— Խենթ բաներ կʼըսես, ըսին տղաքը․ մեռնիլը այդքան դիւրի՞ն է եղեր։ Կեցիր նայինք, տակաւին շա՜տ օրեր ունինք ապրելիք։ Քերթեցինք քերթեցինք մինչեւ պոչը բերինք ու ելեր այսօր «պիտի մեռնիմ» կʼըսես։
Երկինքը պայծառ էր եւ հարաւային գիշերներու յատուկ լիալուսնով կախարդական գեղեցկութիւն մը ունէր։ Իր այս գեղեցկութեամբ, ան կը նմանէր պարուհիի մը, —Սալօմէի<ref>'''Սալօմէ''' Հրեայ իշխանուհի, ապրած՝ Յ․ Ք․ 70 ական թուականներուն․ իր հօրեղբօր Հերովդէս Անտիպասին առջեւ պարած է, ուզելով գլխատումը Յովհաննէս Մկրտչի, փոխարէն իր նշանաւոր պապին</ref> մը կամ ուրիշ պարուհի մը— որ իր բոլոր հրապոյրովը պարզուեր էր մեր աչքերուն առջեւ ու ընկերս այս կախարդական պարուհիին թեւերուն մէջ, իր մահուան պարը կʼընէր։
— Պիտի մեռնիմ, մրմնջեց դարձեալ շունչի նման ցած ձայնով մը։
Իսկ յաջորդ օրուան թղթաբերը այս անգամ քաղաքէն բերաւ ուրիշ նամակ մը, Ֆրանսերէն լեզուով գրուած, ինչպէս նաեւ ''քարտ'' մը՝ որուն վրայ կար հետեւեալ արձանագրութիւնը․
''<i>«Cimetières Militaires Français» PIII-113
Ձեր ընկերներէն Գ․ Է․ի հանգչաց տեղը, ուր կարելի է այցելել, բացի երեքշաբթիէ՝ ամէն օր։
Պաշտօնական կնիք Ֆրանսական Զինուորական Գերեզմանատան։''</i>
Հայր ու զաւակ նոյն ճամբէն անցեր էին, առանց զիրար ճանչնալու։