Changes
— Ինչէ՞ն գիտէք։
— Դուք ալ նայեցէք։ Անունը գրուած է բոլորովին սեւ մելանով մը, որ առանձին չորցած է։ Մնացեալը ունի այն գորշ գոյնը, զոր կʼառնէ ծծունով չորցուած մելանը։ Եթէ ասիկա առանց ընդմիջումի գրուած եւ յետոյ չորցուած ըլլար, ի՞նչպէս բացատրելու է որ հասցէին մէկ մասը աղուոր սեւ գոյն մը ունեցած ըլլայ։ Այդ մարդը նախ անունը գրած եւ յետոյ կեցած է, հասցէն գրելէ առաջ, ինչ որ կʼապացուցանէ թէ այդ հասցէն չէր գիտեր։ Այս նշանը նախ եւ առաջ մեծ բան մը չերեւար, բայց կրնայ իր կարեւորութիւնը ունենալ։ Հիմա նամակին նայինք։Տեսէք, առարկայ մը կը պարունակէ։ — Այո՛, մատանի մը, ամուսինիս գիրն է։ — Վստա՞հ էք որ ձեր ամուսինին գիրն է։ — Իր գիրերէն մէկն է։ — Իր գիրերէն մէ՞կը։ — Ստիպողական գործ ունեցած ատեն այսպէս կը գրէ։ Այս գիրը բնաւ չի նմանիր իր սովորական գիրին եւ սակայն կատարելապէս կը ճանչնամ զայն։ Ահաւասիկ նամակին պարունակութիւնը․ «Սիրեցեալ բարեկամուհի՛ս․— Մի՛ սարսափիք։ Ամէն բան պիտի կարգաւորուի։ Ծանր թիւրիմացութիւն մը կայ։ Թերեւս հարկ պիտի ըլլայ որ ժամանակ մը անցնի այդ թիւրիմացութիւնը լուսաբանելու համար։ Համբերեցէք։— Նէվիլ»։ — Ասիկա մատիտով գրուած է ութածալ գիրքի մը ճերմակ թուղթին վրայ։ Ներքնադրոշմ չկայ։ Հը՛մ, այսօր Կրէյվսէնտի թղթատունը ձգուած է աղտոտ բթամատ ունեցող մարդու մը կողմէ։ Եւ պահարանին այս մասը, որ կը ծալլուի, փակցուած է, եթէ չեմ սխալիր, մարդու մը կողմէ, որ ծխախոտ ծամած էր։ Վստա՞հ էք, Տի՛կին, թէ ձեր ամուսնին գիրն է։ — Կատարելապէս վստահ եմ։ Նէվիլ ինք գրած է այս տողերը։ — Այս նամակը այսօր նամակատուն ձգուած է Կրէյվսէնտի մէջ։ Է՛ ուրեմն, Տի՛կին Սէյնթ Քլէր, երկինքը քիչ մը նուազ մութ կʼերեւայ ինծի։ Այսու հանդերձ չեմ համարձակիր յուսալ թէ ամէն վտանգ հեռացած է։ — Բայց ողջ է, Մր․ Հօ՛լմս։ — Եթէ սակայն այս նամակը թակարդ մը չըլլայ սխալ հետքի մը վրայ դնելու համար մեզ։ Վերջապէս մատանին ապացոյց մը չէ։ Կրնայ իրմէ գողցուած ըլլալ։ — Ո՛չ, ո՛չ, վստահ եմ թէ իր գիրն է։ — Շատ լաւ։ Այս նամակը կրնայ սակայն երկուշաբթի գրուած եւ այսօր միայն թղթատուն ձգուած ըլլալ։ — Կարելի է… — Եթէ այնպէս է, այդ միջոցին մէջ կրնան շատ բաներ պատահած ըլլալ։ — Օ՛հ, պէտք չէ վհատութիւն պատճառել ինծի, Մր․ Հօ՛լմս։ Գիտեմ թէ չարիք մը պատահած չէ անոր։ Մեր միջեւ ա՛յնպիսի գորովալից համակրութիւն մը կայ որ պիտի զգայի եթէ արկած մը պատահած ըլլար անոր։ Վերջին օրը, ուր զիրար տեսանք, իր սենեակին մէջ մատը կտրած էր։ Ես այդ միջոցին ճաշասրահն էի եւ ա՛յնչափ լաւ ունեցայ իրեն արկած մը պատհած ըլլալուն յայտնատեսութիւնը որ իրեն մօտ վազեցի։ Կը կարծէ՞ք թէ պարզ բանի մը համար սիրտս կարենար թրթռալ եւ իր մեռնելուն առթիւ բան մը չզգամ։ — Կեանքի մասին շատ փոռձառութիւն ունիմ եւ գիտեմ թէ կնոջ մը տպաւորութիւնը շատ անգամ աւելի ճիշդ է քան թէ փիլիսոփայի մը եզրակացութիւնները։ Եւ այս նամակը անշուշտ ապացոյց մըն է թէ ձեր ըսածը ճիշդ է։ Բայց եթէ ձեր ամուսինը ողջ է եւ նամակներ գրելու վիճակի մէջ է, ինչո՞ւ ձեզմէ հեռու կը մնայ։ — Չեմ գիտեր։ Արտասովոր բան է։ — Երկուշաբթի օր, ձեզմէ բաժնուած ատեն, ակնարկութիւն մը չըրա՞ւ որ կարենայ առաջնորդել ձեզ։ — Ո՛չ։ — Եւ Սուէնտէմ֊Լէնի տան մէջ զինքը տեսնելով զարմացա՞ք։ — Ապշեցայ։ — Պատուհանը բա՞ց էր։ — Այո՛։ — Ուրեմն պիտի կրնա՞ր ձեզ կանչել։ — Անշուշտ։ — Սակայն կարծեմ թէ անկապակից աղաղակ մը միայն արձակեց։ — Այո՛։ — Ի՞նչպէս երեւցաւ ձեզի, օգնութեա՞ն աղաղակ մըն էր։ — Այո՛։ Ձեռքովը նշան մը ըրաւ։ — Թերեւս զարմանքի աղաղակ մըն էր։ Ձեզ հոն տեսնելուն զարմացաւ, մինչ չէր սպասեր։ — Կարելի է։ — Եւ ձեզ այնպէս եկաւ թէ մէկը ետեւէն կը քաշէ՞ր։ — Յանկարծ անհետացաւ։ — Ինքնաբերաբար ոստում մը պիտի չկրնա՞ր ընել։ Սենեակին մէջ իրեն հետ մէկը չտեսա՞ք։ — Ո՛չ։ Բայց այդ ահռելի մարդը խոստովանեցաւ թէ հոն էր եւ Լասքար սանդուղին ստորոտն էր։ — Լա՛ւ։ Եւ կը կարծէք թէ ձեր ամուսինը իր սովորական զգեստնե՞րը հագած էր։ — Այո՛, բայց առանց օձիքի եւ փողկապի։ Որոշապէս տեսայ իր մերկ վիզը։ — Սուէնտէմ֊Լէնի խօսքը ըրա՞ծ էր։ — Երբե՛ք։ — Նշմարա՞ծ էիք թէ աֆիօն կը ծխէր։ — Ո՛չ։ — Շնորհակալ եմ, Տի՛կին Սէյնթ Քլէր։ Այս կարեւոր կէտերուն վրայ կատարելապէս լուսաբանուիլ կʼուզէի Հիմա պիտի ճաշենք, եթէ թոյլ կուտաք, յետոյ պիտի հանգստանանք ի նախատեսութիւն այն դժնդակ օրուան, զոր թերեւս վաղը պիտի ունենանք մեր առջեւ։ Երկու անկողիննոց խիստ ընդարձակ եւ հանգստաւէտ սենեակ մը գրուած էր մեր տրամաբանութեան ներքեւ։ Փութացի պառկիլ, որովհետեւ չարաչար յոգնած էի յուզեալ գիշեր մը անցուցած ըլլալուս համար։ Բայց Շէրլօք Հօլմս, երբ լուծելիք խնդիր մը ունենար, օրերով եւ նոյն իսկ ամբողջ շաբաթ մը զանց կʼընէր հանգիստը։ Խնդիրը իր բոլոր երեւոյթներով կը քննէր մինչեւ որ լուծէր զայն կամ համոզուէր թէ իր տուեալները անբաւական էին։ Հասկցայ թէ կը պատրաստուէր լուսցնել, երբ տեսայ որ վերարկուն եւ բաճկոնակը հանեց, կապոյտ լայն սենեկազգեստ մը հագաւ եւ յետոյ սկսաւ սենեակին մէջ վեր վար պտտիլ։ Անկողնին, բազմոցին եւ թիկնաթոռներուն բարձերը առաւ, տեսակ մը արեւելեան բազմոց շինեց անոնցմով եւ վրան նստեցաւ, սրունքները խաչաձեւած, ձեռքին մօտ դնելէ ետք մէկ ունկի ծխախոտ եւ լուցկիի տուփ մը։ Կանթեղին տժգոյն լոյսով, որ անոր շեշտուած դիմագիծերը եւ արծուային քիթը կը լուսաւորէր, կը տեսնէի զինքը նստած, ցախի փայտէ հին ծխամորջ մը ակռաներուն միջեւ, աչքերը տարտամօրէն սեւեռած դէպի ձեղունին մէկ անկիւնը։ Հոն մնացած էր այսպէս անշարժ, մինչ ծխամորջին ծուխը իր շուրջը կը բարձրանար կապոյտ գուլաներով։ Զինքը դիտելով քունս տարաւ։ Դիրքը փոխած չէր երբ, բացագանչութենէ մը ընդոստ արթննալով, տեսայ որ ամրան արեւը արդէն կը փայլէր սենեակին մէջ։ Շէրլօք Հօլմս տակաւին բերնէն ձգած չէր ծխամորջը։ Ծուխի գուլաները կը շարունակէին դէպ ի ձեզուն բարձրանալ եւ սենեակին մթնոլորտը ծանրացած էր գիշերուան միջոցին սպառած ծխախոտին շոգիներովը, վասն զի քնացած պահուս Շէրլօք Հօլմսի մօտ տեսած ծխախոտի ծրարէս բան մը մնացած չէր։ — Արթնցա՞ք, Ուօ՛թսըն, հարցուց ինծի։ — Այո՛։ — Պատրա՞ստ էք առտուատ պտոյտ մը ընելու կառքով։ — Անշո՛ւշտ։ — Ուրեմն հագուեցէք։ Տակաւին ո՛չ ոք արթնցած է։ Բայց գիտեմ թէ ձիապանը ո՛ւր կը բնակի եւ շուտով լծել պիտի տանք կառքը։ Դէմքին վրայ ամէն բան ժպտուն էր։ Աչքերը փայլուն էին։ Գիշերուան տխուր մտածողը բոլորովին այլափոխուած էր։ Հագուելով մէկտեղ ժամացոյցս նայեցայ։ Մեզ շրջապատող լռութիւնը զարմանալի չէր։ Ժամը հազիւ չորսը քսան հինգ կʼանցնէր։ Հագուիլս կʼաւարտէի, երբ Հօլմս եկաւ իմացուց ինծի թէ ձիապանը կառքը կը լծէր։ — Իմ մասնաւոր դրութիւններէս մէկը փորձել կʼուզեմ, ըսաւ ոտնամանները հագնելով։ Ուօ՛թսըն, ձեր առջեւ կը տեսնէք Եւրոպայի ամէնէն մեծ տխմարը։ Ոտքի սոսկալի հարուած մը ստանալու արժանի եմ։ Բայց կարծեմ թէ գործին բանալին ձեռքս է։ — Եւ ո՞ւր կը գտնուի, հարցուցի ժպտելով։ — Բաղնիքին սրահին մէջ, պատասխանեց։ Օ՛հ, այո, կատակ չեմ ըներ, շարունակեց թերահաւատ երեւոյթս տեսնելով։ Անկէ դուրս կʼելլեմ։ Առի եւ սա պզտիկ պարկին մէջ դրի։ Եկէք, տղա՛ս, տեսնենք թէ փականքին պիտի յարմարի՞։ Աջձայն վար իջանք ու դուրս ելանք։ Արեւը արդէն կը շողար իր բոլոր փայլովը։ Տունէն քանի մը քայլ անդին ճամբուն վրայ գտանք մեր կառքը կէս հագուած ձիապանին պահպանութեան տակ։ Թեթեւակի մտանք կառքին մէջ եւ արագ արագ ուղղուեցանք դէպ ի Լոնտոն։ Հանդիպեցանք բանջարավաճառներու քանի մը սայլերու, որոնք բանջարեղէն կը տանէին մայրաքաղաք, բայց ճամբան եզերող տուները ամենախոր լռութեան մէջ թաղուած էին։ — Հետաքրքրական պատմութիւն, ըսաւ Հօլմս յանկարծ վազցնելով ձին։ Խլուրդի մը պէս կոյր եղայ, պէտք է խոստովանիլ, բայց լաւ է անագան քան երբեք։ Քաղաքին մէջ, Սըրրէյի կողմը, վաղայարոյց մարդիկ կը սկսէին իրենց պատուհանները ելլել, աչքերնին տակաւին քունէն ուռեցած։ Թէմիզը անցանք Վաթէրլոյի կամուրջէն, յետոյ Ուէլինկթըն փողոցէն յառաջանալով եւ դէպ ի աջ դառնալով, ինքզինքնիս գտանք Պօու Սթրիթի մէջ, Շէրլօք Հօլմս ծանօթ էր ոստիկանութեան եւ դրան առջեւ կեցող երկու ոստիկանները իսկոյն ողջունեցին զինքը։ Անոնցմէ մէկը ձին բռնեց, մինչ միւսը ներս կը մտցնէր մեզ։ — Սպասելու կարգը որի՞նն է, հարցուց Հօլմս։ — Ոստիկանապետ Պրիսթրիթի, պա՛րոն։ — Ա՛հ, Պրիտսթրի՞թ, ի՞նչպէս էք աղէ՞կ էք։ — Պաշտօնեան, որուն կʼուղղէր այս խօսքը, հաստակազմ մարդ մըն էր, որ մեզ դիմաւորելու կուգար սալայատակուած նրբանցքէ մը։ Դիմապանակ ունեցող գլխարկ մը դրած եւ բաճկոն մը հագած էր։ — Ձեզի հետ խօսիլ կʼուզեմ, Պրիէ՛տսթրիթ։ — Ձեր տրամադրութեան տակ եմ, Մր․ Հօ՛լմս, հաճեցէք հոս, գրասենեակս մտնել։ Պզտիկ սենեակ մըն էր, սեղանով մը, որուն վրայ խոշոր տետրակ մը կը գտնուէր։ Պատին վրայ դուրս ցցուած հեռաձայնի գործիք մը կար։ Ոստիկանապետը նստաւ իր գրասեղանին առջեւ։ — Ի՞նչ ծառայութիւն կրնամ մատուցանել ձեզ, Մր․ Հօ՛լմս։ — Եկած եմ խօսելու համար մուրացիկ Պունի վրայ, որ Լիցի Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի անհետացման գործին մեղսակից է։ — Այո՛, դատարանի առջեւ ելաւ, յետոյ քննութիւնը աւելի ետքի թողուեցաւ։ — Ինծի ալ այդպէս ըսին։ Հո՞ս է։ — Այո՛, բանտն է։ — Հանդա՞րտ է։ — Օ՛հ, նեղութիւն չի պատճառեր, բայց գարշանք ազդող անմաքրութիւն մը ունի։ — Անմաքո՞ւր է։ — Այո՛, մինչեւ հիմա սա՛ միայն կրցանք ընել որ ձեռքերը կը լուայ։ Իսկ երեսը ածխավաճառի մը երեսին պէս սեւ է։ Ամէն պարագայի մէջ երբ իր դատը տեսնուի, պարտաւորիչ կերպով պիտի լուացուի եւ ասիկա պերճանք պիտի չըլլայ, հաւատացէք։ — Կʼուզէի տեսնել զինքը։ — Իրա՞ւ։ Դիւրին է։ Հետս եկէք։ Ձեր պարկը կրնաք հոս ձգել։ — Ո՛չ, աւելի աղէկ կը սեպեմ միասին բերել։ — Դուք գիտէք։ Հոսկէ եկէք, կʼաղաչեմ։ Նրբանցքէ մը անցուց մեզ, երկաթեայ ձողի մը միջոցաւ գոցուած դուռ մը բացաւ, դարձդարձիկ սանդուղէ մը իջաւ ու մեզ տարաւ կիրով ճերմկցած նրբանցք մը, որուն վրայ, երկու կողմէ, կը բացուէին շարք մը դուռներ։ — Աջ կողմի երրորդ խցիկն է, ըսաւ ոստիկանապետը։ Ահա՛ւասիկ։ Դրան վերի մասին մէջ գտնուած դռնակ մը բացաւ եւ այդ ծակէն ներս նայեցաւ։ — Կը քնանայ, ըսաւ։ Կրնաք սքանչելի կերպով տեսնել զինքը։ Երկուքս ալ մօտեցանք վանդակորմին եւ տեսանք բանտարկեալը, որ պառկած էր գլուխը դէպի մեր կողմը դարձուցած։ Ծանր քունի մը մէջ թաղուած էր։ Շնչառութիւնը դանդաղ եւ խորունկ էր։ Այս մարդը միջահասակ էր, եւ կոշտօրէն հագուած, ինչպէս կը պատշաճէր իր վիճակին։ Գունաւոր շապիկ մը հագած էր, որ իր պատառատուն բաճկոնին պտտուածքէն դուրս կʼելլէր։ Ինչպէս ոստիկանապետը ըսած էր մեզի, մարդը վերջին ծայր աղտոտ էր, բայց երեսը ծածկող տեւութիւնը թերի կերպով միայն կը պահէր իր գարշելի տգեղութիւնը։ Լայն վէրք մը աչքէն մինչեւ ծնօտը կʼերթար եւ սպիանալով, վերի շրթունքին մէկ կողմը վեր դարձուցած ու այսպէս երեւան հանած էր երեք ակուտները։ Շիկագոյն առատ մազեր մինչեւ աչքերուն եւ ճակտին վրայ կʼիջնէին։ — Սիրուն է, այնպէս չէ՞, ըսաւ ոստիկանապետը։ — Իրաւ է որ լուացուելու պէտք ունի, պատասխանեց Հօլմս։ Մտքէ կʼանցընէի եւ նախզգուշութիւնը ունեցայ հետս բերելու ինչ որ հարկ է ասոր համար։ Պզտիկ պարկը բացաւ եւ բաղնիքի խոշոր սպունգ մը հանեց, մեծ ապշութիւն պատճառելով ինծի։ — Է՛, շատ զարմանալի գաղափարներ ունիք, ըսաւ ոստիկանապետը հեգնաբար։ — Հիմա հաճեցէք դուռը մեղմիւ բանալ եւ պիտի տեսնէք թէ քիչ ատենէն շատ աւելի յարգելի դէմք մը պիտի ունենայ։ — Վերջապէս գէշ պիտի չըլլայ ատիկա, վասն զի պատիւ չի բերեր Պօու Սթրիթի բանտին։ Դուռը բացաւ ու երեքս միասին խցիկը մտանք, մեր ոտնաձայնը խեղդելով։ Բանտարկեալը կիսովին դարձաւ, յետոյ նորէն խորունկ քունի մէջ թաղուեցաւ։ Հօլմս ջուրին ամանին մօտեցաւ, իր սպունգը թրջեց եւ անով երկու անգամ ուժգնօրէն շփեց ամբաստանեալի երեսը։ — Թոյլ տուէք որ, ըսաւ, ձեզ ներկայացնեմ Քէնթի գաւառին Լի քաղաքին բնակիչներին Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրի։ Կեանքիս մէջ երբեք այդպիսի տեսարանի մը ներկայ եղած չեմ․ Այդ մարդուն երեսը սպունգին տակ այլափոխուած էր։ Կարծես թէ կեղեւ մը կը հանուէր։ Մարմինին թուխ գոյնը անհետացած էր, ինչպէս նաեւ դէմքը մէջտեղէն սպիոտող սոսկալի վէրքը։ Շրթունքը նորէն շտկուած եւ հեգնական ժպիտը մարած էր։ Շէրլօք Հօլմս ցնցած ըլլալով զայն, շիկագոյն մազերուն խուրձը ինկած էր։ Գարշատեսիլ մուրացիկէն բան մը չէր մնացած այլ եւս իր նուրբ մորթով ու սեւ մազերով ազնիւ երեւոյթ ունեցող այդ տժգոյն ու տխուր մարդուն մէջ, որ, անկողղնին վրայ նստած, աչքերը կը շփէր եւ չորս կողմը կը նայէր ապշութիւնովը մարդու մը, զոր կʼարթնցնեն։ Հասկցաւ կացութիւնը եւ ճիչ մը արձակելով, երեսը բարձին մէջ ծածկեց։ — Մե՜ծդ Աստուած, պոռաց ոստիկանապետը, արդարեւ ահաւասիկ մեր փնտռած մա՜րդը։ Իր լուսանկարէն կը ճանչնամ զինքը։ Բանտարկեալը մեզի նայեցաւ ինքզինքը իր բախտին յանձնող մարդու մը անփութութիւնովը։ — Աւելի՛ գէշ, ըսաւ։ Կրնա՞մ գիտնալ թէ ի՞նչ բանի համար ամբաստանուած եմ։ — Ամբաստանուած էք անհետացուցած ըլլալնուդ համար Մր․ Նէվիլ Սէյնթ… — Բայց այդ ամբաստանութիւնը հիմ չունի, եթէ սակայն գործը անձնասպանութեան պարագայի մը չվերածուի, ըսաւ ոստիկանապետը ժպիտով մը։ Իրաւ, 27 տարիէ ի վեր ոստիկանութիւն կʼընեմ, բայց ասանկ բանի հանդիպած չէի։ — Եթէ Մր․ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրն եմ, ուրեմն ակներեւ է թէ ոճիր գործուած չէ եւ թէ ապօրէն կերպով բանտարկուած եմ։ — Ոճիր չկայ, բայց ծանր սխալ մը կայ։ Աւելի աղէկ պիտի ընէիք ձեր գաղտնիքը յայտնելով ձեր կնոջը։ — Ո՛չ թէ կինս, այլ տղաքներս կը մտածէի։ Աստուած օգնէ ինծի։ Չէի ուզեր որ տղաքս իրենց հօրը համար կարմրին։ Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ գայթակղութիւն։ Ի՞նչ ընելու է։ Շէրլօք Հօլմս անոր քովը, անկողնին վրայ նստաւ եւ ձեռքը մեզմիւ դրաւ անոր ուսին վրայ։ — Ստոյգ է թէ, ըսաւ, եթէ այս գործը դատելու համար ատեանի մը առջեւ հանուիք, դժուարաւ պիտի ազատիք հրապարակումէ։ Միւս կողմէ, եթէ յաջողիք ոստիկանութեան պաշտօնատարները համոզել թէ կարելի չէ ամբաստանութիւն մը ուղղել ձեզի դէմ, լրագիրները լուռ պիտի մնան։ Վստահ եմ թէ ոստիկանապետ Պրէտսթրիթ պիտի նօթագրէ ձեր ըսելիքները եւ խնդիրը պիտի ներկայացնէ որո՛ւ որ պետք է, առանց դատարանի խնդիր ըլլալու։ — Աստուած օրհնէ՜ ձեզ, պոռաց բանտարկեալը եռանդով։ Բանտի եւ նոյն իսկ դահիճի կը հանդուրժեմ, բայց չեմ ուզեր որ տարածուի այս գարշելի գաղտնիքը, որ արատ մը պիտի ըլլայ զաւակներուս համար։ Ձեզմէ զատ ո՛չ ոք պիտի գիտնայ իմ պատմութիւնս։ Հայրս ուսուցիչ էր Չէսթըրֆիլտի մէջ, ուր լաւագոյն կրթութիւն մը ստացայ։ Երիտասարդութեանս ատեն ճամբորդեցի։ Յետոյ դերասան եղայ եւ ի վերջոյ Լոնտոնի մէջ իրիկուան թերթի մը լրաբերի պաշտօնը ստանձնեցի։ Օր մը հրատարակիչս փափաք յայտնեց մայրաքաղաքին մէջ ի գործ դրուող մուրացկանութեան վրայ յօդուածներու շարք մը ունենալ։ Առաջարկեցի այդ յօդուածները հայթայթել իրեն։ Ասիկա եղաւ իմ բոլոր արկածներուս սկզբնաւորութիւնը։ «Ամաթէօռ» մուրացկան եղայ յօդուածներուս իբր հիմ ծառայելիք եղելութիւնները հաւաքելու համար։ Թատրոնի մէջ բնականաբար սովրած էի դէմքս փոխել եւ ճշմարիտ արուեստ մը ըրած էի ասիկա։ Այս տաղանդը օգտագործեցի։ Դէմքս ներկեցի եւ հասարակութեան կարեկցութիւնը հրաւիրելու համար խոշոր վէրք մը շինեցի։ Սովորութիւն ըրի շրթունքս միսի գոյն սնդուսի պզտիկ կտորի մը միջոցաւ վեր առնելու։ Յետոյ շիկագոյն կեղծամ մը դնելով եւ վիճակի համապատասխան զգեստ մը հագնելով, քաղաքին ամէնէն ոգեւորեալ մասին մէջ հաստատուեցայ իբրեւ լուցկի ծախող, բայց իսկապէս պարզ մուրացկան մը ըլլալով։ Եօթը ժամ այս արհեստը ի գործ դրի ու երբ իրիկունը դարձայ, խորին զարմանքով տեսայ որ 26 շիլին եւ 4 բէնա շահած էի։ «Յօդուածներս գրեցի ու այլ եւս այս գործին վրայ չէի խորհեր մինչեւ որ օր մը, բարեկամի մը ծառայելու համար, տեսօրին վճարելի թուղթ մը ստորագրած եւ 25 ոսկիի համար դատարան հրաւիրուած էի։ Չէի գիտեր թէ ո՛ւրկէ ճարէի այս դրամը երբ յանկարծ գաղափար մը եկաւ միտքս։ Պահանջատէրէս 15 օրուան պայմանաժամ մը եւ պետերէս արձակուրդ մը խնդրեցի եւ իբր մուրացիկ ծպտելով օրերս անցուցի ողորմութիւն խնդրելով քաղաքին մէջ։ Տասը օրէն պարտքս հատուցանելու չափ դրամ հաւաքած էի։ Կը խորհիք թէ դժուար էր լուրջ աշխատութեան ձեռնարկել ամիսը երկու ոսկի թոշակով, երբ գիտէի թէ կրնայի մէկ օրուան մէջ նոյնչափ գումար մը շահիլ առանց շարժելու, դէմքս քիչ մը ներկելով եւ գլխարկս գետինը, քովս դնելով։ Սնափառութեանս եւ դրամի սիրոյն միջեւ երկար պայքար մը մղուեցաւ, բայց տոլարները յաղթող հանդիսացան։ Լրաբերութենէ հրաժարեցայ եւ ամէն օր եկայ նստայ այն անկիւնը, զոր նախապէս ընտրած էի եւ ուր կարեկցութիւն կը ներշնչէի տժգոյն դէմքիս շնորհիւ։ Այս միջոցին գրպանս սուերով կը լեցուէր։ Մէկ հոգի միայն գաղտնիքս գիտէր։ Ասիկա տէրն էր Սուէնտէմ֊Լէնի մէկ որջին, ուր կը բնակէի։ Ամէն առտու աղտոտ մուրացիկի պէս ծպտուած դուրս կʼելլէի եւ իրիկունները վայելուչ մարդու կերպարանք կʼառնէի։ Վարձքս լայնօրէն կը հատուցանէի Լասքար կոչուած այդ մարդուն, այնպէս որ գիտէի թէ գաղտնիքս աղէկ կը պահուէր։ Շուտով նշմարեցի թէ շատ կը շահէի։ Ըսել չէ թէ Լոնտոնի մէջ մուրացիկ մը միշտ կրնայ տարին եօթը հարիւր ոսկի շահիլ, ինչ որ շահածիս միջինէն ալ պակաս է։ Բայց ես նմանցնելու բացառիկ կարողութիւն մը ու նաեւ շուտով պատասխան տալու դիւրութիւն մը ունէի, որ վարժութեան հետեւանքով աւելցաւ ու քաղաքին մէջ նշանաւոր անձ մը ըրաւ զիս։ Ամբողջ օրը ճերմակ դրամներով խառնուած սուերու տարափ մը կʼիյնար վրաս եւ շատ հազուադէպ էր որ առ նուազն երկու ոսկի չհաւաքէի։ «Քանի՛ կը հարստանայի, նոյնչափ փառասիրութիւնս կʼաւելնար։ Գիւղին մէջ տուն մը վարձեցի եւ նոյն իսկ ամուսնացայ ու ո՛չ մէկը կասկածեցաւ արհեստիս մասին։ Սիրեցեալ կինս գիտէր թէ պաշտօն մը ունէի քաղաքին մէջ։ Ամէնքը ա՛յսչափ։ «Անցեալ երկուշաբթի գործս լմնցուցած էի եւ աֆիօնի մոլներուն որջին վերեւ գտնուած սենեակիս մէջ կը հագուէի, երբ, պատուհանէն նայած ատենս, ապշութեամբ նշմարեցի կինս որ փողոցն էր եւ աչքերը վրաս սեւեռած էր։ Զարմանքէս պոռացի, երեսս ձեռքերուս մէջ ծածկեցի եւ գաղտնիքիս տեղեակ եղող մարդուն մօտ վազելով ստիպեցի զինք չթողուլ որ ո՛ եւ է մէկը իմ սենեակս ելլէր։ Վարէն լսեցի կնոջս ձայնը, բայց գիտէի թէ պիտի չկրնար վեր ելլել։ Իսկոյն աշխարհիկ մարդու լաթերս հանեցի, մուրացիկի լաթերս հագայ, երեսս ներկեցի եւ կեղծամս դրի։ Կինս անգամ չկրցաւ ճանչնալ զիս այսչափ կատարեալ ծպտումի մը տակ։ Այն ատեն միտքս եկաւ թէ կրնային խուզարկութիւն մը կատարել այս սենեակին մէջ եւ թէ զգեստները պիտի մատնէին զիս։ Պատուհանին մօտ վազեցի բանալու համար եւ այս յանկարծական շարժումին մէջ արիւնեցի մատիս կտրուածքը, որ նոյն առտուն պատահած էր։ Յետոյ բռնեցի զգեստս, որուն ծանրութիւնը աւելցած էր մէջը դրած սուերովս, պատուհանէն նետեցի եւ Թէմիզի մէջ անհետացուցի։ Միւս զգեստներս ալ նոյն վիճակին պիտի ենթարկուէին եթէ այդ պահուն խումբ մը ոստիկաններ սանդուղէն չելլէին։ Քանի մը վայրկեան ետք, ո՛չ թէ Նէվիլ Սէյնթ Քլէրը ըլլալս երեւան ելած էր, այլ իբրեւ անոր սպանիչը ձերբակալուած էի եւ կը խոստովանիմ թէ ասիկա սփոփանք մը եղաւ ինծի համար։ Ձեզի բացատրելիք ուրիշ բան մը չեմ տեսներ։ Որոշած էի կարելի եղածին չափ երկար ատեն պահել ծպտումս, որուն համար դէմքս աղտոտ էր։ Գիտնալով թէ կինս սոսկալի անձկութեան մը պիտի մատնուէր, մատանիս Լասքարին տուի ա՛յնպիսի պահու մը, ուր ոստիկաններէն ո՛չ մէկը կը նայէր ինծի եւ պզտիկ տոմս մըն ալ միացուցի կնոջս համար, ըսելով թէ վախնալիք բան մը չունէր։ — Այդ տոմսը երէկ միայն հասաւ իր ձեռքըս ըսաւ Հօլմս։ — Մե՞ծդ Աստուած, ի՜նս սոսկալի շաբաթ մը անցուցած պիտի ըլլայ։ — Ոստիկանութիւնը կը հսկէ Լասքարի վրայ, ըսաւ ոստիկանապետ Պրէտսթրիթ եւ կատարելապէս կը հասկնամ թէ իրեն համար դժուար եղած է նամակ մը ձգել թղթատուն, առանց նշմարուելու։ Հաւանաբար յանձնած է իր յաճախորդներէն նաւազի մը, որ քանի մը օր գրպանը մոռցած է զայն։ — Անշուշտ այդպէս ըլլալու է, ըսաւ Հօլմս, գլխի նշանով մը հաւանութիւն յայտնելով։ Մուրացկանութեան համար բնաւ տուգանքի չենթարկուեցա՞ք։ — Մէկէ աւելի անգամներ, բայց տուգանք մը ի՞նչ կարեւորութիւն ունէր ինծի համար։ — Հիմա պէտք է վերջացնել այս գործը, ըսաւ Պրէտսթրիթ։ Եթէ ոստիկանութիւնը պէտք է լռութիւն պահէ այս մասին, Հիւկ Պուն անհետանալու է։ — Այդ մասին յանձնառու կʼըլլամ ամէնէն հանդիսաւոր երդումովը, զոր մարդ մը կրնայ ընել։ — Այդ պարագային մէջ մեր դերը վերջացած է։ Եթէ սակայն դարձեալ բռնեն ձեզ, ամէն բան պիտի ըսենք։ Մր․ Հօ՛լմս, շատ երախտապարտ ենք ձեզի որ խնդիրը լուսաբանեցիք։ Կը փափաքէի գիտնալ ձեր մէթոտը։ — Այդ մէթոտը այս անգամ ալ կը կայանար հինգ բարձերու վրայ նստելուն եւ մէկ ունկիի ծխախոտ սպառելուն մէջ։ Կարծեմ թէ, Ուօ՛թսըն, կառք մը նստելով, ճիշդ նախաճաշի ատեն պիտի հասնինք Պէյքըր Սթրիթ։ ՎԵՐՋ