Changes

Անկատար Պատմութիւն

Ավելացվել է 13 050 բայտ, 09:50, 17 Ապրիլի 2016
Նոր էջ «{{Վերնագիր |վերնագիր = Անկատար Պատմութիւն |հեղինակ = [[Երուանդ Կոպէլեան]] |թարգմանիչ = |աղբյուր = «Կե...»:
{{Վերնագիր
|վերնագիր = Անկատար Պատմութիւն
|հեղինակ = [[Երուանդ Կոպէլեան]]
|թարգմանիչ =
|աղբյուր = [[«Կեանքի լուսանցքէն»]]
}}

[[Կատեգորիա:Արձակ]]

— Պիտի մեռնիմ, ըսաւ աչքերը կիսով բանալով։ Անպայման պիտի մեռնիմ։

— Խենթ բաներ կʼըսես, ըսին տղաքը․ մեռնիլը այդքան դիւրի՞ն է եղեր։ Կեցիր նայինք, տակաւին շա՜տ օրեր ունինք ապրելիք։ Քերթեցինք քերթեցինք մինչեւ պոչը բերինք ու ելեր այսօր «պիտի մեռնիմ» կʼըսես։

Երկինքը պայծառ էր եւ հարաւային գիշերներու յատուկ լիալուսնով կախարդական գեղեցկութիւն մը ունէր։ Իր այս գեղեցկութեամբ, ան կը նմանէր պարուհիի մը, —Սալօմէի<ref>'Սալօմէ' Հրեայ իշխանուհի, ապրած՝ Յ․ Ք․ 70 ական թուականներուն․ իր հօրեղբօր Հերովդէս Անտիպասին առջեւ պարած է, ուզելով գլխատումը Յովհաննէս Մկրտչի, փոխարէն իր նշանաւոր պապին</ref> մը կամ ուրիշ պարուհի մը— որ իր բոլոր հրապոյրովը պարզուեր էր մեր աչքերուն առջեւ ու ընկերս այս կախարդական պարուհիին թեւերուն մէջ, իր մահուան պարը կʼընէր։

— Պիտի մեռնիմ, մրմնջեց դարձեալ շունչի նման ցած ձայնով մը։

Տղաքը դարձեալ ձգեցին իրենց զբաղումը։ Մէկը զայն սաստեց ու յետոյ դարձեալ շարունակեց իր ''տօմինօ''ի խաղը։ Ուրիշ մը, որ նամակ մը կը գրէր, կիսատ թողուց նամակը, ծալլեց ու պայուսակին մէջ դրաւ։ Պայուսակը գոցեց ու հիւանդ ընկերոջ դարձաւ․

— Ինծի՛ նայէ, ըսաւ․ այդքան շուտո՞վ կը փափաքիս հրաժարիլ կեանքէն։ Խե՛նթ տղայ, քիչ մը համբերէ, առաւօտ թող ըլլայ, հարկաւ ճարը կը գտնենք։ Կառք մը կամ ինքնաշարժ մը, վերջապէս բաներ մը կը գտնենք անշուշտ։ Թողունք որ, ես վստահ եմ թէ առաւօտուն բան մը իսկ մնացած պիտի չըլլայ։ Ամէն ցաւ գիշերը քիչ մը կը սաստկանայ, բայց երբ առաւօտ ըլլայ, դուն ալ կը զարմանաս թէ գիշերը «պիտի մեռնիմ» ըսողը դո՞ւն էիր։

— Պիտի մեռնիմ, ըսաւ դարձեալ ցած ձայնով։ Ես առաւօտը պիտի չտեսնեմ։ Ահա աստղերը կը պլպլան, երկինքը կը շարժի…

— Մեռնելիք մարդուն նայեցէք, ըսաւ անդիէն ''տօմինօ'' խաղացողներից մէկը։ Պիտի մեռնիմ կʼըսէ, ու ելեր բանաստեղծութիւն կʼընէ։ Խե՛նթ, դուն չէի՞ր ըսողը որ կինդ զաւակ մը ունեցեր է։ Որքա՜ն ուրախացեր էիր երբ կարդացիր թէ մանչ էր նորածինը։ Օրերով անուններ հոլովեցիր զաւակիդ համար։ Դարձեալ, դուն չգրեցի՞ր նամակին մէջ որ առաջին առթիւ լուսանկարը ղրկեն։ Է՜հ, նամակը գրելդ չորս օր եղաւ։ Երկու օր ճամբայ, երրորդ օրը ձերիններուն ձեռքը կը հասնի։ Եթէ այն օրը գրեն, վաղը կամ միւս օր հոս է։ Կը հարցնեմ քեզի, ըսէ՛ տեսնեմ, այլեւս անկէ վերջ ցամաքի վրայ մահ կա՞յ քեզի։

Թեթեւօրէն ժպտեցաւ, յետոյ շրթունքները շարժեցան ու մրմնջեց․

— Ես այս գիշեր պիտի մեռնիմ։

''Տօմինօ'' խաղացողներէն մէկը, բարկութենէն քարերը իրար խառնեց, հայհոյեց ու կռնակը դարձուց անոր։ Միւս ընկերը, որ այդ միջոցին դիմացինին զբաղած վիճակէն օգտուելով խաղին հաշիւները կʼընէր, խոշոր մը թքաւ գրատախտակին վրայ ու հիւանդին դարձաւ․

— Է՛հ, հասկցանք։ Ժամը գիշերուան երկուսն է։ Ու դուն վեց ժամուայ մէջ հարիւր անգամ «պիտի մեռնիմ» ըսիր։ Եթէ փորի ցաւէն մարդ մեռնի, ամօ՛թ մեզի, ամօ՛թ տղամարդութեան։ Եթէ փորի ցաւէն մարդ մեռնի, անկէ անմիջապէս վերջ ես անձնասպան կʼըլլամ։ Թո՛ւհ, խերն անիծեմ ես այս պանդխտութեան, որքա՜ն շուտ կը յուսահատեցնէ մարդիկը։ Ինծի՛ նայէ, վաղուան թղթաբերով, քու «քուռակ»իդ լուսանկարը պիտի գայ․ դուն մեռած պիտի ըլլաս, «հոս այդպիսի մարդ մը գոյութիւն չունի այլեւս, որովհետեւ երէկ գիշեր մեռաւ» պիտի ըսենք ու նամակը եւ լուսանկարը պիտի վերադարձնենք։ Ի՞նչ կʼըսես, կը հաւնի՞ս ասանկ բան մը։ Երեւակայէ անգամ մը։ Նամակը տուն կʼերթայ, կինդ կʼառնէ, կու լայ։ Կինդ կու լայ, զաւակդ արդէն միշտ կու լայ, —մայր ունէիր, չէ՞— մայրդ կու լայ։ Ձգէ սա խենթ մտասեւեռումը։ Նայէ՛, սա ''տօմինօ''ն պայուսակ կը դնեմ։ Առաջին անգամ քեզի հետ խաղալու համար կը վերցնեմ զայն։ Քնացիր ու առաւօտուն բան մը կʼնենք անշուշտ։ Ահա, մենք բոլորս ալ արթուն ենք տակաւին։ Մինչդեռ վաղը կանուխ պէտք է ելլենք։

Դուրսը, լիալուսնին լոյսը այնքան առատ է, որ առանց չափազանցած ըլլալու կարելի է ըսել թէ գիրք կը կարդացուի այդ լոյսին տակ։ Այնքա՛ն գեղեցիկ է երկինքը, որ հարիւրներով բանաստեղծ կրնայ ներշնչել իր «աստղ աչքեր»ով, «կապոյտ սնդուսէ դէմք»ով, «շուշանաբոյր զեփիւռ»ով…

Ու ասոնց մէջ մեր ընկերը պիտի մեռնի…

— Կոպէ՛լ, ըսաւ աչքերը ինծի դարձնելով, Կոպէ՛լ, եղբա՛յրս։ Դուն ասոնց մի՛ նայիր։ Մահը, ո՛չ զաւակ կը ճանչնայ, ոչ կնոջս արցունքները, ոչ ալ մօրս ողբն ու կոծը։ Ես այս գիշեր պիտի մեռնիմ։ Ա՜խ, Կոպէլ, Աստուած գիտէ թէ որքան կը սիրէի կեանքը, մարդիկը։ Բայց ես այս գիշեր պիտի մեռնիմ։

Գլխուն վերեւ նստած, ձեռքերս կուրծքիս վրայ ծալլած, կը մտածէի։ Բոլոր յոյսերս ու ընկերս փրկելու կարելիութիւններս խաչուած էին կուրծքիս վրայ։ Եւ ես ձեռնածալ նստած էի մահամերձ ընկերոջս գլխուն վերեւ։ Ա՜խ, մահուան չափ դժուար է, նոյնիսկ մահուընէ աւելի դժուար է մահուան սեմին վրայ գտնուող ընկերոջ մը գլխուն վերեւ այդպէս նստիլը։

— Հեռուէն լոյս մը կʼերեւայ, ըսաւ ընկերներէն մէկը յանկարծ։ Թերեւս ''քամիոն'' մըն է, որ մեր կողմը կու գայ։ Ես ճամբուն վրայ կʼելլեմ, որպէսզի կեցնեմ։ Եթէ երկար երկար ''քօռնա'' ն հնչեցնէ, դուք զայն պատրաստեցէք։ Հիւանդանոց մը տանինք։ Թօեւ մենք գլխուն վերեւ պիտի չկարենանք գտնուիլ, սակայն գոնէ վստահ կրնանք ըլլալ թէ մեզմէ լաւ կը խնամեն։

Յետոյ ցատկեց գնաց ճամբուն վրայ կեցաւ մօտեցող ինքնաշարժը կամ ''քամիոն''ը կեցնելու համար։

Լոյսը, մօտեցաւ մօտեցաւ ու կեցաւ։ Միջոց մը շարժակը միօրինակ կերպով աշխատելէ վերջ, ''քօռնա''ն երկու անգամ հնչեցուց ու շարժակը կեցաւ։

Մենք պատրաստեցինք հիւանդը ինքնաշարժ դնելու համար։

— Նամակը, ըսաւ, Կոպէ՛լ, նամակը, լուսանկարը առաջին առթիւ հիւանդանոց կը ղրկես անշուշտ, այնպէս չէ՞։

— Հոգ մի՛ ըներ, ըսի զայն ապահովելով, անշուշտ թէ կը ղրկեմ եւ վստահ եմ թէ պատասխանը երկու օր վերջ իսկ դուն քու ձեռքով պիտի գրես։

— Հապա եթէ մեռնի՜մ, ըսաւ․ հապա եթէ մեռնիմ…

— Այլեւս մահուան վրայ մի խօսիր, ըսի։ Հիւանդանոցը այնքան ճարտար բժիշկներ կան որ, երբեք տեսնուած չէ մարդու մը փորի ցաւէն մեռնիլը։ Քաջ եղիր քիչ մը։ Ահա, արդէն ''քօռնա'' կը հնչեցնեն։ Դրամներդ առի՞ր։ Կեցի՛ր շուտ մը ճերմակեղէններդ փոխենք։ Սա նկարն ալ առ, կնոջդ լուսանկարն է։ Դրամներուդ քովը դիր որ ''քարանդինա''ի ընթացքին հագուստներուդ մէջ չմնայ։ ''Էթիւվ''ը խերը կʼանիծէ նկարներուն։ Օր մը, իմ քրոջս նկարը անճանաչելի դարձաւ ''էթիւվ''է մը վերջ։ Հիմա ըսէ, շալկե՞մ քեզ թէ կը քալես։

— Պիտի չկարենամ քալել, ըսաւ։ Ա՜խ, շատ ամօթ է, բայց պիտի չկարենամ քալել։ Գրկեցէ՛ք զիս, ա՜խ պիտի մեռնիմ…

Գրկեցինք զինքը ու տարինք տեղաւորեցինք ինքնաշարժին մէջ։

— Նամակը չմոռնաս, ըսաւ։ Եթէ լուսանկարը մէջն է, անպայման առաջին առթիւ ղրկէ, բայց եթէ լուսանկար չկայ, կարեւորութիւն չունի։ Աւելի վերջն ալ կʼըլլայ։ Ա՜խ, զաւակս որբ պիտի մնայ…

— Ոտքերդ երկարէ՛, ըսի։ Ճամբան բաւական երկար է, բայց անգամ մը որ հիւանդանոց հասնիս, դո՛ւն պիտի ամչնաս այս ըրածներէդ։ Երթաս բարո՜վ, անցեալ ըլլայ։ Պայուսակդ ես կը պահպանեմ։ Մի՛ մոռնար որ քեզ կը սպասենք․ երկու օր վերջ պիտի գաս։

Ինքնաշարժին շարժակը սկսաւ բանիլ, զոյգ աչքերը վառեցան ճամբուն վրայ։ Այրած պէնզինի բարկ հոտ մը լեցուց մեր ռունգերը եւ ինքնաշարժը գնաց, հեռացաւ, հեռացաւ, կորսուեցաւ դարձդարձիկ ճամբաներու մէջ։

Հետեւեալ առաւօտ, թղթաբերը նամակ մը բերաւ։ Նամակին մէջ էր նաեւ երախայի մը լուսանկարը, որուն ետին թաթիկի մը մատներուն շուրջ մատիտ մը պտըտցուցեր էին, իբր ստորագրութիւնը այդ լուսանկարին տիրոջը։

Պզտիկը կը ժպտէր ու թեւերը երկարեր էր՝ կարծես հայրը գրկելու համար։

Այդ թղթաբերով իսկ, քաղաքին հիւանդանոցը ղրկեցի նամակը՝ իր տիրոջը յանձնելու համար։

Իսկ յաջորդ օրուան թղթաբերը այս անգամ քաղաքէն բերաւ ուրիշ նամակ մը, Ֆրանսերէն լեզուով գրուած, ինչպէս նաեւ ''քարտ'' մը՝ որուն վրայ կար հետեւեալ արձանագրութիւնը․

''«Cimetières Militaires Français» PIII-113

Ձեր ընկերներէն Գ․ Է․ի հանգչաց տեղը, ուր կարելի է այցելել, բացի երեքշաբթիէ՝ ամէն օր։

Պաշտօնական կնիք Ֆրանսական Զինուորական Գերեզմանատան։''

Հայր ու զաւակ նոյն ճամբէն անցեր էին, առանց զիրար ճանչնալու։

:::Դէպի Լոյս
:04.03.1950