Տունը կը նեղէ զիս։ Կʼելլեմ սրճարան կʼերթամ։ Ոչ մէկ բանի համար սակայն․ անորոշ ու աննպատակ։ Ոչ նարտի հակառակորդ մը ունիմ հոն, ոչ ալ թուղթ խաղալու համար ըսպասող մը։ Աթոռս կը քաշեմ ու կը նստիմ պատուհանին առջեւ կամ դուրսը բացօթեայ։ Միօրինակ ու նեղացուցիչ բան։ Երբեմն ընկերոջ մը կը հանդիպիմ հոն․ միջից մը կը խօսինք։ Միօրինակ նիւթ, միօրինակ վէպի մը էջերուն պէս, ուր կարծես նոյն նախադասութիւնը հազա՜ր ու հազարներով անգամ գրուած է։ Այս վէպերէն իւրաքանչիւր հատորը կեանքն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, զուրկ ամէն տեսակ հրապոյրէ։
Վարէն զոյգեր կʼանցնին թեւ թեւի ու երբեմն ալ գրեթէ իրար փաթթուած։ Ինքնաշարժներ կʼանցնին սրընթաց։ Ոմանց լոյսերը մարած են։ Չեմ հետաքրքրուիր լոյսը մարած ինքնաշարժներով։ Գիտեմ թէ ինչու մարած է անոնց լոյսը։ Չեմ հետաքրքրուիր, բայց երբեմն կը մտածեմ սիրոյ մասին։ Միօրինակութեան մէջ փոփոխութիւն մը կը ստեղծէ այս մտածումը, կայուն ջուրի մը մէջ նետուած քարի մը պէս։ Այս գաղափարը կը դառնայ ու կը դառնայ գլխուս մէջ։ Ուրկէ՞ եկաւ, ի՞նչ բան զիս մղեց ասոր։ Կը մտածեմ։ Դէմի ''սինէմա''յին ծանուցումէն պիտի ըլլայ անպայման։ Շաբաթէ մը իր վեր զոյգ մը կը համբուրուի այդ ծանուցումին վրայ։ Չեն կշտանար իրարմէ։ Միշտ այսպէս ամուր փաթթուած են իրարու՝ ճիշդ առաջին օրուան պէս։
Ծանուցումին տակ յայտարարութիւն մը գրեր են այսօր․
«Ընդհանուրին փափաքին ընդառաջ երթալով՝ որոշեցինք շաբաթ մը եւս ցուցադրել այս ժապաւէնը»։
Ուրեմն լաւ ժապաւէն մը պէտք է ըլլայ, կը մտածեմ։ Ուրեմն պարտաւոր եմ շաբաթ մը եւս դիտել այդ տեսարանը։ Ծանուցումը զարդարուած է գոյնզգոյն ելեկտրական ''ամբուլ''ներով։ Բարձրախօսը, ներսը նուագուած երաժշտութիւնը դուրսիններուն ալ կը հաղորդէ ձրիօրէն։ Ձրիօրէն շատ բան տեսնել կարելի է հոն։ Տղայ մը անընդհատ ժամացոյցին կը նայի՝ կռնակը ''կիշէ''ին բազրիքի տուած։
Շատ չանցած՝ աղջիկ մը կու գայ։ Տղան կը շտկուի․ կը ժպտի ու աղջիկը բացատրութիւններ կու տայ իր այս յապաղումին համար։ Տղան մտիկ անգամ չʼըներ։ Բարկացա՞ծ է։ Չեմ կարծեր։ Կը բաւէ որ ան եկած է հիմա ու իր քով կը գտնուի։
Ներս կը մտնեն։ Ես նստած տեղս կʼերերամ աթոռիս վրայ։ Ի՞նչ ընել պէտք է․ ի՞նչ կայ ընելիք։ Ոչինչ։ Կը մտածեմ։ Կը մտածեմ ապրուած ու չապրուած սէրերու մասին, սիրային վէպերու մասին։ «Սէր… միակ մեղքս», «սիրային ոճիր մը», «սպաննող սէրը», «ուրուականին սէրը»… Սէր, սէր, սէր…։
Վաղը առաւօտ կանուխ պէտք է ելլել, կը մտածեմ։ Շատ նստելու չէ։ Ծանուցումին շուրջ վառուող լոյսերը մարեցան։ Ներսը, սիրային ժապաւէնին ներկայացումը սկսած է։ Արդէն իսկ ձայները կը հասնին ականջներուս՝ բարձրախօսին շնորհիւ․
— Զիս կը սիրե՞ս։
— Կեանքէս աւելի։
— Չեմ հաւատար։
— Ինչո՞ւ այդքան թերահաւատ ես։
Եւայլն, եւայլն…։
Շաբաթէ մը ի վեր մտիկ կʼընեմ։ Գիտեմ թէ քիչ վերջ աղջիկը պիտի դաւաճանէ։ Տղան պանդխտութեան պիտի երթայ։ Աղջիկը պիտի զղջայ, անձնասպան ըլլալ պիտի փորձէ, տղան պիտի վերադառնայ ու պիտի միջամտէ։ Բայց շատ ուշ է այլեւս։ Աղջիկը պիտի մեռնի, տղան ալ ետեւէն։
Իսկապէս աղուոր է եղեր անպիտանը, կը մտածեմ։
Հետեւեալ օր դարձեալ նոյն բանը եւ շաբաթ մը ամբողջ դարձեալ նոյնը…
— Զիս կը սիրե՞ս։
— Կեանքիս աւելի։
— Չեմ հաւատար։ Եւայլն, եւայլն։
Ժամ մը վերջ արդէն դաւաճանած է աղջիկը։ Բայց յետոյ պիտի զղջայ․ անձնասպան պիտի ըլլայ․ տղան ալ ետեւէն։
Վաղը առաւօտ կանուխ պէտք է ելլել, կը մտածեմ։ Երկինք կը նայիմ։ Միօրինակ կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ յառաջ բերող միակ բանն է պայծառ երկինքը։ «Ինչո՞ւ», պիտի ըսէք։ Քսաներորդ դարուն մարդը, մանաւանդ քաղաքին մէջ ապրող մարդը, ի՞նչ կրնայ ակնկալել պայծառ երկնքէն։
Բայց ես ձեզի պատասխանելու ի վիճակի չեմ այլեւս։ Պայծառ երկնքի մը տակ սեւ մտածումները տեղ չունին եմ մտքիս մէջ։ Չեմ ժպտիր, չեմ ծիծաղիր, ոչ ալ կը ցատկեմ ու կը խաղամ։ Բայց ուրախ եմ որ պայծառ է երկինքը։ Երբեմն, երբ ուրախութիւնս իր գագաթնակէտին հասնի, շատ շատ՝ կը սուլեմ։ Ո՛չ մի՛շտ կը սուլեմ երբ երկինքը պայծառ ըլլայ։ Երբեմն կʼերգեմ ալ։ Բայց, քաղաքին մէջ, մանաւանդ բազմութիւն գտնուող սրճարանի մը մէջ, սուլելը աւելի ներելի է կենցաղագիտութեան օրէնքներուն առջեւ, քա թէ երգելը։ Այդ երգը ես յօրինած եմ։ Ոչ երգահան եմ, ոչ ալ արուեստագէտ․ բայց այդ երգը ես յօրինած եմ։ Արդէն իրականին մէջ բառ ալ չունի այդ երգը։ Բայց երբ այդ եղանակը կախուի շրթներէս, այդ միօրինակ կեանքը չեմ փոխեր արքայական կեանքի հետ։