:Բարի սիրուհիի մը նման
:մառախուղը թեւերուն մէջ է առեր Կիկոն
</poem>
===Ահմէտ Էֆէնտի փողոցը===
<poem>
Կիկօ կը վախնայ Ահմէտ Էֆէնտի փողոցէն անցնելու
:Ահմէտ Էֆէնտի փողոցը մութ է
:Մութին համբուրուող զոյգեր կան
Կիկօ կը վախնայ Ահմէտ Էֆէնտի փողոցէն անցնելու
:Իր առանձնութիւնը միտքը կʼիյնայ
</poem>
===Բարեկենդան===
<poem>
Երկինքէն մուչինաներ կʼիյնան
Ծառերէն մուչինաներ կʼիյնան
Բարձր բարձր շէնքերէն
Կիկոյի մանկութեան օրերէն
Սալայատակի քարերէն մուչինաներ կը ցատկեն
Մուչինա մուչինա
Մուչինաները բոլորը մէկ Կիկոն կը ծափահարեն
:— Գոյն գոյն կարկտան
:Երկու մատ մօրուք
:Կիկոն մուչինա են կարծեր —
</poem>
===Դիմակաւոր պարահանդէս Կիկոյի եւ մարդոց համար===
<poem>
Խնդացող մարդու դիմակ մʼէ առեր
Զրկանքով բանուած դէմքին անցուցեր
:Եւ ինքնավստահ
Աղուոր օրերուն գալուն սպասեր
Խլեր այնպիսի անհուն կարօտով
Դիմակն — ուժգնօրէն երեսն անցուցեր
Դիմակին ծիծաղն երեսն է ելեր
:Ու Կիկէ հիմա
Ծիծաղուն կեցեր իր օրերուն առջեւ
:Համարձակօրէն
եւ ուրախացեր եւ ուրախացեր
</poem>
===Սդրիփ — դիզ===
<poem>
ՆԱԽ հագուիլ պէտք է
:ՅԵՏՈՅ արուեստով հանուելու համար
Կիկօ արուեստը սորվեր է ՇԱՏՈՆՑ
:ՀԻՄԱ հագուստին կը սպասէ
</poem>
===Տարբերութիւն===
<poem>
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Երկինքը կապոյտ — ծովերը կապոյտ
Սիրած աղջկան աչքերը կապոյտ
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի —
Կʼըսես ծովերը կապոյտ էին միշտ
Կʼըսես երկինքը կապոյտ էր արդէն
Չի հաւատար որ — նոր տեսայ կʼսէ
— Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր
ՀԻՄԱ կապոյտը կապոյտ կը տեսնէ
</poem>
===Կիկօ մեռաւ===
<poem>
Բացօթեայ շատ պառկեցաւ
Թող քիչ մըն ալ հողին տակ քնանայ
Հանգիստ իր կոշիկներուն
</poem>
===Հողի մասին===
<poem>
Հողը շատ կը սիրէր —
Երկինքէն ինկած աստղի մը պէս էր Կիկօ
:կʼուզէր գիրկ գիրկի պառկել հողին հետ
:կʼուզէր հողը գրկել — գրկել հիանալ
:մեռաւ — հասաւ մուրատին
Սակայն — չեմ գիտեր ինչու — աստղերը կու լան
:Կամուրջը կու լայ
— Ողջութեանը Կիկօ ուրիշ մտերիմ չունեցաւ —
</poem>
===Զերօ===
<poem>
Մէկ անգամ մէկ մէկ
Մէկ անգամ Կիկօ զերօ
Երկու անգամ մէկ երկու
Երկու անգամ Կիկօ զերօ
Տասն անգամ մէկ տասը
Տասն անգամ Կիկօ զերօ
Հարիւր անգամ մէկ հարիւր
Հարիւր անգամ Կիկօ մենք
</poem>
===Երկու===
<poem>
Երկնքին մէջտեղ — արեւուն պոչին —
Խոշոր — շատ խոշոր «Երկու» մը գծեմ
Արիւնով գծեմ — քրտինքով գթեմ
Հոգ չէ — թող խոշոր «Երկու» մը գծեմ
Այս առանձնութեան վերջն եկաւ ըսեմ
</poem>
===Տաղ===
<poem>
:Փոքր բաներով
Երջանկութեան մեծ տաղեր իմանալ
:Մութ ճամբաներով
Լապտեր մը տեսնել ու երջանկանալ
:Մանր յանգերով
Կեանք մʼամբողջ ապրիլ երգել ու պարել
:Հսկա՞յ զանգերով
Միայն կը կարծեն ժպիտ նկարել
:Մինչդեռ ես ու դուն
Որ չենք կորուսեր պարզութիւնն անյուշ
:Նախնական մարդուն —
Գիտենք աստղերուն տակ նստած — անոյշ
:Փոքր բաներով
Երջանկութեան մեծ տաղեր իմանալ
:Մութ ճամբաներով
Լապտեր մը տեսնել ու երջանկանալ
</poem>
===Ռօնտօ գարնան վրայ===
<poem>
Կաքաւ կաքաւ կաքաւիկ
Լայնչի լուսնակ լար մահիկ
Պարող պարիկ պարով պար
Զեփիւռ բարբառ լոյս բարբառ
Ցօղ ցօղ այգուն խոնաւիկ
Շող շող արփին խամաճիկ
Բարունակէ բարունակ
Երազ տաղ տաղ մանկունակ
Շորիկ շորիկ խատուտիկ
Շոգ շոգ երկինք կապուտիկ
Մազիդ շիւղ շիւղ մանուշակ
Աղուոր աղջիկ անուշակ
Մարդին մարմանդ պար արտին
Գառին եզան պարարտին
Շող շող արփին խամաճիկ
Կաքաւ կաքաւ կաքաւիկ
</poem>
===Սիրերգութիւն===
<poem>
:::Սեւ հագնիմ
Ամպ հագնիմ անձրեւ հագնիմ
Ցաւը սրտիկս է այրեր
Աշնան չոր տերեւ հագնիմ
:::Հուր ժողվեմ
Իմ սիրածէս լուր ժողվեմ
Հուրը զոզնան ու երթան
Ես նստիմ փրփուր ժողվեմ
:::Լուռ քալեմ
Ցաւը սրտիս ծուռ քալեմ
Երբ հանդիպիմ սիրածիս
Ալ հարց չտամ ուր քալեմ
:::Լոյս իյնայ
Աչքերուն թող յոյս իյնայ
Այդ աչքերովն երբ նայի
Նայուածքը հոգւոյս իյնայ
:::Հով ըլլամ
Հովուն պէս գինով ըլլամ
Սիրտս զարնէ խենթի պէս
Երբ սիրածիս քով ըլլամ
:::Տօն ըլլայ
Իմ սիրածս հոն ըլլայ
Ծաղիկը շուտ կը թոռմի
Սիրածս կոկոն ըլլայ
:::Գինի տամ
Մարդ չտեսնէ գաղտնի տամ
Վարդ այտերը կարմրնան
Համբուրեմ երանի տամ
:::Տուն մտնեմ
Տան սեմէն ժպտուն մտնեմ
Գըլուխս դընեմ ուսին
Ու երջանիկ քուն մտնեմ
:::Երազիս
Աստղ մը գայ նստի սազիս
Ես այդ սազով տաղ ըսեմ
Աստղերը թող լսեն զիս
:::Եար ըսեմ
Սիրածիս գոհար ըսեմ
Թէ մեռնիմ լայ ետեւէս
Ողջննամ մի լար ըսեմ
</poem>
===Նախատօնակ===
<poem>
— Մինչդեռ հոգիս կը վերածնի իկրաքանչիւր սիրոյ հետ —
Որքան տխուր է գիտնալ
:թէ սէրերն ալ
::թէ սէրերն ալ կը մոխրանան ակամայ
Որքան դժուար է գիտնալ
::ու — չսիրել — չսիրել —
— Մինչդեռ հոգիս կը վերածնի իւրաքանչիւր սիրոյ հետ —
</poem>
===Նախզգուշութիւն===
<poem>
Պատին վրայ մահազդներ կան փակցուած
Մէկը կու գայ — մեռնողներուն կը նայի
::Իր անունը կը փնտռէ
</poem>
===Նախայարձակ===
<poem>
Իրաւ է թէ ակնթարթի մը չափ իսկ
::::տարբերութիւն չկար — բայց
Իմ մենութեան պահերուս
Ես կը սիրեմ դեռ խորհիլ
Թէ այդ գիշեր երբ շատոնց
Մարեր էին լոյսերը մեծ քաղաքին
Նախ դո՞ւն էիր թէ նախ ես
Իր շրթները անուշօրէն երկարող —
Իրաւ է թէ ակնթարթի մը չափ իսկ
::::տարբերութիւն չկար բայց —
</poem>
===Նախախնամութիւն===
<poem>
Գնաց շիշ մը յուսախաբութիւն բերաւ
Լեցուց գաւաթ գաւաթ — բաժնեց
Խմեցին իրարու կենաց
:::ու մեռան
</poem>
===Կաղանդ Պապային մօրուքը===
<poem>
Կաղանդ Պապային մօրուքը ճերմակ է
:::::ԱԼԻՒՐի նման
Ըսէ — Կաղանդ Պապա
Մօրուքէդ ՀԱՑ կը շիուի՞
</poem>
===Կաղանդի ծառ մը===
<poem>
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը — չետոյ զարդեր ծառին վրայ
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
:::— Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ — ոչ ծառ ոչ ալ զարդ —
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք
</poem>
===Կաղանդի ծառ===
<poem>
Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէք
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէք
Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիկ
Ծառէն պերճանք ու զարդարանք
Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէք
Ձ Կից մը տուէք — թող փլի
Նոր ծառ մʼառէք — ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
Ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
— Այդքան առատ արդէն ուրիշ ի՞նչ ունիք —
</poem>
===Կաղանդզէք===
<poem>
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
Ժպիտներուն ամէնէն կոյտ
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս
Նուէրներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն իշխանականը զատած
Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քու անունիդ երկարած
Հարիւր Կաղանդ ալ կը մընամ առանց քեզի սիրելիս
Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Պիտի գաս
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ — սիրելիս
Գիտնամ միայն
Թէ անպայման
Կաղանդներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին
Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս
</poem>
===Ծառ===
<poem>
Այդքան պերճանք — այդքան պչրանք — այդքան լոյս
:::::Չեն բաւեր
Ծածկել արիւնը որ շիթ շիթ կը կաթի
:::::Ճիւղերէդ
Այդքան աւիչ — այդքան տերեւ — այդքան ցօղ
:::::Չեն բաւեր
Որ հաւատանք թէ արեւներ պիտի քաղենք
:::::Ճիւղերէդ
Այսքան արիւն — այսքան արցունք — այսքան վիշտ
:::::Չեն բաւեր
Որ մենք դարձեալ սիրտ չկախենք
:::::Ճիւղերէդ
</poem>
===Հանդէս===
<poem>
:Շատ եզական հանդէս մըն է ասիկա
:Մուտքն ազատ — ելքը չես գիտեր — երբ — ինչպէս
:Երբ ակամայ ինքզինքդ հոս կը գտնես
:Դոյլ մը պարան մը կու տան ձեռքդ իսկոյն
:Կը մտնես դուն ալ միւսներուն կարգին մէջ
:Բոլորդ մէկ շուրջանակի կը շարուիք
:Աշխարհադէզ բազմութեամբ մը խայտաբզէտ
:Աշխարհակուլ աւազանի մը շուրջին
:Աւազանէն դոյլ դոյլ ապրում կը քաշէք
Ոմանց պարանն երկար կʼըլլայ մինչեւ յատակ կը հասնի
Ապումներուն գեղեցկագոյնը կը զատէ խորերէն
Ոմանցը կարճ եւ այնքան կարճ որ փոխանակ զուտ նիւթի
Միայն փրփուր պղպջակով անոնց դոյլը կը լեցուի
Ոմանց դոյլը կʼըլլայ ընտիր — կʼըլլայ խոշոր՝ կեանքի չափ
Ոմանցը փոքր — ոմանցը ծակ — հետեւաբար միշտ դատարկ
Ոմանց բարակ կʼըլլայ պարանն ու դեռ կէսին կը փրթի
Ոմանց ոսկի դոյլեր կու տան — ոմանց դոյլեր ժանգոտած
Բայց շարունակ — բայց անդադար — աւաղանէն ապրումի
Իւրաքանչիւրն իր բաժինը կը քաշէ
Իսկ ես անոք անտիրական — զրկանքներով ճիտս ծուռ —
Մէկ ձեռքիս դոյլ — միւսին պարան — այդպէս ապշած կը կենամ
Այս հանդէսէն դուրս գամ — հոգիս ապրումներով ճոխացած
Շատ եզական հանդէս մըն է ասիկա
Իսկ ես այսպէս հանդիսատես կը մնամ
</poem>
===Բացօդեայ սէրեր===
<poem>
Մեր սէրերը բացօթեայ են բարեկամներ
Հոն ուր փողոցը մութ է
Ուր որ ամայի են փողոցները
Հոն թեւ թեւի ենք մենք եւ կամ գիրկ գիրկի
:եւ կամ շրթունք շրթունքի
Կը նայիս ամէնէն համով պահուն
Համբոյրը կիսատ կը թողուն չար ոտնաձայներ
:—Մածուն ծախողը կʼանցնի
Մեր սէրերը բացօթեայ են բարեկամներ
</poem>
======
<poem>
</poem>