— Նախ եւ առաջ ներում կը խնդրեմ ձեզմէ, ըսաւ ակնոցը քիթին վրայ հաստատելով։ Կը յուսամ թէ անհանգիստ չեմ ըներ ձեզ եւ կը ցաւիմ որ ջուրի եւ ցեխի հետքեր բերի ձեր մաքուր տունին մէջ։
— Վերարկունիդ եւ հովանոցնիդ տուէք, ըսաւ Հօլմս։ Պատէն կախեմ եւ չորցնեմ զանոնք։ Կʼենթադրեմ թէ հարաւ արեւմուտքէն կուգաք։
— Այո՛, Հօրշէյմէն։
— Ձեր կօշիկները ծածկող կաւն ու կաւիճը շատ նշանակալից են ինծի համար։
— Ձեզի խորհուրդ հարցնելու եկած եմ։
— Սիրով պիտի յայտնեմ կարծիքս։
— Եւ ձեզմէ օգնութիւն խնդրելու։
— Ասիկա շատ դիւրին չէ։
— Ձեր համբաւը լսած եմ, Մր․ Հօ՛լմս։ Գիտեմ թէ ի՛նչպէս փրկեցիք հազարապետ Բրէնտէրկէսթը Թէրքըրվիլի Ակումբին գայթակղալից գործին մէջ։
— Ա՛հ, այո՛, անիրաւաբար կʼամբաստանէին զայն թէ խաղի մէջ խարդախութիւն գործած է։
— Հազարապետը հաւաստեց ինծի թէ ամէնէն դժուարին խնդիրները լուծելու կարող էք։
— Թերեւս շատ առաջ գացած է։
— Թէ երբեք ձախողած չէք։
— Ներողութիւն, չորս անգամ խաբուած եմ, երեք անգամ այրերէ եւ մէկ անգամ կնոջմէ մը։
— Ատիկա ի՛նչ նշանակութիւն ունի ձեր բոլոր յաջողութիւններուն հետ բաղդատելով։
— Իրողութիւնը սա է որ ընդհանրապէս բաւական յաջողութիւն ունեցած եմ։
— Կը յուսամ թէ իմ գործիս մէջ ալ նոյն նոյն յաջողութիւնը կʼունենաք։
— Նախ եւ առաջ հաճեցէք ձեր աթոռը կրակին մօտեցնել եւ ձեր խնդիրը պարզել ինծի։
— Անսովոր դէպք մըն է։
— Արդէն իմ քննութեանս ենթարկուած բոլոր դէպքերը այնպէս են։ Վերջին պահուն է որ կուգան ինծի։
— Է՛ ուրեմն, պա՛րոն, չեմ կարծեր թէ երբեք տեսած ըլլաք աւելի խորհրդաւոր եւ աւելի այլանդակ դէպքերու շարք մը քան անոնք, որ տեղի ունեցան ընտանիքիս մէջ։
— Հետաքրքրութիւնս կը գրգռէք, ըսաւ Հօլմս։ Կʼաղաչեմ, նախ գլխաւոր եղելութիւնները պատմեցէք եւ յետոյ կարեւոր դատած մանրամասնութիւններուս վրայ հարցումներ կʼընեմ ձեզի։
— Անունս Ճօն Օբէնշօ է։ Իմ պատմութիւնս շատ յարաբերութիւն չունի այս սոսկալի գործին հետ։ Ժառանգութեան խնդիր մըն է, զօր պիտի պարզեմ ձեզի եւ որպէս զի աղէկ հասկնաք, ստիպուած եմ քանի մը տարի ետ երթալ։
Պէտք է գիտնաք թէ մեծ հայրս երկու զաւակ ունեցած է, հօրեղբայրս Էլիէս եւ հայրս Ճօզէֆ։ Հայրս Քօվէնթրիի մէջ պզտիկ գործարան մը ունէր, զոր ընդարձակեց երկանիւի գիւտին ժամանակ։ Չպայթող Օբէնշօ օդահան գործիքի մը համար մենաշնորհ մը առած էր եւ այնչափ շահաւոր գործեր ըրաւ որ կրցաւ իր մենաշնորհը ծախել եւ ապրիլ բարեկեցիկ վիճակի մէջ։
Էլիէս հօրեղբայրս երիտասարդութեանը Ամերիկա գաղթեց եւ Ֆլօրիտի մէջ տունկեր մշակեց ու ինք ալ հարստացաւ։ Պատերազմի ատեն Ճէքսընի բանակին մէջ կռուեցաւ եւ ապա՝ Հուտի հրամանին ներքեւ, որ զինքը գնդապետ անուանեց։ Երբ Լի զինաթափ եղաւ, հօրեղբայրս իր տնկարանը գնաց եւ երեք կամ չորս տարի մնաց հոն։ 1860ի եւ 1870ի միջոցները Եւրոպա եկաւ եւ Հօրշէյմի մօտ, Սըսէքսի գաւառին մէջ կալուած մը գնեց։ Աղւոր հարստութիւն մը դիզած էր Ամերիկայի մէջ եւ զթէ այդ երկրէն մեկնեցաւ, պատճառը սեւամորթներուն իրեն ներշնչած գարշանքը եւ զանոնք ազատագրող Հանրապետութեան հանդէպ իր խորշումն էր։ Ինքնատիպ, ջղային, բարկացոտ եւ ոչ֊ընկերրական մարդ մըն էր։ Հօրշէյմ բնակած միջոցին կը կասկածիմ թէ հաւանած ըլլայ մէկ անգամ քաղաք երթալ։ Իր տանը շուրջ պարտէզ մը եւ երկու դաշտ ունէր։ Հոն էր որ կʼաշխատէր երբ ամբողջ շաբաթներ չէր մնար իր սենեակին մէջ։ Շատ օղի կը խմէր, մոլի ծխող մըն էր, առանձնութիւնը կը սիրէր եւ չէր աշխատեր բարեկամ ունենալ։ Նոյն իսկ եղբօրը հանդէպ անտարբեր էր։
Գալով ինծի, որ 12 տարեկանի չափ տղեկ մըն էի եւ իբր այն կը վարուէին հետս, շուտով սէր ներշնչեցի անոր։ 1878ին, Անգլիա հասնելէն ութ կամ տասը տարի ետք, հօրմէս խնդրեց իրեն յանձնել զիս եւ շատ բարի եղաւ ինծի հանդէպ։ Երբ գինով վիճակի մէջ չէր գտնուեր, կը սիրէր տապալի (<i>թավլու</i>) եւ աղիւսախաղ (<i>տամա</i>) խաղալ հետս։ Ինծի կը թողուր իր ծառաները վարելու եւ իր հայթայթիչներուն պատասխանելու հոգը, այնպէս որ 16 տարեկանիս կատարեալ տանտէր մը եղած էի։ Բոլոր բանալիները քովս էին եւ կրնայի ուզածիս պէս դուրս ելլել, պայմանաւ որ իր սովորութիւնները չխանգարէի։ Սակայն ձեղնայարկին մէջ սենեակ մը կար, որ անփոփոխ կերպով գոց էր եւ որուն մուտքը արգիլուած էր թէ՛ ինծի եւ թէ ուրիշներուն։ Մանկական հետաքրքրութիւնովս փորձած էի փականքին ծակէն նայիլ, բայց հին սնտուկներու կոյտէ մը եւ սովորաբար ձեղնայարկերու մէջ տեսնուած հնոտիներէ զատ ուրիշ բան մը չէի կրնար նշմարել։
Օր մը, 83 Մարտին, ճաշասենեակին սեղանին վրայ եւ գնդապետին պնակին առջեւ արտասահմանի դրոշմով նամակ մը տեսայ։ Իրեն համար անսովոր բան էր նամակներ ընդունիլ, վասն զի գնումներուն փոխարժէքը կանխիկ կը վճարէր եւ բարեկամ չունէր։
— Հնդկաստանէն է եւ Բօնտիշէրիէն, ըսաւ նամակը առնելով։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
Աճապարանքով բացաւ։ Նարինջի հինգ կուտեր գլտորեցան մէջէն եւ ինկան իր պնակին վրայ։ Սկսայ խնդալ, բայց իսկոյն կանգ առի, անոր դէմքին արտայայտութիւնը տեսնելով։ Շրթունքը սեղմուած էր, աչքերը մոլորուն եղած էին եւ մորթը մաղտաքէի գոյն առած էր։ Պահարանին կը նայէր եւ ձեռքը կը դողար։
— Ք․ Ք․ Ք․ պոռաց։ Աստո՜ւած իմ, յանցանքներս կը քաւեմ։
— Ի՞նչ կայ, հօրեղբա՛յրս։
— Մա՛հ կայ, պատասխանեց եւ սեղանէն ելլելով սենեակը գնաց։
Սարսափած էի։ Պահարանը առի ու դիտեցի որ կռնակը, ճիշտ խիժոտուած (<i>սամղ</i> քսուած) մասին վերեւ կարմիր մելանով Ք․ գիրը գրուած եւ երեք անգամ կրկնուած էր։ Պահարանը նարինջի հինգ հատ չոր կուտերէ զատ ուրիշ բան չէր պարունակեր։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ սարսափի այս նոպային պատճառը։, Սեղանէն հեռացայ, սանդուղէն ելայ եւ հանդիպեցայ հօրեղբօրս, որ կʼիջնէր։ Ձեռքը ժանգոտած հին բանալի մը ունէր, որ ձեղնայարկինը ըլլալու էր եւ բռնած էր պղինձէ պզտիկ տուփ մը, որ արկղիկի մը կը նմանէր։
— Ուզածնին կրնան ընել, բայց ես անոնց դաւը պիտի ձախողեցնեմ, ըսաւ հայհոյելով։ Ըսէ՛ Մառիին, որ աղւոր կրակ մը շինէ սենեակին մէջ եւ Հօրշէյմի փաստաբանը՝ Ֆօրթ֊հէմը կանչել տուր։
Իր հրամանները գործադրեցի ու երբ փաստաբանը եկաւ, հօրեղբօրս քով տարի, անոր յայտնած փափաքին համեմատ։ Կրակը կը ճարճատէր վառարանին մէջ, բայց դիտեցի որ ածխակալին վրայ կոյտ մը կար սեւ ու թեթեւ մոխիրներու, որոնք այրուած թուղթերէ գոյացած էին։ Քովը բաց ու պարապ կը գտնուէր պղինձէ տուփը։ Նայելով այդ տուփին, նշմարեցի որ կափաչիրին վրայ կը գտնուէին երեք Ք․երը, զորս առտուն տեսած էի պահարանին վրայ։
— Ճօ՛ն, կը փափաքիմ որ, ըսաւ հօրեղբայրս, իբր վկայ ծառայէք կտակիս։ Կալուածս իր ամբողջութեամբ կը կտակեմ եղբօրս՝ ձեր հօրը, որ անշուշտ ձեզի ժառանգութիւն պիտի ձգէ։ Եթէ կարենաք վայելել, ի՜նչ աղէկ։ Ապա թէ ո՛չ հաւատացէք, բարե՛կամս, ձեր ամենամեծ թշնամին կտակեցէք զայն։ Կը ցաւիմ որ այս անստուգութեան մէջ կը ձգեմ ձեզ, բայց այժմ չեմ կրնար նախատեսել թէ գործերը ի՜նչ դարձուածք պիտի առնեն։ Հաճեցէք ստորագրել սա թուղթը, Մր․ Ֆօրթհէմի ցոյց տուած տեղը։
Կտակագիրը ստորագրեցի եւ փաստաբանը տարաւ զայն։
Ինչպէս կը մտածէք, այս տարօրինակ դէպքը շատ յուզեց զիս։ Երկարօրէն խորհեցայ անոր վրայ։ Խնդիրը ամէն տեսակէտով քննեցի առանց կարենալ լուծելու զայն եւ մնացի սարսափի տպաւորութեան մը տակ, որ սակայն ժամանակին հետ մեղմացաւ։ Եւ յետոյ, մեր կեանքը խռովող բան մը չը պատահեցաւ։ Սակայն հօրեղբայրս միեւնոյն մարդը չէր այլ եւս։ Առաջուընէ աւելի կը խմէր եւ հետզհետէ աւելի քիչ ընկերական կʼըլլար։ Իր ժամանակին մեծագոյն մասը սենեակին մէջ փակուած կʼանցընէր։ Երբեմն յիմարի մը պէս դուրս կʼելլեր տունէն եւ պարտէզին մէջ վեր վար կը պտտէր ատրճանակը ձեռքը, պոռալով թէ մարդէ չէր վախնար եւ թէ ո՛չ Աստուած եւ ոչ սատանան պիտի չկրնային ոչխարի մը պէս արգելափակել զինքը իր շրջապատին մէջ։ Երբ այս նոպաները կʼանցնէին, դէպ ի դուռը կը վազէր, բանալիով կը կղպէր եւ ներսէն ապահովութեան ձող մը կը դնէր, գործելով այնպիսի մարդու մը պէս, որաւելի երկար ատեն չի կրնար ինքզինքը ազատել իր ներսը արմատացած սարսափէ մը։ Այդ օրերը, նոյն իսկ ցուրտ օդին, դիտած էի որ դէմքը քրտինքով ողողուած էր։
Վերջապէս, Մր․ Հօ՛լմս, վախճանին գալու եւ ձեր համբերութիւնը չարաչար չգործածելու համար պիտի ըսեմ ձեզի թէ գիշեր մը դուրս ելաւ եւ ասիկա աղետալի եղաւ իրեն համար, վասն զի պարտէզին ծայրը գտանք զինքը անկենդան, երեսը լճացած ջուրով լեցուն աւազանի մը մէջ մխրճուած։ Եւ որովհետեւ մարմինին վրայ բռնութեան հետք չկար եւ աւազանը հազիւ երկու ոտք խորութիւն ունէր, ու նաեւ զոհը իր արտակարգ սովորութիւններով ծանօթ ըլլալուն համար, երդուեալ դատաւորները չվարանեցան անձնասպանութիւն մը եզրակացնելու։ Ես որ մահուընէ սարսափիլը գիտէի, չէի կարծեր թէ անձնասպան եղած ըլլար։ Բայց քննութիւնը առաջ տանող չեղաւ եւ հայրս տիրացաւ ժառանգութեան, իբր 14,000 ոսկի, զորս պանքան դրաւ։
— Վա՛յրկեան մը, ընդմիջեց Հօլմս՞։ Ձեր վկայութիւնը մինչեւ հիմակ իմ լսածներուս ամէնէն հետաքրքրականներէն մէկն է։ Ըսէք ինծի թէ ձեր հօրեղբայրը ճիշտ ո՞ր թուականին ստացաւ նամակը եւ ե՞րբ տեղի ունեցաւ կարծեցեալ անձնասպանութիւնը։
— Նամակը հասաւ 1883 Մարտ 10 ին եւ մահը տեղի ունեցաւ եօթը շաբաթ ետքը, Մայիս 2 ի գիշերը։
— Շնորհակալ եմ։ Հիմա շարունակեցէք։