմրիւթ իրանն երբ գրկէ,
Ու միջօրի արեւն ալ՝ խուրձ ու տրցակ
Շողերն իր՝ բիլ ժապաւէնով մը պրկէ,

Կուգան կոյսերն իմ անուրջի,, հերարձակ,
Մանիշակէ բըլուրներէն ու դաշտէն,
Ես կʼունկնդրեմ հապըշտապ ու համարձակ
Քայլերուն՝ որ լուռն ուժգնօրէն կը շեշտեն։

Ու կը պարե՜ն․ իրենց նազանքն հարսենի
Ու նայուածքնին քօղքած կազի մըշուշով,
Իրենց վարսքին հետ կը խաղայ սիւգ մը զով
Եւ այտերնին կակաջի պէս կը շիկնի։

Իրենց մարմինն՝ ակնվանի թափանցիկ․
Իրենց հոգին՝ համբոյր համակ ու շուշան,
Իրենց սիրտը՝ հուր շրջմոլիկ ու բաղձիկ,
Իրենց ծիծաղն՝ արշալոյս մը ջինջ գարնան։

Բ

Ուռենինե՜ր, արտասուեցէ՜ք տրտմագին
Գորովակաթ արցունքը ձեր արծաթէ․
Քաղցր է ինծի զեղումն այդ ձեր փախծանքին՝
Որ տրտմանոյշ կայլակներով կը կաթէ։

Տիւանդորրին համբուն՝ ժամերն են ոսկի,
Ձեր սաղարթին գորշ ու տարփոտ շուքին տակ՝
Ուր բուրմունքը կուգայ ծաղիկ ու հասկի
Եւ կը հնչէ յուշքերուս ծափը խայտակ։

Ուր մերթ ձայնն ալ թմբկիկներուն հեռաւոր,
Ու ծիծաղը բամբիռներուն արծաթի,
Ու գնժուհի երգիչներու տարփաւոր
Սիրերգներուն արձագանգն ալ կը ցաթի։

Ու երբ դարձեալ հովիտն համակ ընդգրկէ
Անդաստանին վայրի Լուռը թեւաւոր,
Ու երբ ծառուտքն ալ արբեցած խոնջէնքէ
Անշարժանայ իր խոկին մէջ մենաւոր։

Արագիլ մը կʼանցնի յանկարծ անվրդով,
Ցուցադրելով կարմիրն իրեն կտուցին
Ու կը տաքնայ մէջն արեւին հուր ցանցին,
Ու կը ցանէ հոս հոն կափկափն իր թոթով։

Գ

Ուռենինե՜ր, շիթ շիթ արցունք ցօղեցէք,
Մինչ բուրմունքիդ իմ հոգւոյս մէջ կʼամպանայ,
Եւ այս չքնաղ անդորրութեան յեց՝ թող հէք
Երազանքըս պահիկ մը գէթ հեշտանայ,

Եւ երբ իջնէ լեռնէն հովիկն իրիկուան,
Ու սրսըփայ թախծոտ օրհներգը սօսին․
Երբոր ցայտքերն աւազանին մէջ հոսին
Ու ձեր շուքին տակ թռչնիկներ թռվըռան․

Ու երբ արեւն ալ քրքմաներկ վրճինով
Ոսկեզօծէ սըգատամուկ ձեր հոգին,
Երբ համբոյրի պէս փաթթըւի ձեր շոգին
Անոր ցոլքին՝ եղկ, տարփագին ու գինով․

Միշտ, յամրագին կաթկըթեցէք դուք նորէն
Արծաթելու համար խորհուրդն անպարփակ
Որ շուքէ շուք կը թռչըտի լայնօրէն
Ընդգրկելով ամէն դալար շրջափակ։

Ու երբ ցայգն ալ ծառաստանին մէջ սահի
Սեւ մագիլով ձեր ջինջ հոգին ճանկելու,
Լացէ՜ք նորէն, դուք համակերպ ու հըլու
Դողդըղագին ձեր տագնապին մէջ ահի։

Ցայգն է պայծառ…

Ցայգն է պայծառ անհոունօրէն
Ցոլքըլանքովն իր խօսապար․
Օդանոյշներ՝ որ մեղմաբար
Քնքշանքով զիս կը պարուրեն

Բուստ համբոյրով՝ որուն կարմիր
Կարօտովն իմ հոգիս կուլար,
Ինչպէս փանդիռ մը մեղմալար՝
Պոնդերու տակ մեղկ ու ցանցիր։

Պարզկայ ցայգուն անուրջին մէջ
Լըւալ կʼուզեմ հիմակ հոգիս,
Եւ հրահրել՝ երբեմնի շէջ
Աշտանակներն իմ երազիս։

Մըտածումըս կʼանցնի նորէն
Շաւիղներէն իր լուսակէտ․
Հեշտութիւններ հոգւոյս յաւէտ
Բերելով իր ճամբաներէն։

Գինո՜վ եմ ես ծաղկանց բոյրէն,
Տարաշխարհիկ ու գըրաւիչ,
Ու ձայներէն ալ՝ որ քիչ քիչ․
Իմ երազներըս կʼօրօրեն։

Եւ անծանօթ աշխարհներուն՝
Անեզրին մէջ խորհրդազեղ՝
Կʼանդրադառնայ մէջն իմ հոգուն
Կրկներեւոյթը գունագեղ։

Պիտի ըզգա՜մ ես տեւաբար
Բուրումն անոնց ծաղիկներուն,
Որոնք հեշտին կը դառնան պար՝
Լուսացնցուղ ցօղով լեցուն։

Պիտի ծըթե՜մ ես անդադար
Հոծ երազանքն անոնց բալին,
Ու շողերն՝ որ կը փալփըլին՝
Ոսկեպաղպաջ ինչպէս նեկտար։

Պիտի անցնի՜մ ես խանդավառ
Այդ լուսոռոգ ուղիներէն․
Ես՝ ուխտաւոր ուղեմոլար՝
Խորհրդածուփ թափառելէն։

Պիտի անցնի՜մ ես Անհունին
Յաւերժալուռ երկինքներէն,
Մինչեւ յոյզերս ամէն թօշնին՝
Ու ես երկիր դառնամ նորէն։

Իրիկուան ձայներ

Կʼալեկոծին տարփոտ ծայներն իրիկուան,
Ցոցձանքին մէջ յոգնակոհակ հովերուն․
Անրջածուփ, նըւաղ բոյրերն երերուն
Վերջալոյսին մէջ ոսկեզօծ՝ կը հեւան։

Խըրախութեան աղաղակներ հեշտալուր
Կը պլլուին այդ ցնծաձայն նւագին․
Ու կʼանհետին մէջն այդ ծըփուն յորձանքին՝
Հեշտերգութեանց թոյլ ծըւններ կցկըտուր։

Զիլ գեղգեղներ ու նըւագներ վրդովիչ,
Ու ջութակի սարսուռին գիծը կարմիր…
Արեւմարքին ծաղիկն, որ չի՜ թառամիր,
Ինքն ալ գինով ըզգլխանքէն այս թովիչ։

Աղմըկահար սոյլն ու արդաւն հովերուն,
Հծծիւնները ծաղիկներուն խատուտիկ,
Բարտիներու խարշափն ու ծափ հանդարտիկ,
Եւ համերգը խանդոտ՝ գետին մոլորուն։

Կʼըստուարանայ ալիքն հրճուոտ այս ճիչին,
Ու կը բախի հոգւոյս պրոփիւր քարափին,
Ու կʼոռոգէ զիս փրփուրին մէջ ծըփին
Երբ խնկագոյն լոյսերն ինձմէ կը փախչին։

Արծաթ լոյսերն հիմակ տակաւ կը ծաղկին,
Ու կը ցայտէ թաւ հեծեծանքն ուտերուն,
Լազուարթ ժամեր լուսնի շիթ շիթ կաթիլքին
Մէջ կը թրթռան իրենց համբոյրն անանուն…։

Եւ հոգիներ կʼիյնան անոնց ծնրադիր,
Սիրերգութեանց ըմպած հըմայքն հըրեղէն․
Պայեր անոնց միստիք ճամբան կը պեղեն,
Ու կը ցնծան լոյսով՝ զէնիթ ու նատիր։

Ու կը բացուի փալփլուն՝ գիշերն երջանիկ,
Արձագանգներ կը խաղան դեռ հոս ու հոն․
Քերթուած մըն է ցայգն համօրէն, ջի՜նջ գեղօն՝
Որ կʼերփներգէ ծափ ու ծիծաղ ու ծաղիկ։

Առտուան արեւին մէջ

Ահա՜ կʼանցնի ցայգս անքուն, Մութին ծածքը կը մաշի․ Ու կը կայթէ կոյսն այգուն Իր քօղքին մէջ մըշուշի։

Անցան սայլերն ալ դանդաղ, Ու մըշակներն երգեցիկ, ւ բանւորներն ու հօտաղ՝ Ճամբաներէն բալաձիգ։

Ճառագայթներ խուսափուկ Լիճերուն մէջ կը խաղան, Եւ յանկարծ բոյր մը դեղձան Կը ներկէ ջուրը փափուկ։

Ու բոցեղէն լեզուակներ Կը ծըծեն մէգն համօրէն, Արեւին կեա՜նքն հըրեղէն, Արեւին փա՜ռքն անըստուեր…։

Հոգիէս ներս կը խուժէ Քրքումն ալիքի նըման, Եւ հովիկին առտըւան Գինովութիւնն հաշիշէ։

Լիճը բոսոր հարսնուկի, Ցորենի ծովը կանաչ, Կը հծծին տաղն անճանաչ Մըտերմասաց շըշուկի։

Ու մարմանդները ճանճկէն, Ու սարերը կապտորակ, Եղկ հծծիւնով մը կʼերգեն Լոյսին ոսկի պատարագ։

Տունկեր ռեհան ծաթրինի, Կը ծըխեն խունկ մը վայրի, Որ կʼամպանայ ու կʼայրի Բուրվառին մէջ արփենի։

Հոգիէս նե՜րս կը խուժէ Քրքումն՝ ալիքի նըման, Եւ հովիկին առտըւան Գինովութիւնն հաշիշէ…։ </poem>

Կապոյտ ցածումներ

Կը դառնան ժիր կախիլներն իմ ապըրշումէ անրջանքիս,
Ոլորելով դեղին, ճերմակ մահն երբեմնի շերասներուն․
Խըռովանքիս մէջ կը սպասեմ, ո՞ւր, արդեօք ո՜ւր պիտի յանգի,
Կոյս ու ծաղիկ երազներուս գեղձան շառափը մարմըրուն։

Դառն հրճուանքով ես կը դիտեմ խելխօլ շրպարն այս դարձդարձիկ,
Գիրկն անդորրիս կիսամըրափ, եւ անձկանքիս մէջ ամրափակ,
Տենչ մը դալար, բաղեղի պէս կը պլլըւի հոգւոյս բաղձիկ՝
Զոր տենդագին կը գալարէր հուր սէրերուն ուժգին պապակ։

Հապօ՜ն, անցի՜ր, ծըծէ՛ հեշտին համբոյրն անոյշ լելակներուն,
Ու թեւաբախ սուրա հոն ուր՝ զոյգ մը դաշտեր բիլ սմբուլի
Քեզ կը սպասեն՝ ինկապատար ցայգուն ցօղովը թաթաւուն․
Իրենց անհուպ միայնութեան մէջ՝ սըգաւոր ու հեշտալի։

Շրջանն ըրէ մարմանդներուն ու ծաղկածին հովիտներուն
Անցիր տըմոյն ըստուերներու մէջ աղօթող անտառներէն,
Գօտի հիւսէ շուրջն աւելոր քարշեպներուն ու գալարուն
Գետին վըրայ՝ որ կը վազէ հըռնդալէն ու հեւալէն։

Անցիր փաղփուն հիւսիսայգէն բորբ աչքերու շամանդաղին,
Մինչեւ եդեմն արտ)սրազօծ՝ կանացի բոց հոգիներուն,
Ըսէ կրակոտ նայուածքներուն թէ մանո՜ւկն եմ իրենց խաղին
Ու տար անոնց դողն ըստուերոտ պաղատանքիս իմ մոլորուն։

Այս իրիկուն, լուռ, անշըշուկ, օրհասին հետ բզզիւններուն,
Ու խաղաղիկ յորձանքին մէջ թռչուններու ցայգանդորիին,
Այս իրիկուն, թե՜լն անուրջիս, գընա՛, անցի՛ր, յուշիկ հեռո՜ւն՝
Լուսածըրար երկինքներու ճամբաներէն լայն ու լըռին։

Խօլ դարձիդ մէջ, գընա՛ պահ մը կայքն ադամանդ աշխարհներուն,
Ժապաւէնիդ վրայ շարելով անոնց արցունքը գունագեղ․
Խորասուզէ ծոպդ ոսկեզօծ՝ ծովածիծաղ ու թրթըռուն
Քընարին բիլ նայուածքներուն ծփծփանքին մէջ յորդազեղ։

Ու շնչահատ վազէ մինչեւ միգամածներն ոսկեփոշի,
Ու ցնծագին անցիր անոնց մըշուշապատ շաւիղներէն,
Բայց անոնց բիւր շըլացքներէն քու ճղճիմ հուրքդ երբոր մաշի,
Փութով ինծի՛, փութով ինծի՛, փութով ինծի դարձիր նորէն…։

Նոր տաղեր

Վայրկեան

Թոյլ շըշիւն մը, յետոյ բոյր մը մշկենի․
եւ յամրագին գիրքը ձեռքէս կʼիյնայ վար․
երազներու պերճուհին է որ կʼանցնի,
ու կը փոթի ծովակն հոգւոյս՝ մեղմավար։

Ու կը փոթի ծովակն հոգւոյս մեղմավար,
եւ ալիք մը թեւը բացած կը վազէ
գրկել ափունքն իղձիս ոսկի աւազէ։

Ո՜վ քաղցրութիւնը նայուածքին իր ծաղիկ․
ո՜վ պերճութիւնը գընացքին իր հըպարտ․
ճամբուն վըրայ՝ իր քայլերուն հետքը վարդ՝
ուր հեշտօրէն կը յածի դեռ իմ մենիկ

սիրտըս՝ բո՜ց մը՝ մըթնշաղին մէջ անհետ…։

Ջուրէն դարձին

Երբ բըլուրն ի վար
աղբիւրէն դարձին,
իր վարսքի խուրձին
մէջը սողոսկի
նուրբ մատիկն ոսկի
արեւի լոյսին․
հիր սափորն ուսին
երբ բըլուրն իր վար
աղբիւրէն դարձին,
մեղմով ծածանի
լաջակն հողմավար՝
թեւով թռչունի․
ու ծիածանի
թոյրով պսպըղայ
աչքն իր գեղանի․
եւ երբոր ցնծայ
հնչիւնը՝ ծնծղայ
զարդոսկիներուն․
տենչանքով անհուն
հոգիս պիտʼ ըղձայ
գանձեր՝ զոր չունի։
Ծարաւ շիղին պէս
պիտʼ ըղձայ անի,
երկու կաթիլ ջուր
շուրթերուն իր կէզ։
Եւ իր ճակատին՝
զովացքը ցրտին,
ճակատին կըրակ՝
ովացքը ցրտին,
կարմիր սափորի
ջուրին սառնորակ
ցօղովը բերրի՝
կակաջ ձեռքերու…։
Ա՜հ, այս իրիկուն
սափորն իր ուսին
աղբիւրէն դարձին՝
սիրոյս անանուն
ջերմ սարսուռներով
կը դողայ սօսին…։

Մառախուղ

Նայ շոգոլին կապտորակ, թեւատարած կը նստի,
աւաններուն լըռանիստ՝ նըւաղումին մէջ ոսկի․
կարծես ծուխ մը հողն անդուլ դուրս կուտայ իր ծերպերէն։

Ու կը խայթէ իմ հոգիս պարապն այս հոծ կապոյտին,
բիլ պատմուճան լուսաթել՝ որուն փախեր է կոյսն հին։

Ու մըշուշը կը լայննայ, ու մըշուշը կը լենայ
արտերուն մէջ՝ ուր խարտեաշ խուրձերն ինկան գիրկ գրկի։

Անձրեւ

Բացաստանը վարագուրեց անձրեւին քօղքն ամպային․
գիւղակն համբուն ողողեր է ջուրին ծափծափն ընդհանուր․
անդերու մէջ կը կաթոտի ճերրմակ փրփուրն արծպային։

Օ՜հ, լիութիւնն որ ամէն կողմ հրճուանքի պէս կը զեղու․
օ՜հ, քաղցրութի՜ւնն ու կը թառի անուրջս անյագ զերթ մեղու։

Տարափն անդուլ կը լըճանայ, կը շափշափէ միշտ խայտակ,
եւ արեւի պէս կը փայլի ճամբուն սալարկն ըսպիտակ…։

Անդարձ

Լուսնի լոյսը ծառերէն ծաղիկի պէս էր կախուեր․
ապրիմ֊մեռնիմ մը ձեռքըս՝ սիրոյս ճամբան ես ինկայ․
ա՜հ, լըսէի՜ր, տերեւին հովը ինչեր կը հծծէր։

«Կը սիրէ՛ զիս, չի սիրեր, քի՜չ մը, բընա՛ւ… տարփագի՜ն…»
մէկիկ մէկիկ փետտեցի, գաղձերուն հետ ձանձրոյթիս
եւ արիւնող փուշին հետ սրտիս մխուող թախծանքին։

Ինչպէ՜ս կրկնեմ բարբառը երիցուկին մարգարէ,
հէ՜ք ծաղիկ, զոր խեղդեցի վայրկեանի մը մէջ անյոյս՝
ուր ձեռքիս մէջ կը սուրար ձեռքիդ եկազն յամպարէ։

Ինչպէ՜ս կրկնեմ տաղերը նարկիսներուն ու վարդին,
ու վիպերգը՝ կեռասէ բադրոններուն վրայ ձիունող
ճերմակ բուրեան շափրակի բադիլներու մեղեդի՜ն։

Շամանդաղին մէջ՝ թել թել կʼիյնայ ջրցայտքն անտարբեր․
լուսնի լոյսին կʼերկարին առուակի զոյգ մը թեւեր․
ու շրջավայրը կʼըլլայ աղապատանք մը տարփոտ։

Ճամբուն վըրայ կը կրկնէ աղբիւրն անվերջ հէքեաթներ,
գուռն հիացիկ մանուկի աչքի մը պէս է բացուեր․
ջըրարբքին մէջ կʼուրուագրէ լուսինն աղջկան մը պատկեր։

Թաւուտին մէջ թեւաբաց, ահա՜, տեսիլդ է կայներ․
այծտերեւին հոտեւան մատերն հերքըդ կը շոյեն․
ու տերեւներ վեհերոտ կուտան իրենց համբոյրներ։

Մառախուղով կը լենայ հիր շրջագիծն երազիս,
ուր ամբարձիկ մարմինիդ հըպարտ շուշանն է կեցեր․
հոգւոյդ կարմիր կարօտին, ա՜հ, պատարա՜գ ըրէ զիս։

Ապրիմ֊մեռնիմ մը ձեռքըս՝ նորէն դաշտերն ես ինկայ
ու տենչանքներըս գրկած լացի մարմինըդ ըսպիտակ․
դարձիս՝ ճամբան՝ սառե՜ր էր՝ տամուկ՝ լո՜յս ու լուսինկայ…։

Սիրերգ

Տրծակ մը հուսամ ու տրցակ մը ուրց
բե՜ր, ձեռքերովըդ դիր զոյգ քունքներուս․
խուցիս մէջ ցանէ իւղեր հինաւուրց։

Դափը ձեռքս առնեմ նորէն այս գիշեր,
ու ձիւն լոյսին հետ հոգւոյս ցրցքնէ
բամբիռի ծափեր, վարդի թերթ ու շեր։

Բամբիռի ծափեր, վարդի թերթ ու շեր,
բուրեան շոգիներ յամպար ու մուշկի,
որ կʼերիփնազօծեն երէկուան յուշեր։

Քիչ մը թէֆարիգ, քիչ մը վարդի ջուր,
արեւ ծիծաղի, ծաղիկ ծամերու,
զարդոսկիներու բազմաճաճանչ հուր։

Եւ համբոյր աննիւթ, եւ համբոյր անանց՝
վարդով գծգծուած անհուպ շուրթերու
կուսածին այգեր՝ փաղփուն լուսացանց։

Անուրջի ցայտքեր, ըղձակաթ գիծեր,
դո՜ւք, շարժուձեւեր կաքաւ ու պարի՛
հոգիս բանտեցի՜ք գղեակին մէջ ձեր։

Հոգիս բանտեցի՜ք դղեակին մէջ ձեր,
ճերմակ ըստեղներ հուր դաշնամուրին․
պըղինձի թոյրեր, ոսկեցոլ կայծե՛ր…։

Ջրտուք

Շաւարշ Միսաքեանին

Հօյհօ՜յ, գետը կը թրջէ ցայգուն քամակն արծաթուած,
իր յորձքին մէջ ծեծելով անդուլ խարակն ու խութեր․
հօյհօ՜յ, առուն յոդրառատ դալարին ծոցն է նետուեր
գաղջ տարփանքովն իր ջուրին՝ ուր արեւը կʼապրի դեռ։

Յակուրջի մը առկախած գիւղակն անդին կʼօրօրեն
անրջական հիւսուածքով խումբ մը ժայռի ըստուերներ․
վանքին բակը՝ կʼաղօթեն հսկայ ծառեր տարօրէն՝
որոնց տամուկ շուքի մէջ Աստուածամարն է կայներ։

Ու գիւղակին դէմ նստած, երիտասարդ ու պչրոտ,
պարտէզները՝ վերէն վար վազող ջուրին կը սպասեն․
ա՜լ յափրացած խօլ գետին անարգաւանդ դարպասէն,
ու լըռութիւնը խածնող լուտանքներէն արհաւրոտ։

Գիշերային ջրտուքի ժամն է․ լոյսին մէջ կայնած,
մըշակն անքուն, կը սպասէ՜, ոտքը բոպիկ, բահն ուսին․
պարտէզներուն վրայ կʼիջնէ թեթեւ քօղք մը միգամած,
ու ծղրիդներ՝ լուսնակով արբշիռ՝ անվերջ կը խօսին։

Ու կʼերկարի լուսարծաթ ժապաւէնն այդ բարբառին,
ինչպէս փախչող ասուպի կոթունները կաթնաւէտ․
աւաին վրայ ջուրերու կʼիյնայ շառաչը վէտվէտ,
խարոյկները՝ ոսկեբաշ՝ ուրեք ուրեք կը վառին։

Հօյհօ՛յ, առուն կը հասնի ցանկապատին քովերէն
եւ երգի քուղ մը կու գայ լպպըւած իր գօտիին․
սիւք մը կʼանցնի, տերեւներ ծա՛փ կը զարնեն ցնծագին․
վարէն ջուրը կը խայտայ, կը խնդայ լոյսն ալ վերէն։

Թումբերն անդուլ կը բացուին, ջուրն անդադար կʼոռոգէ
վարդենիքը, թըթաստանն, եւ ածուները բոլոր․
բահի երկու հարուածով նայիս առուն կը թեքէ
օձաճապուկ ձեւերով հեղուկ իրանն իր ոլոր։

Ջուրն անընդմէջ կը հոսի, ածուները կը լենան,
ու, դարձուէ՛ք, կը կանչէ ծեր մը մութին ընդմէջէն․
խիճերուն ու սիկին մէջ, բահերը՝ խո՜ւլ կը հնչեն,
ու դարձուցէք, դարձուցէ՛ք, կը կոչէ ձայնն անխափան։

Աղջընակ մը, արիշին տակ նստած, շե՜ր կը կանչէ,
որ յոգնաբեկ մըշակին օրօրի մը պէս կու գայ․
հողը ծըծեց ջուրերուն տարփանքն՝ որ դեռ կը հնչէ,
եւ հիմակ՝ թա՜ց՝ կ խոկայ իր երկունքին ապագայ։

Աստուածամա՜ր

«…Ահա կաթիլ մի կաթին քումդ կուսութեան յանձն իմ անձրեւեալ…»
Նարեկացի

Կաթնածաղիկ ու կապտերակ գիշերին մէջ,
մեղեսիկի փոշի մըշուշն ըլլամ ըսփիւռ,
եւ առիգածն արծաթ՝ ջուրին վրայ հոլանի․
ու ձա՛յն ըլլամ, ըլալմ ծաղիկ, ըլլամ զեփի՜ւռ՝
ամէն իրի հըպիմ փափուկ թեւերով գէջ։
Ըլլամ ջրվէժ, ըլլամ գետափ մը գեղանի,
ըստուե՜րն ըլլամ խնկագունած այգիներուն,
կամ գետերու հողմիկ աւաչն, ու գետաձայն
հովին անցքը՝ երկնասլացիկ կատարներէն։
Կաթնածաղիկ ու կապտերակ գիշերին մէջ
պատկե՜րն ըլլամ սրբազնացած ես համայնին․
օղամանեա՜կ մʼըլլամ ես թանկ եւ անմարմին,
ու շոշփայ մը՝ հաղորդութեանըդ կաթնաձիր։
Գետէն անդին կանչե՛ս ինծի․ Անցի՛ր, անցի՜ր․
մեծ դիւթութեան կայծակ մը տաս մըթար հոգւոյս,
ա՜հ, չը գայթի՜մ կոհակն ի վար ցընորքներուս․
թող համբուրէ՛ աչքըս ջահումն աչքերուդ կոյս,
ու չըգայթի՜մ կոհակն ի վար ցընորքներուս։

Ահա՜ մագլիմ պիտի ցաւիս սարակն ի վեր․
երազներու սատափ ճամբէն ցրուէ ամպեր․
եւ իղձերուս կապոյտին վրայ, վարդ ամպը դուն,
վարդ ամպն եղիր՝ մերթ լուսինկան պատմուճանող․
դո՛ւն, աստուածեան գեղեցկութեան արփաւո՜ր հարս,
սրբութեան կո՜յսը ձիւնաձիր ու հըրավարս։
Գիշերին մէջ կʼիջնէ դեռ ուղխը լուսեղէն,
կաթիլ մը կաթ՝ ծովացած քու սրբութենէն․
ու տե՜ս, ահա՜, կը մանկանամ, Աստուածամար,
ու տե՜ս, ահա կը մանկանա՜մ գիշերին մէջ՝
ուր լըսեցի ես աստուածեան ձայնին վայրէջ՝
որ կը շաչէր աստուածարեալ հոգւոյս համար։

Առնչութիւն

Այսօր կաթվարդ երազէ մը արթնցայ,
գիրկս անսահման գրգանքներու է բացուեր․
այսօր, Հոգի՜ս, պիտի բերեն քեզ ընծայ՝
նոր տարփանքիս թիթեռնիկին հիր թեւեր։

Այսօր իղձով իմ հոգիս է կաթոգներ․
ու վարդի պէս կը բացուի սիրտս իբր ընծայ
այն լուսոռոգ պատարագին սրբանուէր՝
զոր ծափեցին իմ երազներըս ծնծղայ։

Երէկ գիշեր իմ հոգիս էր ինկած, ա՜,
թաւիշին մէջ կախօրրանին ոսկելոյս՝
զոր ճօճեցին մինչեւ առտու, մինչեւ Յո՛յս,
ըղձանոյշներն իմ Տենչանքիս նախընծայ։

Այսօր լոյսի ծովի մը մէջ արթնցայ,
գիրկս անհամար զգուանքներու է բացուեր․
այսօր, Հոգի՜ս, պիտը բերեն քեզ ընծայ՝
մանուկ բոյրեր եւ աղջըկան պէս հովեր։

Մանուկ բոյրեր, եւ աղջըկան պէս հովե՜ր՝
որոնց շուրթերն էի փնտռեր ընդերկար,
ու գրկանքին խանդաղատ գիրկս էր բացուեր․
երանութի՜ւն, լոյս րոպէին մէջ եկա՜ր…։

Եկո՜ւր, անցնինք ծառաստանէն այս Լոյսին,
ու բացատքէն Գոյնին, Ձեւին ու Բոյրին,
եկո՜ւր, Հոգի՜ս, եկուր երթա՛նք միասին,
մինչեւ եդեմն աստուածաձայն, մինչեւ Կի՛ն…։

Անձրեւ

Համբոյրն անձերւին կը թրջէ շափշափ
վարդէ գիծն անտես բերանի մը շուրջ․
օ՜հ, աս ի՜նչ գրգանք, օ՛հ, աս ի՜նչ անուրջ,
որ կը տամկանայ, գաղտ ու հապըշտապ,
իմ ծարաւահիւծ, իմ որբեւայրի
իրիկուններուս շուշանին վրայ լուրջ։

Անձրեւոտ գիշե՜ր, գըթա՜ծ քահանայ,
թօթուէ՛ սրբենի այդ տեղատարափ,
զերթ մասունքի ջուր, մինչեւ որ լենայ,
մինչեւ որ լենա՛յ բաժակն այս պարապ
իմ երազներուս՝ որ ոսկեըրափ
Կեցեր է ցրտոտ մարմարին վըրայ։

Օ՜հ, աս ի՜նչ գրգանք, օ՜հ, աս ի՜նչ անուրջ
կու տաս դուն ինծի, անփրեւո՜տ գիշեր,
դո՛ւն, բարեբարի, գըթա՜ծ քահանայ,
որ հին Լլկանքին ժողվեցիր փուշեր,
եւ հնչեցուցիր բարբառդ՝ ոսկի՜ մուրճ՝
որ մտքիս նոր նոր դուռեր կը բանայ…։

Ձիւնի ցնծութիւն

Պարն է ձիւնին, փսփըսուքը պարիկներուն,
որ տանիքին վըրայ ճերմակ էջ մը կʼըլլայ՝
ուր կը յածի գիրն անուրջիս իմ օրօրուն․
որ հոգւոյս մէջ ալ ըսպիտակ յորձք մը կʼըլլայ,
ու կը խուժէ սարերէն վար գորշ խոհանքիս։

Եւ արեւի՜ն կըսպասեմ ես ցնծապատար,
միտքս երազով լեցուն համակ, ձեռքըս ծափո՜վ․
ունկնդրելու զանգակն անոր պատարագին,
ու դիտելու լոյսէ աղջիկն՝ որ պիտի տար
առժի բոցը՝ յուզումներուս մարած ճրագին։

Ու տօնելու՝ ճերմակին փառքն այս ձիւնեղէն,
որ կապոյտին կը լըծորդուի հորիզոնին,
ու կանչելու համար հոգւոյս մէջ վերըստին,
ճերմակ հոյլ մը վաղընջական անուրջներէն,
ու ծիածան մը գոյներէ վայրավատին։

Մեռելոց

Ձըմեռ օր մը, ձիւնին մէջէն, մի՜սմինակ,
ձիւնին մէջէն, տարի դամբանն իմ հոգւոյս,
ժըպիտով մը ծընած նախկին սէր մը կոյս․
ըսպիտա՜կ վարդ՝ որ սառեցաւ ձիւնին տակ։

Գարուն մըն էր, եւ համբոյրով մը բացուած
դամասկեա՛ն վարդ, գինով արփին գաղջ գոլէն,
նըւազեցաւ ուրիշ սէր մը․ սէ՜րն, Ա՜ստուած՝
զոր թաղեցի՝ յուսատ՝ կեանքին կանչելէն։

Ամրան վերջն էր, նայուածքով մը բողբոջած
դեղին վա՜րդս ալ ինկաւ աշնան շունչին տակ՛
զայն վերցուցի՝ արդէ՜ն եղած յիշատակ՝
ու նետեցի փոսին մէջ, ցա՛ծ, ա՜հ, շա՜տ ցած։

Հիմակ ամէն մեռելոցի ես կʼերթամ
անոնց մարմար դամբանին վրայ ցրտաշունչ,
աղօթքով մը, կորած մէզին մէջ տարտամ
անոնց յուշքին, մըտաթափառ, լուռ ու մունջ։

Ու մըտածումս ալ, հէ՜ք նժդեհ քահանայ,
խաչ հանելով կʼըսէ բառեր լուսեղէն․
ու նայուածքըս կը բաժնըւի երբ հողէն,
հոգիս զանոնք անգա՜մ մըն ալ կը մոռնայ…։

Երկու սրինգ

Սըրինգ մը կայ մէջն երկդիմի այս առտըւան, մայրիի մեծ ծառին դիմաց, ու փըլուզակ մոլոշագոյն որմին ներքեւ․ սըրինգ մը որ՝ կը սրսըփայ ցաւը լոյսին որ չի՜ ծագիր… Երգը՝ իղձի եւ հառաչի թել մըն է հիր՝ որ կը հիւսուի անկիւններու մէջ արփաւոր ու կʼանհետի մըշուշին մէջ՝ որպէս սուզակ՝ որ ընդերկար յաւէտ չի՜ գար ա՛լ երեւան։

Սըրինգ մըն ալ այս առտըւան մէջ մանիշակ․ սըրինգն է ան այծհօրանի անդէորդին, որ մէգին մէջ կը ծագեցնէ երգ մը՝ արեւ ու ասմազուն ըմպած դաշտին տեսիլն ոգող։ Ու տրտմութիւնն այգուն՝ կʼիյնայ պահ մը զերթ քօղ․ ու պարիկ մը քումայթ՝ հոգւոյն կուտայ բարեւ․ ու ծառերու ծաղկանըկար սրահակն հեշտին ընդնշմարել կուտայ լիճին կոյսը խաժակ։

</poem>

Անանուն

Վայրի՜ ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է․
ըսէ՛, մասուր ու կանանչէ
ցանկապատին շուքին նստած
վայրի՜ ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է։

Ըսպիտակ, կաթ ու մազտաքէ
բուրող ծաղիկ, անունդ ի՞նչ է․
ըսէ՛, քի՛չ մը գէթ չե՞ս դողար,
հովիկն անոյշ երբոր փըչէ…։

Հըպա՜րտ ծաղիկ, անունն ի՞նչ է
պարիկին, որ անցաւ քովէդ,
հեզուկ ու սեւ սաթի վէտ վէտ
ցայտք մը ձըգած իր քամակէն։

Գիտե՜ս, ծա՜ծիկ, անունն ի՞նչ է
դողին՝ զոր քեզ տըւաւ հովիկ,
ու ձայնին որ զիս կը կանչէ…։

Իրիկնային

Հորիզոնէն վար՝ քայքայուած ու ցրուուն՝
ոսկինարգէս շառայլի փունջ մը կʼիյնայ՝
իրենց մօրկան կաթին կանչող ուլերուն
ժեռուտ ճամբէն գիւղակ դարձող հօտին վրայ։
Բաժնըւեցան իրարմէ արփ ու մըշակ,
լո՛ւռ՝ ձեռքերնին ճակտին դըրած մէկմէկու․
ու՝ թիկնադարձ՝ արեւն ա՜լ տուն կը դառնայ
լեռներէն վեր՝ ինչպէս մըշակն իջաւ գիւղ․
առանց գոլին զոյգ մʼհոգածու ձեռքերու,
բացավայրին մէջ կը մընան հասկ ու շիւղ,
գիշերին հետ անգ՜ամ մըն ալ միսմինակ…։

Սարերուն վրայ կանանչ լոյս մը կը ցաթի,
աղբիւրներուն կʼելլէ խմբերգն արծաթի…։

Այգային

Տանիքներուն վրայ մըշուշը սնդուս լաթեր կը փըռէ,
ճամբաներուն վրայ արեւը շոգոլիներ ոսկեման։
Որմին մօտիկ սըրինգն անվերջ մեղեդիներ արոյրէ,
որմին վըրան աքլորն ըսթափ զարթօնքի ճիչն անսահման․
որմին դիմաց աղջընակ մը տարփոտ երգեր կʼոլորէ։

Աղաւնիներ, լաջակներու պէս մետաքսէ գունագեղ,
ճամբէ ճամբայ կը թռչըտին թոյլ ծածանքով վաղանցիկ։
Աղբիւրին լուրջ ջուրերուն մէջ ճառագայթ մը կʼիյնայ շեղ,
աղբիւրին հարթ քարին վըրայ ձայնն հօտաղին երգեգցիկ,
աղբիւրին զով ծորակին հուպ՝ համբոյրն հովին առտըւան։

Խա՜չ հանեցէք ու ծա՛փ զարկէք, կարմրութիւններ հինայի
եւ արփածին թոյրեր հագած՝ առտուն մեզի կը նայի։
Ծառերուն վրայ թռչուններու խմբերգն հիմա կʼանձրեւէ,
ծառերուն տակ ծիծաղը ջինջ, մանկան՝ յոգնած կաքաւէ,
ծառերուն քով բոյրը ծաղկին՝ ամէն գոյնէ ու ձեւէ…։

ՀՈՎԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ա — Գարնան հիւղը

Դաշտին գոգը՝ արահետի մը եզերք՝
հիւղակ մը կայ կանանչներով ողողուած․
իր առջեւէն կʼանցնի ամէն տըւարած,
ճնճղուկներուն կը կարկաջէ հոն խմբերգ,
ու տատրակներն ալ՝ ծիածան ուլերով՝
քմշոտ գիծ մը կը գըծեն շուրջն երազէ։
Ու պորերը, խոշոր շարժուն շուշաններ՝
կʼերազեն մէջն աւազանին տաղին զով,
ուր ծորակին մեներգն անվերջ կը վազէ։
Մասրենիներ, վարդենիներ, մորիներ
հոն, ձեռքձեռքի, դարձպար մըն են բոլորեր․
ծաղկանոյշներ, ապրիմմեռնիմ, մանիշակ՝
բուռ բուռ բերեր որմերուն տակ են ցաներ։
Թաղարներրէն մեխակի հոյլ մʼաչուըներ
կը ժպտեցգեն հիւղին հրճուանքն անապակ։
Օ՜հ, գաղջ աւիշն՝ որ չորս կողմէն կը պոռթկայ՝
ընձիւղներով, շաքիլներով անհամար․
օ՜հ, արեւոտ խայտա՜նքն արբուն աղջըկայ՝
որ կը զեղու, բորբոք, արբշիռ ու յիմար,
կուրծքէն գարնան՝ որ թեւերովն իր բաղեղ՝
տարփո՜տ՝ հիւղին կը պլլըւի, ու հեղեղ
կանանչով մը կուտայ համբոյրն իր դալար։

Բ — Հիւղին գարունը

Բերնիս քըսած էր բաժակը մեղրակաթ
համբոյրներու՝ նայեադը ծով երազին․
ու չըլըքած դեռ ափունքները ակատ
շրթունքներու՝ քունէս ընդոստ արթնցայ։
Ու գըրկիս մէջ կըտայ առտուն լուսոռոգ․
առտուն, մանուկ՝ որ զերթ ծաղիկ կը ցնծայ՝
եւ հոգիին կը բերէ բոյրն իր նորոգ։
Եւ ամէն կողմ երթալ ուզող զերթ մանուկ՝
առտուն՝ իմ ալ թեւէս բռնեց ու տարաւ
բըլուրէն վեր, դէպի դաշտերը տամուկ։
Եւ անապակ իր աչքերուն նայեցայ,
եւ աշխարհնե՜ր տըւաւ հոգւոյս իբր ընծայ․
հորիզոններ՝ ուր լոյսն անհուն կը ցնծայ։
Եւ հոտեւան ձեռքին եղայ ուշադիր՝
որ շեշտակի Գարնան Հիւղը ցոյց կու տար,
որուն դըրան առջին կանգուն կը խայտար
ծաղկապատար Հիւղին Գարունն անպատիր։
Ծաղիկ մըն էր, ա՛ն ալ, փափուկ ու բուրեան․
ծաղիկ՝ վարսերն ոսկինարգէս՝ ու ծաղիկ
թարթիչներն ու աչքեր, ճակատը շուշան,
եւ այտերը կակաջ, բերնակն ստրուշան,
թուշը շափրակ, այծտերեւի՝ իր ձեռքեր։
Եւ իր հոգին բուրմունքի հեշտ երգն ունէր,
արփիացող, ջերմին ինչպէս ծաղկանոց։
Ու կը կանչեր գունեղ Գարունն Հիւղին՝ զիս
իր համբոյրին՝ ինչպէս նայեադն երազիս…։

Գ — Երգը

Ժամը վեցն է․ հիւղակը ծառերուն դէմ կը խնդայ,
ու չարանճար հովիկն ալ՝ ծաղիկներուն խաղընկեր՝
կը պղպըջայ անհանդարտ, պզտիկ երգեր կը կարդայ,
եւ կամ նայիս մերթ գաղտնի լըճակին ծոցն է ինկեր։
Ես երազուն, ջըրեզրի ուռենիին կռթընած,
միջօրէին մէջ անհետ՝ թելն ըղձանքիս կը փնտռեմ,
մըտամոլոր․ եւ յանկարծ նուրբ կամրջակ մը ոսկի՝
հիւղէն երգ մը՝ կʼերկարի մինչեւ ափունքը նըսեմ,
մինչեւ ափունքն իմ հոգւոյս՝ ուր կոհակ մը յեղակարծ՝
ոսկի գետէն արեւին՝ եղկ ու հանդարտ կը պառկի։
Օ՜հ, Գարունն է Հիւղակին, շատրըւանը իմ հոգւոյս՝
որ լուսասփիւռ ցայտք մըն ալ ինծի նըւէր կը խրկէ․
ու միջօրէն բովանդակ մետաքսահիւս ցանց մըն է,
ուր բռնըւած կը կանչէ բաղձիկ թռչնակն իմ հոգւոյս։
Պիտի սիրէ՛ քեզ հոգիս․ պիտի սիրէ՛, սիրո՜ղ ձայն,
քու հոգիէդ բաժնըւող ցայտուն կոհակն արծաթի՝
որուն փըշուրն անհամար աստղերու պէս կը ցաթի
տիեզերքին մէջ հոգւոյս՝ ուր ոլորտներ կʼիյնան լայն…։

Դ — Մրուրը

Իրիկունը, մետաքսներու պէս փափուկ,
իրիկունը՝ շարբաթներու պէս քաղցր է․
իրիկունը բաժակն է՝ շուրթը տամուկ՝
զոր նայեադ մը հըրամցընել կը բերէ։

Օ՜հ, զիս հիմակ հիւղակին դուռը տարէք,
լուսաշապիկ օդանոյշնե՜րն իրիկուան,
աւազանին մօտ, ուռիին շուքին տակ՝
օ՜հ, զիս հիմակ հիւղակին դո՜ւռը տարէք…։

Այս բաժակին հեղուկն որքա՜ն հոտեւան,
այս բաժակին հեղուկն ո՜րքան հեշտին է․
թաւուտքներուն մէջը քիչ քիչ կը մթնէ՛․
պիտի փշրի՜, աւա՜ղ, բաժակն իրիկուան…։

Շրթունքներըս վերջին պուտին են ծարաւ,
ու ես Գարնան Հիւղին տարփոտ շուքին տակ
կը մօտեցնեմ երկչոտ՝ բաժակն իմ բերնիս․
դիրտ մը կայ հոն, զոր հէք հոգիս դժուարաւ

ու դառնութեամբ կʼըմպէ մինչեւ իր յատակ․
հիւղին կոյսն է՝ որ մըթնշաղն իմ սրտիս
կը սեւցընէ՝ հեծկլտուքով մը գիշեր…։

Կը հեծեծե՜, ու չի՜ գիտեր թէ քարին
քսուող սի՛րտս ալ ինկաւ ցայգուն մէջ խորին։

Ե — Հիւղին աշունը

Այծամարդեր հովին քընարն են կապտեր,
ու պարտէզին մէջ անդադար կը զարնեն,
խառնանըւագ եղանակ մը խօլական,
որուն՝ ջուրն ալ կը խառնէ մերթ իր կերկեր։
Շահպրակները մընացեր են առանձին,
լըճակին շուրջ, թաղարներու մէջ թիթեղ,
ուր կայլակ մը կʼիյնայ կարմիր, ամէն հեղ որ հովն անխիղճ ենթարկէ ծառն իր ցունցին։
Հիւղն աներազ կու լայ ժըպիտ մը դաժան․
պատուհաններն՝ անվարագոյր, անթաղար,
տժգոյն բաղձանքն ունին լոյս ու կապոյտի։
Ու ցաւագին եւ անթարթիչ զերթ կոպեր,
ուր անծաղիկ աշնան մը թուխպը խաղար՝
հոն անանուն թախծութիւն մը կը փթթի։
Բայց, երիզուած ժապաւէնով ճառագայթ՝
ամպերու գորշ վիճակներուն ետեւէն՝
կʼերեւայ բիլ շարէշապիկ մը անգայտ՝
որ երազել կու տայ հիւղին, ոսկեղէն
պերճութիւնը նոր գարունի մը կոյսին…։


Ըլլայի՜, Ըլլայի՜

Իրիկունը

Սա իրիկունն ըլլայի ես,
եւ հըպէի ճակտին ամէն անցորդի․
չքնաղագեղ ու նըւաղուն յամուրդի
սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես։

Սա իրիկունն ըլլայի ես,
լի երգովը թռչուններուն, մարդերուն,
ու տարրերուն աղաղակովը տրոփուն՝
սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես։

Սա իրիկո՜ւնն ես ըլլայի,
թոյլ, նազենի, շըղարշային, վարդաբոյր,
ու ծըփայի զերթ ոսկեսար վարագոյր
վրան ամէն հոգիի։

Սա իրիկունն ըլլայի ես,
լի զանգակին ղօղաներովն երկնաճեմ․
խնկապատար, օծուն, ջահուած ժամի պէս
սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես։

Սա իրիկունն ըլլայի ես․
իմ անորրիս մէջ ոգեւար աղջըկան
մարող ճրագին բոցեր տալու իմ ցոլքէս․
սա՜ իրիկունն ըլլայի ես։

Սա իրիկունն ըլլայի ես,
լի գոռ ծափովն ովկիանի ջուրերուն․
սիւքին ծաղիկ մեղեդիքովն ակաղձուն,
սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես։

Սա իրիկունն ըլլայի ես,
որ կը մարի սատափ բարձին վրայ ցայգուն․
թօթափող վարսքը գունագեղ ու ծըփուն,
սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես։

Սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես,
համայնական, չքնաղ, քաղցրիկ, լուսագէս
եւ ամէնուն տայի հուրքէս, ոսկիէս։
Սա իրիկո՜ւնն ըլլայի ես։

Հովը

Ալիքներուն վրայ ոստոստող հովն ըլլայի,
ու ջուրերու խուլ մըռունջին մէջ ամայի՝
ձկնորսներու ականջն իվար փսփըսայի
սիրուած երգեր, քաղցրութիւնով օծուն բառեր։

Հովն ըլլայի կատարներուն վրայ պարանցիկ,
ու ձիւնին մէջ սառող մարդուն համար լայի,
հովն ըլլայի՝ հողվրտիքին մէջ երգեցիկ՝
ու ծըծէի տակաւ գաղտնիքն ես Անդիի։

Ձըմեռներուն ես ամպավար հովն ըլլայի,
եւ անճըրագ խուղերու ճիչն յորձքիս ձուլած,
անցորդներու հոգւոյն վըրայ փշրըւէի
իբրեւ ալիք։ Ու տանէի հոն կոծն ու լաց
տըղաբերին, որ հողին վրայ կը գալարի
եւ անսըւաղ մանուկներուն, ու գրկաբաց
մատաղատի, որեկորոյս մօրն ալ՝ որուն
տարիքին բոցն հոգւոյն մուխին մէջ կը մարի…։

Հիւղը

Դաշտի ճամբու մը վըրան,
կամ ըստորոտը լերան,
ուղեւորին ժամանման
ըսպասող հիւղն ըլլայի։
Ու զգուանքիս կանչէի
ես ճամբորդներն անԺաման․
ու ճամբուն վրայ մենաւոր,
ու ճամբուն վրայ ոսկեման,
եկւորներուն դիմաւոր՝
ծըխանիս ծուխն ամպէի։

Ու գրգանքիս կանչէի
ուղեւորներ պարտասուն,
ու բարեւի մը փոխան
հազար բարիք ես տայի։
Հազար բարիք ես տայի,
գոլը կրակին ճարճատուն
կութքը բերրի դաշտերուն,
բոլոր միրգերն աշունի,
ու մեղր ու կաթ ու գինի…

Ու լսէի ես ցայգուն,
քովը կրակին ճարճատուն,
երգն իրիկուան եկւորին.
ու ջամբէի ես ցայգուն
երազներով պատարուն
նինջ՝ իրիկուան եկւորին։
Ու լսէի ես այգուն,
սրտապատար ու տրոփուն
գովքն իրիկուան եկւորին.
ու դիտէի ես այգուն,
ու խոկայի օրն ի բուն
երթն իրիկուան եկւորին…։

Ու ձմեռներն ալ համբուն,
հըրաւիրակ զըւարթուն,
կանքնէի քովը ճամբուն․
ու ձիւնապատ հէք մարդուն
ես հայրօրէն, լայնաբաց
երկու թեւերս պարզէի․
մի՜շտ քաղցրագին, նիւթացած
հըրաւէ՜րն ես ըլլայի։

Ա՜հ, ըլլայի՜, ըլլայի՜,
դաշտի ճամբու մը վըրան,
կամ ըստորոտը լերան,
ուղեւորին Ժամանման
ըսպասող հի՜ւղն ըլլայի։

Բաղձանք

Արտաշէս Յարութիւնեան բանաստեղծին

Բարձունւքներու լայնշի ճամբան ըլլայի,
որ ծաղկահիւս կողերէ վեր կը մագլի,
ու գագաթին հասած՝ նոր ու հեշտալի
հորիզոնին սնդուս գիծին կը նայի։
Ու տանէի հոն հոգիներն ըսպառած,
ձանձրոյթն՝ որոնց ոլորտին վրայ կը փլչի,
ու ցոյց տայի՝ լայն հորիզոն անուրջի՝
բերրի դաշտերն ու ճամբաներն անմոռաց՝
ուր քաղցրութիւնն՝ հոգւոյն կʼըլլայ յակուրջի։

Կատարներուն, հագած երանգ հինայի,
մրգաստանին, այգիենրուն, դաշտերուն
մէջ պարագնաց հովին խմբերգն ըլլայի։
Եւ ըլլայի ձայներիզը թրթըռուն,
աղբիւրներուն, կապուտաչուի ակերուն,
լիճին խաղաղ, ծալծալ մրմունջն երերուն,
շառաչն հըզօր՝ ովկիանին, գետերուն,
համայնական Ձայնն ըլլայի, Ձա՜յնն անհուն,
ու խնծիղովս անպարագիծ ու կայտռուն
քերթողներուն լեցուէր հոգին ամայի։

Անտառներու մենութեան մէջ սխրալի,
ամբարձուղէշ ծառերու մորճ թեւերուն
վըրայ թառող լըռութիւնն ես ըլլայի․
կամ ըլլայի արահետը խնկագոյն,
ծառաստուերի մութ ձորձին մէջ պլլըւող․
կամ ըլլայի կոհակուռոյց ալելուն
հարեւանի հեղեղատին լուսաշող,
ու քերթողին տաղէս վանկեր ես տայի։

Երգն ըլլայի թռչուններուն ծնծղաձայն,
ու դառնայի ուրախութեան ճիչ մը լայն,
բանաստեղծի հոգիներուն մէջ նըկուն,
ուր կը թախծի խոհանքն ամպոտ, անանունʼ
ինչպէս որի՝ թառած շիրմի մը գլխուն։

Եւ ըլլայի Լոյս, Ձեւ, Երանգ, Թրթըռում,
կեանքի փաղփուն պատմուճանը ծիրանի,
կենսաբաղձիկ հոգւոյն երազն անպատում․
եւ անձրեւէն վերջ անարեւ ու տրտում՝
հառաչաձայն անձրեւէն վերջ երբեմնի,
նըշուլէի ես վայրկեաններ երջանիկ,
արեւաշող ժըպիտ, ծափեր ու խնդում՝
բանաստեղծի հոգիներուն մէջ մենիկ։


Հովը

Պատուհանըս մատնահարեց ու անցաւ,
հովն հերարձակ աշունին․
չարաճըճի ինչպէս աղջիկ մը, ինչպէս
խաղընկեր մը՝ դըրան ետին մոռցըւած՝
պատուհանըս մատնահարեց ու անցաւ,
հովն հերարձակ աշունին։

Իր ետեւէն կը վազեմ ես շնչահատ,
ու շըւարուն ու յոգնած․
ինք խոյս կուտայ իմ գրգանքէս, թեւերուս
պարապնդումն է դատարկ․
բայց ա՜նառակ՝ երկու ձեռքէս կը փախչի։
մինչ ետեւէն կը վազեմ ես շնչահատ,
ու շըւարուն եւ յոգնած։

Մինչեւ դաշտերը կը վազեմ հետապինդ,
մինչեւ անտա՛ռն իսկ կʼերթամ․
Բայց ամենուն կրնայ ընել ինք դարպաս․
թուփին, ջուրին, տերեւին․
ու լըճակին գիրկը կʼիյնայ, կամ տեսնես
ծառին կատարն է թառած։

Մանուկի պէս կը պլլըւի երրբեմն ալ
մայր թուփերու քըղանցքին․
եւ երբ զինքը կը կանչեմ ես սրդողած՝
կը քրքըջայ ինք անդին։
շա՛չ, ապտակ մը կը զարնէ մերթ երեսիս,
նոյն վայրկեանին կը փախչի,
եւ ես ի զո՜ւր կʼիյնամ նորէն ետեւէն,
մինչեւ դաշտերը կը վազեմ հետապինդ՝
մինչեւ անտա՛ռն իսկ կʼերթամ…։

Եւ երբ յուսատ կը հեռանամ թիկնադարձ,
կռնակէս վե՜ր կը մագլի,
կամ մազերըս կʼուզէ համրել, կամ յանկարծ
ուժգին մէջքիս կը փարի։

Եւ երբ ցասկոտ նորէն ետիս ես դառնամ՝
վաղո՜ւց փախեր է արդէն,
ու չորս կողմըս կʼաւրըշտըկէ ու վարդէն
կʼառնէ անոր սակաւարիւն շափրակներ․
ու, դարձեալ՝ երբ կը հեռանամ թեկնադարձ
կռնակէս վե՜ր կը մագլի…։

Տերեւները կʼըսէին…

Ոսկի շաղով օծեցիր
կապոյտ ծաղիկն ակերուն,
լիճերու պորտը սարսռուն,
ու գետակներն ափնածիր։
Արե՜ւ, մե՜զ ալ ոսկեզօծէ, արե՜ւ, մե՜զ ալ, ա՜հ, մե՜զ ալ…

Ոսկի թոյրեր սրսկեցիր
բըլուրներու կողն ի վար․
փայփայեցիր հողմավար
դաշտերուն վարսքը ցանցիր։
Արե՜ւ, մե՜զ ալ գգուէ մօտէն, արե՜ւ, մե՛զ ալ, ա՜հ, մե՜զ ալ…

Ոսկի մատիկդ հըպեցիր,
եւ համբոյրիդ դըրիր բոց,
իրիկուան մէջ այս հեշտին,
մաիներուն, ու մարդոց
աղջիկներուն՝ կաթնաձիր
ու վարդ մըշուշ ճակատին։
Արե՜ւ, մեզ ալ ողջագուրէ, արե՜ւ, մե՜զ ալ, ա՜հ, մե՜զ ալ…

Ոսկի կեա՜նքը մեզ տըւիր․
եւ առանցքը դուն եղար
մեծ աւիշին հոծ տենչին․
տակաւին մի՛ բաժնըւիր
եւ հնչեցուր ոսկելար
անհուն քընարդ՝ հե՜ղ մըն ալ․
ուզէ քիչ մը յամենալ,
համբուրե՛լ մեզ վերըստին։
Ու չը ծագած դեռ ջնջին,
բայց անգորով ու ցրտին
լոյսն անհունէն մոլորած
լուսաւորին առաջին
Կենսաւէտէ մեզ ամէնս ալ, արե՜ւ, ամէ՜նս, ամէ՜նս ալ…

Կʼերթայ արեւն իր զատիկին…

Կարմիր, նախշուն հաւկիթի պէս
կʼերթայ արեւն իր Զատիկին․
ահա՛ կʼառնեմ, կրկին կրկին,
մեղոյշ բարեւն՝ իր ծառերէն
ներս երկարող յոյր թաթիկին։
Անցա՜ւ ծովէն մեծ կոյսն հրավարս,
ու կապոյտին եղաւ ինք հարս։
Ու ջրըաղիկ մը զերթ՝ լայնշի
լըճակին մէջ․ ամպ֊մըշուշի
լըճակին մէջ հորիզոնին՝
դեղին թերթերն իր կʼընդունին
զէնիթին երգը վարդագին։
Եւ երկինքի նոր տարփանքին
եւ հիացքին զերթ նըշանակ՝
կʼընծայուի թանկ ու փառունակ
շողակն առջի լուսաւորին։

Իրիկուան մէջ խորին…

Իրիկուան մէջ խորին,
երբ օդայած կը թռչի,
ծիրանեծաղիկ փետուր անուրջի՝
հիր ճառագայթն արեւին՝
հեծքն է աղբիւրին մէջն ամէն ճիչի։
Իրիկուան մէջ խորին,
երանգներ երբ ջուրին
մէջը մարմըրին,
ու թանձրամած ժըխորին
իյնան թեւերը մէկէն․
իրիկուան մէջ խորին՝
կարկաջն աղբիւրին կը կանչէ յստակ՝
հովիկ նաժիշտն՝ իր ջուրին
խաժ հանդերձը փոթելու։
Եւ իրիկուան մէջ խորին,
ծանըր ինչպէս ալելու,
կարկաջն աղբիւրին կը կանչէ յստակ,
դեռ յամեցող հօտն ըսպիտակ
գառնուկներուն՝
որոնք հեռո՜ւն՝
մըթնշաղին մէջ կʼիյնան
բադիլներուն պէս ձիւնին։
Եւ իրիկուան մէջ խորին,
իրիկուան մէջ ծաւալական ու բուրեան,
կարկաջն աղբիւրին,
իր շրջակայքի
հովանոցներուն մէջ կը պըտուտքի,
հոն ծաղիկներուն ու տերեւին հետ,
ըսպասելու որ ծագի
լոյսն առաջին լուսաւորին։

Իրիկուան իղձ

Օրիորդ Նարդիկին

Իրիկուան մէջ անհետելու յոյսն ունենալ,
եւ յանձնըւիլ նուրբ կածանի մը քըմայքին․
խորխի մը պէս թողո՜ւլ ձանձրոյթն ու յափրա՜Նքն ալ,
եւ անդորրով պատմուճանե՜լ հիւանդ հոգին։

Ու լոյսերո՜վ պարածածկել հիւանդ հոգին․
քոյր ունենալ ջուրին կարկաջնու կապոյտ բալ,
եւ ունկնդրել ճամբուն քովերն երգող սիւքին,
մեծ քաղցրութեա՛ն մը խառնըւիլ, ու մենանա՜լ։

Ընկե՜րն ըլլալ ցորեններուն․ մրգաստանին
դուռը բանալ զաւկի մը պէս, մըտերմօրէն,
ու թողուլ որ շահարիկներ ըզքեզ տանին

թեւապարփակ՝ լայն լըռութեան մը համօրէն։
Հոն շրաջսփիւռ ծառերուն հետ եղբայրանա՜լ․
տարփո՜ղն ըլլալ ծաղիկներուն․ ծովածաւալ

իրիկուան մէջ՝ անհետելու յո՜յսն ունենալ…։

Իրիկունս

Բանաստեղծ Վահրամ Թաթույին

Իրիկունս է բարի՜, բարի՜, ու լիաձեռն ու հոտեւան․
ոսկի ուղ մը՝ կամուրջ եղած ընդմէջ տիւին ու գիշերուան։
Վարսադիտակ ծառերուն տակ կը կղկաթիմ լոյսին համար․
արեւին պերճ լոյսին համար՝ որ կը փաէփի քրքմանըկար
մէջն հոտեւան ծայրիներու ծայրածաւալ ծաղիկներուն՝
ուր դիցանուէր բաժակներու քամեց ամբրոսն անյագ մեղուն։
Ծառոց ետին ճաճանյաւուխտ պաստառ մըն է արեւն ոսկի,
ուր ծաղկածին ուղէշներու ճամուկ հիւսքը կը սողոսկի։
Ու զեփիւռն ալ, կայտռուն, համբոյր, մանկութիւն մ ը վերադարձած․
ու ջրցայտքն ալ՝ փսփսուքն է բարեկամին՝ մըտերմասաց։
Սիւքն աղջընակ՝ որ հիւսհիւսէն կը քնքշանայ հոգւոյս վըրան․
ու ջրցայտքն որ լաջակ կʼըլլայ նարկիսներու գլխուն դեղձան,
կամ արտասուք՝ աչքերուն մէջ շահպրակներու հոյլին ցիրցան,
ու քաղցրութեամբ կʼօծէ մենիկ ծաղիկներուն լըռարան։
Ու թերթիկներ՝ շահարիկի շընորհք՝ կʼիյնան ափերուս մէջ,
բաց ափերուս՝ որ կʼերկարին լոյսի խուրձին փողփողենէջ։
Ահա՝ կʼանցնի, մըշուշուած բիլ կազով տեսիլ մʼալ զերթ ալիք․
զարմանուհի մʼէ վարսագեղ, կաթ ու վարդի՜ հըրաշալիք…
Յաւէրժահարս կաթ ու վարդէ, ծաղիկ, ճաճանչ, ջուր ու զեփիւռ,
շա՜տ էր լեցուն հոգւոյս, ո՜վ Տէր, բազմազեղումն այս շրջասփիւռ…

Լուսնակ քուրիկիս

Ա․

Երէկ գիշեր մոռցեր էիր,
լո՜ւսնակ, գիտե՞ս,
երէկ գիշեր մոռցե՜ր էիր պատուհանիկս իմ համեստ․
պատուհանիկս իմ անտես՝
ուր մութ մը գորշ վիժակի պէս էր կախուեր․
Հոգ չէ՛ր, այդ մութն ըրի խորան հսկումի՝
ուր պաշտանքի ո՛չ մէկ ծաղիկ կը թոռմի,
ուր մութի տակ լոկ նինջ մը կայ լուսանուէր։
Երեկ գիշեր անցար քովէս,
անցար, գո՜ւցէ անգիտակ,
անցար՝ եւ ես՝
քու հեռաւոր պերճանքներուդ շլացքին տակ՝
ջուրի ցայտքի մը պէս զըւարթ՝ հծծեցի․
Օ՜հ, պարտէզը չէ՜ մոռցեր,
եւ արիշն ու սարբինան
իր լոյսերովն է օծեր։
Ու նայեցայ հանդիպակաց ծաղկաստանին ալ վըրան,
լելակներուն վրայ կապոյտ,
չքնաղ, պչրոտ ու անփոյթ՝
դաստակդ էիր երկարեր։
Ու դիտեցի,
չէիր մոռցեր սա ծըխանն ալ դըրացի,
չէ՛իր մոռցեր եւ ճամբաներն ամայի,
չէ՜իր մոռցեր…
Չէ՛, այսօր ալ զիս մոռնայիր,
եթէ այդպէս պէտք էր ըլլար, որպէս զի
արծաթէիր շուրջս անխըտիր։
ամէն դալար ու ծաղիկ։
Որովհետեւ ես քեզի
մտքիս թեւո՜վն ալ կը հասնիմ երջանիկ․
քանզի նոյն իսկ եթէ ըլլաս
ամպին ետին ալ պահուած՝
ես կը հասնիմ անկասկած,
քու պերճ կայքիդ՝ հէք իրերուն համար անհաս։
Ես կը հասնիմ անկասկած,
քեզի՜, քեզի՜ քո՜յր աստուած,
եթէ երքբեք իմ հոգւյոս
լուսախորշին մէջ պահուած
վերջին նըշոյլն ալ՝ անլոյս
խոռոչի մը ծոցն իյնայ․
վերջին նըշոյլն այն ցոլքերէն՝ լոր գիշերներն իմ ժողված․
լիալուսնի արծաթաշող գիշերնե՜ր…։

Բ

Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն
սարսռացի լոյսիդ մէջ երանական․
եւ հոգիիս մէջ ինկան
խայտանքի նոր թիթեռներ․
ծիածանի սանդուխէն վեր՝
նոր երանգներ տարօրէն։
Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն,
մոռցըւած երգի ծըւէն,
կամ անուն,
անյուշութեան ոլորտներուն
միգամածին մէջ կորսըւած՝
դուն՝ ծաղիկներ ցնծութեան
նըշուլեցիր յեղակարծ,
հոգւոյս մէկ փըլուզակին վերեւ,
հինաւուրց որմի մը բացատքէն։
Մահի՜կ ոսկեսար, այս գիշեր նորէն,
մէկ լուսեղէն վայրկեանով,
տարագրեցիր հոգւոյս մըռայլն համօրէն։
Օ՛հ, աս ի՜նչ ճախրանք, օ՜հ, աս ի՜նչ գորով,
այս գիշեր, նորէն,
պատուհանէս ներս սահեցար յուլօրէն․
շօշափեցիր վարագոյրներն ըսպիտակ,
եւ աշտանակն արոյրէ,
եւ հայլիին մէջ վառեցիր նոր ճըրագ։
Եւ ամէնմէկ հըպումիդ
ոգի՜ս էր որ ինկաւ լազուարթ ձեռքիդ տակ։
Ներէ՛, ա՜հ, ներէ՜,
որ վայրկեան մը վերջ, հիմակ,
սեղանին վրայ նիւթէ լամպարս եմ վառեր,
ըսելու համար թէ քեզ չե՛մ մոռնար, թէ քեզ չե՜մ մոռցեր…։

Ի՜նչ արբեցութեամբ…

Գեղամ Բարսեղեան բարեկամիս

Ինչ արբեցութեամբ, ծառեր, լոյսին մէջ,
ծառեր հվին մէջ եւ անձրեւներուն,
վարսաւոր ծառեր, ծառեր երկնուղէշ,
ու ծառեր մատաղ՝ ծովածուփ կանանչ
ցորենի ցանքին գոգն ինկած շուարուն՝
ամէնն ալ կեանքին կʼըմպեն յորդ ճաճանչ։
Ի՜նչ արբեցութեամբ խոտն որ հողէն վեր
կʼելլէ, ըզմայլո՜ւն՝ կը բանայ լոյսին՝
վայրկեան մը ապրող իր ցօղէ աչքեր։
Ի՜նչ արբեցութեամբ ծաղիկներ շաղին,
ծաղիկներ լոյսին, մըտերիմ ձեռքին,
ըսպասումներուն մէջ կը նըւազին։
Ի՜նչ արբեցութեամբ ամէնմէկ արօտ
ամէնմէկ բլրակ՝ իր կանանչ ճակտին
կը կապէ երփնած ծաղիկէ նարօտ։
Ի՜նչ արբեցութեամբ դաշտերէն խորոտ,
եւ հարս հովիտէն՝ կարմըրոտանի
կʼառնէ արագիլն իր դարձին կարօտ։
Ի՜նչ արբեցութեամբ սարեակներն, արթուն,
լո՜յսը կը ծըծեն, լո՜յսը կը հծծեն,
մրգաստաններու մէջէն սաղարթուն։
Ի՜նչ արբեցութեամբ ձիւն ճայեր, ծըփին,
բարձրէն՝ օդաճեմ լիւղ կուգան․ արփին
մէջ կʼոսկեզօծին ու կը թեւանան․
Ի՜նչ արբեցութեամբ տատրակն հարսենի,
առագաստ ըրած ծառի հովանին՝
կը սպասէ տարփոտ իր վարուժանին։
Ի՜նչ արբեցութեամբ թիթեռն է բացեր,
լելակի մանրիկ լիճին վրայ փրփրուն՝
առագաստաշէն իր կաթ թեւիկներ։
Ի՜նչ արբեցութեամբ ծիրանի դաշտին
շէկ ծաղիկներուն կը վազէ մեղուն,
ծըծել իգայի պտկունքներն հեշտին։
Ի՜նչ արբեցութեամբ ծովերն են կապոյտ,
գետերն՝ յորդաջուր, աղբիւրներ զեղուն,
լիճեր՝ խաժագոյն, առուն՝ շուտափոյթ․
լօռածամ առուն՝ որ կʼանցնի քովէն
ուռեստաններու գէջ, լսնակապոյտ։
Ի՜նչ արբեցութեամբ ամպեր կը թօթվեն
հրաշալի հեղուկն իրենց ըստինքին՝
որ զերթ ասղանի վար կը սողոսկի՝
մարելու երկրին պասուքը ոսկի։
Ի՜նչ արբեցութեամբ զայն կո՜ւշտ կը խըմեն
համագրաւ տապէն սարսատած հողին
ծընունդներն ամէն, ծակտիքներն ամէն։
Ի՜նչ արբեցութեամբ հոգին կʼընդգրկէ
ալեակն յորդահոս՝ ծայրիի բոյրին․
ծաթրին, անանուն, վայրի ռեհանի
բազմաբուրումներն ըստաշխ ու խունկէ։
Ի՜նչ արբեցութեամբ կʼընդգրկէ անի
բոլոր ձեւերն ու երանգներն ամէն,
բոլոր գոյութեանց, բոլոր տարրերուն
իր մէջ անդրադարձ ծիածանումէն՝
Աստուա՜ծն՝ որ եկաւ՝ չե՜ս գիտեր ուրկէ՜…։

Քերթուածները

որ դուրս կը մնան Մեծարենցի երկու գործերէն (Ծիածան եւ Նոր Տաղեր), անոնց հրատարակութենէն ետքը գրի առնուած ըլլալով, մեզի տրամադրելու ազնուութիւնը ունեցաւ ՊՐ․ ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆ։

Արդի Մարդուն Հայր Մերը

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր…

Դուրեան Սրբազանին

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
ծաղիկներու պէս զայն ժողվեմ ճամբուս վրան՝
նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
եւ ես հանգոյն երփնալուցկի վառող մանկան՝
զայն գունաժպիտ տեսնեմ ուրիշ դէմքի մը վրան։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան՝
ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
ճրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան՝
խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան՝
զայն իմ մտքիս ծըխեմ՝ զերթ խունկ բազմաբուրեան։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
ու չըլլա՜յ որ ուրիշներու կոծնու կական
խեղդել ուզեմ ջըրվէժին մէջ դափիս ձայնին։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
ու չըլլայ որ ծափիս ձայնին երգը՝ գուժկան
եսիս սենեա՜կն ունենայ՝ ցո՜ւրտ առանձնարան։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
ու սեղանիս վըրայ դրուած մէն մի նըկան՝
զոյգ մը խինդե՜ր գէթ ունենայ թող խաչանիշ։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
ու բազխեմ զայն սրտիս ժայռին՝ իբրեւ մական՝
որ բղխեցնէ ջուրն աներկմիտ երանութեան։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական՝
զայն ջուրերուն վըրայ ձըգեմ իբրեւ ուռկան։
զայն իբր արօր ակօսներո՜ւն ձըգեմ վըրան։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական․
զայն իբրեւ անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան,
զայն իբրեւ արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական՝
զայն ընդգրկած՝ իտէալի՜ն ըլլամ որսկան․
զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՛րդն ըլլամ։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական՝
ժողվել՝ հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան,
պարզ մարդերուն՝ գեղջուկներուն ու բանւորին։

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական՝
ժողվել՝ հոգւոյն մէջ ամէնո՜ւն, համայնական
հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ՝ ամէն ժամ։

Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն․
անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն․
տանիքներէն, ու տուներէն ու դուռերէն՝

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական։

Թղթիկը

Ամառ գիշերն՝ անոյշ, մեղր ու կաթի պէս՝
խուցէն ներս է հոսեր արծաթ ծորակով․
այծտերեւին շուլլըւեր է որմէն վե՜ր՝
պատուհանէն ներս նայելու ըղձանքով
իր տարփանքը բոյր՝ հովիկին պինդ փարած՝
կʼերթայ մինչեւ շուքին անկիւնը լըճակ՝
ուր ծաղկահեր գլխով աղջիկն ըսպիտակ,
մահիճին մէջ ընկողմանած՝ աչքը բաց՝
ձեռքը թուղթին՝ թուղթը սրտին՝ կʼերազէ…

Տա՛ք է, մէկ կողմ կը նետէ շուտ իր վերմակ․
ու կը հանէ շապիկն ալ՝ գաղջ ու ճերմակ․
ու կը կայնի հոն, հերարձակ, հոլանի,
այլիին դէմ ձեռքն ըստինքին, երազո՜ւն,
ինչպէս բոց մը, ինչպէս խուրձ մը ցորենի․
թղթիկին պէս հայլիին քաղցր է լեզուն…
թղթիկին՝ զոր դեռ իր կուրծքէն չէ բաժնած
զոր գոց գիտէ՛, զոր սրտին մէ՛ջ է դըրած։

Ու կը սահի ճիւղ մը վարսքէն մետաքսէ,
իր ծիծերուն մինչեւ ծմակը շուշան․
ու պտկունքներն հեշտութիւնով կը սարսռան
ու թղթիկը իր բոց բառերը կʼըսէ,
իր տառերը կը տրոփեն մութին մէջ…
եւ հաճոյիկ, անո՜յշ, բարի՜ լուսինկան
վարագոյրէն շողիկ մը ներս կը խրկէ՝
որ շեշտ կʼիյնայ ձեռքերուն մէջ աղջկան
լուսաւորել թղթիկն որ դեռ կը հծծէ…։

Խենթե՜ր

Ա․

Մթնշաղին բոցերուն մէջ երփնագոյն,
երկու ձեռքը կը կարկառէ, եւ իսկոյն
կʼուզէ բռնել՝ հասկերուն վրայ ցորենի՝
փախչող լոյսին թռչնակները ծիրանի։

Կʼուզէ թրջել ճակատն՝ ինչո՞վ բոցարծարծ՝
ճերմակ թռչնիկ ծփանքներուն վրայ ծովուն․
վարազի պէս կը խոյանայ վրդովուն՝
բայց մօր գի՜րկն է որ կը բանտէ զինքն յանկարծ։

Խե՜նթն է, կʼըսեն, անխի՛ղճ գութով, եւ հանգոյն
ասուպներու՝ իրենց խոկին կը դառնան․
հորիզոնի դալկութեան մը պէս տժգոյն՝
մայրն անդոհով կուլայ պտուղն իր գարնան։

Մայրը կուլայ երջանկութիւնն իր զաւկին․
ու կը կարծէ փուշեր ժողվել, ուր վարդեր,
արձակունակ ծաղիկներու քաղցրագին
եդեմներ նոր՝ տըղուն անուրջն է գըտեր։

Տըղուն՝ որ գո՜հ փակեց թեւերն ու կարծես
կը հաւատայ անհունութիւն մը գրկել։
Կʼուզէ մինակ ըլլալ․ վազե՜լ անարգել
անրջական ի՜նչ կոյսի մը ոսկեգէս…։

Ու ջուրերուն եզրը կեցած, երբեմն ալ,
երկա՜ր ատեն, կը բաղձայ հոն մենանալ,
մթնշաղին բոցերուն մէջ վարդագոյն,
երկու թեւը պարզած՝ խաչի մը հանգոյն։

Խա՜չ՝ որուն ցաւն ու ըստուերները գորշգոյն
կʼանդրադառնան՝ ինչպէս մըռայլ ուրուական՝
լուրթ ջուրերոնւ վրայ ծով հոգւոյն մարական,
մթնշաղին բոցերուն մէջ վարդագոյն։

Բ․

Մութնուլուսուն պատըշգամին վըրայ է․
եղեամին վրայ, ոտքը բոպիկ, գլուխը բաց․
սըրինգ մʼանտես իր շուրթերուն է հըպած,
եւ ջուրերու թոյլ շըշիւնին կʼունկնդրէ։

Պի՜շ կը նայի ծովէն անդին, լրջացած
հորիզոնին․ կը կարծէ ի՛նք կերպեր է,
իր անանուն սրինգով՝ բոլոր դաշն ու ցած
ձայնաշարը՝ զոր սիւքն հեզիկ կը բերէ։

Մեծ, ճշմարիտ ու նախնական այդ ձայնով
—իր նըւագով— ա՜յնքան կʼըլլայ ինք գինով,
որ կը պատէ գրկած արեւը ծագող։

Բայց առաջին նայուածքներէն, ինչպէս գող,
ներս կը սուրայ ընդոստ խուցէն, իր շուրջի
մարդաձայնէն ինքզինքն յիշած՝ կը փախչի՜…։

Գ․

Դեռ կը սպասէ՜, մտքին մութին մէջ դաժան,
զոր ցանցեր է շրջուն թալուկն անդունդին․
կʼուզէ նայիլ անգա՜մ մըն ալ իր չորս դին,
քաղցրութիւններն արդեօք կուգա՞ն, ա՜հ, կուգա՞ն։—

Համակրութեան պզտիկ բառ մը մեղրանոյշ,
պզտիկ ճըրագ մը գորովի բոցարծարծ՝
որ նշմարել տայ խաւարին մէջ յանկարծ
հին սիրական ուղին, հոգ չէ՛, այսքան ուշ…

Դեռ կը սպասէ՜, մտքին մութին մէջ, դաժան
քարշեպին վրայ․ վարէն մըթար ջուրերուն
զինք կը կարթէ շարժող տեսիլն ուրուական
վարէ՞ն, մըռայլ տարփի ձայներ կը վըժան…

Փնտռեցէ՛ք այս տըզան, ո՞ւր էք, ով սուրբեր,
թողէ՛ք անկիւնն՝ ամուլ ձեր գութն ու մատեան․
Աստուածն ան է, ան՝ որ արցունք է սրբեր,
ա՜հ, քաղցրութիւն, գոնէ շի՜թ մը քաղցրութեան։

Դեռ կը սպասէ՜, մտքին մութին մէջ դաժան,
նըշոյլներո՛ւն դեռ՝ սիրաշարժ շրթունքին,
դեռ սիրածագ բոցին՝ աչքի մը անգին…
Դեռ կեա՛նք կʼուզէ, անոնց Մա՜հն իր կը կարդան։

Սեւ լաթի մը պէս կը նետեն երեսին
«Խենթ» բառն անհուն․ բառ անգորով ու դաժան․
ու կը դառնան ապրին իրենց կեանքն ոսին,
սեւ եղբայր մը մատնած ցաւին անբաժան։

Դեռ կը սպասէ՜ պզտիկ բառ մը մեղրանոյշ,
դեռ կը սպասէ՜ որ խաւարին մէջ յանկարծ
դեռ կը սպասէ՜ գորովանքի ճրագն արծարթ
հին սիրական ուղին ցոյց տան, ա՜յսքան ուշ…։

Տեսիլ

Երբեմն ամպոտ երկինք մը՝ շուտ կը պարզուի,
ու լեղակի լիճ մը կʼըլլայ՝
հոգւյս շլացիկ ծովուն դիմաց։
Եւ իրարու կը ժպտին
լիճն այն լեղակ ու ծովն հոգւոյս,
քոյր ծաղիկներ աներկրային՝
զոր մերթ հովի հոսանք մը կոյս՝
անզսպելի ինչպէս ալիք գորովի՝
կը խոնարհէ իրարու դէմ։

Ու լիճին վրայ կապոյտի
կը բողբոջի յանկարծ կղզեակ մը բուստէ,
ու կղզեակին վրայ երփներփուն
ամպիկ մըն ալ կը ցայտէ,
անըրջածին ամէն գոյնով կը ծպտի,
ծաղիկ կʼըլլայ, թռչուն կʼըլլայ, կʼըլլայ նայուածք ու ժպիտ

Ու շիկնոտ Իղձս ալ,— թիթեռնիկ բոցաթեւ,—
կը թռչտի ծաղկաստանին մէջ սրտիդ։

Ու գունագեղ ամպին ետեւ
բուստ կղզեակին վրայ ծըփուն
չքնաղակա՜ն, կʼերեւնաս դուն։

Ու տեղական ձեւեր կʼառնէ դէմքդ համբուն․
մազերդ անթօշ նարկիզ կʼըլլան,
ճակատըդ՝ ձիւն կատարներուն
զոր վարդագնեց արփն իրիկուան․
եւ աչքերդ կʼըլլան զոյգ մը ծառուղիներ՝
ուր կը ճչէ թռչնակն արձակ ու ճռուողուն
իմ խայտանքիս ու շուրթերդ ալ՝
ոսկեզօծ եզրը բաժակին
ուր կը հակին
Վարդ ու հարսնուկ, կակաչ, նարդոս գարնանածաղիկ,
նունուֆար…։

Սիրերգ

Ձիւնին վրայէն կʼերթաս, արե՜ւ ձիւնածաղիկ,
քայլիդ չափն է կոչնակին ձայնը ժամուն,
շուրջդ է ծիածան, օ՜հ, առտըւան այս ժամո՜ւն,
շուրջդ է ծիածան, օ՜հ, առտըւան այս ժամո՜ւն,
սիրտդ՝ ուխտադիր սրբութեան մը խաղաղիկ։

Ձիւնին վրայէն կʼերթաս, արե՜ւ ձիւնածաղիկ,
մնջելով ունկն ի վար աղօթքդ անծանօթ,
ու շփելով շուրթիս սիւք մը միւռոնհոտ։

Հիմայ կʼերգեն, օ՜հ, «Զարթի՛ք փառք իմ զարթի՛ք…։»

Ձիւնին վրայէն կʼերթաս, արե՜ւ ձիւածաղիկ,
կʼերթաս, ո՜վ կոյս, ձիւնին վրայէն իմ սրտիս,
յօրինելով գունեան կայծեր ու ատսղի՜կ․
իմ տաղարանս՝ ուր դուն կʼերգես, կը ժպտիս։

Իրիկնավերջ

Կը ցնծայ ուտն ալեակին հետ,
ճարճատելով ճիչ մը զըւարթ,
զի կը սփռէ հարսն արփաւէտ՝
համայնին վրայ՝ մազերն իր վարդ։

Կը ցնծա՛յ ուտն ալեակին հետ,
երբ կանգ կʼառնէ կոյսին նաւակ․
ու բզզալով՝ ջուրն ու նըւագ՝
կʼերթան հոգւոյն այն ծաղկաւէտ։

Կը ցնծա՜յ ուտն ալեակին հետ,
—օդն է քաղցրի՛կ զերթ մանանայ,—
երկուքին վրայ երբ կը բանայ՝
լուսնի աղեղն արծաթ իր նետ…։

Սիրերգ

Երբ կը մեկնիմ ես քու քովէդ,
կʼըլլամ շիկնոտ ու թրվըռուն՝
ինչպէս կʼըլլայ՝ բուրումնաւէտ
վարդենիքէն անցնող առուն։

Եւ ջուրին պէս այն թրվըռուն,
քու նախընծայ գրկանքիդ հետ,
մոլորելով կʼըլլայ անհետ՝
գետ գհուոյդ մէջ, սրտիս առուն։

Ու գետին պէս՝ սրտիս առուն
կը տանիս քու մահուան ճամբէդ․
զարնելով զայն մերթ ծաղկաւէտ
ափունքներուն մերթ քարերուն։

Խունկ եւ արյունք

Շիթ մʼարցունքով՝ կաթիլ մը խունկ
սրբանօծին մէջ կը ցանէ
մայրս՝ որ կʼանցնի անտես դռնէ,
եւ երջանիկ կը դընէ ունկ

անդրաշխարհէն եկող ձայնին։
Աչքերուն՝ որ զինք կը դիտեն
կիրակմուտքի խունկին ատեն՝
ձեռքն անընդհատ կուտայ խա՜չն հին։

Եւ ամէնուն կու տայ բաժին՝
ծուխէն ծաղիկ մը ծափելի։
Ու ցայգամուտն է հայելի՝
ուր կը ցոլայ բոցն աշխուժին՝

լուսահոգի զուարթուններուն՝
զորս արբեցուց այս իրիկուն
շաբաթօրեայ խունկն ու արցունք։

Մայրս ալեւոր չոքեր է ծո՜ւնկ…

Կաղը

Նոր պտղեր է լիալուսնակը բուստէ,
որ կʼընկղմէ, մէջն իր շառայլ անդոհին,
կապոյտներով պատարուն կաղ մանկուհին՝
որ մարգին վրայ թռչնիկի պէս կʼոստոստէ։

Թռչնիկի պէս կʼառնէ թեւթափն իր ուժգին,
կʼըլլայ ծաղիկ կախուած անտես մէկ ոստէ,
—մատն անծանօթ՝ արարչութեան մը ձեռքին՝
որ համաչափ քայլերն անոր կը շեշտէ։

Շուտ, կորագիծ քայլե՜րն անոր կշռական․
ո՜վ դաշնաւոր չափակցութիւն, ուր կու գան
թռչունին սլացքն ու ջրվէժի մէջ վայրէջ։

Եւ անծանօթ գրկի մը զերթ անծայր էջ,
մարգն՝ երկիւղած՝ ու լսնազօծ ու կանաչ՝
պահեց աղջկան քայլին դըրոշմն անճանաչ։

Խուլը

Շուրթի վարդին վըրայ կʼառնէ ընդմիշտ թառ,
իր նայուածքին մեղուն՝ տարփոտ, հեւ ի հեւ․
օ՜հ, շարժո՜ւմ մը որ ընտանի ձե՛ւը տար,
որ մե՜ղրը տար բառին ծանօթ։ Ու թեթեւ

ու փախըստեայ փըսփսո՛ւք մը՝ մերթ օտար
ու անսովոր ձայնի մʼըլլար կշռոյթ՝ եւ
ո՜հ, հնչական լըսելութեան, անվըթար
պայծառ րոպէն ծընէր, մանկի՜կ բոցաթեւ։

Բայց լըռութի՜ւն, շուրթ֊ծաղիկն է աննեկտար,
լըսելիքն ալ չունի հնչիւնն անսովոր․
կը թեւածէ լոկ անուրջին բոցը՝ որ
մերթ մեղուաժիր իր աչքերէն կը տայխար,
եւ հոգիին մէջ սուզելով, հոգեթով
կը բերէ բոցն՝ ըղձալի բառը փութով։

Համրը

Պիտի հծծէր անհուն բառն իր տարփանքին,
աղբիւրին քով, աղջիկներու ականջին․
բայց անհունը գէթ չըլլար վա՛նկ մը չնչին․
ջուրն՝ իրեն տեղ՝ կʼերկնէ սիրերգն այդ անգին։

Իր խոկն է ծներ բառն՝ որ հծծիւնն է սիւքին։
Ջուրին կարկաչն, հովին մրմո՜ւնջն իսկ վերջին,
անհունօրէն քաղցրազըւարճ եւ ուժգին՝
սլացիկ թեւն են իր մեղեդի անուրջին։

Պիտի ըսէր, ա՜հ, ամէնն ալ, ամէ՜նն ալ…
բայց չէ՜ կերպեր տակաւի՛ն բառն առաջին․
քանզի կʼըղձայ անհունին մէջ միշտ մընալ,
քանզի բնութիւնն ալ՝ պարզ ու մեծ՝ միշտ կʼըսէ,
մի՜շտ կʼոլորէ, մէջն երգեցիկ իր շունչին՝
մտքին վանկերն․ հոգւոյն նըւագը լոյսէ։

Հոգեհանգիստ

Կը թրվըռայ զանգակին վանկը թռչուն․
ոսկի նափորտ հագած շաբաթ իրիկուան
տիրանըւէր քղանցքին տակ դողդոջուն,
ու ծուխին մէջ մթնշաղին երկեւան։

Անդոհութեան ալիք մը ներս կը խուժէ
պիրկ յօրանջքէն պատուհանիս կիսաբաց․
հովին ծեծէն, մարդուն քաղցէն խուսափած՝
թռչնիկ մըն է՝ որ իր ցաւը կը գուժէ։

Եկքանիկ մը՝ դեղնակիտուած, հողմահար
թեւիկներով՝ իրիկուան մէջ մոլորուն,
անծայրածիր իրիկուան մէջ դողահար՝
կʼեղբայրանայ խուցիս գթած իրերուն։

Իրիկունս է խունկ ու ցաւով միգամած․
խնկամանն է ծուխով, թռչնիկն ոգեվար․
հոգիիս մէջ կը զգամ շարժում մը դժուար,
անդրաշխարհին հակող շարժում մը կամաց։

Նրբանցքին մէջ մայրս աղօթք մը կը հեծէ,
կʼապրեցընէ սիրելիներն իր ամէն՝
լոյսերու մէջ ընկողմանած՝ մեկնումէն
վերջ իրիկուան, ժպտող՝ անտես մէկ խուցէ։

Թռչնակն հոգին տախտակներուն կը ծեծէ
ու պատերուն, ու հոգիիս վրդոված․
թռչնակն՝ հոգին կʼուղղէ անտես մէկ գիծէ,
անծանօթին մէջ որոնել իր Աստուած։

Խունկը ճամբա՜յ կʼուզէր անցի անդրաշխարհ․
հէք թռչնակին հոգին կʼըլլայ այդ ճամբան․
եւ թռչնակն ալ կʼուզէր աննիւթ մէկ դամբան՝
խունկին ծուխը կը պարուրէ իր նշխար։

Աներկրային խաղաղ ձայնը կը լսէ
մեռածներու յուշքին՝ հոգիս իմ հանգիստ․
օ՜հ, ես չկա՜մ իրիկուան մէջ լըռանիստ
հոծ իրիկուան մէջ այս երանգ ու լոյսէ։

Մայրս աղօթքէն վերջ արցունքը կը սրբէ․
խաչանիշ մը կʼըլլայ թռչնիկն՝ օրհնական
այս վայկեանին զոր կʼարծաթէ լուսինկան,
կʼողջագուրէ՜ իր ծոցին մէջ սատափէ…

Միտք ու բնութիւն

Միտքս անդադար պատճառներու կը կանչէ
ինչպէս շան մը լիալուսնին դէմ հաչիւն,
կամ կոհակին ամբարտակին դէմ շաչիւն․
— մէկուն պէս շփոթ, միւսին պէս լե՜ռ մըռունջէ։

Փիւնիք մըն է միտքս, իր թեւերն են «ինչ է»,
որ կը սլանայ դէպ «քանզի»ին լոյս հնչիւն․
հոն տատրա՜կ մը կը վերածնի իր աճիւն՝
զոյգ թեւերով ծիածան ու ճաճանչէ։

Աղաղակի կʼըլլայ մրրիկ ամպաթեւ,
միտքս՝ որ հասնող «ինչու»ներուն հնձանն է․
զոր կաթոգին ձեռք մը յանկարծ կը բռնէ,

Կը պարուրէ՜ խաղաղութեամբն իր թեթեւ,
հրաշալիո՜վն արեգակ ու կապոյտի՝
որ համասփիւռ ամէն բանի կը ժպտի՜։

Ըլլայի՜, Ըլլա՜յի

Առտուն

Սա առտուն ես ըլլայի,
թոյր ու ճառագայթ հոսելու համար
խոռոչներու մէջ մըթին, ամայի։

Լուսաժպիտ մոմեր վառելու համար
սեղանին վրայ հոգիներու վշտահար,
սա առտո՜ւն ես ըլլայի։

Վարդ պարեգօտով ու խարտիշագէս
ա՜հ, սա առտո՜ւն ըլլայի ես․
ու կաթիլ մը տայի աննիւթ նեկտարէս,
ու գէթ ցո՜լք մը տայի ոսկի իմ հուրէս
մութ հոգիի ճըրագներուն ցրտահար։

ա՜հ սա առտո՜ւն ըլլայի ես։

***

Քո՛յր, մօտեցի՛ր կըրակին,
ծըխէ տերեւն այս բուրեա՛ն,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձնէ հոտն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր դարակին
ու բեր հեղուկնհընձանեան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ համն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր ճըրագին,
մարէ՛ զայն, թող լուսինկան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ գոյնն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր նըւագին,
երգէ՛ դաշտերն ու ցորեան,
զի ամէն բան ինձ կրկին
կը դարձընէ ձայնն արեան։

Քո՛յր մօտեցո՛ւր իմ ձեռքին
աստուածաբոցն հըրացան,
զի ամէ՜ն բան ինձ կրկին
կը յիշեցնէ վրէ՛ժն արեան…։