Չարագործի Տիպար

Գրապահարան-ից
Չարագործի Տիպար

հեղինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան
աղբյուր՝ «Կեանքի լուսանցքէն»

Կեցած տեղը ինքզինքը կʼուտէր։ Յօնքերը կը պռստէր, շրթունքները կը խանծէր, յետոյ հանրակառքէն դուրս կը նայէր միջոց մը, անկէ վերջ, դարձեալ ինծի կը դառնար, քթին տակէն բաներ մը կը մռլտար։

Ես, մեծ մօրս հետ, հանրակառքին զոյգ հոգինոց նստարաններէն մին գրաւած էի։ Եօթը տարեկան էի եւ դպրոցականներու յատուկ, արծաթագոյն երիզով գլխարկ կը կրէի։

«Լեմոնի կեղեւ»ը —մենք՝ դպրոցականներս, այդպէս կը կոչէինք այդ գլխարկները— արդէն ցոյց կու տար, թէ նախակրթարանի մը առաջին կամ երկրորդ դասարանի աշակերտներէն էի ես։ Վասնզի աւելի բարձր դասարաններ յաճախողներուն գդակները, փոխանակ մէկի՝ երկու կարգ երիզ կը կրէին։ Այս երիզները գդակներուն վերի մասերուն վրայ շրջանակներ կը կազմէին։ Ինչ որ է, իմ գտակս մէկ կարգ երիզ միայն ունէր եւ արդէն ինչպէս ըսի, իրականին մէջ հարկ ալ չկար այսքան երկար բարակ բացատրութեան, քանի որ ես հազիւ եօթը տարեկան էի եւ եթէ ուսանող էի, պէտք էր որ գդակը միայն մէկ կարգ երիզ ունենար։ Աւելին կարելի էր նոյնիսկ, շատերու նման, գլխարկը՝ «լեմոնի կեղեւ»ը պահել եւ տոմսակավաճառին ըսել թէ հինգ տարեկան եմ տակաւին։ Սակայն ոչ մեծ մայրս ըրաւ այդ բանը, պահելով «դպրոցական թոռ մը ունենալը», ոչ ալ ես ուզեցի ծածկել, թէ դպրոց յաճախել սկսած էի։ Ինչ որ է․ անցնինք։

Աւելի ճիշդը չանցնինք ու ետ դարձանք։ Այսպէս աւելի լաւ կʼըլլայ։ Ո՛չ, արդէն այսպէս պէտք էր ընել, խնդիրը ծայրէն պատմելու էր։ «Լեմոնի կեղեւ»էն աւելի կարեւոր է պատմելիքս, անոր վրայի արծաթագոյն երիզէն ալ կարեւոր, փասօի հարիւր փարանոց տոմսակէն ալ, նոյնիսկ կրնամ ըսել թէ՝ ասոնք գրեթէ ոչ մէկ դեր ունին բուն խնդրին մէջ։ Եւ եթէ ունին իսկ, երկրորդական է, բայց այլեւս ըսած գտնուեցայ անգամ մը։

Դարձեալ անցնինք։

Կինը յօնքերը կը պռստէր, շրթունքները կը խածնէր․ յետոյ, հանրակառքին պատուհանէն դուրս կը նայէր միջոց մը, ջղային շարժումներ կʼընէր, անկէ վերջ ինծի կը դառնար ու քթին տակէն բաներ մը կը մռլտար։

Ո՞վ էր այս կինը, ի՞նչ կʼուզէր ինձմէ։

Ահա իմ պատմելիքս ալ նախ այդ է։ Յետոյ պիտի սկսիմ բուն պատմութեան։

Եթէ այբ բէն գիմէն սկսիլ պէտք պիտի ըլլայ, ստիպուած եմ ըսել թէ, սկիզբէն ներս մտաւ֊չմտաւ, կարծես զիս փնտռածի պէս, եկաւ ցցուեցաւ գլխուս վերեւ։ Ուրիշ կին մըն ալ կար քովը, միասին նստան հանրակառք ու ասիկա հանդիպում մը չէր անտարակոյս։ Հանրակառքին մէջ միջոց մը խօսակցեցան իրարու հետ ասկէ անկէ։ Յայտնի էր, թէ նիւթը դեռ իրենք հանրակառք չմտած՝ կը զբաղեցնէր զիրենք սպասման տեղը, կամ թերեւս ալ աւելին՝ իրենց փողոցէն ի վեր։ Երբ հանրակառք մտան, կը խօսէին ձեռագործի վրայ։ Այն ատեն մենք տակաւին Պէշիկթաշի Աքարէթներէն կʼանցնէինք։ Երբ Պէշիկթաշ եկանք, նիւթը կերակուր եփել էր։ Աւելի ասդին, երբ ես նոր սորված թրքերէնովս դայեակի մը ցուցատախտակը հեգելով կարդալու կʼաշխատէի, կիները, կարկտուելիք գուլպաներու վրայ կը խօսէին։ Ինչ որ է, թէեւ այն ատեններ տակաւին տէմոքրասի֊մէմոքրասի չկար, սակայն մէկուն մտքէն չէր անցներ անոնց ըսել թէ գիտցէք ձեր խօսակցութեան նիւթերը կամ ցած ձայնով, խօսեցէք եւայլն։ Հանրակառքին մէջ մէկ պայման միայն կար զոր կը յիշեցնէր դրան վրայ կախուած ազդը, որ կʼըսէր․

«Հայրենակի՛ց, թրքերէ՛ն խօսէ»։

Կիները իրենց ազատութիւնը լիուլի օգտագործեցին, ու երբ Պէշիկթաշէն ալ անցանք եւ Եըլտըզի Պալատին կամարին տակէն կʼանցնէինք, անոնցմէ մին միւսին ականջին ծռելով —ինչ որ հարկ չկար— ձայնին նոյն թոնով զգայացունց յայտնութիւն մը ըրաւ իրենց քովի դրացիին փեսային մասին։

Ինչպէս ըսի, այն ատեններ տէմոքրասի֊մէմոքրասի չկար, սակայն ազատութիւն մը կար, կամ այնպիսի բան մը կար, կամ աւելի ճիշդ՝ չկար այնպիսի բան մը, որ արգիլէր զանոնք հանրակառքին մէջ այդպէս խօսելէ։ Վերջապէս, ի՛նչ գիտնամ, ի՛նչպէս ըսեմ, բան մը կար, կամ բան մը չկար, տէմոքրասի չկար, որպէս խօսելու ազատութիւն կար, մէկը կար, մէկը չկար, մէկը չկար, մէկը կար, կար ու չկար, հանրակառքին դրան վրայ կախուած ազդ մը կար․

«Հայրենակի՛ց, թրքերէ՛ն խօսէ»։

Չերկարենք։

Երբ հանրակառքը Օրթագիւղ եկաւ, դրացիին աղջկան նոր կարած հագուստը մէջտեղ դրուեցաւ, անկէ վերջ, ետեւի փողոցի դրացիներէն մէկուն ճամբան փոխելէն խօսք բացուեցաւ։ Յետոյ, անոնց դէմի տան մարդը, որ ամէն իրիկուն գինով տուն կու գար։

Պարսաւուեցաւ եւ այն կարծիքը յայտնուեցաւ, թէ՝ այսպիսի ամուսինները արժանի են ամէն ձեւով եւ ամէն միջոցով խաբուելու։ Անկէ վերջ իրարու ականջի ըսուած երկու խօսք եւ նոր յայտնութիւն մը հաստատեցին, թէ արդէն մարդը արժանանալ սկսած է իր պատիժին, քանի որ չնչին ամսական մը ստացող պաշտօնեայի մը կինը, այսինքն իր կինը, մուշտակ վերարկու մը հագեր էր անցեալ օր, ինչպէս նաեւ նոր գլխարկ եւ նոր կօշիկներ։ Մինչդեռ ամիսը տակաւին կէս իսկ չէր եղած եւ բոլոր ասոնք ցոյց կու տային թէ «այդ կինը ճամբան փոխած էր»։

Հանրակառքին բոլոր ճամբորդները մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին այս խօսակցութիւններուն։ Ու վերջապէս, երբ ես Շէլ ընկերութեան[1] մեծ ցուցատախտակը կը կարդայի ու մեծ մօրս ցոյց կու տայի զայն՝ պարծանքով, անոնք քիչ մըն ալ խօսեցան դրացիներուն վայելուչ տղոց եւ «բարի ծաղիկ» դարձող աղջիկներուն վրայ ու յետոյ աւելի վերջ, ա՛լ խօսելիք բան չգտնելով՝ լռեցին։

Պատմութեան առաջին մասը հոս կը վերջանայ։ Մեծ պատմագէտները, ո՛չ աշխարհի բոլոր պատմագէտները, շրջաններու բաժնած են պատմութիւնը, ինչպէս —եթէ պատմութեան մասին գիտցածներս զիս չեն խայտառակեր— քարի շրջան, արոյրի շրջան, երկաթի շրջան, եւայլն։ Իմ պատմութեանս այս մասն ալ կոչենք «տէմոքրասիի շրջան»։

Այս պատմութեան մէջ, ասկէ վերջ, այսինքն՝ «տէմոքրասիի շրջան»էն վերջ, յանկարծ կու գայ «Ենիչէրիի շրջան»ը, շատ ցաւալի։

Կիները խօսեցան, խօսեցան ու ա՛լ խօսելիք բան չգտնելով՝ լռեցին։ Ասիկա լաւ էր եւ նոյնիսկ շնորհաւորելի։ Թէեւ անոնց խօսակցութենէն եւ այս խօսակցութեան ունկնդրութենէն հաճոյք զգացողներ չէին պակսեր անշուշտ․ սակայն, մեծ մայրս իր հաշուոյն —առաւելապէս իմ հաշուոյս բնականաբար— կը նեղուէր անկէ։ Ուստի, գէթ մեծ մայրս գոհ էր անոնց լռելէն։

Կիները լռեցին։ Անոնցմէ մէկը ճիշդ իմ քովս կեցած էր։ Բոլոր ծանրութեամբը կռթնած էր ինծի եւ ես անհանգիստ կʼըլլայի ասկէ։ Քիչ մը ետ քաշուեցայ, դէպի մեծ մօրս կողմը կծկտեցայ։

Յառաջացաւ կինը։ Ես նահանջեցի, ան յառաջացաւ։ Ես կծկտեցայ, ան նստաւ նստարանին մէկ ծայրը, որ պարպուեր էր իմ նահանջումէս։ Յետոյ քիչ մըն ալ յառաջացաւ։ Ես նեղուեցայ եւ անակնկալ հակայարձակումով մը վերագրաւեցի նստարանին այն մասերը, զորս կորսնցուցած էի քիչ առաջ։ Կինը ծեր չէր։ Երեսուն մը կար կամ չկար։ Չինկաւ։ Արդէն ես ալ ձգելու համար չէի հրած, բայց նստարանը երկու հոգինոց էր։ Եթէ ծեր ըլլար՝ անշուշտ թէ իմ տեղս իրեն պիտի տայի։ Ասիկա ընելու համար՝ դպրոցական իսկ ըլլալուս հարկ չկար։ Ոտքի ելաւ։ Ձայն չհանեց ու ետ քաշուեցաւ։ Քովինը, իր քովը գտնուող կինը, երեսը նայեցաւ։ Յետոյ երկուքը մէկ ինծի նայեցան։ Ես ալ անոնց նայեցայ։

Հիմա, կինը կեցած տեղը ինքզինքը կʼուտէր։ Յօնքերը կը պռստէր, շրթները կը խածնէր, յետոյ ինծի կը նայէր ու բաներ մը կը մռլտար քթին տակէն։ Իր քովինը մերթ անոր, մերթ ինծի կը նայէր։ Ան բան մը չէր ըսեր, միայն մէկ անոր կը նայէր, մէկ ալ ինծի։

— Պիտի չկարենամ համբերել, ըսաւ վերջապէս առաջինը բարձրաձայն, պիտի չկրնամ համբերել։ Սատանան կʼըսէ թէ՝ ելի՛ր, Աստուծմէ մի վախնար՝ ոտքերուդ տակը առ սա լակոտը։ Առ ոտքերուդ տակը, կոխկռտէ՛, կոխկռտէ՛ մինչեւ որ ոսկորները կակուղցնես։ Դպրոցական ալ պիտի ըլլայ ամէն մեղքիս վրայ։ Մեղք գացած դպրոցիդ, տղա՛յ։ Մեղք քեզի։ Քու սորվածդ ալ սատանան տանի, սորվելիքդ ալ, քեզ ալ հետը միասին։

Քովը կեցող ընկերուհին ծռեցաւ ու բաներ մը փսփսաց ականջին։

— Գիտե՛մ, ըսակ ասոր վրայ առաջինը։ Գիտեմ թէ արծաթագոյն երիզ ունեցող գլխարկ կրողները ոչ֊իսլամներու տղաքն են, քո՛յրս։ Բայց խնդիրը այդ չէ․ ո՛վ ըլլայ թող ըլլայ։ Դուն սաւոր երեսը նայէ անգամ մը։ Երեսին վրայ շնորհք չկայ որ… նայէ՛ անգամ մը, ի սէր Աստուծոյ, նայէ՛ սաւոր երեսը։ Աղեղնաձեւ ու միացած յօնքեր, բարակ ու պրկուած շրթունքներ։ Օ՜հ, Տէ՜ր Աստուած, իսկական չարագործի տիպար մը, մանրանկար մը ապագայ արիւնարբու ոճրագործի մը։ Սանկ մարդը գետին պառկեցնող եւ առանց դոյզն իսկ կարեկցութեան ու խղճահարութեան, հաւու պէս, քըթը՜ըըր քըթըր կտրող, կտրող ոճրագործ մը։ Դրամատուններ կողոպտող եւ շէնքեր օդը հանող…։ Նայէ անգամ մը, ի սէր Աստուծոյ, սա յօնքերուն նայէ, պո՜ւռռռ, կարծես հիմա դաշոյն մը պիտի հանէ գրպանէն, մեծ դաշոյն մը՝ ու վրադ պիտի խոյանայ։ Չէ՞, այնպէս չէ՞․ սա բարակ ու պրկուած շրթունքներուն նայէ։ Վստահ եմ թէ, այդ շրթունքները եթէ բացուելու ըլլան, հարիւր հայհոյանքը փարայի մը դուրս պիտի թափին անկէ։ Տես, տե՛ս, ռունգերը ինչպէս կը բացուին ու կը գոցուին։ Օ՜հ, Տէ՛ր Աստուած, ետ քաշուէ քոյրս։ Հրէշի մը մանրանկարն է այդ։ Հեռո՜ւ, պո՜ւռռ, սարսուռ մը պատեց մարմինս։

Ինծի այնպէս կու գար, թէ կամաց կամաց ինձմէ հեռանալ կը սկսէին ճամբորդները։ Անշուշտ չէի կրնար անդրադառնալ, թէ մէկ կողմէն կʼիջնէին ու իջնողին տեղ նորը չէր նստեր։ Բայց աղեղնաձեւ ու միացած յօնքերը, բարակ ու պրկուած շրթունքները… չարագործի տիպարը…։

Կամաց կամաց մարդ մը ծնունդ առնել սկսաւ երեւակայութեանս մէջ։ Այս մարդը ատրճանակ մը ունէր ձեռքը։ Բաճկոնին օձիքին տակէն դաշոյնի մը ոսկրեայ կոթը կʼերեւէր։ Հաւանաբար ձեռնառումբեր եւ այլ զէնքեր ալ պէտք էր ունենար, դրամատուններ կաղոպտելու եւ շէնքեր օդը հանելու համար։ Մարդուն երեսը նայեցայ։ Մօրուքները երկարած էին, աչքերը կասկարմիր, ռունգերը կը բացուէին ու կը գոցուէին արագ արագ։ Աւելի ուշադրութեամբ նայեցայ։ Օ՜հ, Տէ՜ր Աստուած, յօնքերը աղեղնաձեւ էին ու միացած եւ շրթունքները՝ բարակ ու պրկուած։

Կիները այլեւս աչքիս չէին երեւեր։ Կʼուզէի վայրկեան առաջ տուն հասնիլ եւ ինքզինքս դիտել հայելիին դիմաց։

Այդպէս ալ ըրի։ Երբ տուն գացինք, անմիջապէս վազեցի հայելիին դիմացը անցայ ու երկար երկար ինքզինքս դիտեցի։ Իսկական չարագործի տիպար մը կը ներկայացնէր դէմքս։ Աղեղնաձեւ ու միացած յօնքեր, բարակ եւ պրկուած շրթունքներ։ Ռունգերս կը բացուէին ու կը գոցուէին։

Բայց ես չար մարդ չէի։ Չար մարդ մը պիտի չըլլայի։ Հայրս հաւ մը, կամ աքլոր մը մորթելու ատեն ես կը հեռանայի տունէն։ Ոչ մէկ կատուի քար նետած էի, նոյնիսկ մեր պզտիկ ճուտերը գողցող մէկ աչքը կոյր մոխրագոյն կատուին անգամ։ Մինչդեռ ամբողջ թաղը կը քարկոծէր այդ կատուն։ Ծեր կիներէն մինչեւ նոր հարսերը․ ինձմէ երեք չորս տարու պզտիկ տղոցմէ մինչեւ կորաքամակ ծերունիները։ Ուրեմն ես ի՞նչպէս դաշոյնս պիտի մխէի մարդոց կուրծքին, ատրճանակիս փամփուշտները ի՞նչպէս պիտի պարպէի դէմս ելլողին վրայ, ոմանք գետին պիտի պառկեցնէի ու հաւու մը պէս, քըթըըր քըթըր պիտի մորթէի, դրամատուններ պիտի կողոպտէի ու շէնքեր օդը պիտի հանէի։

Օ՜հ, ամէն շաբաթ իրիկուն, երբ անգործ հօրս համար մայրս եւ քոյրերս ծունկի եկած «Տէր ողորմեա» կʼերգէին մութ տեղը, ես անձայն կու լայի եւ մօրս ու միւսներուն նման կը բանայի մանուկի թեւերս, որոնք դեռ միայն աղօթելու համար Աստուծոյ առջեւ բացուելու կը ծառայէին։ Ու ես, երբ այդ բազուկները զօրանային օր մը, անոնցմով ուրիշները պիտի գրկէի։ Մենք արդէն ուրիշին համար կու լայինք։ Գիտէի թէ այդ օրերը երբ գային, անոնց ընելիքը երբե՛ք «Տէր ողորմեա»ով մը դէպի երկինք երկարել պիտի չըլլար։

Բայց հապա այդ աղեղնաձեւ ու միացած յօնքե՞րը․ հապա այդ բարակ ու պրկուած շրթունքնե՞րը…

Այն ատենները եօթը տարեկան էի։ Չարագործի այդ տիպարը — աղեղնաձեւ ու միացած յօնքերով, երկար մօրուքով, բարակ ու պրկուած շրթունքներով այդ չարագործի տիպարը— երկար ժամանակ ապրեցաւ երեւակայութեանս մէջ։ Օրերով խուսափեցայ նոյնիսկ ինքզինքս հայելիին մէջ դիտելէ։ Ես, ինքս ինքզինքէս փախայ։ Ուզեցի հեռանալ, հեռանալ մէջէս, մէջս ապրող չարագործի տիպարէն։ Ու վերջապէս ձգեցի զայն հոն, մանկութեանս մէջ, եօթը տարեկան հասակի մը յիշատակներուն գիրկը եւ այսօր, ամէն անգամ երբ «Տէր ողորմեա» մը ըսել պէտք ըլլայ, կը խորհիմ Աստուծոյ, դէպի երկինք բացուող ու բարձրացող մեծ ու փոքր բազուկներու, պարկեշտ մարդոց քրտինքին, իրաւունքին ու բոլորին երջանկութեան մասին։

Ճառագայթ
04.08.1951
  1. Շէլ քարիւղի ընկերութիւն (SHELL)