Changes

Սիրելու, Սիրուելու Եւ Աննպատակ Թափառելու Մասին

Ավելացվել է 7032 բայտ, 09:11, 17 Ապրիլի 2016
Բայց ես ձեզի պատասխանելու ի վիճակի չեմ այլեւս։ Պայծառ երկնքի մը տակ սեւ մտածումները տեղ չունին եմ մտքիս մէջ։ Չեմ ժպտիր, չեմ ծիծաղիր, ոչ ալ կը ցատկեմ ու կը խաղամ։ Բայց ուրախ եմ որ պայծառ է երկինքը։ Երբեմն, երբ ուրախութիւնս իր գագաթնակէտին հասնի, շատ շատ՝ կը սուլեմ։ Ո՛չ մի՛շտ կը սուլեմ երբ երկինքը պայծառ ըլլայ։ Երբեմն կʼերգեմ ալ։ Բայց, քաղաքին մէջ, մանաւանդ բազմութիւն գտնուող սրճարանի մը մէջ, սուլելը աւելի ներելի է կենցաղագիտութեան օրէնքներուն առջեւ, քա թէ երգելը։ Այդ երգը ես յօրինած եմ։ Ոչ երգահան եմ, ոչ ալ արուեստագէտ․ բայց այդ երգը ես յօրինած եմ։ Արդէն իրականին մէջ բառ ալ չունի այդ երգը։ Բայց երբ այդ եղանակը կախուի շրթներէս, այդ միօրինակ կեանքը չեմ փոխեր արքայական կեանքի հետ։
 
Սուլելով կʼելլեմ։ Սուլելով պարտքս կը վճարեմ սպասեակին, սուլելով կʼիջնեմ սանդուխներէն, սուլելով կը քալեմ, զառիվայրը կʼիջնեմ, տանս դուռը կը բանամ ու սուլելով ներս կը մտնեմ։
 
Ամենէն երջանիկ պահս է այդ պահը։ Ոչ կը ծիծաղիմ, ո՛չ կը խնդամ, ոչ ալ կը ցատկեմ ու կը խաղամ։ Բայց երկինքը պայծառ է ու ես երջանիկ եմ։
 
Երկնքէն ներշնչուող բանաստեղծ մը չեմ։ Երբեք չեմ հիացած երկնքին եւ նոյնիսկ մինչեւ երեք տարի առաջ, նոյնիսկ անտարբեր մնացած եմ անոր հանդէպ։ Ի՜նչ պարապ բան է երկնքին հիանալը։ Վայրկեան մը իսկ անոր զոհելը ժամանակի վատնում է ըստ իս։
 
Առաւօտուն կʼելլեմ, կը հագուիմ, կը լուացուիմ, կը սանտրուիմ, ''ռոպոթ''ի մը պէս, միօրինակ շարժումներով։ Եթէ գիշեր մը առաջուան պայծառութիւնը պահած է երկինքը, եղանակ մը կը կախուի շրթունքներէս։ Նոյնիսկ, երբեմն ծխամորճ ալ կը ծխեմ այդ տեսակ օրերուն։ Կը քալեմ միօրինակ քայլերով։ Կը քալեմ, կը քալե՜մ, կը քալեմ։ Բայց ոտքերս են որ կը քալեն։ Ես արդէն հասած եմ հոն, ուր պէտք է ըլլամ այսպէս պայծառ երկինք ունեցող օրերուն։ Փողոցի մը անկիւնը, կամ կամուրջին վրայ։ Ես տակաւին ճամբան եմ, բայց իրականին մէջ շատոնց գացած եմ հոն։ Ահա ժամէ մը ի վեր հոն եմ։ Նոյնիսկ, —այո՛— նոյնիսկ գիշերը երազել սկսած վայրկեանէս ի վեր հոն եմ։
 
Ժամացոյցին կը նայիմ, ութին տասը կայ։ Հինգ վայրկեանէն մինչեւ Թիւնէլ, հինգ վայրկեանէն ալ Գարագիւղ։ Այլեւս սուլիչը ինկած է շրթունքներէս․ ես ինքս չեմ այլեւս։ Ինչո՞ւ։ Երկինքը պայծառ է ահա, ինչո՞ւ չես սուլեր։
 
Ծխամորճը շրթներուս, փողոցի մը անկիւնը կամ կամուրջին վրայ —նոյն բանն է ինծի համար— կը սպասեմ։
 
Ժամը ութը հինգ կʼանցնի։ Ժամանակն է։ Բա՛ց աչքերդ, ահա մէկ մէկ կու գան շոգեկառքի ճամբորդները։ Ինչո՞ւդ պէտք —պիտի ըսէք— շոգեկառքին ճամբորդները։ Բայց ո՛չ, մի՛ միջամտէք։ Միօրինակ կեանքին ամենէն հաճելի վայրկեաններն են այս վայրկեանները։
 
Ճամբորդները կու գան ու կʼանցնին։ Ես կը սպասեմ։ Դպրոցականներ կʼանցնին պայուսակ ի ձեռին, սակառ ի ձեռին։ Ես կը նայիմ անոնց ետեւէն։ Ասիկա շատ բնական բան մըն է։ Անցնող մարդուն ո՞վ չի նայիր եւ նայող մարդը ո՞վ կրնայ արգիլել նայելէ։
 
Կը սպասեմ։ Ասիկա միակ գաղտնիքն է ռոպոթ մարդուն միօրինակ կեանքին եւ միակ սպասումը մեքենականացած կեանքին, իմաստ ունեցող միակ սպասումը անորոշ ու անհրապոյր կեանքին։
 
— Հիմա պիտի անցնի, կʼըսեմ ես ինծի։ Ահա ընկերուհիներն ալ կʼանցնին։ Երէկ անոնց հետ էր։ Հիմա ալ թերեւս քանի մը քայլ ետեւէն կու գայ։ Ահա, կու գայ արդէն։ Աչքերը կապոյտ են ու գիրքեր ունի թեւին տակ։
 
Ահա թէ ինչո՛ւ կը սիրեմ պայծառ երկինքը եւ ինչո՛ւ այս վայրկեանները միօրինակ կեանքին ամենէն երանելի վայրկեաններն են։
 
Անձրեւոտ օրերուն, շոգեկառքի ճամբորդները հանրակառքով կը շարունակեն իրենց ճամբան։
 
— Այս տղան բաներ մը ունի, կʼըսէ իրիկունները մայրս երբեմն։
 
— Ի՛նչ տարօրինակ տղայ ես, կʼըսեն բարեկամներ՝ ամէն անգամ որ հանդիպին ինծի։
 
Հայրս միշտ երեսը կը կախէ՝ երբ կարդայ գրածներս։
 
Ես երբեմն կը փորձեմ փոփոխութիւններ ընել այս միօրինակ կեանքին մէջ։ Ետ կը դառնամ․ կը քալեմ, կը քալե՜մ, կը քալեմ շոգեկառքի ճամբորդներուն ետեւէն։ Շոգեկառքի ճամբորդները կը ցրուին հետզհետէ։ Խանութները կը մտնեն, փողոցներու մէջ կը կորսուին, դպրոցներու դռներէն կը մտնեն ու կը կորսուին։ Ես կը քալեմ շոգեկառքի ճամբորդներուն ետեւէն, մինչեւ որ միակ ճամբորդ մը մնայ։
 
Այս միակ ճամբորդը կապոյտ աչքեր ունի եւ անութին տակ գիրքեր բռնած է։
 
Ես կը քալեմ, կը քալե՜մ, կը քալեմ շոգեկառքին վերջին ճամբորդին ետեւէն։ Հարիւր վէպ կʼապրիմ, հազա՜ր վէպ կʼապրիմ երբեմն այդ շոգեկառքի վերջին ճամբորդին ետեւէն։
 
Մեր պատմութիւնը միօրինակ է։ Մեր պատմութիւնը տխուր է ու նեղացուցիչ։ Թող չկարդան այս պատմութիւնը բոլոր անոնք, որոնք չեն սիրած։ Թող չկարդան նաեւ բոլոր անոնք, որոնք սիրոյ կշտացած են։
 
Բայց այս պատմութիւնը թող կարդան բոլոր անոնք որոնք ամէն հանդիպումի կʼըսեն ինծի։
 
— Ի՜նչ տարօրինակ տղայ ես դուն։ Ամենէն հաճելի նիւթերն անգամ քթէն բերնէն կը բերես ընթերցողին։
 
Թող կարդայ մայրս, որ ամէն անգամ կʼըսէ․
 
— Այս տղան բաներ մը ունի…
 
Թող կարդայ հայրս… բայց երեսը չկախէ։
 
Ահա բարեկամներ, կարդացէ՛ք այս պատմութիւնը, որովհետեւ բոլորս ալ մեր բաժինը ունինք անոր մէջ։
 
Այս պատմութիւնը ոչ ոք գիտէ․ նոյնիսկ առաւօտեան շոգեկառքին կապուտաչեայ ճամբորդն անգամ։
 
:::Դէպի Լոյս
:11.03.1950