Changes

Այսպէս Ալ Կʼըլլայ, Այնպէս Ալ

Ավելացվել է 63 բայտ, 20:36, 28 Հոկտեմբերի 2015
Կրնար տակը մնալ։ Չմնաց։ Կեցաւ։ Երկուքն ալ նոյնն էին ինծի համար։ Կարեւորը իմ փրկութիւնս էր եւ այդ կʼիրականանար։
Շունչ մը առի՝ երկար, ծանր բեռէ մը ազատող մարդոց պէս։ Հիմա կրնայի մտածել, հաշուել, ծրագրել, երեւակայել, ի՞նչ գիտնամ, ճամբայ ելլելու ատեն այնքա՜ն բաներ կային մտքիս մէջ՝ խառն ի խուռն, իրար անցած։ Կը մտածէի ճամբու ընթացքին դասաւորել զանոնք, բոլոր աննպաստ բաները լաւատեսօրէն վերլուծել, քիչ մը թեթեւնալ, հանգստանալ, ձեւի մը բերել ամէն բան, կարգի մը դնել մտքիս մէջ, ետ առաջ, ամէն բան իր տեղը դնել, առնել քալելիքը՝ քալելիքը<ref>առնել քալելիք — գործածելիք։</ref>՝ պահել, նետելիքը նետել, մաքրագործում մը ընել։
Յանկացծ սուլեց ականջիս տակ եւ տեղէս վեր ցատկեցի։ Ինքնաշարժը անցնելէ վերջ հասեր էր ետեւէս։