Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու
Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին
Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու
Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,
Եթէ կրաս արքաներու հետ պարզուկ,
Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ,
Եթէ թաղես կրքի րոպեն վաղանցուկ,
Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ
Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,