Changes

Վեր դարձած շրթունքով մարդը

Ավելացվել է 45 249 բայտ, 15:13, 11 Նոյեմբերի 2016
Այս էր իր այցելութեան նպատակը, յուսալով թէ պիտի կրնայի իրեն ընկերանալ այդ անիծեալ վայրին մէջ։ Յետոյ, կարծիքը փոխելով, նկատեց թէ վերջապէս իր ներկայութիւնը օգուտ մը չունէր եւ թէ ես՝ Իսա Ուիթնէյի բժշկական խորհրդատուն՝ աւելի ազդեցութիւն պիտի ունենայի անոր վրայ։ Լաւագոյն էր ուրեմն որ ես առանձին երթայի։ Խօսք տուի ամուսինը կառքով մը ղրկել իրեն, եթէ գտնէի զայն իր նշանակած տեղը։ Տասը վայրկեան ետք թիկնաթոռէս ելած եւ հանգստաւէտ սրահէս հեռացած էի կառքով դէպ ի քաղաքին արեւելակողմը երթալու համար տարօրինակ պաշտօնով մը, ըստ երեւոյթին նուազ տարօրինակ քան որչափ չեղաւ իրականութեան մէջ։
 
Ձեռնարկիս առաջին մասը շատ պարզ եղաւ։ Ըբբըր Սուէնտէմ֊Լէն գարշելի փողոց մըն է, ծածկուած այն բարձրաբերձ մթերանոցներուն ետեւ, որոնք Լընտըն֊Պրիճի արեւելակողմը, գետին հիւսիսային եզերքին վրայ կը գտնուին։ Ըմպելիներու վաճառատան մը եւ ճինօղիի խանութի մը միջեւ, ուր կարելի էր երթալ քարէ ցից սանդուղով մը որ նկուղի մը մուտքին պէս սեւ ծակի մը կը յանգէր, փնտռած որջս գտայ։ Կառապանիս հրամայելով ինծի սպասել, իջայ սանդուղէն, որ գինովներուն յարատեւ անցքին հետեւանքով մաշած էր, եւ դրան վերեւ կախուած իւղի դողդոջուն կանթեզի մը լոյսով, մղլակը վերցուցի եւ խարխափելով մտայ երկար ցած սենեակ մը, որուն մթնոլորտը թանձրացած էր աֆիօնի թխորակ ծուխով։ Փայտէ անկողիններ, որոնք պատշգամբաձեւ որմածք մը կը կազմէին, չորս կողմը իրարու վրայ շարուած էին, ինչպէս կʼըլլայ, գաղթականներու նաւի մը յառաջակողմի բարձրաւանդակին վրայ։
 
Այս շոգիին մէջէն տարտամ կերպով կը նշմարուէին ուրուանկարներ, որոնք ամէնէն երեւակայական ձեւերը կը ներկայացնէին, — կորաքամակ ուսեր, ծալլուած ծունգեր, դէպի ետեւ ձգուած գլուխներ ամբանացած կերպարանքով մը եւ հոս ու հոն մռայլ եւ աղօտ աչք մը դէպի դուռը ուղղուած։ Ստուերի շրջանակէն կը ցայտէին պզտիկ կէտեր, աւելի կամ նուազ լուսաւոր, մետաղէ ծխամորջերու մէջ վառած կամ մարած թոյնին համեմատ։ Ծխողներն շատերը պառկած էին եւ չէին խօսեր։ Բայց ոմանք իրենց երազները կը մրմռային եւ ուրիշներ ալ իրենց մտածումները կը փոխանակէին տարօրինակ, խուլ եւ կցկտուր ձայնով մը։ Ասոնք յանկարծ կանգ կʼառնէին եւ իրենց խոկումներուն մէջ կը խորասուզուէին առանց դրացիին պատմածովը զբաղելու։ Սենեակին դիմացի կողմի ծայրը նշմարեցի վառած ածուխի պզտիկ հնոց մը եւ անոր շատ մօտը, փայտէ եռոտանիի մը վրայ, նիհար մարդ մը, որուն ծնօտը ձեռքերուն վրայ կը հանգչէր։ Արմունկները ծունգերուն կրթնցուցած էր եւ աչքերը կարծես թէ կրակէն առինքնուած էին։
 
Ներս մտած ատենս, Մալայացի տժգոյն սպասաւոր մը փութացած էր ծխամորջ մը եւ աֆիօնի պաշար մը ներկայացնել ինծի, հրաւիրելով զիս տարածուիլ պարապ անկողնի մը վրայ։
 
— Շնորհակալ եմ, ըսի, ես հոս եկած եմ ո՛չ թէ մնալու, այլ տեսնելու համար բարեկամներէս մէկը՝ Մր․ Իսա Ութինէյը, որուն հետ խօսելիք ունիմ։
 
Աջակողմէս մէկը յանկարծական շարժում մը ըրաւ եւ ձայն մը հանեց։ Այն ատեն մութին մէջ տեսայ որ իմ առջեւս, սեւեռուն ակնարկով մը ինծի կը նայէր նոյն ինքն Ուիթնէյ, բայց տժգոյն, մոլորուն, անբանացած Ուիթնէյ մը։
 
— Մե՜ծդ Աստուած, Ուօթսընն է, ըսաւ։
 
Խեղճ մարդը սրտաճմլիկ վիճակի մը մէջ էր եւ ջիղերը վերջին ծայր գրգռուած էին։
 
— Ըսէ՛ք, Ուօ՛թսըն, ժամը քանի՞ն է, հարցուց։
 
— 11ին մօտ է։
 
— Ո՞ր օրուան։
 
— Յունիս 19ի ուրբաթ օրուան։
 
— Ահռելի՜ բան է։ Ես կը կարծէի թէ այսօր չորեքշաբթի է։ Ո՛չ, կը սխալիք, չորեքշաբթի է, այնպէս չէ՞։ Ինչո՞ւ կʼուզէք անարգ խաղ մը ընել ընկերոջ մը։
 
Գլուխը ուսին վրայ ծռեց եւ սկսաւ լալ։
 
— Ձեզի կʼըսեմ թէ այսօր ուրբաթ է, սիրե՛լիս։ Ձեր կինը երկու օրէ ի վեր ձեզի կը սպասէ։ Պէտք է ամչնայիք ձեր ընտանիքին համար։
 
— Արդարեւ կʼամչնամ։ Միայն թէ կը սխալիք, Ուօ՛թսըն, վասն զի քանի մը ժամ միայն անցուցի հոս։ Երեք, թերեւս չորս ծխամորջ խմեցի, չեմ յիշեր թէ ո՛րչափ է։ Բայց ձեզի հետ պիտի դառնամ։ Չեմ ուզեր սարսափեցնել Քէյթը, խե՜ղճ պզտիկ Քէյթը։ Ձեռքերնիդ տուէք։ Կառք ունի՞ք։
 
— Այո՛, դրան առջեւն է։
 
— Այն ատեն պիտի օգտուիմ։ Պէտք է սակայն որ հաշիւս մաքրեմ այս տեղ, Ուօ՛թսըն։ Կʼաղաչեմ, նայեցէք թէ պարտքս ի՛նչ է։ Ես այլեւս ոյժ չունիմ բան մը ընելու։
 
Մինչեւ խանութին տիրոջը քով երթալու համար, քնացողներու երկու շարքերուն միջեւ ազատ թողուած նեղ անցքը մտայ, շունչս բռնելով, որպէս զի աֆիօնի թունաւոր եւ թմրեցուցիչ շոգիները չներշնչեմ։
 
Նիհար մարդուն առջեւէն անցնելով, որ հնոցին քով նստած էր, զգացի ձեռք մը, որ բաճկոնէս կը քաշէր եւ լսեցի խուլ ձայն մը, որ կը մրմռար․ «Երբ իմ առջեւէս անցնիք երթաք, ետեւնիդ դարձէք ու ինծի նայեցէք»։
 
Ակնարկ մը ձգեցի չորս կողմս։ Այս խօսքերը խիստ որոշ կերպով արտասանուած էին։ Ծերունին միայն, որուն քով կը գտնուէի, կրնար արտասանած ըլլալ զանոնք։ Սակայն կը վարանէի այդպէս կարծելու, որովհետեւ այդ մարդը մտածումներու մէջ խորասուզուած կʼերեւար։ Ծայրայեղ նիհարութիւն մը ունէր, խորշոմած եւ տարիքէն կորաքամակ եղած։ Ծունգներուն միջեւ բռնած էր աֆիոնի իր երկար ծխամորջը, զոր կարծես թէ ձեռքէն ձգած էր յոգնութեան հետեւանքով։ Երկու քայլ յառաճացայ, յետոյ ետիս դարձայ։ Բայց մտքի բովանդակ ներկայութեանս պէտք ունեցայ աղաղակ մը զսպելու համար։ Ծերունին ա՛յնպիսի դիրք մը առած էր որ ես միայն կրնայի տեսնել զինքը։ Մարմինը նուազ նիհար էր, խորշումները անհետացած էին, աղօտ աչքերը նորէն փայլուն էին եւ այն անձը, որ առջեւս կը գտնուէր, հնոցին քով նստած, Շէրլօք Հօլմսն էր, այո՛, նո՛յն ինքն Շէրլօք Հօլմսը, որ իմ զարմանքիս վրայ կʼզբօսնուր։ Աննշմարելի նշանէ մը հասկցայ թէ պէտք է իրեն մօտենայի, բայց անիկա արդէն, իր կախ շրթունքովը, վերստացած էր մանկացեալ ծերունիի իր կերպարանքը։
 
— Հօ՛լմս, ի՞նչ կʼընէք հոս,, այս որջին մէջ, մրմռացի։
 
— Կարելի եղածին չափ ցած ձայնով խօսեցէք, ըսաւ։ Ականջներս սուր են։ Եթէ հոն գտնուած ձեր անբանացեալ բարեկամէն ձեր օձիքը ազատելու ծայրայեղ բարութիւնը ունենաք, շատ ուրախ պիտի ըլլայի վայրկեան մը ձեզի հետ խօսելով։
 
— Դրան առջեւ կառք մը ունիմ։
 
— Այն ատեն, կʼաղաչեմ, կառքը դրէք զայն եւ տունը ղրկեցէք։ Իրեն մասին կրնաք հանգիստ ըլլալ։ Շատ ընկճուան երեւոյթ մը ունի եւ յիմարութիւններ չի գործեր։ Խորհուրդ կուտամ նաեւ ձեզի որ կառապանին միջոցաւ ըսէք ձեր կնոջ թէ ես վար դրած եմ ձեզ։ Դուրսը սպասեցէք ինծի։ Հինգ վայրկեանէն կուգամ կը գտնեմ ձեզ։
 
Բան մը չէի մերժեր Շէրլօք Հօլմսին, որուն բոլոր խնդրանքները որոշ եւ ճշգրիտ էին եւ հանդարտ ու հեղինակաւոր շեշտով մը կʼըլլային։ Գիտէի նաեւ թէ երբ Ուիթնէյը կառք դնէի, պաշտօնս լրացած պիտի ըլլար, եւ միւս կողմէ կʼուրախանայի որ բարեկամիս հետ պիտի նետուիմ այն տարօրինակ արկածներէն մէկուն մէջ, որոնք իր գոյութեան միակ պատճառն էին։ Քանի մը րոպէի մէջ կարճ տոմսակ մը գրեցի կնոջս եւ Ուիթնէյի հաշիւը մաքրեցի։ Յետոյ Ուիթնէյը զետեղեցի կառքիս մէջ ու երբ տեսայ հեռանալը, համբերութեամբ սպասեցի Շէրլօք Հօլմսի։ Քանի մը վայրկեան ետք տեսայ որ աֆիօնամոլներու որջէն դուրս ելաւ զառամ ծերունիի երեւոյթով մարդ մը, որ մօտս եկաւ ու քով քովի իջանք փողոցն ի վար։ Պահ մը անստոյգ քայլով մը յառաջացաւ կռնակը ծռած։ Յետոյ յանկարծ ասդին դառնալով շտկուեցաւ եւ բարձր ձայնով խնդաց զուարթօրէն։
 
— Մտքէ պիտի անցընէիք, Ուօ՛թսըն, այնպէս չէ՞, ըսաւ, թէ աֆիօնի մոլութիւնն ալ աւելցուցած եմ քօքաինի ներմորթային ներարկումներուն եւ միւս բոլոր տկարութիւններուն վրայ, որոնց մասին հաճեցաք բժշկական հորիզոններ բանալ իմ առջեւս։
 
— Ապահովապէս շատ զարմացայ ձեզ այս տեղ գտնելով։
 
— Ես ձեզմէ աւելի զարմացայ զձեզ հոս տեսնելով։
 
— Ես բարեկամ մը փնտռելու եկայ։
 
— Ես ալ թշնամի մը։
 
— Թշնամի՞ մը։
 
— Այո՛, իմ բնական թշնամիներէս մէկը, կամ, եթէ կը նախապատուէք, որս մը։ Մէկ խօսքով, Ուօ՛թսըն, խիստ շահեկան քննութիւն մը կատարելու վրայ եմ եւ կը յուսամ թէ, ինչպէս արդէն ուրիշ անգամներ, կարեւոր հետք մը գտած եմ այս տխմարներուն անկապակից զառանցանքներուն մէջտեղ։ Եթէ այս որջին մէջ ճանչցուէի, կեանքս պիտի վտանգուէր։ Արշաւ մը կը կատարեմ ու այդ սրիկայ Լասքարը, որ կը հետապնդէ զիս, երդում ըրած է որ վրէժը պիտի լուծէ ինձմէ։ Եթէ կափարիչը, որ կը գտնուի այս շէնքին ետեւ, Սէյնթ Բօլի նաւամատոյցին մօտ, կարենար պատմել թէ մութ, անլուսին գիշերները ինչե՜ր անցած են…
 
— Ի՜նչ, դիակներո՞ւ համար ըսել կʼուզէք։
 
— Այո՛, դիակներու համար, Ուօ՛թսըն։ Հարուստ պիտի ըլլայինք եթէ հազար ոսկի տային մեզ իւրաքանչիւր դժբախդի համար, որ սպաննուած է այս որջին մէջ։ Գետին այս եզերքին վրայ գտնուած ամէնէն սոսկալի թակարդն է ոճիրի համար եւ կը վախնամ թէ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր հոն մտած է այլ եւս բնաւ դուրս չելլելու պայմանաւ։ Բայց կառքը հոս պէտք է ըլլար։
 
Երկու մատները ակռաներուն մէջտեղ դրաւ եւ ուժգին կերպով սուլեց,— նշան մը, որուն պատասխանեց հեռուէն ուրիշ սուլում մը, որուն կʼընկերանար ձիու սմբակի եւ կառքի թաւալումի աղմուկ մը։
 
— Հիմա, Ուօ՛թսըն, ըսաւ Հօլմս, երբ մութին մէջէն դուրս կʼելլէր կառք մը, իր լապտերներովը լուսաւորուած, ինծի պիտի ընկերանաք անշուշտ։
 
— Եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ…
 
— Օ՛հ, վստահելի բարեկամ մը միշտ օգտակար է եւ քրոնիկագիր մը՝ ա՛լ աւելի։ Սէտրի մէջ երկու անկողիննոց սենեակ մը ունիմ։
 
— Սէտրի՞ մէջ։
 
— Այո՛։ Մր․ Սէյնթ Քլէրի տունն է անիկա։ Քննութիւնը վարելիս ի վեր հոն կը բնակիմ։
 
— Ո՞ւր է։
 
— Լիի մօտ, Քէնթի գաւառ։ Եօթը փարսախ ճամբայ ունինք առջեւնիս։
 
— Բայց գործին ի՛նչ ըլլալը չեմ գիտեր։
 
— Բնականաբար։ Վայրկեանէ մը պիտի պատմեմ ձեզի։ Կառք նստեցէք։ Լա՛ւ։ Ժա՛ն։ Պէտք չունինք ձեզի։ Ահաւասիկ կէս քուրօն մը։ Վաղը, ժամը 11 ին միջոցները սպասեցէք ինծի։ Ձին քալեցուցէք։ Աղէկ։
 
Մտրակի թեթեւ հարուած մը տուաւ եւ մտանք մութ եւ ամայի փողոցներու լաբիւրինդոսի մը մէջ ու գացինք լայն կամուրջը, որ ձգուած է տղմուտ գետակին վրայ։ Աւելի հեռուն, ուրիշ լայն անջրպետ մը, աղիւսով եւ շաղախով ծածկուած,— լուռ անջրպետ, որուն մէջ կը հնչէին միայն ոստիկանի մը ծանր եւ կանոնաւոր ոտնաձայնը կամ յապաղած զուարթ կենցազասէրներու երգերն ու աղաղակները։ Խոշոր մութ ամպեր կը կուտակուէին երկինքին վրայ, հազիւ թոյլ տալով ընդնշմարել քանի մը աստղեր։ Հօլմս չէր խօսեր։ Գլուխը կուրծքին վրայ ծռած, կարծես թէ իր մտածումներուն մէջ խորասուզուած էր, մինչ ես, իր քովը նստած, անհամբեր էի իմանալու թէ ի՛նչ էր այն նոր խնդիրը, որուն վրայ կը կեդրոնանային իր բոլոր կարողութիւնները։ Սակայն չէի համարձակեր հարցումներ ընել իրեն։ Արդէն քանի մը մղոն տեղ յառաջացած եւ բազմաթիւ ամառանոցներ ունեցող արուարձանները հասած էինք երբ ընկերս, յանկարծ ցնցուելով, ուսերը թոթուեց եւ սիկառը վառեց գոհունակ դէմքով մը։
 
— Լռել գիտէք, Ուօ՛թսըն, ըսաւ ինծի։ Ասիկա անգնահատելի յատկութիւն մըն է ճամբու ընկերոջ մը համար։ Բայց իրա՛ւ որ, մէկու մը հետ խօսելու պէտք ունիմ, վասն զի այս վայրկեանին զուարթ եմ։ Քիչ մը առաջ կը հարցնէի ես ինծի թէ խեղճ պզտիկ կնոջ ի՛նչ պիտի ըսէի այս իրիկուն, երբ դուռը գայ զիս ընդունելու։
 
— Կը մոռնաք թէ տեղեակ չեմ գործին։
 
— Լի հասնելնէս առաջ իրողութիւնը ձեզի պատմելու ժամանակ ունիմ։ Ասիկա շատ պարզ կʼերեւայ եւ սակայն լաւ հետք մը չեմ գտներ։ Ապահովապէս շատ նշաններ կան, բայց այդ նշանները ամբողջութիւն մը չեն կազմեր։ Հիմա, Ուօ՛թսըն, գործը ձեզի պատմեմ կարելի եղածին չափ յստակ կերպով եւ կրնայ ըլլալ որ ձեր ուղեղին մէջ կայծ մը վառի ու հետքին վրայ դնէ զիս։
 
— Մտիկ կʼընեմ։
 
— Քանի մը տարի առաջ, աւելի ճիշդը, 1884 Մայիսին, Լի եկաւ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր անուն մէկը, որ շատ հարուստ կը կարծուէր։ Մեծ ամառանոց մը առաւ եւ շրջակաները ճաշակով յարդարեց ու բաւական ճոխ կերպով ապրեցաւ։ Քիչ քիչ բարեկամներ ունեցաւ շրջականերէն եւ 1887 ին ամուսնացաւ գարեջրագործի մը աղջկան հետ, որմէ երկու զաւակ ունեցաւ։ Զբաղում չունէր, բայց քանի մը ընկերութիւններու կʼանդամակցէր եւ ընդհանրապէս առտուները քաղաք կʼերթար ու իրիկունները կը դառնար այն կառախումբով, որ ժամը 5,14 ին կը մեկնի Քէնըն Սթրիթէն։ Մր․ Սէյնթ Քլէր այժմ 37 տարեկան է։ Չափաւոր սովորութիւններու տէր մարդ մը, բարի ամուսին մը, խիստ գորովալից հայր մը եւ ժողովրդական անձ մըն է բոլոր անոնց մէջ որ զինքը կը ճանչնան։ Պիտի աւելցնեմ թէ, մեր տեղեկութիւններուն համեմատ, այժմ իր պարտքը կը հասնի 88 ոսկիի եւ 10 շիլինի, մինչ մայրաքաղաքին եւ գաւառին պանքաներուն մէջ 220 ոսկիի վարկ մը ունի։ Ուրեմն պատճառ չկայ ենթադրելու թէ իր թշնամիները, եթէ ունի, անհաշտ պահանջատէրներ ըլլան։
 
Անցեալ երկուշաբթի, Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր սովորականէն աւելի կանուխ քաղաք գնաց, մէկնելէ առաջ ըսելով թէ երկու կարեւոր յանձնարարութիւններ ունէր կատարելիք եւ թէ իր պզտիկ տղուն համար շինութեան վերաբերեալ խաղալիք մը պիտի բերէր։ Դիպուածով, իր կինը, նոյն երկուշաբթի օրը, ամուսինին մեկնելէն շատ քիչ ատեն ետքը, հեռագիր մը ստացաւ, որ կը ծանուցանէր իրեն թէ մեծ արժէք ունեցող պզտիկ ծրար մը, որուն կʼսպասէր արդէն, իր տրամադրութեան ներքեւ կը գտնուէր Ապէրտինի շոգենաւային ընկերութեան գրասինեակին մէջ։ Եթէ լաւ կը ճանչնաք ձեր Լոնտոնը, դիտէք թէ ընկերութեան գրասենեակը կը գտնուի Ֆրէզնօ փողոցին մէջ, որ կը յանգի Ըբրըր Սուէնտէմ֊Լէն, ուր այս իրիկուն գտաք զիս։ Ուստի Տիկին Սէյնթ Քլէր ճաշեց, յետոյ Լոնտոն գնաց, քանի մը տեղ այցելեց, որմէ ետք ընկերութեան գրասենեակը գնաց, ծրարը առաւ եւ ճիշդ ժամը 4,35 ին գտնուեցաւ Սուէնտէմ֊Լէն, դէպ ի կայարան երթալու համար։ Մինչեւ հոս աղէկ հետեւեցա՞ք ըսածներուս։
 
— Այո՛։
 
— Եթէ կը յիշէք, անցեալ երկուշաբթի օր օդը շատ տաք էր։ Տիկին Սէյնթ Քլէր կամաց կը քալէր եւ աջ ու ձախ կը նայէր, յուսալով թէ կառք մը կը տեսնէ, վասն զի չէր սիրեր այս վատահամբաւ թաղին մէջ առանձին գտնուիլ հետիոտն։ Այսպէս Սուէնտէմ֊Լէնէն իջած ատեն յանկարծ բացագանչութիւն մը կամ աղաղակ մը լսեց եւ ապշեցաւ մնաց տեսնելով որ ամուսինը իրեն կը նայէր ու նոյնիսկ նշան կʼընէր (գոնէ իրեն այնպէս եկաւ) երկրորդ յարկի մը պատուհանէն։ Պատուհանը բաց էր եւ Տիկին Սէյնթ Քլէր կը հաւաստէ թէ իր ամուսինը յուզուած կʼերեւէր։ Ձեռքովը յուսահատական շարժում մը ըրաւ, յետոյ յանկարծ անհետացաւ պատուհանէն, որպէս թէ անդիմադրելի ոյժ մը քշած տարած ըլլար զինքը։ Տարօրինակ մանրամասնութիւն մը իր ուշադրութիւնը գրաւեց։ Թէեւ հագած էր այն մութ գոյն զգեստը, զոր կը կրէր տունէն մեկնած պահուն, բայց ո՛չ օձիք ունէր ոչ փողկապ։
 
Համոզուած ըլլալով թէ դժբախտուիթւն մը եկած էր իր ամուսնոյն գլխին, արագօրէն իջաւ սանդուղին աստիճաններէն (տունը աֆիօնամոլներու այն որջն էր, ուր այս իրիկուն գտաք զիս), վազելով անցաւ դուռնէն եւ փորձեց առաջին յարկը տանող սանդուղէն ելլել։ Բայց այդ սանդուղին ստորոտը հանդիպեցաւ ձեզ ըսած մարդուս՝ սրիկայ Լասքարին, որ արգիլեց անցնիլը եւ հոն իբր գործակատար ծառայող Դանիացիին օգնութեամբ փողոց հրեց զայն։ Ահռելի նախազգացումներու մատնած, փողոցէն իջաւ եւ բարեբախտաբար Ֆրէզնօ փողոցին մէջ հանդիպեցաւ կարգ մը ոստիկաններու եւ ոստիկանապետի մը, որոնք իրենց տեղը կը դառնային։
 
Ոստիկանապետը եւ երկու ոստիկաններ իրեն հետեւեցան եւ տանտիրոջ դիմադրութեանը հակառակ, մտան այն սենեակը ուրկէ նշմարուած էր Մր․ Սէյնթ Քլէր։ Բայց հոն չգտան զանիկա։ Արդարեւ այդ յարկը մարդ չկար, բաց ի հոգ բնակող դժբախտ եւ զազրատեսիլ հիւանդէ մը։ Ինք եւ Լասքար հանդիսաւորապէս երդում ըրին թէ այդ օրը, կէս օրէն ետք, իրեցմէ զատ ո՛չ ոք մտած էր այդ սենեակը։ Իրենց ժխտումը այնչափ ուժով էր որ ոստիկանապետը համոզուեցաւ եւ կարծեց թէ Տիկին Սէյնթ Քլէր սխալած էր։ Բայց անիկա, աղաղակ մը արձակելով, ցատկեց ճերմակ փայտէ պզտիկ տուփի մը վրայ, որ սեղանին վրայ կը գտնուէր եւ կափարիչը խլեց։ Շինութեան վերաբերեալ խաղալիք մը ինկաւ, ճիշդ ա՛յն, զոր Մր․ Սէյնթ Քլէր պիտի բերէր իր զաւկին։
 
Այս գիւտը եւ կաղ մարդուն ակներեւ այլայլութիւնը ցոյց տուին ոստիկանապետին թէ գործը ծանր էր։ Յարկաբաժինը խնամքով խուզարկուեցաւ եւ սա եզրակացութեան յանգուեցաւ թէ գարշելի ոճիր մը գործուած էր։ Առաջակողմի սենեակը կահաւորուած էր իբրեւ համեստ սալոն մը եւ կը բացուէր պզտիկ ճաշասրահի մը վրայ, որ մթերանոցներէն մէկուն վրայ կը նայէր։ Մթերանոցին եւ ննջասենեակի պատուհանին միջեւ կը գտնուի նեղ անցք մը, որ տեղատուութեան ատեն չոր է, բայց մակընթացութեան միջոցին առ նուազն չորսուկէս ոտնաչափ ջուրով կը ծածկուի։ Սենեակին պատուհանը լայն է եւ կը բացուի ամբողջ բարձրութեանը վրայ։ Քննութեան միջոցին արիւնի հետքեր գտնուեցան պատուհանին եզերքին վրայ եւ քանի մը կաթիլներ ալ՝ սենեակին տախտակամածին վրայ։ Առաջին սենեակին մէջ, վարագոյրի մը ետեւ գտնուեցան Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի բոլոր հագուստները, իր վերարկուէն զատ։ Կօշիկ, գուլպայ, գլխարկ, ժամացոյց, ամենքն ալ հոն էին։ Այս առարկաները բռնութեան ո՛ եւ է հետք չէին ցուցներ, բայց Մր․ Սէյնթ Քլէր անհետացած էր։ Պատուհանէն դուրս ելած ըլլալու էր, քանի որ ուրիշ ելք չկար եւ եզերքին վրայ արիւնի չարաշուք հետքերը յոյս չէին թողուր թէ կրցած էր լողալով ազատիլ, որովհետեւ եղերերգութեան միջոցին ջուրերը շատ բարձրացած ըլլալու էին։
 
Եւ հիմա քանի մը խօսք՝ այն չարագործներուն վրայ, որոնք կʼերեւի թէ ուղղակի կերպով մատ ունեցած են այս գործին մէջ։
 
Լասքար վատահամբաւ մէկն է, բայց որովհետեւ Տիկին Սէյնթ Քլէր կը պատմէ թէ սանդուղին ստորոտը տեսած է զայն պատուհանին առջեւ իր ամուսնոյն երեւալէն քանի մը վայրկեան ետք, ուստի անիկա ոճիրին մէջ մեղսակից մը միայն եղած կրնայ ըլլալ։ Իր պաշտպանութեան եղանակն է բացարձակ անգիտութիւն։ Կʼըսէ թէ բնաւ տեղեկութիւն չունի իր վարձակալին՝ Հունկ Պունի արարքներէն եւ շարժումներէն եւ թէ ո՛ եւ է պատրուակով չի կրնար պատասխանատու ըլլալ զոհին հագուստներուն գտնուելուն համար։
 
Գալով չարադէմ կաղին, որ աֆիօնամոլներու որջին երկրորդ յարկը կը բնակի եւ որ անշուշտ վերջին անգամ տեսնողը եղած է Մր․ Հէվիլ Սէյնթ Քլէրը, կը կոչուի Հիւկ Պուն եւ իր գարշելի դէմքը ծանօթ է ամէն անոնց որ այդ կողմերը կը յաճախեն։ Արհեստով մուրացիկ մըն է, թէեւ, ոստիկանական կանոններէն խուսափելու համար, մեղրամոմէ լուցկիի տուփեր ծախել կը ձեւացնէ։ Քիչ հեռու, Թրիտ֊Նիալ փողոցէն իջած ատեն, ձախ կողմին վրայ դիտած ըլլալու էք ամէն օր, սրունքները խաչաձեւած, իր պզտիկ ափսէն ծունգերուն վրայ։ Կարեկցութեան ա՛յնչափ արժանի տեսարան մը կը ներկայացնէ որ մանր գրամներու տարափ մը կʼիյնայ իրեն առջեւ, գետինը դրած իւղոտ գլխանոցին մէջ։ Մէկէ աւելի անգամներ դիտած եմ այդ մարդը այսօրուընէ առաջ, ուր արհեստիս բերմունքով կրցայ ծանօթանալ անոր հետ եւ միշդ զարմացած եմ այն հունձքին վրայ, զոր կը քաղէ կը ժողվէ քանի մը վայրկեանի մէջ։ Պատճառը սա՛ է որ իր տեսքը շատ տարօրինակ է եւ ո՛չ ոքի կրնար քովէն անցնիլ առանց դիտելու․— շիկագոյն մազերու խուրձ մը, տժգոյն դէմք մը սոսկալի վէրքով մը, որ կծկած եւ վեր դարձուցած է վերի շրթունքին եզերքը, չունի ծնօտ մը եւ խիստ վառվռուն զոյգ մը սեւ աչքեր, որոնք տարօրինապէս կը հակադրեն իր մազերուն գոյնի հետ։— Այս ամենքը մուրացիկներու բազմութենէն կʼորոշեն կը զանազանեն զինք։ Ուշագրաւ է նաեւ իր պատրաստաբան միտքը, վասն զի միշտ պատասխան մը ունի կատակախօսութիւններուն, զորս անցորդները կʼընեն իրեն։ Այս մարդը, աֆիօնամոլներու որջին այն վարձակալն է որ վերջին տեսնողը եղած է մեր փնտռած մարդը։
 
— Բայց կաղ մը մինակ ի՞նչ կրնայ ընել ուժեղ մարդու մը դէմ։
 
— Կաղ է սա իմաստով որ գայթ ի գայթ կը քալէ, բայց կʼերեւի թէ, հակառակ ասոր, զօրաւոր եւ բաւական առողջ է։ Ձեր արհեստին փորձառութիւնը սովրեցուցած ըլլալու է ձեզի, Ուօ՛թսըն, թէ անդամի մը տկարութիւնը յաճախ կը փոխարինուի միւս անդամներուն աւելի ուժեղացումովը։
 
— Կʼաղաչեմ, շարունակեցէք ձեր պատմութիւնը։
 
— Տիկին Սէյնթ Քլէր պատուհանին վրայ արիւն տեսնելով նուազած էր եւ ոստիկանութիւնը կառքով մը տուն տարաւ զայն, անոր ներկայութիւնը չկրնալով օգտակարութիւն մը ունենալ քննութեան մէջ։ Ոստիկանապետ Պարթըն, որուն յանձնուեցաւ գործը, խիստ լրջօրէն քննեց յարկաբաժինը, բայց առանց գտնելու բան մը, որ կարենար հետք մը ցոյց տալ իրեն։ Սխալ մը գործուեցաւ անմիջապէս չձերբակալելով Պունը, որուն քանի մը վայրկեան միջոց տրուեցաւ, ու ան ալ այդ պահուն կրցաւ խորհրդակցիլ Լաքսար բարեկամին հետ։ Երբ վերջապէս զինքը ձերբակալեցին եւ խուզարկեցին, չգտան բան մը, որ կարենար յանցապարտ ընել զայն։ Իրաւ է թէ արիւնի բիծեր տեսնուեցան շապիկին աջ թեւին վրայ, բայց անիկա կտրուածք մը ցոյց տուաւ աջ մատնեմատին վրայ, եղունգին մօտ, եւ յայտարարեց թէ արիւնը այդ կտրուածքէն առաջ եկած էր, աւելցնելով թէ քիչ առաջ պատուհանին մօտեցած էր եւ թէ հոն դիտուած բիծերը անշուշտ միեւնոյն աղբիւրէն էին։ Ազդու կերպով ուրացաւ Մր․ Նէվիլը տեսած ըլլալը եւ երդում ըրաւ թէ իր սենեակին մէջ անոր հագուստներուն ներկայութիւնը իրեն համար ալ նո՛յնչափ խորհրդաւոր էր որչափ ոստիկանութեան համար։ Գալով Տիկին Սէյնթ Քլէրի ըսածին թէ իր ամուսինը պատուհանին առջեւ տեսած էր, Պուն յայտարարեց թէ այդ կինը յիմար էր կամ թէ երազ տեսած էր։ Պահականոց տարուեցաւ իր բողոքներուն հակառակ։ Ոստիկանապետը յարկաբաժնին մէջ մնաց յուսալով թէ տեղատուութիւնը նոր հետք մը պիտի բերէր իրեն։ Չէր սխալեր, վասն զի տիղմին մէջ գտնուեցաւ ո՛չ թէ իրենց փնտռածը, այլ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի բաճկոնը, ի բացակայութեան նոյն ինքն Սէյնթ Քլէրի։ Եւ գուշակեցէք թէ այդ բաճկոնը ի՛նչ կը պարունակէր իր գրպաններուն մէջ։
 
— Չեմ գիտեր։
 
— Ատիկա չի զարմացներ զիս, որովհետեւ անկարելի է գուշակել։ Է՛ ուրեմն, բոլոր գրպանները լեցուն էին խոշոր եւ մանր դրամներով։ 421 հատ երկու եւ 270 մէկ սունոց դրամներ կային։ Զարմանալի չէ որ տեղատուութիւնը իրեն հետ չտարաւ այդ խլեակը։ Բայց դիակ մը աւելի դիւրութեամբ կը տարուի։ Նաւամատոյցին եւ տունին միջեւ բուռն հակահոսանք մը կայ։ Ուրեմն շատ բնական է որ բաճկոնը, շատ ծանր ըլլալով, հոն մնայ, մինչ մարմինը, ամէն հագուստէ մերկացած, գետին փոսին մէջ քշուած է։
 
— Ձեր ըսածներէն հասւծայ մպ միւս բոլոր զգեստները սենեակին մէջ գտնուած էին։ Դիակը միայն այդ բաճկո՞նը կը կրէր։
 
— Ո՛չ, պա՛րոն, եւ սակայն այս տեսութիւնը կրնայ պաշտպանուիլ։ Ենթադրեցէք թէ Պուն Նէվիլ Սէյնթ Քլէրը պատուհանէն նետած ըլլայ։ Ո՛չ ոք կրցած է տեսնել զայն։ Ի՞նչ կʼընէ այն ատեն․— Կը ջանայ ինքզինքը ազատել այդ հագուստներէն, որոնք կրնան ոճիրը երեւան հանել։ Բաճկոնը կʼառնէ նետելու համար, բայց յանկարծ կը մտածէ թէ անիկա ջուրին վրայ պիտի ծփայ փոխանակ ընկղմելու։ Կորսնցնելիք ատեն չունի, վասն զի լսած է որ սանդուղին ստորոտը կռիւ կը մղուի եւ կինը կը փորձէ ելլել ու թերեւս իր մեղսակից Լասքարէն իմացած է արդէն թէ ոստիկանները շուտով կուգան։ Այլ եւս կարելի չէ վարանիլ։ Կը վազէ այն թաքստոցին վրայ, ուր հաւաքած է իր մուրացկանութեան պտուղը եւ ափով առած բոլոր սուերը կը թխէ բաճկոնին գրպաններուն մէջ, որպէսզի ջուրին վրայ չծփայ անիկա։ Յետոյ կը նետէ պատուհանէն։ Միւս հագուստներն ալ նոյն բախտին պիտի ենթարկուէին եթէ աղմուկ չլսէր եւ հազիւ ժամանակ ունեցաւ պատուհանը գոցելու, ոստիկաններուն սենեակ խուժելէն առաջ։
 
— Արդարեւ ատիկա ընդունելի կʼերեւայ։
 
— Ամէն պարագայի մէջ այս ենթադրութենէն պիտի մեկնինք, աւելի աղէկը չգտնուելուն համար։ Ինչպէս ըսի, Պուն ձերբակալուեցաւ եւ պահականոց տարուեցաւ, բայց կարելի չեղաւ ապացոյց մը գտնել իրեն դէմ։ Տարիներէ ի վեր ճանչցուած է իբրեւ արհեստով մուրացիկ մը եւ իր կեանքին մէջ պարսաւելի բան մը չգտնուեցաւ։ Ահա ո՜ր կէտին հասած է քննութիւնը։ Կը մնայ լուծել սա խնդիրը թէ Նէվիլ Սէյնթ Քլէր ի՛նչ կʼընէր աֆիօնամոլներու որջին մէջ, թէ հոն գտնուած միջոցին ի՛նչ պատահեցաւ իրեն, ո՛ւր կը գտնուի հիմա եւ թէ Հիւկ Պուն ի՛նչ դեր կատարեց անոր անհետացումին մէջ։ Այս բոլոր խնդիրներուն լուծումը քայլ մը իսկ առաջ գացած չէ։ Չեմ յիշեր թէ ուսումնասիրած ըլլամ ըստ երեւոյթին այսքան պարզ գործ մը, որ քննութեան միջոցին այսչափ կը կնճռոտի։
 
Մինչ Շէրլօք Հօլմս այս տարօրինակ պատմութիւնը կʼընէր, մեծ քաղաքին արուարձանները եւ մեկուսացեալ վերջին տուները անցած էինք եւ հիմա կը յառաջանայինք ճամբու մը վրայէն, որուն երկու կողմերը ցանկապատով եզերուած էին։ Երբ Շէրլօք Հօլմս իր պատմութիւնը կը վերջացնէր, կʼանցնէինք երկու հեռաւոր գիւղերէ, որոնց մէջ լոյսերը տակաւին կը փայլէին պատուհաններէն։
 
— Ահաւասիկ Լիի շրջականերն ենք, ըսաւ ընկերս։ Այս կարճ ուղեւորութեան մէջ երեք գաւառներէ անցանք։ Մեր մեկնակէտը եղաւ Միտլսէքս։ Սըրէյի մէկ անկիւնէն անցանք եւ Քէնթ կը հասնինք։ Կը տեսնէ՞ք սա լոյսը ծառերուն մէջէն։ Հոն կը գտնուի Սէտրը։ Այդ լոյսին քովը, որ կանթեղ մըն է, կին մը կայ, որուն անձկալից ականջները արդէն լսած ըլլալու են ձիուն սմբակներուն ձայնը։
 
— Բայց ինչո՞ւ այս գործին չէք աշխատիր Պէյքըր Սթրիթի ձեր տան մէջ, հարցուցի։
 
— Վասն զի տեղւոյն վրայ առնելիք շատ տեղեկութիւններ կան։ Տիկին Սէյնթ Քլէր ազնուաբար երկու սենեակ դրաւ տրամադրութեանս տակ եւ անշուշտ դուք ալ՝ իմ պաշտօնակիցս՝ սիրով պիտի ընդունուիք հոս։ Շատ յուզուած եմ, սիրելիս Ուօ՛թսըն, որ զինքը պիտի տեսնեմ առանց լուր մը հաղորդելու իրեն։ Բայց ահաւասիկ եկանք։
 
Կեցած էինք ընդարձակ ամառանոցի մը առջեւ, որ դարաստանով մը շրջապատուած էր։ Ձիապան մը վազած էր ձին բռնելու համար։ Վար ցատկեցի եւ Հօլմսին ետեւէն գացի աւազուտ ծառուղիէն, որ տուն կը տանէր։ Փոքրիկ խարտեաշ կին մը յառաջացաւ դրան առջեւ, մեզ դիմաւորելու համար։ Հագած էր մետաքսեայ մուսլինէ շրջազգեստ մը, օձիքին եւ թեւերուն վրայ վարդագոյն զարդով։ Իր ուրուանկարը կը ծրագրուէր դրան շրջանակին մէջ։ Ձեռքերէն մէկը դրած էր մղլակին վրայ, իսկ միւսը մեզի երկարած էր իբրեւ անձկութեան նշան։ Մարմինը եւ գլուխը թեթեւապէս դէպ առաջ ծռած էին։ Աչքերուն մէջ կը կարդացուէր ամենաբուռն յուզում եւ կիսաբաց շրթները հազիւ կը զսպէին հարցումը, որ խուսափելու պատրաստ էր։
 
— Է՛․ ի՞նչ եղաւ, պոռաց։
 
Յետոյ, զիս նշմարելով, յոյսի աղաղակ մը արձակեց որ հեծեծանքի փոխուեցաւ, երբ դիտեց թէ ընկերս գլուխը կը ցնցէր եւ ուսերը կը թոթուէր։
 
— Բայց լուր մը չկա՞յ։
 
— Ո՛չ։
 
— Գէշ լո՞ւր ալ չկայ։
 
— Ո՛չ։
 
— Փա՜ռք Աստուծոյ։ Բայց ներս մտէք։ Շատ աշխատեցաք այսօր եւ յոգնած ըլլալու էք։
 
— Ձեզ կը ներկայացնեմ բարեկամս՝ տքդ․ Ուօթսընը։ Մեծապէս օգնած է ինծի քանի մը գործերու մէջ զորս լուծած եմ եւ բարեբաստիկ պարագայ մը թոյլատրեց զիս հոս բերել զինքը, որպէսզի մասնակցի այս քննութեան։
 
— Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելուս համար, ըսաւ կինը ձեռքս սեղմելով։ Եթէ բանի մը պակասութիւն ունենաք, մի՛ մեղադրէք զիս։ Գիտէք թէ ի՛նչ սոսկալի հարուած մը իջած է գլխուս։
 
— Սիրե՛լի Տիկին, ըսի, ես վաղեմի զինուոր մըն եմ եւ յետոյ, եթէ չըլլայի իսկ, ներում խնդրելու պէտք պիտի չունենայիք։ Եթէ կարենամ ծառայութիւն մատուցանել ձեզի կամ բարեկամիս, շատ երջանիկ պիտի ըլլամ։
 
— Հիմա, Մր․ Շէրլօ՛ք Հօլմս, ըսաւ Տիկին Սէյնթ Քլէր խիստ լուսաւոր ճաշասրահ մը մտցնելով մեզ, ուր պաղ կերակուրներ պատրաստուած էին, շատ կʼուզէի մէկ կամ երկու հարցում ընել ձեզի, որոնց կը յուսամ թէ անկեղծօրէն պիտի պատասխանէք։
 
— Անշուշտ, Տի՛կին։
 
— Զգացումը մէկդի ձգեցէք։ Ես զգայուն ջիղեր չունիմ եւ ամէն բանէ առաջ կʼուզեմ ձեր կարծիքը գիտնալ։
 
— Ո՞ր կէտին վրայ։
 
— Անկեղծօրէն կը կարծէ՞ք թէ Նէվիլ ողջ եղած ըլլայ։
 
Շէրլօք Հօլմս կարծես շփոթեցաւ այս հարցումէն։
 
— Անկեղծօրէն խօսեցէք, կրկնեց կինը Հօլմսի նստած աթոռին առջեւ ոտքի վրայ կենալով եւ աչքերը անոր վրայ սեւեռելով։
 
— Ճիշդը ըսելով, Տի՛կին, չեմ կարծեր։
 
— Կը կարծէք թէ մեռա՞ծ է։
 
— Այո՛, այնպէս կը կարծեմ։
 
— Սպաննուա՞ծ։
 
— Չեմ կրնար ըսել։ Թերեւս։
 
— Ո՞ր օր մեռած է։
 
— Երկուշաբթի օր։
 
— Այն ատեն, Մր․ Հօ՛լմս, շատ ազնիւ պիտի ըլլայիք եթէ բացատրէիք թէ ի՛նչպէս կʼըլլայ որ այսօր սա նամակը կʼստանամ իրմէ։
 
Շէրլօք Հօլմս աթոռին վրայէն ցատկեց զսպանակէ մղուածի պէս։
 
— Ի՜նչ, պոռաց։
 
— Այո՛, այսօր։
 
Եւ կինը կը ժպտէր թերթ մը թուղթ ցոյց տալով։
 
— Կրնա՞մ կարդալ։
 
— Անշուշտ։
 
Տենդագին կերպով խլեց նամակը անոր ձեռքէն եւ դրաւ սեղանին վրայ, լոյսին մէջ, ուշադրութեամբ քննելու համար զայն։ Ե՛ս ալ աթոռէս ելած էի եւ Շէրլօք Հօլմսի ուսին վրայէն կը նայէի նամակին։ Պահարանը, որ շատ կոշտ էր, դրոշմուած էր Կրէյվսէնտի թղթատունէն եւ կը կրէր նոյն օրուան թուականը, կամ մանաւանդ առջի օրուան, վասն զի կէս գիշերը անցած էր։
 
— Սովորական գիր մըն է ասիկա, մրմռած Հօլմս։ Ապահովապէս ձեր ամուսինին գիրը չէ աս, Տի՛կին։
 
— Ո՛չ, բայց նամակը իրմէ է։
 
— Կը տեսնեմ նաեւ թէ պահարանին վրայ գրող անձը հասցէն հարցուցած է։
 
— Ինչէ՞ն գիտէք։
 
— Դուք ալ նայեցէք։ Անունը գրուած է բոլորովին սեւ մելանով մը, որ առանձին չորցած է։ Մնացեալը ունի այն գորշ գոյնը, զոր կʼառնէ ծծունով չորցուած մելանը։ Եթէ ասիկա առանց ընդմիջումի գրուած եւ յետոյ չորցուած ըլլար, ի՞նչպէս բացատրելու է որ հասցէին մէկ մասը աղուոր սեւ գոյն մը ունեցած ըլլայ։ Այդ մարդը նախ անունը գրած եւ յետոյ կեցած է, հասցէն գրելէ առաջ, ինչ որ կʼապացուցանէ թէ այդ հասցէն չէր գիտեր։ Այս նշանը նախ եւ առաջ մեծ բան մը չերեւար, բայց կրնայ իր կարեւորութիւնը ունենալ։ Հիմա նամակին նայինք։
Վստահելի
52
edits